Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յաչս Պտղատու Եւ Բերքառատ Արցախին

0
0

Քսան տարիէ ի վեր, Նոր աշխարհ հաստատուած հայորդիին համար  «Գոհաբանութեան օր»-ը կը նշանակէ պարզ ու մեկին` «Արցախի օր»:

Այդ օր, մեր կիզակէտը «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած դրամահաւաք-թելեթոնն է, որ ամբողջ ամերիկահայութեան ուղղուած է:

«Հայաստան» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան լոզունգը «Բերքառատ Արցախ» է, որուն նպատակն է խթանել մշակը, բանուորն ու երկրագործը աւելի՛ եւս կառչած մնալու հողին:

Զանազան տարածաշրջաններու ոռոգումն ու ջրաբաշխումը առաջնահերթութիւն են:

Մայր բնութիւնը այնպիսի ձեւով ստեղծած է, որ Արցախի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը օժտուած է գետերով եւ ջրամբարներով, մինչդեռ հարաւ-արեւելեան շրջանը, որ կ՛ընդգրկէ անծայրածիր պտղաբեր hողեր, զրկուած է ՋՈՒՐ կոչեցեալ տարրական սնունդէն:

Երկրաբանական ընդարձակ եւ մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կը տեղեկացնեն, թէ հարաւ-արեւելեան այդ անջրդի շրջանը օժտուած է ընդյատակեայ աղբիւրներով, որոնք աւելի քան երեք հարիւր ոտք խորութեան մէջ կը գտնուին, սակայն յատուկ շինարարական աշխատանքներով կրնան շտապ օգնութեան հասնիլ անառիկ, խոպան ու չոր հողին:

Պարզ բացատրութեամբ, հողն ու ջուրը, որոնք իրարու միանալով կրնան ստեղծել արգասաբեր բնութիւն մը, հեռացած են իրարմէ: Ջուրը յատակն է, իսկ հողը` վրան: Հայորդիին եւ յատկապէս արցախցիին համար, անկարելի բան չկայ, եւ Քարինտակ գիւղէն քարին վրայ` Շուշի բարձրանալն ու գրաւելը թարմ ու վառ օրինակ մըն է: Այս անգամ հողին տակը` յատակն է, որ պէտք է հողին մակարդակին հասցնել:

Այս մէկը կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել լայնօրէն բանալով մեր քսակը ու մեր լուման տրամադրելով այս դժուար, սակայն իրագործելի ոռոգման ծրագիրին:

Այդ երկրաբանական մանրամասն փաստագրութիւնները կը տեղեկացնեն, թէ ցայսօր այդ ընդյատակեայ ջուրը չօգտագործելու պատճառով, Արցախի հողերուն 93 առ հարիւրը մնացած է խոպան ու անմշակ:

Նմանօրինակ ջրառաքման ծրագիր կրնայ դուռ բանալ երկրագործութեան լայն ու անհամեմատելի հոսքի, որ ինքնաբերաբար պիտի բարելաւէ տնտեսական պատկերը:

Դեռ քանի մը օր առաջ, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական Խորհրդարանը աննախադէպ կերպով առաջին անգամ ամրագրեց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` անգամ մը եւս պարտութեան մատնելով Պաքուն եւ իր սադրիչ քարոզչական մեքենան:

Կրկնութիւն պիտի ըլլայ շեշտել, որ հերոսական Արցախը հոգեկան անքակտելի կամուրջով կապուած է բոլոր հայորդիներուն հետ` ազգային տեսլականներու եւ  ակնկալութիւններու հարազատութեամբ: Անշուշտ` Արցախը նաեւ համայն հայութեան ներշնչման աղբիւրն է… «Բերքառատ Արցախ»-ն ալ:

 


Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը նշեց իր 25-ամեակը

0
0

Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, Բաստրմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին, կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ տիկին Լոռի Անթունեանին, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Ռիթա Շամլեանին:

Ձեռնարկի բեմավարներ ընկերուհի Մարի Յովհաննէսեան եւ ընկեր Արարատ Թորոսեան բացման խօսքով հանդէս եկան, որոնք ողջունելէ ետք ներկաները, մէջբերեցին Սիմոն Զաւարեանին ուղղուած Սիմոն Վրացեանի նամակէն՝ Գանատայի հասարակական կեանքէն ներս Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան մասին:

«Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման եւ առ այսօր գործունէութեան մասին ընկեր Սերժ Եսայեանի պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք բեմավարները կարդացին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան ուղերձը այս առթիւ, որուն մէջ կոմիտէութիւնը կը յայտնէր իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու նախորդ կոմիտէութիւններուն պատուաբեր երթը, միշտ նեցուկ կանգնելու հայ ազգին՝ հայրենիքի մէջ թէ այլուր:

Անկէ ետք տիկ. Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Դաշնակցականը», որուն յաջորդեց օրուան պատգամաբեր՝ «Հայրենիք»ի եւ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր ընկ. Վաչէ Բրուտեանի բանախօսութիւնը։:

Ընկեր Վաչէ նախ անդրադարձաւ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն Դաշնակցութեան մշակած քաղաքական միտքին ու մամլոյ ու կազմակերպական աշխարհին մասին, որուն բառացիօրէն ղեկավարը հանդիսացած էր Սարգիս Զէյթլեան: Ան նշեց. «Համաշխարհային քաղաքական ու գաղափարական այդ օրերու պայքարներու միջավայրին մէջ մեզի համար կը ստեղծուէին 3 անհրաժեշտութիւններ՝ գաղափարական վերանորոգման, հայութեան իրաւունքներու պայքարի նոր ռազմավարութեան, բայց մանաւանդ՝ կազմակերպական ներքին վերանորոգման ու արդիականացման բնագաւառներէն ներս»։ Ան յայտնեց, թէ Զէյթլեան հանդիսացաւ կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, եւ թէ մենք յամառօրէն կը հետապնդենք մեր ժողովուրդին ու հայրենիքինշահերը, անզիջող ենք մեր շահերուն նկատմամբ, եւ Սարգիս Զէյթլեան կը մարմնաւորէր դաշնակցականի այս յամառութիւնը։ Բրուտեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այս օրերուն, երբ մենք կը շարունակենք մեր քաղաքական վարքագիծը, տեղ-տեղ յառաջխաղացք արձանագրելով, ուրիշ տեղեր խոչընդոտներու հանդիպելով, անկախ մեր ձեռք ձգած արդիւնքներէն, կրնանք հանգիստ խղճով յայտարարել բոլորին, որ մենք կը գտնուինք ճիշդ ուղիին վրայ։ Այն ուղիին, որունամենէն պայծառ տեսաբանը հանդիսացաւ Սարգիս Զէյթլեանը։ Թող հանգիստ մնայ իր հոգին, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ այդ ուղին»։

Պատգամաբերի խօսքին յաջորդեց մեներգ՝ կատարողութեամբ տիար Սարգիս Պարսեմեանին, որ բացառիկ ապրումով եւ վարակիչ յուզումով մեկնաբանեց «Երգ փառապանծ Դանշակցութեան» եւ «Հայաստան աշխարհ»ը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, որուն մէջ ան նոյնպէս անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան ամբողջ կառոյցին ապրած զարթօնքին եւ որուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր ընկեր Սարգիս Զէյթլեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման եւ յարակից միութիւններուն աջակցութեանց, ապա եզրափակեց ի խօսքը յայտնելով. «Եկած է պահը, որ մենք ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայենք ողջ հայութեան՝ ի շահ մեր գերագոյն նպատակներուն, ի շահ մեր յաւերժական հայրենիքին»:

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան յայտնեց իր օրհնութեան խօսքը, որուն մէջ ան նախ շնորհաւորեց «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակը եւ կոչ ուղղեց ըսելով. «Կոմիտէութեան 25-ամեակին առիթով իմ կոչն է, որ Սարգիս Զէյթլեաններու շունչով եւ ոգիով շարունակէք ձեր նուիրական առաքելութիւնը՝ յանուն հայրենիքի, յանուն հայութեան վեհ շահերուն եւ յանուն մեր արդար իրաւունքներուն հատուցման»:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Քնար» երգչախումբին կողմէ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են» երգերու կատարողութեամբ եւ բեմավարներուն շնորհակալական խօսքերով՝ ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկին իրականցման:

Ձեռնարկէն ետք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի մարզասրահին մէջ հիւրասիրութեան ընթացքին խօսք առին «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վարուժ Գալուստեան եւ կոմիտէի անդամ Ներսէհ Լիպարեան։ Անոնք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յանձնախումբին՝ իրենց տարած անխոնջ աշխատանքին համար։ Ապա տեղի ունեցաւ 25-ամեակի կարկանդակի հատում՝ ձեռամբ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կազմաւորման օրերուն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վաղարշ Էհրամճեանի եւ կոմիտէի առաջին հերթապահ ընկեր Արտօ Գաբրիէլեանի: Անոնք հանդէս եկան իրենց սրտի խօսքերով, որուն յաջորդեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Ռաֆֆի Տօնապետեանի սրտի խօսքը:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

 

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Ապահովենք Հասարակութեան Մասնակցութիւնը

0
0

Ժողովրդավարական կառավարման համակարգը կիրառած երկրները երբեմն կանգնում են հէնց ժողովրդավարութիւնից բխած դժուարութիւնների առաջ: Հարցը նրանում է, որ ժողովուրդն ինքնին ինչքանով է պատրաստ կիրառել իրեն տրուած լիազօրութիւնները եւ, բնականաբար, պատասխանատուութիւնը կառավարման համակարգում մասնակից դառնալու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու համար: Ժողովրդավարական սկզբունքից ելնելով` այդ լիազօրութիւնից օգտուելը ժողովրդի բացարձակ իրաւունքն է:

Ժողովրդավարութեան համակարգի կիրառումը պէտք չէ միայն սահմանափակել ընտրութիւններին մասնակցութեամբ եւ ձայն տալու արարողակարգով: Յատկապէս եւրոպական երկրներում առաւել ուշադրութեան առարկայ է մասնակցային ժողովրդավարութեան մոտելը, որտեղ ենթադրւում է գործիքակազմ ստեղծել, որպէսզի հասարակութեան զանազան շերտեր առաւել դերակատարութիւն ապահովեն կառավարման համակարգում` այսպիսով լուծելով ժողովրդի թէ՛ լիազօրութիւնից օգտուելու եւ թէ՛ պատասխանատուութեան ընդլայման խնդիրները: Բնական է, որ այս մասնակցութեան ապահովումը կը նպաստի առաւել հզօր պետութեան ունենալուն:

Մասնակցային ժողովրդավարութիւն ունենալու համար, ինչպէս ասուեց, զանազան կառոյցներ եւ համակարգեր կարելի է կիրառել, այդ թւում` կուսակցութիւնների եւ հասարակական կազմակերպութիւնների աշխատանքային ուղղուածութիւնից սկսած մինչեւ օրէնսդրական միջամտութիւններ: Որպէս օրինակ, փաստ է, որ խորհրդարանական համակարգով առաջնորդուող երկրներում աւելի են ընդլայնւում պատասխանատուութեան մակարդակները, եւ, բնականաբար, կառավարման համակարգում հասարակութեան  մասնակցութիւնն աւելի շօշափելի է դառնում: Ինչեւէ, Արցախի սահմանադրութիւնը մեզ թոյլ չի տալիս երկրի կառավարման վերին օղակներում բարձրացնել պատասխանատուութեան եւ իրաւասութիւնների, ինչպէս նաեւ վերահսկողութեան լծակների համատարածութիւնը: Սակայն դրանով ամէն ինչ կորած պէտք չէ համարել:

Եւրոպական փորձը ցոյց է տալիս, որ տեղական ինքնակառավարման համակարգը կարող է լուծել նշուած խնդիրների  զգալի մասը:

Արցախում յետաձգուած են աւելի քան 80 համայնքների ընտրութիւններ: Հասկանալի է, որ նախ` յետաձգման պատճառը 2016 թուական ապրիլեան պատերազմն էր, եւ յետոյ` սահմանադրութեան ընդունմամբ ՏԻՄ նոր օրէնքի մշակման անհրաժեշտութիւնը: Երկրի համայնքների աւելի քան մէկ չորրորդի ընտրութիւնների յետաձգուելը անկախ պատճառից` վկայում է մի բանի մասին` ՏԻՄ համակարգի չկայացուածութեան: Եւ դեռ հարց է` ընտրութիւնների կայանալու պարագային ինչպիսի՞ աշխուժութիւն կարելի է ակնկալել թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւնների եւ թէ՛ հասարակութեան մասնակցութեան հարցում:

Դաշնակցութեան համար, որպէս սկզբունք, միշտ կարեւորուել են հասարակութեան եւ իշխանութիւնների անմիջական շփումն ու խնդիրների վերհանումը: Պահն է ահազանգ հնչեցնելու` ՏԻՄ համակարգի անգործութեան շարունակութիւնը  հասարակութիւն-իշխանութիւն տարանջատման հիմնական պատճառներից է, եւ այդ տարանջատումն օր օրի աւելի է խորանում: Ի դէպ, այս երեւոյթը ցայտուն է դառնում «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամների` համայնքներ կատարած այցելութիւնների ընթացքում:

ՏԻՄ համակարգի կայացումն ու այդ համակարգի լիազօրութիւններով օժտելու գործընթացը վերջերս կարեւորւում է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ դարձել է Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան առացքային թեմաներից մէկը: Պէտք է օգտուել Հայաստանի փորձից եւ օր առաջ կարգաւորել Արցախի կառավարման համակարգի այդ ոլորտը:

,

Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակ. Առանց Ինքնիշխան Ղեկավարութեան Ի՜նչ Երկրի Անկախութիւն Կամ Բարե՜ւ Լիբանան

0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, բարե՜ւ լիբանանցի կամ լիբանանցիներ: Թէ ինչո՞ւ կը նշենք կամ կը շեշտենք, այս պարագային, երկրին անունը, պարզապէս որովհետեւ, ըստ մեզի, եւ շատ-շատերու,  տակաւին չունինք այն սրբազան համոզումը, ոչ ալ ըմբռնած ենք այն վճիտ իրականութիւնը, որ Լիբանան իր աշխարհագրական տարածքով, անկախութեամբ, դրօշով, քայլերգով, պատմութեամբ, մշակոյթով, պետական կառոյցներով եւ գերիշխան ապրելու արդար երազո՜վ հանդերձ, չենք ընդունած, չենք ընդունիր իբրեւ  հայրենիք:

Այո՛, քաղաքակրթութիւններու քառուղիներուն իր տեղն ու դերը ունեցած հայրենիք, այսպէս ասած, դարերու ալեհեր պատմութիւնն ու ծանրութիւնը իր շալակին` մեզի ժառանգուած օրրան-հայրենիք, որով պէտք է հպարտանալ, ոգեւորուիլ, ներշնչուիլ ու ի հարկին անոր գոյութեան, ազատութեան ու բարգաւաճման համար զոհուիլ:

Այդուամենայնիւ, իր անկախութեան հռչակումէն (1943), այլապէս գաղութարարութենէ ձերբազատելու թուականէն առ այսօր, արդեօք պահը չէ՞ հասած նաեւ խոստովանելու, որ այս հողամասը, որուն վրայ կ՛ապրի ժողովուրդ մը, տակաւին շատ հեռու է կոչուելու հայրենիք` պարզ այն պատճառով, որ անոր ընկերային-ազգագրական, պետական-քաղաքական, յարանուանական-համայնքային կառուցուածքը թոյլ չէ տուած, ո՛չ ալ կրնայ տալ, որ անիկա վերածուի ժողովուրդ մը սնուցող օրրանի, այլ խօսքով` հայրենիքի:

Եւ հոսկէ կը ծագի ծանրակշիռ հարցադրումը, թէ ինչո՞ւ պահել ու պահպանել պետականութիւն, ապահովական եւ անվտանգութեան կառոյցներ, բանակ ու զօրանոցներ եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած սերունդներ, եթէ երբեք չկայ ազգային գիտակցութիւն, հայրենապաշտի խոր ըմբռնում եւ քաղաքական մտքի յստակատեսութիւն:

Քաջ գիտնալով հանդերձ, որ անոնք` այս կառոյցներն են այն միակ երաշխիքը, ապաւէնն ու փրկութեան լաստը, որով կարելի է  պաշտպանել ժողովուրդ, հայրենիք եւ ազգային արժանապատուութիւն, ցաւ ի սիրտ, լիբանանցին տակաւին գերին է իր հատուածապաշտ, այլամերժ եւ եսակեդրոն մօտեցումներու, բայց մանաւանդ` օտարին հաշուոյն գործելու կամ անկէ կախեալ ըլլալու քաղաքական տհասութեան:

Թէ ինչո՞ւ այսպէս է մեր իրականութիւնը, եւ ի՞նչ են անոր դրդապատճառները. պատասխանը յստակ ու մեկին` որպէս լիբանանցիներ, տակաւին չենք կրցած նուաճել ինքնիշխան (անհատ թէ հաւաքականութիւն) ապրելու բարձունքը:

Մէկ կողմէ վիրաւորական է ըսել, որ Լիբանան կը յատկանշուի վերոնշեալ երեւոյթ-վիճակով(ներով), միւս կողմէ, սակայն, մտահան չենք կրնար ընել այն դառն իրականութիւնը, որ այս երկրին մէջ ապրող  քաղաքացին չունի հաւաքական կեանք վարելու տարրական թէ խոր ըմբռնումը,  պետութիւն կառուցելու հասկացողութիւնն ու հայրենիք ունենալու քաղաքական հասունութիւնն ու կամքը:

Ըսուածին լաւագոյն փաստը Լիբանանի ժամանակակից կեանքի  քաղաքական ու զինուորական վերիվայրումներով լեցուն պատմութիւնն է: Իսկ ատոնց ամէնէն նորատիպը, տարօրիակն ու անըմբռնելին, ահա, վերջին տասնհինգ օրերուն ընթացքին պատահած քաղաքական անսպասելի կացութիւնն էր, չըսելու համար քաոսային վիճակը, երբ Լիբանանի վարչապետ` յանձին Սաատ Հարիրիի, Սէուտական Արաբիա մեկնումով` կը ստեղծուէր ամբողջովին անհանդուրժելի գոյավիճակ:

Վարչապետը պատկերասփռուած ճառով մը օտար երկրի մը հողին վրայ կը ներկայացնէր իր հրաժարականը` ուժգին հարուած մը հասցնելով վերջին ամիսներուն ի յայտ եկած քաղաքական համաձայնութիւններու տարազին, նոր Լիբանան կերտելու համոզումներուն եւ երազանքին, Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական ընդունուած կարգերու:

Ճիշդ է, որ երկշաբաթեայ քաղաքական անելը պատճառ դարձաւ հոգեբանական ցնցումներու, բազմաբնոյթ քաղաքական կեցուածքներու եւ մեկնաբանութիւններու, այդուհանդերձ, երկրին պետական աւագանին կարողացաւ ներծծել արաբական այլ երկրի մը կողմէ սանձազերծուած քաղաքական ճնշումը եւ շուտափոյթ լծուիլ հակադարձ քաղաքական աշխատանքներու աշխուժացումին, այսպէս ասած, արգելափակեալ վարչապետի ազատ արձակումը ապահովելու:

Եւ ահա, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրէին (18.11.2017), միջազգային ճնշումներու թէ ներլիբանանեան միասնական կեցուածքի շնորհիւ Սէուտական Արաբիոյ պետական աւագանին կ՛արտօնէր, որ Լիբանանի վարչապետը ուղղուի առաջին հերթին Ֆրանսա, ապա, սկզբունքով, Լիբանան:

Արդարեւ, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ լոյսին բերելու եւ խորապէս վերլուծելու պատահածը, որ խորքին մէջ պետական մակարդակի խայտառակութիւն մըն էր, քաղաքական կեանքի խաղքութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան խոցում:

Տեղին է նշել սակայն, որ այս անգամ եւս, Լիբանան երկիրն ու ժողովուրդը կրցան շրջանցել քաղաքական թակարդները եւ ցոյց տալ հաւաքական տոկունութիւն: Այլապէս ստեղծուած անախորժ կացութիւններու պատճառով` երկիրը կրնար մուտք գործել մութ բաւիղ` քաղաքացիական ներքին խլրտումներու կամ պատերազմի թատերաբեմ դառնալով: Կարծես, թշնամիներու նախատեսածն ու ծրագրածը ա՛յս էր:

Արդարեւ, ճիշդ է, որ ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ իր բնոյթով եզակի քաղաքական ցնցումի մը, շրջադարձի մը (Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքի), ինչպէս նաեւ` պատահածին միջազգային շահարկումի (Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ), իր կարգին, լիբանանցին անախորժ կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցաւ, երբեմնի եղբայր յորջորջուած երկրի մը պետական աւագանիի կողմէ սանձազերծուած քաղաքական սպառնալիքներու, որոնք նուազ տարողութիւն չունէին, քան պատերազմի յայտարարութիւն:

Ամէն պարագայի, լիբանանցի համեստ ժողովուրդը, որ աւելի քան 25 տարի է ենթակայ է տնտեսական ահաւոր ճնշումներու, կը դիմագրաւէ կեանքի դաժան պայմաններ, կը հիւծի իր օրապահիկը ապահովելու եւ արժանապատիւ կեանք մը վարելու ծանրութեան տակ, կը գտնուի ընծայուած առիթի մը դիմաց` երեսփոխանական ընտրութիւններու, որոնք կրնան դրական փոփոխութիւններ յառաջացնել, եթէ երբեք լիբանանցին կարենայ իր բողոքի ձայն ու ընդվզումը արտայայտել, իր կեցուածքն ու կողմնորոշումը ամրագրել քուէատուփերու մէջ` յանուն նոր Լիբանանի մը կերտումին:

Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել մօտիկ թէ հեռաւոր ապագան, երկիր մը, որ կքած է համատարած փտածութեան տակ, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել մօտիկ թէ հեռաւոր ապագան: Պետութիւն մը, որուն պետական այրերը ինքնիշխան չեն, քաղաքական (համայնքային) համակարգ մը, որ կլանած է մարդոց հոգիները, ժողովուրդ մը, որ ենթակայ է աւատապետներու եւ մենատէր քաղաքագէտներու քմայքին եւ հաճոյամոլութիւններուն, պետական կարգ ու սարք մը, որ կը տուայտի տնտեսական անմխիթար յորձանուտերու մէջ, երիտասարդական թէ քաղաքացիական շարժումներ, որոնք զոհն են դարձեր արտաքին միջամտութիւններու եւ հովանաւորութիւններու:

Այո՛, ինչպէ՞ս կարելի է յուսալ քաղաքական կամքի թէ նուիրումի ցոլքեր նման իրադրութեան մը մէջ:

Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել հող ու հայրենիք, պետութիւն ունենալ, եւ ընտանիք, երբ տուեալ երկրին ղեկը ստանձնած պետական այրեր չունին ազատ ապրելու եւ անկախ մտածելու տարրական գիտակցութիւնը, կամքն ու համոզումը:

Եթէ երբեք նորահաս սերունդներու իրաւունքն է երազել կայուն ու խաղաղ հայրենի հող, ինքնիշխան ու ազատ պետութիւն ունենալ, ապա իրերայաջորդ ղեկավարներ պարտին աշխատիլ ու տքնիլ յանուն ապագայի մը կերտումին:

Ապագայ, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ իր սեփական ժողովուրդին, այլապէս լոյս եւ պայծառամտութիւն կը շնորհէ ղեկավար տարրերու մտքին ու հոգիին:

Արդ, իբրեւ լիբանանահայութիւն, մեր կարգին, ողջունելէ ետք անկախութեան 74-րդ տարեդարձը, հաւատարմօրէն կ՛ըսենք` բարե՜ւ Լիբանան:

18-11-2017         

 

Ամէնէն Կարեւորը Քաղաքացիական Անվտանգութեան Պահպանումն Է (Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակին Առիթով)

0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս տարի Լիբանանի անկախութեան տօնը կը նշուի բաւականին տագնապալի պայմաններու մէջ: Թէեւ զարմանալի չէ այս երեւոյթը, որովհետեւ վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակին ընթացքին երկրին վիճակը նուազ տագնապալի չէր եղած, սակայն այս տարին որոշ չափով իր իւրայատկութիւնը ունի այն իմաստով, որ կը թուէր, թէ անցնող տարուան ընթացքին երկիրը վերջապէս բռնած էր հաստատութենական աշխատանքի բնականոնացման ուղին:

Իշխանութեան պետերու մակարդակով կնքուած համաձայնութիւնը կը թուէր վերջ տուած ըլլալ սահմանադրական կառոյցներու աշխատանքին անդամալուծութեան, իւրաքանչիւր իշխանութիւն` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական, սահմանադրական իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ, սկսած էր հեզասահօրէն աշխատիլ, եւ այս բնականոն աշխատանքի վերադարձին նպաստած էին, բնականաբար, բոլոր մակարդակներուն վրայ կատարուած նշանակումները եւ խորհրդարանի կանոնաւոր աշխատանքին ու ժողովներուն վերսկսումը, օրէնսդրական բուն աշխատանքը, օրէնքներու մշակումն ու վաւերացումը եւ, գոնէ առ երեւոյթ, խորհրդարանական վերահսկողութեան վերահաստատումը գործադիր իշխանութեան գործունէութեան նկատմամբ:

Այս դրական մթնոլորտին կու գար թափ տալու խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերջնական թուականի մը ճշդումը` համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնքի մը որդեգրումէն ետք: Օրէնք մը, որուն երկար սպասեցին լիբանանցիները, որովհետեւ 1960-էն ի վեր Լիբանանի խորհրդարանական բոլոր ընտրութիւններն ալ տեղի ունեցած են նախկին նախագահ Ֆուատ Շեհապի իշխանութեան օրով մշակուած օրէնքին կամ անոր զանազան ձեւափոխումներուն հիման վրայ` պահելով մեծամասնական դրութիւնը իբրեւ ընդհանուր յատկանիշ:

Ժողովրդավարական առումով, շատ կարեւոր է յառաջիկայ տարուան մայիսին խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման վերջնականացումը, որովհետեւ գործող խորհրդարանի պաշտօնավարման բուն ժամկէտը արդէն իսկ չորս տարի առաջ վերջ գտած է, եւ փոխանակ այդ ժամանակ ընտրութիւնները կայացնելու, դիմուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտը երկարաձգելու հնարքին` իբրեւ պատրուակ ունենալով ապահովական վտանգաւոր կացութիւնը: Ասոր պատճառով գետնին վրայ ի՞նչ պատկեր պարզուեցաւ: Մէկ կողմէ կար նախագահական աթոռի թափուր վիճակը, միւս կողմէ ալ իր պաշտօնավարութիւնը յաջորդական կերպով երկարաձգող խորհրդարան մը, որուն կանոնաւոր աշխատանքը մեծապէս խաթարուած ու անդամալուծուած էր: Եւ մեր կարծիքով, իրաւունք ունէին պաշտօնավարման երկարաձգման իրերայաջորդ որոշումներուն դէմ պայքարողները առարկելու, որ այս որոշումները հակասահմանադրական են եւ մեծ հարուած կը հասցնեն գործող օրէնսդիր իշխանութեան օրինականութեան: Ճիշդ այս սկզբունքին հետեւելով էր, որ առաջին երկարաձգումին ժամանակ Հայկական երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանի միակ խմբակցութիւնն էր, որ բացէ ի բաց դէմ արտայայտուեցաւ երկարաձգումի որոշումին:

Խորհրդարանական ընտրութիւնները նաեւ կարեւոր են այն իմաստով, որ ժողովրդավարական առումով, կ՛ապահովուի իշխանութեան հերթափոխութիւնը: 2018-ի մայիսին պիտի ըլլայ այնպէս, որ ինը տարի շարունակ խորհրդարանական ընտրութիւն չէ կատարուած երկրին մէջ: 2009-ին 21 տարիքը չբոլորած երիտասարդը մօտեցած պիտի ըլլայ 30 տարիքին` առանց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարած ըլլալու երկրին իշխանութեան ձեւաւորման հոլովոյթին մասնակցելու առումով, ինչ որ ծանր խախտում մըն է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն:

Ուրեմն, աւելի քան մէկ տարի առաջ երկրին մէջ սկսաւ հոլովոյթ մը, որ կոչուած էր շրջելու վերը ներկայացուած տխուր պատկերը: Ընդհանուր համախոհական մթնոլորտին բերումով, ընտրուեցաւ նախագահ, կազմուեցաւ «Վստահութեան վերականգնման» անունը կրող կառավարութիւն, կատարուեցան լայնածաւալ նշանակումներ, պատրաստուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ երկրի ելեւմտական կեանքը կանոնաւորող փաստաթուղթը` պետական պիւտճէի նախագիծը, այն բանէն ետք, երբ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն ընթացքին պետութիւնը իր ծախսերը կը կատարէր առանց պիւտճէի նախագիծ ունենալու, նաեւ, այս կարեւոր իրագործումներուն կողքին, կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը ընկերային առումով մեծ քայլ մը առին, երբ վաւերացուցին պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերուն յաւելումները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կը ներկայանային իբրեւ ընկերային հիմնական պահանջ:

Այս ընդհանուր դրական մթնոլորտին մէջ իրապէս որ անակնկալ էր վարչապետ Հարիրիի անակնկալ հրաժարականը Սէուտական Արաբիայէն, ինչ որ պատճառ հանդիսացաւ այս յօդուածին սկիզբը նշուած տագնապալի մթնոլորտին` Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակի սեմին: Ի՞նչ եղաւ, որ այս տագնապալի մթնոլորտը ստեղծուեցաւ, տակաւին ամբողջականօրէն յստակ չէ: Չէ՞ որ նախքան հրաժարականը ներիշխանական յարաբերութիւնները կը յատկանշուէին իրարու միջեւ մեղր ու կարագով: Ուրեմն յայտնի էր մէկ բան, որ փորձ կատարուեցաւ անցնող աւելի քան մէկ տարուան իրագործումները զերոյի հաւասարեցնելու` երկրին արժանապատուութիւնը ոտնակոխ դարձնելով եւ Լիբանանի վարչապետը պատանդ պահելու տպաւորութիւն ստեղծելով:

Ինչպէ՞ս յաղթահարել այս տագնապալի կացութիւնը: Մէկ միջոց կայ: Երկրի բարձրաստիճան ղեկավարութեան մակարդակին վրայ գիտակցութիւն եւ իմաստութիւն դրսեւորելով: Հաւատալով, որ քաղաքացիական անվտանգութիւնը գերիվեր է ամէն բանէ: Արդէն երէկ բանակի հրամանատարը զինեալ ուժերուն յղած օրուան հրահանգին մէջ յիշած էր, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պիտի ըլլան, եւ սա բնական բան է, բայց վճռակամօրէն պէտք է դէմ դնել իւրաքանչիւր փորձի, որ օգտագործելով ներկայ տագնապալի կացութիւնը` կը միտի սադրանք ստեղծել երկրին մէջ: Այս խօսքերը ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ տարած բանակի հրամանատարին խօսքերն են:

Խմբագրական. Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Խորհուրդով` Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

0
0

Լիբանանի հերթական անկախութեան տօնը այս տարի բոլոր նախադրեալներն ու պատճառները ունէր արժանավայել շուքով եւ համարժէք տարողութեամբ նշուելու: Երկիրը երկար ոդիսականներէ ետք վերադարձած էր բնականոն ընթացակարգային հուն  եւ ըստ այնմ նաեւ կ՛իրականացնէր անընդհատ ձգձգուող, յամեցող, սառեցուած թնճուկներու քայլ առ քայլ լուծումը:

Իսլամական պետութեան շիջումին անմիջապէս կը յաջորդէր տարածաշրջանային մակարդակով քաղաքական նոր ճգնաժամի հասունացումը, երբ Ռիատը շեշտակիօրէն նոր սրութիւն կու տար հակաիրանեան հռետորաբանութեան: Բնականաբար առաջին ազդուող միջավայրը լիբանանեան քաղաքական բեմն էր:

Վարչապետի յանկարծակի հրաժարականի յետցնցումային փուլին մէջ Լիբանան կը  նշէ իր անկախութիւնը: Անկախութեան տօնը որոշ խորհուրդներով կը շաղկապուի լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական բեմերու վրայ վերջերս յայտնուող այն դրսեւորումներուն, որոնք կը շեշտեն վարչապետի պաշտօնի վերստանձնման հրամայականը:

Այստեղ արդէն հազուադէպօրէն նոյնացած են թէ՛ պետական ամէնէն բարձր օղակներու, թէ՛ քաղաքական դաշտը բաղկացնող հոսանքներու եւ թէ՛ հասարակութեան պահանջները, որովհետեւ խնդիրը վարչապետի անձէն շատ աւելի, կը վերաբերի այս երկրի գերիշխանութենէն չզիջելու ինչպէս անհատ-քաղաքացիի, այնպէս նաեւ պետական պատասխանատուի  սկզբունքային կեցուածքներուն:

Վարչապետի վերադարձի եւ պաշտօնի վերստանձնման պետական-քաղաքացիական պահանջները եթէ մէկ կողմէ ուրեմն, անկախ պետականութիւն պահպանելու կը միտին, միւս կողմէ Լիբանանի քաղաքացիին անկախ մտածելու եւ անկախ ապրելու պահանջներէն կը բխին:

Այստեղ դարձեալ երկրորդական կարգ մղուած են համայնքային հատուածայնութիւնը կամ քաղաքական ճամբարներու պատկանելիութեամբ ձեւաւորուած տարբերութիւնները:

Հարցը հիմնականին մէջ կը վերաբերի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատ մտածելու, գործելու, արարելու համալիբանանեան մտածողութեան կայացման:

Հետեւաբար նաեւ այս սկզբունքային առաջադրանքներով պէտք է բացատրել համակողմանի այն երեւոյթը, որ մերժելով կը մերժէ հերթական անգամ Լիբանանին հրամցուող նոր թէժացումներու, նոր պառակտումներու, նոր առճակատումներու եւ անոր բեւեռացումներով քաղաքական անդամալոյծ իրավիճակ ստեղծելու այլոց ծրագիրներուն մէջ ներքաշուիլը:

Ա՛յս հրամայական վարքագիծը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը յատկանշէր լիբանանահայ գաղութին եւ անոր առանցքային դերակատար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան վարքագիծը, կը թուի, որ համալիբանանեան տարազ ստացած է այսօր: Բոլորը սկսած են օգտագործել եւ կիրարկել լիբանանահայութեան վարքագիծը, հարցերը միայն քաղաքական երկխօսութեան սեղանի շուրջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանեան գերիշխանութեան պաշտպանութեան համար արտալիբանանեան կեդրոններէ ուղղութիւններ չստանալու հրամայականը, նոր հրդեհներու  բռնկումներու համար կայծի դերակատարութիւն չստանձնելը: Դաշնակցութեան օգտագործած բառապաշարը, յայտարարած քաղաքական վարքագիծը այս պահու դրութեամբ որդեգրուած է բոլորին կողմէ:

Ճգնաժամ կայ. ճգնաժամ կը պարտադրուի Լիբանանին: Անոր դիմաց սակայն կա՛յ, զգալի՛ է` հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ անհատ քաղաքացի, անցնելով պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն եւ քաղաքական դաշտը բաղկացնող ուժերէն, այս պարտադրուող տագնապը մերժելու կամքը:

Նախկին պայմանները ապրող Լիբանանի փողոցներուն մէջ, նման մագլցողականութեան շատ աւելի ցած աստիճանաչափերու գրանցման պարագային մինչեւ հիմա բազմաթիւ միջադէպեր բռնկած կ՛ըլլային: Հիմա զսպուածութիւնը, չհրահրուելու գիտակցութիւնը, խոհեմ եւ զգօն մնալու կոչերը կը հնչեն ամէն կողմէ:

Իսկ այս գիտակցական մակարդակը, սերտօրէն կապ ունի գերիշխանութեան պահպանման այլեւս աննահանջ տեսք ստացած դիրքերու հետ: Կապ ունի Լիբանանի անկախութեան խորհուրդին հետ:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

0
0

(Agencia Prensa Armenia).- Արժանթինեան Փաիտոս հրատարակչատունը անցեալ Օգոստոսին լոյս ընծայեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի աշխատասիրութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին: Գիրքը հրատարակուեցաւ «Ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ» շարքին մէջ Ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ Միջին Արեւելքի տագնապին մասին խորագրով: Գիրքին մասին անդրադարձաւ արժանթինեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ի մասնաւորի՝ ամենատարածուն Գլարին օրաթերթի շաբաթական յաւելուածը ուր գրախօսական մը լոյս տեսաւ եւ Փերֆիլ թերթը որ վերահրատարակեց գրքէն լայն հատուածներ:

Գրքին առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Լանուսի Պետական Համալսարանին մէջ Հոկտեմբերի ընթացքին կազմակերպուած Կլոր Սեղանի մը ծիրէն ներս: Նոյեմբեր 14ին, գիրքը ներկայացուեցաւ Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան մէջ կազմակերպութեամբ Ա. Մ. Ընկերակցութեան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին: Ձեռնարկը հովանաւորուած էր համայնքային կազմակերպութիւններու համախմբման (ԻԱՐԱ) կողմէ:

Գրքի ներկայացման եւ հրապարակային քննարկումը կատարեցին Փրենսա Արմենիայի հիմնադիր եւ ներկայի պատասխանատու Պողօս Քենտիքեան, Փերֆիլ թերթի միջազգային բաժնի պատասխանատու Սանթիակօ Ֆարրէլ եւ թուային Տիարիօ Սիրիօ-Լիպանէս շաբաթաթերթի խմբագիր Խոտոր Խալիտ:

Բացման խօսքով հանդէս գալով Քէնտիքեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ արագընթաց իրողութիւններու առարկայական տարածման համար հակառակ ամէն տեսակի սպառնալիքներու: Գրքին մասին խօսելով ան յիշեց Պիլլ Քովաչի սահմանումը որ լրագրութիւնը կը նկատէ «Պատմութեան առաջին տարբերկը» եւ ընդգծեց գրքին մէջ տեշ գտած առատ տեղեկութիւնները որոնք ներկայացուած են պատմական իրենց ոլորտին մէջ:

Խոտոր Խալիտի համար գրքին հիմնական արժէքներէն մէկը կը կայանայ իր ե՛ւ մատչելիութեան տարածաշրջանին մասին հիմնաւորուած գաղափար մը ուզող ոեւէ ընթերցողի, ե՛ւ Միջին Արեւելքը վերլուծողներուն տեսական իւրայատուկ դիտանկիւն մը հրամցնելու զոյգ յաջողութիւններուն մէջ:

Սանթիակօ Ֆարրէլ վեր առաւ գրքին եզրակացութեան մէջ վերլուծուած գաղափարը ըստ որուն Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի վերարտադրութեան ժխատական հոլովոյթը կրնայ կասեցուիլ միայն երբ ազգային, կրօնական թէ էթնիկական տարբերութիւնները ընդունելի դառնան եւ համագոյակցին:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ հեղինակը որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ներկայացնողներուն եւ մասնակիցներուն: Ան անդրադարձաւ գրքի ծննդոցի հոլովոյթին որպէս հետեւանք տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մասին իր դասաւանդութեանց եւ մամուլին մէջ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու մասին իր գրած յօդուածներու ծնունդ ընդհանրական հետեւումներու: Միջին Արեւելքի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալու իրողութիւնը կրնայ ապրումներու եւ իրադարձութիւններու հետ անմիջական հաղորդակցութեան առաւելութիւնը տալ վերլուծողին, ըսաւ ան: Այդ մէկը, սակայն, ոչ անհրաժեշտ ոչ ալ, մանաւանդ, բաւարար պայման է նման բարդ ու յարափոփոխ տագնապի մը հասկացողութեան եւ անոր ընդհանրական պատճառ-հետեւանքները կարելի եղած յստակութեամբ բացատրելու կարողութեան: «Գիրքը գրելու գլխաւոր մարտահրաւէրը եղաւ գտնել տեսական այն մօտեցումները որոնք ամենէն աւելի յստակօրէն թոյլ կու տան ընդհանրական բայց ոչ պարզացուած վերլուծում մը ներկայացնելու», ըսաւ ան:

Տէր Ղուկասեան ծնած է Լիբանան եւ հաստատուած Արժանթին ուր վարած է ԱՐՄԵՆԻԱ թերթի խմբագրութիւնը: Մասնագիտանալով Միջազգային Յարաբերութիւններու մարզին մէջ, Տէր Ղուկասեան նուիրուեցաւ ակադեմական ասպարէզի: Հեղինակ է սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու, մասնագիտական աշխատասիրութիւններու եւ յօդուածներու: Հոկտեմբերի աւարտին ան ստացաւ տեղւոյն Սուրիա-Լիբանանեան Ակումբի Ուկարիդ 2017 մրցանակը մշակոյթի դասակարգին մէջ՝ ակադեմական ասպարեզէն ներս տարիներու իր ներդրումին համար:

Ներկայացուած գիրքը Միջին Արեւելքի մէջ տագնապը եւ ուժային յարաբերութիւնները կը վերլուծէ Պետական համամակարգերու ծագման, զարգացման եւ պառակտման եւ քաղաքական հասարակագիտութեան տեսական զոյգ մօտեցումներէն եւ անոր պատմական հոլովոյթը կը բացատրէ ազգային երկու ծրագիրներու բախումին եւ ներ-իսլամական կրօնական պատերազմի իրերայաջորդ հանգրուաններով: Նախատեսուած են գրքի այլ ներկայացումներ:

Սահմանէն Անդին Դիտողը

0
0

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Սահմանին նստած` կը սպասեմ, որ խաղաղի, վերադառնամ տունս, ինքնութեանս եւ հարազատներուս:

Անորոշութիւն… որքա՞ն կրնայ երկարիլ.  ապագան մութ է, կը տարուբերի, անորոշութեան ծայրը կը միանայ ծովու տատանեալ ալիքներուն  ու կ՛երկարի, տարօրինակ փչումներէ առջեւ ետեւ կը ձգուի, կ՛երկմտի, մթութեան մէջ կը տուայտի: Մութը վախ ու սարսափ կը պատճառէ:

Վստահելով խաւարին յաջորդելիք լոյսին, պահ մը կարելի կ՛ըլլայ հանդարտիլ` մտածելով, որ ահարկու ծովին ալիքները սահման մը ունին ընդլայնելու եւ անկէ մազաչափ անգամ առաջ չեն կրնար անցնիլ: Ամէն մակընթացութեան կը յաջորդէ հանգիստ տեղատուութիւն: Մակընթացութեան ժամանակ բազմաթիւ ճիւղեր կը կոտրտին, վնասներ կ՛արձանագրուին, բայց տեղատուութեան  ժամանակ կոտրածը կը նորոգուի, կը բժշկուի հիւանդը, կը փաթթուին վէրքերը, հանդարտօրէն երփներանգ լոյսը կը սկսի երեւիլ եւ ժպտիլ:

Դժուար ամառ մը անցաւ: Սահմանին նստած` հետեւեցանք բոլոր յառաջխաղացումներուն: Մեր բոլոր յոյզերը նուիրեցինք մեր ծննդավայրին, քանի որ անոր կրած վէրքերը շատ խորունկ  էին եւ սարսափազդու:

Ինչ որ փայփայուած էր մեր մէջ, թօշնեցաւ: Տամուկ վէրքեր արիւնեցան:

Սահմանէն անդին, ուր կը կարծուէր, թէ խաղաղութիւնը տարածուած պէտք էր ըլլար, նոյն ուղղաթիռներով լի, սարսափով յղի երկինքին շարունակութիւնն էր:

Բոլոր գեղեցիկ յոյզերը տեղի տուին, միայն անձի փրկութիւնը դարձաւ էական եւ առաջնահերթ:

Այս վճռորոշ պահուն աշխարհի բարի մէկ մասը գթաց եւ աղօթեց մեր երկրի խաղաղութեան համար, բայց ցաւած երկրին մէջ նոյն հողի զաւակները զիրար յօշոտեցին եւ ոչնչացուցին: Ո՞վ պիտի զատէ ցորենը որոմէն: Միթէ կոյրը կրնա՞յ այլ  կոյր մը առաջնորդել:

Անցնող տասը երկարաձիգ օրերը, եւ ատոր նման`  բազմաթիւ տասը օրեր, այնքան ալ դիւրին չեղաւ անցընելը` որքան ներսը մնացողներուն համար, նոյնքան ալ դուրսը` սահմանէն անդին գտնուողներուս համար, թէեւ մեր կեանքը չէ վտանգուած, բայց հարազատներէն ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլ նաեւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներէ հեռու ըլլալը ծայր աստիճան կը տանջէ, ուժասպառ կը դարձնէ: Միայն կարելի է հոգիի կապով  ապրիլ եւ գոյատեւել:

Կրկին պէտք է ճօճուին մանուկներու ճօճանակները: Ոչ ոք կրնայ գողնալ անոնց եւ նոյնիսկ մեր` մեծ մանուկներուս երազները: Երազը միակ բանն է, զոր մարդիկ չեն կրնար խլել իրարմէ, գնդակահարել զայն կամ առեւանգել: Միակ բանը, որ կրնանք պահպանել մեր հոգիին խորքը եւ փայփայել, սէրն է, նաեւ` գեղեցիկ փափաքներն ու իղձերը, որոնք անպայման կ՛իրականանան:

Կ՛ըսուի, որ Յովնանը կուլ տուած կէտը տակաւին ողջ է: Ան Յովնանին զղջումը լիովին հասկցած էր` զայն նետելով ցամաք, զայն ազատած էր ո՛չ միայն յաւիտենական կորուստէ, այլ նոր երազ պարգեւած էր անոր: Ուրեմն բոլոր բաները մեր բարիին համար  գործակից են, նախախնամութեան վճիռներէն եւ մեզի համար սահմանուածէն կարելի չէ փախչիլ:

Ո՞վ գիտէ, թէ  ինչո՛ւ սահմանէն դուրս յայտնուեցանք…

Հիմա մենք արդէն տարբեր երկիրներու մէջ ենք: Ես սահմանին նստած` կը հոտոտեմ իմ հին երկրիս անցուդարձը, անիրական թուացող ձայները, ականջս քայլերու` անտեսանելի, բայց ինծի համար տեսանելի ժպիտ մը կը տեսնեմ, անյայտ ժպիտ մը, որ լուռ է, եւ գաղտագողի այդ թոհուբոհին մէջ կ՛արտացոլայ իր սէրը, կը խօսի իր թաքնագիտական բոլոր հնարքներով` ուսս շոյող զեփիւռին ընդմէջէն: Յատուկ սուլոց մը ճամբայ կ՛ելլէ շատ հեռուներէն` զիս գտնելու:

Այստեղ օտարական մըն եմ` սահմանէն անդին կամ սահմանին վրայ:

Երկինքը սահմաններ չունի, կը փորձեմ ըլլալ այնտեղ եւ հանդարտօրէն գրել արեւու ոսկեայ տետրին մէջ, որ իւրաքանչիւր օր ճառագայթելով կու տայ, կը բաշխէ, բայց երբեք չի սպառիր ու չի տկարանար: Սահմանը, որուն վրայ եմ, եթէ դէպի երկնքի խորերը եղած ըլլար, հաւանաբար կարօտի զգացումը ընկղմած կամ փարատած ըլլար, ու ես ալ դէպի ետեւ նայելու կարիքը չզգայի:

Այս մեծ քաղաքի թոհուբոհին մէջ անդրդուելիօրէն քեզ կը փնտռեմ կարօտներովս անհանգիստ, որոնք փարած մնացին աւերակ քաղաքիս եւ սրտիս պատերուն. հոգիս կը դեգերի կարօտիս տոչորուն արահետներուն վրայ, ուր կը մանկանամ, կը մաքրուիմ եւ կը սկսիմ գաղտնօրէն պատերուն եւ հողին վրայ կաւիճով գծել, ինչպէս` հին օրերուն, մաղթելով, որ աշունն ու անձրեւները ուշանան:

Մղոններով ինձմէ հեռու ճամբաներու վրայ կը քալեմ մարմնիս շուքով, ճամբաներ, որոնք շարունակութիւնն են այս ճամբուն, որուն վրայ կը կանգնիմ հիմա, եւ աչքերս յարած հեռուն` հայեացքս կ՛որոնէ այն տարածութիւնները, որոնց վրայ կը միանան մեր հոգիները:

Այնտեղ, հեռուն. փամփուշտներու տարափին տակ անիմաստօրէն անհետացող մարդոց համար կը ցաւիմ, գաղտնօրէն կը ժպտիմ, որ դեռ կամ եւ կան հարազատներս:

Սահմանէն անդին, քաղաքին մէջ կը նկատեմ մարդիկ` սարսափահար հայեացքներով, անկարողութենէն ու վախէն քարացած նայուածքներով, ինչ որ բնական դարձած է ալ: Երբ փորձեմ նայիլ անոնց դէմքերուն եւ անորոշ սեւեռումով հեռուն նայող աչքերուն, երեսս ի վար կը գոռան անոնց չըսուած խօսքերը:

Հարազատներուս յատուկ հոտ մը կը փչէ հեռուէն, օդին մէջ կը տարածուի` հասնելու շնչառութեանս, ետքը կը կորսնցնեմ հոտը` յիշողութիւններու թուրմով պատրաստուած հոտը, նաեւ` անոնց հայեացքները, ձայնի ու դէմքի ելեւէջները: Կ՛անհետանայ ամէն բան, կը սլանայ ժամանակը` փորձելով իրեն հետ տանիլ բոլորը, կը մենամարտիմ վայրկեաններուն հետ` թոյլ չտալու համար, որ իրեն հետ տանի մանրամասնութիւնները` յիշատակներուս, սիրոյս… Ժամանակը  անկարող է նսեմացնել, ջնջել կամ բուժել սէրը, ժամանակը անզօր է առեւանգելու սրբութիւնները: Ժամանակը  կրնայ անտարբեր դարձնել միայն այն ատեն, երբ մենք թոյլ կու տանք:

Սահմանը մարդիկ յօրիներ են, մարդը անսահման է, սահմանէն այս կողմ թէ այն կողմ, նոյնիսկ` սահմանին վրայ, ինչպէս որ ես կը սպասեմ հիմա` հոգիները կը միանան:

Հոգիի երկնակամարին վրայ սահմաններ չկան, ուշի ուշով կը զննեմ երկինքը, կ՛ընթանամ առջեւ, արգելքներ չկան, ետքը կը նկատեմ, որ դէպի իմ մէջ է, որ կը շարունակուին քայլերս, կ՛արագացնեմ երթս, երկինքը մէջս տեղաւորած` ներսն ու դուրսը կը նոյնանան, նոր ճամբաներ կը բացուին, նոր հորիզոններ` առանց ընդհատումներու, նոր ելքեր կը գտնեմ` զիս նիւթական սահմանէն այն կողմ անցընող, ուր, ի զարմանս ինծի, դեռ կը շարունակուի թռչուններու ճռուողիւնը:

Այս անգամ կը յաջողիմ. սահմանէն անդին եղողները կը փոխանցեմ մէջս, կը ճամբորդեմ տիեզերական ճամբորդի տիեզերանաւովս…

Անսահմանը կը գգուէ լուսաբացերս հասարակ: Սափորս լեցուն է տիեզերքի աղբիւրով, անոր ջուրով, որ կենդանի է եւ կեանք տալու կարողութիւնը ունի: Սափորս լեցուն է հրաշալի նշաններով: Պատուհանէս դուրս` ամայի տանիքներ, անլուր հեռագրասիւներ, ընդհատուած բօթ: Ալ բա՛ւ է, չարագո՛յժ ողբ, դադրէ՛, կը հրամայեմ, կը սաստեմ, կասեցուա՛ծ համացանց, անլեզո՛ւ հեռախօս: Քաղաքը սահմանէն անդին անջատուած է ամէն հոսքէ, ելեւմուտէ: Զերթ փոքրիկ, ուժասպառ լճակ կը ճողփայ ինքնիր մէջ, առանձին ու լքուած թռչնակի մը պէս ձայն կու տայ, լսող չկայ, կ՛ապշին աչքերը, անթարթ կը քնանայ, զգաստ է ամէն ձայնի ու շշուկի: Ինչո՞ւ ապշած ես,  քաղա՛ք, մինչ ջուրիդ մէջ կը ճողփան հրթիռներ, քարեր-քարեր սպաննող:

Բառերը ա՛լ իմաստ չունին, երբ չեն հնչեր քու ձայնովդ, քու ընդմէջէդ, քաղա՛ք, զիս քեզի տանելու, տաք թեւերուդ, տանիքներուդ, երդիքներուդ, լոյսերուդ եւ ամպերուդ ծիածանափայլ:

Բառերը ա՛լ գոյն չունին պատկերելու ուրախութիւն եւ սէր, երբ չեն բխիր քու ժպիտէդ, քու հոգիիդ ծալքերէն, երբ չեն խօսիր քու լեզուովդ:

Քու մէջդ ես շարժեցի հոգիիս թրթիռն առաջին, ըսելու եւ գրելու այն, ինչը որ չէի ըսած, չէի գրած ուրիշ տեղ: Իսկ հիմա յիշատակդ է, որ կը շարժէ սէրս կրկին եւ ամուր կը պահէ իր մէջ` հակառակ բոլոր փոթորիկներուն:

Դուն էիր, որ բացիր աչքերս, քաղա՛ք, աչքերս, որոնք հիմա ա՛լ վարժ դարձան տեսնելու հոգիով: Անոնք կը տեսնեն ոտնաձայներուն մէջ մեր, իմ եւ քու վրայ փռուած գալիք լուսաբացերը, որոնք արեւներ կը ծնին իմ եւ քու շունչէն, լուսաբացի միացումէն: Երբ ձայնդ հեռուներէն կը հպի շրթներուս եւ սրտիս, ծառերու ծաղկաթերթերը կ՛անձրեւեն որբացած հոգիիս վրայ, ռումբերդ կը պապանձին, նոյնիսկ սահմանամերձ երկրի մայրիները կը նախանձին, կը սկսին օրօրուիլ եւ քաղցրալուր երգեր երգել:

Ու սէրս ազնիւ իւղի պէս կը հոսի դէպի կաթնագոյն քաղաք տանող ճամբանգգ.

Սէրս աղօթք կը դառնայ ու կարօտս` երգ, զիս տանելով հեռուներ, դէպի իմ մանկութեան  թոթով երգիս:

Վազող առուակին հետ սեւ ու սպիտակ քաղաքին ծուխն ու աղօթքը կը հասնին իրենց հանգրուան ծովին, երկինքին  կասկապոյտ եւ մանիշակագոյն անմոռուկներուն…

Եւ սահմանէն անդին, դէպի ներս, դէպի իսկական խաղահարթակ` մէկ քայլ է կարծես, ետքը կը հասնիս հայրական տունդ, որ սեղմուած աքցանի մէջ է, պատին ետեւն են սիրոյ յուշերդ, աքցանի մէջ են, ու կը միանան սահմանէն այս կողմն ու այն կողմը… Արեւելքն ու Արեւմուտքը, ունեցածդ ու չունեցածդ  իրարմէ  կ՛անջատուին միայն անտեսանելի եւ աներեւոյթ  սահմանաբաժան գիծով մը…

Հալէպ տանող բոլոր ճամբաները փակ են արդէն, բայց ես այնտեղ եմ` իր սահմանէն ներս եւ սահմանէն անդին:

Ու սիրոյս ծիածանագոյն կարօտը մանանայի պէս դեռ կը կաթկթի սահմանէն այս կողմ` հոգիիս վրայ: Ողջ ջերմութիւնս ապրած օրերս կը տարածէ սահմանէն այն կողմ:

Պէյրութ սեպտ. 2013

***

Անցնող պատերազմական տարիները մեր ետին մնացած են արդէն, ու մենք մեր նախկին երդիքներուն ներքեւ կը փորձենք խաղաղութեամբ ամփոփուիլ ու մտաբերել անցնող դէպքերը,  արժեւորել իրադարձութիւններն ու արտաքին աշխարհի մարդոց վերաբերմունքը, մինչ իւրաքանչիւրիս դէմքին վրայ երախտագիտական ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի, քանի որ իւրաքանչիւրս ունեցանք բարի ձեռք մը, բարի պարիկ մը`  գօտեպնդող եւ յոյս ներշնչող:

Մեր երիտասարդներէն շատեր իրենց ուսման կատարելագործման համար երկարած էին իրենց ճիւղերը դէպի սահմանէն անդի տարածքներ, իսկ մենք ստիպուած, բազմաթիւ  անգամներ հատեցինք սահմանը` անոնց կողքին ըլլալու համար: Հայաստանն ու սփիւռքի հայաշատ կարգ մը քաղաքներ  նեցուկ կանգնեցան մեր ուսանողներուն. գոնէ հայրենի համալսարաններուն եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի երկարող ձեռքը մենք վայելեցինք  եւ  պտուղները քաղեցինք միասնաբար:

Հայը հայուն թիկունք կանգնեցաւ, կամուրջ եղաւ: Միասին, անոնց` դուրսիններուն զօրակցութեամբ անցուցինք այս ներքին ճգնաժամին ամէնէն վատ օրերը:

Երբ դուրսը` սահմանէն այն կողմ մեր հարազատներն ու զաւակներն էին, հարկաւոր էր կամուրջներ ունենալ, նոյնիսկ մենք վերածուեցանք կամուրջի` հարազատներուն հետ միասին մնալու համար: Ու նոյնացաւ ներսն ու դուրսը: Դուրսը եղաւ ներսին շարունակութիւնը, ներսի յառաջընթացին գործօնը, իսկ հայրենիքը ե՛ւ իր ներսէն, ե՛ւ դուրսէն  միշտ մեզի հետ մնաց, նոյնիսկ` իր սահմանափակ կարելիութիւններով: Անոր լումաները, մանանեխի հատիկները վերածուեցան յոյսի եւ գիտութեան ծառերու` կամուրջին վերջաւորութեան սրբազան մեր հողին վրայ նորաստեղծ  երդիքներու եւ բոյներու նոր ճռուողիւնի: Այս պատերազմին մեզի տուած միակ բարիքը եղաւ ասիկա:

Վերջաւորութեան դուրսի ու ներսի ճիգերը բոլորը միացան` ի շահ տուժած մեր այս հնամենի գաղութին, որ իր թիկունքին զգաց  մեզի համար տագնապող հայրենիքի ու սփիւռքի բաբախող սրտերուն տրոփիւնը:

27 հոկտ. 2017 Հալէպ

 


Անդրադարձ. «Դրախտային Փաստաթուղթե՞ր», Թէ Դժոխային Արարքներ

0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

5 նոյեմբեր 2017-ին գերմանական «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթը հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց արտահոսուած տուեալները շարք մը միլիոնատէր անհատներու եւ մեծ ընկերութիւններու, որոնք տուրքեր չվճարելու միջոցով խուսափած են իրենց պարտքը կատարել հասարակութեան նկատմամբ` իրենց բաժնեմասի մասնակցութիւն բերելով հանրութեան եւ մանաւանդ ընկերութեան զրկուած տարրերու օգտին:

«Դրախտային փաստաթուղթեր»-ը բացայայտեցին, որ փախուստ տալու համար հարկերու վճարումէն կամ փտածութեան որեւէ այլ հարցէ` մարդիկ կամ ընկերութիւններ իրենց գումարները կը փախցնեն ծովէն անդին եւ ուրիշներու անունով կեղծ ընկերութիւններու հաշիւներուն մէջ կը դնեն զանոնք:

Այս արարքները «դրախտային» կոչուեցան,քանի որ հարկային ապաստարան դարձան: Մեծ ընկերութիւններուն եւ միլիոնատէրերուն համար դրախտային կը նկատուի այդ երեւոյթը («Պի. Պի. Սի.):

«Սիւտէօչէ Ցայթունկ» ներկայացուց ամօթալի ցանկ մը` համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու, որոնք օգտագործած են անդրծովային ներդրումները` փախուստ տալու համար իրենց պետութիւններուն մէջ հարկ վճարելու պարտաւորութենէն: Ամօթալի այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած ընկերութիւններն են` «Ֆէյսպուք», «Թուիթըր», «Էյփըլ», «Ուոլթ Տիզնի», «Նայք», «Ալլեանզ», «Մաքտոնալծ», «Եահու» եւ համաշխարհային հռչակաւոր այլ ընկերութիւններ, որոնք ժամանակին կը կոչուէին «համաշխարհայնացման անիւը յառաջ մղող ուժեր», իսկ այսօր, «Դրախտային փաստաթուղթեր»-ու հետազօտութիւններուն շնորհիւ, փաստուեցան «համաշխարհայնացման» անարդար երեւոյթները` զայն «յառաջ մղող ուժերուն» անբարոյ ոճիրներով: Կ՛երեւակայէք, չէ՞ թէ որքա՛ն երեխայ պիտի կարենար դպրոց յաճախել, կամ որքա՛ն հիւանդ պիտի կարենար հիւանդանոց մտնել, եթէ արդարութեամբ վճարուէին հարկերը:

Ամօթալի ցանկը չի վերջանար յիշեալ ընկերութիւններով, այլ անոնց կը հետեւին անունները հարստահարող անհատներու, որոնք օգտագործելով իրենց բարձր պաշտօններն ու դիրքերը` հարստութիւն դիզեցին եւ կրկնապատկեցին իրենց եկամուտները: Խուսափելով ենթարկուիլ «բարձր եկամուտ ունեցողները կը վճարեն բարձր հարկեր» սկզբունքին` հարստահարող անհատները իրենց գումարները փախցուցին անդրծովային կղզիներ: Հարկերու վճարումէն փախուստ տուող նշանաւոր անհատներն են` Մեծն Բրիտանիոյ  Էլիզապեթ Բ. թագուհին, գահաժառանգ Չարլզ իշխանը, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի երկու որդիները` Էրքամն ու Պիւլենթը եւ այլ անհատներ:

«Դրախտային փաստաթուղթեր»-ու արտահոսուած տեղեկութիւնները մեծ արձագանգ գտան աշխարհի չորս ծագերուն եւ մանաւանդ` այն երկիրներուն մէջ, որոնց կառավարութեան գլուխները կամ հոն կեդրոնացած համաշխարհային ընկերութիւնները կապ ունին այդ փաստաթուղթերուն հետ: Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի Դեմոկրատական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կատարած հարկային բարեփոխումները, որոնց հիման վրայ կը նուազին մեծ ընկերութիւններու եւ մեծահարուստներու եկամուտներուն վրայ դրուած հարկերը: Իր կարգին, ծերակուտական Պըռնի Սենտըրզ «Տը Կարտիըն» օրաթերթին ըսաւ. «Մեր ժամանակաշրջանի հիմնական հարցը միջազգային սակաւապետութեան արագ շարժումն է, որուն միջոցով քանի մը միլիառատէրեր կը գերիշխեն համաշխարհային տնտեսութեան եւ կը սեփականացնեն զայն: «Դրախտային փաստաթուղթեր»-ը ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս այս միլիառատէրերն ու համաշխարհային մեծ ընկերութիւնները կը հարստանան` թաքցնելով իրենց հարստութիւններն ու շահերը եւ խուսափելով վճարել իրենց հարկային արդար բաժինը»:

Ամէնէն ցնցիչ երեւոյթը Մեծն Բրիտանիոյ թագաւորական պալատի երկու մեծ գլուխներու (Էլիզապեթ Բ. թագուհի եւ գահաժառանգ Չարլզ իշխան) հարկային փախուստն էր: Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերեմի Քորպին այս առիթով Համայնքներու պալատին (խորհրդարան) մէջ յայտարարեց. «Մեր դպրոցներուն ելեւմուտքերուն մէջ բաց կ՛արձանագրուի, յաւելեալ մարդիկ կը սպասեն իրենց կարգին` ազգային առողջապահութեան ծառայութեան մէջ (պետական հիւանդանոց), յաւելեալ տարեցներ եւ հաշմանդամ մարդիկ չեն ստանար այն ընկերային ծառայութիւնը, որուն կարիքը ունին: Վարչապետը հարց կու տայ, թէ ընդունելի՞ է հարկային վճարումներէ փախուստը. հոս կանոն մը կայ մեծահարուստներուն, ուրիշ մըն ալ` բոլորի՞ս վրայ կիրարկուող»:

Ինչ կը վերաբերի մեր շրջանին (Միջին Արեւելք), կը հանդիպինք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքին, ուր վարչապետը իր դիրքը օգտագործած  եւ փտածութեան մէջ թաթխուած է իր զաւակներով միասին: Ութ ընկերութիւններ, որոնք կը պատկանին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի զաւակներուն, ընդգրկուած են հարկային փախուստներու գայթակղութեան մէջ: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ կ՛առաջարկէ հետաքննութիւն բանալ այս հարցով, բայց դժբախտաբար այս առաջարկը  կը մերժուի իշխող կուսակցութեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) ձայներով: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու կը դատապարտէ Եըլտըրըմը` բացագանչելով. «Քաղաքական գործիչը պէտք է օրինակ դառնայ քաղաքացիին: Եթէ բան մը կ՛ուզես քաղաքացիէն, նախ պէտք է դուն կատարես իբրեւ քաղաքագէտ: Եթէ ժողովուրդէն կը պահանջես հարկերու վճարում, ինչո՞ւ դուն չես վճարեր»:

Բոլոր բացայայտուած փաստաթուղթերը ակնյայտօրէն ցոյց կու տան մեծ ընկերութիւններու եւ միլիառատէրերու հարստութեան աղբիւրը: Այս փաստաթուղթերը հարց կը բարձրացնեն ներկայիս համաշխարհայնացման անիւով յառաջ ընթացած աշխարհի նոր-ազատական համակարգը վերատեսութեան ենթարկելու իմաստով: Սկսելով Փանամայէն եւ հասնելով «Դրախտային փաստաթուղթեր»-ուն` աշխարհը այլեւս պէտք է արթննայ եւ «հսկողութիւն» հասկացողութիւնը գործադրէ:

 

 

Գերմուշի Մէջ Գտնուող Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին Աւերուած Է Ու Կը Շարունակէ Աւերուիլ

0
0

Գերմուշի հայկական եկեղեցին փլուզման վտանգի տակ է: Հակառակ անոր որ 2011 թուականին եկեղեցին եւ անոր յարակից տարածքը զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած էին, հետագայ 6 տարիներու ընթացքին այնտեղ որեւէ աշխատանք չէ կատարուած: Իսկ գանձագողերուն  փորած խոր փոսերը մեծ վտանգ կը ներկայացնեն եկեղեցիին համար:  Գերմուշի (Գամուրջ, Կամուրջ) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ կը  գտնուի Ուրֆա կեդրոնէն 10 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք ու կառուցուած է 19-րդ դարուն,  գանձագողերու պեղումներուն պատճառով կը գտնուի փլուզման վտանգի տակ: Կեդրոնը Հալիլիյէ շրջանին կապող Գերմուշ գիւղի հայկական եկեղեցւոյ կողքին գտնուող պատմական կառոյցը անուշադրութեան մատնուած էր, որուն պատճառով քանդուած է, իսկ կանգուն մնացած հատուածներն ալ փլուզման վտանգի տակ են:

Ո՛չ պահակ կայ, ո՛չ ցուցանակ

Մինչեւ 2013 թուական Գերմուշի եկեղեցին որպէս գոմ օգտագործուած է, որուն  անդրադարձած են նաեւ լրատուամիջոցները: Եկեղեցին օրըստօրէ աւելի կը վնասուի: Կառոյցին համար պատուհաս դարձած գանձագողերն ալ շէնքի կանգուն մնացած մասերը քար ու քանդ ըրած են: Լրատուամիջոցներու անդրադարձէն ետք  պաշտօնեաներ սկսած են գործել ու եկեղեցւոյ համար պահակ նշանակած են: Դրան վրայ ալ փակցուցած են եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացնող ցուցանակ մը: Սակայն հիմա եկեղեցին ո՛չ պահակ ունի, ո՛չ ալ ցուցանակը կայ:

Զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն

Եկեղեցւոյ շրջակայքը բացուած անհամար փոսերը պատմական նշանակութիւն ունեցող շինութեան բաւական վնաս հասցուցած էին, այդքանը բաւարար չէր, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին եկեղեցւոյ սիւներուն քով փորուած են մօտաւորապէս 2 մեթր խորութիւն ունեցող 3 փոսեր, որոնք եկեղեցին կանգնեցուցած են փլուզման եզրին: 2011 հոկտեմբեր 23-ին մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան առաջարկով նախարարներու խորհուրդը որոշեց Գերմուշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ շրջակայ տարածքը յայտարարել զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոն, սակայն հետագայ 6 տարիներու ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ կամ անոր շրջակայքը որեւէ աշխատանք չէ կատարուած:

Երբ հայերը տեղահանուեցան…

Յայտնի է, որ մինչեւ 1915  Ուրֆայի շրջանի ամէնէն մեծ գիւղ Գերմուշի մէջ  գտնուող եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ դպրոց մը եղած է, որ ունեցած է 100-է աւելի աշակերտ, իսկ գիւղի շրջակայքը գտնուած են հին վանական համալիրի մնացորդներ: Յայտնի է նաեւ, որ գիւղը ունեցած է 800 տուն բնակչութիւն: Եկեղեցին 1881 թուականին Յակոբ Արդվիսեանի կողմէ վերակառուցուած է, իսկ գիւղի շրջակայքը հին ժամանակ եղած են Սուրբ Յովհաննէսի, Սուրբ Թադէոսի, Սուրբ Յակոբի ու Սուրբ Մինասի վանքերը: Բացի Գերմուշի եկեղեցիէն` գիւղը ունեցած է եւս 2 եկեղեցի:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին  մինչեւ 1915 թուական եղած է ուղղափառ հայերու աղօթատեղին, 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք աւերակի  վերածուած է:

1915-էն ետք Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը գիւղը յանձնած է համիտիյէ գունդի հրամանատարներէն Սիւմեր փաշային: Անիկա այժմ կը գտնուի Սիւմեր փաշայի ժառանգորդներուն ձեռքը:

 

Տի Քափրիօ Եւ Թոմ Հենքս Պիտի Աջակցին Հայաստանի Մանուկներու Հիմնադրամի Բարեգործական Երեկոյին

0
0

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (COAF), տօներուն ընդառաջ, կը յայտարարէ ամենամեծ բարեգործական ձեռնարկին` 14-րդ տարեկան դրամահաւաք-երեկոյին մասին:

Ամէն տարի հիմնադրամին աջակիցները կը հաւաքուին Նիւ Եորքի մէջ` մասնակցելու երկար սպասուած ու աստղային երեկոյին: Բարեգործական այս ձեռնարկին իրենց աջակցութիւնը կը բերեն աշխարհահռչակ անհատներ` Լիոնարտօ Տի Քափրիօ, Թոմ Հենքս, Արիանա Կրանտէ, Քլոյի Քարտաշեան, Քոնըն Օ՛Պրայըն, Թինա Ֆէյ եւ ուրիշներ:

Ըստ հիմնադրամին տրամադրած տեղեկութիւններուն, հանդիսավարը «Էմմի» եւ «Թոնի» մրցանակներու դափնեկիր, դերասանուհի Անտրէա Մարթինն է: Կալա-երեկոյին ընթացքին արուեստի բացառիկ գործերու աճուրդը պիտի վարէ հանրաճանաչ Սայմըն տէ Փիւրի: Լուռ աճուրդին ներկայ պիտի ըլլան հանրածանօթ արուեստագէտներ եւ ձեւաւորողներ, պիտի առաջարկուի հիւրասիրութիւն, ընթրիք, մասնակիցները պիտի վայելեն ճազ կատարում, իսկ Հայաստանէն ժամանած տաղանդաւոր երեխաները հանդէս պիտի գան յատուկ ելոյթներով:

Իբրեւ տուրք ժամանակակից նորաձեւութեան` այս տարուան Կալայի կոմիտէն հիացմունք կը յայտնէ հագուստի ձեւաւորող Փաթրիսիա Ֆիլտին` անոր պարգեւելով «COAF-ի մարդասիրական մրցանակ»-ը: Հիւրերը առաջինը պիտի ըլլան, որ պիտի դիտեն անոր վերջին հաւաքածոն:

«Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամ»-ի 14-րդ ամէնամեայ դրամահաւաք-երեկոն պիտի իրականացուի դեկտեմբեր 16-ին, Նիւ Եորքի ժամանակով երեկոյեան ժամը 6:00-էն-11:30, «Չիփրիանի» սրահին մէջ: Շուրջ 400 հիւրերու, աստղերու, էջատէրերու եւ լրագրողներու մասնակցութեամբ, երեկոն պիտի հեռարձակուի լրատուամիջոցներով: Հիւրերէն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ անվճար ծրար` առատաձեռն հովանաւորներուն կողմէ տրամադրուած նուէրներով:

Տեսակէտ Ո՞վ Ի՛նչ Կը Սպասէ Հայ Դպրոցէն

0
0

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

Եթէ սփիւռքի, որպէս առաջադրանքներ ունեցող հայագաղութներու միասնութիւն ու միութիւն, կենսական մարտահրաւէրներէն մէկը հայապահպանումն է, ապա ուրեմն աներկբայ իրողութիւն է, որ հայապահպանութեան անփոխարինելի դարբնոցը հայ դպրոցն է:

Ուրեմն եւ` անխուսափելի հարցումը: Սփիւռքի մէջ ո՞ւր է հայ դպրոցը այսօր: Մեկնակէտ ունենանք լիբանանահայ դպրոցը, որ գրեթէ դար մը ամբողջ մնաց ու տակաւին է առաջատարը հայ գիրն ու դպրութիւնը ուսուցանող, հրատարակող ու տարածող: Բայց նոյն դպրոցին կարողականութի՞ւնը` վաղուան մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Ոչ մէկ կասկած, որ հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտներու թիւի համեմատական աճին հետ նաեւ կարելի է գնահատել հայ դպրոցի յառաջընթացն ու յաջողութեան գրաւականը: Եւ այս առումով, ի՞նչ կ՛ըսէ հայ դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը այսօր: Աւելի քան մէկ տասնամեակ է, որ աննախընթաց նուազում կ՛արձանագրէ հայ աշակերտներուն թիւը հայ դպրոցներուն մէջ:

Նախ ըսենք, որ միայն վերջին տասնամեակներու հարց չէ այս, եթէ մինչեւ իսկ շեշտակի կերպով մը ակնառու է իրողութիւնը: Դեռ աւելի քան դար մը առաջ «Լոյս» շաբաթաթերթի (Կ. Պոլիս) 11 նոյեմբեր 1906-ի թիւով լոյս տեսած «Պրուսայի հայոց եկեղեցական եւ կրթական վիճակը» խորագրով յօդուածին մէջ, որ հաւանաբար կը պատկանի շաբաթաթերթի խմբագիր Բաբգէն ծ. վրդ. Կիւլեսերեանին (ապա` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս) գրչին, կը կարդանք.

«Ինչպէս դիտել տուաւ ինծի [միսիոնարուհի] Միս Ալեն, որ Խարբերդ ծնած ըլլալով` շատ մաքուր հայերէն կը խօսի, հայ ծնողներ կը բաւականանան, երբ իրենց աղջիկները քիչ մը եւրոպական լեզու մը խօսին, անգլերէն կամ ֆրանսերէն, եւ քիչ մըն ալ դաշնակ զարնեն: Մանչերու համար ալ բաւական կը համարուի մանաւա՛նդ ֆրանսերէն լեզուն, եւ իսկապէս նախնական կրթութեան մասին որոշ գաղափար չունին Պրուսայի հայ ծնողներ, եւ ասոր ապացոյցը այն է, որ անոնք իրենց զաւակները, առանց տոհմային նախակրթութեան, օտար վարժարաններ կը ղրկեն: Այս սխալ հասկացողութիւնը ուրիշ տեղեր ալ կայ, միայն Պրուսային յատուկ չէ: Ուր որ օտար վարժարան մը իր դռները կը բանայ, հոն կը վազեն հայ ծնողներ առջի վայրկեանէն, մինչդեռ պէտք էր գիտնային, որ տոհմային նախակրթութիւնը անպայման կերպով հայ ուսանող մը հայ վարժարանի մէջ կրնայ առնել» (ընդգծումը մեր կողմէ, Ե.Հ.Ք.) (էջ 1075):

Իսկ աւելի քան կէս դար առաջ, անդրադառնալով մեր օրերու մէջ շարունակուող նոյն հարցին` մեր յօդուածը կը խորագրէինք` «Տղան օտար դպրոց ղրկելու մոտան» (տես` «Ջանասէր», 15 յունիս 1963, էջ 272):

Այսօր, ժողովրդական ասոյթով` «այրած սրտի մխիթարանք» հասկնալի պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ կը նուազի հայ աշակերտներու թիւը հայ դպրոցին մէջ:

Իրողութիւն է, որ լիբանանահայութիւնը այսօր չունի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նախորդող 1960-1975 տարիներու թիւը, որ կը տարուբերէր 200.000-ի շուրջ (՞), գումարած` այն փաստը, որ հայ ընտանիքներուն մէջ նուազած է ծնելիութեան թիւը: Եթէ կար ժամանակ, երբ հայ ընտանիքը երեք կամ չորս զաւակ կը մեծցնէր, այսօր այդ թիւը մէկ կամ երկու է:

Ու դեռ, հայ համայնքի նախկին հայահոծ շրջանները նօսրացած են իրենց հարազատ բնիկներէն. բնակիչները ցրուած են զարգացող զանազան արուարձաններ, ուր յաճախ տան աւելի մօտ են ոչ հայկական վարժարանները. ժամանակի ու ճանապարհածախսի հարց կայ, կը նշանակէ` հեռաւորութիւնը հեռու կը պահէ հայ աշակերտը հայ դպրոցէն:

Ու պիտի չմոռնալ նիւթական երեսը հարցին: Իրենց օրապահիկին համար պայքարող ընտանիքներ երբ կը կենան նիւթական պարտաւորութիւններու անանցանելի պատուարին դիմաց, կը համակերպին իրենց զաւակները ղրկել պետական ձրիավարժ դպրոց, որ յաճախ նաեւ կրնայ իրենց դրացնութեան մէջ ըլլալ:

Եւ անշուշտ կայ ու կը մնայ լիբանանահայ հասարակութեան մէջ արմատացող քաղքենիութիւնը` իր ծլարձակող վարակիչ մտածողութեամբ: Քաղքենիացած այս խաւին համար հայ դպրոցը «չի բաւարարեր» իր երազանքները: Քաղքենիացած այս դասին ներկայացուցիչները յաճախ նստած կը գտնէք հայ ազգային կեանքի ղեկավար օղակներու աթոռներուն վրայ, որոնք անպայման նաեւ պահանջող են հրապարակային հանդիսութիւններու առաջին շարքի բազկաթոռները, բայց իրենց զաւակները… արժանի են միայն ոչ հայկական վարժարաններու դասասեղաններուն:

Վերոյիշեալ իրողութիւններն ու պատճառաբանութիւնները, որոնք յաճախ նիւթ դարձած են մամուլին, համոզած են մեզ, որ գիտենք, թէ ինչո՛ւ հայ աշակերտներուն թիւը կը պակսի հայ դպրոցին մէջ:

Բայց իրաւ, միայն վերոնշեալնե՞րն են պատճառները: Ո՞վ փորձած է յայտնաբերել ամբողջ ճշմարտութիւնը: Ո՞վ հարց տուած է հայ ծնողներուն, թէ ինչո՛ւ իրենց զաւակները կը վստահին ոչ հայկական դպրոցներու:

Տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող այս իրավիճակին դիմաց կատարուա՞ծ է որեւէ հարցախոյզ ու պատրաստուա՞ծ է որեւէ վիճակագրութիւն, որ կարենայ պատճառաբանել, թէ հայ ծնողը ի՛նչ կը սպասէ, ի՛նչ կ՛ակնկալէ հայ դպրոցէն, ու քանի որ հոն չի գտներ իր ակնկալածն ու սպասածը, իր զաւակը կը ղրկէ հոն, ուր կը հաւատայ, թէ իր ակնկալութիւնները կ՛իրականանան:

Անհնարի՞ն է նման ծրագիր մը իրագործել:

Այդ ինչո՞ւ է, որ թաղապետի մը (մուխթար) ընտրութիւնը գլուխ հանելու համար (դեռ չենք խօսիր երեսփոխան մը ընտրելու մասին) ամբողջ թաղամասեր ոտքի կը հանենք, հարիւրաւոր երիտասարդներ գործի կը լծենք, տասնեակներով ինքնաշարժ կը վարձենք ու կը վազենք դուռ-դուռ ծեծելու, անկողինէն հիւանդն անգամ ոտքի հանելու, որ քուէատուփ հասնի…, բայց ոչ ոք, ո՛չ համայնքապետարաններ, ո՛չ առաջնորդարաններ, ո՛չ կուսակցութիւններ, ո՛չ մշակութային ու հայրենակցական միութիւններ զոհողութիւնը յանձն կ՛առնեն հայ ընտանիքի մը դուռ թակելու եւ հարց տալու.

– Ինչո՞ւ ձեր զաւակը ոչ հայկական դպրոց կը ղրկէք:

Եւ ապա` լուռ ունկնդրելու տրուած պատասխանն ու բացատրութիւնը, իմանալու, թէ հայ ծնողքը ի՛նչ կ՛ակնկալէ հայ դպրոցէն, բայց յուսախաբ` հեռացած է անոր սեմէն:

Ու տրամաբանական չէ՞, որ տրուած պատասխաններուն ու բացատրութիւններուն ընդմէջէն հնարաւոր ըլլայ անդրադառնալ ու գիտակցիլ, թէ ո՛ւր կը թերանայ հայ դպրոցը:

Թէ` ինքնաբաւարարուած մեր եսերով ու կատարեալի սահմանները գերազանցողի մեծամտութեամբ, կրնանք յայտարարել, թէ ի՛նչ որ մերն է, ընդօրինակելի եզակի օրինակներ են դպրոցի ու դաստիարակութեան… եւ առաջ քաշել արդէն մաշած ինքնագովազդային քարոզչութիւնը, որուն կայուն դրամագլուխներն են`

պետական քննութիւններուն ձեռք բերուած յաջողութիւնները եւ «հայակերտում»-ը…

Գաղտնիք մը չենք բացայայտեր, եթէ ըսենք, որ պետական քննութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնիլը հայ դպրոցին համար ազգային առաքելութիւն իրականացնել չէ, այլ բնական, պարտաւորիչ աշխատանքի մը արդիւնքը` որեւէ ուսումնական հաստատութեան, ուրեմն` ե՛ւ հայ դպրոցին, ուր ան առանձնապէս գլուխ գովելու իրաւունք չունի: Հետեւա՞ծ էք իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի աւարտին պետական քննութիւններու արդիւնքներու յայտարարութեան, ուր յաճախ մրցանիշ յաջողութիւններու հասած են աշակերտներ, որոնք կու գան հարաւէն ու ձրիավարժ պետական դպրոցներէն:

«Հայակերտում»-ը դժբախտաբար սկսած է հայ դպրոցին նահանջը քողարկող «գովազդ»-ը ըլլալ:

Բայց նախ` ճշդում մը:

Հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին գործող որեւէ դպրոցի առաջին պարտաւորիչ առաքելութիւնը մարդակերտումն է: Մարդը` իր հաւատքով, բարոյական չափանիշերու տիրացումով, մարդկային կեանքի արժեչափերով, մարդկային յարաբերութիւններու արդարամիտ ուղեցոյցներու սեփականացումով, իբրեւ մարդ` ազգին, ընկերութեան, երկրին, հողին, աշխատանքին հանդէպ զաւկի երախտագիտութեամբ պարտաւորութիւններու գիտակցումով: Հայակերտումը բնական շարունակութիւնն է մարդակերտումին: Եւ արդեօք հայ դպրոցը յաջողա՞ծ է հայակերտումի իր առաքելութեան մէջ, եւ եթէ այո՛, կրնա՞յ ճշդել տոկոսը այդ յաջողութեան:

Կրկին` վիճակագրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ո՞վ ճշդած է, թէ այսօր ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող երեխաներու ու պատանիներու քանիի՞ն ծնողքը «հայակերտող» հայ դպրոցի շրջանաւարտ է: Ու ո՞վ հարց տուած է, թէ ինչո՛ւ հայ դպրոցին մէջ «հայակերտուած» հայ պատանին, ընտանիք կազմելէն ետք, իր զաւակը յանձնած է ոչ հայկական վարժարանի հոգատարութեան: Կա՞յ հարցախոյզ, կա՞յ վիճակագրութիւն, կա՞յ պատասխան:

Եւ… առաջնորդարաններն ու համայնքապետարանները բարի կ՛ըլլա՞ն հրապարակելու, թէ վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին ի՛նչ է թիւը խառն ամուսնութիւններուն` նշելով, թէ ի՛նչ է անոր աճի կամ նուազումի տոկոսը յաջորդական տարիներուն, ու նաեւ` ճշդելով, թէ այդ խառն ամուսնութիւններու հայածին թեկնածուներէն քանի՞ն շրջանաւարտ են «հայակերտող» հայ դպրոցէն:

Գիտենք` գայթակղութիւնն ու հրապոյրը մեծ են: Բայց խոստովանինք` խառն ամուսնութիւններու ծնունդ բոլոր երեխաները չէ, որ ոչ հայկական դպրոց կը յաճախեն: Նկատառելի է թիւը անոնց, որոնք հայ դպրոցի սան են ու` հայ աշակերտէն ակնկալուած լաւագոյն ընկալումով եւ արդիւնքով:

Դժբախտաբար կան եւ տխուր պատմութիւններ:

Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ էր, որ պատմութիւն կերտած հայկական երկրորդական վարժարանի մը ուսանողական տարեգիրքին մէջ ճերմակի վրայ սեւով տպուած էր. «Հայոց պատմութեան դասապահն է, փիժամաները հագէք»:

Այսօր ականատես ենք աւելի ցնցող պատկերի մը: Միայն վերջերս հայկական երկրորդական վարժարանի մը աւարտական դասարանին մէջ զրոյց մը կը զարգանայ ուսուցիչին եւ աշակերտներուն միջեւ: Ազգային ցաւերու ու հայ դպրոցի մասին ալ խօսք կայ: Աշակերտ մը կը խոստովանի իր տրամադրութիւնը.

– Ես զաւակս հայ դպրոց չեմ ղրկեր առաւելագոյնը մինչեւ նախակրթարանի աւարտը:

Աշակերտը առանձին չէ իր տրամադրութեան մէջ:

Այսօր ո՞վ աւելի լաւ կրնայ բնութագրել, թէ հայ աշակերտը ի՛նչ կ՛ակնկալէ հայ դպրոցէն, քան հայ դպրոցի հայ աշակերտը` ի՛նք: Դիմա՞ծ ենք հայ աշակերտին: Այս առումով հարցախոյզեր ու վիճակագրութիւններ կատարուա՞ծ են հայ դպրոցներուն մէջ, ուր նոյն աշակերտը զգայ, որ ինք եւս պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունի հայ դպրոցի բարեշրջման ու ժամանակին հետ համահունչ քայլ պահելու համար տարուելիք աշխատանքին մէջ:

Հայ դպրոցի հայ աշակերտին հետ կատարուած հարցախոյզերն ու պատրաստուած վիճակագրութիւնները շատ բան կրնան ըսել հայ դպրոցի ե՛ւ ֆիզիքական կառոյցին, ե՛ւ ուսումնական ծրագրին, ե՛ւ դասաւանդման եղանակներուն, ե՛ւ աշխատանքի արժեւորման կերպերուն, ե՛ւ դպրոցական եւ արտադպրոցական գործունէութիւններուն, ե՛ւ տնօրինութեան, ե՛ւ ուսուցչական կազմի աշխատելաոճին մասին: Բայց… հարցախոյզերու իրականացումէն եւ վիճակագրութիւններու պատրաստութենէն ետք, դպրոցի պատասխանատու մարմիններն ու տնօրէն եւ ուսուցիչ պատրա՞ստ են դիմակալելու վիճակագրութիւններու արդիւնքները, թէ «մենք ձեզմէ լաւ գիտենք»-ի ամենագիտութեամբ փակելու են տետրակը:

Եւ արդարութեան իրագործման համար` արդար պահանջ մը. կ՛ապրինք աւելի քան մասնագիտական դարու մը մէջ, այդ իսկ պատճառով պահանջելու պէս պիտի խնդրել, որ հարցախոյզերու պատրաստութիւնը, գործադրութիւնը, անոնց ընթերցումը, վիճակագրական տախտակներով արտայայտութեան մէջ դնելը եւ այս բոլորին առարկայական եւ ուսանելի գնահատանքը կատարելը վստահուի արհեստավարժ, վիճակագրութեան աշխատանքի մէջ մասնագիտացած անկախ խմբակի մը:

Շա՞տ թանկ արժէ նման ծրագրի մը իրականացումը:

Եւ ի՞նչ արժէ հայ աշակերտը, հայ դպրոցը:

Սիրողական, տնային աշխատանքով «եոլա երթալու» օրերը անցած են:

Խոստովանինք. 21-րդ դարը կը բոլորէ իր երկրորդ տասնամեակը, իսկ հայ դպրոցը կ՛ապրի 20-րդ դարու կիսուն մէջ:

Ճշդում մը. դպրոցին մէջ համակարգիչներու դասարան մը կազմակերպելը հաստատութիւնը 21-րդ դարու կրթական-ուսումնական համակարգին անդամ չի դարձներ:

21-րդ դարուն մեծ յեղաշրջում կ՛ապրի համաշխարհային կրթական-ուսումնական համակարգը, ու պիտի ըսել, որ Լիբանանի մէջ անոր արձագանգները տեղ հասած են, ու կարեւոր թիւ կը կազմեն կրթական այն հաստատութիւնները, որոնք գործնականօրէն կը փորձեն քայլ պահել բարեշրջման ընթացքին հետ: Ո՞ւր է հայ դպրոցը կրթա-ուսումնական բարեշրջման այս հոլովոյթին մէջ: Կրկնենք. դպրոցին մէջ երկու, թէկուզ տասը համակարգիչ եւ սպիտակ տախտակ տեղադրելով` կրթա-ուսումնական բարեշրջում չ՛իրագործուիր: Գիտական հիմքի վրայ ամրացած մանկավարժական ամբողջ մտածողութիւնը պիտի բարեշրջուի, եւ անոր հետ` կրթական ծրագիրն ու անոր մատուցումը, եւ առանձնապէս` տնօրէն-ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք յարաբերութեան դաստիարակչական բնոյթը, եւ աշակերտին` կրթական համակարգին մէջ պատասխանատու դերակատարութիւնը ոչ միայն իբրեւ լոկ ընկալողի, այլեւ` իբրեւ մասնակիցի:

Թապուլա ռազան 21-րդ դարու մէջ այլ ըմբռնում ու գործելակերպի այլ ոճ կը պահանջէ. եւ` այդ ըմբռնումն ու գործելակերպը ընկալող ու կիրարկող ուսուցչական կազմ ու տնօրէնութիւն:

Հարցում մը. այսօր հայ դպրոցի ուսուցչական կազմի անդամները կրնա՞ն դիմակալել իրենց դասաւանդած նիւթի ու մանկավարժական մատուցման որակաւորման քննութիւն մը:

Ու հարց պիտի տալ, նոյնինքն` ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, դպրոցի խնամակալ ժողովներուն, դպրոցի տէրերուն, թէ իրե՛նք ի՛նչ կ՛ակնկալեն հայ դպրոցէն եւ ինչո՞ւ: Հոս եւս հարկ պիտի ըլլայ հարցախոյզն ու վիճակագրութիւնը:

Դպրոցը արտադրող մեքենայ-գործարան չէ, այլ` 21-րդ դարը ապրելու ատակ մարդու դարբնոց:

Ամրագրենք. շատ ուրիշ բան է ապրիլ 21-րդ դարու մէջ, եւ շա՜տ ուրիշ բան` ապրիլ 21-րդ դարը:

* * *

Եթէ իրապէս կը հաւատանք, որ հայ դպրոցն է խարիսխն ու յենակէտը հայապահպանման ու երաշխիքը` պահանջատիրութեան դաստիարակութեան եւ ուղենիշին, ապա ուրեմն ժամանակն է (ուշ է, բայց` ոչ ուշացած), որ դադրին քրտնաթոր ճառախօսութիւնները ու վերջ տրուին ապարդիւն համագումարներու ու համաժողովներու համար յումպէտս ծախսուած ժամանակին ու գումարներուն, եւ խօսինք միայն նպատակասլաց աշխատանքի ձեռնարկելու մասին` ուղեցոյց որդեգրելով արաբական առածը` «Հացը տուր հացագործին, թէկուզ կէսը ուտէ», որ կը նշանակէ հացին պատրաստութիւնը վստահէ մասնագէտին` հացագործին:

Հայ դպրոցի բարեշրջման աշխատանքը մասնագէտի գործ է, ու գործը պիտի վստահիլ մասնագէտին:

Նպատակասլաց աշխատանքին յաջողութեան միակ գրաւականը հայրենանուէր սփիւռքակեդրոն ինքնավստահ մտածողութիւնն է եւ սփիւռք-համասփիւռքեան հիմնադրամի ստեղծումը:

Այլապէս, քանի մը տարի ետք չորս-հինգ դպրոց եւս կը փակենք, աշակերտները կը հաւաքենք մէկ յարկի տակ, կ՛ուրախանանք հոն մէկտեղուած մեծաթիւ աշակերտներու ներկայութեամբ, բայց մինչ այդ կ՛ամչնանք (կ՛ամչնա՞նք) յայտարարելու, որ մեր ծուլութեան եւ անփութութեան պատճառով քանի հայ աշակերտ ափ առաւ ոչ հայկական դպրոց:

Յուսախաբութիւնը չէ, որ գրել կու տայ այս տողերը, հապա` զայրոյթը, թէ ինչպէ՛ս իր ազգային առաքելութենէն շեղած` կը վատնուին լիբանանահայութեան մտաւորական, հոգեւոր, բարոյական ու նիւթական հարստութիւնները:

Հազա՛ր ափսոս Մոկաց Միրզէն:

6 նոյեմբեր 2017
Պէյրութ

Դաշնակցական Պատանիին Դաստիարակութիւնը

0
0

ԿԱՐԷՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
8 տարիներ առաջ հրաւիրուած էի Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան կազմակերպած ձեռնարկին:

Դպրոցին մէջ դաշնակցական պատանի բոլոր ընկերներս կը համոզէին զիս, որ ես ալ մաս կազմեմ պատանեկան միութեան շարքերուն: Ինծի կը պատմէին, որ իրենք շաբաթ օրերը ակումբին մէջ ժողով կը գումարեն, ազատ ժամերուն միասնաբար կը խաղան  եւ ուրախ ժամանակ կ՛անցընեն: Բայց այս խօսքերը բաւարար չհանդիսացան ինծի` մինչեւ մասնակցիլս վերոյիշեալ ձեռնարկին:

Տակաւին կը յիշեմ այն հրաշալի գեղարուեստական յայտագիրը, որ պատրաստած էին «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան ընկերները, որոնք յաջորդ շաբաթն իսկ դարձան ընկերներս:

Շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զիս հիւրնկալեցին եւ յաջորդող 3 շաբաթներու ընթացքին արդէն դարձան մտերիմ ընկերներս:

Տարիները անցան, եւ ես եղայ երէց պատանի. ահաւասիկ կը թեւակոխեմ 4-րդ տարիս` որպէս երէց պատանի:

Պատանեկան միութեան մեծ ընտանիքին մէջ իմ անցուցած այս 8 տարիներուն ընթացքին ես համոզուեցայ, որ ո՛չ մէկ միութիւն, ո՛չ մէկ դպրոց, ո՛չ մէկ պատանեկան կազմակերպութիւն կրնայ դաստիարակել պատանի մը, ինչպէս որ ես ու ընկերներս դաստիարակուած ենք ու կը շարունակենք դաստիարակուիլ պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ:

Պատանեկան միութիւններու շարքերուն միացած բոլոր պատանիները ունին դաշնակցական պատանի ըլլալու առաւելութիւնը:

Այո՛, մենք եւ ուրիշ հայ պատանիներ ունինք նոյն նախասիրութիւնները, նոյն զբաղումները, բայց կը տարբերինք դաշնակցական պատանիի դաստիարակութեամբ:

Մոլութիւնները, դժբախտաբար, հարուածած են բոլոր ազգերու երիտասարդներն ու պատանիները: Անոնք պատճառ կ՛ըլլան, որ պատանիին կեանքը դժուար փուլի մը դիմաց գտնուի: Այս պարագային օգնութեան կը հասնին Դաշնակցական պատանեկան միութիւններու վարիչներն ու վարիչուհիները, որոնք գիշեր-ցերեկ կը հետեւին պատանիներու քայլերուն, կը հսկեն անոնց ապահովութեան եւ ուժ կու տան դիմագրաւելու ու յաղթահարելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:

Ես կը հաւատամ, որ դպրոցը չի կրնար տալ այն դաստիարակութիւնը, որ կու տայ այսօր Պատանեկան միութիւնը` հայ պատանիին: Եւ այսպէս, կը կազմաւորուի իտէալ հայն ու արժանի ժառանգորդը հայ ազգին:

Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ իմ հասակակիցներուս` մասնակցելու «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութեան ու ապա` միանալու դաշնակցական պատանիի շարքերուն եւ դաստիարակուելու հայաշունչ միջավայրի մը մէջ` հեռու մոլորութիւններէ ու միասնաբար շարունակելու դաշնակցական պատանիի սուրբ երթը:

8 տարիներ առաջ հրաւիրուած էի Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան կազմակերպած ձեռնարկին:

Դպրոցին մէջ դաշնակցական պատանի բոլոր ընկերներս կը համոզէին զիս, որ ես ալ մաս կազմեմ պատանեկան միութեան շարքերուն: Ինծի կը պատմէին, որ իրենք շաբաթ օրերը ակումբին մէջ ժողով կը գումարեն, ազատ ժամերուն միասնաբար կը խաղան  եւ ուրախ ժամանակ կ՛անցընեն: Բայց այս խօսքերը բաւարար չհանդիսացան ինծի` մինչեւ մասնակցիլս վերոյիշեալ ձեռնարկին:

Տակաւին կը յիշեմ այն հրաշալի գեղարուեստական յայտագիրը, որ պատրաստած էին «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան ընկերները, որոնք յաջորդ շաբաթն իսկ դարձան ընկերներս:

Շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զիս հիւրնկալեցին եւ յաջորդող 3 շաբաթներու ընթացքին արդէն դարձան մտերիմ ընկերներս:

Տարիները անցան, եւ ես եղայ երէց պատանի. ահաւասիկ կը թեւակոխեմ 4-րդ տարիս` որպէս երէց պատանի:

Պատանեկան միութեան մեծ ընտանիքին մէջ իմ անցուցած այս 8 տարիներուն ընթացքին ես համոզուեցայ, որ ո՛չ մէկ միութիւն, ո՛չ մէկ դպրոց, ո՛չ մէկ պատանեկան կազմակերպութիւն կրնայ դաստիարակել պատանի մը, ինչպէս որ ես ու ընկերներս դաստիարակուած ենք ու կը շարունակենք դաստիարակուիլ պատանեկան միութեան շարքերուն մէջ:

Պատանեկան միութիւններու շարքերուն միացած բոլոր պատանիները ունին դաշնակցական պատանի ըլլալու առաւելութիւնը:

Այո՛, մենք եւ ուրիշ հայ պատանիներ ունինք նոյն նախասիրութիւնները, նոյն զբաղումները, բայց կը տարբերինք դաշնակցական պատանիի դաստիարակութեամբ:

Մոլութիւնները, դժբախտաբար, հարուածած են բոլոր ազգերու երիտասարդներն ու պատանիները: Անոնք պատճառ կ՛ըլլան, որ պատանիին կեանքը դժուար փուլի մը դիմաց գտնուի: Այս պարագային օգնութեան կը հասնին Դաշնակցական պատանեկան միութիւններու վարիչներն ու վարիչուհիները, որոնք գիշեր-ցերեկ կը հետեւին պատանիներու քայլերուն, կը հսկեն անոնց ապահովութեան եւ ուժ կու տան դիմագրաւելու ու յաղթահարելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:

Ես կը հաւատամ, որ դպրոցը չի կրնար տալ այն դաստիարակութիւնը, որ կու տայ այսօր Պատանեկան միութիւնը` հայ պատանիին: Եւ այսպէս, կը կազմաւորուի իտէալ հայն ու արժանի ժառանգորդը հայ ազգին:

Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ իմ հասակակիցներուս` մասնակցելու «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութեան ու ապա` միանալու դաշնակցական պատանիի շարքերուն եւ դաստիարակուելու հայաշունչ միջավայրի մը մէջ` հեռու մոլորութիւններէ ու միասնաբար շարունակելու դաշնակցական պատանիի սուրբ երթը:

ԿԱՐԷՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ-ՍԵՐԳԷՅ»
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

 

Դաշնակցական Պատանիին Յատկանիշները

0
0

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Դաշնակցական պատանի ըլլալ` չի նշանակեր միայն ակումբ երթալ եւ ընկերներով լաւ ժամանակ անցընել: Բայց ի՞նչ են պատանիին յատկանիշները, որոնցմով կարելի է զինք զանազանել միւս պատանիներէն:

Հայ վարժարաններու կողքին, ակումբներու մէջ ան կը ստանայ յաւելեալ գիտելիքներ մեր ազգին մասին, ֆետայիներուն, «Նեմեսիս»-ի գործողութեան, արցախեան շարժման եւ հայրենիքին հետ վերաբերող այժմէական նիւթերու մասին:

Ան կը սորվի պատասխանատու ըլլալ իր ստանձնած պարտականութիւններուն հանդէպ ու կը փորձէ միշտ լաւագոյն կերպով կատարել զանոնք: Ան կը սորվի նաեւ ըլլալ` գաղտնապահ, ծառայասէր ու սրտով մաքուր անձ, միշտ պատրաստ` ըլլալ ոեւէ անձի օգնութեան փութալու որեւէ ժամու:

Բանակումներու շնորհիւ` անոր գաղտնապահութեան վրայ կ՛աւելնան չարքաշութիւնն ու նորանոր գիտելիքները:

Պատանեկան միութիւններու միջեւ տեղի ունեցող խրախճանքները, մարզական օրերը եւ նմանօրինակ գործունէութիւնները կ՛աւելցնեն դաշնակցական պատանիին մէջ ընկերասիրական ոգին: Միայն տեսնէք, թէ ան որքա՜ն կը սիրէ դաշնակցական եւ ոչ դաշնակցական ընկերները: Ան հազիւ իմանայ, թէ անոնցմէ մէկը դժուարութեան մատնուած է, շուտով կը փութայ անոր օգնութեան:

Այս բոլորով հանդերձ, դաշնակցական պատանին կը զանազանուի միւս պատանիներէն` հետեւեալով. նախ եւ առաջ` իր կեցուածքով ու վարուելակերպով: Ան միշտ յարգանքով կը վարուի իրմէ տարիքով մեծ կամ պաշտօնով բարձր անձերուն հետ, ինչպէս սորված է ակումբին մէջ: Ան նաեւ հնազանդ ու պատրաստ է իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները կատարելու:

Ապա կու գան` ակումբներուն մէջ ստացուած դաստիարակութիւնը, որ պատանիին մէջ կ՛արթնցնէ պահանջատէր հայը, իր իրաւունքները գիտցող եւ պահանջող հայը, հայրենասէր եւ հայրենիքի կարօտով լեցուն հայը Հայ դատի իրագործման նպատակով պատրաստուած հայը, որ կը սկսի պատանի տարիքէն երազել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մասին ու կը գործէ ըստ այնմ, մինչեւ հասնի այդ երազին:

Այսօր բոլոր ակումբներուն մէջ դաստիարակուող պատանիները պիտի ըլլան նոր սերունդի կարեւոր մասնիկները: Պիտի շարունակեն նախորդներուն բոլոր աշխատանքները ու բանան նոր ճամբաներ` իրենց յաջորդող սերունդներուն, իրենց նման պահանջատէր սերունդներուն: Եւ պիտի չդադրին, մինչեւ որ հասնին իրենց նպատակին` մեր բոլորի երազին` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքին:

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պ.Մ.

Պատանիի Օր

0
0

Կիրակի, 26 նոյեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին» կարգախօսով «Պատանիի օր»-ը, որուն ընթացքին նաեւ պիտի կատարուի պատանիներու խոստման արարողութիւն: Շուշիի ազատագրման 25- ամեակին նուիրուած պատանիի օրուան ընդմէջէն, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւնները կու գան անգամ մը եւս իրենց խոստումը վերանորոգելու` կառչած մնալու մեր արժէքներուն, մեր Դատին ու մեր բոլորիս տեսլականին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին:

Համաշխարհայնացման ու նորօրեայ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն դիմաց Պատանեկան միութիւնները կը կանգնին անսասան, կը հաստատեն, որ իրենք կը շարունակեն մնալ մեր հայորդիներուն, ծնողներուն, ու հայ դպրոցին կողքին: Պատանեկան միութիւնները այն դաստիարակչական դպրոցն են, ուր կը կատարուի իր լաւագոյնը` պատանիներուն տալու համար հայեցի դաստիարակութիւն, զանոնք քաջատեղեակ դարձնելու հայոց պատմութեան ու մեր արժէքներուն:

Աւելի՛ն. Դաշնակցական դաստիարակութեան կողքին, Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինն ու վարիչ կազմերը տարեկան իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնեն այլազան ծրագիրներու` դիմելով մասնագիտական դասախօսութիւններու, զրոյցներու, միացեալ ժողովներու, սեմինարներու, բանակումներու ու այլ ձեռնարկներու` թիրախ ունենալով կերտել առողջ մարմնով, արթուն միտքով եւ յոռի երեւոյթներէ հեռու պատանիներ: Այս եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակէ մնալ այդպէս` կերտելով կարգապահ ու օրինակելի սերունդներ` ի շահ հայութեան ու հայրենիքին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ


Պերլին, 1921…

0
0

ԲԱԲԿԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին

Սողոմոնի որդին՝ Շահէնը եւ Բաբկէն Սիմոնեանը

«չքնա՜ղ Բագառիճ, հրա՜շք Երզնկայ,
Ձեր անափ վշտին ամոքում չկա՜յ,
Աշխա՛րհը վկայ…
Ես վրէժ ունեմ` վեհ ու սրբազան,
Իմ ձեռքով պիտի պատժուի մի օր թո՛ւրքը սրիկայ»…

Նա ապրեց այսպէս հաւատով, յոյսով,
Ու հասաւ վսեմ իր երազանքին,
Յաղթական նայեց մարդկանց աչքերին,
Աշխարհին, կեանքին…

Հարտենպերկ կոչուող փողոցում այդ հին
Դարան էր մտել քաջ վրիժառուն հայդուկի նման,
Մտապատկերում` այրուած ու աւեր Բագառի՜ճն էր իր,
Հոգում` վրէժի իղձը անսահման…
Մտաբերում էր հարազատներին տեղահան եղած,
Ծաղկուն շէները` թշնամուն թողած,
Վիրաւոր սրտից արի՜ւն էր ծորում,
Եւ, ասես, հուր էր բոցկլտում նրա պայծառ աչքերում,
Հաւատարիմ էր նա մօրը տուած իր սուրբ երդումին,
Եկել էր արդէն ժա՜մն արդարութեան ու հատուցումի…

Հարտենպերկ փողոց` Պերլինի սրտում,
Ուր ծուարել էր հայի արիւնով սնուած բորենին`
Նենգ ու մարդակեր Թալէաթ փաշան`
Կարծելով` պիտի մնայ անպատիժ,
Բայց ի՞նչ իմանար,
Որ լինելու են հատուցո՛ւմ, պատի՛ժ…

Հարտենպերկ փողոց` Պերլինի սրտում…
Հայ վրիժառուն այդ նոյն փողոցում
Լուռ հետեւում էր ամէն մի քայլին նեռ Թալէաթի,
Իսկ զէնքը`ծոցո՛ւմ…
Իր մօր պատգամն էր նա մտաբերում.
Եկել էր պահը, էլ չէ՛ր համբերում…

Խաղաղ օր էր մի` մարտեան առաւօտ,
Ու Թալէաթը դուրս ելաւ փողոց:
Հայ վրիժառուն լուռ հետեւում էր իր պատշգամբից,
Աչքերի առջեւ տո՜ւնն էր հայրենի, դաշտե՜րը անծիր,
Արիւնով հոսող ջրե՜րը կապոյտ,
Հայրական տո՜ւնը` եղած ցանուցիր…
Սթափուեց մէկէն, ինքն իրեն ասաց.
«Սողոմո՛ն, խոցի՛ր…է

Մանրաքայլ հասաւ թուրքին մարդակեր:
– Թալէա՛թ,– գոչեց իր ձայնով հուժկու…
Ու մարդասպանը շրջուեց իսկոյն,
Տեսաւ իր առջեւ ատրճանակով խիզախ հայորդուն,
Հասկացաւ, գուցէ, որ հայոց վէրքը խո՜րն է ու արթո՜ւն…
Աչքերում պայթեց սարսուռը մահուան,
Դէմքը գունատուեց, կարկամեց լեզուն,
Խուսափել ուզեց, բայց ուշ էր արդեն…
Եւ Սողոմոնը դիպուկ հարուածով մի կրակոցի
Մէկէն զգետնեց թրքացեղ օձին…

Պերլինը ցնցուեց…
Հարտենպերկ փողոց` արիւնով ներկուեց սրբապիղծ թուրքի…
Ու թեթեւացաւ սիրտը ամէնքի…

Աշխարհը ցնծա՛ց…
Հայ նահատակաց ձա՜յնը թրթռաց Աստծոյ դրախտից…
Հայոց երկիրը ազատուեց ճղճիմ թրքաշուն ախտից…

Ու խաղաղուել էր վրիժառուի փոթորկուն հոգին.
Թւում էր, ասես, պաշտելի մայրն էր յայտնուել կողքին…

Սուրբ մի վրէժ էր պատգամել որդուն մայրը հարազատ`
Թող հայոց ազգը իր հողում ապրի խաղաղ ու ազատ…

Հայ վրիժառուն Հայոց երկնքում յաւերժ աստղացաւ…
Ու տիեզերքում լոյսի ու յոյսի մի փարոս դարձաւ…

2.4.2016, Երեւան

Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանին Խօսքը Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացման Առիթով

0
0

Հայկական արժեհամակարգին մէջ իրենց ինքնուրոյն տեղը ունին այնպիսի հասկացողութիւններ, ընկալումներ եւ համոզումներ, որոնք տարիներու թաւալումին հետ կը շարունակեն մնալ այժմէական ու թելադրական` շնորհիւ մեր ժողովուրդի այդ արժէքներու հանդէպ ցուցաբերած հաւատքին ու կառչածութեան: Տուեալ հանգամանքները նաեւ յատուկ նկարագիր կու տան մեր հաւաքական կեանքին եւ մի՛շտ ալ կը մնան ներշնչման ու լիցքաւորման անսպառ աղբիւր:

Այո՛, հայ մարդուն համար եկեղեցիի, դպրոցի եւ ակումբի վրայ իր հարազատին անուան յիշատակումն ու քանդակումը սոսկ գոհունակութեան ապրում պատճառող գործօններ չեն, ոչ ալ` յիշատակի յաւերժացման ինքնաբաւարարուածութեան զգացում մը, այլ իրենց էութեամբ ու խորքով կ’երթան շատ աւելի հեռու եւ կը զգենուն ազգային բովանդակ իմաստ ու տարողութիւն:

Հայկականութեան քանդակման, ազգապահպանման եւ նորահաս սերունդներու առողջ կազմաւորման հանդէպ մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներու ցուցաբերած գիտակցութեան հարազատ դրսեւորումն է, որ ահաւասիկ տասնեակ տարիներէ ի վեր սփիւռքի մէջ դարձած է սրբազան պարտականութիւն ու կոչում, եւ բարերարին նկատմամբ մեր ժողովուրդի ցուցաբերած երախտապարտութիւնն ու յարգանքը դարձած են միջավայրը դաստիարակող ու անոր բարոյական արժէքները հարստացնող կարեւոր օղակ: Հայ մարդու համար բարերարութիւնը` առաքելութեան, ազնուականութեան, վեհանձնութեան եւ ազգասիրութեան նկարագրային գիծերու հարստացնող շաղախ մըն է, իսկ բարերար դառնալը` վեհ ու նուիրական տեսիլքի ու ձգտումի ամբողջական ապրում:

Վա՛րձքը կատար` այս կրթական ամրոցին վրայ քանդակուած բոլոր անուններուն, որոնցմէ ոմանք թէեւ հեռացած են այս երկրաւոր կեանքէն, սակայն իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն ցուցաբերած հաւատարմութեամբ կը շարունակեն ապրիլ մեր բոլորի հոգիներուն ու մտքերուն մէջ եւ ապրեցնել իրենց տիպարային բարի ու ազնիւ օրինակը եւ համակող աշխատանքը մեր առօրեային եւ իրերայաջորդ սերունդներուն գործունէութեան ու երթին մէջ:

Պատի՛ւ ու յարգա՛նք` բոլոր մեծ թէ փոքր նուիրատուներուն, ծանօթ եւ անանուն բոլոր բարերարներուն եւ ծառայողներուն: Նիւթականացուած այս դարուն մէջ, երբ շատ մը հոգեմտաւոր արժէքներ նահանջի ու գահավէժ անկումի մէջ են, երբ ազգային նկարագրի ու ապրումի դարբնումը չի վայելեր հայ ժողովուրդի զաւակներու կարեւոր հատուածի մը հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը, երբ օտարացումն ու հայկական արժէքներէ դուրս` այլ արժէքներով սնանելու ու մակերեսային երեւոյթներով գինովնալու ազգավնաս ընթացքը մեր դիմաց կը կանգնին իբրեւ ամէնօրեայ տագնապ, ահաւասիկ հայ բարերարն ու նուիրատուն կու գան մասնակից դառնալու հայկականութեան ջրդեղման ու հայու արժանապատուութեան պահպանման համար մղուող պայքարին եւ արդարօրէն կ՛ապրին անբացատրելի հպարտութիւն մը` ի տես կատարուած գաղութային այս նուիրական իրագործումին:

Այստե՛ղ, Ազգային միացեալ վարժարանի յիշատակարանի կողքին արժանաւորապէս քանդակուած են Ազգային միացեալ վարժարանի յենասիւները հանդիսացող վեց վարժարաններու անունները: Այդ վեց  դպրոցներէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ բոլոր աշակերտները այս վարժարանի առաքելութեան մէջ պիտի տեսնեն իրենց նախկին հաստատութեան պատմական երթի շարունակութիւնը ու, առ այդ, նեցուկ կանգնին մարդուժի պատրաստութեան ու մատակարարման ժամանակակից ու արդիական այս նոր հնոցին:

Այս առիթով ահաւասիկ պահն է պաշտօնապէս յայտարարելու, որ Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ազգ, Լ.եւՍ. Յակոբեան քոլեճներու շրջանաւարտները այսօրուընէ արդէն կը վայելեն նաե՛ւ այս դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալու կոչումը եւ մօտ օրէն իրենք հիմը կը դնեն Ազգային միացեալ վարժարանի շրջանաւարտից միութեան` իբրեւ բնական շարունակութիւն միաւորուած վարժարաններու անցեալի առաքելութեան:

Վեհափա՛ռ տէր,

Ահաւասիկ մեր բարերարները, բարեկամները եւ նուիրատուները հաւաքուած են` ձեր օրհնութեամբ անգամ մը եւս արտայայտելու լիբանանահայ գաղութի առաքելութեան հանդէպ իրենց անքակտելի կառչածութիւնը, անոնք եկած են խոստանալու, որ պիտի շարունակեն առաջին հերթին անվերապահ ու անսակարկ իրենց զօրակցութիւնը, միաժամանակ իրե՛նք արդարօրէն կ՛ակնկալեն, որ այս կառոյցը արժանավայել կերպով ճառագայթէ մեր միջավայրին մէջ եւ փուլ առ փուլ նուաճէ կրթական պատկառելի մակարդակ, մեր գաղութը օժտէ օրինակելի շրջանաւարտներով, կրթական հաստատութենէ անդին` նաեւ ծաւալէ մշակութային գործունէութիւն, Պուրճ Համուտի ու ընդհանրապէս գաղութի հայապահպանման աշխատանքներուն բերէ իր վճռական մասնակցութիւնը եւ դառնայ հայ ընտանիքին հաւատարիմ ընկերն ու խորհրդատուն, սփռէ ուրախութիւն, հայկականութիւն եւ գիտութիւն` ամէնուրեք եւ, աւելի՛ն, վաղը, այս հնոցը ստանձնէ նաեւ դպրոցական կրթական ծրագիրներէ անդին, մասնագիտական մօտեցումով, հանրային ու հասարակական մեր հաւաքական կեանքին համար անհրաժեշտ մարդուժի պատրաստութեան յանձնառու պարտականութիւն, ձգտի օգտաշատ կամուրջներ հաստատել հայրենիքի հետ եւ սովորական ձեռնարկներէ անդին` հայրենիքին հետ խօսի խորքային համագործակցութեան եւ մարդուժի փոխանակման կարելիութիւններուն մասին: Այլ խօսքով, բոլորը կը պահանջեն, որ այս հաստատութեան երթը դառնայ միշտ նպատակասլաց, ինքզինք մնայուն շարժման մէջ պահող ու միշտ վերանորոգող, ոչ մէկ ատեն զգայ բաւարարուած, որպէսզի կեդրոնական այս գաղութը, ուր պիտի շարունակեն գործել ու բարգաւաճիլ համասփիւռքեան հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու կեդրոնատեղիները, մնայ իրմէ ակնկալուած բարձրութեան ու դերակատարութեան վրայ: Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէ, բայց ունինք կամք ու վճռակամութիւն` հաւաքաբար յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները եւ նուաճելու նոր բարձունքներ:

Վերջապէս, վեհափա՛ռ տէր, մենք համոզուած ենք, որ տակաւին այլ դասարաններու եւ բաժանմունքներու մուտքերու վրայ պիտի քանդակուին մեր ժողովուրդի զաւակներու կողմէ նոր անուններ եւ, աւելի՛ն, Ձեր օրհնութեամբ անպայման որ Ազգային միացեալ վարժարանի անուան կողքին եւ հաւատարիմ մեր պատմական կենսափորձ նուաճած ազնիւ սովորութեան` պիտի քանդակուի նաեւ մեծ բարերարի անուն, որպէսզի նորահաս սերունդները նաեւ ըմբռնեն, որ այս բոլորը, անկախ նիւթականէն, բարոյական ու դաստիարակող արժէքներ են: Այդ անունի որոնման մէջ գիտենք, որ դուք մեր կողքին էք մի՛շտ եւ ամէն տեղ:

Վա՛րձքը կատար` բոլորին, որոնք մասնակից դարձան այս ծրագրի իրագործման, եւ մասնաւորաբար վա՛րձքը կատար մեր սիրելի սրբազանին` Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն ամրօրէն կառչեցաւ այս ծրագրի իրականացման եւ այսօ՛ր վարժարանէն ներս իբրեւ գլխաւոր պատասխանատու եւ դասատու` լոյս ու գիտութիւն կը ջամբէ մեր մատղաշ սերունդին:

Բարի՛ վայելում ձեր բոլորին,

Մի՛շտ այցելեցէք…

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանին Խօսքը Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յիշատակարանի Եւ Նուիրատուներու Ցուցատախտակներու Բացման Առիթով

0
0

Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս սիրով բոլորուած ենք ձերդ սրբութեան շուրջ, որպէսզի պաշտօնապէս այս կառոյցին յիշատակարանը հաստատելով` շուրջ չորս տարիներ առաջ ձեր կողմէ մեզի վստահուած դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն լրումը աւետենք:

Ահաւասիկ, վեհափա՛ռ տէր, հակառակ մեզ շրջապատող կեանքի վերիվայրումներուն, Աստուծոյ օգնականութեամբ, ոչ միայն դպրոցաշինութեան աշխատանքները հասցուցինք իրենց լրումին, այլեւ Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս առիթը ունեցանք դիմաւորելու կրթական նոր տարեշրջան մը` 750 աշակերտներու խանդավառ եռուզեռով:

Վերանորոգումի հրամայականը, որ այս տարի ձերդ սրբութիւնը մեր ուշադրութեան յանձնեց, մենք առաւելաբար տեղադրեցինք դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի լիբանանահայ մեր կեանքէն ներս հայեցի կրթութեան գործը ապրի զարգացման նոր շրջան: Եւ փա՛ռք Աստուծոյ: Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս 750 աշակերտներու ներկայութիւնը ինքնին ապացոյց է, որ տակաւին մեր ժողովուրդին մէջ հայ դպրոցին հանդէպ հաւատք կայ, եւ հայ դպրոցով նորոգուելու կամք ունեցողներն ալ մեր կողքին են:

Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ հայ դպրոցը պատուելու ու մեր համայնական կեանքին թարմ շունչ բերելու բաղձանքով: Սփիւռքը հայ դպրոցի աւանդով պիտի  շարունակէ մնալ ազգային դիմագիծ եւ նկարագիր ունեցող միջավայր: Եւ հետեւաբար, Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ, որպէսզի նոր պայմաններուն մէջ եւս մենք կարենանք մեր նորահաս սերունդին փոխանցել ազգային հոգի, գիտակցութիւն ու յիշողութիւն:

Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ մեր բոլորանուէր մասնակցութեամբ, Ազգային միացեալ վարժարանի գործունէութիւնը կը վերածուի լիբանանահայ մեր կեանքի վերելքին ու ամրութեան նպաստող խանդավառ երթի: Իր վաստակովը մեր ժողովուրդի ամբողջութեան պատկանող այս կառոյցը նոր դրոշմ պէտք է հաստատէ մեր համայնական կեանքին վրայ:

2016-2017 կրթական տարեփակի հանգրուանին պաշտօնապէս յայտարարած էինք, որ լիբանանահայ կեանքէն ներս մեր դպրոցներուն կերտած շուրջ մէկ դարու աւանդը մեզի հետ վերցնելով` մենք հրաժեշտ կու տանք թաղային մեր վարժարաններուն, որպէսզի մեր մասնակցութեամբ, հայեցի կրթութեան փորձառութիւնը տանինք դէպի զարգացման նոր փուլ:

Հետեւաբար այսօր Ազգային միացեալ վարժարանէն ներս բաց ճակատով կ՛ողջունենք Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան եւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններու բազմամեայ ու բազմարդիւն աշխատանքի աւանդը, որ այս նոր դպրոցով պիտի շարունակուի ու առաւել եւս բարգաւաճի:

Աղօթենք, որ այս տունը վերածուի մեր ազգային արժէքներու պաշտպանութեան համար բարձրացած ամրոցի: Աղօթենք, որ այստեղ ի գործ դրուած իւրաքանչիւր ճիգ պաշտպանէ ու առաւել եւս հարստացնէ մեր հայկական հոգին: Աղօթենք, որ այս տան աշխատանքը լուսաւոր ճամբայ ցոյց տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մաղթենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ծնին նոր ու աւելի պայծառ տեսիլքներ:

Վեհափա՛ռ տէր,

Այս պահը բացառիկ այն առիթներէն է, երբ իբրեւ շինարարական յանձնախումբի անդամներ, բարերարներ ու բարեկամներ, հոգեւորական ու աշխարհական սպասաւորներ, քաղաքական, բարեսիրական մարմիններու ու կառոյցներու պատասխանատուներ, մամլոյ սպասարկութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողներ  ու հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող համայնքի զաւակներ, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութեան ներկայացուցիչներ` ձերդ սրբութեան կը ներկայանանք հայկական նոր դպրոց բանալու դերակատարութեամբ:

Կը խնդրենք, վեհափա՛ռ տէր, որ ձեր հայրական գնահատանքին ու օրհնութեան արժանացնէք մեր այս աշխատանքը:

 

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Խօսքը. «Այս Կրթական Մեծ Իրագործումով Լիբանանի Հայութիւնը Իր Առանցքային Դերը Վերահաստատեց»

0
0

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի արտասանած խօսքին` Ազգային Միացեալ վարժարան այցելութեան առթիւ, ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017:

Լիբանանի հայութիւնը նկատուած է սիրտը սփիւռքի հայութեան: Պայմաններու բերումով Լիբանանի հայութեան այս կեդրոնական դերակատարութիւնը սկսած էր տկարանալ: Լիբանանի հայութիւնը այս կրթական իրագործումով վերահաստատեց իր առանցքային տեղն ու դերը` սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ:

Իրագործումները դիւրին չեն: Մնայուն արժէք ունեցող ու համայնքային կեանքէն ներս նոր էջ բացող իրագործումները կ՛ենթադրեն` հաւաքական աշխատանք, հաւաքական նուիրում, հաւաքական յանձնառութիւն ու տեսիլք: Լիբանանի հայութեան հաւաքական հաւատքով ու ճիգով այս դպրոցը ոչ միայն շինուեցաւ, բառին սովորական առումով, որպէս շէնք, այլ` իրագործուեցաւ որպէս առաքելութիւն: Դպրոցը, հայ դպրոցը մանաւանդ, շէնք չէ, սոսկ դասարան ու դասագիրք չէ, այլ գերացանցօրէն առաքելութիւն է, մարդակերտումի ու հայակերտումի լծուած առաքելութիւն:

Ամիսներ առաջ Երեւանի մէջ ըսի` «Սփիւռքը կը մաշի®». սակայն մեր հաւաքական հաւատքով ու կամքով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնորդութեամբ թոյլ պիտի չտանք, որ սփիւռքը մաշի: Մեր գաղութները պիտի ամրացնենք, մեր թեմերը պիտի վերակազմակերպենք, մեր կառոյցները պիտի վերանորոգենք, մեր համայնքային կեանքը պիտի ծաղկեցնենք միասնաբա՛ր, հաւաքակա՛ն աշխատանքով: Կը մերժենք յուսահատական կամ կրաւորական մօտեցում: Հակառակ մեզ շրջապատող ահաւոր դժուարութիւններուն` մենք պէտք է շարունակենք սփիւռքը աւելի հզօրացնելու մեր պայքարը:

Սփիւռքի հայութեան վերակազմակերպումն ու հզօրացումը Լիբանանէն պէտք է սկսի: Այո՛, կը կրկնեմ, թոյլ պիտի չտանք, որ սփիւռքը մաշի` դպրոց շինելով, եկեղեցին պայծառացնելով, ակումբ զօրացնելով, կառոյցները ծաղկեցնելով եւ ամէն տեղ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հայութիւնը վառ պահելով, ինչպէս նաեւ` վստահելով մեր երիտասարդութեան: Մեր երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ: Երիտասարդութիւնը ներկային կը պատկանի. պէտք է վստահինք մեր երիտասարդութեան` մեր կեանքին դռները լայն բանալով անոր առջեւ:

Այս մանուկներն ու պատանիները դաստիարակելով, անոնց մէջ հայը կազմաւորելով` մենք կրնանք երաշխաւորել մեր ժողովուրդի ապագան: Ես ալ ձեզի պէս, սիրելի՛ աշակերտներ, ազգային վարժարանի աշակերտ եղած եմ: Մեր ժամանակ այսպէս գեղեցիկ տարազներ չկային, կոկիկ դասարաններ ու գեղեցիկ շէնքեր չկային: Սակայն հայ դպրոցէն մենք հայու ոգին առինք, այդ ոգիով թրծուեցանք: Դուք հպարտ պէտք է ըլլաք ձեր վարժարանով: Ես հպարտ եմ, որ արտաքինով ազգային ամենախեղճ վարժարանի, Քարանթինայի մէջ, աշակերտ եղած եմ: Թող ոչ ոք ըսէ, թէ օտար դպրոցներ աւելի լաւ կրթական մակարդակ ունին: Երբ ազգային վարժարաներ հոգեւորական թէ աշխարհական ղեկավարներ ազգին կու տան, այս կը նշանակէ, որ ազգային վարժարանը գիտակից է իր առաքելութեան:

Կը կրկնեմ` մեծ իրագործումները հաւաքական աշխատանքով կը կատարուին: Քիչ առաջ, երբ բարերարներուն անունները նշմարեցի պատին վրայ արձանագրուած, տեսայ, որ դատարկ տեղեր կան: Իմ սպասումս է, որ նոր բարերարներ միանան այս ցանկին, այլ խօսքով` մեր հաւաքական աշխատանքին ի խնդիր նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան:

Կրթական այս իրագործումին իրենց մասնակցութիւնը բերած ազնիւ հայորդիներու շարքին կ՛ուզեմ յատուկ կերպով յիշել պրն. Հրայր Սարգիսեանը: Այս դպրոցի շինութեան մէջ Հրայրը կարեւոր դեր ունեցաւ, այս ծրագրին մղիչ ուժը դարձաւ` սրբազանին ու Ազգային իշխանութեան հետ միշտ խորհրդակցելով, հետապնդելով: Հրայր Սարգիսեանը հաւատաց, որ հայ դպրոցը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենսական դերակատարութեան է կոչուած: Վստահ եմ, որ նոյն աշխուժութեամբ Հրայրը պիտի շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել այս դպրոցի յառաջդիմութեան ու վերելքին:

Բնականաբար այսօր պայմանները փոխուած են: Անհրաժեշտ է, որ նոր պայմաններու համապատասխան կերպով մեր կրթական քաղաքականութիւնը, մանկավարժական մօտեցումը, դասագիրքներն ու դասացուցակները վերատեսութեան ենթարկուին: Այս դպրոցը այս նախանձախնդրութեամբ ու մօտեցումով, ոգին ու որակը պահելով, կարեւոր դեր պիտի կատարէ ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներսը:

Ես պիտի ուզէի, որ կրթական այս համալիրը ընդարձակուի, ունենայ իր զանազան բաժանմունքները, դառնայ նաեւ գիշերօթիկ, որպէսզի մեր միւս գաղութներէն աշակերտներ ուսանելու գան այստեղ:

Ապրի՛ս Լիբանանի՛ հայութիւն. այս դպրոցը ձե՛ր դպրոցն է. պիտի պահէք ու զօրացնէք զայն: Կը շնորհաւորեմ սրբազանն ու Ազգային իշխանութիւնը, մեր բարերարներն ու բարեկամները` ներկայ թէ բացակայ, որոնք մասնակից դարձան այս կարեւոր ծրագրի իրականացման:

Թող Աստուած օրհնէ Ազգային Միացեալ վարժարանը, անոր աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը:

 

Արի՛ Տուն…

0
0

ՊԵՏԻԿ

Մեծ համոզումով եւ գոհունակութեամբ կը թերթատեմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Գործունէութեան ծրագիրը (Փլաթֆորմ)»-ը,  հրատարակուած` 1990-ին, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ, ու կը տեսնեմ այնքան հասուն եւ հեռատեսօրէն նկատի առնուած հիմքերը` կերտելու համար ազատ, անկախ Հայաստան մը, որ բոլորս կը ցանկանք: Նկատի առնուած են դիմագրաւելի  նիւթեր, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական վարչական եւ, անշուշտ, հայրենիքի պաշտպանութեան, որոնք կը միտին կերտել առողջ եւ ապահով հայրենիք մը:

127-ամեայ կայտառ եւ գործունեայ ՀՅԴ-էն այսօր կը սպասուի դիմագրաւել եւ նեցուկ կանգնիլ հայրենիքին, մտահոգիչ մէկ երեւոյթին` հայրենիքէն արտագաղթի հոսքը նուազեցնելու,  մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին եւ ուսանողութեան մէջ:

Անապահով ու ծանր պայմաններու պատճառով ներգաղթած սուրիահայեր արդէն հաստատուած եւ գոհացուցիչ տնտեսութիւններ հիմնած են Հայաստանի մէջ` օրինակ դառնալով սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ իրենց կացութենէն դժգոհ ու տատամսող բոլոր հայերուն: Հայաստանը այն չէ, ինչ որ էր խորհրդային օրերուն: Ունինք հայրենիք մը, որ դռները լայն բացած է աշխարհի մէջ տարածուած մեր բոլոր հայրենակիցներուն դիմաց:

Մէկ դար առաջ հնչած «Դէպի Երկիր» կոչը ծնունդ տուաւ Ա. հանրապետութեան: Այսօր վերանորոգ «Դէպի Երկիր» կոչը պէտք է արթնցնէ բոլոր դժգոհ սփիւռքահայերը: Այլեւս պէտք չունինք տանջուելու օտար սառնամանիքներու մէջ կամ պարտադրուած` համակերպելու հնգամեայ անհաւասար պայմաններու: Մենք ունինք խոստմնալից հայրենիք մը, ուր կը շարժինք իբր «տնեցի» եւ ոչ` իբրեւ օտար գաղթական: 1990-ին մշակուած այդ «Փլաթֆորմ»-ը այսօր կը տեսնենք մասամբ արդէն իրագործուած ու իւրաքանչիւր ներգաղթող հայ իրեն հետ կրնայ տանիլ ու հոն մշակել իր արհեստը կամ մասնագիտութիւնը` ապահովելով իր ընտանիքին աստիճանաբար զարգացող տնտեսական վիճակը եւ մասնակից դառնալով հայրենիքի բարգաւաճման մարտահրաւէրին:

Եզրակացնելով` նախընտրելի է ըլլալ «տնեցի» եւ ոչ թէ` «օտար գաղթական»:

Արի՛ տուն…

 

 

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live