Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12047 articles
Browse latest View live

Կարդալով Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի Սէր» Յուշագրական Սիրավէպը

0
0

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ամէն անգամ որ մտնեմ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, պահ մը կանգ կ՛առնեմ պատէն կախուած Յարութիւն Թորոսեանի կտաւին առջեւ: Հոն գտնուող խմբագիրները վարժուած են արդէն, որ անպայման հիացումս պիտի արտայայտեմ, եւ մտիկ կ՛ընեն առաջին անգամ լսած ըլլալու ներողամիտ ժպիտով:

Քանի մը օր առաջ գեղանկարը տեղը չէր: Պարզուեցաւ, որ պատին նորոգութեան պատճառով ան վար առնուած էր: Առիթ եղաւ կարդալու ետեւի գրութիւնը` «Փողոցի մը մեղմութիւնը, 1988»:

Մէկ շունչով ու մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի երկու տարի առաջ լոյս տեսած Յարութիւն Թորոսեանի յուշագրական սիրավէպը:

Քիչ թիւով արուեստագէտներ յուշագրութեամբ զբաղած են: Արուեստի պատմութեան համար յուշագրութիւնները անհրաժեշտ են ապագայ արուեստաբաններուն թէ արուեստասէրներու լայն շրջանակին համար: Շատ յաճախ արուեստագէտի կեանքին այս կամ այն դրուագը մեծապէս ագուցուած կ՛ըլլայ իր ստեղծագործութեան հետ, եւ անոր մասին տեղեկութիւնը  աւելի կ՛արժեւորէ կամ կը մեկնաբանէ տուեալ արուեստի  գործը:

Յարութիւն Թորոսեանի սիրավէպը սովորական յուշագրութիւն մը չէ, այլ` գրական երկ մը, որ կը կարդացուի հաճելի ու հեզասահ կերպով: Անիկա գրուած է գրական շունչով, ուր հայերէնը մշակուած ու գուրգուրուած է առաւելագոյն սիրով: Դիպաշարը ամբողջութեամբ ճշգրիտ կրնայ ըլլալ կամ չըլլալ, սակայն ընթերցողին համար հետաքրքրական, անմիջական ու անակնկալներով լեցուն պատում մը ունի անիկա: Շատ հաճելի ընթերցանութեան գիրք մըն է ո՛չ միայն իր սերնդակիցներուն համար, բայց մանաւանդ` դեռատի երիտասարդներուն, որոնք յուշագրութիւնը կրնան կարդալ սիրավէպ մը կարդալու հաճոյքով:

«Անկարելի սէր»-ը նաեւ գեղանկարիչին ուսանողական կեանքին պատմութեան ընդմէջէն անուղղակիօրէն կը նկարագրէ յետեղեռնեան անդրանիկ սերունդին վերապրումի ճիգը, դժուարութիւնները, հայ ուսանողներուն կեանքը եւ, առ հասարակ, այդ տարիներու փարիզեան հայ կեանքին մթնոլորտը:

Յարութիւն Թորոսեան մեր ժամանակակից գեղանկարիչներէն է, որ իր ստեղծագործական թէ մանկավարժական վաստակով կերտած է իր անուն-մականունը ու մեծ աւանդ ունի Լիբանանի ու լիբանանահայութեան  մշակութային կեանքին մէջ: Մաղթելի է, որ ան շարունակէ իր յուշագրական աշխատանքը, մանաւանդ պատմէ իր սերնդակից արուեստագէտներու հետ առնչութիւններուն մասին, որպէսզի յառաջիկայ սերունդներն ու արուեստի պատմութեամբ զբաղող արուեստաբանները աւելի լայն տեղեկութիւններ ու պատկերացում ունենան սփիւռքահայ տարագիր արուեստին մասին:

 

 

 


Տեսակէտ-Անդրադարձ. Վենեզուելայի Նախընթացը Եւ «Համազգային Խորհուրդ»-ի Խնդիրը

0
0

«Ազդակ»-ի մէջ տարբեր կարծիքներու տեղ տալու սկզբունքին հետեւելով` ստորեւ տեղ կու տանք նաեւ մեթր Գասպար Տէրտէրեանի սոյն կարծիքին, որ անդրադարձ է մեր երկու աշխատակիցներու` Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի ստորագրած գաղափարական բնոյթի երկու յօդուածներու: Սակայն խմբագրութեան կողմէ անհրաժեշտ կը տեսնենք կատարել հետեւեալ կարճ մատնանշումները, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հեղինակին կողմէ Նաթան Պետրոսեանի յօդուածին կատարուած անդրադարձին: Ի սկզբանէ ընկերվարական իմաստով մէկ ուղղութիւն չէ եղած. նոյնիսկ «գիտական ընկերվարութեան» սկզբունքներու մշակումէն դեռ շատ առաջ, «Կոմունիստական մանիֆեստ»-ի հրապարակման ժամանակ եւ անկէ ետք եղած են ընկերվարական ուղղութիւններ, որոնց համար խորթ էր «արիւնալի յեղափոխութեան» ուղին` ընկերվարական հաւասարութեան հասարակութիւնը հաստատելու առումով: Ուստի նաեւ` մենք այդքան ալ ճշգրիտ չենք նկատեր, որ` «իսկական սոցիալիզմը գիտական ուսմունք է, գիտական է», իսկ ընկերվարութեան միւս ուղղութիւնները կապ չունին այդ գաղափարախօսութեան հետ: Դաշնակցութեան համար ընկերվարութիւնը քարացած գիտական տոկմա չէ, ո՛չ ալ թուաբանական հաշուարկներու համակարգ` 1+1 հաւասար է 2-ի հասկացողութեամբ: Այո՛, ընկերվարութիւնը ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծման տեսութիւն է, բայց նախ եւ առաջ իտէալ է, հաւատամք է` ստեղծելու այն հասարակարգը, ուր մարդ ազատագրուած ըլլայ ազգային, կրօնական-դաւանական, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակի խտրականութենէ եւ շահագործումէ:

Միջազգային ընկերվարական շարժումին մէջ յառաջացած երկփեղկումը ուղղափառ մարքսականութեան եւ վերատեսութեան ուղղութիւններուն միջեւ առանձին պատմաքաղաքական ուսումնասիրութեան ենթարկուելիք նիւթ է: Սակայն մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ ստեղծուած իրերամերժ մօտեցումներու այս երեւոյթն իսկ ցոյց կու տայ, որ ընկերվարութեան վարդապետութիւնը կարելի չէ կաղապարի մէջ դնելով` հրամցնել մարդկութեան: Նաեւ պէտք է մատնանշել այստեղ, որ վերատեսական ուղղութիւնը, որ ծնունդ առաւ մարքսականութեան իսկ ծոցէն, չհրաժարեցաւ ամբողջական հաւասարութեան հասարակարգը ստեղծելու` ընկերվարութեան իտէալէն: Բայց տարբերութիւնը այն էր, որ մէկուն համար ընկերվարութեան ճամբան կ՛անցնէր բռնի եւ անմիջական պետականացումի ու ազգայնացումի միջոցով, իսկ միւսին համար` աստիճանական պետականացումի կամ ընկերայնացումի (socialization) միջոցով, մէկուն համար տնտեսութիւնը պէտք էր կազմակերպուէր «պետականօրէն», իսկ միւսին համար` «հաւաքականօրէն» կամ «հասարակութեան մասնակցութեամբ»:

Մեկնելով վերը շարադրուածէն` Դաշնակցութիւնը կառչած կը մնայ ընկերվարութեան անցումի բացառապէս եղափոխական մեթոտներուն, այն ուղղութեան, որուն կը հետեւէր Բ. Միջազգայնականի կարկառուն գաղափարախօսներուն եւ տեսաբաններուն մեծամասնութիւնը: Այս մօտեցումը երբեք բռնազբօսիկ չէ, որովհետեւ մենք ալ նաեւ կը գիտակցինք դրամատիրական համակարգի անարդարութեան, բայց ձախ միտքը, ընկերվարական միտքը պէտք է վերջ ի վերջոյ առարկայական եւ անաչառ գնահատական տան, թէ ինչո՛ւ ընկերվարութեան հաստատման յեղափոխական արիւնալի ճամբուն միջոցով միլիոնաւորներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, իսկ ուրիշ շա՜տ ու շատ մարդիկ բռնադատուեցան:

«Ա.»

 

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Գաղափարական աշխարհին մէջ կան երկու որակի գաղափարականներ. միասնական` յարակցական, մաթեմաթիքական ու բնագիտական ճշգրտութեամբ` գիտական գաղափարականներ, նաեւ հաւաքաբանական` անյարակցական, կերպընկալ կամ առաձգական` ոչ գիտական գաղափարականներ (հանճարեղ մտաւորականն անգամ, երբ չ՛ունենար յարակցական (coherent) միասնական աշխարհահայեացք, թաւալգլոր կը սահի ինքզինք հակասող հաւաքաբանական գաղափարականի մը Բաբելոնին մէջ): Կան նաեւ երկու բնոյթի եւ տեսլականի գաղափարականներ` եղափոխական եւ յեղափոխական: Եղափոխութեան (Evolution) հետեւորդները կրաւորականութեան կը նպաստեն` հաւատալով պատմութեան բնական յառաջդիմութեան, առանց մարդուն եւ մարդկային զանգուածներու միջամտութեան, պատմութեան թաւալումին մէջ: Յեղափոխական (Revolutionary) գաղափարականները կը հաւատան մարդուն եւ մարդոց միջամտելու դերին, նպաստելով ներգործականութեան, յանձնառութեան ճամբով:

Լիբանանահայ մամուլին մէջ աղքատ խնամիի տեղ  վերապահուած է գաղափարական հարցերուն: Սակայն, վերջին շաբաթներուն, հազուադէպ երեւոյթ մը պարզեց «Ազդակ» օրաթերթը, երբ խզեց այս աւանդական լռութիւնը գաղափարական հարցերու նկատմամբ` հրատարակելով Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի չորս գրութիւնները, իւրաքանչիւրէն երկուքական գրութիւն: Ինչ որ մեզ մղեց գրելու այս նշմարը` կեդրոնանալով Նաթան Պետրոսեանի այն գրութեան վրայ, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 28 սեպտեմբեր 2017 թուակիրին մէջ, եւ` Կարօ Արմէնեանի այն գրութեան վրայ, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 15 սեպտեմբեր 2017 թուակիրին մէջ, առաջինի մասին վերապահութեամբ, իսկ երկրորդը` ամբողջութեամբ երկրորդելով:

 

***

 

Նաթան Պետրոսեանի յիշեալ գրութիւնը` «ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովէն 110 տարի անց» խորագիրով, այս 4-րդ Ընդհանուր ժողովը կը համարէ ՀՅԴ-ի «երկրորդ կարեւոր» Ընդհանուր ժողովը, որովհետեւ կուսակցութիւնը «4-րդ Ընդհանուր ժողովի ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կը կրէ իր գաղափարախօսական, տեսաբանական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքին մէջ»: Եւ ուրեմն, մանրամասնօրէն եւ գրեթէ սպառիչ կերպով կը թուէ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան դրոյթները:

Նախ կը ճշդէ, որ ՀՅԴ իր 4-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարած է 1907 թուականին, Վիեննայի մէջ, Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան (այսինքն` սոցիալ-դեմոկրատ) ապահոված ժողովասրահին մէջ, պաշտօնապէս վաւերացնելով «ընկերվարութիւն» բառին ներառումը ՀՅԴ-ի վերամշակուած ծրագիրին մէջ, որովհետեւ հայ կեանքին արդիւնաբերական արտադրութեան բնագաւառին մէջ աճած էր հայ բանուորներուն թիւը, նաեւ աճած էին այդ բանուորութեան կրած տանջանքն ու զրկանքը` «դրամատիրական անարդար քաղաքականութիւններուն պատճառով»: (Այժմէն կ՛ըսենք, որ վերապահութիւն ունինք Նաթան Պետրոսեանի գործածած եզրերուն գիտական ճշգրտութեան մասին, նոյնը նաեւ` ՀՅԴ Ծրագիրէն կատարուած մէջբերումներուն մէջ, սակայն այս նշմարի նեղ սահմաններուն մէջ հնարաւոր չէ մի առ մի ցոյց տալ այդ անճշգրտութիւնները: Օրինակի համար միայն.  այստեղ գործածուած «դրամատիրական անարդար քաղաքականութիւններուն պատճառով» բառերը ճշգրիտ չեն, քանի որ դրամատիրութիւնը չի կրնար արդէն արդար քաղաքականութիւն ունենալ, իր շահագործական էութեան եւ սկզբունքներուն պատճառով: «Քաղաքակիրթ» դրամատիրութիւնն ալ շահագործողական է, ինչպէս` «վայրի»-ն):

Ապա մէջբերումներ կը կատարէ վերամշակուած ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինէն, ինչպէս «Կապիտալիզմը քայքայման մատնեց աշխատաւորների ընտանիքները… Չնայած անսանձ շահագործումներին ու հարստահարութիւններին` նոյն աշխատաւոր հանրութեան վզին են ընկած իրենց աւերիչ ծանրութեամբ` հարկերը, մաքսերը, մենավաճառումները, աքցիզները եւ յարաճուն միլիտարիզմի պատուհասը, որի էական նպատակն է ամուր կռել աշխատաւոր ժողովուրդների ստրկութեան շղթաները»:

«Սոցիալիզմի վարդապետութեամբ առաջնորդուելով` աշխատաւոր դասակարգերը ձգտում են վերացնել կապիտալիստական մասնաւոր սեփականութիւնը եւ նրա հետ կապուած անարխիական արդիւնագործութեան սիստեմը. հասարակական ընդհանուր սեփականութիւնը դարձնել` աշխատանքի, արդիւնաբերութեան միջոցները, հողը, հանքերը, գործարանները, հաղորդակցութեան ու փոխանակութեան միջոցները, եւ` բովանդակ տնտեսութիւնը կազմակերպել ու ղեկավարել հաւաքականօրէն»:

(Նախորդող մէջբերումին մէջ սխալ գործածուած «աշխատաւոր հանրութեան» եզրերը հոս սրբագրուած են «աշխատաւոր դասակարգեր» ճշգրիտ եզրերով, սակայն տնտեսութիւնը կը կազմակերպուի եւ կը ղեկավարուի պետականօրէն, ոչ` «հաւաքականօրէն»: Իսկ սոցիալիզմը ընդհանրապէս վարդապետութիւն  չէ, իսկական սոցիալիզմը գիտական ուսմունք է, գիտական է, կան նաեւ` ոչ գիտականները…):

«Սոցիալիստական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է: Բոլոր երկրների աշխատաւոր տարրերը` իբրեւ միեւնոյն սիստեմի զոհեր, պիտի միանան եւ արդէն միանում են համաշխարհային մի հզօր եղբայրակցութեան մէջ, ու գիտակ իրենց բարձր առաքելութեան, վստահ իրենց յաղթանակի վրայ` դիմում են կազմակերպուած կռուի ճանապարհով դէպի նոր սոցիալիստական կարգերը»:

(Այստեղ ուշագրաւ է ՀՅԴ-ի Ծրագրի ճանաչումը սոցիալիզմի միջազգայնութեան եւ համաշխարհային եղբայրակցութեան հնարաւորութեան, բայց քիչ անդին պիտի տեսնենք, որ ՀՅԴ-ի վերատեսական սոցիալիզմին նպատակը սոցիալիստական կարգերու հիմնումը չէ…):

ՀՅԴ-ի վերամշակուած ծրագիրը իրաւացի է, երբ կ՛ըսէ. «Սոցիալիստական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է»: Բայց իր էութեամբ միջազգայնական այս շարժումը միասնական չմնաց, եւ գործելու եղանակի արմատական տարբերութիւններով դարձաւ Բ. (աջակողմեան), Գ. (կոմունիստական) եւ Դ. (թրոցքիական) միջազգայնական շարժումներ: Ուրեմն, հարկ էր նաեւ ճշդել, թէ` ՀՅԴ այս վերջին երեքէն ո՞ր միջազգայնականին կը յարէր: Եւ Նաթան Պետրոսեան մի առ մի կը թուէ Բ. Միջազգայնականը, որուն ՀՅԴ-ն յարած է 1908-ին, եւ շարունակած է մնալ հոն, որուն անունը միայն փոխակերպուած է` Աշխատաւորական եւ Ընկերվարական Միջազգայնականի եւ Ընկերվար Միջազգայնականի, նաեւ` Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան: Եւ Նաթան Պետրոսեան ինքն է, որ կը բնութագրէ ՀՅԴ-ի ընկերվարականութիւնը` գրելով. «ՀՅԴ-ի որդեգրած ընկերվարական ուղեգիծը ծանօթ էր «Վերատեսական» անունով, որ առաջին անգամ որդեգրուած էր Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, որ մէկդի դնելով բանուորական յեղափոխութեան արիւնալի ճամբան` դիմեց խաղաղ միջոցներով պայքարին: Ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը այս անգամ տեղի պիտի ունենար օրինական միջոցներով»:

Ուրեմն, Էտուարտ Պեռնշթայնի, Օկիւսթ Պեպէի եւ Քարլ Քաուցքիի կողմէ, 1891 թուին, Գերմանիոյ Էրֆուրտ քաղաքին մէջ գումարուած Գերման ընկերվար-ժողովրդավար (Սոցիալ-Դեմոկրատ) կուսակցութեան համագումարին առաջարկուած ծրագրի «Վերատեսական» (Révisioniste) ուղեգիծին հետեւող ՀՅԴ կուսակցութիւնը` «մէկդի դնելով բանուորական յեղափոխութեան արիւնալի ճամբան` դիմեց խաղաղ միջոցներով պայքարին: Ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը այս անգամ տեղի պիտի ունենար օրինական (ուրեմն` ոչ յեղափոխական) միջոցներով»: Այլ խօսքով, ՀՅԴ-ի որդեգրած ընկերվարութիւնը յեղափոխական, արմատական ու գիտական սոցիալիզմը չէր, այլ պարզապէս` «ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար օրինական միջոցներով պայքարող» վերատեսական (ռեվիզիոնիստական) սոցիալիզմը, որ գիտական բնութագրումով սենտիքալիզմ կը կոչուի: Սենտիքալիստական` արհմիութենական պայքարով, միայն եւ լաւագոյն պայմաններուն, կրնայ միայն բարելաւուիլ բանուորին աշխատավարձը, բայց երբեք` վերջ դնել անոր շահագործումին, իսկ անկարելի կ՛ըլլայ դրամատիրական համակարգին վերացումը եւ հաստատումը սոցիալիստական համակարգին: Եւ լոկ բարելաւումը կրնայ ըլլալ նաեւ` «քաղաքակիրթ» դրամատիրութեան տակ, զատորոշուելով` նոր-ազատական վայրի դրամատիրութենէն: Ուրեմն, սոցիալ-դեմոկրատիան կողմնակից է «քաղաքակիրթ» դրամատիրութեան, եւ դէմ` միայն վայրի դրամատիրութեան: Եւ հետեւաբար կրնայ գոհանալ ներհամակարգային (ներդրամատիրական) հերթափոխութեամբ, քանի որ հրաժարած է սոցիալիստական համակարգ կառուցելէ: Այս լոյսին տակ հասկնալի կը դառնայ Հայաստանի մէջ կոալիցիան` վայրի դրամատիրութեան եւ վերատեսական սոցիալ-դեմոկրատիային միջեւ: Եւրոպայի այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնները իշխանութեան հասան, ջանացին միայն կրթել վայրի դրամատիրութիւնը, եւ բնաւ չհիմնեցին սոցիալիստական համակարգ: (Հանճարեղ Ալպերթ Այնշթայն դիտել կու տայ, որ` «Սոցիալիզմի իրական նպատակն է, մարդկութեան զարգացման երթին մէջ, գլել-անցնիլ վայրենացման հանգրուանը»: Այսինքն դրամատիրութեան հանգրուանը վայրենացման հանգրուանն է):

Թոնի Պլեր աշխատաւորական կառավարութիւնը, որ կը կիրարկէր «Երրորդ ուղի» կոչուած սոցիալ-դեմոկրատական ուղղութիւնը մեծապէս չտարբերեցաւ Մարկրեթ Թաչերի պահպանողական վայրի դրամատիրական ուղղութենէն, այլեւ մեղսակիցը դարձաւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան նախայարձակումին Իրաքի վրայ` նոր-պահպանողական Որդի Պուշի մականին տակ… չմերժելով միլիթայիզմը:

(Ներկայիս, Ճերեմի Քորպին, որ դարձաւ ղեկավարը Աշխատաւորական կուսակցութեան, կը ջանայ կուսակցութեան ծրագիրը վերամշակել` անոր մէջ ներառելով յեղափոխական սոցիալիզմի դրոյթներ: Եւ կը յայտարարէ, որ այսպիսով նորացուած Աշխատաւորական կուսակցութիւնը պատրաստ է ստանձնելու երկրին իշխանութիւնը):

Սոցիալիստական համակարգին եւ դրամատիրականին միջեւ տարբերութիւնը արմատական է, իսկ երկուքին հակադրումը` հակամարտական ու թշնամական է (antagoniste): Հետեւաբար բնազանցական է եւ միայն ցանկատեսական` կարծելը, որ դրամատիրական համակարգը իր իշխանութիւնը (որ ամբողջատիրական է…) կրնայ օր մը յօժար կամքով եւ վերջնականօրէն զիջիլ սոցիալիզմի ուժերուն, խաղաղօրէն, առանց արիւնահեղութեան: Եթէ դրամատէրերու միջեւ պարզ մրցակցութիւնը կը բնութագրուէր որպէս խողխողումի մրցակցութիւն (Cut-throat Competition), երկու զիրար հերքող ամբողջական համակարգերու միջեւ հակամարտութիւնը կրնա՞յ ըլլալ խաղաղօրէն, խորհրդարանական ընտրութիւններու ճամբով, երբ ընտրական օրէնքը հաստատած է հին համակարգը` իր գոյատեւումին նպատակով, իր վերընտրութեան համար… Ներհամակարգային հերթափոխութիւնը, լաւագոյն պարագաներուն, կրնայ տեղի ունենալ նոյն համակարգի աջ եւ ձախ թեւերուն միջեւ, Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն միջեւ, պահպանողականներուն եւ աշխատաւորականներուն միջեւ, Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի միջեւ վայրի դրամատիրութեան եւ «քաղաքակիրթ» դրամատիրութեան միջեւ, բայց համակարգային արմատական իշխանափոխութիւնը կը պահանջէ յեղափոխութիւն եւ արեան տուրք, իշխանութեան հասնելու առաջին փուլին:

Հոս կը ծագի Վենեզուելայի նախընթացին հարցը: Այս երկրին մէջ սոցիալիզմի ուժերը, Հիւկօ Չաւեզի ղեկավարութեամբ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն շահելով, հասան իշխանութեան` ժամանակաւորապէս, եւ այսօր արդէն տեղական եւ ամերիկեան դրամատիրական ուժերը տիրող սոցիալիստամէտ իշխանութեան դէմ յետընթաց յեղափոխութիւն շղթայազերծած են, քանի որ սոցիալիզմի ուժերը տակաւին աւարտած չէին նոր համակարգին կառուցումը, եւ անոր հակառակող թշնամի ուժերը արմատախիլ չէին եղած, քանի որ Չաւեզ իշխանութեան չհասաւ Ֆիտել Քասթրոյի անցած արիւնալի յեղափոխութեան ճամբով, այլ` խորհրդարանական ընտրութեան ճամբով, որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ միայն ժամանակաւոր, եւ ոչ թէ` վերջնական, ինչպէս եղաւ Քասթրոյի պարագան, որ ոչ միայն տոկաց աւելի քան կէսդարեան ամերիկեան շրջափակումին, այլեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ պարանաձգումին մէջ առաջին յոգնող ու դասալիք կողմը եղաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը` Օպաման, եւ ոչ թէ Քուպայի նախագահը` Ռաուլ Քասթրօ, քանի որ սոցիալիզմի համակարգը ստեղծուած էր Քուպայի մէջ, եւ դրամատիրական ուժերը արմատախիլ եղած էին, եւ Միացեալ Նահանգները միայն դուրսէն կրնար ճնշել եւ ներսը չունէր դրամատէրեր, ինչպէս է Վենեզուելայի պարագային: Կ՛եզրակացնենք, որ դրամատիրական համակարգի օրինական միջոցներով պայքարը դրամատիրութեան դէմ` չի կրնար վերջնականապէս «վերացնել» անոր համակարգը, իսկ անոր իրական ու վերջնական վերացումը կրնայ յաջողիլ միայն ու միայն արիւնալի յեղափոխութեամբ: Հայաստանի ներկայի կոալիցիային մէջ սոցիալ-դեմոկրատ ուժին ներկայութիւնը ոչ մէկ գրաւական ունի, որ հոն իշխող մենաշնորհային, վայրի դրամատիրական համակարգը կրնայ վերացուիլ:

(Իրենց ներհայկական մտահոգութիւններով եւ հպատակութեամբ, բոլոր հայկական կուսակցութիւնները ԱԶԳԱՅԻՆ են: Անոնք իրարմէ կը տարբերին միայն իրենց ընկերային-տնտեսական մտահոգութիւններով ու ծրագրերով, որոնք միջազգային են` հաւասարապէս բոլորին մօտ. Հայ Կոմկուսին, ՀՅԴ-ին, ՌԱԿ-ին, ՍԴՀԿ-ին եւ նոյնիսկ Արմենական կուսակցութեան պարագային, որ հայկական հողի վրայ հիմնուած ըլլալով, Հայ Կոմկուսին նման, 1905 թ. իր շրջաբերականով կ՛ըսէր, թէ` առաջնահերթը Օսմանեան լուծէն ազգային ազատագրութիւնն էր, սակայն, եթէ հայութեան մէջ ալ կռիւ սկսէր աշխատանքի եւ քափիթալի միջեւ, արմենականը պիտի կանգնի աշխատանքի կողքին):

ՀՅԴ-ի ազգայնականութիւնը հիմնաւորելու համար Նաթան Պետրոսեանին բերած պատճառաբանութիւնը խիստ անբաւարար է հայկական շրջագիծէն ներս եւ` խիստ անյարակից ու նոյնիսկ վիրաւորական, երբ կը դիմէ աւստրիական սոցիալ դեմոկրատիայի մարքսականութեան գործած ազդեցութեան` ՀՅԴ-ի վրայ, գրելով. «Սկսելով ազգային հարցէն` ՀՅԴ-ն գաղափարական գետնի վրայ իր ազդեցութիւնը կրեց Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարութեան մարքսականութենէն»: Չենք ուզեր հաւատալ այս վերագրումին ճշգրտութեան:

Իսկ երբ ՀՅԴ-ի դեմոկրատականութիւնը հիմնաւորելու համար կը դիմէ «պարսկական սահմանադրական» եւ «օսմանեան սահմանադրական յեղափոխութիւններուն», իր պատճառաբանութիւնները խիստ հակասական են եւ վիճայարոյց: Այս բոլորը կարելի չէ հանգամանօրէն լուսաբանել եւ մեկնաբանել ներկայ նշմարին նեղ սահմաններուն մէջ: Անոնք կը կարօտին առանձին անդրադարձի, առանձին յօդուածով, քանի որ ՀՅԴ-ի ազգայնականութիւնը ծնունդ առաւ օսմանեան դաժան լուծէն, պարսկական սահմանադրականութիւնը` շահի բռնատիրութենէն (որուն հետ ՀՅԴ հետագային` Պաղ պատերազմի տարիներուն գործակցեցաւ…), իսկ օսմանեանը սահմանադրական յեղափոխութիւն չէր, այլ` սիոնափանթուրք պետական յեղաշրջում սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի անձին դէմ, քանի որ ան մերժած էր Հերցելի պահանջը, իսկ երիտթուրքերն էին, որ ծրագրեցին ու սառնասրտօրէն գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնն ու բռնահանումը` Արեւմտահայաստանէն: Առայժմ` այսքան այս մասին: Երիտթուրքերու յեղաշրջումը բնա՛ւ սահմանադրական չէր, այլ` սիոնափանթրքական ծրագիր: Հայաստանի խոչընդոտին վերացումը` հողային անմիջական կապ հաստատելու` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ մինչեւ Կեդրոնական Ասիա…

* * *

Կարօ Արմէնեանի գրութիւնը` «Ազդակ»-ի 15 սեպտեմբեր 2017 թուակիր համարին մէջ, «Անկեղծ պատրաստակամութեամբ» վերնագրով, որուն մէջ իրաւացիօրէն խնդրական կը գտնէ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ դրուած «Համազգային խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու գաղափարին իրականացումը` գլխաւորաբար ներկայիս Հայաստանի մէջ իշխող մենաշնորհային համակարգին գոյութեան պատճառով, քանի որ այս համակարգը էապէս ապազգային է, եւ անոր կազմաքանդումէն առաջ` ոչ մէկ ազգային, ո՛ւր մնաց, որ համազգային ծրագիր կարելի ըլլայ իրականացնել:

Մենք լիովին համաձայն ենք անոր այս մատնանշումին եւ ամբողջականօրէն կ՛երկրորդենք անոր դրած 13 նախապայմանները, որոնք կը բխին այն տեղին կասկածէն (իր պարագային), իսկ մեր հաստատ համոզումէն, որ` պետութիւնն ու մենաշնորհային ուժերը նոյնացած, միաձուլուած են:

Այդ 13 նախապայմանները կը պահանջեն յստակացնել հիմնականին մէջ երկու բան:

Առաջինը` ի՞նչ համեմատութեամբ մենաշնորհային համակարգը առեւանգած է պետական իշխանութիւնը:

Երկրորդը` պետական իշխանութեան մնացորդաց մասը ունի՞ մենաշնորհային համակարգը կազմաքանդելու յստակ մտադրութիւն եւ ռազմավարութիւն:

Այս երկրորդ հարցադրումին ալ դրական կամ ժխտական պատասխանէն կախում պիտի ունենայ, տրամաբանականօրէն, այս պետական պատասխանատուներուն հետ կոալիցիա կազմել ուզող կողմին ճշդումը…

Օգտակար կը նկատենք այդ 13 հարցադրումներէն եօթնին ծանօթանալը.

1.- Որո՞նք են մենաշնորհային համակարգի տէրերը երկրին մէջ:

2.- Որո՞նք են մենաշնորհային ուժի պաշտօնական եւ անպաշտօն կառուցակարգերը երկրի տնտեսութենէն ներս:

3.- Ո՞րն է համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտին մէջ, եւ ի՞նչ են դաշտը առեւանգելու իր մեթոտները:

4.- Որո՞նք են համակարգին քաղաքական լծակները` երկրէն ներս եւ երկրէն դուրս:

5.- Որո՞նք են ազգային եկամուտի վերաբաշխումի ծաւալները եւ համակարգի համեմատական կշիռը` այդ ծաւալներուն մէջ:

6.- Ի՞նչ է մանրամասնեալ պատկերը մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ` Հայաստանի իշխանափոխութեան առաջին տարիներուն, գնուած արտադրութեան միջոցներուն, յստակացնելով, թէ` ի՞նչ գին վճարած են անոնք պետութեան, եւ թէ` ի՞նչ է հարստութեանց շուկայական փոխարժէքը այսօր:

7.- Վերջապէս, ի՞նչ յստակ ռազմավարութիւն ունին Հայաստանի իշխանութիւնները` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման առնչութեամբ:

Կարօ Արմէնեան իրաւացիօրէն կը մատնանշէ, որ Համազգային խորհուրդի կազմակերպումը «կ՛ենթադրէ անկեղծ պատրաստակամութիւն` Հայաստանի գործող քաղաքական մշակոյթի նորմերը քանդելու, կաշառակերութիւնը կասեցնելու, տնտեսութիւնը մաքրելու իր ցեցերէն:  Այս բանը չի կրնար տեղի ունենալ, այնքան ատեն որ երկրի ուժականութիւնները կապտուած են բուռ մը շահագործողներու կողմէ: Մի՛ ակնկալէք, որ Համազգային խորհուրդը իր գոյառումով գայ լռելեայն հարազատագրելու (legitimzed) մեր ժողովուրդին դէմ գործուած եւ գործուող այս յանցագործութիւնը»:

Ան նաեւ իրաւացիօրէն կը շեշտէ սփիւռքի գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը` Հայաստանի մաքրագործման եւ Համազգային խորհուրդի կազմակերպման քաղաքական գործերուն մէջ, գրելով. «Ասիկա կ՛ենթադրէ համազգային պատասխանատւութիւն: Կ՛ենթադրէ նաեւ ազգային հզօր նախանձախնդրութիւն: Նաեւ քաղաքական կամք` այս գործին մէջ սփիւռքի անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը ընդգրկելու: Իրականութեան մէջ, ի վերջոյ, այս հարցի քննարկման գործնական դաշտը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ղեկավար ոլորտն է»: Բայց անհասկնալիօրէն ան չի խօսիր ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՄԻԱԿ ՂԵԿԱՎԱՐ ԿԱՌՈՅՑԻ մը մասին ու կրկին կը խօսի կառոյցներու մասին… Մինչդեռ սփիւռքի «անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը» կ՛ապահովուի, երբ ունենանք համասփիւռքեան, կեդրոնական, ներկայացուցչական (այսինքն` ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյցը սփիւռքի, համաձայն` Միջազգային հանրային իրաւունքի նորմերուն: Սփիւռքի այս ներկայացուցչական եւ լիիրաւ կառոյցն է, որ Հայաստանի մաքրուած ու նորոգուած պետութեան հետ միասնաբար իրաւասութիւնը կ՛ունենայ կազմակերպելու Համազգային խորհուրդ, որ կը ներկայացնէ համահայութեան քաղաքական կամքը, քանի որ իր կազմով եւ արեւելումով դարձած կ՛ըլլայ համահայկական իշխանութիւն: Հայաստանակեդրոն կոչուած քաղաքականութիւնը շատ աւելի պտղաբեր, համապարփակ, տեւական ու հետեւողական կ՛ըլլայ, եթէ անոր նախորդած ըլլայ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութեան որդեգրումն ու իրականացումը: Եւ սփիւռքակեդրոն քաղաքականութեան առաջին քայլն է` համասփիւռքեան միակ ղեկավար կառոյցին ստեղծումը: Իսկ այս կառոյցի ստեղծման հիմնական մղիչ ուժն ու շարժառիթը` Արեւմտահայաստանի, Արարայի ազատագրումին տեսլականն է: Եւ ճիշդ այս տեսլականով է, որ ծնունդ առած է տարագիր արեւմտահայութեան համասփիւռքեան քոնկրեսի (ՏԱՀՔ) գաղափարը, որ կը համապատասխանէ Միջազգային հանրային իրաւունքի նորմերուն:

Վերջապէս, շնորհաւորելի են Նաթան Պետրոսեանի եւ Կարօ Արմէնեանի նման հրապարակագիրները, քանի որ գաղափարական հարցերու արծարծումով ու լուսաբանումով է միայն, որ կը ստեղծուի ճիշդ ու միասնական հանրային կարծիք, որ ցարդ գոյութիւն չունի հայ հասարակութեան մէջ: Ճիշդ եւ միասնական հանրային կարծիքի բացակայութեան հետեւանքին շուրջ Յովհաննէս Թումանեան, 1921 թ. դեկտեմբերին, Աւետիք Իսահակեանին յղած նամակին մէջ կը գրէ.

«Մենք թէ՛ դրսից, թէ՛ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: … Մի մասը խաչագող սրիկաներ, միւսը` գողեր եւ աւազակներ… եւ չերեւաց մի բազմութիւն, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանատուութեան կանչուեց, ոչ ոք պատասխան տուեց` հանրային կարծիքի բացակայութեան պատճառով, եւ իրավիճակը շարունակում է այժմ էլ…»: Մինչեւ այսօր:

10 հոկտեմբեր 2017
Պէյրութ

 

«Ժողովուրդի Թշնամին» Թատրերգութենէն Դուրս

0
0

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Դէպքը կը պատահի Նորվեկիոյ մէջ, 1880-ականներուն… ո՛չ, ո՛չ, դէպքը կը պատահի Լիբանան, 2017 թուականին… ո՜չ… Դէպքը կը պատահի ամէն օր, ամէն վայրկեան, բոլոր ժամանակներուն եւ տեղանքներուն… Արդարեւ, այս անգամ դէպքը միայն թատրերգութեան մէջ ընդգրկուած նիւթը չէ, այլ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմ բարձրացած աշխատանքն է նաեւ: Կը խօսիմ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ներկայացուցած «Ժողովուրդի թշնամին» թատրերգութեան մասին:

Անցած շաբաթավերջին եւ այս շաբաթավերջին, հինգ ելոյթներով բեմ կը բարձրանայ Հենրիկ Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին»` թարգմանութեամբ Լեւոն Շանթի ու բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Ներկայացումին կը մասնակցին 15 դերասաններ` արհեստավարժ, փորձառու եւ անփորձ, նաեւ` բեմավար, լուսաւորման ու ձայնասփռումի սարքաւորողներ, բեմի ու տարազի ձեւաւորողներ ու գործադրողներ, վարսայարդար, դիմայարդար, ինչպէս նաեւ` թատերախումբին վարչութիւնն ու բարեկամները: Ներկայացումին կը մասնակցի նաեւ հանդիսատեսը, մանաւանդ` երիտասարդ հանդիսատեսը (հոգիով ու մտածելակերպով երիտասարդ), իւրաքանչիւրը իրեն հետ բերելով իշխանութիւններուն հետ ունեցած իր փորձառութիւնը, ապրումներն ու տագնապները: «Եթէ գործը քեզի տագնապիլ չի տար, ուրեմն յաջողած չէ», կ՛ըսեն շատեր. եւ այդպէս է. կը տագնապիս բեմին վրայ կանգնած տոքթոր Թոմ Շթոքմանին հետ, թէկուզ` տիկին Քաթրինա Շթոքմանին հետ, կամ ալ` քաղաքապետ Փիթըր Շթոքմանին հետ: Կը տագնապիս, քանի որ 1880-ականներուն գրուած թատրերգութիւնը շատ այժմէական է, մինչեւ իսկ` Լիբանանին հարազատ: Կը տագնապիս, քանի որ ի՞նչ է կեանքը, եթէ ոչ` ուժերու պայքար…

… այս անգամ երկու ուժերու միջեւ:

Ամէնէն առաջ ուժերը դիտենք բեմին ձեւաւորման ընդմէջէն:

Դէպքը տեղի կ՛ունենայ երեք վայրերու մէջ: Վայրերը կը փոխուին շրջող բեմին վրայ: Նախ կը տեսնենք Շթոքմանին նստասենեակը, ապա «Ժողովուրդի ձայնը» խմբագրատունը եւ վերջապէս` նաւապետ Հոլսթերին տունը: Տեսարաններու փոփոխութեան ամբողջ ընթացքին, երբ լոյսերը կը մարին, երաժշտութիւն կը բարձրանայ ու բեմը կը շրջի, մնայուն ներկայութիւն կը վայելեն բեմին երկու ծայրերը կանգնած պատերը, իւրաքանչիւրը` ներկայացնելով ուժ մը, մին հերոսը, միւսը` հակահերոսը: Անոնց ներկայութիւնը այնքան ալ տեսանելի չէ պարզ աչքին, ինչպէս որ տեսանելի չեն մեր առօրեային մաս կազմող բոլոր ուժերը (մենք երբեմն կ՛ապրինք առանց իսկ նկատելու, որ մեր քայլափոխերը նախապէս ճզմուած են հայրիշխան ուժերու մուրճին տակ): Բեմի ձեւաւորող Վարանդ Ալեքսանդրեան այնպէս մը ձեւաւորած է բեմը, որ իրապաշտ ու խորհրդապաշտ դրսեւորումները մէկտեղուին:

Իսկ մեզ մէկ պատկերէն միւսը փոխադրող երաժշտութիւնը այլ ազդեցիկ ազդակ մըն է այս թատրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ է տեսարաններուն ընթացքին լարուած պահերը ալ աւելի խորհրդաւոր դարձնող երաժշտութիւնը: «Հիմնականօրէն Լէոնարտ Ռոզընմանի ու Հանս Զիմըրի յօրինումները օգտագործած եմ», կ՛ըսէ Սուրէն Խտըշեան` շարունակելով. «Ընդհանրապէս երաժշտութիւնն ալ կը պատմէ դէպքերուն մասին: Անջատուած չի կրնար ըլլալ երաժշտութիւնը դէպքէն: Երբ լարուած վիճակ մը կայ կամ ճշմարտութիւն մը կ՛ըսուի բեմին վրայ, Զիմըրի յօրինումները կը լսենք, իսկ անցումային պահերուն` Ռոզընմանինը»:

Անցնինք առճակատման:

Բժիշկն ու քաղաքապետը` երկու եղբայրներ, իւրաքանչիւրը կառչած` իր ճշմարտութեան, իր կողմ կը քաշէ ժողովուրդին «դատողութիւնը»: Վարդան Մկրտիչեան կը մարմնաւորէ բժիշկ Շթոքմանը: Ներկայացման ամբողջ ընթացքին ան բեմին վրայ մէկ ծայրէն միւսը կ՛անցնի պաշտպանելու համար իր թեզը: «Ուրիշ ոչ ոք պիտի կարենար այսքան լաւ ներկայացնել Շթոքմանին դերը», կը խոստովանի Խտըշեան: «Նոյնն է պարագան քաղաքապետի դերին, որ Գէորգ Նալպանտեանը կը խաղայ»: «Բժիշկը բեմ կը բարձրանայ ու մինչեւ աւարտը հոն կը մնայ: Երկար երկխօսութիւններուն կողքին, չմոռնանք Լեւոն Շանթին ոճը,- կը բացատրէ բեմադրիչը.- բացի անկէ, որ «Ժողովուրդի թշնամին» ինքնին ծանր, դասական ու խոր թատրերգութիւն մըն է, ա՛յս «Ժողովուրդին թշնամին» ունի այլ մարտահրաւէր մը, որն է` Լեւոն Շանթին թարգմանութիւնը ըլլալը: Լեւոն Շանթ իր յատուկ ոճը ունի եւ ներկայ է երկխօսութիւններուն ընթացքին. ունի իր լեզուն, իր դարձուածքները, որոնք կրնան լեզուական տեսակէտէն ճիշդ չըլլալ, բայց լեւոնշանթեան են: Իր այս թարգմանական աշխատանքին մէջ, ինչպէս` իր բոլոր թատրերգութիւններուն մէջ, չափ կայ, կշռոյթ կայ, ատիկա այլ առճակատում մըն է, մարտահրաւէր մը` մեր դերասաններուն», կը յայտնէ Սուրէն Խտըշեան:

Քուլիսներուն մէջ կը հանդիպինք Վարդան Մկրտիչեանին, որ կ՛ըսէ. «Բժիշկը իր շուրջը կը գտնէ մարդիկ, որոնք կը շահագործեն իրենց պաշտօնները եւ անձնական շահեր հետապնդելով` հասարակական շահեր կը քարոզեն հանրութեան: Ասիկա հակակշռելու համար բժիշկը պէտք ունի միշտ բեմին վրայ ըլլալու եւ բոլորին հետ հաղորդակցելու: Դերին երկար ըլլալը, մանաւանդ` Լեւոն Շանթին թարգմանութեամբ, իսկապէս կը ստիպէ սպառել կենսուժդ ամբողջութեամբ, ինչ որ լաւ բան է»: Այս ըսելէն ետք արդէն կը հնչէ թատրոնին առաջին ազդազանգը, եւ Մկրտիչեան բեմ կ՛ուղղուի:

Նոյնն է պարագան Գէորգ Նալպանտեանին: Անոր հետ կը խօսիմ ներկայացման աւարտին, երբ հանած է իր գլխարկը եւ վերցուցած` ձեռքի գաւազանը: «Հակառակ անոր որ ստանձնած դերս իմ նկարագիրիս չի համապատասխաներ, մեծ ուրախութեամբ մարմնաւորեցի քաղաքապետի դերը, որովհետեւ պատգամ ունի փոխանցելիք: Այս դերը ստիպեց նաեւ ինծի դուրս ելլել հանգիստի գօտիէս, ինչ որ ինքնաբերաբար յաջողութեան կը մղէ: Իսկ նիւթը բոլոր խաւերուն կը պատկանի, մանաւանդ` Լիբանանի ներկայ վիճակին նայելով, մեր վիճակին նայելով, եւ ուրախ եմ, որ մաս կազմեցի», կը նշէ Նալպանտեան:

Բժիշկ Շթոքմանը իր կողքին ունի իր կինը, որ կը մարմնաւորէ Սիլվա Ատուրեանը, եւ` իրենց աղջիկ զաւակը` Փեթրան, որուն կերպարը ստանձնած է Լիլիթ Գույումճեանը: Երկուքն ալ, թէեւ` անվարժ բեմին, լաւապէս կը ներկայացնեն Իբսենի կին կերպարները. անոնք զօրավիգ կը կանգնին բժիշկին ու մինչեւ վերջ կը պայքարին անոր ճշմարտութեան համար:

Բեմին վրայ աչքառու էին Զաւէն Պաաքլինին եւ Յովսէփ Գափլանեանը, որոնք «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին ընտանիքին «հիներէն» են: Զաւէն Պաաքլինի կը ներկայացնէ Քիիլը` տիկին Քաթրինա Շթոքմանին հայրը: «Իրականութեան մէջ ճարպիկ ծերուկ մըն է, դրամասէր եւ կծծի, եւ նիւթին ծաւալման ընթացքին բոլորս ալ պիտի զարմանանք անոր` իր ընտանիքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքին: Ան իր ունեցած հարստութիւնը ամբողջութեամբ թունաւոր ջերմուկներու բաժնետոմսեր գնելու կը ծախսէ` սպառելով իր աղջկան ու թոռներուն ձգելիք ժառանգը: Երկու մեծ դերերուն կողքին, այս ծերունին ալ ի՛ր ճշմարտութիւնը, ի՛ր արդարութիւնը կը փնտռէ, եւ ատիկա շատ խելացի կերպով գրած է Իբսեն: Ըսեմ, որ ես անձնապէս կը տեսնեմ անոր որոշումներուն դրդապատճառները եւ կը հաւատամ, որ իր բարի կողմն ալ ունի ատիկա, մանաւանդ երբ տոքթոր Շթոքմանի բացայայտումին պատճառով կը հասկնայ, որ քաղաքին տնտեսական անկումը նաեւ անկումն է իր աղջկան, եւ ատոր համար Քիիլ կը փորձէ իր հասկցած արդարութիւնը վերագտնել իր այս կեցուածքով», կը բացատրէ Պաաքլինի իր կերպարին մասին: Իրապէս հանդիսատեսը կարգ մը պահերու չի կրնար չկարեկցիլ ծերունիի կերպարին` հասկնալով անոր տարիքի ու փորձառութեան ու առեւտրականի  հոգեբանութեան բախումը` իր ընտանեկան սիրոյն հետ:

Իսկ Յովսէփ Գափլանեան, որ բեմ կը բարձրանայ երկրորդ արարին մէջ գինովի դերով, կ՛ըսէ. «Մեծ ու պզտիկ դերեր չկան: Դերեր կան միայն, որ պէտք է լիակատար կերպով ներկայացնես: Գինովին տիպարը անշուշտ փողոցի տիպարը չէ, եւ կարեւոր է, որ հասկնանք անոր ըսածները: Երբեմն կարճ դեր մը նոյնքան ազդեցիկ կրնայ ըլլալ, որքան` երկար դերը»:

Յատկանշական էին նաեւ միւս դերերը. երիտասարդ  դերասաններէն ունինք Նժդեհ Մկրտիչեանը` տպարանատէր Թոմսընի դերով, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեանը` խմբագիր Հովսթատի դերով, եւ Դրօ Միրզայեանը` լրագրող Պիլլինկի դերով: Այս երեքին ներկայութիւնը բեմին վրայ զգալի ներդաշնակութիւն մը կը դրսեւորէ թատրերգութեան ընթացքին: Մկրտիչեանն ու Տեմիրճեանը` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ընտանիքին երիտասարդները, կարծես արհեստավարժներ  ըլլային բեմին վրայ. անոնք հմտօրէն կը հրամցնեն մեզի չորրորդ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը ունեցած խմբագրատան կազմը, իսկ Միրզոյեան` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ընտանիքին նոր անդամը, նոյնքան հմուտ եւ ինքնավստահ կը տիրապետէ իր դերին:

Այս բոլոր բախումներուն մէջ բեմին վրայ իր նշանակալից ներկայութիւնը ունի նաւապետ Հոլսթերը: Ժան Պեքերեճեանի դերակատարութեամբ ներկայացուած այս տիպարը բժիշկին ու անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ սահման մը կը հանդիսանայ ու կ՛արգիլէ բժիշկին հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն: Պեքերեճեան Ժանը իրեն յատուկ հեղինակութեամբ կը մարմնաւորէ այս կերպարը ու իսկապէս հանդիսատեսը կը կլանէ իր խաղով:

Յիշենք դերակատարներէն նաեւ` Յակոբ Մարկարոսեանը, Աբրահամ Պալթայեանը, Մանուէլ Թոքմաքճեանը, Կարօ Բանօղլեանը, Սարգիս Տօնիկեանը, որոնք ցուցարարներու դերով հանդէս կու գան եւ հիմնական առճակատումին մէջ դեր ունին:

Իսկ ի՞նչ կը պատահի, երբ թատրոնը հասնի իր աւարտին…

Իբսենի գրիչով` եզրակացութիւնները կը մնան հանդիսատեսին,- Իբսենի ոչ մէկ գործ կը յանգի աւարտի. իսկ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին համար նոր հորիզոններ կը բացուին` աւելի կորովով շարունակելու արուեստի ու մշակոյթի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքները: Հարկ է միշտ ի մտի ունենալ, որ սփիւռքի ներկայ նիւթական եւ մարդուժի պայմաններու մէջ նման աշխատանք մը գլուխ բերելը ինքնին յաջողութիւն մըն է հայ արուեստի ու մշակոյթի մարզին մէջ, իսկ ընտրուած թատրերգութիւնը` յանդգնութիւն:

 

 

Իտալական Պատկերասփռումներ` Լիբանանահայութեան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

0
0

«Մետիասեթ կրուփ»-ը «Էքս. սթայլ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընդմէջէն ներկայացուցած է տեղեկատւութիւն մը Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաքին մասին` լայն տեղ յատկացընելով հայութեան վերաբերող բաժինին: Իտալացի լրագրողներ Թիզիանա Քափրիոնի եւ Ռաֆայէլա Պիանչի Լիբանան ժամանեցին եւ նիւթեր հաւաքեցին այս ծրագիրին համար:

«Մետիասեթ կրուփ»-ի ներկայացուցիչները ծրագրած են 24 ապրիլին  Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական աշխատանք մը պատրաստել տրուած ըլլալով, որ տարիներէ ի վեր իտալական ամէնէն կարեւոր լրատուամիջոցները չեն անդրադառնար այս նիւթին: Զանազան ժողովներէ ետք, (նկարներ, տեսերիզներ, ժապաւէններ պատրատել)  «Մետիասեթ կրուփ»-ի ներկայացուցիչները դէմ յանդիման գտնուեցան տեղեկութիւններու, որոնց տեղեակ չէին, եւ որոնք յուզմունք յառաջացուցին անոնց մօտ: Հետեւաբար 24 ապրիլ 2016-ին «Մետիասեթ կրուփ»-ին պատկանող 4 կայաններէն սփռուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին նիւթը:

Ապա «Մետիասեթ կրուփ»-ի ընդհանուր տնօրէնը որոշեց շարունակել գործակցութիւնը եւ խօսիլ Հայկական հարցին մասին: Ան ներկայացուց «Էքս. սթայլ»  ծրագիրը, որ տարբեր երկիրներ կ՛այցելէ եւ տեղեկատւութիւն կը պատրաստէ: Անոնք որոշեցին Լիբանան այցելել` եւ անդրադառնալ հայ համայնքին  եւ անոր դաւանած կրօնին: Անոնք ծրագրեցին այցելել Անթիլիասի մայրավանք, Պիքֆայա, Ժիպէյլի թանգարան, որբանոց: Անոնք, երբ եկան Լիբանան եւ իրենց աչքերով տեսան ամէն բան, պատրաստեցին տեղեկատւութիւն մը, որուն մէջ լայն բաժին գտաւ հայկականը:

Ըստ անոնց, «Մետիասեթ կրուփ»-ը հիմա կը մտածէ այլ նախաձեռնութիւններու դիմել, որովհետեւ Հայկական հարցը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իրենց վրայ: Անոնք բաւական նիւթեր հաւաքեցին Լիբանանի մէջ եւ միայն անոր 2 կամ 3 առ հարիւրը օգտագործեցին տեղեկատւութեան մէջ, ուստի կը մտածեն այդ նիւթերով յաջորդ ապրիլ 24-ին յատուկ ծրագիր մը պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

«Ազդակ» կապ հաստատած է այս լրագրողներուն հետ` անոնց հարց տալով, թէ ի՛նչ էր այն մղիչ ուժը այս ծրագիրը պատրաստելուն, եւ ի՞նչ են իրենց տպաւորութիւնները Լիբանանի ժողովուրդին մասին: Ըստ անոնց, հիմնական նպատակն էր ծանօթանալ Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին: Անոնք որոշեցին կատարել այս ճամբորդութիւնը` ծանօթանալու այլ կացութիւններու, ժողովուրդի եւ վայրերու եւ պատրաստելու կարճ տեղեկատւութիւն մը` ներկայացնելով այսօրուան Պէյրութը տարբեր կողմերով:

Այս տեղեկատւութիւնը դիտուած է եւ պիտի դիտուի միլիոններու կողմէ: Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ի՛նչ արձագանգներ ստացան, եւ ի՞նչ պատգամ կը յղէ «Էքս. սթայլ» ծրագիրը իտալերէն խօսող հանրութեան, յատկապէս` անոնց, որոնք ծանօթ չեն Լիբանանին, լրագրողները նշեցին, որ արձագանգը շատ հետաքրքրական է մինչեւ հիմա, եւ շատեր տեղեակ չէին Պէյրութի մասին: Անոնք աւելցուցին, որ ստացան դրական մեկնաբանութիւններ, որով մարդիկ կը նշէին, թէ որքա՛ն անակնկալ էր իրենց համար բացայայտել Պէյրութի բոլոր երեսները: Լրագրողները յայտնեցին, որ դժբախտաբար իտալացիները երբեմն կը վախնան Միջին Արեւելք ճամբորդելէ եւ ասիկա հաճելի վերահաստատում մը եղաւ, որ Պէյրութը  ապահով է եւ կեանքով ու առաջարկներով լեցուն:

«Ազդակ» հետաքրքրուեցաւ նաեւ այն բաժիններով, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան, Արամ Ա. վեհափառի կարծիքներուն եւ «Արամ Պէզիքեան թանգարան»-ի բաժիններուն, որոնք փայլուն կերպով ներկայացուած են սփռուած յայտագիրին մէջ: «Ազդակ» նաեւ ուզեց գիտնալ լրագրողներուն կարծիքները այս մասին: Լրագրողները նշեցին, որ ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, իրենք շատ յուզւած են եւ խորապէս ներգրաւուած: Անոնք ընդգծեցին, որ Ցեղասպանութեան մասին լսած էին գիրքերէն, ժապաւէններէն, լուրերէն, բայց ուղղակիօրէն ըլլալ պատմութեան առջեւ ըլլալը, անհաւատալի համարուող ցաւին եւ ողբերգութեան հետ շփուիլը  յարատեւօրէն պիտի մնան իրենց միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ: Անոնք իրենց կեանքին եւ, իբրեւ լրագրողներ, իրենց ասպարէզին համար «գլուխ գործոց» համարեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպելու պատիւը:

Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք «Մետիասեթ կրուփ»-ին, «Էքս. սթայլ»  ծրագիրին եւ լրագրողներուն` այս բարձրորակ ծրագիրին համար: Անոնք լաւապէս եւ յստակ ձեւով ըմբռնած էին ու արհեստավարժ ու ազդեցիկ ձեւով ներկայացուցած էին Հայկական հարցը:

Տեղեկատւութիւնը կարելի է դիտել «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ: http://www.video.mediaset.it/video/x_style/clip/beirut-capitale-del-libano_772513.html

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Ի՞նչ Պիտի Ըլլան Վարչապետ Հարիրիի Յաջորդ Քայլերը Լիբանանի Մէջ

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Լիբանանցիներուն համար յանկարծակի եւ անհաւատալի էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը նոյեմբեր 4-ին: Շատեր ըսին, որ վարչապետը արգելափակուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ուրիշներ ըսին, որ ան ստիպուած էր հրաժարիլ. չեմ ուզեր մտնել դաւադրութեան տեսութեան մէջ եւ գուշակութիւններ ընել, սակայն կան որոշ հարցադրումներ, զորս պէտք է բարձրացնել եւ քննարկել:

Հարիրիի հրաժարականի նամակին մէջ գործածուած ոճը երբեք չէր նմաներ մեր գիտցած հանդարտ խօսող վարչապետի չափաւորական ոճին, որուն միշտ ալ վարչապետ Հարիրի վարժեցուցած էր մեզ: Շատ յստակ էր, որ երբ վարչապետ Հարիրի իր հրաժարականը կարդալու ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի «կտրէ իրանական թափանցումի ձեռքերը արաբական աշխարհին մէջ», այդ տողը իր կարծիքը չէր արտայայտեր, նոյնիսկ երբ ինք քաղաքական հակասութեան մէջ է Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ:

Լուրեր տարածուեցան, որ Սէուտական Արաբիա կը նախընտրէ, որ անոր երէց եղբայրը` Պահա Հարիրին փոխարինէ Սաատ Հարիրին: Ասիկա զարմանալի չէր, որովհետեւ արդարադատութեան նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին եւ Հարիրիի մօտիկ անձեր, ինչպէս` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, Ռըտուան Սայետը եւ Ահմետ Ֆաթֆաթը պնդեցին, որ Հարիրիի հրաժարականը վերջնական է: Այս դժուար պահուն Հարիրիի կողքին կանգնած միակ սիւննի ղեկավարը ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքն էր:

Վարչապետ Հարիրի լրագրող Փոլա Եագուպեանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ որոշ կէտերու, որոնց վրայ կարեւոր է կանգ առնել: Նախ ան փորձեց չգործածել «հրաժարում» բառը եւ պատասխանելով Եագուպեանի հարցումին` ըսաւ. «Այո՛, գիտեմ, որ սահմանադրական չէ, եւ երբ վերադառնամ Լիբանան, միջոցառումներու պիտի դիմեմ եւ նախագահին հետ երկխօսութիւն ունենամ»: Աւելի՛ն. երբ Եագուպեան հարցուց անոր ընտանիքին մասին, Հարիրի պատասխանեց. «Այո՛, մտահոգ եմ ընտանիքիս համար», ապա երբ հարցուց, թէ ընտանիքը իրեն հետ Ռիատի մէ՞ջ է, Հարիրի քանի մը երկվայրկեան ետք «այո» ըսաւ եւ ամէն անգամ, որ նեղի կը մատնուէր, կ՛ըսէր` «Փոլա՛, յոգնեցուցիր»:

Հըզպալլայի համար այս ներկայ կացութեան մէջ շատ դժուար է վարչապետութեան սիւննի թեկնածու մը գտնել, որովհետեւ նախ այս քայլը կրնայ բախումի տանիլ սիւննի եւ շիի համայնքները. առաւել, մինչեւ օրս ոեւէ սիւննի ղեկավար իր պատրաստականութիւնը չյայտնեց վարչապետի թեկնածու ըլլալու: Միեւնոյն ժամանակ, Հըզպալլայի համար Սաատ Հարիրին կը ներկայացնէ չափաւորական սիւննի խաւը, եւ այս պատճառով ալ կուսակցութեան շահերէն չի բխիր կորսնցնել զայն: Միւս կողմէ, Հարիրի գիտնալով այս իրողութիւնը` քաղաքական զիջումներ պիտի պահանջէ Հըզպալլայէն: 2016-ին Աունի թեկնածութեան

զօրակցելով` Հարիրի կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը սիւննի համայնքին մէջ, եւ 2015-ին քաղաքապետական ընտրութիւնները ահազանգ հնչեցուցին Թրիփոլիի մէջ, իսկ Պէյրութի մէջ Ֆուատ Մախզումիի վերելքը ա՛լ աւելի կրնայ վտանգել հարիրիականութիւնը երկրին մէջ, այս պատճառով ալ Հարիրիին համար կարեւոր է, որ իր համակիրներուն, մասնաւորապէս սիւննիներուն առջեւ ներկայանայ իբրեւ միակ սիւննի ղեկավարը, որ կրնայ ուժ բանեցնել Հըզպալլայի վրայ: Հարիրին իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտօրէն խոստովանեցաւ, որ ինք իր ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած է, ամէն անգամ ինք կը զիջի, եւ կարգը ուրիշներուն պիտի գայ:

Կը կարծեմ, որ այս խնդիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ: Շատ յստակ էր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ըսաւ, որ նախագահ Աուն պիտի փորձէ ամէն ջանք ի գործ դնել անկեղծ երկխօսութիւն վարելու վարչապետին հետ: Առաւել, Մարտ 8-ի ուժերը բոլորը զօրակցութիւն յայտնեցին Հարիրիի վերադարձին, իսկ իմ կարծիքովս, Հարիրի կը վերադառնայ այն ժամանակ միայն, երբ Հըզպալլա իր պատրաստակամութիւնը ցոյց տայ գոնէ Եմէնի խնդիրին մէջ զիջելու, հաշիւ ընելով, որ սուրիական հարցը գրեթէ վերջացած է:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Տարուան Մը Հեռաւորութենէն

0
0

Հ. ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Ուղիղ տարի մը առաջ մեր կեանքին հրաժեշտ կու տար համակուսակցական կազմակերպական մեր կեանքի վերջին աւելի քան երեսուն տարիներու բանալի տարրերէն` Արա Տեմիրճեանը, բոլորիս համար կարճ ըսած` ընկեր Արան:

Օրին, մահուան առիթով , դաշնակցական մամուլին մէջ բաւական բան գրուեցաւ անոր պատասխանատու բազմակողմանի պարտականութեանց հարուստ կենսագրականին մասին: Եւ որովհետեւ անոր խուփ, լուռ եւ խորհրդապահ պահուածքն ու նկարագիրը, ինչպէս նաեւ իր աշխատանքային դաշտի բնոյթը զինք ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու պահած էին հասարակական ասպարէզէն, մահուան առիթով, իր ըրած գործերուն ու վաստակին առնչուած որոշ բացայայտումներ կատարուեցան ու յաւելեալ լուսաբանութիւններ տրուեցան իրաւամբ, եւ այն ատեն միայն շատեր աւելիով ըմբռնեցին կորուստը ու աւելի ամրապնդեցին իրենց յարգանքն ու համարումը առյաւէտ հեռացող ընկերոջ նկատմամբ:

Բազմաթիւ ընկերներու ու մանաւանդ սերնդակից ընկերներու նման, ես ալ ընկեր Արան ճանչցած եմ փոքր տարիքէս, Ճեմարանի գրասեղաններուն ետեւէն, իբրեւ խիստ ու խոժոռ ուսուցիչի, ծխախոտէն անբաժան, ապա աւելի ուշ հետը գործակցած` մինչեւ կազմակերպական մեր ածուի տարբեր փուլեր: Խստապահանջ, այո՛, բայց միաժամանակ մտերմիկ, խորապէս բարի ու մարդկային ազնիւ մօտեցումներով տարբերուող ընկեր Արայի վաստակը, ըստ իս, առաւելաբար կը կայանայ կուսակցական մեր շարքերու երիտասարդացման հոլովոյթին մէջ, ուր ունեցաւ կարեւոր ներդրում` երիտասարդական կառոյցի ստեղծման ու կազմաւորման յոյժ էական գործին մէջ, որուն ճամբով համանուն երիտասարդութեան վստահուեցաւ եւ վերապահուեցաւ ազգային պահանջատիրական մեր երթին համակ դերակատարութիւնը: Եւ այսօր, երբ ամբողջ աշխարհի տարածքին ականատեսն ենք երիտասարդութեան դիմագրաւած լուրջ տագնապներու, որմէ անմասն չի կրնար մնալ բնականաբար նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, առաւել եւս կը շեշտուի ընկեր Արայի ու իր գործակից բոլոր մեր երախտաւոր ընկերներուն (անդի աշխարհ թէ ասդի) գծած անգնահատելի ու շնորհակալ այդ ուղեգիծին արժէքը, այն ուղեգիծին, որուն շնորհիւ դաշնակցական ամբողջ սերունդի մը ջամբուեցաւ գաղափարական կուռ ու մարտունակ դաստիարակութիւն, իւրայատուկ վարքագիծ, կազմաւորուեցաւ քաղաքական հասուն մտածողութեամբ, ազգային արեւելումով, եւ որ այսօր ամէնուրեք կը շարունակէ յամառօրէն մնալ պատնէշի վրայ ու թիավարել յաճախ հոսանքն ի վեր, հակառակ հաւասարապէս առարկայական թէ ենթակայական տարատեսակ դժուարութեանց…

Ահաւասիկ ա՛յս պրիսմակէն կը դիտեմ ընկեր Արան ու գլխարկ կը բարձրացնեմ իր վաստակին առջեւ: Վա՛րձքդ կատար, խոնարհ ընկեր: Յիշատակդ անմար:

 

 

Կեանք Մը, Որ Ամբողջական Նուիրում Եղաւ (Ընկ. Արա Տեմիրճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Քիչեր գիտէին, թէ այս «խոժոռ» դիմագիծով ընկերոջ հոգիին մէջ որքա՛ն ընկերական ջերմութիւն կար: Աւելի քիչեր գիտեն, թէ որքա՛ն նուիրում ու հաւատարմութիւն կար իր անձին մէջ: Հաւատարմութիւն` հայութեան շահերուն նկատմամբ, նուիրում` կազմակերպական-դաշնակցական սկզբունքներն ու որոշումները իրական կեանքի վերածելու ուղղութեամբ:

Իրեն ծանօթացած եմ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան օրերուն. բայց` միայն ծանօթացած: Որքան գիտեմ, Արա Տեմիրճեան առնչուած էր առաջին Կեդրոնական վարչութեան, թերեւս ալ մաս կը կազմէր այդ խումբին:

Հետագային, 1977-ին էր, որ երբ մաս կազմեցի ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին ու ինք Բիւրոյի գրասենեակը կ՛աշխատէր (կարճ ատեն մը ետք` գործավար, Բենօ Թոնդեանէն ետք), աւելի մօտէն ճանչնալու առիթը ունեցայ իրեն:

Յաջորդող տարիներուն, ամէն քայլափոխի կը նկատէի, թէ որքա՛ն ուսանելի բաներ կային իր մէջ: Բնաւորութեամբ համեստ էր ու լռակեաց. այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ, նոյնիսկ երբ տասնամեակներու թաւալումին հետ աւելի մտերմացանք, ինք մնաց նոյն լռակեացը: Մտերմիկ պահերուն եթէ բան մը ըսաւ` ըսաւ, այլապէս հարցում ալ չէի հարցներ իրեն… Լիբանանի մէջ ներկայ եղած եմ բազմաթիւ Շրջանային ժողովներու, կը յիշեմ բազմաթիւ դրուագներ` թէ՛ ծանրակշիռ եւ թէ՛ ընկերային-ծիծաղաշարժ պահերով: Շատ լաւ կը յիշեմ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին կրքոտ ելոյթները, տոքթ. Էպլիղաթեանին քաղաքական հանդարտաբարոյ լուսաբանութիւնները, ընկեր Կարպուշին անպաճոյճ, բայց խորիմաստ արտայայտութիւնները, մէկ խօսքով` Լիբանանի մեր կազմակերպութեան բոլոր «թենորները», սակայն ոչ մէկ անգամ կը յիշեմ Արա Տեմիրճեանին խօսք առնելը: Ինք անշուշտ ունէ՛ր տեսակէտ, սակայն «Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ, իմ գիրն ուրիշ գրէն է. ամէն մարդ չի կանայ խմի, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է»:

Ինք գործեց իրերայաջորդ այն բիւրոներուն հետ, որոնք իրենց կարգին գործեցին փոթորկոտ ժամանակաշրջանի մը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, ապահովական խնդիրներ, Հայ դատի հետապնդման նոր որակի աշխատանքներ, քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներու եւ համապատասխան գրասենեակներ` Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայաստանի վերանկախացում եւ այլն: Առաւել, բազմաթիւ ընդհանուր ժողովներ ու անոնցմէ բխած բիւրոներ ու ժամանակի թաւալքին հետ Դաշնակցութեան աշխատանքի «խրամատի» ընդարձակում, որոնց մէջ ինք եղաւ դերակատար: Ոչ միայն դերակատար, այլ նաեւ հանդիսացաւ այն կազմակերպական «յուշամատեանը», աւելի՛ն, հանրագիտարանը, որ յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ անհրաժեշտ է որեւէ կազմակերպութեան համար:

1970-ական թուականներէն մինչեւ անցեալ տարի, կեանք մը ամբողջ, ինք մնաց ու գործեց Բիւրոյի գրասենեակէն ներս, Պէյրութ, Աթէնք, թէ Երեւան: Ուր որ ալ գործը զինք կանչեց:

Մտերմութեան պահերուն, երբ, ըսենք, տաք վիճաբանութիւն մը կը սկսէր այս կամ երեւոյթին մասին, իր խօսքը շատ-շատ մէկուկէս նախադասութիւն էր. յաճախ ալ, ու ընդհանրապէս, պեխերուն տակէն սապէս` «Աաաա՛հ» մը, իւրայատուկ ու «արայական», զոր հասկնալու համար պէտք էր լաւ տեսնել այդ պահու իր դէմքի արտայայտութիւնն ու լսել ձայնին շեշտադրումը: Ատո՛նք էին, որ կը ճշդէին իր այդ «Աաաա՛հ»-ին իմաստը: Այս մասին աւելիով թող վկայեն Փիթըրը, Մուսան ու Սագոն…

Բայց ո՞վ կ՛ըսէր, թէ այս «խոժոռ» մարդը որքան նուրբ հոգի ունէր հալալ-զալալ ընկերներու նկատմամբ, իսկ մտերմութեան մէջ որքան… սրամտութիւն կար իր մէջ պահուած:

Արա Տեմիրճեանը եկաւ ու գործեց մեր ժողովուրդի պատմութեան բախտորոշ տասնամեակներուն ընթացքին: Իր դերը դիւրին-դիւրին տեսանելի տեսակէն չէր: Ինք «չկար» կարծէք, բայց ամէ՛ն տեղ կար: Օր մը պիտի գրուի այս ժամանակաշրջանի իսկակա՛ն պատմութիւնը, զերծ` ամէն տեսակի թեթեւսօլիկութիւններէ: Եւ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ Արա Տեմիրճեան անունը իր արժանի տեղը պիտի գտնէ այդ պատմութեան էջերուն մէջ:

Արա՛, սիրելի՛ Արա, մեզմէ շատ բան պակսեցաւ քու անժամանակ մահովդ:

 

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Նոյեմբեր Գ. –Անկիւնադարձային Ժողով

0
0

Սուրիական պատերազմը հրահրողները եւ շրջանը քրիստոնեաներէ պարպելու միտող դաւադրական ծրագիրները անկասկած նկատի պիտի չառնէին քրիստոնեաներուն դարարմատ ներկայութիւնը, անոնց շինիչ դերակատարութիւնը եւ յատկապէս ունեցած ներդրումը Միջին Արեւելքի քաղաքակրթութեան մէջ: Ընդհակառակը` անոնց նպատակն էր քայքայել տարածաշրջանը, ջնջել քրիստոնեաներուն հետքը ու սրել համայնքային լարուածութիւնները` անտեսելով այնտեղ դարարմատ ներկայութիւն ունեցող ցեղերուն, ազգերուն գոյապայքարն ու մշակոյթը:

Պատերազմի առաջին օրերէն հայ համայնքին դիրքորոշումն ու գաղութին կառչած մնալու որոշումը զգացական կապուածութեան կամ սոսկ հայկական պատմական ժառանգութեան պահպանման չէին աղերսուած, այլ հայութեան շինիչ ներկայութեան ու տարածաշրջանին մէջ ունեցած ներդրումին պահպանման հեռանկարին:

Ստեղծագործ ու շինարար հայը դարերու ընթացքին դրական ներկայութիւն եղած է Սուրիոյ մէջ` հարստացնելով երկրին ճարտարարուեստը, մշակոյթը, արհեստներն ու արուեստները: Ան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելով երկրի զանազան շրջաններու իշխանութեանց հետ, մեծ յարգանք վայելած է անոնց կողմէ` մնայուն կերպով ջատագովը հանդիսանալով երկրի զարգացումին, արդար հասարակարգի ստեղծումին, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութեան:

Քրիստոնեաները, որոնց կարգին նաեւ հայերը, այս տարածքներուն վրայ ապրած են դարեր շարունակ,  ուստի անոնց ներկայութիւնը կամայական դրդումներով վերացնելու փորձերուն դէմ մաքառումը կու գար անգամ մը եւս վկայելու, թէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի ընդհանուր հիւսուածքին անբաժան մէկ մասնիկը պիտի շարունակէ մնալ:

Այս ճշմարտութիւնը մէկէ աւելի անգամներ կրկնեց նաեւ երկրիս նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատը, վերջին անգամ արաբ ազգայիններու հետ իր հանդիպման ընթացքին, երբ ըսաւ. «Այս տարածաշրջանին մէջ բնակողները կը միանան պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ, փոխադարձ շահերով ու քաղաքակրթութեամբ: Սուրիոյ մշակութային ժառանգութիւնը համադրումն է  մշակութային ժառանգութեան այն ժողովուրդներուն ու ցեղերուն, որոնք ապրած ու ստեղծագործած են այս տարածաշրջանին մէջ»:

Այս իմաստով անկիւնադարձային էր Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 164-րդ նիստը, որ վերականգնումի եւ վերաշինութեան իր ծրագիրներով, բայց մանաւանդ համայնքի զաւակներուն հոգեւոր, բարոյական, կրթական, հայեցի դաստիարակութեան բազմաբնոյթ ծրագիրներու գործադրութեան տնօրինումով կու գար հաստատելու սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու վճռակամութիւնը, սուրիական հայրենիքին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ու համայնքին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:

Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դիմաց համախմբուած ժողովականներուն խմբանկարը խօսուն վկայութիւնն էր այն իրողութեան, որ կառոյցներու քանդումով, սարսափի ու վախի մթնոլորտի ստեղծումով կարելի չէ մեր ժողովուրդին հոգեկան թռիչքը խափանել, տեսիլքը խամրեցնել: Փաստօրէն էականը կառոյցը չէ, այլ անոր դերակատարութեան հանդէպ  հաւատք ունեցող հաւաքականութիւնը: Քանդուածը կը շինուի ու մեր երթը կը շարունակուի:

Թռիչքը ընթացք առած է կրկին, կը մնայ զօրավիգ կանգնիլ դէպի յառաջ ընթանալու յանդգնութիւն ունեցող անհատներուն, ղեկավարներուն, երիտասարդներուն, ու պատերազմէն ետք աւելի ուժեղ թափով վերականգնումի աշխատանքին լծուիլ: Աշխատանք, որ կը պահանջէ կամք, հայեցակարգ ու նուիրում:

Կրաւորականութենէ դուրս գալու լրջագոյն պահն է:

«Գ.»


Գրողի Անկիւն. Ապրի՛ս, Տէր Պապ…

0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խաղողօրհնենքի կիրակին էր: Օ՛հ, ներեցէ՛ք: Սխալեցայ: Կողակիցս դարձեալ զիս սրբագրեց: Պէտք էր, որ ըսէի «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի» տօն, չորրորդ տաղաւար… եւ պէտք էր, որ անպայման եկեղեցի երթայինք:

Չեմ դժկամիր: Եկեղեցի կ՛երթամ հոգիիս աղաղակին պատասխանելու: Չէ՞ որ ես ալ քահանայի թոռ եմ եղած: Տակաւին հաւատքը պահած է գիտակցութիւնս: Այդ մէկը զգալի է: Միւս կողմէ, սակայն, ամբողջ շաբաթը սենեակիս պատուհանէն եւ կամ դուրսը` պարտէզս նստած, ընթերցումի կամ խոկումի կողքին, աղաւնիներու սիրերգը մտիկ ընելէն յոգնած էի:

Պատարագը նոր «մտած էին», երբ եկեղեցի հասանք: Փորձեցի ինքնաշարժը պահել շէնքի կողքի երեք կանգառներէն մէկուն մէջ: Ո՛չ մէկ տեղ: Բոլորն ալ` «բերնէ բերան» լեցուն: Մա՛րդ Աստուծոյ, ըսի մտովի, քանի մը հատ սկաուտ դրէ՛ք, կամ պահակ, կամ հսկիչ, որպէսզի կանգառներու մուտքն ու ելքը հսկեն, կանոնաւորեն: Այս մասին ո՞վ է մտածողը: Մարդիկ, պատասխանատուներ` կ՛երեւի ասկէ աւելի կարեւոր «բաներ» ունէին կատարելիք ներսը, եկեղեցւոյ մէջ: Այս ուրիշ խնդիր է: Կը ներէք: Վերջապէս, երկու փողոց անդին տեղ մը գտայ: Քիչ մը ջղային հասայ եկեղեցի: Աստիճաններէն վեր բարձրացայ ու փորձեցի ներս մտնել: Աստուա՛ծ իմ, կարծես Ծնունդ կամ Զատիկ ըլլար: Աննկարագրելի խճողում: Կանգնելու տեղ չկար: Հաւանաբար աղօթելէ առաջ եւ աւելի` եկած էին խաղող «առնելու»: Որո՞ւ հոգը:

Հապա՞ ներսը, մէկ կողմէ աւագ սեղանին, երբ շարականները կը բարձրանային, անդին մուտքին, ներկաները աղմուկով զիրար կը հրմշտկէին: Իրենց համար կարեւորը ներս մտնել, տեղ մը, նստարանի մը ծայրը տեղաւորուիլն էր, մինչ հոգաբարձուները գործի լծուած էին, այդ խճողումին մէջ եկեղեցւոյ երկայնքին ու լայնքին կ՛երթային ու կու գային` եկուորներուն «պարապ» տեղեր փնտռելով: Ապա երբ յարմար «տեղ» մը գտնէին, մեծ բարիք մը ընողի գոհունակութեամբ, հաւատացեալներու ուշադրութիւնը գրաւող շարժումներով, իրենց ցուցամատով «տեղ փնտռողը» կը կանչէին մեծ սրահներու թուագրեալ աթոռներու առաջնորդող պաշտօնեաներու նման: Ահա քեզի, «դրամ հաւաքելու» կողքին, ուրիշ «գործ» մըն ալ: Դարձեալ` ինծի ի՛նչ: Այս ալ ուրիշ հարց է:

Իմ կարգիս, բոլոր ուժերովս մարդկային այս «ալիքը» դէպի առաջ հրելով, քրտինքոտ ճակատով կամաց կամաց եւ աներեսաբար ոչ միայն ներս հասած էի, այլեւ կարողացած` սանկ մէկ ու կէս հոգինոց տեղ մը գտնել, խորանին մօտիկ նստարաններէն մէկուն վրայ, տարեց կնոջ մը կողքին: Նոր դրացուհիս վերէն վար սեւեր հագած մամիկ մըն էր: Ճերմակ թաշկինակ մը` ձախ ձեռքին: Երբ զիս տեսաւ, փէշերը հաւաքեց, պայուսակը նստարանին վրայէն վերցնելով` դրաւ ցած, երկու ոտքերուն մէջ ու նիհար ձեռքերով նշան ըրաւ, որ մենք` էրիկ-կնիկ իր մօտը նստէինք: Շնորհիւ այս բարի սամարացիին` կրցանք տեղաւորուիլ բառին իսկական իմաստով: Անմիջապէս շնորհակալութիւնս ցած ձայնով յայտնեցի ու արագօրէն տեղս գրաւեցի: Կինը կ՛երեւի զիս չլսեց: Շատ լուրջ եւ խոր հաւատացեալի մը տպաւորութիւնը ունէր: Երբեմն խորան եւ երբեմն ալ դէպի վերերը նայելով` սրտանց կ՛աղօթէր: Ձայնը յստակ կը հնչէր` հասնելով նոյնիսկ պատերու վրայի սուրբերուն, որոնք կարծես այդ պահուն հոգի առած ըլլային ու զինք վերէն դիտէին: Աղօթքին բառերը գինիի նման կ՛այրէին շրթները: Այսպէս են մեր հաւատացեալ մամիկները: Այսպէս է նաեւ մեր պատարագը, որ իր շուրջ կը ժողվէ բոլորին սրտերը: Իսկ ես, իրմէ վարակուած, ամբողջ սրտով անմիջապէս կ՛ուզէի կառչիլ երգին, լոյսին, խունկի հարբեցուցիչ բուրումին: Դժբախտաբար դուրսը կանգառներու «ժամավաճառութիւնս» մեզ հասցուցած էր օրուան քարոզի պահին: Եկեղեցին իսկապէս տօնական բնոյթ առած էր: Պատարագ եւ աղօթք` բոլոր տարիքի մարդոց ձայներով:

Եւ ահա վերջապէս պատարագիչ տէր հայրը, հանդիսաւոր կերպով մօտենալով խորանին վրայ իրեն համար դրուած գրակալին, սկսաւ օրուան յատուկ իր պատգամ-քարոզին, որուն նիւթն էր` Ս. Մարիամ Աստուածածինը: Քահանան կը խօսէր հանդարտ: Յաճախ բարձր ձայնով եւ յատուկ շեշտով կը պարզաբանէր: Իսկապէս, որ շունչ կար բառերուն մէջ: Մարմաջ մը` նոյն այդ բառերու ետին: Տեսակ մը հաւատքով լեցուն` արձակ լեզու: Քաղցր խօսք: Ձայնին մէջ յուզումը թանձրացած էր եւ դարձած` շեշտ, հոգիէն փրթած բեկոր, համակրանքով խառն նայուածքով: Չէի զարմացած: Ծանօթ էի քարոզիչի ոճին, բառերուն եւ վարակիչ ապրումներուն: Բառեր, որոնք լոյս կու տային ներկաներու գիտակցութեան: Դրացուհիս ալ, ինծի նման, ուշի ուշով կը հետեւէր այդ բառերուն: Հաստատապէս հաւատքը պահած էր իր մտքի պայծառութիւնը: Առիթէն օգտուելով` չորս կողմս նայեցայ: Վիզս աջ-ձախ պտտցուցի: Երկարեցի: Իսկապէս յուզիչ բան մը կար օդին մէջ: Թէեւ բոլորն ալ եկած էին խաղող վերցնելու, սակայն եւ այնպէս ամէն մարդ մօտէն կը հետեւէր «խօսքին»: Քահանան զուարթ դէմքով եւ հոգեկան երանութեան ցոլացումով Ս. Աստուածածնի յատկութիւնները կը կապէր հայ մօր հետ: Բառերը պարզ էին եւ անփոխարինելի: Հայ մայր, գութ, խիղճ, սէր, հաւատք,  հաւատարմութիւն, հերոսութիւն, զոհաբերում, հայապահպանում, քաջարի մարտիկուհի, հայոց լեռներուն` իր ամուսնոյն զինակից եւ Տէր Զօրի անապատի տաք ու կիզիչ աւազաններուն վրայ իր զաւկին մեր հայերէն տառերը սորվեցնող հայուհի, ու վերջաւորութեան` բարձրաձայն կոչ, թելադրանք ու խրատ` բոլորին ու յատկապէս մայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որ անպայման իրենց զաւակներուն եւ կամ թոռներուն հետ, տան մէջ թէ դուրսը, մայրենի լեզուով խօսին: Տան մէջ հայերէնը չբացակայի` շեշտաւորուած յորդորեց քահանան:

Ահա՛ Ս. Աստուածածին եւ ահա՛ հայ մայր: Կ՛ըսէի մտովի: Նոյնն էին այդ վայրկեանին: Նոյնարժէք: Նոյնացած: Եկեղեցին լուռ էր եւ անշարժ: Շուրջս տիրող խորհրդաւորութիւնը զիս ալ, բոլոր ներկաներուն նման, տարած էր ուրիշ աշխարհ` մաքուր, խաղաղ եւ նոյնքան ալ հերոսական: Պաշտամունքի մթնոլորտ: Եւ յանկարծ, ո՜վ հրաշք, երբ քարոզիչը իր վերջին բառերը հազիւ արտասանած` դէպի սուրբ սեղան կը դառնար, դրացուհիս ոտքի ելլելով, բացագանչեց` «Ապրի՛ս, տէ՛ր պապ», ու սկսաւ ծափահարել: Այս տեսարանը զիս ալ զարմացուց: Ընդհանրապէս մենք մեր եկեղեցիէն ներս չենք ծափահարեր: Մերինը սրահ չէ: Մեզի համար սրբավայր է: Աղօթավայր: Թէեւ յաճախ պսակներու ընթացքին հանդիպած էի օտարներու, որոնք մեր եկեղեցիէն ներս նորապսակներու եկեղեցէին դուրս գալու պահուն, իբրեւ ուրախութեան արտայայտութիւն` ծափահարութիւններով եւ բարձրաձայն աղմուկով ողջունած էին, սակայն այս մէկը իսկապէս որ նորութիւն էր ինծի համար: Ուստի մէջս անակնկալ երկիւղ մը բռնեց: Ու ի՜նչ զարմանք, ծափը իր կարգին արձագանգեց, ամբողջ եկեղեցին թնդաց: Հաւատացեալները ոտքի ելան: Քարոզիչի մանաւանդ վերջին խօսքերը ներկաներուն գիտակցութիւնը արթնցուցած էր: Բոլորին աչքերուն մէջ հայ մօր պատկերը յոյսի ու խաղաղութեան թեւերով եկած էր սաւառնիլ: Կը զգայի, որ դարձեալ հայու հոգին պայքարի մէջ էր: Շանթահար իրականութիւն: Զարմանքս թակած էր մտքիս բոլոր դռները, ու ես ալ ինքնակոչ, ոտքի ելլելով, սկսայ հետեւիլ ամբոխի շարժումներուն: Երկար ծափահարեցի: Իր կարգին, սակայն, տէր հայրը հանդարտ ու խաղաղ, վերադառնալով դէպի մայր սեղան, շարունակեց պատարագը: «Հայր Մեր»-ը եկաւ եկեղեցին լեցնելու նոր կեանքով ու խաղաղութեամբ:

Ապրի՛ս, տէ՛ր պապ…

***

Ինծի տրուած խաղողի տոպրակը վերցնելէ ետք տուն վերադարձանք` միշտ մտքիս մէջ ունենալով երգի եւ երգիչի յստակ տարբերութիւնն ու ներուժը: Երգը բոլորս ալ գիտէինք եւ գիտենք, դարձեալ կ՛ըսէին մտովի: Ուրեմն էականը երգիչն էր:

«Երգի՛չ» տէր հայր:

Ու հաւատացեալ դրացուհիիս ձայնը ականջիս մէջ պահելով` փորձեցի առանձնանալ սենեակիս մէջ: Ինծի այնպէս կը թուէր, որ այդ օր կրկին անգամ նորոգած էի հաւատքիս մաշած ոտնամանները:

Ապրի՛ս, տէ՛ր պապ… վա՛րձքդ կատար:

 

 

 

 

Ծննդեան 120-րդ Եւ Նահատակութեան 80-րդ Տարեդարձներուն Առիթով. Չարենց` Հայրենի Ձեռքի Գգուանքով Իմաստուն Դարձած Բանաստեղծը

0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երգած ենք ու կը շարունակենք երգել.

«Երազ տեսայ, Սայաթ Նովէն մօտս եկաւ սազը ձեռին…»
«Լուսամփոփի պէս աղջիկ, Աստուածամօր աչերով…»

Իսկ աւելի յաճախ` «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում», բանաստեղծութիւն մը, որ վերջին տարիներուն երգչախմբային նոր ու սքանչելի մշակումի արժանացաւ մեր ժամանակակից մեծերէն Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ: Հայաստանի համն ու բոյրը հաղորդող, մեր մշակոյթի տիտաններուն ու Արարատին անգերազանցելի հմայքը գովերգող այս բանաստեղծութիւնը նաեւ կ՛արտասանուի պատանիներու եւ երէց սերունդէն արուեստագէտներու կողմէ, իբրեւ խտացեալ ու ժամանակ չճանչցող ներբողական մը` Արարատին սեւեռող մեր մայր հայրենիքին, մեր մշակոյթի տիտաններուն:

Գիտենք, որ այս ու նման գոհարներ, ծանօթ ու նուազ ծանօթ, յաճախ նաեւ` գրադարաններու էջերուն բանտարկուած մարգարիտներ, ծնունդ առած են Եղիշէ Չարենց անունով տիտանի մը երկունքէն, բանաստեղծ մը, որ կեանքի օրերուն, մահով ու յետմահու «ոդիսական»-ներով եզակի տեղ գրաւած է 20-րդ դարու մեր գրականութեան ու հասարակական կեանքին մէջ, ու իր բառերը փոխ առնելով` կրնանք անվարան ըսել, թէ իբրեւ «լուսապսակ ճակատ»` կը շարունակէ լուսաւորել Հայ Գրականութեան անդաստանը:

Եղիշէ Չարենց մաս կը կազմէ մեր գրողներու, մշակոյթի ու քաղաքական գործիչներու այն սերունդին, որ զոհ գնաց Ստալին-Բերիա եւ ընկերակից «խունթա»-ի ոճրածին դաւադրութեանց: Երկար ատեն անծանօթ էին  բանաստեղծին մահուան ճիշդ թուականն ու օրը, սակայն երբ դաժան տարեթիւէն` 1937-էն տասնամեակներ ետք, Խորհրդային Հայաստանէն ամօթանքի քողը ի վերջոյ վար առնուեցաւ, հաստատուեցաւ, որ ան աչքերը փակած է… 29 նոյեմբեր 1937-ին, այն օրը, երբ Հայաստան կը տօնէր համայնավար կարգերու հաստատման տարեդարձը:

Մինչեւ այսօր ալ անորոշ կը մնան անոր մահուան մանրամասնութիւնները. կան ենթադրութիւններ, որ տանջանքի տակ սպաննուած է, կը խօսուի նաեւ անձնասպանութեան մասին, որ համոզիչ չէ` ճանչնալով մարդը. նոյն օրերուն շատեր գնդակահարուած են բանտերու մէջ կամ անհետ կորսուած` Սիպերիոյ սառցադաշտերուն, սակայն աւելի ստոյգ է, որ ան աչքերը փակած է Երեւանի բանտին մէջ:

Չարենցի կեանքը տեւեց հազիւ 40 տարի, սակայն ան ոչ միայն ապրեցաւ դար մը, այլ ժառանգ թողուց դարերու դիմացող գրական վաստակ մը, որ, ինչպէս նշեցինք, այսօր ու ընդմիշտ պիտի մնայ մեր գրական գանձերու ամէնէն վիթխարիներու շարքին: Որովհետեւ վիթխարի մարդ էր ու գրող` Եղիշէ Չարենց, աշխարհ եկաւ ու ապրեցաւ հայութեան համար բախտորոշ ու ճակատագրական տարիներու, անոր 40 տարիներուն աւելի քան 25-ը լիարժէքօրէն միաձուլուեցաւ իր ժամանակի պատմութեան հետ, ո՛չ միայն գրական, այլեւ` պայքարի ասպարէզներու առումով: Մեր ողջ պատմութեան մէջ հազուադէպ են այն գրողներն ու գործիչները, որոնց կեանքն ու գործը ա՛յնքան իրարու միաձուլուած են, որքան Եղիշէ Չարենցի պարագային:

Կ՛արժէ, որ մեծ բանաստեղծին ծննդեան 120-րդ ու նահատակութեան 80-րդ տարեդարձներուն առիթով հպանցիկ ուրուագիծով մը անդրադառնանք անոր «տաֆթար»-ին, փորձենք անգամ մը եւս կանգ առնել ու խոնարհիլ անոր արժէքին առջեւ ու յորդորենք հայ պատանին ու երէցը, որ Չարենցի ու նման հսկաներու գրական ժառանգութեան հաղորդ մնան յարատեւօրէն:

Արկածալից Ոդիսականներ

Թէեւ Չարենցի անունը առաւելաբար կապուած է Կարսի, սակայն անոր ծննդավայրը եղած է, իր իսկ վկայութեամբ, Պարսկաստանի Մակու քաղաքը. աւելի ուշ, իր բանաստեղծութիւններուն մէջ գովերգած է Շիրազի վարդերը: Մանկութեան ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Կարս, որ դարձած է անոր երկրորդ ծննդավայրը եւ իր արժանաւոր տեղը գրաւած` անոր գրական ժառանգութեան մէջ: Պատանութեան տարիներէն սկսեալ ապրած է արկածախնդրութիւններով լեցուն ու թափառական կեանք. Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, տարիքը մեծ ցոյց տալով, մասնակցած է հայութեան ինքնապաշտպանական կռիւներուն, յետոյ անցած է Մոսկուա: Երիտասարդութեան սեմին ներգրաւուած է համայնավարութեան մէջ ու դարձած` համոզուած ու յախուռն գործիչ-քարոզիչ, նաեւ մասնակցած է Դաշնակցութեան դէմ ծանօթ պայքարներուն` բազմապիսի «երանգներով» գործածելով իր գրիչը: Հայաստանի  խորհրդայնացումէն ետք առաւելաբար բնակած է Հայաստան, 20-ական տարիներուն այցելած է եւրոպական կարգ մը քաղաքներ` Փարիզ, Վենետիկ, նաեւ` Պոլիս, փափաքած է այցելել Միացեալ Նահանգներ, սակայն ծրագիրը չէ յաջողած: Գրել սկսած է կանուխ` հազիւ 14 տարեկանին, իսկ 20-ին արդէն հռչակաւոր բանաստեղծ էր ու ճանչցուած քաղաքական գործիչ: Աւելի ուշ մաս կազմած է Հայաստանի Գրողներու միութեան, հասունացման տարիները զինք իրազեկ դարձուցած են դառն ճշմարտութիւններու, որոնց ի տես եւ ի լուր` ապրած է ահաւոր հիասթափութիւն համայնավարութիւն կիրարկողներէ. թէեւ մնացած է համոզուած համայնավար, սակայն անոր մէջ տարածութիւն ու վիհ ստեղծուած է շինծու միջազգայնականութեան ու ազնիւ ազգայնականութեան` սեփական հայրենիքին ու անոր մշակութային հարստութեանց հանդէպ խորացող սիրոյն միջեւ: Եւ որովհետեւ այդ տարիներուն նման զգացումներ արգիլեալ պտուղ էին, ու յանցագործները, մինչեւ իսկ` համոզուած համայնավարներ, ենթակայ էին հաւատաքննութեան ու հալածանքի, Չարենց եւս ի վերջոյ դարձած է հալածանքի թիրախ. օրուան վարձկան իշխանաւորները խտրութիւն չդրին համայնավար Չարենցի, Աղասի Խանճեանի, մինչեւ իսկ Կասեաններու նման հաւատարիմ գործակատարներու ու դաշնակցական Բակունցի եւ համախոհներու միջեւ. բոլորն ալ բանտ տարուեցան, վարկաբեկուեցան, ամէնէն այլանդակ ամբաստանութիւններով մահուան տարուեցան, շատերու գերեզմանը մնաց առանց հետքի:  Իսկ եթէ Գուրգէն Մահարիի ու Մկրտիչ Արմէնի պէս վերապրողներ եղան, անոնց վիճակուեցաւ խօսիլ «ծաղկած փշալարեր»-ու մասին ու յաջորդ սերունդներուն յանձնեցին անմոռանալի պատուէրներ…

Չարենցի ոդիսականը չէ սահմանափակուած իր կեանքի վերջին տարիներով:  Կարելի է երեւակայել Չարենցի այդ տարիներու հոգեվիճակը, երբ երէկի գործակիցները եւ գաղափարակիցները գտաւ մատնողի, դաւողի եւ զինք ու իր նմանները հալածողի դերին մէջ: Կանխահաս մահը իրեն խնայեց յետմահու ոդիսականի կարգ մը էջերը, որովհետեւ նոր էջեր արձանագրուեցան մահէն ետք ալ. Չարենցի անունն ու հետքը կորսնցնելու լծուած դէմքեր օր մըն ալ դարձան… զինք գովաբանողներ ու վերարժեւորողներ, երբ ստալինեան դաժան տարիները պատմութեան անցան ու բարեփոխութեան հովերը սկսան զովացնել Հայաստանի դժոխքը: Ողբերգութեան մէկ այլ ծալքն ալ եղաւ այն, որ բանաստեղծին կարգ մը անտիպ գործերը երկար ատեն պահուեցան գաղտնի, պահողները մահուան վտանգը աչք առնելով` գետնափոր պահեստանոցներու մէջ թողուցին թուղթերը. մաս մը վերագտնուեցաւ, սակայն մէկ մասը` խունացած, մաշած-փճացած ու յաճախ անընթեռնելի դարձած վիճակի մէջ. կարելի եղաւ այդ ժառանգութենէն մաս մը փրկել (նորագոյնը` հազիւ ամիս մը առաջ) ու գումարել նախապէս տպագրուած գործերուն վրայ: Երեւան այցելող մը պէտք է պարտք զգայ այցելելու Չարենցի տուն-թանգարանը:

Կենսագրական այս ամփոփ պատկերը չի կրնար ամբողջական ըլլալ, եթէ քանի մը տող չարձանագրենք անոր ընտանեկան կեանքին մասին, որ այլապէս արձանագրած է բազմերես ոդիսականներ: Չարենցի կեանքին մէջ, պատանութեան օրերէն սկսեալ, տեղ ունեցած են քանի մը «հուրիներ», որոնք եղած են իր ներշնչման աղբիւրներէն: Եթէ Վահան Թէքէեանի պէս «ամչկոտ» բանաստեղծ մը հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ պիտի չկարենայ իր սիրածին անունը արձանագրել իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, կամ Դուրեան մը խուսափած է իր հոգիին կրակները բորբոքողները յիշատակելէ, Չարենց, հաւատարիմ մնալով իր յախուռն ու համարձակախօս նկարագիրին, իր սիրելիներուն անունները տարածած է իր բանաստեղծութիւններու տողերուն երկայնքին, մասնաւորաբար` «Չարենցնամէ»-ին մէջ: Անոր կինը` Արփիկը եղած է սրտակից-ճակատագրակից մը, իսկ դուստրերը, Նիկոլ Աղբալեանի դստեր ճակատագիրին մատնուելէ ետք, գլխաւոր դերակատարներէն են եղած իրենց հօր վաստակին ու վարկին վերականգնումին:

Բանաստեղծ Մը Ծնած Է

Արդէն հպանցիկ կերպով արձանագրեցինք, որ Եղիշէ Չարենց եղած է համոզուած համայնավար մը, միջազգայնական հայեցակէտերու քարոզիչ մը ու անոր ընդմէջէն դիտած է մարդոց միջեւ հաւասարութեան իրականացման տեսլականը, դասակարգերու վերացման ճամբով` ընկերային արդարութիւն հաստատելու երազը: Այս սիւնակներուն յաջորդ բաժիններուն մէջ այս կէտը պէտք է ունենալ մեր մտապատկերին խորքը, ու մենք պիտի չկրկնենք այս յատկութիւնը, երբ նոյնքան արագ ակնարկով մը պիտի անդրադառնանք Չարենցի գրական վաստակին, արժանիքներուն ու մեր գրականութեան մէջ անոր գրաւած փարոսային դերին:

1897-ին ծնած Չարենցի առաջին բանաստեղծութիւններուն կը հանդիպինք 1911-էն սկսեալ: Այդ օրերուն մեր գրականութեան իշխանները կը կոչուէին` Թումանեան, Իսահակեան, Յովհաննիսեան, բայց մանաւանդ` Վահան Տէրեան, որ նմանապէս հմայուած էր համայնավարութեամբ ու ցմահ մնաց կուսակցական գործիչ: Չարենցի առաջին բանաստեղծութիւնները շեշտակիօրէն կը կրեն Տէրեանի ազդեցութիւնը. այդ օրերուն, շատեր կրած են Տէրեանի կնիքը: Առաջին գիրքին` «Երեք երգ տխրադալուկ աղջկան»-ի խորագիրն իսկ կը մատնէ տրամադրութիւնը: Շուտով, սակայն, աշխարհասասան դէպքերու յաջորդականութիւնը իրենց ոլորապտոյտին մէջ կ՛առնեն պատանի բանաստեղծը, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր ապրած ժամանակներուն «բազկերակը»: Մեղմիկ, յուզական ու բնութեան տարրերով տարուած գրողին տեղ հրապարակ կու գայ նոր նիւթ, նոր ոճ ունեցող եւ ուժի քարոզիչ բանաստեղծողը, մեր գրականութեան մէջ նոր ճամբայ ու դարաշրջան մը բացողը: Ան այլեւս պայքարի, յեղափոխութեան, բազուկի ուժի, աշխատաւորի տանջանքին ու զրկանքին վերջ տալու ձգտող բանաստեղծն է, որ նաեւ տարուած է Լենինով ու անոր վարդապետութեամբ: Այս գիծերը անոր մէջ տիրապետող պիտի մնան մինչեւ 1935-36 տարիներն ալ, սակայն մինչ այդ, եւ զուգահեռաբար, գլուխ կը բարձրացնէ ազգային աւանդներու եւ սեփականին արժէք տալու, ճանչնալու գիծը: Անոր ուշագրաւ տողերը, թէ` «գգուեց ինձ սիրով մի ձեռք հայրենի, ու ես մի գիշեր իմաստուն դարձայ», ընդհանրապէս համայնավար միջազգայնականէն դէպի սեփական ազգին յարելու խոստովանութիւն-ինքնավկայութիւն նկատուած են:

Հոս փակագիծ մը բանանք ու արձանագրենք անեկդոտ մը. կը պատմուի, որ յախուռն նկարագիրով Չարենց այնքան կրքոտ կերպով մխրճուած էր իր նոր ուղղութեան մէջ, որ առիթով մը, գրող բարեկամներու հետ զրոյցի պահուն, սուր քննադատութիւն ուղղած է իր վարպետին` Տէրեանի հասցէին, ըսելով, որ ան մելամաղձոտ է ու լալկան, մինչդեռ դարը կը պահանջէ ըլլալ ուժի ու աշխատանքի երգիչ, «կռուազան» տեսակէն: Ատեն մը ետք, դարձեալ Տէրեանի մասին բարեկամներու հետ զրոյցի մը պահուն, սքանչացումով խօսած է անոր մասին` ըսելով, որ ինք եւ իր նմաններ անոր համեմատած` մանուկներ են: Ու երբ յիշեցուցած են, որ կարճ ատեն առաջ թուք ու մուր նետած էր Տէրեանի հասցէին, պատասխանած է, որ իր այդ վերաբերմունքը ապացոյց է, թէ ինք ինչպիսի՛ մանուկ մըն է…

Չարենցի ժողովրդային ճանաչումին մէջ բանալի դեր ունեցած է Նիկոլ Աղբալեան, որ 1917-ին առաջին անգամ կարդացած է բանաստեղծին առաջին գործերը եւ յատուկ դասախօսութեամբ մը աւետած` բանաստեղծի մը ծնունդ: Երկու տարի ետք, երբ Աղբալեան մշակոյթի նախարար էր հանրապետութեան տարիներուն, ան հրաւիրած է Չարենցը, որ մինչ այդ Կարսի մէջ ու այլուր ուսուցչական գործ կը կատարէր, եւ նախարարութեան շէնքին մէջ գրասենեակ մը տրամադրած է անոր, որպէսզի բանաստեղծութիւն գրէ: Թէեւ Չարենցի գլխաւոր գործը եղած է… պաշտօնակիցներու հետ ժամանցով տարուիլ, սակայն Աղբալեան չէ զղջացած. խորհրդայնացման տարիներուն, երբ Չարենց միացած է Դաշնակցութեան դէմ հայհոյողներու բանակին եւ անասելի բառամթերքով «թնդանօթաձգութեան» լծուած է Դաշնակցութեան դէմ, Աղբալեան սաստ ուղղած է անոր: Յամենայն դէպս, Չարենցի հոգիին մէջ դաշնակցական Աղբալեանն ու Բակունցը անջնջելի տեղ ունեցած են. տարիներ ետք ան իր կարգ մը գիրքերէն մակագրեալ օրինակներ ղրկած է Իրան հաստատուած Աղբալեանին…

Գիրին Կտրած Ուղին

Գրական վաստակին մասին ամէնէն սեղմ ակնարկն անգամ մեզ պիտի հարկադրէր հատոր մը պատրաստելու. այս սիւնակներուն մէջ նման բան կարելի չէ ընել, այլ պէտք է բաւականանանք թւումի կարգով խօսիլ անոր կեանքի` սեփական ու գրական կեանքի փուլերը պատկերող գործերուն` իւրաքանչիւրին մասին արձանագրելով ուրուագծային տողեր:

Նախ նշենք, որ Եղիշէ Չարենցի քնարը բազմալար է. ունի քառեակներ, կարճ ներբողականներ, խոհական գողտրիկ ու յաճախ անվերնագիր բանաստեղծութիւններ, հնչեակներ, գազէլներ ու թատերական տարազումով բանաստեղծութիւն` «Կապկազ թամաշա»-ն, Կէօթէի ու այլ մեծերու հետ «զրոյցներ»… Սակայն նաեւ ունի մեծ պաստառի չափածոյ ու արձակ գործեր, որոնց մէջ կ՛արտացոլան անոր կեանքի տարիներն ու աշխարհը, նա՛եւ` հայկական աշխարհը ցնցող դէպքերն ու իրադարձութիւնները: Անպարագիծ երեւակայութեան կողքին, ունի գեղեցիկ ու պատկերաւոր լեզու, որ սակայն դժբախտաբար զերծ չէ «դարաշրջան»-ի օտարաբանութիւններէն (ախտ մը, որ նոյնքան դժբախտաբար տիրապետող է այսօր հայրենի կարգ մը գրողներու եւ մանաւանդ մամուլին մէջ). հարկադրուած է հատորները լոյս ընծայել աբեղեանական ուղղագրութեան առաջին տարիներու այլանդակութեամբ:

Առաջին մեծ պաստառի գործերն են «Տանթէական առասպել»-ն ու «Ամբոխները խելագարած»-ը. կամաւորական շարժումին միացած ու պատերազմի դաշտերուն վրայ ահաւոր պատկերներու-վիճակներու ականատես, յետոյ նաեւ յեղափոխական եռեւեփումներու մէջ ինկած բանաստեղծը հարազատօրէն կու տայ ողբերգութիւնը` իր մարդկային ու ազգային երեսներով: Մանաւանդ «Տանթէական»-ին մէջ ընթերցողը կը հանդիպի մարդը այլափոխող ու այլանդակող ահաւոր պատկերներու, որոնց նմանները կարելի է տեսնել Փիքասոյի մը, Տալիի մը ու նման արուեստագէտներու գործերուն մէջ: «Ամբոխները…» արտացոլացումն է յեղափոխական շարժումներու իր մասնակցութենէն քաղուած պատկերներու, փորձառութեանց ու իւրայատուկ քարոզչութեան միտումին: Եւ այդ բոլորը` երբ դեռ 20-ի սեմին է: Եւրոպա ու Պոլիս ճամբորդութիւնները, 20-ականներուն, առիթ կու տան ականատես ըլլալու Հայաստանի անմիջական շրջապատէն անդին տարածուող աշխարհի փայլուն ու ապաբարոյ երեսներուն, եւ անոր գիրը հանդէս կու գայ զանգուածներու կեանքը բարեփոխելու տրամադրութիւններով:  20-ական տարիներուն երիտասարդական չարաճճիութեան մը պատճառով քանի մը ամիս կը մնայ Երեւանի բանտը, որ շուտով արտայայտութիւն կը գտնէ արձակով` «Երեւանի ուղղիչ տունը», բանտային փորձառութիւններու պատումի շարք մը: Համայնավար կարգերու տակ ու անոր հաւատացող Չարենցը կը նկարագրէ չարագործները բարեփոխելու միտող դրութիւն մը` ի հակադրութիւն ցարերու օրով տանջանքի վայր բանտերուն. ընթերցողը կրնայ տարուիլ այն մտածումով, որ` «երանի թէ այդ օրերուն ապրէի, չարագործութիւն մը ընէի, որպէսզի վայելէի այդ բանտը…»: Ափսոս, որ տասնամեակ մը ետք Չարենցի բաժին եղաւ բոլորովին տարբեր` համայնավարութեան ամէնէն դաժան բանտը… Նոյն շրջանին կը ծնի նաեւ «Երկիր Նայիրի» վիպական արձակը, որ երգիծելու տրամադրութեամբ յղացուած ու հիւսուած է, իբրեւ նիւթ ունի հանրապետութեան ծնունդի ժամանակաշրջանը, անոր ճամբով կը ձաղկէ եւ կը խծբծէ դաշնակցական իշխանութիւնները, սակայն անուղղակիօրէն վկայութիւններ կու տայ Դաշնակցութեան մղած անհաւասար պայքարին ու կազմակերպական տարածքին մասին:

Մինչեւ 30-ականներու սկիզբները Չարենցի գրականութիւնը կը մնայ վերոյիշեալ ազդեցութիւններուն տակ ու` անոնց արտայայտիչը: Լենինը` իր գաղափարներով ու մինչեւ իսկ մահուան առթած յուզումով, լայն տեղ ունի Չարենցի այդ տարիներու վաստակին մէջ («Լենինն ու Ալին»): Կոմիտասի աճիւններուն Հայաստան փոխադրութեան առիթով, մեծ վարդապետին նուիրուած ներբողականին մէջ իսկ, 1936-ին (Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն աւելի քան 25 տարի առաջ), Լենինն ու անոր խոստացած բարիքները կը մնան ներկայութիւն… Սակայն, զուգահեռաբար, հայկական արժէքներու յարելու գիծը զարգացում կ՛ապրի ու օրուան «չաստուածներ»-ուն պիտակումով ան կը դառնայ ազգայնական, հին բարքերու ջատագով, յետադիմական, կը հեռացուի Գրողներու միութենէն. կը ստիպուի պատկան իշխանութիւններուն աղերսագիր գրել` արդարացնելու համար ինքզինք ու հաստատելու իր հաւատարմութիւնը նոր բարքերուն…

Եղիշէ Չարենց 30-ականներուն կու տայ նոր գլուխ գործոցներ, որոնք անուղղակիօրէն կը գոցեն նախընթաց տասնամեակի «քարոզչական» յագեցումով բացուած փակագիծը: Դէպի սեփական արմատներ յարումին մէջ առանձին չէ համայնավարներու շարքին. ունի նաեւ պաշտպաններ, որոնց շարքին` Աղասի Խանճեանի պէս ղեկավար մը, որ սակայն, ինչպէս ծանօթ է, իրմէ առաջ պիտի մատնուէր նոյն դաժան ճակատագիրին… Լոյս աշխարհ կու գայ «Գիրք ճանապարհի»-ն` «Սասունցի Դաւիթը», «Մահուան տեսիլ»-ը, «Դէպի լեառը Մասիս», «Տաղեր ու խորհուրդներ»-ու շարքը, եւ մանաւանդ` հայութեան ուժը անոր միասնութեան մէջ տեսնելու ծածկագիր պատգամը, որ բանաստեղծին շատ մը անմահ գործերուն թագադրումը կարելի է նկատել ու անժամանցելի յուշարար մը` հայրենապաշտպանութեան…

եթէ ապրէր այսօր…

Չարենց նա՛եւ յետմահու եղաւ «խնդրայարոյց» բանաստեղծ ու մարդ. եթէ հայ եւ օտար մեծեր եղան անոր ներշնչման աղբիւրներ, ինք ալ դարձաւ հսկայ մը եւ կը մնայ ներշնչումի աղբիւր, անոր բացած ուղին կը մնայ թարմ: Մեր գրականութեան մէջ նոր դարաշրջան մը կը բացուի Չարենցով:

Բնականաբար ուղղակի իր գրական վաստակը կարդալը լաւագոյն միջոցն է ճանչնալու մարդն ու գրողը. իր մասին գրուած ամէնէն ընդարձակ մենագրութիւնն անգամ չի կրնար փոխարինել այդ հաճոյքը:

Կը շարունակենք կարդալ ու երգել զինք, սակայն նաեւ կ՛արժէ հարց տալ, որ անոր գիրը ի՞նչ արտայայտութիւններ պիտի գտնէր, եթէ ապրէր այսօրուան Հայաստանին` վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ, որ պայծառ երկինքներու դիմաց, կը դիմագրաւէ նա՛եւ դաժան իրականութիւններ:

Եւ այսպիսի հարցումներ են, որ այսօր զգալի կը դարձնեն Չարենցի պէս հսկաներու բացակայութիւնը: Եթէ մեր կողքին ըլլար, վստահաբար ընկրկողներու ու խոտորողներու պիտի ուղղէր, միասնութեան պատգամին կողքին, հայրենի սիրող ձեռքին գգուանքը զգալու եւ իմաստնանալու հրաւէրը…

Նոյեմբեր 2017

 

Բեմադրիչ, Դերասան Դաւիթ Յակոբեանի Ծննդեան 60-ամեակը

0
0

Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը ընդհանրապէս եւ «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւնը մասնաւորապէս մեծ համարում եւ յարգանք ունին Դաւիթ  Յակոբեանի թատերական վաստակին:

Հայաստանի անկախութենէն ետք, երբ Հայաստան-սփիւռք մշակութային գործակցութիւնը նոր ծաւալ առած էր, անկախ արուեստագէտներու, խումբերու եւ մտաւորականներու այցելութիւններէն Համազգայինը Լիբանանի մէջ իր գործող «Լեւոն Շանթ» կեդրոնով նոր թափ ու որակ տուաւ իր գեղարուեստի դպրոցներու մակարդակին` Լիբանան հրաւիրելով խումբ մը արուեստագէտներ` երաժշտական, պարային, թատերական եւ այլ մարզերէն ներս իրենց ներդրումը ունենալու:

Ի պատիւ այդ արուեստագէտներու փաղանգին նուիրուածութեան եւ զոհողութեան` այսօր մենք ունինք սերունդ մը, որ այդ արուեստագէտներու պտուղն է:

Փաստօրէն մեր այսօրուան միաւորներու պատասխանատուները անցեալի հայրենի արուեստագէտներու աշակերտներն են, ինչ որ հեռանկարային իմաստով գործը յաջողած կը սեպուի:

Այդ օղակներուն մէջ իւրաքանչիւրը իր դերը ունեցաւ: Ինքնուրոյն, Համազգայինի առաքելութեան հաւատարիմ եւ մեծ նուիրումով աշխատողներէն էր Դաւիթ Յակոբեանը:

Վիգէն Ստեփանեանով սկսած մանկապատանեկան թատրոնի շարժումը 2003-2006 տարիներուն վեց ներկայացումներ բեմադրեց եւ այդ բեմադրութիւններուն ընդմէջէն երիտասարդ դերասաններու սերունդ մը պատրաստեց:

Անցնող ամսուան մէջ Համազգայինի Սօս Սարգիսեանի անուան պետական թատրոնի մէկ ներկայացումէն ետք անակնկալօրէն դերասանները իր թատերական վաստակին 60-ամեակը տօնեցին:

Հայրենիքէն եկած լուրերը խանդավառեցին մեզ, եւ մենք ալ մեր կարգին թատերական էջով մեր երախտագիտութիւնը կ՛ուզենք կրկին անգամ յայտնել Դաւիթ Յակոբեանին:

Մենք ալ, իբրեւ «Գասպար Իփէկեան»-ի վարչութիւն, այս առիթով մեր երախտագիտական զգացումները կը յայտնենք արուեստագէտին` հաստատելով, որ անոր թատերական 60 տարիներու վաստակին մէջ Լիբանանն ալ ունեցաւ բախտը` վայելելու անոր թատերական շնորհքը:

Վարձքդ կատար:

Սեպտեմբեր 13-ին վաստակաւոր արուեստագէտ, դերասան, բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեանի ծննդեան 60-ամեակն էր: Դերասանը իր 60-ամեակը սկսաւ անակնկալներով, որոնց հեղինակները ոչ միայն ընտանիքի անդամներ էին, այլեւ` ուսանողներ ու գործընկերներ: Յոբելենական երեկոյին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնին մէջ դերասանը հանդիսատեսին ներկայացաւ «Փրկութեան կղզի» բեմադրութեան տօնական ձեւաչափով: «Որպէս դերասան` իսկական փորձութիւն ապրած ու յաղթահարած եմ. նախատեսուած էր, որ պէտք է ներկայացում մը խաղանք, որմէ ետք շնորհաւորանքներ կը հնչեն ու հիւրասիրութիւն կ՛ըլլայ: Բայց գործընկերներս որոշած էին զիս փորձել ու հասկանալ` կրնա՞մ տակէն դուրս գալ, թէ՞ ոչ: Ներկայացումը մէկ հատուածէն անսպասելի ընդհատուեցաւ ու բեմ մտաւ մէկ այլ ներկայացման դերակատարներէն մէկը, որուն հետ այդ բեմադրութեան մէջ խաղացեր ենք 15 տարի առաջ: Յանպատրաստից սկսայ այդ տեսարանը խաղալ: Այնուհետեւ` 2-րդը, 3-րդը եւ այդպէս շարունակ… Փաստօրէն, ես բեմին վրայ տարբեր տարիներու քանի մը ներկայացումներէն հատուածներ խաղացի: Շատ ուրախացայ այս անակնկալէն», զրոյցի ընթացքին մանրամասնեց ան:

Բեմական այս անակնկալին իրենց մասնակցութիւնն բերած էին դերասանի որդին եւ հարսը, սակայն անոնք յաջողած էին հայրիկէն այդ ամէնը գաղտնի պահել:

Անդրադառնալով տարիներու ձեռքբերմանն ու կորուստներուն` Դ. Յակոբեան խոստովանեցաւ. «Գլխաւոր ձեռքբերումը ընտանիքս է, գործընկերներս, ընկերներս, աշակերտներս: Կրկին համոզուեցայ, որ անոնք զիս շատ կը սիրեն: Ի՞նչ կայ կեանքին մէջ առաւել կարեւոր, քան այն, որ դուն մինակ չես: Ցաւօք, կորուստներ ալ ունիմ, հարազատներէս շատերը կորսնցուցած եմ: Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, կեանքը կը շարունակուի»: «Թէեւ, եթէ անկեղծ ըսեմ, 60-ի մէջ սարսափելի ոչինչ կայ: Բոլորին խորհուրդ կու տամ չվախնալ ու հանգիստ այդ շեմը յաղթահարել: Կարեւորը` ընտանիքին, աշխատանքին, շրջապատին մէջ պէտքական ու պահանջուած մարդ ըլլալն է», ընդգծեց ան:

Յոբելեարին ուսանողները ժամացոյց նուիրած են, որ նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի:

60 տարիներու ընթացքին իր ստացած ամենակարեւոր դասը Դաւիթ Յակոբեանը այսպէս ձեւակերպեց. «60 տարիներու ընթացքին սորված եմ երբեք չվիճիլ յիմարին հետ, որովհետեւ յիմարին հետ վիճելով` կ՛իջնես իր մակարդակին, խելօքին հետ ալ իմաստ չունի վիճիլը, քանի որ արդէն քեզմէ խելօք է, ալ ի՞նչ վիճիս…»: Դ. Յակոբեան համամիտ է այն տեսակէտին, որ երիտասարդութիւնը հոգեկան վիճակ է, ան ըսաւ. «Թատրոնը երիտասարդի արուեստ է, ի հարկէ, երբ կը ծերանաս, պիտի հեռանաս: Իսկ եթէ չես զգացած, դեռ կրնաս խաղալ, ուրեմն երիտասարդ ես: Եւ երանի երիտասարդ մահացող դերասաններուն, որոնք կը հեռանան 75-էն ետք…»: Ան իր գործընկերներուն ալ անդրադարձաւ. «Առանց գործընկերներու` կեանք չկայ… Կ՛ուզեմ ինձմէ անպակաս ըլլան յատկապէս իմ տաղանդաւոր գործընկերները»:

Ծննդեան օրուան մտապահած երազանքն է` առողջ ըլլալ ու այնքան ապրիլ, որ կարենայ ծոռան հարսանիքին պարել:

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թուրքիոյ Նորաստեղծ Ցեղապաշտական Եւ Ազգայնական «Լաւ Կուսակցութիւն»-ը (Iyi Parti)

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Թուրքիոյ քաղաքական հոլովոյթը անհրաժեշտ է լաւ կարդալ, յատկապէս` անոր քաղաքական կուսակցութիւններու ծագումը, սկզբունքները, նպատակներն ու աշխատանքային գործընթացը: Միւս կողմէ` պատմական կարեւորութեան համար անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ազգայնամոլական տրամադրութիւնները եւ հակումները միշտ ալ լայն տարածում ունեցած են թրքական հասարակութեան մէջ: Առ այդ, Oսմանեան կայսրութեան բռնի թրքացման քաղաքականութիւնը որդեգրուած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ: Այս իսկ պատճառով է, որ Թուրքիոյ մէջ համաթրքութեան գաղափարախօսութիւնը կրողներու եւ իրականացնողներու մէջ առհասարակ մեծ թիւ կը կազմեն` քաղաքական գործիչները, պաշտօնեաները, «գիտնականները» եւ «մտաւորականները»:

Հետեւաբար, մենք` հայերս, իբրեւ պահանջատէր եւ համաթրքութեան ու համաթուրանական բարբարոսական ծրագիրներու մշտական վտանգի մատնուած ազգ, այստեղ լուսարձակի տակ կ’առնենք Թուրքիոյ մէջ նոր ծնունդ առած ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ Լաւ կուսակցութիւնը:

ԼԱՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, անոր խորհրդանշանը, դրօշը, կարգախօսը եւ նախագահ Մերալ Աքշեները

25 հոկտեմբեր 2017 թուականին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացած Մերալ Աքշեները իր նախկին կուսակիցներուն հետ ստեղծեց Լաւ (IYI Parti) անունով կուսակցութիւն:

Նորաստեղծ կուսակցութեան շարքերուն մաս կը կազմեն մեծ մասամբ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացած այն գործիչները, որոնք դէմ եղած են կուսակցութեան վերջին շրջանի քաղաքականութեան. Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը վերջին շրջանին դաշինք կազմած է Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ:

Լաւ կուսակցութեան երկու հարիւր անդամներէ կազմուած հիմնադիրներու ցանկին, Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն հեռացողներէն զատ, մաս կը կազմեն նաեւ Բարօրութիւն կուսակցութեան, Մայր հայրենիք կուսակցութեան, Ճիշդ ուղի կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան նախկին անդամներ:

Պէտք է յայտնենք, որ Իյի փարթի (Լաւ կուսակցութիւն) թրքերէն անուանումի պատճառը պատահական չէ եղած ազգայնականներու համար, ոչ թէ` թրքերէն բառի իմաստով, այլ` բառին կազմուած պատկերին իմաստով: Կուսակցութեան անունը մեծ կապակցութիւն ունի թուրքերու նախահայրերէն Գայի ցեղին հետ: Քանի որ թրքերէն «իյի» բառը (IYI) երբ գրուի, ինքնաբերաբար կը նմանի երկու նետ եւ անոնց միջեւ աղեղէ բաղկացած` Գայի կնիքին:

Պատմական կարեւորութեան համար կ’արժէ յիշել, որ Գայ խան Կիւն խանի զաւակն է եւ` Օղուզ խանի թոռնիկը, Գայի ցեղի հիմնադիրը: Գայի ցեղը թուրք օղուզ ժողովուրդի 24 խոշոր ցեղերէն մէկն է` պոզոք ցեղային միութեան ճիւղերէն մէկը: «Գայ» բառը կը նշանակէ «ուժի եւ իշխանութեան տէր եղող», որուն խորհրդանիշն է բազէն:

Գայի ցեղը 11-րդ դարուն սելճուքներուն հետ Կեդրոնական Ասիայէն արշաւած է Հայաստան եւ առաջին հերթին կայք հաստատած է Խլաթ (ներկայիս` Ախլաթ, պատմական քաղաք Մեծ Հայքի Տուրուբերան նահանգի Բզնունիք գաւառին մէջ) շրջանը: Գայի ցեղի որոշ խումբերը 14-րդ դարէն սկսած են արշաւել եւ հաստատուիլ Պալքաններու մէջ:

Թուրքիոյ մէջ Պիլեճիք նահանգը կը համարուի Գայի ցեղի կեդրոնը: Օսմանեան կայսրութեան ծագումը, Օսմանեան կայսրութեան արքայատոհմը եւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութիւնը այս ցեղին կը պատկանին:

Այնուհետեւ, Իյի կուսակցութեան հետաքրքրական անուանումի մասին ազգայնականները կը նշեն այն հանգամանքը, որ կ’ուզեն եւ պիտի աշխատին, որպէսզի Թուրքիան աւելի լաւ դառնայ:

Թրքական նորաստեղծ քաղաքական կուսակցութեան կողմէ իբրեւ կարգախօս ընտրուած է «Թուրքիան լաւ պիտի ըլլայ» արտայայտութիւնը: Կարգախօսի առնչութեամբ կուսակցութեան անդամներուն տեսակէտը հետեւեալն է. «Մեր երիտասարդներուն աշխատանք, կիներուն արժանապատուօրէն ապրելու իրաւունք, ծերերուն խաղաղութիւն ու ապահովութիւն, երեխաներուն ուրախութիւն ու առողջութիւն, մեր ազգին միասնութիւն բերելու համար ճանապարհ ելած ենք: Մենք կանք եւ այստեղ ենք յանուն լաւ Թուրքիոյ»:

Սելճուքեան աստղը, եւ լաւ կուսակցութեան խորհրդանշանը

Լաւ կուսակցութեան անուանումը Գայի ցեղի դրօշէն ոգեշնչուած է, իսկ կուսակցութեան խորհրդանիշը` երկնագոյն կապոյտ գետնի վրայ` 8 ճառագայթով արեւ, դեղին գոյնով ներառուած է: 8 ճառագայթները կապուած են սելճուքեան աստղի 8 անկիւններուն հետ: Այդ պատճառով ալ թուրք մշակոյթի մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ արեւը:

Սելճուքեան աստղը ութ անկիւն ունի, եւ ամէն մէկ անկիւնը հոգեւոր նշանակութիւն մը ունի: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու` իսլամութեան 8 սկզբունքներուն հիման վրայ, եւ ասոնց «դրախտի ութը դարպասներ» անունը կը տրուի. այս ութ անկիւնով աստղը կը խորհրդանշէ դրախտը:

Աստղի ութ սկզբունքներն են` գթութիւն, հաւատարմութիւն, կարեկցութիւն, ճշգրտութիւն, գաղտնապահութիւն, առատաձեռնութիւն, համբերել եւ Տիրոջ երախտապարտ ըլլալ:

Արդ, ազգայնական նորաստեղծ կուսակցութեան անուանումի, անոր խորհրդանշանի, դրօշակի յարաբերութեամբ, Լաւ կուսակցութեան հիմնական նպատակներէն է թրքական հին կայսրութեան վերականգնումը: Բոլորիս ծանօթ է, որ ամէն քաղաքական շարժում կը սկսի երազով, իտէալով, տեսլականով մը:

Մոլեռանդ ազգայնական կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումը կեդրոն-ժողովրդավարական է, պաշտօնական գոյները` երկնագոյն եւ դեղին, իսկ նախագահական խորհուրդը կը բաղկանայ 15 անդամներէ:

Լաւ կուսակցութեան շարքայիններ

Կուսակցութեան հիմնական գաղափարախօսութիւնը կը կայանայ կաղապարուած թուրք ազգայնականութեան սկզբունքներուն վրայ եւ կը հիմնաւորուի հետեւեալ հինգ  ենթագլուխներուն մէջ.

1.- Թրքական ազգայնականութիւն
2.- Ազգայնական մշակոյթ
3.- Ազգայնական տնտեսութիւն
4.- Քեմալականութիւն
5.- Ազգային պահպանողականութիւն

Լաւ Կուսակցութեան կուսակիցներ

Կուսակցութեան սկզբունքները հետեւեալ տասը կէտերուն տակ մանրամասն բացատրուած են.

1.- Թուրք ազգի անվտանգութեան ապահովումը,
2.- Ըլլալ բաց, ազնիւ եւ պատասխանատու,
3.- Բազմակարծիք, մասնակցային, ներառական դրական քաղաքականութեան իրականացում,
4.- Յստակ նպատակներ ունենալ եւ կեդրոնանալ,
5.- Լուծում գտնելու կարողութիւն եւ աշխատասիրութիւն,
6.- Քննադատութեան պարագային ըլլալ բաց եւ պահպանել ազատ մտածողութիւն,
7.- Քաղաքականութիւնը արժէքներու հիման վրայ արտադրել եւ կատարել,
8.- Ազգայնականութիւնը մշակութային եւ տնտեսական բնագաւառներ տեղափոխել,
9.- Յարգանք` այլախոհներու նկատմամբ,
10.- Ազգային շահերու պահպանում` ցանկացած ամպիոնէ եւ որեւէ բնագաւառի մէջ:

Իսկ կուսակցութեան նպատակները նոյնպէս տասը գլուխներու տակ ամփոփուած են.

1.- Պաշտպանել Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման գաղափարախօսութիւնը եւ արժէքները,
2.- Հետեւիլ ժամանակակից քաղաքակրթութեան,
3.- Տիրապետող դարձնել սիրոյ եւ յարգանքի լեզուն,
4.- Պահպանել խորհրդարանական համակարգը,
5.- Հաւասարակշռութեան եւ վերահսկողութեան սկզբունքներու հիման վրայ իրականացնել ուժերու բաժանում,
6.- Ապահովել հաւասար հնարաւորութիւններ,
7.- Պաշտպանել մարդու իրաւունքները,
8.- Յարգանք ցուցաբերել խղճի եւ խօսքի ազատութեան նկատմամբ,
9.- Ստեղծել անկախ, անկողմնակալ եւ արդար դատաիրաւական համակարգ,
10.- Ամբողջապէս եւ արդիւնաւէտ պայքարիլ անօրինականութիւններու դէմ:

2 նոյեմբեր 2017 թուականին Լաւ կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներ կայք հաստատեց Խլաթ (ներկայիս` Ախլաթ) շրջանը: Աքշեներ կուսակցութեան հիմնադրութեան նախօրէին յայտարարած էր, որ Ախլաթ պիտի տեղափոխուի: Աքշեների առաջին կանգառը եղաւ պատմական սելճուքեան բացօթեայ գերեզմանատունը, որ նշանաւոր է գերեզմաններու քարերով, որոնք կը յիշեցնեն հայկական բռնագրաւուած Նախիջեւանի, Ջուղայի պատմական գերեզմանատուներու խաչքարերը, որոնք 2005 թուականի դեկտեմբերին ազերի զինուորներուն կողմէ ենթարկուեցան վայրագօրէն քանդումի:

Խլաթի սելճուքեան գերեզմանատունը

Աքշեներ նախահայրերուն գերեզմաններուն դիմաց կանգնելով` աղօթեց եւ անոնցմէ ուժ խնդրեց:

Մերալ Աքշեների հիմնած նոր ազգայնական ուժը բնականաբար ծանր հարուած կը հասցնէ Տեւլեթ Պահչելիի ղեկավարած Ազգային շարժում կուսակցութեան: Կին քաղաքական գործիչը արդէն յայտնած է, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2019-ի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն: Հետեւաբար Թուրքիոյ մէջ արդէն սկսած է քննարկուիլ այն հարցը, որ 2019-ին նախագահական ընտրութիւններուն մէջ Աքշեներ պիտի ըլլայ Էրտողանի հիմնական հակառակորդը: Ուշագրաւ է, որ ան պիտի ըլլայ առաջին կին քաղաքական գործիչը, որ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան:

Ո՞վ է Լաւ կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեները:

Մերալ Աքշեները ծնած է 8 յուլիս 1956 թուականին, Իզմիթի մէջ:

1974 թուականին աւարտած է Պուրսայի աղջկանց ուսուցչաց վարժարանը, իսկ 1979 թուականին աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի պատմութեան ճիւղը: Գիտական աստիճան ստացած է «Մարմարա» համալսարանի ընկերային գիտութիւններու հիմնարկէն: Նախքան քաղաքականութեամբ զբաղիլը` դասաւանդած է Եըլտըզի ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, Իզմիթի եւ Մարմարայի համալսարաններուն մէջ:

Մագիստրոսի եւ դոկտորական կոչում ունեցող Աքշեներ եղած է Քոճաէլի համալսարանի յեղափոխութեան պատմութեան բաժանմունքի նախագահը: Հիմնած է «Զուպէյտա հանըմ» նահատակ ընտանիքներու հիմնադրամը եւ վարած է անոր նախագահութիւնը:

Քաղաքականութիւն մուտք գործած է 1995 թուականի ընդհանուր ընտրութիւններու ժամանակ` իբրեւ Պոլսոյ նահանգի պատգամաւոր` Ճշմարիտ ուղի կուսակցութենէն (DYP), երբ ան նոյն կուսակցութեան կնոջական թեւի նախագահն էր: 1996 թուականի նոյեմբերի 8-էն մինչեւ 1997 թուականի յունիսի 30-ը եղած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար:

Աքշեները 1999 թուականին Ճշմարիտ ուղի կուսակցութենէն վերընտրուած է խորհրդարանի մէջ` իբրեւ Քոճաէլիի նահանգի պատգամաւոր: Աւելի ուշ վերընտրուած է 2007, 2011 եւ 2015 թուականներու ընդհանուր ընտրութիւններու ժամանակ` իբրեւ Պոլսոյ նահանգի պատգամաւոր` Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն (MHP):

2007 թուականի օգոստոսի 10-էն մինչեւ 2015 թուականի յունիսի 7-ը Աքշեները եղած է խորհրդարանի փոխնախագահ:

Մերալ Աքշեներ 2016 թուականին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) ընդդիմադիր խումբը գլխաւորած է կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի դէմ:

61 տարեկան Մերալ Աքշեները, որ աշխուժ քաղաքականութեամբ կը զբաղի 1990-ականներէն մինչեւ օրս, գործած է աջակողմեան կուսակցութիւններուն մէջ: Ան եղած է նաեւ Թուրքիոյ մինչեւ օրս միակ կին ներքին գործերու նախարարը:

Արդարեւ, կը տեսնենք, որ համաթրքութեան ծրագիրները անցեալին եթէ իրագործած էին բժիշկ Նազըմը, Էնվերը եւ անոնց խմբակը` Թուրքիստան, Աֆղանիստան եւ կամ այլ տեղեր, եւ հետագային` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, Ռաուֆ պէյը, Զիյա Կէօքալփը` Թուրքիա: Ասոնց բոլորին արիւնով տոգորուած, շաղախուած` ծնունդ կ’առնէր Ալփարսլան Թիւրքեշը, որուն կուսակցութիւնը տասնեակ տարիներ տակաւին կը շարունակէ գործել աւելի մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, ոչ թէ միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ ո՛ւր որ թուրք գոյութիւն ունէր:

Իսկ այսօր ահաւասիկ նոյն թափով ծնունդ առած է Մերալ Աքշեների սելճուքեան բարքերով հիմնած ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ Լաւ կուսակցութիւնը:

Կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ նպատակներուն մէջ, որքան ալ համաշխարհայնացած կամ արդիական սլաքներ արձակուին, խորքը կը մնայ ազգայնական եւ ցեղապաշտ գաղափարախօսութիւնը:

Վերջապէս, ուսումնասիրական այս յօդուածով փորձ կատարուեցաւ իրազեկ դարձնել համաթրքութեան եւ համաթուրանական գաղափարներով թրծուած ազգայնական Լաւ կուսակցութիւնը եւ անոր «Իւլքիւճիւ» եւ «Գորշ գայլ»-երու հակում ունեցող մոլեռանդ ազգայնական-ծայրայեղական շարքերը` իրենց գաղափարախօսութեամբ եւ աշխատելաոճով. նաեւ` ընդգծել, որ համաթրքութիւնն ու համաթուրանականութիւնը որպէս գաղափարախօսութիւններ` երբեք ետքայլ չեն ապրած եւ կրնան օգտագործուիլ տարածաշրջանային անկանխատեսելի փոփոխութեան մը ընթացքին:

 

Տարի Մը Առանց Արայի *

0
0

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Տարի մը կ՛ընէ արդէն, որ Արա Տէմիրճեանը իր ընտանիքի հարազատներուն եւ մեր մօտ չէ: Այս ներկայ վայրկեանը անոնցմէ է թերեւս, որոնց ինք պիտի ուզէր ներկայ ըլլալ. ո՛չ անպայման  լսելու համար, թէ իր մասին ի՛նչ կը խօսուի. այլ ընդհակառակն, որպէսզի իր ներկայութեան մարդ չհամարձակի իր մասին խօսելու: Խօսքով արտայայտուող գովասանքը մանաւանդ` իրեն համար արհամարհելի էր, նոյնիսկ եթէ անկեղծ խօսքերու շարադրանքով հրամցուէր ան: Արան լռութեա՛ն մարդն էր: Ատիկա չի նշանակեր սակայն, որ ան իր մտածումներն ու զգացումները չէր դրսեւորեր: Ան զանոնք կ՛արտայայտէր իր լռութեամբ. աւելի ճիշդ կ՛ըլլար ըսել` իր լռութիւններով, որովհետեւ անոնք միատեսակ ու միօրինակ չէին: Իր եւ իր չակերտաւոր խօսակիցին միջեւ ժամանակի ընթացքին կը զարգանար լուռ լեզու մը, որուն բառերն ու նախադասութիւնները ոչինչ կը զիջէին ձայնաւոր լեզուի մը ճշգրտութենէն: Սեղանիդ վրայ համակրանքով նետուող թուղթի մը վրայ, սրբագրութիւններով որոշ չափով խճողուած, սակայն ընդհանուր առմամբ մաքուր գրութիւնը կրնար նշանակել. «անգամ մը նայէ՛. կարծեմ այսպէս լաւ է». կամ ի գործ դնելով իր եւ քու հայաստանեան տարրական փորձառութիւնը` «չստացուեց. սրբագրութեան կը կարօտի» կամ ալ համակերպած` «ասկէ աւելի լաւ չ՛ըլլար»:

Հակառակ այս առասպելական սակաւախօսութեան, իր կեանքի վերջին քառասունհինգ տարիներու ընթացքին Արան հանդիսացաւ դաշնակցական միջավայրի ամէնէն հանրածանօթ դէմքերէն մէկը: Ո՛չ անիրաւաբար: Իր լռութիւնը կարեւոր չափով արդիւնք էր, կը կարծեմ, իր ստացած կազմակերպական դաստիարակութեան. ասիկա կարելի է հաստատ ըսել, որովհետեւ իր ընկերային կեանքին մէջ Արան յաճախ հաճելի ձայնաւոր խօսակից էր: Արան տասնամեակներու իր կուտակած փորձառութեամբ ու տեղեկութիւններով Դաշնակցութեան բնախօսական «կարծր սկաւառակ»-ն էր` ամուր կերպով ապահովագրուած ենթակայի ուժեղ եւ անկոտրում կամքի բարդ գաղտնաբառով: Իր շրջապատը գիտէր, որ ինք ամէն ինչ գիտէ, սակայն չէր համարձակեր իրեն նուազագոյնը հարցնելու: Գիտէին, որ ընդհանրապէս խոժոռադէմ իրենց ընկերոջ կազմակերպական սկզբունքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը շատ աւելի ուժեղ է, քան իր ընկերներուն հանդէպ զգացած սէրն եւ ունեցած վստահութիւնը:

Հասարակութեան այսօրուան կացութեան հետ ամէնէն հարեւանցի բաղդատականն իսկ երեւան կը հանէ տարբեր ժամանակներու իրարու հակադիր տարբերութիւնները: Արաներու գիտակից ու ճշգրտօրէն պատասխանատու հրապարակային լռութեան դիմաց` առկայ է յաճախ սխալ պարունակութեամբ կամ լաւագոյն պարագային մօտաւոր իրականութիւններ սփռող շատախօսութիւնը. այսինքն` անանուն ներկայացուող կամ չնաշխարհիկ կեղծ անուններու ետին թաքնուող ելեկտրոնային երկչոտ գրաւոր շաղակրատութիւնը: Հասարակութիւն մը դէպի անդամալուծութիւն, մասնատում ու վախճանական ինքնաքայքայում առաջնորդելու աւելի վստահելի ճանապարհ հազիւ թէ կարելի ըլլայ հնարել: Մանաւանդ երբ տուեալ հասարակութիւնը մէկ կողմ դրած է իր ճիշդ ճամբան ցոյց տուող, թերեւս հին, բայց` միշտ վերանորոգելի կողմնացոյցները:

Վիճակը անշուշտ յուսահատական չէ, որովհետեւ արհեստագիտական նոյն միջոցները օգտագործելով չափազանց դրական արդիւնքներու կարելի է հասնիլ: Ատոր համար անհրաժեշտ չէ անպայման խրիլ հեռաւոր պատմութեան հատորներու մէջ. այլ` բաւական է  ապրող անհատի կենսագրութեան մօտաւոր անցեալի կացութիւնը մտաբերել` զինուիլ կարենալու համար անհրաժեշտ ոգեկան զրահներով: Բաւական է մտաբերել Արաները, անոնց փոքր ու մեծ իրենց պէս մեզմէ բաժնուած ընկերները, այլեւս մաքրուած կենդանութեան դեռ նշմարելի մանր-մունր պակասներէն ու թերութիւններէն, որպէսզի անիւը սկսի ճիշդ ուղղութեամբ թաւալիլ: Իսկ բոլոր ժամանակներուն ու ամէն տեսակի կացութիւններու մէջ պատասխանատուութիւնը հաւաքական եղած է:

Արան ինքը մեծ թռիչքներու մարդը չէր: Սակայն փոխարէնը չափազանց բծախնդիր էր տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած օրէնքներու կիրառման հարցերուն մէջ: Ան նոյն բծախնդրութիւնը կը պահանջէր ինքն իրմէ: Զինք ճանչցած եմ առաւելաբար ժողովներու մէջ, որոնց ընթացքին ան պատասխանատու էր ատենագրութեան պատրաստութեան: Ժամերով առանց տեղէն շարժելու կ՛արձանագրէր: Հեռուէն միայն գրիչի գլխուն շարժումը կ՛երեւէր: Երբեմն իր նայուածքը կը շեղէր այն ուղղութեամբ, ուրկէ զինք չխանդավառող առաջարկ կամ արտայայտութիւն մը հնչած կ՛ըլլար: Յանկարծ առանց բան մը ըսելու ձեռքերը իրարու շփելով վեր կը բարձրացնէր ու ոտքի կ՛ելլէր: Ժողովավարը կը հասկնար, թէ Արան յոգներ է եւ հետեւաբար դադարի պահը հասած է: ժողովը կ՛ընդհատուէր, մինչեւ որ Արայի մատները կրկին գործօն դառնային: Այս արարողութիւնը երեք-չորս օրերու ընթացքին մեծածաւալ ու հաստափոր տետրակ մը կը լեցնէր: Արային բուն տանջանքը կը սկսէր սակայն ժողովէն ետք, երբ այդ տետրակէն պէտք էր պատրաստել կուռ, սակայն` ժողովը հարազատօրէն ներկայացնող ամբողջական վերջնական ատենագրութիւն մը. այդ գործը ընդհանրապէս ժողովէն աւելի ժամանակ ու ջիղ կը խլէր իրմէ: Պատրաստուած ատենագրութիւնը աչք մը նետելու համար կը ներկայացնէր, քանի «մէկու մը գրածին սխալները իրեն համար յաճախ աներեւոյթ կը դառնան»: Շատ քիչ պատահած է, որ այդ ատենագրութիւններուն մէջ մանրամասնութիւն մը սխալ արձանագրուած ըլլայ իր կողմէ. վերստուգողը առհասարակ միայն մեքենագրական սխալներ կը գտնէր այդտեղ: Ատկէ ետք կու գար ատենագրութեան մէջ արձանագրուած որոշումներէն բխող նամակներու եւ շրջաբերականներու խմբագրութեան հերթը: Այդտեղ պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ էր, քանի յստակութեան նուազագոյն կասկածը կրնար  անախորժ թիւրիմացութիւններու դուռ բանալ. սխալ չէր պատահեր սակայն: Մէկ խօսքով` իր սեղանի աչքով տեսանելի կարգ ու կանոնը կ՛արտացոլար իր գրութիւններուն ընդմէջէն:

Կ՛ըսեն, թէ անփոխարինելի մարդ չկայ: Ատիկա, ի հարկէ, ճիշդ է. մանաւանդ երբ մէկու մը մահը դիտուի հասարակական ակնոցով: Սակայն անհատական գետնի վրայ, գացողի մը պակասը ոմանց մօտ երբեմն երկար ժամանակ սուր կերպով կը զգացուի: Արայի պարագան այդպիսին է:

Պէյրութ,  19  նոյեմբեր  2017

*Խօսք` արտասանուած Արա Տէմիրճեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով տեղի ունեցած յիշատակի հանդիպումին ընթացքին:

 

Սփիւռքահայ Գրողը Ի Պատուի

0
0

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ես Ուշի գիւղին ո՛չ անունը լսած էի, ո՛չ ալ տեղը գիտէի, սակայն բարեդէպ առիթով մը ծանօթացայ Աշտարակի շրջանի այս գողտրիկ գիւղին, երբ հրաւէր ստացայ ներկայ գտնուելու ֆրանսաբնակ հանգուցեալ գրող Մովսէս Պչաքճեանի ամբողջական գործերու շնորհահանդէսին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին: Զիս հրաւիրողը «Հայաստան»

հրատարակչատան հետ երեկոն կազմակերպող, նախկին քանատահայ գրող եւ կրթական մշակ Մարգար Շարապխանեանն էր, որ Քանատան եւ այնտեղի իր հանգստաւէտ կեանքը ձգած, տարիներ առաջ որոշած էր իր կեանքի ամենակարեւոր երազը իրականացնել` հայրենիքի մէջ տուն մը ունենալու եւ վերջնականապէս հոս հաստատուելու: Մարգար Շարապխանեանը ընտրած էր Ուշի գիւղը, ուր կառուցած էր իր առանձնատունը եւ ձեռնարկած` բնակավայրին օգտակար դառնալու, այնտեղ կառուցելով Մշակոյթի տունը, որուն իրագործման օժանդակած էին թէ՛ գիւղացիները եւ թէ՛ Շարապխանեանին ծանօթ թորոնթոյաբնակ ազգայիններ:

Մշակոյթի տան դահլիճը լեցուն էր տեղացիներով եւ Երեւանէն յատուկ ժամանած մտաւորականներով ու գրողներով: Առաջին տպաւորութիւնս ոչ միայն դրական էր, այլեւ` հաճելիօրէն ապշեցուցիչ, քանի որ գիւղի մը մէջ գրական ձեռնարկի մը այսքան մարդ հաւաքուած էր, երբ նման առիթներով Երեւանի մէջ այսքան հանդիսատես դժուար է տեսնել:

Մովսէս Պչաքճեան Հալէպի ծնունդ է, ուսանած է այնտեղ, ապա համալսարանական ուսումը ստացած` Դամասկոսի համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժանմունքէն, որմէ ետք, շրջան մը Պէյրութ մնալէ յետոյ անցած է Ֆրանսա եւ վերջնականապէս հաստատուած` այնտեղ:

Անվարան կարելի է ըսել, որ սփիւռքահայ գրողներու ընտրանիի առաջին շարքին վրայ կարելի է դասել զինք` իր վճիտ արեւմտահայերէնով երկնած բազմաթիւ գրական գործերուն համար, որոնք հաճոյքով կը կարդացուին եւ ընթերցողը կը մղեն մտածելու եւ հեղինակին հետ կիսելու անոր ապրումներն ու հոգեմտաւոր թռիչքները:

Պչաքճեան եղաւ այն բացառիկ սփիւռքահայ գրողը, որուն ամբողջական գործերը 8 գեղատիպ եւ գեղակազմ հատորներով հրատարակուեցան Երեւանի մէջ, «Հայաստան» հրատարակչատան կողմէ:

Իր գրիչին կը պատկանի բանաստեղծական, արձակ, խոհագրական եւ վիպական հարուստ շարք մը, ինչպէս` «Անցողիկն ու անժամանցելին», «Մինչեւ վերջինը արեւներուն», «Աշխարհահայեաց պատուհան», «Լուսաւոր աչքերով օտարականը», «Վարագոյրը իջնելէ առաջ», «Խմելով քաղաքը», «Անկատար վերծանումներ», «Լուացք փռուած տանիքի վրայ», «Անկարելի կարելին»: Իսկ անոր «Ծիծեռնակները պիտի չվախնան ®» գիրքը արժանացած է Թ.Մ.Մ. «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին:

Պչաքճեան 2009-ին արժանացած է Հայաստանի նախագահի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, ինչպէս նաեւ` Սփիւռքի նախարարութեան «Ու. Սարոյեան» շքանշանին:

Երեկոյթին, որ նաեւ կը զուգադիպէր գրողի մահուան առաջին տարելիցին, իրենց յուշերն ու դրուատանքի խօսքերը ուղղեցին շարք մը մտաւորականներ` վեր առնելով Մ. Պչաքճեանի գրականութեան արժէքն ու արժանիքները: Օրուան հանդիսավարն էր «Հայաստան» հրատարակչատան տնօրէն Վահագն Սարգսեանը:

Խօսք առնողներու շարքին էին` Հայաստանի Գրողներու միութեան փոխնախագահ Պետրոս Դեմիրջեանը, Հայաստանի Թատերական հիմնարկի նախագահ Դաւիթ Մուրատեանը, գրողներ եւ գրականագէտներ` Արեւշատ Աւագեանը, Մերուժան Տէր Գուլանեանը, Թորոս -Թորանեանը, Մարգար Շարապխանեանը եւ ուրիշներ: Մ. Պչաքճեանի փունջ մը բանաստեղծութիւններու ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Կամօ Տէր Պետրոսեանը, մէջընդմէջ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Իսկ հանդիսութեան աւարտին եղաւ հիւրասիրութիւն:

Ուրախառիթ երեւոյթ էր սփիւռքահայ գրող մը պատուելը հայաստանեան գիւղի մը մէջ, բան մը, որ սովորական երեւոյթ չէ, եւ որ միեւնոյն ատեն խթան պիտի հանդիսանայ յետայդու նմանատիպ ձեռնարկներով ապրեցնելու մշակոյթի այս օճախն ու հայկական մշակոյթով ջերմացնելու գիւղացիները, որոնք հեռու ըլլալով մայրաքաղաքէն` առիթ չեն ունենար մասնակից դառնալու այսպիսի ձեռնարկներու:

 

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

0
0

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Սփիւռք-հայրենիք» վեհաժողովի գումարման երկու ամիսը բոլորեցինք, եւ ահա նստած գրասեղանիս առջեւ` կը փորձեմ վերլուծել ժողովին արդիւնքները:

Սփիւռք-հայրենիք վեհաժողովը հաւանաբար իրականացումն էր համահայկական իմաստով միասնաբար աշխատելու երազին: Հայաստանի վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ զոյգ կաթողիկոսներու` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրհնութեամբ, նաեւ` բազմաթիւ ընտիր մտաւորական դասախօսներու ներկայութեամբ ժողովը քննարկեց տարբեր հրատապ հարցեր: Ներկայութեան բազմութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն էր, որ ժողովի խորագիրը կը հետաքրքրէր անհամար հայորդիներ: Բայց խանդավառութիւնը եւ հրճուանքը չեն, որ մեզ արդիւնքի կը հասցնեն: Ծրագրումն ու գործադրումն են, որոնք մեզ կը մղեն յառաջդիմելու: Արդեօք այս վեհաժողովը ծրագրման եւ գործադրման հրամայականներ պարտադրե՞ց լսելէ ետք բազմաթիւ վերլուծումներ եւ ճառեր, որոնք հիւթեղ գաղափարներ կը պարունակէին. միայն մէկ նախադասութիւն մտքիս մէջ դրոշմուած մնաց, այդ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հռչակաւոր խօսքը` «Սփիւռքը կը մաշի, եւ հայրենիքը կը պարպուի»: Արդեօք այս նախադասութեան լրջութիւնն ու ողբերգականութիւնը կրնա՞նք հասկնալ: Մէկ նախադասութիւն, որ կը խտացնէ մեր ներկայ տխուր իրավիճակը:

Սփիւռքը կը մաշի, արդեօք ինչո՞ւ: Հայրենիքը կը պարպուի, արդեօք ինչո՞ւ: Սփիւռքի ստեղծուելուն պատճառը հայրենիքէն հեռացուած ըլլալն էր. արդարեւ, հայ սփիւռքը ինքզինք երբեք չընդունեց իբրեւ ինքնանպատակ գոյութիւն, ան ապրեցաւ, գործեց, ծրագրեց եւ պայքարեցաւ միշտ հայրենիքին համար. ա՛յն հայրենիքը, որուն համար դարեր շարունակ մեր պապերը իրենց արիւնն ու արցունքը թափեցին, հաւատքն ու յոյսը խառնեցին սրբազան հողին, բայց այժմ դժբախտաբար մեր մէջ յոյսը փուլ եկած է, որովհետեւ անկախութենէն 26 երկար տարիներ ետք կորսնցուցինք այդ «երազային հայրենիքի» տեսլականը:

Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ: Աւելի քան մէկ դար սփիւռքահայը իր հայրենասիրութեամբ տոգորուած ու դրոշմուած` «տեսնել ազատ հայրենիք եւ մեռնիլ» հոգեվիճակով, պայքարած էր ինքնութիւնը պահելու համար: Այժմ ոչ յաղթապանծ ոգիով է, որ կը կատարեմ այս հաստատումը, թէ` սփիւռքը սկսած է «կողմնացոյցը» կորսնցնել. արդեօք չէ՞ք տեսներ օտար ամուսնութիւնները, հայկական դպրոցներու փակումը, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի գահավիժումը: Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ: Հետագայ այլ աղէտներ  դիմակայելու զգօնութիւնը կը կորսնցնենք, ապագան լաւ բան չի կանխագուշակեր: Մինչեւ ե՞րբ սփիւռքը կրնայ տոկալ արեւմտեան բազմամշակոյթ ու բազմացեղ ընկերութեան մէջ, ուր յատկապէս երիտասարդները դէմ յանդիման կը գտնուին կնճռոտ ու տագնապալից բարոյական եւ ընկերային խնդիրներու: Այսպիսով, ձուլման «Սպիտակ ջարդը» կը շարունակուի ողջ հայութեան քար լռութեան դիմաց: Դէպի ո՞ւր, հա՛յ ժողովուրդ:

Այսօր, երբ հայութիւնը դաւանական ու գաղափարական բոլոր խրամատները կամրջած է եղբայրութեան ու գործնական ոգիով, մենք կարիքը ունինք հաւատքի վերանորոգումի, կամքի պրկումի եւ ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքի. անգամ մը եւս պէտք է իբրեւ սփիւռքահայ նայինք Հայաստանին` մեր արեան կանչով, մեր ազգային պատկանելիութեամբ, որպէս մեր յաւերժական հայրենիքի:

Համատարած արհաւիրքի եւ կործանումի այս տեսարանին առջեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Մեր ուխտը» կը յիշեմ, որ կ՛ըսէ.

Մենք ուխտ ունենք` միշտ դէպի լոյս,
Ու գնում ենք մեր ճամբով,
Մրրիկներով պատած անյոյս,
Սեւ խաւարով, մութ ամպով:

Մենք անցել ենք արեան ծովեր,
Սուր ենք տեսել ու կրակ,
Մեր ճակատը դէմ ենք արել
Մրրիկներին հակառակ:

Ու թէպէտեւ պատառ-պատառ
Մեր դրօշը սրբազան,
Ու մենք չունենք տեղ ու դադար`
Երկրից-երկիր ցիր ու ցան.

Բայց գնում ենք մենք անվեհեր
Զարկերի տակ չար բախտին,
Մեր աչքերը միշտ դէպի վեր`
Դէպի լոյսը մեր ուխտին:

11-11-2017

 

 


Ռան Թորոսեան Վարձուած Է Թուրքիոյ Ի Նպաստ «Փի. Ար. »-ի Համար. Արդեօք Ան Իսկապէս Հա՞յ Է

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Medium.com կայքին վրայ տեղադրուած Լուիզ Նոյի երկու յօդուածները կը բացայայտեն, որ Ռան Թորոսեան պայմանագիր կնքած է` ներկայացնելու Թուրքիան, ըլլալով անոր «Փի.Ար» (PR-public relations) գործակալը: Թորոսեան Նիւ Եորքի 5W հանրային կապերու ընկերութեան նախագահն է:

Արդարադատութեան նախարարութեան արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Թորոսեան նշեալ պայմանագիրը կնքած է 25 մայիս 2017-ին: Անոր ընկերութիւնը կը ստանայ լրացուցիչ 60 հազար տոլար` 16 մայիսէն 16 նոյեմբեր 2017-ի միջեւ ինկած  ժամանակահատուածին համար, եւ այդ գործարքը ինքնագործ (automatic) կերպով կը նորոգուի յաջորդ վեց ամսուան համար: Այս վճարումը կ՛աւելնայ այն գումարին, որ նշուած է 10  օգոստոս 2016-ին կնքուած պայմանագիրին մէջ:

Յատկանշականը այն է, որ Թորոսեան Թուրքիոյ հետ պայմանագիր կնքած է ինը օր անց այն դէպքերէն, որոնց ընթացքին նախագահ Էրտողան կը դիտէր իր թիկնապահները, երբ անոնք կը ծեծէին խումբ մը ցուցարարներ` Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Ցուցարարներու ծեծէն երեք օր ետք Թորոսեան մը յօդուած հրապարակեց «Ալկեմայնըր»-ի մէջ` «Արտաքսեցէ՛ք արմատական իսլամական քարոզիչը (Կիւլենը) եւ պաշտպանեցէ՛ք ամերիկեան շահերը» վերնագիրով:

Հետաքրքրականօրէն, Լուիզ Նոյ բացայայտեց, որ 17 փետրուար 2017-ին Թորոսեան մէկ այլ յօդուած գրած էր «Նիւզմեքս»-ի մէջ` քննադատելով Մայքըլ Ֆլինի հրաժարականին մասին լրատուական միջոցներու լուսաբանումը: Հեգնօրէն, Թորոսեան «Նիւզմեքս»-ի մէջ, 20  մայիս 2015-ին հրապարակուած իր նախկին յօդուածին մէջ, քննադատելով Levick Communications PR ընկերութեան աշխատանքը` Քաթարի դեսպանատան համար յայտարարած էր. «Կան մարդիկ, որոնք բնական կը համարեն «Փի.Ար.» ընել բռնակալներու եւ ահաբեկիչներու համար: Այնուամենայնիւ, տողերուս հեղինակը (Թորոսեան) համամիտ է աշխարհի մեծագոյն «Փի.Ար.» ընկերութեան սեփականատէր Ռիչըրտ Էտըլմընի հետ, որ կ՛ըսէ. «Փի.Ար.»-ը նման չէ օրէնքին. ոչ բոլորը արժանի են ներկայացման»: Ինքզինք հակասելով` Թորոսեան զբաղած է Թուրքիոյ բռնապետ Էրտողանի շահերը պաշտպանելու երկերեսանի գործողութեամբ…

Բացի ասկէ, Թորոսեան 27 յունուար 2017-ին գրած է «Օպզըրվըր»-ի մէջ, որուն հրատարակիչը նախագահ Թրամփի փեսան` Ճերըտ Քուշնըրն է, քննադատելով այն «Փի.Ար.» ընկերութիւնները, որոնք` «կ՛արդարացնեն ճնշող վարչակարգերը»: Ան եզրակացուցած է` ըսելով. «Բռնակալները եւ ահաբեկիչները արժանի չեն «Փի.Ար.»-ի աջակցութեան»:

Ես երկու անգամ հեռաձայնեցի Թորոսեանի գրասենեակը, եւ ամէն անգամ պաշտօնեան վստահեցուց զիս, որ ան պիտի պատասխանէ հեռաձայնիս: Բայց պատասխանող չեղաւ: Լուիզ Նոյ նոյն ճակատագիրին արժանացած էր, երբ փորձած էր կապուիլ Թորոսեանին հետ: Երբ Նոյ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր Թորոսեանի` Թուրքիոյ եւ Թրամփի հետ ունեցած կապերուն մասին, վերջինս պատասխանած էր. «Ես սպաննած եմ Քենետին… Իմ նախկին կինը ռուս է… Ես նոյնիսկ ձկնկիթ կերած եմ այս շաբաթ…»: Թորոսեան ոչ միայն անկիրթ է հեռաձայնային հաղորդագրութիւններուն պատասխանելու հարցով, այլ նաեւ, ըստ տեղեկութիւններու, վատ կը վերաբերի իր պաշտօնեաներուն եւ ուրիշներու հետ: «Նիւ Եորք Թայմզ» զայն կը նկարագրէ իբրեւ «անզուսպ եւ բացայայտ յարձակողապաշտ (aggressive) մը»: Նաեւ, ըստ Լուիզ Նոյի, ան գործարար կապեր ունի ստուերի մէջ գործող հրեայ եւ ռուս սակաւապետներու հետ: Թէեւ Թորոսեան հայկական մականուն ունի, սակայն ես չեմ կրնար հաստատել, որ անոր ծնողներէն մէկը կամ երկուքը հայ են, կամ ոեւէ մէկը հայ է…

Ըստ անոր «Լինքըտին»-ի դիմանկարին` Ռան Թորոսեան նաեւ «JetSmarter-ի գործընկեր է, շուկայադրման (marketing) պատասխանատու եւ խորհուրդի անդամ»: JetSmarter-ը վիճայարոյց ընկերութիւն է, կը ներկայացուի իբրեւ «uber ինքնաթիռներու համար»: JetSmarter-ի գործադիր տնօրէնը Սերգէյ Պետրոսովն է` Վաչագան Պետրոսովի որդին, որ հաստատօրէն հայկական անուն ունի:

Հիմնական պատճառը, որ ես հետաքրքրուեցայ Ռան Թորոսեանի` Թուրքիոյ համար որպէս «Փի.Ար.» գործակալ աշխատելուն հարցով, այն էր, որ նման իրավիճակի մը մէջ գտնուած էր նաեւ Պերի Զորթեան, որ հոկտեմբեր 1980-էն մինչեւ փետրուար 1984 աշխատած էր Թուրքիոյ կողմէ վարձուած Gray & Co լոպիական ընկերութեան մէջ: Զորթեան «Ամերիկայի ձայն»-ի եւ «Թայմ»-ի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր: 1968-1969 ան Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր ներկայացուցիչն էր Սայկոնի եւ Վիեթնամի մէջ:

Օրին, երբ իմացայ, որ Զորթեան նոյն ժամանակ բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր Թուրքիոյ համար լոպիստական ընկերութեան մէջ եւ վարչութեան անդամ` Ամերիկայի Հայկական համագումարին, հեռաձայնեցի իրեն եւ հարցուցի, թէ արդեօք իր երկակի դերը շահերու բախում չի յառաջացնե՞ր իր կամ իր ընկերութեան համար: Որպէս հայու նկատմամբ յարգանքի նշան` ես նախազգուշացուցի զինք, որ եթէ պատասխանէ հարցումներուս, կրնայ գործէն արձակուիլ:

63-ամեայ Զորթեան պատասխանեց, որ զինք չի մտահոգեր այն պարագան, որ ինք կրնայ կորսնցնել տարեկան 65 հազար տոլար եկամուտով իր գործը` իբրեւ Gray & Co ընկերութեան աւագ փոխնախագահ: Ան անկեղծօրէն պատասխանեց իմ բոլոր հարցումներուս: Զորթեան բացատրեց, որ ինք կ՛աշխատէր հանրային կապերու գրասենեակին մէջ, այլ ոչ թէ` Թուրքիոյ հաշուոյն, որով զբաղած էր ընկերութեան լոպիական բաժինը:

19 յունուար 1984-ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի առաջին էջով յօդուածիս հրապարակումէն անմիջապէս ետք, թրքական «Թերճուման» թերթը յայտնեց Զորթեանի հետ իմ ունեցած հարցազրոյցիս մասին, որ մեծ իրարանցում յառաջացուց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` բացայայտելով, որ ամերիկահայ մը եղած է գործադիր տնօրէնը այն լոպիստական ընկերութեան, որ տարեկան 300 հազար տոլար կը ստանար Թուրքիայէն:

21 փետրուար 1984-ին լոպիական ընկերութեան փոխնախագահ Ալեխանտրօ Օրֆիլա Զորթեանին ըսած էր, որ Թուրքիոյ դեսպան Շուքրիւ Էլեքտաղ խիստ բարկացած է` կարդալով թերթին մէջ տպագրուած յօդուածը: Օրֆիլա մէջբերած է դեսպան Էլեքտաղի խօսքերը. «Տղանե՛ր, ես ձեզ վարձած էի, որ օգնէիք ինծի իմ քաղաքական հարցերուս մէջ, իսկ դուք ատոր փոխարէն` ինծի համար հարցեր կը ստեղծէք… Դուք պէտք է լուրջ քայլերու դիմէք, որպէսզի ես կարենամ զեկուցել իմ կառավարութեան, եթէ ոչ ստիպուած կ՛ըլլամ պայմանագիրը կասեցնելու»:

«Փի.Ար.»-ի ընկերութեան նախագահ Ռապըրթ Կրէյ ընդհատեց իր արձակուրդը Աքափուլքոյի մէջ (Մեքսիքա) եւ անմիջապէս վերադարձաւ Ուաշինկթըն: Զորթեան հեռացուեցաւ աշխատանքէն, Կրէյի հրաժարական տալու առաջարկը մերժելէ ետք:

Թէեւ ինծի համար այդքան ալ հաճելի չէր տեսնել, որ Զորթեան կորսնցուցած է իր գործը, սակայն միայն վեց ամսուան աշխատանքային փորձ ունեցող երիտասարդ լրագրող որպէս` ես շատ գոհ էի, որ անյայտ յօդուածս վերնագիրներու պատճառ դարձած էր թրքական մամուլին մէջ եւ արժանացած` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ դեսպան Էլեքտաղի ուշադրութեան: Աւելի՛ն. 13 ապրիլ 1984-ին, «Ուաշինկթըն Փոստ»-ը ծաւալուն յօդուած մը գրեց` հատուածներ մէջբերելով յօդուածէս եւ նշելով իմ թերթս` իբրեւ այս միջազգային բանավէճին աղբիւրը:

Այդ օրերուն ես յորդորեցի Զորթեանը` դատի տալ Gray & Co ընկերութիւնը` իր ազգային ծագման պատճառով աշխատանքային խտրականութեան մեղադրանքով: Զորթեան դիմում ներկայացուց Ուաշինկթընի մէջ Մարդկային իրաւանց գրասենեակ` պնդելով, որ զինք գործէ արձակած են հա՛յ ըլլալուն պատճառով:

Ցաւօք, ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս աւարտեցաւ Զորթեանի դատական գործը: Ատկէ ետք ինք եւ իր կինը մահացած էին:

Եթէ Թորոսեան իրօք հայ է, ապա ան ինչպէ՞ս կրնայ «Փի.Ար.» ընել Թուրքիոյ համար: Սակայն աւելի կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիա կրնայ վարձել Թորոսեանը` հաշուի առնելով Զորթեանի փորձը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Սիրվարդ Գարամանուկ (1912-2008)

0
0

ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ

Երաժիշտ, դաշնակահար, մանկավարժ:

Պոլսոյ երաժշտանոցի դաշնակի եւ երաժշտական տեսութեան դասընթացքները բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, անձնական դասերով իր ուսումը շարունակած է եւ 1940 թուականէն սկսեալ սկսած է իր ստեղծագործական կեանքը` յօրինումներ կատարելով դաշնակի, երգի եւ երգչախումբի համար:

Սիրվարդ Գարամանուկի նախնիները Սկիւտար քաղաքամասի վերաբնակուած կեսարացի հայեր էին: 1912 թուականին Բարսեղ եւ Տիգրանուհի Գալփաքեաններու ընտանիքի կրտսեր զաւակը կ՛ըլլայ Սիրվարդը:

Ապագայ երգահանի երաժշտական ունակութիւնները երեւան կու գան կանուխ հասակին: Իր ծնողները կրթութեան, գեղարուեստի հետեւող ըլլալով` իրենց ուշադրութիւնը կը սեւեռեն Սիրվարդի երաժշտական կարողութիւններու վրայ: Առաջին դաշնակի ուսուցիչը կ՛ըլլայ Պոլսոյ մէջ երաժշտութեան սիրուած մանկավարժ Ստեփան Բաբելեանը:

Շարունակելով իր երաժշտական կրթութիւնը` 1937 թուականին իր տաղանդի ուժով Սիրվարդ կ՛ընդունուի Պոլսոյ քաղաքապետական երաժշտանոցի դաշնամուրային եւ երաժշտա-տեսական բաժինները: 1939-ին Սիրվարդ Գարամանուկ գերազանց կ՛աւարտէ երաժշտանոցը:

1940 թուականին կը սկսի երիտասարդ երաժիշտին ստեղծագործական կեանքը, նախ իր դասախօս Շտացերի առաջարկով աշխատանքի կը հրաւիրուի Պոլսոյ պետական երաժշտանոց` որպէս օգնական: Սիրվարդ Գարամանուկի առաջին ստեղծագործութիւնները կ՛ըլլան դաշնամուրի նուիրուած յատուկ կտորներ:

1944 թուականին Գէորգ Գարամանուկ` հմուտ, խելացի` վաճառական մը, կը դառնայ իր ամուսինը:

Ստեղծագործական գործունէութիւնը շարունակելով, զանազան անհատական պատուէրներէ ետք, Սիրվարդ Գարամանուկի ամբողջական եւ նշանակալի երկը կը դառնայ «Վաղուան արուեստագէտը» մանկապատանեկան օփերեթը:

Արուեստագէտը կը շարունակէ իր ստեղծագործութիւնները` յօրինելով երգեր, զուգերգներ, մանկական բազմաթիւ երգեր, քառաձայն երգչախմբային երգեր:

Կ՛արժէ յիշել, որ Սիրվարդ Գարամանուկի երգային ստեղծագործութիւնները հիմնուած են արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ընտրանիի` Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի, Դանիէլ Վարուժանի, Վահան Թէքէեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի խօսքերուն վրայ: Երաժիշտը նկատի կ՛ունենայ նաեւ արեւելահայ բանաստեղծներ` Ե. Չարենց, Աւետիք Իսահակեան, Յովհ. Թումանեան:

Ազգային բանաստեղծութեան լայնահուն այս ընդգրկումով, աստիճանաբար կը ձեւաւորուի, կը յղկուի, կը բիւրեղանայ եւ անհատական կը դառնայ գրելաոճը, երաժշտամտածողական կերպը` առաւել լսելի, ազգային հնչեղութեան ելեւէջներով: Անկասկած այս բաժինով իրենց կարեւոր դերը կ՛ունենան հայկական շարականներու մշակումները` երաժիշտին կողմէ:

Մեծածաւալ ստեղծագործութիւններէն կարելի է յիշել` Յովհաննէս Թումանեանի «Դժուար տարին», 1969 խմբերգը, «Ախթամար»-ը 1969, «Երգ Պետրոս Դուրեանի» 1972-ին:

Հարկ է նշել «Ախթամար» վիպերգը, ինչպէս նաեւ` Սիրվարդ Գարամանուկի այլ ստեղծագործութիւններ, որոնք նոր շունչով կը հնչեն մայր հայրենիքի մէջ, երբ երգահանը հեղինակային համերգով հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ, 1999, 2000, 2003 թուականներուն:

Սիրվարդ Գարամանուկի մեներգներն ու խմբերգը կը սիրուին եւ կը կատարուին զանազան երգիչ-երգչուհիներու կողմէ, ինչպէս` Ալիս Մանուկեանի, Ատրինէ Վաների, Գոհարիկ Տէրատուրեանի, Գէորգ Պոյաճեանի, Արփի Պիւլպիւլի, Լիլի Չուգազեանի,  Արա Պէրպէրեանի, Ալին Գութանի,  Էլլադա Չախոյեանի, Յասմիկ Պապեանի ու Արաքս Մանուրեանի կողմէ:

Հանրածանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունի անխոնջ կատարողն… մեկնաբան եղած է, Սիրվարդ Գարամանուկի դաշնամուրային ստեղծագործութիւններուն:

Երաժիշտի համերգային կեանքը միշտ յիշատակութեան արժանի եղած է Նիւ Եորքի (1992) եւ Լոս Անճելըսի (1993) մէջ, տեղի ունեցած հեղինակային համերգները: Հայազգի ականաւոր յօրինող Ալան Յովհաննէս հետեւեալ ձեւով կը գնահատէ Սիրվարդ Գարամանուկի ստեղծագործութիւնները. «Գարամանուկի երգերը ցոյց կու տան ճարտար կառուցում եւ արտայայտիչ երաժշտականութիւն, իսկ մեղեդային ելեւէջները` ուժ եւ ներգործութիւն:

Սիրվարդ Գարամանուկ առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1984 թուականին, երբ տակաւին Հայաստանի երաժշտական արուեստի հասարակութիւնը ծանօթ չէր երաժիշտին: Այդ օրերուն հանդիպելով պաշտօնական որոշ շրջանակներու, արուեստագէտներու եւ այլ անձերու` իր ստեղծագործ, բարեկիրթ ու նաեւ ազնուական կերտուածքով որոշակի տպաւորութիւն կը ձգէ:

1990 թուականին Հայաստանի երաժշտական միութեան նախագահ Էդուարդ Միրզոյեան ուղերձով մը կը շնորհաւորէ տաղանդաւոր արուեստագիտուհիին ստեղծագործական նուաճումներով լեցուն յոբելեանը:

Հայաստանի հետ համերգային կապերը կը շարունակուին, ու ահա 1999, 2000, 2003 թուականներուն, Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի, Արամ Խաչատուրեանի անուան  հայ ֆիլհարմոնիքի մեծ դահլիճներուն մէջ տեղի կ՛ունենան հեղինակային համերգներ:

Յիշենք, որ 2001 թուականին կը հրապարակուի Սիրվարդ Գարամանուկի երաժշտութեան ձայնագրութիւնը` խտասալիկը կ՛ամփոփէ 10 խմբերգ, ինչպէս նաեւ` «Երգ Պետրոս Դուրեանի», «Ախթամար» վիպերգները:

2002 թուականին կը հրապարակուի նաեւ երկրորդ խտասալիկը, որ կ՛ընդգրկէ մանկական երգերու փունջ մը` Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի մանկական երգչախումբի կատարումով:

Դաշնակահար Շահան Արծրունիի նախաձեռնութեամբ, շքեղ ձեւաւորումով, կը հրապարակուի Սիրվարդ Գարամանուկի «Սիրոյ յուշեր» զոյգ խտասալիկը` երգային արուեստի ընտրանին: Այս խտասալիկը կ՛ամփոփէ արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծութիւններու վրայ հիմնուած 58 երգ եւ ռոմանս:

Սիրվարդ Գարամանուկ կը պարգեւատրուի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ` «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», Կոստանդնուպոլսոյ Մեսրոպ Բ. պատրիարքին կողմէ` «Պատուոյ Ա. կարգ»-ի շքանշաններով, իսկ Հանրապետութեան նախագահ Ռ. Քոչարեան անոր` իր հայ մշակոյթի մէջ զարգացման մէջ ունեցած ներդրումը շնորհաւորած է:

Սիրվարդ Գարամանուկ կը մահանայ 19 հոկտեմբեր 2008-ին, 95 տարեկանին:

Փունջ մը ստեղծագործութիւններ վոքալ-նուագախմբային «Ախթամար», 1969, «Երգ Պետրոս Դուրեանի», 1972:

Վոքալ
«Տէր, ես քեզմէ ուզեցի», 1946, «Սիրերգ», «Հոգին», «Երեք կոչեր», «Սէր», «Ողջակէզ»:

Երգչախմբային`
«Պագնեմ զքո լայն ճակատ», 1956, «Գարուն», «Հունձ կը ժողուեմ», «Պինկէօլ», «Սուրբ Գեղարդ», «Սուրբ Մեսրոպ»:

Գործիքային
«Երիտասարդութիւն, հասունութիւն, ծերութիւն»

«Երիտասարդութիւն», «Հասունութիւն», «Ծերութիւն»

 

 

 

 

Հայ Երգն Ու Հայկական Ռատիոկայանները

0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Պատանեկութեանս տարիներէն մինչեւ կանուխ երիտասարդութեան տարիներս` հայերէն երգ եւ երաժշտութիւն ունկնդրելու պատեհութիւնները հազուադէպ էին, իսկ կանուխ մանկութեանս տարիներուն` շատ աւելի նուազ, քանի որ հազուագիւտ էին ձայնասփիւռ ունեցող ընտանիքները:

Լիբանանի պետական ռատիոկայանը ունէր երկու բաժանմունք` արաբական եւ եւրոպական: Կարիքը չկայ յիշեցնելու, որ արաբական բաժնէն կը ձայնասփռուէր միայն արաբերէն երգ ու երաժշտութիւն, իսկ եւրոպականէն` ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, ինչպէս նաեւ` քանի մը սպաներէն երգեր:

Ինծի նման եւրոպական երգերու սիրահար պատանիներն ու երիտասարդները մեծ հաճոյքով կ՛ունկնդրէին «Ռատիօ Մոնթէ Քարլօ»-ի յայտագիրները, որ ինչպէս իր անունը կը վկայէ, կը ձայնասփռուէր համանուն քաղաքէն: Հոնկէ ձայնասփռուած երգերը բազմալեզու էին, եւ այդ պատճառով գնահատուած ռատիոկայան մըն էր:

Դպրոցը, իսկ աւելի ուշ` մեր աշխատավայրը, հետերնիս կ՛ունենայինք փոքրիկ «թրանզիսթըր» ձայնասփիւռ մը, որպէսզի զբօսանքներուն, կամ աշխատանքի ժամանակ կարենայինք ունկնդրել եւրոպական երգեր:

* * *

Անկասկած, հայերէն էսդրատային երգը մեծ յեղաշրջում մը եղաւ, որմէ ետք բազմացան հայերէն մեկնաբանող երգիչներն ու հայ նուագախումբերը, սակայն հայերէն երգեր ունկնդրելու հաճոյքը ստանալու համար լման շաբաթ մը պէտք էր սպասէինք, որպէսզի կիրակի օրերը կարենայինք հետեւիլ Կիպրոսի հայկական ռատիոկայանի հայկական ժամի ձայնասփռումներուն:

Կիպրոսի ռատիոկայանի հաղորդավարն ու խօսնակն էր «Մելքոնեան» վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ, մեծ արուեստագէտ Սեպուհ Աբգարեանը, որ հետագային հաստատուեցաւ մայր հայրենիք եւ մինչեւ իր մահը խմբավարեց «Գոհար» սքանչելի երգչախումբը:

Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը շաբաթը քանի մը ժամ Լիբանանի պետական ռատիոկայանէն կը ձայնասփռէր հայերէն երգ ու երաժշտութիւն, առաւելաբար` դասական կտորներ: Այդ ռատիոյայտագիրներու առաջին խօսնակներէն եղած է Մաթիլտ Պուտաքեանը, իսկ աւելի ուշ` մեծահամբաւ խմբավար Գէորգ Գանտահարեան:

Մինչեւ ութսունականներու սկիզբը լիբանանահայ գաղութը չունէր ամէնօրեայ հայկական ռատիոկայան: Հայկական «Էֆ Էմ» կայանները սկսած են գործել 1982-ին: Բնականաբար պետական ռատիոկայանէն տակաւին կը սփռուէր հայկական երգ ու երաժշտութիւն, սակայն չկար ամէնօրեայ, օրական 24 ժամուան դրութեամբ հայկական ռատիոկայան: Ատիս Հարմանտեանի, Լեւոն Գաթրճանի եւ տասնեակներով հայ երգիչներու հայերէն երգերը լսելի դարձնելու ամենահեշտ միջոցը,  ձայնասկաւառակներն էին, եւ  կամ` քասեթներու ձայնագրութիւնները:  Մնայուն հայկական ռատիոկայանի մը գոյութիւնը տեսակ մը պահանջ էր, եւ այդ մէկուն հիմնադիրը եղաւ Յակոբ Եսայեան անուն երիտասարդ մը, երբ հայերէն երգեր սկսաւ հաղորդել իր տան… խոհանոցի մէկ բաժինէն: Յայտագիրներ պատրաստելու եւ ներկայացնելու համար, իրեն միացած է արուեստասէր երիտասարդ մը` Յակոբ Ալթունեան:

Երկու տարի ետք, 1984-ին, երկու Յակոբները իրարմէ կը բաժնուին: Նոյն շրջանին Արա Սարգիսեան կը հիմնէ երկրորդ ռատիոկայան մը, ու կ՛անուանէ «Լիբանանի Հայկական Ռատիոկայան»: Սոյն ռատիոկայանին կ՛աշխատակցին Յակոբ Ալթունեանը եւ  Խաչիկ Տէտէեանը (յայտագիրներու պատասխանատու):

Որեւէ նորութիւն նախաձեռնելն է դժուար, իսկ անոր յաջողութենէն ետք հետեւողներուն թիւը օրէ օր կը բազմապատկուի:

Այսպէս, կարճ ժամանակ ետք կը ստեղծուի «Լիպանօ Հայ Ազգի Ձայն» անունով երրորդ կայան մը` Մինաս Հանսքէհէեանի եւ այլ երիտասարդներու կողմէ:

1985-ին «Լիբանանի Հայկական Ռատիոկայան»-էն Յակոբ Ալթունեանը, երկրորդ անգամ ըլլալով, կը բաժնուի եւ իր ընկերոջ` Յարութիւն Հաճիմանուկեանին հետ կը հիմնեն` Վանայ Ձայն»-ը` Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ, Հաճիմանուկեանի ոսկերչատան մէջ, որմէ տարի մը ետք Ալթունեանը եւ Հաճիմանուկեանը անհամաձայնութեան պատճառով կը բաժնուին իրարմէ, եւ 1986-ի մայիսին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ստանձնէ կայանը, որուն առաջին տնօրէն կը նշանակուի Վաչէ Բրուտեանը:

Ներկայիս համացանցային հայկական ռատիոկայանները բազմաթիւ են:Պարտք կը զգամ յիշել անոնցմէ քանի մը հատը: Շատեր տակաւին կը գործեն, իսկ ուրիշներ դադրած են գոյութիւն ունենալէ:

1990-ականներուն հնչակեանները կը ստեղծեն «Նայիրի» ռատիոկայանը, սակայն չի գոյատեւեր եւ կարճ ժամանակ ետք կը դադրի գոյութիւն ունենալէ:

2007-ին դարձեալ հնչակեանները, կը ստեղծեն ռատիօ «Սեւան»-ը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր:

Ներկայիս կը գործէ նաեւ «Երիտասարդութեան Ձայն» անունով կայան մը` ոչ այնքան որակաւոր երգերով:

Համացանցային հետաքրքրական ռատիոկայան է «Ռատիօ Եան»-ը, որուն «Մեր մասին» բաժնին մէջ հետեւեալը կր կարդանք:

«Ռատիօ Եան-ը անկախ համացանցային ձայնասփիւռ է իր հայկական, աշուղական, սիրային, ազգագրական, գաւառական եւ մանաւանդ ազգային յեղափոխական տարրերով:

«Ռատիօ Եան»-ը սկսած է սփռուիլ համացանցի վրայ, փետրուար 2011-էն սկսեալ եւ նախաձեռնութիւնն է խումբ մը երիտասարդներու, որոնք մտահոգեն հայկական երգերու եւ մշակոյթի աղաւաղման ընթացքէն եւ իրենց այս քայլով կը փորձեն տարածել իսկական հայկական երաժշտութիւն եւ ազգային յեղափոխական մթնոլորտ:

Անոր հիմնադիրներն են Սարգիս Հասէրճեանը (Լիբանան) եւ Ասպետ Հարմանտեանը (Ֆրանսա), իսկ կամաւոր հաղորդավար` Փաթիլ Մկրտիչեանը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ են համացանցային հայկական ռատիոկայանները, որոնցմէ կը բաւարարուիմ յիշելով երկուքը:

Պոսթընի «Հայրենիք»շաբաթաթերթի կողքին, կը գործէ «Հայրենիք» համացանցային ռատիոկայանը` իր որակաւոր երգացանկով: Էսդրատային, աշուղական եւ յեղափոխական երգերու ճոխ հաւաքածոյով օժտուած է «Ռատիօ Հայրենիք»-ը:

Տասնեակ մը տարիներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ յայտնի անուն էր HyeVibes, որ սկսած էր 1998-ին: Հիմնադիրը, սեփականատէրը եւ հաղորդավարն էր եղբօրորդիս` Ռազմիկ Շահմելիքեանը: HyeVibes, միջազգային երգացանկով հարուստ, տարբեր էր միւս ռատիոկայաններէն: Ունէր նաեւ պատուէրներու բաժին, ուր ունկնդիրները կրնային արձանագրել իրենց փափաքած երգը եւ ինքնաբերաբար խնդրուած երգը կը միանար ու կը ձայնասփռուէր HyeVibes-էն: Ռազմիկ այս գործը կը կատարէր որպէս սիրող, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան, սակայն ժամանակի չգոյութեան պատճառով 2005-ին «ժամանակաւոր» դադրեցուց ռատիոկայանը` յուսալով օր մը վերսկսիլ:

* * *

Ինչպէս նախապէս անդրադարձայ, «Վանայ Ձայն»-ի առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Բրուտեանը, իսկ աւելի ուշ տնօրէնի  պաշտօնները ստանձնած են յայտնի մտաւորականներ եւ կուսակցական գործիչներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել` Վարուժան Թէնպէլեանը, Բենօ Թոնդեանը, Արմէն Ապտալեանը, եւ Աւետիս Կիտանեանը (ներկայիս` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար):

Ներկայիս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Տեղեկատուութեան մարմինի եւ հանրային կապերու, նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնի պաշտօնը վստահուած է Վիգէն Աւագեանին:

Վիգէն Աւագեան նախապէս մաս կազմած էր «Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմին` իբրեւ «Տի Ճէյ», ապա նետուած էր ուսուցչական ասպարէզ: Կը վարէր Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի տնօրէնի պաշտօնը, մինչեւ այն օրը, երբ Պուրճ Համուտի ազգային վարժարանները միացան մէկ յարկի տակ, որ կոչուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարան:

Պարտք կը զգամ աւելի մանրամասն անդրադառնալ «Վանայ Ձայն»-ի ու իր գործունէութեան` տրուած ըլլալով, որ իսկապէս իւրայատուկ է ան:

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին հետեւեալը կը հաղորդէ «Վանայ Ձայն»-ի նոր նշանակուած տնօրէն Վիգէն Աւագեանը.

«Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրները զանազան են եւ հարուստ: Անոր յայտագիրներու կողքին, «Օ. Թի. Վի.»-ի օրական հայերէն լրատուութիւնը ուղղակիօրէն կը ձայնասփռռւի նաեւ «Վանայ Ձայն»-էն:

«Վանայ Ձայն» պիտի չկարենար գոյատեւել 31 տարիներ, եթէ իրար յաջորդող պատասխանատուները չունենային աշխատանքի հաւատք, նուիրում գործին հանդէպ եւ մանաւանդ` տեւաբար նորութիւն բերելու ճիգը:

Այսօր, 4-րդ տասնամեակի սեմին, դարձեալ ճիգ մը կայ «Վանայ Ձայն»-ը միշտ պահելու այն մակարդակին վրայ, ուր պիտի ուզէին տեսնել իր հիմնադիրներն ու յաջորդական պատասխանատուները, այսինքն` իսկապէս դառնալ սփիւռքահայութեան հարազատ եւ լաւագոյն ձայնը:

Վերջին մէկուկէս տարիները եղան պատրաստութեան, կազմակերպման, նախաձեռնութեան ամիսներ, երբ ռատիոկայանի ամբողջ անձնակազմը` ձայնի հաղորդավարներ, խօսնակներ եւ թեքնիք մասնագէտներ` բոլորը կարելին ի գործ դրին, որ աշնան մեր ունկնդիրներուն ներկայանանք բոլորովին նոր դիմագիծով, բարեփոխուած յայտագիրներով:

Անկասկած, աւանդ մը ունի այս ռատիոկայանը եւ այդ աւանդին վրայ նոր յարկ մը պիտի կառուցուի` շնորհիւ նոր եւ խոստմնալից ուժերու:

Շուրջ 35 նոր յայտագիրներով հանդէս կու գանք` կնոջական, մանկապատանեկան եւ մշակութային այլազան յայտագիրներ: Շեշտը կը դնենք յատկապէս մշակութայինին վրայ, որովհետեւ վերջերս նկատելի է ընդհանուր անկում մը ժողովուրդին մօտ, եւ «Վանայ Ձայն»-ի առաքելութիւնն է մեր հիմնադրութեան օրէն մշակութային ճաշակը բարելաւել, մշակութային դաստիարակութիւն տալ մեր ժողովուրդին:

Այսօր ունինք սերունդ մը, որ ծանօթ չէ լիբանանահայութեան պատմութեան,  արմատներուն իսկական դիմագիծին: Այդ իմաստով, քանի մը յայտագիրներ նկատի ունեցած ենք:

«Տարիներ առաջ», որ պիտի փորձէ պատմական յիշողութիւնը վերակենդանացնել` այցելելով Լիբանանահայութեան երբեմնի հայահոծ շրջանները:

Յայտագրի հաղորդավարն ու խօսնակը` Հուրի Փափազեան-Էմմիեան հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ այս իւրայատուկ յայտագիրը.

«Իւրաքանչիւր շաբաթ կ՛այցելենք հայահոծ շրջան մը, որ ունեցած է պատմութիւն, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ ու բնակչութիւն:

Այս յայտագրի նպատակն է մեր հաղորդումներու յուշերով ծանօթանալ մեր գաղութի երբեմնի գործունէութեան, անոնց ապրած դժուարութիւններուն, նաեւ` ծանօթանալ դէմքերու, որոնք լիբանանահայ գաղութին պատմութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են թէ՛ իբրեւ կուսակցականներ եւ թէ՛ ազգային գործիչներ, տնտեսական մշակներ ու կղերականներ»:

Սոյն յայտագրով Լոս Անճելըսէն երեւակայութեամբ կը միանամ «Վանայ Ձայն»-ին ու միասնաբար կ՛այցելենք «Ազատամարտ» ակումբ, ուր անցուցած եմ յուշերով լեցուն մանկութեանս ու պատանեկութեանս տարիները, իսկ յաջորդ շաբաթ դարձեալ կ՛ընկերակցիմ «Վանայ Ձայն»-ին` այցելելու Նոր Սիս թաղամասի «Ազիրեան» ակումբը, ուր անցուցած եմ երիտասարդութեան տարիներս, ապա, Լիբանանի դաժան պատերազմի պատճառով, հեռացած եմ ծննդավայրէս` հաստատուելու Լոս Անճելըս, ուր «հանգիստ» է կեանքը, սակայն չկայ «Ազատամարտ»-ի եւ «Ազիրեան»-ի հայահոծ տաքուկ մթնոլորտը:

«Մեր ուսուցիչներ»-ը յայտագիրին ընդմէջէն իւրաքանչիւր շաբաթ անցեալի կամ ներկայի հայ դպրոցին ծառայած ուսուցչի մը հետ հարցազրոյցի միջոցով, վերյիշել մեր հայկական վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր ուսուցիչները, որոնք եկան, անցան, գացին, կամ` ուսուցիչներ, որոնք այսօր ծերութեան մէջ են եւ` մոռացութեան մատնուած:

«Յիշատակներ, անցած օրեր» անունով յայտագիրը կը ներկայացնէ լիբանանահայ երգարուեստի պատմութիւնը: Պօղոս Շահմելիքեանի համանուն հատորէն ամէն չորեքշաբթի, Մարալ Մխսեանի ընթերցանութեամբ, կը ներկայացուի լիբանանահայ երաժշտութեան պատմութիւնը` սկսելով 60-ականներէն, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ օտար երաժշտութեամբ, ապա` Ատիս Հարմանտեան, Լեւոն Գաթրճեան, մինչեւ մեր օրերը, այս բոլորը կը ներկայացուին ու կը ծանօթացուին մեր նոր սերունդին` մերթ ընդ մերթ ձայնասփռելով այդ տարիներու երգիչներէն կամ նուագախումբերէն երգ ու երաժշտութիւն: (Վիգէն Աւագեան)

* * *

Իւրայատուկ ռատիոկայան մըն է «Վանայ Ձայն»-ը: Իւրայատուկ` իր այլազանութեամբ եւ նորութիւններով:

Լիբանանահայերը, նաեւ` տեղացի արաբները, հաճոյքով կ՛ունկնդրեն հայերէն, նաեւ արաբերէնով ձայնասփռուած յայտագիրները: Լիբանանահայութեան մեծ մասին օրը կը սկսի «Վանայ Ձայն»-ով, ու կ՛աւարտի միեւնոյն կայանի ունկնդրութեամբ:

Նոյնն է պարագան ինծի նման բազմաթիւ հայերու, որոնք տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուելով հանդերձ, կը հետեւին իւրայատուկ այս ռատիոկայանի յայտագիրներուն:

Գրասենեակիս մէջ օրս կը սկսի նախ հայկական թերթերու ընթերցումով (համացանցի միջոցաւ), ապա երեւակայութեամբ կ՛ուղղուիմ «Շաղզոյեան» կեդրոնի 2-րդ յարկը, կը մտնեմ «Վանայ Ձայն»-ի կայքէջը: Տրուած ըլլալով, որ գործի բերումով օրն ի բուն համակարգիչիս դիմացն եմ, ընկալուչը ականջներուս` կը հետեւիմ «Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրներուն, որոնք այնքա՜ն այլազան են:

«Վանայ Ձայն» ունի նաեւ տարբեր առաւելութիւն մը: Ժամերու տարբերութեան պատճառով ինծի նման, յայտագիրներուն ձայնասփռուած ժամուն, երբ անկարելի ըլլայ հետեւիլ, աւելի ուշ կարելի  է մտնել արխիւներու բաժինը եւ նախապէս ձայնասփռուած յայտագիր մը կրկին ունկնդրելու հաճոյքը ստանալ:

Անկասկած ամենամեծ թիւով անձնակազմով հայկական ռատիոկայանն է «Վանայ Ձայն»-ը, որոնք բոլորն ալ արհեստավարժ են եւ նուիրումով կը կատարեն իրենց վստահուած գործը, իսկ յայտագիրներու այլազանութեամբ «Վանայ Ձայն» կրնայ մրցիլ նոյնիսկ օտար ռատիոկայաններու հետ:

Յիշենք քանի մը հատը:

«Հանդիպում«, «Ռատիոթատրոն», «Առողջութեան գաղտնիքը», «Հայկական աշխարհ», «Բարեւ», «Եկեղեցին հայկական», «Ծուռ նստինք շիտակ խօսինք», «Բաց քննարկում», «Լիբանանի նախագահները», «Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ», «Ճանչնանք մեր թշնամիները», «Իմ գրքիս հետ» եւ տակաւին շատ հետաքրքրական կրթական եւ դաստիարակչական յայտագիրներ, որոնց կարելի չէ հանդիպիլ որեւէ տարբեր հայկական ռատիոկայանի մօտ, եւ այս պատճառով անվարան կրնանք ըսել`

Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը`  «Վանայ Ձայն»:

Լոս Անճելըս, 2017

 

 

Դասեր Քաղելով Բաւարարուի՞նք

0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախարարը շատ կարճ ժամանակուան մէջ (հազիւ մէկ օր) հասցուց մամլոյ ասուլիս տալ` Լոս Անճելըսի հայկական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու մասնակցութեամբ, ապա` հանդիպիլ համայնքին մէջ գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ հրապարակային ելոյթ ունենալ` առիթ տալով ներկաներուն հարցումներ ուղղելու:

Մամլոյ ասուլիսի եւ իր միւս ելոյթներուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը ցուցաբերեց տիրապետում` իր ղեկավարած կառոյցի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ յատկապէս իր լաւ պատրաստուած եւ ներկայացուած հրապարակային զեկոյցն ու հարց-պատասխանի ընթացքին իր տուած սպառիչ բացատրութիւնները ամրացուցին ունկնդիրներուն հաւատքը` հայոց բանակին առաւել հզօրացման կարելիութեանց հանդէպ:

Նախարարը կարծես նոյնիսկ հմայեց ներկաները, որոնք իրենց գնահատանքը արտայայտեցին ձեռնարկի աւարտին` յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Ամերիկահայութիւնը ընդհանրապէս կարիքը ունի հայոց բանակին հանդէպ իր վստահութիւնը ամրացնելու: Տխո՛ւր փաստ էր` նախարարին կողմէ ներկայացուած (բայց իր կողմէ երբեք չկարեւորուած, հաւանաբար` մեզ չվիրաւորելու համար), որ հայոց բանակի զոհերու ընտանիքներուն օգնելու հիմնադրամին ամերիկահայութեան ներդրումը ծիծաղելիօրէ՛ն քիչ էր (ամբողջ Ամերիկայէն` 370 տոլար):

Այս վիճակի գիտակցութենէն մեկնած էր իմ հարցումս նախարարին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, թէ` ինչո՞ւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր կրած կորուստներուն պատասխանատուները յայտնաբերելու քննութիւն ու համապատասխան պատժական կարգադրութիւններ չեղան:

Նախարարը հարցումիս պատասխանեց` ըսելով, որ ուսումնասիրուած են պատերազմին հետ կապուած հարցերը, եւ անհրաժեշտ դասերը քաղուած են: Նախարարին կարծիքով, բանակին պատասխանը ազրպէյճանական յարձակումին պատշա՛ճ էր, եւ կարելի էր նոյնիսկ աւելի ուժգին հարուած տալ թշնամիին, սակայն քաղաքական նկատառումներով զսպուածութիւն ցոյց տրուեցաւ:

Այս պատասխանը, անշուշտ, չէր կրնար բաւարարել գոնէ զիս, որովհետեւ ընդհանրապէս այսպիսի պարագաներու, երբ մեծ ու թանկագին զոհեր եղած են, կարելի չէ անոնց կորուստի պատասխանատուութեան հարցը չքննել համապատասխան խի՛ստ տնօրինումներով: Վստահութեան ամրապնդման համար, բանակի եւ ընդհանրապէս պետութեան միջոցները իւրացնողներուն հանդէպ աչք փակելու եւ զանոնք հանդուրժելու վարքագիծը պէտք է կտրականապէ՛ս մերժուի:

 

 

 

Անդրադարձ. Հայաստանի Հողագործութեան Բնագաւառի Խնդիրները

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Արմենիա» հեռատեսիլի 11 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան լուրերու հաղորդումը անդրադարձաւ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միամեայ գործունէութեան: Նախարարը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուեց գիւղատնտեսութեան մարզի 9 գլխաւոր խնդիրները: Վիճակագրութիւնը կը հրապարակուի տարեվերջին:

Նախարար Իգնատի Առաքելեանի մամլոյ ասուլիսը

«Գլխաւոր խնդիրներն են`

1.- Գիւղտեխնիկան (հողագործութեան մեքենաները – Յ.Չ.) բաւարար չեն:
2.- Վարկերու տոկոսները բարձր են:
3.- Ոռոգման համակարգը թերի է:
4.- Չկայ հողագործութեան ապահովագրութիւն:
5.- Կրթութիւնն ու խորհրդատուութիւնը թերի են:
6.- Նորարարութիւնները քիչ են:
7.- Իրացման (վաճառման – Յ.Չ.) համակարգը թերի է:
8.- Հողը սխալ կ՛օգտագործուի:
9.- Օրէնսդրական դաշտը թերի է:

Իրավիճակը փրկելու քայլեր կը ձեռնարկուին: 2018-ին կը սկսի հողագործութեան ապահովագրութեան փորձառական ծրագիրը: Որոշ վարկեր կը տրամադրուին 2 տոկոսով:

Ըստ նախարարին, գիւղացին միսի գինը չէ բարձրացուցած: Խոզի միսը սղած է միջազգային շուկային մէջ, ոչխարինը, անցեալ տարուան բաղդատելով, 12000 գլուխէ աւելի Իրաք արտածելու պատճառով: Տաւարի միսի 100-150 դրամ սղաճը կարելի է բնական համարել:

Թէ ի՛նչ օժանդակութիւն կը ստանան չոր եղանակին պատճառով տուժած գիւղացիները,  քննարկումները դեռ չեն սկսած» (1), (2):

Օձունի «Հալալ» սպանդանոցի ոչխարի արտադրութիւնը

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Իրաքին 12000 գլուխ ոչխար վաճառած վաճառականը իր շահը ներդրա՞ծ է ոչխարաբուծութեան մէջ` յաւելեալ արտադրութեան համար: Եթէ արտածումը ընդհանրապէս ի վնաս ժողովուրդին է,  տնտեսական ինչպիսի՛ քաղաքականութեան վրայ հիմնուած է այդ: Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի սննդամթերքի կամ այլ ապրանքի արտածումի քաղաքականութիւն` մի՛այն աւելորդ քանակը արտածելու: Այս հարցին մէջ սնունդի ապահովութեան եւ սպառողական ապրանքներուն գիները հսկող պետական տեսչութեան դերը ի՞նչ է: Կազմակերպելով անասնաբուծութեան մարզը` գիտական մօտեցումով, կարելի կը դառնայ շատ աւելի մեծ թիւով ոչխար արտածել` առանց վնաս պատճառելու տեղական շուկային:

Սկսելով հիմնականէն` Հայաստանի հասարակութեան, ներառեալ աւագանիին` կառավարութիւն եւ խորհրդարան, «գիւղատնտեսութեան» կապակցութեամբ գլխաւոր հարցը հաւանաբար նաեւ կը կայանայ անուանումներուն մէջ, որ ի սկզբանէ իրենց ենթագիտակիցին մէջ բոլորովին սխալ տպաւորութիւն ստեղծած է: Նախարարութեան անունը «Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն» է, կարծէք թէ այս բնագաւառը` հողագործութիւն եւ անասնաբուծութիւն, կը վերաբերի եւ վերապահուած է մի՛ այն գիւղերուն եւ գիւղացիներուն: Աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլար «Ագարակային» կամ «Հողագործութեան նախարարութիւն» կոչել, իսկ գիւղատնտեսութիւնը` գիւղերուն տնտեսութիւնը, վերապահել տարածքային զարգացման ու կառավարման նախարարութեան:

Բնականաբար գիւղացիներէն շատեր, իրենց կարգին, կը զբաղին հողագործութեամբ եւ անասնաբուծութեամբ: Սակայն, ընդհանուր առմամբ, «Գիւղացի» եզրը կ՛օգտագործուի` փոխանակ «Հողագործ», «Մշակ» եւ, «Ագարակապան» եզրերուն, կարծէք թէ քաղաքներու բնակիչներուն չի վերաբերիր այս խիստ կարեւոր եւ ըստ երեւոյթին, անտեսուած մարզը, հիմնուելով վերեւ նշուած 9 անարդարանալի եւ զարմանք պատճառող խնդիրներուն վրայ:

Հնձող մեքենայ

Արդարեւ, «Հայաստանի ազգային ագրարային (ագարակային-Յ.Չ.) համալսարան»-ը այս ուսումնական տարեշրջանին (2017-2018) ունի 3300 ուսանող եւ հեռակայ դրութեամբ` 4900 (3): Իսկ 2015-ին` իր 85-ամեակին, ունէր 55 հազարէ աւելի շրջանաւարտ (4): Ուսանողութեան այս մեծ թիւը կ՛ենթադրէ նաեւ շրջանաւարտին աշխատանքի ապահովութիւնը: Այս պատկառելի թիւով ուսանողներով եւ մասնագիտացած շրջանաւարտներով հարուստ մեր երկրին մէջ անբացատրելի ու անհաւատալի է նախարարին վերեւ նշուած 9 թերութիւններէն` մասնագիտութեան վերաբերող թիւ 5-ը «Կրթութիւնն ու խորհրդատուութիւնը թերի է», 6-ը` «Նորարարութիւնները քիչ են», եւ 8-ն` «Հողը սխալ կ՛օգտագործուի»: Ակներեւ է համակարգային գործելաոճի՛ մը բացակայութիւնը եւ ո՛չ թէ` մասնագէտներու պակասը:

Մասնագիտացած վճարովի խորհրդատուական ընկերութիւններուն կողքին, անհրաժեշտ է նախարարութեան կողմէ կատարել ձրի եւ պարտադիր խորհրդատուութիւն, նման` այլ երկիրներու: Խորհրդատուական միջոցները պէտք է ընդգրկեն եւ ապահովեն իւրաքանչիւր ցանքի կամ անասնաբուծութեան վերաբերեալ ընդհանուր տեղեկութիւններ, նորութիւններ եւ ցուցմունքներ` ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, բջիջային հաղորդագրութեան (SMS), պարբերաթերթերու եւ անփոխարինելին` պաշտօնական բացիկ-հրատարակութեան միջոցով: Իսկ մասնայատուկ` եղանակային եւ ըստ կարիքի տեղւոյն վրայ այցելութիւններ, մշակներու եւ ագարակապաններու յատուկ մարզային հերթական ժողովներ` փորձառութիւններ փոխանակելու, յատուկ հարցերու քննարկում-լուծումներ եւ ցուցմունքներ` նորարարութիւններ կիրարկելու, ինչպէս նաեւ` շտապ խորհրդատուութեան հեռաձայնային յատուկ կապ:

Նշուած թերիներէն աններելի է թիւ 3-ը` «Ոռոգման համակարգը թերի է»: Ջուրի պաշարով հարուստ հայրենիքին մէջ աններելի են, այլեւ` ամօթալի, այս կամ այն շրջանին մէջ երաշտի` «չոր եղանակի» ամէն տարի կրկնուող դէպքերը: Հայաստանը ագարակային երկիր է եւ կը պահանջէ համապատասխան ռազմավարութիւն եւ համակարգային քաղաքականութիւն (5): Պէտք է օրինակ քաղել Հոլանտայէն, որ իր անբարենպաստ աշխարհագրական դիրքով եւ կլիմայով դարձած է, Ամերիկայէն ետք,  սննդամթերք արտածող աշխարհի երկրորդ երկիրը, տես` «Այս փոքր երկիրը աշխարհը կը կերակրէ» (6), (7):

17 հոկտեմբեր 2017

(1) (https://www.armeniatv.am/hy/63883-63883)
(2) (https://youtu.be/t_JlR9tcP9M)
(3) (https://anau.am/hy/about-us/info)
(4) (https://www.anau.am/?id=48)
(5) (http://www.aztagdaily.com/archives/364045)
(6) (http://www.aztagdaily.com/archives/369316)
(7) (http://www.aztagdaily.com/archives/370783)

Viewing all 12047 articles
Browse latest View live