Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12041 articles
Browse latest View live

Անդրադարձ. 15-ամեայ Աշխատանքի Արգասիքը

0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Քաթալոնիոյ անկախութեան ձգտումին ու այդ ուղղութեամբ կատարած քայլերուն հետեւանքով, Եւրոպայի մէջ ամրապնդուած են տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ զօրակցութիւնն ու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ վերապահութիւնը:

Ահա այսպիսի անբարենպաստ պայմաններու մէջ էր, որ չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին Պելճիքայի Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ արցախցի խորհրդարանականներու ներկայութեամբ կազմուեցաւ 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած Արցախի հետ բարեկամութեան խումբ մը: Երկու օր ետք` ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին 16 անդամներէ բաղկացած նոյնպիսի խմբակ մը կազմուեցաւ այս անգամ վալոնական խորհրդարանին մէջ:

Քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու մէջ ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Պելճիքայի բաղադրիչ երկու խմբաւորումներուն հետ կազմուած այդ բարեկամական խմբաւորումներուն կազմութիւնը կարելի է նկատել մեծ ձեռքբերում մը, որ բնականաբար մետասաներորդ պահու կատարուած քայլի մը արդիւնքը չէր եւ չէր կրնար ըլլալ, այլ` արգասիքն էր 15 տարի առաջ հիմնուած նշեալ գրասենեակին կատարած աշխատանքին, վարկին եւ զարգացուցած յարաբերութիւններուն, կազմած յարաբերական ցանցին ու քաղաքական ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ անոնց աճին վկայութիւնը:

Արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով Պրիւքսել այցելող Արցախի Հանրապետութեան նախագահը դժբախտաբար ելոյթ չունեցաւ եւ նոյնիսկ ներկայ չգտնուեցաւ գրասենեակի կազմակերպած Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ օրուան նիստին: Իրողութեան մէջ այդպիսի ակնկալութիւն մը տեղին պիտի չըլլար` նկատի ունենալով չճանչցուած հանրապետութեան մը նախագահը իր հիմնական կառոյցներէն մէկուն մէջ հիւրընկալելու նկատմամբ Եւրոպական Միութեան ունեցած խիստ վերապահութիւնը: Սակայն Վալոնական ու Ֆլամանտական խորհրդարաններուն մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խմբակներու կազմութիւնը կու գայ ուրուագծելու այն յուսալի հեռանկարը, որ եւրոպական ժողովրդավարութեան ու արժէքներու միջնաբերդին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յաղթական ելոյթը թէեւ շատ դժուար, սակայն անհասանելի չէ եւ ի վերջոյ պիտի իրականանայ` շնորհիւ ՀՅԴ Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակին եւ անոր անձնակազմի համբերատար ու երկարաշունչ աշխատանքին:

 

 

 


30 Հոկտեմբեր 1920. Դասալքութեան չարիքը եւ Կարսի անկումին ազգային ողբերգութիւնը

0
0

Ն. Պ.

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ կան ոչ միայն ինք­նա­ճա­նաչ­ման եւ հպար­տու­թեան, եր­կուն­քի եւ խո­յան­քի ո­գեշն­չող պա­հեր, այլ կան նաեւ փոր­ձու­թեան ու յու­սա­բե­կու­մի, մեղ­կու­թեան եւ ան­կու­մի ող­բեր­գա­կան վայր­կեան­ներ, ո­րոնք կեան­քի եւ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը շեշ­տեն ի­րենց բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւ­նը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ այ­դօ­րի­նակ դառ­նու­թեան էջ մը կը բա­ցո­ւի Հոկ­տեմ­բեր 30ին…

97 տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բե­րի նա­խա­վեր­ջին օ­րը, հա­զիւ եր­կու­քու­կէս տա­րե­կան Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­րեւմ­տեան դար­պաս­նե­րէն ­Կարս բեր­դա­քա­ղա­քը, գրե­թէ ա­ռանց դի­մադ­րու­թեան, անձ­նա­տուր ե­ղաւ ­Հա­յաս­տան ար­շա­ւող թրքա­կան թշնա­մի զօր­քին.-

Կար­սը «անձ­նա­տուր» ին­կաւ ­Թուր­քիոյ քե­մա­լա­կան զօր­քե­րու գրո­հին տակ։

Կար­սի մէջ ամ­րա­կա­յո­ւած հա­յոց ազգա­յին բա­նա­կին զօ­րա­յին­նե­րը դա­սալ­քու­թեան դի­մե­ցին։ ­Չեն­թար­կո­ւե­ցան թշնա­մի գրո­հին դէմ անձ­նո­ւի­րա­բար հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու ի­րենց հրա­մա­նա­տա­րի հրա­հան­գին։
Ի տես իր զի­նո­ւոր­նե­րու դա­սալ­քու­թեան, ե­րի­տա­սարդ հրա­մա­նա­տա­րը՝ գնդա­պետ Մազ­մա­նեան ինք­նաս­պա­նու­թեամբ վերջ տո­ւաւ խոր­տա­կո­ւած իր կեան­քին…

Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը այ­սօր ալ կը դի­մագ­րա­ւէ մար­տահ­րա­ւէ­րը՝ վճռա­հա­տե­լու տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր շա­րու­նա­կո­ւող բուռն եւ դա­ժան բա­նա­վէ­ճը՝ ­Կար­սի անկ­ման պատ­ճառ­նե­րու պար­զա­բան­ման ու ախ­տո­րոշ­ման շուրջ։

Ազ­գա­յին մեր մար­տու­նա­կու­թիւնն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը կրծող եւ մա­շեց­նող այդ բա­նա­վէ­ճը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան եօ­թը տաս­նա­մեակ­նե­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան՝ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը դա­տա­պար­տե­լով ներ­քին, բուռն եւ մշտա­բոր­բոք բա­նա­վէ­ճե­րու քաշք­շու­քին։

Բա­նա­վէ­ճի մէկ բե­ւե­ռին կանգ­նե­ցաւ ճամ­բա­րը այն պատ­մա­բան­նե­րուն, տե­սա­բան­նե­րուն եւ յու­շագ­րող­նե­րուն, ո­րոնք մեր­ժե­լով մեր­ժե­ցին եւ ան­հաշտ թշնա­միի դիրք ճշդե­ցին 28 ­Մա­յիս 1918ին կեր­տո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին՝ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մին դէմ՝ գա­ղա­փա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ կու­սակ­ցա­կան վար­քա­գի­ծի վե­րա­ծե­լով հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թիւ­նը, առ այդ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մեր­ժե­լով ըն­դու­նիլ, թէ ­Կար­սի ան­կու­մին բուն պատ­ճա­ռը ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւա­դիր գոր­ծարքն էր։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ճամ­բա­րի դրօ­շա­կիր­նե­րը ա­մէն աղ­բիւ­րէ ջուր բե­րին տաս­նա­մեակ­նե­րով, նոյ­նիսկ պղտոր եւ ազ­գա­յին մեր միա­բա­նու­թիւ­նը թու­նա­ւո­րող կեղ­տա­ջու­րեր օգ­տա­գոր­ծե­ցին, որ­պէս­զի իբր թէ փաս­տեն, թէ ­Կար­սի մեծ ող­բեր­գու­թեան բուն պա­տաս­խա­նա­տուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւնն էր, որ չու­զեց հասկնալ ­Քե­մալ-­Լե­նին զի­նակ­ցու­թեան իբր թէ «փրկա­րար» նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի «անվ­տան­գու­թեան» հա­մար…։

Իսկ բա­նա­վէ­ճի միւս բե­ւե­ռին կանգ­նե­ցաւ ճա­կա­տը նոյն­պէս պատ­մա­բան, տե­սա­բան եւ յու­շագ­րող այն հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ուղ­ղա­կի դաշ­նակ­ցա­կան­ներ ըլ­լա­յին թէ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­կիր­ներ կամ պար­զա­պէս սրտցաւ հա­յեր, ­Կար­սի ան­կու­մին մէջ տե­սան մեր ազ­գա­յին մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ ա­րա­գա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մը։

Ա­ւե­լի՛ն. դաշ­նակ­ցա­կա­նա­միտ այս ճա­կա­տի դրօ­շա­կիր­նե­րը ի­րենց ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը սե­պե­ցին տե­ւա­բար ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լու հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն, թէ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի պէտք չէ կրկնո­ւի ­Կար­սի անկ­ման ող­բեր­գու­թեամբ պար­զո­ւած ազ­գա­յին դա­սալ­քու­թեան ե­րե­ւոյ­թը, որ­պէս­զի կա­րե­նանք ազ­գո­վի՛ն եւ ըստ ար­ժան­ւոյն դի­մագ­րա­ւել, կան­խել կամ վի­ժեց­նել ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան դէմ նիւ­թո­ւած մե­ծա­պե­տա­կան կամ թշնա­մա­կան ո­րե­ւէ դա­ւադ­րու­թիւն։

Առ այդ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, ժա­մա­նակն է բարձ­րա­ձայն եւ ա­ներկ­բայ հաս­տա­տե­լու, թէ նախ՝ ­Կար­սի ան­կու­մին բուն պատ­ճա­ռը ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւա­դիր գոր­ծարքն էր։
Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը խոր­տա­կե­լու ռու­սեւթր­քա­կան մեծ դա­ւադ­րու­թեան մէջք-կոտ­րող հա­րո­ւա­ծը ե­ղաւ ­Կար­սի դա­սալ­քու­թիւ­նը, որ ա­րա­գա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մը։
Ար­տա­քին ու­ժե­րու դա­ւա­դիր հա­րո­ւա­ծին չափ ա­հա­ւոր ե­ղաւ ­Կար­սի մէջ 97 տա­րի ա­ռաջ ար­ձա­նագ­րո­ւած հա­յոց զօր­քի դա­սալ­քու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու ենք ազ­գո­վին։

Ինչ­պէս որ ­Կար­սի ան­կու­մէն տա­րի­ներ ետք ­Գա­րե­գին Նժ­դեհ ար­դա­րա­ցի ցա­սու­մով պի­տի պատ­գա­մէր հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն՝

«­Կար­սի ա­մօ­թը Հ. ­Հան­րա­պե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեա­նը չէ միայն, այլ ողջ հայ ժո­ղովր­դին: ­Չափ­ւում են, բախ­ւում են բա­նակ­նե­րը, բայց յաղ­թում կամ պարտ­ւում են ազ­գե­րը, ցե­ղե­րը: ­Կար­սի պա­տե­րի տակ պար­տո­ւո­ղը հայ զի­նո­ւորն ու զօ­րա­վա­րը չէին միայն, այլ բո­վան­դակ հա­յու­թիւ­նը, հայ ժո­ղովր­դի` իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ ան­մար­տու­նակ, ա­նա­րի, անմ­շակ հո­գին: Ա­հա՛ ճշմար­տու­թիւ­նը, հա՛յ ե­րի­տա­սարդ…»
Այս ա­ռում­նե­րով՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 30ի տա­րե­լի­ցը կու գայ վե­րա­նո­րոգ պատ­գա­մով ա­հա­զան­գը հնչեց­նե­լու ազ­գա­յին դա­սալ­քու­թեան ան­նե­րե­լի չա­րի­քին դէմ։

Պատ­մա­կան դառն ու դա­ժան ի­րո­ղու­թիւն է, որ ­Հոկ­տեմ­բեր 30ի օ­րը, 1920 թո­ւա­կա­նին, Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ ա­ռանց պա­տե­րազ­մի յայ­տա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր յար­ձակ­ման ձեռ­նար­կած քե­մա­լա­կան զօր­քը ար­դէն հա­սած էր ­Կար­սի մա­տոյց­նե­րուն, իսկ բեր­դա­քա­ղա­քի պաշտ­պա­նու­թեան կո­չո­ւած հայ­կա­կան զօր­քին ե­րի­տա­սարդ հրա­մա­նա­տա­րը՝ գնդա­պետ ­Մազ­մա­նեան հա­կագ­րո­հի հրա­հանգ տո­ւած էր իր զի­նո­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք սա­կայն մեր­ժե­ցին են­թար­կո­ւիլ ի­րենց հրա­մա­նա­տա­րին ու… դա­սալքու­թեան դի­մե­ցին։

Պար­զո­ւած ա­մօ­թա­լի դա­սալ­քու­թեան դէմ յան­դի­ման, Գնդ. ­Մազ­մա­նեան սե­փա­կան ատր­ճա­նա­կով ինք­նաս­պան ե­ղաւ իր զի­նո­ւոր­նե­րուն աչ­քին առ­ջեւ…

Գնդ. ­Մազ­մա­նեա­նի ինք­նաս­պա­նու­թիւ­նը միայն սկիզբն էր ող­բեր­գու­թեան, որ ա­հագ­նա­ցաւ հեղ­ձու­ցիչ ա­րա­գու­թեամբ։

Թր­քա­կան զօր­քի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար ­Քեա­զիմ ­Քա­րա­պե­քի­րի յու­շե­րուն հա­մա­ձայն՝ քե­մա­լա­կան զի­նո­ւոր­նե­րը եւ ա­նոնց միա­ցած թուրք, քիւրտ, մահ­մե­տա­կան թէ հայ պոլ­շե­ւիկ ապս­տամբ­նե­րը ե­րեք ժա­մո­ւան մէջ գրա­ւե­ցին ամ­բողջ քա­ղա­քը, հայ­կա­կան բա­նա­կի բազ­մա­հա­րիւր սպա­ներ ու զի­նուոր­ներ ռազ­մա­գե­րի վեր­ցու­ցին, հսկա­յա­կան քա­նա­կու­թեամբ ռազ­մամ­թեր­քի (թնդա­նօթ, ռումբ, զէնք ու փամ­փուշտ) տի­րա­ցան եւ տաս­նեակ հա­զար­նե­րով ան­զէն բնակ­չու­թիւն «թրքա­վա­րի» կո­տո­րե­ցին։

Թէեւ հայ­կա­կան բա­նա­կը այ­լուր, նոյն օ­րե­րուն մղո­ւող ­Սուր­մա­լո­ւի ճա­կա­տի կռիւ­նե­րուն, հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տո­ւաւ եւ ետ մղեց քե­մա­լա­կան գրոհ­նե­րը, բայց ­Կար­սի ան­կու­մով գրե­թէ ա­ւար­տած էր ռազ­մա­կան փու­լը ­Լե­նին-­Քե­մալ զի­նակ­ցու­թեամբ մշա­կուած ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ­Հան­րա­պե­տա­կան վար­չա­կար­գը կոր­ծա­նե­լու դա­ւա­դիր ծրագ­րին ի­րա­գործ­ման։

Կար­սի ան­կու­մէն ետք , մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, քե­մա­լա­կան զօր­քը մօ­տե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի, իսկ ­Կար­միր բա­նա­կը հիւ­սի­սէն մտաւ ­Հա­յաս­տան եւ հա­սաւ մին­չեւ Ի­ջե­ւան։ ­Հա­յաս­տա­նի հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան դար­պաս­նե­րը, յատ­կա­պէս ­Զան­գե­զու­րը ե­ղաւ միակ ամ­րո­ցը, ուր հայ­կա­կան զօր­քե­րը, Նժդե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, ետ մղե­ցին թշնա­մի զօր­քե­րը։

Ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը կոր­ծա­նե­ցաւ ­Լե­նին-­Քե­մալ դա­ւադ­րու­թեան հա­րո­ւած­նե­րուն տակ։ ­Մէկ կող­մէ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հա­կա­պե­տա­կան քա­րոզ­չա­կան խռո­վու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ թուրք եւ մահ­մե­տա­կան բնակ­չու­թեան զի­նեալ ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րը բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ծանր հա­րո­ւա­ծի տակ դրին այ­լա­պէս մար­տու­նակ եւ լա­ւա­պէս զի­նո­ւած հայ­կա­կան բա­նա­կը։

Թր­քա­կան բա­նա­կին դէմ 1918ին կե­նաց-մա­հու կռիւ մղած եւ յաղ­թա­նա­կած հայ ժո­ղո­վուրդն ու ազ­գա­յին զօր­քը ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նէին դա­սալ­քու­թեան մատ­նո­ւե­լու միեւ­նոյն թրքա­կան գրոհ­նե­րուն դէմ յան­դի­ման։
Բայց 1920ի աշ­նան պա­տա­հած էր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն մը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։ ­Ռու­սաս­տան վե­րա­դար­ձած էր Անդր­կով­կաս՝ ­Կար­միր հա­մազ­գես­տով ու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վերջ տա­լու, խորհր­դա­յին իր լու­ծը պար­տադ­րե­լու քա­ղա­քա­կան նպա­տա­կով։

Ա­ւե­լի՛ն. ­Կար­միր ­Ռու­սաս­տա­նը ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ հետ ռազ­մա­վա­րա­կան նոր զի­նակ­ցու­թեան մը, ո­րուն ամ­րապնդ­ման ի խնդիր հայ­կա­կան հո­ղե­րուն հաշ­ւոյն պատ­րաստ էր թուր­քե­րուն «կա­շառք» տա­լու..

Իսկ հայ ժո­ղո­վուրդն ու ա­նոր ռազ­մա­կան նե­րու­ժը մարմ­նա­ւո­րող հայ­կա­կան բա­նա­կը պատ­րաստ չէին զէնք բարձ­րաց­նե­լու ռու­սա­կան ­Մուր­ճին դէմ, հա­կա­ռակ որ այդ մուր­ճը թրքա­կան սա­լին վրայ մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծի տակ ա­ռած էր ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու սրբա­զան ի­րա­ւուն­քը։

Այս աս­տի­ճան ա­մօ­թա­լի ող­բեր­գու­թիւն մը ե­ղաւ ­Կար­սի ան­կու­մը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։

 

Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան

0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

«Հայորդիները» Սիամանթոյի կրակէ խօսքը պարունակող այն հատորն է, ուր կեանքի կը կոչուին հայոց ազատամարտի մեծ առաջամարտիկները իրենց պայծառափայլ դէմքերով։ Քրիստափոր Միքայէլեան, Աւետիս Ահարոնեան, Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Խրիմեան Հայրիկ և բազմաթիւ յայտնի և անյայտ նուիրեալնե՛րը մեր ազգային ուխտին՝ որոնք կը տողանցեն այս գրքին էջերուն մէջէն իրենց ետին թողնելով լուսաշաւիղը մեր հաւաքական իմաստութեան և զօրութեան և հաւատքին։

Կարելի չէր չյիշել մեր այս հոգեցունց ժառանգութիւնը և չընդվզիլ, երբ յանկարծ ՀՀ Հեռուստատեսութեան Առաջին Ալիքէն մեզի կը հրամցուէր մերօրեայ «Հայորդիներ» հաղորդաշարի վերջին հատուածը՝ ամբողջութեա՛մբ յատկացուած Անաստաս Միկոյեանի փառաբանանքին։ Հաղորդումը վարողն էր Աւագ Յարութիւնեան և քննարկման հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Խօսնակ և ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահի Տեղակալ՝ Պր. Էդուարդ Շարմազանով և ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմագիտութեան աւագ դէմքերէն Դոկտ. Կարէն Խաչատրեան։ Երկու յարգելի դէմքե՛ր՝ որոնք դժբախտաբար ոչինչ բերին Միկոյեան երևոյթի գիտական վերլուծման, պարզաբանման և հրապարակման կարևոր գործին և հաղորդավար Աւագ Յարութիւնեանի շարունակական և անտեղի դրդրումներով հարցազրոյցը վերածեցին Միկոյեանը «հարազատագրելու» (legitimize) կոչուած քարոզչական անմիտ գործողութեան մը։

ՊԷտք է աւելցնել, որ որոշ մէկ կէտի վրայ Կարէն Խաչատրեան – երևի անդրադառնալով յայտագրի սխալ ընթացքին – փորձեց ըսել, որ Միկոյեան պէտք չունի «պաշտպան փաստաբաններու» նկատի ունենալով 20-րդ դարու խորհրդային այս ղեկավարին կենսագրութիւնը իր բոլոր բարդ երեսներով…Կենսագրութիւ՛ն՝ որուն մեծ մասը դեռ կը մնայ թաղուած խորհրդային ներքին և միջ-պետական քաղաքականութեան մութ ջուրերուն տակ և փաստօրէն մատչելի չէ պատմագիտութեան մասնագէտներուն, ներառեա՛լ՝ Պր. Խաչատրեանին։

Խոցելին այս հարցազրոյցի յղացքին մէջ այն բիրտ քարոզչական բնոյթն էր, որ դրսևորուեցաւ ամէն քայլափոխի։ Տեղ մը Միկոյեան ինկած կը թուէր ըլլալ հրապարակային քննադատութիւններու յորձանքին տակ և «անընդունելի» համարձակութեամբ մը բացայայտուած էին Միկոյեանի կենսագրութեան բացասական կողմերը և բացուած էին թապուները և հետևաբար պէտք էր ամենէն արագ և ազդու հռետորաբանութեամբ կազմակերպել «փրկութեան» գործողութիւնը։ Պէտք էր օգնութեան հասնիլ և մեկուսացնել «վտանգը»…փոխանակ ճշմարտութեան ծալքերը բծախնդրօրէն բանալու և օգնելու հեռուստադիտողին և առհասարակ ՀՀ քաղաքացիին, որ փաստերու թափանցիկ իրականութեան լոյսին տակ հանրութիւնը հանէր իր անկախ եզրակացութիւնը։ Հարցազրոյցին այս փութկոտ երեսն իսկ բաւարար էր հարց տալու, թէ իսկապէս ի՞նչ կ՚ընէին այս մարդիկ ՀՀ հանրային հեռուստեսութեան տաղաւարէն։ Ի՞նչ բարոյական իրաւունքով Պարոնայք Շարմազանով և Խաչատրեան և Յարութիւնեան – երեք յարգուած հանրային դէմքե՛ր՝ որոնց պարտականութիւնն է հանրութիւնը լուսաբանել – յանկարծ կը լծուէին Միկոյեանի վիճակացոյցը մաքրազտելու անշնորհակալ գործին։

Որո՞նք են իրականութեան տուեալները այս պարագային։ Անկախ այն բանէն թէ Միկոյեան ի՞նչ ներդրում ունեցած է… համայն մարդկութեան կեանքին մէջ և ինչպիսի՞ ծառայութիւններ մատուցած խորհրդային տնտեսութեան, ՀՀ քաղաքացին (և հայ մարդը առհասարակ) իրաւունք չունի՞ն հարց տալու, թէ իսկապէս ո՞վ էր Միկոյեան և ինչե՞ր ըրած է ան հայ ազգի դժուար ճակատագրի ձևաւորման գործին մէջ։

«Հայորդիներ»ու զրուցակիցները լայնօրէն խօսեցան Միկոյեանի բարեգործութիւններուն մասին. թէ ի՞նչ յատուկ վերաբերմունքով ան Ստալինի ճանկերէն ազատած է Աւետիք Իսահակեանն ու այլ սիրելի դէմքեր. թէ ինչպէ՞ս սատար հանդիսացած է խորհրդային իշխանութեան օրով Րաֆֆիի և Չարենցի գործերու հրատարակութեան. թէ ինչպիսի՞ տնտեսական առաւելութիւններ ապահոված է ան Խորհրդային Հայաստանի ի նպաստ խորհրդային կեդրոնի ծրագիրներէն և դեռ շատ ուրիշ հրաշագործութիւններ, որոնց մասին բան չի գիտեր այսօրուան քաղաքացին և պէտք է գիտնայ։ Թող ներուի մեզի ըսել, որ այս բոլորը լսած ենք արդէն բազմիցս և բազմաթիւ գունագեղ տարբերակներով։ Անոնք կրնան նոյնիսկ ճիշտ ըլլալ և սակայն առայժմ անոնք մաս կը կազմեն քննելի խնդիրներու թղթածրարին։ Փաստը այն է, որ այդ բոլորը քննող և հաստատող գիտահետազօտական որևէ ձեռնարկ գոյութիւն չունի գիտութեան ոլորտին մէջ։ Գոյութիւն ունի բերնէ բերան շրջանառուող ճոխ բանահիւսութիւնը «ազգանուէր» Միկոյեանի իրագործումներուն, որ կ՚ըսպասէ իր նուիրեալ և անաչառ պատմաբանին։ Ի վերջոյ մինչև ե՞րբ մարդիկ կրնան ապաւինիլ Սերգօ Միկոյեանի յուշերու գրքին Միկոյեանի դրական կերպարը կառուցելու համար։ Տրամաբանական պիտի չըլլա՞ր ակնկալել, որ Միկոյեանի այս ջատագովները նախանձախնդրօրէն կազմակերպէին գիտական լիարժէք գնահատականը Միկոյեանի վաստակին, որպէսզի համայն հայութիւնը միանգամընդմիշտ տեսնէր բարին ու յոռին Միկոյեանի ժառանգութեան մէջ և վերջ գտնէր այս ջղային հևքը Միկոյեանի համբաւը փրկելու։

Զրուցակիցները տարտամ ակնարկութիւններ ըրին Միկոյեանի գործի բացասական կողմերուն փութալով աւելցնել, որ յամենայն դէպս դրականը այնքան ծանր կը կշռէ նժարին վրայ, որ ժխտականին հանդէպ հանրութիւնը – ինչ որ տեղ… — պարտաւորուած է ներողամիտ ըլլալու։

Բարի՛։ Բայց նախ գիտնանք, թէ որո՞նք էին այն ժխտականները, որոնց ճշգրիտ յիշատակութիւնը ընելէ ակնյայտօրէն կը խուսափէին երեք զրուցակիցները։

Հոս արդէն կը խօսին հրապարակուած վաւերագրերը ի տարբերութիւն բոլոր բերանացի վերագրումներուն, որոնցմով կը կառուցուի Միկոյեանի դրական վարքը և որոնք դեռևս կը կարօտին գիտական հիմնաւորման։ Ըստ փաստաթուղթերուն, Միկոյեան իր քաղաքական գործի երկու հանգրուաններուն վրայ (1919-ին և 1937-ին) բացէ ի բաց մեղանչած է իր ժողովուրդին դէմ։

Անոնցմէ առաջինը Անաստաս Միկոյեանի 1919 թուակիր նամակն է ուղղուած՝ Լենինին։ Սոյն նամակին մէջ, Միկոյեան կը խօսի Ռուսաստանի Կոմունիստական (Բոլշևիկներու) Կուսակցութեան Կովկասեան Երկրամասային Կոմիտէի անդամի իր հանգամանքով և հսկայ ճիգեր կ՚ընէ համոզելու Լենինը, որ հայ անկախ պետականութեան հարցը (և յատկապէս Միացեալ Հայաստանի՛ հարցը) կորսնցուցած է իր այժմէութիւնը բոլշևիկեան ռազմավարութեան համար։ Պէտք է փակե՛լ այդ հարցը և Թուրքահայաստանը անյապաղ զիջիլ թուրքերուն, քանի որ բոլշևիկներու միակ տրամաբանական նպատակը թուրքերը գոհացնելն է այսօր։ Այս խնդրին մէջ, Միկոյեան կ՚ըսէ, թէ ինք հակադրուած է ոչ միայն հայ շովինիստներուն (իմա՛ Դաշնակցութեան), այլև իր իսկ գաղափարակից հայ բոլշևիկներուն, որոնք իրենք ևս կը փորձեն հայութեան հողային պահանջները Լենինի կողմէ իւրացուած տեսնել։ «Թուրքահայաստանի եւ առհասարակ «Մեծ, միացեալ եւ անկախ Հայաստանի» գաղափարը վնասակար, յանցաւոր եւ յետադիմական ցնորք է, որի դէմ պէտք է պայքարի մեր կուսակցութիւնը», կ՚ըսէ ան։

Երկրորդը թղթակցութիւն մըն է, որ խնամքով պահուած է Խորհրդային Միութեան արխիւին մէջ և որմով կը բացայայտուի, որ 1937 թուին, ստալինեան մեծ մաքրագործումներու բովին մէջ, Միկոյեան խնդրած է Ստալինէն գնդակահարութիւններու հայաստանեան քոթան աւելցնել և հասցնել երկու հազար հոգիի…

Ասոնք վաւերագրեր են, որոնք պարզ քաղաքական թերացումներու կամ դատողութեան սխալներու մասին չէ, որ կը խօսին։ Այստեղ կայ թշնամական արարք ուղղուած հայ ազգին դէմ և հայ ազգային շահերու տեսանկիւնէն՝ դաւաճանական գործունէութիւ՛ն։ Միկոյեանի գործին ջատագովները պարտաւորուած են Միկոյեանի գործի ընդհանրական գնահատականին մէջ հաշուի նստելու այս սահմռկեցուցիչ իրականութեան հետ։ Ի՞նչ կը փորձէր ընել այս բարդ «հայրենասէր»ը 1919-ին, երբ ճիգ կ՚ընէր թաղելու մեր հողային իրաւունքներու դատը Մոսկուայի մէջ միաժամանակ իր իսկ բոլշևիկ ընկերներու կեանքը վտանգելով և ի՞նչ բարձր դիւանագիտական խաղարկութիւն է, որ կը կիրարկէր ան Ստալինի արիւնոտ երախին զոհաբերելով իր հայրենակիցներէն երկու հազար հոգի. ասոնք խնդիրներ են, որոնց պարզաբանումը այժմ դրուած է Միկոյեանի մերօրեայ ջատագովներուն առջև որպէս անժամանցելի պարտաւորութիւն։ Թող ազնուօրէն իջնեն հրապարակ և բացատրեն հանրութեան (կամ հերքեն՝ եթէ կարելի է), թէ իսկապէս ի՞նչ ազգային գերագոյն նպատակ կը հետապնդէր Միկոյեան այս բոլորին ետին և թէ ինչու՞ և ինչպէ՞ս հայ մարդը պէտք է մոռնայ բարոյական այս թշուառութիւնը և արգահատելի այս թապուն փոխանցէ մեր անկախ պետականութեան յաջորդող սերունդներուն։

 

Հոկտեմբեր 31, 2017
Ուաշինկթըն

Գրքասէր –Առցանց Գրադարան

0
0

www.grqaser.org կայքին խմբագրութեան կողմէ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ նախորդ տարուան նոյեմբերին տեղի ունեցած է www.grqaser.org հայերէնով անվճար օտիօգիրքերու կայքի շնորհահանդէսը, որ բաւական լաւ ընդունելութեան արժանացած է:

Կայքին ստեղծման նպատակն է օգնել մարդոց` ունկնդրելու համաշխարհային գրականութեան ֆոնտի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, եթէ անոնք ժամանակ չունին կամ ընթերցանութեան կապուած խնդիրներ ունին:

Ըստ հաղորդագրութեան, կայքը ներկայիս կը պարունակէ հայալեզու գեղարուեստական գիրքերու շուրջ 250 օտիօ տարբերակ, որոնք ամբողջութեամբ հասանելի են անվճար:

Տոքթ. Զաքար Մկրեան Եւ Իր «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» Հատորը

0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ճանչցած եմ գործընկեր բժիշկ Զաքար Մկրեանը` բժշկութեան ուսանողութեանս շրջանին եւ մասնագիտութեանս տարիներուն` 1960-1969, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր բժշկական-առողջապահական յօդուածներուն ընդմէջէն: Այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի իր գրութիւնները եւ շատ բան կը սորվէի անոնցմէ: Բժշկական ուսանողական գիրքերուս կողքին, իր գրութիւնները կը նկատէի օժանդակ յաւելուածներ: Հայերէնով գրուած այդ բժշկական-առողջապահական գրութիւնները առաւել օգտակար կը դառնային, որովհետեւ անոնք կը ծառայէին բժշկական հայերէն բառամթերքս հարստացնելու եւ զարգացնելու: Անոնք օգտաշատ եւ նպատակայարմար գրութիւններ դարձան ինծի համար յառաջիկայ տարիներուն, երբ նետուեցայ գործի դաշտ եւ բժշկական իմ դողդոջ գրութիւններովս ներկայացայ հանրութեան: Կարդալով իր գրութիւնները` մէջս արմատացած էր այն համոզումը, որ բժիշկ Զաքար Մկրեանը իր ժողովուրդին մեծապէս օգտակար կը հանդիսանար իր բժշկական-առողջապահական գրութիւններով, որոնք կը գրուէին շատ պարզ, հասկնալի  եւ մաքուր հայերէնով: Շարունակ կ՛ըսէի ես ինծի` ե՞րբ առիթը պիտի ընծայուի ինծի անձամբ տեսնուելու այս յարգելի բժիշկին եւ ծանօթանալու անոր հետ:

1969-ի յուլիսին, ամբողջացնելէ ետք մասնագիտութիւնս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի քիթ-կոկորդ-ականջ բաժանմունքին մէջ, որոշեցի անմիջապէս հաստատել անձնական դարմանատունս եւ անցնիլ գործի: Երկու ամիսներու ընթացքին պատրաստուեցաւ դարմանատունս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մօտ, Քլեմանսօ թաղամասին մէջ: Այդ երկու ամիսներու ընթացքին այցելեցի Պէյրութի մէջ գործող հայ բժիշկներու մեծամասնութեան` ծանօթանալու անոնց հետ եւ տեղեակ պահելու զիրենք, որ շուտով պիտի սկսէի աշխատիլ իմ մասնագիտութեան մէջ: Այդ այցելութիւններէն ամէնէն յատկանշականը եղաւ բժիշկ Զաքար Մկրեանին այցելութիւնս: Մեր հանդիպումը պաշտօնականութենէ դուրս եղաւ` իր որոշումով: Երկար հանդիպում մըն էր, որ եղաւ երէց եղբօր մը կողմէ տրուած յորդորներով լեցուն, քաջալերական խօսքերով լի եւ` բարի ու անշահախնդիր գործակցութեան ոգիով ներշնչուած: Այդ օրէն սկսաւ մեր երկուքին մտերմութիւնը:

Ճանչցայ զինք` որպէս սրտաբան մասնագէտ բժիշկի, մտաւորականի, հայ իրականութեան մէջ որակաւոր հեղինակութեան, ծառայութեան ոգիով թրծուած մաքուր հայ մարդու, ազգային անձնաւորութեան, Լիբանանի հայոց թեմին ազգային երեսփոխանի, Գաւառական ժողովի ատենապետի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի, Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործօն անդամի եւ ատենապետի, բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ գործող բժիշկի, անդամի, վարչական պատասխանատուի եւ ատենապետի, իր ժողովուրդի առողջութեամբ մտահոգ բժիշկի եւ վերջապէս` հայ լեզուի մաքուր եւ ճշգրիտ գործածութեան ջատագովի:

Տոքթ. Զաքար Մկրեան

Ես պատիւը ունեցայ իրեն հետ գործակցելու Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործադիր մարմինին մէջ: Իրեն վստահուած էր ատենապետութիւնը, եւ ես որպէս ատենադպիր` գործեցի եւ գործակցեցայ իրեն հետ ամբողջ երկու տարի: Ժողովներու ատենագրութիւնները կը կարդայի մեր հերթական ժողովներուն եւ վաւերացնելէ ետք ատենագրութիւնը, հետեւեալը կ՛ըսէր. «Կարպի՛ս, այս ի՛նչ կատարեալ, անթերի եւ ամբողջական  ատենագրութիւն պատրաստած ես նորէն»: Յաճախ մանր կատակներով կը համեմէր մեր ժողովները: Երկար չէր խօսեր եւ կ՛ուզէր, որ ժողովները սկսէինք ճշդուած ժամուն եւ վերջացնէինք առանց ժամավաճառութեան եւ շատախօսութեան:

Բժիշկ Զաքար Մկրեան մեծցաւ, ապրեցաւ եւ գործեց իր շատ սիրած ծննդավայր Պուրճ Համուտի մէջ, որ իրեն համար նկատուած էր փոքրիկ հայրենիք մը:

Բժիշկ Զաքար Մկրեանի բժշկական-առողջապահական գրութիւնները հարստացուցին «Ազդակ» օրաթերթի սիւնակները: Ան գրեց 30 տարիներ շարունակ` օգտակար հանդիսանալով հայ ընթերցողին: Իր բժշկական գրութիւններով տեղեակ պահեց հայ հասարակութիւնը զանազան տեսակի հիւանդութիւններու մանրամասնութիւններուն, փոխանցեց բժշկական-առողջապահական գիտելիքներ, յանձնարարութիւններ, թելադրութիւններ եւ շարունակ շեշտեց կանխազգուշութեան կարեւորութիւնը:

Բժիշկ Զաքար Մկրեան հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին 1999-ին` մեծ բաց մը ձգելով լիբանանահայութեան կեանքին մէջ:

Իմացած էի 2007-ին, որ բժիշկ Զաքար Մկրեանին կողակիցին` համեստափայլ տիկին Յասմիկ Մկրեանին ջանքերով  հրատարակուած էր Պէյրութի մէջ բժիշկին 30 տարուան գրութիւններուն հաւաքածոն` «Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորով: Շատ փորձած էի ունենալ օրինակ մը այս հատորէն, սակայն` ապարդիւն:

Պէյրութ վերջին այցելութեանս, 2017-ի յունուարին, զանազան գրախանութներու մէջ հարցուցի տոքթորին գիրքին մասին, որպէսզի օրինակ մը ապահովեմ: Դարձեալ ձախողեցայ: Իմ այցելութիւններուս շարքին այցելեցի նաեւ Համազգայինի տպարանի եւ գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին: Մեր խօսակցութիւններու ընթացքին արծարծեցի բժիշկին գիրքի հարցը եւ օրինակ մը ունենալու փափաքս յայտնեցի: Յակոբ Հաւաթեան տեղէն ցատկեց եւ դիմացի պահարանին մէջէն գիրք մը վերցուց եւ ինծի հրամցուց` ըսելով. «Ահաւասիկ ուզած գիրքդ, սիրելի՛ ընկեր-բժիշկ Կարպիս»: Մեծ եղաւ ուրախութիւնս եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցի ընկեր Յակոբին, որ ինքն ալ իմ ուրախութեանս բաժնեկից դարձաւ եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ բժիշկ Կարպիս, հիմա կրնաս մեզմէ առյաւէտ բաժնուած յարգելի գործընկերոջդ մեծածաւալ հատորը ըմբոշխնել եւ խորհրդակցիլ իրեն հետ»: Ուստի բարեբախտութիւնը ընծայուեցաւ ինծի անձնական օրինակ մը ունենալ «Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորէն` շնորհիւ Յակոբ Հաւաթեանին:

Պէյրութի մէջ առիթը չունեցայ թղթատելու եւ կարդալու «Վկայութիւն եւ պատգամ»-ը: Մոնրէալ վերադառնալէ ետք կարդացի այս ծաւալուն գիրքը` մեծ գոհունակութեամբ: Երբ կը կարդայի, կարծէք բժիշկ Զաքարը դէմս նստած` կը զրուցէր հետս եւ իր տարտերը ինծի հետ կը բաժնէր:

«Վկայութիւն եւ պատգամ»-ի շապիկը

«Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորը ծաւալուն գիրք մըն է 771 էջերով: Գիրքը կը սկսի «Սրտի խօսք»-ով, գրուած բժիշկին ազնուափայլ կնոջ` Յասմիկ Մկրեանին կողմէ: Անոր կը յաջորդէ «Տոքթ. Զաքար Մկրեանի կենսագրական գիծերը» գրութիւնը եւ նկարներու շարք մը, որոնք կը ներկայացնեն բժիշկ Մկրեանի կեանքի բոլոր երեսները:

Գիրքին բովանդակութիւնը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն.

  1. Բժշկական վկայութիւններ, որոնք կը պարփակեն հետեւեալ գլուխները.

Բժիշկ-բժշկութիւն, առողջութիւն-կանխազգուշութիւն, հիւանդներ-մտահոգութիւններ, հիւանդներ-դեղեր, մանուկին կազմաւորումը եւ առողջութիւնը, ընդհանրական հիւանդութիւններ, փոխանցիկ հիւանդութիւններ, ցաւեր, մոլութիւններ, առօրեայ մտահոգութիւններ, ծերութեան հիւանդութիւններ, արեան հարցեր, սրտի հարցեր եւ դարմանումներ, շնչառութեան հարցեր, ջերմաստիճանի խանգարումներ, հոգեկան-ջղային խանգարումներ, երակային հարցեր, ստամոքսի հարցեր, մարսողութեան հարցեր, օրկանական հարցեր, բերանի եւ ականջի հարցեր: Այս բոլորը ներկայացուած են 215 գրութիւններով` 460 էջերու վրայ:

  1. Ապրուած փորձառութիւններ (բժշկական)` 26 գրութիւններ` 60 էջերով:
  2. Ազգային տրոփներ` 62 գրութիւններ` 113 էջերով:
  3. Ընկերային երեւոյթներ` 17 գրութիւններ` 50 էջերով:
  4. Յուշագրական էջեր` 6 գրութիւններ` 26 էջերով:
  5. Բանաստեղծական խոհեր` 13 գրութիւններ (անտիպ)` 21 էջերու վրայ:
  6. Նամականի. չորս նամակներ` ներկայացուած 16 էջերով:
  7. Բովանդակութիւն` 10 էջ:

Բժիշկ Զաքար Մկրեան երեսուն տարիներ շարունակ գրած է, եւ այս գիրքը արգասիքն է իր տարած աշխատանքին: Գրած է բժշկական եւ առողջապահական այժմէական հարցերու եւ նիւթերու մասին, արծարծած է ազգային եւ ընկերային հարցեր, բժշկական բարոյագիտութիւն, բժիշկներու դիմագրաւած դժուարութիւններ:

Ան գրած է իր յուշերը անկեղծօրէն եւ ինքնաբուխ: Արծարծած է իր մտահոգութիւնը` իր լսած եւ տեսած յոռի երեւոյթներու առնչութեամբ: Անդրադարձած է հոգեկան պոռթկումներով եւ ընդվզումներով` հանդէպ անարդարութիւններու, մոլութիւններու: Ջանացած է խօսք հասկցնել խօսք չհասկցողներուն:

Գրութիւնները շատ հաղորդական են, դիւրամատչելի եւ հասկնալի: Անոնք գրուած են շատ մաքուր հայերէնով: Անոնք հարուստ են բժշկական եւ բժշկագիտական հայերէն բառամթերքով:

Գիրքը հարստացած է բժիշկ Զաքարին սրտէն բխած բանաստեղծական խոհերով, որոնք կը ներկայացնեն իր իղձերը, ներաշխարհը, հոգիին խռովքը, կեանքին հանդէպ  հասկացողութիւնը, ընկերութեան հոգեվիճակը, սփիւռքահայութեան իրավիճակը եւ ապրումները: Գիրքը կը վերջանայ բժիշկ Զաքար Մկրեանի  չորս նամակներով, որոնք գրուած են 1955-1961 ժամանակաշրջանին եւ ուղղուած են իր սիրելի դասընկերոջ` Պետրոս Ալահայտոյեանին:

Ես կարդացի «Վկայութիւն եւ պատգամ» հատորը եւ վայելեցի անոր բոլոր գրութիւնները: Ահաւասիկ «Առողջութիւն-կանխազգուշութիւն» բաժինէն գրութիւն մը, որ կը նկատեմ այժմէական եւ խիստ կարեւոր: Ան տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 20 յունիս 1995-ին:

Մոնրէալ, 3 օգոստոս 2017

——————————

ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՂՕՂԱՆՋԵՆ
ԶԱՆԳԱԿՆԵՐԸ

Ո՞վ չէ լսած, կամ չի գիտեր սրտին համար մահացու վտանգ ներկայացնող հինգ ախտանշանները…:

Դպրոցներէն սկսած` օրաթերթերը, տեսողա-լսողական կեդրոնները միշտ կը յիշեցնեն, որ պէտք է չծխել, չգիրնալ, դարմանել երակային գերճնշումը, շաքարախտը եւ ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսը արեան մէջ եւ այլն:

Տեղեկատուական միջոցները այնքան մը այլազան եւ գոհացուցիչ կերպով ամէն մարզի մէջ ժողովուրդին բացատրած են եւ զայն զարգացուցած են, որ ոչ ոք կրնայ առարկել, թէ ինք տեղեակ չէ կամ չի գիտեր, որ ծխախոտը, գիրութիւնը, երակային գերճնշումը, շաքարախտը կամ արեան մէջի ճարպային նիւթերու բարձր տոկոս մը կեանքի սպառնացող ամէնօրեայ վտանգներ են:

Եւ սակայն մարդիկ կը շարունակեն անտեղեակ երեւիլ կամ արհամարհել, երբ պետական մակարդակի վրայ, գերզարգացած երկիրներու մէջ, արդէն իսկ արգիլուած է ծխելը, գոնէ` հանրային վայրերու մէջ կամ պետական հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու շրջափակին մէջ:

Արեան ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսին դիմաց, շատ դիւրին է, ընտանիքներէ սկսած, կիրարկել մասնայատուկ սննդականոն, ուր ճարպային նիւթերը զանց կ՛առնուին, եւ թեթեւ իւղեր, ինչպիսիք են արեւածաղիկի, եգիպտացորենի եւ բուսական այլ արտադրութիւններէ պատրաստուած իւղերու գործածութիւնը, նախքան արեան ճարպային նիւթերու տոկոսը նուազեցնող յատուկ դեղերու գործածութիւնը:

Արեան ճարպային նիւթերու շատ բարձր տոկոս ներկայացնող պարագաներուն, հարկ է ստուգել անոր բաղադրիչ մասնիկները, որովհետեւ արեան ճարպը, իր կարգին, կը բաժնուի երկու գլխաւոր մասնիկներու` բարձր տոկոսով ճարպային մասնիկներ (HDL) եւ փոքր տոկոսով ճարպային մասնիկներ (LDL), որոնցմէ փոքր մասնիկ ներկայացնող բաժինը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ կը փակչի երակներու ներքնամասին եւ կրնայ ուղղակիօրէն հասցնել երակախցումի:

Երբ սննդականոնը եւ սակաւակերութիւնը չկարենան ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսը նուազեցնել եւ բնական աստիճանի հասցնել արեան մէջ, բժիշկը կը սկսի մասնագիտական յատուկ դարմանումի: Չի բաւեր քանի մը ամիս դարմանում կամ յատուկ ճաշացուցակ, պէտք է մնայուն եւ հետեւողականօրէն կիրարկել արեան ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսի դարմանումը, մասնաւորաբար` ընտանեկան կամ ժառանգականօրէն հակամէտութիւն ունեցող անհատներու պարագային:

Մարդիկ պէտք չէ տատամսին, երկմտին կամ դանդաղին` կիրարկելու խիստ դարմանում եւ սննդականոն: Ստոյգ է, որ  ճարպային նիւթերու բարձր տոկոսը կը փութացնէ պնդերակութիւնը եւ ճարպային գնդիկներ կրնան երակներու ներքին մասին վրայ տեղաւորուիլ` առիթ տալով լանջացաւի կամ նոյնիսկ կաթուածի:

Գիտաշխատանոցները իրենց ամէնօրեայ հրատարակութիւններով կը հաստատեն ճարպային նիւթերու ներկայացուցած մեծ վտանգները, մասնաւորաբար երբ կու գան բարդուիլ երակային գերճնշումը, շաքարախտը, ծխամոլութիւնը եւ այլն:

Այս վատ սովորութեան եւ մոլութեան մենք ականատես ենք շատ յաճախ. անհատներ, որոնք նոյնիսկ հիւանդանոցներու մէջ կը շարունակեն ծխել, չեն կրնար կէս ժամ գոնէ դադրիլ ծխելէ, երբ կը շրջագային հիւանդանոցներու անցքերուն մէջ կամ կ՛այցելեն հիւանդին սենեակը…

Հանրային վայրերու մէջ` սրահ, թատրոն, ճաշարան, գրադարան, սպասման ու շարժապատկերի սրահները, երբ պատերուն վրայ ծխախոտէն զգուշացնող որմազդներ դրուած են եւ ծխելը արգիլուած է, մեծապէս գնահատելի է, ինչ որ մեծ յառաջդիմութիւն կ՛ենթադրէ ծխամոլութեան դէմ տարուած պայքարին մէջ, սակայն կ՛ակնկալուի, որ պետութիւնն ալ զօրակոչի ենթարկէ իր սպասարկութիւնները` հասնելու համար ծխախոտի ամբողջական արգիլումին:

ԲԺԻՇԿ ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ

Սկանտինաւեան Ընկերվար-Ժողովրդավարութիւն

0
0

Բ. Նորվեկիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավար
Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Աշխատաւորական շարժման ակունքները

Նորվեկիան ի սկզբանէ երկրագործական երկիր էր: Անիկա ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն առաջ նշանաւոր էր գիւղատնտեսութեամբ, որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ: 1840-ական թուականներուն Նորվեկիա մուտք գործեց հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը, որուն շնորհիւ բանուոր դասակարգը ձեւաւորուեցաւ:

27 հոկտեմբեր 1848-ին, ազդուելով Եւրոպայի մէջ ծաւալած յեղափոխական ալիքէն, լրագրող եւ խմբագիր Մարքուս Թրանըն կը հիմնէ «Տրամընի (նաւահանգստային եւ ծովային քաղաք մը, որ կը գտնուի Նորվեկիոյ արեւելեան կողմը) աշխատաւորական միութիւն»-ը, որ կը բաղկանար արհեստաւորներէ ու գիւղացիներէ եւ Նորվեկիոյ առաջին աշխատաւորական կազմակերպութիւնն էր: Աշխատաւորական այս միութեան նպատակներն էին` ընդհանուր քուէարկութիւն (առանց դասակարգային խտրականութեան), բանակի մէջ ծառայութիւն` հասարակութեան բոլոր անդամներուն եւ ցած հարկեր անհրաժեշտ նիւթերու վրայ (ուտեստեղէն եւ այլն): Փետրուար 1851-ին Աշխատաւորական միութեան համագումարը որոշում կու տայ «յեղափոխութեան» սկսելու. այդ որոշումին պատճառով միութիւնը իշխանութիւններուն կողմէ հալածանքի կ՛ենթարկուի: Միութեան 133 անդամներ կը բանտարկուին (ներառեալ` Մարքուս Թրանըն), եւ այսպիսով վերջ կը գտնէ «Թրանընի շարժում»-ը:

Ընկերվար-ժողովրդավարութեան ձեւաւորման տարիները

Յաջորդ տարիներուն կը զարգանայ ճարտարարուեստականացումը`  իրեն հետ զարգացնելով նաեւ դրամատիրութիւնը, որ իր կարգին յաւելեալ բանուորներ կը նետէ իր բանտերուն (իմա՛ գործարաններ) մէջ: Բանուորներուն կրած տանջանքին ու զրկանքին վերջ դնելու համար անհրաժեշտ կ՛ըլլայ հիմնել այնպիսի կուսակցութիւն մը, որ պէտք էր կարենար պաշտպանել անոնց իրաւունքները: Եւ ահա 1 մարտ 1885-ին, ազդուելով թէ՛ առարկայական (ճարտարարուեստի զարգացում եւ բանուորներու զրկանք) եւ թէ՛ ենթակայական (ընկերվար- ժողովրդավարութեան տարածում) ազդակներէն, կը հիմնուի Ընկերվար-ժողովրդավարական միութիւնը` Նորվեկիոյ հարաւային դրացիի (Դանիա) ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարներուն ազդեցութեան ներքեւ: Ընկերվար-ժողովրդավարական միութեան ծրագիրը մշակուած էր Դանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութեան ծրագիրին (1876) հիման վրայ: Այդ ծրագիրը իր կարգին կը շեշտէ աշխատանքի կարեւորութիւնը` նշելով. «Աշխատանքը հարստութեան եւ մշակոյթին աղբիւրն է: Բոլոր աշխատողները պէտք է արժանանան երկուքին»: Ընկերվար-ժողովրդավարական միութիւնը կը քննադատէ դրամատիրական համակարգը` զայն նկատելով «դժբախտութիւն եւ թշուառութիւն պատճառող», եւ կոչ կ՛ուղղէ ազատագրելու բանուոր դասակարգը` ընկերային հարցի լուծումը տեսնելով «պետութեան օժանդակութեամբ արտադրութեան միջոցներու ժողովրդավարական կառավարումին մէջ»: Ծրագիրը յառաջ կը տանի ընկերային-տնտեսական պահանջներ, ինչպէս` գործարաններուն մէջ բանուորներու ներկայացուցչութիւն, թոշակառութեան, հիւանդութեան եւ անգործութեան ապահովագրութիւններ: Ընկերվար-ժողովրդավարական միութեան հիմնադրութեան եւ ղեկավարման գլխաւոր դէմքն էր Քրիստիան Քնուշընը:

23 օգոստոս 1887-ին Ընկերվար-ժողովրդավարական միութիւնը եւ այլ աշխատաւորական փոքր խմբակներ կը միաձուլուին մէկ, միահամուռ կազմակերպութեան մը մէջ, որ կը կոչուի Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւն, որ կը դառնայ Նորվեկիոյ աշխատաւորներու իրաւունքները պաշտպանող առաջին քաղաքական կուսակցութիւնը: Հիմնադիր ժողովը կը հրապարակէ ծրագիր, որ կը կեդրոնանայ չորս հիմնական կէտերու վրայ` «Ութ ժամուան աշխատանք», «Ընդհանուր քուէարկութիւն», «Անհրաժեշտ նիւթերու վրայ հարկերու ջնջում» եւ «Արհեստակցական միութիւններու ճանաչում` աշխատավայրին մէջ»: 1899-ին Աշխատաւորական կուսակցութեան երաշխաւորութեամբ կը հիմնուի Ազգային կազմակերպութիւնը, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ աշխատաւորներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան մէջ, ինչ որ Նորվեկիոյ բարեկեցիկ համակարգի հիմքերէն մէկն է:

Վերատեսութեան եւ մարքսական ուղղափառութեան միջեւ

Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն կը հետեւէր մարքսականութեան վերատեսութեան (բարեփոխումներու միջոցով կիրարկել ընկերվարութիւնը) հոսանքին: 1909-ին Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը հրապարակէ իր նոր ծրագիրը, որ հակառակ իր նախորդ տարբերակին, ստացած էր գաղափարաբանական բնոյթ: Այդտեղ կուսակցութիւնը կ՛արտայայտուի իբրեւ «աշխատաւոր դասակարգը ազատագրող եւ առաջնորդող» քաղաքական ուժ, որ` «կը ձգտի հողը, աշխատանքի եւ հասարակական գործիքները յանձնել հանրութեան, արտադրութեան միջոցները` հասարակութեան, ինչպէս նաեւ կը նպատակադրէ, որ պետութիւնը ստանձնէ ընկերային պարտաւորութիւն, որ եկամուտի արդի վերաբաշխումն է»: Երեք տարի ետք (1912-ին) կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ ուղղակիօրէն կը նշուի եւ կը ներկայացուի հետեւեալը. «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը պիտի ջնջէ դասակարգային իշխանութիւնը եւ տնտեսապէս ու հոգեպէս պիտի ստեղծէ ազատութիւն բոլորին համար: Ան պիտի կերտէ հասարակական համակարգ մը, որ ամէն մարդու անկախութեան եւ ինքնուրոյն պատասխանատուութեան ճամբայ պիտի բանայ»:

1913-ին Աշխատաւորական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան աջակցութեամբ ազատական կառավարութիւնը կ՛ընդունի հաւասար քուէարկութեան իրաւունքը` իբրեւ պետական օրէնք, եւ Նորվեկիան կը դառնայ առաջին պետութիւններէն մէկը, որ կիներուն կ՛ապահովէ քուէարկութեան իրաւունք: 1919-ին, դարձեալ Աշխատաւորական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան աջակցութեամբ, խորհրդարանը կ՛ընդունի ութժամեայ աշխատանքային օրուան դրութիւնը:

1917-ին Ռուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հոկտեմբերեան (պոլշեւիկեան) յեղափոխութիւնը, որ իր մեծ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան վրայ: Կուսակցութեան մէջ կը զօրանայ ուղղափառ մարքսական հոսանքը, եւ անիկա կը սկսի ապրիլ գաղափարաբանական ճգնաժամի ժամանակաշրջան: 1918-1923 թուականներուն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ ուղղափառ մարքսական թեւը, եւ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը դառնայ Եւրոպայի միակ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ կ՛անդամակցի «Համայնավար միջազգայնական»-ին: Այս քայլէն ետք, կուսակցութեան վերատեսական թեւը կ՛անջատուի եւ 1921-ին կը հիմնէ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութիւնը, որ կը գործէ մինչեւ 1927, երբ կը վերամիանայ Աշխատաւորական կուսակցութեան: Երբ 1923-ին աշխատաւորականները կը հեռանան «Համայնավար միջազգայնական»-էն, ուղղափառ մարքսականները կ՛անջատուին եւ կը հիմնեն Նորվեկիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը:

Եւրոպայի ամէնէն աղքատ պետութենէն դէպի աշխարհի
ամէնէն հարուստ պետութիւններէն մէկը

1920-ականներու իր համայնավարական քաղաքականութիւններուն պատճառով Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կորսնցուց իր ժողովրդականութիւնը: Ասիկա  պատճառ դարձաւ նաեւ, որ ան ձախողի շահիլ ջախջախիչ մեծամասնութիւն կամ որեւէ կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն կազմել: 1929-էն սկսեալ Նորվեկիան ազդուեցաւ աշխարհի մէջ տիրած տնտեսական «Մեծ ճգնաժամ»-էն, որ պատճառ դարձաւ կրկնապատկելու անգործութեան, աղքատութեան եւ երեխաներու աշխատանքի համեմատութիւնը: 1933-ին աշխատաւորականներու ղեկավարութիւնը (ոչ պաշտօնապէս) կը ստանձնէ Եոհան Նիկարշուոլը: Նիկարշուոլ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը դէպի չափաւոր ընկերվար-ժողովրդավարութիւն մղելու եւ քէյնզեան տնտեսութիւնը որդեգրելու մէջ: 1933-ին աշխատաւորականները կը հրապարակեն իրենց նոր ծրագիրը, ուր կ՛արտայայտուին իբրեւ «աշխատաւոր դասակարգի խօսնակներ» եւ «կը ձգտին վերջ դնել դրամատիրական շահագործումին եւ անոր փոխարէն` կերտել ընկերվար, անդասակարգ ընկերութիւն մը»: Աշխատաւորական կուսակցութեան չափաւորական ծրագիրը առիթ կու տայ իրեն համագործակցելու ազատական Գիւղացիական կուսակցութեան հետ (այսօր կը գործէ Կեդրոնի կուսակցութիւն անունով)` նշանաբան ունենալով «Քաղաք եւ գիւղ ձեռք-ձեռքի» կարգախօսը: Նիկարշուոլի կառավարութիւնը կը գործէ միայն հինգ տարի (մինչեւ 1940)` նացիական գրաւման պատճառով:

Նիկարշուոլի կառավարութիւնը կը հրապարակէ «Արտակարգ վիճակներու ծրագիր» մը, որ կը բովանդակէր` դրամատուներու եւ անձնական սեփականատիրուած ընկերութիւններու հսկողութիւն, արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան ճանաչում` աշխատավայրերուն մէջ, դրամական օժանդակութեան ապահովում` անգործներուն, թոշակառութեան ապահովում եւ ձրի կրթութեան իրաւունք բոլոր երեխաներուն: «Արտակարգ վիճակներու ծրագիր»-ը կը յաջողի Նորվեկիան դուրս բերել ճգնաժամէն, բայց դժբախտաբար 1940-ին նացիներու գրաւումը կիսատ կը ձգէ ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներու ծրագիրը:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք (1945) Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը յաղթէ ընտրութիւններուն եւ կը ղեկավարէ Նորվեկիան աւելի քան 40 տարի (1945-1981) անընդմէջ. յետպատերազմեան առաջին կառավարութեան վարչապետութիւնը կը ստանձնէ Էյնար Կերհարշընը (1945-1965). Կերհարշըն ո՛չ միայն կը բարձրացնէ հարկերը անձնական սեփականատիրուած ընկերութիւններու վրայ, այլ նաեւ աւելի արմատական միջոցներու կը դիմէ: Ան կը պետականացնէ ջրելեկտրականութեան բնագաւառը, մեծ գումարներ կը հայթայթուին առողջապահութեան, եւ գիւղատնտեսութենէն դէպի ճարտարարուեստական տնտեսութեան անցումի ծրագիր մը կը սկսի կիրարկուիլ, ինչ որ Նորվեկիան կը դարձնէ զարգացած ճարտարարուեստական պետութիւն: Կերհարշըն կը դառնայ Նորվեկիոյ վերաշինման եւ զարգացման հայրը: Անոր շնորհիւ` Նորվեկիան կը դառնայ աշխարհի ամէնէն հարուստ պետութիւններէն մէկը, եւ այդ պատճառով ալ ան կը ստանայ «Ազգի հայր» մակդիրը: 1972-ին Կերհարշընին յաջորդած Թրիւկուէ Պրաթելիի կառավարութիւնը կը պետականացնէ քարիւղի բնագաւառը եւ անոր եկամուտը կը տրամադրէ ընկերային ապահովագրութեան:

Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը նաեւ որոշ ազդեցութիւն մը կը կրէ «նոր ձախ»-ի գաղափարներէն. 1978-ին Ուտուար Նուրլիի կառավարութիւնը կ՛օրինականացնէ վիժումը: 1981-ին Նորվեկիան կ՛ունենայ իր առաջին կին վարչապետը` Կրու Հարլըմ Պրունլանը, որ հինգ տարի ետք (1986-ին) կը կազմէ կառավարութիւն մը, որ աշխարհի մէջ կը դառնայ յաջող փորձ` սեռային հաւասարութեան ծիրին մէջ, որովհետեւ 18 նախարարներէն 8-ը կը պատկանէին իգական սեռին: Նոյն տարուան ընթացքին կառավարութիւնը կը պետականացնէ ջուրէն ուժանիւթ արտադրելու (hydropower) մարզը:

Կանգ առնենք 1981-ի ծրագիրին վրայ, որ մինչեւ օրս կը հանդիսանայ Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան սկզբունքային փաստաթուղթը: Աշխատաւորականները, ըստ այս ծրագիրին, ժողովրդավար-ընկերվարական կուսակցութիւն են, անոնք կը ձգտին «զարգացնել ընկերութիւնը` ընկերվարական ուղղութեամբ: Հասարակութիւն մը, մեծագոյն ազատութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ` հիմնուած ըլլալով բոլոր անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն միջեւ հաւասարութեան վրայ»: Աշխատաւորական շարժումը, ըստ ծրագիրին, ազատագրական շարժում է: Ըստ այս ծրագիրին, ազատութիւնը կ՛իմաստաւորուի, երբ իւրաքանչիւր անհատ առիթը կ՛ունենայ իրականացնելու իր երազները: «Ժողովրդավարութիւնը ինքնին ընկերվարութեան նպատակն է», կը նշէ ծրագիրը` աւելցնելով. «Բոլոր մարդիկ հաւասար արժէք ունին` ըստ ընկերվարութեան»: Շարունակելով ժողովրդավարութեան վրայ իր կեդրոնացումը` ծրագիրը կ՛ընդգծէ. «Մենք պիտի ստեղծենք հասարակական հիմնարկութիւններ, ուր մարդիկ կրնան զարգացնել իրենց մասնակցութեան կարողութիւնը ժողովրդավարական զարգացումներուն մէջ»:

Երրորդ ուղիի ձախող փորձ մը

1996-ին Թորպիորն Եակլանտը կը ստանձնէ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը` փոխարինելով Պրունլանը: Այս անգամին, սակայն, միայն անձի փոխարինում չ՛ըլլար, այլ նաեւ` գաղափարներու: Եակլանտը ազդուած էր այդ ժամանակ «երրորդ ուղի» ընկերվար-ժողովրդավարական հոսանքէն, որ կը ձգտէր հաշտեցում կատարել նոր-ազատականութեան հետ: «Նորվեկեան տուն» նշանաբանով Եակլանտը աշխատաւորականներու գաղափարներու արդիականացման փորձ կը կատարէ` ազդուելով Թոնի Պլերի «Նոր աշխատաւոր» կեդրոնամէտ քաղաքականութիւններէն: «Նորվեկեան տուն»-ը իր մէջ կ՛ընդգրկէր` բնապահպանութեան որդեգրում, ձեռնարկութիւններու աջակցութիւն, ընկերային բարեկեցութեան զարգացում, մոլութիւններու (ալքոլ, թմրեցուցիչ եւ ոճիր) դէմ պայքար եւ միջազգային համագործակցութեան զօրացում: Եակլանտը նաեւ ցանկութիւն կը յայտնէր համագործակցելու պահպանողականներուն հետ` իրականացնելու համար իր քաղաքականութիւնները:

Աշխատաւորականներուն մէջ բարեփոխումները աւելի առջեւ կ՛երթան Ենս Սթոլթընպըրկի ղեկավարութեան առաջին տարուան (2000-2001) ընթացքին, երբ ան առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ լայնատարած սեփականաշնորհում` քանի մը պետութիւններու կողմէ սեփականատիրուած ընկերութիւններու: Այդ քայլերուն շնորհիւ Սթոլթընպըրկ կը ստանայ «Նորվեկեան Թոնի Պլեր» մակդիրը: Սեփականաշնորհման քայլերը հակաժողովրդական կ՛ըլլան թէ՛ աշխատաւորական շարքերուն մէջ եւ թէ՛ Նորվեկիոյ հանրութեան մօտ ու պատճառ կը դառնան 2001-ի ընտրութիւններուն աշխատաւորականներու պարտութեան` իրենց պատմութեան մէջ ամէնէն նուազ տոկոսով (քուէներուն 24 առ հարիւրը շահելով միայն):

Վերադարձ աշխատաւորական արմատներուն

2001-ի ընտրութիւններու ցաւալի պարտութենէն ետք Սթոլթընպըրկ կը հրաժարի երրորդ ուղիի քաղաքականութիւններէն եւ ետ կը մղէ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը դէպի քէյնզեան կեդրոն-ձախ ընկերվար-ժողովրդավարութիւն: 2005-ին աշխատաւորականները կառավարական դաշինք կը կազմեն արմատական ձախ Ընկերվար ձախ կուսակցութեան եւ ազատական Կեդրոնի կուսակցութեան հետ` «Կարմիր-կանաչ» (առաջին գոյնը կը խորհրդանշէ աշխատաւորականները եւ ընկերվար ձախերը, իսկ երկրորդը` կեդրոնը) անունով: Դաշինքը  կը գոյատեւէ մինչեւ 2013:

«Կարմիր-կանաչ»-ի կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ միջազգային ֆինանսական ճգնաժամը, զոր կը յաղթահարէ, երբ կը վերահաստատէ յառաջատուական հարկային քաղաքականութիւնը (բարձր եկամուտ ունեցող ընկերութիւնները բարձր հարկեր կը վճարեն, իսկ հակառակը` ցած եկամուտներ ունեցող ընկերութիւններուն պարագային), որուն գումարները կը տրամադրուին անգործներուն դրամական օժանդակութեան ապահովումին եւ աշխատանքային շուկային մէջ գործ հայթայթելու, նաեւ դէմ կը կանգնի կրթութեան եւ առողջապահական մարզերու սեփականաշնորհման հոլովոյթին: Այսպիսով, Նորվեկիան դուրս կ՛ելլէ միջազգային ֆինանսական ճգնաժամէն` Եւրոպայի մէջ իբրեւ ամէնէն նուազ անգործութեան տոկոս ունեցող պետութիւնը:

 

Ակնարկ. Կողմնակալ Փորձառութիւններ

0
0

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Հարաւային Կովկասի հարցերով նախկին օգնական, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ, Թալինի մէջ Պաշտպանական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի տնօրէն Մեթիու Պրայզան «168 ժամ»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Հիմնուելով իմ փորձառութեան վրայ` կարող եմ ասել, որ սովորաբար ծայրաստիճան բարդ է որոշել, թէ ո՛ր կողմն է սկսել հրաձգութիւնն առաջինը»:

Պարզ է, որ առաջին տպաւորութեամբ տարօրինակ հնչէ նման տարակուսանք` անձնաւորութեան մը կողմէ, որ փորձագիտական նախապատրաստուածութեամբ, համանախագահի իր հանգամանքով նման փորձառութիւն կուտակած ըլլայ: Ի վերջոյ ԵԱՀԿ-ի կողմէ կազմակերպուած մշտադիտարկման արդիւնքները եւ շփման գիծին վրայ տիրած իրողական իրավիճակի ամէն մէկ մանրամասնութեան ծանօթ են համանախագահները եւ գիտեն, իրենց կուտակած անձնական փորձառութիւններով նաեւ, թէ ո՛ր կողմն է, որ կը խախտէ հրադադարը, արձակազէններ գործի կը լծէ. գիտէին եւ գիտեն, թէ ո՛ր կողմն է, որ վարժողական ծրագիր իրականացնող ուղղաթիռ կը խփէ եւ խախտելով պատերազմական համապատասխան ամէն օրէնք եւ մարդասիրական ամէն օրինաչափութիւն կը մերժէ յանձնել խոցուած ուղղաթիռին մէջ գտնուող հայ սպաներուն մարմինները եւ ընդհանրապէս ո՛ր կողմն է, որ կ՛արգելակէ միջնորդներու երաշխաւորութեամբ կայացած քանիերորդ համաձայնութիւնը:

Առանց խորանալու ամէն մէկ արգելակումի, չհամագործակցելու եւ պայմանաւորուածութիւններ չյարգելու ազրպէյճանական բազմաթիւ օրինակներու վրայ, այստեղ ակներեւ իրականութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ:

Հայկական կողմը մնայունօրէն ի՛նք հետամուտ է շփման գիծի վրայ մշտադիտարկման գործիքակազմերու տեղադրման եւ անոնց տեսագրած ու նկարահանած տեսանիւթերուն հիման վրայ հետաքննութիւն կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը գործնականացնելու համար համապատասխան միջոցներու որդեգրման: Մերժողը բնականաբար ազրպէյճանական կողմն է:

Հայկական կողմն է, որ անընդհատ ամէն առիթի յղում կը կատարէ 94-95-ի հրադադարի համաձայնագիրներուն եւ Վիեննայի ու Փեթերսպուրկի հրապարակումներուն:

Այս բոլորին իրազեկ  ամերիկացի նախկին համանախագահը չի տատամսիր տարակուսելու, թէ չափազանց դժուար է իմանալը, թէ ո՛վ է նախայարձակը:

Համանախագահներուն կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնները ընդհանրապէս հանդարտութեան կոչ կ՛ընեն եւ պատասխանատուութեան համահաւասարեցման մօտեցում կ՛որդեգրեն չէզոք մնալու, որեւէ կողմ մատնացոյց չընելու եւ կողմերը զգաստութեան հրաւիրելով ուժի բացառումը շեշտելու:

Սակայն Պրայզան նախկին համանախագահ է  եւ նման ծայրայեղ զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու հարկադրանքին առջեւ չէ: Այս յայտարարութիւնը ոչ թէ չէզոք դիրք պահպանելու բնութագրումը կը կրէ, այլ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը ծածկելու:

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Պրայզան առաւելապաշտ մօտեցումով բանակցութիւնները արգելակող մարդոց մասին կը խօսի յստակացնելով. «Անխոհեմ մարդկանցից մի քանիսն ընդդիմացան Ազրպէյճանում Միացեալ Նահանգների դեսպանի պաշտօնում իմ անձի նշանակմանը, յատկապէս` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի ղեկավարութիւնը, եւ նոյն պատճառներով կային մարդիկ, որոնք ընդդիմացան միւս կողմում, որոնք երջանիկ չէին, երբ ես ժամանեցի Պաքու»:

Հոս ալ կան «անխոհեմներ» եւ «երջանիկներ»: Այստեղ եւս իբրեւ թէ երկկողմանի պատասխանատուութեան մօտեցումով կ՛արտայայտուի նախկին համանախագահը, բայց խորքին մէջ կը ծանրանայ Հայ դատի յանձնախումբին վրայ, հայկական կողմը այս պարագային դարձեալ ներկայացնելով առաւելապաշտ եւ բանակցութիւններու ընթացքը արգելակող:

Պրայզայի կատարած յետհայեացքային այս յայտարարութիւնները նկատի ունենալով, աւելիով կը հիմնաւորուին եւ կ՛արդարանան օրին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ Պրայզայի Ազրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակելու որոշումին դէմ արձանագրուած առարկութիւնները:

«Ա.»

Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Բ.

0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հոլանտայի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի կայուն, յարաճուն գիւղատնտեսութեան ապագան կը կազմաւորուի ոչ թէ մեծ ընկերութիւններու ժողովասրահներուն մէջ, այլ` հազարաւոր համեստ ընտանեկան տնտեսութիւններուն մէջ: Ասոր փաստը յստակօրէն կը տեսնենք, Թետ Տուիժվեսթին եւ անոր եղբայրներուն` Փիթըրի, Ռոնալտի եւ Ռեմքոյի երկրային դրախտին մէջ: Պալիցիներուն նման` Տուիժվեսթիները կառուցած են ինքնուրոյն սննդամթերքի համակարգ, ուր հաւասարակշռուած են մարդու հանճարեղութեան եւ բնութեան կարողականութիւնները:

Տուիժվեսթիներուն լոլիկի ջերմոցը, Փիթըր եւ Ռեմքօ իրենց լոլիկի բերքով

Ռոթերտամի մէջ կը ծրարուին Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու բերքը, արտածումի համար

Տելֆթ հին քաղաքին մօտ գտնուող Տուիժվեսթիներուն 146 հազար քառ. մեթր ջերմոցին մէջ այցելուները կը շրջին 6 մեթր բարձրութեամբ մութ կանաչ լոլիկի տունկերուն քովէն (5): Տունկերը արմատ նետած են ոչ թէ հողին, այլ` պազալթի եւ կաւիճի մանրաթելերէ հիւսուած թաղարներու մէջ: Տունկերը ծանրաբեռնուած են 15 տեսակի լոլիկներով` իրենց համով գոհացնելով բծախնդիր ճաշակները: 2015-ին միջազգային պարտիզամշակութեան մասնագէտներու դատական կազմը Տուիժվեսթիները անուանեց աշխարհի ամէնէն նորարար լոլիկ մշակողները:

2004-ին, փոխադրուելով եւ վերակառուցելով իրենց 70-ամեայ ագարակը, Տուիժվեսթիները որոշեցին անկախանալ բոլոր տեսակի արտաքին միջոցներէն: Ագարակը կ՛արտադրէ անհրաժեշտ ուժանիւթը, պարարտացուցիչները եւ նոյնիսկ բերքը բաշխելու եւ վաճառելու ծրարումի անհրաժեշտ սնտուկները: Ջերմոցներուն միջավայրի նպաստաւոր ջերմութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին կ՛ապահովուի ստորերկրեայ երկրաջերմուժի միջոցով, որ կ՛եռայ Հոլանտայի տարածքին առնուազն կէսին տակ: Ոռոգումի միակ աղբիւրը անձրեւէն հաւաքուած ջուրն է, կ՛ըսէ Թէտ, որ կը տնօրինէ մշակումի ծրագիրը:

Մանրաթելերուն մէջ արմատ նետած մէկ քիլօ լոլիկը 15 լիթրէն պակաս ոռոգման ջուրի կարիք ունի, մինչ բացօթեայ դաշտերունը` 60 լիթր: Տարին անգամ մը ամբողջ բերքը վերստին կը ցանուի նոր հունտերով, իսկ հին տունկերը մշակուելէ ետք կը գործածուին սնտուկներ շինելու: Այն սակաւաթիւ միջատները, որոնք կը մտնեն ջերմոց, կը դիմաւորուին գիշատիչ, անյագ ցեցերու պաշտպան բանակին կողմէ` նման Phytoseiulus persimilis-ին, որոնք հետաքրքրուած չեն լոլիկով, այլ կը յափշտակեն վնասակար սարդ ցեցերը:

Այցելութենէս քանի մը օր առաջ, Թետը մասնակցած էր հողագործներու եւ հետազօտողներու ժողովին, Վակենինկէնի մէջ: «Այս միջոցով է, որ նորարարութիւններ կը փոխանակենք` յառաջդիմելու եւ բարելաւելու: Հոլանտայի բոլոր շրջաններէն մարդիկ կու գան քննարկելու տարբեր հեռանկարներ եւ ընդհանուր նպատակներ: Ոեւէ մէկը առանձինն բոլոր հարցերուն պատասխանը չունի», ըսաւ ան:

Ելեկտրածին սարքին արտադրած տաքութիւնը կը ջերմացնէ այս ջերմոցը

Հին գործարանի մը տանիքը լոլիկի ջերմոց, պարարտացուցիչը` ձուկերու թափօն

Մահու կենաց հարցի մը պատասխանին որոնումը յանգեցաւ Հոլանտայի ամենանորարար ընկերութիւններէն մէկուն գոյացումին: 50 տարի առաջ Եան Քոփփերթ իր վարունգի ցանքին համար կը գործածէր թունաւոր միջատասպաններ: Երբ բժիշկը յայտնեց, որ ան զգայնութիւն ունի միջատասպաններու հանդէպ, Քոփփերթ միջատներու եւ սարդակերպերու բնական թշնամիներուն մասին ուսումնասիրութիւն կատարեց: Այժմ իր «Քոփփերթ կենսաբանական համակարգեր»-ը աշխարհի առաջնորդող կենսաբանական` միջատասպան եւ ախտաբուժ ընկերութիւնն է` 1330 պաշտօնեաներով եւ 26 միջազգային մասնաճիւղերով, արտադրութիւնը վաճառելով 96 երկիրներու մէջ:

Օրինակ, Քոփփերթ կրնայ հայթայթել բամպակի տոպրակներով կարմրորդի թրթուռներ, որոնք կը վերածուին լուիճներ լափողներու: Կամ` շիշ մը 2000 ցեց, որոնք կ՛որսան բոյսերու սարդացեցերը: Ոչ մէկ արհեստական բեղմնաւորում կը մրցի Քոփփերթի աշխուժ բզզամեղուներուն հետ, որոնց իւրաքանչիւր փեթակը կը բեղմնաւորէ օրական կէս միլիոն ծաղիկ: Այս միջոցով հողագործներ 20-30 տոկոս աւելի բերք կ՛արտադրեն եւ կէս ծախսով, քան թէ` արհեստական բեղմնաւորումով:

Հոլանտայի մէջ ծինային միջամտութեամբ հունտեր չեն գործածուիր եւ չեն արտադրուիր: Հունտ արտադրող առաջատարներէն` Հոլանտան 2016-ին արտածած է մօտ 1,7 միլիառ տոլարի հունտ: Ըստ «Քիճին» ընկերութեան Արժեն Վան Թունենի, մասնիկային բուծումի գիտութիւնը*, առանց ծինային միջամտութեան, յատկանշական արդիւնք կու տայ, այնպէս, ինչպէս 10 հազար տարի առաջ «Արգասաբեր մահիկի» հողագործները կ՛օգտագործէին: Հելին Պոս կ՛ըսէ, որ այսպիսի արհեստագիտական մէկ լոլիկի հունտ, որ կ՛արժէ կէս տոլարէն նուազ, կ՛արտադրէ անհաւատալի` շուրջ 68 քիլօ լոլիկ:

«Սնունդի հովիտի» շատ մը գործարարներու նման` Պոս աշխատած է աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներու արտերուն եւ քաղաքներուն մէջ: Վերջին 30 տարիներուն պաշտօնավարած է Մոզամպիքի, Նիքարակուայի եւ Պանկլատէշի մէջ ու գիտէ, որ անօթութիւնը եւ աւերիչ սովը վերացական վտանգներ չեն: «Անշուշտ այսպիսի երկիրներու մէջ անմիջապէս չենք կրնար կիրարկել Հոլանտայի գերարդիական հողագործութիւնը, սակայն կը կիրարկենք միջին արդիական լուծումներ, որոնք հսկայական արդիւնք կու տան», կ՛ըսէ Պոս: Ան օրինակ կը բերէ համեմատաբար ծախսը քիչ, թափանցիկ կերպընկալ ձեւանիւթէ ջերմոցները, որոնք եռապատիկ բերք տուած են` բաղդատաբար բացօթեայ դաշտերուն, ուր բերքը ենթակայ է երաշտի` չորացումի եւ մակաբոյծներու:

Մէկ անձի կողմէ ժամական 150 կով կթելու դարձող սարք ՎՀՀ-ի մէջ

Աշխարհի 1200 հողի նմուշներու որակը կ՛ուսումնասիրուի այստեղ

2008-էն Ռիժք Զուան օժանդակած է մշակումի ծրագիրի մը Թանզանիոյ 200 հազար քառ. մեթր արտի մը մէջ: Հունտերը կը ղրկուին Հոլանտա  որակական քննութեան չափերը ծլարձակումի արագութիւնը, զտութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը` մակաբոյծներու եւ ախտերու դէմ: Համագործակցութեան ծրագիրներ ընթացքի մէջ են Քենիոյ, Փերուի եւ Կուաթեմալայի մէջ: «Կը փորձենք իրենց յատուկ պայմաններուն յարմարող հունտեր զարգացնել», կ՛ըսէ Պոս: Սակայն կը շեշտէ կարեւորութիւնը մնայուն կերպով գործակցելու, զրուցելու հողագործներուն հետ` հասկնալու անոնց դժուարութիւնները, եւ ոչ թէ` վերէն վար մօտեցումը, որ կը ձախողի նման օտար բարեսիրական ծրագիրներու մէջ:

Հոլանտացի կարգ մը հետազօտողներու կարեկցութիւնը` անօթութեան վտանգին ենթարկուած ժողովուրդներուն, կը ծագի ազգային հոգեցնցումէն. Հոլանտան Բ. Համաշխարհային պատերազմի վերջին տարին սովի պատճառով կորսնցուց 10-20 հազար մարդ: Տասնեակ տարիներ ետք ՎՀՀ-ի յարաճուն զարգացման եւ սննդամթերքի ապահովութեան պատուակալ փրոֆեսօէր` Ռուտի Ռապինկէ բարեփոխեց համալսարանը` ուսումնական ծրագիր, դասախօսներ եւ ուսանողութիւն, հաստատութիւնը վերածելով, իր խօսքով` «Աշխարհի համար համալսարանի»: Այժմ ակադեմական հետազօտութիւններուն կարեւոր մէկ մասը յատկացուած է աղքատ երկիրներուն:

Համալսարանը աւարտողներուն 45 տոկոսը եւ դոկտորներուն երկու երրորդը կ՛աշխատին արտերկրի հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ: Չին եւ ինտոնեզիացի համալսարանականները մեծամասնութիւն կը կազմեն, եւ անոնցմէ շատեր կը պաշտօնավարեն ասիական, ափրիկեան եւ հարաւամերիկեան գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն մէջ: Ապա հեղինակը տեսակցութիւններ կ՛ունենայ համալսարանի կարգ մը օտար ուսանողներու հետ, որ զանց առի յօդուածը կրճատելու նպատակով:

«1944-45 մահացու սով մը տարածուեցաւ Ճաւայի մէջ` պատճառ դառնալով 2,4 միլիոն մարդու մահուան: Շրջանային բերքի կործանիչ ձախողութիւնները մտահոգած են Ինտոնեզիան, նոյնիսկ` վերջերս, 2005-ին: Սննդամթերքը հերթական կերպով կ՛անհետանայ Նեփալի գիւղաբնակ շրջաններուն մէջ` երաշտի եւ ներածումի բարձր արժէքին պատճառով: 2011-ին սովը տարածուեցաւ «Ափրիկէի եղջիւր» (Եթովպիա, Էրիթրէա, Ճիպութի եւ Սոմալի) շրջանին մէջ` ազդելով 13 միլիոն մարդու վրայ. իսկ 2017-ին 1,6 միլիոն ուկանտացիներ սով կը դիմագրաւեն, եթէ այլ երկիրներէ օժանդակութիւն չստանան: Այս բոլորը այն ժամանակ աներեւակայելի էին, սակայն անոնք աննշմար են` բաղդատելով ապագայի նախատեսութեան հետ:

Շէնքի տանիքին ձուկի եւ բանջարեղէնի միատեղ արտադրութեան համակարգ

Հոլանտայի իւրաքանչիւր մեթրը կ՛օգտագործուի հողագործութեան

Սովի սպառնալիքի ենթակայ վերոնշեալ երկիրներուն եւ դիմացի Եմէնի ճգնաժամը կ՛ազդէ 20 միլիոն եւ անողոքելի կերպով թիւը աւելցող ժողովուրդին վրայ: Ըստ ՄԱԿ-ի, «Մարդկային ամենամեծ ճգնաժամը կը դիմագրաւենք ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ի վեր», 2017 մարտին ազդարարեց շտապ օգնութեան համադրող Ստեփան Օ՛Պրայըն: «Մեր դժուարագոյն գործը մեր ժողովուրդին ըմբռնումը փոխելուն մէջ կը կայանայ` գալիք ճգնաժամին մասին, եւ ի՞նչ պէտք է ընել զայն դիմագրաւելու համար», կ՛ըսէ Նանտուտու: «Այդ է իմ գործս, երբ երկիր վերադառնամ: Չենք կրնար երես դարձնել իրականութեան»:

Վակենինկենէն շուրջ 6400 քմ հարաւ` «Ափրիկէի արեւելեան ճեղք» հովիտին լուբիայի ընտանեկան արտին մէջ հոլանտական «ՍոյլՔերզ» հողագործութեան ճարտարարուեստական ընկերութեան խումբը կը բացատրէ յատկութիւնները` ձեռքի փոքր գործիքին: Բջիջային հեռաձայնի միջոցով գործիքը կը չափէ հողին քիմիական բաղադրութիւնը, կենսաբանական նիւթերը եւ այլն եւ կը յղէ Հոլանտա գտնուող տուեալադարան, որ 10 վայրկեանէն պատասխան տեղեկագիրով մը կը ղրկէ հողին անհրաժեշտ սնուցիչները եւ անհրաժեշտ պարարտացուցիչը: Քանի մը տոլարով տեղեկագիրը տուեալներ կը տրամադրէ, որոնք կը նպաստեն բերքի կորուստը նուազեցնելու, մինչ հողագործը ցարդ որեւէ հողի տարրալուծարանային ծառայութեան միջոց չէ ունեցած:

Ըստ մօտաւոր նախահաշիւի, աշխարհի 570 միլիոն ագարակներէն միայն 5 տոկոսէն նուազը հողի տարրալուծարանային ծառայութեան կարելիութիւն ունի: Այսպիսի թիւերն են, զորս հոլանտացիները մարտահրաւէր կը նկատեն:

«Մեր աշխատանքը ի՞նչ կը նշանակէ զարգացող երկիրներուն, այս հարցը միշտ օրակարգի վրայ է», կ՛ըսէ Մարթին Շոլթըն` ՎՀՀ-ի կենդանաբանական գիտութեան բաժնի վարիչը: «Այս է մեր խօսակցութեան նիւթը», կ՛եզրափակէ ան:

Տարածել գիտութիւնը, կերակրել աշխարհը` Վակենինկէն համալսարան եւ հետազօտութիւնը, հաստատուած «Սնունդի Հովիտին» մէջ` հոլանտական գերարդիական նմանակը «Սիլիքոն Հովիտին», բանալին է հողագործութեան յաջողութեան, որ կ՛արտածէ նաեւ դէպի աշխարհ»:

Հայաստանը իբրեւ գերազանցօրէն գիւղատնտեսութեան երկիր` օժտուած է անհամեմատօրէն շատ աւելի բարենպաստ պայմաններով, քան` Հոլանտան: Դժբախտաբար, սակայն, տակաւին սննդամթերք կը ներածենք նոյնիսկ մեր թշնամիներէն… Ժամանակն է, որ Հայաստանը դառնայ ոչ միայն ինքնաբաւ, այլ` սննդամթերք արտածող առաջատար երկիր: Արտադրողական մնացեալ բոլոր բնագաւառները էական, սակայն ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ երկրորդական են: ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, հեռու` կարկտան միջոցներէ, կասեցնելով արտագաղթը եւ գործնապէս ծրագրելով` բարձրացնել բնակչութեան թիւը:

10 հոկտեմբեր 2017
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

Ծանօթ.-

1. Թարգմանութեան ճշգրտութեան համար օգտագործուած են «Նայիրի» կայքէջի բառարանները:
2, *Կարգ մը շեշտադրումներ իմ կողմէս:
3, LED= Light Emitting Diode = Լոյս արձակող ուղարկիչ` Լուսարձակ Ուղարկիչ:
4, Հոմակենսութիւն = Symbiosis

(1) ( http://www.nationalgeographic.com/magazine/2017/09/holland-agriculture-sustainable-farming/ )
(2) ( http://www.amsterdam.climatemps.com/sunlight.php )
(3) ( http://www.atb.am/en/armenia/nature/climate/ )
(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/364045 )
(5) ( http://duijvestijntomaten.nl/en/ )


Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

0
0

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Անակնկալներու եւ անսպասելի դէպքերու ու անցուդարձերու երկիր Թուրքիոյ մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենան այնպիսի հետաքրքրաշարժ, արմանք ու զարմանք եւ նմանը չունեցող երեւոյթներ, որոնց դիմաց մարդ արարածը երբեմն ապշած ու շուարած` կատարուած այլանդակութիւններէն, չի գիտեր պահ մը` ի՞նչ ընէ, լա՞յ, թէ՞ խնդայ…

Արդարեւ, այդօրինակ ծիծաղաշարժ դէպք մըն էր, որ պատահեցաւ, երբ վերջերս,  հոկտեմբերի 15-ին, թրքական Սեւ ծովի ափին գտնուող Ռիզէ քաղաքին մէջ (պատմական Հայաստանի քաղաք) ելոյթ ունեցած պարոն Էրտողան իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը` ամենայն յոխորտանքով ու գոռոզութեամբ, զարմացնելով նոյնիսկ զինք մտիկ ընող երիտասարդ ամբոխը.

«Մեր երկրի 79 միլիոն բնակիչներէն զատ` մենք ունինք նաեւ միլիոնաւոր եղբայրներ, որոնք կ՛ապրին այլ աշխարհագրական տարածքներու մէջ, եւ որոնց հետ մենք ունինք պատմական կապեր»: Պատմական կապե՞ր, արդեօք ի՞նչ կապերու մասին կը խօսի պարոն նախագահը… սուլթանական շրջանի արեան բաղնիքներո՞ւն, թէ՞ ազատութիւններ լռեցնելու համար բարձրացած կախաղաններու… Իրապէս հարցական է:

Շարունակելով իր խօսքը` ան կ՛ըսէ. «Մեր հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ կը մտնեն` Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Ղրիմը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, Պոսնիան եւ այլ եղբայրական շրջաններ: Երբ որ Թուրքիան կորսնցնէ իր անկախութիւնը եւ կորսնցնէ իր ապագան, այդ ժամանակ անշուշտ մենք կը կորսնցնենք մեր հետաքրքրութիւնը այդ տարածքներուն նկատմամբ նաեւ»: Հոս, բնականաբար, մեր հետաքրքրութիւնը կը սրի… արդեօք պարոն նախագահը կը վախնա՞յ Թուրքիոյ գերիշխանութեան վրայ…

Աւելի՛ն. ան շարունակելով իր յաղթական ելոյթը` կը յարէ. «Այսօր շատ պատմաբաններ կը խորհին, որ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ պէտք է մտնեն Կիպրոսը, Հալէպը, Մուսուլը, Էրպիլը, Քերքուքը, Պաթումը, Սալոնիկը, Վառնան, Արեւմտեան Թրակիան եւ Եգէական ծովու կղզիները»:

Կեցցե՜ս, պարո՛ն Էրտողան… այս ի՜նչ չնաշխարհիկ միտք… այս ի՜նչ բացառիկ հնարք ու գիւտ, երբ կը փորձես Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ առնել վերոյիշեալ քաղաքներն ու շրջանները` առանց հաշուի առնելու այն, թէ ո՛վ կ՛ապրի այսօր այդ հողերու ու տարածքներու վրան: Արդեօք այդ երկիրներու բնակիչներ կը փափաքի՞ն գրկաբաց ընդունիլ ձեզ ու վերստին ձեզ տեսնել իրենց հետ կողք-կողքի… մոռցած ամէն տխուր օր, զոր ապրեցան սուլթանական ժամանակաշրջանին: Անոնք հազի՛ւ ազատագրեցին իրենց տուներն ու տեղերը ձեր նախահայրերուն թաթերէն եւ դուրս դրին ձեր «ենիչերիներ»-ը  իրենց պապենական հողերէն: Հիմա հարց կու տանք, ինչո՞ւ այս նոր ոտնձգութիւնը` սակայն: Ի՞նչ հեռաւոր նպատակներ կը հետապնդէք եւ վասն ինչի՞: Չէ՞ր բաւեր անցնող վեց տարիներուն տիրութիւն ըրիք ու պաշտպանեցիք ահաբեկչական խմբակներ եւ զանոնք առաքեցիք Սուրիա… Հիմա ի՞նչ սադայէլական նոր ծրագիրներ կը մշակէք եւ որո՞ւ հաշուոյն:

Շարունակելով մեր հարցադրումը` կ՛ըսենք. արդեօք անբաւարա՞ր էին հայկական ու բիւզանդական հողատարածքները, զորս գրաւեցին ձեր պապերը` ջարդով ու կոտորածով, մահով ու քանդումով ու անոնց դարերու հայրենիքներուն վրայ հիմնեցիք Օսմանեան կայսրութիւնը` 1356 թուականին եւ նոր թրքական (որպէս թէ` ժողովրդավար) հանրապետութիւնը` 1923-ին, 1915 թուականին ցեղասպանութեան ենթարկելէ ետք մէկուկէս միլիոն հայորդիներ, մնացածներն ալ քշելով արաբական դեղին անապատները:

Ամէն պարագայի, դատապարտելով իր արտայայտածը, ես կը խորհիմ, որ իր ամբոխավար ճառին մէջ շա՜տ համեստ ու ժուժկալ գտնուած է այս անգամ Թուրքիոյ նախագահը եւ մնալով քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ` չէ պահանջած վերջնականօրէն Թուրքիոյ կցել` ամբողջ Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Յորդանանը, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի երկիրները… կամ` Յունաստանն ու Պուլկարիան, հասնելու համար արեւմուտքէն` Պոսնիա, արեւելքէն` Ղարաբաղ… Իսկ ինչո՞ւ պարոն նախագահը չի խօսիր Չինաստանի մասին… չէ՞ որ անկէ եկած են թուրք ցեղախումբեր:

Դարեր շարունակ իրենց սպառնալիքներով ու մահասարսուռ յարձակումներով եւրոպական ու միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներ ու քաղաքներ գրաւած, զինու ուժով իւրացուցած եւ այդ երկիրներու ժողովուրդները հարիւրամեակներ ստրկացուցած օսմանցի սուլթաններու նոր թոռը` Էրտողան, բացէ ի բաց, առանց դիւանագիտական ու քաղաքական սահմանումի  կը համարձակի պահանջել` Կիպրոսը, Սուրիոյ Հալէպը, Իրաքի Մուսուլն ու Քերքուքը, քրտական Էրպիլը, Վրաստանի Պաթումը, յունական Սալոնիկը, Պուլկարիոյ Վառնան, Արեւմտեան Թրակիան եւ Եգէական ծովու կղզիները…

Վստահաբար այս պահանջկոտութեան ախորժակին տեղեկացան եւրոպական քաղաքակիրթ երկիրներ ու նամանաւանդ Միացեալ Նահանգները, որոնք հովանաւորն ու պաշտպանողն էին տարիներ շարունակ Թուրքիան եւ նեցուկը անոր, որոնք երէկուան «Հիւանդ մարդը» խնամեցին, բուժեցին, առողջացուցին, օգտագործեցին` հիւսիսի արջին դէմ եւ հիմա,  վերջին շրջանին, շատ ալ տաք չեն Թուրքիոյ հետ` վերջինիս որդեգրած ռուսամէտ քաղաքականութեան պատճառով:

Որձեւէգ ու լարախաղաց Թուրքիան վերջին հարիւր տարիներուն շատ լաւ գիտցաւ օգտագործել իր պարանը` ջերմ համբոյր փոխանակելով մերթ Արեւելքի եւ մերթ Արեւմուտքի հետ, յարմարելով բոլոր «գաղափար-կաղապար»-ներուն, զարգացնելով իր երկիրը` բազմապիսի բնագաւառներու մէջ, ռազմականէն մինչեւ տնտեսականը եւ քաղաքականը անկասկածօրէն, որ առիթ կը շնորհէ իրեն խօսելու` որպէս հզօր երկիր:

Ահա՛ այդ է պատճառը, որ ռազմականօրէն ապահով ու զօրաւոր Թուրքիան այսօր սկսած է ձեռնոց նետել աջ ու ձախ` հպարտանալով իր «մեհմեթճիք»-ով, որ այսօր մուտք գործած ըլլալով Սուրիա եւ Իրաք` խուլ կը ձեւանայ երկու պետութիւններու պաշտօնական կոչերուն առջեւ, սիրաշահելէ ետք Ռուսիոյ գաղջ համաձայնութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու ձեւական ու հաճոյաբոյր հաւկուրութիւնը:

Մեզի համար թէեւ շատ հետաքրքրական է եւ զարմացնող` այս կացութեան մէջ լռութիւնը բոլոր այն երկիրներու քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն, որոնցմէ օր ցերեկով  հող կը պահանջէ Թուրքիոյ նախագահը` հրապարակաւ, առանց զգուշութեան:

Հայաստանի հիւսիսային դրացին` Վրաստանը, որ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի հարեւան Թուրքիոյ հետ, զարմանալիօրէն անոր արտաքին գործոց նախարարութիւնը լուռ է եւ որեւէ ձեւով ձայն չի բարձրացներ` դատապարտելու համար այս հող ու տարածք` «Պաթում» քաղաքը պահանջող յայտարարութիւնը: Չենք գիտեր` վա՞խ… թէ՞ զգուշութիւն, կամ լուռ համաձայնութի՞ւն, գուցէ դիւանագիտական բարձր խա՞ղ… Կ՛երեւի մեր հասողութենէն վեր է այս խնամիական սիրաբանութիւնը:

Քաղաքական վերլուծաբաններու եւ Միջին Արեւելքի ապագայով հետաքրքրուած բոլոր ուսումնասիրողներուն համար իրապէս զարմանալի է եւ նորութիւն` թրքական սուր ու անկուշտ ախորժակը, որ կ՛ուզէ իր երախին մէջ առնել օտարապատկան  հողատարածքներ… 79 միլիոն բնակիչ ունեցող Թուրքիոյ նախագահը պահ մը սակայն կը մոռնայ, որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը այսօր բնակեցուած է քիւրտ ազգաբնակչութեամբ, ուր կ՛ապրին 24 միլիոն քիւրտեր, որոնք տարիներէ ի վեր կը պայքարին ինքնավարութեան եւ, ինչո՞ւ չէ, ազատութեան ու անկախութեան  համար: Նաեւ` Թուրքիան իր մէջ կը հաշուէ բազմամիլիոն ալեւիներ, որոնք կը տառապին նոյն պահանջով, ինչպէս նաեւ` այլ փոքրամասնութիւններ, որոնք կը սպասեն Թուրքիոյ մէջ ծագելիք նոր հրդեհներուն, որոնց պատրոյգը մօտ է բոցավառելու… Կը հաւատանք…

 

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Ամէն անգամ Հայաստան երթալը նորութիւն չէ, շարունակութիւն է: Հայաստան երթալը ամէն բանէ առաջ հայու հարց է: Հայու ժառանգականութեան շարունակականութիւն է: Այդ շարունականութեան վերջին զոհերը անոնք են, որոնք հապճեպ փութկոտութեամբ, անբարենպաստ պայմաններու տակ հեռացան երկրէն` առանց խաբուսիկ «մնաս բարով» մը իսկ ըսելու, պահու մը, երբ հայրենիքին մէջ ամէն բան շատ յստակ չէր, եւ գորշ պղտորը կը տիրապետէր իր սուր ժանիքներով` հայաշխարհի կապոյտ երկնակամարի տարածքին:

Անկախութենէն ետք Հայաստան երթալը քանի մը տեսակ կ՛ըլլայ: Վերջին 25 տարիներուն պիզնեսի համար հայրենիք այցելողներ եղան: Մարդ չեմ դատապարտեր ատոր համար, ո՛չ ալ կը նախանձիմ: Բոլոր սրտցաւ հայերը կը փափաքին, որ հայրենիքը բարգաւաճի, նաեւ ու մանաւանդ` սփիւռքի ուղղակի ներդրումով ալ: Ուրիշներ ալ կան, որոնք կ՛ուզեն սփիւռքի բարգաւաճումը Հայաստանի ներդրումով: Կարծեմ` այս վերջինները քիչ մը կ՛աճապարեն, կամ աւելի ճիշդ` որոշ բաներ լաւ գնահատած չեն իր եւ իրենց ժամանակին մէջ: Մեր երկիրը արդարութեան, հաւասարութեան ու բարոյական արժէքներու երկիր պէտք է դառնայ ամէն բանէ առաջ, եւ կառոյցներուն հանդէպ արհամարհանք չցուցաբերուի:

Կը հաւատամ, որ թիւերու պաշտամունքը բոլորին համար առաջնակարգ չէ: Շատեր Հայաստան կ՛երթան պատասխանատու հայրենասիրութեան զգացումներէ դրդուած, կամ այսպէս ըսած` յանձնառու պատասխանատուութեան վիպապաշտ ապրումներով: Երկու պարագաներուն ալ Հայաստանը նոյն հայրենիքն է, մեր սիրոյ երանգներու դրսեւորման ենթակայ, յաճախորդային սառն յարաբերութիւնները ձգելով ազնիւ շահագրգռուողներուն: Ի դէպ, համոզուած եմ, որ պիզնեսը համազօր է մարդկային կառոյցներէ բխող ու կազմաւորուող հանգոյցներու համախմբումին ու հզօրացումին: Անհրաժեշտ է զօրացնել հայադրոշմ այն կառոյցները, որոնք կը պաշտպանեն պետութիւնը, պետականութիւնը եւ հիմնականօրէն` մեր ազգային քաղաքականութիւնը, որ անխուսափելիօրէն կը նայի, պէ՛տք է նայի դէպի ապագայ, որովհետեւ Հայաստանը տնտեսական անհաւասարակշռութիւններու թատերաբեմ չի կրնար դառնալ, որքան ալ Երեւանի փողոցներուն մէջ քալող մարդոց մէջ դասակարգային թշնամիներ որոնենք, երկրի քաղաքական բացթողումները առաւելագոյն չափազանցութեամբ ուռճացնելու, ապա նաեւ` խծբծելու միտումով: Այս մօտեցումով արդարութիւն ու իրաւունք որոնելու եւ հատուցելու մտայնութիւնը կը մաշի ու հետզհետէ կը չէզոքանայ` մեզ տեղ չհասցնելով:

Հայաստանի մէջ բաներ կան, որոնք բիւրեղացած ու մաքուր կնիքի մը պէտք ունին: Օրինակ` ընկերային կնիքի մը. նաեւ` յաւելեալ այն բաները, որոնք մեր ժամանակը, հայկական ժամանակը դպած չէ, անոնց ուղիղ կամ զարտուղի որեւէ անուն ու դիմագիծ տուած չէ: Ատոնց մէջ լաւեր ալ կան, գէշեր ալ կան: Բոլոր լաւերը շատ լաւ չեն, բոլոր գէշերն ալ շատ գէշ չեն: Ճաշակի կամ համակրանքի հարց չէ, օրէնքի ու կանոնի հարց է, ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ ետք, որ երկու պարագաներուն ալ կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ տեսակ ազգի զաւակներ ենք մենք, որ յաճախ համաձայն կ՛ըլլանք միայն մեր տարակարծութիւններուն:

Հայաստանը հայութեան հայելին է` փայլուն, ողորկ, հարազատ ու ցոլացող: Հայելիին լուսարձակները ճամբայ կ՛ելլեն Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն ու կը տարածուին` Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Աւստրալիա: Կ՛երեւի` մարդիկ հոն քիչ մը աւելի կ՛ապրին, քան` Հայկական Բարձրաւանդակի վրայ: Բացայայտ տարբերութիւնը կու գայ այն իրականութենէն, որ Հայաստանի մէջ մարդիկ կ՛ապրին իրենց ուզած ձեւով, եթէ անշուշտ ընտրուած ձեւով ապրիլը արտօնուած է կենցաղավարական կանոններէն, աւելի կամ նուազ ծանծաղամիտ կապտումներով:

Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցութիւնս 4-րդն է, չհաշուելով, որ 4-րդը եւ 5-րդը տիրող անմխիթար նեղմտութեան մը պատճառով դրոշմեցին բացակայութիւնս նախ հոգիիս մէջ, շշմած համակարգին մարդը ըլլալու բացարձակ մերժումիս պատճառով, վստահութիւնն ու անվստահութիւնը սուղ կ՛արժեն:

Անցնող 5 համաժողովները խօսեցան անցեալի մասին. 6-րդը` ապագայի մասին, աւելի ազատ, աւելի անկախ, աւելի ժողովրդավար եւ բարգաւաճ, աւելի հեռանկարային Հայաստանի մը մասին: 6-րդը ժամանակին մէջ ու ժամանակին հետ անմիջականօրէն ժառանգեց անցնող 5-ի արժէքներն ու փորձառութիւնները: Իւրացուց բաներ, որ 7-րդին պիտի փոխանցէ` ազգային հաւաքականութեան ու ժառանգականութեան պորտակապը իր յաջորդականութեան մէջ դնելու հեռանկարային ակնկալութեամբ: Անցնող 6-ի սխալներէն 7-րդը պիտի խուսափի, պիտի շրջանցէ, պիտի զեղչէ, ինչպէս` անցնող 26 տարուան հայրենական պետականութեան կազմաւորման սխալները յաջորդող 26 տարիներուն, կը հաւատամ, պիտի չկրկնուին:

Հայաստանի հանրապետականացումը բնականոն շարունակականութիւնն է հինի հետեւանքին, որ կ՛ընդելուզուի անցեալի մէջ, կը վերակառուցուի նորին, ապագային մէջ եւ ճամբայ կը բանայ գալիքի ակնկալութիւններուն, հայրենասիրութեան իմաստը ճիշդ սորվեցնելու գիտցողին ու սորվիլ ուզողին համար:

Հայրենասիրութեան ու խիղճի բնորոշումները ինչպէ՞ս կ՛ըլլան:

***

Ժողովավարական դիւանակալութիւնը միշտ ալ լուծումներ տուած չէ ընդհանրապէս հայրենական, բայց մասնաւորապէս հայկական բարդ հարցերուն, ո՛չ ալ ինքնահաստատած է մեր ազգային մնայուն արժէքներն ու գերիշխանութեան տեւականացումը, որքան ալ անոնք ժամանակակից ու գերարդիական համակարգիչներու բծախնդրութեամբ ալ կը պարզաբանուին:

Բոլոր ժամանակներուն մէջ հայը ստեղծագործութեան ծարաւով ապրած է իր պատմութեան, իր մշակոյթին, իր լեզուական գանձարանին եւ արժէքները անմահացնող խորհրդանիշներուն հետ ու հանդէպ: Այդ պատճառով իսկ, ամէն անգամ որ իր հաւաքականութեան խաւերուն զգացումները տատանած են իր մշտական իղձերուն հանդէպ, հարկ զգացած է քիչ մը մագաղաթ շնչելու, որպէսզի իր քիթին ծակերը բացուին ու մագաղաթի բոյրը իր թոքերուն մէջ սրսկուի: Իմանանք. Հայաստան մը կայ, որովհետեւ հայոց լեզու մը կայ:

Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին առիթով տարբեր ու խօսուն ոճով, տարբեր ու խօսուն մօտեցումով բաներ պիտի փորձեմ ըսել: Որոշ բաներ, գիտնա՜նք, կաղապարի մէջ չեն մտներ, պէտք է ազատ շնչեն. ազատ շնչելու համար ալ ազատ արտայայտութիւնը նախապայման է որքան արտայայտուողին, նոյնքան մըն ալ` այդ արտայայտութիւնները ընկալողին ու չընկալողին հաշուոյն:

Ծանօթ է բոլորին, թէ մարդիկ կան, որոնք լաւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն, ի՛նչ կ՛ընեն: Մարդիկ ալ կան, որոնք շատ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն, թէ ի՛նչ կ՛ընեն: Հայաստանի ազգային, ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական կեանքը երեւութապէս մասամբ հաւասարակշռուած ներդաշնակութեան մը սահմաններուն մէջ կը տարուբերի` ընկալուած այն պարզացուած ընթացիկ իմաստով, որ ոմանք հաւասարակշռութիւնը կը գործածեն ընկերային պարզ ու պարզացնող հասկացողութեամբ: Երբ գէշ բաներուն չես հակազդեր, լուռ կը համակերպիս:

Մնացեալին մասին, ըսել կ՛ուզեմ` համաժողովի թղթակցական օրագրութեան, զանգուածային լրատուական միջոցները անդրադարձած են լայնօրէն: Չորս տարբեր ուղղութիւններով 16 տարբեր նիւթերու` ժողովականութեան, պաշտօնական հանդիպումներու նախագահներ, Ազգային ժողովի նախագահ, վարչապետ, սփիւռքի նախարար, պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարներ: Բան չունիմ աւելցնելիք. բոլորին ի խորոց սրտէ շնորհակալ ենք, աւելի՛ն, համաժողովին մասնակից համահայկական կառոյցներու 600 հրաւիրեալներու, 100 լրագրողներու եւ 70 երկիրներէ 1600 սփիւռքահայերու անունով, ի մասնաւորի` առաջին անգամ մասնակցող  Թայլանտը, Եթովպիան, Միանմարը, Սինկափուրը, Մարոքը: Փա՜ռք Աստուծոյ, ամէն տեղ հայ ու հայութիւն կայ, որ իր արտաքին բոլոր հարցերը կը լուծէ նախքան իր ներքին հարցերը լուծելը:

***

Երեւանի համալսարանական շրջապատի մէջ, դիմումի մը  ընդառաջելով, տարբեր զրոյց մը ունեցանք համաժողովին արծարծուած բովանդակային ու թեմաթիկ բազմազան նիւթերու լոյսին տակ: Այս զրոյցը քանի մը ժամ տեւեց` ապացուցելով, որ մարդիկ կան` գիտնականներ, երիտասարդներ, ուսանողներ, հոգեւորականներ, որ ուրիշ բաներով ալ կ՛ապրին, կը մտահոգուին, մտածել ու զգալ գիտեն, սիրել ու հիանալ գիտեն, սրտի խոռոչներով ու քիթի երկու ծակերով խորունկ իմաստները շնչել ու ներծծել գիտեն: Բայց արտաշնչել ալ գիտեն, Հայաստանի փոխուող աշխարհին մէջ, ուր մարդիկ սկսած են զիրար փնտռել` զիրար ճանչնալու համար:

Հանդիպումը հետաքրքրական էր եւ չափազանց շահեկան. «ազգաշունչ նիւթերով ողողուած խօսակցութիւն» պիտի բնորոշէին հիները: Ես ասո՛ր պիտի անդրադառնամ, նոյն ազգաշունչ պաղարիւնութեամբ, որ լսեցի այս բոլորը մեր հանդիպման ժամանակ: Բոլոր հարցերը ծայր աստիճան կենդանի են, եւ միեւնոյն կենդանի ապրումով կրնաս խօսիլ անոնց նիւթերուն մասին: Բարեկամներս հարազատօրէն լուսանկարեցին հայաստանեան հին թէ նոր իրականութիւնը` իրենց սրտամօտիկ երանգաւորումներով: Խօսեցան ազգային վէրքերու մասին: Գիտէ՞ք` բոլոր վէրքերը սուսերամարտի հետեւանք չեն: Վէրքեր կան, որոնք արիւն կը հոսեցնեն, վէրքեր ալ կան, որոնք կաթիլ մը արիւն չեն թափեր, բայց կը ցաւցնեն:

Նոյնանման հանդիպում մըն ալ, անպաշտօն, գաղտնի, խիստ դռնփակ` տեղի ունեցած էր դարձեալ երեւանեան համալսարանական կեդրոնի մը դահլիճին մէջ` փրոֆեսէօրներու եւ ակադեմիկոսներու ներկայութեան, խորհրդային «սպիտակ գիշերներու» ճնշող օրերուն, 80-ական թուականներու սկիզբը, ընդառաջելով քանի մը լուսամիտ ու ազատամիտ դասախօսներու խնդրանքին, երկու գլխաւոր նիւթերու շուրջ` ա) Հայ դատի աշխատանքներ սփիւռքի մէջ. Բ) Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը եւ սփիւռքեան հայագաղութներու գոյութենական հեռանկարները:

Կը թուի, թէ ա՛յդ թուականէն հայութեան բաժանման կէտերը յստակացումի պէտք ունէին, ատոր կարիքը կը զգացուէր:

Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, մուրճ-մանգաղէն ու մանգաղ-մուրճէն զատ, ուրիշ բաներով մտահոգուողներ ալ կային: Ապագայ քաղաքացի ձեւաւորելու խնդրին մէջ ազգային նկարագիր ու յատկանիշ սրսկելու մտահոգութիւն ունեցողներ ալ կային:

Գիտեմ նաեւ, որ խորհրդային օրերուն, անուանի կարգ մը մտաւորականներ, Ազգային գրադարանի հասցէին առաքուող Պէյրութ, ապա Աթէնք հրատարակուող ՀՅԴ օրկան «Դրօշակ»-ը կարդալու համար տատամսոտ ու գաղտնի քայլերով Ազգային գրադարանի սանդուխները կը չափչփէին: Կը թուի, թէ ազգային կարօտի ու ազգային ճշմարտութեան փորձարկումները վոտքայի մէկ ումպով կը սրսկէին իրենց ներաշխարհի արեան բջիջներուն մէջ, որպէսզի մարդիկ ընդհուպ մանկլաւիկ ըլլալէ դադրին, փողոց ու հրապարակ իջնեն, ներշնչեն ու ներշնչուին` խօսքով, գրչով, բահով, մտքով ու ապրումով, տապալելով խորհրդային հակահայ ու ապազգային ժառանգականութիւնը,  ոսկեայ կամուրջ մը փնտռելով սփիւռքի տարագիր ու տարտղնուած հայութեան խիղճին հետ: Ահա՛ բնորոշելի կէտ մը` մեր կենսագրութիւնը ճիշդ իմանալու համար:

Հոս տեղը չէ. բայց այս մասին առիթով մը կը խոստանամ շարունակել: Ուստի հոս փակագիծը կը փակեմ:

Մարդիկ կան, որոնք այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ մեռելաթաղի սառնարանէ մը դուրս ելած են` պաղ սրտով, պաղ նայուածքով, անտարբեր ու անհետաքրքիր, խոժոռ, երեսը կախ: Ուրիշներ ալ տեւաբար կը շնչեն` 24 ժամ, 48 ժամ, 72 ժամ, մէկ շաբաթ, մէկ ամիս, մէկ տարի, տարինե՜ր, տարինե՜ր: Կը շնչեն ու կը շնչաւորեն հայկական տրոփով:

Քիչ թէ շատ, ամէն տեղ այսպիսի մարդիկ կան: Հայաստանի մէջ ինչո՞ւ պիտի չըլլան, ինչպէս Հայաստանի համալսարաններու, ակադեմիայի, մտաւորականութեան, արուեստագէտներու եւ գոյատեւման բնազդով ապրող գիտակցական ժողովուրդներու մէջ:

Յուշի յատկանիշը կենդանի է մարդկային հաւաքականութիւններու մէջ, այնքան ատեն որ գաղափարախօսութիւնները ինքնայօժարօրէն կը դիմանան, կը տոկան, կ՛ապրին ու կ՛ապրեցնեն գաղափարները` գաղափարներուն համար:

Եկէ՛ք` Հայաստանը տեսնենք ու զգանք ուրիշ աչքով: Խղճի՛ աչքով:

(Շար. 1)

Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Կայսերապաշտութիւնը Եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ապագան

0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 25-ին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս կատարեց յայտարարութիւն մը, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ հետապնդեն անոնց արդար հարցերը: Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն» խորհրդաժողովին ընթացքին:

Փոխնախագահը իր խօսքին մէջ ժողովականներուն ներկայացուց քրիստոնեաներուն իրավիճակը եւ անոնց տանջանքը Քրիստոսի նման` մէջբերելով Ս. Գիրքէն որոշ համարներ, ապա խօսեցաւ քրիստոնեաներուն աշխարհագրական տարածուածութեան մասին` Հայկական Բարձրաւանդակէն մինչեւ Սուրիա, Լիբանան եւ Նինուէ, անշուշտ` առանց նշելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ քրիստոնեաներուն թիւը կը նուազի  մասնաւորապէս Իրաքի մէջ, ուր ժամանակին անոնց թիւը մօտ 1.500.000 էր եւ այսօր նուազ քան 300.000-ի հասած է: Հաւանաբար պարոն Փենս քաջութիւնը չունէր խոստովանելու, որ 2003-ի Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումը պատճառներէն մէկն էր, որ իսլամականներու կողմէ յարձակումներ կատարուին քրիստոնեայ բնիկ ժողովուրդին, մասնաւորապէս ասորիներուն դէմ:

Անշուշտ, ինչպէս միշտ, հայկական եւ ասորական պատուիրակութիւնները գոհացան եւ ուրախութեամբ հարցազրոյցներու պատասխանեցին` ըսելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի փրկեն շրջանի քրիստոնեաները, սակայն անոնք մոռցան հարցնելու, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս: Դժբախտաբար պատմութենէն երբեք դաս չենք քաղած:

Կարեւոր է անդրադառնալ Հայաստանի հետ կապուած առաջարկներուն. Յակոբ Պատալեան «Լրագիր»-ին մէջ կը գրէ, որ այս խորհրդաժողովը որոշ առիթներ  կրնայ ստեղծել Հայաստանի համար: Սեպտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պէտք է խաղաղապահ ուժեր ուղարկէ Սուրիա: Հոս երկու ուղղութիւններ յառաջացան նախագահ Սարգսեան կա՛մ կը փորձէր համոզել Արեւմուտքը, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ կողքին Հայաստանի մարդասիրական եւ ապագային թերեւս ռազմական մասնակցութիւնը Արեւմուտքին դէմ ուղղուած չէ, կա՛մ ալ այն, որ Հայաստան Արեւմուտքին աջակցութեամբ կ՛ուզէ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած խաղաղապահ ուժերը փոխարինել ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերով: Հոս ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի դերը, եթէ Միացեալ Նահանգներ եւս առաջարկեն խաղաղապահ ուժերու տեղադրում Սուրիոյ մէջ` հաւասարակշռելու համար ռուսական բանակին ներկայութիւնը: Հաւանաբար Հայաստան պէտք է զգուշաւոր քաղաքականութիւն վարէ եւ չհաւատայ ամերիկեան խոստումներուն, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը նահանջի մէջ է շրջանին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի շրջանի քրիստոնեաներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան, Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթըն դժուարութիւններու պիտի հանդիպի, մանաւանդ որ այդտեղ քրիստոնեաները գրեթէ սուրիական վարչակարգին կողքին են, իսկ քիւրտերուն հետ գործակցող որոշ ասորիներու  դերակատարութիւնը սահմանափակ է: Իրաքի մէջ եւս շատ դիւրին չէ, Իրաքի քրիստոնեաները` ասորիները բաժնուած են երեք մասերու: Պաղտատի եւ մօտակայ շրջաններու քրիստոնեաները չեն ուզեր բաժնուիլ Իրաքի սահմաններէն եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակած են կառավարութեան հետ: Երկրորդ խումբը, որ տարածուած է հիւսիսային Իրաքի մէջ, աւելի քրտամէտ է եւ իր ապագան կը տեսնէ  փոքրամասնութիւններու դաշինքէն որոշ չափով կախեալ վիճակի մէջ: Իսկ երրորդ խմբակը, որուն մէջ ասորի ազգայնականները մեծ դերակատարութիւն ունին,  ինքնավար շրջան կը պահանջէ Նինուէի մէջ, սակայն` Իրաքի սահմաններուն մէջ:

«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը 27 հոկտեմբերին «Քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն օգնելու ետին» խորագիրով յօդուածով մը անդրադարձաւ այս հարցին` նշելով, որ մօտ 700 քրիստոնեայ ընտանիքներ գաղթեցին այն շրջաններէն, ուր վերջին շաբաթներուն ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցան, եւ ահազանգ կը հնչեցնէ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու ոչնչացման վտանգին համար: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, հարցը շատ աւելի բարդ է, այստեղ անոնք քաղաքական հալածանքի չեն ենթարկուիր, ինչպէս որ տեղի կ՛ունենայ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, եւ տնտեսական պատճառը հիմնական դերակատարն է Լիբանանէն անոնց արտագաղթին, հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են Հըզպալլային դէմ, ա՛լ աւելի պիտի վնասեն երկրին տնտեսութեան:

Կարիք չկայ ըսելու, որ Միացեալ Նահանգներ շատ ուշացած են շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն մասին մտածելու համար, մանաւանդ որ անոնց կայսերապաշտական քաղաքականութեան արդիւնքներ շրջանին մէջ ժխտական դերակատարութիւն ունեցան եւ կը շարունակեն ունենալ քրիստոնեաներուն վրայ:

Yeghia.tash@gmail.com

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Սրբավայրերու Պահպանման Դասատու…Էրտողանը

0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին Անգարայի մէջ կատարուեցաւ «Մելիքէ Խաթուն» մզկիթին բացումը, զոր կատարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը. այս առիթով ան մզկիթին առնչուած համապարփակ ելոյթ ունեցաւ, զանազան ակնարկութիւններ ընելով հոն` բնականաբար կրօնական եւ քաղաքական դասեր տալու սլաքներ ալ արձակեց, ինչպէս միշտ:

Էրտողանի արձակած սլաքներէն ամէնէն հետաքրքրականը, զոր այստեղ կ’ուզենք լուսարձակի տակ առնել, հետեւեալ տողերն են. «Միակուսակցական իշխանութեան ժամանակաշրջանին Անգարա անցեալի ինքնութենէն պոկելով եւ ընդհանրապէս առանց մզկիթի ձգելու դրժման երեւոյթը անհնար իրականութիւն է: Մզկիթները ախոռներու վերածելու անցեալ ժամանակաշրջանի մտածելակերպը կրկնուած է նաեւ Անգարայի մէջ, ուր մզկիթները դատապարտուած են մառաններու, պահեստանոցներու վերածուելու եւ շէնքերու աննկատ անկիւնները մնալու»:

Էրտողանի ելոյթին վերոնշեալ հատուածը անմիջապէս մեզի մտածել կու տայ, որ Թուրքիոյ նախագահը, երբ կը խօսի սրբավայրերը դիտումնաւոր կերպով ախոռի վերածելու, աւերելու կամ այլ բաներու ծառայեցնելով` սրբապղծելու երեւոյթին մասին, կը մոռնայ, որ Թուրքիոյ տարածքին բռնագրաւուած հայկական հողերուն վրայ կամ այլ շրջաններուն մէջ գտնուող հայոց մշակութային ժառանգը քանի մը դարէ թուրանա-թրքական բարբարոս ծրագիրի զոհը դարձած է, որ տակաւին կը շարունակուի:

Նախագահ Էրտողանի ուշադրութեան պէտք է յանձնել, որ երբ երկրի մը նախագահը կը խօսի կրօնի մը սրբավայրերու պահպանման մասին, չի կրնար անտեսել եւ կամ անտեսման քաղաքականութիւն կիրարկել այլ կրօնի պատկանող սրբավայրերու հանդէպ հետեւողական կերպով կատարուող անմարդկային սրբապղծումները եւ ոչնչացնելու ծրագիրներն ու աշխատանքները:

Այստեղ կարեւոր կը նկատենք Թուրքիոյ պետութեան կողմէ մշակութային բնաջնջումի ենթարկուած հայկական սրբավայրերու քանի մը օրինակ ներկայացնել:

Նախ հարց կու տանք, թէ ո՞ւր են հայոց միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի 1001 եկեղեցիները, վանքերը, մատուռները, ի՞նչ եղաւ անոնց ճակատագիրը:

Այնուհետեւ կը նշենք քանի մը եկեղեցիներ, որոնք սրբապղծութեան եւ անմարդկային ամէն տեսակի վայրագութեան արժանացած են ու կ’արժանանան:

– Անիի աւերակներէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Կարս նահանգի Գոզլուճա գիւղը գտնուող հայկական Բագնայրի (Բագնայր կը նշանակէ` «կրակին նուիրուած բագիններու քարայր») վանքն ու եկեղեցին, որ 989 թուականին կառուցուած է Վահրամ Պահլաւունիի կողմէ, այսօր տեղացիները իբրեւ ախոռ կը գործածեն:

Գիւղացիները նաեւ վանքին քարերը օգտագործած են իրենց տուները, ախոռներն ու ցանկապատները կառուցելու համար:

– Սասունի մէջ բազմաթիւ պատմական կառոյցներ` ամրոցներ, ջրաղացներ եւ եկեղեցիներ, աւերուած վիճակի մէջ են: Այդ կառոյցները ոչ միայն բախտի քմահաճոյքին ձգուած են, այլեւ կանխամտածուած եւ ծրագրուած ձեւով սեւ ձեռքերու կողմէ կ’աւերուին:

Սասունի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներ մեծ մասամբ կա՛մ իբրեւ ախոռ կ’օգտագործուին, կա՛մ ալ լքուած են բախտի քմահաճոյքին: Նոյն շրջանին մէջ նոյն ճակատագիրը կը կրեն նաեւ` Քառասուն Մանուկը, Չիրթինիկը, Բեկսեն, Միտինգը, Արծուիկը եւ Գոմք վանքը:

– Պաթման նահանգի Սասուն շրջանի Արվիզինք եւ Շէնգալիք գիւղերուն մէջ հայկական եկեղեցիները նոյնպէս ախոռի վերածուած են:

– Վանի Շատախ շրջանի մէջ 100 տարի առաջ հայ հաւատացեալներուն ծառայած, իսկ աւելի քան 30 տարի առաջ իբրեւ դպրոց օգտագործուած հայկական եկեղեցին այժմ իբրեւ անասուններու համար կերի` խոտի պահեստանոց կ’օգտագործուի:

– Ուրֆայի (պատմական Եդեսիա) Կերմուշ (Կերմուշը նախապէս հայկական գիւղ եղած է: Տեղացիները զայն այժմ Տաղեթեղի կը կոչեն) գիւղին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին ախոռի վերածած են:

Եկեղեցին տարիներ առաջ վերանորոգուած էր սփիւռքահայերու ջանքերով, եւ անոր վրայ երեք լեզուներով ցուցանակ փակցուած էր` նախատեսելով զայն բանալ զբօսաշրջիկներու առջեւ, սակայն ատոր փոխարէն` տեղացիները եկեղեցին կ’օգտագործեն եղջերաւոր մեծ անասուններու համար իբրեւ գոմ:

– Վանի Ս. Բարթողիմէոս հայկական եկեղեցին, որ կը գտնուի Պաշքալէ շրջանի Ալպայրաք (պատմական`  Աղբակ) բնակավայրին մօտ, կառուցուած է 13-14 դարերուն: Վանքը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի զինուորական գօտիի մէջ եւ աւերակի վերածուած է թուրք զինուորներու կողմէ: Զինուորները գանձ փնտռելու նպատակով ցանկապատած են եկեղեցւոյ տարածքը եւ վնաս հասցուցած` եկեղեցւոյ պատերուն վրայ գտնուող սրբապատկերներուն:

Ս. Բարթողիմէոսի գերեզմանին վրայ է, որ կառուցուած է այս եկեղեցին: Մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ` տաճարը գործած է իբրեւ եկեղեցի, սակայն Հայոց ցեղասպանութենէն ետք անիկա քանդուած է:

Այժմ իբրեւ արտաքնոց կը գործածուի թուրք զինուորներու կողմէ եւ կը կրէ մշակութային սպանդի հետքերը:

– Էրզրումի Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Մինաս եկեղեցին, որ նախապէս օգտագործուած է իբրեւ ախոռ, այժմ դարձած է որոնողներուն ուշադրութիւն գրաւող գանձը եւ, «մասնաւոր սեփականութիւն» ըլլալու պատճառաբանութեամբ, անհրաժեշտ ուշադրութեան չ’արժանանար:

Ճակատագիրի քմահաճոյքին յանձնուած Սուրբ Մինաս եկեղեցին տեղացիները որպէս ախոռ կ’օգտագործեն:

– Զմիւռնիոյ Մենեմեն շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ախոռի վերածուած է: Մինչեւ 1922 գործած եկեղեցին արդէն բախտի քմահաճոյքին ձգուած է:

Յաճախ իբրեւ ախոռ օգտագործուող եկեղեցին, որ  ամբողջութեամբ թալանուած ու աղբով լեցուած է, յարմար վայր դարձած է թմրամոլներու եւ հարբեցողներու համար:

Հայերուն հեռանալէն ետք եկեղեցին որոշ ժամանակ զինապահեստանոց եղած է, սակայն յետոյ իշխանութիւնները տարածքը անուշադրութեան մատնած են, որպէսզի շէնքը «ինքնիրեն» փուլ գայ:

– Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուող հայկական հինգ եկեղեցիներէն միակ կանգուն մնացածը` Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ախոռի վերածուած է եւ պատերը փլած են, իսկ քարերը`  փոխադրուած տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, նաեւ եկեղեցւոյ որոշ հատուածները քանդուած են գանձախոյզներու կողմէ:

– Անտիոքի հայկական վեց եկեղեցիներու համալիրին վրայ մզկիթ կառուցուած է: Անտիոքի Սամանտաղ կոչուած շրջանին կից, Եողունօլուք գիւղի շուրջ 350 տարեկան հայկական 6 եկեղեցիներէ բաղկացած համալիրին վրայ, 1915-1920-ական թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին գիւղէն հայերու բռնագաղթի պատճառով, բնակութիւն հաստատած թուրքերուն կողմէ 1940-ին կառուցուած է մզկիթ մը, որ այժմ կը գործէ իբրեւ աղօթատեղի: Այնուհետեւ, 6 եկեղեցիներու համալիրին վրայ անոնք կառուցած են մզկիթը, որուն տակ գտնուող եկեղեցիները գիւղացիները օգտագործած են իբրեւ խոտի պահեստ, ախոռ եւ պահեստարան:

Անգամ մը եւս պարտք կը զգանք ընդգծել, որ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած ձեւով քանդուած հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու վրայ զարդարուած նուրբ զարդանախշերու փորագրութիւններու քարերուն կրնաք հանդիպիլ այդ շրջաններու բնակիչներու կառուցած բնակարաններուն, ախոռներուն, պահեստանոցներուն, ամէն տեսակի կառուցուած շէնքերուն պատերուն վրայ օգտագործուած:

Արդարեւ, վերոնշեալ օրինակները բազմաթիւ են եւ սահմռկեցուցիչ: Սակայն ակնյայտ իրողութիւն է ոչ հայերուն համար միայն, այլ` ամբողջ աշխարհին, որ քաղաքակրթութեան ու ժողովրդավարութեան դասեր տալու ելած Թուրքիան եւ անոր նախագահ, նոր օրերու սուլթան Համիտը` Էրտողան գործնապէս ու քաղաքականապէս իր լրումին կը հասցնէ իր նախահայրերուն ջարդարար ծրագիրը:

Թուրքիոյ պետութեան ոճրագործ մօտեցումը ամէն առիթի շեշտուած է եւ անկարելի է թաքցնել: Ան աւելի քան դար մը առաջ իրագործեց ցեղասպանութիւն, բռնագաղթի ենթարկեց հայեր, յոյներ, ասորիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ, սովի մատնեց ու բռնադատեց արաբներ, թուրանական ցեղին չպատկանող ժողովուրդներու դէմ գործեց բարբարոսութիւն, որ վայել է իրեն:

Գործադրուած ցեղասպանութիւնը բնականաբար չեղաւ միայն մարդկային, անոր հետ զուգահեռաբար ընթացան նաեւ մշակութային բազմափուլ ու մինչեւ օրս շարունակուող ջարդերը: Էրտողան երբեք չի վարանիր նոյնիսկ հակազդեցութիւններ ունենալու իրմէ արդարութիւն պահանջողներուն դէմ: Ան վերջին 6-7 տարիներուն գլխաւոր դերակատարը եղաւ Սուրիոյ ահաւոր ողբերգութեան, Եւրոպան շանթաժի կ’ենթարկէ` գաղթականներու ողբերգութիւնը հասոյթի աղբիւրի վերածելով, զինք նեղի մատնելու արեւմտեան փորձերուն դիմաց կը փորձէ բարեկամութիւն խաղալ Ռուսիոյ հետ, ու տակաւին, ոճրային խաղերու շարքի պատմութիւնը երկար է:

Այս բոլորին կողքին, Էրտողան, երբ ամէն առիթին կը խօսի մզկիթներ ախոռի վերածուելու մասին, մինչ շատ շուտ կը մոռնայ կրկին, թէ մօտիկ անցեալին` 21 սեպտեմբեր 2014 թուականին, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին օրը, Թուրքիոյ տարածքէն անդին, Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումի իրագործումը իրականացաւ իր իսկ հրահանգով:

Եւրոպական զգեստներ հագուող թուրքերը կը մնան նոյն թուրքերը, որոնց նկարագիրին մէջ ոչինչ փոխուած է: Էրտողան պէտք չէ քաղաքակրթութեան դասեր տայ, այդ մէկը կատարելու փոխարէն` ան պէտք է նախ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա կասեցնէ սրբավայրերու դէմ կատարուած սրբապղծութիւնները:

Հայկական հարիւրաւոր եկեղեցիներ, հոգեւոր կրթարաններ նոյն ճակատագիրը կը կիսեն. աւերակներու վերածուած եկեղեցիներու պատերը հայերու հանդէպ ատելութեան դրսեւորումներ կ’արտայայտեն:

«Եօթը հայ սպաննողը դրախտ կ’երթայ» պնդումն ու «հայ» եւ «հայու զաւակ» բառերը դեռ հայհոյանքի տեղ կ’օգտագործուին Էրզրումի եւ այլ շրջաններու մէջ: 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք մնացած հայկական գործատեղերը, բաղնիքները, տուներն ու եկեղեցիները կը ջնջուին: Պէտք է լաւ ըմբռնել, որ  այդ սրբավայրերը կամ մշակութային կառոյցները ոչ միայն կրօնական կարեւորութիւն ունին, այլեւ պատմական կոթողներ են:

Այնպէս որ, սրբավայրերու պահպանման դասատու Էրտողանի «մարդասիրական» յայտարարութիւններ կատարելէ առաջ եւ  ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ կրօնական սրբութիւնները պահպանելու մասին խօսելու փոխարէն` անհրաժեշտ է նախ ինքզինք վերատեսութեան ենթարկել եւ ցեղապաշտ, թրքութեան ու թուրանական ատելութիւնէն դուրս գալ, զգաստանալ:

Վերջապէս, անփոփոխ կը մնայ այն իրականութիւնը, որ պատմութեան մէջ եւ մինչեւ այսօր թուրքերուն արժէքը եղած է անոնց դաւաճանութիւնը:

 

 

Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Գրախանութները Բացած Են Հայերը

0
0

«Էրմէնիհապեր»-ը կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքի սիւնակագիր Ռեֆիք Տուրպաշը «Պապը Ալիի առաջին գրավաճառը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ, կը յատնէ, թէ Պոլսոյ Պապը Ալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է Առաքել Թոզլուեանը:

Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապը Ալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875-ին եւ ժամանակի ընթացքին սկսած է զբաղելու նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884-ին հրատարակուած է «Առաքելի գրադարան»-ի գրացուցակը, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Գրքոյկին նպատակն էր ընթերցասէր հասարակութեան համար դիւրացնել անհրաժեշտ գիրքերու որոնումը:

Աղբիւրին համաձայն, Պապը Ալիի մէջ ընդհանրապէս սկզբնական շրջանի բոլոր գրավաճառները եղած են հայեր: Հայերու շնորհիւ է, որ գիրքը դարձած է առուծախի առարկայ, վաճառուած` սրճարաններու, խանութներու եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ:

Առաքել էֆենտին հրատարակած է օսմանեան շրջանի գրողներէն Ահմեթ Ռասիմի եւ Հալիթ Զիայի շարք մը ստեղծագործութիւնները: Աւելի ուշ Մուալլիմ Նաճիի հետ ձեռնարկած է հրատարակման դասագիրքերու, որոնք տպագրուած են 100-աւոր օրինակներով: 1891-94 թուականներուն Առաքել Թոզլուեան «գրպանի գիրք»-ի չափով շարք մը վէպեր հրատարակած է:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Առաքել Թոզլուեանէն առաջ Թորոս անունով մարդ մը Պապը Ալիի մէջ գրախանութ բացած է, սակայն գործերը այնքան ալ յաջող չեն ընթացած. ան ստիպուած եղած է գիրքերը պարկերու մէջ լեցնելով` վաճառելու եւ հեռանալու:

Իբրեւ Պապը Ալիի առաջին գրավաճառ` յայտնի է Առաքել Թոզլուեան: Վերջինիս մասին կենսագրական տուեալները քիչ են: Յայտնի է, որ Առաքել էֆենտին ծագումով Կեսարիայէն եղած է:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Հոկտեմբեր Գ. –Գրողի՞ Տագնապ, Թէ՞ Ընթերցողի

0
0

Հայաստանի մէջ 16 հոկտեմբերը Հայ մամուլի օրն Է: Օրը կը համընկնի Մատրասի մէջ 16 հոկտեմբեր 1794-ին հիմնուած հայկական առաջին տպագիր պարբերականին` «Ազդարար»-ի հրատարակութեան:

Մամուլը կոչուած է  հասարակական, քաղաքական ու մշակութային մեր առօրեայ կեանքին արձագանգը ըլլալու, միաժամանակ, սակայն, առաջնորդողի դեր կատարելու հանրային կարծիքի ձեւաւորման մէջ` հրապարակագրական, մշակութային, գեղարուեստական ու գրական ընդունելի ճաշակ ներկայացնելու, գոհացնելու թէ՛ մտաւորական եւ թէ՛ սովորական ընթերցողին հետաքրքրութիւնները:

Այս երկուքին միջինը գտնելու պատասխանատւութիւնը ունի մամուլը` ընթերցողներու եւ գրողներու իր շրջանակը պահելու ու ժամանակակից լրատուական բաց համակարգին մէջ ուրոյն տեղ ունենալու համար:

Սուրիահայ մամուլը, յատկապէս` հալէպահայ մամուլը, իր իւրայատուկ դերը ունեցած է հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ:

«Գանձասար», իր 26-ամեայ անընդմէջ լոյս ընծայումով, սուրիահայ մամուլի պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ թերթը կը հանդիսանայ:

Թերթը, իր խմբագրական կազմերով եւ աշխատակիցներով, իր հետեւորդներուն մէջ ընթերցանութեան հուրը, տեղեկացուած ըլլալու մարմաջը  վառ պահած է ու տարուէ տարի քայլ պահելով  ժամանակի զարգացումներուն ու լրագրական պահանջներուն հետ` փորձած է գոհացնել իր ծաւալող լսարանը:

Եթէ քննական մօտեցումով ակնարկ մը նետենք լրագրական դաշտի ներկայ պահանջներուն վրայ, անհրաժեշտ պիտի գտնենք քանի մը մատնանշում կատարել այս ուղղութեամբ:

Սուրիական տագնապին պատճառով լայն շրջանակներու հասանելի դառնալու անհրաժեշտութիւնը սուրիահայ մամուլի ծառայութեան կոչուած անհատներէն ու անոնց շրջանակներէն կը պահանջէ լրագրական մարդուժի պատրաստութեան ծրագրուած աշխատանք` արհեստավարժ ու ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահող աշխատակիցներու փաղանգը ընդլայնելու համար:

Նման մարդուժի մը պատրաստութեան տուեալները առկայ են, յատկապէս` սուրիական տեղեկատուական դաշտին արձանագրած զարգացումներուն լոյսին տակ, համեմատած` նախապատերազմեան շրջանի սուրիական լրատուամիջոցներուն ու ընդհանրապէս երկրի տեղեկատուական քաղաքականութեան պարզած վիճակին հետ:

Լրագրական ասպարէզ մուտք գործողը պէտք է քաջ իմանայ, որ թերթը անմիջական բեմն է մեր միջավայրի տագնապներուն եւ հետաքրքրութիւններուն, մեր կեանքին հայելին է ան: Հետեւաբար մամուլի ծառայութեան կոչուած ոեւէ լրագրող հասարակութեան մօտ պէտք է ըլլայ`  կարենալ ներկայացնելու համար անոր առօրեան ու ձգտումները: Ան պիտի ունենայ վերլուծող միտք եւ անկաշկանդ արտայայտուելու կարողութիւն եւ կարելիութիւն:

Ինչպիսի՞ տուեալներ, սակայն, կ’երաշխաւորեն լրագրողին արդիւնաւէտ ու անկաշկանդ գործունէութիւնը:

Առաջին տուեալը մասնագիտական մօտեցումն է` հեռու շնչատ խանդավառութեան պատճառով լրագրական դաշտ ուղղուելու պատեհապաշտութենէն:  Երկրորդը` լեզուի կատարելագործումն է աստիճանաբար թերթին մէջ գրելու ոճ եւ հմտութիւն ձեռք բերելու համար:

Երրորդը` մասնակցութիւնն է համայնքի ընկերային, ազգային եւ քաղաքական կեանքին` հետեւելու անոր զարկերակին ու պատասխանատուութեամբ մօտենալու լրագրական ասպարէզին: Իր անմիջական առօրեայէն հեռու գործող լրագրողը չի կրնար լոյսին բերել իր իսկ հասարակութեան տագնապներն ու իղձերը:

Չորրորդը` ազատ մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու կարելիութիւնն է: Լրագրողին առարկայութիւնն ու անկեղծութիւնը, ազատ խօսքի հաւաստիութիւնը մեծապէս կախուած են ազատ մտածելու, արտայայտուելու եւ գործելու իր կարողութենէն:

Լրագրական դաշտը ընդարձակելու, զայն արհեստավարժ մարդուժով հարստացնելու ծրագրաւորումը, վերականգնումի մեր աշխատանքներուն զուգահեռ, նոր աւիշ պիտի հայթայթէ սուրիահայ մամուլին ընդհանրապէս:

Չկայ ընթերցող, չկայ գրող» խօսքերը կրկնելով`  ձեռնածալ մնալը անհեթեթութիւն է պարզապէս: Դարուս սրընթաց զարգացումին մէջ անգամ պատասխանատու խօսքն ու վերլուծող միտքը անփոխարինելի արժէքներ են: Էականը ընթերցողներու մտքին ու ճաշակին գոհացում տալն ու գրողը քաջալերելն է:

Մամուլի օրուան առիթով կը շնորհաւորենք այս ասպարէզին ծառայող բոլոր նուիրեալները` աշխատանքի նոր թափ ու կորով մաղթելով անոնց:

 

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Դէպի Երկիր

Համալսարանական աշխարհին մէջ զրոյցը կը սկսի բանասէր, ՀՅԴ-ի անդամ Հրաչեայի խօսքով: Ան լիովին հետաքրքրուած է «Դէպի Երկիր»` լայնօրէն քննարկուած խորհրդանշական պատկերացումներ ամփոփող, համեմատաբար իրապաշտ տուեալ կարգախօսով: Այս բառերով ատոր խորունկ իմաստը բնութագրուած է արդէն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ զուգահեռաբար ընդգրկուած` կուսակցութեան ծրագրին մէջ, որպէս Հայ դատի լուծման հեռանկարային հիմնական բաղձանքներէն մէկը, որ կը միտի ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական հայրենիքի մը կերտումի երազին, ազգի ու ժողովուրդի ազնուագոյն մարդկայնացումով:

Խորհրդանշական այս կարգախօսը հայուն համար թէ՛ արժէքային նպատակ է, թէ՛ վերարժեւորուած քաղաքականութիւն, թէ՛ ազատագրական յեղափոխաշունչ մարտակոչ, թէ՛ ազատագրական պայքար, թէ՛ պետականութեան լիարժէք կերտում` զտարիւն մարտնչումի արտացոլում, յեղափոխական փորձադաշտերու ներգործութեամբ:

Հայուն «Դէպի Երկիր»-ը, կ՛ըսէ Հրաչեան, ազգային¬քաղաքական մեր դաշտի ինքնուրոյն պայքարն է` պատմականօրէն բախտորոշ արժեւորումներով ու  ազդեցութիւններով, որ հայուն կու տայ ազգային ինքնութեան յստակ ու անջնջելի արեւելում ու ազգայնօրէն զարգացող գիտակցական գնահատումներ:

Հրաչեան նկատել տուաւ նաեւ, որ այս կարգախօսը պատմական ժողովրդավարութեան ժամանակացոյցը արագացնելու «թէ ուշացնելու» գործընթացի մը հետ պատշաճեցնելու կանխատեսումին հետ առնչուած հանգրուանային անհրաժեշտ գործընթաց մըն է` խաղաղ, բարգաւաճ ու աշխարհաքաղաքականօրէն շարունակելու կոչուած երկիր մը ըլլալու յստակատեսութեամբ:

Այսքան. որպէսզի ոմանք չկարծեն, թէ գաղափարաբանութիւնները պատահական ու պարագայական բաներ են:

Ինքնութեան Հարցեր

Լեզուագէտ փրոֆեսէօր Զաւէնը վերլուծեց «Հայաստան», «հայրենիք», «սփիւռք», «հայրենասիրութիւն» եզրերը, մեր ամէնօրեայ,  սխալ կամ ճիշդ, գործածական իմաստային ոլորտի համեմատական ու բաղդատական տարբերութիւններով:

Այսօր ո՞վ է Հայաստանէն արտագաղթած հայը, եւ ի՞նչ են անոր ազգային¬արժէքային չափանիշները: Իսկ «սփիւռք» եւ «սփիւռքահայ» անուանումը ազգային ինքնութիւն որոնելու, ինքնութիւն դրսեւորելու, ինքնութիւն բիւրեղացնելու իմաստով ի՞նչ մակարդակներու վրայ կը տարուբերի:

Սփիւռքահայը եւ ընդհանրապէս հայը քանի՞ տեսակ ինքնութիւններ ունի: Ինքը ո՞ր մէկը կը նախընտրէ, ո՞ր մէկը կը զատորոշէ:

Ինքնութիւններ կան, որոնք ազգային են, ցեղային, կրօնական, գաղափարական, դասակարգային, աղանդաւորական: Հայը ո՞ր մէկուն վրայ իր շեշտը կը դնէ, ո՞ր մէկը առաւել չափով կը դրսեւորէ քանակի ու որակի աստիճանական նախընտրութիւններով թէ ընկերային դասակարգումներով:

Հայաստան, իր ներքին թէ արտասահմանեան գործօն կառոյցներով, կը զբաղի՞, առաջնահերթութիւններու կարգով կիզակէտի կը վերածէ՞ արտագաղթող զանգուածներու հայկական ինքնութեան առաջնահերթ խնդիրները:

Ոմանք ինքնութեան հարցերուն մէջ տարբերութիւններ չեն ուզեր տեսնել` ո՛չ յատկանիշներու, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ մշակութային: Ժխտումը կը մեկնաբանեն հանգամանքներու հասունացումով: Չեն համարեր, որ ինքնութեան հարցը գաղափարական է: Համաձայն են, սակայն, հարցը քննարկելու նպատակային հոլովոյթի հարթակներու վրայ: Այս տեսակէտին կառչածներ համոզուած են, որ հայու ինքնութեան հարցը պէտք է քննարկուի ռազմավարական ու մարտավարական փոխազդեցութեանց վերլուծական արդիւնքներու հիմամբ:

Եզրափակելով իր զեկոյցը` Զաւէնը, շեշտը դրաւ ինքնութեան հարցի որակական տարբերութիւնները զատորոշելու եւ փոխըմբռնման մը յանգելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Ինքնութեան պահպանումը կենսական է: Անցեալին կարեւորութիւն կու տային անոր որակին, հիմա կ՛անտեսեն նաեւ քանակը: Կը թուի, որ ինքնութիւնը բազմատեսակ տագնապներու չի տոկար այլեւս եւ կը զիջի ձուլումի դիւրին ճամբուն: Ինքնութեան զիջումը կրակի հետ խաղալու պէս բան մը եղած է: Չարիքին արմատը` ինչպէս կ՛ըսենք յաճախ, երբ կ՛ուզենք բան մը աւելիով շեշտել:

Եզրակացութիւն. տրամաբանութեամբ մէկը քաջ չ՛ըլլար. հաւատք ալ կ՛ուզէ: Առանց հաւատքի` քաջութիւնը կը նսեմանայ: Այս հարցին մէջ,  սակայն, շատ տարբերակներ ալ չկան, ոչ ալ երկար¬բարակ ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութեան դաշտ մը գոյութիւն ունի:

Ասոնք հաճելի հարցականներ չեն, բայց այլեւս չենք կրնար խուսափիլ անոնցմէ, քանի այդ հարցերուն մենք բոլորս թէ՛ մօտ ենք, թէ՛ ալ` շատ հեռու…

10 Միլիոն Հայութիւն

Արցախցի մանկավարժ դասախօս Նելսոնը կանգ կ՛առնէ հայութեան ներկայի թիւին վրայ: Հառաչելով ու բարձր շեշտադրումով կ՛ըսէ` «Տաս միլիոն հայութի՜ւն»:

Կ՛արժէ նշել, որ այս թեզը նորութիւն է, եւ չէ՛: Վարկածը ախտաճանաչումն է 3 միլիոն հայութեան մայր հողին վրայ, 7 միլիոն ալ օտար` հիւրընկալ թէ ո՛չ հիւրընկալ հողերու վրայ:

Ըստ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պետական թուային տուեալներու, 1992-2016 1.700.000 հայեր անդարձ արտագաղթած են Հայաստանէն: Հայաստանէն արտագաղթողներուն համար Հայաստանը անցեա՞լ է արդեօք:

Նելսոնը թերահաւատութիւն, աւելի՛ն, բացարձակ անվստահութիւն արտայայտեց պաշտօնական վիճակագրական արձանագրութեանց դրսեւորումներուն վրայ, դիտել տալով, որ թուաքանակային այս անարժանահաւատութիւնը կու գայ խորհրդային կարգերու ժամանակներէն իբրեւ տխուր ժառանգութիւն մը, որ, նայած պարագային, կ՛որդեգրուի յետխորհրդային իշխանութիւններու մտայղացումներու իւրացումով:

Վերլուծեց, որ թիւի յաւելումներն ու նուազումները ընդհանրապէս կը կատարուին բարձրաձայն, կամ առնուազն` լռելեայն: Յաճախ ալ` կատարեալ լռութեամբ, նայած` նոյնինքն հարցի դերակատարութեան թեմաթիկ յատկանիշներուն, երբ բան մը կ՛ուզես գերադասել, կամ երբ բան մը կ՛ուզես քողարկել:

Նելսոնը հարց դրաւ, որ պէտք է վերլուծել ու եզրակացութեան մը յանգիլ այն իրողութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանուի համապատասխան այն վարկածը, երբ հայրենիքները բնակչութիւն կը կորսնցնեն անկախ երկիր ու պետութիւն դառնալէ ետք, եւ աւելի դիւրին կը դառնայ հայրենիք ազատագրելը, քան թէ` հայութիւնը իր հողին վրայ պահելը:

Եզրակացութիւն. Հայաստանի բնակչութեան թիւերը մեզի կու տան երկրի իրական պատկերը` անկախ այն իրողութենէն, որ անոնք պաշտօնապէս կը յայտարարուին կամ չեն յայտարարուիր:

Համալսարանական
Մտահոգութիւններ

Համալսարանական համակարգին մէջ մեծցած ու պաշտօնավարած փորձագէտ մը` Սուրէնը, լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց համալսարանի մուտքի քննութիւններու բաղդատական արդիւնքներու ամփոփումի լոյսին տակ: Ի յայտ եկած է, որ այս տարի մօտաւորապէս 60 առ հարիւր տոկոսով թափուր տեղեր մնացած են: Ըստ իրեն, ներկայի բացայայտուած տուեալներով, համալսարանը, համակարգի սեփական ու պետական իր հատուածներով, ունի շուրջ 20.000 նուազ տեղ: Համալսարան ընդունուած են 9000 դիմորդներ, ինչ որ կը պարզէ, թէ ընդհանուր թիւի կէսէն աւելին թափուր մնացած է: Նշեց, որ ուսանողներու քանակի նուազումը անբաւարարութեան լուրջ բարդութիւններ կը ստեղծէ համալսարաններուն համար: Մէկ խօսքով, աշակերտութեան թիւը 20.000-ով պակսած է:

Հայաստանի կրթադաստիարակչական համակարգը արկածախնդիր իրականութեան մը ենթակայ է համապատասխան ուսումնական մարտահրաւէրներու պարագայական առատութեան, նաեւ պակասին պատճառով: Կրթական փոփոխութիւնները կապուած են մարդու եւ ուսանողի անմիջական փոփոխութեանց հետ, ինչ որ ամէնէն դժուար բանն է:

Հայաստանի կրթութիւնը առնելիք ու տալիք բան ունի` նոյնինքն կրթական ռազմավարութեան պատշաճելու հարկադրանքով եւ իր դիմագրաւած խայտաբղէտ միջավայրին պատճառով:

Փորձագէտը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու աշակերտութիւնը 2017-2018 ուսումնական տարուան համար կառավարութեան յանձնարարութեամբ ձրի պիտի ստանան իրենց բոլոր դասագիրքերը, քանի անոնց ծախսերը պիտի հատուցուին կառավարութեան կողմէ:

Հայկական Անձնագիր

Համալսարանական «վերնատան» մասնակցող (յիշելու համար թումանեանական թիֆլիսեան փոխաբերական իմաստային գործածութիւնը) զանգեզուրցի կայքէջի լրագրող Նայիրան արծարծեց հայկական անձնագիրի զգացական «հեղինակութեան» պարագան: Ան խօսեցաւ իր կատարած մէկ ուսումնասիրութեան մասին` ընդգծելով, որ համաշխարհային առումով հայաստանեան անձնագիրը 68-րդ տեղը կը գրաւէ գործածական կարեւորութեան ու մաքսային արժանահաւատութեան տեսակէտէն:

Նայիրան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիացի քաղաքացիներու, որոնց կարգին նաեւ` հայերու, իրաւունք տրուած է անարգել, ընդամէնը 29 տարբեր երկիր այցելելու: Լրացուցիչ ըսաւ, որ Գերմանիոյ եւ Սինկափուրի անձնագիրները 158 երկիրներ ազատօրէն մուտք գործելու արտօնութեան իրաւունք ունին, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անձնագիրները` 127 երկիր:

Շարունակելով պարզել իր հետազօտութիւնը` լրագրողը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Միջազգային գաղթականներու կազմակերպութեան վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, կատարուած` 160 երկիրներու մէջ, 710 միլիոն մարդ յայտարարած է, որ իր երկրէն այլ տեղ գաղթել կը ցանկայ: Այս թիւէն 66 միլիոնը ծրագրած է արդէն 2018-ին գաղթել, իսկ 23 միլիոնն ալ գաղթելու նախապատրաստական աշխատանք կը տանի:

Հետաքրքրական է, որ Թուրքիա գաղթել ուզողները գաղթականական այս ցանկին 15-րդ կարգի վրայ կը գտնուին, իսկ Ազրպէյճան գաղթելու փափաք յայտնած չէ բացարձակապէս ո՛եւէ մէկը:

Եզրափակեց իր խօսքը` թեթեւ հեգնական ժպիտ մը շուրթերուն վրայ:

¬ Անշուշտ յայտնի չէ, թէ անոնք, որոնք կ՛ուզեն Թուրքիա գաղթել, անկէ ետք դէպի ո՛ւր կ՛ուզեն ճամբորդել…

Եզրափակելով` ան նշեց, որ հայաստանեան անձնագիրը անհրաժեշտ չէ, որ մէկը հայ զգայ, ոչ ալ անձնագիրը կորսուած հայը կը վերադարձնէ իր ազգային ակունքներուն, կամ` հայկական ապրումներուն ու զգացումներուն:

Անձնագիրը նաեւ հայու ինքնութեան կամ ինքնահաստատման նուաճում կարելի չէ համարել, որեւէ պարագայի:

Եզրափակելով` նշեց նաեւ, որ հայկական անձնագիրի տիրանալ ուզող հայը կը քաջալերուի դեսպանատուներու անձնակազմի դիմումէն, որ կ՛արժէ 2 եւրօ, բայց այդ տետրին տիրանալու համար Հայաստանի մէջ կը վճարէ 150 եւրօ, հայաստանեան համապատասխան հաստատութեան` «ՕՎԻՐ»-ին: Գումարը մեծ չէ, բայց տրուած խոստումին ու յանձնառութեան բարոյական վնասը մեծ է:

Այս աշխատանքին համադրումը` համադրումի պէտք ունի, չյիշելու համար սկիզբի օրերը, երբ անձնագիրի տիրանալու համար 1000 տոլար կը պահանջուէր իւրաքանչիւր հայրենասէր սփիւռքահայէ:

Լաւ կ՛ըլլայ, որ պահպանենք անձնագիրի ազգային, քաղաքական, զգացական ու բարոյական արժէքը, դիտել տուաւ Նայիրան` քիչ մը տրտմած շեշտով:

Որպէսզի հայը չվախնայ հայ ըլլալէ…

Անձնասպանութիւնները
Չեն Պակսիր

Բժշկութեան ուսանող Սերգէյը, ծանրացաւ ընկերային առաջնահերթ ու սիրտ ճմլող հարցի մը վրայ, որ այլապէս կապուած է իր ուսման ու մասնագիտութեան մարզին հետ, այն է, որ ընթացիկ տարուան յուլիս ամսու ընթացքին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի տուեալներու հիմամբ, 2017-ի առաջին 7 ամիսներու ժամանակամիջոցին Հայաստանի մէջ 90 հոգի անձնասպան եղած է:

Սերգէյ բաղդատական մը կատարելով` նշեց, որ նոյն ամիսներուն նախորդ տարուան զոհերու թիւը 85 էր:

Անձնասպանութեան դիմած քաղաքացիները մեծ մասով իրենց կեանքին վերջ տուած են բնակարաններու թէ առանձնատուներու մէջ, ուրիշներ նետուած են բարձր շէնքերէ, մաս մըն ալ` բարձր կամուրջներէ:

Հայաստանի մէջ անձնասպանութիւնը անուն ունի: Կարգ մը պարագաներու` մականուն ալ ունի, քանի կեանքը մեր ներկան ու ապագան է առաջին ու վերջին հայուն համար ալ, մանաւանդ երբ կը պատահի պատերազմի ճակատէն դուրս:

Երբ երկրի մը բնակիչները անձնասպանութեան կը դիմեն, այդ երկրի բարոյական արժէքը կը ստորագնահատուի, կը նսեմանայ, երկրի ապագայի հակակշիռը, հաշուեկշիռը, համանման զուգակշիռը կը խախտի, կը կորսուի, մտածող ու զգացող հաւաքականութիւնները կ՛անէանան, գաղափարական, դասակարգային տարբերութիւնները կը մրցին իրարու հետ, մանաւանդ` իրարու դէմ:

Այս երկրին մէջ Աստուծմէ ղրկուած փրկարարներ չկա՞ն, եզրափակեց ուսանող բժիշկ Սերգէյը հիասթափեցնող դառն շեշտով մը:

(Շար. 2)


Նամականի

0
0

Յ. ԱՍՊԵՏ

Յարգելի՛ տեարք,

Յարգելի պատճառներու բերումով ուշացումով կը գրեմ այս նամակը, որուն համար կը խնդրեմ ձեր ներողամտութիւնը:

Շուրջ ամիս մը առաջ ուրախութեամբ ունկնդրեցի «Վանայ ձայն»-ի նոր յայտագիրներու ներկայացման մասին: Սակայն յուսախաբութիւնս մեծ եղաւ, երբ պատահաբար ունկնդրեցի «Տարիներ առաջ» յայտագիրի շարքին առաջինը` նուիրուած երբեմնի հայաշատ Էշրեֆիէ թաղամասի ստեղծման ու անոր անցեալի ազգային կազմակերպական կեանքին:

Յայտնապէս յայտագիրը պատրաստողներն ու ներկայացողները հարկ եղած բծախնդրութեամբ չէին մօտեցած լիբանանահայ կեանքին մէջ Էշրեֆիէի ունեցած նպաստը լաւագոյնս ուսումնասիրելու եւ ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ` թաղի կազմակերպական կեանքի փուլերը նշող թուականներուն ու հոն գործած ազգայիններու անուններուն ճշգրտութեան:

Բացի ընկեր Յարութիւն Վարժապետեանէն, որ տարիքի բերումով արտայայտուելու դժուարութիւն ունէր, Էշրեֆիէ թաղը ու անոր ազգային կեանքը հանրութեան եւ յատկապէս նոր սերունդին, ինչ որ սոյն յայտագիրին նպատակն ու մեկնակէտն է, լաւագոյնս, ամբողջական ու ճշգրիտ կերպով ներկայացնելու համար հարկ էր դիմել որոշ պատրաստութիւն ունեցող եւ անցեալին թաղին մէջ դերակատար եղած ազգայիններու, ինչպէս` Տիգի Չպուքճեան-Թորիկեան, Պայծառ Արզումանեան- Գարագաշեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Յարութիւն Չեքիճեան եւ ուրիշներ, հոգ չէ թէ անոնք ներկայիս Էշրեֆիէ չեն բնակիր:

Էշրեֆիէի նուիրուած հաղորդումը պէտք էր ամէնէն դիւրինն ու ամբողջականը ըլլար, որովհետեւ թաղի ազգայիններէն Հայկազուն Եափուճեանը եւ Սուրէն Անթոյեանը իրենց յուշերուն մէջ, որոնք հրատարակուած եւ վերահրատարակուած են վերջին հնգամեակին, լայնօրէն անդրադարձած են Էշրեֆիէի կազմութեան ու կազմակերպական կեանքին: Անոնց կողքին, յիսունական թուականներէն սկսեալ Էշրեֆիէի ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներու գործունէութեանց մասին Հայկազուն Եափուճեանը եւ «Ազդակ»-ի անձնակազմէն Էշրեֆիէի բնակիչ Հրազդանը` մնայուն կերպով «Ազդակ»-ին ուղարկած են յատուկ թղթակցութիւններ, որոնք յաճախ կը վերահրատարակուին թերթին «50 տարի առաջ» բաժնին մէջ:

Հանրութիւնը եւ յատկապէս նոր սերունդը լուսաբանելու եւ տեղեկացնելու համար արժէ Էշրեֆիէի պատմական արագ նշումը կատարել:

Էշրեֆիէի հայաբնակ շրջանը սկսած է կառուցուիլ Ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին` 1924-էն սկսեալ, երբ Ազգերու դաշնակցութեան նիւթական օժանդակութեամբ կը սկսին բնակարաններ կառուցել հայ գաղթականներուն տրամադրելու համար: Թաղամաս, որ հետագային կը կոչուի «Ճերմակ տուներ»:

Շինարարական այս ծրագիրը պատճառ կ՛ըլլայ, որ հայ ընտանիքներ գան ու Էշրեֆիէ հաստատուին:

Հայկական Էշրեֆիէի հիմնադրութեան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերած են` տոքթ. Տաճատ Սրապեանը, Ենովք Եսայեանը, Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեանը, Յակոբ եւ Գրիգոր Յակոբեանները, Գառնիկ Ուղուրլեանը, Վահան Մելիքեանը, Վահրամ Քէօրօղլեանը եւ ուրիշներ:

Յաջորդաբար Էշրեֆիէ` ներկայի «Ազատամարտ» ակումբին ետեւ, որ կը կոչուէր «Բաղնիքի բակ», կու գան հաստատուիլ արաբկիրցի հայրենակիցներ, յատկապէս Բախտիկեան, Ազնաւորեան, Չպուքճեան, Աւագեան, Վարժապետեան ընտանիքները:

1924-ին Յիսուսեան հայրերու նախաձեռնութեամբ հիմը կը դրուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին: Դպրոցի վերջին հայ տնօրէնը կ՛ըլլայ հայր Սահակ Քէշիշեանը:

Հայ աւետարանական ժողովարանն ու դպրոցը կը հաստատուին 1926-ին` վերապատուելի Ենովք Հատիտեանին ջանքերով: Երկար տարիներ հոն կը գործեն նաեւ վերապատուելիներ` Սալիպեանը եւ Յակոբ Սաղըրեանը:

1926-1927 թուականներուն հայ առաքելական համայնքն ալ Ֆրանսական հոգատարութենէն կը գնէ ներկայի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ կից դպրոցին հողաշերտը, ուր կառուցուած կային Ֆրանսական բանակի տախտակաշէն հիւղակները:

Էշրեֆիէի նախապէս Եփրեմեան վարժարանին հիմնադիրները եղած են Յովհաննէս եւ Արտեմիս Մանուկեանները, ապա ժամանակ մը` Արշակ Յովհաննէսեանը, հուսկ, 1938-էն սկսեալ, Ղազար Չարըքը, որ իբրեւ տնօրէն կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1961:

Դպրոցին առաջին յարկը կը կառուցուի 1948-ին` Ազգային քաղաքական ժողովի յատկացումով եւ թաղեցիներու նուիրատուութեամբ: Երկրորդ յարկի շինութեան նուիրատուն կ՛ըլլայ թաղի ազգայիններէն Վահան Ղորղորեանը, ապա ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանին նուիրատուութեամբ կը կառուցուի դպրոցին նոր շէնքը, եւ կը գնուի դպրոցին կից հողաշերտը:

Էշրեֆիէի ազգային վարժարանին մէջ պաշտօնավարած են ծանօթ կրթական մշակներ`  Միհրան Խրիմեանը, Կարապետ Թաթուլեանը, Բերկրուհի Առաքելեանը, Օլիվիա Պալեանը, Հայկազուն Թրթռեանը:

Դպրոցին առընթեր թիթեղաշէն կառոյցներէն մէկը իբրեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի կը գործածուի մինչեւ 1955, երբ լիբանանահայ ազգային Յակոբ Ապաճեանին նուիրատւութեամբ կը կառուցուի այժմու եկեղեցին, որ ի յիշատակ նուիրատուին` կը կոչուի Ս. Յակոբ:

Էշրեֆիէի մէջ քահանայական ծառայութիւն մատուցած են` Յուսիկ քհնյ. Այանեանը, Խորէն քհնյ. Աճեմեանը, Գէորգ քհնյ. Տէր Յարութիւնեանը, Վրթանէս քհնյ. Թոնդեանը եւ ուրիշներ: Իսկ երկար տարիներ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի թաղական խորհուրդներուն մաս կազմած են` Գրիգոր Առաքելեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, Կարպիս Պախտիարեանը, Յովհաննէս Չպուքճեանը, Եսայի Գայսերեանը, տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանը, Սարգիս Սարգիսեանը եւ ուրիշներ:

Շրջանի կուսակցական կեանքը կը սկսի 1930-ին: Հայաշէնն ու Էշրեֆիէն կը կազմեն մէկ կոմիտէութիւն, որ կը կոչուէր «Ռոստոմ»: 1935-ին շարքերու թիւի յաւելումով, Էշրեֆիէն Հայաշէնէն բաժնուելով, կը կազմէ զատ կոմիտէութիւն, որ ի յիշատակ շրջանի հերթապահ Մամբրէ Պալաքեանին (Մամբրէ Պալաքեան շրջանի պատանիները Նահր Քելպ պտոյտի կը տանի եւ գետը լողացած ատեն խեղդամահ կ՛ըլլայ)` կը կոչուի «Պալաքեան» կոմիտէութիւն:

Էշրեֆիէի ՀՅԴ կուսակցական կեանքի կազմակերպման իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են` Սուրէն Անթոյեանը, Վահան Պալեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, Ստեփան Հայթայեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Սարգիս Բախտիկեանը, Սուրէն Թրթռեանը, Հայկազ Թրթռեանը, Մանուէլ Սեմերճեանը, Գէորգ Կիւրկրնեանը եւ ուրիշներ: Իսկ շրջանի «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան վարիչներ եղած են` Հայկազուն Եափուճեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Յարութիւն Վարժապետեանը, Պետրոս Փելթեքեանը, Հայկազ Թրթռեանը:

Սկզբնական շրջանին ակումբը գտնուած է դպրոցի նոր շէնքին դիմացի կողմը, մայր ճամբուն վրայ: 1951-ին է, որ շրջանը կը նախաձեռնէ ներկայի «Ազատամարտ» ակումբի շինութեան` շրջանի ազգայիններէն հանգանակութիւն կատարելով, որուն կը նպաստէ ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեանը, որ ի յիշատակ իր եղբօր` Միհրան Տէր Մելքոնեանին, կարեւոր նուիրատուութեամբ հիմը կը դնէ ԼՕԽ-ի «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատան` նպաստելով ակումբի շինութեան: Դարմանատան բժիշկը եղած է Ֆրանսուա Խըրլաքեանը, որ մեծ զոհողութեամբ երկար տարիներ դարմանած է թաղի չքաւոր ընտանիքները: 1967-ին շրջանի նիւթապէս համեստ ազգայիններէն Պիմէն Խընտամեանին 15.000 լ. ո. նուիրատուութեամբ կը կառուցուի երրորդ յարկը` սկաուտներուն տրամադրուելու համար:

Էշրեֆիէի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը հիմնուած է 1930-ին: Հիմնադիրները եղած են` երէցկին Սառա Աճեմեանը, Միրէյ Աւագեանը, Լուսին Մերթիխանեանը: Երկար տարիներ ԼՕԽ-ի վարչական եղած են` Հանըմի Եղիայեանը, Սաթենիկ Եափուճեանը, Շաքէ Պախտիարեանը, Բերկրուհի Առաքելեանը, Օլիվիա Պալեանը, Գայեանէ Բարմաքսզեանը, Արփի Գազանճեանը, Պայծառ Մանուկեանը եւ ուրիշներ:

Էշրեֆիէի հիմնադրութեան օրերէն իսկ շրջանը միշտ ալ ունեցած է մշակութային բեղուն գործունէութիւն` հրապարակային դասախօսութիւններով թէ թատերական ձեռնարկներով: Տակաւին 1938-1944 տարիներուն Հայկազուն Եափուճեանը, Ժորժ Սարգիսեանը, Ժորժ Շահապեանը թատերական ելոյթներ կազմակերպած են եկեղեցւոյ մէջ: Հետագային Ժորժ Սարգիսեանը, Ժորժ Շահապեանը եւ աւելի ուշ Ժաք Լուսարարեանը, Կարօ Խաչատուրեանը, Պայծառ Արզումանեանը եւ Մարօ Սարգիսեանը մաս կազմած են Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին:

Շրջանի ժողովուրդի հայեցի դաստիարակութեան եւ գաղափարական կազմաւորման մէջ կարեւոր դեր ունեցած է «Ազատամարտ» ակումբի գրադարանը` Րաֆֆի Պէրպէրեանի մղումով եւ ղեկավարութեամբ երկար տարիներ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրելով հայ եւ հայերէնի թարգմանուած միջազգային գրականութեան հատընտիրներ` շուրջ 3000 հատոր: Գրադարան այցելողներուն նաեւ կը տրամադրուէր դաշնակցական մամուլը` օրաթերթեր եւ ամսաթերթեր: Էշրեֆիէի մէջ կը հրատարակուէին նաեւ երկու շաբաթաթերթեր` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը` Հրաչ Քաջարենցի խմբագրութեամբ, եւ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը` Մանուէլ եւ Կարպիս Գազանճեաններու խմբագրութեամբ:

«Ազատամարտ» ակումբի շինութիւնը կը խթանէ նաեւ շրջանի մշակութային կեանքը: Քեմաչիստ Ռուբէն իր նուագարանով, Անայիս-Լուիզա Եղիայեան-Պօզապալեան, Արփինէ Փեհլիւանեան, Սօսի Մինասեան երգերով, Սոնա Ալտըրմշեան ասմունքով կը ճոխացնեն ակումբէն ներս կազմակերպուած հանդիսութիւնները:

1953-ին կը հիմնուի շրջանի Համազգայինի մասնաճիւղը, որուն հիմնադիր անդամները կ՛ըլլան` Բիւզանդ Այնթապլեանը, Վռամ Սամուէլեանը, Գէորգ Պաղճեանը (Վազգէն Այգունի), Լուսին Փանոսեանը, Հանըմի Եղիայեանը, փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Հայկազուն Եափուճեանը, Սուրէն Անթոյեանը եւ Սարգիս Պէրպէրեանը:

1956-ին, Էշրէֆիէի Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեանները հիմը կը դնեն «Քնար» երգի եւ պարի համոյթին, որ հիմնական դեր կ`ունենայ ո՛չ միայն շրջանի, այլ նաեւ` Լիբանանի գաղութի հայ պարարուեստի բնագաւառի զարգացման մէջ:

Տէր եւ տիկին Աբրահամեաններուն կողքին,  «Քնար» համոյթի յառաջընթացին մէջ իրենց կարեւոր նպաստը  կ՛ունենան` Ժիրայր Միսիրեանը, Րաֆֆի Պէրպէրեանը, Սարգիս Պէրպէրեանը, տէր եւ տիկին Գրիգոր Սրապեանները եւ ուրիշներ:

1962-1963 տարիներուն, հայ երիտասարդութիւնը օտար եւ թրքական երաժշտութեան ազդեցութենէն դուրս բերելու մտահոգութեամբ, ակումբի վարչութիւնը կը նախաձեռնէ «Ժամը 6:00-ի թատրոն»-ի կազմակերպութեան` հայ երգիչներու եւ նուագախումբերու մասնակցութեամբ: Լեւոն Գաթըրճեան, Ատիս Հարմանտեան, Էտի Քէվ, Արա Քեքեճեան, ինչպէս նաեւ` տասնեակ մը նուագախումբեր, որոնց շարքին Տը Ֆայվ Ֆինկըրզ եւ Լէ Լիւնէթ Նուար իրենց ելոյթներով կը գրաւեն լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` անոնց սիրել  տալով հայ երգը:

Էշրեֆիէն ունեցած է նաեւ մարզական բեղուն կեանք մը: Աշխուժ եղած է մանաւանդ շրջանի սկաուտական խումբը, որ իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Բ. գործած է 1946-էն սկսեալ: Յակոբ (Ճանիկ) եւ Յովհաննէս Ոսկերիչեանը, Յակոբ Կարապետեանը (աքելլա), Յարութիւն Վարժապետեանը, Խաժակ եւ Ժիրայր Սարգիսեանները եւ Յարութիւն Չեքիճեանը կարեւոր դեր ունեցած են շրջանի երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին շուրջ համախմբելու մէջ:

Շրջանէն մեծ թիւով երիտասարդներ մաս կազմած են ՀՄԸՄ-ի խումբերուն` զանազան մարզաձեւերու մէջ եւ հանդիսացած են Լիբանանի ախոյեաններ: Գէորգ Լեհիճեանը` ծանրաբարձութեան արաբական աշխարհի ախոյեան, Մուշեղ Այվազեանը, Յակոբ Պոյաճեանը (մարզիչ), Արփի Արզումանեանը` պասքեթպոլ, Ազատ Գալայճեանը (հեծելարշաւի Լիբանանի երկար տարիներու ախոյեան), Ժաք Նալչայեանը, Երջանիկ Վարդիվառեանը եւ շատ ուրիշներ` հեծելարշաւ, Յովհաննէս Նազարեանը (Կիւլիւմ), Արիս Մարզումանեանը` ֆութպոլ:

Էշրեֆիէի ազգային բեղուն կեանքը կը կազմէ կարեւոր մէկ օղակը լիբանանահայ ազգային կեանքին, որ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ կարեւորագոյն գաղութը` Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի ազգային կառոյցներու կազմակերպման, հայեցի դաստիարակութեան ու հայապահպանման գծով իր ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ ազգային-քաղաքական մտածողութեան վերածնունդի խթանման համար:

Արդ, հարկ է, որ «Տարիներ առաջ» յայտագիրը պատրաստող խմբակը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ Լիբանանի հայկական թաղերու անցեալի կեանքը պատկերացնող ձայնասփռումներու պատրաստութեան ընթացքին` աւելի խորանալով իր տեղեկահաւաքման մէջ, շրջաններու ամբողջական պատկերը ունկնդիր հասարակութեան լաւագոյնս կարենալ ներկայացնելու համար:

Այս աշխատանքի ըստ կարելիութեան ամբողջական ու համապարփակ կատարումը կրնայ իբրեւ արխիւային տուեալ ծառայել ապագայ պատմաբան ակադեմականներուն, որոնք կ՛ուզեն ուսումնասիրել լիբանանահայ գաղութի պատմութիւնը:

Վերոնշեալ աշխատանքին համար «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կարգ մը աշխատակիցներ կրնան իրենց օգտակար աջակցութիւնը ցուցաբերել թէ՛ արխիւային նիւթեր հաւաքելու, եւ թէ խմբագրելու մէջ:

Անցեալի պատմական տուեալներու հաւաքման կողքին կարեւոր է նաեւ հաւաքել, համախմբել եւ  դասաւորել թաղեցիներու պարագաներուն ու այդ թաղամասերու եկեղեցական, կրթական, կուսակցական, միութենական կառոյցներուն քով գտնուող եւ շրջաններու ազգային կեանքին դրսեւորումը հանդիսացող նկարներ, պրոշիւրներ, յայտագիրներ, տոմսեր, հրաւիրագիրներ, տեղեկատուներ, տեղեկագիրներ եւ այլ հրատարակութիւններ, զանոնք մէկտեղել «Ազդակ»-ի յարկին տակ, ուր արդէն կը գործէ թուայնացման յատուկ գրասենեակ մը, կամ` մեր մշակութային հաստատութիւններէն մէկուն արխիւատան մէջ:

Այս աշխատանքի տնօրինումը վստահիլ պատմագիտական, խմբագրական եւ հրատարակչական փորձառութեան տէր ու ազգային կեանքին մէջ դերակատար եղած անձերէ բաղկացած յանձնախումբի մը: Ակնկալելի է, որ պատկան մարմինները` Ազգային առաջնորդարան, Ուսումնական խորհուրդ, թերթերու խմբագրութիւններ, միութենական կառոյցներ եւ հաստատութիւններ կը կարեւորեն ու կը համադրեն մեր գաղութին համար յոյժ կարեւոր նման նախաձեռնութիւն մը:

 

 

 

Իրանին Ու Ռուսաստանին Հաւաստիանալու Պաքուի Հարկադրանքը…

0
0

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Օրերս Ազրպէյճանում գործարկուեց Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգիծը, որը Պաքուի իշխանաւորների կողմից բնութագրւում է որպէս այլընտրանք` դէպի Եւրոպա տանող ռուսական տարանցիկ նախագծերի:

Այսօր, սակայն, Թեհրանում երեւի այդ եւ նմանօրինակ տարանցիկ նախագծերի շուրջ Պաքուի իշխանաւորը յատկապէս Ռուսաստանի նախագահի հետ սակարկումների ընթացքում ինքնարդարացման հիմնաւոր պատճառների փնտռտուքներով է տառապելու:

Պաքուի միապետը յատկապէս թեհրանեան նիստի  հիւրընկալ կողմին` Իրանին վստահութիւն ներշնչելու պարտաւորութիւն ունի, քանզի նոյն տարանցիկ թէ ուժանիւթային նախագծերի գործարկման հաշուին,  փաստացիօրէն ներգրաւուած է պահում Իրանի ռազմավարական հակառակորդ ու թշնամի երկրին` Իսրայէլին: Չէ՞ որ ոչ ոքու համար գաղտնիք չէ` նոյն Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթգծով ու ապագայի Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղով Իսրայէլին ուժանիւթով ապահովագրումը` նոյնինքն  Ազրպէյճանի կողմից:

Թեհրանեան եռակողմ հանդիպմանը Պաքուն Ռուսաստանին ու յատկապէս Իրանին հաւաստիքներ տալու պատասխանատւութեան ու հարկադրանքի տակ է գտնւում: Իսկ տնտեսական ուժանիւթային ու տարանցիկ ուղիների գործարկման երաշխիքը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` խնդրոյ առարկայ տարածաշրջանում քաղաքական կայունութիւնն ու խաղաղութեան ապահովութիւնը, որից, մեղմ ասած, Պաքուն խորշում է ըստ ամենայնի, արցախեան հիմնահարցում մշտապէս նախայարձակի պահուածք դրսեւորելով ու այդկերպ` տարածաշրջանային խաղաղութեանը սպառնալիք հանդիսանալով:

Ահաւասիկ,

Թուրք-ազրպէյճանական համատեղ շահերի համապատկերում ու նաւթատոլարների հաշուին նոր երկաթգծերի շահագործումն ու տարածաշրջանային մակարդակով տարանցիկ-ուժանիւթ գործընկերների կարգավիճակի մէջ գտնուելու Պաքուի ջանքերը լոկ նմանակութիւններ են 2018 թուականի նախագահական «ընտրութիւններում» ալիեւեան ընտանիքի յաղթանակն ապահովելու նպատակով: Իսկ այդ նպատակին հասնելու համար վերջիններս մշտապէս սեփականաշնորհում են ներքին թէ՛ արտաքին տնտեսա-քաղաքական բոլոր պաշարները շահագործելու իրաւունքը…

 

 

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մետաքսի Ճամբա՞յ, Թէ՞ Համաթուրանական Ճեպընթաց

0
0

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին մտայղացումը աշխարհի տէ ֆաքթօ մեծ պետութեան` Չինաստանի առաջարկն էր: Աշխարհագրականօրէն այդ տարածաշրջանէն հեռու Փեքինը, իր տնտեսական ներկայութիւնը յաւելեալ կերպով զօրացնելու համար շտապ հասանելի ճամբաներու կարիքն ունէր: Բնականաբար տարածաշրջանին մէջ այդպիսի չինական մտայղացում Անգարայի եւ յատկապէս Պաքուի ախորժակը պիտի բանար, որոնք շուտով գործի լծուեցան ու իրագործեցին այս մտայղացումը: Անշուշտ անոնք ալ իրենց հաշիւներն ունէին եւ ըստ այնմ կառուցեցին աւելի երկար ուղի մը` նկատի ունենալով, որ աւելի կարճը, որ Հայաստանէն կ՛անցնէր, խոչընդոտներ պիտի ստեղծէր:

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հոկտեմբեր 30-ին, ներկայութեամբ հիւրընկալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ յատուկ հրաւէրներ յղած էր թէ՛ գործակից եւ թէ՛ գաղափարակից երկիրներուն: Այս հրաւէրին ընդառաջած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը, Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլին, Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլա Արիփովն ու Ղազախստանի վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւը:

Հանդիսաւոր էր բացման արարողութիւնը, ուր մասնակից երկիրներուն դրօշակները կը ծածանէին անդրանիկ ճեպընթացին վրայ:

Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը անգամ մը եւս շրջանին մէջ ղեկավարութիւն ներշնչող, սուլթանամէտ արտայայտութիւն մը ունեցաւ, որ`  21-րդ դարու նորաստեղծ այս Մետաքսի ճամբան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխիք մըն է:

Յստակ է, թէ ճամբորդէ եւ զբօսաշրջիկէ աւելի` ապրանքի փոխադրութիւնն է, որ 826 քմ (513 մղոն) երկարութիւն ունեցող այս երկաթուղային առիւծի բաժինը պիտի խլէ: Առաջին տարեշրջանին համար կը նախատեսուի մէկ միլիոն ճամբորդ եւ …6,5 միլիոն թոն ապրանք:

Բնականաբար այս երկաթուղին ունի իր քաղաքական պատգամը, յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որուն շրջափակումն է որ կը շարունակուի, մանաւանդ երբ գոյութիւն ունի Թիֆլիս-Գիւմրի-Կարս տարբերակը:

Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ շրջանցելով Հայաստանի սահմանները, այս երկաթուղին, Վրաստանի տարածաշրջանին մէջ կ՛անցնի հայաբնակ  Ջաւախքի շրջաններէն, որոնք արդէն իսկ ուղղակիօրէն ազդուած էին քանի մը տարիէ ի վեր կատարուած երկաթուղիի շինարարական աշխատանքներուն պատճառով: Տեղացի վրացիներ ալ սկսած էին մտահոգուիլ, մանաւանդ որ թուրք մցխեթներ սկսած էին հաստատուիլ շրջանին մէջ:

Տեղին է հարցադրել` մետաքսի ճամբա՞յ, թէ՞ համաթուրանական ճեպընթաց:

Իսկ այլ հարցադրում մըն ալ տեղին է կատարելը. վերջերս Անգարայի հետ սիրաբանող Մոսկուան ալ հեռու կը մնայ եկամուտ ապահովող այս տնտեսական հաշիւներէն: Նորաստեղծ ուղին փաստօրէն կը դիւրացնէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, ինչպէս եւ Չինաստանի ու Եւրոպայի միջեւ ապրանքներու փոխադրութիւնն ու առեւտուրը` առանց օգտագործելու Ռուսիոյ լայնատարած սահմանները:

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Երաժշտական Թռիչքով

Երեւանի երաժշտանոցի ուսանող-ջութակահար Մարիամը իր հպարտութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ռուսական «Աէրոֆլոթ» ազգային օդանաւային ընկերութեան օդանաւերէն մէկը` «Պոյինկ 777», կոչուած է հայ համբաւաւոր երաժիշտ – յօրինող Առնօ Բաբաջանեանի անունով, տաղանդաւոր հայու յիշատակը անմահացնելու նպատակով:

Մարիամը գոհունակութեամբ յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը, Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութեան համապատասխան մարմինին գործակցութեամբ, մօտերս պիտի իրագործէ Հայաստան ¬ Չինաստան ուղղակի թռիչքներու պաշտօնական ծրագիր:

Բայց Մարիամի` հայու հպարտութեան թռիչքը հոս կանգ չ՛առներ, քանի իր ազգականներէն մէկուն օդաչու ըլլալու հանգամանքին բերումով, յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ համագումարեալ ու շահագրգիռ ներկաներուն` պատմելով, որ վերջերս Պոլսէն դէպի բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական բաժինը թռիչք իրագործող «Աթլաս կլոպալ» ընկերութեան մէկ օդանաւը տեղատարափ անձրեւի, խոշոր կարկուտի ու ահաւոր մրրիկի բռնուելով` օդին մէջ լուրջ վնասի ենթարկուած է, օդանաւին ապակիները փշրուած են եւ 121 ճամբորդները ահ ու սարսափի պահեր ապրած են:

Կայծակնահար օդանաւի օդաչուն Ալեքսանտր Յակոբով անունով հայ մըն էր, Ուքրանիոյ քաղաքացի: Հայազգի օդաչուն, թռիչքի վերադարձին, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Պորոշենքոյին կողմէ պարգեւատրուեցաւ երկրի «Արիութիւն» մետալով:

Ահա՛ տարբեր ոլորտներու ցոլացումը արտայայտող օրինակներ` հայութիւն, հայկականութիւն դրսեւորելու, անոնցմով հպարտանալու, որոնք կը դրսեւորուին ամէն առիթով, մեծ թէ փոքր յաղթանակի, զուսպ թէ ուռճացած հռետորութեամբ, հայու անփոխարինելի վիպապաշտութիւնը արտայայտելու համար:

Թերեւս այս ալ տարաբնոյթ ազդեցութիւն բանեցնող այլ ձեւ մըն է` թաքնուած հայկական չյագեցած ապրումի մը տարբերակը որոնելու, զանազանելու, հոգեկան երաշխիքի մը պատմուճանին տակ խորքային ու չդրսեւորուած հայկականութիւն մը մեկնաբանելու յոյսով:

Իւրաքանչիւր մարդու նկարագիրն ալ, կարծես, կը ձեւաւորուի ժամանակակից արհեստագիտութեան զարգացումներու եւ ազդեցութիւններու անսպառ աղբիւրէն:

Բաղդատականը հետաքրքրական է, քանի հայը,  քիչ մը ամէն տեղ, ինքզինքին համար դրական կարծիք ունի, որովհետեւ իր ժամանակի արհեստագիտութեան հետ անմիջականօրէն յառաջադէմ ու ստեղծարար տեսակէտ ու կեցուածք կը դրսեւորէ, ընդհանրապէս` մեծ դիւրութեամբ:

Հիմա, ի՜նչ ըսենք, պատահական չէ, որ Հայաստանը դէպի դուրս տաղանդներ կը պատուաստէ համամարդկային արժէքներու չափանիշները իր արժեչափերուն ներդաշնակելու եւ իր զարգացող նոր պայմաններուն պատշաճեցնելու համար: Մխիթարական խոստումնե՜ր:

Կը նշեմ այս բոլորը պարզ ոճով ու ամենայն ազնուութեամբ, որպէսզի աւելի բարդ ու խրթին վերլուծումներու չթափանցեմ ու անոնց ոլորապտոյտին մէջ չկորսուիմ:

Ճիշդ է, որ մարդկային գիտութեան տարբեր ու տարբեր մասնագիտութիւններ կան, որ կ՛ուսումնասիրեն կեանքը տարբերակուած անկիւններէ` իր բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ իւրայատկութիւններով, հանգրուաններով ու մասնագիտացած չափանիշներով:

Այվազովսքիի Յուշադրամը

Օտար լեզուներու թարգմանիչ Նուէրը, որուն ընտանիքը արտագնայ աշխատանքի պատճառով Ուքրանիա կը գտնուի, հայավարի ոգեւորութեամբ պատմեց, թէ իր ծնողքէն տեղեկացած է, որ Ուքրանիոյ Ազգային դրամատունը վերջերս շրջանառութեան դրած է աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200¬ամեակին նուիրուած նամականիշ ¬ յուշադրամ մը` «Ուքրանիոյ երեւելի անձերու» շարքի ծիրէն ներս:

Յաւելեալ տեղեկացուց, որ այս տարի Ուքրանիոյ մեծագոյն թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին հայազգի ծովանկարիչին ծանօթ ու մեծ համբաւի տիրացած շարք մը ծովանկարներ: Աւելի՛ն. երկրին մէջ Այվազովսքիի յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական բազմատեսակ ելոյթներ ու ձեռնարկներ կը կազմակերպուին:

Նուէրը վերոյիշեալ ուրախ տուեալները հաղորդելէ ետք, նշեց, որ քանի մը ամիս առաջ Փարիզի մէջ կայացած «Հայաստանի արուեստը» աճուրդի մը ընթացքին վաճառքի հանուած է Այվազովսքիի «Հայերու ջարդը Մարմարայի ծովուն վրայ» 1886 թուականի ստեղծագործութիւնը, եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք անոր հարազատ վայրը Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը չէ՞, եւ թէ` Հայաստանի իշխանութիւնները այդ պաստառին համար պահանջուած 200.000 եւրոն չէի՞ն կրնար ապահովել` առնուազն դիմելով քանի մը մեծահարուստ հայերու, կամ բարերարներու օգնութեան, որպէսզի այս ստեղծագործութիւնն ալ օտար հաւաքածոներու մաս կազմելու փորձութենէն զերծ կացուցուի:

Քիչ թէ շատ հայը կը յատկանշուի փոխադարձ վստահութեան պակասով, եւ իր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն վերջնական արդիւնքը ընդհանրապէս դժուար կը չափուի, չըսելու համար` անհակակշռելի համեմատութիւններով:

Պահու մը, երբ հնագէտ, թէ հնագիտական գործերով պարապող հայեր, Լոնտոնի, Փարիզի, Յունաստանի, Ամերիկայի, մանաւանդ Պոլսոյ մէջ թէ այլուր, գուրգուրանքով հայկական հնագիտական իրեր կը գնեն ու Հայաստանի թանգարաններուն կը նուիրեն, ուրիշներ ալ մեր հնամենի պատմութենէն հարստանալ կը հետապնդեն` նոյնիսկ թուրքերուն վաճառելով մեր աւանդական պատմութեան անգտանելի գեղօններ:

Մարդկային արժէքներու բաղադրութեամբ խաղալը դժուար, միաժամանակ դիւրին բան է կ՛երեւի:

Պատմութեան մէջ հայը միշտ քանի մը տեսակ եղած է, այս շարժուն ու յարափոփոխ աշխարհի քաղաքական քաղաքակրթութեան հետ կապեր ունենալով, կամ` չունենալով, երբ յատկապէս կ՛ինքնասնուցուի իր ապրումներով, մերթ սպիտակ, մերթ սեւ, մերթ բնորոշիչ` իր ծագումին:

Մարդիկ կան, որոնք կարճ ժամանակամիջոցի մէջ շատ լաւ բան ըրած են հայրենիքին համար, ուրիշներ ալ շատ քիչ ու վատ բաներ ըրած են: Պատճառը այն է, որ Հայաստանը իր ապրած քաղաքական անիրապաշտութեամբ բազմաթիւ երեսներով երկիր մը եղած է եւ միաժամանակ զոհ դարձած` նախ իր խօսքերուն, ապա նաեւ` իր գործերուն:

Արժէքները ֆոլքլոր չեն եւ Հայաստանի ու հայերու պատմութիւնը սա կամ նա ձեւով պիտի գրուի ու կարդացուի իր իսկ պարտադրած բախտորոշ ժամանակի զուգակշիռներով:

Վերջին խօսքը անշուշտ հանրային շահին կը պատկանի, զգուշ ըլլալով, որ որեւէ պարագայի չպատժենք առաքինութիւնը, չպատժենք խոհեմութիւնը ու իմաստութիւնը:

Պատմական արժէքները ռումբի ծանրութիւն ունին: Չմոռնա՛նք:

Ազդեցիկ Հայեր

Ընկերաբանութեան ճիւղի իր ուսումը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ամբողջացուցած Ռուբէնը պարզեց, որ վերջերս ռուսական հաղորդակցական միջոցներուն մէջ հրապարակուած են տարբեր ոլորտներու աշխարհի 150 ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն անունները, որոնց մէջ կան նաեւ հայեր, ինչպէս` մեծահարուստ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեանը եւ Սերգէյ Սարգիսովը, արուեստագէտ եւ աշխարհահռչակ ջութակահար Վլատիմիր Սպիվաքովի կողակից Սաթի Սպիվաքովա, որ իր արուեստին առընթեր, կը վարէ հեռատեսիլի համբաւաւոր յայտագիրներ, տակաւին` ճաշարաններու ցանցի սեփականատէրեր` Արամ Մնացականով ու Ալեքսանդր Օհանէսով: Մնացականեանին ճաշարանը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը գտնուի:

Վերոյիշեալներէն Ռ. Վարդանեանը ազգային բարերար կը նկատուի, քանի որ հիմնադիրն է Մոսկուայի «Սքոլոքովօ» վարժարանին եւ «Աւրորա» հայաստանեան ծանօթ մրցանակին:

Իր ուրախութիւնը փայլուն դէմքով արտայայտելէ ետք, Ռուբէնին արտայայտութիւնը  այլակերպուեցաւ, ու ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ այսքան հարուստ ու բարերար հայերու կողքին, մեծահարուստ հայ մըն ալ վերջերս ամուսնացաւ ազերի գեղուհիի մը հետ:

Ինքնութիւն որոնելու (ան)որակական հարց մըն ալ` այս մէկը, էական ու տեսաբանական ազգային գիտակցութեան ընդունումը թէ մերժումը հաստատելու համար, նոր իրականութիւններու համակերպելու իբրեւ տատանող ու ցաւցնող փաստ:

Գիտենք, որ հայրենիքը եւ հայկականութիւնը կը սիրենք այն բանին համար, որ մեզ փոքր տարիքէն դաստիարակած են, բայց վստահաբար ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր ուզածին պէս ըլլար, ու համահունչ` մեզի տրուած ազգային ¬ մշակութային դաստիարակութեան:

Չմոռնանք սակայն, որ իւրաքանչիւր հայ երախտագիտութեան պարտք մը ունի հայ ծնած ու հայ ապրած ըլլալուն համար:

Հայ ըլլալու երեւոյթը դաստիարակիչ պիտի ըլլայ բոլոր ժամանակներուն մէջ, եւ այդ դաստիարակութիւնը ո՛չ մրցակցական է, ո՛չ ալ քիչ թէ շատ բառերով կը նկարագրուի` մեզմէ դէպի դուրս եւ դուրսէն դէպի ներս:

Այս բոլորէն վստահաբար դուրս կը մնան այն հայերը, որոնք իրենք իրենց սիրահարած են եւ կը կարծեն, որ հայաշխարհին մէջ որեւէ բան չի կրնար պատահիլ, առանց որ իրենք տեղեակ ըլլան, առանց որ իրենք տնօրինեն: Գէշ բան է, որ անձէդ դուրս ուրիշ բան չես տեսներ:

Չեմ գիտեր, թէ անոնք կանոնին բացառութի՞ւնը կը կազմեն, թէ՞ բացառութեան կանոնը…

Ամենայնդէպս, յաւակնոտութիւնը առաքինութիւն չենք կրնար համարել որեւէ՛ պարագայի:

Հայրենական Մեծ Պատերազմի
Հայ Զոհերը

Ռազմական ակադեմիայի շրջանաւարտ` սպայ Յովհաննէսը խօսեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին` «Հայրենական մեծ պատերազմին» (1941) մասնակցած 500.000 հայերու մասին, որոնցմէ 200.000-ը` Խորհրդային Հայաստանէն, 300.000-ն ալ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններէ: Անոնցմէ ոմանք 4 տարի ծառայեցին խորհրդային բանակին, ուրիշներ ալ (մօտ 200.000 զինուոր) երբեք չվերադարձան պատերազմի ճակատէն: Մեր լաւագոյն դաշնակիցները մեր նահատակներն են:

Ֆաշական Գերմանիոյ դէմ այս պատերազմին է, որ փայլեցան Արցախի Չարդախլու գիւղէն մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեանը եւ Համազասպ Բաբաջանեանը, ինչպէս նաեւ` զօրավար Նուէր Սաֆարեանը, գնդապետ Ներսէս Բալոյեանը, իսկ Գէորգ արք. Չորեքճեանի հրամանով կազմուած «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնը յատկանշուեցաւ իր հերոսութիւններով:

Յովհաննէսը չզլացաւ նշելու նաեւ, որ հայկական սփիւռքէն ալ մօտ 20.000 հայազգի զինուորներ զինուորագրուեցան Ամերիկայի հետեւազօրքին, նաւատորմիղին եւ օդային ուժերուն, որոնց շարքին փայլեցան` հրամանատարներ Հայկ Շեքերճեանը, Զաւէն Նալպանտեանը, Ճորճ Ճասքալեանը, Չարլզ Առաքելեանը, Ճոն Խութոյեանը, Ճէյմս Թոփալեանը, Լիւսի Թոփալեանը եւ ուրիշներ, խրամատներու պատերազմին մէջ ոսկորներ ձգելով:

Յովհաննէսը իր խօսքը աւարտեց` մէջբերելով խորհրդային բանակի մարաջախտ Ժուքովի արտայայտութիւնը` հայ կռուողներուն համար, որոնք «անմահացուցին իրենց անունները խիզախ մարտիկներու չնսեմացող փառքով»: Կ՛երեւի, անոնք, որոնք մեզի կ՛օգնեն, մեզմէ աւելի լաւ հասկցած են, թէ իրենց համար որքա՛ն կարեւոր ենք:

Մեծ մարդոց պատմութիւնը կ՛ազդէ հետագայ սերունդներուն վրայ, եւ անոնց պատմական յուշը մինչեւ վերջ կը շալկես ներաշխարհիդ մէջ` ջանալով անոնց օրինակը սեփական օրինակի վերածել, որպէսզի յարգանքով օրինակուիս եւ յարգանք պարտադրես շրջանակիդ ու յետնորդներուդ, զաւակներուդ, ընտանիքիդ, մանաւանդ շրջապատիդ:

Լաւ է, որ աշխարհը ղեկավարուի այնպիսի մարդոցմով, որոնք մտահոգուած չըլլան պատմութեան մէջ անուն ձգելու մասին: Անկախ անկէ, որ իրենց պարտականութիւնը փառաբանող յիշարժան գործը զգայուն հաւասարակշռութեամբ կը յիշատակուի ու կը մնայ մարդկութեան գիտակցութեան ու պատմութեան խտացած անջնջելի էջերուն մէջ:

Անշուշտ, պատմութեան ժամանակաշրջանները աւելի իմաստալից կերպով կ՛արժեւորուին, եթէ զէնքերուն մէջ փամփուշտները եւ թնդանօթներուն մէջէն ռումբերը բոլորովին զեղչուին:

(Շար. 3)

 

Թուրք Հակահայ Գործիչ. «ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնն Ու Հայկական Լոպիստական Կազմակերպութիւններն Ընկած Են Համշէնցիների Յետեւից»

0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

«Հայկական անհիմն պնդումների դէմ պայքարի»` ASIMDER-ի նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյը, որը վերջերս սկսել է յաճախ թիրախաւորուած ելոյթներ ունենալ Թուրքիայի իսլամացուած եւ ծպտեալ հայութեան մասին, գրեթէ մէկ ամիս առաջ անդրադարձել է նաեւ համշէնահայութեան խնդրին: Ինչպէս հաղորդում է «Ակունք»-ը, թուրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան եւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի յայտնելով, Կէօքսել Կիւլպէյը յայտարարել է, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ հայկական լոպիստական կազմակերպութիւնների կողմից հովանաւորուող որոշ կառոյցներ ու գիտնականներ, Թուրքիայի սեւծովեան շրջանում ապրող համշէնցիներին օգտագործելով ու պնդելով, որ այս տարածքում կիրառուող համշէներէնը հայերէնի մի բարբառն է, հանդէս են գալու նախ` մայրենի լեզուով կրթութեան, ապա` հողային պահանջով:

ASIMDER-ի նախագահը նաեւ ենթադրել է, թէ հայկական լոպիստական կազմակերպութիւնները, որոնց կեդրոնը գտնւում է Եւրոպայում, Թուրքիայի սեւծովեան շրջանի համշէնցիներին հարկադրելու են «համշէնական սփիւռք» ստեղծել իրենց եւրոպաբնակ ազգականներից, ու նաեւ` ասել. «Հայկական լոպին ձգտում է եւրոպաբնակ համշէնցիներից «համշէնական սփիւռք» ձեւաւորել, որը կը պաշտպանի նրանց վերադարձն այդ հողեր, կարծես թէ նրանց բռնի կերպով են այդտեղից աքսորել: Այդ փորձերի հետ մէկտեղ, սոյն տարածքում գործունէութեան դաշտ որոնող Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնն իր աջակցութեամբ գործող որոշ կազմակերպութիւնների միջոցով ընկած է կողմնակիցներ հաւաքելու յետեւից, ովքեր Ռիզէի եւ Արդուինի նահանգներում քննարկումներ եւ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպեն` համշէնցիների հայ լինելու եւ համշէներէնի` իրականում հայերէն լինելու թեմաներով: Որոշ ուսումնասիրողներ կան, ովքեր գիտնականի անուան տակ զանազան աշխատանքներ են տանում սեւծովեան շրջանում: Այդ ուսումնասիրողներից է իրեն «համշէնահայ» համարող Արդուին նահանգի Խոփա գաւառում ծնուած Հուրիյէ Շահինը, ով ասելով, թէ` «ժողովուրդների լեզուներն եմ ուսումնասիրում», հետազօտութիւն է կատարում տուեալ շրջանի համշէնցիների վերաբերեալ եւ նոր հրատարակած իր գրքից բացի` տպագրում է նաեւ «Համշէցու գոր» ամսագիրը, որը նաեւ տարածում է Հեմշէնում եւ Խոփայում: Նմանատիպ աշխատանքների եւ տարածուող հանդէսների միջոցով նպատակ ունեն մայրենի լեզուի հարցին անդրադառնալով` նոր գիտակցութիւն ձեւաւորել: Շուտով հայկական լոպիստական կազմակերպութիւնների հետ համագործակցող որոշ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններ համշէնցիների անունից հանդէս կը գան պաշտօնական դիմումով` առ այն, որ համշէնցիների բնակավայրերում երեխաների յաճախած դպրոցներում թոյլ տրուի համշէներէնի ուսուցումը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` քրտերէնի դէպքում»:

Կիւլպէյը պնդելով, որ ձգտում կայ Եւրոպայում, Թուրքիայում, Վրաստանում, Ռուսաստանում ու Հայաստանում ապրող համշէնցիներից սփիւռք ձեւաւորել, նաեւ յաւելել է. «Հայաստանում ապրող համշէնցիներից սփիւռք կազմաւորելու առաջին փորձը եղել է «Ձայն համշէնական» ամսաթերթի հրատարակումը: ASIMDER կազմակերպութիւնը, սոյն հարցին հետեւելով, նկատել է, որ Վրաստանի Պաթում քաղաքում եւս առկայ են իսլամացուած համշէնցիների 5 գիւղեր, որոնց բնակչութիւնը Ստալինի ժամանակաշրջանում աքսորուել է Ղազախստան եւ Խըրխըզիստան, իսկ հետագայում` վերադարձել Աբխազիա եւ Վրաստան: Բացի այդ, համշէնցիներ կան նաեւ Միացեալ Նահանգներում եւ Եւրոպայում, ովքեր արդէն փորձում են կազմակերպուել: Մինչեւ 2015 թ. նրանք չէին կարողանում կապեր հաստատել Թուրքիայի համշէնցիների հետ: Շուտով Թուրքիայի սեւծովեան շրջանում Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգների ու Եւրոպայի հայկական լոպիստական կազմակերպութիւնների աջակցութեամբ մի ներկայացուցչական «Համշէնցիների խորհրդաժողով» է կազմակերպուելու, որին մասնակիցներ են հրաւիրուելու աշխարհում ապրող բոլոր համշէնցիներից: Այդ համաժողովում մայրենի լեզուով կրթութիւն պահանջելու վերաբերեալ որոշում է կայացուելու, եւ այդկերպ առաջին հիմքն է դրուելու` համշէնական սփիւռքի ձեւաւորման ուղղութեամբ: Մենք, որպէս ASIMDER կազմակերպութեան գլխաւոր կենտրոն, կոչ ենք անում Թուրքիայի Հանրապետութեան ներքին գործերի եւ արտաքին գործերի նախարարութիւններին` միջոցներ ձեռնարկել դրա դէմ»:

ASIMDER-ի անգրագէտ նախագահի այս յայտարարութեան մէջ բնականաբար կան բազմաթիւ սխալներ, որոնցից մէկն այն է, որ Ստալինի հրամանով Ղազախստան եւ Խըրխըզիստան աքսորուած համշէնահայերը հետագայում վերադարձել են Աբխազիա եւ Վրաստան: Իրականում 1944 թ. Ստալինի հրամանով Միջին Ասիա աքսորուած հեմշիլների միայն մի մասն է վերադարձել, այն էլ` ոչ թէ Աբխազիա, այլ` Քրասնոտարի երկրամաս եւ Ռուսաստանի այլ շրջաններ, իսկ Աբխազիայի համշէնական համայնքը ձեւաւորուել է դեռեւս 19-րդ դարից սկսած ու, յատկապէս, Հայոց ցեղասպանութեան տարիներին եւ դրանից անմիջապէս յետոյ, երբ դեռ քրիստոնեայ մնացած համշէնահայերը օսմանեան ծանր լծից, իսլամացումից եւ ստոյգ մահից փրկուելու նպատակով գաղթեցին այդ տարածքներ: Սակայն այստեղ կարեւոր է ոչ թէ հակահայ թուրք գործչի բոլոր սխալների մատնանշումը, այլ` այն փաստը, որ Կէօքսել Կիւլպէյը, անշուշտ` յատուկ ստացուած պատուէրով, փորձում է թիրախաւորել Թուրքիայի համշէնահայերին, այն էլ` արտակարգ դրութեան մէջ գտնուող Թուրքիայի…

ASIMDER-ի նախագահին յիշեցնենք, որ մայրենի լեզուով կրթութեան իրաւունքը մարդու բնական իրաւունքներից է, որն ամրագրուած է Լեզուի մասին շրջանակային հռչակագրում, յատկապէս, որ ներկայում հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառը հետզհետէ անհետանում է: UNESCO-ի հրապարակած «Վտանգի տակ գտնուող լեզուների ատլասը» մատնանշել է, որ 18 լեզու Թուրքիայում վերացման վտանգի տակ է, եւ համշէնահայերէնը տեղ է գտել «բացայայտ վտանգի տակ գտնուող» լեզուների դասի տակ: Համշէնահայերի նոր սերունդը, ցաւօք, արդէն գրեթէ չի կարողանում հաղորդակցուել հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառով: Դրա պատճառները մի քանիսն են. քաղաքայնացումը, համաշխարհայնացումը, ինչպէս նաեւ` զուտ ենթակայական գործօնը, երբ Թուրքիայի շատ համշէնահայ ծնողներ միտումնաւոր կերպով իրենց զաւակների հետ չեն խօսում համշէնահայերէն, որպէսզի նրանք կարողանան «աւելի լաւ իւրացնել պաշտօնական լեզու թուրքերէնը եւ այդպիսով լաւ աշխատանք գտնելու հնարաւորութիւն ունենան»:

«Ակունք»

Viewing all 12041 articles
Browse latest View live