Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Քեսապի Գթասիրտ Քոյրը` Էֆի Չեմպըրզ

$
0
0

Պատրաստեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Անցեալ դարուն Քեսապի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններուն մասին եղած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ օտար ազգի միսիոնարներու արխիւներուն մէջ կան  տակաւին բազմաթիւ փաստաթուղթեր, նամակներ եւ վաւերագրական յուշագրութիւններ, որոնք կը սպասեն ուսումնասիրութեան եւ լոյս ընծայման: Այդ միսիոնարուհիներէն մէկն է ամերիկացի քոյր Էֆի Չեմպըրզը, որ 19 տարի անմնացորդ ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ան իր ծառայութեան վերջին 8 տարիները անցուցած է Քեսապի մէջ` մեծապէս օգտակար դառնալով այն օրերուն կղզիացած դիրք ունեցող աւանին: Քոյր Էֆի Չեմպըրզ 1904 թուականին կ՛այցելէ Քեսապ, ուր կը մնայ մինչեւ 1912` իր վերադարձը Միացեալ Նահանգներ: Ամերիկացի պատասխանատուները, զգալով որբախնամ գործին կարեւորութիւնը` 1896-ին Եդեսիա ուղարկած են միս Էֆի Չեմպըրզ ամերիկացի օրիորդը: Ան առաջին անգամ ղրկուած էր Կարնոյ կողմերը` իբրեւ միսիոնարուհի, ուր տարիներ աշխատելով` առիթ ունցած էր մօտէն ուսումնասիրելու հայ ազգը: Ան սորված էր հայերէն եւ սահուն կը խօսէր: Ան ստանձնած է նաեւ Եդեսիոյ աղջկանց որբանոցին եւ միացեալ երկսեռ վարժարաններու տեսչութունը: Միս Չեմպըրզի համար նշանակութիւն չեն ունեցած կրօնական կամ յարանուանական բաժանումները: Իր աչքին ունեցած է միմիայն հայ աղքատիկ ուսանողներու օգուտը: 1904-ին կը ստանձնէ Այնթապի աղջկանց քոլեճի տնօրէնութան պաշտօնը, իսկ 1905-ին Այնթապէն կը մեկնի Քեսապ` ստանձնելու Քեսապի միսիոնարութեան պաշտօնը: Քեսապի մէջ միս Չեմպըրզի առաջին գործը եղած է արդէն սկսած կրթական գործին զարկ տալ:

«Միս Չեմպըրզ աղջկանց կրթութեան գործը հասցուց պահանջուած բարձրութեան: Ժողովարանին կից գտնուող պարտէզը գնելով` իր անձնական ծախսով շինել տուաւ աղջկանց յատուկ եւ նպատակայարմար վարժարան մը. նոյնպէս զարկ տուաւ տղոց կրթական գործին: Քանի մը տարիներու ընթացքին բաւական թիւով մանչ եւ աղջիկ, քոլեճական կրթութիւն ստացած, վերադարձան Քեսապ` ստանձնելու կրթական գործը: Այսպէս, կարճ ժամանակի մը ընթացքին Քեսապի հայութեան կրթական մակարդակը բոլորվին յեղաշրջուած էր: Բաւական թիւով կարող ուսուցիչներ եւ բժիշկներ Քեսապի մէջ գործի վրայ էին` շնորհիւ միս Չեմպըրզի թափած անխոնջ ջանքերուն» (1): Ան իր անձնական ծախսով Քեսապի մէջ շինել տուած է նաեւ փառաւոր ընթերցարան մը` իր ճոխ գրադարանով, երգեհոնով եւ զանազան կազմածներով:

1908-ին օսմանեան սաhմանադրութեան լուրը կը հասնէր նաեւ Քեսապ եւ կը խանդավառէր տեղի բնակչութիւնը, բայց տարի մը չանցած` սկիզբ կ՛առնեն կիլիկեան ջարդերը: Անտիոքի հայերը ջարդի կ՛ենթարկուին: Ջարդերու սրտաճմլիկ լուրերը շուտով Քեսապ կը հասնին: Քեսապցիք ինքնապաշտպանութեան մասին կը մտածեն: Երեքշաբթի, 23 ապրիլին կը նկատուի Օրտուէն ելլող խուժանի մը յառաջխաղացքը դէպի Քեսապ (2): Ժողովուրդը կը բարձրանայ Գարատուրանի լեռները, զինեալ քեսապցիները կը դիմադրեն, բայց շուտով կը քաշուին լեռներ ու բարձրէն կը դիտեն թալանուող ու հրկիզուող եկեղեցիները, դպրոցներն ու տուները: Ապրիլ 24-ին «Վիկեր» եւ «Ժիւլ Ֆերի» նաւերով Լաթաքիա կը տեղափոխուին մօտաւորապէս 6500 քեսապցիներ, որոնք կը տեղաւորուին հայերու հոգետան, լատիններու վանքին եւ ամերիկեան միսիոնարներու կեդրոններուն մէջ:

Ապրիլի վերջաւորութեան քեսապցիք ֆրանսական «Միշըլէ» եւ «Ժիւլ Ֆերի» զրահանաւերով կը վերադառնան Պասիթ ծովեզերք, ուրկէ ալ կամաց-կամաց կը բարձրանան Քեսապ: Հայ եւ օտար բարեսիրական հաստատութիւններ օգնութեան կը փութան քեսապցիներուն: Այս ընթացքին Քեսապէն բացակայ կ՛ըլլայ քոյր Էֆի Չեմպըրզը, բայց վերադարձին` յուլիս 10-ին, ամերիկեան պարբերաթերթի (3) մը կը գրէ նամակ մը, որուն մէջ ան կը նկարագրէ քեսապցիներու ընդհանուր կացութիւնը ու դժուարին պայմանները: Ան տեղահանութեան եւ փախուստի պատկերները կը նկարագրէ իր նամակին մէջ, յատկապէս կիներուն կրած տառապանքը` փախուստի ճամբուն վրայ: Ան կ՛ըսէ. «Ա՜հ, եթէ միայն իմանաք, թէ ի՛նչ սարսափելի բան պատահած է, եւ թէ ինչպէ՛ս մեր սիրելի կիները տառապած են եւ մեր քաջ երիտասարդները, որոնք դիմադրած են վեց-եօթը ժամ, որպէսզի կիներն ու աղջիկները հնարաւորութիւն ունենային փախչելով եւ թաքնուելով հասնիլ ծովափ… կիները իրենց զաւակները իրենց ձեռքերուն մէջ շալկած էին կամ կռնակը, իսկ աւելի մեծերը փաթթուած էին իրենց մօր փէշերուն… այդ սարսափելի օրը երեքշաբթի էր, ապրիլ 23: Ես Քեսապէն բացակայ էի, բայց իմ աշակերտուհիներս ուրիշներու հետ փախուստի դիմած են եւ տեղափոխուած Փրեսպիթերիան դպրոցը, ուր ես գտայ զիրենք Ատանայի կոտորածներու տեսարաններէն վերադարձիս: Աշակերտուհիներս ապահով էին, անոնցմէ ոչ մէկը բացակայ էր, եւ ես ուրախ եւ երախտապարտ եմ, բայց բոլորին պէս ամէն բան կորսնցուցած էին` բացի իրենց վրայ կրած հագուստէն»:

Քոյր Չեմպըրզ իր նամակին մէջ կը խօսի Քեսապի ընդհանուր վիճակին, մարդոց կարիքներուն, զարհուրելի պայմաններուն, ինչպէս նաեւ օգնելու իր բարձր տրամադրութեան մասին: Ան նոյնիսկ կը հրաժարի իր տարեկան արձակուրդէն, որպէսզի իրենց անմխիթար վիճակին մէջ չձգէ կիները. «Այդ օրերուն բոլորս նոյնն էինք, չկար հարուստ կամ աղքատ, բոլորս միասին էինք: Կը մտածէի, որ եթէ իմ տունս եւ աղջիկներուն դպրոցը այրած չըլլային, բազմաթիւ մարդոց ապաստան կու տայինք, բայց միւս կողմէ` ուրախ եմ, որ ես ալ իրենց հետ կը տառապիմ: Այս մէկը տարբեր է իմ կատարած օգնութեան բոլոր գործերէս, չեմ նեղանար, որ այդպէս է: Այս աղէտը մեզ աւելի իրարու միացուց եւ ինծի հնարաւորութիւն տուաւ իրենց օգնելու: Անօթեւան մնացած է աւելի քան 500 ընտանիք, մեր օգնութեան ցանկին վրայ ունինք 5500 անուն, որոնք կարիք ունին հացի, հագուելիքի, գիւղատնտեսական գործիքներու, կենցաղային պարագաներու: Ամէն ինչ կորսնցուցած ենք, նոյնիսկ ասեղ, թել եւ մկրատ չունինք: Բաշխեցինք 1000 բարձ եւ ծածկոց, բայց դեռ 4000-ի պէտք ունինք… Փոքր խնդիր չէ 10 գիւղերու տուներու, հագուստի եւ կերակուրի հարցերը կարգաւորել, բայց բոլոր պարագաներուն, այս բոլորը պէտք է ըլլան նախքան ձմեռ, որպէսզի ժողովուրդը չմահանայ սովէն: Այս մարդիկը պէտք է փրկուին, խրախուսուին եւ կրկին սկսին: Ես պէտք է այս մէկը ընեմ. այնպէս որ, այս տարի կը զեղչեմ արձակուրդս, որովհետեւ իրենք մինակ չեն ձգուիր… Ներկայիս մեր քարոզչական ծառայութիւնները կը կատարենք աղջիկներու դպրոցի բակին մէջ, ընկուզենիի ծառին տակ»:

«Քանի մը բառով ներկայացնեմ անցնող շաբաթներուն իմ պատմութիւնս. 10 օր գացի Ատանա, ուր մնացի տարեկան հանդիպումին… Ապրիլ 24-ին ճամբայ ելայ դէպի Տարսոն, ուր մնացի մէկ-երկու օր` սպասելով, որ ճամբաները բացուին, որմէ ետք վերադարձայ Քեսապ: Ես  հանգիստ եմ եւ ուրախ, որ կը կատարեմ` ինչ որ կրնամ այս աղքատ մարդոց: Երբ դատական-զինուորական արարողութիւնները աւարտին, գոնէ մեղաւորները կը պատժուին, մենք յոյս ունինք, որ ժողովուրդը իր ուժը կը գտնէ»:

«Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ ունինք 60 այրի եւ մօտ 100 որբ երեխաներ, որոնցմէ ոմանք երեւակայելի են ամէնէն աղքատ հանգամանքներու մէջ: Յոյսով եմ, որ քոյր Շաթըքը, քոյր Սալմոնտը եւ քոյր Ֆրերսընը կը յաջողին վերցնել այն երեխաները, զորս պէտք է առնեն, եւ մենք ստիպուած չենք ըլլար նոր որբանոց մը բանալու»:

«Քեսապի մէջ մեր ունեցածներէն ոչ մէկ բան կրցած եմ փրկել, շատ քիչ բան տարած էի Ատանա, բայց  քոյր Շատըք եւ Լաթաքիա գտնուող միւս ընկերները օգնեցին, որ ես ներկայիս ունենամ, ինչ որ ինծի ամէնէն շատ հարկաւոր է` ձմեռնային հագուստներ եւ գուլպաներ: Զիս շրջապատող այնքան կարիքաւոր մարդոց մէջ եմ, որ նոյնիսկ ժամանակ չունիմ մտածելու իմ կարիքներուս մասին: Իրականութեան մէջ, երբ ինքզինքս ուրիշներու հետ համեմատեմ, ինծի կը թուի, թէ որեւէ բանի պէտք չունիմ: Անցեալ օր գտայ հին հագուստներէն փէշ մը եւ տուի այն աղքատ կնոջ, որ երկու օր առաջ խնդրած էր ինձմէ փէշ մը,  եւ ես չունէի տալու բան, ահա հիմա զայն առնելով` ուրախացաւ»: Այս տողերով քոյր Էֆի Չեմպըրզ աւարտած է իր նամակը:

«Միս Չեմպըրզ անկեղծօրէն համակրող մըն էր Դաշնակցութեան եւ գործնականօրէն քաջալերող մը` անոր գործունէութիւնը. այս համակրանքին պատճառով, շատ մը դաշնակցական երիտասարդներ, ամէնքն ալ` բնիկ քեսապցիներ, կրցած են միս Չեմպըրզի նիւթական օգնութեամբ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ` զանազան քոլեճներու մէջ եւ հետեւիլ մասնագիտութեան մը, ինչպէս` տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանը եւ տոքթ. Սամուէլ Մկրտիչեանը» (4):

1909-ի Քեսապի աղէտէն երեք տարի ետք, Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն որպէս երախտագիտութիւն, քոյր էֆի Չեմպըրզին կը նուիրուի կապոյտ ձեռագործ մը, որուն վրայ հայերէն ասեղնագործուած է «Երախտապարտ Քեսապի Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն», իսկ անգլերէնով` «TO E.M. CHAMBERS, IN A MEMORY OF GRATITUDE. WE WILL NEVER FORGET»:

Երախտապարտ կը մնանք օտարազգի բոլոր միսիոնարներուն, որոնք իրենց կեանքէն հատուած մը սիրով զոհած են` փրկութեան ձեռք երկարելով հայ ժողովուրդի զաւակներու օգնութեան եւ բարօր կեանքին:

Իրօք պէտք է հաստատել, որ ատենին գրուած վկայութիւններուն վրայ որքան ալ ժամանակի փոշին նստի, ատոնք մոռացութեան չեն մատնուիր, անպայման լոյս աշխարհ կու գան եւ կ՛արձանագրուին պատմութեան էջերուն:

————————-

(1).- Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», Արամ Սահակեան, Անթիլիաս, 2014, էջ 396:
(2).- Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ» Ա. հատոր, Հալէպ 1995, էջ 91:
(3) Life and light for women by Woman’s board of missions, volume 39, no.10, 1909 p.473:
(4).- «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», Արամ Սահակեան, Անթիլիաս, 2014, էջ 397
(5).- Vahe H. Apelian, The 1909 Sack of Kessab. What We Know. July 3, 2017


Դասարանի Բեմադրիչը

$
0
0

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Սիրելի՛ Սիմոն,

Յանկարծակի եւ արագ մեկնեցար մեզմէ: Բոլորս միասնաբար ունէինք այնքան անցեալի յիշատակներ, որոնք դրոշմուած կը մնան մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ: Իսկական բեմադրիչ ծնած էիր, պատանի տարիքիդ քու ներաշխարհդ լեցուն էր թատերական գործերով միայն: Արդէն 1961 թուականէն սկսած էիր զանազան ներկայացումներ պատրաստել: Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի լսարանական միութեան օրերուն, առանց վարանելու, թատերական խումբ մը ստեղծեցիր` շուրջդ հաւաքելով ատակ աշակերտներ, ներկայացնելու համար զանազան թատրերգութիւններ: «Վասպուրական» սրահը տրամադրուած էր փորձերու: Ձեռնարկին բոլոր աշխատանքները` թարգմանութիւն, բեմադրութիւն, բեմայարդարում, դիմայարդարում, զգեստներ, կը կատարուէին աշակերտներու կողմէ: Վահէ Էմմիեանը, Վարդգէս Նարկիզեան եւ Յասմիկ Սիւրմէլեանը քու կողքիդ կ՛աշխատէին: 1966-էն մինչեւ 1969 տարիներուն ներկայացուցիր Յակոբ Պարոնեանէն, Լապիշէն, Ֆլեչըրէն եւ ուրիշներէ: Բոլորս ալ կը յիշենք այդ հաճելի պահերը, զորս անցուցած ենք միասնաբար` փորձերու ժամանակ: Ծնողները միշտ կը քաջալերէին մեր կատարած աշխատանքները եւ ներկայ կը գտնուէին ներկայացումներուն:

1970-ին Վարդգէսին հետ ներկայացուցինք ձեր իսկ կողմէ գրուած «Արա գեղեցիկ» թատրերգութիւնը` կրկին ճեմարանի աշակերտներով. «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Քու երազդ էր քանդել այն պատը, որ կը գտնուէր դերասանին եւ հանդիսատեսին միջեւ: Արդէն յաջորդ տարին մեկնեցար Պրիւքսել` բեմադրութիւն ուսանելու եւ մասնագիտանալու այդ մարզին մէջ:

Սիրելի՛ Սիմոն, քու թատերական ցուպին ներքեւ դերակատարներդ պատիւն ու հաճոյքը ունեցան վայլելու քեզ: Անոնց մէջ դուն կարողացար արթնցնել դերասանութեան սէրը, որպէսզի ապագային շարունակեն տարբեր խումբերու մէջ:

Կը յիշե՞ս, որ երաժշտական խումբ մըն ալ ստեղծեցիք` «The college Boys» անունով, ճեմարանի դասընկերներով: Դուն խումբին թմբկահարն էիր, Վահէն` սոլօ կիթառ, Վարդգէսը` պէյս կիթառ, Աբրոն` երգիչ, իսկ Մինասը` ռիթմ կիթառ: Ուր որ նուագէիք, դասարանի աղջիկները ներկայ կ՛ըլլային, հաւաքելու եւ դասաւորելու պաշտօնը կը ստանձնէին:

Ազատ ժամերու անպայման պլոթ պէտք էր խաղայինք: Այնքան հաճոյքով կը խաղայինք, որ ժամանակը արագ կը սահէր: Գիտե՞ս, Սիմո՛ն, շատ համերաշխ դասարան մը եղած ենք, միասնաբար որոշած ենք մեր կատարելիք աշխատանքները:

Սիրելի՛ Սիմոն, կեանքի թատրոնի դիմակները երգիծանքով համեմուած համտեսեցինք քու բեմական արուեստի շնորհքներուդ ընդմէջէն, միայն ամենավերջին արարը, երկինքի բեմերէն դիտուած… մահդ ալ կատակ մըն էր կարծես… առանց ծափողջոյններով:

Յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ, սիրելի՛ դասընկեր:

 

 

 

Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ «Աշ­խար­հիկ Սուրբ»ը

$
0
0

Ն.Պ.

Հոկ­տեմ­բեր 27ի այս օ­րը, 104 տա­րի ա­ռաջ, Պոլ­սոյ մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րա­տու­նէն հե­տիոտն տուն վե­րա­դառ­նա­լու ա­մէ­նօ­րեայ իր ճամ­բու ըն­թաց­քին, 47 տա­րե­կա­նին սրտէն կա­թո­ւա­ծա­հար ին­կաւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան։

Այդ­պէս յան­կար­ծա­մահ՝ հա­յոց աշ­խար­հէն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մէ­կը, որ իր կեան­քով ու գոր­ծով, ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ ու գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հով՝ նո­ւա­ճեց հա­յոց գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ներշնչ­ման աղ­բիւր մնա­լու եւ ա­ռաջ­նոր­դող օ­րի­նակ ծա­ռա­յե­լու ան­մա­հու­թիւ­նը։

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ա­մէ­նէն խստա­պա­հանջ Յե­ղա­փո­խա­կանն ու ­Կու­սակ­ցա­կա­նը ե­ղաւ Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան, որ հայ ազ­գա­յին ո­րա­կով օժ­տեց եւ բա­րո­յա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան բարձ­րու­թեան հաս­ցուց հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի այդ այ­լա­պէս հա­տո­ւա­ծա­կան, մաս­նա­տում ա­ռա­ջաց­նող կեր­պար­նե­րը։

Եւ պա­տա­հա­կան չէր, բնա՛ւ, որ իր ժա­մա­նա­կի այդ աս­տի­ճան ­Յե­ղա­փո­խա­կան ու Կու­սակ­ցա­կան՝ խստա­պա­հա՛նջ ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նին ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը ող­բաց բո­վան­դակ հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ զայն ար­ժա­նա­ցուց հա­մազ­գա­յին մե­ծա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան։ ­Զա­ւա­րեա­նի ան­կեն­դան մար­մի­նը, հա­մազ­գա­յին թա­փօ­րով, ­Պո­լի­սէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս տա­րո­ւե­ցաւ եւ իր յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ Խո­ջի­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ ար­դա­րօ­րէն հռչա­կո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Խիղ­ճը՝ իր կեն­դա­նու­թեան իսկ։

Չէր կրնար տար­բեր ար­ժե­ւո­րում ստա­նալ ­Զա­ւա­րեա­նով միս ու ոս­կոր կա­պած Խս­տակ­րօն ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նը, որ ա­մէ­նէն ա­ռաջ իր կու­սա­կից­նե­րէն ու գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րէն պա­հան­ջեց, ան­սա­կարկ ու ամ­բող­ջա­կան զո­հա­բե­րու­թեան անձ­նա­կան օ­րի­նա­կը տալ՝ ի սպաս հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան սրբա­զան պայ­քա­րին։

Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նով շնչա­ւո­րո­ւե­ցաւ ու ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­պաշտ նո­ւի­րեալ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան ա­մէ­նէն վսեմ այն սկզբուն­քը, որ կը պատ­գա­մէ գա­ղա­փա­րա­կան պար­տա­ւո­րու­թեանց խղճա­միտ կա­տար­ման, այլ ոչ թէ կու­սակ­ցա­կա­նի ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման մէջ փնտռել հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի կո­չումն ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան հիմ­քը։

Հա­յոց բա­նաս­տեղծ­նե­րը ­Զա­ւա­րեա­նի մէջ մե­ծա­րե­ցին ու ան­մա­հա­ցու­ցին ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի «Ըն­կե­րա­յին ­Նա­զով­րե­ցին», ո­րով­հե­տեւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան մին­չեւ վեր­ջին շունչ անվ­հատ պայ­քար մղեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան կռո­ւի սրբա­զան դաշտն ու գա­ղա­փա­րա­կան «տա­ճար»ը ա­րա­տա­ւո­րող յո­ռի բար­քե­րուն՝ գձուձ ե­սա­սի­րու­թեանց, շա­հախնդ­րու­թեանց եւ մե­ղան­չանք­նե­րուն դէմ։

Իսկ հա­յոց մտա­ւո­րա­կան­ներն ու ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նին մէջ տե­սան ու ար­ժե­ւո­րե­ցին հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­ռաջ­նորդ «Աշ­խար­հիկ Սուրբ»ը, որ հա­ւատք սեր­մա­նեց եւ իր անձ­նո­ւի­րու­թեամբ ու գա­ղա­փա­րա­կան կու­սակ­րօ­նու­թեամբ հա­ւա­տա­ւոր­նե­րու սե­րունդ ստեղ­ծեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ներշն­չեց ­Հա­ւատք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քակր­թա­կան յա­ռա­ջա­դէմ կո­չու­մին հան­դէպ։ Հա­ւատք՝ ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի մէջ ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան հան­դէպ։ Եւ ­Հա­ւատք, մա­նա­ւա՛նդ, աշ­խար­հիկ սայ­թա­քում­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ ­Հա­ւա­քա­կան ­Կամք ու Կազ­մա­կերպ Ուժ կո­փե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր նե­րու­ժին հան­դէպ։ Եւ Հա­ւատ­քի ­Սերմ­նա­ցա­նը յա­ջո­ղե­ցաւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ բա­ռին խո­րա­գոյն ի­մաս­տով «աշ­խար­հիկ սուրբ»ի կեանք ապ­րե­ցաւ՝ կեն­դա­նի գոր­ծով թոյլ չտա­լով, որ մե­ռեալ խօս­քի ճա­կա­տագ­րին դա­տա­պար­տո­ւին սե­րունդ­նե­րու գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեամբ նո­ւա­ճո­ւած գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը։
Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի լեռ­նա­յին եւ ան­տա­ռուտ ­Լո­ռիի զա­ւակ էր։ Ծ­նած էր 1866ին, Այ­գե­հատ գիւ­ղը: Ինչ­պէս որ Ս. Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ Հ.Յ.Դ. Վաթ­սու­նա­մեա­կին ա­ռի­թով իր խմբագ­րած «­Յու­շա­պա­տում»ին մէջ, Այ­գե­հա­տի բնա­կիչ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս ազ­նո­ւա­կան տոհ­մե­րէ սե­րած էին: Ազ­նո­ւա­կան ծա­գում ու­նէր եւ ­Զա­ւա­րեան ըն­տա­նի­քը: Ո­րո­շա­պէս ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի նկա­րագ­րին եւ ան­հա­տա­կա­նու­թեան վրայ զգա­լի էր տի­րա­կան դրոշ­մը ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան, որ կը դրսե­ւո­րո­ւէր սե­փա­կան ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան շեշ­տա­կի գի­տակ­ցու­մով եւ, ան­կէ թե­լադ­րո­ւած, նախ սե­փա­կան ան­ձին նկատ­մամբ խստա­պա­հանջ գտնո­ւե­լու եւ ա­պա այ­լոց խստակ­րօ­նու­թեան մղե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։

Տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ գիւ­ղին մէջ եւ հա­զիւ 7-8 տա­րե­կան էր, երբ ղրկո­ւե­ցաւ Թիֆ­լիս, ուր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան ու­սու­մէ ետք մտաւ պե­տա­կան ­Ռեա­լա­կան դպրո­ցը եւ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տեց զայն։
Այ­նու­հե­տեւ մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ Ըն­դու­նո­ւե­ցաւ հռչա­կա­ւոր «­Պետ­րով­կա» ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Ճե­մա­րա­նը եւ ա­ւար­տեց 1889ին՝ ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կով: ­Զա­ւա­րեա­նին առ­ջար­կե­ցին մնալ ­Ճե­մա­րան եւ դա­սա­ւան­դել, բայց ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ միա­ժա­մա­նակ յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու բո­վէն ան­ցած եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած Զա­ւա­րեա­նը նա­խընտ­րեց վե­րա­դառ­նալ ­Թիֆ­լիս ու նո­ւի­րո­ւիլ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ընդ­լայն­ման եւ կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին։

Մոս­կո­ւա­յի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րը ­Զա­ւա­րեա­նի մէջ պար­զա­պէս ամ­րապն­դե­ցին եւ գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն հու­նա­ւո­րե­ցին հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պա­քա­րին նո­ւի­րո­ւե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Թիֆ­լի­սի ա­շա­կեր­տա­կան իր օ­րե­րէն իսկ, ­Զա­ւա­րեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած էր ինք­նա­զար­գաց­ման խմբակ­նե­րու կազ­մու­թեան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան գիր­քե­րու եւ մա­մու­լի ըն­թե­ցա­նու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­կան միու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լու փոր­ձե­րուն մէջ։ ­Մոս­կո­ւան լայն հո­րի­զոն բա­ցաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը նոր թե­ւա­կո­խած ­Զա­ւա­րեա­նի առ­ջեւ, որ ի­րեն հո­գե­հա­րա­զատ գտաւ հա­մա­ռու­սա­կան «­Նա­րոդ­նա­յա ­Վո­լիա» («­Ժո­ղովր­դա­յին ­Կամք») յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժու­մը, ո­րուն հա­մակ­րող­ներ էին նաեւ, նոյն­պէս ուս­ման հա­մար ­Մոս­կո­ւա գտնո­ւող, Ք­րիս­տա­փորն ու ­Հայր Աբ­րա­հա­մը, ­Ռոս­տոմն ու ­Մար­տին ­Շաթ­րեա­նը, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեանն ու յե­ղա­փո­խա­շունչ այլ հայ ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք եւ շու­տով պի­տի դառ­նա­յին հիմ­նա­դիր կո­րի­զը ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ստեղ­ծու­մին։

Հե­տե­ւա­բար, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, իբ­րեւ գիւ­ղատն­տես պե­տա­կան աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­լով հան­դերձ՝ ­Զա­ւա­րեան ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան խմբակ­նե­րը ի մի բե­րող կազ­մա­կեր­պու­թեան մը ստեղ­ծու­մին՝ յատ­կա­պէս Ք­րիս­տա­փորն ու ­Ռոս­տո­մը ու­նե­նա­լով իբ­րեւ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից։ Ա­նոնց միա­ցեալ ջան­քով, 1890ի ա­մա­ռը, գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը, ու Զա­ւա­րեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին ղե­կա­վար մարմ­նին` Կենտ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ:

Հիմ­նա­դիր ­Ժո­ղո­վէն յե­տոյ, Հ.Յ.Դ. ­Կենտ­րո­նին ո­րո­շու­մով՝ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ցրո­ւե­ցան զա­նա­զան շրջան­ներ՝ նո­րաս­տեղծ կազ­մա­կեր­պու­թեան դրօ­շին տակ հա­մախմ­բե­լու հա­մար ար­դէն գոր­ծող կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ու խմբա­ւո­րում­նե­րը: Զա­ւա­րեան, ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի հետ, ան­ցաւ Տ­րա­պի­զոն՝ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նով: ­Սա­կայն չկրցաւ եր­կար մնալ Տ­րա­պի­զո­նի մէջ, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ձեր­բա­կա­լե­ցին ­Զա­ւա­րեա­նին եւ Ար­ղու­թեա­նին՝ իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու։ ­Զա­ւա­րեան դա­տո­ւե­ցաւ եւ դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, յան­դուգն պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նով մը, խա­րա­զա­նեց ­Սուլ­թա­նի նե­խած վար­չա­ձե­ւը։ Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ չորս տա­րո­ւան բեր­դար­գե­լութեան դա­տավ­ճիռ մը: ­Շու­տով, սա­կայն, ռու­սա­կան դես­պա­նի մի­ջամ­տու­թեամբ, ­Զա­ւա­րեան ու Ար­ղու­թեան յանձ­նո­ւե­ցան Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց, ո­րոնք հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն աք­սո­րե­ցին Բե­սա­րա­բիա, ուր աք­սո­րո­ւած էր նաեւ Ք­րիս­տա­փոր:

Աք­սո­րէն վե­րա­դառ­նա­լէ ետք, 1892ին, ­Զա­ւար­եան մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, որ­մէ ետք՝ Ք­րիս­տա­փո­րի ու ­Ռոս­տո­մի հետ մշա­կեց կու­սակ­ցու­թեան Ծ­րա­գիր-­Կա­նո­նա­գի­րը:
Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ 1902, ­Զա­ւա­րեան մնաց ­Թիֆ­լիս, իբ­րեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ու կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու­ժե­րէն մէ­կը: 1902ի գար­նան, երբ Ք­րիս­տա­փո­րը «­Փո­թո­րիկ»ի գոր­ծով Ժը­նե­ւէն ան­ցաւ ­Ռու­սաս­տան, զայն փո­խա­րի­նե­լու հա­մար Ժ­ընեւ մեկ­նե­ցաւ ­Զա­ւա­րեան՝ իբ­րեւ «Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան ան­դամ, Է. Ակ­նու­նիի եւ Մ. Վա­րան­դեա­նի հետ 1904ին գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին (­Սո­ֆիա­յի մէջ), ո­րո­շո­ւե­ցաւ որ Զա­ւա­րեան իբ­րեւ գոր­ծիչ անց­նի ­Կի­լի­կիա՝ ­Խա­նա­սո­րի ­Վար­դա­նին հետ, տեղ­ւոյն վրայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մը ժո­ղովր­դա­յին ու­ժեղ հի­մե­րու վրայ դնե­լու յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։

1906ին ­Զա­ւա­րեան վերս­տին ­Թիֆ­լիս էր, ուր նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Ազ­գա­յին ­Կենտ­րո­նա­կան ­Ժո­ղո­վին, որ հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վերս­տա­ցու­մէն եւ հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րէն ետք՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն լու­ծում տա­լու կո­չո­ւած կա­րե­ւոր ժո­ղով մը ե­ղաւ։

1908ին, երբ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մին զու­գա­հեռ ­Կով­կա­սի մէջ ծայր ա­ռին ­Ցա­րա­կան հա­լա­ծանք­նե­րը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դեմ, ­Զա­ւա­րեան ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր գոր­ծեց իբ­րեւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քը։

1911ի ա­մա­ռը ­Զա­ւա­րեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Վե­ցե­րորդ Ընդհ.­Ժո­ղո­վին, ­Պո­լիս: Իթ­թի­հա­տի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան փոր­ձե­րուն վեր­ջա­կէտ դնող այդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վէն յե­տոյ, ­Զա­ւա­րեան շա­րու­նա­կեց մնալ ­Պո­լիս՝ իբ­րեւ ­Բիւ­րո­յի ան­դամ։ Ապ­րե­ցաւ Ե­սա­յեան Վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցա­կան պաշ­տօ­նէն ստա­ցած հա­մեստ աշ­խա­տա­վար­ձով՝ դպրո­ցէն դուրս իր ամ­բողջ ժա­մա­նակն ու ե­ռան­դը նո­ւի­րե­լով կու­սակ­ցու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան: Այդ շրջա­նին էր, որ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի ո­րո­շու­մով՝ ­Զա­ւա­րեան իբ­րեւ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ընդ­հա­նուր քննիչ, ղրկո­ւե­ցաւ գա­ւառ­նե­րը, ուր ոչ միայն մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ տի­րող կա­ցու­թեան եւ իր նպաս­տը բե­րաւ բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մին, այ­լեւ՝ նո­րո­վի թափ տո­ւաւ Երկ­րի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին եւ դի­մադ­րա­կան կո­րո­վի ու­ժե­ղա­ցու­մին։
Միա­ժա­մա­նակ՝ ­Զա­ւա­րեան մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն, իր ստո­րագ­րած յօ­դո­ւած­նե­րով հու­նա­ւո­րե­լով ինչ­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, նոյն­պէս եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ընդ­հա­նուր ուղ­ղու­թիւ­նը ներ­քին-ազ­գա­յին, թէ ար­տա­քին-մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու նկատ­մամբ։

Յատ­կա­պէս այդ շրջա­նի իր գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ պաշտ­պա­նած գա­ղա­փար­նե­րով, հայ ազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան խո­ցե­լի ծալ­քերն ու յո­ռի բար­քե­րը մեր­կաց­նող եւ խա­րա­զա­նող իր հե­տե­ւո­ղա­կան վար­քագ­ծով, ­Զա­ւա­րեան ար­ժա­նա­ցաւ հա­մազ­գա­յին յար­գան­քի եւ ըն­դու­նե­լու­թեան։

Եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը խո­րա­պէս ցնցո­ւե­ցաւ, երբ 27 ­Հոկ­տեմ­բեր 1913ին այդ­պէ՛ս՝ յան­կա՛ր­ծա­կի կտրո­ւե­ցաւ կեան­քի թե­լը ­Գա­ղա­փա­րի ­Մեծ Ու­սու­ցի­չին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Խիղ­ճը մարմ­նա­ւո­րած ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի «Աշ­խար­հիկ ­Սուրբ»ին եւ «Ըն­կե­րա­յին Նա­զով­րե­ցի»ին։

 

Անհրաժեշտ է հաշիւ պահանջել Թուրքիայէն, որպէսզի նման սպանդներ այլ երկիրներու մէջ ալ չկրկնուին

$
0
0

Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան Սոչիի Միջօրթոտոքսեան Խորհրդարանական ՀամաԺողովին Սուրիան Ներկայացուց

22 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ միջօրթոտոքսեան խորհրդարանական ընկերակցութեան Կեդրոնական Մարմնի եւ մասնագիտական յանձնախումբերու համաժողովին պաշտօնական բացումը։

Համաժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ այսօր՝ 23 Հոկտեմբերին։

Սոյն ժողովին Սուրիան կը ներկայացնէր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, որ արաբերէնով խօսք առնելով ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը։
Արտասանուած խօսքերը տեղւոյն վրայ կը թարգմանուէին չորս լեզուներու։

Րէիսեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Սուրիոյ տագնապի հրահրման ու երկրին քանդումին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերին վրայ՝ դիտել տալով, որ միջազգային ընտանիքը 100 տարի առաջ նոյն բարբարոսներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպնութիւնը դատապարտելու համար գործի չանցաւ, նոյնիսկ խօսքը զլացաւ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիա, նախորդ տարիներուն, նոյնանման ոճիրներ գործելու յանդգնութիւնը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ՝ անտեսելով միջազգային բոլոր օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի որոշումները։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ եթէ կարկինը լայն բանանք, նոյն ոճիրներուն կրկնութիւնը, նոյն ոճով ու անմարդկայնութեամբ պիտի տեսնենք նաեւ Արցախի սահմաններուն վրայ, Սումկայիթի ու Խոջալուի մէջ, այս անգամ Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած։

Վերադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին, Րէիսեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հաշիւ պահանջել Թուրքիայէն, որպէսզի նման սպանդներ այլ երկիրներու մէջ ալ չկրկնուին։

Այնուհետեւ Կիպրոսի ներկայացուցիչը երկրորդելով Րէիսեանի ըսածները դիտել տուաւ, որ Կիպրոսի հարցը եւս Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն հետեւանքով յառաջացաւ եւ ժողովին առաջարկեց կոչ ուղղել միջազգային ընտանիքին՝ դատապարտելու Թուրքիան․ առաջարկը կրկնեցին նաեւ Յունաստանի, Հայաստանի եւ Ալպանիոյ ներկայացուցիչները։

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Գեղամեան յայտնեց, որ բաւական է միջազգային գրականութեան ակնառու ներկայացուցիչներէն Վիքթոր Հիւկոյի «Հոսկէ թուրքերը անցան» խօսքը վերյիշել ու տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ վերաբերմունքը առ այսօր նոյնն է։ Ան նկատել տալով, որ Րէիսեան կրնար անդրադառնալ նաեւ հայկական եկեղեցիներուն նկատմամբ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն։ Վերոյիշեալ երկիրներու ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է գործնական պատիժներ սահմանել Թուրքիոյ, որպէսզի կարելի ըլլայ զսպել պատմութենէն եկող ու մեր օրերուն շարունակուող անոր ոճրային վարքագիծը։

kantsasar.com

«Նոր Յառաջ»ի խմբագրական. Պայքարի հրամայականը

$
0
0

Պրիւսէլը՝ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքը, դարձած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպումի եւ բախումի կեդրոնավայր։ Քաղաքական ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, մշակոյթի ու գիտութեան զանազան ասպարէզներու մարդիկ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ կը հասնին այնտեղ իրենց ազգային դատը, հաւաքական շահը պաշտպանելու եւ կամ անձնական նպատակով՝ գործ, ուսում, զբօսաշրջութիւն։

Այս եռուն միջավայրին մէջ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի Հայերու դաշնակցութիւնը (իմա՝ EAFJD եւ կամ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը) իր 4-րդ համագումարը կազմակերպեց Հոկտեմբեր 18-19-ին՝ երկու օրուան երկայնքին, ուր նոյնպէս աշխարհի չորս ծագերէն Հայութեան տարբեր ներկայացուցիչներ՝ պետական, կրօնական, կուսակցական, մշակութային, երիտասարդական, կրթական, եւ Հայ դատի մասնագէտներ, եկած էին միասնաբար խորհրդածելու ապագայի ռազմավարական ծրագրերու շուրջ, հաշուետւութիւն կատարելու մօտիկ անցեալին իրագործուած աշխատանքներուն մասին։

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած համագումարը Պրիւսէլի նման բազմազգ կեդրոնի մէջ՝ համահունչ էր տիրող միջավայրին գոյութիւն ունեցող աշխարհաքաղաքական միջազգայնացած պայքարներուն։ Ան ունէր ճիշդ հնչողութիւն իր բովանդակութեամբ եւ հրաւիրեալ զեկուցաբերներու ընտրութեամբ, արծարծուած նիւթերու կարեւորութեամբ։ Նպատակայարմար որոշում էր նաեւ համագումարին լման մէկ օրուան (Հոկտեմբեր 19) նիստերուն ծրագրումը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ուր Հայ դատի հետապնդումին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մերձեցման, Արցախի անկախութեան նեցուկ հանդիսանալու կարեւոր խնդիրներու քննարկման մասնակցեցան եւրոպացի խորհրդարանականներ, մասնագէտներ, դէտեր։

Որքան ալ Հայերը Եւրոպայի մէջ բնակչութեան քանակով՝ չնչին միաւոր մը ներկայացնեն, այսուհանդերձ, Հայ դատի հետապնդումը պէտք ունի չափուելու, բախելու եւրոպական արժէքներուն, պահանջներուն եւ չափանիշերուն, ծանօթացուելու Եւրոպայի մայրաքաղաքին մէջ։ Այս առումով Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած 4-րդ համագումարը էական գործողութիւն մըն էր։
Իսկ այս առթիւ Ֆլամանական ու Վալոնական խորհրդարաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծումը, նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ, քաղաքական շատ կարեւոր նուաճում մըն էր։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Սփիւռք համագումարները որքան ալ կարեւոր հանդիպումներ ըլլան Հայութեան գլխաւոր երկու հատուածներէն անձեր քով-քովի բերելու տեսանկիւնէն, որքան ալ հոն արծարծուող նիւթերը էական ըլլան Հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները քննարկելու առումով՝ անոնք կը մնան ապարդիւն, ոչ-գոհացուցիչ, իրենց զուտ ներհայկական բնոյթին, ներպետական քարոզչական մեքենային խիստ ենթակայութեան պատճառով։

Բարեբախտաբար, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած համագումարը կրցաւ պահպանել հաւասարակշռութիւնը հայկական պետական եւ կրօնական ներկայացուցչութեան եւ այլ մասնագիական ներկայացուցիչներու, զեկուցաբերներու միջեւ։

Այս՝ 4-րդ համագումարին կարեւոր երեւոյթներէն էր Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին՝ հատուցման գործընթացին իրաւական գետնի վրայ հետապնդումը, հոգ չէ թէ՝ դար մը ուշացումով։ Այս առընչութեամբ՝ Արամ Ա. վեհափառի ներկայութիւնը եւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերստացման ուղղուած անոր դատական նախաձեռնութիւնը կարեւոր մեկնակէտ կը հանդիսանան Հայ դատի գրասենեակին կողմէ Armenian Legal Center-ի հիմնադրման, որուն պատասխանատւութիւնը ստանձնած է Քեն Խաչիկեան։

Բարեբախտաբար, Համագումարի աւարտին չհրատարակուեցաւ ազգը փրկելու կոչուած հռչակագիր։ Տարուած տքնաջան աշխատանքը շատ համեստ է բաղդատած Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ գործի լծուած աշխարհաքաղաքական մտայնութիւններուն եւ շահերուն, անոնց ետին գտնուող ռազմավարական կեդրոններու տարած աշխատանքին եւ ի գործ դրած դրամագլուխին։ Յամրաքայլ նուաճումները կը մնան իսկական կայուն յառաջխաղացք։ Յանուն արդարութեան՝ պայքարը շարունակելու շարժիչ։

Ժ.Չ.

Զօրակցինք Լիբանանի Հայ Համայնքին

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2018ի Մայիսին: Այս ընտրութիւններուն, Լիբանանի խորհրդարանին որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող լիբանանցիները եւս իրաւունք պիտի ունենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարելու՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ:

Լիբանանի խորհրդարանական նախորդ ընտրութիններուն, Արեւմտեան Ամերիկա բնակող եւ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող հայորդիները զանգուածային կերպով ընդառաջեցին շրջանիս պատասխանատու կառոյցներու կոչին, մեկնեցան Պէյրութ եւ իրենց քուէով արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնը տեղւոյն հայ համայնքին:

Այժմ եւս առիթը ներկայացած է, որ շրջանիս լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող հայութիւնը դարձեա՛լ իր զօրակցութիւնը յայտնէ լիբանանահայ համայնքին, այս անգամ՝ տեղւոյն վրայ մասնակցելով Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտասահմանի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով, ժամկէտ ճշդուած է 20 Նոյեմբերը, երբ արտերկրի բոլոր լիբանանցի քուէարկողները պարտին ելեկտրոնային արձանագրութեանց ճամբով ապահոված ըլլալ իրենց քուէարկելու իրաւունքը: Արձանագրուելու համար պէտք է այցելել Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջը՝ https://diasporavote.mfa.gov.lb/։

Դիւրացնելու համար արձանագրուիլ փափաքողներու աշխատանքը, մանաւանդ համակարգիչ գործածելու դժուարութիւն ունեցող տարեցներուն աջակցելու նպատակով, Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած է «Լիբանանահայ ընտրական յանձնախումբ» մը:

Սոյն յանձնախումբը ձեռնարկած է կազմակերպական նախապատրաստական աշխատանքներու եւ որոշած է գործել շրջանէս երեք հայկական կեդրոններու՝ Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Էնսինոյի մէջ: Յանձնախումբը շուտով պիտի դիմէ հանրութեան՝ աւելի յստակ ցուցմունքներով, հանրութեան փոխանցելով աջակցութեան դիմելու հարկաւոր հասցէներ ու հեռաձայնի թիւեր:

Ողջունելով այս յանձնախումբին կազմութիւնը՝ կը յորդորենք լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցողները՝ օգտուիլ անոր ծառայութենէն:

asbarez.com

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Յունաստանի Կառավարութեան Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

$
0
0

Այս առաւօտ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Աթէնք՝ ընդառաջելով Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարի հրաւէրին։ Յաջորդող օրերուն Վեհափառ Հայրապետը պիտի մասնակցի պետութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք միջազգային համագումարին՝ յատկացուած Միջին Արեւելքին եւ ընդհանրապէս ներկայ ընկերութեան մէջ կրօններու ու մշակոյթներու համակեցութեան ու երկխօսութեան։

Սոյն համագումարին Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ պիտի ըլլայ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Համագումարին նաեւ պիտի մասնակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, որպէս անդամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական պատուիրակութեան։

Այս առիթով, Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ին, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը պիտի ուղղէ Յունաստանի հայութեան եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային Իշխանութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ։

Աշխարհը Դէպի Ո՞ւր՛ Անջատողական Շարժումներու Լոյսին Տակ

$
0
0

«ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹ ԺՈՒՌՆԸԼ»

Անջատողական շարժումներու լուրեր վերջերս կը գրաւեն միջազգային մամուլի առաջին էջերը: Կը խօսուի Քաթալոնիոյ,Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի, Սկովտիոյ եւ նոյնիսկ Պիաֆրայի մէջ նոր պետութիւններու ստեղծման մասին: Պիաֆրա կը գտնուի Նիկերիոյ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, ուր նմանօրինակ փորձ մը արիւնալի քաղաքացիական պատերազմի դուռ բացած է 1967-70 թուականներուն:

Բնականօրէն այս շարժումները իրերանման չեն: Քաթալոնիոյ եւ Սկովտիոյ շարժումներ տեղի կ՛ունենան թէ՛ միջազգային չափանիշներով ներդաշնակ եւ ամրապնդուած ժողովրդավարութիւններու եւ թէ՛ աշխարհի խաղաղ մէկ տարածաշրջանին մէջ: Նկատի առնելով որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ՕԹԱՆ-ը կ՛երաշխաւորեն հաստատութենական ամուր ենթահող, ապա անջատողական շարժումները յոյսով են, որ իրենք պիտի կարենան վայելել քաղաքական անկախութեան բարիքները` առանց կորսցնելու բարգաւաճման եւ անվտանգութեան լծակները, զորս կը վայելեն մեծ եւ հզօր պետութիւններու քաղաքացիները: Փաստօրէն այսօր Եւրոպա դարձած է այն վայրը, ուր փոքր ազգերը կրնան ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ:

Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի, Պիաֆրայի, Փաքիսատանի եւ Իրանի միջեւ տարածուող Պելուչիստանի շրջանին եւ յետգաղութատիրական աշխարհի այլ վայրերուն մէջ, շատ տարբեր են եւ կը ներկայացնեն աւելի մեծ մարտահրաւէրներ` միջազգային խաղաղութեան համար: Եւրոպական համեմատաբար համեստ անջատողական շարժումները կը յենին ուժեղ հաստատութիւններու, սահմանադրական յարգուած պայմանաւորուածութեան եւ քաղաքացիական ամուր հասարակութեան վրայ: Յետգաղութատիրական աշխարհը գրեթէ զուրկ է այս բարիքներէն:

Տակաւին, գաղութային սահմանները յաճախ չեն արտայայտեր ազգային, ցեղային, կրօնական կամ նոյնիսկ աշխարհագրական իրականութիւնները: Իրաքի, Նիկերիոյ եւ բազմաթիւ այլ պետութիւններու սահմանները գծուած են գաղութատիրական ուժերու կողմէ` առանց հաշուի առնելու տեղացիներու ցանկութիւնները կամ կարիքները: Մասնակիօրէն, հետեւանք այս իրողութեան, այդ երկրներուն մէջ ձեւաւորուած յետգաղութատիրական պետութիւններէն շատերը կը տատանին բռնապետութեան եւ անբարոյականութեան միջեւ մշտական փտածութեան մթնոլորտի մէջ: Գաղութատիրութիւնը եւ անոր յատկանիշներէն ցեղապաշտութիւնը տակաւին առկայ են ներկայ դասաւորումներուն մէջ: Փաստօրէն ափրիկեան բազմաթիւ «ցեղախումբեր» աւելի մեծ են, քան` եւրոպական որոշ «պետութիւններ» եւ նոյնպէս տէր են լեզուական ու մշակութային ժառանգութեան: Կան շուրջ 34 միլիոն իկպոներ Նիկերիոյ Պիաֆրա նահանգին եւ սահամանամերձ երկիրներուն մէջ, բաղդատած` եօթը միլիոն պուլկարացիներու, 6 միլիոն դանիացիներու եւ երկու միլիոն սլովենացիներու:

Ամէն պարագայի, Երրորդ աշխարհի մէջ անջատողական շարժումերու որեւէ զարգացող ալիք կրնայ աշխարհաքաղաքական եւ մարդկային մղձաւանջ պատճառել : Հարաւային Սուտանը, Ռուանտան, Սուրիան եւ Միանմարը կը յուշեն, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ ազգային եւ կրօնական ինքնորոշման հարցերը բիրտ միջոցներով կ՛արտայայտուին: Հետեւանքը, որոշ հազուադէպ բացառութիւններով (Էրիթրիա, Արեւելեան Թիմոր եւ Պանկլատէշ), աշխարհը մտահոգութեամբ կը նայի անկախութեան եւ յետգաղութատիրական երկրներու անջատողական շարժումներուն: Արեւմուտքը յոյս ունէր, որ արդիականացումը, իմա՛ տնտեսական զարգացումը եւ ժողովրդավարութեան տարածումը, պիտի մարեն ինքնորոշման տագնապները եւ ազգայնական նկրտումները: Սակայն Նափոլէոնի պատերազմներէն սկսեալ մինչեւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք շարունակուող պատերազմները ցոյց կու տան, որ Եւրոպայի պատմութիւնը ազգային ազատագրական շարժումներու պատմութիւն է, որ աւելի զօրաւոր կերպով թափ առած է տնտեսական եւ ընկերային բարգաւաճման զուգահեռ: Փաստօրէն Եւրոպայի տարածքին զօրացող միջին դասակարգը դարձած է լծակիցը ազգայնական շարժումներուն: Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի բազմազգեան եւ բազմամշակութային միաւորումները եւ կայսրութիւնները բաժան-բաժան դարձան արդիականացման կեդրոնական ուժերուն կողմէ: Ցեղասպանական ջարդերը եւ զանգուածային տարագրութիւնները դարձան սովորական, երբ այդ հակամարտութիւնները ծագեցան 19-րդ եւ 20-րդ դարերու սկիզբը: 1990-ականներուն անոնք վերստին բռնկեցան, երբ Խորհրդային Միութիւնը եւ Եուկոսլաւիան փուլ եկան: Հիմա, երբ տնտեսական եւ ընկերային զարգացումները կը փոխակերպեն յետգաղութատիրական աշխարհը, մենք ականատես կ՛ըլլանք ազգային եւ կրօնական ինքնորոշման զարթօնքի հետ առնչուող քաղաքական նոր շարժումներու, նոյնքան վտանգաւոր, որքան անցեալին պատահածները` Եւրոպայի մէջ:

Անջատողական հակամարտութիւնները որեւէ ատեն կրնան դառնալ բիրտ` սպառնալով աշխարհի խաղաղութեան, յատկապէս երբ մրցակից մեծ ուժերը կողմնորոշուին հակադիր կողմերուն հետ: 100 տարի առաջ Պալքանները դարձան Եւրոպայի «դիւրավար տակառ»-ը, ոչ միայն այն պատճառով, որ տարբեր փոքր ազգեր թշնամական տրամադրութիւններ ունէին, բայց մանաւանդ անոր համար, որ Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ նման մեծ ուժերը միջամտեցին` Սերպիոյ ազգային ազատագրական պայքարը վերածելով համաշխարհային պատերազմի: Այսօր մտահոգիչ է տեսնել, որ յետգաղութատիրական երկիրներու մէջ անջատողական եւ ինքնորոշման շարժումներու աճը կը համընկնի մեծ պետութիւններու միջեւ զարգացող մրցակցութեան: Սուրիոյ, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ մենք արդէն կը տեսնենք, թէ որքա՛ն մեծ ուժերու հակամարտութիւնները կ՛արտայայտուին տեղական բախումներու ճամբով, մանաւանդ երբ արտաքին ուժերը կողմնորոշուելով, օրինակ, սիւննիներու, շիիներու, քիւրտերու եւ այլ խմբաւորումներու հետ եւ անոնց տրամադրելով զէնք ու զինամթերք` սահմանափակ հակամարտութիւնները կը վերածեն երկարատեւ տագնապներու:

Մեծ ուժերու աճող մրցակցութիւնը սկսած է մխրճուիլ ինքնորոշման առնչուող քաղաքական հարցերու մէջ. այս հանգոյցը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր խաղաղ ապագայի մը նկատմամբ: Պաղ պատերազմի աւարտին Արեւմուտքի մէջ շատերը կ՛ակնկալէին, որ կը գտնուինք «յետպատմական» դարաշրջանի մը սեմին, ուր հակամարտութիւնները պիտի ըլլան հազուադէպ: Այդ նախատեսութիւները կամաց-կամաց կը չքանան:

 

 

 


Տեսակէտ. Մնայուն Ղեկավար Մնալու Բարդոյթը

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ այսօրուան կարգ մը պետութիւններու ղեկավարները կը հաւատան ժողովրդավարութեան, ընտրութիւններու, թափանցիկութեան, երբ դիմացը ոչ մէկ ընդդիմութիւն կը ձգեն, եւ ապագան առանց իրենց մութ կ՛երեւի:

Այդպէս է կացութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխանութենէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն յետամնաց Ափրիկէի երկիր մը:

Իշխանութեան վրայ բազմած, լծակները ամբողջութեամբ օգտագործած, ընդդիմութիւնը արմատէն ճզմած եւ վախի ու սարսափի մթնոլորտով, հալածանքի եւ աքսորի ընտրանքով կարգ մը երկիրներու ղեկավարները ղեկավար մնալու բարդոյթին մէջ են: Իրենց հոգեկանին վրայ այդ բարդոյթը այդքան վտանգաւոր ազդեցութիւն ձգած է, որ կը նմանին այն մանուկին, որ ոտնագնդակ խաղցած ատեն կը ծեծէ բերդապահը, եթէ ան գնդակը բռնէ:

Ուրիշ խօսքով` պէտք է ինք միշտ հարուածէ, եւ բերդապահն ալ միշտ ձգէ, որ կէտ արձանագրէ, այլապէս ծեծ կ՛ուտէ:

Կ՛երեւակայէ՞ք այս իշխանաւորներուն վտանգը ո՛չ միայն իրենց ժողովուրդին, այլ նաեւ շրջապատի երկիրներուն վրայ: Նոյնիսկ կ՛ըսուի, որ Լիպիոյ մէջ Մուամար Քազզաֆիի օրերուն, երբ երկրի ղեկավարին քունը գար, եւ ան քնանալ ուզէր, պետական պատկերասփիւռի կայանը իր յայտագիրը կը դադրեցնէր, ուր որ հասած ըլլար, որպէսզի ժողովուրդն ալ երթար քնանալու երկրին ղեկավարին նման:

Աւելի՛ն. Քորէայի նախագահին մազի կտրուածքը եւ սանտրուածքը միակ տեսակն է, որ արտօնուած է երկրին մէջ… երեւակայեցէք:

Վերոնշեալ իրականութիւնները ցցուն օրինակներ են, ուրիշ երկիրներու կամ ընկերութիւններու մէջ այդքան ակնառու երեւոյթներ չկան, սակայն մտքի, մտաւորականի, մարդու, մտածողի տեսակի նոյնութեան      ճիգ ի գործ կը դրուի: Կ՛ապսպրուի, որ միայն ծափող կամ քուէարկող պէտք ունին: Կարեւոր չէ որ ո՞վ է, ի՞նչ է, ինչո՞ւ համար է, որո՞ւ համար է: Իրենք ամէն բան գիտեն, դուն միայն քուէարկէ ու տուն գնայ: Գործդ, եկամուտդ, պաշտօնդ, այլազան մտահոգութիւններդ ապահովուած են: Ստրկութեան եւ յետադիմական մտածողութեան ուրիշ ձեւ մըն է: Աւելի՛ն. «Դուն մի՛ մտածեր, մենք քու տեղդ կը մտածենք»-ի քաղաքականութիւնն ալ բութութեան կը հասցնէ ընկերութիւնները:

Երբ ունկնդրես ղեկավարներուն հետ կատարուած հարցազրոյցները, անոնք կը յայտնենք, որ «յոգնած են», «սիրտ չունին», «իրենք չէ, որ կ՛ուզեն այդ դիրքին վրայ մնալ, այլ ժողովուրդը կը պարտադրէ», «մտաւորականներ կամ տարեցներ կը թելադրեն, որ ապահովութեան երաշխիք է» եւ այլն, եւ այլն:

Ամէնէն հեգնականը սակայն այն է, երբ ըսեն. «Ես չկամ յառաջիկայ ընտրութիւններուն»:

Վերջապէս այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի երկրագունդը: Նոյնքան ալ բոլոր ժամանակներէ աւելի բարդութաւոր ղեկավարներու փաղանգով մը կը ղեկավարուին կարեւոր վճռորոշ երկիրներ:

Արդ, լուծումները այդքան ալ պարզ պիտի չըլլան:

 

 

Ազգային Մշակոյթը Իբրեւ Լինելութեան Գրաւական*

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ-ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Եկէք` զիրար չխաբենք, փորձենք պահ մը իրատես ըլլալ եւ ընդունինք, որ ազգային մեր իրաւունքներուն տիրանալու համար մենք տակաւին խնդրողի դերի մէջ ենք: Իսկ խնդրողի դերէն դուրս գալու համար, նախ եւ առաջ, միջազգայնօրէն մրցունակ ՈՒԺ-ի պէտք ունինք: Փաստօրէն տակաւին մենք միջազգայնօրէն մրցունակ չենք ո՛չ զինուորապէս, ո՛չ աշխարագրական դիրքով եւ ոչ ալ տնտեսապէս` մեր երկրի ընդերքի հարստութեամբ: Սակայն հնարաւորութիւն ունինք մրցունակ ըլլալու մեր մշակոյթով` բառին ամենալայն ըմբռնումով ու հասկացողութեամբ: Եթէ կարողանանք քաղաքականացնել ու տնտեսականացնել մեր մշակոյթը, ապա կրնանք նաեւ ուժի վերածել զայն ու ի սպաս դնել հայրենաշինութեան: Այս պարագային, երբ ՄՇԱԿՈՅԹ կ՛ըսենք, կը հասկնանք ազգային ստեղծագործ միտքի արգասիքը` իր ընդհանուրին մէջ:

Պատմութիւնը գիտե՛նք, գիտենք նաեւ, որ վաղնջական ժամանակներէն` հազարամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած է հայ ստեղծագործ միտքի արտահոսք հայրենիքէն դէպի դուրս: Վերջին երեք տասնամեակներուն (յատկապէս` սկզբնական շրջանին) այս երեւոյթը հասաւ մտահոգիչ չափերու: Բարեբախտաբար  այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցած է եւ ունի նաեւ ներհոսք: Այսօր, շնորհիւ սփիւռքի եւ յարակից այլ նախարարութիւններու, հայ ստեղծագործ մտքի արտահոսքի գործընթացը որոշ չափով դանդաղած կը թուի ըլլալ, որուն զուգահեռ, որոշ չափով ներհոսքի գործընթացը որոշ  աշխուժացած: Սակայն տրուած ըլլալով, որ աշխարհի տարածքին ցրուած հայ ստեղծագործ միտքը չափազանց շատ աւելին է, քան այն, որ այսօր կը ծառայէ հայրենիքին, հարկաւոր է յատուկ (ներսէն թէ դուրսէն) կազմակերպուած աշխատանք տանիլ այս ուղղութեամբ, որպէսզի սփիւռքահայ ստեղծագործ մտքի նեկայացուցիչները հնարաւորութիւն ունենան իրենց կարողականութիւնը առաւելագոյն չափով ի սպաս դնելու յանուն հայրենիքի զարգացման եւ բարգաւաճման: Նկատի առէք, որ մերօրեայ գերզարգացած արհեստագիտութեան ժամանակաշրջանին բարձրորակ մշակոյթով պայմանաւորուած մարդուժի որակը շատ աւելի կենսական նշանակութիւն ունի, քան` քանակը: Հինէն ի վեր, ի սկզբանէ մենք գրաւը դրած ենք աւելի շատ որակի վրայ, քան` քանակի: Փաստօրէն ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեր ազգային ինքնուրոյն ու բարձրորակ մշակոյթն է, որ ապահոված է մեր ազգային վարկն ու գոյատեւումը:

Ի վերջոյ ԱԶԳԸ ՄՇԱԿՈՅԹ Է:

Գործնական գետնի վրայ մեր հիմնական ԲԱՑԹՈՂՈՒՄԸ հետեւեալն է: Մենք բոլորս ալ կը խօսինք ու կը գրենք Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼՈՒ մասին շատ աւելի, քան` ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՐԾԵԼՈՒ: Ահաւասիկ ա՛յս է հիմնական հարցը: Այո՛, Խնդիրը ԻՆՉՊԷ՞Ս-ին մէջն է: Թէեւ միշտ չէ, որ ԻՆՉՊԷ՞Ս-ին իրագործումը կախեալ է մեզմէ, այնուամենայնիւ անլոյծ համարուող խնդիրներէն ու նոյիսկ գիւտերէն շատեր իրագործուած են ճգնաժամային կացութիւններու ստիպողութեան տակ` գերագոյն ճիգերու շնորհիւ:

Այո՛, այսօր մեզմէ ակնկալուածը Գերագոյն ճիգն է, անկարելին կարելի դարձնելու «արկածախնդրութիւն»-ը, որովհետեւ մենք (յատկապէս սփիւռքահայերս) ճգնաժամի մէջ ենք եւ կը գտնուինք ԸԼԼԱԼ ՉԸԼԼԱԼՈՒ անմիջական սպառնալիքի տակ: Այսօր սփիւռքի մէջ տակաւին կը գոյատեւենք, այո՛, բայց յստակ չէ մեզի, թէ մինչեւ ե՞րբ: Վտանգուած է արեւմտահայերէնը, վտանգուած է հայ դպրոցը, վտանգուած է Հայ եկեղեցին, վտանգուած է հայ ընտանիքը` իր սրբութիւններով ու աւանդութիւններով հանդերձ, փոխուած են ազգային բարոյականութեան չափանիշները եւ ազգային պատկանելիութեան հարցը օր ըստ օրէ աւելի ու աւելի՛ լուսանցք կը մղուի: Իսկ  ամէնէն մտահոգիչը` մեր ինքնութիւնը  սկսած է շեղիլ իր հունէն եւ ազգային արմատներէն: Թէեւ ահազանգ հնչեցնելու սեմին կը գտնուինք, անուամենայնիւ, խուճապի մատնուելու հարկ չկայ: Ինչպէս հազարամեակներու ընթացքին, այսօր եւս մեր գոյատեւումը պայմանաւորուած է ինքնուրոյն ու բարձորակ ազգային մշակոյթով: Այո՛, հարկաւոր է ամէն գնով շրջանցել յարանուանական, քաղաքական, հատուածական եւ նոյնիսկ անձնական բոլոր տեսակի տարակարծութիւններն ու անհամաձայնութիւնները, համախմբուիլ հայրենիքի շուրջ եւ զարկ տալ մշակոյթին: Թէ ինչպէ՞ս: Այդ մէկը հնարաւոր է իրագործել մասնագէտներու միջոցով միայն ու մշակել մեր ժամանակներու համապատասխան ազգային մշակութային նոր քաղաքականութիւն:

Այսօր թէեւ մեր արուեստի տեսակներէն ու ազգային աւանդութիւններէն շատեր համաշխարհայնացման յորձանուտի ճնշման տակ աղաւաղուած ու վտանգուած կը թուին ըլլալ, սակայն մշակութային գրեթէ մեր բոլոր բնագաւառները քիչ թէ շատ զարգացման ու բարգաւաճման ընթացքի մէջ կը գտնուին հայրենիքի մէջ ու յաճախ կ՛արժանանան նաեւ միջազգային ուշադրութեան ու գնահատման: Յատկապէս` երաժշտութեան, շարժապատկերի եւ կամ կերպարուեստի բնագաւառները:

Այսօր իւրաքանչիւր ազգ-պետութիւն (նոյնիսկ` մեզմէ մշակութապէս շատ աւելի տկար ժողովուրդներ) ոգի ի բռին կ՛աշխատին իրենց ազգային մշակոյթը ծանուցել, միջազգայնացնել եւ առաջ մղել: Ոմանք ոչ միայն մեծ փորձ եւ նուաճում կուտակած են այս ուղղութեամբ, այլ նաեւ յաջողած են փոքր ազգերու բարձրորակ մշակոյթը կամ մշակութային որոշ երակներ իւրացնել ու ներկայացնել իբրեւ իրենցը: Անոնք գիտեն, որ մշակութային հզօրութիւնը ոչ միայն կը բարձրացնէ ազգի որակն ու վարկը յաչս օտարներուն, այլեւ իրեն հետ կը բերէ նաեւ տնտեսական բարգաւաճում ու քաղաքական հեղինակութիւն:

Թուենք կարգ մը տուալներ` ցոյց տալու համար, թէ ինչպիսի՛ ազդակներ կը պակսին մեր մշակոյթին.

ա.- Մինչեւ հիմա սփիւռքի ամբողջ տարածքին ոչ մէկ ժամանակակից արուեստի թանգարան ունինք: Նոյնիսկ ներկայանալի «վիրթուալ» (vertual)  թանգարան մը չունինք: Տարբեր ազգեր ունին, յաճախ` մէկէ աւելի: Իսկ այն ժամանակակից արուեստի թանգարանը, որ գոյութիւն ունի Երեւանի մէջ, բնաւ չի համապատասխաներ մեր կերպարուեստի ո՛չ որակին եւ ո՛չ ալ միջազգային չափանիշներու: Հոս հարկաւոր է, սակայն, գոհունակութեամբ արձանագրել, որ հայրենիքի մէջ կը գործեն տարբեր տեսակի բազմաթիւ թանգարաններ, որոնցմէ ոմանք իրենց տեսակին մէջ մրցունակ են միջազգայնօրէն (ինչպէս` Թումանեանի տուն-թանգարանը): Սփիւռքի պարագային կան շարք մը հայ միջնադարեան հոգեւոր արուեստին նուիրուած թանգարաններ (Վենետիկ, Երուսաղէմ, Անթիլիաս, Զմմառ, Սպահան…), որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ունեցած հաւաքածոյի գեղարուեստական կշիռին համապատասխան հայ ազգային մշակոյթը կը ներկայացնէ օտարներուն:

բ.- Հայ առաքելական եկեղեցին իր գոյութեան աւելի քան տասնեօթը դարերու ընթացքին հեթանոսական մեր մշակոյթը զարգացուց ու կատարելագործելով` տուաւ մեզի ազգային  ինքնատիպ մշակոյթ: Մեր ինքնութեան մասին երբ խօսք կը բացուի, ամէնէն առաջ հպարտութեամբ կը մատնանշենք հայ միջնադարեան հոգեւոր արուեստները: Այսօր, սակայն, մենք ժամանակակից հոգեւոր մշակոյթ գրեթէ չունինք: Եւ ոչ միայն չունինք, այլ ունենալու խնդիրն ալ գոյութիւն չունի: Եւ զարմանալիօրէն շատեր կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ մեր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը անտարբեր է եւ հեռու կը մնայ հաւատքէ ու եկեղեցի չի յաճախեր:

գ.- Մեր ազգային մշակոյթի ամէնէն ինքնուրոյն երակը խաչքարային արուեստն է: Մինչեւ հիմա ո՛չ յատուկ խաչքարային արուեստի թանգարան ունինք եւ ո՛չ ալ անոր հարստութեան, որակին ու բովանդակութեան համապատասխան ուսումնասիրութեան կեդրոն: Դժբախտաբար հայ խաչքարային արուեստի նմուշներէն շատեր վտանգուած են, նոյնիսկ` ներկայ Հայաստանի տարածքին: Իր մէջ պարունակած պատմական ու կենցաղային եւ ահասարակ մշակութային յիշողութեամբ եւ կամ գեղարուեստական բարձր մակարդակով հայ խաչքարային արուեստը չի զիջիր հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան: Եթէ կարողանանք կառուցել խաչքարային արուեստի բացօթեայ թանգարան եւ անոր կից գործող գիտահետազօտական կեդրոն, վստահ եղէք, որ Մատենադարանին չափ եւ թերեւս ալ աւելի օտար մասնագէտներ ու զբօսաշրջիկներ պիտի ներգրաւէ դէպի հայրենիք:

դ.- Հինէն ի վեր մշակոյթի զարգացման ու տարածման մէջ կենսական դեր կատարած են ու կը շարունակեն կատարել մեկենասներն ու բարերարները: Մեծարելու եւ գնահատելու համար իրենց մշակութանուէր գործունէութիւնն ու քաջալերելու համար նորերը` հարկաւոր է առանձին թանգարան կառուցել անոնց յիշատակին:

ե.- Հակառակ անոր որ հայ գորգարուեստը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն մինչեւ օրս մենք գորգարուեստի յատուկ թանգարան չունինք: Ազերիները ունին քանի մը հատ, իսկ թուրքերը` շա՛տ աւելին: Անոնք կը շարունակեն Արեւմուտքը համոզել, որ գորգարուեստի ռահվիրաները իրենք են: Այցելեցէք Ուաշինկթընի Գորգարուեստի թանգարանը, Քոփենհակընի մօտերը գտնուող շէյքսփիրեան Համլեթի պալատ-բերդը (Kronborg Castle) եւ կամ Գահիրէի Արեւելեան արուեստներու թանգարանը եւ պիտի նշմարէք, որ հոն կախուած (կասկած չյարուցող) հայկական գորգերը ներկայացուած են իբրեւ թրքական: Նոյնն է պարագան  ԳէՕԹԱՀԻԱՅԻ յախճապակեայ արուեստին, ինչպէս նաեւ` հայկական կիրառական բոլոր տեսակի արուեստներուն, զորս Արեւմուտքը կը ճանչնայ իբրեւ թրքական: Բարեբախտաբար իրատես եւ օտար մասնագէտներն են, որոնք երբեմն կը բացայայտեն թրքական կարծուած մշակութային որոշ տեսակներու հայկականութիւնը: Գորգի պարագային, եւրոպացի մասնագէտներ (Վոլքմար Կանծհորն, Ուլրիչ Շուրման. Ալ. Ֆոքքըր…) բացայայտեցին եւ ապացուցեցին ազերիական ու թրքական համարուած բազմաթիւ գորգատեսակներու հայկական ծագումն ու բնոյթը:

զ.- Կը պարզուի, որ պատմութեան ընթացքին թուրքերը շատ աւելի իսլամ կոտորած են, քան` քրիստոնեայ: Անոնք իսլամական մշակոյթին շատ աւելի վնաս հասցուցած են, քան` քրիստոնէականին: Այս ուղղութեամբ մենք տակաւին չունինք լուրջ ու գիտական ուսումնասիրութիւններ, որոնց  հիման վրայ կարելի ըլլայ գրել հանրամատչելի գիրքեր (արաբերէն եւ այլ լեզուներով), նկարահանել վաւերագրական ժապաւէններ (թէկուզ նաեւ` գեղարուեստական)  որպէսզի կարողանանք համոզել ու ապացուցել իսլամական աշխարհին, որ թուրքերուն եւ մեր հարցը կրօնական չէ:

է.- Այսօր ոչ մէկ պարբերական ունինք` նուիրուած հայ արուեստին կամ առհասարակ հայ մշակոյթին: Խորհրդային շրջանին ունէինք, նոյնի՛սկ հարիւր տարի առաջ ալ ունէինք (Գարեգին Լեւոնեանի հրատարակած «Գեղարուեստ»-ը Թիֆլիսի մէջ), իսկ այսօր`ոչ:

է.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին յատուկ արուեստաբանութեան ամպիոն չունէինք, այսօր ունինք, սակայն մեր մշակոյթի որակին եւ քանակին համապատասխան արուեստաբաններ չունինք տակաւին: Հարկաւոր է յատուկ ուշադրութեան արժանացնել արուեստաբանութեան մասնագիտութիւնը:

ը.- Մեր բոլորիս ուրախութիւնն ու հպարտութիւնն է միաժամանակ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի յաջողութիւնն ու ամէնամեայ բարգաւաճումը: «Ոսկէ ծիրան» ունեցող ժողովուրդ մը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ ունենալ ատոր համապատասխան կերպարուեստի փառատօն, մանաւանդ որ նախ կերպարուեստը (երաժշտութեան նման) լեզու չունի, եւ ապա հայրենի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներէն շատեր կը կարեւորեն անոր իրագործումը:

Այս շարքը կարելի է երկարել ի հարկին: Իբրեւ օրինակ նեկայացուցինք այնպիսի հարցեր միայն, որոնց լուծումները մեր ուժերէն վեր չենք համարեր: Կը մնայ ճշդել եւ գտնել ԻՆՉՊԷ՞Ս-ը: Այսինքն` այն միջոցները, որոնք գործելու ճիշդ ճանապարհը ցոյց կու տան ու կ՛առաջնորդեն մեզ դէպի յաջողութիւն: Այս բոլորով հանդերձ, պէտք է ընդունինք, որ ԻՆՉՊԷ՞Ս-ը ճշդելն ու որոշելը այնքան ալ դիւրին չէ, ընդհակառակը, այո՛ դժուարագոյնն է: Ատոր համար ալ հարկաւոր է գործի լծել (ըլլա՛յ սփիւռքի, ըլլա՛յ հայրենի) հայ ստեղծագործ միտքի այն յաջողած ու փորձառու մասնագէտները, որոնք ատակ են եւ պատրաստ` օգտակար դառնալու եւ մշակելու ազգային մշակութային գործնական նոր քաղաքականութիւն:

Արդ, իբրեւ հիմք եւ խօսքէն գործի անցնելու իբրեւ առաջին քայլ` կ՛առաջարկենք  յատուկ խորհրդաժողով մը կազմակերպել նուիրուած ԻՆՉՊԷ՞Ս գործելու մասին:

 

*Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ համաժողովին արտասանուած խօսք

Քաղաքական Անդրադարձ. Ասորական Ազգային-Ազատագրական Շարժումը Եւ Անգլիոյ Դաւաճանութիւնը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ասորական (աշուրի) ազգային-ազատագրական շարժումը ծնունդ առաւ 19-րդ դարուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Անգլիական եւ Ֆրանսական միսիոնարական թափանցումները բաւական դրական դեր խաղցան ասորական ազգային վերածնունդին մէջ: 1915-1916 ասորական ցեղասպանութենէն ետք անոնք Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ դերակատարութիւն չունէին, սակայն մինչեւ 1930-ականներու վերջը բաւական ազդու դեր ունէին Սուրիոյ Հասաքէի եւ մանաւանդ հիւսիսային Իրաքի, մասնաւորապէս Տուհոքի, Գարագոշի եւ Նինուէի մէջ, բայց եւ այնպէս իրաքեան եւ քրտական պայքարները ստիպեցին ասորիները, որ մխրճուին ուրիշներու այդ պայքարներուն մէջ, երբեմն ալ օգտագործուեցան անգլիական կայսերապաշտական քաղաքականութեան կողմէ:

Ասորի ազգը Միջագետքի բնիկ ժողովուրդն է, սակայն վերջին հազարամեակին պարսկական, արաբական, մոնկոլական, քրտական եւ օսմանական արշաւանքները տկարացուցին ասորիները եւ զանոնք դարձուցին թափառական ժողովուրդ: Աւելի՛ն. քրիստոնէութիւնը եւ միսիոնարական ներթափանցումը բաժնեցին ասորի ազգը, իսկ շրջանային երկիրները, օգտուելով ասորիներու անմիաբանութենէն, միշտ ալ փորձած են հարուածել ասորական ազգայնականութիւնը: Վերջին հարիւրամեակին անոնք ծանր հարուածներ ստացան ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան եւ քիւրտ ցեղապետներուն կողմէ, այլ նաեւ Իրաքի մէջ 1933-ին ենթարկուեցան ջարդերու, եւ Իրաքի պաասական վարչակարգին կողմէ արաբականութեան քաղաքականութիւնը արգիլեց անոնց լեզուի եւ մշակոյթի գործածութիւնը:

1915-ին մէկ կողմէ անգլիացիներու ու ռուսերու խոստումներուն հաւատալով եւ միւս կողմէ` թրքական պետութեան ու քիւրտ աշիրեթներու յարձակումներուն չդիմանալով` ասորիները ապստամբեցան, սակայն ոչ մէկը անոնց օգնութեան հասաւ: Ասորական պատմական արխիւները կը յայտնեն, որ զօրավար Անդրանիկ եւ Լեւոն փաշա Շառոյեան բանակցութիւններ վարած են ասորի ցեղապետներու եւ շարժումներու հետ, որպէսզի անոնք դիմադրեն թրքական զօրքերուն: Դժբախտաբար հայկական շատ աղբիւրներ չկան այս նիւթին մասին, սակայն օր մը պրպտելը եւ ուսումնասիրելը կ՛արժէ: Ասորի ղեկավար աղա Պետրոս Էլիա կազմակերպեց մօտ 20.000 ասորիական կամաւոր բանակ եւ ամիսներով լեռներուն վրայ դիմադրեց թրքական եւ քրտական յարձակումներուն, սակայն երբ զինամթերքը սպառեցաւ, բոլորը սպաննուեցան իրենց ընտանիքներուն հետ: Հսկայական կոտորածներ տեղի ունեցան Հաքքարիի, Տէրսիմի, Վանի եւ Տիգրանակերտի մէջ, օսմանեան բանակը նոյնիսկ ներխուժեց Պարսկաստան եւ քիւրտերուն աջակցութեամբ մաքրեց Ուրմիան բնիկ ասորիներէ: Ասորիներու հազարամեայ պատմութիւնը Փոքր Ասիոյ մէջ վերջ գտաւ Ճեւտետ փաշայի հրահանգով:

1919 Փարիզի վեհաժողովին ասորական պատուիրակութիւնը պահանջեց վերականգնումը Ասորեստանի, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնային Հաքքարիի, Տիգրանակերտի, Մուսուլի, Էրպիլի եւ Հասաքէի շրջանները: Սակայն այս շրջաններուն մէջ ասորիները հազիւ թէ բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը կազմէին: 1922-ին Ասորական ազգային խորհուրդը յայտարարեց, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մօտ 275.000 ասորի-քաղդէացի սպաննուած է, եւ խորհուրդը կը պահանջէ Ասորեստանի պատմական հողերուն վրայ պետականութիւն հիմնել: Իսկ Սեւրի դաշնագիրի 62-րդ յօդուածը անդրադարձաւ ասորիներուն` անոնց տալով մշակութային իրաւունքներ Իրաքի մէջ: Բան մը, որ ասորիները մերժեցին: Աւելի՛ն. 1922-ի Լոզանի դաշնագիրի կնքումին ընթացքին, երբ թրքական պատուիրակութիւնը պահանջեց, որ Մուսուլը վերակցուի Թուրքիոյ, ասորիները մեծ դեր ունեցան կանխարգիլելու Թուրքիոյ առաջարկը, եւ եթէ այսօր Մուսուլը Իրաքի սահմաններուն մէջ կը գտնուի, այդ ալ շնորհիւ ասորիներուն է: Հակառակ անոր որ ասորիները զոհ գացին անգլիական խոստումներուն, սակայն անոնց պահանջները հաշուի չառնուեցան, եւ Լոզանի դաշնագրով Թուրքիոյ մէջ ասորական հարցը փակուեցաւ:

1932-ին Իրաքի թագաւորութեան ստեղծումով ասորիները դարձեալ յուսախաբ եղան, եւ անոնց պատրիարքը յայտարարեց, որ եթէ անգլիական ուժերը լքեն Իրաքը, ապա ասորիները կ՛ոչնչանան: 1933-ին ասորիները ասորի Լենուի զինուորական գունդերուն ղեկավարութեամբ ապստամբեցան, որովհետեւ Ֆայսալ թագաւորը մերժեց անոնց տալ ինքնավար շրջան, անգլիացիները միջամուխ չեղան` վախնալով, որ կրնան կորսնցնել Իրաքի վրայ իրենց հոգատարութիւնը: Ապստամբութիւնը ձախողեցաւ, եւ քրտական ու արաբական ջոկատները յարձակեցան ասորական գիւղերուն վրայ, ուր զոհ գնաց մօտ 3000 ասորի, Սիմելէ քաղաքին մէջ: Ամէն տարի օգոստոս 7-ին ասորիները կը յիշատակեն նահատակներու օրը:

Սիմելէի դէպքերէն ետք Իրաքի վարչապետ Ռաշիտ Ալի Քայլանի պահանջեց ասորիներու տեղափոխումը այլ երկիրներ, առաջարկուեցաւ Պրազիլ կամ Նիկերիա, սակայն անգլիացիները մերժեցին եւ ընդունեցին, որ Սուրիոյ Հասաքէի շրջանը կրնայ յարմար ըլլալ անոնց համար: Արդէն իսկ 1933-ի ջարդէն ետք ասորիները սկսան գաղթել դէպի Սուրիա:

1941-ի Համաշխարհհային Բ.  պատերազմին պայթեցաւ իրաքեան ապստամբութիւնը` անգլիական հոգատարութեան դէմ: Անգլիացիք դարձեալ պահանջեցին ասորիներուն օգնութիւնը` խոստանալով անոնց ինքնավար շրջան մը Մուսուլի մէջ: Ասորիները կազմեցին մօտ 1500 հոգինոց զօրագունդ մը, ապա անոնց միացան եզիտիներ եւ քիւրտեր` զօրագունդին անդամներուն թիւը բարձրացնելով 11.000-ի: Անոնք օգնութեան հասան անգլիական զօրքին, որ տեղակայուած էր Հապանիի մէջ եւ պաշարուած` 60 հազարնոց իրաքեան բանակի եւ ցեղախումբերու կողմէ: Անգլիացիները դիմադրեցին եւ ապա անցան հակայարձակումի` շնորհիւ ասորիներու ջանքերուն: Սակայն, ինչպէս միշտ, անոնք դարձեալ չյարգեցին իրենց խոստումները:

Պաասական վարչակարգի տիրապետութեան տակ, ապա իրաքեան պատերազմին (2003) եւ ՏԱՀԵՇ-ի արշաւանքին (2014) պատճառով  ասորիներու թիւը եւ քաղաքական կշիռը այլեւս նուազեցան, սակայն անոնց ազգային-ազատագրական պայքարը չմարեցաւ, եւ մինչեւ օրս անոնք  թէեւ անկախութիւն չեն պահանջեր, սակայն կը պահանջեն ինքնավարութիւն` Նինուէի շրջաններուն մէջ, ուր տակաւին որոշ ներկայութիւն ունին:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Հայու Եւ Լիբանանցիի Լիարժէք Միաձուլման Ախոյեանը (Նուիրուած` Ընկեր Դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի Մահուան 25-րդ Տարելիցին)

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 

Կան մահեր ու կորուստներ, որոնց հետ չես կրնար հաշտուիլ, նոյնիսկ եթէ քառորդ դար անցած է արդէն:

Թէեւ ժամանակը կը սպիացնէ վէրքերը, բայց նաեւ իր թաւալքին հետ աւելիով կը խորացնէ անժամանակ վախճանած արժանաւորներուն ձգած բացն ու անոր առթած կորուստի զգացողութիւնը:

Այդպիսին է պարագան քառորդ դար առաջ մեր կեանքէն յանկարծակի պոկուած` կրակ ու բոց աչքերը առյաւէտ փակած դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի կորուստին:

Հայու եւ լիբանանցիի լիարժէք համարկումին հաւատացող եւ այդ ուղիով քաղաքական գործիչի եւ քաղաքագիտութեան դասախօսի իր կեանքն ու գործը հունաւորած դաշնակցականն էր «դոկտ. Հրաչ», ինչպէս որ կը սիրէին դիմել իրեն Հայկազեան քոլեճի թէ Լիբանանի պետական համալսարանի քաղաքական գիտութեանց բաժնի իր ուսանողները:

Լիարժէք հայու եւ լիարժէք լիբանանցիի միաձուլման իր ուրոյն համադրումով ընկեր Հրաչ Պետոյեան համապատասխան իր ուղին բացաւ ոչ միայն Լիբանանի հայութեան եւ որոշապէս ՀՅԴ լիբանանեան ընտանիքին մէջ, այլեւ ընդհանրապէս` քաղաքացիական խելացնոր պատերազմէ մը փիւնիկի պէս յառնող նոր Լիբանանի քաղաքական ապագան վճռող խմորումներու հրապարակին վրայ:

Եւ որքան ժամանակը կ՛անցնի, ու որքան կը շեշտուին, սփիւռքի տարածքին ամէնուրեք, հայու եւ քաղաքացիի համարկման դժուարութիւնները աշխարհասփիւռ մեր իրականութեան մէջ, այնքան այժմէական բաբախումով մեր յիշողութեան պաստառին կը ներկայանայ արժանաւոր փաղանգը Հրաչի օրինակով անմոռանալի դէմքերու, որոնք իրենց ուսանելի ներդրումը ունեցան նման դժուարութեանց յաղթահարման մէջ: Մինչեւ Օքսֆորտի համալսարանէն քաղաքական գիտութեանց տոքթորայի աստիճանին արժանանալը, նաեւ այնուհետեւ` Հայկազեան քոլեճի (ներկայի` համալսարան) եւ Լիբանանեան համալսարանի մէջ դասախօսական իր ասպարէզին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով Լիբանանի պետական-քաղաքական կեանքին աշխուժ մասնակցութեան ամբողջ ընթացքին դոկտ. Հրաչ Պետոյեան իր առօրեան, ուսման թէ ազատ ժամանակի առումով, բաժնեց հաւասարապէս ազգայինին եւ քաղաքացիականին միջեւ:

Հայ կաթողիկէ ընտանիքի յարկին տակ ծնած ու կազմաւորուած` Հրաչ Պետոյեան կանուխ տարիքէն, Ազգային «Կիլիկեան» վարժարանի աշակերտութեան օրերէն թէ լիբանանեան վարժարանի մէջ երկրորդական ուսման հետեւելու շրջանէն իսկ, հոգեմտաւոր իր աշխարհին կիզակէտ ընդունեց Պուրճ Համուտը` իբրեւ ողջ հայութեան բաբախուն սիրտն ու գաղափարական օրրանը: Նոյն պուրճհամուտեան պրիսմակով արժեւորեց Լիբանանը` իբրեւ քաղաքացիական իր պատկանելիութեան ամրոցը, հպարտութեան իր անկիւնաքարը: Եւ մինչեւ իր անժամանակ վախճանը` անմոռանալի Հրաչը ունեցաւ մէկ ու միակ պաշտամունք, որ Պուրճ Համուտի շունչով թրծուած հայ մարդուն ազգային եւ քաղաքացիական խրոխտ քայլուածքն էր ամէնուրեք` Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն անդին:

Աւելի՛ն. նաեւ ճիշդ այդ պատճառով, դպրոցական, դասախօսական թէ քաղաքական իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, Հրաչ Պետոյեան երբեք դժուարութիւն չունեցաւ արժանանալու հայ թէ արաբ ընկերներու մտերմութեան: Ոչ միայն զուտ ընկերային-բարեկամական մտերմութեան իմաստով, այլեւ` լիբանանեան իրականութիւնը յուզող քաղաքական հրատապ խմորումներու, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ելոյթներուն աշխուժ մասնակցութիւն բերելու, նախաձեռնո՛ղ ըլլալու առումով: Պատահական ընտրութիւն չէր քաղաքական գիտութեանց հետեւելու իր որոշումը: «Քաղաքական կենդանի» տիպարի ներկայացուցիչ մըն էր, որ մասնագիտական ուսումը ծառայեցուց իր քաղաքական ասպարէզը հունաւորելու, հիմնաւորելո՛ւ նպատակին: Երիտասարդութեան շրջանէն դոկտ. Հրաչ ողջ էութեամբ լծուեցաւ լիբանանեան քաղաքական համակարգը, իր պատմական հոլովոյթով, համայնքային-աւատապետական իր հիւսուածքով եւ ժողովրդավարական¬ընկերային արդիականացման հարցերով ուսումնասիրելու, ղեկավար դէմքերու հետ անձնական ծանօթութիւններով իր գիտելքները հարստացնելու եւ ամրապնդելու անդուլ ճիգին: Նոյնքան ամբողջական փարումով Հրաչ Պետոյեան իր ճամբան հարթեց դէպի Դաշնակցութիւն` Պուրճ Համուտի դաշնակցական մթնոլորտին եւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան մարտունակ հնոցին մէջ իր կազմաւորումով, ապա` ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան շարքեր մուտքով, 1970-ին:

Հայ դատի պահանջատիրութեան ուղղութեամբ զարթօնքի տարիներ էին 1970-ականները, աննախընթաց տարողութեամբ ուսանողական եռուն կեանքի շրջան էր, եւ Հրաչ, արաբերէնին տիրապետելով ու արաբ ուսանողներու եւ քաղաքական շրջանակներու հետ իր ծանօթութիւններով, կարեւոր ներդրում ունեցաւ Հայ դատի քարոզչական աշխատանքներու ընդլայնման մէջ: Թէեւ 1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին Հրաչ արտասահման մեկնած էր` նախ Մ. Նահանգներու մէջ Սիրաքուզի համալսարանը եւ, վերջապէս, Լոնտոն` Օքսֆորտի համալսարանը, բարձրագոյն ուսման համար, բայց 1977-ին արդէն վերադարձած էր իր սիրած ու պաշտած Լիբանան, ուր նախ ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէի քաղաքական մարմինին, ապա նաեւ Կ.Կ-ի իր անդամակցութեամբ, երկար տարիներ յարաբերական¬քաղաքական գործունէութիւն ծաւալեց: Լիբանանեան տագնապի կնճռոտ ծալքերու բարդացման, այլ նաեւ Հայ Դատի պահանջատիրական շարժման ուժական մակընթացութեան ժամանակներուն զուգադիպեցաւ դոկտ. Հրաչի ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութիւնը: Ազգային թէ քաղաքացիական առումով, դժուար փուլեր դիմագրաւելու հարկադրանքին տակ գտնուեցաւ Լիբանանի հայութիւնը, եւ ընկեր Հրաչ միշտ արթուն կանգնեցաւ պատնէշի վրայ` յարաբերական¬քաղաքական հեւքոտ առօրեային ամբողջապէս նուիրուելով եւ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով հայութեան սպառնացող դժուարութիւններու դիմագրաւման ու յաղթահարման մէջ:

Լիբանանի պետական-քաղաքական իշխանութեանց ղեկին վրայ Ժեմայէլ ընտանիքի` Պեշիր Ժեմայէլի ղեկավարած Լիբանանեան ուժերուն եւ Ամին Ժեմայէլի Փաղանգաւոր կուսակցութեան արձանագրած յառաջխաղացքի փուլերուն ընկեր դոկտ. Հրաչ Պետոյեան հայ համայնքին եւ յատկապէս Դաշնակցութեան բնական խօսակիցը հանդիսացաւ Լիբանանի իշխանաւոր նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնց շարքին բազմաթիւ էին Լիբանանեան համալսարանի իր պաշտօնակիցներն ու, յատկապէս, ուսանողները: Աւելի՛ն. դոկտ. Հրաչ գործակցութեան ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցաւ լիբանանեան նոր սերունդներու մէջ 1980-ականներու վերջերուն թափ առած «քրիստոնէական Լիբանանի պաշտպանութեան ազգայնաշունչ շարժման» ղեկավար ուժերուն հետ, որոնք այսօր իշխանութեան ղեկին կանգնած են:

Աւելի քան տասնամեակ մը` 1980-ականներու սկիզբէն մինչեւ իր ապաժամ մահը, Հրաչ հաստատակամ կանգնեցաւ եւ ծառայեց հայու իր ձայնը զտարիւն լիբանանցիութեամբ

բոլորին լսելի դարձնելու յառաջապահ դիրքերուն վրայ: Յատկապէս «Ապագայի տուն» կոչուած ուսումնասիրական-հետազօտական հռչակաւոր Հիմնարկի հիմնադրութեան եւ ծաղկումին մէջ նկատառելի եղաւ ներդրումը դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի: Իբրեւ այդպիսին` նախագահական մակարդակի քաղաքական անպաշտօն խորհրդատուի վարկ նուաճեց եւ ըստ այնմ դռներ բացաւ ազգային մեր իրաւունքներու եւ պահանջներու հետապնդման առջեւ:

Ընկեր դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի տարիներու երազն ու արդար փառասիրութիւնն էր, որ Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքը ներկայացնէր լիբանանեան խորհրդարանին մէջ: Հայու եւ լիբանանցիի միաձուլման արժանաւոր այս ներկայացուցիչը բախտը չունեցաւ ապրելու, որպէսզի իրականացնէր իր կեանքին գերագոյն պսակումը հանդիսանալու կոչուած այդ նուաճումը:

Սրտի անակնկալ տագնապը 1992-ին ընդհատեց կեանքի թելը Հրաչ Պետոյեանին: Հասունացման փուլը նոր նուաճած էր եւ տակաւին այնքա՛ն տալիք ունէր իր ժողովուրդին ու պաշտած Լիբանանին: Հեռացաւ մեր աշխարհէն` հազիւ ընտանիք կազմած Զարուհի Մկրեանի հետ եւ նորածին մանչ զաւակով մը` Հրակով բախտաւորուած: Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Հրաչ: Յիշատակդ կ՛ապրի բոլորիս մէջ:

 

 

Յետմահու Զրոյց` Օլիվիա Պալեանին Հետ (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Այս տողերը կրնային երբեք չգրուիլ, եւ այս զրոյցը կրնար երբեք տեղի չունենալ, եթէ երբեք մեր վերջին ժամադրութիւնը յարգուէր, եւ մենք դարձեալ տեսնուէինք իրարու հետ: Ե՞ս ուշացայ, թէ՞ դուն աճապարեցիր մեկնելու` կարեւոր չէ: Կարեւորը ըսուելիք այն խօսքերն են, որոնք կենդանութեանդ կրնային ըսուիլ, բայց պարագաներու բերումով, այսօր, բացակայութեանդ կը փոխանցուին քեզի` յետմահու զրոյցի ճամբով:

Կը ներես, որ ուշ ճանչցանք քեզ, օրիո՛րդ Օլիվիա: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ուսումնառութեան մեր տարիներուն դուն անգլերէնի կատարեալ ուսուցչուհի մըն էիր մեզի համար: Համեստ, ազնիւ ու վեհանձն նկարագիրով դաստիարակ մը` լաւապէս տիրապետած օտար լեզուի գաղտնիքներուն: Այդ օրերուն, աւելի քան երեսունհինգ տարի առաջ, ոչ ոքի մտքէն կ՛անցնէր, որ դուն անգլերէնին չափ, ու թերեւս ա՛լ աւելի, կը տիրապետէիր հայերէնին, որովհետեւ դուն կու գայիր հայաշունչ պատուական ընտանիքէ մը, որուն գլուխը կանգնած էր Էշրեֆիէ թաղամասի հիմնադիրներէն, երկար տարիներու թաղապետ, պատասխանատու դաշնակցական Վահան Պալեանը:

Սխալեցանք մենք, օրիո՛րդ Օլիվիա, երբ օտարաշունչ անունէդ դատելով եւ օտար լեզուի դասաւանդութենէդ տարուելով` օրին ենթադրեցինք, որ ազգին ու ազգայինին հետ կապեր չունիս: Տարիներ պէտք եղան գիտնալու համար, որ դուն ազգին ու ազգայիններուն որքա՜ն ծառայած ես` իբրեւ հաւատաւոր ԼՕԽ-ական: Եղած ես ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի անդամ ու ապա, չորս տարի, 1959-1963, ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարտուղար:

Վախցանք խստապահանջ ուսուցիչի հռչակէդ եւ կարծեցինք, որ խստութիւնը մօտդ նկարագրային գիծ է, բնաւորութիւն է ու վարժութիւն: Բայց որքա՜ն զարմացանք, երբ տարիներ ետք յայտնաբերեցինք, որ այդ բոլորը սխալ տպաւորութիւններ էին: Աշակերտներուդ յաջողութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնդ էր, որ դպրոցին մէջ քեզ պահանջկոտ կը դարձնէր, մինչդեռ դուն դպրոցէն դուրս մայրական գորովալի հոգածութիւն մը կը ցուցաբերէիր անոնց հանդէպ: Վկայուելէ տարիներ ետք դուն աշակերտներդ իրենց ընտանիքներով կ՛ընդունէիր հիւրասէր յարկիդ տակ եւ անձամբ կը պատուէիր զանոնք` քու պատրաստած համեղ ճաշերովդ:

Ուշ գիտցանք, որ տէօրթեոլցի ընտանիքի մը շառաւիղներէն էիր: Պաշտօնավարած էիր Ազգային Ս. Նշան եւ Ղազար Չարըք (հետագային` Չաթալպաշեան) վարժարաններուն մէջ, իսկ 1964-էն մինչեւ 1985 անձնուիրաբար գործած էիր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, ուր գործակիցներ ունեցած էիր տնօրէններ` Կարօ Պետրոսեանը, Լեւոն Նահապետեանը եւ բազմատասնեակ ուսուցիչներ, որոնցմէ յատկապէս կը յիշէիր Նազարէթ Սեֆերեանը, Պետրոս Գալուստեանը, Հայկազուն Թրթռեանը, Ժոզեֆ Գալուստեանը եւ Փոլ Կիրակոսեանը` իրեն կապուած այնքա՜ն հաճելի յուշերով:

Թերացանք, երբ 30 տարի չփնտռեցինք քեզ, օրիո՛րդ Օլիվիա: Կարծեցինք ճամբորդած ես կամ` անվերադարձ մեկնած: Ու երբ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակին առիթով վերագտանք քեզ, նոր միայն իմացանք, որ դուն ո՛չ միայն քոլեճի առաջին ուսուցչական կազմին մաս կազմած ես, այլեւ անձամբ մասնակցած ես քոլեճին բացման ու կահաւորման աշխատանքներուն: Շրջած ես վաճառատունէ վաճառատուն` նորաբաց վարժարանին յարմարագոյն վարագոյրները, աթոռ-սեղանները ապահովելու համար: Իսկ այդ բոլորը կատարած ես նախանձելի աշխատասիրութեամբ եւ ժրաջան նուիրումով:

Ճիշդ է` տարիներ մոռցանք քեզ: Բայց երբ վերագտանք քեզ, փորձեցինք մեր պարտքը արժանաւորապէս հատուցել քեզի: Մարտ 2014-ին, այլ վաստակաւորներու կարգին, քեզի ալ պատուեցինք Ազգային առաջնորդարանին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, ձեռամբ օրուան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Այդ օր աննկարագրելի էր գոհունակութիւնդ` ի տես երկար տարիներու աշակերտ-աշակերտուհիներուդ, որոնք շուրջդ բոլորուած` տարիներու իրենց կարօտը կ՛առնէին քեզմէ: Այդ օր հանդիսութեան գլխաւոր դէմքն էիր, ամէնէն երէցն ու վաստակաւորը, որուն հանդէպ միայն յարգանք եւ ակնածանք կարելի էր տածել:

Այնուհետեւ, յաճախակի եղան մեր հանդիպումները, օրիո՛րդ Օլիվիա: Դուն փնտռեցիր մեզ, իսկ մենք` քեզ, մանաւանդ որ հանդիպելու այլ պատճառ մըն ալ ունէինք` տեւական պահանջած «Ազդակ»-ներդ: «Թերթը մերն էր», խոստովանեցար առիթով մը: Շա՛տ ճիշդ, «Ազդակ»-ի հիմնադիրն ու տէրը, երկար տարիներ, հօրեղբայրդ` Հայկ Պալեանն էր, որուն օրինակէն ազդուած կը թուէիր ըլլալ: Յատուկ կապուածութիւն մը ունէիր թերթին հանդէպ: Անոր համար ալ իւրաքանչիւր այցելուէ կը խնդրէիր ունենալ «Ազդակ»-ի վերջին թիւերը` գաղութի լուրերուն իրազեկ դառնալու եւ ընթերցանութեան ծարաւդ յագեցնելու համար:

Մեր վերջին հանդիպումներուն առողջութիւնդ քայքայման լուրջ նշաններ ցոյց կու տար, բայց դուն քեզմով մտահոգուելու փոխարէն` մեզմով կը մտահոգուէիր, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ապագայով կը հետաքրքրուէիր: Կ՛ուզէիր գիտնալ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշխատանքներուն ընթացքը եւ անոր բացումէն ետք` սիրելի քոլեճիդ ապագան, իր աշակերտութեամբ եւ կառոյցով:

Մեկնեցար` առանց փնտռած հարցումներուդ պատասխանները ունենալու: Մեկնեցար անձայն եւ անշուք, այնպէս` ինչպէս ապրած էիր ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, առանց ծափի ու գնահատանքի, առանց շռայլ գովասանքի ու շքանշանի: Լա՛ւ որ կեանքիդ վերջալոյսին քոլէճդ յիշեց քեզ, այլապէս պատմութիւնը ապերախտ պիտի գտնուէր կրթական մշակի մը հանդէպ, որ իր կեանքին լաւագոյն տարիները սպառեց սերունդներու դաստիարակութեան վեհ գործին:

Ճակատագիրը այնպէս մը տնօրինեց, որ քեզմով սկսած քոլեճը քեզմով ալ վերջ գտաւ, օրիո՛րդ Օլիվիա: Մահուանդ գուժը փոխանցող մահազդը եղաւ սիրելի քոլեճիդ վերջին յայտարարութիւնը: Դուն մեկնեցար անդարձ` անջնջելի յուշեր եւ յիշատակներ ձգած երեսուն տարուան պաշտօնակիցներուդ եւ աշակերտներուդ հոգիներուն մէջ:

Ափսո՜ս, որ վերջին հրաժեշտիդ ներկայ եղան միայն երկու պաշտօնակից եւ հինգ նախկին աշակերտ:

Ժամանակները փոխուա՜ծ են, կ՛ըսեն, օրիորդ Օլիվիա: Չեմ գիտեր` փոխուողը ժամանակնե՞րն են, թէ՞ մարդիկը, որոնք սկսած են օրէ օր քիչ մը աւելի պարպուիլ բարոյական թէ ազգային ամէն արժէքէ, սկսած են մէկդի դնել յարգանքի եւ երախտագիտութեան ամէն զգացում` մոռնալով, որ հաւաքական մեր կեանքին առողջութիւնն ու ամրութիւնը պայմանաւորուած են քու եւ նմաններուդ կրթական, դաստիարակչական եւ ազգային աշխատանքով միայն:

Կը ներես, եթէ մարդիկ չճանչցան քեզ, օրիո՛րդ Օլիվիա:

Իսկապէ՛ս կը ներես:

 

 

 

 

Աննման Ուսուցչուհին Եւ Անմոռանալի Դաստիարակը` Օլիվիա Վ. Պալեան

$
0
0

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ազգային գործիչ Վահան Պալեանի (եղբայրը` Հայկ Պալեանի` «Ազդակ» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր) եւ Սալմա Ղոսն Սաուայայի զաւակն էր Օլիվիան, ծնած 22 սեպտեմբեր 1927-ին, Պէյրութ, մահացաւ 15 սեպտեմբեր 2017-ին, շաբաթ մը առաջ իր 90-րդ տարեդարձէն: Օլիվիան իր հեզահամբոյր, յարգալիր, ազգասէր եւ աշխատասէր նկարագիրով իր յատուկ տեղը ունեցած է Պալեան գերդաստանին մէջ եւ վայելած` բոլորին սէրն ու յարգանքը:

Իսկ Օլիվիային մօրաքրոջ աղջիկը` Նուհատը, անոր ամուսինը` Ֆուատ Քութայլի եւ իրենց երեք զաւակները` Նուր, Միրնա եւ Լինա, զինք սիրած են իբրեւ հարազատ մօրաքոյր եւ վայելած` իր բոլոր բարիքները, սէր` արուեստի, նուագի եւ բնութեան հանդէպ, աշխատասիրութիւն, պարտաճանաչութիւն եւ, ինչպէս Միրնան կը վկայէ, ան երկրորդ մայր եղած է իրենց համար:

Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ դպրոցին մէջ, իսկ երկրորդականի վկայականը` Աղջկանց ամերիկեան դպրոցէն, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դիմաց, պետական երաժշտանոցին կից (այժմ փակուած): Ապա 1946-ին ստացած է իր Ասոշիյէթ տիկրին` մասնագիտանալով անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան մէջ, Ճիւնիյոր քոլեճէն (վերջը կոչուած` Պէյրութ քոլեճ ֆոր վումըն, իսկ ներկայիս Էլ. Էյ. Եու):

Շրջանաւարտ ըլլալէն անմիջապէս ետք կը սկսի իր ուսուցչական ասպարէզը Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ եւ տարի մը ետք` 1947-ի հոկտեմբերին, հօրը (Ս. Յակոբ դպրոցին հոգաբարձութեան ատենապետ) պնդումին վրայ` թէ Սուրբ Յակոբ դպրոցը իր ուսուցչական ձիրքերուն պէտք ունի, ան ստիպուած կը միանայ իր մայր դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ գոհունակ սրտով եւ մեծ նուիրումով կը ծառայէ մինչեւ 1964: Նոյն տարին ան կը կորսնցնէ իր հայրը, եւ օրուան առաջնորդը` Տաճատ սրբազանը կը մօտենայ Օլիվիային եւ կ՛ըսէ. «Աղջի՛կս, քու բարձրորակ պատրաստութեամբդ դուն պէտք է երկրորդականի մէջ դասաւանդես, եւ մենք կ՛առաջարկենք, որ դուն ձգես Չաթալպաշեանը (նախկին Ս. Յ. դպրոց) եւ միանաս նորաստեղծ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանին` իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի, օգտակար դառնալու Պուրճ Համուտի նորահաս սերունդին:

Օլիվիան չէր կրնար մերժել այս տեսակ առաջարկ մը, եւ ան շուտով գործի կ՛անցնի նորանշանակ տնօրէն Կարօ Պետրոսեանին հետ, եւ ձեռք ձեռքի տուած` կը սկսին դպրոցին կահաւորումին, որպէսզի պատրաստ ըլլայ վերամուտին:

Օլիվիան, անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան կողքին, նաեւ կը սկսի նկարչութեան դաս տալ: Ան յատուկ տաղանդ ունէր արուեստի, մանաւանդ ձեռագործ, ասեղնագործ եւ կաւի ամաններու վրայ գծագրութեան մէջ: Ան նաեւ իր նկարչութեան տաղանդը զարգացուցած է` շնորհիւ իր ազգականներէն մէկուն, որ Ամերիկայէն գալով` կ՛այցելէ իրենց, իրեն նուէր կը բերէ տրցակ մը «Painting by Numbers», նկարչութիւն` թիւերով: Ուրեմն, երբ կը սկսի աշակերտներուն սորվեցնել, ամէն մէկ աշակերտ առիթ կ՛ունենայ երկուքէն չորս կտորներով մասնակցիլ 1965-ին Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի առաջին աշակերտական ցուցահանդէսին, որ շատ մեծ արձագանգ կը գտնէ գաղութին մէջ: Օլիվիա Պալեան առաջարկներ կը ստանայ կարգ մը վարժարաններէ, որ իրենց դպրոցներուն մէջ ալ դասաւանդէ, բայց ան կը մերժէ. միայն յատուկ արտօնութեամբ կը շարունակէ նկարչութիւն դասաւանդել Շուէյֆաթի դպրոցին մէջ, քանի որ տարիներ առաջ արդէն ան պայմանաւորուած էր անոնց հետ:

Դժբախտաբար իր բոլոր գործերը կը փճանան Լիբանանի պատերազմին, երբ իրենց տունը կ՛այրի, եւ անկէ ետք ան չի կրնար Ամերիկայէն բերել պէտք եղած կտորները, ուստի կը դադրի նկարչութեան դաս տալէ: Երեք տարի վերջ դպրոցը կ՛ունենայ հանրածանօթ նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանը` իբրեւ նկարչութեան ուսուցիչ:

Օլիվիան նաեւ գործօն ներդրում ունեցած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչին մէջ` անդամակցելով Էշրեֆիէի մասնաճիւղին եւ ըլլալով Շրջանային վարչութեան ալ աննկուն ծառայող:

Ընկերային գետնի վրայ Օլիվիան գոհունակ սրտով կը վկայէր, որ ուսուցչութեան օրերուն Լ. եւ Ս. Յակոբեանին մէջ աշակերտները պարտաճանաչ էին, ուսուցչութեան կազմին մէջ լաւ գործակցութիւն կը տիրէր եւ նուիրում կար գործին նկատմամբ: Ուսուցիչ աշակերտ քոյր-եղբայր էին, եւ ուսուցիչները ընկերային հաւաքներ կը կազմակերպէին իրենց տուներուն մէջ` աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար:

Ան նաեւ կը վկայէ, որ պաշտօնակիցներ մինչեւ վերջերս կ՛այցելէին իրեն, իսկ արտասահման եղողներն ալ կը թղթակցին իրեն հետ:

Օլիվիան ամուսնանալով ընտանիք չկազմեց, բայց իր մայրական սէրն ու գուրգուրանքը տածեց իր մօրաքրոջ աղջկան զաւակներուն եւ բազմաթիւ չքաւոր աշակերտներուն նկատմամբ: Ան մօր մը նման կը հետեւէր անոնց պէտքերուն եւ անպայման լուծում կը գտնէր անոնց հարցերուն` իր համեստ եկամուտով եւ կամ կը դիմէր իր սիրելի եւ վիճակով լաւ բարեկամներուն կամ ազգականներուն, որոնք միշտ պատրաստ էին օգնութեան հասնելու այս չքաւոր աշակերտներուն. ոմանք` գոգնոցի պէտք ունէին, ուրիշներ գիրքի, ոմանք գրենական պիտոյքներու:

Հոս պարտ կը սեպեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ  Յարութիւն Սասունեանի վկայութիւնը, զոր ան ղրկեց հազիւ Օլիվիային մահուան գուժը իմացաւ. «Ես Լիբանանը ձգեցի մօտաւորապէս 50 տարիներ առաջ, բայց դեռ լաւ կը յիշեմ, կարծես երէկ ըլլար իր նուիրումը եւ յանձնառութիւնը` մեզի անգլերէն սորվեցնելու, ինչ որ օգնեց ինծի Միացեալ Նահանգներու մէջ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ վերջաւորութեան ես դարձայ խմբագիր եւ հրատարակիչը անգլերէն լեզուով լրագիրի մը` «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի: Աւելի՛ն. չեմ կրնար երբեք մոռնալ իր առատաձեռնութիւնը` վճարելով իմ տարեթոշակս Լ. եւ Ս. Յակոբեան երկրորդական վարժարանի իր համեստ ամսականովը, երբ ես վտարուած էի դպրոցէն, քանի որ ծնողներս կարող չէին վճարել իմ տարեթոշակս:

Ես յաւիտենապէս երախտապարտ եմ իրեն, որ զիս փրկեց երկրորդական վարժարանէն դուրս դրուած անձ մը ըլլալէ:

Իմ խորին ցաւակցութիւններս` իր ընտանիքին եւ ձեզի»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
(Սասունեանի խօսքը կարդացուեցաւ յուղարկաւորութեան ատեն)

6 մարտ 2014-ը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնադրութեան 50-ամեակին տօնակատարութեամբ յատուկ օր մը եղաւ մասնաւորաբար Օլիվիային համար, երբ շրջանաւարտները պատուեցին երկարամեայ (10-37 տարիներ) ծառայութիւն ունեցող իրենց ուսուցիչները: Այն պահուն, երբ պատուըւող ուսուցիչները մէկ առ մէկ սրահ կը մտնէին, անոնց վերջինը Օլիվիան էր, որ դպրոցին առաջին ուսուցչուհին եղած էր եւ ծառայած` 21 տարի, այդ պահուն սրահը թնդաց շրջանաւարտներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու ծափահարութիւններով: Այս եղաւ իր վերջին կապը իր շատ սիրելի դպրոցին հետ: Հոս կը ցաւիմ ըսելու, որ յետմահու ան չունեցաւ նոյն յարգանքը, իր յուղարկաւորութեան միայն 14 անձեր` բարեկամ, տնօրէն, քանի մը աշակերտներ եւ ազգականներ ներկայ էին, իսկ ցաւակցութեան եկաւ միայն մէկ աշակերտուհի` իր ամուսնոյն հետ, ինչ որ մեծ ցաւ պատճառեց իր մօրը կողմէ ազգականներուն, որոնք խուռներամ ներկայ եղան յուղարկաւորութեան եւ ցաւակցութեան օրը, բայց Յարութ Սասունեանին ցաւակցական գիրը մեծ սփոփանք պատճառեց անոնց:

Սիրելի՛ Օլիվիա, մենք ազգականական կապ չունինք, պարզ զուգադիպութիւն մըն է, որ երկուքս ալ նոյն մականունը կը կրենք (թէեւ տեղացի ազգականներդ ընդունած են զիս իբրեւ ազգական եւ աւելին), ոչ ալ աշակերտած եմ քեզի, մեր մտերմութիւնը կու գայ մեր ծնողներուն անցեալի բարեկամութենէն եւ գործակցութենէն: Պատանի հասակէս քեզ ճանչցած էի իբրեւ անուշիկ, ուսեալ անգլերէնի ուսուցչուհի եւ տիպար հայուհի մը: Ինչո՞ւ մեղքս պահեմ, նախանձած էի երկրորդական դասընկերուհիներուս` Վարդուհիին եւ Սեդային, որոնք վայլած էին քեզի պէս պատկառելի ուսուցչուհիի մը հոգատարութիւնը` Սուրբ Յակոբ դպրոցին մէջ: Բայց ես ալ բախտը ունեցայ վերջին քսան տարիներուն վայելելու քու մտերմութիւնդ` մեր յաճախակի այցելութիւններուն ընդմէջէն:

Քեզի համար տօնական օր կ՛ըլլար, երբ անցեալի պաշտօնակիցներէդ կամ աշակերտներէդ մէկը բերէի հետս: Իսկ երբ այդ հիւրը Յարութ Սասունեանն էր, ձեր ողջագուրումը, ջերմ խօսակցութիւնը, կողք-կողքի նստած մտերմութիւնը այնպիսին էր, որ կարծես մայր մը կարօտով միացած ըլլար իր պանդուխտ որդւոյն:

Յիշատակնե՜ր…

Օլիվիա Պալեանին առողջութիւնը վատթարացաւ իր կեանքին վերջին ամիսներուն, երբ ան մահաքունի մէջ էր, Ֆուատը եւ անոր կինը` Նուհատը զինք տարին լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկը եւ վստահեցան կարող բժիշկներու խնամքին, հրաշքը չուշացաւ եւ երկու ամիս վերջ ան մահաքունէն արթնցաւ եւ լրիւ իր գիտակցութիւնը վերագտաւ: Քանի մը օր ետք ան այլեւս հիւանդանոցային խնամքի պէտք չունէր, եւ փոխադրեցինք զինք Պուրճ Համուտի հայկական տարեցներու տունը (ՔԱՀԼ)` իր ազգականներուն փափաքով: Հոս ան իր հանգիստը գտաւ եւ պէտք եղած խնամքը, յարգանքը եւ սէրը վայելեց պաշտօնէութեան կողմէ:

Այցելութեանս ատեն ան կը մոռնար իր ցաւերը եւ կ՛երթար անցեալի յուշերուն, երախտապարտ ոգիով կը խօսէր ազգականներուն ամէնօրեայ այցելութիւններուն մասին եւ անոնց զաւակներուն հեռաւոր Ամերիկայէն օրը քանի մը անգամ հեռախօսելուն: Կը յիշէր բարեկամները, պաշտօնակիցները եւ անցեալի աշակերտները: Բայց երբ ըսաւ. «Վարդուհին ո՞ւր է, ինչո՞ւ չի գար»,  պահեցի իրողութիւնը եւ ակամայ ըսի. «Վարդուհին ճամբորդեր է»: Թող ներէ ինծի, որովհետեւ  ճշմարտութիւնը այն էր, որ Վարդուհի Անթօյեանը մահացած էր վեց ամիս առաջ:

Սիրելի՛ Օլիվիա, շա՛տ կը ներես, որ քեզմէ պահեցի իրողութիւնը` խնայելու համար քեզի այն վիշտը, որ պիտի ապրէիր շատ սիրելի աշակերտուհիիդ (Սուրբ Յակոբ դպրոցէն կորուստին պատճառով): Երբ կը բաժնուէի քեզմէ, ինծի ըսիր. «Վարդուհիին ըսէ, որ թող քովս գայ»: Ի՛նչ առեղծուած, ամիս մը վերջ դուն իր քովը գացիր:

Սիրելի՛ Օլիվիա, ընդառաջելով քու փափաքիդ, ազգականներդ յուղարկաւորութեան արարողութիւնդ ըրին քու շատ սիրելի եկեղեցիիդ` Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ: Հոս նաեւ պարզ զուգադիպութիւն չէր, որ քահանան իր պատգամին մէջ շատ գեղեցիկ վերլուծում մը ըրաւ քու անունիդ եւ քու ապրած կեանքիդ: Ան ըսաւ, որ քու անունդ կու գայ ձիթենիի ծառէն, որ մշտադալար է, երկարակեաց եւ առատապէս պտղաբեր: Դուն ալ ճիշդ անունիդ տէրն ես, 39 երկար տարիներ զոհաբերուեցար ազգին մատղաշ սերունդները դաստիարակելու համար:

Վերջապէս, քու մարդասիրութիւնդ, ազգային ոգիդ, մաքրամաքուր հայերէնի գործածութիւնդ (հակառակ մօրդ տեղացի ըլլալուն եւ կատարեալ արաբերէն խօսելուդ), ընթերցասիրութիւնդ (շատ տանջուեցար վերջին տարիներուն, երբ «Ազդակ» օրաթերթը քեզի հասանելի չէր, եւ մենք կը հաւաքէինք ու քանի մը ամիս անգամ մը կը բերէինք քեզի), իմաստութիւնդ, համեստութիւնդ, լայնախոհութիւնդ, սէրդ եւ գուրգուրանքդ մարդ էակին հանդէպ եւ ծառայութեան ոգիդ քեզ դարձուցին տիպար հայուհի մը, որ իր շրջապատէն միայն սիրուեցաւ, յարգուեցաւ եւ դարձաւ օրինակելի անձնաւորութիւն մը:

Սիրելի՛ Օլիվիա, 39 տարիներու անխոնջ ծառայութեամբդ` հայ ազգի մատղաշ սերունդին դաստիարակութեան մէջ, քու անշահախնդիր եւ իմաստուն նուիրումովդ` ուսուցչական ասպարէզին, դուն եղար տիպար օրինակ` քու գործակիցներուդ եւ ներշնչման աղբիւր, աշակերտներուդ, փաստ` շրջապատիդ, պաշտօնակիցիներուդ եւ անթիւ աշակերտներուդ վկայութիւնները:

Շա՛տ սիրելի Օլիվիա,

Յարգա՛նք քու անխոնջ վաստակիդ ու քու անմար յիշատակիդ:

 

 

 

25 – 10 – 2017

Ակնարկ. Քաթալոնիա Եւ Արցախ. Տարբեր Հանգամանքներ Եւ Անհամեմատելի Կարգավիճակներ

$
0
0

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը ընթացակարգային երկրորդ քայլը առաւ` քուէարկելով Սպանիայէն անջատուելու եւ անկախութիւն հռչակելու բանաձեւին օգտին: Սպասուածը այժմ պաշտօնական Մատրիտի դիրքորոշումն է, որուն ուղղութեամբ արդէն նախապէս սպանական իշխանութիւնները կատարած էին յայտարարութիւններ:

Այստեղ դժուար թէ իրաւականօրէն համատեղուին տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքները: Կան իրաւական արդարացում փնտռող խնդիրներ, թէ` անկախութեան ի նպաստ հանրաքուէին քաթալոնացիներուն մեծամասնութիւնը չէ մասնակցած. կամ նաեւ պատմական առումով Քաթալոնիոյ ժողովուրդը ըստ էութեան միեւնոյն սպանացի ժողովուրդին մէկ հատուածն է, որ ունի կրօնական, մշակութային, լեզուական բացարձակ ընդհանրութիւններ եւ ատով իսկ անջատուելու իրաւական դրոյթները չ՛ամբողջացներ: Այս եւ նման առարկութիւններ եւ հակափաստարկներ յայտնապէս պիտի շարունակուին ճշդորոշելու համար Քաթալոնիոյ կարգավիճակը:

Բայց խնդիրը Քաթալոնիայէն աւելի կը թուի վերաբերիլ ամբողջ Եւրոպային: Չի բացառուիր, որ միջազգային մամուլին մէջ հետզհետէ սկսին երեւալ Եւրոպայի կազմաքանդումին մասին քաղաքական կանխատեսումներու տեսութիւններ:

Համաեւրոպական տարողութեամբ գոյութիւն ունեցող, յամեցող եւ որոշակի մագլցողականութիւններով յատկանշուող տագնապները` գաղթականական, տնտեսական, ֆինանսական եւ մանաւանդ ապահովական առումներով կ՛ուղեկցին նաեւ Եւրոպական Միութենէն ելքերով: Պրեքզիթը նշուած համաեւրոպական ճգնաժամերու պատճառականութիւնը ներառած էր իր հիմնաւորումներուն մէջ: Անջատողական տրամադրութիւններու ենթադրեալ յաջորդականութիւն մը հաւանաբար իբրեւ ենթահիմնաւորում ունենայ այս տագնապները նաեւ: Իսկ այս առումով, նկատի ունենալով ժողովրդագրական պատկերը եւրոպական աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ, Քաթալոնիոյ օրինակին հետեւողներ կրնան ըլլալ:

Պատահական կարելի չէ համարել Լեհաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարին Երեւանի մէջ կատարած ակնարկը` Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ կնքուելիք ընդլայնուած եւ համապարփակ համագործակցութենէն հեռանկարային  անցում կատարելու դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն: Եւրոպական Միութենէն ելքերու դիմաց դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին բարձրաձայն նշումի պաշտօնական օրինակ է Վարշաւայի յղած ուղերձը Երեւանին:

Հայկական դիտանկիւնի ոսպնեակը այս պարագային աւելի կը կեդրոնանայ այն անտեղի համեմատութիւններուն վրայ, որոնք կը կատարուին Քաթալոնիոյ եւ Արցախին միջեւ: Իբրեւ առաջին պարզ յստակացում, որ կ՛ընդգծէ համեմատելիութեան անտեղիութիւնը, այն է, որ Քաթալոնիան երկրի մը` Սպանիոյ, տարածքային ամբողջականութենէն դուրս կու գայ, մինչ Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի տարածքին: Բռնակցումը այս պարագային հիմնովին կը հակադրուի միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքին. սկզբունքով նաեւ` տարածքային ամբողջականութեան` տրուած ըլլալով, որ բռնի միջոցներով, հակաժողովրդավարական եղանակով (տակաւին չենք խօսիր տարբեր ազգի, ժողովուրդի, կրօնի, մշակոյթի, պատմութեան հանգամանքներուն մասին) կայացած որոշումի հիման վրայ Արցախին տրուած է ազրպէյճանական տարածքին մէջ ինքնավար մարզի կարգավիճակ: Առաւել եւս. Մատրիտը որեւէ տեսակի սումկայիթեան քաղաքականութիւն չէ կիրարկած քաթալոնացիներու նկատմամբ:

Այս անհամատեղելիութեան իրազեկ են նաեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին պատասխանատուները, երբ ընդլայնուած եւ համապարփակ համագործակցութեան փաստաթուղթին մէջ արցախեան հակամարտութեան նկատմամբ կը նշեն` տարածքային ամբողջականութիւն, ինքնորոշման իրաւունք, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ուժի կիրարկման բացառումի միջազգային սկզբունքները:

Անհամեմատելիութեան պարզ ու ամփոփ սկզբունքը հետեւեալն է. Քաթալոնիան կ՛անջատուի Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութենէն: Արցախը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:

«Ա.»


Սփիւռքահայ Հայաստանցին

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Այս ամառ ակնառու էին Երեւան այցելած օտարները, մասնաւորաբար` սփիւռքահայերը, որոնք եկած էին աշխարհի զանազան երկիրներէ` կա՛մ շրջապտոյտի, կա՛մ Հայաստան-սփիւռք համաժողովին մասնակցելու, կա՛մ ալ այլ նպատակով: Հաճելի եւ ուրախացնող էր անոնց մեծ թիւը` բաղդատած նախորդ տարիներուն:

Հայաստան սկսած է մագնիսի պէս իրեն քաշելու արտերկրի հայերը, որոնցմէ ոմանք հոն բնակարան կը գնեն` ամրան իրենց արձակուրդը այնտեղ անցընելու համար, կամ` նոյնիսկ այնտեղ հաստատուելու միտումով: Արեւմտեան երկիրներու մէջ երկար տարիներ ապրած, աշխատած եւ որոշ խնայողութիւն մը կատարած անձեր կը մտածեն իրենց հանգստեան տարիները հայրենիքի մէջ անցընելու մասին, եւ ա՛լ լիացած Արեւմուտքէն, բացուելով դէպի պապենական հող, կ՛ուզեն վայելել Հայաստանի բարիքները, այնքան ատեն որ նիւթականի հարց չունին եւ իրենց խնայածով կրնան շատ հանգիստ կեանք մը ունենալ:

Այս գեղեցիկ երեւոյթը կը սկսի աղօտելու, երբ սփիւռքահայ կարծած անձիդ խօսակցութենէն կը հասկնաս, որ ան նախկին հայաստանցի մըն է եւ քանի մը տարի Ամերիկա կամ այլուր մնալէ ետք, այժմ վերադարձած է Հայաստան` որպէս ԱՅՑԵԼՈՒ…

Տանտէրը` այցելու… Զինք Հայաստան բերողը կարօ՞տն է, թէ՞ իր ունեցուածքը` տուն, խանութ կամ հողամաս ծախելու եկած է… Կը խօսի արեւելահայերէն մը` զարդարուած արեւմտահայերէնով եւ անշուշտ` անգլերէն կամ այլ բառեր խառնելով:

Այդպիսիներ երբեմն նոյնիսկ ելոյթներ կ՛ունենան հեռատեսիլէն կամ ձայնասփիւռէն, եւ հարցազրոյցներու ընթացքին ո՛չ մէկ ակնարկ կ՛ըլլայ անոնց Հայաստանէն հեռանալուն մասին` ո՛չ հաղորդավարին կողմէ, ո՛չ ալ իրենց:

Երբեմն օտար երկիրներու մէջ հռչակի տիրացած արուեստագէտներ, մարզիկներ եւ այլ ասպարէզի մարդիկ հպարտութեամբ կ՛ողողեն հոգիդ, սակայն կը տխրիս նաեւ այն պատճառով, թէ ինչո՛ւ անոնք գացած են, եւ ուրիշներ «կը վայելեն» զիրենք, երբ կրնային մնալ եւ հայրենիքի երկնակամարը զարդարել:

Բայց… դրա՛մը… Չեմ ըսեր, որ անոնք դրամասէր են եւ ընչաքաղց, սակայն իրենց նման երեւելի տաղանդներ, երբ դժուար կեանք մը ապրին այստեղ եւ իրենց տաղանդը հարկ եղած ձեւով չգնահատուի, մինչ անտաղանդ հասարակ մարդիկ միլիոններու մէջ կը լողան, ապա ինչպէ՞ս չերթան…

Թո՛ղ երթան` ըսողներ եղան, թող երթան եւ իրենց տաղանդը ցուցադրեն աշխարհի տարածքին` Հայաստանի «փրոփականտ»-ը ընեն… Սակայն ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ տարիներ ետք անոնք կամ անոնց զաւակները պիտի շարունակեն հպարտանալ իրենց ազգային պատկանելիութեամբ:

Քանի՜ քանիներ գացին եւ ուծացման ենթակայ դարձան իրենց նոր շրջապատին ու նոր մշակոյթին մէջ, մասնաւորաբար անո՛նք, որոնք իրենց գացած երկրէն տեղացիի մը հետ ամուսնացան, եւ արդէն կասկածելի դարձաւ հայ ընտանիքի մը կազմութիւնը:

Գաղթող ըլլայ հայը թէ ո՛չ, օտարի հետ ամուսնանալով` կը վտանգէ հայ ընտանիքը, որ հիմքն է ազգին:

Ահա՛ թարմ օրինակ մը. ճատրակի աշխարհի բաժակակիր Լեւոն Արոնեան ամուսնացաւ ֆիլիփինցի իր ընկերուհիին հետ` կնքահայրութեամբ Հայաստանի նախագահին: Տեսնենք, թէ ապագային ինչպիսի՛ ընտանիք մը պիտի կազմեն անոնք…

 

 

Այն Մրէյսիի «Արշաւանքը»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ահա այդպէ՛ս արշաւեցինք …

1960-ականներու սկիզբն էր:

«Ուեսթ սայտ սթորի» ժապաւէնը նոր դիտած եւ ներշնչուած էինք «Ճեց» եւ «Շարքս» իրարու մրցակից խմբակներու բախումներէն:

Մեր կանուխ պատանեկութեան տարիներն էին, եւ այդ ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք նորոյթ դարձած էր այդ խմբակներուն գործածած «կոճակով» դանակները, զորս մենք «զըրլը դանակ» կ’անուանէինք:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը գնած էր դանակ մը` առանց իսկ մտածելու, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի գործածենք զանոնք, սակայն, ինչպէս ներկայ օրերուն առանց բջիջային հեռաձայնի տունէն դուրս չենք ելլեր, նմանապէս, այդ քանի մը տարիներուն մեր անբաժան մասնիկն էր «զըրլը դանակը»:

** *

Մեր դասընկերներէն Անդրանիկը, կը բնակէր Այն Մրէյսի թաղամասը, որ նեկայիս կը գտնուի Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ:

Դրացիները գրեթէ բոլորը իսլամ էին, եւ իրեն տարեկից պատանիները նեղութիւն կու տային մեր սիրելի դասընկերոջ:

Անդոն գանգատելու սովորութիւն չունէր, սակայն երբ «դանակը ոսկորին հասած էր», երանի տուաւ Էշրեֆիէ, Հայաշէն կամ Պուրճ Համուտ բնակողներուն, որոնք հայ դրացիներով շրջապատուած էին:

Անբացատրելի ընկերասիրութիւն մը կար մեր դասընկերներուն  միջեւ: Ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել, որ մարդիկ կարենան նեղութիւն տալ հայ ընկերոջ մը: Մենք մեռա՞ծ ենք: ի զո՞ւր տեղը հետերնիս կը պտտցնենք «զըրլը դանակ»-ները:

Փոքրիկ ժողով մը գումարեցինք եւ 6 հոգինոց խումբով որոշեցինք Այն Մրէյսի «արշաւանք» կատարել  եւ կէսօրուան ճաշի դադարին ճամբայ ելանք դէպի Անդոյենց թաղը:

Մեր խմբապետն էր  Վրէժ Շալեանը` արտաքինով հուժկու պատանի մը, որ իր տարիքէն շատ աւելի տարեց ցոյց կու տար:

Վրէժ ունէր կազմակերպելու կարողութիւն: Հանդարտ եւ խոհեմ էր, միեւնոյն ժամանակ, ի հարկին, նաեւ վրիժառու (վկայ` իր անունը):

Խանդավառ ու անհամբեր էինք: Վախի զգացում չկար մէջերնիս եւ բարձրաձայն իրարու հետ կը խօսէինք`«Այսպէս պիտի ընեմ, այնպէս պիտի ընեմ», մինչ Վրէժ հանդարտութիւն կը քարոզէր:

Հասանք Անդոյենց թաղը: Իսլամ պատանիները կարծես տեղեակ էին,  որ խմբովին պիտի ժամանենք եւ կազմ ու պատրաստ`մեզ կը սպասէին:

«Ուեսթ սայտ սթորի» ժապաւէնի դերակատարները կը կարծէինք ըլլալ: Մենք «Ճեց» խմբակն էինք, իսկ մեր դիմաց կանգնողները` «Շարք»-երը:

Վստահ չէինք, թէ ո՛ր խումբը պիտի ըլլայ նախայարձակը: Ձեռքերնիս` մեր գրպանի դանակներուն,կազմ ու պատրաստ կը սպասէինք մեր խմբապետի հրահանգին:

«Շարք»-երէն մէկը ընկերներուն դառնալով` բարձրաձայն ըսաւ. «Հայերը Ապտել Նասերը չեն սիրեր»: Ապտել Նասեր, այդ տարիներու Եգիպտոսի նախագահն էր, եւ իսլամները կը պաշտէին զայն: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այդ նախադասութիւնը իր ընկերները գրգռելու համար էր: Վստահ չեմ, միայն մէկ բան յստակ էր. ճակատամարտը շուտով պիպի պայթէր, երբ մեր դասընկերներէն մէկը իր կտրտուած արաբերէնով` «Կը սխալիք: Հայերը մեծ յարգանք ու սէր ունին Ապտել Նասերին հանդէպ:

«Ապտել Նասեր, ալա ռասնա» (Ապտել Նասերը մեր գլխուն վրայ տեղ ունի):

Մեր հակառակորդները հանդարտած էին: Նման պատասխան մը չէին ակնկալեր:

Իրարու ձեռք սեղմեցինք, ապա ուղղուեցանք դէպի Անդոյին հօր կաթնատունը, ուր իր սիրելի հայրը մեզ հիւրասիրեց պաղ թանով, նաեւ շնորհաւորեց մեր ընկերասիրութիւնը:

Ամենահամով թանը, որ ցարդ խմած էի:

Այդ օր, կէսօրէ ետք փախուստ տուինք դպրոցէն: Երջանիկ էինք:

Յաջորդող օրերուն մեր սիրելի դասընկեր Անդրանիկը մեզի տեղեկացուց, որ դրացի իսլամ պատանիներուն հետ «մեղր ու շաքար» դարձած են:

** *

Մեր դիւանագէտ  դասընկերոջ մէկ հատիկ նախադասութիւնը կանխած էր հաւանական  մեծ «ճակատամարտ» մը:

Փողոցային կամ կռուազան տղաք չէինք, սակայն ընկերասէր էինք եւ այդ ընկերասիրութեան պատճառով է, որ առած էինք այդ խիստ վտանգաւոր քայլը: Հետեւանքներու մասին չէինք մտածած: Կրնայինք վիրաւորել ու վիրաւորուիլ: Նոյնիսկ կրնայինք մահանալ: Այդ փոքրիկ, աննշան դէպքը կրնար միջհամայնքային հարցի վերածուիլ: Տակաւին հասունութիւնը չունէինք այդ հետեւանքներուն մասին մտածելու:

Դիւանագիտութիւնն  է, որ ընդհանրապէս կը պակսի հայերուս մօտ:

Տաքարիւն ենք եւ շուտ կը բռնկինք:

Տարիներ առաջ մեր ուսուցիչներէն մէկը բաղդատական մը ըրած էր հայերուս եւ թուրքերուն միջեւ:

«Խելացի ազգ ենք, արուեստագէտ, գործունեայ, աշխատասէր, սակայն մեր քով կը պակսի դիւանագիտութիւնը»:

«Թուրքին քով կը պակսին այդ բոլոր արժանիքները, սակայն … թուրքը քաղաքագէտ է: Գիտէ սիրաշահիլ այն, որուն կարիքը ունի, անշուշտ անոր կ’օգնէ նաեւ իր աշխարհագրական դիրքը»:

* * *

Այն Մրէյսիի  «արշաւանքին» մասնակցողներս, գրեթէ բոլորը, ներկայիս հաստատուած ենք Լոս Անճելըս, եւ մեր բարեկամութիւնը կը շարունակուի շատ աւելի ամուր, քան երբեք:

Զգալի է բացակայութիւնը մեր սիրելի խմբապետ Վրէժ Շալեանին, որ երիտասարդ տարիքին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը:

Խունկ ու մոմ իր յիշատակին:

 

 

Լոս Անճելըս, 2017

 

Աւգեան Ախոռների Մաքրման Հերթական Մեկնարկ Եւրոպայում

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Ո՞ւմ չէ յայտնի, որ աղբազերծման այդ գործընթացն առաջին անգամ մեկնարկել է  հինաւուրց Հելլադայում` Աւգիաս արքայի բարձիթողի մատնուած աղբակուտակ ախոռներում: Խնդիրը, ինչպէս գիտէք, այն ժամանակ լուծուել է յունական դիցարանի հերոս Հերակլէսի ջանքերով, ով մէկ օրում մաքրել է դրանք` այնտեղ ուղղելով Ալփէոս եւ Պինոս գետերի ջրերը:

Եւ ահա մաքրազտման այդ գործողութիւնը, նախադէպից հազարամեակներ անց, հերթական անգամ իրականացուեց բառացիօրէն վերջերս, միջազգային  երկու կառոյցում համաժամանակ` Միաւորուած ազգերի կրթութեան, գիտութեան  ու մշակոյթի կազմակերպութիւնում (ՅՈՒՆԵՍՔՕ) եւ Եւրոպայի խորհրդի  Խորհրդարանական վեհաժողովում (ԵԽԽՎ): Ընդ որում, զարմանալի զուգադիպութեամբ, ինչպէս հին աշխարհի հսկայ Հերակլէսի վերագրուող այդ առասպելի ժամանակ էր` դարձեալ մէկ կամ մէկ-երկու օրում: Ուշագրաւ է նաեւ, որ եթէ անյիշելի այն ժամանակներում խօսքը վերաբերում էր ընդամէնն արքայական երամակի աղտեղանքի հեռացմանը, ապա այս անգամ խնդիրն առաւել ընդհանրական է եւ վերաբերում է ազրպէյճանական «խաւիարային քաղաքականութեան» կամ վերջին շրջանում միջազգայնօրէն շրջանառուող մէկ այլ բնորոշմամբ` «ազրպէյճանական լուացքատան» անդուրալի հոտ արձակող, մեղմ ասած, թափօններից աշխարհի ձերբազատմանը: Այո՛, ո՛չ այլ կերպ: Հէ՛նց այդպէս:

Ահաւասիկ, հոկտեմբերի 10-ին Փարիզում խայտառակաբար ձախողուեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնում Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ, Ռուսաստանում այդ երկրի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի ընտրութիւնը: Լրահոսի տեղեկատուութեամբ, քուէարկութեան առաջին փուլում միջազգային այդ կառոյցի գործադիր կոմիտէի 58 անդամ երկրներից, նուազագոյն շեմ համարուող 30 «կողմ» ձայնի  փոխարէն, միայն երկուսն է «կողմ» քուէ տուել ազրպէյճանցի թեկնածուի օգտին: Ի՛նչ խօսք, դժուար չէ կռահել, թէ ինչ երկրներ են դրանք: Որեւէ կասկած չի յարուցում, որ առաջինը հէնց Ազրպէյճանն է, ով շատ էր ուզում միջազգային այդ կառոյցի խմբավարի հարթակում կարգել իւրայինին: Թէկուզ Պաքուի համար Պիւլպիւլօղլուից էլ ոչ պակաս իւրային էր այդ կազմակերպութեան 11-րդ գլխաւոր տնօրէնը` Պուլկարիայի ներկայացուցիչ Իրինա Պոքովան, ով 2009թ. այդ պաշտօնում ընտրուելուց ի վեր իրեն համարում է Ազրպէյճանի Առաջին տիկնոջ, իսկ ներկայումս նաեւ առաջին փոխնախագահի`  Մեհրիպան Ալիեւայի մտերիմ ընկերուհին: Ի հարկէ, քա՛րը գլուխը, թէ այդ բարձրաստիճան տիկնայք առօրեայ կեանքում յատկապէս ում հետ են գերադասում մտերմիկ զրոյց ունենալ: Բայց ահա, ինչպէս նշել եմ այդ թեմայով մէկ այլ մեկնաբանութեան մէջ, պուլկարացի մեր գրչակիցների լրագրողական հետաքննութեան արդիւնքում պարզուել է, որ այդ մտերմութիւնից, մազութի հոտ է փչում, ինչի արդիւնքում տիկին Պոքովան յանկարծակի հարստացել է: Պուլկարական bivol.bg ելեկտրոնային կայքը դեռեւս անցեալ տարուայ յունուարի 9-ին յօդուած էր հրապարակել` տեղեկացնելով, որ նա Նիւ Եորքի Մանհաթան թաղամասում տիրապետում է  աւելի քան երեք միլիոն տոլարի անշարժ գոյքի, որը երեք բնակարան է կազմում`ձեւակերպուած անձամբ Պոքովայի, ամուսնու եւ որդու անուններով: Նրա յաճախակի այցերը Պաքու, աւելի՛ն, ակնյայտ ազրպէյճանամէտ մօտեցումը տարածաշրջանի նիւթական ու ոչ նիւթական արժէքներին` անկասկած լաւագոյնս վկայում են, թէ ի՛նչ միջոցների հաշուին է ԵՈՒՆԵՔՕ-ի պուլկարացի ղեկավարը ձեռք բերել այդ գոյքը: Նշել եմ  նաեւ, որ այդ պաշտօնում իրեն փոխարինողի դերում նա տեսնում էր հէնց Մեհրիպան Ալիեւային, ում իր իսկ նախաձեռնութեամբ ժամանակին շնորհուել է Բարի կամքի դեսպանի պատուաւոր կոչում:  Սակայն, ինչպէս յայտնի է, կառավարող վարչախմբում գործող առաջնային անձանց հնարաւոր փոխատեղման հեռանկարով Պաքւում անսպասելի փոխուել են քաղաքական ծրագրերը. Ազրպէյճանի Առաջին տիկինը նախագահ ամուսնու հրամանագրով, համատեղութեան կարգով,  նշանակուել է երկրի առաջին փոխնախագահ, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնի համար, Իրինա Պոքովա-Մեհրիպան Ալիեւա զոյգի երաշխաւորութեամբ, վերջինիս փոխարէն  առաջ է քաշուել Մոսկուայում Ազրպէյճանի դեսպան Պիւլպիւլօղլուի  թեկնածութիւնը:

Բայց երեւի թէ նման բարձր միջազգային հարթակում, ինչպիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն է,  այլ բան է օտարազգի իւրայինը` ի դէմս պուլկարացի գլխաւոր տնօրէնի, այլ բան` բուն արիւնակիցը: Մանաւանդ, այնպիսի մի արիւնակից, ում քանիցս փորձութիւն անցած հաւատարմութիւնն ալիեւեան վարչախմբին սահմաններ չի ճանաչում: Պատահական չէ, որ Պաքուն եւ Անգարան  եռանդուն ջանքեր էին գործադրում ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հերթական` 12-րդ գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնում Պիւլպիւլօղլուին կարգելու ուղղութեամբ եւ, որոշ տեղեկութիւններով, կարծես թէ ահագին աշխատանք էին կատարել հարկ եղած թուով քուէների ապահովման համար: Համաձայն շրջանառուող տուեալների, այդ երանելի դիրքը, բառիս բուն իմաստով, գնելու նպատակով Պաքուն դոյզն իսկ չի ափսոսացել ծախսելու ոչ պակաս, քան 10 միլիոն նաւթատոլար:Երկրորդ քուէն, կարելի է ենթադրել, տուել է Թուրքիան, ինչը միանգամայն հասկանալի է մեզ համար, հիմք ընդունելով «Նմանը զնմանը գտանէ» հայկական հին իմաստութիւնը: Կամ թէ չի բացառւում, որքան էլ առաջին հայեացքից տարօրինակ թուայ,  վստահութեան այդ քուէն Պիւլպիւլօղլուն պարգեւել է Ռուսաստանը: Մոսկուան, ինչպէս յայտնի է, նախապէս քանիցս յայտարարել էր իր այդ կողմնորոշման մասին` երկրագնդի անխտիր բոլոր, այդ թւում Ռուսաստանի  տարազգի պատմամշակութային ու գիտակրթական արժէքների բացայայտման, անխաթար պահպանման եւ գալիք սերունդներին փոխանցման համալիր խնդիրների ճակատագիրը հակուած լինելով շնորհել Ազրպէյճանի դեսպանի տնօրինմանը:

Մի մարդու, ում անմիջական մասնակցութեամբ անցած դարավերջին եւ նոր դարասկզբին Ազրպէյճանում վայրագօրէն ոչնչացուել եւ կամ իւրացուել են բնիկ ազգային հաւաքականութիւնների` հայերի, լեզգիների, աւարների, ցախուրների, թալիշների եւ այլ ժողովուրդների պատմամշակութային արժէքները: Մի մարդու, ով, թութակի պէս անդադար կրկնելով երկրի նախագահի փրփրաբերան յոխորտանքները, ազրպէյճանական հանրութեանը շարունակաբար արիւնահեղ պատերազմի է հրահրում մարդկային քաղաքակրթութեան հիմնասիւներից մէկի` հայ ժողովրդի եւ, առանձնապէս, նրա արցախեան հատուածի դէմ, ընդ որում, խոստանալով անձամբ, զէնքը ձեռքին, կռիւ տալ, իր իսկ արտայայտութեամբ, «Գարաբաղի ազրպէյճանական հողերի ազատագրման համար»:

Այնուամենայնիւ, քուէարկութեան արդիւնքում Ազրպէյճանի այդ վայ-մշակութաբան-դիւանագէտը ձեռք բերեց այնքան քուէ, ինչքանին իրականում արժանի է թէ՛ ինքը եւ թէ՛ իր երկիրը` ամբողջութեամբ: Ըստ երեւոյթին, միջազգային հանրութիւնը, ինչքան էլ մեզ արտաքուստ թուայ, թէ թմբիրի մէջ է, միեւնոյնն է, ամենեւին էլ լեթարգիական քուն չի ապրում: Համաձայնենք, որ մարդկային բանականութիւնն ունակ է անսպասելի դուրս ելնել անգամ մահաքունից ու կշռադատ գնահատել իր շրջապատի լաւն ու վատը, բարին ու չարը: Եւ, ահաւասիկ, երեւի թէ այդ իրողութեան շնորհիւ է, որ  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ախոռը ձերբազատուեց ազրպէյճանական աղտեղանքով լցուելու վտանգից. Պիւլպիւլօղլին ստիպուած էր  քուէարկութեան երկրորդ փուլում հանել իր թեկնածութիւնը: Նա, ի հարկէ, թոնթորաց, թէ իրեն «քցել են», քանզի, իր իսկ խօսքով ասած` «Այն աջակցութիւնը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր կոմիտէի շատ անդամներ յայտարարում էին նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքում, յաջողութեան յոյսի հիմք է հանդիսացել»: Եթէ փորձենք ստուգաբանել այդ թոնթորանքի տողատակը, ապա դժուար չէ կռահել, որ այդ նպատակով Պաքուի տուած կաշառքները գործադիր կոմիտէի շատ անդամներ բառիս բուն իմաստով կերել-ուրացել են:

Հայկական առածն ասում է. «Չկայ բարիք` առանց չարիքի»: Բայց առածը լրանում է նաեւ հակառակ իմաստով. «Չկայ չարիք` առանց բարիքի»: Արդեօք, բարի՞ք չէ, որ Պիւլպիւլօղլուի այդ ձախողմամբ, կարելի է յուսալ վերջնականապէս արգելափակոց դրուեց աշխարհի ժողովուրդների ազգային պատմամշակութային արժէքների` ազրպէյճանական յանգի յօշոտուելու, խեղաթիւրուելու ծայր աստիճան վտանգաւոր հեռանկարի առջեւ: Արդիւնքում, որպէս միջազգային հանրութեան ողջամիտ կողմնորոշման արտայայտութիւն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնում հոկտեմբերի 13-ին` քուէարկութեան 5-րդ փուլում, ընտրուեց Ֆրանսայի մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախկին նախարար, 45-ամեայ Օտրէ Ազուլէն` յաղթահարելով անհրաժեշտ քուէների նուազագոյն շեմը եւ ստանալով 30 «կողմ» ձայն: Ինչ խօսք, տիկին Ազուլէն դժուարին պահի է ստանձնել իր այդ նոր պաշտօնը: Նախ` դեռեւս նիստի նախօրեակին Միացեալ Նահանգները յայտարարել են, որ 2018թ. դեկտեմբերի 31-ից դադարեցնում են իրենց անդամակցութիււնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, խնդիրը պարզաբանելով  կազմակերպութեան մէջ արմատական բարեփոխումներ անցկացնելու անհրաժեշտութեամբ եւ նրա բանաձեւերում դրսեւորուած «հակաիսրայէլեան կանխակալութեամբ»: Ընդ որում, Միացեալ Նահանգներ մտադիր են շարունակել փոխգործակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ` որպէս դիտորդ-պետութիւն:  Փոքր ինչ աւելի ուշ, նոյն դրդապատճառով նախագահ Տոնալտ Թրամփի  օրինակին է հետեւել նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանեահուն` երկրի արտաքին գործոց նախարարութեանը յանձնարարելով մշակել որոշում ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմից դուրս գալու մասին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն վերածուել է անհեթեթի թատրոնի, փոխանակ պահպանելու պատմութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն խեղաթիւրում է այն», նշւում է Իսրայէլի  վարչապետի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: Խօսքը վերաբերում է Երուսաղէմ քաղաքի հնութիւններին,  որոնց գնահատումներում ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն գերապատուութիւնը տուել է բացառապէս մահմետական անուանումներին, մի կողմնակալ քաղաքականութիւն, որն ազրպէյճանամէտ Իրինա Պոքովայի կանխակալ թելադրանքով այդ միջազգային կառոյցն իրականացնում էր նաեւ հայոց նիւթական ու ոչ նիւթական մի շարք արժէքների ազգային պատկանելութեան հարցում` դրանք հիմնականում վերագրելով ազրպէյճանական ժողովրդին: Այնպէս որ, նորընտիր Օտրէ Ազուլէն դեռ շա՜տ ու շա՛տ անելիքներ ունի իր տնօրինմանը յանձնուած գրասենեակում կատարեալ մաքրութեան վերականգնման հրատապ ու անյետաձգելի խնդրում:

Աւգեան ախոռներից աղբահանման նոյն այդ իրավիճակն էր հոկտեմբերի 10-ին տիրում նաեւ ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանում, միջազգային մի հեղինակաւոր կառոյց, որի գլխին դամոկլեան սրի պէս կախուել էր փտածութեան աղտում լիովին թաղուելու վտանգը:  Ի դէպ, անցած գրեթէ եօթ տասնամեակում մէկ անգամ չէ, որ  աղտն այդ ուրուականի պէս պտտուել է Եւրոպայի պալատի  գլխավերեւը, ինչի մասին այսօր էլ յստակ են յիշում վեհաժողովի հնաբնակները:

Այդ յոռի երեւոյթի վերջին աղմկայարոյց բնութագրիչները, որոնք հասու են դարձել  միջազգային հանրութեանը, առնչւում են հիմնականում Ազրպէյճանի «խաւիարային քաղաքականութեան» հետ: Ինչպէս յայտնի է, հիմք ընդունելով այդ ամէնը, Վեհաժողովն այս տարուայ  իր գարնանային նստաշրջանում` ապրիլին  որոշում էր կայացրել հետաքննել Ազրպէյճանի հետ կապուած կաշառատւութեան գործարքները: Բանն այն է, որ բացայայտուել էին վեհաժողովի որոշ ներկայացուցիչների` Ազրպէյճանի կառավարութիւնից կաշառք վերցնելու մի շարք նոր իրողութիւններ:

Ազրպէյճանական կաշառատւութեան խնդիրը սուր քննարկումների տեղիք է տուել նաեւ վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանում, որի օրակարգում էր այդ երկրին առնչուող երկու զեկոյց: Առաջինը վերաբերում էր Ազրպէյճանում  ժողովրդավարական հաստատութիւնների գործունէութեան վիճակին, որը ներկայացրել են աւստրիացի պատգամաւոր Սթեֆան Շեննախը եւ ռումինացի պատգամաւոր Ցեզար Ֆլորինը: Իսկ երկրորդ զեկոյցի թեման Ազրպէյճանում  մարդու իրաւունքների պահպանման մասին էր, որը պատրաստել էր պելճիքացի ծերակուտական Ալան Տեթեքսը: Բայց վերջինս մինչ այդ գերադասել էր ԵԽԽՎ-ի անդամութիւնից հրաժարական տալ անգլիական «Տի Կարտիըն»»  թերթի հետաքննութեան հրապարակումից յետոյ, համաձայն որի, նա կապուած է եղել Ազրպէյճանի հետ եւ դրամական միջոցներ, այսինքն կաշառք է ստացել, ուստի եւ, փաստօրէն, գլուխ է փախցրել այդ կապակցութեամբ անխուսափելի պարզաբանումներից:

Զեկոյցը, նոր լրամշակմամբ ու խմբագրութեամբ  նստաշրջանին ներկայացրել է վեհաժողովի Իրաւաբանական հարցերի եւ մարդու իրաւունքների կոմիտէի նորանշանակ նախագահ, ուքրանացի պատգամաւոր Ելենա Սոթնիքը, իր խօսքում անդրադառնալով նաեւ «Տի Կարտիըն»-ի հրապարակմանը: Իսկ թերթը հիմք ընդունելով իր իրականացրած հետաքննութիւնը` յայտարարել է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններն ստեղծել ու կառավարել են մի գաղտնի ուրուագիծ, որի շնորհիւ 2,9 միլիառ տոլար են «լուացել» բրիտակական կեղծ ընկերութիւնների միջոցով: Այդ միջոցները ծախսուել են եւրոպական քաղաքական գործիչներին եւ աստիճանաւորներին գնելու նպատակով: Դրամատնային գրառումները փոխանցուել են դանիական «Պերլինքսէ» թերթին եւ այլ լրատուամիջոցների, ինչպէս նաեւ Փտածութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութեան հետազօտման կեդրոնին (OCCRP): Պարբերականներն այդ ուրուագիծը անուանել են ոչ այլ կերպ, քան` «Ազրպէյճանական լուացքատուն»: Պաքւում, բնականաբար, շտապել են այդ հրապարակումները «ոչ առարկայական եւ սադրիչ» յորջորջել` ուղղուած  երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ նրա ընտանիքի անդամների դէմ: Նշելով, որ զեկուցումը պատրաստուած էր այն ժամանակ, երբ ԵԽ Նախարարների կոմիտէն նախագահում էր Ազրպէյճանը, Ելենա Սոթնիքը նստաշրջանին յայտնեց, որ Ալան Տեթեքսն իր զեկուցման մէջ մատնացոյց չի արել Ազրպէյճանում քաղաքական բանտարկեալներին առնչուող եւ ոչ մի յստակ տուեալ: Ուքրանացի պատգամաւորն իր ղեկավարած կոմիտէի անունից անհանգստութիւն է յայտնել մարդու իրաւունքների խախտումների աճի կապակցութեամբ եւ Ազրպէյճանին յիշեցրել Եւրոպայի խորհրդից նրան հեռացնելու վտանգի մասին:

Հիմնաւորուած մեղադրանքների թիրախ էր դարձել նաեւ ԵԽԽՎ նախագահ, սպանացի Փետրօ  Ակրամունթը, ով այդ պաշտօնում ընտրուել էր անցեալ տարուայ յունուարին` առաջադրուած լինելով իր իսկ գլխաւորած Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) մասնաբաժնով: Յայտնի է, որ նա  Եւրոհամարկման կողմնակից է, սատարում է Ուքրանիային եւ Ազրպէյճանին, յաճախակի հանդէս է գալիս հակառուսական եւ հակահայկական յայտարարութիւններով, առաջինին` Ղրիմի, երկրորդին` Արցախի առնչութեամբ:

Յիշեցման կարգով նշեմ, որ հիմնական մեղադրանքը, որ գարնանային նստաշրջանում հնչել է նրա հասցէին, կապուած էր Ագրամունտի` որպէս ԵԽԽՎ նախագահ Սիրիա կատարած այցի հետ, որ նա իրականացրել է առանց վեհաժողովին եւ կամ նրա Բիւրոյին նախապէս տեղեակ պահելու: Միեւնոյն ժամանակ, նրա անունը քանիցս հնչել է Ազրպէյճանի կողմից վեհաժողովի անդամներին կաշառելու վերաբերեալ լրագրողական հետաքննութիւններում: Մարդու իրաւունքների պաշտպանները քննադատում էին Ակրամունթի կապուածութիւնն Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ` շեշտելով, որ նա  բազմիցս աչք է փակել այդ երկրում մարդու իրաւունքների ոտնահարման անժխտելի իրողութիւնների վրայ:

Բայց, ինչպէս ասում են, շաբաթն աւելի շուտ եկաւ, քան ուրբաթը: Վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի բացման օրը` ապրիլի 24-ին, պատգամաւորներն Ակրամունթին հեռացրին  դահլիճից` թոյլ չտալով նախագահել նիստը: Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի պաշտօնում Փետրօ Ակրամունթի մնալ-չմնալն օրերի հարց էր: Իր հրաժարականի մասին նա խոստացել էր յայտնել նստաշրջանի աւարտից երկու օր անց`  վեհաժողովի  պիւրոյի Փրակայի նիստում, քաղաքական խմբերի հետ նախնական խորհրդակցութիւններ անցկացնելուց յետոյ:  Բայց ահա խուսափեց մեկնել Փրակա` ներկայացնելու իր հրաժարականը: Վեհաժողովի պիւրոն իր նիստում ստիպուած էր անվստահութեան քուէ յայտնել նրան: Եւ վերջապէս, ամիսներ անց, վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի մեկնարկից չորս օր առաջ, որոշակիօրէն` հոկտեմբերի 6-ին, Փետրօ Ակրամունթը, ենթարկուելով պատգամաւորների գերակշիռ մեծամասնութեան պահանջին, ստիպուած եղաւ պաշտօնապէս հրաժարական տալ զբաղեցրած պաշտօնից:

Ընդունուած է ասել` սուրբ տեղը դատարկ չի մնում: Եւ հոկտեմբերի 10-ին, քուէարկութեան երրորդ փուլի արդիւնքներով, ժամանակաւորապէս համալրուեց նաեւ ԵԽԽՎ նախագահի թափուր պաշտօնը:  Հաւաքելով 132 քուէ` այն զբաղեցրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ղեկավար, վեհաժողովում ԵԺԿ խմբի   անդամ Սթելլա Քիրիաքիտիսը, ով մինչ այդ գլխաւորում էր վեհաժողովի առողջութեան, ընկերային հարցերի եւ կայուն զարգացման յանձնաժողովը: Ի դէպ, նրա թեկնածութեան օգտին քուէարկել էր նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը: Շատ աւելի քիչ` 191-ից ընդամէնը 84 պատգամաւորական «կողմ» ձայն ստացաւ քուէարկութեան երրորդ փուլում նոյն կուսակցական խմբից նրա միակ մրցակից` լիթուացի Էմէանուելիս Զնիկերիսը, ում, դարձեալ, ի դէպ, ԵԽԽՎ նախագահի պաշտօնում տեսնելու համար ջանք ու եռանդ չէին խնայում ազրպէյճանական եւ թուրքական պատուիրակութիւնների ներկայացուցիչները: Նշեմ նաեւ, որ տիկին Քիրիաքիտիսը կը պաշտօնավարի մինչեւ 2018թ. յունուարին կայանալիք ընտրութիւններ: Այդ ժամանակ ԵԽԽՎ-ի նախագահ կ՛ընտրուի մէկ այլ քաղաքական խմբի ներկայացուցիչ:

Անշուշտ կարելի է պատկերացնել Պաքուին ու Անգարային համակած խորը ափսոսանքն ու, մանաւանդ, վրդովմունքը ողջամիտ բանականութեան Հերակլէսի վարմունքից, որ ընդամէնը մէկ-երկու օրուայ ընթացքում, համաժամանակ մաքրազտելով վիթխարի աղբակուտակի վերածուող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ ԵԽԽՎ-ն, խստիւ արգելեց թուրք-ազերական հետագայ բոլոր աղբանետումները: Միեւնոյն ժամանակ յուսանք, որ հայեացք նետելով այդ երկու միջազգային կառոյցներին` այլեւս առիթ չենք ունենայ կրկնելու մարդկութեան մեծագոյն հանճարներից մէկին` Վիքթոր Հիւկոյին. «Ամեն ինչ պղծուած է եւ աւերուած, այստեղով թուրքն է անցել»: Բայց որքա՞ն իրատեսական է այդպէս միամտօրէն յուսալ…

Արցախ

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Ազատ Խոհեր` «Համահայկական» Ժողովներէ Ետք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ գումարուեցան «համահայկական» բնոյթով խորհրդաժողովներ, համագումար` Հայաստանի եւ սփիւռքեան հարցերով, գրական, բժշկական: Այդ ժողովներուն մասին դրական եւ քննադատական խօսքեր կրնանք ունենալ` ըստ հայեցակէտի, եւ այդ բնական է, օգտակար:

Օգտակար չէին զբօսաշրջիկ անխօս եւ անկարծիք ներկաները:

Անուրանալի կերպով ճիշդ է մէկ բան. հայ մարդիկ, ո՛ր երկինքին տակ ալ ծնած ըլլան, կը խմբուին միասին ըլլալու, միասին մտածելու եւ ի հարկին միասին նախաձեռնելու ու գործելու պատրաստակամութեամբ, ինչ որ ասօրուան եւ վաղուան համար ազգի ներքին շաղախ ըլլալու միտում է:

Կան նաեւ այդ խմբուածութեան գիտակցութենէն զուրկ մարդիկ, որոնք սփիւռքեան կացութիւնը անվերադարձ կը համարեն եւ անոր վախճանը անխուսափելի` անցնելէ ետք «ծագումով հայ»-ու փուլէն, կորսնցուցած ըլլալով հասարակաց շաղախը:

Ըսի` Միտում:

Թէ ինչպէ՛ս այդ միտումը կ՛ըլլայ մէկութիւն, միացում, միաւորում եւ գործ, այդ մասին պէտք է խօսիլ, երբ արդէն վարագոյրները կ՛իջնեն եւ բարձրախօսները կը լռեն, առօրեան կը մտնէ իր հունը:

Երեւանի «Համալիր»-ի տպաւորիչ սրահներուն մէջ համախմբուած հայերը, Ծաղկաձորի բանաստեղծական մթնոլորտ ունեցող Հայաստանի Գրողներու տան մէջ իրարու քով եկած հայ բանի սպասարկուները կը խօսին գիր-գրականութեան մասին:

Բոլորին մտածումները կը բաբախեն հայրենատիրութեամբ` առանց անպայման մեծ ղեկավար կամ մեծ գրող ըլլալու յաւակնութիւններու:

Ըսի` հայրենատիրութիւն, չըսի` հայրենասիրութիւն, որ սրահներ յուզող հռետորական բաժակաճառերու կրկնուած եզր է, նուազ ծաղրանկարային, քան` հայուն ցուցադրած հայասիրութիւնը:

Ըստ մեր հոգեխառնութիւններուն, երազներուն եւ հեռանկարներուն, կը դիմաւորենք հայերը համախմբող այս բազմամարդ ժողովները:

Ի հարկէ նոյն գլխուն տակ չենք կրնար դնել Հայաստան-սփիւռք համաժողովը եւ Գրողներու միութեան համագումարը, բայց այդ չի նշանակեր, որ տարբեր ալիքներու վրայ գտնուելով հանդերձ, նոյնութիւններ չկան կազմակերպական եւ խորքային տեսանկիւններէ, որոնց մասին պէտք է խօսիլ ժողովներու գումարումէն առաջ եւ վերջ:

Ժողով մը կ՛իմաստաւորուի, երբ իր առարկայ-օրակարգը յստակութեամբ բանաձեւուած կ՛ըլլայ` յանգելու համար գործադրելի եզրակացութիւն-որոշման մը: Ես ինծի իրաւունք չեմ տար Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի տարբեր սրահներու մէջ տեղի ունեցած բոլոր հանդիպումներուն եւ զեկուցումներուն մասին կարծիք արտայայտելու, քանի որ ես ներկայ եղայ միայն «Հայապահպանում» ընդհանուր բնորոշումով եռօրեայ նիստերուն միայն: Հետաքրքրութեան համար մէկ սրահէն միւսը չշրջեցայ: Այդ նիստերուն տրուեցան ընդհանուր բնոյթով զեկուցումներ, որոնց մէկ մասը ինքնաներկայացման «ռըփորթաժ»-ի բնոյթ ունէր: Զարմանալի կերպով կը բացակայէին սփիւռքն(ներ)ի հայկական վարժարաններու ներկայացուցիչները, չխօսուեցաւ հայապահպանման հարազատութեան համար կենսական գրականութեան եւ հայերէն գիրքի մասին, բայց լայնօրէն ներկայացուեցան համակարգչային-համացանցային կարելիութիւնները հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ծանօթացման հարցերով:

Լսեցինք: Յետո՞յ: Վիճարկում չեղաւ, հետեւաբար եզրակացութիւն ալ չեղաւ: Համաժողովին մասնակիցը իր լսածը ինչպէ՞ս գործի պիտի վերածէ, միւս մասնակիցները եւ ինք նոյն մտահոգութիւնները պիտի ունենա՞ն, իրենց նախաձեռնութիւնները պիտի ունենա՞ն հասարակաց առաջնորդող ըմբռնում. անպատասխան մնալու դատապարտուած հարցումներ են:

Նոյնը կրնամ ըսել Գրողներու համագումարին մասին, ուր լսուեցան բազմաթիւ զեկուցումներ, չբանաձեւուեցան առաջարկներ, հետեւաբար նաեւ չկայացան որոշումներ:

Հոս կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ:

Ներկաները եւ բացակաները մէկը միւսէն գերադասելու կամ մէկը միւսին ստորադասելու միտում չունիմ, բայց անըմբռնելի գտայ բացակայութիւնը կարգ մը դէմքերու, որոնք այլապէս օգտակար կրնային ըլլալ Գրողներու համագումարի ընթացքին:

Խիստ փափաքելի եւ օգտակար պիտի ըլլար, որ համագումարի կազմակերպման նախօրեակին հայ գրականութիւնը այսօր հետաքրքրող  նպատակային նիւթեր որոշուէին զեկուցումներու համար, որպէսզի անոնց շուրջ վիճարկում ծաւալէր` թերեւս յանգելու համար որոշումներու: Գրականութիւնը ընդարձակ դաշտ է, բոլոր նիւթերուն մասին միաժամանակ կարելի չէ խօսիլ:

Հայաստան-սփիւռք Համաժողովէն եւ Գրողներու համագումարէն ետք, երբ կը փորձեմ ամփոփել եւ ամփոփուիլ, կը յանգիմ այն եզրակացութեան, որ անոնք օգտակար էին այն չափով, որ կը սահմանուի ամերիկեան brain storming-ով:

Ի հարկէ արդար պէտք է ըլլալ: Համաժողով եւ համագումար լաւ կազմակերպուած էին, հակառակ մասնակիցներու պատկառելի թիւին` իրարանցում չկար: Անուրանալի է նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքներու հեռու եւ մօտ վայրերէն եկած անձերու հետ ուղղակի շփումներու նպաստը` փոխճանաչման համար, առանց դիւանակալական եւ կանխակալ տրամադրութիւններու բովէն անցնելու:

Հանդիպումներ, որոնք կրնան արտակարգ առիթ ըլլալ մեր այսօրը եւ վաղը դիտելու եւ դատելու:

Ամէն անգամ, երբ ինքնաշարժով անցած եմ Երեւանի Ծովակալ Իսակովի անունը կրող փողոցով, խորհած եմ այն մասին, որ ծով չունեցող Հայաստանը խորհրդային ծովուժի ծովակալ ունեցած էր: Համաժողովին ներկայ էր ժամանակակից հայազգի ծովակալ մըն ալ, այս պարագային` ծովերէ անդին ապրող, Չիլիի նաւատորմի հայածնունդ ծովակալը, ինչպէս ֆրանսական գրականութեան Հանրի Թրուայան…

Ինչպէ՞ս մեր միտքերը չտրորել հարցումներով…

Հպարտանա՞լ, ուրախանա՞լ եւ ինչո՞ւ…

Եւ կրկին մտածեցի:

Մինչեւ ե՞րբ:

Առանց չարչրկելու բառերը, ինքնատպութեան գինովութիւններէ եւ ամպագորգոռ ժողովներէ ետք, ե՞րբ հայրենատիրութիւնը պիտի ըլլայ իսկական գաղափարախօսութիւն եւ հայրենադարձութիւնը անմիջականօրէն գործադրուող օրակարգ:

Եւ ծովակալներու փոխարէն` ունենանք ագարակապաններ եւ գործարանատէրեր…

Այս հարցումն ալ չեմ գիտեր, որոնց ուղղեմ եւ ինչո՞ւ… brain storming…

18 հոկտեմբեր 2017, Նուազի-լը-Կրան

 

Ազգը Միացնող Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած Խօսք` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Բնականաբար գիտէի, որ համաժողովին խօսք առնողներուն տրուած ժամանակը քանի մը վայրկեան պիտի ըլլար, հետեւաբար անհրաժեշտ էր, որ խօսքս կրճատէի` «մատը վէրքին վրայ դնել»-ով , ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը:

Հետեւաբար խօսքս սահմանափակեցի` ինծի համար  ամէնէն հրատապ թուացող հինգ  հարցերու անդրադառնալով, կարելի եղածին չափ սեղմ եւ յստակ կերպով:

Ա.- Մեծագոյն ներդրումը մարդու վրայ կատարուած ներդրումն է. հետեւաբար հայութեան ամբողջ ներուժը պէտք է օգտագործել կրթութեան բնագաւառին վրայ` առաջնահերթութիւն նկատելով սերունդներու պատրաստութիւնը թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ուսեալ, կրթուած եւ հայրենասէր սերունդը կրնայ լուծել հայութեան դիմաց ցցուող բոլոր խնդիրները: Հետեւաբար ուսուցիչները պէտք է վարձատրուին ինչպէս երեսփոխաններն ու նախարարները:Կարելի  չէ կէս անօթի դաստիարակներով լաւ սերունդ պատրաստել: Միայն որակաւոր ուսուցիչներէն  առողջ սերունդ դուրս կու գայ: Պէտք չէ մտահան ընել, որ Թիֆլիսի «Ներսիսեան»-ի, Պոլսոյ «Կեդրոնական»-ի, Կարնոյ «Սանասարեան»-ի, Էջմիածնի «Գէորգեան»-ի, Երուսաղէմի «ժառանգաւորաց»-ի շրջանաւարտներն էին գլխաւորաբար  հայոց պատմութեան վերջին շրջանի կարեւորագոյն դերակատարները: Հայ ուսուցիչը ազգի փրկութեան բանալիներէն մէկն է եւ պէտք է արժանանայ ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ նիւթական քաջալերանքի:

Բ.- Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները, որոնք կը գործեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, բացի ընթացիկ պետական աշխատանքներէն, պէտք է ունենան ազգային օրակարգ: Ազգային օրակարգի մէջ կ՛իյնան սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու աշխուժացումը, հայկական մասնագէտ մարդուժի դէպի հայրենիք առաջնորդելը,օտար ձեռներէցներու սիրաշահումը, մշակութային կապի զարգացումը, սփիւռքահայ ուսանողներու հայրենիքի մէջ մասնագիտանալու քաջալերումը…

Սփիւռքահայը պէտք է զգայ նեցուկը իր հայրենիքին, մանաւանդ` ճակատագրական պահերուն: Երբ երկու տարի առաջ վտանգաւոր կացութիւն ստեղծուեցաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի շրջակայքը, «դուրսէն» արագ արձագանգ չեղաւ դժբախտաբար, մինչ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն հայրենի արձակագիր Մուշեղ Գալշոյեան կը դիմէր պետութեան` արտօնութիւն խնդրելով Լիբանան մեկնիլ  իր վտանգուած քոյր-եղբայրներուն օգնութեան հասնելու համար:

Հայաստանի դեսպաններուն աշխատանքը շատ աւելի մեծ տարողութիւն պէտք է ունենայ: Անհրաժեշտ է նաեւ հիւպատոսներու թիւի բարձրացումը` տարածուելով բոլոր հայկական միջավայրերէն ներս:

Գ.- Հայութիւնը, առանց մեր կամքին, տարածուած է աշխարհի չորս ծագերուն: Այս իրողութիւնը իր բազմաթիւ թերութիւններով հանդերձ, կրնայ նաեւ առաւելութիւն մը նկատուիլ: Վերջապէս, քանի՞ ազգեր ունին մեր հնարաւորութիւնները աշխարհի տարածքին: Բոլոր բնագաւառներուն մէջ հայութեան հնարաւորութիւնները անսահման են: Պէտք է բացայայտել եւ ազգի հզօրութեան ի նպաստ օգտագործել այս հնարաւորութիւնները:Հայութիւնը սփիւռքի մէջ, իր կազմակերպուած կառոյցներով,  անգնահատելի գանձ է հայրենիքին համար: Սփիւռքի մէջ հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, Հայ եկեղեցւոյ համայնքներու լաւ կազմակերպուածութիւնը կրնայ մեր ազգը վերածել ամէնէն ամուր, ամէնէն արդիւնաբեր եւ ամենաուժեղ ազգերէն մէկը:

Դ.- Պէտք է վերջնականապէս յստակացնել հայ ժողովուրդի ապագայի տեսիլքը: Ինչի՞ կը ձգտի հայութիւնը:

Հզօր, խաղաղ, անվտանգ, զարգացող, պահանջատէր եւ արդար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններո՞ւ:

Հզօր, պահանջատէր, զարգացող եւ հայաստանեան ուղղուածութիւն ունեցող սփիւռքի՞:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ծիծեռնակաբերդի հռչակագիրի վերջին կէտը (Պաշտպան կանգնիլ հայրենի սրբազան ժառանգութեան` ծառայելով յանուն `

– Առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,

– Անկախ Արցախի առաջընթացին եւ զօրացման,

– Աշխարհասփիւռ հայութեան գործօն համախմբման,

– Համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման) եթէ կ՛ամբողջացնէ մեր բոլորին տեսիլքը, զայն պէտք է վերածել հայկական պատուիրաններու, որոնք պէտք է տարածուին բոլոր հայկական կեդրոններուն, դեսպանատուներուն, ակումբներուն, կրթական հաստատութիւններուն եւ բոլոր հայկական բնակարաններուն մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է սրբութիւն նկատէ այս պատուիրանները` իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց իրագործումին:

Ե.- Ազգը միացնող քայլերու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Հայութեան տարբեր հատուածները աւելիով իրարու կապուած պահելու համար պէտք է աշխատիլ նուազեցնել տարբերութիւնները եւ ցցուն դարձնել նմանութիւնները: Անհրաժեշտ է ազգը միացնող քայլերու նախաձեռնել: Կարելի է քանի մը օրինակներ տալ.

Ա.- Հայոց լեզուի միատեսակ ուղղագրութեան որդեգրում: Անկարելի է այսպէս շարունակել: Ազգ մը չի կրնար մէկ լեզու եւ երկու ուղղագրութիւն ունենալ:

Քաջալերական էր լսել սփիւռքի նախարարութենէն, թէ այս հարցով մասնագէտներու յանձնախումբ մը կազմուած է: Յուսանք, որ կարելի ըլլայ եզրակացութեան մը հասնիլ:

Բ.-Արագ, ճշգրիտ եւ տարածուն լրատւութիւն, որ իրարու աւելի կը ծանօթացնէ եւ կը մօտեցնէ հայութեան տարբեր հատուածները: Ուրախութեամբ կարելի է ըսել, որ այս ծիրին մէջ նկատելի է արդէն որոշ աշխատանք:

Գ.- Հայաստանի ազգային ժողովին մէջ  անհրաժեշտ է սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող երեսփոխաններու  ներկայութիւնը: Չմոռնանք, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կային խումբ մը երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնէին արեւմտահայութիւնը: Եթէ ճիշդ է, որ ափիւռքի մէջ կ՛ապրին շուրջ 7 միլիոն հայեր, ապա անհրաժեշտ է, որ այդ հայութիւնը ունենայ իր ներկայացուցիչները Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ: Բաւարար չէ մէկ նախարարական պաշտօնով գործադիր իշխանութեան մէջ սփիւռքը ներկայացուած նկատել:

Դ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հայութիւնը պառակտելու նպատակով, հայրենի մեր ժողովուրդին ներկայացուեցաւ խեղաթիւրուած պատմութիւն մը, մանաւանդ` հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանը: Հանրապետութիւն կերտած ղեկավարները անտեսուեցան եւ հակահայ գործիչներ մեծարուեցան: Ժամանակը եկած է, որ արժանին մատուցուի արժանաւորին, եւ դատապարտուին ազգին վնաս հասցուցած շինծու «ղեկավարներ»-ը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը լաւ առիթ է այս սրբագրութիւններուն համար: Ուրախացնող երեւոյթ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի յառաջացումը, որ կոչուած է  լաւագոյնս կազմակերպելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը: Ճիշդ քայլ է նաեւ Երեւանի քաղաքապետութեան ծրագիրը` հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնելու Երեւանի մէջ: Ակնկալելի է անշուշտ, որ Արամ Մանուկեանը դառնայ Հանրապետութեան հրապարակի խորհրդանիշը:

 

 

Մուսա Լեռ-Այնճար

11 սեպտեմբեր 2017

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live