Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12108 articles
Browse latest View live

«Կարաւան 1915» Ժապաւէնը Կը Վերցուի Թուրքիոյ Սրահներէն

$
0
0

Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կարաւան 1915» ժապաւէնը հոկտեմբեր 11-ին ետ քաշուեցաւ Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներէն:

Ժապաւէնին բեմադրիչը` Իսմայիլ Կիւնեշ, նշած է, որ ժապաւէնին ցուցադրութեան հարցով լուրջ ընդդիմութեան կը հանդիպի, աւելցնելով, որ տարբեր խնդիրներ դիմագրաւած է նաեւ ժապաւէնին պատրաստութեան ընթացքին:

Կիւնեշ ըսած է, որ ժապաւէնը 54 սրահներու մէջ ցուցադրելու համար նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր, ապա դժուարութեամբ կարելի եղած էր այդ թիւը հասցնել 84-ի, հակառակ անոր որ ջանք տարուած էր ժապաւէնը ցուցադրելու առնուազն 300 սրահներու մէջ:

Ըստ բեմադրիչին, բուն խնդիրը թրքական հասարակութեան մէջ Հայկական հարցին մասին բացարձակ անտեղեակութիւնն է:

Միաժամանակ, թրքական «https://www.gazeteduvar.com.tr» կայքին վրայ հրատարակուած է յօդուած մը, որուն հեղինակը` Ազիզ Եաղան, կը նշէ, որ այս ժապաւէնը ցոյց կու տայ այն ամէն ինչը, որ թուրքերը երկար տարիներով կը փափաքին ներկայացնել աշխարհին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ան կը գրէ, որ ժապաւէնին մէջ ցուցադրուած են լաւ հագած եւ ապահով պայմաններու մէջ` դէպի Հալէպ քալող հայեր, որոնք օսմանցի պաշտօնեաներու հսկողութեան տակ են, բայց ապահովուած չեն ուտելիքով ու ջուրով:

«Ժապաւէնը կը պնդէ, որ այդ ամէն ինչը, որ հայերուն հետ տեղի ունեցաւ ճամբուն վրայ, տեղահանման որոշումը միամտաբար ստորագրած մարդոց մեղքը չէ՛ր», կը գրէ Եաղան` աւելցնելով, որ ժապաւէնէն նաեւ կարելի է եզրակացնել, որ պետութիւնը այդ ժամանակ ի վիճակի չէր պաշտպանելու հայերը` գաղթի ճամբուն վրայ պատահած աւազակային յարձակումներէն, «թէեւ այդ մէկը ընելու մեծ ցանկութիւն ունէր»:

Ըստ յօդուածագիրին, բուն խոչընդոտողը պատերազմական պայմաննե՛րն էին, որոնց պատճառով նման աւազակներու յարձակումին թիրախ դարձած էին բոլորը, նոյնի՛սկ` պետական կառոյցները: «Ժապաւէնին մէջ ցոյց տրուած են տեղահանութեան օրերուն կորսուած հայ կիներու կերպարներ, որոնք ոչ թէ առեւանգուած են, այլ իրենց յօժար կամքով ապաստանած են իսլամ տղամարդոց մօտ», եզրակացուցած է ան:


Սլաք. Էրտողանական Դասեր Եւ Սկզբունքներ Նաեւ Անգարայի Եւ Պաքուի Համար

$
0
0

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ քրտական Քերքուք նահանգին տիրանալու համար Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը որեւէ իրաւունք չունի: Քիւրտերը պէտք է մնան այնտեղ, ուր կը գործէ հիւսիսային Իրաքի վարչակազմը:

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը փաստօրէն հարազատ դրսեւորումն է պաշտօնական Անգարայի` Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին ուղղութեամբ կիրարկած քաղաքականութեան: Քրտական ինքնավար մարզին հետ որեւէ խնդիր չունէր Անգարան. նոյնիսկ սերտ յարաբերութիւններ զարգացած էին Էրպիլի եւ Անգարայի միջեւ, յատկապէս առեւտրային եւ տնտեսական առումներով:

Քերքուքի իրաքեան ուժերու կողմէ վերահսկումը յայտնաբար հանգստացուցած է Անգարայի վարիչները: Չմոռնանք, որ անյտեղ կայ նաեւ թիւրքմէնական գործօնը, որ Անգարայի համար ազդեցութեան գօտիներու պարարտ ենթահող կը համարուի:

Գետնի վրայ արձանագրուող ռազմական իրադարձութիւններուն հետեւելիք վերլուծաբանութիւնը պահ մը շրջանցելով, կեդրոնանանք այս պարագային Էրտողանի հռետորաբանութեան մէջ օգտագործուած բառապաշարին վրայ:

«Պատմութիւն», «բռնութիւն», «արիւնահեղութիւն», «պատմութիւն չիմացողներ», «տգէտներ»: Այս բառերուն օգտագործումով Էրտողան կ՛ամբաստանէ քիւրտերը Քերքուքի բնակչութեան դէմ բռնութիւն կիրարկելու, արիւնահեղութիւն պատճառելու, այլ ժողովուրդի տարածքներուն նկատմամբ նուաճողական քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալու եւ պատմութիւն չիմանալու համար:

Քաղաքական գործընթացներու մէջ ինքնահակասումը, տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքորոշումի կտրուկ անցումը, յայտարարուած վարքագիծերու բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ գործելը եւ բարեկամէ թշնամի ոստոստելները օրինաչափ կը նկատուին:

Այս պարագան սակայն հետաքրքրական է այլ իրողութեամբ. այն բոլոր իրականութիւնները, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ` բռնութեամբ եւ արիւնահեղութեամբ կայսրութիւն հիմնելու, սեփական պատմութեան հետ հաշուի չնստելու եւ այլ ժողովուրդներու պատմական հայրենիքները բռնագրաւած պահելու, կը վերադարձուին այս պարագային քիւրտերուն, որեւէ այլ պահու նաեւ այլ ժողովուրդներու:

Քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան դասը, որ Էրտողան կու տայ ո՛չ միայն քիւրտերուն, այլ նաեւ պատմութիւն չիմացող տգէտներուն տեսականօրէն պէտք է ընդունիլ իբրեւ բոլոր պարագաներուն եւ բոլոր պետութիւններուն կողմէ կիրարկելի անհրաժեշտութիւն:

Այս սկզբունքները, օրինակ գերազանցապէս ընկալելի կ՛ըլլան ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ Ազրպէյճանին, որ այլ ժողովուրդի պատկանած տարածքին ուղղութեամբ որդեգրած էր բռնութեամբ եւ արիւնահեղութեամբ յատկանշուող քաղաքականութիւն, որ մինչ այժմ չ՛ուզեր հաշուի նստիլ պատմութեան հետ:

Էրտողանի օգտագործած բառապաշարն ու պատմաքաղաքական սկզբունքները օգտակար են. յատկապէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վարքագիծերը պարզաբանելու համար:

ԽՄԲ.

19 ­Հոկ­տեմ­բեր 1829. ­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թը դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան

$
0
0

Ն.Պ.

Հոկ­տեմ­բեր 19ի այս օ­րը, 188 տա­րի ա­ռաջ, սկսաւ ­Կար­նոյ (Էրզ­րում) եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թը դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան՝ Ա­խալց­խա, Ա­խալ­քա­լաք, ­Ծալ­կա, ­Լո­ռի-­Փամ­պակ եւ ­Գիւմ­րի։
Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թը կը հե­տե­ւէր ցա­րա­կան զօր­քի նա­հան­ջին։ ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ իր շղթա­յա­զեր­ծած գրո­հին ու յաղ­թա­կան ար­շա­ւին վերջ տա­լով՝ կը վե­րա­դառ­նար Անդր­կով­կա­սի մէջ իր ամ­րա­ցու­ցած դիր­քե­րուն։ Իսկ ­Կար­նոյ եւ շրջա­կայ­քի մեր ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր մէկ մա­սը, օս­մա­նեան զօր­քին հա­ւա­նա­կան հա­կա­յար­ձա­կո­ղա­կա­նէն եւ հա­կա­հայ «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րէն» խու­սա­փե­լու մտօք՝ կը վերց­նէր գաղ­թա­կա­նի ցու­պը…

Հան­րա­գի­տա­կան գնա­հա­տում­նե­րով՝ օս­մա­նեան դա­ժան լու­ծը մեր­ժե­լով եւ թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րէն փրկո­ւե­լու նպա­տա­կով, ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զար հա­յեր լքե­ցին ի­րենց պա­պե­նա­կան բազ­մա­դա­րեան հողն ու շէ­նե­րը, հե­տե­ւե­ցան Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը պար­պող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։

Այդ­պէ՛ս, 1829ի ­Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սը ծանր ու դժո­ւա­րին ընտ­րան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջան ե­ղաւ ռու­սա­կան զօր­քին կող­մէ գրա­ւո­ւած Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան հա­մար։

1828-1829 թո­ւա­կա­նի ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը վերջ գտած էր ­Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով, ռուս­նե­րը հա­սած ու գրա­ւած էին մին­չեւ ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ­քը գտնո­ւող Ադ­րիա­նա­պո­լի­սը (Է­տիր­նէն), ուր եւ ­Սեպ­տեմ­բեր 14ին կնքո­ւած էր հա­մա­նուն հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը։ ­Թէեւ ռու­սա­կան կող­մը իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ ա­ռած էր ամ­բողջ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տանն ու Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր շրջան­նե­րը, բայց Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ Դաշ­նագ­րով՝ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը կցե­լով իր կայ­սե­րա­պե­տու­թեան ու հա­մա­ձայ­նե­ցաւ թուր­քե­րու տի­րա­պե­տու­թեան վե­րա­դարձ­նել ա­րեւմ­տա­հայ ա­զա­տագ­րեալ տա­րածք­նե­րուն մեծ մա­սը։

Իսկ հա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կա­պէս ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ­Կար­նոյ մէջ եւ շրջա­կայ­քը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր պա­տե­րազ­մին՝ ռուս­նե­րու կող­քին հա­զա­րա­ւոր հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ թուր­քե­րու դէմ կռո­ւի դաշտ հա­նե­լով, նման պայ­ման­նե­րով խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նագ­րի կնքու­մէն ետք, դէմ յան­դի­ման կանգ­նած էր թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թեան եւ անխ­նայ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի սպառ­նա­լի­քին…

Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ դաշ­նա­գի­րը նա­խա­տե­սած էր թուր­քե­րու հա­կա­հայ վրէժխնդ­րու­թեան այդ վտան­գը եւ, յա­տուկ յօ­դո­ւա­ծով մը, իբր թէ «ի­րա­ւունք» տո­ւած էր ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան, որ­պէս­զի մին­չեւ մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, այս­պէս կո­չո­ւած «օս­մա­նեան գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րը» թուր­քե­րուն վե­րա­դարձ­նող ռու­սա­կան զօր­քին հետ, գաղ­թէ դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։

Ա­հա նման պայ­ման­նե­րու մէջ եւ թրքա­կան ան­խու­սա­փե­լի կո­տո­րած­նե­րէն փրկո­ւե­լու մտա­հո­գու­թեամբ՝ ­Կար­նոյ եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թիւ­նը, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Կա­րա­պետ Արք. ­Բագ­րա­տու­նիի գլխա­ւո­րու­թեամբ, տուաւ ծան­րակ­շիռ ո­րո­շու­մը եւ ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զա­րով դի­մեց զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թի։ ­Պատ­մա­կան այդ մեծ գաղ­թով թէեւ վերանորոգուեցաւ հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քը ու ձեռ­նե­րէց եւ աշ­խա­տու­նակ հա­յե­րով բար­գա­ւա­ճե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը, այ­սու­հան­դերձ՝ մե­ծա­պէս հա­յա­թա­փո­ւե­ցաւ Կա­րի­նը, որ հնա­գոյն դա­րաշր­ջան­նե­րէ սկսեալ, իբ­րեւ հայ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ բնա­կուած տա­րածք, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն խաչ­մե­րուկ մը ե­ղած էր միջ-ցա­մա­քա­յին ու­ղի­նե­րու վրայ։

Հին ­Յու­նա­կան, Հ­ռով­մէա­կան եւ ­Բիւ­զան­դա­կան ­Կայս­րու­թեանց ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­կող քա­ղաք էր ­Կա­րի­նը, ո­րուն հայ եւ յոյն բնակ­չու­թեան տնտե­սա­կան աշ­խա­տու­նա­կու­թեան ու ա­ռեւտ­րա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան մա­սին սպա­ռիչ վկա­յու­թիւն­նե­րով հա­րուստ է պատ­մու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­նուր տե­ղե­կան­քով՝

«­Կա­րին կամ Էրզ­րում, ­Բարձր ­Հայ­քի մայ­րա­քա­ղա­քը, կը գտնո­ւի ­Կար­նոյ դաշ­տին հա­րա­ւա­րե­ւե­լեան կող­մը, Եփ­րա­տի եւ Ա­րաք­սի ա­կունք­նե­րուն մօտ, 1960 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ: ­Հիւ­սի­սէն կը հո­սի Եփ­րատ գե­տը, իսկ հա­րա­ւա­յին կող­մը կը բարձ­րա­նան ­Գո­հա­նամք, Այծպտ­կունք եւ ­Սուրբ Ն­շան լեռ­նե­րը: ­Հա­րուստ` ա­ռատ եւ յոր­դա­հոս ա­կե­րով, ո­րոնց մէկ մա­սը քա­ղա­քի բազ­մա­հա­րիւր աղ­բիւր­նե­րուն ջուր կը մա­տա­կա­րա­րէ, իսկ միւս­նե­րը ի­րա­րու միա­նա­լով գե­տակ մը կը կազ­մեն, որ կ­՛անց­նի քա­ղա­քի ա­րեւմ­տեան կող­մէն, եր­կար եւ կա­նա­չա­պատ ձո­րի մը մէ­ջէն եւ կը խառ­նո­ւի Եփ­րա­տի: 1914ին ­Կա­րին ու­նէր 60 հա­զար բնա­կիչ, ո­րուն 15 հա­զա­րը հա­յեր էին:

«­Քա­ղա­քը բաղ­կա­ցած է գլխա­ւոր ե­րեք մա­սէ: ­Կեդ­րո­նը բլու­րին վրայ` միջ­նա­բեր­դը իր ան­մի­ջա­կան շրջա­կայ­քով, որ հնա­գոյն ­Կա­րի­նը կը կազ­մէ: ­Բեր­դին ար­տա­քին պա­րիսպ­նե­րը ի­րենց շրջա­պա­տով, ո­րոնք հին ­Կա­րի­նը կը կազ­մեն: Իսկ բեր­դին չորս կող­մը տա­րա­ծո­ւող թա­ղա­մա­սե­րը նոր ­Կա­րի­նը կը կազ­մեն: ­Միջ­նա­բեր­դը ու­նի հա­րիւր մեթր եր­կա­րու­թիւն եւ շուրջ 55 մեթր լայ­նու­թիւն եւ կա­ռու­ցո­ւած է Ե. դա­րուն: Միջ­նա­բեր­դին հա­րա­ւա­յին կող­մը կը գտնո­ւի ­Թեփ­սի մի­նա­րէն, որ իր բարձ­րու­թեան շնոր­հիւ դի­տա­րա­նի դեր խա­ղա­ցած է: Ա­րե­ւե­լեան կող­մը կը գտնո­ւի ­Չիֆ­թէ մի­նա­րէն, որ կա­ռու­ցո­ւած է 962ին: Ու­լու ճա­մին կա­ռու­ցած են յոյ­նե­րը իբ­րեւ դի­ւա­նա­տուն կամ մա­տե­նա­դա­րան, իսկ սել­ճուք­նե-րը 1178ին մզկի­թի վե­րա­ծած են զայն:

«Հա­յոց ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած էր 1840ին, հին ե­կե­ղեց­ւոյ վայ­րին վրայ: Գ­լա­նա­ձեւ քսան սիւ­նե­րու վրայ կա­ռու­ցո­ւած ե­կե­ղե­ցին ու­նէր 24 մեծ եւ 15 փոքր կլոր պա­տու­հան, ե­րեք կա­մա­րա­ձեւ խո­րան, եր­կու ա­ւան­դա­տուն եւ ե­րեք դուռ:

«­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը հիմ­նուած էր 1811ին եւ հե­տա­գա­յին վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ Արծ­նեան: ­Սա­նա­սա­րեան վար­ժա­րա­նը հիմ­նո­ւած էր 1881ին, Մկր­տիչ ­Սա­նա­սա­րեա­նի մի­ջոց­նե­րով եւ ­Կա­րա­պետ Ե­զեա­նի ջան­քե­րով եւ կրթա­կան բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն էր, ու­նէր գի­շե­րօ­թիկ բա­ժին, ման­կա­վար­ժա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան ճիւ­ղեր, տար­րա­լու­ծա­րան, գրա­դա­րան, հի­ւան­դա­նոց, դե­ղա­րան, փուռ, ներ­կա­տուն եւ թան­գա­րան:

Միւս վար­ժա­րան­ներն էին` Հ­ռիփ­սի­մեանց օ­րիոր­դաց, Մ­սը­րեան, ­Տէր Ա­զա­րեան, Գա­ւա­ֆեան, Ա­ղա­պա­լեան եւ կա­թո­լիկ ու բո­ղո­քա­կան դպրոց­նե­րը եւ քա­նի մը ման­կա­պար­տէզ­ներ:
Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թին նուի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան սիւ­նա­կը տե­ղը չէ ա­ռան­ձին լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ­Կար­նոյ հա­յու­թեան ներդ­րու­մը ընդ­հան­րա­պէս հա­յոց պատ­մու­թեան եւ հա­նուր քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ։

Բայց ան­պայ­ման տեղն է շեշ­տե­լու, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ ռու­սա­կան զօր­քը ե­րեք ան­գամ, հայ­կա­կան հո­ղի վրայ, պա­տե­րազմ մղեց թրքա­կան զօր­քին դէմ եւ ե­րեք ան­գա­մուն ալ գրա­ւեց ­Կա­րի­նը (1828-29ին, 1877-78ին եւ 1915-16ին)։ Ռուս-Թր­քա­կան ե­րեք պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը իբ­րեւ փրկա­րա­րի ըն­դա­ռա­ջե­ցին ռու­սա­կան զօր­քե­րուն եւ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ տրա­մադ­րե­լով, մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին ռու­սա­կան յաղ­թա­նա­կին։ ­Բայց ե­րեք ան­գա­մուն ալ հա­յու­թիւ­նը չա­րա­չար յուս­ախա­բու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ։ ­Ռու­սաս­տան բնաւ չու­նե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­յաս­տանն ու ա­նոր «մայ­րա­քա­ղա­քը» նկա­տո­ւած ­Կա­րի­նը ա­զա­տագ­րե­լու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք եւ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան վե­րա­դար­ձուց հայ­կա­կան հո­ղե­րը։

Կար­նոյ հա­յու­թեան 1829ի մեծ գաղ­թին ա­ռի­թով կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, նաեւ ու մա­նա­ւանդ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը եր­բեք չհրա­ժա­րե­ցաւ ­Կա­րի­նէն։ ­Հա­կա­ռակ 1829ի գաղ­թին հե­տե­ւած թրքա­կան հա­կա­հայ խժդժու­թեանց եւ կո­տո­րած­նե­րուն, հա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց հա­մախմ­բո­ւիլ ­Կար­նոյ մէջ ու շէ­նաց­նել զայն։

Ա­ւե­լի՛ն. 19րդ ­դա­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ­Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը դար­ձաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն հնոց մը, որ յա­ռա­ջա­պա­հի դեր կա­տա­րեց թէ՛ ազ­գա­յին զար­թօն­քի եւ լու­սա­ւո­րու­թեան ճա­կա­տին վրայ, թէ՛ հայ հայ­րե­նա­սի­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րու շղթա­յա­զերծ­ման ըն­թաց­քին։

Այդ ա­ռու­մով ­Կար­նոյ «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց» ե­րի­տա­սար­դա­կան մար­տու­նակ շար­ժու­մը, 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, հիմ­նա­րար դեր ու­նե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­ւոր­ման մէջ։

Իսկ ­Կար­նոյ «­Սա­նա­սա­րեան» վար­ժա­րա­նը, 19րդ ­դա­րու վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին եւ 20րդի սկզբնա­ւո­րու­թեան, լոյ­սի եւ յոյ­սի փա­րոս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հա­մար՝ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ներշն­չու­մի ու պատ­րաս­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան մը դառ­նա­լով։

Հոկ­տեմ­բե­րի 19ի այս օ­րը, ­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թին 188րդ ­տա­րե­լի­ցը յու­շե­լով, մեր սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ կը բա­նայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դա­սե­րու եւ մտո­րում­նե­րու ամ­բողջ աշ­խարհ մը։ ­Յատ­կա­պէս՝ մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ կը վե­րա­նո­րո­գէ հայ­րե­նի հո­ղին կառ­չած մնա­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեան մե­ծա­գոյն ողջմ­տու­թիւ­նը։

 

«Սեւ Կատու, Սեւ Բախտ». Ի՞նչ Վիճակում Է Այսօր Գտնւում Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

$
0
0

Տիգրանակերտից Ներկայացնում Է «Ակունք»-ի
Յատուկ Թղթակից Կարօտ Սասունեանը

Թարգմանեց` ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ

Վերջերս մամուլում հրապարակումներ եղան այն մասին, թէ մի խումբ հաւատացեալներ կարողացել են մուտք գործել Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եւ մոմ վառել ու աղօթք անել այնտեղ: Տիգրանակերտում «Ակունք»-ի յատուկ թղթակից Կարօտ Սասունեանից տեղեկացանք, որ եկեղեցու մուտքը պաշտօնապէս դեռ փակ է, եւ այդ մարդիկ կարողացել էին եկեղեցի մտնել մասնաւոր կապերի միջոցով: Այնուամենայնիւ, այդ դէպքն առիթ ծառայեց, որ Կարօտ Սասունեանը զարտուղի ճանապարհներով եւ գրեթէ կեանքը վտանգի ենթարկելով` մտնի Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին եւ լուսանկարներ անի այնտեղ, որպէսզի ամբողջ հայութիւնը տեղեկանայ սոյն եկեղեցու ներկայիս վիճակի մասին: Ստորեւ թուրքերէնից թարգմանաբար հրապարակում ենք Կարօտ Սասունեանի յօդուածը եւ Սուրբ Կիրակոսում նրա արած լուսանկարները:

Խնկի բոյրն առաջին անգամ հէնց այս եկեղեցում էի զգացել… Այնքան էր դուրս եկել, որ այդ կիսաւեր եկեղեցին պահպանելու նպատակով կից կառոյցում ապրող ընտանիքի անդամներից մէկն ինձ մի քանի կտոր խունկ էր տուել` թղթի մէջ փաթաթելով… Այդ կիսաքանդ եկեղեցին Սուրբ Կիրակոսն էր: Ես Սասունի գիւղերից մէկում էի ապրում: Երբեմն գործի բերումով, Տիգրանակերտ էի գալիս: Գալուն պէս այցելում էի այդ եկեղեցին, որի տանիքը դեռ լիովին չէր փլուել: Ամէն այցիս հետ նկատում էի, որ եկեղեցու տանիքից երկու կամ երեք քար էլ էր ընկել: Ամէն անգամ մտածում էի` մի՞թէ մի ճար չկայ: Չկա՜ր:

Դիտաւորեալ էին թողել, որ այն աւերուի: Դիտմամբ էին պատժում նրան: Եւ եկեղեցին քանդւում էր, ոչնչանում` ցաւ քաշելով ու ցաւ պատճառելով: Գրքերում էինք կարդացել, որ Սուրբ Կիրակոսը Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին է եղել, որ` բաղկացած է եղել եօթ խորաններից, եւ որ` երբ նրա զանգը հնչում էր, ձայնը մինչեւ Սասուն էր հասնում: Գրքերից էինք իմացել, որ այս եկեղեցու զանգակատունը մզկիթի մինարէից բարձր էր եղել, որի պատճառով այն քանդել էին տուել: Թնդանօթի ռումբերով անգամ չէին կարողացել զանգակատունը հողին հաւասարեցնել: Դրա համար էլ Սիրիա «աքսորուած» մի հայ ճարտարապետի էին այդ գործը յանձնարարել:

Եկեղեցու բակում ապրող չգիտեմ քանի տարեկան Լուսիէն քոյրիկի` չգիտեմ որ համարի ակնոցները լուանում էի` բակում գտնուող փոքրիկ սեւ պազալթի քարից պատրաստուած եւ երիցուկի նմանուող ջրաւազանի անիւի միջոցով ջուր հանելով: Ամէն անգամ աչքերս համբուրելով` օրհնում էր ինձ: Սպասուած օրը եկաւ… Աստուած հոգիդ լուսաւորի, Լուսիէ՜ն քոյրիկ (գրուած է հայերէնով – «Ակունք»-ի խմբ.): Այլեւս այն ջրաւազանի անիւը չկայ, որ ակնոցներդ լուանք: Գողացել են… Գիտե՞ս` ջուրը չեն կարողացել գողանալ: Թերեւս եթէ կարողանային, ջուրն էլ կը գողանային` ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր հայրենիքը գողացան… Մեր հայրենիքը կարողացան գողանալ, բայց հողը` ոչ…

Մի օր, երբ խիստ յորդառատ անձրեւ էր տեղում, նորից Տիգրանակերտ էի գնացել: Մտքումս ասում էի` եկեղեցու տանիքի մնացեալ հատուածը չի դիմանայ այս անձրեւին: Այդպէս էլ եղաւ: Անձրեւը դադարել էր, իսկ եկեղեցու տանիքը` փլուել: Այլեւս սկսուել էր անխուսափելի վերջը: Պատերն էլ էին փլուելու, խորաններն էլ… Այսինքն վախճանուելու էր մեր եկեղեցին: Բակը լցուել էր տանիքի քարերով ու փոշով: «Ի՞նչ է լինելու այս եկեղեցու վիճակը», հարցնում էի ես: Անդօ հօրեղբայրը աչքերը լցնելով` պատասխանում էր ինձ, տիգրանակերտցի վառարանագործ Անդօ հօրեղբայրը, ով յայտնի էր նաեւ Անդրանիկ Զօր անունով:

Նա էլ չէր լքել Սուրբ Կիրակոսը: Հիւանդացաւ, ստիպուած եղաւ հեռանալ Սուրբ Կիրակոսից, ակամայ հիւրընկալուեց Պոլսի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցում: Գնաց` չկարողանալով խնկի բոյրը նորից շնչել Սուրբ Կիրակոսում… Աստուած հոգին լուսաւորի (գրուած է հայերէնով – «Ակունք»-ի խմբ.)…

Բանակում ինձ թագաւորի պէս էր դիմաւորել սասունցի Դանիէլ Քոյունճուն: Երեք ամիս անընդմէջ ինձ պահել-պահպանել էր: Ծնուել ու մեծացել էր Տիգրանակերտում: Նա եւս Սուրբ Կիրակոսում շնչել էր խունկի բոյրը: Յանձն առաւ եկեղեցին վերջնական աւերումից փրկելու գործը: Նրա դասընկերները բարձր պաշտօններ ունէին: Նաեւ վերջինների աջակցութեամբ Դանիէլը գլխաւորեց եկեղեցու հիմնադրամի կազմաւորման գործը: Եւ` երջանիկ աւարտ. եկեղեցին վերականգնուեց: Քանդուած զանգակատան տեղում նոյնը կառուցեցին` նախկինի բարձրութեամբ: Թէկուզ եւ` յատուկ թոյլտուութեամբ, այնուամենայնիւ 40 տարի անց առաջին պատարագը մատուցուեց: Աշխարհի բոլոր ծայրերից հայեր էին եկել: Այդ մեծ եկեղեցու ներսն այնքան էր լցուած մարդկանցով, որ մեծ մասը բակում էր կանգնել: Այստեղ անգամ կանգնելու տեղ չէր մնացել: Դանիէլը շատ երջանիկ էր: Տարիներ անց վերստին խունկի բոյրն էր շնչել եւ այլոց շնչել տուել Սուրբ Կիրակոսում: Սեւ լուր հասաւ. Դանիէլի սիրտը կանգ էր առել. չկարողացաւ Սուրբ Զատիկը տեսնել, Սուրբ Յարութեան տօնի չէօրեքները (Զատիկին պատրաստուող խմորեղէն, կուլիչ – «Ակունք»-ի խմբ.), գոյնզգոյն հաւկիթները… Աստուած Դանիէլի հոգին լուսաւորի… (գրուած է «հայերէնով -«Ակունք»-ի խմբ.):

Յանկարծ մի փոթորիկ բարձրացաւ: Հրասայլի ձայներ ու թնդանօթազարկեր լսուեցին. ամէնուր ռազմի դաշտ դարձաւ: Այն դէպքում, երբ 100 տարի անց վերստին մէկտեղուել էինք… երբ հողի տակն անցած ածուխը նորից սկսել էր մարմանդ կերպով այրուել, կրկին հողի տակ թաղուեց: Ամէն բան միանգամից անհետացաւ: Գրեթէ 3 տարի է, որ եկեղեցի մտնելն արգելուած է: «Կեաւուր թաղի» մուտքն ու ելքը փակուած են: Ոստիկանական տեղամասէր են բացուել: «Կեաւուր թաղը» գետնին է հաւասարեցուել: Ներկայ պահին մի մզկիթից ու մէկ եկեղեցուց բացի` ոչ մի կառոյց չի մնացել: Մնացեալ շինութիւնների աւերումն էլ դեռ շարունակւում է:

Ես այս ընթացքում, այսինքն` 3 տարի շարունակ, ամէն կիրակի փորձել եմ «Կեաւուր թաղ» գնալ` կրկին խնկի բոյրն առնելու յոյսով: Արգելուա՛ծ է:

Այս կիրակի այլեւս չդիմացայ. եկեղեցու գտնուած վայրի յետնամաս գնալով` յաջողեցի ներս մտնել` Սուրբ Կիրակոսի բակում գտնուող մի փոքրիկ կառոյցի պատին արուած անցքի միջոցով: Խնամքով վերականգնուած խորանները քարուքանդ էին եղել, իսկ աթոռները` խրամատի վերածուել: Եկեղեցին լեցուն էր աղբով, որը գոյացրել էին ամիսներով այդտեղ մնացած անձինք: Գետնին ընդեղէն էր թափուած, քաղցրաւենիքի եւ պահածոյի տուփեր, չորամրգեր, վերմակ եւ այլն…

Սակայն ամենասարսափելին այն էր, որ գողացուած էին եկեղեցու սիւները միմեանց կապող բոլոր կամարները, որոնք կապարից էին շինուած: Պատրիարքական աթոռը տարուել էր փոքր եկեղեցի: Պատերը շատ չէին վնասուել, բայց պատուհանների բոլոր ապակիները կոտրուած էին:

Թալանուել ու հրկիզուել էր Սուրբ Կիրակոսի այն հատուածը, որը նախատեսուած էր ընծաների համար: Կարծես թէ «հօր կրօնը իր կեանքից վեր դասող» Կիւլիզարի (խօսքը գնում է մշեցի հայ Կիւլիզարի մասին, որի հայրը հոգեւորական էր: Կիւլիզարն առեւանգուել էր մի քիւրտ աղայի կողմից: Սակայն նա չէր համաձայնւում ամուսնանալ մուսուլմանի հետ: Կիւլիզարին իսլամացնելու համար շատ են ջանքեր գործադրում, բայց նա մահմետականներին ասում է. «Ես հօրս կրօնից երբեք չեմ հրաժարուի»: Այս պատմութիւնը ներկայացուած է նաեւ մի քրտական երգում – «Ակունք»-ի խմբ.) սեւ բախտը վերադարձել ու պահպանւում էր: Սեւաբախտ Կիւլիզարն էր կանգնած այդ աւերակների մէջ…

Երեք տարի անց առաջին անգամ մոմ վառուեց եկեղեցում… Գուցէ մութը ցրուի` մոմի կրակի շնորհիւ… Կարճ աղօթք արեցի` «Ազա՜տ ապագայ»: Քարաճա լերան փէշին հիմնուած Տիգրանակերտը սեւ քարերից էր կառուցուել` իր սեւ բախտի նման, սեւաբա՜խտ Սուրբ Կիրակոս…

Եկեղեցու մօտ սեւ քարէ տաշտում նստած սեւ կատուն էլ էր վկայում, որ սեւ բախտը յղի էր սեւ օրերով…

ԿԱՐՕՏ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Ակունք»

Վերժինի Թուլումեան Կը Ստանձնէ ՀՕՄ-ի Վարիչ-Տնօրէնի Պաշտօնը

$
0
0

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ Վերժինի Թուլումեանին նշանակումը` ՀՕՄ-ի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնին: Թուլումեան, Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ իր երկարամեայ արդիւնաւէտ գործունէութենէն ետք, այժմ փոխադրուած է Պոսթըն` ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը:

«Ես շատ ոգեւորուած եմ` ստանձնելու իմ աշխատանքը ՀՕՄ-ին հետ», ըսաւ Թուլումեան: «Ահաւասի՛կ, դարէ մը աւելի է, որ` այս հրաշագործ կազմակերպութիւնը կը ծառայէ, կ՛օժանդակէ եւ կը գուրգուրայ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին` միշտ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` «Ժողովուրդի՛ս հետ, ժողովուրդի՛ս համար», շնորհիւ իր անձնուէր կամաւորներու բանակին: Ես պատրաստ եմ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն հետ նորանոր նուաճումներ կատարելու», աւելցուց ան:

Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք Վերժինի ստացած է գործարարական կառավարման (Business Management) պսակաւոր արուեստից վկայականը` Վուտպըրի համալսարանէն, նաեւ մարդկային միջոցներու տեսչութեան վկայագիր` Լոյոլա Մերիմաունթ համալսարանէն, իսկ մագիստրոսի վկայականը տեսչութեան եւ ղեկավարման մէջ` Փեփըրտայն  համալսարանէն: Երբ ան Փեփըրտայն կը յաճախէր, մասնակցած է ամառնային ծրագիրի մը` Անգլիոյ «Օքսֆորտ» համալսարանին մէջ եւ խորհրդատու նշանակուած է Լոս Անճելըսի Էն Տակլասի անուան կնոջական հաստատութեան մէջ: Ան վերջերս կը պաշտօնավարէր Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին մէջ, ուր նաեւ Հայ դատի դասանիւթի ուսուցչուհի էր:

Վերժինի Թուլումեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան գործօն անդամ եղած է ու վարած` անոր Կեդրոնական վարչութեան քարտուղարի ու փոխատենապետի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ` Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի քարտուղարութիւնն ու ատենապետութիւնը: Ան խմբագրած է ՀԵԴ-ի «Հայդուկ» պարբերաթերթը եւ գործօն անդամ է ՀՅԴ-ի «Շանթ» ուսանողական միութեան:

Մեր Ապագայ Լրագրողները

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Ի՞նչ պէտք է սորվեցնել մե՛ր «ԱՊԱԳԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ»-ուն:  Ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց ուսուցիչը: Որո՞ւ օրինակին պիտի հետեւին անոնք: Ի՞նչ կ՛ակնկալուի անոնցմէ:

Ասոնք պարզապէս հարցումներ չեն, այլ ստո՛յգ մտավախութիւններ մեր առօրեային հետ կապուած` տեղեկագրական լրատուամիջոցներու առնչութեամբ: Թէեւ կասկած չկայ այդ ուսուցիչներուն ունեցած խորունկ գիտութեան մասին, սակայն այն գիտութիւնը, որ անոնք պիտի ուզեն ջամբել մեր մատղաշ սերունդին, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ապագայի լրագրողներն ու խմբագիրները, պէտք է ըլլայ ամբողջական: Աւելի պարզ խօսքով, այն հմտութիւնները, որոնք անոնք կ՛ուզեն սորվեցնել նոր սերունդին, պէտք է ըլլան անկողմնակալ ու ճշմարիտ զգեստաւորումով օժտուած եւ ոչ թէ` քողարկուած կամ ուրիշներուն հաճելի թուելու ակնկալութիւններով պայմանաւորուած:

Ճշմարտութիւնը, ի՛նչ ալ որ ըլլայ անոր նպատակակէտը, միշտ ալ հետապնդած է անկէ խուսափիլ փորձող անհատը… Մեղաւորը չ՛ուզեր իմանալ զայն կամ կը փորձէ խուլ ձեւանալ, եթէ նո՛յնիսկ  անոր ձայնը Լոնտոնի Պիկ Պենի ղօղանջին նման ուժգին է եւ զայն լռեցնելը անկարելի` ժամանակէն առաջ:

Ճշմարտութիւնը չիմանալը նեղութիւն եւ ցաւ կը պատճառէ խնդրոյ առարկայ անձին, որովհետեւ անորոշութեան մէջ խարխափելը վրդովեցուցիչ է: Ճշմարտութիւնը իմանալը` նոյնպէս, որովհետեւ ձեռք բերուած արդիւնքը չի համապատասխաներ ակնկալուածին` յաճախ պատճառ դառնալով նոյնիսկ ատամներու կճրտումին` անզօրութեան պատճառով: Իսկ զայն իմանալով հանդերձ,  չկարենալ ելք մը գտնելը` արդար լուծումի մը յանգելու համար, զանգուածին յանձնուիլն է անոր հաճելի թուելու նպատակով, Պիղատոսի նման ձեռքերը լուալով:

Եթէ ճշմարտութիւնը չփոխանցուի հարազատութեամբ, ոչինչ կարելի է փոխել ներկայ կացութենէն: Ունկնդիրը պէտք է իմանայ ամբո՛ղջ իրողութիւնը, որպէսզի գործը ըստ այնմ ընթանայ, եւ նեղութիւն պատճառող ծալքերը հարթուին: Ուրեմն ճշմարտութիւնը ծածկելը մեծ սխալ պիտի ըլլար, որ պիտի խանգարէր հանգոյցը քակելուն: Երբ Մեծն Աղեքսանդր չկարողացաւ քակել Գորդեան հանգոյցը, սուրի մէկ հարուածով կտրեց զայն, այսինքն ան ուժ գործածեց հարցին լուծման հասնելու համար: Այլ խօսքով, երիտասարդ ըլլալուն` ան անզուսպ էր եւ անոր կը պակսէր համբերութիւն: Իր պարագային, իր վարմունքը ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ ուրիշին վրայ, ոեւէ մէկը վնաս չկրեց: Սակայն, երբ հարցը ժողովուրդի մը ճակատագրին կը վերաբերի, համբերութիւնը կեանք կը պարգեւէ: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` «Տասը խորհէ, մէկ գլորէ»: Հոս, խոհեմութիւնը պայման է որովհետեւ սխալ քայլ մը կրնայ մեծ աղէտ պատճառել: Բայց եւ այնպէս, ճշմարտութիւնը ծածկելը կամ մեղմասացութիւններով համեմելը համազօր է սխալ արարքի մէջ գտնուողներուն հետ համագործակցութեան, նո՛յնպէս ալ` ճշմարտութիւնը բացայայտել ուզող անձերուն արգելք հանդիսանալը: Թոյլ տուէք այս վերջիններուն, որ իրենց մտածումները կարենան հասցնել հոն, ուր որ պէտք է, որպէսզի ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն, եւ կեղեքիչները զգաստանան… Ահաւասիկ առաջին դասը, որ պէտք է փոխանցել տալ անվարժներուն` ճշմարտութիւնը բացայայտել քա՛ջաբար… Առա՛նց վերապահութեան:

 

 

Մեր Իրագործումները Եւ Խնդիրները -(Բ.) ԼԵՄ-ականները Միշտ Կը Յուշեն…

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Միշտ կը դժգոհինք երիտասարդներէն, թէ անոնք բան մը չեն ըներ, թէ` հիները տարբեր էին, ու նորերուն մէջ եռանդ ու ոգի չկայ, շունչն ու մթնոլորտը բացակայ է: Միշտ կը գանգատինք, որ երիտասարդները օրըստօրէ կը հեռանան ազգային ու մարդկային արժէքներէն եւ կը մխրճուին յոռի երեւոյթներու հոսանքներուն մէջ:

Միշտ ըսելիք ունինք, սակայն հարց չենք տար, թէ մենք ի՛նչ կ’ընենք, որ մեր երիտասարդները մնան մեր շուրջը համախմբուած եւ չհեռանան մեր անմիջական շրջանակներէն: Պատասխանատւութիւնը բոլորին է` առանց բացառութեան:

Երիտասարդները կարիքն ունին աշխատանքային միջավայրի եւ առաջնորդող տիպարներու, որոնց բացակայութեան կրնան կորսուիլ, կրնան մոլորիլ: Միշտ ալ հիները նորերուն նկատմամբ վերապահութիւններ ունեցած են, որովհետեւ պայմաններու փոփոխութեան մէջ ընդհանրապէս չեն կրցած ընդունիլ նորը իր ժամանակակից պայմաններու մէջ: Տասնեակ տարիներ առաջ ալ միեւնոյն դժգոհութիւնները կային, սակայն երթը շարունակուեցաւ ու վաղն ալ պիտի շարունակուի: Այսօր պայմանները փոխուած են, դժուարութիւնները աւելցած են, սակայն ոգին դեռ կ’ապրի, կը շնչէ:

Այս մթնոլորտին մէջ հարկ է գնահատել լաւը, դրական իրագործումը: Երեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2017-ին, Պէյրութի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի մուտքին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տղաքը ե՛ւ ներքին ե՛ւ արտաքին առումով դարձան մէկական յուշարարներ:

Լիբանանցիներուն եւ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կազմակերպած Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան եւ Թրքական մշակութային կեդրոնի անդամներուն ԼԵՄ-ականները քաղաքակիրթ ցոյցով յուշեցին, որ Լիբանանի ընկերութեան կարեւոր մէկ հատուածը կը մերժէ թրքականին ներկայութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա ցեղասպան է եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած է:

Իսկ աւելի էականը այն է, որ ԼԵՄ-ականներ այս նախաձեռնութեամբ ներհայկական առումով անգամ մը եւս յուշեցին, որ թշնամիին հետ գործակցիլը մեղսակցութիւն է, երբ բազմաթիւ հայեր անցնող շաբաթներուն թրքական ծովափները վայելեցին, իրենց հացի աղբիւրը Թուրքիան սեպեցին®

Թքած ունիմ այդ անիծուած աղբիւրին…

Յարգանք ու վարձքը կատար ԼԵՄ-ականներուն, որոնք երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղը պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` յուշել մեր սկզբունքները եւ հաւատարիմ մնալ մեր ժողովուրդին ու դատին ծառայելու սրբազան առաքելութեան:

 

 

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.- Գտնե՛լ, Ձեւակերպե՛լ, Կենսաւորե՛լ, Տարածե՛լ Կեանքի Հայոց Բանաձեւը

$
0
0

Թարգմանչաց յիշատակը կը նշենք այսօր: Եւ` ոչ միայն: Թարգմանչաց տօնը ուղղակիօրէն առնչուած է ուսուցչի առաքելութեան: Կը նշանակէ` Սահակ կաթողիկոսի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Վռամշապուհ արքայի բացած ուղին անցեալէն ապագայ կը կամրջուի: Արդարեւ, անցեալը, պատմութիւնը կը մնայ անհոգի, անվաղորդայն, եթէ ան առարկայական դերակատարութիւն չունենայ ներկային ու ապագային մէջ: Մեր խնդիրները անցեալէն կու գան, սակայն իրենց առանցքով ապագային ուղղուած են, որ մշուշոտ ու անորոշ կը մնայ:

Գիրը, լեզուն, անոնցմով ստեղծուած եւ պահպանուած յիշողութիւնը, գրականութիւն ու մշակոյթ` զէնքեր են, որոնք չեն հինցած, չեն ժանգոտած, պատմութեան պէտք չէ անցնին: Ազգովին կը պարտուինք, եթէ անձնատուր ըլլանք արդի աշխարհին` գիրը, լեզուն նկատելով պատմական ժառանգութիւն, ներկայէն անջատուած, եթէ անոր դերակատարութիւնը սահմանափակենք գաղափարներով, որոնք, վերջին հաշուով, սոսկական հայուն առօրեային հետ առնչութիւնը կորսնցուցած են կամ կորսնցնելու վրայ են:

Աշխարհի երեսին տարտղնուած մեզի նման ազգային հաւաքականութիւնը հզօր կռուանի կարիքն ունի` ինքնութիւն պահելու եւ զայն առաքելութեան վերածելու: Ինքնութիւն պահելը ինքնանպատակ չէ, չի կրնար կենսունակ մնալ, կը դառնայ արհեստական, նոյնիսկ` հայրենի հողին վրայ, ա՛լ ուր մնաց` օտարութեան: Առաքելութիւնը իւրայատո՛ւկ առաքելութիւնն է, որ անոր մղում կու տայ եւ այժմէական կը պահէ: Այս մեկնակէտէն ալ փորձենք պարզել մեր միտքը:

Խօսքը` բանը գաղափար է: Եւ սկիզբէն այդպէս է: Կարելի ալ չէ խօսքը գաղափարէն առանձնացնել, անհեթեթ կը դառնայ: Իսկ գաղափարը սերունդներ, հարիւրամեակներ, հազարամեակներ կը փոխանցուի գիրով ու գրականութեամբ: Մենք հարուստ ենք գիրով ու գրականութեամբ: Այսօր ալ կը ստեղծուի գիտական թէ գեղարուեստական գրականութիւն: Լեզուն իր գիրով չէ մաշած, ընդհակառակը, կրնանք ըսել նոր` արմատական լուսաբաց կրնայ ողջունել եկող տասնամեակներուն: Այդ չէ մեր տկար կէտը, ինչպէս ըսինք` գիր-գրականութեամբ, ըսել է գաղափարո՛վ, մենք հարուստ ենք եւ չենք զիջիր ո՛չ ապրող, ո՛չ ալ մեռած ազգերուն:

Պատմութիւնը կ’աւանդէ, որ հայոց հասակակից, տարեկից կամ աւելի նոր ազգեր ու լեզուներ այսօր գոյութիւն չունին պարզապէս կամ միայն մատենագրութեան մէջ կը յիշուին: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ եղած են ժամանակի հզօրներէն, կայսրութիւններ հաստատած ու աշխարհ ղեկավարած են: Սակայն անոնք յիշատակ են այսօր, չկան:

Իսկ պատմահօր բնորոշումով, հանուր հիւսիսականաց վեհագոյնը` Հայաստանը դեռ կանգուն կը մնայ իր գիր ու խօսքով, ժողովուրդով: Պատահականութի՞ւն է, թէ՞ զուգադիպութիւն, բա՞խտ, թէ՞ տոկունութեան վկայութիւն: Ի վերջոյ հզօր պատճառ մը պէտք է ըլլայ, աւելի՛ հզօր, քան` մեր պարտութիւնները, օտար բանակներու նուաճումը մեր հայրենիքին, անոր մասնատումները, յաճախակի կոտորածները, բռնագաղթերը, վերջապէս` Ցեղասպանութիւնը:

Ուրեմն եղած է թաքնուած աւելի հզօր ուժ մը, նիւթական հզօրութեան հակադրուող տուեալ մը ունեցած է միշտ հայը, որ զինք պատմութեան թատերաբեմին վրայ պահած է, այնտեղ դեր ունեցած է միշտ, իրեն համար դերեր սահմանած է տարբեր դարաշրջաններու: Ճիշդ է` հայոց պատմութիւնը գերազանցապէս անհատներու պատմութիւն է պետականութեան բացակայութեան իսկ պետականութեան ներկայութեան` արքայի, իշխանի, կաթողիկոսի, սպարապետի կամ… դաւաճանի: Եւ պետութեան բացակայութեան վառ անհատականութիւններ պատմութիւն կերտած են, ու անոնք կցուած են ազգի պատմութեան: Վերջին հարիւր երեսուն, հարիւր քառասուն տարին է, որ մեր պատմութիւնը գաղափարական համակարգերու առանցքին շուրջ զարգացում ապրեցաւ:

Եւ կարելի է ըսել, որ մեր թուլութիւնը, մեր պարտութիւնները մեծ մասամբ առնչուած են անհատ-հաւաքականութիւն հակասութիւններուն: Անհատի համար ձեռնտու լուծումը հաւաքականութեան կեանքը կործանման եզրին հասցուցած է յաճախ: Բացառութիւններ միշտ ալ եղած են:

Մեր ներկան հիմնովին կը տարբերի նոյնիսկ մօտիկ անցեալի պատմութենէն, իսկ մեր միտքը կը զբաղեցնէ բացառութիւնը շրջելը եւ օրինաչափութիւն մը հաստատելը` իբրեւ ընդունուած եւ բնական կապակցութիւն անհատ-հաւաքականութիւն, անհատ-անհատ, հաւաքականութիւն-հաւաքականութիւն յարաբերութիւններուն, աւելի հզօր ու հաստատուն կռուան ճարելու, քան` անհատականը կամ հատուածական գաղափարները: Ինչպէս քիչ մը վերը ըսինք, տարտղնուած ժողովուրդ ենք, մեր արմատը սակայն կը դիմանայ: Կա՛նք: Անառարկելի դիմացկունութի՛ւն մը ունինք:

Արդի աշխարհին մէջ պիտի կարենանք այդ դիմացկունութիւնը բացատրել նախ մենք մեզի ու գիտակցաբա՛ր գործածել զայն եւ ընդհանրացնել, լայն հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնել: Հիմքը գաղափարն է: Խօսքը` բանը, որով այնքան հարուստ ենք: Իսկ զայն փոխանցող գլխաւոր գործիքը աներկբայօրէն հայոց լեզուն է:

Չենք հաւատար, որ լեզուն առանց գաղափարի, սոսկ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, ինքնութիւն կը կերտէ: Լեզուն պիտի կրէ գաղափա՛ր, կեանքը վարելու ուրո՛յն բանաձեւ, որպէսզի արժեւորուի, առաւելութիւն ստանայ: Իսկ առաւելութեան ձգողականութիւնը, տուեալ ժամանակին անսխալ համախմբող ուժը ներկայիս չի կրնար սահմաններ ունենալ, պետական թէ ազգային: Սահմանափակումը ժամանակաւոր լուծումներ կրնայ բերել ազգային թէ պետական մեր խնդիրներուն:

Ազգը գաղափարի խարիսխն է` իր լեզուով, մշակոյթով ու քաղաքակրթական հեռանկարով, իսկ պետութիւնը այն կառոյցն է, որ կը սնուցանէ, կը հարստացնէ, կը կարգաւորէ եւ կազմակերպուած ուժականութիւն եւ հետեւողականութիւն կը հաղորդէ գաղափարին: Մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի անկախացումը` կենսունակ էր միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարը: Զանգուածներ զայն կ’ընդունէին ու կը բոլորուէին անոր շուրջ` Երկրէն ներս թէ անկէ դուրս: Անկախ պետականութեան հռչակումը, միացեալին չհասած, գաղափարական աստիճանական յառաջխաղացքի կարիքը հրամայական կը դարձնէ: Արդարեւ, յաղթանակ հասկացողութիւնը, առանց այդ անցումին, խիստ ժամանակաւոր ու վտանգուած պիտի մնայ, եթէ չյաջողինք ձեւակերպել ու մարմին, կերպարանք տալ գլխատառ Գաղափարին, որ աւելի ընդհանրական է եւ մարդկութեան ապագային կը վերաբերի:

Մարդկութեան ներկան, հսկայ ու ծանր իր պատմական ժառանգութեամբ, հակառակ գիտութեան աննախընթաց յառաջընթացին, Երկիր մոլորակն ու Մարդը չեն ազատագրած կապանքներէ ու կաղապարներէ: Մարդկութեան թէ հայութեան կեանքը դժոխքներու բաժին դարձան եւ կը շարունակեն մնալ` հակառակ երեւութական նուաճումներուն: Ցաւը այն է, որ ստեղծուած նիւթական արժէքներու գերակշիռ մասը գաղափարական հիմնաւորումով իսկ Մարդու ստրկացման կը ծառայէ, իսկ մարդկութիւնը հազուադէպօրէն կ’ընդվզի ու կը ծառանայ ո՛չ թէ իշխողներու եւ շահագործողներու դէմ, այլ` զանոնք առաջնորդող գաղափարին, դրուածքին դէմ, որոնք յատկութիւն ունին տէր փոխելու եւ աւելի կատարելագործուելու, սակայն` երբե՛ք նահանջելու:

Կեանքը պայքար է, որմէ յոգնածին հանգիստը գերեզմանն է: Կարեւորը կը մնայ պայքարի թիրախի ընտրութիւնը: Եթէ երէկ սուլթանը, ցարը կամ շահնշահն էր թիրախը, անոնք փոխարինուեցան աւելի կատարելագործուած ոճրագործներով, իսկ արդիւնքը ոչ միայն չփոխուեցաւ, այլեւ աւելի խոր եւ հիմնական աւեր թողուց իր ետին: Կը հետեւի, որ այսօր ու վաղը սուլթաններու, ցարերու եւ շահնշահներու փոխարէն` պէտք է պայքարինք զանոնք սնուցանող ու օրինականացնող գաղափարներուն դէմ: Առանց հերքելու կամ ուրանալու անհատի դերը ոճիրի թէ բարիքի մէջ` անոնց դէմ պայքարը թէ ջատագովումը պիտի ընդհանրացնել` խումբէն հատուած, հատուածէն համայնք ու ազգ եւ անկէ ալ դուրս, աւելի լայն հասարակութիւններ:

Անցած դարերուն առաւելագոյնը վարչակարգեր տապալելով փորձեցին փոխել աշխարհի կարգն ու սարքը: Հիները թէ նորերը ղեկավարող օրէնքներու ոգին, սակայն, պահուեցաւ անփոփոխ: Մարդկութիւնը աւելի երջանիկ չդարձաւ այդ շպարային փոփոխութիւններէն: Նոր վարչակարգերը նուազ վայրագ ու մարդակեր չեղան նախորդներէն:

Հայը միշտ ծառայեց տիրողին ու քաղաքակրթական իր դերը սահմանափակեց ներազգային կեանքին մէջ արտօնուած ներգործութեամբ: Նոյնիսկ երբ ընդվզեցանք, քաղաքակրթական մեր ներգործութիւնը մնաց տիրող օրէնքներու ոգիի սահմաններուն մէջ, ու երբեք չփորձեցինք այդ ոգիին տխեղծութիւնը բացայայտելով` աւելի առողջն ու կենսունակը առաջադրել: Թէեւ նման առաջադրանք երկրի մը սահմաններուն մէջ պարտկել կարելի չէ, սակայն տեղէ մը պիտի սկսիլ:

Հազարամեակներ կուտակուած ազգային մեր արժէքներուն, գլխաւորաբար` գիր ու բանին, ինչպէս քիչ վեր կ’ըսէինք, նոր շունչ պիտի տալ, անցեալէն ներկայ պիտի տեղափոխել ու ներգործական դարձնել` անընդհատ հարստացնելով:

Մեր ստեղծարար ոգին ու թռիչքը գիրէն ու գիրքէն կեանք դարձնելով` ոչ միայն ատակ ենք, այլ պարտաւո՛ր ենք դրական բեւեռի միջուկ ձեւաւորել ու կրաւորականութենէ դուրս գալով` թէ՛ ազգային կեանքը լիցքաւորել եւ թէ՛ մասնակից դառնալ աշխարհի կերպարանափոխման, կեանքը դարձնելով աւելի կատարեալ եւ արարչավայել:

Պատմութիւնը, անցեալի մեծերն ու անոնց գործերը ապագայի ուղեցոյց ծառայելով կ’արժեւորուին ու կ’ապրին: Անոնք աւելին են տարին մէկ անգամ յիշատակութեան արժանի դասուելու համար: Հայոց լեզուն կրողն է, որ իր կեանքով ամէն օր կը յաւերժացնէ անով փոխանցուած Կեանքի Բանաձեւը` երբեք չգերադասելով մահը, իբրեւ միջոց կամ նպատակ:

Կեա՛նքը, Մարդն ու իր տեսակի զարգացումը, ազնուացումն ու կատարելագործումն է արարչութիւնը: Ամէն ինչ ստորադաս է եւ կոչուած է սոսկ այս նպատակներուն ծառայելու, որոնց երկարակեացութիւնը կախում ունի իրենց տուած արդիւնքէն: Մարդը չէ ստեղծուած գաղափարներու ծառայելու, հակառա՛կը, գաղափարներն են, որ պիտի ծառայեն Մարդուն ու անոր նպատակներուն:

Հայոց դարերով կուտակած գրական ու մշակութային հսկայ հարստութեամբ լիացած` հաւաքական եւ կազմակերպ քաղաքակրթական ներգործօն դերակատարութիւնը կարո՛ղ է մարդկութեան համար նոր արահետ բանալ, եւ այս համոզումն իսկ է միջուկը խոր եւ յարատեւ ազգային զարթօնքին:

14 հոկտեմբեր 2017


Ցեղախումբի Պետութիւն

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբեմն ամենաստոյգ իրողութիւնները խոստովանութեան մը նման կ՛արտայայտուին իրաւասու բերաններէն, ընդհակառակը պնդելով: Թուրքիոյ հասարակութիւնը տարբեր բնոյթի փորձերով ծանօթ է այս իրողութեան: Օրինակի համար, երբ այդ տեսակի սպասում մը առկայ չէ եւ նախարար մը կը յայտարարէ, թէ այս կամ այն նիւթին համար սղաճ պիտի չըլլայ, ժողովուրդը կը հասկնայ, թէ այդ նշուած նիւթերու գիները պիտի բարձրանան:

Արդարեւ, հանրապետութեան նախագահի «Թուրքիան ցեղախումբի պետութիւն չէ» ելոյթը եկաւ այնպիսի պահու մը, երբ բովանդակ երկիրը կը ներկայանար ճիշդ ալ ցեղախումբի պետութեան յատուկ նկարագիրով: Նախագահը շարունակեց իր ելոյթը «Թուրքիա օրինական երկիր է» հաստատումով: Իրողութեան հակապատկերը պնդող նոր օրինակ մը եւս: Բոլորս գիտենք, թէ մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ արդարադատական համակարգը ինչպիսի խեղճութեան մը մատնուած է իշխող քաղաքական ուժին դիմաց: Կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը եւ խաղալիք դարձած կառավարութեան ձեռքին մէջ: Այս իրողութիւնը բոլորէն աւելի լաւ գիտէ նախագահ Էրտողան, բայց չի վարանիր հակառակը պնդելէ:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ցեղախումբի պետութիւն եզրը: Որո՞նք են այդ բնոյթի պետութիւնները: Տեսախցիկներուն դիմաց «Վան մինիւ»չ առարկութիւնը միթէ բաւարա՞ր է ցեղախումբի պետութիւն կոչումէն ձերբազատուելու համար: Եթէ ցեղախումբի պետութիւն ըսելով պիտի հասկնանք ցեղապետի մը մենատիրութեան համակերպած պետական համակարգ, թուրքիա այդ երեւոյթի վառ օրինակը կը ներկայացնէ: «Պետութիւն» հասկացողութիւնը կը պահանջէ բազմաթիւ մարմիններու որոշ հակակշիռի մը տակ իրար ամբողջացնելով գործելու դրութիւնը: Սակայն, երբ առկայ է «Խորունկ պետութիւն» կամ «Զուգահեր պետութիւն» գործօնները, իշխող համակարգը միայն ձեւակերպութիւն մը կ՛ըլլայ: Նոյնպէս եթէ այդ բազմաթիւ մարմինները կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնը եւ կամայ թէ ակամայ ենթարկուին միայն մէկ ուժին, պետութիւնն ալ կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը ու կը վերածուի ցեղախումբի պետութեան:

Թուրքիա առանց գիտակցելու ակնկալուած հետեւանքին, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ծանր ճնշումին պարտադրանքով որդեգրեց նախագահական վարչակարգը: Ըստ երեւոյթին, այս համակարգի տեւողութիւնը սահմանուած պիտի մնայ նոյնինքն Էրտողանի քաղաքական կեանքին հետ: Իր այդ դաշտէն հեռանալէն ետք դժուար թէ գտնուի նման մեծ հեղինակութիւն մը, որ 80 միլիոնանոց բնակչութիւն ունեցող երկրին վրայ գործէ այսքան ինքնիշխան եւ միահեծան եղանակով: Եւ նաեւ դժուար թէ այդ եղանակով գործելու համար ապահովէ հասարակութեան այսքան մեծ համեմատութեան հաւանութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անգարայի դեսպանատունը 8 Հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեամբ՝ դադրեցուց Թուրքիոյ քաղաքացիներուն վիզայի դիմումները: Թուրքիա իր կարգին իսկոյն փոխադարձեց այս որոշումին, Ուաշինկթընի դեսպանատան միջոցաւ: Անշուշտ որ երկու աւագ դեսպանները այս յայտարարութիւնները կատարած են իրենց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն գիտակցութեամբ եւ թոյլտուութեամբ: Օտար դիտորդներ այս խնդիրը կը մեկնաբանեն ո՛չ թէ հակաթուրք, այլ ուղղակի հակաէրտողան ռազմավարութիւն մը ըլլալով: Եւ անշուշտ առնչութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ բանակին հիւսիսային Սուրիան ռմբակոծելու երեւոյթին հետ: «Ռուսաց հետ համաձայնած ենք, իրենք Ըտլիպի շուրջբոլորը պիտի մաքրեն իսկ մենք Ազատ Սուրիոյ բանակին միջոցաւ ներսը», ելոյթը առ այժմ ունեցաւ իր ամենազուսպ հակազդեցութիւնը: Մաղթենք որ համաշխարհային հանրային կարծիքը լսած չըլլայ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետին ելոյթները: Եթէ ան ալ լուրջի առնեն, դեռ ո՞վ գիտէ ինչ հակազդեցութիւններու նշաւակ կը դառնանք:

 

«ԱԿՕՍ»

«Լալան Ու Արան» Խաղի Ուսուցողական Դերը` Հայ Մանուկների Կեանքում

$
0
0

ԴԱԼԱՐ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Մանկավարժ, մանկանան հոգեբան

Այսօր երեխաների զարգացման եւ աշխարհայեացքի ձեւաւորման կարեւոր մասն են կազմում բջջային յաւելուածները: Մանուկները խաղում են, մուլտֆիլմեր դիտում, երգում եւ, ի հարկէ, կրկնօրինակում իրենց սիրելի հերոսներին: Հայկական շուկայում նմանատիպ յաւելուածները շատ քիչ են, իսկ նախադպրոցական տարիքի համար նախատեսուածները` եզակի:

Այդ եզակի եւ բաւականին յաջողութիւն գտած նախագծերից մէկը 3-6 տարեկան մանուկների համար նախատեսուած «Լալան ու Արան» խաղերի շարքն է: Առայժմ լոյս են տեսել խաղի երկու մասերը` «Գոյների աշխարհ» եւ «Ձեւերի աշխարհ» խաղերը: «Լալան ու Արան» խաղերի շարքը ստեղծուել է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մասնագէտների նախաձեռնութեամբ, փորձառու մանկավարժների, նկարիչների եւ ծրագրաւորողների ներգրաւմամբ:

Առաջինը լոյս է տեսել «Լալան ու Արան. գոյների աշխարհ» խաղը, որում գլխաւոր հերոսները` փոքրիկ Լալան ու Արան, սովորեցնում են տասը հիմնական գոյները հետաքրքիր եւ պարզ խաղերի միջոցով, գոյներից իւրաքանչիւրը իւրացնելու համար նախատեսուած է չորսական խաղ: Խաղի կերպարները շատ ընկերասէր եւ բարի են եւ խաղի ամբողջ ընթացքում օգնում ու քաջալերում են մանուկներին: «Գոյների աշխարհ» խաղին յաջորդեց «Լալան ու Արան. ձեւերի աշխարհ» խաղը, որում արդէն ծանօթ հերոսներն օգնում են ծանօթանալ ութ հիմնական երկրաչափական պատկերներին` նոյնքան զուարճալի խաղերի միջոցով:

Բջջային խաղերը բաւականին լայն տարածում գտան նաեւ հայ ծնողների շրջանում: Պատճառը թերեւս այն է, որ 3-6 տարեկան մանուկներին ներկայացւում է պարզ ու հասկանալի հայերէն խօսք: Կարեւոր սկզբունքներից մէկն այն է, որ խաղում հասանելի են թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն տարբերակները: Արտասահմանում բնակուող հայ երեխաների համար սա մի հիանալի հնարաւորութիւն է հայոց լեզուի հիմքերին ծանօթանալու եւ մանկուց հայերէն խօսելու համար:

Բացի լեզուային խոչընդոտը յաղթահարելուց` խաղը նաեւ զարգացնում է փոքրիկների տրամաբանութիւնը, յիշողութիւնն, գեղարուեստական ճաշակը, ուշադրութիւնն ու արագութիւնը: Մանկավարժների կողմից մշակուած առաջադրանքները օգնում են մանուկներին` ինքնուրոյն կառուցել յաղթանակին յարող քայլերի շղթայ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան այս նախագիծն առաջիններից էր, որ կարեւորեց նախադպրոցական տարիքի մանուկների համար հայալեզու յաւելուածներ ստեղծելը:

www.lalanouaran.com

ԴԱԼԱՐ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Մանկավարժ, մանկանան հոգեբան,
երկու զաւակի` 8 տարեկան Յովհաննէսի
եւ 4 տարեկան Մարիամի մայր:

«Բո՛ւն Տղան» (Տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանի Վաղահաս Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊՈՇՆԱԳԵԱՆ

Յիսուներեք տարիներ առաջ, երկու իրարու անծանօթ մանուկ տղաք, առաջին անգամ ըլլալով մտան դպրոց: Առաջին օրէն նստան քով-քովի. անվերջ խնդացին. կատաղած խաղացին: Մանկապարտէզի բոլոր տարիներուն «բո՛ւն տղան» եւ «միւսը» մնացին քով-քովի` միշտ միասին:

Մանկապարտէզէն ետք «միւսը» դպրոցը փոխեց:

Ունեցան ուրիշ հրաշալի ընկերներ:

Տարիներ անց` տեսան զիրար:

Անխառն ժպտացին. ամուր ձեռնուեցան:

«Բո՛ւն տղան», հակառակ իր մտքի վերլուծական բարձր կարողութեան եւ ուսումնատենչ նկարագիրին, պատերազմի դժուար օրերուն ստիպուեցաւ նետուիլ շուկայ: Լիբանանեան դրամանիշի փոխանակման սակի ահաւոր անկումին պատճառով իր տնտեսական նախաձեռնութիւնը ունեցաւ անդարմանելի կորուստ, բայց ինք, առանց ընկրկելու կամ գանգատելու, ժպիտով դիմագրաւեց պատահածը: «Բո՛ւն տղուն» համար ընկրկումը եւ յուսալքումը այն հիւանդութիւններն էին, որոնց պատճառով կեանքը կը մաղէր հոգեպէս տկարները:

«Բո՛ւն տղան» մարմնացումն էր քաջութեան, յանդգնութեան, քիչ մը յամառութեան, արժանապատուութեան, հաւատքի, նուիրումի, բարութեան, լաւատեսութեան, պատասխանատուութեան գիտակցութեան, վայրագ ընկերասիրութեան:

«Բո՛ւն տղան» մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին` նուագելով թրոմպոն: Մտաւ պետական երաժշտանոց` բարելաւելու իր կատարողական արուեստը: «Միւսը» արդէն իսկ երաժշտանոցն էր: Գիշեր լուսցնելով պատրաստեցին նախագիծ մը` կազմակերպելու պետական երաժշտանոցի հայ աշակերտութիւնը: Օր մը, երբ երաժշտանոցի խումբով ծով գացած էին, եւ քանի մը հոգի արեւէն նեղուելով շուք փնտռելու սկսան, «բո՛ւն տղան» յանկարծ անհետացաւ եւ շատ չանցած վերադարձաւ հսկայ հովանոցով մը` իր ծանր աղիւսէ «ոտքով» միասին: Ընկերները պաշտպանելու համար տեղահան ըրած էր գետին հաստատուած հովանոց մը, եւ թերեւս հարիւր քիլօ կշռող աղիւսը մէկ շունչով հասցուցած իր ընկերներուն` ափ ի բերան ձգելով շրջակայ ժողովուրդը: Երբ «միւսին» երաժշտանոցի աւարտական քննութեան օրը հասաւ, «բո՛ւն տղան» ամբողջ օրը մնաց անոր կողքին, պատրաստ` հարթելու բոլոր անակնկալները, խնայելով զինք երկրորդական տաղտուկներէ:

Շատ մը տղոց պէս, «բո՛ւն տղան» եւ «միւսը» որոշեցին հետեւիլ Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզումներուն:

«Բո՛ւն տղուն» ուժը եւ «միւսին» արագութիւնը զիրենք դարձուցին յարմարագոյն մարզընկերներ: Բայց երբ եկաւ ժամանակը, իր մարզընկերը ուսը առած, ծունկերը կէս ծռած յառաջանալու… հարցը բարդացաւ… «Բո՛ւն տղան» խումբին ամէնէն յաղթանդամն էր… ի տես` «միւսին» խղճալի կացութեան, տղաքը «լուծումներ» կ՛առաջարկէին. «ծօ մէկ միսով նստիր, ֆըթըխ ըրիր տղուն»… Ժամանակ մը վերջ կարգը եկաւ ուրիշ փորձի մը. պէտք էր ցատկել գետին պառկած խումբի տղոց մէկուն ստամոքսէն միւսը… «Բո՛ւն տղուն» ցատկելու կարգը չեկած, պառկողները կ՛անհետանային… մէկուն «գլուխը կը ցաւէր», միւսին «սիրտը կը խառնուէր»…

Փաղանգաւորներու հետ 1979-ի երեք օրուան պատերազմին, յանկարծ նետուեցաւ իր ընկերներուն դիրքը:

– «Ծօ դո՛ւն ուրկէ՞ բուսար: Պեթգոգոյէն ինչպէ՞ս հասար»:

Պատասխան. «Առանց ինծի՞ կը կռուիք կոր… ամչցէ՛ք… գետի՛ն նայեցէք նայիմ…»:

Այսպէս էր «բո՛ւն տղան»: Իր նուագած թրոմպոնին պէս ուղիղ, անմիջական եւ յստակ:

Կրկին բաժնուեցան: Նորէն այդ չար «միւսն» էր ճամբորդողը: Տարիներով չտեսնուեցան, բայց «բո՛ւն տղուն» համար հեռաւորութիւն, ժամանակ, պայման կամ օրէնք գոյութիւն չէին կրնար ունենալ ընկերներու միջեւ:

«Բո՛ւն տղան» ալ ճամբորդեց Մոսկուա: Հոն հիմնեց ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ: Հանդիպեցաւ նուրբ աղջկայ մը: Առաջին նայուածքէն ճանչցան զիրար: Ալ չբաժնուեցան: Ունեցան իրենց պէս ժպտուն, խիզախ Նուպարը:

Տարիներ անց կրկին տեսնուեցան: Այս անգամ առանձին չէին այլեւս… Երկու ընտանիքները առաջին հանդիպումով իսկ մտերմացան: Կիները նստեցան քով-քովի: Զաւակները սկսան անվերջ խնդալ, կատաղած խաղալ… Իրենք ժպտացին գոհունակ: «Միւսին» կրտսերը չկարենալով հնչել Նուպար անունը, «պապի, պապի, հաճիս, հաճիս, հաճի՜ս, ըսնոպարը հոս թող մնայ, հը՞ հը՞ հը՞…»: Դաւիթն ալ աշխարհ եկաւ եւ «բո՛ւն տղուն» աշխարհը ամբողջացաւ:

«Բո՛ւն տղուն» խորաթափանց միտքը պէտք ունէր փնտռելու, հասկնալու, գտնելու իրականը, ճիշդը… Տարինե՛ր պիտի կարդար, փնտռէր, հասկնար ու ծաւալէր իր ներաշխարհն ու անձնական աշխարհահայեացքը` վերջ ի վերջոյ յանգելով բացարձակ ստեղծողի մը գաղափարին:

Դարձաւ այդ գաղափարին նուիրեալը: Նուիրեալի կրքոտ ինքնաշխատութեամբ, եւ իր հօրը` աւագ սարկաւագ պարոն Նուպարին օգնութեամբ, թափանցեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքի խորքը, հոն գտաւ իր փնտռած իրականութիւնը եւ լիովին ապրեցաւ զայն:

Այլեւս ոչ մէկ խորհուրդ, ծէս կամ հաւատամք գաղտնիք ունէր իրեն համար: Տարիներով աւանդական կրօնական ուսմանց հետեւած եւ երկար տարիներ եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ եղող բազմաթիւ կուսակրօն կղերականներու հոգեմտաւոր պաշարն անգամ գաճաճ կը մնար մեր «բո՛ւն տղուն» լիացած կարողութեանց դիմաց:

Մոսկուայի մէջ միայն իրեն յատուկ նուիրումով ծառայեց տեղւոյն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ` իբրեւ սարկաւագ: Ի տես «բո՛ւն տղուն» այս կարողութեան եւ նուիրումին, Մոսկուայի օրուան առաջնորդ սրբազանը առաջարկեց զինք քահանայ ձեռնադրել: Մերժեց: Երբ առաջնորդը շատ պնդեց, ընդունեց մէկ պայմանով, որ չվճարուի այդ պաշտօնին համար: Կը հաւատար, որ որեւէ նիւթական վարձատրութիւն պիտի պղծէր իր աղօթքը… ինք արդէն եկամուտի այլ աղբիւր ունէր: Բնական էր, որ այս աննիւթական մօտեցումը աննախընթաց յարգանք ու վստահութիւն ներշնչէր իր հօտին:

Մինչեւ վերջին վայրկեանը պիտի շարունակէր հանգստացնել իր կինը` օգտագործելով «միւսին» իր անպարտելի քաջութիւնը բնութագրող գնահատականը. «Մի՛ մտահոգուիր. վարի կէտին պիտի դպնամ, եւ ետ ելլեմ…»:

Երբ վերջին շրջանին գրեթէ անկենդան` գամուած էր անկողնին, Մեղրիկ սրբազանի կտրուկ «Տէ՛ր Մարտիրոս» կանչը զինք անկողնէն ցատկեցուցած է բարձրաղաղակ «այո՛» մը կուրծքին: Ահա ՀՄԸՄ-ականի իր երդման հաւատարիմ` անպղծելի «բո՛ւն տղան»:

Բաժնուեցան: Այս անգամ «բուն տղան» է բաժնուողը: Այլեւս պիտի չտեսնուին. … բայց հեռաւորութիւն, ժամանակ, պայման կամ օրէնք չեն կրնար գոյութիւն ունենալ ընկերներու միջեւ. ո՛չ ալ հրաժեշտ… Ո՛չ ալ մահ. «միւսը» խորունկ փոսին յանձնեց իր կեանքի առաջին ընկերոջ մարմի՛նը միայն. չյանձնեց իր ազնուական ընկերը. «բո՛ւն տղան»` տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանը, Մարտիկը:

Փարիզ
Հոկտեմբեր 2017

Դրական Եւ Ժխտական Մատնանշումներ` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Առիթով

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը գումարուած է արդէն Երեւանի մէջ, 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին, շուրջ 1800 մասնակիցներով:

Բնականաբար, թէ՛ համաժողովէն առաջ, թէ՛ նաեւ համաժողովի գումարումէն ետք, բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կարծիքն ու կեցուածքը յայտնեցին թէ՛ բանաւոր, եւ թէ՛ գրաւոր կերպով` յօդուածներ գրելով կամ արձանագրութիւններ կատարելով ընկերային ցանցերուն վրայ:

Այս քննարկումներն ու կարծիքներու փոխանակումը պէտք է միայն ողջունել: Այս արտայայտութիւնները կենդանութեան, հետաքրքրութեան, հայրենասիրութեան եւ առողջ մտածողութեան նշաններ են: Անոնց պէտք է մօտենալ ամենայն բծախնդրութեամբ` առանց վշտանալու նոյնիսկ շատերու ծայրայեղ գնահատականներէն:

Առաջին անգամ ըլլալով` ես ալ հրաւէր ստացայ  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն այս  համաժողովին մասնակցելու համար:

Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ բազմամարդ ժողովի մը մասնակցելու նախկին փորձառութիւնս դառն եղած  էր: «Հայ ակրոֆորում պիզնես»-ը օրին համախմբած էր աշխարհի չորս կողմերէն հայ գիւղատնտեսներ` քննելու համար Հայաստանի գիւղատնտեսութեան իրավիճակը: Դժբախտաբար, սակայն, համաժողովը եղած էր ձեւական, եւ ժողովին բանաձեւը պատրաստուած էր նախքան ժողովի գումարումը… Յուսախաբ վերադարձած էի համաժողովէն:

Հակառակ այս դառն փորձառութեան` որոշեցի մասնակցիլ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին:

Մասնակցութիւնս  օգտակար փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար:

Հիմա կ՛ուզեմ ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ այս փորձառութիւնը եւ մատնանշել կարգ մը   դրական եւ ժխտական երեւոյթներ, որոնք նկատելի էին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի ընթացքին:

Դրական էր այսպիսի համաժողովի մը կազմակերպումը քանի մը պատճառներով.

Ա.- Այս համաժողովը կը համախմբէր հայութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն ներկայացուցիչները: Հայութեան համախմբումը, ի՛նչ առիթով ալ ըլլայ, միշտ դրական երեւոյթ է հայութեան համար: Նաեւ լաւ առիթ է մեր թշնամիներուն պատգամներ հասցնելու համար:

Բ.- Պէտք է գնահատել համաժողովին մասնակիցներու բարձր համեմատութիւնը, եթէ նկատի ունենանք, որ 2200 հրաւիրեալներէն 1800-ը ընդառաջած էին հրաւէրին:

Գ.- Տպաւորիչ էր ժողովին համար նկատի առնուած բնաբանը` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն», որոնց այնքան կարիք ունի մեր ժողովուրդը:

Դ.- Խելացի կերպով պատրաստուած էր  համաժողովին օրակարգը` «Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ», «Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրների պայմաններում», «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ» եւ «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ»: Չորս հիմնական օրակարգի գլուխներուն տակ ներառուած էին հայութիւնը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը:

Ե.- Բացի պաշտօնական խօսքերէն` նախագահներուն, կաթողիկոսներուն, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին եւ կարգ մը նախարարներու, առանձին նիւթերու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան շուրջ 100 մասնագէտներ:

Զ.- Պէտք է արձանագրել, որ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ջանք թափած էր այս համաժողովը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վերջապէս, զիրար ճանչնալու ու մանաւանդ զիրար հասկնալու լաւ առիթ էր այս համաժողովը:

Է.- Ողջունելի էր նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (յառաջիկայ տարի) 100-ամեակին եւ քաղաքամայր Երեւանի 2800-ամեակին համար նախատեսուած  տօնակատարութիւններու ծրագիրներու ներկայացումը: Շատ օգտակար էր նաեւ իւրաքանչիւր մասնակիցի փոքր գրքոյկի մը տրամադրումը, որ կը ներկայացնէր 5-րդ համաժողովին (2014) եղած գլխաւոր առաջարկներն ու իրագործուած կէտերը, որոնք կ՛ապացուցէին, որ այս համաժողովները բաւական դրական  փոփոխութիւններու պատճառ հանդիսացած են, եւ ժողովներ չեն` միայն ժողովներ գումարելու սիրոյն:

Անշուշտ այս բոլորը դրական եւ քաջալերական երեւոյթներ են:

Չկայի՞ն թերութիւններ եւ բացթողումներ, բնականաբար կային:

Հիմնական բացթողումներ կարելի է նկատել.

Ա.- Բացման հանդիսաւոր նիստին, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց նախագահներն ու զոյգ կաթողիկոսները, քոյր համայնքներուն եւ հայ ազգային կուսակցութեանց ներկայացուցիչները խօսք չունէին:

Բ.- Երիտասարդ ներկայացուցիչներու թիւի պակասը (մասնակիցներուն մեծամասնութեան տարիքը 50 տարեկանէն վեր էր):

Գ.- Շատ մը զեկուցումներու ջնջումը վերջին վայրկեանին (երեւակայել, որ մարդիկ տուն, տեղ ու գործ ձգած եւ զեկուցում պատրաստած` եկած էին համաժողովին իրենց կարծիքը յայտնելու):

Դ.- Համաժողովի մասին տարուած քարոզչական սխալ շեշտաւորումը, որ անուղղակիօրէն  պատճառ կը հանդիսանար, որ մեր ժողովուրդը  մեծ յոյսեր կապէ այս համաժողովին:

Ե.- Կային նաեւ այլ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս` նոյն ատեն գումարուող  չորս նիստերու առկայութիւնը չորս տարբեր սրահներու մէջ: Մասնակցողը եթէ ուզէր իսկ, չէր կրնար մասնակցիլ տարբեր նիստերու նոյն ատեն:

Զ.- Համաժողովին մասնակցողներուն մեծ թիւը,որ գործնականօրէն անկարելի կը դարձնէր հարցերու քննարկումը:

Է.- Ժամանակի սղութիւնը. երեք օրերու ընթացքին պիտի գումարուէին (բացի պաշտօնական ելոյթներէն) երեք լիագումար եւ բազմաթիւ կողմնակի  նիստեր:

Եթէ փորձենք գնահատական տալ այս համաժողովին, ի՛նչ ալ ըսենք, ճշգրիտ պիտի չըլլայ պարզ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւր հայ արդարօրէն տարբեր անկիւնէ կրնայ դիտել այս համաժողովը` տարբեր ակնկալութիւններով:

Կարելի է սակայն կարգ մը ընդհանուր հաստատումներ կատարել եւ առաջարկներ  ներկայացնել յառաջիկայ համաժողովներուն համար:

Ա.- Համահայկական ժողովները, որոնք կը գումարուին 3 տարին անգամ մը, օգտակար  են: Հայ ժողովուրդին ուժը իր միասնութեան մէջ է, եւ այդ միասնութիւնը պէտք է պահպանուի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ շուքի մէջ մնան քոյր համայնքներն ու հայ ազգային կուսակցութիւնները:

Բ.- Այս համաժողովները պէտք է ներկայացուին որպէս խորհրդակցական ժողովներ, որովհետեւ անոնք գործող մարմին չեն: Այս ժողովները պէտք է ծառայեն խորհրդակցելու` հայութեան ամէն տեսակի դժուարութեանց մասին: Հետեւաբար աւելի ճշգրիտ է «խորհրդակցական» բնորոշումին օգտագործումը: Այսպիսի խորհրդակցական ժողովներէն բնականաբար համեստ կ՛ըլլան նաեւ  մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները:

Գ.- Սփիւռք-Հայաստան անուանումը արհեստական բաժանումի, կամ երկու կողմերու տպաւորութիւն կը ձգէ: Աւելի շինիչ կրնայ ըլլալ Համահայկական  անուանումը, որուն մէջ մէկ կողմ կայ միայն` հայ ժողովուրդը:

Դ.- Նկատի ունենալով, որ այս համաժողովները կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ եւ ունին համահայկական բնոյթ, յառաջիկային անհրաժեշտ է սփիւռքի կազմակերպութիւններու գործօն մասնակցութիւնը համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ համաժողովներու կազմակերպական գործը:

Ե.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անպայման ճիգ պէտք է թափել, որպէսզի ժողովի մասնակիցներուն մէջ երիտասարդները մեծ թիւ  կազմեն: Բաւական հսկայ թիւ մը կայ երիտասարդ մասնագէտներու, որոնց ներկայութիւնը այսպիսի համաժողովներուն անհրաժեշտութիւն է: Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն իրողութիւնը, որ երիտասարդները ի վիճակի են մեծ պատասխանատւութիւն վերցնելու (կարգ մը յառաջադէմ երկիրներու վարչապետներն ու նախարարները  40-էն վար են տարիքով…):

Զ.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անհրաժեշտ է ժողովներու գումարման  հետ առնչուող  դժուարութիւններուն լուծում գտնել,  որ բաւականին դժուար է` նկատի ունենալով ժողովականներուն մեծ թիւը եւ ժամանակի սղութիւնը:

Դժբախտաբար այս համաժողովին ես ալ  խօսք չունեցայ. անունս խօսքէ զրկուածներու ցանկին մէջ էր:

Հետեւաբար հարկադրուած եմ չարտասանուած խօսքս մամուլով ներկայացնելու: Շուտով:

Կ՛ուզեմ նաեւ իմ համոզումս յայտնել ընդհանրապէս ժողովներու մասին: Ժողովներու ընթացքին արտայայտուած որեւէ լաւ գաղափար կը նմանի ոսկեդրամի, որ եթէ ինկած է որեւէ ճամբու վրայ, անպայման մէկը կը նկատէ զայն ու կը վերցնէ:

25 սեպտեմբեր 2017                
Երեւան

Շահեկան Կամրջում. Վերականգնում

$
0
0

Սուրիական պատերազմը եւ Հալէպի տագնապը նոր կացութիւններու դիմաց դրին մեզ: Տառապանքն ու ցաւը, անորոշ ապագայի մտահոգութիւնը տիրող դարձան: Պահ մը հաւաքական թէ անհատական մեր գոյութիւնը վտանգուեցաւ, ու մենք ստիպուեցանք նոր միջոցներ որոնել` զանոնք պահպանելու համար: Եթէ Հալէպ ապրողները տոկացին ու, կորուստներ ունենալով հանդերձ, կանգուն պահեցին իրենց գոյութեան հիմքերը. պատերազմի պարտադրած պայմաններուն բերումով Հալէպէն մեկնողները, Հալէպի շունչն ու ոգին իրենց հետ առած ու անոնցմով իսկ գօտեպնդուած, փորձեցին յարմարիլ նոր միջավայրերու` առանց խզելու իրենց գէթ հոգեկան կապը Հալէպի հետ: Այս բոլորը պատճառ հանդիսացան անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելու մայր գաղութին դերը:

Հալէպէն ներս թէ դուրս մեր գոյութիւնը պահելու հրամայականը, այպանումներէն, հնչող դրական ու բացասական արտայայտութիւններէն անդին, կը թելադրէ վերանայիլ պատերազմէն ետք սուրիահայութեան իրավիճակին:

Պատերազմէն դուրս կու գանք նոր փորձառութեամբ: Այս փորձառութիւնը, մեր բարելաւումին ծառայեցնելու խոհեմութիւնը պէտք է ունենանք այսօր, եւ ներսն ու դուրսը միացնող կամուրջներ կառուցենք, որովհետեւ ներս ու դուրս ապրող սուրիահայերը անբաժան մասնիկներն են սուրիահայութեան ամբողջական պատկերին: Ու որքան հեզասահ ընթանայ կամրջումի այս հոլովոյթը, այնքան պիտի շեշտուի սուրիահայութեան դերն ու կարեւորութիւնը համահայկական մեր իրականութեան մէջ, այնքան պիտի բազմանան գոյատեւելու ու վերականգնելու մեր կարելիութիւնները:

Այս իսկ նպատակով «Գանձասար»-ի մէջ կը հաստատենք նոր սիւնակ մը «Շահեկան կամրջում» խորագիրով` մեզ իրարմէ հեռացնող ազդակները վերացնելու, նպաստելու դուրսի եւ ներսի միջեւ մտքերու, փորձառութիւններու փոխանակումին, որպէսզի իւրաքանչիւրը պատմէ իր փորձառութիւնը, ներկայացնէ սուրիահայութեան կամրջումը ամրապնդող իր առաջարկը, իր տեսակէտը ու մեր մամուլը դառնայ մեր հանդիպումին վայրը:

Յօդուածաշարքը կը սկսինք Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ  Շահան արք. Սարգիսեանի յօդուածով:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»

Վերականգնում

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին

Այստեղ կ’արձագանգեմ եւ կ’արձանագրեմ խորհրդածութիւն մը` «Գանձասար»-ի հրաւէրին ընդառաջ, հաւատալով, որ ճիշդ հասկնալ փափաքողներուն օգտակար կրնամ դառնալ, որպէսզի մեր համայնքի զաւակները կամ անոր աղերսուած հայազգի կամ այլազգի անհատները իրենց մտածումներն ու պատկերացումները հրապարակելէ առաջ վերստին մտածեն (հազա՛ր չափէ եւ մէկ®):

Այս խոկումը զգուշացում մըն է:

Աւելի՛ն. կը մաղթեմ, որ ներկայ տարեսկիզբէն առաջադրուած աշխատանքային վերնագիրին` «Վերանորոգութեան» հասկացողութեան ներքեւ փորձ կատարուի պատասխաններ ձեւաւորել այն հարցումներուն, որոնք, յուսամ, լայն կերպով ու անաչառ քննարկման կ’ենթարկուին` սուրիական տագնապին մէջ սուրիահայ համայնքի ներկայ իրավիճակէն անդին գալիքին առնչութեամբ:

Նախ հրապարակային խոստովանութիւն մը կատարեմ. անցնող վեց կամ եօթը տարիներու ընթացքին կանոնաւոր կերպով խուսափեցայ կամ, աւելի ճիշդը, զգուշացայ լրատուական բոլոր տեսակի միջոցներուն հետ «անցուդարձ»-երուն մասին յայտարարութիւններ կատարելէ կամ «կարեւոր» կարծուած տեղեկութիւններ տալէ ու այդօրինակ տեղեկութեանց «առաջինը» տուած ըլլալու սնապարծութեամբ ներկայանալէ: Պաշտօնական բանբեր, ո՛չ ինքնակոչ անպատասխանատու պաշտօնակատարներ, մեր համայնքին կեցուածքն ու տեսակէտը արտայայտեցին զուսպ ու հաւասարակշռուած ձեւով` առանց յաւելեալ կերպով վտանգելու արդէն իսկ մեծապէս վտանգուած եւ սպառնացուած համայնքի գոյութիւնը:

Յետոյ, ինչ կը վերաբերի ներսի եւ դուրսի առնչակից մարդոց կամ կողմերու կարծիքներուն (ոմանք կը շփոթեն բամբասանքին կամ զրպարտութեան հետ), յիշեցման կարգով ըսեմ` առանց ախտաճանաչման կարելի՞ է բուժել կամ բուժում ներկայացնել: Այդ գործողութիւնը հիմնական երկու մակարդակներով կրնայ ընթանալ` ֆիզիքական ու հոգեբանական: Անհաշուելի «ինչո՞ւ»-ներուն պատասխանելը պարզապէս անկարելի, նոյնիսկ անխոհեմութիւն է: Աւելցնենք` պատասխաններու ենթակայական ըլլալը բնականօրէն կը դժուարացնէ հարցերու լուսաբանութիւնները, հետեւաբար` յստակացումը: Այնքան ալ դիւրի՞ն է չաւարտած ողբերգութեան մը շրջագիծին մէջ ու անոր հետեւանքներուն ազդեցութեամբ, տրամաբանական եւ իմաստութեամբ մշակուած անմիջական թէ հեռաւոր ապագային հաշուոյն, նոր պատկերացումներ յայտնաբերել:

Ուրեմն, արդի աշխարհի «պահպանողական» կոչուող շրջանակներ կը բացատրեն, որ ժամանակակից աշխարհը բարոյական չափանիշներու ամէնօրեայ խախտումներէն մինչեւ արմատական փոփոխութեան` ապաբարոյական ընկերային դրութեան մէջ մտնելը կամ ենթարկուիլը, միջազգային թէ ներազգային մակարդակներու վրայ, դադրած է «հոգեւոր» կամ «բնական» իմաստներով մարդով ու անոր ազնուական ձգտումներով զբաղիլ, մտահոգուիլ կամ գործել: Այսօրուան մարդը աշխարհի մեծ թատրոնին կամ ճատրակի մեծ խաղին մէջ ծիծաղի, հեգնանքի ու ծաղրի հիմնական առարկան դարձած է, մինչ առաջ Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը կը ներկայացնէր:

Արդ, վերջին քառորդ դարուն մարդկութիւնը ականատես եղաւ «գունաւոր» կամ «Արաբական գարուն» կոչուող յեղաշրջումներու հրէշային հետեւանքներուն` սպանդ, աւերածութիւն եւ աննախընթաց չափերու հասնող գաղթականութեանց, որոնք ժողովրդավար ու արդար ընկերութիւն կերտելու պատրուակով կամ լոզունգով առաջնորդուեցան: Եւ տարիներու կուտակումով կայացած սովորութենական անտարբեր կեցուածքով մը մարդակերպ էակներ կը շարունակեն մնալ ութերորդ մահացու մեղքին` անտարբերութեան մէջ:

Ուստի, ինչ կը վերաբերի հաղորդակցական ու զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ համացանցային տարաբնոյթ գործօններու դրական կամ բացասական դերակատարութեան եւ անոնց օգտագործման խնդիրին յայտնենք, որ մեր դարաշրջանը սկսաւ «հրապարակայնութեամբ» եւ յատկանշուեցաւ «թափանցիկութիւն» կոչուած գայթակղեցնող պահանջարկով. «ամէն ինչ ըսել», «ամէն ինչ ցոյց տալ» կամ «հրապարակել», «ամէն մարդ ամէն ինչ թող գիտնայ» նոր մարտավարութեամբ, որուն ետին ծածկուած կը մնան իսկական պատճառները ներկայ ընկերութեան տագնապներուն եւ որոշ իմաստով մը` աստիճանական քայքայման:

Ամփոփելով, անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի միասնականութեան վերականգնումը մեր հաւաքական առաջնահերթութեանց առաջնայինը դարձնենք եւ ժամանցային հրապարակախօսութիւններէն վեր` անցնինք խորքային, լուրջ եւ հեռահաս քննարկում-ծրագրումներու` իմաստաւորելով աստուածատուր մեր կեանքն ու մեզի Իր պարգեւած շնորհները` ի սպաս մարդկութեան ու մեր ազգի զարգացման, յառաջադիմութեան եւ երջանիկ կեանքին:

 

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Զիյա Կէօքալփը` Թրքութեան Եւ Թուրանականութեան Ցեղապաշտական Տենչով Մարգարէն

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Զիյա Կէօքալփ (օսմաներէն` Տիյա: Թրքերէն` Ziya Gokalp, բուն անունը` Մեհմեթ Զիյա, ծնած է 23 մարտ 1876 թուականին, Տիգրանակերտ (Ամիդ, Գարա-Ամիդ), ծագումով զազա (քիւրտ), բայց` բոլորովին թրքացած: Բանաստեղծ, գրող, ընկերաբան եւ քաղաքական գործիչ, փանթուրքիզմի եւ փանթուրանիզմի գաղափարախօս: Երիտթուրքերու կողմէ երկիրը սահմանադրական միապետութեան վերածելէ ետք ընդունած է Կէօք-ալփ («Երկնքի հերոս») անունը:

Կէօքալփի ուսումնական կեանքը սկսած է Տիգրանակերտի մէջ, 1890 թուականին հոն կը տիրանայ նաեւ սպայի կոչումին: Ան քանի մը անգամ բանտարկուած է իր խառնակիչ ու ըմբոստ վարքին պատճառով (1898 թուականին):

Կէօքալփի հիմնած գաղտնի միութեան տեղը Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Տիգրանակերտի մասնաճիւղը կ՛առնէ: Այդ կուսակցութեան Տիարպեքիրի, Վանի եւ Պիթլիսի կազմակերպութիւնը ղեկավարող ու կազմակերպողը եղած է ան: Այդ շրջանին աշխատակցած է «Տիգրանակերտ» եւ «Փէյման» թերթերուն:

Զիյա Կէօքալփ Եուսուֆ Աքչուրայի եւ ուրիշներու հետ թուրանականութեան շարժումին առաջին ջատագովներէն եւ քարոզիչներէն եղած է. շարժումը անոնց ստեղծած մտաւորական շարժումով սկսած է տարածուիլ թուրանական ժողովուրդներու ցեղային գիտակցութիւն արթնցող գրականութիւն եւ քարոզչութիւն «Թուրք եուրտու» (թուրք հայրենիք) եւ «Կենչ քալեմլեր»-ի (երիտասարդ գրիչներ) միջոցով:

Կարեւորութեան համար պէտք է ընդգծել մէկ անգամ ընդմիշտ, որ Զիյա Կէօքալփը ծագումով քիւրտ ըլլալով հանդերձ, դաւաճանեց իր ազգին: Ան եղաւ համաթրքութեան հիմնադիրներէն մէկը: Ի զուր չէ, որ թուրքէ աւելի թրքացած թրքութեան հիմնադիրը, համաթուրանականութեան տեսաբանը, իր աշխատանքներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Հեռանկարի մէջ` համաթրքութեան նպատակը Թուրանի ստեղծումն է»: Անոր կարգախօսն էր` «Բոլոր թուրքերը մէկ բանակ են»:

Կէօքալփի յօդուածները լոյս տեսած են «Հաքիմիյէթը միլլիյէ», «Ենի կիւն», «Ճումհուրիյէթ» թերթերուն մէջ: Իրարու կը հետեւէին նաեւ հրատարակած գիրքերը` «Ալթըն ըշըք» («Ոսկի լոյս», 1923), «Թիւրքչուլուղուն էսասլարը», «Թրքականութեան հիմունքները», 1923), «Թիւրք թէօրեսի», «Թրքական սովորութիւն», 1923): Այս ժամանակաշրջանին է, որ գրի առած է նաեւ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան ծրագիրը` «Ճիշդ ուղի» վերնագրով, 1923 թուականին: Յետմահու հրատարակուած է նաեւ այլ աշխատանքներ, որոնց մեծամասնութիւնը թերթերու մէջ գրած յօդուածներն են:

Փանթրքութեան եւ փանթուրանականութեան գաղափարախօս Կէօքալփը 1919-1921 թուականներուն աքսորուած է Մալթա: Պոլիս վերադառնալէ ետք, 1923 թուականին Տիգրանակերտի շրջանէն երեսփոխան կ՛ընտրուի:

Մահացած է Կ. Պոլիս, 25 հոկտեմբեր 1924 թուականին:

Կէօքալփի շատ մը աշխատանքներ յետմահու ամփոփուած եւ լոյս տեսած են իբրեւ գիրք:

Կէօքալփի գործերը ստորեւ կը ներկայացնենք յաջորդաբար.

– «Լիմնի վէ Մալթա մեքթուպլարը», «Լիմնի եւ Մալթայի նամակները» (27 մայիս 1919 թուականէն 30 ապրիլ 1921 թուականի ժամանակահատուածին մէջ գրած 572 նամակները):
– «Քըզըլ էլմա» («Կարմիր խնձոր», բանաստեղծութիւններու ժողովածու), 1914:
– «Թիւրքլեշմեք, իսլամլաշմաք, մուասըրլաշմաք» («Թրքանալ, իսլամանալ, արդիականանալ»), 1929:
– «Ենի հայաթ» («Նոր կեանք»), 1930:
– «Ալթըն ըշըք» («Ոսկի լոյս»), 1927:
– «Թիւրք թէորեսի» («Թրքական սովորութիւն»), 1923:
– «Տողրու եոլ» («Ճիշդ ուղի»), 1923:
– «Թիւրքչիւլիւղուն էսասլարը» («Թրքականութեան հիմունքները», երկի առաջին տպագրութիւնը օսմաներէնով հրապարակուած է), 1923:
– «Թիւրք մետենիյեթ թարիհի» («Թրքական քաղաքակրթութեան պատմութիւնը»): Յետմահու լոյս տեսած, 1926:
– «Քիւրթ աշիրեթլերի հագգընտա սոսեոլոժիք թեթքիքլեր», («Քրտական ցեղերու մասին ընկերաբանական հետազօտութիւններ»):

Յետմահու լոյս տեսած:

– «Ալթըն տեսթան» («Ոսկիէ պատում»):
– «Իւչ Ճերէեան» («Երեք նախագիծ»):
– «Հարս վէ մետենիյէթ», («Մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն»):
– «Քուղուլար» («Կարապներ»):
– «Ֆելսեֆէ տերսլերի» («Փիլիսոփայութեան դասընթացներ»), 2006:

Այստեղ լուսարձակի տակ կ՛առնենք Կէօքալփի գաղափարախօսական մեծ դերը թրքական տարբեր բնագաւառներու` ընկերաբանական, քաղաքագիտական, պատմագիտական, տնտեսագիտական, մանկավարժական, լեզուաբանական ու գրականագիտական, նոյնիսկ մարզական միտքի զարգացման պատմութեան մէջ:

Հոն երեւան կ՛ելլեն Կէօքալփի թրքական բանահիւսութեան ուսումնասիրութեան պատմութեան մէջ իր ունեցած ճարտար, ճկուն ու համաթրքութեան գաղափարներու սլաքներու շեշտադրումը: Յատկապէս անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ մէկ կողմէ երեւան կու գան վանկային եւ յանգերու կշռոյթի պահպանումը, միւս կողմէ` թրքական պատմական յիշատակումներու սահուն շարահիւսական զգացումներ արթնցնող շեփորումները:

Համաթրքութեան գաղափարախօսութեան, յատկապէս թուրքերու բացառիկ «բարձր բարոյականութեան» մասին դրոյթը հիմնաւորելու նպատակով բանահիւսական նիւթի կիրարկումի օրինակներ առկայ են թէ՛ Կէօքալփի բանաստեղծութիւններուն մէջ, թէ՛ «Թրքականութեան հիմունքները» հիմնական աշխատութեան մէջ:

Զիյա Կէօքալփի թրքութեան երազները այնքան հեռու կ՛երթան, որ 1902 թուականին երիտթուրքերու Փարիզի համագումարին կը յայտարարէ` «Իւրաքանչիւրը պէտք է թուրք համարել»: 1909 թուականին երիտթուրքերու Սելանիկի ժողովին կը մասնակցի եւ կ՛ընտրուի կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Այդ շրջանին է, որ Զիյա կը սկսի գրել ա՛լ աւելի ազգային եւ ցեղապաշտական զգացումներով լեցուն, թրքութեան եւ թուրանական վառ շունչով գաղափարական յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ` «Կենչ քալեմլեր», «Ենի ֆելսեֆէ», «Ռումելի» եւ հանդէսներու մէջ, օգտագործելով լեզուական նոր ոճ:

Համաթրքական գաղափարներ ջատագովող Զիյա Կէօքալփ 1909 թուականին «Կենչ քալեմլեր» պարբերականին մէջ առաջին անգամ կը տպագրէ «Ալթըն տեսթան» («Ոսկէ պատում») «ստեղծագործութիւնը»:

Կէօքալփ վերոնշեալ բանաստեղծութեան մէջ կարօտով կը յիշէ թրքական հին աշխարհակալները, կ՛ողբայ, որ Թուրանի մէջ հաստատուած են «օտարները»…

«Ո՞ւր է Ղրիմը, ի՞նչ եղաւ Կովկասը: /

Քազանէն մինչեւ Թիպեթ` ռուսն է լեցուած… /

Երթամ-փնտռեմ, որտե՞ղ է Իրանը:

Այնուհետեւ Կէօքալփ Աստուծմէ կը խնդրէ, որ թուրքերուն վերադարձնէ իրենց «ոսկեդարը», անոնց մօտ ուղարկել Իլհան Հաքանին ու միաւորէ ողջ աշխարհի թրքութիւնը մէկ երկրի մէջ` «Թո՛ղ թուրքերու հայրենիքը միասնական ըլլայ»:

* * *

«Իթթիհատ վէ թարաքքը»-ի կեդրոնատեղին Պոլիս փոխադրութիւնը (1912) պատճառ կը դառնայ, որ Կէօքալփ ալ տեղափոխուի Պոլիս:

«Թուրք օճաղը»-ի շրջածիրի մէջ աշխատանքները, «Թուրք եուրտու» եւ իր հրատարակած «Նոր հաւաքածոյ» (1917) պարբերականներու գրութիւնները, թրքութեան (թիւրքճիւլիւք) ընթացքի առաջնահերթութիւնները մանրամասնելով, ազգային ուրուագիծի մէջ պայման դնող թելաթրանքներն են «Թրքանալ, իսլամանալ, արդիականանալ», 1918:

Իւրաքանչիւր ազգ, ըստ Կէօքալփի, պէտք է զարգանայ սեփական մշակոյթի վրայ յենելով, հետեւաբար թրքական ազգայնականութիւնը պէտք է յենի թրքական մշակոյթի աւանդութիւններու վրայ: Այդ քարոզը ուղղուած էր Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ, որոնք առաջատար դեր ունէին կայսրութեան տնտեսական, մշակութային եւ կրթական կեանքի մէջ:

Կէօքալփ ազգային արժէքները միշտ վեր դասած է կրօնականներէն` գտնելով, որ իսլամը շատոնց սպառած է ինքզինք եւ արգելք կը հանդիսանայ թուրք հասարակութեան յառաջընթացին: Կէօքալփի գլխաւոր նպատակը թուրք ազգի տնտեսական գերազանցութեան ապահովումն էր: Կէօքալփը կը գտնէր, որ երկրի յառաջադիմութիւնը կարելի է ապահովել` թուրք գործարար մարդիկ նախապատրաստելով, արտասահմանի մէջ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ գնելով, երկրի տնտեսական կեանքէն ոչ թուրք հարուստ վերնախաւը դուրս մղելով:

Կէօքալփ հետագային դարձած է Թալէաթ փաշայի տեղակալը եւ ձեռնամուխ եղած սեփական գաղափարներու իրականացման: Կէօքալփի գաղափարները տեսական հիմք հանդիսացած են երիտթուրքերու համար` իրագործելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն ընթացքին ոչնչացաւ նաեւ հայ գործարար խաւը, իսկ հայերու ունեցուածքը իւրացուեցաւ թուրքերու կողմէ:

Թրքութիւնը իր քարոզչական գործունէութեան ոչ միայն զինանոցը, այլեւ բովանդակութիւնը յագեցուց համաթրքութիւն հռչակած սկզբունքներով:

Այս իսկ պատճառով քեմալական Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած համաթուրանականութեան ստեղծագործութիւնները մեծ ընդունելութիւն գտան եւ տարածուեցան անոր սահմաններէն բաւական հեռու` թուրք-թաթարական բոլոր ժողովուրդներու մէջ, եւ պատահական չէ, որ օրին թրքական նորագոյն գրականութիւնը, հրատարակութիւնները, բանասիրական աշխատանքները, պատմուածքները, երգերը ամբողջութեամբ տոգորուած են թուրանական ոգիով:

Հետեւաբար բազմաթիւ փանթուրանականներու ստեղծագործութիւնները յափշտակութեամբ կ՛ընդունուէին թուրք նոր սերունդին կողմէ, այսպէս երիտասարդութեան կուռքը դարձած էր Զիյա Կէօքալփը, անոր «ստեղծագործութիւնները» համաթրքութեան եւ թուրանականութեան հետեւորդներուն «ուղեցոյց», «ոգեւորիչ» եւ «ազգային զգացումներու արթնացում պարտադրող» էին:

(Շար. 1)

 

«Ես-Ես-Ես»-ի Մասին Կեդրոնականցիին Պատմածը

$
0
0

Տասը օրէ ի վեր Արմենակ Հայաստան է, տասը անգամ տասը գեղարուեստական եւ գրական հանդիպումներու ներկայ եղած է: Թերթի եւ հեռատեսիլի կարիք չունինք: Կարեւոր, անկարեւոր, անկարեւոր կարեւոր լուրերը ինք կը բերէ:

Մակարուհին սուրճը սպասարկեց խոհանոցի սեղանին շուրջ: Տրտնջաց.

– Առաջ Արարատը կը տեսնէինք պատուհանէն: Շէնք բարձրացուցին եւ հիմա ալ չենք տեսներ: Զրկուեցանք նոյնիսկ գերի Արարատը տեսնելու մխիթարութենէ:

Կարծէք` Արմենակ ազդանշանի կը սպասէր:

– Դեռ ինչե՜ր պիտի չտեսնես, չլսես եւ մանաւանդ` լսես:

– Նորէն ի՞նչ գտեր ես ըսելիք,- քրթմնջաց Էլպիս:

– Մակա՛ր, կիրակի տարեց գեղանկարիչի մը յոբելեանին ներկայ եղայ: Այն սերունդէն, որուն նկարներուն մէջ ջերմութիւն կար, հողի եւ երկինքի, բան մը կը հասկնայիր: Ըստ սովորութեան, խօսողները իրարու յաջորդեցին. սովետի, հայրենական պատերազմի, անկախութեան, երկրաշարժի եւ յոբելեարի ժամանակակիցներուն մասին պատմեցին: Անգիր սորվածի պէս: Հիմա կրնամ նկարիչին կենսագրականը գրել ֆէյսպուքի վրայ եւ անունս ալ տակը դնել, գրոց-բրոցի պէս: Խօսեցաւ սփիւռքահայ մըն ալ, ան ալ պատմեց, բայց ոչինչ ըսաւ յոբելեարին եւ անոր արուեստին մասին, այլ խօսեցաւ ինք իր մասին, թէ ինչպէս հանդիպեր են. «Ես զինք տեսայ, ես զինք հրաւիրեցի, ես սիրեցի իր գործը, ես իր ըսածներէն ճանչցայ Հայաստանը, ես իրեն կը հանդիպէի, ամէն անգամ որ Հայաստան կու գայի… ես, ես, ես…»: Կարծէք` իր յոբելեանին համար հաւաքուած էին մարդիկ:

– Արմենա՛կ, եթէ մարդը նկարչութենէ չէր հասկնար, եթէ բաժակաճառ ըսելու վարժութիւն չունէր, բան մը պիտի ըսէր, քանի որ իր ձեռքը խօսափող տուած էին: Բոլոր դուրսէն եկողներուն պէս` հոս կարեւորութեան շապիկ կը հագնի եւ կը հագցնեն:

– Մակա՛ր, երբ դուրս կու գայինք սրահէն, յոբելեարին սերնդակից կին մը քովէն քալողին կ՛ըսէր. «Ինչի՞ համար այդ անգրագէտ սփիւռքահային խօսք տուեցին»: Ուրախացայ, որ դեռ  ողջմիտներ կային:

Արմենակ պինդ լաւատես մըն է:

– Մակա՛ր, թերթին մէջ գրէ այս մասին, ըսէ՛, որ մարդիկ իրենք զիրենք խնայեն «անգրագէտ սփիւռքահայ» կոչուելու արհամարհանքը եւ մերժեն իրենց քիթին տակ դրուած խօսափողը:

ՄԱԿԱՐ
Սեպտեմբեր 2017, Երեւան


Քաղաքական Անդրադարձ. Պարզանիի Անհիմն Քաղաքականութեան Հետեւանքը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Շատ յստակ էր, որ հանրաքուէի առաջին իսկ օրէն Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի չունէր յստակ պատկերացում` ապագայ Քիւրտիստանի մասին: Քիւրտերը զայն համարեցին ազգային հերոս եւ տեսան, որ իրենց ազգի ապագան Պարզանիի ձեռքերուն մէջ է: Սակայն այս բոլորը փոխուեցան այս շաբաթ:

Երկուշաբթի իրաքեան բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Քերքուքը, ապա` Սինճարը, եւ կ՛ուղղուի դէպի Նինուէ, իսկ քրտական ուժերը նահանջի մէջ են` առանց որեւէ դիմադրութիւն ցոյց տալու:

Տիշատ Շարիֆ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանի խորհրդական  է, իր զարմանքը յայտնեց փեշմերկաներու անպատասխանատու նահանջին համար եւ յանցաւոր նկատեց քրտական Ազգային միասնութիւն կուսակցութեան ջոկատները, որոնք շատ արագ լքեցին Քերքուքը եւ գործակցեցան իրաքեան բանակին հետ: Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ շատ հաւանական է, որ շիիական ուժերը ցեղային մաքրագործում իրականացնեն Քերքուքի քիւրտ բնակչութեան դէմ:

Այստեղ անշուշտ Շարիֆին կը հակաճառէ Ուիլիըմ Լազզարը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ասորամէտ «Ալ Ռաֆիտուն» ազգային դաշինքին մէջ ունի ղեկավար պաշտօն: Լազզար բարձր գնահատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի «ազգային» քաղաքականութիւնը` ընդդէմ Պարզանիի անջատողական եւ ոչ օրինական քայլերուն, որոնք կը միտին խանգարել Իրաքի կայունութիւնը: Լազզարի համաձայն, ձերբազատելու համար քրտական բռնութենէն` ասորիները պէտք է գործակցին Պաղտատի հետ, որպէսզի ստանան ինքնավար շրջան մը` Նինուէի դաշտավայրին մէջ, եւ այս պատճառով ալ անոնք կազմեցին «Դաշտային Նինուէի պաշտպանութեան գունդ»-ը,  որպէսզի դէմ դնեն փեշմերկաներու յարձակումներուն եւ օժանդակեն իրաքեան  բանակին, որ իր վերահսկողութեան տակ առնէ շրջանը: Ըստ ասորական աղբիւրներու, «Դաշտային Նինուէի պաշտպանութեան գունդ»-ի անդամներուն թիւը կը հասնէ 5000-ի, սակայն ամերիկեան աղբիւրներ կը պնդեն, որ թիւը հազիւ կը հասնի 1000-ի: Լազզարի հետ հարցազրոյցիս ընդմէջէն ի յայտ եկաւ նաեւ քրտական անմիաբանութեան հետեւանքը, ուր ըստ իրեն, քրտական Կորանը եւ Ազգային միասնականութիւն կուսակցութիւնը բաւական ազդու դեր ունեցան Քերքուքի անկումին մէջ: Ազգային միասնականութիւն կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորէ Ժալալ Թալապանիի զաւակը, գաղտնօրէն համաձայնեցաւ Պաղտատի հետ եւ իր զինեալները քաշեց Քերքուքէն: Պարզանիի մօտիկ քրտական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ այս համաձայնութիւնը, զոր կ՛որակեն իբրեւ «քրտական ներքին դաւաճանութիւն», ամփոփուած է հետեւեալ կէտերուն մէջ.

– Իրաքեան բանակը իր հակակշիռին տակ պիտի առնէ Քերքուքը,
– Քերքուքի քրտական շրջանները պիտի կառավարուին Թալապանիի գլխաւորած քրտական ուժերուն կողմէ,
– Բոլոր այն շրջանները, որոնք 2014-էն ետք միացան Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, պիտի վերամիացուին Իրաքի եւ
– Սուլէյմանիէ, Հալապճա եւ Քերքուքի քրտական շրջանները իրարու կցուելով` պիտի կազմեն նորաստեղծ մարզ:

Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող փեշմերկաներու ուժերը նոյնպէս քաշուեցան Սինճարէն, որ եզիտիներուն կեդրոնը կը նկատուի: Հոս պէտք է յիշել, որ 2014-ին, երբ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը յարձակեցաւ Սինճարի վրայ, քիւրտ փեշմերկաները  փախուստի դիմեցին, եւ այս պատճառով եզիտիները ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, եւ այս անգամ ալ դարձեալ նոյն բանը ըրին փեշմերկաները` առանց որեւէ կրակոցի նահանջելով: Սակայն հոս հետաքրքրական է յիշել, որ եզիտիներէն շատերը, մասնաւորաբար Լալիշ զօրագունդը, կռուեցան քրտական  ուժերուն դէմ եւ օժանդակեցին իրաքեան բանակին ու շիիական աշխարհազօրի զինեալներուն, իսկ այս բոլորին միջեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը եւ անոր կամաւորական ջոկատները խաղցան դիտորդի դեր: Այսպիսով, երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին քիւրտերը կորսնցուցին Սինճարը: Ինչպէս Քերքուքը, նոյնպէս ալ Սինճարը ունի կարեւոր նշանակութիւն քրտական ազգայնականութեան համար: Քիւրտերը եզիտիները կը նկատեն քիւրտ ժողովուրդին մէկ մասը, սակայն ոչ բոլոր եզիտիները համամիտ են այս կարծիքին, եւ անոր համար ալ, հակառակ անոր որ ՔԱԿ ինքն էր, որ ազատագրեց քաղաքը  ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքէն, սակայն եզիտիներէն շատեր ազատագրուած չզգացին եւ ընդդիմացան ամէն տեսակի ճնշումներու` ըլլան քրտական ազգայնական բնոյթի կամ մարքսականութեամբ քողարկուած քրտականութեան:

Շատ հաւանական է նաեւ, որ իրաքեան բանակը ուղղուի դէպի Նինուէ եւ այսպիսով կտրէ ճամբան Սուրիոյ եւ Իրաքի քրտական մարզերուն միակ ճամբան: Արդէն իսկ չորեքշաբթի երեկոյեան իրաքեան աղբիւրներ յայտարարեցին, որ քրտական ուժերը կը լքեն քաղաքին մէջ գտնուող իրենց դիրքերը: Այսպիսով, Պաղտատ իր վերահսկողութեան տակ կ՛առնէ 2014-էն ետք իր կորսնցուցած բոլոր շրջանները, երբ քրտական ուժերը ազատագրեցին զանոնք ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն: Անշուշտ ասիկա քաղաքական յաղթանակ մըն էր Իրաքի վարչապետ  Ապատիին համար, որ յառաջիկայ տարի կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իսկ Մասուտ Պարզանիի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում մը ունեցաւ: Ապատի այս քայլերով կրցաւ ճնշում բանեցնել Պարզանիի վրայ` զայն շրջապատելով եւ անշուշտ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու հաւանութիւնը ստանալով: Յառաջիկայ օրերը փորձաքար պիտի ըլլան Պարզանիի հաշիւներուն, եթէ ան պիտի ենթարկուի Ապատիին, կամ ալ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը կրնայ ունենալ 1946-ին Իրանի մէջ քրտական Մահապատի հանրապետութեան նման վախճան մը:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Իւրայատուկ Ուսուցչուհին, Որ Փոխեց Կեանքս

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ես կը փափաքիմ այս յօդուածը նուիրել անցեալ ամիս իր մահկանացուն կնքած դպրոցական տարիներու սիրելի ուսուցչուհիիս` Օլիվիա Պալեանին, որ իր ազնիւ քայլով փոխեց իմ կեանքը:

1968 թուականն էր: Ես կը յաճախէի Պէյրութի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանը:

Երբ եկաւ ժամանակը արձանագրուելու` որպէս 10-րդ դասարանի աշակերտ, ես գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ ըսի, որ ծնողներս ի վիճակի չեն վճարելու իմ կրթաթոշակը: Թէեւ մեր դասարանին առաջնակարգ աշակերտը ես էի, սակայն զիս տուն ուղարկեցին` վճարել չկարենալուս պատճառով… Ասիկա շատ ցաւալի պատահար էր այդ տարիքին, որովհետեւ կը սիրէի դպրոցը եւ ամբողջ էութեամբ կը փափաքէի շարունակել ուսումս:

Եկայ տուն եւ օրս անցուցի հօրս անիւի վերանորոգման արհեստանոցին մէջ, ուր ան իր վաստակով հազիւ կրնար վճարել եղբօրս եւ քրոջս կրթաթոշակները: Ռամկավար կուսակցութեան ծեր եւ յարգուած անդամ մը զիս տեսնելով արհեստանոցը` զարմացաւ, թէ ինչո՛ւ դպրոց չեմ գացած, իսկ եղելութիւնը իմանալէ ետք առաջարկեց օգնել ինծի` հեռաձայնելով ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնին եւ անկէ խնդրեց, որ զիս արձանագրէ անվճար: Թէեւ դպրոցը հեռու էր մեր տունէն, սակայն չէի կրնար անտեսել ուսումս շարունակելու իմաստով ներկայացուած հնարաւորութիւնը: Փոխադրակառք նստայ եւ գացի տնօրէնին մօտ, Պէյրութի կեդրոնը: Ամչնալէս ոչ թէ ըսի, որ ես յոյս ունիմ անվճար կրթութիւն ստանալ, այլ ըսի, որ ինծի համար համաձայնութիւն կայացած է, որ ես ուսանիմ զեղչուած գինով: Մնացի ապշած, երբ տնօրէնը պոռաց վրաս, թէ զեղչի մասին խօսք կարելի չէ ընել, նման բան չկայ:

Ես անմիջապէս դարձայ եւ վազեցի հօրս արհեստանոցը…

Երրորդ օրը Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի իմ դասընկերներէս մէկը եկաւ հօրս արհեստանոցը եւ ըսաւ, որ տնօրէնը զինք ուղարկած է ետեւէս, որպէսզի վերադառնամ դպրոց եւ արձանագրուիմ: Երբ գացի դպրոց, քարտուղարին յայտնեցի, որ չեմ կրնար վճարել կրթաթոշակս:

Ան տեղեկացուց, որ կրթաթոշակս ամբողջութեամբ վճարուած է, եւ որ` կրնամ միանալ դասընկերներուս: Խնդրեցի, որ ըսէր ինծի, թէ ո՛վ վճարած է կրթաթոշակս, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնեմ այդ հրաշալի անձնաւորութեան, սակայն ան ըսաւ, որ բարերարը կ՛ուզէ անանուն մնալ…

Ուստի, մտայ դասարան, սակայն շարունակեցի հետաքրքրուիլ, թէ ո՛վ էր այն անձը, կամ ո՛րն էր այն կազմակերպութիւնը, որ ինծի հիանալի հնարաւորութիւն ընձեռած էր շարունակելու ուսումս:

Դասերէն ետք գացի տնօրէնին գրասենեակը եւ կրկին խնդրեցի քարտուղարէն` բացայայտել բարերարին անունը: Տեղի տալով պնդումներուս, ան դժկամութեամբ տեղեկացուց, որ բարերարս ոչ այլ ոք էր, քան իմ անգլերէնի ուսուցչուհին` Օլիվիա Պալեանը, սակայն` մէկ պայմանով, որ ես պէտք չէ շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր եւ վտանգի տակ դնեմ քարտուղարը, զոր կրնային հեռացնել գործէն` գաղտնիքը բացայայտելուն համար: Խոստացայ, որ այդ մասին չեմ խօսիր ուսուցչուհիիս հետ: Քարտուղարը նաեւ պատմեց, որ երբ սկսեր է ուսումնական տարին, եւ ուսուցչուհին նկատելով, որ նստարանս դատարկ է, հարցուցեր է, թէ ինչո՛ւ դպրոցը չեմ, անոր պատասխաներ են, որ ծնողներս չեն կրնար կրթաթոշակս վճարել: Այնուհետեւ ան դիմեր է տնօրէնին, որ իր ամսականէն զեղչեն իմ կրթաթոշակը…

Ամբողջ տարին ես նստած էի օրիորդ Պալեանի դասարանը եւ կը մտածէի անոր վեհանձն քայլին մասին, սակայն չէի կրնար երախտագիտութիւնս յայտնել: Մէկ տարի անց ես մեկնեցայ Միացեալ Նահանգներ եւ հետագայ տարիներուն երկու մագիստրոսի աստիճան ստացայ, մէկը` միջազգային յարաբերութիւններու` Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն, իսկ միւսը` գործարար կառավարման` Լոս Անճելըսի «Փեփերտայն» համալսարանէն:

Սակայն ես երբեք չմոռցայ օրիորդ Պալեանի բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, որ ան իմ կրթաթոշակը վճարած էր իր չնչին ամսականէն: Գրեթէ 40 տարի անց, առաջին անգամ ըլլալով վերադարձայ Պէյրութ` Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամէն 4,5 միլիոն տոլար գումարը Լիբանանի մէջ գործող բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն տալու համար: Այցելած դպրոցներուս շարքին էր նաեւ իմ երկրորդական վարժարանը: Տնօրէնին յանձնելով քանի մը հարիւր հազար տոլարի գումարը, անոր խորհուրդ տուի` երբեք ոեւէ աշակերտ դուրս չձգել դրամի չգոյութեան պատճառով, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ այդ ուսանողը ո՞վ կրնայ ըլլալ ապագային, եթէ շարունակէ ուսումը: Ան կրնայ փայլուն բժիշկ, լաւ դիւանագէտ, դպրոցի տնօրէն, եկեղեցական առաջնորդ կամ, ի վերջոյ, մէկը ըլլալ, որ կ՛աշխատի միլիառատէր բարերարի մը համար, որ մեծ նուիրատուութիւն կ՛ընէ դպրոցին…

Լիբանան գտնուելով` շատ կ՛ուզէի տեսնել օրիորդ Պալեանը եւ տարիներ ետք շնորհակալութիւն յայտնել իրեն: Ան արդէն երկար ժամանակէ ի վեր չէր դասաւանդեր եւ կ՛ապրէր Պէյրութէն դուրս: Համաձայնեցայ իմ նախկին դասընկերներուս եւ Լիբանանի առաջնորդին հետ, որ զիս տանին ուսուցչուհիիս մօտ: Ան շատ յուզուեցաւ զիս տեսնելով: Մեր հանդիպումը շատ ջերմ անցաւ: Գտնուելով ուսուցչուհիիս կողքին` ես վերջապէս կրցայ շնորհակալութիւն յայտնել, սակայն ան չէր ուզեր լսել այդ մասին եւ համեստօրէն փոխեց նիւթը: Առաջարկեցի որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ իրեն, ներառեալ ֆինանսական օգնութիւն կամ համայնքին կողմէ յատուկ ճանաչում` տասնամեակներ շարունակ հայ երիտասարդները կրթելուն համար, սակայն ան հրաժարեցաւ բոլոր առաջարկներէս:

Ուսուցչուհիիս բնակարանէն հեռացայ մեծ բաւարարուածութեամբ, քանի որ այսքան տարիներ ետք, վերջապէս յաջողած էի երախտագիտութիւնս յայտնել իր առատաձեռնութեան համար…

Թէեւ այս յօդուածը Օլիվիա Պալեանի մասին է, սակայն անիկա նաեւ վկայութիւն մըն է այն մասին, որ մարդ մը կրնայ փոխել ուրիշներու կեանքը: Այդ ժամանակ, առանց օգնութեանը ուսուցչուհիիս, որ նաեւ բացառիկ հնարաւորութիւն տուաւ անգլերէն սորվելու, ես հաւանաբար երբեք չէի մեկներ Միացեալ Նահանգներ եւ չէի դառնար «Քալիֆորնիա Քուրիըր» անգլերէն թերթի հրատարակիչը: Հաւանաբար կեանքիս մնացած մասը կ՛անցընէի Պէյրութ, հօրս արհեստանոցին մէջ անիւներ նորոգելով…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Պարէտ Մարոնեանի «1915թ. Կանայք» Փաստավաւերագրական Ժապաւէնը

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

Պարէտ Մարոնեան անունը ծանօթ է ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ մօտ 50  միլիոն PBS, Direct TV, Dish Network  հեռուստադիտողների, նաեւ աշխարհի տարբեր երկրների համալսարանների, թանգարանների, գիտաժողովների մասնակիցներին` 2014-ին արտադրած «Ցեղասպանութեան որբերը» փաստավաւերագրական իր ժապաւէնով: Այն թարգմանուել է հինգ լեզուներով եւ շարունակում է ցուցադրուել, Հայոց ցեղասպանութեան անառարկելի փաստը հարիւր հազարաւոր հայ որբերի միջոցով լսելի դարձնելով աշխարհին:

Մեզնից իւրաքանչիւրը անշուշտ ծնւում է տարբեր առաքելութեամբ, եւ քչերին է յաջողւում իրականացնել ի վերուստ տրուածը: Աւելի յաճախ անձը կուլ է գնում իր դէմ ելած խոչընդոտներին եւ շեղւում իր մղումից: Սակայն` ոչ Պարէտ Մարոնեանի տարողութէան տէր ստեղծագործողը, որը մինչեւ օրս յաղթահարելով իր դէմ կանգնած ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ հասարակական ամէն դժուարութիւն` շարունակում է հարազատ մնալ իր ընտրած առաքելութեանը:

Պարէտ Մարոնեանը ծնուած ու մեծցած լինելով Լիբանան, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած տարածքներից գաղթած հայ համայնքի անմիջական կենտրոնում, բնականաբար իրեն շրջապատող միջավայրից իր արեան մէջ ներծծել էր Ցեղասպանութեան երթարկուած եւ մազապուրծ փրկուածների ապրած ողբերգութիւնը, եւ ներքին մի պահանջ նրան մղել էր  դառնալ լռութեան մատնուած նրանց ապրածի անմիջական խօսնակն ու այն մատուցողը:

Իր բնածին տաղանդը մղել է նրան իր խօսքը նաեւ տեսանելի ու լսելի դարձնել, եւ որ ամենակարեւորն է` անառարկելի փաստերով այդ ամէնը հրամցնել այդ ողբերգութեան դէմ աչք փակող աշխարհին: Վստահ եմ՝ նա անծանօթ էր վայրենացած աշխարհի շահամոլ քաղաքականութեան եւ անտեղեակ, թէ ի՛նչ պատնէշների է հանդիպելու իր ժողովրդի դէմ կատարուած ոճրի իրական տարողութիւնը բացայայտելիս: Սակայն  իր արեան մէջ վանեցու հետեւողականութիւնը յամառօրէն պարտադրում է հասնել իր մղումին: Մարոնեանին ոչ միայն յաջողուել է, այլ աւելիով` գերյաջողուել է: Օրէ օր, առանց վհատուելու, խրուելով աշխարհի տարբեր արխիւներում խորը թաղուած, լռութեան մատնուած, մինչեւ իսկ մեր երկրից անտեսուած վկայութիւնների անհաշուելի էջերի մէջ, ականաւոր մարդկանց փոշեծածկ յուշագրութիւնների, լուսանկարների միջոցով, նոր հարցադրումների պարզաբանումով, կրկին ու կրկին, առանց վհատուելու նա հաստատում է աշխարհին հայերի դէմ կատարուած անպարագրելի ոճիրը:

Լինելով վաւերագրական ժապաւէնների տասնեակից աւել հեղինակաւոր մրցանակների` 4 անգամ Ամերիկեան Էմմի մրցանակ, Արմին Թ. Վեկնըր մարդասիրական, Թորոնթոյի Նռան շարժապատկերի փառատօնի, Լաւագոյն փաստավաւերական շարժապատկերի եւ մի շարք այլ անուանի փառատօների մրցանակների արժանաւոր կրողը` Մարոնեանը շարունակում է արուեստի բարձր որակով, մանրակրկիտ ուսումնասիրուած նոր փաստերով, միայնակ աշխարհին ներկայացնել մեր Ցեղասպանութեան մանրամասները:

Արուեստագէտի իր սուր բնազդով «Ցեղասպանութեան որբերը» հիասքանչ վաւերագրական ժապաւէնից անմիջապէս յետոյ (որի մասին անդրադարձել եմ 2014թ. փետրուար 25-ի «Ասպարէզ»-ում, «Ազդակ»-ում, «Ազատ Օր»-ում), ստեղծում է, կարծես դրա շարունակութիւնը կազմող, դրան լրացնող եւ նաեւ նոր հարցադրումներ պարզող «1915թ. կանայք» փաստավաւերագրական իր նոր ժապաւէնը, որն իրապէս նախորդի շարունակութիւնը պիտի համարել իր խորքով, իրադարձութիւններով, բացայայտուող փաստերով, իր ասելիքով: Ի վերջոյ, մեր միլիոնաւոր կոտորուածներից ողջ մնացած մի բուռ հայութեան փրկութեամբ, պարտական ենք մարդկային ներքին ուժի եւ ազգի խորհուրդը ամբողջացնող այն աննկարագրելի էակներին, որոնց նա անուանել է «1915թ. կանայք»: Կոչումով հերոսներ չեն նրանք, բայց նրանցից իւրաքանչիւրը մի խօսուն առասպել է, հայ թէ օտար, ովքեր արիւնլուայ, մերկ ու բոպիկ, հազարաւոր մղոններ կտրելով, փախել, փրկուել են արիւնալի կոտորածից: Ոմանք էլ բոլորովին օտար, առանց ճանաչելու կոտորուող մի թշուառ ժողովրդի, իրենց ապահով կեանքը լքելով, վտանգելով իրենց ներկան եւ նոյնիսկ զոհուելով, ինքնակամ նետուել են արիւնալի սպանդի մէջ` փրկութեան ձեռք մեկնելով մեր անօգնական ազգին:

Թէեւ բազմաթիւ գրքեր ու գրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ գնահատել ու մեծարել են նրանց նուիրաբերումը, սակայն ոչ մէկը այսքան պատկերաւոր, շարժապատկերի ընձեռող հնարաւորութիւնով` գրադարակներից ու արխիւային մութ սենեակներից ազատելով շարժման մէջ չի դրել ու կենդանի ներկայացրել նրանց աշխարհին, ինչպէս Մարոնեանի այս նոր գործը` «1915թ. կանայք», որը նաեւ նոր խօսք է, ողջ հայութեան երախտիքի խօսքը` այդ անձնուէր էակներին, միաժամանակ անուղղակի յիշեցում` մեր անտարբեր բացթողումների:

Էութեամբ նուրբ արուեստագէտ լինելով` Մարոնեան երբեք չոր, միայն անհերքելի փաստագրութեամբ չի սկսում իր գործերը, որը վաւերագրութեան առանձնայատկութիւննն է, այլ աստիճանաբար դիտողին ներգրաւում է տուեալ ժամանակաշրջանում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների մէջ` նրա հայեացքի առաջ կենդանացնելով 1915թ. հայկական տարածքների եւ այնտեղ ապրած հայութեան դիմագիծը, նրա ոչնչացումը եւ մարդկային բարութեան ազնուագոյն ներդրումով սակաւ մի հատուածի փրկութիւնը:

Ինչպէս նախորդ` «Ցեղասպանութեան որբերը»-ում, այնպէս էլ «1915թ. կանայք» ժապաւէնում դերասաններ չկան, կան միայն արդէն խունացած լուսանկարներից մեզ յառնող, սակայն 102 տարի իրենց ազդեցութիւնը երբեք չկորցրած, մարդկային խղճի խորքը թափանցող, սոսկումից ու ահաբեկումից լայնացած իրենց բիբերում աննկարագրելի ոճիրների պատկերը հաւաքագրած, անյուսութեան մատնուած հայեացքներ, որոնց Մարոնեան բեմադրիչը այնպիսի վարպետութեամբ է հրամցնում, կարծես` կեանք է տալիս, շնչաւորում եւ մի պահ անշարժացնելով պաստառի վրայ` այն դրոշմում է յիշողութիւնը կորցրած աշխարհի յիշողութեան մէջ: Մարոնեանը այնպիսի արուեստով է օգտագործում մարդկային հայեացքը, որ այն դառնում է հոգի ծակող, հոգու հետ խօսող, աղաղակող մենախօսութիւն:

Բնականաբար իր այս ժապաւէնում էլ գլխաւոր դերակատարը թուրքն է` իր անսանձ վայրագութիւնով: Ժամանակը երբեք չխունացող 1915թ. է, իսկ վայրը` հիմնականում մեր հայրենի Արեւմտահայաստանի տարածքներն են, ուր տեղի են ունենում գործողութիւնները եւ նաեւ հպանցիկ եւրոպական այն քաղաքները, որոնք ծնունդ են տուել ու սնել մեր ազգին ողջ հոգով նուիրուած ու օգնած կանանց:

Ներկայացուող իրադարձութիւնները յաճախ ընդհատւում ու պարզաբանւում, հաստատւում են յայտնի պատմաբանների, հետազօտողների կողմից` էլ աւելի անհերքելի դարձնելով, որ աշխարհի բոլոր օրէնքներով հայերի սպանդը Ցեղասպանութիւն է ու անվերապահօրէն` պատժելի:

Ողջ նիւթը հրամցւում է 12 առանձին մասերով, իւրաքանչիւրը` իր ուրոյն անուան  բովանդակութեամբ, իւրաքանչիւրը` պատմութեան դառը իրադարձութիւններով լեցուած մի դասագիրք, միտք ու հոգի տեղաշարժող, նոր էջեր պարզող, սովորեցնող, մտածել ու վերլուծել ստիպող ու նաեւ` հրամայող: Պատկերների մի ծաւալուն շարան է ներկայացւում, իւրաքանչիւրը միս ու արիւն դառնալով, կենսագրութիւն ու կեանք ստանալով` դառնում է մեր պատմութեան ամենածանր էջը ապրողներն ու ներկայացնողները:

Ժապաւէնը ունի նաեւ յաւելուած (13-րդ հատուածը), որը դիտողին իրապէս յաւելեալ տեղեկութիւններ է տալիս, սակայն ընդհանուր ասելիքից դուրս լինելով` Պարէտ Մարոնեան բեմադրիչը չի ներառել ամբողջական գործում:

Ես փորձելու եմ իմ վերլուծումով ձեզ ներկայացնել հատուած առ հատուած այս գործը` հաստատելով, որ այսպիսի վաւերագրութիւններով ենք ներկայացնելու մեր Ցեղասպանութիւնը աշխարհին, յատկապէս` այսօրուայ եւ գալիք ելեկտրոնային հաղորդակցութեան ընձեռնած հնարաւորութիւններով:

Թող ինձ ների Պարէտը, որ զանց եմ առնելու ժապաւէնի սկիզբը, որը մատուցւում է «հոլիվուտեան նորաձեւութիւն» դարձած մանրանկարով: Որքան էլ Վահագնի ծնունդը որպէս հայութեան գոյութեան ու յարատեւման խորհրդանիշի համար օգտագործուած լինի, միեւնոյն է, ըստ ինձ, աւելորդութիւն է, որը ոչ միայն ոչինչ է աւելացնում նիւթին, այլ թուլացնում, փոքրացնում է սպասուած անմիջական կապը եւ յատկապէս ընդհանուր ոճից դուրս է:

Սակայն յարգելով իւրաքանչիւր արուեստագէտի մտայղացումը` ես կը սկսեմ երկրորդ հատուածից, որը մեզ անսպասելիօրէն տանում է Քոփենհակըն,  Դանիա, գունաւոր, կարմիր կտուրներով խաղաղ մի երկիր: Մարոնեան իր սկզբունքին հաւատարիմ` չմտածուած ոչ մէկ աւելորդ պատկեր չի  օգտագործել, անուղղակի համեմատութեամբ, յատուկ միտումով, ճերմակ, մաքուր սալայատակից աստիճանաբար մեզ առաջնորդում է 17-րդ ­դարի եկեղեցւոյ հանդարտութեան` շեշտակի ընդգծելով հայութեան համար պաշտելի Մարիա Ճէյքըպսընի զոհողութիւնը, որը  25 տարեկանին իր ետեւում թողնելով այդ գունեղ, հանդարտ ու մաքուր երկիրը, 2000 մղոն կտրելով` պիտի հասնէր Հարփուտ` մխրճուելով կախաղանների, փողոցներում ամէնուրեք փտող հայ դիակներով ծանրաբեռնուած մի օտար դժոխային երկրի իր առջեւ կատարուող ողբերգութեան մէջ` անպաշտպան  ժողովրդին օգնութեան ձեռք մեկնելու ու հետագայում նրանց մասնիկը դառնալու:

Առաջին հատուածը շատ հպանցիկ, սկսելով Մարիա Ճէյքըպսընով, որը միաժամանակ զարմացնում է ակնդիրին, որ այդքան մակերեսային է ներկայացւում մեր որբերի մայրերի մայրը, ակնդիրը այն տպաւորութիւնն է ստանում, որ ողջ ժապաւէնը օտար բարերար մեծատառով կանանց մասին է լինելու, քանզի նրանց ներդրումը մեր որբերի, կանանց եւ երիտասարդ աղջիկների փրկութեան գործում աննկարագրելի մեծ է եւ` մասնաւոր ժապաւէնների արժանի:  Սակայն Մարոնեան բեմադրիչի մտայղացումը, ինչպէս յետոյ ենք պարզում, աւելի ծաւալուն է: Աստիճանաբար նա մեզ կենտրոնացնում եւ ծանօթացնում է յատկապէս մեր ազգի այն կանանց եւ երիտասարդ աղջիկներին, որոնց երբեք չենք մեծարել, եւ սակայն որոնց քաջութեան, չընկճուող, պայքարող ազգային ոգու գոյութեամբ մեր ազգը շարունակում է յարատեւել, եւ որը իր ժապաւէնի հիմնական առանցքն է դարձրել:

Եւ ահա պաստառով մէկ յառնում է գեղեցիկ հայ պարմանուհու` Արշալոյս Մարտիկեանի անմեղ, ձգող հայեացքը, կարծես` իր մէջ ներառում է միլիոնաւոր իրենց երազանքներին չհասած, վայրագօրէն յօշոտուած իր հասակակիցների արդարութիւն հայցող հայեացքը: Վստահ եմ` շատերդ էք ծանօթ իր կենսագրութեան, նա առաջին եւ միակն էր, որ 1917թ. փրկուելով, Ամերիկա հասնելուց մէկ տարի յետոյ, 1918թ. իր ընտանիքի եւ ողջ հայութեան ջարդը ամերիկեան հասարակութեանը մատուցեց «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia) գրքով, իր նոր անուամբ` Աւրօրա Մարտիկեան: Գիրքը` Հարվի Գէյթի օգնութեամբ գրուած, մեծ աղմուկ ու հետաքրքրութիւն հանեց իր շուրջ, մինչեւ իսկ 1920թ. գեղարուեստական համր շարժապատկերի վերածուեց, ուր Արշալոյսը ինքն էլ խաղում էր իր դերը:

Դեռ այդ տարիներին Թուրքիան անմիջական ազդեցութիւն չունենալով Ամերիկայի վրայ, ինչպէս այսօր է, իր ամենակարող պաշտպան Անգլիոյ միջոցով կարողացաւ արգելք դնել գրքերի վաճառքի ու նաեւ շարժապատկերի օրինակների վրայ` անհետացնելով դրանք: Մեր ժողովուրդն էլ իր անտարբերութեամբ մինչեւ օրս մոռացութեան մատնեց դրա գոյութիւնը, որից պատահականօրէն պահպանուած հատ ու կենտ փոքրիկ հատուածներ յստակօրէն պարզում են թուրքի գործադրած գազանութիւնը: Նոյնիսկ այդ աննշան հատուածները այսօր էլ ստուերում են թողնում մեր ցեղասպանութիւնը ներկայացնող ժամանակակից այն ամպագորգոռ շարժապատկերները, որոնց համար հսկայական գումարներ են ծախսւում, եւ որոնց շուրջ մենք` հայերս, այդքան մեծ աղմուկ հանում: Գուցէ այսօրուայ անուանի բեմադրիչները սովորեն` ինչպէ՛ս ներկայացնել Ցեղասպանութիւնը, որն այնքան կենդանի ձեւով մատուցուել է դեռ 1919թ., եւ որի ազդեցութիւնից սարսափած թուրքերը ոտ ու ձեռ ընկած` արգիլել են դրա ցուցադրումը: Պարէտը շատ տեղին մէջբերում է շարժապատկերի պահպանուած հատուածներից` այն միահիւսելով 74-ամեայ Մարտիկեանի շատ սթափ, հիացումի արժանի յիշողութեամբ հարցազրոյցին:

Արշալոյսի, հետագայում` Աւրօրա դարձած, ընտանեկան նկարների ընդմիջով մեզ են նայում հարուստ սեղանաւոր, Մարտիկեան երջանիկ ընտանիքի ազնուազարմ եօթ անդամները, որոնցից վեցը ամենավայրագ ձեւով ոչնչացուելու է եւ միակ կենդանի մնացած, բազում տառապանքներից անցած Արշալոյսը, իր ողջ ընտանիքի գազանային սպանդը իր մէջ կրելով, երբեք չմոռանալով ողջ եղելութիւնը, իր հետ հասցնելու է մէկ այլ ցամաքամաս` Ամերիկա: Նոյն սարսափով ծեր տարիքին անգամ շարունակելու է աշխարհին պատմել այդ անմարդկային, պատկերացումից դուրս սպանդի մանրամասները` կրկին անգամ ապացուցելով, հաստատելով, որ այդ տարողութեան ոճրագործութիւնները, որը ցեղասպանութիւն անունն ու բովանդակութիւնն է կրում, երբեք չեն ջնջւում մարդկանց յիշողութիւնից, երբեք չեն մոռացւում:

Այնքան սահուն են իրար յաջորդում մեկնաբանութիւնները, տեղեկութիւնները, շաղախուած Մարտիկեանի ձայնի անհանգիստ, սպանդի տեսարանների դեռ նոյն սարսափը ապրող անմիջական վկայութեամբ, որը Պարէտը վարպետօրէն եւ տեղին օգտագործելով` դիտողին կասկածի կամ թերահաւատութեան տեղ չի թողնում: Փաստագրական տեղեկութիւններից, լուսանկարներից յետոյ, կենդանի մնացած անձի երեւոյթն անգամ ոչ միայն տպաւորիչ է, այլեւ` ազդեցիկ ու անառարկելի եւ բազում նոր մեղադրանքների շերտեր բացող մեծ տէրութիւնների պահպանած լռութեան ծալքերում:

Մարոնեան բեմադրիչը երբեք սուր հարցադրումներ չի հրամցնում, այդ սրութիւնը նա փոխարինում է առանց մեկնաբանութեան, սակայն` խորը ասելիքով, եւ Մարտիկեանի հատուածը աւարտում է անանուն ընդհանուր օտար գերեզմանաթմբի պատկերով, որի արհամարհուած գոյութիւնը յիշեցում է մեր պարտականութիւնների թերացման մասին: Մեր միլիոնաւոր զոհերի անգերեզման, անանուն վկայութեան համար մենք մեղադրում ենք թուրքին, սակայն չենք կարողանում այդ սարսափելի իրողութիւնը ապրած մեր ժողովրդի հատ ու կենտ փրկուած կարիքաւորներին արժանավայել անհատական գերեզմանի արժանացնել:

Այնուհետեւ աստիճանաբար խորանում ենք Ցեղասպանութիւնը գործադրողների ծրագրի կարեւորագոյն կէտին` ազգի ողջ արական սեռի ոչնչացման գործադրմանը, որի արդիւնքում  անպաշտպան մնացած կանանց եւ երեխաներին հեշտօրէն էին մաքրագործում: Պատմաբան, հետազօտողների մեկնաբանութիւնից յետոյ տեղափոխւում ենք Տրապիզոն, բոլորիս յայտնի ջրախեղդ արուած մեր հարիւրաւոր մանուկների գազանային ոչնչացման քաղաքներից մէկը, ուր կրկին լուսանկարներն են կենդանանալով պատմում հրէշաւոր իրականութիւնը` տոքթ. Ճեմալ Ազմիի հրամանով գործադրուած: Չարագուշակ սեւ նաւերով ու ծխով սկսուող լուսանկարը կարծես մեզ տեղափոխում է այն պահը, երբ այդ ճիւաղի հրամանով 10-13 տարեկան հայ աղջիկներին առանձնացրել է իր տղայի սեռային հաճոյքին նուիրելու, իսկ մնացած հարիւրաւորներին իրենց մօր ձեռքից, գրկից խլելով` նետել ծովի գորշ ջրերում խեղդուելու: Այս դաժան, գորշ տեսարանը կարծես սրբագրելու համար յայտնւում է անուշիկ հայ փոքրիկ աղջկայ` Ազատ Ղուլերեանի լուսանկարը, որի Տրապիզոնի ջրերում խեղդուելուց փրկուելու պատմութիւնը լսում ենք Ֆրանսայի իր զաւակից` Գայա Գերեանից, որը նաեւ գիրք է հրատարակել «Հայերը» (L՛Arménienne) վերնագրով, պատմելով իր մեծ մօր` Աշխէն Ղուլերեանի,  իր մօր եւ նրանց անցած տառապանքի մանրամասների մասին:

Թէեւ հատուածն աւարտւում է ոճրագործ Ազմիի մաքրագործումով, սակայն հայի սրտում թանձրացած շարունակւում է խեղդուող երեխաների վայնասունը` վրէժխնդրութեան եւ հաստատակամ պայքարի նոր ալիքներ ծնելով:

Ինչպէս վերը նշեցի, իր նրբամտութեամբ աչքի ընկնող Պարէտը, հրեայ Սառա Արինսոնի վկայութեան հատուածով, շեշտում է մեր Ցեղասպանութեան հարցը իրենց համար խայծ դարձրած հրեաների լաւատեղեակութիւնը մեր Ցեղասպանութեան մասին:

4 հոկտեմբեր 2017

(Շար. 1)

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Զիյա Կէօքալփը` Թրքութեան Եւ Թուրանականութեան Ցեղապաշտական Տենչով Մարգարէն

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Զիյա Կէօքալփ մարտ 1911 թուականին Սալոնիկի մէջ հրապարակուող «Ռումելի» թերթին մէջ լոյս կ’ընծայէ իր «Թուրան» բանաստեղծութիւնը` «Տեմիրթաշ» ստորագրութեամբ, «Կենչ քալեմլեր» թերթին մէջ` «Թեւֆիք Սետաթ» ստորագրութեամբ, իսկ 1912 թուականին արտատպուած է «Ալթուն արմաղան» («Ոսկէ նուէր»)» ժողովածուի մէջ` «Զիյա» ստորագրութեամբ:

Վերոնշեալ բանաստեղծութեամբ հեղինակը թուրք երիտասարդութեան կոչ կ’ընէր հպարտանալու թուրք (թրքալեզու ժողովուրդներու) անցեալի զօրավարներով: Ակնարկութիւնը կ’երթար թուրքերու, այսինքն հին ռազմական պատմութեան`  արեւմտեան գիտնականներու կողմէ ոչ առարկայական լուսաբանման մասին, ու կը յայտարարէ, որ թուրքերը իրենց «արեան մէջ» ու  իրենց ապրելակերպին մէջ կը կրեն իրենց հին քաղաքակրթութեան դրոշմը: Կէօքալփը կը փառաբանէր Աթիլլան, Ճենկիզ խանը, Օղուզ խանը եւ «կ’ողբար», որ «թրքաբնակ» (այսինքն` թրքալեզու ժողովուրդներու բնակութեան) անծայրածիր տարածքները ռուսական տիրապետութեան տակ են:

«Թուրան» բանաստեղծութիւնը կ’աւարտի Թուրքիոյ մէջ հանրածանօթ դարձած հետեւեալ բառերով. «Հայրենիքը թուրքերու համար ո՛չ Թուրքիան է, ո՛չ ալ Թուրքիստանը: Հայրենիքը մեծ ու յաւերժական երկիր մըն է` Թուրանը»:

Թուրան

Երակներուս մէջ կու գան
Արձագանգներ` պատմութեան
Խորէն եկող ձայներու.
Ո՛չ գիրքերու էջերուն,
Այլ երակիս զարկերուն,
Այլ խօլ սրտիս բաբախման
Մէջ է, որ ես կը կարդամ
Յաղթանակներն հեռաւոր`
Ազնիւ ազգիս ընտրեալ:

Ո՛չ գիրքերու էջերուն մէջ
Ուր իմ ցեղս յաղթութիւնով պսակող`
Աթթիլլայի եւ Ճենկիզի դէմքերը
Կը յայտնուին վատ համբաւուած եւ դրուած
Շրջանակի մէջ փոշոտ
Զրպարտութեա՜ն,
Մթնոլորտի մը մէջ հին.
Մինչ անոնց փառքը
Կեսարին, Աղեքսանդրին է հանգոյն:
Այլ երակիս զարկերուս մէջ, քանի որ
Սիրտս արդէն եւ լիովին կը ճանչնայ
Օղուզ խանը, որ գիտութեան
Համար դեռ մութ կը մնայ:
Ան դեռ կ’ապրի, յարգուած ու մեծ,
Արիւնիս մէջ:

Օղուզ խան….
Կը ներշնչէ սիրտս ան.
Թուրքիա չէ հայրենիքը թուրքերուն,
Թուրքիստա՛նն իսկ չէ… այլ հեռո՜ւն
Երկիր մե՜ծ, յաւերժական
Թուրան… (1)

Արդարեւ, «Թուրան» բանաստեղծութիւնը տասնեակ տարիներ ցեղապաշտ սերունդներ դաստիարակեց, լայն տարածում գտաւ ու դարձաւ թրքութեան ոգիին կառչած երիտասարդութեան քայլերգը: Իսկ միւս կողմէ` մինչեւ օրս մեծ արձագանգ ձգած է թուրք ազգայնամոլներուն մէջ:

Կէօքալփ թրքութեան գաղափարները պատմուածքներու, բանաստեղծութիւններու, նամակներու ու գրական այլ միջոցներով չէ ծաւալած միայն, ան մարզական բնագաւառի մէջ նաեւ իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է. այսպէս, օրինակ, 1909 թուականին խումբ մը թուրքեր Թուրքիոյ մարզական Կալաթասարայ ակումբէն կը բաժնուին եւ կը հիմնեն «Փրոկրես ինթերնասիոնալ» մարզական ակումբը: 1914 թուականին ակումբի ընդհանուր ժողովի ընթացքին որոշում կը կայացուի, որ ակումբին անունը «Ալթըն օրտու իտման եուրտու» ըլլայ: Բնականաբար այս անունը Կէօքալփի կողմէ տրուած էր: Իսկ ակումբի գլխուն իբրեւ նախագահ` Թալէաթ փաշան կու գայ:

Կէօքալփ վերոնշեալ ակումբը «Ալթըն օրտու» (Ոսկի բանակ) կ’անուանէ վերյիշելով ամրապնդելու համար պատմութեան ընթացքին թրքական ցեղերու` սելճուքներու, ղփչաղներու, ուզպէքներու եւ եաքութներու միութեան «Ոսկի բանակ»-ի ոսկեդարը: Այսպիսով, նշեալ ակումբին մարզիկները ինքնաբերաբար կը դաստիարակուին թրքութեան եւ թուրանականութեան ցեղապաշտական գաղափարներով: «Ալթըն օրտու» բառեզրին կը հանդիպինք յաճախ թրքութեան եւ թուրանականութեան գաղափարախօսներու գործերուն մէջ:

Զիյա Կէօքալփի յայտնի պատմուածքներէն մէկուն անունն է` «Քըզըլ էլմա» (Կարմիր խնձոր): Ան իր գաղափարները ժողովուրդին մէջ տարածած է բանաստեղծութիւններու եւ հեքիաթներու միջոցով: Ազգային իտէալ եղած «Քըզըլ էլմա»-ն, թրքական միասնականութեան, այսինքն Թուրանի ստեղծումն է, թուրանական դաշնակցութիւնը կամ կայսրութիւնը: Ասոր առաջին շրջանը «անկախութիւն»-ն է, երկրորդ շրջանը` «միասնականութիւն»-ը, իսկ երրորդը «ներխուժումներու» շրջանն է:

1923 թուականին Անգարայի մէջ հրատարակուող «Ազգային ընկերաբանական մատենաշար»-ի իբրեւ առաջին հատոր` օսմաներէնով լոյս կը տեսնէ Զիյա Կէօքալփի «Թիւրքչիւլիւղուն էսասլարը» («Թրքականութեան հիմունքները») երկը:

Նախ պէտք է ըսել, որ «Թրքականութեան հիմունքները»-ին սկիզբը Կէօքալփ կը գրէ, որ այս գիրքը «տեսական մաս»-ի եւ «գործնական մաս»-ի բաժնուած է: Տեսական մասը կը մանրամասնէ թրքութեան էութիւնը, իսկ գործնական մասը թրքութեան ծրագիրը ամրապնդելու գործնական քայլեր կ’առնէ:

Գիրքը կը բաղկանայ հիմնական երկու մասէ,  առաջին մասը` տասը ենթագլուխէ, իսկ երկրորդ մասը` ութ ենթագլուխէ:

Մաս 1. Թրքութեան էութիւնը
Թրքութեան պատմութիւնը
Ի՞նչ է թրքութիւնը
Թրքութիւն եւ թուրանականութիւն
Մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն
Դէպի ժողովուրդ
Դէպի Արեւմուտք
Պատմական նիւթապաշտութիւն եւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւն
Ազգային գիտակցութեան ամրապնդում
Ազգային համերաշխութեան ամրապնդում
Մշակոյթ եւ կրթութիւն

Մաս 2. Թրքութեան ծրագիրը
Լեզուի մէջ թրքութիւնը
Գեղագիտական թրքութիւնը
Բարոյագիտութեան մէջ թրքութիւնը
Օրէնքի մէջ թրքութիւնը
Կրօնի մէջ թրքութիւնը
Տնտեսութեան մէջ թրքութիւնը
Քաղաքականութեան մէջ թրքութիւնը
Փիլիսոփայութեան մէջ թրքութիւնը

Անմիջապէս աւելցնենք, որ երկրորդ մասի ենթագլուխները իրենց մէջ կ’ընդգրկեն նաեւ այլ գլուխներ` տրուած գաղափարները աւելի մանրամասն հիմնաւորելու համար:

Արդարեւ, վերոնշեալ ենթագլուխները ինքնին բաւարար են գաղափար մը կազմելու թրքութեան շարժումին կարեւորութեան եւ բազմակողմանի հանգամանքին մասին:

«Թրքութեան հիմունքները» գիրքին մէջ համաթուրանականութեան տաճկական տարբերակի հեղինակաւոր գաղափարաբան` «ազգային գիտակցութեան» եւ «ազգային գաղափարական» առաքեալը իտէալականացուցած եւ քողարկած թրքութիւն մը կը ներկայացնէ մեզի, որուն մէջ ան կը բնութագրէ ազգ հասկացողութեան հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր:

Կէօքալփ թրքութիւնը այսպէս կը բնութագրէ. «Թրքութիւն կը նշանակէ ճիգ` թուրք ազգի երջանկութեան եւ հպարտութեան համար»:

«Թրքականութեան հիմունքները» գործը երբ ուշի ուշով կարդանք եւ վերլուծելու ըլլանք, հոն նախ հիմնական մէկ բան երեւան կու գայ. ապացուցել, որ թուրքերն ու թուրանականները, այսինքն` թուրքմենները, նոյն ազգն են: Այդ թթխմորը մեկնակէտ կազմելով` կը ճիւղաւորուի ու կ’ընդարձակուի գիրքի բոլոր բաժիններուն մէջ:

Հոն առաջին հերթին բնականաբար կը բնութագրուի ազգութեան գաղափարը լայն գիծերու մէջ: Ազգը, ըստ Կէօքալփի, ցեղային հիմք չունի, գանկի ձեւը, մազի եւ աչքի գոյնը քիչ դեր կը խաղան ազգ մը բնորոշելու մէջ: Արդէն անխառն ցեղի պատկանող ազգ չկայ: Նմանապէս արենակցութիւնը մեծ արժէք չունի, ժողովուրդի մը ներքին կապը իր պաշտամունքն է: Այժմ այդ դերը կը կատարէ մշակոյթը: Կրօնն ու մշակոյթը զգացական բաներ են ու արեան հետ կապ չունին: Սխալ է նոյնպէս այն կարծիքը, որ ազգ մը միեւնոյն երկրի մէջ բնակող մարդոց գումար մըն է:

Ըստ համաիսլամականներու, ազգը բոլոր իսլամականներու գումարն է: Ատիկա կրօնական համայնք մը` ԻՒՄՄԵԹ է, եւ ոչ` ՄԻԼԼԵԹ: Իսլամ ազգ չկայ:

Այնուհետեւ, Կէօքալփ այսպէս կը բնորոշէ ազգութիւնը. «Ազգը, ուրեմն, ցեղային, ժողովրդային, աշխարհագրական, քաղաքական կամ կամաւոր խումբ մը չէ: Անիկա խումբ մըն է անհատներու, որոնք ընդհանուր լեզու, կրօն, էթիք (բարոյագիտութիւն) եւ էսթեթիք (գեղագիտութիւն) ունին»:

Զիյա Կէօքալփ այսպիսով կ’ուզէ ցոյց տալ, թէ ո՛վ է թուրք ազգը, եւ կը ճշդէ թրքութեան եւ թուրանականութեան փոխյարաբերութիւնները: Միւս կողմէ` կ՛ընդգծէ, թէ ի՛նչ են թրքական խումբին սահմանները, եւ ի՞նչ կը հասկնանք թուրանեան ըսելով:

Զիյա Կէօքալփ վերոնշեալ աշխատութեան մէջ թուրք քաղաքականութեան համար կը գծէ զոյգ իտէալներ, առաջինը` մօտաւոր օղուզականութիւնը. երկրորդը` հեռաւոր թուրանականութիւնը: Համաթուրանականութեան ընդհանուր ծրագրի լուծման համար կը յորդորէ եռախորհուրդ համակարգ մը` ա) Թուրքճիութիւն: բ) Օղուզճիութիւն: գ) Թուրանճիութիւն:

Առաջինը թրքութիւն, այսինքն` Թուրքիոյ տարածքէն ոչ թուրք ժողովուրդներու վերացումը:

Երկրորդը` օղուզական թուրքերուն ու անոնց զբաղեցուցած տարածքներու կցում Թուրքիոյ:

Երրորդը Կէօքալփի գերագոյն նպատակի վերջին կայանն է, որ թուրանական կայսրութեան ստեղծումն է:

Այսպիսով, ան կը քարոզէ իտէալներու երրորդութիւն մը, որուն պետք է հասնին աստիճանաբար:

Կէօքալփ կը յորդորէ. «Իսկ Օղուզի զաւակները` թուրք եւ թուրքմեն, պէտք է ապրին իբրեւ մէկ ազգ եւ պէտք է կոչուին թուրք», եւ «Ոչ միայն մշակութային, այլեւ` աշխարհագրական պայմաններու բերումով», կը տրամաբանէ թուրք գաղափարախօսը, շատ աւելի դիւրին է միացնել թուրքերն ու թուրքմէնները: Ուրեմն, մեր յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ օղուզականութիւնը, այսինքն` թուրքմեններու միացումը: Թուրքիա, Ազրպէյճան, պարսկական Ատրպատական եւ Խուվարիզմ` պէտք է կազմեն վաղուան Օղուզիստան»-ը:

Կէօքալփ կը գրէ. «Ազրպէյճանի եւ Պարսկաստանի թուրքերը եւ խուվարները մեզի պէս Օղուզէն առաջ եկած են: Տակաւին քանի մը դար առաջ անոնք կ’ապրէին սերտ ու համերաշխ` իբրեւ միեւնոյն ընտանիքի մը զաւակները, Օղուզ խանի թոռները: Նոյնիսկ այսօր մենք ընդհանուր լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, բարքեր ու սովորութիւններ ունինք: Տակաւին Քորքունթ Աթայի, Իսմայիլ շահի, Աշըք Քերիմի, Քէօրօղլուի գիրքերը տարածուած ու սիրուած են ամբողջ օղուզեան աշխարհին մէջ: Թուրք բանաստեղծ Ֆիզուլին բոլորիս կը պատկանի: Թուրք ազգի եւ ազգայնականութեան սահմանները ուրեմն Թուրքիոյ աշխարհագրական սահմաններէն անդին կ՛անցնին»:

Կէօքալփ կ’աւելցնէ. «Ինչ կը վերաբերի Թուրանին, Թուրանը չէ, ինչպէս ոմանք կը խորհին, ժողովուրդներու խառնարան մը, որուն մէջ թուրքերէն զատ կան մոնկոլներ, թունկուզներ, ֆիններ եւ հունգարներ: Այդ խումբը գիտութեան լեզուով Ուրալ-Ալթայեան կը կոչուի: …Շատ աւելի նեղ է թուրանականութեան սահմանը. եաքութները, խըրխըզները, ուզպեքները, ղփչաղները, թաթարներն ու օղուզները կը կազմեն մէկ լեզուաբանական-ցեղաբանական խումբ: Թուրանը թրքական այդ ցեղերուն ընդհանուր անունն է: Թրքական զանազան ճիւղերը ընդգրկող մեծագոյն թրքական աշխարհով կը սահմանափակուի Թուրանիան»:

Զիյա Կէօքալփի տեսակէտով թրքութիւնը կուսակցութեան մը հռչակագիր կամ քաղաքական տեսութիւն չէ, այլ գիտական, փիլիսոփայական եւ գեղագիտական դպրոց է: Այլ խօսքով, թրքութեան մշակութային աշխատանք է եւ գիտական նորարական ճանապարհ` թուրք ազգի երջանկութեան համար:

Կէօքալփ թրքութեան ծնունդը հասարակական իրադարձութիւն կը համարէ եւ այս իրադարձութեան բացատրութիւնը կու տայ երկու հակադիր տեսութիւններու` «պատմական նիւթապաշտութեան» եւ «ընկերային միտքի» տեսանկիւնէն:

Առաջին տեսութեան հիման վրայ թրքութիւնը երեւան եկած է տնտեսական պատճառներով, եւ երկրորդ տեսանկիւնէն` թրքութեան շարժումը ընկերային հիմնասիւներու փոփոխութիւններու պատճառով երեւան եկած է: Զիյա Կէօքալփ կ’աւելցնէ, որ թրքութեան սկզբնական հիմունքներէն մէկը «դէպի ժողովուրդ» սկզբունքն է:

Ծրագրի այս բաժինին մէջ Կէօքալփ մեծ տեղ յատկացուցած է վերոյիշեալ բացատրութիւն-հիմնաւորումին` մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ընդհանրութիւններու ու տարբերութիւններու տեսանկիւնէն:

– «Թէեւ մեր քաղաքակրթութիւնը եւրոպական երկիրներու քաղաքակրթութիւնէն ետ մնացած է, բայց մշակութային առումով, ոչ մէկ ազգ մեզմէ բարձր չենք համարեր: Մեր կարծիքով, թրքական մշակոյթը աշխարհի մէջ յայտնուած ամենագեղեցիկ մշակոյթներէն է, եւ այդ պատճառով ալ ո՛չ ֆրանսական մշակոյթէն, ո՛չ գերմանական մշակոյթէն եւ ո՛չ ալ ուրիշ մշակոյթէ չենք ընդօրինակած եւ անոր գերին չենք դարձած: Մենք այդ մշակոյթները, ինչպէս` այլ մշակոյթներ, կը համարենք իրենց ազգին յատուկ ու բնորոշ մշակոյթ եւ անոնց բոլորին գեղեցկութիւններէն հաճոյք կ’առնենք»:

– «Հակառակ անոր որ թրքութիւնը իր ամբողջ էութեամբ թրքական մշակոյթի սիրահարն ու խելագար երկրպագուն է, սակայն ոչ մէկ ձեւով ցեղապաշտ ու մոլեռանդ չէ, եւ այն, որ կը ցանկայ համակարգուած ու ամբողջական կերպով ձեռք բերել Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւնը, այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ որեւէ անարգանք ու անփութութիւն ընդունելի եւ ճիշդ չի համարեր, այլ ընդհակառակը, բոլոր ազգային մշակոյթները կը համարէ յարգելի եւ արժէքաւոր: Ուստի, մենք թէեւ մեր իրաւունքները ոտնահարող ազգերու քաղաքական հաստատութիւններու նկատմամբ բարեհաճ չենք, սակայն անոնց մշակութային ու քաղաքակրթական ժառանգութիւնը կը յարգենք ու կը մեծարենք այդ ազգերու մտաւորականներն ու արուեստագէտները»:

– «Մեր կարծիքով, թրքութեան նպատակը թրքական ազգային մշակոյթի ու ազգային անհատականութեան արարումն է, որ մտքի ու խօսքի ազատութեամբ եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեամբ կ’ամբողջանայ»:

– «Մշակոյթը ազգային է, քաղաքակրթութիւնը` միջազգային… Տիրող դասակարգը թուրք ժողովուրդին կը պարտադրէր իր անտանելի աշխարհաքաղաքացիութիւնը»:

Միւս կողմէ, ըստ Կէօքալփի, ա) թուրքերու բոլոր պատերազմներուն նպատակը եղած է խաղաղութեան տեւական շրջանի ստեղծումը, բ) թուրքերը ուրիշ ազգերու հայրենիքներ չեն նուաճած, գ) Մանչուրիայէն մինչեւ Հունգարիա թուրանական, այսինքն թրքական հողամաս է, դ) այդ տարածքը ապրած է երջանիկ, խաղաղ եւ հանգիստ կեանք: Անոր հետ միասին, թուրքերը մեծ աշխատանք կը տանին աշխարհի ժողովուրդներուն իրենց ազգային պատմութիւնը բարձր մակարդակով, մարդկային դիրքերէն ներկայացնելու համար: Կէօքալփի այս տողերը գրուած են թրքալեզու ժողովուրդներու, մասնաւորապէս թուրքերու համար եւ ունին դաստիարակչական նշանակութիւն:

«Արդիականութեան» մասին Զիյա Կէօքալփի ակնարկութիւնները եւ տեսութիւնները բազմազան ու բազմակողմանի են: Կէօքալփի տեսակէտէն, քաղաքակրթութիւնը քանի մը ազգախումբերու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու մտածողութեան ու գործողութեան նորագոյն ձեւի համալիրն է: Անոր կարծիքով, արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը քրիստոնէական քաղաքակրթութիւն անուանելը ճիշդ չէ, նոյնպէսեւ` արեւելեան քաղաքակրթութիւնը իսլամական քաղաքակրթութիւն կոչելն ալ սխալ է: Այս բոլորը նկատի ունենալով` բնական է, որ Արեւելքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի քաղաքակրթութիւնները չեն կրնար թուրք ազգին օրինակ ծառայել, որովհետեւ անոնք զարգացած քաղաքակրթութիւններու չեն վերածուած:

Այստեղ տեղին է նշել, որ Կէօքալփ «Թրքութեան հիմունքները» գործին մէջ «Թուրան» բանաստեղծութեան մասին անդրադարձ կատարելով` կը հաստատէ, որ ինք ժամանակին գրած է` խորհելով թրքութեան գաղափարախօսութեան ծրագրի ստեղծման մասին», եւ այդ բանաստեղծութիւնը ճիշդ ժամանակին հրատարակուած է, քանի որ «երիտասարդ հոգիները», որոնք կը տեսնէին թէ՛ օսմանականութեան եւ թէ՛ համաիսլամականութեան` երկրին համար վտանգներ ծնիլը եւ փրկութեան իտէալ կը փնտռէին: «Թուրան» բանաստեղծութիւնը այդ իտէալի առաջին կայծն էր»:

Զիյա Կէօքալփի թրքութիւն շեփորող յաջորդ «ստեղծագործութիւն»-ը «Թիւրքճիւփիւք» (թրքութիւն) բանաստեղծութիւնն է:

Հեղինակը հոն կը մատնանշէ թրքական ցեղերը` սելճուքները, ղըփչաղները, ուզպեքները եւ եաքութները, հետեւաբար այս միութեան ոսկեդարին է, որ կ’ակնարկէ ան: Կէօքալփ այդտեղ անուղղակիօրէն մոլեռանդ ըլլալու նշոյլներ ցոյց կու տայ, հոն համապարփակ ձեւով թուրքի ու թրքութեան զօրութիւնը յառաջ կը տանի:

Թիւրքճիւլիւք
(Թրքութիւն)

Արեւմուտքէն կը լսեն ձայնը, իրենց ալ կ’ընեն լսելի,
Անոր սրտին կը խօսին, սիրտն անոր կը դըղըրդեն.
Սակայն բնաւ չեն մոռնար Օղուզ խանի որդիներն`
Թուրան կոչուած երկիրն այն, Թուրան կոչուած այն անունն:

Ո՛վ թրքութեան թշնամի, աչք պտտցուր գիրքերուն,
Ֆարապիներն(2) ո՞վքեր են, Ուլուղ բէկերն(3)  ովքե՞ր են.
Իպն Սինաները(4) մեծ որոնցմէ՞ են, մի՛ մոռնար,
Որոնցմէ են, մի՛ մոռնար Աթիլաներն(5) դիւցազուն:

Թուրքերն այսօր լոկ ցեղ մ’են, վաղը մէ՛կ ազգ պիտ ըլլան
Անո՛նց, որ չեն թուրքին հետ, ինձմէ` անէ՛ծք բարձրաձայն.
Թուրքը բնաւ չ’ընկրկիր, թուրքը նահանջել չի գիտեր,
Սակայն իր մեծ սիրտէն ալ Ոսկեդարը չի ջնջեր(6):

* * *

Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է նշել, որ Թուրքիոյ չորրորդ նախագահ Ճեմալ Կիւրսել, 24 հոկտեմբեր 1960 թուականին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Տիարպեքիրի մէջ հանդէս կու գայ եւ շատ մը կարեւոր սլաքներ կ’արձակէ քիւրտերուն: Հոն շատ բիրտ ձեւով երեւան կու գան նաեւ Կիւրսելի համաթրքութեան կոչերն ու յորդորները` քիւրտ ժողովուրդին: Կիւրսել կը փառաբանէր համաթրքութեան հիմնադիրներէն, ծագումով քիւրտ, թրքացած Զիյա Կէօքալփը: Կիւրսել հետեւեալը կ’ըսէ. «Քիւրտեր չկան, բոլորը թուրք են… Հող մը (Տիարպեքիրը), որ ծնած է Զիյա Կէօքալփը, կարելի չէ, որ քիւրտերուն պատկանի: Ոչ միայն այստեղ, այլ նաեւ ամբողջ Արեւելքի մէջ թուրքեր կը բնակին միայն»(7):

Եզրակացութիւն

Ուսումնասիրական այս աշխատութեան մէջ փորձ կատարուեցաւ ներկայացնելու Զիյա Կէօքալփի կենսագրականը, անոր գործունէութիւնը ու աշխատութիւնները: Անոնց ընդմէջէն մանրամասն եւ կարեւոր ընդգծումներ կատարելով` բացայայտեցինք համաթուրանական եւ համաթուրրքութեան գաղափարներու մտայղացողն ու տեսաբանը, որուն գաղափարախօսութեան հետեւանքները եղան  անմարդկային ոճիրներ` հանդէպ հայութեան եւ այլ ժողովուրդներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին իրագործուած ամէն տեսակի անմարդկային վայրագութիւնները` ջարդ, կոտորած, մշակութային ցեղասպանութիւն, կողոպուտ, թալան, կը նպատակադրէին հայերու բնաջնջում, վերացում` իր պատմական հողերէն:

Վերոնշեալ վայրագութիւններու հիմնական դրդապատճառը աներկբայօրէն թիւրքճիութեան հիմնական նպատակն էր, Զիյա Կէօքալփի խօսքերով «էօզ միւլքիւնու տիւզելթմեք»` բառացի օրէն կը նշանակէ «ամրագրել սեփական անշարժ գոյքը», բնականաբար խօսքը կը վերաբերի սեփական երկիրը կարգի դնելու մասին:

Հետեւաբար հայկական զանգուածային տեղահանութիւններով, ջարդերով իրականացած էր թրքութեան  տեսաբան Կէօքալփի «սեփական երկիրը կարգի դնել»-ու տեսութիւնը:

Այսօր, Կէօքալփի մահէն շուրջ հարիւր տարի անց, գրականագէտները թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ Արեւմուտքի մէջ, թէ՛ Ռուսիոյ տարածքին յաճախ ակնարկութիւններ կը կատարեն «Թրքութեան հիմունքները» գւրծին մէջ տեղ գտած անառարկելի այն պնդումին մասին, որ հանճարեղ է միայն այն արուեստագէտը, որուն պատկերացումները համահունչ են ժողովուրդի գեղարուեստական ճաշակին: Հետեւաբար Կէօքալփ կը մնայ անառարկելի կերպով համաթրքութեան եւ թուրանականութեան ամէնէն զօրեղ գաղափարախօսը, տեսաբանը, խօսափողը:

Հոս ի յայտ կու գայ, որ համաթուրանականութիւնը իր ծնունդէն ի վեր իբրեւ ցանկալի եւ իրագործելի նպատակ` այլեւս տեսական, սկզբունքային հարց մը չէ թուրքերուն համար: Անոնք թրքական միութեան իտէալը ընդունած են: Աւելի՛ն. համաթուրանականութիւնը իր ետին գործի պատմութիւն ունի արդէն, եւ տասնեակ տարիներէ ի վեր անոնց տեսաբաններն ու վարիչները կը քննեն գործնական հարցեր:

Համաթուրանականութեան յառաջապահները կը մնան Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, միւսները կու գան երկրորդ եւ երրորդ կարգի վրայ: Այդ իսկ պատճառով մեզի համար, իբրեւ հայեր, աւելի հրատապ հարցը թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններն են:

Հայկական գաղափարապաշտ եւ բարեմիտ քաղաքագիտութիւնը ամէնէն աւելի այստեղ պէտք է շարժի զգուշութեամբ եւ թերահաւատութեամբ. չշփոթէ անկեղծ փափաքը` լարուած մահացու ծուղակի հետ: Զուր է յետփաստեան ափսոսանքը, թէ աւա՜ղ,  շատ ազնիւ եղանք, կամ շա՜տ միամիտ…

Ինչպէս Զիյա Կէօքալփ իր աշխատութիւններուն մէջ թաքնուած եւ քողարկուած ձեւով կը ներկայացնէ ցեղապաշտ եւ մոլեռանդ գաղափարները եւ կը հրահրէ թուրքերը, այդպէս ալ համաթրքութեան գաղափարներուն հետեւորդները, ըլլան անոնք դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, զինուորականներ, մտաւորականներ եւ ուրիշներ, բոլորն ալ, իբրեւ գայլեր, իրենց գործունէութեան ընթացքին թաքնուած են գառնուկի մորթով եւ կը գոյատեւեն` մնալով համաթրքութեան եւ համաթուրանականութեան նպատակները գործադրող հաւատարիմ գաղափարակիցներ եւ յետնորդներ:

Աւարտելով մեր խօսքը` կը հաստատենք, որ համաթրքութիւն ու համաթուրանականութիւնը այսօր ալ նոյն հնչեղութեամբ կը գործեն, թէեւ` շատ յաճախ անտեսանելի, բայց` որոշապէս զգալի յառաջախաղացքներով, վտանգելով Հայ դատը, հայկական պահանջատիրութիւնը եւ ընդհանրապէս Հայկական հարցը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

————————–

1.- Զարեւանդ, «Միացեալ, անկախ Թուրանիա կամ ի՞նչ կը ծրագրեն թուրքերը», Աթէնք, 1926, էջ 45 եւ 46:
2.- Ապու Նասր Մոհամետ իպն ի Թարխան էլ-Ֆարապի, իսլամութեան ամենամեծ փիլիսոփան` Աւիսեննայէն առաջ: Ծնած 870 թուականին, մեռած` 950 թուականին: Կոչուած է «Արիստոտելի յաջորդը», ծագումով Թուրքիստանէն է, ծնած Պաղտատ. ունի բժշկական, մաթեմաթիքական եւ իմաստասիրական (մանաւանդ արիստոտելեան) գրութիւնները:
3.- Ուլուղ պէյ (1394-1449), Թիմուրլենկի թոռը, աստղագէտ, հիմնած է Սմրղանդի դիտարանը, 992 աստղերու տեղը վերագտած եւ անոնց վրայ 24 նոր աստղերու գիւտը աւելցուցած է:
4.- Էպու Ալի էլ-Հիւսէյն, Իպն Ապտուլլահ, Իպնի Սինա (Աւիսեննա) 980-1037, «արաբ» փիլիսոփայ, ծնած է բուխարա, մայրը թուրքիստանցի, հայրը` Բալխէն գաղթած պարսիկ:
5.- Աթթիլա հոներու թագաւոր (406-4539), Աստուծոյ պատուհասը, որ կը պարծենար` ըսելով. «Իմ ձիուս կոխած տեղը խոտ չի բուսնիր»:
6.- Զարեւանդ, «Միացեալ, անկախ Թուրանիա, կամ ի՞նչ կը ծրագրեն թուրքերը», Աթէնք, 1926, էջ 74 եւ 75:
7.- «Սեսլենիշ», 25 հոկտեմբեր 1960 թուական, թիւ 831:

 

Հայկական Տեղեկատուական Խնդիրներ. Լուսարձակներ` Կիպրական Ենթահողին Վրայ Ընդհանուր Տեղեկատուական Դաշտը` Այսօր

$
0
0

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ընդհանուր տեղեկատուական դաշտը՝ այսօր

Հայկական լրատուադաշտի խնդիրները բազմազան են այսօր: Նախ` անշուշտ պէտք է արձանագրել, որ լրատուադաշտ  հասկացողութիւնը ներկայ դարուն ամէնէն շատ եւ ամէնէն արագ փոփոխութիւններու ենթարկուող մարզն է. դարը ինքնին տեղեկացնելու եւ տեղեկանալու դար է, ուրեմն ամբողջ համակարգ մը այսօր լրատուադաշտի վերածուած է:

Եւ երբ արհեստագիտութիւնը ամբողջ կը կեդրոնանայ այսօրուան բաց համակարգին վրայ` ամէն ատեն նորութիւն բերելու համար, բնականաբար աւանդական լրատուադաշտը ամէն օր կ՛ապրի ժամանակավրէպ դառնալու, անցեալ սերունդի պատկանելու վտանգը:

Այս պատճառով ալ զանգուածային լրատուամիջոցները կա՛մ կ՛ենթարկուին ժամանակի դէմ մաշումի պայքարի հարուածներուն եւ դուրս կու գան խաղադաշտէն (օրինակ` բազմաթիւ միջազգային տպագիր մամուլի օրինակներ պարզապէս փակուած են այսօր), կա՛մ ալ ներկայ արհեստագիտութեան հետ կը փորձեն քայլ պահել եւ անվերջ որդեգրել հրամցուող նորարարութիւնը:

Այսօր գրեթէ գոյութիւն չունի որեւէ մամուլ, ձայնասփիւռ կամ հեռատեսիլ, որ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ տեղ գրաւած չէ եւ, այդպիսով, չի փորձեր պահպանել իր հասանելիութիւնը ընթերցող, դիտող կամ ունկնդրող զանգուածներուն:

Բայց այսօր համացանցային կայքը արդէն սթաթիք դասական լրատուամիջոցի վերածուած է: Այսօր լուրը, լրատուութիւնը ի՛նք է, որ կը հասնի մարդուն, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ ըլլայ. եւ այս առումով, ժամանակի արագութեան առընթեր, աշխարհագրական սահմանները եւս որեւէ իմաստ չունին տեղեկացնելու եւ տեղեկացուած մնալու համար:

Բայց այսօրուան բաց համակարգը նաեւ կը մղէ, որ մարդ անհատը ոչ միայն տեղեկացուի, այլ նաեւ կարենայ` ինքնադրսեւորուիլ, որեւէ լուրի կամ յօդուածի մասին իր տեսակէտը տալ, բաժնել կամ չբաժնել ըսուածը եւ հազարաւորներու իր տեսակէտները յայտնել, իր գաղափարները տարածել:

Նախապէս այս դրութիւնը կը քաջալերուէր լրատուամիջոցի մը կայքին մէջ տեղադրուած յօդուածին տակը տեսակէտներ (comments) բաժինով ընթերցողին կարծիքը իմանալու համար: Հիմա, երբ որեւէ լրատուամիջոց ընկերային ցանցերու միջոցով իր նիւթերը կը տարածէ,  բնականաբար այդ համակարգը, այդ դրութիւնը կը մղէ, որ լուրը կամ յօդուածը տեսնողը կա՛մ հաւնի, կա՛մ բաժնէ, շրջանառութեան մէջ դնէ, կա՛մ ալ տեսակէտ յայտնէ ու նաեւ, ինչո՞ւ չէ, բանավէճ ստեղծէ:

Ուրեմն դրութիւնը ի՛նք կը մղէ, որ կարդացողը կրաւորական դիրքէ դառնայ ներգործօն եւ ազատօրէն արտայայտէ իր տեսակէտը, իր համաձայն կամ անհամաձայն ըլլալը:

Իսկ այս պարագային վտանգը այն է, որ պատշաճութիւնը յարգելու կամ  ինքնազսպումի սահմանները յաճախ չեն յարգուիր: Այսօրուան բաց համակարգը կը թոյլատրէ, որ ամէն արժէք, ամէն երեւոյթ, ամէն տեսակի քաղաքական, պատմական, ընկերային, մշակութային, մարզական նիւթ քննարկուի: Քննարկումի սահմանափակում գոյութիւն չունի: Ամէն ինչ թոյլատրելի է քննարկել, քննադատել, ստուգուածն ու չստուգուածը իրարու խառնելով` հանրային կարծիքի վրայ փորձել ազդել:

Այնքան ազդեցիկ է այս համակարգը, որ ոչ միայն լրատուամիջոցները, այլ նոյնիսկ այս կամ այն պետութեան ղեկավարը կամ արտաքին գործերու նախարարը կը նախընտրէ իր յայտարարութիւնը երբեմն կատարել Twitter-ով կամ ընկերային տարբեր ցանցով:

Հայկական Լրատուադաշտի Դիմագրաւած Խնդիրները

Այսօրուան այս երեւոյթները նկատի ունենալով` մենք փորձենք կեդրոնանալ հայկական լրատուադաշտի դիմագրաւած խնդիրներուն վրայ:

Նախապէս (եւ նախորդ սերունդները լաւ պէտք է յիշեն), լրատուական կամ մամլոյ դաշտը կը ղեկավարուէր ուղղահայեաց ձեւով` խմբագիր, խմբագրական կազմի անդամներ, աշխատակիցներ, դասական մամուլի պարագային, կ՛որոշէր ընդհանուր ուղեգիծը, կ՛որոշէին նաեւ այն յօդուածները, որոնք կարելի էր տպել թերթի մէջ` թերթին պատկանած կազմակերպութեան քաղաքական ուղեգիծը նկատի ունենալով. եթէ ոեւէ մէկը ուզէր արձագանգել այս կամ այն նիւթին, նամականի կը գրէր, եւ խմբագրութեան որոշումէն ետք միայն կարելի կ՛ըլլար նամականիի ճամբով ենթակայի մտածումներուն ծանօթանալ:

Այժմ կարգը հիմնովին շրջուած է: Որեւէ լրատւութիւն, որեւէ նիւթ, որեւէ յօդուած քննարկումի առարկայ է ելեկտրոնային տարածքի վրայ, եւ հասանելի ոչ միայն թերթի ընթերցողին, այլ նաեւ` այդ թերթը չընթերցողին, որ համացանցի վրայ աշխուժ ներկայութիւն է:

Փարատոքսալ կամ որոշ առումներով հակասական երեւոյթ կայ նաեւ այստեղ: Մենք անդադար կ՛ըսենք, որ թերթի ընթերցողները եւ, առ հասարակ, ընթերցասիրութիւնը կը պակսին, թերթերու տպաքանակները կը նուազին: Թերթեր կը փակուին: Միաժամանակ սակայն պէտք է արձանագրել, թէ որեւէ ատեն, որեւէ ժամանակ հայ թերթը այսքան հասանելի չէ եղած երբեք: Որեւէ հայկական  թերթ, որ այսօր ունի իր ելեկտրոնային տարբերակը, եւ որ նաեւ ընկերային ցանցերով կը տարածէ իր նիւթերը, կը հասնի բազմահազար ընթերցողներու: Թիւերը մեր վերահսկողութենէ դուրս են, որովհետեւ անընդհատ կը բազմապատկուին: Խնդիրը հետեւեալն է. լուրը, խորագիրը կամ յօդուածին քանի մը տողը կը հասնին. որքանո՞վ այդ բոլորը կը կարդացուին. վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ այսօրուան ընթերցողը համբերատար չէ,  արագ լուր կը նախընտրէ, լուսանկար մը` յաճախ մէկ տողի բացատրութեամբ, հիմա աւելի եւս` շարժական կարճատեւ տեսերիզ (animation). այսօրուան համակարգը դարու արագութեան համապատասխան է. ժամանակ չկայ երկար- բարակ կարդալու. պէտք է տեսնել լուրը, արագ նայիլ ու անցնիլ յաջորդ լուրին. անվերջ scroll down ընել բոլոր նիւթերը, հասնիլ բոլորին,  պարզապէս ամփոփ տեղեկանալ եւ անընդհատ նաւարկել համացանցի տարածքներուն վրայ: Հոգեբանական մօտեցում մը արդէն իսկ ձեւաւորուած է, որ որեւէ հիմնական նիւթ պէտք չէ փախցնել եւ ամենահեշտ ձեւով տեսնել, եթէ ոչ կարդալ, այն բոլորը, որոնք հրամցուած են ընկերային ցանցերու վրայ:

Ընկերային ցանց կամ social media ըսելաձեւէն ոմանք այս երկու բառերէն առաջինին կամ երկրորդին վրայ կը կեդրոնանան. առաջինը մարդոց ընկերային կեանքը ներկայացնելու եւ անոնց հետեւելու մօտեցումով է. երկրորդի պարագային, լրատուադաշտի մարդիկ կը կեդրոնանան այդ ցանցերու հրամցուցած լուրերուն եւ տեղեկատւութեան վրայ: Բայց դաշտը այնպէս է, որ առաջինով հետաքրքրուածը կը տեսնէ նաեւ երկրորդը եւ փոխադարձաբար` անշուշտ: Social media-ն այսօր խորքին մէջ political media-ի դերը ստանձնած է գերազանցապէս:

Քաղաքական լրատւութեան ուղղահայեաց յարաբերութիւնները այսօր ոչ միայն հորիզոնական են, այլ` զիկզակ: Անկարգ վիճակ մըն է, որուն կարգաւորումը բարդ է, չըսելու համար` գրեթէ անկարելի:

Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ընկերային ցանցեր օգտագործողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երիտասարդութիւնն է: Հետզհետէ նաեւ` չափահաս կամ միջին տարիքի խաւերը: Մինչ տարեցները կը նախընտրեն, թերթի պարագային,  տրամադրութեան տակ ունենալ տպագիրը, դասականը:

Եւ բնականաբար ամէնէն սուր հարցումը, որ ամէն առիթի կը դրուի, այն է` շարունակե՞լ տպագիր թերթ հրատարակել, թէ՞ կտրուկ անցում կատարել միայն ելեկտրոնայինի: Գիտնալով հանդերձ, որ տպագիրը հասանելիութեան իմաստով դէպի նուազում կ՛առաջնորդուի իր նիւթական ծանր բեռով, եւ թէ` ելեկտրոնայինը նոր տարածքներ կը նուաճէ ու նոր ընթերցողներ կ՛ապահովէ, այսօր պէտք է ուժերը կեդրոնացնել այս աշխատանքը զուգահեռ շարունակելու համար:

Տպագիրի նախընտրութիւնը ոչ միայն ընթերցող որոշ խաւի համար է, այլ նաեւ` մամուլի աշխատակիցներու:

Աշխատակիցներ կան, որոնք այս բոլոր մանրամասնութիւնները իմանալով հանդերձ, կ՛ուզեն, որ իրենց յօդուածը տպուի. կայ հոգեբանական շատ բնական մօտեցում մը, որ տպուածը մնայուն է, պատմութեան անցնողն է, հետագային մամուլը ուսումնասիրին համար վաւերական աղբիւրն է: Ելեկտրոնայինի պարագային, կարելի է տեղադրուած նիւթը հանել, վերասրբագրել, վերախմբագրել, կամ ընդհանրապէս ջնջել, մինչ տպուածը մնայուն է. եւ այն խմբագիրները, որոնք կը զբաղին թէ՛ ելեկտրոնայինով եւ թէ՛ տպագիրով գիտեն, որ տպագիրը շատ աւելի բծախնդիր եւ պատասխանատու մօտեցում կը պահանջէ: Տպուածը վաւերական է, որուն սրբագրութիւնը դժուար է:

Տասնամեակներու վրայ երկարող տպագիր թերթի հաւաքածոներ ունեցող մամուլը դարձեալ նոր արհեստագիտութեան պիտի դիմէ, որպէսզի այս պարագային վերածուի ուսումնասիրութեան կեդրոնի: Խօսքը թուայնացման մասին է, երբ հիմա արդէն կարելիութիւնը կայ էջ առ էջ նկարահանելով յատուկ ծրագրաւորումով որոնման համակարգով օժտելով` ամբողջ հաւաքածոյ մը վերածել ելեկտրոնային հանրագիտարանի:

Այսօրուան զարգացման միտումը համացանցային հեռատեսիլն է, որուն օրինաչափութիւնները բոլորովին տարբեր են դասական հեռատեսիլին կանոններէն: Այնքան արագ կը զարգանայ այս ոլորտը, որ արբանեակային հեռարձակումները շատ արագ ամբողջովին կրնան զիջիլ համացանցայինին: Հայկական դաշտը այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնելու անհրաժեշտութեան առջեւ է:

Բովանդակային Խնդիրներ. Կիպրական Օրինակը

Այս նորարարութիւնները օգտագործելու անհրաժեշտութեան առընթեր, կայ նաեւ բովանդակային կարեւոր բաժին մը:

Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները այսօր կը դիմագրաւեն նաեւ հակառակորդներու ձեռնարկած ապատեղեկատուական քաղաքականութեան հակազդելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապատեղեկատւութենէն չազդուիլը, լուրերը մաքրազտելը, կայքերու անվտանգութիւնը ապահովելը եւ հակառակորդի ազդեցութեան տակ ինկած այս կամ այն օտար լրատուամիջոցներու արտադրած լուրերն ու մեկնաբանութիւնները հերքելը, առարկայական տեղեկութիւն փոխանցելը, մշտադիտարկելը (monitoring) եւ ըստ այնմ արհեստավարժօրէն աշխատիլը հրամայական են այսօրուան հայկական լրատուամիջոցին համար:

Մեր քաղաքական աշխատանքները նկատի ունենալով, երկու ուղղութեամբ, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ կապուած կարեւորագոյն իրադարձութիւնները լուսարձակի տակ առնելու եւ համարժէք լրատուութիւն կազմակերպելու խնդիր ունինք այսօր:

Կեդրոնանանք երկու գերակայ ուղղութիւններուն առնչութեամբ Կիպրոսի պետական պաշտօնական յայտարարութիւններու լուսաբանման երեւոյթին վրայ:

Առաջին ուղղութիւն. 2 ապրիլ 2015-ին Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ կ՛որդեգրէր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը. ցեղասպանութիւն ժխտողները, ըստ այս օրէնքին, կը պատժուին հինգ տարուան բանտարկութեամբ եւ հազար եւրոյի տուգանքի չափով: Պաշտօնական Երեւանը կ՛ողջունէր հարիւրամեակի սեմին տրուած այս որոշումը եւ կը հաստատէր, որ այս օրէնքի որդեգրումով Կիպրոսը կարեւոր ներդրում կատարեց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ:

Երկրորդ ուղղութիւն. այս տարուան ապրիլին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քասուլիտեսը հետեւեալ յայտարարութեամբ հանդէս կու գար. «Սխալ է զուգահեռներ գծել բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի, եւ Արցախի խնդիրներու միջեւ, որովհետեւ ի տարբերութիւն հիւսիսային Կիպրոսի, որ բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, Արցախը հայկական պատմական տարածք է: Անոնք միշտ այնտեղ եղած են, պայքարած են իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ` անկախութիւն հռչակած»:

Առաջին երեւոյթին պարագային հայկական մամուլը եւ բոլոր լրատուամիջոցները շատ յաճախ յղում պէտք է կատարեն այս օրէնքին, մանաւանդ երբ Ֆրանսայի նման ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքները առաջ քշող երկիրը անվերջ տեղապտոյտի մէջ կը պահէ Ցեղասպանութեան ժխտումի օրէնքը խորհրդարանէն ծերակոյտ, ծերակոյտէն խորհրդարան եւ յետոյ ալ սահմանադրական արգելքով հարցը զերօ կէտի վրայ պահելու ապարդիւն պատկերներով: Տեսանք, թէ նոյնիսկ ժխտումի օրէնք որդեգրած Զուիցերիան ինչպէս վարուեցաւ օրը ցերեկով Ցեղասպանութիւնը ժխտած Փերինչեքին հետ: Կիպրական որդեգրուած օրէնքը պարզ է, շեշտակի եւ առիթ չի տար ժխտումի հետ խաղալու:

Իսկ եթէ զուգահեռ գծելու հարց կայ, ապա այդ մէկը կը յստակացնէր Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, երբ այս յուլիսին Անթիլիասի մէջ կը յայտարարէր, որ կիպրական եւ հայկական դատերը նոյն նպատակը ունին` արդարութիւնը եւ նոյն հասցէն` Թուրքիան:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ուղղութեան` Արցախին, որքան որ հետեւած ենք քաղաքական լրատւութիւններուն, ոեւէ արտաքին գործոց նախարար կամ որեւէ երկրի պաշտօնական ներկայացուցիչ նման յայտարարութիւն չէ կատարած: Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը պարզ տեսքով կը յայտարարէ, որ Արցախը հայկական պատկանելիութիւն ունեցած է, եւ փաստօրէն իրողապէս կը ճանչնայ, որ արցախահայութիւնը իր ապահովութիւնը պահպանելու համար անկախութիւն հռչակած է. ինքնորոշման իրաւունքի համարժէք յայտարարութիւն է կատարուածը:

Անցնող ապրիլին, արձագանգելով կիպրահայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի խորհրդարանի մէջ ելոյթին, թէ` «Կը պահանջենք գերպետութիւններէն, որ ի վերջոյ պարտադրեն Թուրքիոյ, որպէսզի ժամանակակից աշխարհին դիմաց ստանձնէ իր պարտաւորութիւնները եւ ընդունի իր գործած ոճիրները», Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տեմեթրիս Սիլլուրիս կը նշէր, որ` «Նոյնիսկ եթէ հարիւր տարի անցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն, երբ թրքական պետութիւնը ցեղային մաքրագործում կատարեց հայերուն դէմ, Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդը»:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ` նշած, որ Կիպրոսի խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն էր, իսկ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ 1975-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` պահանջելով վերականգնել պատմական ճշմարտութիւնը:

Հերթական անգամ վերաճանաչելով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քրէականացնելէ ետք անոր ժխտումը, փաստօրէն պաշտօնական Նիկոսիան,  ճանաչումէն անդին, միջազգային ընտանիքէն կը պահանջէ դատապարտել Թուրքիան իր գործած մարդկային ոճիրին համար: Եւ չէ բացառուած, որ Կիպրոսը ըլլայ նաեւ առաջին երկիրը, որ պաշտօնապէս զօրավիգ կանգնի մեր հատուցման պահանջներուն, յատկապէս` նկատի ունենալով նաեւ կիպրական հարցին մէջ նման պահանջներ արծարծելու իրաւաքաղաքական սկզբունքը:

Տակաւին, քանի մը օր առաջ ազրպէյճանական գայթակղութիւններու թղթածրարին հետ սերտօրէն կապուած Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը կը հրաժարէր իր պաշտօնէն: Նախագահութեան թեկնածուներու շարքին էր Կիպրոսը ներկայացնող Սթելլա Քիրիաքիտիսը, որուն կ՛աջակցէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները: Քիրիաքիտիս ընտրուեցաւ այս կարեւոր համաեւրոպական կառոյցին նախագահ. չորեքշաբթի արդէն Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) անդամները քուէներու ճնշող մեծամասնութեամբ կը հաստատէին Ազրպէյճանի մէջ տիրող ներքաղաքական կացութեան վերաբերող երկու դատապարտող  բանաձեւերու նախագիծները:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայկական որեւէ լրատուամիջոց շատ մօտէն պէտք է հետեւի կիպրական իրադրութիւններուն, յատկապէս` ուղղակի թէ անուղղակիօրէն հայկական գործընթացներուն հետ առնչուած երեւոյթներուն, յայտարարութիւններուն, բանաձեւերուն ու պետական որոշումներուն:

Այս եւ տակաւին շատ կարեւոր այլ իրողական պատճառներով Կիպրոսը հայկական գործընթացներու համար այսօր ամէնէն դրական ենթահողն է աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ: Այս պատճառով ալ որքան աշխուժանան Երեւանի հետ յարաբերութիւնները, որքան համասփիւռքեան կազմակերպութիւններու քաղաքական գործունէութեան կիզակէտին վրայ յայտնուի Կիպրոսը, եւ որքան ալ ճիշդ առարկայական լուսաբանումներ կատարէ հայկական լրատուադաշտը  նման յայտարարութիւններու եւ անոնց հետեւելիք քաղաքական քայլերուն, այնքան կը շահի հայկական դաշտը թէ՛ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ իբրեւ սփիւռք եւ թէ՛ իբրեւ, մեր պարագային, լրատուադաշտ:

Դասախօսութիւն` Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ,
13 հոկտեմբեր 2017, Նիկոսիա

Viewing all 12108 articles
Browse latest View live