Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12094 articles
Browse latest View live

Անդրադարձ. Արշալո՞յս, Թէ՞ Վտանգ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

25 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն, որուն մասնակիցները հրաւիրուած էին «Այո՛» կամ «Ո՛չ» պատասխանելու «Կ՛ուզէ՞ք, որ Քիւրտիստանի մարզը եւ մարզին վարչական տարածքէն դուրս եղող քրտական շրջանները անկախ պետութիւն դառնան» հարցումին: «Այո՛»-ի արձանագրելիք յաղթանակը աւելի քան պարզ է: Հանրաքուէի աւարտին քիւրտերը մարզի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ արդէն իսկ տօնեցին «Այո՛»-ի յաղթանակը: Սակայն այս տօնական մթնոլորտը շուտով պիտի աւարտի եւ պիտի հնչէ հետեւանքներու ժամը:

Միայն Իսրայէլն էր, որ բացայայտ կերպով զօրակցեցաւ քիւրտերու ինքնորոշման իրաւունքին, իսկ Միացեալ Նահանգներ պարզապէս անոր կիրարկման ժամկէտին յետաձգումն էր, որ ուզեցին` չխանգարելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մօտալուտ յաղթանակը: Քիւրտերը կիրարկեցին իրենց ինքնորոշման իրաւունքը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ արաբական աշխարհին մէջ այդ հիմնարար իրաւունքին նկատմամբ ներկայիս տիրող բացասական մթնոլորտը. իրողութիւն մը, որ կրնայ շահագործուիլ այդ միջազգային իրաւունքին մահը ցանկացող Ազրպէյճանի կողմէ:

Ստեղծուած է կատարուած իրողութիւն մը: Ըստ քրտական մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի, «միջազգային ընտանիքը ի վերջոյ պիտի ճանչնայ կատարուած իրողութիւնը», սակայն եթէ այդ պնդումը կատարելու համար կը հիմնուի 1991-ի իրաքեան պատերազմին ընթացքին հիւսիսային Իրաքի մէջ ստեղծուած «Ապահով գօտի»-ին եւ ամերիկեան բռնագրաւումէն ետք դաշնակցային դրութեան հաստատման վրայ, ապա չարաչար կը սխալի, որովհետեւ վերջիններս հանրաքուէի մը կամ քիւրտերու կողմէ չստեղծուեցան, այլ` ամերիկեան բանակին, իսկ փեշմերկաները զայն ստեղծելու կամ պահպանելու կարողութիւնը չունին: Պարզանիի յիշողութիւնը խիստ կարճ կը թուի, որովհետեւ տակաւին երէկ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Էրպիլը փրկեց արշաւող ՏԱՀԵՇ-ի մահաբեր վտանգէն:

Պարզանի կը փորձէ քիւրտերուն գերղեկավարը կամ առնուազն ազգային հերոսը դառնալ, սակայն ֆրանսացի տխրահռչակ մտաւորական, «Քաոսի կնքահայր» անունով ծանօթ Պեռնար Հանրի Լեւիի քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ հանրաքուէի ընթացքին մօտէն հետեւելու փաստը պէտք է զինք խիստ մտահոգէ` նկատի ունենալով Լիպիոյ, Թունուզի եւ Սուրիոյ նման երկիրներու մէջ «Արաբական գարնան» տարածման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ճգնաժամի ստեղծման մէջ անոր ունեցած «վաստակն» ու այդ երկիրներուն համար բերած «բարիքները»: Լեւիի ներկայութիւնը մտածել կու տայ ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման ազնիւ նպատակին քողին տակ մութ ուժերու աջակցութիւնը վայելող գերծրագիրի մը գոյութեան մասին:

Այդ ծրագիրը հաւանաբար «Արաբական գարնան» մէկ նոր արարն է կամ այդ գարունը ծաղկեցնելու «նպատակի իրագործման համար եթէ դռնէն չկրցանք մուտք գործել, պատուհանէն մուտք գործենք»-ի հիմամբ մարտավարութիւն մը: Ահա, թէ ինչու քրտական հանրաքուէն կրնայ ինքնորոշման իրաւունքի արշալոյս մը չըլլալ, այլ այդ իրաւունքի փայլքը աղարտելու վտանգը պարունակող սեւ ամպերու կուտակման ազդանշանը:

 

 


Ակնարկ. Հանրաքուէն Դեռ Անկախութիւն Չէ

$
0
0

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէն ակնկալուած կարգով կը նկատուի տարածաշրջանային կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը, որ ստացած էր արդէն աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Տարածաշրջանին մէջ, անկախ ժողովրդագրական պատկերներու կտրուկ եւ յարափոփոխ միտումներէն, ըստ էութեան աշխարհագրական առաջին քարտէսավերագծումի մեկնարկին նախադրեալներն են, որ կը փոխանցուին:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ հանրաքուէն իրաւական անկախութիւն է կամ ճանչցուած հանրապետութեան կայացում: Հանրաքուէն այդ ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլն է, բայց նաեւ աշխարհաքաղաքական նկրտումներն ու ծրագիրներու մասին վերլուծումները նկատի ունենալով` շանթաժի կամ խաղաթղթային քաղաքականութեան կարեւորագոյն գործօններէն մէկը:

Յայտարարութիւնները նկատի ունենալով, բացի Իսրայէլէն (որոշ երանգներով նաեւ Քանատան) որեւէ կողմ չ՛ողջուներ կամ չ՛ուզեր ճանչնալ նորովի երկրի մը ստեղծման ուղղութեամբ առնուած քայլը: Այդ յայտարարութիւններու ոճերուն մէջ կան տարբերութիւններ. կտրուկ ընդդիմութենէն, հետեւանքներու ծանրութեան զգուշացումներէն մինչեւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը չխախտելու կոչեր` իրենց երանգներով եւ նրբերանգներով տակաւին պիտի շարունակուին:

Բայց անկախ քրտական գործօնէն կան ուժեր, աշխարհաքաղաքական կեդրոններ, որոնց կատարած յայտարարութիւններն ու գետնի վրայ նման իրաւակարգային գործընթացներու կանաչ լոյս տալու մղումները իրար չեն համընկնիր: Փաստօրէն կ՛ապրինք ժամանակի մը մէջ, ուր քաղաքական նման տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ինքնուրոյն չեն կայացուիր եւ ինչպէս պատերազմական գործողութիւնները, այնպէս նաեւ քաղաքական նման ցնցումներ կը համաձայնեցուին տարբեր շահագրգիռ կողմերու հետ:

Բայց կայ իրօք ռազմաքաղաքական անհանգստութիւն: Կան նաեւ այս հարթութեան վրայ շահերու համընկնումներ: Եթէ Իրանն ու Թուրքիան իրենց սահմանները կը փակեն անկախացման ճամբան բռնած Քիւրտիստանի հետ, ըսել է, թէ հեռանկարային առումով թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերու եւ անոնց բանեցուցած քաղաքական գործօնին նկատմամբ գոյութիւն ունի խոր մտահոգութիւն: Իրաքեան տարածքներէն բացի միայն Սուրիոյ հետ այս պահու դրութեամբ բաց սահման ունեցող անկախացման կամք արտայայտած իրաքեան Քիւրտիստանը, ըստ էութեան նաեւ կամրջուած է աշխարհագրականօրէն Սուրիոյ մէջ ապրող քիւրտ ազգաբնակչութեան, հետեւաբար նաեւ քիւրտ զինեալ ուժերուն հետ:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի համար ՏԱՀԵՇ-ը վերացնելու եւ Իրանը ետ կանգնեցնելու համար  Իրաքը պէտք է միացեալ տեսնել: Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու առաջադրանքին մասին արտայայտուած է նաեւ պաշտօնական Մոսկուան. առայժմ այս չափով եւ նշումով:

Հանրաքուէին նկատմամբ յայտարարուող միջազգային ընդդիմութիւնը միանշանակ շարժառիթներ չունի անշուշտ. պարզ է սակայն, որ ամէնէն անհանգիստը Անգարան է, որ այս պարագային ճիգի մէջ է յատկապէս Թեհրանի եւ նաեւ Պաքուի հետ միացեալ ճակատ կազմելու` Քիւրտիստանի անկախացման գործընթացը արգելակելու առումով:

Ազրպէյճանական գործօնը այս պարագային ազդեցիկ չէ: Չմոռնանք, որ կան յամառ զրոյց-համոզումներ իշխող ընտանիքին քրտական ծագում ունենալուն մասին: Սակայն ինքնութեան այս փաստը անցած է վերափոխման խորհրդային եւ ազրպէյճանական հզօր փուլերէ եւ թերեւս դժուար ըլլայ արմատներու վերադարձի միտումներ նկատել այս պարագային:

Խնդիրը հայկական ոսպնեակով, աշխարհաքաղաքական այս դիտակէտերէն բացի ունի նաեւ գաղափարաքաղաքական մօտեցումներու վերաբերող հայեցակէտեր: Ոչ անպայման պատմական, հեռանկարային իմաստով պահանջուած տարածքներու պատկանելիութեան գալիք վէճերու առումով, այլ զուտ այժմէական հնչեղութեամբ:

Ի վերջոյ այս պարագային եւս կայ մէկ կողմէ տարածքային ամբողջականութեան միջազգային իրաւունք եւ միւս կողմէ ազգերու ինքնորոշման միջազգային սկզբունք: Իրաւական տեսաբանութեան այս մօտեցումին մէջ հայկական կողմը ինքնահակասութենէ խուսափումի պատճառներ ունի տարբեր կողմերէն աւելի: Ինքնավար Քիւրտիստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատած պաշտօնական Երեւանը հայեցակարգային դիրքորոշում որդեգրելու անհրաժեշտութեան առջեւ կրնայ գտնուիլ շրջափակուող Քիւրտիստանի հետ:

Փոխլրացուցիչ քաղաքականութիւնը եթէ մէկ կողմէ նկատի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անկախացման ուղին բռնած Քիւրտիստանը շրջափակած Անգարան, միւս կողմէ անպայման նաեւ Հայաստանին կարեւոր ցամաքային ելք մնայունօրէն բաց պահած Թեհրանը, որ այս պարագային Անգարայի հետ շահերու համընկնումի դիրքին վրայ է:

Առանց պաշտօնական ճանաչումի յարաբերութիւնները շարունակելու Երեւանի վարքագիծը շեղում կամ շրջադարձ կատարելու նախադրեալներ չունի: Մանաւանդ որ հանրաքուէն տակաւին անկախութիւն չի նշանակեր. եւ թէկուզ խաղաթղթային դերով, այնուամենայնիւ Քիւրտիստանը աշխարհաքաղաքական օրակարգ է:

«Ա.»

Կոմիտասի Մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի Յուշերը

$
0
0

ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

0927gomidas1Առաջի անգամ Հալիտէ Էտիպի մասին լսեցի, երբ Թուրքիա իմ ճամբորդութեան կիտը (առաջնորդը-Խմբ.) լսելէ ետք, թէ ինչո՛ւ եկեր եմ Թուրքիա՝ ըսաւ. «Մեր պատմութեան մութ օրերը»։ Ան աւելցուց, որ ջարդերու մասին իմացեր է Հալիտէ Էտիպի գիրքէն: Որոշ ժամանակ անց, կարդացի Էտիպի եւ Կոմիտաս վարդապետի հանդիպման մասին յօդուած մը, զոր պահեցի:

Երբ Կոմիտասի հոգեբանական վիճակի վերլուծումը կ՛ընէի, այդ յօդուածը կրկին կարդացի, ապա գնեցի Էտիպի յուշերը, ուր ո՛չ միայն Կոմիտասի մասին գրուած էր, բայց նաեւ Անթուրայի որբանոցին մասին: Էտիպ՝ Թուրքիոյ յայտնի ու յարգուած գրագէտը, հրաւիրուեր էր Ճամալ Փաշայի կողմէ՝ վարելու Անթուրայի (Սուրիա, ապա Լիբանան) որբանոցը եւ թրքացնելու հայ որբերը:  Աւելորդ է ըսել, որ երկու նիւթերն ալ հետաքրքրական էին ինծի համար, երբ կ՛ուսումնասիրէի Ցեղասպանութեան հեռակայ ազդեցութիւնները՝ սերունդներու վրայ:

Հալիտէ Էտիպ Սուլթան Համիտի քարտուղարին աղջիկն էր. յաճախած էր յոյն քրիստոնիա դպրոց մը, ուր հանդուրժող էին այլ ազգերու նկատմամբ: Յառաջաբանին մէջ Հ. Տագ կը գրէ. «Թէեւ ոչ առաջինը, Հալիտէ Էտիպ (1882-1964) ամենաբեղուն օսմանցի թուրք կին գրողն է իր 21 վէպերով, չորս պատմուածքներով, երկու թատրերգութիւններով, չորս գիտական ուսումնասիրութիւններով եւ երկու հատոր ինքնակենսագրութեամբ» (Հ. Էտիպ, 2005/1926, էջ v*):

Յուշերուն մէջ Էտիպ կը գրէ, որ Կոմիտաս յաճախ կը հրաւիրուէր Թուրք Օճախ՝ իր երգարուեստը հրամցնելու: Գիտենք, որ բանտարկութենէն քանի մը շաբաթ առաջ, ան հրաւիրուած էր երգելու: Էտիպ կը յիշէ. «Այդ սրահին մէջ է, որ ճանչցայ Կոմիտաս վարդապետը, հայ կղերականը, երաժիշտը, երգահանը: Ան այն երաժիշտ, դերասան եւ դասախօսներէն մէկն էր, զորս կը հրաւիրէր Օճախը շաբաթական իր ներկայացումներուն:

Կոմիտաս շատ ճանչուած էր իր անատոլեան երգերով եւ հին Կրեկորեան երաժշտութեամբ, զորս հաւաքեր էր տարիներու համբերատար աշխատանքով, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ: Ան մարզեր էր հայ երիտասարդներու երգչախումբ մը եւ մեծ ղեկավարի մը հռչակը շահած էր հայերուն մօտ»:

Էտիպ ճիշդ է, երբ կը գրէ, որ Կոմիտաս լաւ գիտեր թրքերէնը, սակայն, սխալ է այն, որ Կոմիտաս երաժշտութիւնը հաւաքեր էր Պոլսոյ մէջ. Մինչեւ 1910, մինչեւ Պոլիս փոխադրուիլը, Կոմիտաս արդէն հայկական գաւառներէն հաւաքեր էր հազարաւոր ժողովրդային երգեր:

Էտիպ կը շարունակէ. «Երբ երեւցաւ իր կղերականի սեւ, երկար հանդերձով, իր մութ դէմքը՝ ինչպէս որեւէ պարզ անատոլցուի, իր հոգեյոյզ աչքերը կարօտով լի, ու իր ձայնը հնչեցուց իր զօրաւոր ու մաքուր նօթաներով, իրեն զգացի որպէս Անատոլուի ժողովրդական հեքիաթի եւ երաժշտութեան մարմնացումը: Երաժշտութիւնը յաճախ էի լսեր մեր քեմացի եւ էրզըրումցի սպասաւորներէն: Ան պարզապէս բառերը հայերէնի էր վերածեր: Սակայն, ես լեզուին ուշադրութիւն չդարձուցի. միայն զգացի այդ փափուկ եւ անյոյս (tender and desolate melody from the lonely wastes of Anatolia) եղանակի իմաստը Անատոլուի միայնակ կորուստներէն եկած (էջ  371)։

Մինչ Կոմիտաս իր 24 Յունիս 1908 թուականի ինքնակենսագրութեան մէջ գրած էր. «Ես ծնուել եմ 1869 Սեպտեմբերի 26ին, Փոքր Ասիայի Կուտինա կամ Քիւթահիա քաղաքում: Երրորդ օրն ինձ մկրտել են եւ անունս դրել Սողոմոն: Հայրս՝ Գէորգ Սողոմոնեանը, քիւթահիաբնակ էր, մինչ մայրս՝ Թագուհի Յովհաննիսեանը, Բրուսացի: Երկուսն էլ հայ են: Հօրս եւ մօրս ազգատոհմը ի բնէ ձայնեղ է։ …Մօրս ու հօրս տաճիկ լեզուով եւ եղանակներով յօրինած երգերը, որոնցից մի քանիսն արդէն գրել եմ 1893 թուից հայրենիքումս, դեռ երգում են մեծ հիացմունքով մեր քաղաքի ծերերը: Քիւթահիայի մէջ հայերը թրքախօս էին: Թագուհին թրքերէնով կը յօրինէր երգեր. ինչպէս ուրիշ հայեր, Թուրքիոյ մէջ, Քիւթահիայի հայերը խստիւ կը պատժուէին թուրք կառավարութեան կողմէ եթէ հայերէն խօսէին»:

Հետեւաբար, Կոմիտասի քաջ ծանօթութիւնը թրքերէնին եւ այն, որ, իր մօր յօրինած երգերը ձայնագրած էր, իրեն թուրք չէի՛ն դարձներ:

Էտիպ կը շարունակէ նկարագրել. «Ծանօթութիւնը, որ սկսաւ, շարունակուեցաւ, Կոմիտաս յաճախ գալով իմ տունը երգելու: Ան շարունակեց գալ նոյնիսկ հայերու եւ թուրքերու իրար ջարդելէն ետք: Երկուքս ալ լռելեայն տանջուեցանք դէպքերէն, բայց, ո՛չ մէկս այդ մասին չխօսեցանք:  Մեհեմմետ Էմին եւ Եահիա Պէյերը, երկուքն ալ մեծ բանաստեղծներ, որոնք ազգայնականութիւնը մարդկայնօրէն կը նայէին, կը հետաքրքրուէին իր բնաւորութեամբ եւ եկան իրեն լսելու: Եուսուֆ Ակչուրան եւս եկաւ՝ երաժշտութիւնը սիրելով, բայց յայտարարեց, որ Կոմիտասը մեծ վնաս հասցուցած է թուրքին, գողնալով անոր ժողովրդական երաժշտութիւնն ու երգերու մշակոյթը»։

0927gomidasԱյս միտքերը յատուկ չէին միայն Էտիպին եւ Աքչուրային. Մարտ 1915ին, Օճախի մէջ, Կոմիտասի երգի ելոյթէն ետք, երաժշտասէր հանդիսատէսներու մէջէն լսուեր էր. «Աստուած պահէ իրեն չար աչքերէ», (Սիրունի, 1969, էջ 45-47 ևԳարագաշեան, (2014), էջ  93): Օրուան բանախօսը շեշտեր էր, որ, Անատոլուի զաւակը, Հայ հոգեւորականը, իր նուիրումով ու ծանր աշխատանքով թռիչք տուած էր հայ երաժշտութեան եւ իր հաւաքած երգերը ներկայացուցած որպէս հայ ազգային ժառանգութիւնը, մինչ Թուրք կրօնաւորները այդ չէին ըրած, թէ հայ ժողովուրդը Թուրքիոյ մշակութային կեանքի յառաջատար դիրքերուն վրայ կը մնար: Կոմիտաս նստեր էր դաշնամուրին, երգեր ու նուագեր՝ սրահը թնդացնելով ծափահարութիւններով ու գովեստներով (Նոյն):

Կոմիտաս շարունակեր էր իր աշխատանքը մինչեւ իր բանտարկութիւնը, 1915, Ապրիլ 23:

Էտիպ աւելի վարը կը գրէ.

«Կոմիտաս Քիւթահիայէն էր, աղքատ  ծնողքէ: «Ծնողներէս ժարանգեցի զոյգ մը կարմիր կօշիկ եւ երգ մը… Կօշիկները հօրմէս էին, բայց երգը մօրմէս… (373). հայերէն չէին գիտեր»։ Կոմիտաս (հայերէնը) սորվեր էր վերջը: Ծնողները հաւանաբար թրքական ծագում ունէին, այն թուրքիսներէն, որոնք Կրեկորեան եկեղեցիի միացեր էին: Բիւզանդացի ղեկավարները թուրք ցեղերը կանչեր էին, որպէս պատուար Սարասենիկ յարձակումներու, եւ հակառակ անոր, որ ասոնք յատկապէս հարաւային սահմաններուն դրուած էին, ոմանք ուրիշ տեղ գացած են… Ան հայ ազգային մըն էր, եթէ նոյնիսկ թուրք էր կամ հայ, բայց խառնուածքով ու սրտով իսկական Անատոլուի թուրք էր, իցիւ անգիտակցաբար։ Որպէս մարդ եւ արուեստագէտ, Կոմիտասը հազուագիւտ արժէք էր: Այն ճգնումը, որով մաքուր եւ գեղեցիկ պարզութեամբ հայերուն սորվեցուց, կարելի պիտի ըլլար այլ ազգութիւններուն եւս ընդօրինակել: Կարժէր լսել իր Անատոլուն երգով եւ զգացումով ներկայացնելու ոճը»:

Գրելով Կոմիտասի աքսորէն վերադարձին իրենց հանդիպման մասին՝ Էտիպ կ՛աւելցնէ.

«Օր մը, Կոմիտաս հայերէնով երգեց «Ավէ Մարիա»ն, որ վեցերորդ դարու ստեղծագործութիւն էր, հազուագիւտ գեղեցկութիւն. կրօնական ու զգացական մթնոլորտը այնքան գրաւեց զիս, որ հարց տուի, եթէ որեւէ շարական երգի վերածած է: «Այո» ըսաւ, «հարիւր մէկերրորդ»ը։ «Շատ յոգնա՞ծ ես երգելու համար», հարցուցի. ան ընկողմանած էր ցած աթոռին, դաշնամուրին մօտ եւ դէմքը սպիտակ էր, ցաւի տարօրինակ կնճիռներով:

Սկսաւ երգելու առանց տեղը փոխելու: Երբ սկսաւ երգելու, զգացի, որ մթնոլորտը չ՛ունէր այն սուրբ եւ համեստ գեղեցկութիւնը, որ «Ավէ Մարիա»ն ունի… Երկիւղ զգացի եւ տարօրինակ զգացում մը: Բնազդաբար գրադարանէն Ս. Գիրքը առի եւ գտայ 101րդ շարականի վերջին տունը. «Պիտի ջնջեմ երկրէն բոլոր չարը, որ կտրեմ բոլոր չարագործները Տիրոջ քաղաքէն»»:

Էտիպ կը հասկնայ իմաստը ու կ՛եզրականացնէ.

«Իր հոգիին ատելութեան եւ վրիժառութեան ճիչն էր դէպի իմ ժսղովուրդը…  1915ին Օճախը ի գործ դրաւ իր ազդեցութիւնը  որ չաքսորուի, բայց 1916ին ունեցաւ լուրջ մտային խանգարում, որ տեղի տուաւ այդ սարսափելի ժամանակներու ճնշման տակ:  Դոկտ. Ատնանը աղաչեց Թալաթ Փաշային, որ թոյլ տայ Փարիզ երթալու բուժման համար: Տակաւին ապաստանարանի մէջ է»:

Իմ գիրքը, ուսումնասիրուած այլ աղբիւրներէ՝ դէպքերը այլ կերպ կը ներկայացնէ, համոզուած ըլլալով, որ Կոմիտաս հայ էր՝ ամուսնոյս ազգականը:

 

Աղբիւրներ՝

Գարագաշեան, Մ. (2014):  «Կոմիտաս Մեծ Եղեռնի Զոհը»: Երեւան՝ ԴԱԼԼ:
«Կոմիտաս Վարդապետ Կուտինացի» (Միջին Ասիա, Պրուսայի Մարզ), (Յունիս 24), էջ 2:
Edibe, H. A. (2005/1926).  Memoirs of Halide Edibe. A. Pankoff (Ed.).
Karakashian, M. (2014). Komitas: Victim of the Great Crime.  Yerevan: Zangak.

Սեւան Նշանեան Լուսարձակի Տակ Առաւ Թուրքիան Եւ Թուրքիաբնակ Հայութիւնը Տագնապեցնող Վէրքերը

$
0
0

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԱՍՈՒԼԻՍ-ԶՐՈՅՑ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

ԱԹԷՆՔ.- Յունարէնով հրատարակուող «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը նախաձեռնեց հրապարակային ասուլիս-զրոյցի մը՝ վերջերս Յունաստան ապաստանած Թուրքիոյ հայ քաղաքական բանտարկեալ Սեւան Նշանեանի հետ:

Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Քարէայի «Ազատամարտ» ակումբը լեցուցած էին Աթէնքի տարբեր շրջաններէ եկած տարեց թէ երիտասարդ հայեր, նաեւ որոշ թիւով յոյներ: «Բոլորը մէկտեղած էր հետաքրքրութիւնը՝ մօտէն տեսնելու եւ ճանչնալու վերջին ամիսներուն մամուլի էջերուն յաճախակի լրատուութեան թիրախ դարձած հայ մտաւորականը, գրողը, հետազօտողը, լեզուաբանն ու հասարակական-քաղաքական գործիչը՝ Սեւան Նշանեանը:

Զեկուցական հաւաքին նիւթ ծանուցուած էր՝ «Քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ, 16 Յուլիս 2016ի յեղաշրջման փորձէն ետք»», կը գրէ «Ազատ Օր»ը:

Երեկոյի բացումը կատարեց, օրուան նիւթը կարեւորեց եւ ամփոփ գիծերու մէջ զեկուցաբերը ներկաներուն ծանօթացուց խմբագրական կազմի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ղազարեանը: Ան նաեւ զեկուցաբերի կողքին տեղ գրաւելու հրաւիրեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը, որպէսզի յունարէնի թարգմանէ ելոյթը:

Սեւան Նշանեան իր խօսքը սկսաւ նախ ներողութիւն խնդրելով ներկաներէն՝ իր տկար հայերէնախօսութեան համար. «Թէեւ հայերէնով առօրեայ ու անմիջական հաղորդակցութեան որեւէ դժուարութիւն չունիմ, բայց կը դժուարանամ լիարժէք հայերէնով կատարելու քաղաքական եւ հասարակական վերլուծումները», յայտնեց Նշանեան եւ ներկաներուն համամտութեամբ որոշեց մասամբ հայերէնով եւ ընդհանրապէս անգլերէնով արտայայտուիլ:

Զեկուցական երեկոն երկու բաժինով ընթացաւ: Առաջինը եւ գլխաւոր բաժինը յատկացուած էր Թուրքիոյ դիմագրաւած այսօրուան մեծ ճգնաժամին ու այդ ծիրին մէջ Թուրքիաբնակ հայութեան վիճակուած տագնապին: Իսկ երկրորդ բաժինը կը վերաբերէր Սեւան Նշանեանի հասարակական եւ գրական գործունէութեան ծանօթացումին:

Լուսարձակի տակ առնելով 16 Յուլիս 2016ի յեղաշրջման փորձէն ասդին Թուրքիոյ ապրած քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամը՝ Սեւան Նշանեան չծամծմեց բառերը եւ ահազանգային գտաւ բռնիշխանութեան հաստատման ընթացքը Թուրքիոյ մէջ, անխուսափելի նկատելով քաղաքացիական բուռն պատերազմը՝ երկփեղկումի մատնուած հասարակութեան այսօրուան պայմաններուն մէջ:

«Խտացած, այլեւ՝ խօսուն գիծերով բնութագրելով, Թուրքիոյ այսօրուան հասարակական երկփեղկումի վիճակը, նաեւ՝ իր կամ այլոց դէմ կատարուած ոստիկանական հալածանքէն, քաղաքական հարցաքննութիւններէն մինչեւ կալանաւորում-բանտարկութիւն փորձառութիւններէն պատմելով, Նշանեան մեծ բանտի նմանցուց Էրտողանի Թուրքիան, ուր հարիւր հազարներով քաղաքացիներ՝ թուրքեր թէ քիւրտեր կամ ազգային փոքրամասնութեանց անդամներ, իրենց գործերէն եւ պաշտօններէն դուրս կը դրուին, կամայականօրէն կը ձերբակալուին, կը բանտարկուին եւ պետական հալածանքի սարսափին տակ կ՛ապրին: Թուրքիոյ այժմու մեծ տագնապին ախտորոշումը կատարելով՝ Սեւան Նշանեան յաջորդաբար վերլուծումը կատարեց՝ 1) Էրտողան «երեւոյ»չին, 2) Կիւլենական շարժումին, 3) Քրտական գործօնին եւ ի վերջոյ՝ 4) Բանակին ու զինուորականութեան վճռորոշ դերակատարութեան ընդհանրապէս Թուրքիոյ պետականութեան ղեկավարման մէջ, անոր գլխաւոր առանցքն ու ղեկավար կեդրոնը ըլլալով… Նշանեան հետաքրքրական ախտաճանաչումներ կատարեց՝ Էրտողանի «ժողովրդավար» դիմակով յայտնուելէն մինչեւ անոր «սուլթանական» էութեան մերկացումին մասին՝ շեշտելով, որ 1990ականներու սկզբնաւորութեան ժողովրդավարական դէմքով իսլամութիւն քարոզող Էրտողանէն ոչինչ մնացած է այսօր, բացի կրօնամոլ եւ ազգայնամոլ ամբոխի ամէնէն կատաղի եւ վայրագ զգացումները շղթայազերծող ծայրայեղականութենէն…

Կիւլենի առաջնորդած կրօնամոլական շարժման մասնակիցներուն եւ հետեւորդներուն երեւութապէս մտաւոր բարձր մակարդակով պատրաստութիւն ունենալուն, բայց կուրօրէն ամբոխի վերածուելուն մասին… Թուրքիոյ բանակէն ներս կատարուող էական փոփոխութիւններուն մասին, որոնց իբրեւ հետեւանք սպայական եւ հրամանատարական կազմերէն ներս մաքրագործումները դադար չեն առներ, բանակին ղեկը իր ձեռքը վերցնելու Էրտողանի ճիգերը իրենց սպասած արդիւնքին չեն յանգիր եւ, ի վերջոյ, բանակը կը հանդիսանայ երկփեղկուած Թուրքիոյ այսօրուան մեծ լռակեացը, որմէ կախեալ է պայթունավտանգ այս երկրին ապագան…

Առանձին կեդրոնացումով, Նշանեան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիաբնակ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետեւած զարգացումներուն լոյսին տակ, յատուկ ակնարկութիւններ կատարելով Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցով պետական իշխանութեանց կատարած ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հայոց իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր Կարօ Փայլանի յանդուգն ելոյթներուն:

Երեկոյին երկրորդ բաժինով, Նշանեան ամփոփ տեղեկութիւններով ներկայացուց իր կեանքն ու գործը, հրապարակագրական, քաղաքական, գրական, զբօսաշրջական եւ այժմէական իր շուրջ 30 գիրքերը, անոնց գտած լայն ժողովրդականութիւնը, նաեւ՝ ան անդրադարձաւ նախկին յունական Սիրինճէ գիւղի վերակառուցման աշխատանքներուն մասին եւ զայն կրթական ու մշակութային ուշագրաւ կեդրոնով օժտելու իր երկարաշունչ գործունէութեան», կը փոխանցէ «Ազատ Օր»ը։:

Զեկուցման աւարտին շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հարց ու պատասխանի, նաեւ՝ տեսակէտներու փոխանակման զրոյց մը տեղի ունեցաւ: Ներկաները ընդհանրապէս Թուրքիոյ տագնապին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալէ ետք, կեդրոնացան Թուրքիոյ հայութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի դիտանկիւնէն այսօրուան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնց ուղղութեամբ եւս Սեւան Նշանեան իր ուրոյն տեսակէտները ներկայացուց:

Երեկոյի աւարտին, յանուն կազմակերպիչներուն՝ Յ. Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ զեկուցաբերին՝ իր սպառիչ խօսքին համար, ապա՝ ելոյթը թարգմանող ընկերուհիին՝ իր համբերատար եւ բծախնդիր աշխատանքին համար, նաեւ՝ ներկաներուն, ձեռնարկը քաջալերելու եւ հրատապ այս նիւթին քննարկման իրենց բերած աշխոյժ մասնակցութեան համար:

 

Ստի Լռութիւնը. Իլհամ Ալիեւը Ջանում Է Սեպ Խրել Հայ Ժողովրդի Եւ Իսլամական Աշխարհի Միջեւ

$
0
0

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Օրերս Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայում անցաւ գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հարցերով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան առաջին գագաթնաժողովը: Առաջին հայեացքից գագաթնաժողովի խորագիրն իսկ թելադրում է այդ ֆորումի (ժողովի-Խմբ.) նեղ մասնագիտացուած լինելը եւ ենթադրում զուտ գիտատեխնոլոգիական բնոյթի հարցերի քննարկում: Հնարաւոր է, հէնց այդպէս էլ կը լիներ, եթէ գագաթնաժողովն իր ներկայութեամբ չպատուէր Ադրբեջանի նախագահ Ալիեւին: Հաւանաբար, գործիչն այս կը դաւաճանէր ինքն իրեն, եթէ անգամ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ բոլորովին կապ չունեցող այս «չէզոք» գագաթնաժողովի ամբիոնը չօգտագործէր պաշտօնական Բաքուի քարոզչութեան հերիւրանքները տիրաժաւորելու (բազմացնելու-Խմբ.) ու հայ ժողովրդի նկատմամբ ատելութիւն հրահրելու համար: Կարծում ենք, եթէ գիտական համաժողովի թեման լինէր «Թթենու շերամի հարսնեակի զարգացման փուլերը», այդ դէպքում էլ Ալիեւն իր արտասովոր հայատեաց երեւակայութեամբ կը կարողանար նշուած թիթեռի էվոլիուցիան (զարգացումը-Խմբ.) կապել ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ: Իսկ Արցախի Հանրապետութեան դէմ լայնամասշտաբ պատերազմի յանգեցրած հակամարտութեան էվոլիուցիան ամբողջովին այն պետութեան քաղաքական ղեկավարութեան խղճին է, որը նա հիմա ղեկավարում է:

Բայց վերադառնանք Աստանա: «Հայաստանը շատ է ձգտում ընդլայնել կապերը մահմեդական տարբեր երկրների հետ: Հայաստանը, որն Ադրբեջանում աւերել է մեր սրբազան մզկիթները, չի կարող մահմեդական երկրների բարեկամը լինել», սա՝ Ալիեւի ելոյթից մի հատուած: Նա յղում է անում «Շուշայի, Աղդամի եւ մեր միւս քաղաքների աւերուած մզկիթների լուսանկարների» վրայ, որոնք, նրա խօսքով, «հայկական վանդալիզմի (բարբարոսութեան-Խմբ.) փաստացի ապացոյցն են»: Նկատենք՝ գոյութիւն չունեցող, աւելի ճշգրիտ՝ մտացածին «վանդալիզմի» գոյութիւն չունեցող լուսանկարներ, քանի որ Աղդամում մզկիթն ինչպէս կանգնած էր, այնպէս էլ ողջ ու անվնաս կանգնած է, Շուշիի մզկիթը՝ նոյնպէս, աւելին, այն ներկայումս վերակառուցւում է իրանցի մասնագէտների կողմից: Դեռ աւելին՝ Արցախի տարածքում գտնուող  պատմութեան եւ ճարտարապետութեան յուշարձանները, անկախ դրանց կրօնական ու էթնիկական պատկանելութիւնից, գտնւում են այն պետութեան պահպանութեան ներքոյ, որի անուանումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն է:

Բնականաբար, Ալիեւն այս մասին չի կարող չիմանալ, ուստի աւելի լաւ կը լինէր, որ լուռ մնար: Ու առաւել եւս նրա կողմից շատ աւելի խելամիտ կը լինէր հայերին վանդալիզմի մէջ չմեղադրելը, նրա՝ Ադրբեջանի նախագահի կողմից, որի ուղղակի ցուցմունքով ի սպառ ոչնչացուեցին հազարաւոր խաչքարեր Հին Ջուղայի հայկական միջնադարեան գերեզմանոցում, որ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնում է: Ինչպէս եւ չարժէր մերկապարանոց պնդել, թէ «Հայաստանում իսլամաֆոբիան (իսլամավախութիւնը-Խմբ.) հասել է իր գագաթնակէտին»: Այն դէպքում, երբ բոլորին յայտնի է, որ հայկական ամէն ինչի նկատմամբ պաթոլոգիական (ախտաբանական-Խմբ.) ատելութիւնն Ադրբեջանում ոչ թէ պարզապէս իր գագաթնակէտին, այլ աննախադէպ չափերի է հասել՝ ներթափանցելով դպրոցական ծրագրեր, կինօարուեստ եւ գրականութիւն՝ անգամ մանկական, թէեւ, աւելի ճիշդ կը լինէր ասել՝ առաջին հերթին մանկական՝ հայատեացների հերթական սերունդ աճեցնելու համար: Այս մասին ահա Ալիեւը, անկասկած, բառ անգամ չարտասանեց, ու նրա այդ լռութիւնն այլ բնոյթ ունէր: Բայց Աստանա նա եկել էր բոլորովին ոչ այն բանի համար, որ լուռ մնար, ու, իբր, աւերուած մզկիթների ու հայկական իսլամաֆոբիայի գագաթնակէտի մասին նրա բոլոր բարբաջանքները հետապնդում էին միայն մէկ կեղտոտ նպատակ՝ սեպ խրել հայ ժողովրդի եւ իսլամական աշխարհի միջեւ: Այլ խօսքով՝ ձգտել անել այն, ինչը իր ժամանակ չյաջողուեց անել իր հօրը՝ Հէյդար Ալիեւին:

Յիշեցնենք, որ 90ականների սկզբին, իշխանութեան վերադառնալուց անմիջապէս յետոյ, Խորհրդային Ադրբեջանի նախկին կոմունիստական առաջնորդն ու ԽՄԿԿ Կենտկոմի քաղբիւրոյի անդամը եռանդուն կերպով ձեւափոխուել էր ուղղափառ ուղղահաւատ մահմեդականի ու փորձել ադրբեջանա-ղարաբաղեան էթնոքաղաքական հակամարտութեանը կրօնական բնոյթ հաղորդել: Հէնց Հէյդար Ալիեւի օրօք է պատերազմը Ղարաբաղում թեւակոխել արիւնալի փուլ. 1993ին նա լայնամասշտաբ յարձակում սկսեց ճակատի ողջ երկայնքով, ինչը բերեց երկու կողմերից հսկայական քանակութեան զոհերի: Ու հէնց նա է արմատական իսլամի կարգախօսերի ներքոյ հազարաւոր աֆղանացի ու չեչեն վարձկանների կոչ արել ադրբեջանական դրօշի տակ՝ մասնակցել այդ արիւնահեղ պատերազմին՝ փորձելով ոչնչացնել մեր հանրապետութիւնը:

Բարեբախտաբար, հայ ժողովրդի դէմ ողջ իսլամական աշխարհին տրամադրելու Ալիեւ-աւագի փորձերը ձախողուեցին: Որեւէ կասկած չկայ, որ նոյն ճակատագրին կ՛արժանանայ եւ նրա ձախողակ որդեակը, ով մտաւոր առումով շատ է զիջում իր աւելի փորձառու ու հնարամիտ հօրը: Թէեւ, այլ հանգուցալուծում չի էլ սպասւում, քանզի հայ ժողովրդի բազմադարեան պատմութիւնը ոչ քիչ էջեր է պարունակում, որոնք վկայում են մահմեդական երկրների հետ նրա բարիդրացիական յարաբերութիւնների մասին, որոնց զարգացման գործում հայերն անգնահատելի աւանդ են ունեցել: Դա ե՛ւ հարեւան Իրանն է, որի շնորհիւ նաեւ Հայաստանն ու Արցախը վերապրեցին տրանսպորտային (փոխադրական-Խմբ.)-տնտեսական շրջափակման ծանրագոյն պայմաններում՝ ստեղծուած Ադրբեջանի ու Թուրքիայի կողմից, որը մինչ օրս չի վերացուել: Դա ե՛ւ արաբական աշխարհի երկրներն են, որոնցից շատերն ապաստան են տրամադրել Օսմանեան Թուրքիայում Հայոց Ցեղասպանութեան հազարաւոր զոհերին ու դրանով իսկ նրանց փրկել անխուսափելի կորստից, ինչի համար մեր ժողովուրդը խորապէս երախտապարտ է նրանց:

Կարծում ենք՝ իսլամի ճշմարիտ հետեւորդներն ի վիճակի են զանազանելու հայկական ցորենն ադրբեջանական որոմից: Նրանք Ադրբեջանի՝ յանցաւոր եւ կոռուպցիոն սկանդալների (փտած գայթաղութիւններու-Խմբ.) մէջ արատաւորուած ղեկավարութեանը հազիւ թէ թոյլ տան շահարկել իրենց կարծիքը՝ յօգուտ նրա կեղտոտ նպատակների, որոնք հեռու են համամարդկային բարոյականութեան նորմերից ու արժէքներից:

«ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽ»

Կոմիտաս Վարդապետ (Սողոմոն Սողոմոնեան, (18691935). Հայ Հոգիին` Ազգային Մեր Ճանապարհին Հանճարեղ Երգիչը

$
0
0

Ն. Պ.

Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ ծննդեան 148-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատին` Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ` աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս վարդապետին:

Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրն ու յառաջապահը ոչ միայն սեփական երգ տուաւ հայուն, այլեւ իր անձին օրինակով, բարձրարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով ու խելագարման եղերական վախճանով ինքնին երգը դարձաւ մեր ժողովուրդի ճակատագրին:

Մարմնաւորեց ու շնչաւորեց երգը` բարութեամբ ու արարումով մարդկային քաղաքակրթութիւնը հարստացնող ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ փառքին, բայց նաեւ երգը` թրքական պետութեան կողմէ ցեղասպանական ոճրագործութեամբ անճիտուած, հայրենահանուած ու աշխարհացրիւ դարձած հայ ազգի ողբերգութեան:

Աւազանի անունով Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան ծնաւ Քէօթահիա, 26 սեպտեմբեր 1869-ին: 11 տարեկանին որբացաւ եւ յանձնուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի խնամատարութեան:

Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով Սողոմոն անմիջապէս գրաւեց ուշադրութիւնը իր ուսուցիչներուն, որոնք ոչինչ խնայեցին ի վերուստ երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական մշակման ու կատարելագործման համար:

Ապագայ Մեծն Կոմիտասի երաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ իր ուսուցիչը` Սահակ Ամատունին, որուն ղեկավարութեամբ պատանի Սողոմոն նուիրուեցաւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, հմտացաւ հայկական խազերու ուսումնասիրութեամբ եւ աշակերտական իր տարիները անցուց Արարատեան դաշտի հայութեան պահպանած հոգեւոր թէ ժողովրդական երգերը հաւաքելով, գրի առնելով եւ մշակելով:

Ստեղծագործական իր մշակումներուն ձեռնարկեց 1890-ին Խաչատուր Աբովեանի, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ իր կրտսեր դասընկեր Աւետիք Իսահակեանի գործերը դաշնաւորելով: 1891-ին, «Արարատ» հանդէսը լոյս ընծայեց Կոմիտասի «Ազգային օրհներգ»ը` երկձայն, ինչպէս նաեւ եռաձայն ու խմբային կատարումներու համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնը, որուն բառերը Ճեմարանի աշակերտ Ա. Թաշճեանին կը պատկանէին:

1893-ին, Ճեմարանի ուսումնական շրջանը աւարտելով, անմիջապէս կոչուեցաւ Ճեմարանէն ներս ուսուցչութեան` երգ ու երաժշտութիւն սորվեցնելու, ինչպէս եւ մայր տաճարի երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու համար:

1894-ին կուսակրօն քահանայի իր ուխտը կատարեց, իրեն շնորհուեցաւ 7-րդ դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ Կոմիտաս կաթողիկոսին անունը: 1895-ին արժանացաւ վարդապետի աստիճանին եւ այնուհետեւ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին կողմէ ճանչցուեցաւ Կոմիտաս վարդապետ անմահ անունով:

1896-ին, կարճ ժամանակով, Թիֆլիսի մէջ աշակերտեց Մ. Եկմալեանի` երգեհոնի դասեր առնելով եւ այնուհետեւ ուղարկուեցաւ Պերլին, Ռ. Շմիթի անուան մասնաւոր երաժշտանոցին եւ, ապա, Արքունական համալսարանին մէջ երաժշտական իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու նպատակով:

1896-1899 Կոմիտաս վարդապետ ապրեցաւ Պերլին, ուր ոչ միայն մեծահռչակ ուսուցիչներու հոգածութեան տակ կատարելագործեց իր ձայնամարզումն ու երաժշտական գիտելիքները, այլեւ` համերգային ելոյթներով ու երաժշտական կատարումներով հայ ազգային երաժշտութիւնը ծանօթացուց եւ սիրելի դարձուց օտար հասարակութեան:

Նոյն շրջանին արարեց նաեւ գերման մեծ բանաստեղծներու գործերուն վրայ հիմնուած երգեր, ռոմանսներ եւ խմբերգներ, որոնք միջազգային համբաւի արժանացուցին հայ հանճարեղ երաժիշտը: Իբրեւ այդպիսին` Կոմիտաս վարդապետ հիմնադիր անդամներէն մէկը եղաւ նորաստեղծ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան, որուն Պերլինի բաժանմունքին հրապարակային ձեռնարկներուն ելոյթ ունեցաւ հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող բանախօսութիւններով ու կատարումներով:

Վերադառնալով Էջմիածին` Կոմիտաս վարդապետ եռանդով լծուեցաւ մէկ կողմէ մանկավարժական գործունէութեան, արժէքաւոր երաժիշտներու սերունդ հասցնելով, իսկ միւս կողմէ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի` ժողովրդական եւ գեղջկական մեր երգերու հաւաքման ու մշակման իր հետազօտութիւնները ամբողջացնելով:

1906-ին հրաւիրուեցաւ Փարիզ` իր յօրինումներն ու կատարումները ներկայացնելու ճոխ յայտագրով, նաեւ դասախօսութիւններ կարդալով հայ ժողովուրդի ազգային` հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան վերաբերեալ: Նոյնօրինակ ելոյթներու հրաւիրուեցաւ նաեւ Զուիցերիա, Վենետիկ եւ Վիեննա` ամէնուր բարձրագոյն գնահատանքի արժանանալով:

Աշխարհահռչակ երաժիշտներու վկայութեամբ, Կոմիտաս վարդապետ արժանացաւ երաժշտական աշխարհի մէջ Ներդաշնակութեան եւ Բազմաձայնութեան հազուագիւտ վարպետի կոչումին:

1910-ին սկսաւ մեծ վարդապետին կեանքի բախտորոշ շրջանը: Էջմիածինէն տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր մանկավարժական ծաւալուն գործունէութեան զուգահեռ` համերգային եւ կատարողական նախանձելի ելոյթներ ղեկավարեց:

Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու հայաշատ գաղութները` ամէնուր տարածելով եւ պաշտամունքի արժանացնելով հայ հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը:

Այդ շրջանի իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Գուսան» (հետագային` «Հայ գուսան») երգչախումբին կազմութիւնը, որուն միջոցով Կոմիտաս վարդապետ լծուեցաւ իր արժանաւոր յաջորդներու երաժշտական պատրաստութեան: Այդ աշխատանքին արգասիքը եղան «Կոմիտասեան հինգ սաներ» անունով` հետագային իրենց կարգին հռչակուած հայ մեծ երաժիշտները. Բ. Կանաչեան, Մ. Թումաճան, Վ. Սարգիսեան, Վ. Սրուանձտեան եւ Յ. Սեմերճեան:

Կոմիտաս վարդապետ չբաւարարուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան սահմաններով: Եռանդով լծուեցաւ նաեւ թրքական ժողովրդային երաժշտութեան, ինչպէս եւ ընդհանրապէս արեւելեան ժողովուրդներու երգարուեստին ուսումնասիրութեան ու մշակումին: Յատկապէս թուրք հասարակութիւնը մեծապէս գնահատեց հայոց մեծ վարդապետին ներդրումը, բայց ատիկա բաւարար չեղաւ թրքական պետութեան վարիչներուն համար, որպէսզի խնայեն կեանքը արդէն ամբողջ մարդկութեան եւ համայն աշխարհին պատկանող հանճարեղ երաժիշտին:

Կոմիտաս վարդապետ, իր կարգին, 24 ապրիլ 1915-ին ենթարկուեցաւ հայ մտաւորականութիւնը հարուածած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին, ինք եւս ապրեցաւ աքսորի ու տարագրութեան մղձաւանջը, ու թէեւ մարմնապէս փրկուեցաւ սպանդէն, բայց վերջնականապէս կորսնցուց իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը…

Ինչպէս որ տասնամեակներ ետք մեծանուն Սեւակ պիտի գոռար` «Դէ, ե՛կ, վարդապե՛տ ու մի խելագարուիր»…

Ինչպէ՜ս չխելագարէր Մեծն Կոմիտաս` ի տես այն անասելի ցեղասպանութեան, որուն բարբարոսական գործադրութեամբ թրքական պետութիւնը իր «երախտագիտութիւն»-ը յայտնեց դարերով թրքական հասարակութիւնն ու մշակոյթը հարստացուցած հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

1919-ին, արդէն` ծանրօրէն հիւանդ, Կոմիտաս վարդապետ տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր աւելի քան 15 տարի հոգեբուժական խնամքի արժանացաւ, բայց երբեք… չապաքինեցաւ:

Եւ 22 հոկտեմբեր 1935-ին իր ամբողջ ազգին խաչելութիւնը սեփական աչքերով տեսած ու զարհուրանքով ապրած Մեծն Կոմիտասը նաեւ մարմնապէս հեռացաւ մեր աշխարհէն:

Հայկեան հանճարին երաժշտական դափնեպսակը հանդիսացող Մեծն Կոմիտասի աճիւնները տարուեցան Հայաստան, ուր իր վերջնական հանգիստը գտաւ հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ հիմնադիրն ու անզուգական Վարպետը:

Հայոց երգի ու երաժշտութեան հանճարեղ վարդապետին ծնունդը ողջունենք ու նշենք` մեր մեծերուն վառած վաւերական վկայութեան մոմերով.

– ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ. Կոմիտասը մեր ժողովրդի հպարտութիւնն է, նրա գործը` մեր ազգային անսպառ հարստութիւնը… Նա յայտնագործել է մեր ազգային երգը, հայկական երաժշտութիւնը, ազգային մելոսը` ինքնուրոյն եւ անաղարտ:

Նա հիմն է դրել ազգային երաժշտական կուլտուրային… Կոմիտասը հայ երգով լոյս աշխարհ հանեց դարերի խաւարի մէջ կեղեքուած ժողովրդի խուլ բողոքն ու ցասումը բռնութեան, ստրկութեան դէմ. նրա խեղդուած վիշտը, իրաւազուրկ կեանքը եւ պայծառ ապագայի հանդէպ տածած հաւատը:

– ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ. Նրա մեծութիւնն իր մէջ է, ոչ ոք չի սովորեցրել, բայց նա զգացել է, մտել բնութեան մէջ: Այս երաժշտութիւնն իր կանոններն ունի, որը թելադրուած է մեր երկրի ու ժողովրդի ոգով…

 

Նոր Հրատարակութիւն

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի 90-րդ հատորը` «Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ. փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածու» Բ. հատոր: Գործին խմբագիրն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գոհար Աւագեանը:

Հատորը կը բովանդակէ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին արխիւները, որոնք կը գտնուին Մեծի Տանն Կիլկիիոյ կաթողիկոսութեան արխիւատան մէջ: Հատորին մէջ նաեւ ներառուած են երջանկայիշատակ կաթողիկոսին առաքած եւ ստացած նամակները` հոգեւորականներու, գիտնականներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, հասարակական գործիչներու, բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու հետ: Փաստաթուղթերը կը վերաբերին հայ ժողովուրդին եւ հայոց պատմութեան, յատկապէս` 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու առաջին կէսի, առանցքային հարցերուն, ինչպէս նաեւ առիթ կ՛ընծայեն Գարեգին Ա. կաթողիկոսին գործունէութիւնը կարդալ տուեալ նիւթերուն բերած տարբեր երեսակներու ներքոյ` գործին տալով գիտական արժէք:

Հատորը կը սկսի  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին վկայութեամբ: Նորին սրբութիւնը կը յայտնէ, որ երջանկայիշատակ կաթողիկոսը կը պատկանի պատմութեան յաւերժութեան. ան իր ողջ կեանքը նուիրելով հայ մշակոյթին ու հայրենիքին եւ հաւատքին ու դպրութեան հոգեմտաւոր ծառայութեան` դարձած է եզակի դէմք մը իր բազմազան շնորհքներով եւ արժանիքերով: Հայրապետը կը նշէ, որ` «Կիլիկեան հայրապետական Ս. Աթոռի գահին վրայ Գարեգին Յովսէփեան դարձաւ աստուածարեալ հովուապետ ու մարգարէատեսիլ հայրապետ, Շնորհալիներու Աթոռին վրայ` նոր Շնորհալի»:

Հատորը կը բաղկանայ 851 էջերէ եւ 5 բաժիններէ` «Փաստաթուղթեր», «Կոնդակներ եւ օրհնութեան գիրեր», «Անձնանուններու ցանկ», «Տեղանուններու ցանկ» եւ «Փաստաթուղթերու ցանկ»:

 

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Համազգային Մեր Ուխտը

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

«Մենք կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսը անցեալ տարի վերածուեցաւ համազգային կոչի մը ու խանդավառեց մեզ բոլորս, եւ մենք խիտ շարքերով ուղղուեցանք դէպի ապրիլեան յուշակոթող` մեր ուխտը  վերանորոգելով ու համայն աշխարհին յայտարարելով, որ մենք չենք մոռցած մեր նահատակները եւ ոճրագործ թուրքէն կը պահանջենք մեր հողերը, մեր գիւղերն ու քաղաքները:

Այս պահանջատիրութիւնը մեր ուխտն է, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր հայ կամաւոր զինուոր է` անխոնջ պայքարելու երեք ճակատներու վրայ.

ա.- Պայքար` դէպի Թուրքիա զբօսաշրջութեան դէմ: Հայը ինքզինքին պէտք չէ արտօնէ իր հանգիստն ու զուարճութիւնը փնտռել Թուրքիոյ մէջ: Յունաստանը իր այնքան գեղեցիկ ու հրապուրիչ կղզիներով, ազատ եւ ոչ բռնագրաւուած` Կիպրոսը իր մաքրամաքուր ծովափներով մեզ կը սպասեն: Իսկ քիչ անդին հայասէր Պուլկարիան կը սպասէ մեր երիտասարդները` իր ոսկեայ աւազուտքով ծովափներով Վառնան եւ Պուրկասը ձեզ կը սպասեն անմոռանալի պահեր անցընելու համար: Իսկ մեր երիտասարդները իր ոսկեայ աւազուտքով ծովափներով Վառնան եւ Պուրկասը ձեզ կը սպասեն մայրաքաղաք Սոֆիան իր մօտակայ Վիտոշ լեռով ամէն պահանջատէր հայու ուխտատեղին է, ուր կը գտնուի անմահ Քրիստափորի շիրիմը: Այցելեցէք եւ նորոգեցէք պահանջատէր հայու ձեր ուխտը:

բ.- Պայքարի մեր երկրորդ ռազմադաշտն է թրքական ապրանքներու ներածումը եւ վաճառքը հայ վաճառականներու կողմէ: Կը մերժենք ամէն ինչ, որ թրքական է` չքաջալերելու համար թրքական տնտեսութիւնը: Մեր վաճառատուներուն ցուցատախտակներէն ջնջենք թրքական արտադրութիւններու վաճառանիշերը:

գ.- Իսկ թրքական հեռատեսիլը երբեք մեր տուներէն ներս պէտք չէ մտնէ, ժողովուրդ մը, որ մշակոյթ չունի, չէ ունեցած, ժողովուրդ մը, որ միայն մահ եւ աւեր ձգած է իր ետին, երկիր մը, որ ոչ մէկ մշակութային խորք ունեցած է, անոր լեզուն երբեք մեր բնակարաններուն մէջ պէտք չէ հնչէ: Դիտեցէք մեր այնքան գնահատուած հայ արուեստագէտներուն գործերը, քաղցր հնչող մեր երգիչ-երգչուհիներուն երգերը եւ մանաւանդ փոքրիկ հայորդիներուն ելոյթները Հայաստանի կայաններէն:

Մենք կը մերժենք ըլլալ դասալիք զինուորներ, մենք չենք լքեր թուրքին դէմ պայքարի մեր ճակատները, մենք գալ 24 ապրիլին ճակատաբաց դարձեալ պիտի յայտարարենք բարձրաձայն` «Մենք կը յիշենք եւ կը պահանջենք», որպէս Հայ դատի երդուեալ զինուորներ:

Ցտեսութիւն:

 

 


Գաղափարական Հարցեր. ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր Ժողովէն 110 Տարի Անց

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

1907 թուականին էր, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գումարեց իր 4-րդ Ընդհանուր ժողովը, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ: Ժողովասրահը ապահովեց Աւստրիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

Կրնանք ըսել, որ ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովը ՀՅԴ-ի երկրորդ կարեւոր Ընդհանուր ժողովն էր Ա. Ընդհանուր ժողովէն ետք, որովհետեւ կուսակցութիւնը 4-րդ Ընդհանուր ժողովի ժառանգութիւնը մինչեւ օրս կը կրէ իր գաղափարախօսական, տեսաբանական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքին մէջ:

Ժողովը պաշտօնապէս վաւերացուց «ընկերվարութիւն» բառին ներառումը ՀՅԴ-ի վերամշակուած ծրագիրին մէջ: Այդ ներառումը կատարուեցաւ, որովհետեւ հայ կեանքին մէջ արդիւնաբերական արտադրութեան բնագաւառին մէջ աճած էր հայ բանուորներուն թիւը, ատոր կողքին, աճած էին նաեւ այդ բանուորութեան կրած տանջանքն ու զրկանքը`  դրամատիրական անարդար քաղաքականութիւններուն պատճառով: 1907-ին վերամշակուած ՀՅԴ Ծրագիրին «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինը լուրջ ձեւով կը վերլուծէ մարդկային, հասարակական եւ տնտեսական կեանքը ընդհանրապէս եւ յատկապէս այդ ժամանակաշրջանին հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները` հետեւեալ տողերուն ընդմէջէն. «Տեխնիկայի հսկայական կատարելագործումները, ըստ երեւոյթին, պիտի թեթեւացնէին աշխատաւոր մարդու բեռը եւ նուազ աշխատանքի հետ համեմատաբար աւելի մեծ բաժին յատկացնէին նրան, բայց նրանք հակառակ հետեւանքներ առաջացրին` շնորհիւ մասնաւոր տնտեսութեան սիստեմին: Աշխատանքի մի խոշոր մասը մնում է անվճար, աշխատաւորը ստանում է բաշխման մոմենտում իր արտադրած արժէքների չնչին մասը միայն: Մեքենաների ներմուծման հետ հետզհետէ նուազեց աշխատաւոր ձեռքերի պահանջը, որոնք վաճառքի նիւթ են` դարձած, իբրեւ շուկայի ապրանք: Աշխատաւոր գործօն մասնակցութեան բաժինը արդիւնագործութեան մէջ միշտ աւելի եւ աւելի կրճատուեց:»

Վերամշակուած ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութեան մէջ կը շարունակուին հասարակական կեանքի վերլուծումները, որոնցմէ որոշ կէտեր այժմէական կը նկատուին նոյնիսկ ներկայ դարու ծանր պայմաններուն մէջ, ինչպէս` «Կեդրոնացնելով արդիւնագործութիւնը, սեփականազուրկ դարձնելով մանր արդիւնագործողներին` կապիտալիզմը քայքայման մատնեց աշխատաւորների ընտանիքները, գործարան քաշեց կանանց ու նոյնիսկ երեխաներին, մի հանգամանք, որ չէր կարող չնպաստել աշխատավարձի նուազման: Չնայած անսանձ շահագործումներին ու հարստահարութիւններին` նոյն աշխատաւոր հանրութեան վզին են ընկած իրենց աւերիչ ծանրութեամբ` հարկերը, մաքսերը, մենավաճառումները, աքցիզները եւ յարաճուն միլիտարիզմի պատուհասը, որի էական նպատակն է ամուր կռել աշխատաւոր ժողովուրդների ստրկութեան շղթաները»: Ապա ծրագիրը կը հրամցնէ ընկերվարութիւնը` իբրեւ այլընտրանք դրամատիրական անարդար եւ ստրկական համակարգին .«Սոցիալիզմի վարդապետութեամբ առաջնորդուելով` աշխատաւոր դասակարգերը ձգտում են վերացնել կապիտալիստական մասնաւոր սեփականութիւնը եւ նրա հետ կապուած անարխիական արդիւնագործութեան սիստեմը, հասարակական ընդհանուր սեփականութիւնը դարձնել աշխատանքի, արդիւնագործութեան միջոցները` հողը, հանքերը, գործարանները, հաղորդակցութեան ու փոխանակութեան միջոցները եւ բովանդակ տնտեսութիւնը կազմակերպել ու ղեկավարել հաւաքականօրէն»:

Ծրագիրին «Ընդհանուր տեսութիւն»-ը նաեւ յստակացուց ՀՅԴ-ի միջազգային յարաբերութիւնները, որոնց էութիւնը մինչեւ օրս կը գործէ: Ծրագիրը շեշտեց ընկերվարութեան միջազգայնականութեան եւ ՀՅԴ-ի` միջազգային աշխատաւորական եւ ընկերվարական մեծ ընտանիքին անբաժանելի մէկ մասը ըլլալուն վրայ, որուն շնորհիւ` Ընդհանուր ժողովէն տարի մը ետք ՀՅԴ-ն Ընկերվարական Բ. միջազգայնականին եւ հետագային վերջինիս յաջորդած միջազգայնականներուն (Աշխատաւորական եւ Ընկերվարական միջազգայնական ու ներկայիս` Ընկերվար միջազգայնական) եւ եւրոպական ցամաքամասի կազմակերպութիւններուն (Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւն) անդամ դարձաւ: Այս շրջադարձը վերամշակուած ծրագիրին մէջ արտայայտուեցաւ հետեւեալ տողերով. «Սոցիալիստական շարժումը իր էութեամբ միջազգային է: Բոլոր երկրների աշխատաւոր տարրերը` իբրեւ միեւնոյն սիստեմի զոհեր, պիտի միանան եւ արդէն միանում են համաշխարհային մի հզօր եղբայրակցութեան մէջ. ու գիտակ իրենց բարձր առաքելութեան, վստահ իրենց յաղթանակի վրայ` դիմում են կազմակերպուած կռուի ճանապարհով դէպի նոր, սոցիալիստական կարգերը»:

Այդ ժամանակաշրջանին ՀՅԴ-ի որդեգրած ընկերվարական ուղեգիծը ծանօթ էր «Վերատեսական» անունով, որ առաջին անգամ որդեգրուած էր Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, որ մէկդի դնելով բանուորական յեղափոխութեան արիւնալի ճամբան` դիմեց խաղաղ միջոցներով պայքարին: Ընկերային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարը այս անգամ տեղի պիտի ունենար օրինական միջոցներով: «Վերատեսականութեան» հիմքերը կը գտնուէին Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Էրֆուրտի ծրագիրին մէջ (1891)` Էտուարտ Պեռնշթայնի, Օկիւսթ Պեպելի եւ Քարլ Քաուցկիի հեղինակութեամբ:

Միայն ընկերվարութիւնը չէր անշուշտ ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցները հետաքրքրող կէտը, այլ նաեւ կային ազգային, յեղափոխական եւ ժողովրդավարութեան վերաբերող կէտերը, որոնց առնչուած եզրերը եւ հասկացողութիւնները արդիականացման ենթարկուեցան` համապատասխանելով ժամանակի փոփոխութիւններուն: Սկսելով ազգային հարցէն` ՀՅԴ-ն գաղափարական գետնի վրայ իր ազդեցութիւնը կրեց Աւստրիոյ ընկերվար-ժողովրդավարութեան մարքսականութենէն, որ կը հաւատար, թէ պետութիւններուն մէջ իւրաքանչիւր ազգային խումբ իրաւունք ունի իր ինքնավարութիւնը ունենալու այն շրջաններուն մէջ, ուր անիկա կը կազմէ մեծամասնութիւն, եւ հոն աւելի դիւրութեամբ կը մղուի դասակարգային պայքարը, եւ կը կերտուի ընկերվարութիւնը: Ահա այս հարցին շուրջ հատուած մը` ՀՅԴ-ի 1907-ին վերամշակուած Ծրագիրի «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինէն. «Դասակարգային կռիւը բարդանում է մասնաւորապէս այն երկրներում, ուր գերիշխող ազգութեան ներկայացուցիչները, իրենց ձեռքն առնելով պետական եւ հասարակական բոլոր հաստատութիւնները, ճնշում են թոյլ ազգերին եւ առհասարակ փոքրամասնութիւն կազմող միութիւններին: Զրկուելով պետական ու հասարակական կեանքին աշխուժ մասնակցելու հնարաւորութիւնից, տուժելով ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ կուլտուրապէս, այդ թոյլ միութիւնները յետ են մնում առաջադիմութեան ճանապարհի վրայ, եւ այդպիսով դանդաղում է համամարդկային կուլտուրայի հետ աշխատանքի սոցիալական ազատագրութիւնը, քանի որ այդպիսով խոչընդոտ է դրւում մի կողմից դասակարգային հակամարտութեան զարգացմանը ճնշուած ազգութիւնների միջեւ,միւս կողմից` ճնշող ու ճնշուող ազգերին պատկանող աշխատաւոր դասակարգերի համերաշխութիւնը: Փոքրիկ, նուաճուած ազգերի մէջ աշխատաւոր տարրերը, կռուելով հանդերձ իրենց ցեղակից բուրժուազիայի դէմ, միեւնոյն ժամանակ նախանձախնդիր են իրենց ուրոյն ազգային կուլտուրային, որը ստեղծել է ժողովրդական առանձնայատուկ հոգեբանութիւն: Ազգային ճնշումների դէմ մղուող կռիւը աւելի յամառ ու յաղթանակող է դառնում շնորհիւ այն հանգամանքի, որ այժմ այդ կուլտուրայի ներկայացուցիչները միայն ազգի «վերին» խաւերը չեն. ազգային կուլտուրան թափանցում է ժողովրդական լայն մասսաների մէջ ու դառնում սեփականութիւնը ու առաջադիմութեան միջոցը: Ժողովրդական մասսաները իրենց իներտ դրութիւնից գիտակից կեանքի ասպարէզ նետուելով, երեւան են հանում թաքնուած ուժեր` կուլտուրական-հասարակական աշխարհում»:

Ժողովրդավարութեան վեհ իտէալին սիրոյն` Ընդհանուր ժողովը գնահատեց Կովկասեան նախագիծը, վաւերացուց պարսկական սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցութեան բանաձեւը եւ կապեր հաստատեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող ազատամիտ խմբակներուն հետ, որոնք հետագային ճամբայ բացին երիտթրքական յեղափոխութեան առջեւ: ՀՅԴ-ի շնորհիւ` ասիական ցամաքամասին մէջ Պարսկաստանը դարձաւ առաջին խորհրդարան ունեցող պետութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ թէպէտ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար հաստատուեցաւ սահմանադրութիւն, որուն մէջ յարգուեցան փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Ժողովրդավարութեան իրականացման նպատակով ՀՅԴ-ն յեղափոխական դաշտ իջաւ աշխարհի ամէնէն անմարդկային երեք տիրապետութիւններուն դէմ (ցարական, սուլթանական եւ շահական) եւ համագործակցութեան կապեր ստեղծեց մակեդոնական ազգային-ազատագրական շարժման հետ:

Սակայն ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական արժէքները ՀՅԴ-ին համար սկիզբէն ժառանգուած աւանդոյթներ են: Ան իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս կրած է, կը կրէ ու պիտի կրէ այդ սուրբ արժէքները, որոնց գործադրումը միշտ ալ կ՛ենթարկուի վերատեսութեան` համապատասխանելով ժամանակի զարգացումներուն եւ միջավայրի փոփոխութիւններուն: 4-րդ ընդհանուր ժողովին յաջորդած ընդհանուր ժողովներու իրադարձութիւնները, ինչպէս 1919-ի «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի»-ի, 1972-ի «Յեղափոխական արմատներու վերադարձ»-ի յայտարարութիւնները, 1978-ի ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէր «նոր ձախ»-ի աշխարհահայեացքը եւ` 1998-ի ծրագիրը, որ կը բովանդակէ ժամանակակից ընկերվար-ժողովրդավարութեան աշխարհահայեացքը, բոլորն ալ կը փաստեն Դաշնակցութեան քննական, վերատեսութեան եւ արդիականացման քայլարշաւը, որուն առջեւ կը խորտակուին բոլոր մարտահրաւէրները, եւ կը ծագի յառաջդիմութեանն ու բարգաւաճման արեւը:

 

 

«Ամերիքանա»-ի Ղեկավարները Եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Տեսակցեցան` Վիճելի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները եւ Կլենտէյլի «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի բարձրաստիճան ղեկավարները տեսակցութիւն ունեցան սեպտեմբեր 5-ին եւ համաձայնեցան իրենց հետագայ յարաբերութիւնները բարւոք հիմքերու վրայ դնել:

Աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին սա առաջին հանդիպումն էր երկու խումբերու միջեւ` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման Ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնի պաստառի տեղադրման համար ծանուցումի վճարովի տարածք տրամադրելու «Ամերիքանա»-ի մերժողական կեցուածքին: Վերոյիշեալ ժապաւէնի արտադրողներուն «Ամերիքանա» ըսած էր, որ թեման «խիստ քաղաքականացուած» է: Սա տարակուսանք եւ զայրոյթ յառաջացուցած էր, քանի որ «Ամերիքանա» ո՛չ ժապաւէնը դիտած էր, ո՛չ ալ` ծանուցումի պաստառի գրութիւնը կարդացած, այլ պարզապէս մերժած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըլլալուն պատճառով:

Ծանուցման պաստառի մերժման իրական պատճառը պարզաբանելու նպատակով «Ամերիքանա»-ի պաշտօնեաներուն հետ տեսակցելու համար քանի մը դիմումներէ ետք, նոյն այդ պաշտօնեաները աւելի անյողդողդ դարձան իրենց մերժման մէջ: Վաւերագրողներուն ուղղուած ելեկտրոնային նամակներէն մէկուն մէջ ամէնէն բիրտ նախադասութիւնը այն էր, որ «Ամերիքանա» այս հակասութեան առիթով մեկնաբանութիւններ ստացած էր «հայկական համայնքէն եւ Թուրքիոյ հիւպատոսարանէն»: Այս խիստ վիրաւորական յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգներուն ձայնը կը հաւասարեցնէր բռնատիրական, ժխտողական վարչակարգը ներկայացնող թուրք դիւանագէտի ձայնին, որուն նախնիները իրականացուցած էին Ցեղասպանութիւնը…

Իրավիճակը աւելի մտահոգիչ էր, քանի որ առաջին անգամը չէր, որ «Ամերիքանա» կը մերժէր Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող հարցը: Երեք տարի առաջ «Ամերիքանա»-ի պաշտօնեաները մերժած էին երեք հայ երիտասարդներ, որոնք կրպակ մը վարձած էին «Ամերիքանա»-էն` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող թեմաներով շապիկներ վաճառելու համար: Տեղւոյն հայ համայնքի բարձրացուցած աղմուկէն ետք «Ամերիքանա» վերատեսութեան ենթարկեց իր որոշումը` թոյլատրելով շապիկներու վաճառքը: Անոնք իրենց սկզբնական որոշումը անուանեցին «թիւրիմացութիւն»:

Անցեալ ամիս նման ընթացքով մը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղին կողմէ մամլոյ ասուլիս կազմակերպելէ քիչ առաջ, երբ պէտք էր պոյքոթ յայտարարուէր «Ամերիքանա»-ի դէմ, առեւտուրի կեդրոնի պաշտօնեաները վերատեսութեան ենթարկեցին իրենց որոշումը եւ ոչ միայն թոյլատրեցին վաւերագրական ժապաւէնի գովազդային պաստառը, այլեւ ատիկա ըրին` «ժապաւէնի արտադրիչներուն համար անվճար»:

Սա առաջին դրական քայլն էր: «Ամերիքանա»-ի սեփականատէր Ռիք Քարուզօ համաձայնեցաւ հանդիպիլ Հայ դատի յանձնախումբին հետ` քննարկելու համար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարելաւել յարաբերութիւնները տեղական համայնքի եւ առեւտուրի կեդրոնին միջեւ:

Սեպտեմբերի 5-ի տեսակցութեան Քարուզօ ներկայ էր` «Ամերիքանա»-ի գործառնութիւններու գծով գործադիր փոխնախագահ Ճեքի Լեւիի, հաղորդակցութեան փոխնախագահ Նենսի Միւրէի, հանրային կապերու աւագ փոխնախագահ Ռիք Լեմոյի եւ ծրագրաւորման, կառավարման եւ համայնքային կապերու գծով փոխնախագահ Շերոն Քէյսըրի հետ: Հայկական պատուիրակութեան կազմի մէջ էին` Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի նախագահ Արթին Մանուկեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի վարչութեան անդամ Պերճ Կարապետեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի խորհրդատուական վարչութեան անդամ Յարութ Սասունեան, Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի նախկին գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի համայնքի հանրային կապերու տնօրէն Մարգարիտա Բաղդասարեան:

Սեպտեմբեր 5-ի հանդիպումը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Քարուզօ համաձայնեցաւ յստակ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի «Ամերիքանա» բարելաւէ իր  յարաբերութիւնները  տեղւոյն հայ համայնքին հետ: «Ամերիքանա» խոստացաւ ստեղծել յատուկ համայնքային կապերու խումբ` բացառապէս հայերու հետ իր գործընկերութեան վրայ կեդրոնանալու համար:

«Մենք ուրախ ենք, որ Քարուզօ համաձայնած է աշխատիլ նախաձեռնութիւններու վրայ` ամերիկահայ համայնքի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ մեր վստահութիւնը վերականգնելու համար», ըսաւ Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի նախագահ Մանուկեան:

Իր հերթին, «Ամերիքանա»-ի գործառնութիւններու գծով գործադիր փոխնախագահ Ճեքի Լեւի յայտարարեց. «Մենք կը գնահատենք այս շատ արդիւնաւէտ հանդիպումը Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարութեան հետ եւ կ՛ակնկալենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները` շարունակելով մեր խոր երախտագիտութիւնը յայտնել հայ համայնքին: Համայնքային կապերու այս նոր խումբի ստեղծումը պիտի նպաստէ, որ մեր գործընկերութիւնը շարունակուի շատ իմաստալից ձեւով»:

Այսպիսով, «Ամերիքանա»-ի եւ Կլենտէյլի հայ համայնքի միջեւ առկայ երկարատեւ վիճայարոյց յարաբերութիւնները կարգաւորման ընթացքի մէջ են: «Ամերիքանա»-ի սեփականատէր Քարուզօ իր ելոյթին մէջ շատ սիրալիր էր եւ շատ դրական արտայայտուեցաւ հայերու մասին: Յառաջիկայ ամիսներուն երկու կողմերու միջեւ պիտի իրականացուին աւելի ջերմ շփումներ` երկուստեք համագործակցութեան ամրապնդման ծրագրեր մշակելու նպատակով, որպէսզի վիճելի հարցերը լուծուին բարեկամական քննարկումներու միջոցով` ցոյցերու եւ պոյքոթներու դիմելու փոխարէն:

Աւելի քան երկու տասնեակ հայեր եւ օտարներ յայտնուեցան Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի նիստին` բողոքելու համար «Ամերիքանա»-ի կողմէ գովազդային պաստառի մերժման սկզբնական որոշման դէմ: Ի պատիւ իրենց` Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի բոլոր հինգ անդամները, քաղաքապետ Վարդան Ղարպետեանի գլխաւորութեամբ, պաշտպանեցին համայնքին պահանջները եւ «Ամերիքանա»-ի մէջ ներկայ եղան Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսին: Հայ համայնքի առաջարկներուն զօրակցեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, որ մեծ դեր խաղաց հակասութիւններու լուծման համար եւ ներկայ եղաւ Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսին:

Այս վիճայարոյց հարցին լուծումը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր են համայնքի մասնակցութիւնն ու աշխուժութիւնը ամերիկահայերու վերաբերող խնդիրներու մէջ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
Սեդա Գրիգորեան

27 Սեպտեմբեր 1919. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան՝ 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին բա­ցու­մը ա­զատ ու ան­կախ Ե­րե­ւա­նի մէջ

$
0
0

Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 98 տա­րի ա­ռաջ, նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ՝ 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։

Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րու շար­քին ին­նե­րոր­դը պատ­մա­կան ե­ղաւ ոչ միայն իր գու­մար­ման ՊԱ­Հո­ւան ու­նե­ցած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դա­րա­կազ­միկ նշա­նա­կու­թեան ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­ռաջ­նորդ կու­սակ­ցու­թեան հե­տա­գայ տաս­նա­մեակ­նե­րու կեան­քը հու­նա­ւո­րե­լու ի­մաս­տով։

1919ի ­Սեպ­տեմ­բե­րը յոյ­սե­րու եւ լա­ւա­տե­սու­թեան աս­տե­ղա­յին ՊԱՀն էր հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ։
Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը ա­ւար­տած էր եւ, ամ­բողջ հին աշ­խար­հին հետ, նաեւ ու յատ­կա­պէս ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քա­ղա­քա­կան նոր քար­տէ­սը ձե­ւա­ւոր­ման ու վճռագծ­ման իր փու­լին մէջ կը գտնո­ւէր։

Թէեւ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը ծան­րա­գոյն կո­րուստ­ներ կրած էին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին՝ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, բայց կրցած էին յա­րու­թիւն առ­նել ­Մեծ ­Գող­գո­թա­յէն եւ ոչ միայն նո­ւա­ճել ան­կա­խու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի փոքր, բայց աս­տի­ճա­նա­բար ըն­դար­ձա­կո­ւող մա­սին վրայ, այ­լեւ՝ հաս­տա­տուն հի­մե­րով ամ­րապն­դել հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Մա­յիս 1919ին, ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, Ալ. Խա­տի­սեա­նի վար­չա­պե­տու­թեամբ, խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած իր քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծին մէջ, ար­տա­յայ­տե­լով ՊԱ­Հո­ւան ընդ­հա­նուր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ իշ­խա­նու­թեան ղե­կը ստանձ­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ տի­րող տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, ար­դէն հռչա­կած էր ­Միա­ցեալ, Ան­կախ եւ Ա­զատ ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծե­լու իր ան­սա­կարկ յանձ­նա­ռու­թիւնն ու ամ­բող­ջա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Ա­հա նմա՛ն մթնո­լոր­տի մէջ, 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 1919ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սու ա­ւար­տը։

Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին հեր­թին իր գու­մար­ման ­Պա­հու ա՛յս դի­տան­կիւ­նէն։
Ե­ղաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին գե­րա­գոյն ժո­ղո­վը, որ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ։

Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեա­նի ամ­փո­փու­մով (տես՝ «Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր կազ­մու­թե­նէն մին­չեւ Ժ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով» աշ­խա­տու­թիւ­նը), ժո­ղո­վը ու­նե­ցաւ «ա­մե­նա­լայն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան պատ­կեր ու յստա­կօ­րէն հա­մազ­գա­յին բնոյթ»։

Ժո­ղո­վին ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան՝

— ­Հա­յաս­տա­նի ու Ա­րե­ւե­լեան ­Բիւ­րո­նե­րը եւ «բո­լոր այն մար­մին­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­ւա­պէս գո­յու­թիւն ու­նէին Ու­թե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի օ­րե­րուն (1914)».

— ­Նաեւ այն մար­մին­նե­րը, «ո­րոնք կազ­մո­ւած էին հնգա­մեա­կի ըն­թաց­քին (­Բա­սէն, Բագ­րե­ւանդ, ­Հարք-Ա­պա­հու­նիք), ինչ­պէս նաեւ ա­նոնք՝ որ կը բխէին ­Հա­յաս­տա­նի նոր ի­րա­կա­նու­թե­նէն (­Խորհր­դա­րա­նա­կան Ֆ­րակ­ցիա, Ե­րե­ւա­նի ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան Խոր­հուրդ ե­ւայլն)։
Ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տու­թեան շրջա­նին, ­Մարտ 1919էն սկսեալ, Հ.Յ.Դ. զոյգ Բիւ­րո­նե­րը «ա­րեւմ­տա­հայ մար­մին­նե­րուն տո­ւած էին յա­տուկ դիւ­րու­թիւն­ներ՝ ի­րենց կազ­մե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու»։

Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի «Ո­րո­շում­նե­րու գրքոյկ»ին հա­մա­ձայն՝ ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան վճռա­կան ձայ­նով 61 եւ խորհր­դակ­ցա­կան ձայ­նով 19 պատ­գա­մա­ւոր­ներ։

Ընդ­հան­րա­պէս քա­ռա­մեայ պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ գու­մա­րո­ւող ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գե­րա­գոյն հա­մա­գու­մար­նե­րու՝ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, շու­տա­փոյթ պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած էր ­Չոր­րոր­դէն (1907ին, ­Վիեն­նա) մին­չեւ Ու­թե­րորդ (1914ի ­Յու­լիս, ­Կա­րին) Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րուն գու­մար­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։

Եօ­թը տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ չորս Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­ներ, ո­րով­հե­տեւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ ­Բուն Երկ­րին հա­մար ծայր աս­տի­ճան բախ­տո­րոշ վե­րի­վայ­րում­նե­րով բնո­րո­շո­ւող տա­րի­ներ էին։

Յատ­կա­պէս Եօթ­նե­րորդ (1913ի Օ­գոս­տոս, ­Կա­րին) եւ Ու­թե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րը գու­մա­րո­ւե­ցան ի­րար­մէ հա­զիւ 10 ա­միս­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թեամբ։

7րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի օ­րե­րուն ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան տա­կա­ւին կ­’ապ­րէր եւ կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ գոր­ծող դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, իսկ ­Ռոս­տոմ հաս­տա­տո­ւած էր ­Կա­րին, ուր­կէ կը հու­նա­ւո­րէր Երկ­րին մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Հ.Յ.Դ. ­Հիմ­նա­դիր ­Սե­րուն­դի եր­կու ղե­կա­վար դէմ­քե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, 7րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը քննու­թեան նիւթ դար­ձուց ­Գեր­մա­նիոյ հետ զի­նակ­ցա­բար ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մի պատ­րաս­տո­ւե­լու Իթ­թի­հա­տի ռազ­մա­տենչ քայ­լե­րը։ Ո­րո­շեց՝ «օ­րի­նա­կան բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով կան­խել զի­նո­ւած ընդ­հա­րում­նե­րը», իսկ ե­թէ պա­տե­րազ­մը ան­խու­սա­փե­լի դառ­նայ՝ «ա­մէն քա­ղա­քա­ցի կը կա­տա­րէ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ի՛ր պե­տու­թեան հան­դէպ»։

Աշ­խար­հա­մար­տը շու­տով ան­խու­սա­փե­լի դար­ձաւ եւ Իթ­թի­հատ, գիտ­նա­լով հան­դերձ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կա­պա­տե­րազ­մա­կան դիր­քո­րո­շու­մը, քա­ղա­քա­կան ա­մէն քայ­լի դի­մեց, որ­պէս­զի տար­հա­մո­զէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եւ, ­Ցա­րա­կան կայս­րու­թեան դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տած պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, թրքա­կան զօր­քե­րու կող­քին ու­նե­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րեւմ­տա­հայ թէ ա­րե­ւե­լա­հայ հա­տո­ւած­նե­րուն զի­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մի­ջո­ցաւ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, 7րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վէն տա­սը ա­միս անց, գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վը, Ս. Զա­ւա­րեա­նի մա­հէն ետք (­Հոկ­տեմ­բեր 1913) ­Ռոս­տո­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, որ միեւ­նոյն պա­տաս­խա­նը տո­ւաւ ­Կա­րին ե­կած ու ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցած Իթ­թի­հա­տի բա­նագ­նաց­նե­րուն։

Այդ­պէ՛ս, իր 7րդ­ եւ 8րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղով­նե­րու ո­րո­շու­մով, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի դա­ժա­նա­գոյն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստի­պո­ւե­ցաւ զէնք բարձ­րաց­նե­լու՝ միա­ժա­մա­նակ թէ՛ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին իթ­թի­հա­տա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար, թէ՛ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին, նպա­տա­կադ­րե­լով օգ­նու­թեան հաս­նիլ բուն Երկ­րի հա­յու­թեան փրկու­թեան՝ ստոյգ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ…

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան բախ­տո­րոշ այդ վե­րի­վայ­րում­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րով՝ Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը ե­կաւ պատ­մա­կան ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին հնգա­մեայ մա­քա­ռու­մին՝ մա­հո­ւան ան­դուն­դը թա­ւալգ­լոր ան­կու­մին եւ հրա­շա­փառ յա­րու­թեան, ո­րուն պսա­կու­մը ե­ղան Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճումն ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մը։
Դաշ­նակ­ցու­թեան 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ոչ միայն հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ պայ­քա­րին յաղ­թա­նա­կով պսա­կու­մը ամ­րագ­րե­լու ի­մաս­տով, այ­լեւ՝ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ա­կա­մայ, այլ բռնի երկ­փեղ­կու­մին վերջ տա­լու ա­ռու­մով։ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րագ­րէն ջնջեց Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի հա­մար 1907ի 4րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին ա­ռա­ջադ­րած լայն ինք­նա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը եւ, փո­խա­րէ­նը, ո­րո­շեց ծրագ­րա­յին նպա­տակ ու­նե­նալ «­Միա­ցեալ, Ան­կախ եւ Ա­զատ ­Հա­յաս­տան»ի ի­րա­գոր­ծու­մը։

Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան ե­ղաւ նաեւ ու մա­նա­ւանդ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պատ­ժե­լու իր ո­րո­շու­մով, որ ամ­րագ­րո­ւե­ցաւ «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» առ­ջեւ ծրագ­րու­մի եւ կազ­մա­կեր­պու­մի կա­նաչ լոյս բա­նա­լով։

Իր այդ ո­րո­շում­նե­րով՝ նաեւ գա­լի­քի հաշ­ւոյն պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ 27 Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րը, 98 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը։ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նաց­ման ի խնդիր յա­րա­տեւ պայ­քա­րը հու­նա­ւո­րեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հե­տա­գայ ու­ղին՝ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը դարձ­նե­լով կի­զա­կէ­տը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծին։

Իսկ 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շած «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» ի­րա­կա­նա­ցու­մով՝ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս լծո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րին, զայն դարձ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­մի եւ ինք­նա­հաս­տատ­ման ա­նե­րեր կռո­ւանն ու ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը։

Հա­յա­պահ­պան­ման եւ հա­յա­կերտ­ման գո­յա­պայ­քա­րին կե­նա­րար ա­կուն­քը։

Վեր­ջա­պէս, Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը դաշ­նակ­ցա­կան սե­րունդ­նե­րուն վրայ պարտք դրաւ մշա­կու­մը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ ըն­կեր­վա­րա­կան այն Ծ­րագ­րին ու գոր­ծու­նէու­թեան, ո­րոնք ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­մի ու­ղին պի­տի հար­թեն ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ, մեր երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պայ­ման­նե­րէն մեկ­նե­լով։

Ն.

Խուխ, Խորխ, Խորիսխ Եւ Խարիսխ

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ահա չորս բառեր, որոշ չափով` նմանահունչ, որոնք սակայն իրարմէ բոլորովին տարբեր իմաստներ ունին ու մեր առջեւ կը բանան տարբեր աշխարհներու դռները…

Սկսինք առաջինէն: Ի՞նչ է «խուխ»-ը:

Անիկա թանձրացեալ  լորձունքն է, զոր հազի միջոցով կ՛արտահանենք մեր թոքերէն ու բերնի ճամբով (թքելով) կը հեռացնենք:

Մեր ժողովուրդը, ընդհանրապէս, չի գործածեր (կամ չի գիտեր) այս բառը ու կը նախընտրէ ատոր փոխարէն օգտագործել «պալղամ» օտար բառը:

Իսկ «խո՞րխ»-ը:

Խորխը օձին շապիկն է, բարակ մաշկը, զոր ան տարին անգամ մը կը փոխէ, կը վերանորոգէ` իր ճապուկ մարմինը քսելով քարերուն: Ունինք «Խորխահան ընել» ասոյթը, որ թէեւ բառացիօրէն ունի «կաշին փոխել»-ու իմաստ, սակայն փոխաբերաբար կը նշանակէ իսկական դիմագիծն ու գոյնը ցոյց տալ:

«Խորխ» բառը բժշկական կամ առողջապահական կալուածին մէջ ալ կը գործածուի` բնորոշելու համար այն բարակ ու կեղուուող մաշկը, որ կը գոյանայ մեր քիթին ծայրը` երկարատեւ հարբուխէ ետք: Հայաստանցիները կ՛ըսեն. «Հարբուխը այնքան ծանր էր, որ քիթը խորխ տուեց»:

Հիմա գանք «խորիսխ»-ին:

Թերեւս ձեր մտքէն անգամ պիտի չանցնի, որ խորիսխը մոմով մեղրն է: Մեղրամոմի բջիջները երբ լեցուն կ՛ըլլան մեղրով, ատիկա կը կոչուի «խորիսխ»: Սղագին ու առողջարար:

Ու վերջապէս… հասանք «խարիսխ»-ին:

Խարիսխը ամուր եւ հաստատուն պատուանդանն է: Քաղաքական լրատւութիւններուն մէջ յաճախ կը կարդանք. «Ռուսաստան ռազմական խարիսխ մը հաստատեց Հայաստանի սահմանին մօտիկ»: Կամ` «Թուրքիա պիտի չարտօնէ, որ Ատանայի մօտ գտնուող Ինճիրլիքի զինուորական խարիսխը օգտագործուի ամերիկեան ուժերու կողմէ»:

Բայց «խարիսխ»-ը ունի երկրորդ իմաստ մըն ալ, որ նմանապէս շատ կ՛օգտագործուի: Անիկա երկու թեւերով այն ծանր երկաթն է, զոր շղթաներով նաւէն վար կը կախեն` ծովուն մէջ, որպէսզի նաւը անշարժ մնայ քարափը: Օրինակ, կ՛ըսենք. «Եգիպտական բեռնատար երեք նաւեր այսօր խարիսխ նետեցին Լաթաքիոյ ծովեզերքը». այսինքն նաւերը կանգ առին քարափը: Գեղեցիկ ըսելաձեւ մըն է:

Կրցայ ստուգել, որ «Խարիսխ» անունով հայերէն կիսամսեայ թերթ մը հրատարակուեր է Թուրքիոյ ծովեզերեայ Տրապիզոն քաղաքին մէջ, 1909-ին, Եղեռնէն առաջ, շուրջ տարի մը տեւողութեամբ: Խմբագիրն ալ նշանաւոր վիպագիր Մալխասը եղեր է, «Զարթօնք» վիպաշարին հեղինակը:

«Խարիսխ»-ը մեր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ ալ մուտք գործած է, եւ`  երկու անգամ: Նախ` ունինք ֆրանսահայ առաջին սերունդի գրողներէն Նիկողոս Սարաֆեանի մէկ վիպակը` «Խարիսխէն հեռու», որ առաջին անգամ լոյս ընծայուած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, 1932-ին:  Նոյն վերնագիրով պատմուածքներու ժողովածու մըն ալ ունի լիբանանահայ արձակագիր Արմէն Դարեանը (1922-1990), տպուած` 1964-ին, Պէյրութ: Երկու գրողներուն մտքին մէջ ալ խարիսխը հայրենիքն է` Հայաստանը, իսկ այդ խարիսխէն հեռու գտնուողներն ալ մե՛նք ենք` պանդուխտ սփիւռքահայերս…

 

 

 

Արցախը Հզօր Է Սփիւռքահայ Իր Բարեկամներով

$
0
0

ԱՆԱՀԻՏ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Իրանում 4 տարի առաջ մի խումբ հայրենասէրների կողմից հիմնադրուեց «Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութիւնը. նպատակը ընկերային տարբեր ծրագրերի իրականացումն է: 

Օրերս կազմակերպութեան պատասխանատուները հերթական բարեգործական ծրագրով Ասկերանի շրջանի Ուղտասարի համայնքում էին: Հիւրերին ուղեկցում էին ԱՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամներ, փոխխօսնակ Վահրամ Բալայեանը, Ալեոշա Գաբրիէլեանն ու Ռիթա Մնացականեանը: Հանդիպմանը մասնակցում էին շրջվարչակազմի աշխատակազմի ղեկավար Արթուր Մելքումեանը, ուղտասարցիներ:

Ողջունելով ուղտասարցիներին` Ալեոշա Գաբրիէլեանը նշեց, որ սեպտեմբերը կարեւոր իրադարձութիւններով հարուստ ամիս է ոչ միայն մեր պետութեան, այլեւ Հայ օգնութեան միութիւն (ՀՕՄ) բարեգործական կազմակերպութեան համար:

– Ինչպէս գիտենք, սեպտեմբերի 6-ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտում, վերակառուցումից յետոյ, մեծ հանդիսաւորութեամբ բացուեց «Սօսէ» մանկապարտէզը, իսկ այսօր մենք Ուղտասարում ենք` ակատանես լինելու հերթական բարեգործական ծրագրին: Նման նախաձեռնութիւնները միմիայն ողջունել կարելի է, քանզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը միաւորուելով բարեգործական տարբեր ծրագրերի շուրջ` իր բարի գործն է կատարում հայրենիքում: Այսօր շէնացող Ուղտասարում «Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպոյթունն իր հերթական ծրագիրն է իրականացնում, ասաց Ա. Գաբրիէլեանը:

Կազմակերպութիւնը համայնքի բնակիչ Կարօ Յովսէփեանի ընտանիքին նուիրաբերեց միրգ չորացնելու սարք` գիւղում չրեղէնի արտադրութեանը զարկ տալու համար: Նման ծրագրերն Արցախում մանր պիզնեսը զարգացնելու նպատակ են հետապնդում նաեւ:

«Չորս տարուց աւելի է, ինչ մեր կազմակերպութիւնը բարեգործական տարբեր ծրագրեր է իրականացնում: Ու պատահական չէ, որ մեր հերթական ծրագիրն իրականացւում է ազատագրուած մեր պապենական հողերի վրայ: Այդ հողերի համար շատ թանկ գին ենք վճարել, իսկ դրանց վրայ ամուր ու անսասան կանգնելը, մեր երեխաների բարեկեցիկ ապագան ստեղծելը բոլորիս պարտքն է», ասաց «Թեւանիկ» բարեգործական խմբի պատասխանատու Իւետ Դանիէլեանը:

Ինչպէս նշեց Ի. Դանիէլեանը, «Թեւանիկ» խումբն Իրանից 2014-ին Արցախ այցելելով` սկսեց հանդէս գալ բարեգործական ծրագրերով: Սկզբնական շրջանում հիմնականում հագուստ եւ խաղալիքներ էին տրամադրում սահմանամերձ գիւղերի բնակիչներին ու մանկապարտէզներին: Այս ամէնը համակարգւում էր Հայ օգնութեան միութեան միջոցով: Իսկ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմից յետոյ ընկերութիւնն իր ծրագրերի շրջանակն ընդլայնեց: Ծրագրի նպատակն է օժանդակել, աջակցել ընկերային առաւել խոցելի խաւերին, ինչպէս նաեւ` փոքր պիզնեսի զարգացմանը, ծանօթացնել տարածաշրջանի շուկայի պահանջարկին: Հայ օգնութեան միութեան միջոցով կազմակերպուեցին նաեւ ձեռքի աշխատանքի դասընթացներ 60 հոգու համար, ինչը շարունակական բնոյթ է կրելու:

«Քանի որ հիմա շուկայում մեծ պահանջարկ ունի շերտաւոր չրեղէնը, մենք նպատակայարմար գտանք Ուղտասարում ներդնել չրեղէնի սարք, որը կը կարողանայ շուկային համապատասխան արտադրանք տալ, ինչի շնորհիւ աշխատատեղեր կը ստեղծուեն եւ յարակից բնակավայրերի բնակիչներից կը կատարուեն մրգերի մթերումներ», ասում է Իւետ Դանիէլեանը:

Խմբի անդամ Պորիս Ղուկասեանը, ով արցախեան ազատամարտի տարիներին ինքնապաշտպանական ջոկատների կազմում, այնուհետեւ Պաշտպանութեան բանակի շարքերում իր պարտքն է կատարել հայրենիքի հանդէպ, այսօր այլ առաքելութեամբ էր Ուղտասարում.

«Բազմաթիւ փորձութիւններով անցնելով` մեր ժողովուրդը նաեւ պարտադրուած պատերազմ տարաւ,- ասաց նա: – Ու այսօր ես հպարտ եմ, որ ես էլ իմ լուման եմ ներդրել մեր պապենական հողերը թշնամուց ազատագրելու համար: Մենք ունենք հզօր բանակ, որն այսօր կարողանում է իրավիճակը վերահսկել, ու այսօրուայ մեր գերխնդիրը տնտեսութիւնը զարգացնելն է: Մենք մեր ջանքերը պէտք է ուղղենք մեր հերոսական ժողովրդի կարիքները հոգալու, նրան ինքնաբաւ դարձնելու համար:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեանը անդրադառնալով «Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան գործունէութեանը` հպարտութեամբ նշեց, որ հայը, որտեղ էլ ապրելիս լինի, իր սրտում միշտ կրում է Հայաստանն ու Արցախը:

Ուղտասարի համայնքում այս օրերին դպրոցական նոր շէնքի շինարարութիւնն է ընթանում: Բաւականին երիտասարդ համայնքում քիչ չեն հիմնախնդիրները, որոնք աստիճանաբար իրենց լուծումն են ստանում: Արցախի կառավարութեան եւ շրջանի ղեկավարութեան ուշադրութիւնը սեւեռուած է համայնքի խնդիրների վրայ: Նրա ղեկավար Մանուէլ Պետրոսեանն իր եւ համայնքի բնակիչների անունից շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներին` ուղտասարցիներին եւս մէկ քայլ առաջ մղելու համար:

Ուղտասարցի Կարօ Յովսէփեանը, ով ծրագրի շահառուն է, գիւղի առաջին վերաբնակիչներից է, ում երազանքն իրականութիւն դարձրեց «Թեւանիկ»  բարեգործական կազմակերպութիւնը:

«Տաս տարուց աւելի է, ինչ բնակւում եմ Ուղտասարում: Զբաղւում եմ հիմնականում հողագործութեամբ, եւ միշտ էլ միտք է եղել մրգի չորանոց ձեռք բերել, սակայն բաւարար միջոցներ չունենալու պատճառով  այն յետաձգուել է: Ինձ չորանոցի տրամադրմամբ ամբողջութեամբ կը լուծուի ընտանիքիս զբաղուածութեան հարցը, ինչպէս նաեւ կը ստեղծուի լրացուցիչ 5-6 աշխատատեղ: Այն նաեւ հնարաւորութիւն կը տայ յարակից բնակավայրերի բնակիչների արտադրանքն իրացնելու համար», ասաց Կարօ Յովսէփեանը` երախտագիտութիւն յայտնելով թեւանիկցիներին, միաժամանակ նշելով, որ համայնքի բնակլիմայական պայմանները նպաստաւոր են բոլոր տեսակի մրգեր աճեցնելու համար:

Մրգեղէն չորացնելու սարքը 5-8 ժամուայ ընթացքում 250 քկ արտադրանք տալու հնարաւորութիւն ունի: Կազմակերպութիւնն ամբողջութեամբ իր վրայ է վերցնում արտադրանքի արտահանման եւ իրացման խնդիրը:

 

ք. Ասկերան
«Ազատ Արցախ»

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Անկայուն «Քիւրտիստան» Մը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ        

Կիրակի, 17 սեպտեմբերին Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան լիբանանեան մասնաճիւղը հանրահաւաք մը կազմակերպեց Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ: Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը կը պարզէր «Քիւրտիստան»-ի դրօշակը եւ Մասուտ Պարզանիի նկարները, Քրտական  աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հազիւ 2-3 դրօշակ կար, ինչպէս նաեւ` Օճալանի նկար մը: Ինչ որ յայտնի դարձաւ, այն էր, որ ՔԱԿ-ի անդամները եւ համակիրները չէին մասնակցած հանրահաւաքին եւ գաղափարական որոշ վերապահութիւն ունէին այս հարցին շուրջ:

Քրտական Անմիաբանութիւնը

Վերջին տասնեակին ՔԱԿ-ը գաղափարական եղափոխութիւն մը ապրեցաւ եւ անկախութեան ձգտելու փոխարէն` պահանջեց համադաշնակցութեան ստեղծումը` առանց խախտելու ներկայ սահմանները այն երկիրներուն, ուր քիւրտերը կը գտնուին` Սուրիա, Թուրքիա, Իրաք եւ Իրան: Օճալանի այս գաղափարները ազդուած են Միքայէլ Պաքունինի անիշխանական եւ հակապետական մտածողութեամբ:

Այս պատճառով ալ ՔԱԿ սկզբունքով դէմ է որեւէ ազգայնական շարժումի, կուսակցութեան մէջ պառակտումներ յառաջացան եւ Ապտիւլլա Օճալանի եղբայրը` Օսման Օճալան 2004-ին հրաժարեցաւ ՔԱԿ-էն ու մօտեցաւ Մասուտ Պարզանիին` առաջնորդելով ՔԱԿ-ի ազգայնական հոսանքը : Ներկայիս այս երկու թեւերուն միջեւ բուռն պայքար կայ, թէ ո՛վ պիտի առաջնորդէ քրտական դատը` ՔԱԿ-ի «յառաջդիմական-անիշխանական» հոսա՞նքը (որ նաեւ ծածուկ կը պահէ իր ազգային դիմագիծը), թէ՞ Պարզանիի եւ անոր հետեւողներուն ազգայնական շարժումը: Եթէ Պարզանի յաղթական դուրս գայ, ապա շատ հաւանական է, որ շատեր յարին Օսման Օճալանի գիծին եւ բաժնուին ՔԱԿ-էն, իսկ եթէ ձախողի եւ ՔԱԿ-ի կողմէ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ ծրագրուած Ռոժավայի ծրագիրը շահի (որ ըստ երեւոյթին, դժուար վիճակ կ՛ապրի), ապա ՔԱԿ-ի ազդեցութիւնը պիտի զօրանայ:

1994 մայիսէն մինչեւ 1997 նոյեմբեր հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ բռնկեցաւ ներքին պատերազմ մը, որուն զոհ գնաց աւելի քան 3000 մարդ: Պարզանիի եւ Ժալալ Թալապանիի կուսակցութիւնները բուռն բախումներ ունեցան` տիրելու համար քրտական շրջաններուն, ի վերջոյ ամերիկեան միջամտութեամբ կնքուեցաւ հաշտութիւն մը, ըստ որուն, Պարզանիի կուսակցութինը (Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութիւն) ստանձնեց Էրպիլի իշխանութիւնը, իսկ Թալապանիի կուսակցութիւնը` (Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւն) Սուլէյմանիի շրջանը: Մինչեւ հիմա այդպէս է վիճակը եւ կը կարծեմ այդպէս ալ պիտի մնայ: Սակայն ինչպէ՞ս պետութիւն կամ պետականութիւն կրնայ կառուցուիլ, երբ զանգուածը միասնական չէ եւ պետական ծրագիր մը չունի: Շատ յստակ է, որ անկախութեան ճամբան շատ հեռու եւ արիւնալի է քիւրտերուն համար, մանաւանդ որ Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ ընդդիմութիւնը, մէջը ըլլալով` Թալապանիի կուսակցութիւնը, ազատականները եւ իսլամականները, թիւրքմէնները, արաբները եւ ասորի ազգային շարժումները, դէմ են հանրաքուէին: Ըստ երեւոյթին, Պարզանի իր բազուկներու ուժը պիտի փաստէ այս հանրաքուէով:

Սակայն Իրանի, Թուրքիոյ եւ Իրաքի սպառնալիքները մղեցին քիւրտերը, որ միասնական կեցուածքով մասնակցին հանրաքուէին: Մասնակիցներուն 93 առ հարիւրը «Այո՛» քուէարկեց. այս ցուցանիշը նաեւ կը բացայայտէ քիւրտերուն ազգայնական դիմագիծը, որ թաքնուած է ընկերվարութեան կամ ազատական գաղափարներուն ետին: Աւելի՛ն. Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը տնտեսական մեծ ճգնաժամի դիմաց է, մարզին պետական պաշտօնեաները ամիսներէ ի վեր իրենց ամսականները չեն գանձած, եւ կառավարութիւնը պարտքերու տակ է: Այս բոլորին դիմաց Իրան, Թուրքիա եւ Իրաք տնտեսական շրջափակման ենթարկեցին քրտական շրջանները. եթէ Պարզանի զիջողական քայլերու չդիմէ, ապա շրջանը անկայուն մղձաւանջի առջեւ պիտի գտնուի:

Շրջանային Տագնապ

Թուրքիա անմիջապէս դրսեւորեց իր մերժողական կեցուածքը եւ սպառնաց ներխուժել Իրաքի քրտական շրջանները, ուր արդէն իսկ ռազմական խարիսխ մը ունի Մուսուլի մօտ: Թուրքիա ռազմափորձեր կատարեց իրաքեան բանակին հետ` Իրաքի քրտական շրջաններու սահմաններուն մօտ, իսկ միւս կողմէ, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ համաձայնութեամբ, սկսաւ իր զօրքերը զօրաշարժի ենթարկել Սուրիոյ Իտլիպի եւ Աֆրինի սահմանին վրայ, որպէսզի մուտք գործէ սուրիական սահմանէն: Թուրքիոյ զինուած ուժերը  շաբաթէ մը ի վեր ռազմական ուժեր կը կուտակեն  սուրիական սահմանին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Սփութնիք»-ը` նշելով, որ թրքական բանակը Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Այնթապ նահանգի Իսլահիյէ քաղաքէն ուժեր կ՛ուղարկէ Քիլիս, վերջիններս կը տարածուին սուրիական Աֆրինի սահմանին երկայնքին:

Սակայն Թուրքիոյ այս քայլը նաեւ ունէր յստակ պատգամ մը Սուրիոյ հիւսիսը գտնուղ քրտական խմբաւորումներուն, որոնք գաղափարախօսութեամբ մօտ են ՔԱԿ-ին: Այսպիսով, Թուրքիա զինուորական պաշարման ենթարկեց թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ քրտական ուժերը:

Միւս կողմէ Իրան փակեց սահմանը Իրաքի քրտական շրջաններուն դիմաց: Այդ մասին յայտարարած է Իրանի Անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Շախմանի նաեւ նշեց, որ այս քայլը պիտի յանգեցնէ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ Թեհրանի ունեցած համաձայնութիւններու վերանայման: Ան ընդգծած է, որ Իրան կը ճանչնայ միայն միասնական Իրաքը, ինչպէս նաեւ` այդ երկրին դաշնակցային իշխանութիւնները:

Ռուսական մտահոգութիւնը շատ հեռու չէ Իրանի եւ Թուրքիոյ մտավախութիւններէն: Երկու երկիրներն ալ ունին «քրտական  հարց»: Ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու, քիւրտերը կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան 15-20առ հարիւրը,  իսկ Իրանի պարագային` մօտ 10 առ հարիւրը: Միշտ ալ այս երկու երկիրներուն մէջ քրտական անջատողական շարժումը եղած է աշխուժ. ռուսերը իրենց կարգին մտավախութիւն ունին, որ այսպիսի անջատողական շարժումները հասնին իրենց սահմանները, մասնաւորապէս Հիւսիսային Կովկասի իսլամական շրջաններուն մէջ: Հետեւաբար երեւակայական չէ, որ 1850-ի պատմութիւնը կրկնուի: Մտահոգուած` 1848-ին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած ազգային-ազատագրական յեղափոխութիւններէն, ցարական Ռուսիա, Պրուսիա եւ Աւստրիական կայսրութիւնը դաշինքի մէջ մտան` դէմ դնելու որեւէ անջատողական շարժումի, որ կը սպառնայ իրենց ազգային ինքնիշխանութեան: Այո՛, մրցակցութիւն կար այս երեքին միջեւ, սակայն ատիկա չէր վտանգեր անոնց սահմանային միասնութիւնը:

Եզրափակում

25 սեպտեմբերին Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ ժողովուրդը տուաւ իր պատասխանը` պահանջելով անկախութիւն: Թերեւս ապագային օրինական ձեւով այդ շրջանը աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ կոչուի Քիւրտիստան կամ ալ քարտէսէն անհետանայ: Սակայն յստակ է, որ շրջանը նոր փուլի մէջ պիտի մտնէ 25 սեպտեմբերէն ետք, եւ քիւրտերը իբրեւ ոչ պետական գործօն` պիտի փոխեն Միջին Արեւելքի քաղաքական հաւասարակշռութիւնը:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Համալրուեցաւ Վատիկանի Արխիւներէն Ձեռք Բերուած Փաստաթուղթերով

$
0
0

«Երկիր Մեդիա»-ն կը տեղեկացնէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը համալրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող արժէքաւոր փաստաթուղթերով, որոնք ձեռք բերուած են Վատիկանի գաղտնի արխիւներէն: Վատիկանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի աջակցութեամբ եւ իտալահայ գործարար Արթուր Ասատրեանի միջոցներով ձեռք բերուած փաստաթուղթերը 19 սեպտեմբերին յանձնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

Փաստաթուղթերը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանին յանձնեց «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի հեղինակ Մանանայ Յակոբեանը:

Սուրէն Մանուկեան նշեց, որ փաստաթուղթերը դեռ պէտք է ուսումնասիրուին, սակայն ան նկատեց, որ անոնց մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ աշխատող Վատիկանի ներկայացուցիչներու փաստաթուղթերն են: «Այսինքն խօսքը այդ տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ աշխատող դեսպաններուն մասին է: Փաստաթուղթերը, ինչպէս հասկցայ, դիւանագիտական գրագրութիւններ են. անոնց մէջ կան ձեռագիրներ եւ մեքենագրուած փաստաթուղթեր: Անոնք շատ արժէքաւոր փաստաթուղթեր են, որոնք իրենց տեղը պիտի ունենան մեր թանգարանին մէջ: Յառաջիկային մենք մանրամասնօրէն պիտի ուսումնասիրենք զանոնք», ըսաւ Սուրէն Մանուկեան` ընդգծելով, որ փաստաթուղթերը 1914-1917 թուականներու Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կը վերաբերին:


Անդրադարձ. Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Ծրագիրը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատւութիւն» խորագիրը` լոզունգը կրող համաժողովին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատրաստած 18 էջ օրակարգ-յայտագիրը կը մանրամասնէր քննարկուելիք չորս հիմնական գլուխներու (ուղղութիւն կոչուած է) զեկուցաբերները, անոնց զեկոյցներուն խորագիրները եւ համադրողները: Չորս գլուխներն էին` 1. «Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ», 2. «ՀՀ պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնը ժամանակակից մարտահրաւէրների պայմաններում», 3. «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ» եւ 4. «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ» (1):

Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Արամ Ա. վեհափառին պատգամը, որ արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան

Յստակ չէ, թէ նշուած զեկուցաբերները եւ անոնց ներկայացնելիք զեկոյցները ի՞նչ պայմաններով ընտրուած են, յատկապէս` սփիւռքը ներկայացնողներու պարագային: «Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան զեկուցելով համագումարին մասին` «Թերթ»-ի թղթակիցին յայտնած է. «Մենք 8-9 տարիներու ընթացքին կատարած ենք հաշուառում` սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ:

«Մենք գիտենք, թէ ո՛ւր որքա՞ն բժիշկ, իրաւաբան, պատմաբան եւ այլ մասնագիտութիւններու հայրենակիցներ ունինք: Մենք բոլոր այդ նշանաւոր հայերուն ուղարկած ենք դիմումներ եւ ներկայացուցած ենք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ,  եւ խնդրած ենք պատասխանել իրենց հաւանական մասնակցութեան վերաբերեալ: Ստացած ենք 1200 պատասխան, որով անոնք հաստատած են, որ ներկայ պիտի գտնուին»» (2): Միւս կողմէ, սակայն, սփիւռքի նախարարը կ՛ըսէ,  որ սփիւռքէն 1300 կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 1500 (ըստ կարգ մը աղբիւրներու` 1700) անձեր կը մասնակցին համաժողովին, կարելի չեղաւ ստոյգ թիւը ճշդել: Ըստ անոր, սփիւռքի 118 երկիրներու մէջ 829 հայկական համայնքներ կան, 30 հազար հայկական կազմակերպութիւն, 38 համահայկական կազմակերպութիւն, 724 գործող եկեղեցիներ եւ վանքեր, հազարէ աւելի դպրոցներ եւ 637 մշակութային կեդրոններ:

18 էջերէ բաղկացած այս օրակարգ-յայտագիրին մէջ յատուկ կերպով չէր նշուած համաժողովի լոզունգին երեք նշանաբաններէ` յատկապէս առաջինին մասին, թէ` այս ժողովը ինչպէ՞ս եւ  օրակարգի ո՞ր կէտին մէջ պիտի քննարկէր «Հայաստան-սփիւռք» փոխադարձ վստահութեան խնդիրը, որ կարելի է դասել այսպիսի համաժողովի մը իբրեւ կարեւորագոյն քննարկումի առարկան: Շատ յստակ է, որ Հայաստան-սփիւռք փոխադարձ վստահութիւնը թերի է, եւ այդ պատճառով ընտրուած է իբրեւ նշանաբան: Անհրաժեշտ էր այս հարցին լուրջ քննարկումը, որ պէտք էր յանգէր գործնական ծրագիրի մը, որ կ՛ապահովէ յատկապէս Սփիւռքին կողմէ փոխադարձ վստահութիւն` կէս միլիոնէ աւելի (ոմանք կ՛ըսեն մէկ միլիոնէ աւելի) արտագաղթ եւ հայրենալքում պատճառած` մենաշնորհեալներու կողմէ հայրենիքին տնտեսական մարզը իւրացուցած եւ արդարադատութիւնը ճնշած, հայրենի իշխանութիւններուն շարունակուող լռելեան «մեղսակցութեան» հանդէպ (3), (4), (5), (6), (7), (8):

Այստեղ անհրաժեշտ է ճշդում կատարել: «Փոխադարձ վստահութեան» հարցը իրականութեան մէջ, ընդհանրապէս, միակողմանի է, իմա` սփիւռքն է, որ վստահութիւնը կորսնցուցած է, ոչ թէ հայրենիքին հանդէպ, այլ` հայրենիքի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն հանդէպ: Հետեւաբար այս լոզունգը, որ կը վերաբերի մէկ կողմէ «Հայաստանի» եւ միւս կողմէ` «սփիւռքի», սխալ բանաձեւուած է, եւ պէտք էր ըլլար «Սփիւռք-Հայաստանի իշխանութիւն փոխադարձ վստահութիւն եւ պատասխանատուութիւն», իսկ «միասնականութիւնը» հայրենիքին եւ սփիւռքի ժողովուրդին միջեւ ընդհանրապէս քննելի առարկայ չէ: Ահա այս իրողութեան մէջ է, որ ճիշդ հունին մէջ կը դրուի խորհրդաժողովին առաքելութիւնը: Արդար ըլլալու համար, հաւանաբար Հայաստանի իշխանութիւնները նաեւ սփիւռքին հանդէպ «վստահութեան» հարց ունին, որ յատկապէս դրսեւորուած էր վերանկախացումի առաջին վարչակարգին եւ այժմու կարգ մը պատասխանատուներու կողմէ, որ շարունակութիւնն է համայնավար, խորհրդային վարչակարգին սփիւռքի դէմ հալածախտին:

Սփիւռքին «պատասխանատուութիւնը» հայրենի իշխանութիւններուն թերացումներուն 26 տարիներ ընդհանրապէս լռելեան համամտութիւն տալուն մէջն է, յատկապէս` ընկերային-տնտեսական, քաղաքացիին կենսամակարդակը բարելաւելու միտող քաղաքականութեան բացակայութեան, եւ` ստանձնելով մի՛այն «բարեսիրական» դերակատարութիւն: Հաւանաբար սփիւռքը իշխանութիւններուն վրայ ազդելու միջոցներ, լծակներ չունէր եւ չունի, ու անոնք լաւ գիտեն, որ «բարեսիրութիւնը» պիտի շարունակուի, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները: Վերնախաւը գործարանները փակեց, գիւղատնտեսութիւնը անտեսեց, որպէսզի առեւտուրով` ներածումով, հոգ չէ թէ նոյնիսկ` մեր թշնամիներէն, արագօրէն հարստանար` Հայաստանի ժողովուրդը վերածելով ՅԱՃԱԽՈՐԴԻ եւ ո՛չ թէ արտադրողի:

Մեր ապագայի քաղաքացիները, որոնց համար պարտաւոր ենք լաւագոյն պայմաններ ստեղծել, որպէսզի անոնք կառչած մնան հողին:

Մինչեւ 2015-ի սահմանադրութեան բարեփոխումը` շուրջ 24 տարիներու կորսուած ու ահռելի ժամանակաշրջան… առա՛նց հաշուետուութեան: Սփիւռքը իրաւունք ունի հաշուետուութիւն պահանջելու իշխանութենէն, երկիրը հայութենէ պարպող, այս ոճրային ծանրագոյն վիճակին հասցնողներէն` իբրեւ հաւաստիք փոխադարձ վստահութեան:

Այժմու կառավարութիւնը, եւ յատկապէս` զայն գլխաւորող վարչապետը, յուսատու, լայնածաւալ ծրագիրներով կը փորձէ բարեկարգումներ իրականացնել բոլոր բնագաւառներուն մէջ` ներշնչելով ընդհանուր լաւատեսութիւն: Ակնյայտ է, որ ընդհանուր եւ մասնայատուկ բնագաւառներու ախտաճանաչումը կատարուած է, որուն շնորհիւ` ակներեւ է կառավարական «մեքենան» աշխուժացնելու հոլովոյթը, արտակարգ դրութեամբ` ռեժիմով աշխատելու եւ ծրագիրներ իրականացնելու մղումով, նոյնիսկ ձմեռնային պայմաններու մէջ շինարարական աշխատանքներ ամբողջացնել` «Աշխարհի այլ ցուրտ երկիրներուն նման»:

Նկատելի է յատկապէս տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան միջոցով բոլոր մարզերը եւ համայնքները բարելաւելու` համաչափ զարգացնելու քաղաքականութիւնը, զարկ տալով գիւղատնտեսութեան եւ ներքին` տեղական արտադրութեան` աշխատատեղեր ապահովելով բոլոր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցները կատարելագործելու` կրթութիւն, ջուր, ուժանիւթ, փոխադրութիւն եւ ճամբաներ` քաղաքացիին ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ առօրեան բարելաւելու նախանձախնդրութեամբ: Այս աշխատանքներուն դրական արդիւնքը տեսանելի է արդէն, եւ պէտք է շարունակուի, մինչեւ իւրաքանչիւր գիւղ եւ համայնք ունենայ կատարեալ ենթակառոյցներ:

Սփիւռքին ներդրումները, ինչպէս նախապէս, պիտի շարունակուին: Վարչապետին ակնարկած «նեղանալու» կամ «թասիբ գցելու» (որուն իմաստը կարելի չեղաւ ճշգրիտ հասկնալ) հարց գոյութիւն չունի, սակայն հիմնականը, բոլո՛ր քաղաքացիներուն կենսամակարդակը բարելաւելուն մէջ, իր հողին վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը ապահովելուն մէջ կը կայանայ, ստեղծելու համար այժմ անգոյ` կայուն ու զարգացող միջին դասակարգ:

Նախագահին յայտարարած թիրախը` 2040-ին չորս միլիոնի հասցնելու Հայաստանի բնակչութիւնը, կը պարտաւորեցնէ սփիւռքի նախարարութիւնը վերածելու ներգաղթի եւ բնակեցման նախարարութեան` ապահովելու համար պատահականութենէ զերծ, ծրագրուած վերաբնակեցում եւ ուսումնասիրուած ներգաղթ:

Աւարտին, կը մէջբերեմ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամէն հատուածներ` ուղղուած Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին. «Եկէք` ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: Հայաստանը կը պարպուի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնան մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու թուրիստական այցելութիւններու շրջագծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը…Հայրենիքը հող ու ժողովուրդ է` պետութիւն ու տնտեսութիւն ըլլալէ առաջ: Հաւատարմութիւն հայրենիքին նկատմամբ վեր է ամէն տեսակ նկատումներէ…Սիրելի՛ հայորդիներ, Հայաստանը զբօսավայր չէ՛, պիզնեսի շուկայ չէ՛, անցագիր չէ՛. վա՜յ մեզի, երբ միայն այսպէ՛ս մօտենանք Հայաստանին: Հայաստանը աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է` անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը…Արդ, մէկ կողմէ բարեսիրական գործերով եւ միւս կողմէ «եկէք` պիզնես արէք» ըսելով, որքան ալ գնահատելի ըլլան նման նախաձեռնութիւններ ու կոչեր, չենք կրնար հզօր Հայաստան կերտել: Սփիւռքը պատահական ներդրումներէն անդին` կոչուած է լայնածաւալ ու երկարաշունչ ծրագիրներով մասնակից դառնալու Հայաստանի տնտեսութեան աճման…Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողը ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար, թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի»:

24 Սեպտեմբեր 2017

————–

(1) ( http://www.mindiaspora.am/res/Hamajoxovner/2017/6/FORUM_programm_2017_09_11.pdf )
(2) ( http://www.aztagdaily.com/archives/360619 )
(3) ( http://www.aztagdaily.com/archives/364466 ) «Հարիւրամեակ Առաջին Հանրապետութեան Եւ Հայաստան-Սփիւռք Համագումար»
(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/364187 ) «Անկեղծ պատրաստակամութեամբ»
(5) ( http://www.aztagdaily.com/archives/310121 ) «Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ազգային Հարստութեան Կառավարումը Ու Հաշուետուութիւնը»
(6) ( http://www.aztagdaily.com/archives/277602 ) «Հայաստան-Սփիւռք Փոխադարձ Ճանաչողութեան Մասին Եւ Հայոց Լեզուն»
(7) ( http://www.aztagdaily.com/archives/340580 ) «Հայաստանի Վարչապետին Կոչը Սփիւռքահայերուն»
(8) ( http://www.aztagdaily.com/archives/319685 ) «Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան»

Սիրան Քահկեճեանի Յիշատակին

$
0
0

Քառասուն օրեր առաջ հեռաւոր Աւստրալիայէն ստացանք Սիրան Քահկեճեանի մահուան գոյժը:

Սիրան Քահկեճեանին կորուստը սուգի մատնեց եւ խոր ցաւ ու կսկիծ պատճառեց ո՛չ միայն իր հարազատներուն, այլեւ` իր գաղափարի եւ գործի ընկեր-ընկերուհիներուն:

Ընտանիքի օրինակելի եւ տիպար մայր մըն էր: Ան նաեւ միութենական կեանքի մէջ յատկանշուեցաւ շրջապատին հետ իր ունեցած իւրայատուկ վերաբերումով եւ իմաստութեամբ լեցուն խաղաղասիրութեամբ:

Որքան ալ ծանրակշիռ ըլլար վիճակ մը, բացառիկ զգուշութեամբ կ՛ուզէր հարթել հարցը` առանց վիրաւորելու կամ նեղացնելու ոեւէ մէկը: Բարի եւ ազնիւ էր թէ՛ իր հարազատներուն` ընտանեկան կեանքին մէջ եւ թէ՛ միութենական, ինչպէս նաեւ` ընկեր-ընկերուհիներուն արժեւորման մէջ:

Ան երկար տարիներ  նուիրուածութեամբ ծառայեց ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան մէջ` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ եւ անձնուրացութեամբ ու բծախնդրութեամբ կատարեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները:

Օրինակելի ԼՕԽ-ականի պատկերդ յաւերժ պիտի ընկերակցի մեզի, եւ յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ քեզ ճանչցող ընկերուհիներուն յիշողութեան մէջ, սիրելի՛ Սիրան Քահկեճեան: Քու տիպար ուղիդ մեր երթին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ:

Վարձքդ կատար, անկե՛ղծ ընկերուհի:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ու հոգիդ հանգչի երկնային արքայութեան մէջ:

ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԸ

Ռուբէն Յովսէփեան

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ռուբէն Յովսէփեան

«Ռուբէն Յովսէփեանի տեսակը համահայկական իրականութեան մէջ վտանգ ներկայացնելու չափ պակսած է: Յանձնառու մտաւորականի տեսակը առհասարակ տեղ չունի տնտեսապաշտ հասարակութիւններու մէջ»:

***

Հետեւաբար, սիրելի՛ Ռուբէն, միայն դուն հիւանդ չէիր, ոչ ալ երկիրդ` իր հիւանդութեամբ առանձին: Ամբողջ աշխարհը հիւանդ է եւ ինքզինք կ՛առաջնորդէ դէպի նոր աղէտներ: Ազատագրուելու միակ միջոցը այդ նոր երեւոյթներուն դէմ ծառանալն է, դիմադրողներու թիւը եւ որակը բարձրացնելն է, անմիջականօ՛րէն: Այլապէս ճամբան բաց է նախամարդու տիպարին վերակերտման համար»:

11 մարտ 2016-ին ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանի դամբանականէն Ռուբէն Յովսէփեանի յուղարկաւորութեան առթիւ: Ճիշդ է վերջին տարիներուն մեր շուրջի տերեւաթափը մեր մէջ տագնապ կը ստեղծէ:

Ռուբէն Յովսէփեանին հետ ընդհանրապէս ժողովական կեանքի մէջ ծանօթ եղած եմ: Աւելի ուշ անոր գրականութեան եւ յօդուածներուն ընդմէջէն իր սկզբունքային եւ խորքային տիպարը բացայայտած եմ:

Ընդհանրապէս լուռ, սակայն սկզբունքէն չզիջող եղած էր: Դիմացինին մտիկ ընող, սակայն` դիմացինին իր կարծիքը պարտադրող: Շատ անգամ անոր լռութիւնը կը փորձէինք հասկնալ դրական կամ ժխտական իմաստով: Ժողովներուն իր խօսքը կշիռ ունէր: Մարդկային իմաստով անոր բարութիւնը ոչ միայն արտաքինէն կ՛երեւէր, այլ նաեւ` անոր հարցերու մօտեցման եղանակէն: Դաշնակցական էր ամբողջական իմաստով: Համազգայնական իր էութեամբ: Արուեստի ու գրականութեան մարդ` ինքնուրոյն: Սակաւախօս, սակայն` հարցերը լաւ դիտող եւ դատող: Մեր օրերուն, երբ շատ խօսողները սկսած են հաւատալ, որ շատ խօսելով` շատ բան ըրած կ՛ըլլան, Ռուբէն Յովսէփեանի անձնական օրինակը բաւական դաստիարակիչ եւ վարակիչ պէտք է սեպել:

Ճի՛շդ այս պատճառով ալ զայն մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ յիշելը կրկնակի արժէք ունի:

 

Ազրպէյճանի Նախագահը Վերստին Կոխկրտեց «Կարմիր Գիծը», Այս Անգամ ՄԱԿ-ի Բարձր Ամպիոնից

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Կարելի էր, ի հարկէ, որպէս վերնագիր ընտրել` Ազրպէյճանի նախագահը ՄԱԿ-ի բարձր ամպիոնից հատեց ու անցաւ Ռուբիկոնը: Բայց դա, անշուշտ, կը համաձայնէք, չափազանց բարձր կը հնչէր Իլհամ Ալիեւի համար: Չնայած Ազրպէյճանի միահեծան բռնատէրի իր ճչուն դիրքին, այնուամենայնիւ, ու՞մ չէ յայտնի, անգամ` ազրպէյճանական հանրութեան շրջանում, որ նա եղել ու մնում է չարչիական հոգեբանութեան տէր նոյն մանրավաճառ առեւտրականը, ով 90-ական թուականների առաջին կէսին` ազրպէյճանա-արցախեան պատերազմի թէժ շրջանում,  զբաղւում էր ոչ այլ ինչով, քան` արեւմտեան արտադրութեան ճինզ տեսակի տաբատների, օծանելիքների եւ այլ մանր-մունր ապրանքների ներկրմամբ ու վաճառքով` ջրի ճամբայ դարձնելով Մոսկուա-Պոլիս եւ  Պոլիս-Մոսկուա օդային ուղիները:

Բացառապէս ազդեցիկ հօր ջանքերով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւնների պետական հիմնարկում ուսանած, ապա նոյն բուհում դասախօս կարգուած, բայց եւ խորհրդային քաղաքական Ողիմպոսից հօր անկումից յետոյ այդ կրթական հաստատութիւնից, որպէս ոչ պիտանի քուրջ, դուրս նետուած կրտսեր Ալիեւի համար ամէնեւին էլ հոգ չէին Մոսկուայում գահընկէց արուած հօր վրէժխնդրական յաւակնութիւնները` վերատիրելու Պաքուի իր վաղեմի գահին, ոչ էլ, մանաւանդ, նորանկախ Ազրպէյճանի նկրտումները` արիւնահեղ պատերազմի միջոցով ճնշելու արցախահայութեան ազատատենչ ոգին եւ, առհասարակ, բնաջնջելու հայ  բնիկ ազգային տարրը ողջ տարածաշրջանում: Նորաթուխ չարչիի համար առաւել գայթակղիչը  եւ անհամեմատ ապահովը «ճամպրուկային առեւտուր» կոչուած զբաղմունքն էր, խաղատնային զուարճալիքը, հերոյինի պարգեւած նիրվանան: 

Միեւնոյն ժամանակ, համաձայնէք, որ հազիւ թէ տեղին լինէր Ազրպէյճանի զինուած ուժերի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի մասին ասել, թէ նիւեորքեան իր ելոյթում նա անցել է Ռուբիկոնը: Դարձեալ` ո՞ւմ չէ յայտնի, որ այդ «գերագոյն գլխաւոր հրամանատար» կոչեցեալը մէկ օր անգամ զինուորական ծառայութիւն չի անցել` ո՛չ խորհրդային եւ ո՛չ էլ, անգամ, իր նորահռչակ հայրենի երկրի զինուած ուժերում: Անշուշտ` վերստին ամենակարող հայրիկի եռանդուն ջանքերի շնորհիւ: Ուստի հազիւ թէ Իլհամ Ալիեւը չափուի հին աշխարհից հանրայայտ Յուլիոս Կեսարի հետ, ով, ինչպէս գիտէք, մ.թ.ՆՔ 49-ի յունուարի 10-ին, ասելով, թէ` «Վիճակը նետուած է», մէկ լեգէոնով հատեց Ադրիատիկ ծով թափուող Ռուբիկոն գետը եւ մտաւ Իտալիա, մինչեւ ուղնուծուծը զինուորական ու զօրավար այն  փրոքոնսիւլի հետ, ով անկախ իր այդ վճռական գետանցումին հետեւած շուրջ քառամեայ պատերազմի արդիւնքներին, մարդկութեանն ի յիշատակ թողեց  «անցնել Ռուբիկոնը» թեւաւոր արտայայտութիւնը:

Յամենայն դէպս, յանուն արդարութեան հարկ է նշել, որ,  այնուամենայնիւ, այդ անհամադրելի իրողութիւններն ունեն նաեւ ընդօրինակման որոշակի եզր: Բանն այն է, որ ինչպէս Յուլիոս Կեսարն է Ռուբիկոնն անցել` հակառակ այն ժամանակ սահմանուած օրէնքի, նոյնպէս եւ նախագահ Ալիեւն է ՄԱԿ-ի բարձր ամպիոնից Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ուժի կիրառման եւ պատերազմի սպառնալիք հնչեցրել` հակառակ ներկայումս գործող միջազգային օրէնքների եւ հէնց, առաջին հերթին, Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան կանոնադրական պահանջների: Այնպէս որ, հաւատարիմ մնալով անցած մի քանի դարում ողջ Այսրկովկասը նախիրների եւ հոտերի կճղակների կոխան դարձրած իր խաշնարած նախնեաց աւանդոյթներին, ազրպէյճանական բանակի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը սեպտեմբերի 20-ին` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 72-րդ նստաշրջանի իր ելոյթում  ընդամէնը կոխկրտել է «կարմիր գիծը», այն գիծը, որ օրէնսդրօրէն սահմանազատում է պետութիւնների պահուածքը միջպետական եւ կամ ազգամիջեան հակամարտութիւնների լուծման խնդրում, ընդ որում` խստագոյնս արգելելով ռազմական միջոցների կիրառումը: Յիշենք, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը սկսւում է ՄԱԿ-ի նպատակների թուարկմամբ, որոնցից առաջինը «միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովումն է»: 

Մինչդեռ  ՄԱԿ-ի վեհաժողովի նստաշրջանում ահա ինչ է յայտարարել Ազրպէյճանի նախագահը.  «Մենք ցանկացած պահի, եթէ դա պէտք լինի, պատժելու ենք նախայարձակին, եւ Ազրպէյճանն ունի դրա բոլոր հնարաւորութիւնները, ինչը մենք ապացուցեցինք 2016 թուականի ապրիլին»: Անկախ այն հանգամանքից, որ մեր` հայերիս, լսելիքը վաղուց ի վեր սովոր է նման անհիմն յոխորտանքների, որոնք Պաքուի իշխանական վերնախաւը եւ անձամբ այդ երկրի նախագահը պատեհ, թէ անպատեհ հնչեցնում է Ազրպէյճանում, ոչ աւելին, քան ընդամէնը քմծիծաղ առաջ բերելով թէ Արցախում եւ թէ Հայաստանում, այնուամենայնիւ, այդ ռազմատենչ ճամարտակութիւնը հնչել է ՄԱԿ-ի ամպիոնից:

Արդեօք, նստաշրջանի մասնակիցներից մէկնումէկը հակադարձե՞ց Իլհամ Ալիեւին, սաստելով` յիշեցրե՞ց նրան աշխարհում խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանմանը միտուած բոլոր այն պայմանագրերն ու արձանագրութիւնները, որոնց տակ դրուած են նաեւ Ազրպէյճանի հին ու նոր չորս նախագահի, այդ թւում նաեւ` անձամբ իր ստորագրութիւնը: Ցաւօք, ո՛չ: Երեւի թէ կա՛մ չեն լսել եւ կա՛մ չլսելու տեղ են դրել, կա՛մ էլ թէ այդ պահին բոլորը մէկտեղ ուշք ու միտք  ուղղել էին ազրպէյճանական պատուիրակութեան շարքում նստած եւ ժպտերես, անհոգօրէն ինքնալուսանկարում` «սելֆի» անող երկու նրբիրան կանանց` Ազրպէյճանի Առաջին տիկին, համատեղութեան կարգով` երկրի փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի եւ ընտանիքի աւագ դուստր Լէյլա Ալիեւայի սէթեւեթներին: Հնարաւո՞ր է, արդեօք, որ հայկական մամուլի, ինչպէս նաեւ եւրոպաներ տարագրուած ազրպէյճանական ընդդիմադիր լրատուամիջոցների ծաղրանքին արժանացած կանացի այդ «խաղիկները» սոսկ բեմական խաղ էին` նախագահ ամուսնու եւ հայրիկի հնչեցրած ռազմատենչ, այսինքն` միջազգայնօրէն օրինախախտ յայտարարութիւններից նստաշրջանի ուշադրութիւնը շեղելու համար: Չի բացառւում: Քանզի տխրահռչակ «խաւիարային դիւանագիտութիւնը», որն իբրեւ  ազրպէյճանական ժողովրդի անժխտելի ազգային աւանդութիւն ու սովորութիւն, ըստ իս, հարկ է գրանցել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան  ներկայացուցչական ցանկում, իր մէջ, որպէս կարեւոր բաղադրիչ, ներառում է նաեւ կանացի հմայքի գործօնը, ինչը Պաքուն յաջողութեամբ իրականացնում է թէ՛ միջպետական եւ թէ՛ միջազգային յարաբերութիւններում: Յիշենք Պիելոռուսիայի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի, մեղմ ասած, անթաքոյց մտերմական համակրանքն Ազրպէյճանի Առաջին տիկնոջ նկատմամբ, ինչի մասին քանիցս նշուել է մամուլում: Եւ կամ` Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլու յայտնի կճմթոցը Մեհրիպան խանումի փափուկ տեղին, լուրջ քաղաքականի փոխարկուած մի թեթեւակի մարմնական կսմիթ, որը հարթուեց Թիֆլիսի փողոցներից մէկը Հայտար Ալիեւի անուամբ կոչելու եւ նրա կիսանդրին տեղադրելու  գնով: Ասել է թէ` նախ կճմթիր, ապա նոր միայն մեղքդ քաւիր:

Բայց շարունակենք հետեւել Իլհամ Ալիեւի սնապարծ երեւակայութեան թռիչքին: Հետաքրքիր է, ի՞նչ է մեզ` հայերիս, ապացուցել Ազրպէյճանն անցեալ տարուայ ապրիլեան պատերազմի ընթացքում: Ա՞յն, որ սպառազինուած լինելով գերարդիական զինատեսակներով, ինչպէս նաեւ օգտագործելով յանկարծակի յարձակման, այսպէս ասած` «պլից-քրիկի» մարտավարութիւնը,  այնուամենայնիւ, նրա բանակը չհասաւ որեւէ էական յաջողութեան, բացառութեամբ` շփման գծի մի քանի դիրքերի: Ա՞յն, որ հէնց Պաքուն էր, որ ենթարկուելով հայկական զօրքերի հակագրոհին եւ կանխազգալով դրա անմխիթար հետեւանքները, շտապեց աղաչանք-պաղատանքով դիմել Մոսկուային, որպէսզի վերջինս յորդորի հայկական կողմին` դադարեցնելու հակայարձակումը: 

Այլապէս ինչո՞ւ պէտք է Պաքուն իր իսկ նախաձեռնած լայնածաւալ յարձակումից հազիւ չորս օր անց նստեր բանակցութիւնների սեղանի շուրջ` համաձայնելով շուտափոյթ դադարեցնել  մարտական գործողութիւնները շփման գծի ողջ երկայնքով մէկ: Ա՞յն, որ միայն ապրիլի 2-ից 6-ն ընկած ժամանակահատուածում Ազրպէյճանի զինուժը տուել է 558 զոհ, իհարկէ, եթէ ոչ աւելին, եւ այդ տուեալներն առ այսօր թաքցւում են ազրպէյճանական ժողովրդից:

Ա՞յն, որ ազրպէյճանական զինուժի ընտրանին`  յատուկ նշանակութեան խափանարարական-հետախուզական գունդը, լիովին ջախջախուել եւ շարքից դուրս է եկել մարտերի առաջին իսկ օրերին: Ա՞յն, որ, ինչպէս խոստովանեց Ազրպէյճանի նախագահը, այդ մասին ըստ էութեան առաջին անգամ բարձրաձայնելով ՄԱԿ-ի ամպիոնից, հայկական զինուած ուժերի գործողութիւնների արդիւնքում «հարիւրաւոր» ազրպէյճանական տներ են քանդուել, քաղաքացիներ զոհուել եւ այլն: Ա՞յն, որ մերձճակատային բոլոր ազրպէյճանական բնակավայրերը, ներառեալ` Թարթառ, Պարտա, Եւլախ եւ այլ քաղաքներ, դատարկուել էին քաղաքացիական բնակչութիւնից, եւ փախստականների խուճապահար յորձանքը հեղեղել էր Գանձակ-Գեանջա քաղաքն ու աւելի խորքային բնակավայրերը, ընդհուպ մինչեւ Պաքուն`  ակամայ խոչընդոտելով ռազմական ծանր զինատեսակների առաջընթացը դէպի մարտական գործողութիւնների թատերաբեմ: 

Ազրպէյճանում թերեւս շա՜տ շատերը վաղեմի ծանօթ, հարեւան կամ ընկեր հայերից, հնարաւոր է` Իլհամ Ալիեւն ինքն անձամբ` իր մանկութեան վաղամեռիկ ընկեր Ռոմա Գրիգորեանից լսած կը լինեն հայկական ասացուածքն առ այն, թէ` ստի ոտքը կարճ է լինում: Այն Ռոմայի, ում թաղմանը նա ներկայ էր եւ ում գերեզմանը նոյնպէս, Պաքուի Նարիմանովի շրջանի հայկական լայնատարած գերեզմանոցի տասնեակ հազարաւոր շիրիմների հետ մէկտեղ,  իր իսկ կարգադրութեամբ վայրագաբար քանդ ու քարափ անելով տոփանուեց` ննջեցեալների անտէր ոսկորների վրայով լայնահուն մայրուղի բացելու եւ նոր բնակելի զանգուած կառուցելու համար:  Էլի՞ յիշեցնենք:

Սակայն վերստին դառնանք ՄԱԿ-ի Վեհաժողովի 72-րդ  նստաշրջանին: Ինչպէս Ազրպէյճանի նախագահի պարագայում էր, աշխարհում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ու պահպանման կոչուած այդ գագաթնաժողովը,  աւա՜ղ,  յագեցած էր ոչ մէկ սպառնալիքով: Այսպէս, նստաշրջանում ԱՄՆ նախագահը սպառնաց «ամբողջութեամբ վերացնել» Հիւսիսային Քորէան, Իսրայէլի վարչապետը յոխորտանքների մի ամբողջ տարափ թափեց Իրանի հասցէին, Թուրքիայի նախագահն Իրաքի քրտերին վախեցրեց, որ անկախութեան հանրաքուէ անցկացնելու դէպքում կը կորցնեն եղածը եւ այլն: Ի դէպ, վերլուծաբաններից շատերի ուշադրութիւնից երեւի թէ վրիպել է արտաքուստ կարծես թէ մի աննշան դրուագ` Էրտողանի ելոյթից: Պնդելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, ինչը նոր չէ մեզ համար, Թուրքիայի նախագահը համաժամանակ շեշտել է նաեւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` Հարաւային Կովկասի կայունութեան համար` երկուսն էլ ներկայացնելով որպէս առանցքային: «Մենք երբեք պէտք չէ մոռանանք ցանկացած ճգնաժամ, որ անտեսում ենք այսօր, կարող է վաղը վերածուել տարածաշրջանային եւ միջազգային հակամարտութեան», զգուշացրել է Էրտողանը: Արդեօ՞ք, սպառնալի՞ք, կամ, առնուազն, կսմիթ չէ՞ Ռուսաստանի հասցէին: Ահա եւ քեզ` դարեր ի վեր այս էլ քանիերորդ անգամ նորոգուող ռուս-թուրքական գործընկերային բարեկամութիւն: Զուր չեն մեր մեծերն ասել` «Թուրքի հետ ընկերութիւն արա, բայց մահակը երբեք ձեռքիցդ մի՛ գցիր»: Հետաքրքիր է` ռուսներն ունե՞ն նման ժողովրդական ասոյթ: Է՜հ, նախագահ Փութինի ականջը կանչի: Ի՛նչ որ է: Երեւի թէ ահաբեկումների այս առատութիւնն է, որ ՄԱԿ-ի վեհաժողովի նստաշրջանը, ի լրումն այլոց, անտեսեց նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի սպառնալի ճամարտանքը Հայաստանի եւ Արցախի հասցէին:

Ի դէպ, Իլհամ Ալիեւի ելոյթը, ինչպէս արձանագրել են քաղաքական վերլուծաբաններից շատերը, ի սկզբանէ ծայր աստիճան ջղային էր: Այն աստիճան ջղային, որ նա անգամ մոռացել էր ողջունել իրեն խօսք տրամադրող նստաշրջանի նախագահին եւ դահլիճում ներկայ այլ երկրների ներկայացուցիչներին, ինչը պարտադիր վարուելակերպ է նման միջոցառումներում: Ըստ երեւոյթին, նրա նեարդայնութեան յարուցիչը կամ, այլ կերպ ասած, ափերից դուրս գալու եւ ափէափ ընկնելու պատճառը Հայաստանի նախագահի ելոյթի հանգիստ, հաւասարակշիռ հնչերանգն էր, անժխտելի պատմական, իրաւական, քաղաքական, բարոյահոգեբանական փաստարկների առկայութիւնը, խօսքի կուռ տրամաբանութիւնը`  հիմնուած միջազգային կանոնների վրայ:  

Լեռնային Ղարաբաղի  հիմնախնդիրը, նստաշրջանի իր ելոյթում ասել էր Սերժ Սարգսեանը, մարդու իրաւունքների խնդիր է  եւ այն կարող է լուծուել միայն մարդու հիմնարար եւ անօտարելի իրաւունքներից մէկի` ժողովրդի ազատ ինքնորոշման միջոցով: Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի: Կարգաւորման ինչ տարբերակի էլ յանգենք, միեւնոյն է, Արցախի Հանրապետութիւնը չի կարող ունենալ աւելի ցածր կարգավիճակ եւ վայելել աւելի քիչ ազատութիւն, քան այսօր ունի: Այս ամէնը մեզ բերում է այն համոզման, նշել է Հայաստանի նախագահը, որ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը կենսական նշանակութիւն ունի: «Այս հարցում ես արտայայտում եմ ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ողջ աշխարհի հայութեան միասնական տեսակէտը: Այս ուղերձը ես բերում եմ Երեւանից, որտեղ այս օրերին կայանում է  Հայաստան-սփիւռք համաժողովը»,  ընդգծել է Սերժ Սարգսեանը:

Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի նախագահը նստաշրջանի ուշադրութիւնը հրաւիրել է այն հանգամանքի վրայ, որ ժողովրդավարութեան առումով Արցախի եւ Ազրպէյճանի տարբերութիւնը վիթխարի է, ինչը նոյնպէս իրաւական ու բարոյական տեսակէտից անհնարին է դարձնում Ազրպէյճանի յաւակնութիւններն Արցախի նկատմամբ: Ազատ Արցախն այսօր կայացած ժողովրդավարական հասարակութիւն է: «Բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ այժմ Ազրպէյճանը ժողովրդավարական ուղիով զարգացող Արցախի համար պարզապէս միջնադարեան յետամնացութեան խորհրդանիշ է», ասել է նա: «Մեր ընդհանուր կարգախօսը եւ յանձնառութիւնը` «Ոչ ոք պէտք չէ անտեսուի», պէտք է դառնայ Միաւորուած ազգերի այս ընտանիքի գործունէութեան անկիւնաքարը:

Հէնց այդ պատճառով էլ, վստահ եմ, Արցախի ժողովուրդը երբեք չի մեկուսացուի կայուն զարգացման նպատակների իրականացումից»,  ընդգծել է Սերժ Սարգսեանը: Հայաստանը հետեւողականօրէն նպաստել եւ նպաստելու է Արցախի ժողովրդի կեանքի բարելաւմանը, նրա կայուն եւ ժողովրդավարական զարգացմանը: Ոչ ոք իրաւունք չունի խոչընդոտելու նշուած ուղղութիւններով իրականացուող նախաձեռնութիւններին եւ ծրագրերին: Արցախի իրաւական կարգավիճակը, իսկ աւելի ստոյգ` միջազգային իրաւական ճանաչման բացակայութիւնը, խոչընդոտ չէ այնտեղ ապրող կանանց եւ տղամարդկանց իրաւունքների իրացման համար:

Ընդգծելով, որ Ազրպէյճանը չունի իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք Արցախի հանդէպ յաւակնութիւն ներկայացնելու համար, եւ որ Արցախը երբեք անկախ Ազրպէյճանի մաս չի կազմել, ուստի արդար չեն այդ պետական շրջանակին Արցախը բռնակցելու ձգտումները, Հայաստանի նախագահն Ազրպէյճանին կոչ արեց ճանաչել ու յարգել Արցախի ժողովրդի կողմից իր ապագան ազատ կամարտայայտութեամբ որոշելու իրաւունքը, իսկ արցախահայութեան անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուած լինի բոլոր հնարաւոր միջազգային եւ ներքին մեքանիզմներով: Իսկ մնացած բոլոր հարցերն ածանցեալ են եւ կը գտնեն իրենց տրամաբանական, արդար լուծումը` խնդրի կարգաւորմանը զուգահեռ:

Հաւարտ խօսքիս նշեմ, որ իր ելոյթում Հայաստանի նախագահը խօսել է բացառապէս ըստ խնդրի էութեան` առանց անձնաւորելու այն: Ինչպէս յայտնի է, Իլհամ Ալիեւի անձին վերաբերող նրա միակ խօսքը զուտ իրողութեան արձանագրման խնդրի էր հետամուտ: Յայտնելով, որ 2016թ. ապրիլին ծաւալուած ռազմական գործողութիւնների ընթացքում Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կատարել են պատերազմի մի շարք յանցագործութիւններ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիների հանդէպ, Սերժ Սարգսեանը, իրօք, չէր կարող չնշել, որ  նման վայրագութիւն կատարած ազրպէյճանցի մի զինծառայող արժանացել է պետական բարձր պարգեւի եւ այդ պարգեւը նրան տեսախցիկների առջեւ յանձնել է անձամբ Ազրպէյճանի նախագահը: Ընդամէնն այսքանը: Ո՛չ աւելին: Ընդ որում` չբացելով փակագծերն առ այն, որ խօսքը վերաբերում է գերի ընկած երիտասարդ եզիտի զինուոր Քեարամ Սլոյեանին գլխատած եւ նրա արնաշաղաղ գլուխն ազրպէյճանական հեռատեսիլով ու համացանցում ինքնագոհ ցուցադրած զինծառայողի պարգեւատրմանը:  Մինչդեռ  Իլհամ Ալիեւը, անցնելով քաղաքավարութեան սահմանները,  նստաշրջանում անհիմն մեղադրանքներ է առաջադրել անձամբ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ինչը, ըստ իս, ստացած դաստիարակութեան խնդիր էր կամ բռնապետներին սովորաբար յատկանշական լկտիութեան արտայայտութիւն եւ կամ պարզապէս, ինչպէս հայկական մամուլում է ոչ մէկ անգամ ախտորոշուել,  անճարութիւնից բխող ակնյայտ նեարդային, հոգեբանական ծանր վիճակի արդիւնք:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

$
0
0

ՍԵԼԼԱ

Շնորհիւ աշխարհացրիւ ճեմարանական ընկերներու ե-նամակագրութեան` վերջերս վերագտած էի ո՛չ միայն ճեմարանական,  այլ նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի ընկերուհիներէս Հուրիկ Թուխանեանը:

Մեր պասքեթպոլի խումբին մէջ Հուրիկը խելացի, ապագայ խոստացող խաղացող մըն էր, իսկ ան բաց մը թողելով` 1966-ին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:

Տարիներ ետք աշխարհացրիւ բուռ մը ճեմարանականներու յարաբերութիւնը  թափ առաւ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, ու մենք կը գրենք իրարու` սարէն ու ձորէն… շատեր լատինատառ, ոմանք անգլերէն կամ ֆրանսերէն, իսկ քանի մը անձեր`  յամառօրէն հայերէն:

Նիւթերը բազմազան ու այլազան են… կատակներ, ազգային լուրջ նիւթեր, արեւմտահայերէնի ապագայ, քերականական օրէնքներ ու մասամբ նորին` կ՛արծարծուին մեր այդ ելեկտրոնային նամակագրութեան ընդմէջէն  եւ, ըստ ճեմարանական անհատի յատուկ նկարագիրին, յանկարծ մէկ նիւթի շուրջ  թեր ու դէմ կարծիքները դուռ կը բանան լուրջ անհամաձայնութիւններու:

Հուրի՜կը,  մեր սիրելի՛   խելացի Հուրիկն էր,  որ  դատաւորի ցուպը ձեռին, անաչառ տրամաբանութեամբ,  կատարեալ հայերէնով «հատ մը պայտին, հատ մըն ալ գամին» զարնելով` կը խաղաղեցնէր տաք գլուխները:

Զինք ո՛ւշ վերագտանք,  բայց շո՛ւտ կորսնցուցինք: Լռած էր վերջերս հիւանդութեան պատճառով, բայց մե՜ծ եղաւ բոլորիս ցաւն ու զարմանքը,  երբ յանկարծ լսեցինք իր վաղաժամ մահը:

Ան մեկնեցաւ տխո՜ւր փոս մը բանալով մեր հասցէագրութեան ցանկին մէջ. գնաց` իրեն հետ տանելով գիտութեան պաշարը եւ ազգի, հայերէնի  սէրն ու նուիրումը:

Մուշեղներու շունչին տակ հասակ նետող շրջանաւարտ սերունդի  ճիշդ տիպարն էր ան,  որովհետեւ իր պարտականութիւնը լի ու լի կատարեց` դասաւանդելով հայերէն, կրօն, մինչեւ իսկ համալսարանական ասուլիսներու ընթացքին  թուրքերու հետ երկխօսութիւն մշակելով` յարգանք ու հայու դրօշը պարտադրեց իր թուրք ունկնդիրներուն:

Ազնուական ու վեհանձն հոգի` գործեց լուռ ու մունջ եւ այնպէս ալ մեկնեցաւ այս աշխարհէն:

Սիրելի՛ Ճեմարան եւ ճեմարանականներ, տերեւաթափ տեղի կ’ունենայ օտարութեան մէջ: Նոր հուրիկներ պատրաստելու ծանր պարտականութիւնը ձեր վզին է,  իսկ մեզի կ՛իյնայ ըսել.

– Հողը  թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Հուրիկ:

 

Viewing all 12094 articles
Browse latest View live