Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Սթափ Եւ Միասնական` Դիմագրաւելու Տեղեկատուադաշտի Մարտահրաւէրները

$
0
0

Շահան Գանտահարեանին Խօսքը` ՀայաստանՍփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովին

Միջինարեւելեան տարածաշրջանի մէջ հակառակորդներու տարած տեղեկատուական աշխատանքներուն մասին ընդհանուր բնութագրային զեկուցումի համար լուսարձակները պէտք է կեդրոնացնել ինչպէս Անգարայի, այնպէս ալ Պաքուի քարոզչամեքենաներու տարածաշրջանային արտադրատեսակների, յաճախ ալ անոնց միացեալ արտադրամասի գործունէութեան տեսանելի բաժիններուն վրայ եւ փորձել ներկայացնել իրավիճակային ուրուագծեր` տեղեկատուաքաղաքական առկայ ուղղութիւններուն առումով:

Տեղեկատուադաշտի վրայ այս առումով կայ հետեւողականութեան բացակայութիւն, եղանակային աշխուժութիւն, յաճախ ալ` զարմացնող կրաւորականութիւն:

Հակառակ անոր որ Լիբանանը միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, երկար ատենէ ի վեր ժխտողականութիւնը թիրախային կէտ չէր Անգարայի համար արաբական մամուլին մէջ` նմանատիպ թեմաներ արծարծելու առումով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ անոր յաջորդող անմիջական ժամանակաշրջանին որոշակի աշխուժութիւն ցուցաբերուեցաւ այս ուղղութեամբ, երբ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ, Մարոքի, Էմիրութիւններու եւ քուէյթեան թերթերու, ինչպէս նաեւ Լոնտոնէն հեռարձակուող համաարաբական հեռուստացոյցերու հաղորդումներուն մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումի տեսակէտները բազմացան: Համադրուած բանաձեւը այս ուղղութեամբ այն էր,  որ ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը կը տեղադրուի քաղաքական շանթաժի նպատակներուն տակ եւ ոչ թէ պէտք է ներկայացուի իբրեւ պատմական իրադարձութիւն:

Այլ պարագայ է եգիպտական մամուլին մէջ յայտնուող երեւոյթը: Յատկապէս Գահիրէ-Անգարա յարաբերութիւններու լարուածութեան մագլցողականութեան օրերուն եգիպտական լրատուադաշտը ստեղծեց այն պատրանքը, որ պաշտօնական Գահիրէի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը սարերու ետին չէ: Այստեղ հակառակ ուղղութեամբ պարզ էր շանթաժի տրամաբանութիւնը. այնքան մը, որ նախագահի թուիթըրեան էջը ցեղասպանութիւն որակած էր 1915-ի իրադարձութիւնները: Հարցը ի հարկէ տեղեկատուական եւ յայտարարողական հարթութենէն անցում չկատարեց դէպի իրաւաքաղաքական դաշտ: Հակառակ անոր որ եգիպտական տեղեկատուադաշտը յորդեցաւ նման արծարծումներով, այնուամենայնիւ,  չկարողացաւ մուտք գործել խորհրդարան կամ կառավարութիւն: Այս ընդհանուր շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ օրուան նախագահի` ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի երեւանեան նշումներուն ժամանելու պաշտօնական անձերու կողմէ կատարուած փոխանցումները:

Դիտարժան կէտը այս պարագային այն է, որ Անգարայի ուղղութեամբ տեղեկատուական կրակոցներ արձակող եգիպտական մամուլը միշտ այլ պահուածք ունէր եւ ունի արցախեան հարցին մասին: Խոջալուի ինքնաոչնչացման իրադարձութիւնները եգիպտական մամուլին մէջ յաճախ ներկայացուած են պաշտօնական Պաքուի արտադրանքներուն համահունչ: Եգիպտական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներու էջերուն յաճախ կարելի է հանդիպիլ տեղւոյն` Ազրպէյճանի դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութիւններուն, ուր հայկական կողմը կը ներկայացուի իբրեւ բռնագրաւող եւ յարձակողապաշտ:

Սուրիոյ պարագային, Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու խզումի եւ պատերազմին բռնկումին առընթեր, արտակարգ մերձեցումէն արտակարգ թշնամանքի կտրուկ անցումը տեղի տուաւ նաեւ սուրիացի ամենաբարձր պաշտօնեաներու` Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրացայնումներ կատարելու: Նոյնիսկ Դամասկոսը Անգարայի հետ իր ունեցած թշնամանքի ամենաբարձր աստիճանաչափի օրերուն չօգտագործեց ճանաչումի զէնքը: Նախագահին տուած հարցազրոյցին մէջ օգտագործուած բառը, հակառակ անոր որ տեղ գտաւ նաեւ խորհրդարանական լսումներուն մէջ, այդուհանդերձ, բանաձեւի կամ որոշումի կարգով չքուէարկուեցաւ:

Սուրիական լրատուադաշտը ընդհանրապէս կը շրջանցէ արցախեան հակամարտութեան թեմայի մասին գնահատականներ տալու մօտեցումները: Մինչեւ այս պահը սուրիական մամուլը իր ընդհանուրին մէջ իշխանութեան կողմէ վերահսկուող մամուլ է: Եւ եթէ ահաբեկիչ տարրերու մէջ ազրպէյճանցիներու աշխուժ ներգրաւումը հանրային կարծիքի մօտ հակաազերիական որոշակի տրամադրութիւններ ստեղծած է, այնուամենայնիւ, հակապաքու քաղաքական դիրքորոշումի ալիքաւորումներ չեն նկատուիր Սուրիոյ տեղեկատուական դաշտին մէջ:

Իբրեւ տարածաշրջանի երկիր` փորձենք կեդրոնանալ նաեւ իսրայէլեան զանգուածային լրատուամիջոցներու վերջին շրջանին դրսեւորած երբեմն հակասական, երբեմն Թել Աւիւի կողմէ համակարգումի տպաւորութիւն ձգող ընդհանուր իրավիճակին վրայ:

Այստեղ եւս Անգարա-Թել Աւիւ որոշ պահերու բեմականացուող, երբեմն աւելի ճգնաժամի համոզում փոխանցող ելեւէջները իրենց արտացոլացումը կ՛ունենան նաեւ իսրայէլեան մամուլի ներկայացուցիչներուն վրայ: Հարցը մուտք կը գործէ խորհրդարան, կ՛երթայ համապատասխան յանձնախումբ եւ անկէ չի կրնար ոստում կատարել դէպի օրէնսդիր ժողով: Եւ այս տեղապտոյտը կը շարունակուի` համարժէք արձագանգումներ ստեղծելով նաեւ մամուլի մէջ:

Կը թուի սակայն, որ Պաքուի տեղեկատուական տեսչութիւնները չեն յաջողիր ապրիլեան պատերազմի օրերուն Իսրայէլի տրամադրած զինատեսակներու հայերու դէմ օգտագործման երեւոյթին առնչութեամբ բարձրացած լրատուական աղմուկը մեղմելու:

Լիբանանի պարագային, հայկական գործօնի կազմակերպ ներկայութիւնը հաշուի կ՛առնուի հակառակորդներու կողմէ առնուելիք մարտավարական քայլերու ընթացքին:

Համարեա՛ բացառուած է ժխտողականութեան որեւէ երեւոյթ լիբանանեան մամուլին մէջ. այսուհանդերձ, շեշտակի է յատկապէս արցախեան հակամարտութեան առումով կրօնական երեսի շահարկումով ազրպէյճանական տեսակէտներու թափանցման փորձերը:

Այստեղ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի դեսպանութիւնները որդեգրած են զգուշաւոր ու կրաւորական երեւնալու մարտավարութիւնը: Անոնց տեղեկատուական բաժանմունքները կ՛աշխատին միասին պարագայականօրէն Խոջալուի մասին համեմատաբար զուսպ լրատւութիւններ եւ ըսելաձեւեր սպրդեցնելու լիբանանեան մամուլին մէջ:

Հայկական կողմէն շատ բուռն հակազդեցութիւններու ի տես` լիբանանեան որեւէ լրատուամիջոց զգուշ է հայկական երկու գերակայ ուղղութիւններուն մասին անյարմար կացութիւն չստեղծելու համար:

Փոխարէնը, սակայն, իսլամ զանգուածներու, թիւրքմէն ազգաբնակչութեան մէջ կայ շատ հետեւողական պետական աշխատանք Անգարայի կողմէ հովանաւորուած համայնք ստեղծելու: Պէտք է ըսել, որ այս քաղաքականութիւնը երկրին մէջ արձանագրած է որոշ տեղաշարժ, թրքամէտ մթնոլորտ եւ Թուրքիոյ հետ սերտ կապուածութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ: Այս մէկը ինքնին ուղղակի թէ անուղղակի ստեղծած է հակահայ տրամադրութիւններ, որոնք տարբեր առիթներով երեւցան լիբանանցի, յատկապէս սիւննի համաքաղաքացիներու մօտ:

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն լիբանանեան եւ համաարաբական արբանեակային հեռարձակումն ունեցող հեռուստացոյցի կարեւոր ընկերութիւններ հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ փութացին Արցախ` լուսաբանելու համար պատերազմը: Առաջին անգամը չէ, որ անոնցմէ ոմանք կը մեկնէին Արցախ: Այդ ենթահողի վրայ միլիոնաւոր արաբ զանգուածները հաղորդակից դարձան հայկական կողմի հիմնաւորումներուն, ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան եւ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման ու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին: Ազրպէյճանական կողմը այս առումով տանուլ տուաւ տեղեկատուական պատերազմը Լիբանանին եւ, կարելի է ըսել, առ հասարակ տարածաշրջանին մէջ:

Լիբանանեան օրինակը մտաբերել կու տայ, որ Անգարա-Պաքու միացեալ ու համակարգուած աշխատանքները չեն կրնար արդիւնքի հասնիլ,  եթէ ըստ էութեան ճիշդ, նպատակաուղղուած աշխատանք տանին հայկական պետական գերատեսչութիւններ-սփիւռքահայ կազմակերպ գործօններ միաւորները:

Հակառակորդներու աշխատանքները բնականաբար պէտք չէ թերագնահատել: Այսօրուան երեւցող կրաւորականութեան ետին կայ լուռ քուլիսներու մէջ տարուող հսկայական աշխատանք` արաբ լրագրողներ Անգարա, Պաքու հրաւիրելու, արաբական տեղեկատուական դաշտի անցնցում թափանցման գործողութիւններ կազմակերպելու, յատկապէս կրօնական թեման շահարկելով` հակահայ տրամադրութիւններ տարածելու եւ արցախեան հակամարտութեան էութիւնը խեղաթիւրելու: Վերջին շրջանին այս վարքագիծի արդիւնաւորման համար աշխուժութիւն ապահոված են թէ՛ թրքական եւ թէ՛ ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւններու արաբերէն լեզուով աշխատող բաժինները:

Հայկական կողմը, հակառակորդներու տեղեկատուական քաղաքականութեան մարտավարական նրբութիւնները նկատի ունենալով, պիտի յառաջացնէ յատուկ բաժին`

Ա.- Մշտադիտարկելու հակառակորդ ԶԼՄ-ներու արաբերէն արտադրութիւնները,

Բ.- Հետեւելու արաբ լրագրողներուն թէ՛ Անգարա եւ թէ՛ Պաքու կատարած այցելութիւններուն եւ անկէ ետք արաբական մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն,

Գ.- Յատկապէս ապրիլ 24-ի, ինչպէս նաեւ Խոջալու եւ Սումկայիթի նախօրէին պատրաստ ըլլալ ոչ միայն հակազդելու, այլ կանխելով խեղաթիւրուած լրատուամեկնաբանութիւնները` նախաձեռնէ իրադարձութիւններու ճիշդ լուսաբանման,

Դ.- Տարուան կտրուածքով տարբեր ամիսներու վրայ երկարող կազմակերպել արաբ լրագրողներու այցելութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններ. լրագրողներ,  որոնք թէ՛ տպագիր մամուլի, թէ՛ ելեկտրոնային կայքերու, թէ՛ հեռուստացոյցի եւ թէ՛ ձայնասփիւռի աշխատակիցներ են, եւ որոնք ազդեցիկ անուններ են հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդելու առումով,

Ե.- Տուեալ արաբական երկրին եւ Անգարայի միջեւ շահերու բախման պահուն, արաբ լրագրողներու նիւթ տրամադրելով, միջնորդաւորուած ձեւով արծարծել հայկական կողմի գերակայ ուղղութիւններուն վերաբերող թեմաները,

Զ.- Միջինարեւելեան համայնքներու լրագրողական մարդուժի համագործակցութիւնը Երեւանի համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ անյետաձգելի հրամայական է թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ արհեստավարժ աշխատելաոճի առումով համակարգաւորուած կերպով մարդուժ պատրաստելու` նպատակաուղղուած եւ արդիւնաւէտ աշխատելու համար:

Այս հարթութեան վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռքեան համայնքներ մասնագիտական ոլորտի վրայ կայացած համագործակցութիւնը տեղեկատուական պատերազմէն յաղթական ելք կ՛ապահովէ հայկական կողմին:

Ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ առաւելագոյն սթափ վիճակի պէտք է բերուի հայկական միասնական տեղեկատուադաշտը` դիմագրաւելու համար յառաջիկայ մարտահրաւէրները:


Սփիւռքահայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերի շուրջ

$
0
0

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու, սոցիոլոգ Սարգիս Մկրտչեանի ելոյթը ՀայաստանՍփիւռք 6-րդ համաժողովում

Եթէ ոչ միշտ, ապա յաճախ, երբ խօսում ենք Սփիւռքի մասին, անմիջապէս մեր հայեացքն ուղղում ենք դէպի Միջին Արևելքի, Եւրոպայի ու Հիւսիսային ու Հարաւային ամերիկաների հայ համայնքները։ Խօսում ենք ձուլման ու այն վտանգների մասին, որ դիմագրաւում են այդ տարածաշրջանների երկրների հայերը՝ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով։

Եթէ ոչ միշտ, ապա յաճախ Սփիւռք ասելով նկատի չենք առնում (կամ նկատի չունենք) այն հայութեանը, ովքեր ապրում են Արևելեան Եւրոպայում, Հեռաւոր Արևելքում, բայց յատկապէս նախկին Խորհրդային միութեան հանրապետութիւններում։

Մինչդեռ այդ երկրներում եթէ ոչ աւելի շատ, ապա գոնէ նոյնքան առկայ են այն վտանգները, որոնք սպառնում են հայկական ինքնութեան պահպանմանը։ Ասում ենք «…եթէ ոչ աւելի շատ…», որովհետև մեր նշած դասակարգման առաջին խմբի երկրներում հայութիւնն աւելի կազմակերպուած է. գոյութիւն ունեն հայկական կառոյցներ՝ դպրոց, եկեղեցի, մարզամշակութային միութիւն, կուսակցութիւններ և այլն, որոնք այսպէս թէ այնպէս հայութեան բեկորների համախմբան դեր են կատարում, մինչդեռ մեր նշած դասակարգման երկրորդ խմբի երկրներում, այդ տեսակի կառոյցներ կամ չկան, կամ բաւականին թոյլ վիճակում են, այսինքն՝ հայութեան կազմակերպուածութիւնը ցածր մակարդակում է։

Հետևաբար երբ մենք խօսում ենք սփիւռքահայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանման ձևերի մասին, պէտք է նկատի առնենք Հայաստանից դուրս ապրող հայերին՝ հաւասարապէս, իսկ ամէն մի երկրի ու բնակավայրի պայմանները՝ մասնաւորապէս։

Հաստատենք, որ ազգը, որպէս մարդկային այն հաւաքականութիւնը, որ երկար ժամանակ՝ դարեր ու հազարամեակներ, ապրել է միևնոյն բնապատմական միջավայրում և կերտել իր ինքնուրոյն մշակոյթը, իր ազգային անհատականութիւնն ու նկարագիրը, որպէս ազգ կարող է գոյատևել և լիարժէքօրէն ստեղծագործել ու զարգանալ այդ նոյն բնապատմական միջավայրում՝ հայրենիքում։
Հայրենիքից դուրս ապրող ազգի անդամները, ապրելով ոչ բնական միջավայրում, ակամայ կրում են տուեալ միջավայրի ազդեցութիւնը, ժամանակի ընթացքում ենթարկւում են փոփոխութիւնների և ենթակայ են մաշման։

Այդ վտանգը կանխելու կամ նուազագոյնի հասցնելու և սփիւռքահայ երիտասարդութեան մէջ ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը խթանելու նպատակով, խիստ կարևոր է հայրենիքի հետ կապի հաստատումն ու ամրապնդումը։

Այդ կապը կարող է լինել բազմատեսակ և բազմաբնոյթ, որի ոււղղութեամբ պէտք է աշխատեն թէ Սփիւռքի և թէ հայրենի ոչ պետական, բայց յատկապէս, պետական կառոյցները։
Կարծում եմ կրկնութիւն կը լինի խօսել այն մասին, թէ ինչ վտանգների առջև է կանգնած սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ազգային ինքնութեան պահպանման առումով, որովհետև դրանց մասին բոլորս գիտենք ու այն կրկնելը կը լինի հաստատումը հաստատումների՝ խառն ամուսնութիւններ, մայրենիի չիմացութիւն և այլն։ Ուստի նախընտրելի է խօսել այն մասին, թէ ինչ պէտք է անել.

Առաջին հերթին բազմատեսակ ու բազմաբնոյթ կապերի հաստատում հայրենիքի հետ՝ խորհրդաժողովներից սկսած մինչև մարզական ու մշակութային մրցոյթներ, պարզ զբօսաշրջութիւնից մինչև վերապատրաստման դասընթացներ և այլն։ Հայաստան այցելելը անջնջելի դրօշմ է թողնում իւրաքանչիւր այցելողի, իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի նկարագրի վրայ։ Այն նոր շունչ, նոր լիցք է հաղորդում երիտասարդներին, և պէտք է ձևեր գտնել, որ, ինչքան հնարաւոր է, աւելի շատ երիտասարդ ու աւելի հաճախ այցելի Հայաստան։
Սակայն չպէտք է մոռանալ, որ Հայաստան այցելելը, ինչքան էլ դրական ազդեցութիւն ունենայ, այդուամենայնիւ ժամանակի ընթացքում կորցնելու է իր հրապոյրը։ Նաև բոլորը չէ, որ ի վիճակի են Հայաստան այցելել։ Ուստի անհրաժեշտ է ձևեր գտնել ներկայ լինելու հայ երիտասարդների կեանքում։

Երիտասարդներին հասնելու ձևերից մէկը համացանցն է ու նրա ընձեռած հնարաւորութիւնները։ Համացանցն ու ընկերային ցանցերը, դրական կողմեր ունենալուն զուգընթաց, յաճախ մարդկանց դարձնում են մակերեսային։ Օգտատէրերը ժամեր շարունակ անց են կացնում համացանցում կա՛մ տարատեսակ խաղեր խաղալով, կա՛մ ընկերային ցանցերում սրա ու նրա նկարը դիտելով, հաւանելով կամ մի երկու բառ մեկնաբանելով։ Սա վնասում է կենտրոնացմանը և խորքային աշխատանք կատարելուն, որոնք անհամեմատ աւելի մեծ ճիգ ու ջանք են պահանջում և արդիւնքը տեսանելի չէ։ Ուստի պէտք է փորձել համացանցի հնարաւորութիւնները օգտագործել մի կողմից՝ ազգային ինքնութեան խթանմանը նպաստելու, և միւս կողմից՝ հայ երիտասարդներին յայտնաբերելու նպատակով։ Սա պահանջում է կազմակերպուած ու հետևողական աշխատանք։

Ինչքան հայ երիտասարդներ կան, որոնց տեղը չգիտենք։ Հազար ու մի պատճառով՝ աշխարհագրական սփռվածութեան (երբ այլ քաղաքում են ապրում կամ նոյն բնակավայրում են, բայց հեռու են), նիւթական դժուարութիւննրի, բազմազբաղուածութեան, օտար միջավայրում դաստիարակուած լինելու և այլն, չեն մասնակցում համայնքային աշխատանքներին։ Այդ աշխատանքներն իրենց համար խորթ են, անիմաստ։ Այդ երիտասարդներին յայտնաբերելն ու կազմակերպելը պէտք է լինի սփիւռքահայ քաղաքականացած երիտասարդութեան առաջնահերթ խնդիրներից մէկը։

Եթէ նկատի ունենանք նաև, որ համաշխարհայնացման արդի պայմաններում, հզօր երկրներն ու ուժի կենտրոնները փորձում են տարատեսակ կեղծ արժէքներ տարածել երիտասարդութեան շրջանում՝ նրանց ապազգայնացնելու ու ապաքաղաքականացնելու նպատակով (յատկապէս թուաքանակով փոքր ու թյոլ ազգերը ենթակայ են մշակութային ազդեցութիւնների), ապա անվիճելիօրէն պէտք է արձանագրենք, որ այս առումով հայ երիտասարդութիւնը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրների առջև։

Ուստի յաջորդ քայլը պէտք է լինի երիտասարդութեան կազմակերպումը։ Այդ նպատակով պէտք է աշխատել ազգային մտածողութեամբ քաղաքականացած երիտասարդութիւն դաստիարակել։ Տրամաբանօրէն սպասելի չէ, որ բոլոր երիտասարդներն զբաղուեն քաղաքականութեամբ, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ ընդհանուր առմամբ հետաքրքրութիւնը դէպի քաղաքականութիւնն ու քաղաքական կուսակցութիւնները պակասել է ամենուր։ Սակայն կասկածից վեր է, որ քաղաքականացած երիտասարդներն են գիտակացում ու դառնում մնացեալ երիտասարդների շարժիչ ուժը։ Ազգային մտածողութեամբ քաղաքականացած երիտասարդներն են կարողանում եղանակ ստեղծել ու մասնակից դառնալ համայնքի ղեկավարման գործում։ Քաղաքականացած երիտասարդութիւնն է կարող վերածուել ուժի՝ ոչ միայն ազգային ինքնութեան պահպանման, այլեւ Հայաստանի զարգացման գործում, դրսում թէ ներսում, դերակատար լինելու և հայրենիքին ծառայելու համար։

Հարկ է նշել, որ խօսքը զուտ քաղաքականացած երիտասարդների մասին չէ, այլ ազգային մտածողութիւն ունեցող քաղաքականացած երիտասարդների։ Որովհետև մարդը կարող է քաղաքականացած լինել, նոյնիսկ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել, լինել այս կամ այն խորհրդարանի պատգամաւորի օգնականը կամ նոյնիսկ բարձր դիրքերի հասնել, բայց դրանից ազգին ոչ մի օգուտ չհասնի։ Հայութեանը պէտք են ազգային մտածողութիւն ունեցող յանձնառու քաղաքականացած երիտասարդներ, ովքեր իրենց ուսերին կը վերցնեն համայնքի ղեկավարման գործը ու համայնքի ներուժը կուղղեն դէպի Հայաստան։
Խիստ կարևոր է, որ դպրոցներում և միութենական աշխատանքներում ներկայացուի ոչ միայն հայոց պատմութիւնը՝ հին ժամանակներից մինչև 20-րդ դար, ոչ միայն հայերի արած-չարածները, ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ անպայմանօրէն ներկայացուի մեր նորօրեայ պատմութիւնն ու վերանկախացած Հայաստանը։ Հայաստանը ներկայացնել որպէս մի երկիր, որն այսօր գոյութիւն ունի և, հակառակ բազում դժուարութիւնների, ծաղկում ու զարգանում է։ Այլ խօսքով՝ որպէս կենդանի օրագանիզմ ու ոչ թէ պապերի պատմած յուշ։ Հայոց դպրոցը և, ընդհանրապէս, երիտասարդութեան հետ աշխատող իւրաքանչիւր կառոյց, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ներշնչի ազգային հպարտութիւն։

Դէպի երկիր գնալու, երկրում հաստատուելու հեռանկարը պէտք է լինի մշտապէս։ Հակառակ պարագային սփիւռքահայ երիտասարդները կը տեղայնացուեն, արդէն տեղայնացուել են։ Տեղայնացումն աւելի կարմատանայ, բնակած երկիրը կը համարեն իրենցը։ Իրենց միջավայրը՝ բնական, և նահանջը կարագանայ։ Ընդհակառակը, երիտասարդը պիտի դաստիարակուի այն հեռանկարով, որ ինքը, կրկնում եմ, ինքը և ոչ թէ իր երեխան կամ թոռն ու ծոռը, պէտք է ամէն բան անի մի օր երկիր վերադառնալու համար։ Սա պէտք է լինի իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի տեսլականը։
Այդ նպատակին հասնելու առաջին քայլերից մէկը պէտք է լինի մղել սփիւռքահայ երիտասարդներին, որ ստանան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։ Հայրենիքին կապուելու, հայրենիքի նկատմամբ որոշակի առարկայական պատկանելիութեան զգացում ունենալու ամենակարևոր գործօններից մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալն է։ Այս առումով մեծ պատասխանատւութիան կայ Սփիւռքի հայկական համայնքների ղեկավար շրջանակների ուսերին։

Հայութեան համար որևէ բան ինքնանպատակ չպէտք է լինի։ Ինքնանպատակ չպէտք է լինի հային հայ պահելը, հայ երիտասարդներին կազմակերպելը, ազգային մտածողութեամբ քաղաքականացած երիտասարդներ դաստիարակելը։ Այդ ամբողջը պէտք է արուի՝ համայնքը կենսունակ ու ստեղծագործ պահելու, ամենուրէք ազգային շահը պաշտպանելու և այդ համախմբուած համայնքի ներուժը դէպի Հայաստանի զարգացում ուղղելու նպատակով։ Հակառակը կը լինի ինքնախաբէութիւն, ժամավաճառութիւն և ուժերի ու հնարաւորութիւնների վատնում։

Այն կարծիքին եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութեամբ համայնք առ համայնք պէտք է վերլուծել, թէ ինչ է իրավիճակը, որոնք են այս կամ այն համայնքի ուժեղ ու թոյլ կողմերը, որն է տուեալ համայնքի տեսլականը, և մշակել ծրագիր դա իրականացնելու համար։ Դա պէտք է արուի գիտականօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ու ամէն մի համայնքի համապատասխան մասնագետների ու ղեկավարութեան համատեղ աշխատանքով։ Իւրաքանչիւր համայնքի համար պէտք է մշակել զարգացման ռազմավարութիւն, և այդ ռազմավարութեան մէջ մեծ տեղ պէտք է յատկացնել երիտասարդների խնդիրներին։

Հայրենիքի գաղափարը, Հայաստանի պետականութիւնը և Հայ Դատը այն հասկացութիւններ են, որոնց շուրջ պէտք է համախմբուեն հայ երիտասարդները։ Սրանք պէտք է լինեն գլխաւոր ուղենիշերը։

19 Սեպտեմբեր, 2017 թ.

Երևան, Հայաստան

 

Ազգային խնդիրների լուծման կառուցակարգ պետք է ստեղծենք, ժողովներից անցնենք գործնական քայլերի

$
0
0

Ժիրայր Ռեիսյանը՝ «Հայաստան–Սփյուռք» համաժողովի մասին

Մենք պետք է կարողանանք համահայկական կառուցակարգ ստեղծել մեր ազգային խնդիրների լուծման համար. պետք է լուծումներ գտնենք՝ հատկապես Սփյուռքի կարողությունները, տարիների ձեռք բերած փորձը համադրենք Հայաստանի կարողությունների հետ, որը մեզ ավելի կհզորացնի։ Այս մասին «Շանթ» հեռուստաընկերության եթերում ասել է Սիրիայի խորհրդարանի պատգամավոր Ժիրայր Ռեիսյանը`անդրադառնալով «Հայաստան–Սփյուռք» 6–րդ համաժողովին։

«Համաժողովն արդեն բավական ճանապարհ է անցել։ Այն ստեղծվեց առավել ամրապնդելու Սփյուռք–հայրենիք կապերը, համագործակցությունն արդեն իսկ կա առաջին օրվանից, սակայն աշխատանքները համադրելու գործնական քայլերը դեռևս բացակայում են»,–ասել է Ժիրայր Ռեիսյանը։

Նրա խոսքով`բյուրեղանալու կարիք ունեցող կետեր կան, չի կարելի գործել առանց Սփյուռքի անմիջական մասնակցության, այսինքն`Սփյուռքը ոչ միայն ժողովական մասնակցություն պետք է ունենա, այլ այդ ամենի մեկտեղման, քննարկման, լուծման և, որպես ապագայի գործակից, միասնաբար ձեռք–ձեռքի, կողք–կողքի աշխատելու։ Այդ ժամանակ մենք պիտի կարողանանք ունենալ համահայկական ուժ։

Անդրադառնալով հարցին, թե ինչու 25 տարվա ընթացքում այդ կառուցակարգը չի ստեղծվել` Սիրայի խորհրդարանի պատգամավորը պատասխանել է. «5–րդ համաժողովին սիրիահայության տագնապից բխած այս գաղափարը ստեղծվեց, որ պետք է ստեղծենք կառուցակարգ, ավելի ճիշտ`խորհուրդ, մարմին, ուր ներառված կլինեն հայկական կազմակերպությունների ներկայացուցիչները։ Ի վերջո, կլինի պետություն` իր ներկայացուցիչներով, Սփյուռքն իր կազմակերպությունների ներկայացուցիչներով, երեք հոգևոր համայնքների ներկայացուցիչները, մեր բարեսիրական խոշոր միությունների լիազոր ներկայացուցիչները, ինչպես ՀՕՄ–ի և ՀԲԸՄ–ի։ Այս մարմինն անմիջապես կկարողանա արձագանքել այն տեղերում, որտեղ արտակարգ իրավիճակներ են լինում»։

Ժիրայր Ռեիսյանի դիտարկմամբ`ճիշտ է, գաղափարը ծնվեց սիրիական հարցի առիթով, բայց այս մտահոգությունն իրականում միայն սիրիական տագնապի պատճառով չէր։ «Եթե այսօր Սիրիան է, երեկ լիբանանյան պատերազմը, իրաքյան պատերազմը, ինչու չէ՝ ավելի առաջ Քուվեյթի գրավման օրերին քուվեյթահայության խնդիրը, եթե ավելի հետ գնանք, ապա Պարսկաստանում պարսկահայության իրավիճակը, թագավորության անկումից հետո կամ նույնիսկ եգիպտահայության իրավիճակը։ Հայկական գաղութները ցնցումներ ապրեցին մինչև հասան գոյատևմանը»։

Ըստ Սիրիայի խորհրդարանի պատգամավորի` այս արտակարգ վիճակներին անմիջապես արձագանքելու, օգնության ձեռք մեկնելու, միաժամանակ ճիշտ ուղեկից լինելու այս միտքը նախորդ համաժողովին հնչեց, իսկ այս համաժողովին թեմաներից մեկը դարձավ։ Նրա կարծիքով` պետք է 5–րդ համաժողովից մինչև 6–րդը այս թեմաները հասունացած լինեին և արդեն գործնական քայլեր արվեին, մինչդեռ այդ նոր է դրվում քննարկման։

«Նորին սրբություն Արամ Ա–ն բացման նիստին, երբ իր խոսքն արտասանեց, արդեն իսկ համահայկական մտահոգությունները շատ ամբողջական, համապարփակ կերպով դրեց սեղանին։ Այս բոլորն արդեն իսկապես ամբողջական էին, ես ուզում եմ, որ ժողովական այս դասականացած սովորույթից անցնենք գործնական քայլերի»,–եզրափակել է Ժիրայր Ռեիսյանը։

tert.am

Համերաշխութեան Անունով Կարելի Չէ Համերաշխութիւնը Ականահարել

$
0
0

(Պատասխան՝ Արշաւիր Կէօնճեանի Յօդուածին)

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, այս յօդուածագիրը իր անձնական իմէյլին մէջ ստացաւ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանէն յօդուած մը, որ լոյս տեսած էր իր ստորագրութեամբ՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի Օգոստոս 13ի թիւին մէջ։ Յօդուածին խորագիրն է «Եկէք համաձայնինք՝ որպէսզի 2018 Մայիսին, հայոց պետականութեան հարիւրամեակը նշուի համահայկական եւ համերաշխ ոգիով»։
Յօդուածագիրը ունի կուսակցական հանգամանք, այսինքն ան «ամէնէն աշխոյժ եւ հեղինակաւոր ղեկավարներէն մէկը կը նկատուի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան որուն Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուած է աւելի քան քսան տարիներ 1975-էն մինչեւ 1995 եւ եղած է Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը տասը տարիներ, յատկապէս Հայաստանի անկախացման առաջին շրջանին բարդ զարգացումներուն ընթացքին: Այժմ դոկտ. Ա. Կէօնճեան որպէս երէց խորհրդական անդամ է ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդին», ինչպէս կը նշուի «Պայքար»ի խմբագրական ծանօթագրութեան մէջ:

Հետեւաբար, ամէն պատճառ ունինք համոզուելու, որ իր տեսակէտները նաեւ կը համարուին ՌԱԿի կեցուածքը։
Ասկէ մեկնած, մենք ալ ըսենք՝ մե՛ր ըսելիքը։

Ուրեմն, ըստ յօդուածագրին, այն օրէն երբ Երեւանի մէջ յայտարարուեցաւ, թէ 2018ին պիտի նշուի «Մայիսեան օրերու հարիւրամեակը», Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ սկսան երեւիլ «շեշտուած հատուածականութիւն» արտայայտող յօդուածներ եւ առաջարկներ, որոնցմէ «ակնյայտ» կը դառնայ (յօդուածագրին բնորոշումով), թէ «անոնք շեշտուած կերպով կը միտին վերադառնալ 1918 Մայիս 28-էն ետք, աւելի քան 70 տարիներ շարունակ, իրենց տարած միահեծան դաշնակցականակեդրոն քաղաքականութեան»:

Իսկ ի՞նչ է էութիւնը այս «դաշնակցականեդրոն քաղաքականութեան». ահաւասիկ (կը մէջբերենք նոյնութեամբ, առանց նոյնիսկ կէտադրական սրբագրումներու). «Արդարեւ ամբողջ այդ տարիներուն ընթացքին, Հ.Յ.Դ.ն նոյնիսկ անտեսելով իր իսկ աղբիւրներուն մէջ, ժամանակին արձանագրուած պատմական տուեալները, բացայայտօրէն այլամերժ գործելակերպ մը որդեգրեց, առաջին Հանրապետութիւնը ամբողջովին իւրացնելով իբրեւ Հ.Յ.Դ.ի առանձին իրագործումը: Դժբախտաբար դաշնակցականները նոյնիսկ Ա. Հանրապետութիւնը եւ եռագոյն դրօշակը դարձուցին նշանաբան այն պայքարին որ անընդհատ կերպով տարին այդ օրերուն, ընդդէմ ամէն անձի հաստատութեան կամ ձեռնարկի որ կը կատարուէր յօգուտ Հայաստանի, Ս. Էջմիածնի եւ հայաստանանիստ մշակութային , գրական կամ գիտական որեւէ նախաձեռնութեան»:

Նախ՝ տօնուելիքը «մայիսեան օրերու» հարիւրամեակ չէ, այլ՝ հայոց պետականութեան վերականգնման, 28 Մայիս 1918ի հարիւրամեակն է։ 100 տարի անց, սակայն ՌԱԿի մտածողութիւնը չէ հաշտուած այն գաղափարին հետ, որ այդ օր հայ ժողովուրդը վերստին ունեցաւ իր պետականութիւնը, իր սեփական հայրենիքին մէջ։ Ճիշդ է՝ ծանր պայմաններու տակ, բայց եւ այնպէս պատմական անկիւնադարձ մը արձանագրուեցաւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։ Ասիկա հռետորաբանութիւն չէ, այլ՝ փաստ։

Եթէ այս փաստին մասին խօսիլը, զայն քաղաքականօրէն արժեւորելը, ատոր գաղափարական արժէքը ընդգծելը հատուածականութիւն կը նշանակէ, ուրեմն իբրեւ դաշնակցականներ հպարտօրէն պէտք է ընդունինք, որ այո, մենք «հատուածական» ենք։

Գանք «դաշնակցականեդրոն քաղաքականութեան». Դաշնակցութիւնը երբեք ալ չէ իւրացուցած 1918ին հռչակուած հանրապետութիւնը, իբրեւ բացառապէս մեր իրագորումը։ Ուրիշնե՛րն են, որոնք հրաժարած են այդ արժէքէն եւ այդ ուրիշներու շարքին՝ նաե՛ւ ՌԱԿը։

Դոկտ. Կէօնճեան, որ իր յօդուածին մէջ պատմաբանական դեգերումներ ալ կը կատարէ, շատ լաւ պէտք է գիտնայ, թէ յատկապէս Մայիսեան այդ օրերուն, ատոնց նախորդած, կամ յաջորդած տասնամեակներուն, հայկական իրականութեան մէջ հիմնական ուժը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն էր, իր մշակած քաղաքական միտքով ու մարտական . զինուորական գործունէութեամբ։ Սա եւս պատմական փաստ է եւ այս փաստով մենք, դաշնակցականներս, հպարտ կը զգանք. հպարտ՝ բայց ոչ գոռոզ։ Մեծ հաշուով, Մայիս 28ը, իբրեւ պատմական անկիւնադարձ, ի վերջոյ քաղաքական ու գաղափարական կամքի արտայայտութիւն էր եւ առաւելաբար Հ.Յ.Դաշնակցութեա՛ն կամքի արտայայտութիւնն էր, որ յաջողեցաւ ժողովրդային խաւերու ամենալայն մասնակցութիւնը ապահովել։ Մասնակցութիւն մը, որ գետնի վրայ արտայայտուեցաւ Մայիսեան հերոսամարտերով։

Որ Եռագոյնը դարձուցած ենք պայքարի նշանաբան, այնպէս ինչպէս յօդուածագիրը կը բնութագրէ, այդ եւս խեղաթիւրուած միտք է։ Որովհետեւ Եռագոյնը խորհրդանիշն է այն հանրապետութեան, որ 1919ի պաշտօնական, պետական որոշումով հռչակուեցաւ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան։ Այո, մենք Եռագոյնը վերածած ենք Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի իտէալին ի խնդիր մեր մղած պայքարի՛ն նշանաբանը, խորհրդանիշը։ Եւ մեր մղած այս պայքարով հպարտանալու ամէն պատճառ ալ ունինք։ Այս իտէալը հիմնաքարն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագրի քաղաքական պահանջներու բաժինին։ Այս իտէալով ալ Դաշնակցութիւնը սերունդներ դաստիարակած է եւ պիտի շարունակէ դաստիարակել թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։ Հոգ չէ, թէ մեր այս կեցուածքը հաճելի չթուի դոկտ. Կէօնճեանի ու իր նման մտածողներու քիմքին։

Խորհրդային տարիներուն, Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի մէջ պահեց ու պահպանեց Եռագոյնով խորհրդանշուող այս իտէալը։ Ինչպէս ըսինք՝ ատով սերունդներ դաստիարակեց։ Այս իտէալին (հետեւաբար նաեւ՝ դրօշին) դէմ խորհրդային իշխանութիւններն ու իրենց արտասահմանեան զինակիցները (նեառեալ ՌԱԿը) յամառ պայքար մղեցին։ Այս պայքարը իր դէմ բնականաբար ստեղծեց պաշտպանական համապատասխան հակազդեցութիւն։ Սակայն այսօր, այս պայքարին ելքը յայտնի է բոլորիս։ Եռագոյնը Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշն է։ Հայաստանը այսօր անկախ պետութիւն է։
Առանց մտնելու յօդուածագիր դոկտ. Կէօնճեանի միջանկեալ դեգերումներուն մէջ, գանք իր յօդուածին վերջին բաժինին, ուր կ’ըսէ. «Եթէ իրենք (Վ.Բ. ֊ Դաշնակցականները) կ’առաջարկեն Արամ Մանուկեանը կամ Դրօն, անոնց չափ եւ անոնցմէ աւելի համահայկական յարգանք կը վայելէ եւ հետեւաբար արժանի է այդ պատիւին զօրավար Անդրանիկ Օզանեան: Վստահաբար այս անգամ դաշնակցութիւնը (Վ.Բ. ֊ Դաշնակցութիւնը մեծատառով կը գրեն, կուսակցութեան մը անունն է սիրելի դոկտ. Կէօնճեան) սաստիկ կերպով պիտի վիճի եւ ընդդիմանայ այս վերջին առաջարկին..։ Եկէք ուրեմն, եթէ անհրաժեշտ է արձան կանգնեցնել, առաջարկենք, որպէս անվիճելի նշանաբան հայ հզօր պետականութեան, Մեծն Տիգրանը…»։

Փայլուն միտք է, չէ՞… Մեծն Տիգրանը իբրեւ 1918ի հարիւրամեակի առթիւ կանգնեցուելիք արձանի թեկնածու։ Անկախ այն իրողութենէն, որ Մեծն Տիգրանը իր ուրոյն տեղը ունի մեր պատմութեան մէջ. մէկը, որուն հաշիւը կ’ընէր նոյնիսկ այդ օրերու աշխարհի միակ գերհզօր պետութիւն՝ Հռոմը։ Եւ թերեւս ալ տեղ մը Մեծն Տիգրանը պէ՛տք է ունենայ իր արձանը. հարց չունինք։
Վերադառնալով, Կէօնճեանի նշեալ պարբերութեան մէջ եւս փաստերը պէտք է ճշդել։ Առաջին, մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնական վայրի մը մէջ Արամ Մանուկեանի արձանը զետեղելու որոշումը կը պատկանի պաշտօնական իշխանութիւններուն։ Երկրորդ, Անդրանիկի արձանը արդէն կանգնեցուած է մայրաքաղաքի Կեդրոն շրջանին մէջ։

Դիւրաւ կարելի է եզրակացնել, որ նոյն յօդուածագրին մտակառոյցին համաձայն, ոեւէ մէկուն արձանը կարելի է դնել, պայմանով որ ենթական դաշնակցական չըլլայ։ Ա՛յս է բուն հարցը։
Բայց պատմական չոր իրականութիւններն ու փաստերը կը մնան ու կը մնան եւ անհրաժեշտ է հաշուի նստիլ ատոնց հետ։ Այսպէս, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ իբրեւ հայկական ազատագրական պայքարի դրօշակիր։ Ան ունէր համապատասխան գաղափարաբանութիւն եւ նպատակներ. այս ծիրէն ներս, ան մշակեց քաղաքական միտք, ու իր գաղափարականով ու քաղաքական միտքով պատրաստեց, թրծեց համապատասխան քաղաքական ու մարտական ֊ զինուորական գործիչներ։ Ան դարձաւ հայկական իրականութեան մէջ գլխաւոր ուժը, որ ղեկավարեց հայկական ազատագրական պայքարը։ Դաշնակցութեան ռազմաքաղաքական քուրային մէջն էր որ թրծուեցաւ այն սերունդը, որ հայ ժողովուրդին տուաւ իր կորսուած պետականութիւնը, որ կոչուած էր դառնալու Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստան։ Դաշնակցութեան ծոցէն ելան նոյն այդ հանրապետութեան չորս վարչապետները եւ բազմաթիւ նախարարներ։ Արամ Մանուկեանը, այդ օրերուն իր ունեցած դերակատարութեամբ, ժողովուրդը եւ բոլո՛ր ուժերը մէկ նպատակի շուրջ համախմբելու եւ համերաշխ ուժի վերածելու կամքով, կը խորհրդանշէ նոյն այդ սերունդը ամբողջ։ Եւ ճիշդ ա՛յս պատճառով է, որ մեր ժողովուրդը եւ պետութիւնը արժանի յարգանքը պիտի մատուցեն այդ սերունդին՝ կանգնեցնելով իր արձանը։

Հետեւաբար, եթէ դոկտ. Կէօնճեան ու իր հանախոհները կողմնակից են ազգային համերաշխութեան, պէտք է դադրեցնեն նոյն այդ համերաշխութիւնը ականահարելու միտող իրենց արշաւը։ Սխալ բան չկայ, պատուի հարց չկայ Դամասկոսի ճամբան բռնելուն մէջ։

Լոս Անճելըս
21 Սեպտեմբեր 2017

Համահայկական հասարակութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է մէկ պատմութիւն ունենալ՝ բոլորին կողմէ ընդունուած

$
0
0

Ստորեւ կու տանք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ.Մկրտիչ Մկրտիչեանի գրութիւնը, որ մտածուած էր իբրեւ ելոյթ Հայաստան-Սփիւռք 6որդ համաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին: Այդ խօսքը չարտասանուեցաւ, որովհետեւ համաժողովի բացումէն քանի մը օրեր առաջ բացման հանդիսութեան յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ:

Մեծայարգ ներկաներ,

Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները յաճախ կը քննադատուին այն հաստատումով, թէ անոնցմէ գործնական աշխատանքային ծրագիրներ չեն բխիր. թէ անոնք պարզապէս բազմամարդ տօնախմբութիւններ են, որոնց արդիւնքը վերջին հաշւով չի համապատասխաներ զանոնք կազմակերպելու համար թափուած ճիգի աստիճանին: Այս մտածումը կրնայ վիճելի, նոյնիսկ՝ ճիշդ ըլլալ հանդիպումներու առարկայական արդիւնքի տեսակէտէ, բայց ան բոլորովին կ’անտեսէ այսպիսի խորհրդաժողովներու մարդոց ենթակայական աշխարհին մէջ յառաջացուցած դրական փոփոխութիւնները, որոնք գրաւականն են ապագայ համահայկական հասարակութեան ստեղծման նպատակով տարուող ճիգի յաջողութեան համար:

Բազմիցս ըսուած է, թէ հայութիւնը կը կազմէ մարդկային մեծ ու փոքր հաւաքականութիւններու խճանկար մը, որուն հատիկները շատ հեռու են անպայման համերաշխ ամբողջութիւն մը կազմելէ:

Իրարմէ հեռաւորութիւնը, մարդոց մշակութային, ընդհանրապէս՝ քաղաքակրթական տարբեր ազդեցութիւններու տակ կազմաւորումը, քարոզչական իրերամերժ աշխարհներու անոնց ենթակայութիւնը եւ նոյնանման բազմաթիւ ազդակներ ժամանակի ընթացքին խճանկարին տուած են ներկայի խայտաբղէտ պատկերը: Միայն մէկ ձեւ կայ ժամանակի ընթացքին հարթելու գէթ ակնբախ տարբերութիւնները, ատիկա ալ յաճախակի հանդիպումներու, շարունակական երկխօսութեան, տեւապէս յարաբերութեան մէջ ըլլալու առիթներու բազմացումը եւ աւելի դժուար իրագործելի՝ հասարակաց կրթութեան կազմակերպումն է: Իսկ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները համարկումի այդ կարեւոր առիթներէն են, գոնէ իրենց ծաւալին պատճառով թերեւս՝ ամենէն ցուցադրականները:

Արդարեւ հայութեան բազում ու բազմատեսակ մասնիկները իրարու եւ իւրաքանչիւրին հարցերուն ծանօթանալու հարց ունին: Աւելին, ինչպէս ամէն առողջ ազգային հաւաքականութիւն, անոնք բոլորը ազգային հիմնական հարցերու շուրջ միասնական մտածողութիւն զարգացնելու պարտաւորութեան տակ են, եթէ օր մը մեր միջավայրին մէջ համահայկական ուժականութեամբ, հայկական ապագայի մը կերտումին համար, նպատակասլաց կերպով աշխատանք տանելու կամք պիտի դրսեւորուի: Իսկ ասիկա հիմնական նախապայման է հայրենիք պահելու եւ զարգացնելու համար: Պետութեան մը սահմաններէն ներս քանի մը տեսակ հայրենասիրութեան գոյութիւնը փլուզումի պատճառ կրնայ հանդիսանալ:

Սակայն ինչքան ալ խանդավառող ըլլան այս խորհրդաժողովներու ընթացքին արտասանուող խօսքերը պէտք է խոստովանիլ, որ ցարդ համահայկական այդ մտածողութիւնը չէ սկսած գործել. գործօն դառնալու համար անհրաժեշտ իր նուազագոյն աստիճանին չէ հասած տակաւին: Ասիկա հաստատելու մէկէ աւելի առիթներ ունեցած ենք մեր նորագոյն պետութեան գոյութեան ընթացքին: Շուրջ տասնամեակ մը առաջ, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներէն մէկուն ընթացքին, այս նոյն բեմէն հնչեց այն կարծիքը, թէ այնքան ատեն, որ պետութեան մը հիմնական խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող քայլերգը (կամ օրհնէրքը, ինչպէս որ կ’ուզէք) հասարակութեան մէջ վէճի նիւթ կը դառնայ, այդ պետութիւնը կայացած պետութիւն չէ: Այն ժամանակ կա՛ր այդ վիճաբանութիւնը: Այդ վիճաբանութիւնը վերջերս նոյնպէս բռնկեցաւ: Փաստօրէն շատ չենք յառաջդիմած այդ մարզին մէջ: Նոյնիսկ մեր ինքնութիւնը սահմանող անունը հարցականի տակ կ’առնենք: Անշուշտ յուսահատելու չէ, քանի գիտենք, որ այսպիսի հարցերու յստակացման մէջ ժամանակը իր բարերար ազդեցութիւնը կը գործէ:

Իսկ ասիկա միայն մակերեսն է: Խորքային հարցերը ա՛լ աւելի լուրջ են: Գիտենք բոլորս, որ եօթ տասնամեակ շարունակ մենք ունէինք հայ ժողովուրդի գէթ նորագոյն պատմութեան մէկէ աւելի տարբերակներ: Հայոց ազատագրական պայքարի, հայոց ցեղասպանութեան, հայկական պետականութեան վերածնունդի պատմութիւնը նոր սերունդներուն կը տրուէր ըստ ուսուցողի քաղաքական հայեցողութեան:

Բնական է, այդ տարբերակներէն միայն մէկը կրնար համապատասխանել իրականութեան կամ, եթէ կ’ուզէք, անոնցմէ միայն մէկը միւսներէն աւելի առնչութիւն ունէր իրականութեան հետ: Հիմա կը պատրաստուինք ազգովին նշելու հայ պետական կեանքի վերածնունդի 100ամեակը: Հարիւր տարի բաւական է, որպէսզի ալեկոծ ջուրերը հանդարտին, յստականան եւ անոնց մէջ այլազան պատճառներով խառնուած տիղմը վերջնականօրէն նստի պատմութեան յատակը: Արխիւները բաց են եւ՝ ոչ միայն հայկականները: Համահայկական հասարակութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է մէկ պատմութիւն ունենալ՝ բոլորին կողմէ ընդունուած:

Հիմնական պայմանը անշուշտ այդ պատմութեան ճշմարտութեան ու միայն ճշմարտութեան վրայ հիմնուիլն է: Այլապէս ակնկալուող բարիքը կը վերածուի չարիքի: Մեր դրացի երկիրներէն ներս կը տեսնենք, թէ ինչ հասարակական աւեր կը գործէ խեղաթիւրուած պատմութիւնը: Հայութիւնն ալ տակաւին չէ կրցած ամբողջութեամբ թօթափել խորհրդային ժամանակաշրջանէն յամեցող որոշ այլանդակութիւններ:

Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած յստակ պատմութիւնը հասարակութեան գործն ալ կը դիւրացնէ: Պէտք չ’ըլլար, օրինակի համար, Արամ Մանուկեանի յուշարձանի վայրի ճշդումին համար սկսիլ Երեւանի կեդրոնի ծայրամասը գտնուող նախարարութենէն, ատեն մը վերջ նորը զետեղել քաղաքի կեդրոնական հրապարակէն քիչ մը անդին, օր մըն ալ յանգելու համար հրապարակին վրայ: Այս վերջինը առանձին բաւարար է. ան կը համապատասխանէ տուեալ անհատի ներկայացուցած արժէքին: Մնացեալը աւելորդ է եւ Արամ Մանուկեանի բնածին համեստութեան անյարիր: Միայն թէ այնպէս չընենք, որ Ռուբէն Տէր Մինասեանի աւելի քան դար մը առաջ ունեցած մտածումը յաւիտեանս ի զօրու ըլլայ: Ան մտերիմի յատուկ համարձակութեամբ խոկացած էր՝

«Հայութիւնը արժանի չէ Արամին, …»:

Կը կարծենք, որ հասարակութեան մը համար իր որդեգրած խորհրդանիշները կարեւոր են: Անոնք ո՛չ միայն ազգի պատմութենէն կը պարտադրուին, այլ նաեւ՝ իրենց կարգին ազգ կը կերտեն ու կը դարբնեն: Կրթութեան եւ մշակոյթի ճամբով այդ խորհրդանիշները, իրենց մարմնաւորած բարոյական եւ այլ չափանիշներով, օրէ օր իր կողմնացոյցը կորսնցնող այս աշխարհին մէջ, նոր սերունդներուն ազգային պետական կառուցման համար ազգին հարազատ ու ճիշդ ուղղութիւնը ցոյց կու տան: Անոնք հասարակութեան մը ոգեկան կայունութեան անփոխարինելի երաշխիքն են:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017

Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու դերը արտաքին հարցերու ու մարտահրաւէրներու դաշտէն ներս

$
0
0

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ ՏէրԽաչատուրեան(Կանադա) ելոյթը ՀայաստանՍփիւռք 6-րդ համաժողովում

Մեր նորագոյն պատմութեան ամենամեծ իրագործման՝ Հայաստանի պետականութեան վերականգման հարիւրամեակի շէմին, պատեհ առիթն է որ արժեւորենք մեր համազգային կացութիւնը, կարեւոր ձեռքբերումները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Կասկած չկայ որ ազգովին կը դիմագրաւենք մեր լինելիութեան սպառնացող մարտահրաւէրներ: Հայաստանի մէջ անյետաձգելի է փտտախտի եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարը, ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հաստատումը եւ արտագաղթի կասեցումը: Սփիւռքի մէջ հայութեան խոշոր հատուածներու ուծացումը եւ հայ կեանքի նկատմամբ շատերու անտարբերութիւնը լուրջ մտահոգութիւններ են: Այս բոլորը կ’արգելակեն Հայաստանի ու Արցախի արտաքին վտանքներու առաջքն առնելը, մեր պետութիւնը միջազգային բեմի վրայ կը դարձնեն խոցելի, որովհետեւ աշխարհը լաւ գիտէ թէ զօրաւոր է այն ազգը ու ինքնավստահ՝ այն պետութիւնը, որ ներքին համերաշխութեամբ ու ընկերային արդարութեամբ գօտեպնդուած պայքար մղելու ամբողջական պատրաստակամութիւնն ունին: Հոս է հիմնական մարտահրաւէրը, որ պէտք է բոլորով դիմագրաւենք շարունակաբար ամրապնդելով անքակտելի այն կապը, որ Հայրենիքն ու Սփիւռքը կը վերածէ մէկ ազդեցիկ ազգային հաւաքականութեան:

Կը գիտակցինք նաեւ որ այսօր, բոլոր դժուարութիւններէն ու բազմազան ենթակայական եւ առարկայական լուրջ խոչընդոտներէն անդին, մենք կ’ապրինք պատմական աննախընթաց ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Հայաստան անկախացած է, Արցախը՝ ազատագրուած, ջաւախահայութիւնը՝ իր իրաւունքներուն տէր եւ Սփիւռքի գիտակից ու պայքարող տարրը՝ պատնէշի վրայ:
Այդ կազմակիրպ Սփիւռքի մէջ, աշխոյժ ու նպատակասլաց է Հայ Դատի ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը: Այսօր, արտերկրի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը ու նմանօրինակ կառոյցները աննախընթաց զարգացում կ՚ապրին ու արտաքին աշխարհի մէջ լուրջ հեղինակութիւն կը վայելեն: Մեր ազգային կարեւորագոյն հարստութիւններէն է Հայ Դատի կամաւոր ու արհեստավարժ նուիրեալներու այս աշխարհասփիւռ փաղանքը, հայկական «երկրորդ բանակը», որ կը պաշտպանէ մեր հայրենի պետականութեանց թիկունքը, աշխարհով մէկ կ՚ամրապնդէ անոնց դիրքերը եւ որպէս տարբեր երկիրներու գիտակից քաղաքացիներ կը պահանջէ այդ երկիրներու կառավարութիւններէն ու խորհրդարաններէն հայանպաստ դիրքորոշում եւ մեր հայրենի պետականութեանց գործնական աջակցութիւն: Անոնք կ՚ամբողջացնեն հայկական դիւանագիտութիւնը՝ արտաքին գործերու նախարարութեան, դեսպանատուներու եւ այլ պետական ներկայացուցչութիւններու հետ համագործակցելով եւ աշխատանքը համադրելով:

Այսօր, հայրենի պետականութեանց զօրակցութիւնը առաջնահերթ հարթակն է նորօրեայ մեր Հայ Դատի գործունէութեան չորս մարզերուն, որոնք առհասարակ կ՚ամփոփենք հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
1) ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութիւններու պետական հիմքերու ամրապնդում, անոնց միջազգային վարկի բարձրացում, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի արծարծում ու բանակցութեանց ծիրէն ներս հայանպաստ կեցուածքներու ապահովում եւ ՀՀ ու Արցախի արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակալման զօրակցութիւն.

2) Ջաւախահայութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն.

3) Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացի շարունակութիւն եւ պահանջատիրութեան հարցի բարձրացում.

4) Սփիւռքի հայութեան ու մանաւանդ՝ երիտասարդութեան քաղաքականացում:

Կեդրոնանալով առաջին կէտին վրայ, որ հայրենի պետականութեանց lobbying֊ի գործն է, կարելի է նշել կարեւոր յառաջխաղաց ու բազում հնարաւորութիւններ:

Առաջին՝ բաւական ճամբայ կտրած ենք արդէն աշխարհին փաստելու, որ որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ հարուած է ողջ հայութեան, որ պատրաստ է ազգովին ծառանալու ամէնուրէք. աշխարհը այսօր կ՚անդրադառնայ, որ արտերկրի պահանջատէր հայութիւնը պատրաստ է ամէն զոհողութեան՝ ապահովելու համար Հայրենիքի անվտանգութիւնը, անոր միջազգային ցանցի ընդլայնումը, այլ երկիրներու հետ յարաբերութեանց սերտացումը եւ երկկողմանի ու բազմակողմանի կապերով տնտեսական զարգացման խթանումը: Բնականաբար Հայաստանի ներքին մթնոլորտի բարելաւումը մեծապէս կը սատարէ արտաքին յաջողութիւններուն, եւ հակառակը՝ ներքին որեւէ ցնցում Հայաստանը կը դարձնէ խոցելի արտաքին ճակատի վրայ ու աշխարհով մէկ տարուող աշխատանքներուն կը հասցնէ մեծ հարուած:

Երկրորդ՝ աւելի համակարգուած ձեւով Հայրենք-Սփիւռք քաղաքական գործակցութիւնը թեւակոխած է նոր ու խոստմնալից հանգրուան, սակայն պարտինք առաւել խթանել համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ նոր մեթոտներով տեղեկութիւններու երկկողմանի հոսքը ապահովելով, զարգացող կացութիւններու միացեալ գնահատումով եւ դերերու ճիշտ բաշխումով: Ու այս բոլորը՝ փոխադարձ վստահութեամբ ու նոյն առաջնահերթութիւններու վրայ աշխատելով: Գաղտնիք չէ, որ, որպէս Հայ Դատի ոչ-պետական կառոյցներ Սփիւռքի մէջ, մենք ունինք հնարաւորութիւն աւելի կարծր ու համապարփակ կեցուածքներ ճշդելու կարգ մը հարցերու նկատմամբ, ի տարբերութիւն մեր պետական ներկայացուցիչներուն, որոնք առաւել զուսպ կը ներկայանան ու կ՚արտայայտուին միջազգային նորմերու պարտադրած սահմանափակումներու շրջանակէն ներս: Եւ սա լուրջ հնարաւորութիւն է բոլորիս համար զիրար լրացնող պատգամներ, յարաբերական աշխատանքներ ու յայտարարութիւններ դրսեւորելու համար:

Երրորդ՝ պարտինք անմիջապէս նախաձեռնել քարոզչական մարզէն ներս մեր հաւաքական բացթողումներու սրբագրման: Հաղորդակցութիւններու այս դարուն, աններելի են քարոզչական մեքենաներու դանդաղկոտութիւնը, չհամակարգուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ՝ կտրուկ եւ ազդեցիկ պատգամներու եւ լոզունքներու յստակ դրսեւորման բացակայութիւնը: Արհեստավարժ մօտեցումներով ու համակարգուած ձեւով քարոզչական արշաւներու անհրաժեշտութիւնը կարելի չէ անտեսել: Թուրք-ազերիական համակարգուած ու պետականօրէն ֆինանսաւորուած քարոզչական գրոհին պէտք է պատասխանենք նոյնքան արհեստավարժ մօտեցումներով:

Չորրորդ՝ Հայ Դատի աշխատանքները ունին յատուկ քաշողականութիւն սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար, նոյնիսկ անոնց պարագային, որոնք այլապէս կապուած չեն հայ կազմակերպ կեանքին: Այս կարողականութիւնը պէտք է լաւապէս օգտագործենք՝ բազմացնենք Հայ Դատի բանակի շարքերը բոլորին հրաւիրելով որ, գոնէ փոքր բաժնով, մասնակցին այս սրբազան գործին, Հայրենիքին զօրակցութիւնը իրենց բարոյական պարտքը նկատելով:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Սփիւռքի կազմակերպուած, կարգապահ եւ Հայ Դատի նուիրեալ արհեստավարժ ու կամաւոր մեր բանակը բազմաշերտ ու բազմակողմանի պայքար կը մղէ ի նպաստ Հայրենիքին եւ մեր ազգային շահերուն, միաժամանակ ազդու կերպով դիմակայելով Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու անոնց զինակիցներու շղթայազերծած ու մեծ ֆինանսաւորումով առաջ տարած համաշխարհային հակահայ արշաւին:
Պարտինք ազգովինք զօրակցիլ նաեւ այս երկրորդ բանակին, որպէսզի համահայկական տարողութեամբ շարունակենք մնալ ազդու դերակատար աշխարհի երեսին: Հայ Դատի մեր մարտիկները կը գործեն արտաքին ճակատի վրայ, հեռու սփիւռքեան մանր տարակարծութիւններէն ու հայրենի ներքին քաղաքականութեան վերիվայրումներէն: Մեզի հարկաւոր չեն սփիւռքեան նոր կառոյցներ, այլ եղածը պահպանելու, զարգացնելու եւ շարունակաբար բարելաւելու ձգտումը պէտք է համարուի էական: Այլեւս քանդուած են բաժանարար գիծերն ու պայմանները եւ այսօր աննախընթաց առիթն ունինք համախմբուելու, զիրար լաւապէս ճանչնալու, աշխատանքը համադրելու եւ ազգային առաջնահերթութիւններու մշակումով առաւել ազդու գործ ծաւալելու: Մէկ խօսքով՝ ազգովին բռնցքուելու՝ Հայրենիքին սատարելու ու ազգային ազատագրական պայքարը շարունակելու համար:

Շնորհակալութիւն՝

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

19 սեպտեմբերի 2017

«Հայրենիք»ի խմբագրական. ՄԱԿ-ի բեմահարթակէն…

$
0
0

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը միշտ ալ առիթ մը կը ստեղծէ, որպէսզի զանազան երկիրներուղեկավարներ բեմ բարձրանան եւ իրենց խօսքը փոխանցեն այլ երկիրներ ներկայացնող ընտրանիին:

Տարիներ շարունակ, Լիպիոյ նախկին ղեկավար Քազաֆին՝ իր անհասկնալի, քնաբեր եւ ժամեր տեւող անկապ նախադասութիւնները ուղղելով, կը փորձէր ներկայացնել իր երեւակայած ապագայի Ափրիկէն: Անշուշտ՝ յաւելեալ տոհմիկ երեւոյթ ստեղծելու եւ տպաւորութիւն ձգելու համար, ան ՄԱԿ-ի կեդրոնին մօտ իր անձնական օդանաւով բեռցուած, աւելի քան երեք թոն կշռող նախագահական վրանը կը լարէր։

Ցայսօր իր բռնատիրոջ պաշտօնին կառչած Պելոռուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքօնբազմիցս ժողովատեղի ժամանած է իր կողքին ունենալով հազիւ 16 գարուններ բոլորած զաւակը:Լուքաշենքոյի համար յստակ է, թէ ապագային ինչպիսի՞ Պելոռուսիա մը պիտի ստեղծուի։

Այս տարուան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի կիզակէտն էր Պուրմայի փաստական ղեկավար տիկին Աունկ Սան Սու Քյին, որ քանի մը տարի առաջ նոյնքան ժողովրդական էր, որքան Հարաւային Ափրիկէի իննսունականներու ղեկավար Մանտելան: Սակայն, այս անգամ, ունկնդիր ընտրանին եկած էր հաշիւ պահանջելու հետզհետէ հարցադրումի տակ առնուող Աունկ Սան Սու Քյիէն, փոքրամասնութիւն կազմող Ռոհինկիա ցեղի դէմ հետեւողական հալածանքին եւ այս առթիւ ստեղծուած սրտաճմլիկ կացութեան համար:

Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը բեմահարթակի օրակարգ էր, սակայն այս կամ այն պատճառներով մոռցուած ու լուսանցքի տակ առնուած էին նոյնքինքն Քազաֆիի մահէն ետք որբացած Լիպիան եւ յատկապէս Եմէնը, ուր հազարաւոր անմեղներ սովամահ կը դառնան կամ համաճարակի արդիւնքով կ՛աւանդեն իրենց հոգին:

Հայաստանի նախագահ Սարգսեանն ալ իր խօսքը փոխանցեց բեմահարթակէն, կեդրոնանալով երեք նիւթերու վրայ՝ հայ – թրքական փրոթոքոլային համաձայնութիւնը չեղեալ նկատելու կոչ,շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ամենէն աւելի այժմոականը՝ Արցախի հիմնահարցը, շարունակ շեշտելով թէ, Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառով, հիմնահարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու գործընթացը անելի մատնուած է:

Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը՝ ՄԱԿ-ի բեմահարթակ բարձրանալով, միեւնոյն յանկերգը կրկնեց, նշելով թէ Հայաստան գրաւած է անոր ղեկավարած երկրին քսան առ հարիւրը, թէ յերիւրածոյ Խոճալուի ջարդը ցայսօր կը մնայ անպատիժ: Հետաքրքրական հաստատումը այն է թէ, ըստ Պաքուի «արդարամիտ» ղեկավարին…Հայաստան կ՚առաջնորդուի միջնադարեան մօտեցումներով: Հաստատում մը, որ կարելի է տարբեր ձեւով մեկնաբանել եւ պումըրանկով մը հաստատել թէ.- Ուրեմն այն միջնադարեան օրերուն, երբ դեռ պարթեւները, աղուաններն ու մարերը գոյութիւն ունէին…հայերը կը բնակէին Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ:

Ալիեւի նման արտայայտութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը, որ անգամ մը եւստարածաշրջանին մէջ ղեկավարի դեր ունենալու իր մարմաջը արտայայտեց, շեշտելով թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպայճանի ու Վրաստանի հողային ամբողջականութեան երաշխաւորումը տարածաշրջանի կայունութեան բանալին է։ Այդ պատճառով աւելի մօտէն պէտք է հետաքրքրուիլ Արցախի, Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ հիմնահարցերով:

Այսպէս կը կատարուին ՄԱԿ-ի բեմահարթակներու յայտարարութիւնները:

Համեմատած նախանցեալ տարիներու, Հ.Հ. նախագահին խօսքերը աւելի հաստատ ու վճռակամ էին:

hairenikweekly.com

Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր–Յովհաննիսեան, 1867–1914). Հայկական Յեղափոխութեան Բարոյական Հսկան

$
0
0

Սեպտեմբերի 23ը տարելիցն է անկրկնելի Նիկոլ Դումանի ողբերգական վախճանին։

23 Սեպտեմբեր 1914ին, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ յեղափոխական շարժման ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ հսկան, որուն թշնամի փամփուշտը երբեք չկրցաւ խոցել, բայց առողջական վիճակին քայքայումը անբուժելիօրէն հիւծեց եւ Պաքուի մերձակայքը գտնուող առողջարանի մը կազդուրման սնարին գամեց զինք՝ այնպիսի ժամանակ մը, երբ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ թաւալգլոր անդունդ ինկող ողջ մարդկութեան հետ հայ ժողովուրդը եւս իր պատմութեան օրհասական դժոխքի սեմին կը գտնուէր։

Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան յառաջապահ մարտիկը եւ Հայդուկապետի Աւանդը կերտած Դաշնակցականը, ի տես Արհաւիրք դիմագրաւող սեփական ժողովուրդին պաշտպան կանգնելու իր անկարողութեան, որոշեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ այլեւս միայն ակողնի ծառայելու դատապարտուած իր հողեղէն կեանքին… Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չկրցաւ տապալել Գաղափարական հաստաբուն Կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք աւանդեց իր հոգին։

Դումանի անշունչ մարմինը տարուեցաւ Թիֆլիս եւ մեծ շուքով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին կողքը։

Այո՛, Սիմոն Զաւարեանի կողքին, որուն հետ Նիկոլ Դուման արժանաւորապէս մարմնաւորեց եւ յաւերժին կտակեց Անբասիր՝ Խստակեաց եւ Խստապահանջ Յեղափոխականի դաշնակցական կերպարը։ Կեանքի մէջ եւ հայ ազգային–ազատագրական դաժան պայքարի ընթացքին միեւնոյն մետալին լրացուցիչ երեսները եղան Զաւարեան եւ Դուման, որոնք անդենական իրենց հանգիստին մէջ եւս ճակատագրուած էին կողք– կողք ըլլալու։

Եթէ Զաւարեան խիղճն էր Դաշնակցութեան, Դուման հանդիսացաւ հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ռահվիրան։ Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը սորվեցուց՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։

– Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։

– Բնաւ չհանդուրժեց նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումները, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք ի-րենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը փորձեցին ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…

Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը 1893ի Մարտին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։

Բարոյական այսօրինակ հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։ Ծնած 1867ին, նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ՝ իր հօր մօտ ստանալէ ետք, յաճախած էր Շուշիի թեմական վարժարանը, որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր, ուր թրծուեցան Նիկոլ Դումանի, Արամի ու Վանայ Իշխանի օրինակով բացառիկ գործիչներ։

Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը համակած էր բոլորին։ 1887ին ուսումը աւարտելէ ետք, Նիկոլ քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարեց Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն դարձաւ 1891ին, երբ Նիկոլ միացաւ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հանդիսացաւ։

1891ի աշնան Նիկոլ հասաւ Թաւրիզ, ուր կոչուեցաւ ուսուցչական պաշտօնի եւ այդ հանգամանքով կրցաւ իր շուրջ համախմբել տեղւոյն երիտասարդները՝ անոնց հետ ազգային–հայրենասիրական ինքնազարգացման խմբակներ կազմելով, բայց մանաւանդ զինավարժութիւն սորվեցնելով ու ռազմական պատրաստութիւն ջամբելով։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ ցուցաբերեց ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Նիկոլ ուղարկուեցաւ Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան Սալմաստի զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։

Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը իրականացաւ հազիւ 1895ի աշնան, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն գործեցին քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կոչեցին զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896ին վերադարձաւ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ ունեցաւ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս եկաւ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ գտաւ Դերիկի վանքին կռիւը։

Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս–թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման յղացաւ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, Մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ ստացաւ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897ի գարնան ձեռնարկեց Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին։ Թէեւ տեղը չէ Խանասորի արշաւանքին ըստ էութեան անդրադառնալու, բայց Նիկոլ Դումանի անձին եւ գործին վրայ կարեւոր լոյս կը սփռեն արշաւանքին առընչուող երկու շեշտադրումներ։

Առաջինը՝ կը վկայէ Նիկոլ Դումանի խստակեաց նկարագրին, անոր համեստ ու անանձնական, ցուցամոլութիւնը մերժող խառնուածքին մասին։ Հակառակ անոր, որ Խանասորի արշաւանքը իր սեփական մտայղացումն էր եւ իր զինուորական ընդունակութեամբ ու քաջ եւ խիզախ մարտիկի արժանիքներով Դուման յարմարագոյն անձը պիտի ըլլար արշաւախումբի ընդհանուր հրամանատարութեան, այսուհանդերձ՝ յանուն ընդհանուր գործի յաջողութեան, Դուման անտրտունջ համաձայնեցաւ, որ Վարդանի եւ Իշխանի (Յովսէփ Արղութեանի) յանձնուին այդ պատասխանատուութիւնները, իսկ ինք բաւարարուեցաւ յիսնապետի աստիճանով։
Երկրորդը՝ կը վերաբերի Դումանի յեղափոխական վեհ սկզբունքներուն։ Կրկնութեան գնով կ՛արժէ շեշտել, որ Դումանի կը պատկանի Խանասորի երգով յաւերժացած այն պատգամը, ըստ որուն՝ «կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու ջան ֆետան»։ Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, արշաւախումբի յարձակման պահուն, Դուման իր մարտիկներուն դիմած էր հետեւեալ բառերով՝ «Տղերք ջան, կանանց ու երեխաներին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղամարդկանց անխնայ մորթոտեցէք»։

Խանասորի արշաւանքէն ետք Նիկոլ Դուման անցաւ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905ի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն տարածուեցաւ Կովկասով մէկ, երբ ի գործ դրաւ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն ներշնչուեցաւ Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։

Բարձրահասակ, ջղուտ եւ խստաբարոյ յեղափոխականին առողջական վիճակը, սակայն, արագօրէն կը վատթարանար։ Երկար տարիներու վրայ իր ապրած անձնուրաց ու չարքաշ կեանքի պայմանները, սեփական հանգիստին եւ բժշկական խնամքի նկատմամբ անտարբերութիւնը ուղղակի քայքայեցին Դումանի առողջութիւնը։ Եւ երբ 1909ին ծայր առաւ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի յանձնարարուեցաւ հեռանալ Կովկասէն։ Անցաւ Պոլիս, հոնկէ՝ Եգիպտոս, ապա՝ Պուլկարիա։ 1910ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ ունեցաւ՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համակարգում ստեղծելու առաջադրանքով։ 1911ին վերադարձաւ Երկիր. եղաւ Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել տուաւ Վանէն։

Դուման անցաւ Պարսկաստան եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։

Բայց Դումանի առողջական վիճակը շարունակ կը վատթարանար։ Կեղծ անցագրով Պարսկաստանէն անցաւ Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով մտաւ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն ձերբակալեցին եւ Մետեխի բանտը նետեցին մեծ յեղափոխականը՛ 1914ի Մայիսին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ արձակուեցաւ բանտէն եւ մտաւ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ անց, փոխադրուեցաւ թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։
Ֆիզիքական հիւծման հետ ու անկէ աւելի՛ արագ անկումի մէջ էր Դումանի հոգեկան վիճակը։ Օրը օրին կը հետեւէր բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։
Դառնութեան, յուսահատութեան, անզօրութեան եւ այլեւս պիտանի չըլլալու զգացումները հոգեմաշ դարձուցին երբեմնի անզուսպ, անպարտելի՛ հերոսը, որ հռչակուած էր Դուման, Փոթորի՜կ։

Եւ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման որոշեց սեփական ատրճանակով ինքնասպան ըլլալ…
Եւ այդպէս Նիկոլ Դուման հեռացաւ իր պաշտած ժողովուրդէն ճիշդ այն միջոցին, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էին աշխարհաւեր պատերազմի մը մութ ու մռայլ հորիզոնին, երբ Նիկոլ Դուման անունով հռչակուած ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ մեծ հսկան այնքան վճռորոշ դեր կրնար ստանձնել հաւաքական մեր ճակատագրի դարբնումին մէջ։

Ն


Վիրաւոր Հալէպը Կ՛ապաքինի

$
0
0

ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

2016 դեկտեմբերին, Հալէպի տանջանքը վերջ գտնելով, վերջ գտաւ նաեւ հալէպահայութեան մղձաւանջը: Հինգ տարի շարունակ տիրող անապահովութիւնը, կենցաղային դժուարութիւնները, անմարդկային արարքները, մահուան սարսափազդու պատկերները եւ ամէն տեսակի զրկանքն ու տառապանքը վերացան…Հալէպը ապահով քաղաք յայտարարուեցաւ:

Հալէպի յաղթանակի յայտարարութեան յաջորդող Ազգ. վարչութեան նիստերուն յառաջացուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Վերաշինութեան մարմին` գործակից ունենալով Կալուածոց հոգաբարձութիւնը: Մարմինը իր անդրանիկ նիստին յստակացուց իր աշխատանքային ծրագիրը: Նախ ստուգեց Հալէպի մակարդակով Բերիոյ հայոց թեմի ազգային կառոյցներուն վնասները եւ պատրաստեց յատուկ թղթածրարներ` ճշգրիտ պատկերացումներով վերաշինութեան աշխատանքը սկսելու: Վերաշինութեան սերտողութեան թղթածրարները պատրաստեցին գաղութիս երիտասարդ ուժերը, որոնք օգտագործելով արհեստավարժ մեթոտներ` իրենց լաւագոյնը ի գործ դրին:

Ճշդուեցաւ պատերազմին պատճառով Հալէպի մէջ վնասուած կառոյցներուն ցանկը, եւ առաջնահերթութեան կարգով աշխատանքը ընթացք առաւ, նախ դպրոցներ, ապա` ազգապատկան բնակարաններ եւ խանութներ, ազգային կառոյցներ, միութենական կեդրոններ:

Յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Ազգ. պատսպարանի ու Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կառոյցներու վերանորոգութեան:

Հիմնախնդիր էր Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանի վերակենդանացումը, որուն համար հարկ էր ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ շրջանի տուներու ու խանութներու շինութիւնն ու վերաբնակեցումը:

Յաջորդ փուլին մարմինը իւրաքանչիւր կառոյցի համապատասխան յանձնախումբ յառաջացուց` տուեալ մարմիններուն մէջ ներառելով երկրաչափներ, տնտեսագէտներ եւ շինարարներ, որոնք պիտի կատարէին վնասի արժեւորում` օգտագործելով մասնագիտական արդի մեթոտներ:

Նկատի ունենալով աշակերտութեան թիւի նուազումը, ժամանակի սահմանափակ ըլլալը եւ վերանորոգութեան տրամադրուելիք հսկայ գումարը` յարմար նկատուեցաւ այս շրջանին համար բաւարարուիլ Ճեմարանի Բ. մասնաշէնքի նորոգութեամբ` հեռու մնալով շռայլ երեւոյթներէ: Այսպէս, յանձնախումբին առաջին աշխատանքը եղաւ սերտել ներկայացուած կապալառուներու առաջարկները` նկատի ունենալով աշխատանքին որակը, տրամադրուած նիւթը եւ հաշուեկշիռը: Ներկայացուած հինգ առաջարկներէն, յանձնախումբը, յետ բանակցութիւններու եւ համաձայնութիւններու, կատարեց իր ընտրութիւնը: Պաշտօնական համաձայնագիրը կնքուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս Ազգ. վարչութեան ատենապետին` երկրչ. Տիգրան Պետրոսեանին եւ կապալառուին միջեւ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի  առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Երկու ամիսէն` 1 յուլիսէն 1 սեպտեմբեր, ճեմարանը պէտք է պատրաստ ըլլար վերընդունելու իր աշակերտները:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ էին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներն ու աշակերտները, որոնք նախաձեռնողը եղան իրենց դարբնոցի վերաշինութեան աշխատանքին` հրասանդի արկերու եւ արձակուած պայթուցիկ տակառներու մնացորդացը հաւաքելու, կուտակուած աղբերը փոխադրելու, նստարաններն ու գրասեղանները տեղափոխելու: Իւրաքանչիւրը իր կարգին կը փորձէր արագացնել հսկայ դարպասին բացման հեզասահ ընթացքը:

Շնորհիւ հետապնդումներու եւ բծախնդիր աշխատանքի` ծրագիրը իր լրումին հասաւ ճշդուած ժամկէտին: Այսպիսով, որոշակի փոփոխութիւններով եւ վերանորոգումով Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը հինգ երկար տարիներ ամայի մնալէ ետք պատրաստ էր ընդունելու իր սիրելի աշակերտները:

Կամք էր հարկաւոր` վերապրելու եւ շնչելու, կամք էր հարկաւոր` հաւատալու եւ իրականացնելու, կամք էր հարկաւոր` կրկին անգամ ոտքի կանգնելու եւ կրկին անգամ փաստելու, որ ճեմարանականը շնչելու է իր քարակերտ շէնքէն ներս:

 

 

 

 

 

 

 

Մամիկը

$
0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

– Չեն թողնում, բալէս, որ էնտեղ` մի քիչ հեռու, քաղաքին մօտ գնամ ու պամիտորներս մի քիչ թանկ վաճառեմ, թէկուզ` 100 դրամի:

Եօթանասունը անց մամիկին հնչիւնները մի առ մի կը կրկնուին մտքիս մէջ, պատկերն ալ կարծես դաջուած է բիբիս վրայ: Աստուա՛ծ իմ, այս ի՛նչ պատկեր է, անհնար է մոռնալ, ջնջել, բայց ինչպէ՞ս մոռնալ անոր դողահար մատները, արեւէն այրած մաշկը, քրտինքի կաթիլները ճակտին, ճաթռտած շրթները, դէմքին խոր կնճիռները, յուզումնալից հայեացքը: Որո՞նք են այդ «չթողնող»-ները, ո՞վ տուած է անոնց այդ իրաւունքը… Հարցումներ` անպատասխան, հարցումներ, որոնց շարանը կարելի է շատ երկարել, հարցումներ, որոնց պատասխանի որոնումէն յոգնած` լքումներ տեղի կ՛ունենան: Գնեցինք անոր բեռը կազմող քանի մը տասնեակ քիլօ լոլիկը, կոպեկներով ուրախացաւ ան ու վստահաբար ունեցաւ այդ օրուան հասոյթը` ընտանիքը գոհացնելու:

Շատ են նման երեւոյթներ, մանաւանդ` գիւղերու մէջ: Այս է պատկերը դժբախտաբար, որուն չկարողացայ ընտելանալ երեք տարիներու կեցութեանս ընթացքին: Բարեկամի մը հրաժեշտը կը յիշեմ, որ հայրենիքը կը պաշտէր. ինքնաշարժի վարորդ եղաւ չորս տարի, սակայն ահա հիմա որոշած է մեկնիլ եւրոպաներ` զաւակներուն եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ իրեն համար բարւոք ապագայի մը հեռանկարով, մամիկին նման ապագայ մը չունենալու հեռանկարով:

Աշնանային թեթեւ զովութիւն մը կայ դուրսը, ակամայ դուրս նետուիլ կ՛ուզես, վայելել այս կլիմային քաղցրութիւնը, գուցէ եւ` սփսփուիլ ու նոր պատկերներով փոխարինել դաջուածը: Օգոստոսի աւարտին ամրան հրաժեշտ տալու, մանաւանդ` այս ամրան տօթէն ազատելու հաճոյքը վայելել նաեւ:

Ազատութեան երկար պողոտան կանաչապատ լայն մայթերով լի է: Կանաչ է ամէն կողմ: Յոգնեցա՞ր, նստէ՛, նստարաններ` ամէնուրեք: Չէ՛, հոս նստող զոյգին գիրկընդխառնումը խանգարել կարելի չէ, անոնք մայթին երկու կողմերու հասակաւոր համբուրուող բարտիներուն նման կը համբուրուին, հա՛ կը համբուրուին, միայն վարպետ գծագրիչի մը վրձնահարուածները կարող են մեկնաբանել այս շքեղ տեսարանը:

Կասկատի վրայ եմ ահա, ձայներ կը լսուին, մեղեդիներ` հայկական նուագարաններու, վարը բազմութիւնը սկսաւ յստականալ, համե՞րգ է արդեօք, չէ՛, կ՛երեւի ամէն ամսու վերջաւորութեան կազմակերպուած բացօթեայ պարի ուսուցումն է, մենք ուրախ, երգ ու պարը սիրող ժողովուրդ ենք, չէ՞:

Կասկատի առաջին բարձրութենէն կը հետեւիմ` բեմէն վար դիտողի տպաւորութեամբ: Հեռուէն կ՛երեւին օղակները շուրջպարերու, երիտասարդները ի՜նչ աղուոր կը պարեն ու կը ցատկեն, գլխաւոր պարախումբը տարազաւորուած` կը սորվեցնէ, կը կապկեն, կը սխալին, բայց կը սորվին ու հաճոյքը կը զգան պարերուն:

Երիտասարդները կը պարեն, կը զարնեն ոտքերը գետին, կը կապկեն պարուսոյցին խրոխտ կեցուածքը, ուսեր կը ցնցուին, մարմիններ կը պրկուին, կը գոռան «Հէ՜յ»… Ահա տղամարդիկ առանձնացան, եարխուշտան է, դէմքերը մռայլ ու կեցուածքները խրոխտ` մարտի դաշտին մէջ պարող զինուորներուն նման, եւ զոյգ ձեռքերը իրարու կը միանան ու կը հեռանան, հայոց ձեռքերը ե՞րբ միացած են որ… չէ՛, բայց ահա շուրջպարերուն վերջինն է կարծես` օղակները խտացան ձեռքերու խաչաձեւ միացումով մը ու ներդաշնակ շարժումներով աւարտին հասաւ վերջին, միաձայն բարձր կոչով մը` «Հէ՜յ», որ իսկապէս միութեան կոչ մըն էր կարծես` երիտասարդ բազուկներու, ազգի զաւակներու, միութիւն, այո՛, բոլոր դժուարութեանց դէմ, բոլոր խոչընդոտներուն. կոչեր միշտ ալ կան ու կ՛ըլլան, սակայն կը լսուի՞ն անոնք, այդ «չթողնող»-ներուն լսողութեան կը հասնի՞ն:

Քոչարին, փափուռին, իշխանապարը, թամզարան, եարխուշտան հնչեցին` լեցնելով ամբողջ մթնոլորտը, զբօսաշրջիկներ` հայ, օտար, հիացած հետեւեցան: Կողքս կանգնած լիբանանցի զոյգ մը խանդավառութեամբ կը փորձէր նմանակել պարերուն քայլերը ու կը հաստատէր, որ գալ տարի եւս ամրան արձակուրդը այս հիասքանչ երկրին մէջ պիտի անցընեն, անդին անգլիախօս մը տեսախցիկը ձեռքին, «This is amazing» ըսելով, ժպիտը դէմքին արձանագրեց պարերը, լրագրողի տեսք ունէր. այո՛, լրագրող, որ մեր ուրախութիւնը, խանդավառութիւնն ու ճոխութիւնը պիտի մեկնաբանէ յօդուածով մը, ու աշխարհը պիտի իմանայ մեր երջանկութեան մասին, եւ ամէնէն կարեւորը` այդ «չթողնող»-ները պիտի հասնին իրենց նպատակին, իրենք է, որ թոյլտուութիւն տուած են այս ձեռնարկներու իրականացման, չէ՞…

 

Ի՞նչ Նշանակութիւն Ունի Տէր Զօրի Ազատագրումը Հայերուն Համար

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ

«Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` ահաբեկչութեան վերացում… Տէր Զօրի ազատագրումը ռազմավարական ձեռքբերում մըն է սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն համար… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ազատագրումը ահաբեկիչներէն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` հայ նահատակներուն մնացորդացին փրկութիւն… եւ եկեղեցւոյ վերականգնումն ու Տէր Զօր քաղաքի վերականգնումը»:

Վերջերս ուշադրութեան կեդրոն դարձած է Սուրիոյ արեւելեան շրջանը եւ յատկապէս` Տէր Զօրը: Բոլորը ուշադրութեամբ կը հետեւին Տէր Զօրի պաշարման խզումին եւ սուրիական բանակին յառաջխաղացքին` մուտք գործելու Տէր Զօր եւ տարածաշրջանէն ահաբեկչութեան վերացումի գործողութիւններուն:

Այս «բոլոր»-ին նաեւ մաս կը կազմեն Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր հայերը, ի մասնաւորի` սուրիահայերը:

Հաւանաբար շատեր հարց տան, թէ ինչո՛ւ, եւ թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունի Տէր Զօրի ազատագրումը հայերուն համար:

Տէր Զօրը հանդիսացած է հաւաքական գերեզմանատուն այն բոլոր հայերուն, որոնք բռնի տեղահանուեցան իրենց երկրէն` դէպի սուրիական անապատը, Օսմանեան կայսրութեան իրագործած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ դէպի հարաւ ուղղուած հայերու կարաւանները կ’անցնէին Հալէպէն, Ռաս Ուլ Այնէն, Ռաքքայէն, ապա` Տէր Զօրէն, հրամանով թրքական կառավարութեան: Եփրատի շրջանի բնակիչները այս գործողութիւններուն «բռնագաղթ» (սաուկիաթ) անունը կու տային:

Այնուհետեւ հայերը մնացին Տէր Զօրի բնակչութեան պաշտպանութեան ներքոյ, մինչեւ որ անոնք կրցան ներգրաւուիլ Տէր Զօրի շրջանակներուն մէջ: Եփրատի շրջանի պատմաբանները իրենց արձանագրութիւններուն մէջ անդրադարձած են հայերու ներկայութեան Տէր Զօրի մէջ եւ` Հայոց ցեղասպանութեան: Հետազօտող Ահմետ Շուհան «Տէր Զօրի պատմութիւնը» իր գիրքին մէջ կը յիշէ պատմական իրողութիւններ` Տէր Զօրի շրջանէն, ապա կը նշէ, որ թուրքերը որդեգրեցին ճնշման եւ ահաբեկչական միջոցներ` թրքացնելու հայերն ու արաբները: Շուհան նաեւ բանակավարութեան հանդէպ Տէր Զօրի ժողովուրդին վերաբերմունքին մասին կը նշէ. «Անհնար է գրիչով նկարագրել բռնագաղթը: Տէր-զօրցիները կը կարեկցէին հայերուն` տղամարդիկ, կիներ եւ փոքրեր. տարածաշրջանի ազնիւ եւ առատաձեռն ժողովուրդը կ’աջակցէր հայերուն, հակառակ անոր որ իրենք կը տառապէին Եփրատի հովիտը հարուածող սովէն, միեւնոյն ժամանակ կը փախցնէին հայ զինուորներ եւ ապաստան տալով անոնց` կը փրկէին ստոյգ մահէ»:

Հայկական հանրագիտարանին մէջ Տէր Զօրը կը յիշուի` որպէս «սուրիական անապատ` Եփրատի ափին, ուր 200 հազար հայ ոչնչացուեցաւ, որոնք բռնի գաղթի ենթարկուեցան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ զանազան շրջաններէն` թրքական կառավարութեան հրամանով: Արաբները մեծապէս օգնեցին գաղթական հայերուն` Հալէպի շրջանին մէջ եւ Տէր Զօրի ճամբուն վրայ,  ձախողեցնելով արաբներու ձեռամբ հայերը ոչնչացնելու թրքական իշխանութիւններուն ծրագիրը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հայ մանուկներ ապաստանեցան արաբներու մօտ, Տէր Զօրի մէջ»:

Հետեւաբար պատմական առումով Տէր Զօր քաղաքը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար, յատկապէս` սուրիահայերուն համար, նաեւ բարոյական խորհրդանշան` սուրիական քաղաքներուն միջեւ, նկատի առած, որ ան հայկական կարաւաններուն վերջին հանգրուանը հանդիսացած էր բռնի տեղահանութեան ճանապարհին եւ բեմահարթակ` թուրք ժանտարմաներու ձեռամբ կատարուած սպանութիւններուն. այդ պատճառով հայերը այնտեղ կառուցած են նահատակներուն յիշատակին նուիրուած մատուռը (պաշտօնապէս կառուցուած` 1991-ին) եւ թանգարան, որուն մէջ ամփոփուած էին նահատակներու մնացորդացները, հաւաքածոներ եւ քարտէսներ` առ ի յիշատակում մեր նահատակներուն, որոնք բնաջնջուեցան այդ շրջանին մէջ օսմանցի թուրքերու ձեռամբ: Աւելի ուշ քաղաքը հանդիսացաւ ուխտատեղի հարիւրաւոր հայերու` ամէն տարուան ապրիլ 24-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը զայն յայտարարեց հայոց ուխտատեղի, 2002 թուականին:

Միջազգային մակարդակի վրայ 11 փետրուար 2010-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացումը Տէր Զօրի մէջ, որուն ներկայ եղաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Այստեղ հարկ է նշել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ունեցած ելոյթը` Տէր Զօրի հայկական Նահատակաց մատուռի բակին մէջ, Սուրիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 2010-ի մարտին, երբ ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ` «Ես այսօր այստեղ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի նախագահ, կը հարցնեմ, թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ հայերուն Նիւրեմպերկը»:

Այս առումով, նաեւ ամենամեծ իրադարձութիւնը հանդիսացաւ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին կողմէ հայկական Նահատակաց եկեղեցւոյ ռմբահարումը, Տէր Զօրի Ռըշտիէ թաղամասին մէջ, 21 սեպտեմբեր 2014-ին:

Եկեղեցւոյ ռմբակոծումը միջազգային համընդհանուր դատապարտումի արժանացաւ, յատկապէս` Հայաստանի եւ սփիւռքի պաշտօնական շրջանակներուն մէջ: Այդ միջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռի քանդումը: Յայտարարութեան մէջ հետեւեալ նշումը եղած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկիչներու կողմէ հայկական Նահատակաց մատուռի պայթումը, մանաւանդ որ այն կ’ամփոփէ Հայոց ցեղասպանութեան` Տէր Զօրի մէջ մեր նահատակներուն մնացորդացները: Այս բարբարոսական յարձակումը սրբատեղիներուն վրայ կրկին ցուցանիշ կը հանդիսանայ ահաբեկչական «Իսլամական պետութեան» բարբարոսական բնոյթին: Միջազգային շրջանակները պարտին կանխել այս ժանտախտը, որ կը վտանգէ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, եւ արգելակէ անոնց աջակցելու եւ ֆինանսաւորելու միջոցները»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան աշխատակազմի օրուան ղեկավար Վիգէն Սարգսեան նշեց Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը` Նահատակաց մատուռի քանդումին` աջակցելով ահաբեկիչներուն, նշելով, որ եթէ Թուրքիա անմեղ է հայկական Նահատակաց մատուռի ռմբահարման ահաբեկչական արարքին մէջ, ապա ան շուտով յայտարարութիւն մը կը հրապարակէր, որուն մէջ կը դատապարտէր ոճրային արարքը, եւ թէ` եկեղեցին պայթեցնելը այլ փաստ մըն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրները պիտի շարունակուին, մինչեւ այն ատեն որ անիկա ճանաչման եւ դատապարտման չէ արժանացած:

Իր կարգին, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ եւ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով խստօրէն դատապարտեց հայկական մատուռի ռմբահարումը` շեշտելով, որ ահաբեկչական այս ոճրագործութիւնը կը միտի «ոչնչացնել քրիստոնէական եւ հայկական բարոյական արժէքները»: Շարմազանով նաեւ նշեց, որ մատուռին քանդումը շարունակութիւնն է  տասնեակ հազարաւոր հայկական յուշարձաններու ոչնչացման` Թուրքիոյ տարածքին, շեշտելով միջազգային հանրութեան թերացումը դատապարտելու նման բռնարարքներ, որոնք կը ձգտին հայկական մշակութային ժառանգութեան անհետացման:

Եւ այսօր… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` ահաբեկչութեան վերացում… Տէր Զօրի ազատագրումը ռազմավարական ձեռքբերում մըն է սուրիական բանակին եւ դաշնակից ուժերուն համար… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ հայկական Նահատակաց մատուռի ազատագրում` ահաբեկիչներէն… Տէր Զօրի ազատագրումը կը նշանակէ` հայ նահատակներու մնացորդացին փրկութիւն… եւ` մատուռի վերականգնում ու Տէր Զօր քաղաքի վերականգնում:

Այսօր, Տէր Զօրի ազատագրումէն ետք, եւ կրկին անգամ, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները խաղաղութեամբ պիտի ննջեն Տէր Զօրի անապատին մէջ…

Արաբերէնէ թարգմանեց`
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ- ԿԵՏԻԿԵԱՆ

«Ալազմինա» կայքէջ

 

 

 

Բարե՛ւ, Սիրելի՛ Վարժարան

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն դպրոցական եւ կամ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը սկիզբն է: Մէկ խօսքով` վերամուտ, որուն հարազատ արդիւնք, քանի մը ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէ մը ետք, հազարաւոր աշակերտներու դիմաց միօրեայ եւ ամէնօրեայ բոլոր վարժարանները իրենց դռները կը վերաբանան:

Այս մէկը արդէն ինքնին կը պարզէ, ըլլանք աշակերտ, ուսանող կամ ծնողք, որ մեր դէմ նոր հոգերով լի ժամանակաշրջան մըն է, որ կը բացուի: Սակայն իբրեւ հայ անհատ` մեր մտքին մէջ զանազան հարցականներ ծնունդ կ՛առնեն: Ինքնածին` կը յայտնուին:

Այսպէս. ի՞նչ պիտի ըլլար սփիւռքեան մեր կեանքը` առանց հայ դպրոցի: Արդեօ՞ք պիտի կարենայինք մեր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահելով` գոյատեւել:

Հայ դպրոցի ներկայութեան էականութիւնը շեշտող նման մտածումները հայեցի դաստիարակութեան մեր մօտեցումները, ըմբռնումներն ու մեթոտները վերանայումի կ՛ենթարկեն:

Դպրոց ըսի: Հա՛յ վարժարան:

Կասկած չկայ, որ հայու ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարանէն: Եւ ապա, ասոր կողքին, անպայմանօրէն պէտք էր որ յիշէի զայն իմաստաւորողը` հայ ուսուցիչը: Չեմ կարծեր, որ հայ դպրոցի եւ հայ ուսուցիչի իւրայատուկ դիրքին, առաքելութեան, յանձնառութիւններու մասին կատարուած մատնանշումներս նորութիւններ ըլլան: Անկեղծօրէն վերամուտի խորհուրդի թելադրանքն է, որ կ՛առաջնորդէ նման մէջբերումներ եւ յիշեցումներ կրկնութեան գնով կատարել, արժեւորել եւ գնահատականներ դրսեւորել: Վերջին հաշուով, բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, որ հայ դպրոցին մէջ է, որ հայերէնը ապրումի կը վերածուի, հայ ոգիի հետ միասին եւ համազօր, շնորհիւ հայ ուսուցիչի անսակարկ եւ գիտակից ներդրումին:

Ապա մտքիս մէջ կը պայծառանայ նաեւ հետեւեալ պատկերը, որ պատիւ իրենց, շնորհիւ մեր ծնողներու գերագոյն զոհողութեան եւ ընտրանքին, հայ աշակերտներու խուռներամ ներկայութիւնը հայ վարժարաններու մէջ ինծի եւ բոլորիս կը պարգեւէ սրտի գոհունակութիւն եւ մեծ ուրախութիւն:

Միւս կողմէ` չմոռնանք նաեւ, որ ներկայիս ժամանակները փոխուած են: Փոխուած են նաեւ մեր աշակերտներուն մտայնութիւնները, հետաքրքրութիւններն ու ճաշակը: Գիտենք: Կը զգանք: Կը տեսնենք: Ուստի թելադրելի է, որ հայեցի դաստիարակութիւն «ըսուած» հասկացողութիւնը վերանայուի, փոփոխութեան ենթարկուի, որովհետեւ այս մէկը այսօր այն չէ, ինչ որ էր ասկէ քսան, երեսուն կամ աւելի տարիներ առաջ: Ակնարկութիւնը մայրենի լեզուի եւ հայու ոգիի մասին է:

Ճիշդ է, որ մեր ժողովուրդին չափ դարերու կեանք ունի մեր լեզուն, որովհետեւ ան ծնունդ առած է նոյնինքն մեր ժողովուրդին կողմէ:

Ճիշդ է, որ մայրենի մեր լեզուն մեր ժողովուրդին համար եղած է ոչ միայն արթուն պահակը, այլ մօտէն հսկած է, որ մենք չկորսուինք, չձուլուինք:

Ու նաեւ ճիշդ է, որ դարերէ ի վեր մեր լեզուն մեր ազգային գոյութեան երաշխիքն ու փաստը եղած է, սակայն այս օրերուն զգալիօրէն նահանջի մէջ է: Տեսանելի է: Մեր մայրենին թէեւ սուրբ է, մեր հայրենիքին չափ, եւ որ կը միացնէ մեզ բոլորս, բայց աշխարհի տարածքին շատ մը գաղութներու մէջ մոռացութեան ենթարկուած է:

Անոր համար է, որ հայեցի դաստիարակութեան մեր ըմբռնումը պէտք է պատշաճեցնենք` արդի մօտեցումներով, եղանակներով ու մեթոտներով, միաժամանակ չմոռնալով, որ այս մէկը միայն հայերէն դասագիրքով չի կատարուիր: Դասագիրքէն առաջ եւ անդին` անհրաժեշտ եւ էական է հայու ոգին: Հայկականութիւն եւ պատշաճ մթնոլորտ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր այդ ամուր եւ հաստատ ոգին փոխանցել մեր մատղաշ սերունդին:

Եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:

Ու իբրեւ ընթերցող, միութենական, ուսուցիչ եւ կամ ազգային գործիչ, ղեկավար, մշակութասէր եւ կամ ալ պարզ հայ անհատ, եթէ օր մը մենք մեզի հարց տանք, թէ այս օրերուն ո՞ւր է հայ լեզուն մեր կեանքին մէջ, իսկապէս որ յուսախաբ պատասխաններ պիտի ստանանք: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի ախտաճանաչումը, եւ որ մեզ պիտի տանի մինչեւ մեր ինքնագիտակցութեան դռները:

Ճիշդ է, ըսի, եւ անկասկած այս եւ նման բոլոր մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիս: Անխտիր: Որովհետեւ զուտ համազգային մտահոգութիւններ են, եւ ոչ թէ միութենականներուն, հայ վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ կամ` հայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն ու գրողներուն հասցէագրուած:

Եթէ կ՛ընդունինք, որ լեզուն այն գեղեցիկ օղակն է, որ կը ծառայէ մեր հաւաքական գոյատեւման, ուստի պէտք է ստեղծենք համապատասխան առողջ ու կենսունակ միջավայր մը` սոյն օղակը հաստատ, ամուր ու անքակտելի պահելու համար: Ու այդ մէկը` մեր տուներէն սկսելով, հասնելու համար մեր ակումբներուն եւ միութենական մթնոլորտին:

Բայց կը կարծէ՞ք, որ միայն լեզուն բաւարար է: Ո՛չ: Անպայմանօրէ՛ն իրեն լծակից պէտք է որ ունենայ հայու ոգին: Այս մէկը կրկնելու գնով կ՛ըսենք:

Տողերուս սկիզբին մատնանշեցի հայ աշակերտ, հայ դպրոց, եւ հայ ուսուցիչ անուններն ու անոնց դերերը: Սակայն եւ այնպէս վերամուտի այս մթնոլորտին մէջ կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել հետեւեալ տխուր իրականութիւնն ալ:

Այսօր բազմահազար հայ աշակերտներ հայկական վարժարաններու մէջ չեն, կամայ թէ ակամայ: Զրկուած են հայ դպրոցի հարազատ ջերմութենէն, գուրգուրանքէն ու շունչէն եւ կը խարխափեն օտար ու անապահով ուղիներու վրայ: Ահա նաեւ` տագնապեցնող հարց մը:

Ուստի հարկ է այս մասին առաւել լուրջ ու դրական մօտեցում ցուցաբերել: Մտածել: Բոլորիս համար էական է, որ օտար կամ ոչ հայկական վարժարան յաճախող հայ աշակերտը չունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ իր յաճախած օտար վարժարանին մէջ հայեցի դաստիարակութեան բացակայութիւնը զինք պիտի հեռացնէ մեզմէ, հայութենէն, մեր միջավայրէն: Ուստի զիրենք անտէր չձգենք: Ներգրաւելու միջոցներ որոնենք: Միութիւններ, կազմակերպութիւններ այս մասին պէտք է ծրագրեն, այլապէս պարտութեան կը մատնուինք ու ձուլումը կը յաղթանակէ:

Անոր համար է, որ միշտ կը շեփորուի, որ այս օրերուն ուրիշ շատ մը «բաներու» կառուցումներէն առաջ հայկական նոր վարժարաններ կառուցելու մասին պէտք է մտածել, ու ասոր կողքին, չմոռնալ թեւ ու թիկունք կանգնիլ ներկայ վարժարաններուն ու նպաստել անոնց յարատեւման եւ բարգաւաճման` նիւթապէս զօրավիգ կանգնելով:

Այս բոլորը, եթէ կ՛ուզէք, յատուկ մարտահրաւէրներ են, միաժամանակ առաջնակարգ պարտականութիւններ` ներկայ մեր գաղութներու կեանքի իրականութիւններուն հետ ամրօրէն շաղախուած:

Արդ, իբրեւ վերջաբան, վերամուտի յատուկ այս տողերս կ՛ուզեմ ուղղել քեզի, սիրելի՛ հայ աշակերտ: Եթէ այս տողերը չկրցար կարդալ կամ չես կրնար հասկնալ, դիմէ՛ ծնողներուդ, մեծ ծնողներուդ, խմբապետիդ, վարիչիդ, ուսուցիչիդ եւ կամ դրացիներուդ օգնութեան: Անոնք կը բացատրեն: Պէտք է որ բացատրեն: Պէտք է որ հասկնաս:

Գիտեմ, շնորհիւ ծնողքիդ մեծ զոհողութիւններուն` դուն հպարտօրէն մուտք գործեցիր քու անփոխարինելի երկրորդ հայկական տունդ` հայ դպրոցդ: Այս մէկը արդէն մեծ հրճուանք ու հպարտանք պատճառեց մեզի, մեր գաղութին եւ հայութեան:

Քու այս վերադարձդ կ՛ողջունենք անսահման ուրախութեամբ:

Դուն կրկին անգամ եկար հայ դպրոց, որովհետեւ ան նաեւ սրբավայր մըն է քեզի նման հայ աշակերտներուն: Հոս է, որ կը կոփուի քու հայ միտքդ ու հոգիդ, ոչ միայն գիտութեան լոյսով, այլեւ` ազգային, մարդկային, եւ բարոյական այն վեհ արժէքներով, որոնք քու մէջդ վաղուան գիտակից հայը, առաքինի մարդը եւ տիպար քաղաքացին պիտի կերտեն:

Ուստի յարգը գիտցիր հայ դպրոցիդ: Հոդ միայն դաս չէ, որ կը սորվիս կամ կը ստանաս, այլ նաեւ` հայեցի դաստիարակութիւն:

Տէ՛րը դարձիր մեր լեզուին: Զայն միշտ պահէ շրթներուդ վրայ: Մի՛ ձգեր, որ հայ լեզուն նահանջէ: Եղիր օրինակելի: Մօտէն ծանօթացիր մեր մշակոյթին, եւ պատմութեան,  որովհետեւ ատոնք քուկդ են, նաեւ թող քու հպարտութիւնդ ալ ըլլան:

Մինչ այդ` բարի՛ վերամուտ եւ բարի՛ երթ:

 

 

Թուրքերը Կը Հերքեն Ցեղասպանութեան Մասին Բոլոր Ապացոյցները, Իսկ Ազրպէյճանցիները` Կաշառքի Հետ Առնչուածները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հակառակ ներկայացուած բոլոր տեսակի ապացոյցներուն, աւելի քան դարէ մը ի վեր թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ հերքել Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու իր յանցանքը` մնայուն կերպով պնդելով, որ այդ բոլորը կեղծիք են:

Նոյն ձեւով, եւ հակառակ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուած բոլոր ապացոյցներուն` կաշառատւութեան եւ փտածութեան գործունէութեան մէջ իր միլիառաւոր տոլարներու չարաշահման գծով, ազրպէյճանական կառավարութիւնը միշտ կը հերքէ փաստերը եւ կը մեղադրէ` «այլ երկիրներ», հայերն ու որոշ անհատներ, զորս կը նկատէ իրեն դէմ եղողներ…

Անցեալ շաբաթը բացառութիւն չէր: «Կարտիըն»-ը եւ աշխարհի քանի մը տասնեակ այլ թերթեր հաղորդեցին, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը 2012-2014 աւելի քան 3 միլիառ տոլարի կաշառք տուած է բազմաթիւ անհատներու եւ հաստատութիւններու` ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Ըստ «Կարտիըն»-ի, աւելի քան 16 հազար նման գործարքներ կատարուած են: Այս մեծ գայթակղութեան մէջ կաշառելու համար մեղաւոր է ոչ միայն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, այլ նաեւ` եւրոպացի այն բոլոր պաշտօնեաները, որոնք կաշառք վերցուցած են Ալիեւի վարչակարգին ապօրինի ծառայութիւններ մատուցելու համար…

Այն, ինչը «Կարտիըն»-ը կը նկարագրէ իբրեւ «ազրպէյճանական լուացքատուն», կը ներառէ «խիստ ազդեցութեան ծրագիր մը, վարձավճարներ` լոպիիստներուն, պաշտպաններուն եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն` կանխիկ գումար «լուալ»-ու համար, (որ) կու գայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կապուած ընկերութիւններէ, պետական նախարարութիւններէ եւ երկրի մեծագոյն` Ազրպէյճանի Միջազգային դրամատունէն, որ վերջերս սնանկութեան դիմում ներկայացուցած էր: Կանխիկ գումարը փոխանցուած է ստուերային կառավարում ունեցող բրիտանական չորս ընկերութիւններէ եւ այնտեղէն ծախսուած է  տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ղազախստանի մէջ»: «Կարտիըն» մոռցած է աւելցնել Պելճիքան եւ Իտալիան…

Ազրպէյճանական ապօրինի դրամները բրիտանական ընկերութիւններ ուղղուած են Դանիոյ ամէնէն մեծ դրամատան` «Տանսքէ»-ի էսթոնական մասնաճիւղին միջոցով: Այս ստուերային ընդյատակեայ ընկերութիւններէն երկուքը եղած են սկովտիական սահմանափակ ընկերութիւններ` «Հայլիւքս Սերվիսըս եւ Փոլիւքս Մէնէյճմընթ», որոնք կը վերահսկուին գործակատարներու կողմէ, բրիտանական Վըրճինեան կղզիներուն մէջ:

Ճանչնանք այս ապօրինի փոխանցուած ֆոնտերու շահառուներէն քանի մը հոգին: Ըստ «Կարտիըն»-ի, «անոնցմէ մէկը Լուքա Վոլոնթէն է, Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան աջ-կեդրոն խումբի նախկին իտալացի նախագահը` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ): Վոլոնթէ շարքին էր ԵԽԽՎ-ի այն պատուիրակներուն, որոնք տարօրինակ կերպով դէմ քուէարկեցին Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու խախտումները քննադատող 2013-ի զեկոյցին: Ըստ բացայայտուած տուեալներու, ան ստացած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար: Իտալիոյ մէջ անոր առաջադրուած է մեղադրանք` դրամի լուացման եւ կաշառակերութեան համար, կապուած` «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» անունը ստացած հետաքննութեան: Ան կը հերքէ բոլոր անօրինութիւնները»:

«Կարտիըն»-ի համաձայն, մէկ այլ բարձրաստիճան շահառու է «Գերմանիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էտուըրտ Լինթնըրը` Քրիստոնէական սոցիալական միութենէն… 2012-2014, երբ ան այլեւս պատգամաւոր չէր, անոր հիմնադրամը ստացած է 819 հազար եւրօ: Լինթնըր 61 հազար եւրոյի կանխիկ գումար ստացած է` որպէս ընտրութիւններու դիտորդ, Ազրպէյճան այցելելէն երկու շաբաթ ետք: Ան բարձրօրէն գնահատած է քուէարկութիւնը եւ որակած` մինչեւ իսկ «գերմանական չափանիշներուն» համապատասխանող: Ան ըսած է, որ վճարումները եղած են օրինական աշխատանքի համար, եւ ինք անձամբ չէ օգտուած այդ գումարէն կամ ծանօթ չէ այդ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրին»:

Ըստ «Կարտիըն»-ի, «Կանխիկ գումար ուղարկուած է նաեւ Պուլկարիա եւ Զուիցերիա` Քալին Միթրեւի պատկանող դրամատնային հաշիւներուն, որ ժամանակին եղած է յատուկ խորհրդատու, իսկ այժմ կ՛աշխատի Լոնտոնի Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան համար: Միթրեւ կը յայտնէ, որ գումարը եղած է մասնաւոր եկամուտ` օրինական խորհրդատուական աշխատանքներէ, եւ ինք ծանօթ չէ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրին: Ան կը հերքէ, թէ որեւէ անօրինութիւն կատարած է»:

Կան նաեւ քանի մը բարձրաստիճան ազրպէյճանցի պաշտօնեաներ, որոնք օգտուած են այդ հիմնադրամներէն: Ազրպէյճանական ընկերութիւն մը` «Պաքթելեքոմ Էմ.Էմ.Սի.», աւելի քան 1,4 միլիառ տոլար փոխանցած է ստուերային դրամատնային հաշիւներու:

Հետաքրքրական է այն, որ հունգարական թերթը եւս բացայայտած է, որ այն պահուն, երբ Հունգարիա կ՛արտայանձնէր Ռամիլ Սաֆարովը` 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի զօրավարժութիւններուն ընթացքին հայ սպան կացինահարած ազրպէյճանցի մարդասպանը, Ազրպէյճան քանի մը դրամատնային փոխանցումներ կատարած է հունգարական «Էմ. Քէյ. Պի.» դրամատան, ընդհանուր` 7 միլիոն տոլար գումարի չափով: Սա եւս մէկ օրինակ է Ազրպէյճանի գաղտնի դրամատուներու կաշառակերութեան օգտագործման` Եւրոպայի մէջ եւ այլուր,  իր շահերուն հետապնդման համար:

Ազրպէյճանցիները ի հարկէ չեն ընդունիր իրենց անօրինութիւնները եւ կը մեղադրեն բոլորը` հայերէն սկսեալ մինչեւ միլիառատէր Ճորճ Սորոսը եւ միջազգային լրատուական միջոցները:  «Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով «Կարտիըն»-ի եւ այլ լրատուական միջոցներու յօդուածները որակած է «զրպարտութիւն»… Հասանով ըսած է, որ Ալիեւի վարչակարգը դարձած է բրիտանական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած «գայթակղեցուցիչ» արշաւի զոհը», կը տեղեկացնէ «Կարտիըն»: Հասանով մեղադրած է որոշ հակաազրպէյճանական շրջանակներ, որոնք` «Արեւմուտքի եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը վերահսկուին հայկական սփիւռքի միջոցներուն շնորհիւ»: Բացի ասկէ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը արգելափակած է հասանելիութիւնը Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի կայքին (The Organized Crime and Corruption Reporting Project), որ հրապարակած էր «ազրպէյճանական լուացքատան» մանրամասնութիւնները` դանիական «Պերլինկսք» թերթին մէջ յայտնուած տուեալներու արտահոսքէն ետք:

Անցեալ շաբաթ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը կը հետաքննէ Ազրպէյճանի կապուած` բրիտանական չորս ընկերութիւններու կաշառակերութեան գործունէութիւնը: Միաժամանակ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի քանի մը անդամներ մտադիր են ընդլայնելու Ազրպէյճանի` կաշառելու մնայուն ծրագիրներու գոյութիւն ունեցող ընթացիկ հետաքննութիւնը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

$
0
0

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցաբար, վերջերս լոյս տեսաւ տաղանդաւոր դերասան, վաստակաշատ բեմադրիչ ու դերուսոյց եւ բազմաթիւ թատրերգութիւններու թարգմանիչ Ժորժ Սարգիսեանի  թարգմանական ամբողջական արգասիքը` 4 հատորներ, որոնց մէջ տեղ տրուած են Ժորժ Սարգիսեանի կատարած թատրերգութիւններուն ու բեմականացուցած կտորներուն (26 թարգմանութիւն, հայ հեղինակներու գործերէ 12 բեմականացում): 

Այս հատորներուն շնորհահանդէսն ու Ժորժ Սարգիսեանի մահուան 35-ամեակին նշումը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին: Այս առթիւ յաջորդական էջերով` հին ու նոր գրութիւններ, վկայութիւններ, յուշագրութիւններ  բովանդակող, լուսարձակի տակ կ՛առնենք լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ բազմատաղանդ Ժորժ Սարգիսեանին ունեցած վաստակն ու ներդրումը: 

Յետմահու Բախտաւորը`
Ժորժ Սարգիսեան

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ժորժ Սարգիսեան

Թատրոնը բազմարուեստ կալուած է. անոր համար կարեւոր ենթահող է հաւաքական կազմակերպ կեանքը, որ ստեղծած է որոշ կայունութիւն եւ անոր տարբեր ոլորտներուն միջեւ` հաւասարակշռութիւն:

Թատրոնը մէկէ աւելի արուեստներու մէկտեղումով կ՛արարուի. անոր գլխաւոր ղեկավարը` բեմադրիչը, իր կողքին կ՛ունենայ` դերասան, երաժիշտ, լոյսերու պատասխանատու, բեմայարդար եւ դեռ` տեսանելի ու անտեսանելի բազմաթիւ արուեստագէտներ, կը համակարգէ անոնց ներդրումը եւ բեմին վրայ կը հրամցնէ հմայիչ, հրապուրող եւ ազդեցութիւն գործող ամբողջութեամբ մը:

Բեմադրիչն ու գործակից արուեստագէտները առհասարակ ճամբայ կ՛ելլեն թատերագիրի մը կամ գրողի մը գործով, ու իրենց տաղանդներն ու կարողութիւնները անոր շուրջ կը միահիւսեն իբրեւ զիրար լրացնող ամբողջութիւն: (Անշուշտ կայ բեմական ճիւղ մը, որ ճամբայ չ՛ելլեր որեւէ բնագիրով, այլ բազմատաղանդ արուեստագէտներ որոշ նիւթի մը մասին նախնական փոխհասկացողութեամբ, մինչեւ իսկ առանց անոր ալ բեմ կ՛ելլեն տեղւոյն վրայ արարելու կամքով):

Թատերական երկ մը ի սկզբանէ կոչուած է բեմ հանուելու, բեմադրուելու: Անիկա չի նմանիր վէպի, պատմուածքի կամ բանաստեղծութեան, որ կարելի է ըմբոշխնել անկողինիդ մէջ  կամ սեղանիդ ետին նստած, պարտէզի մը մէկ շուք անկիւնը եւ այլն: Բեմադրիչն ու դերակատարները կոչուած են բնագիրին վրայ բան մը աւելցնելու, երբ զայն կը ներկայացնեն: Հոս արդէն կը ծագի մեկնաբանութեան արժանիքը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ տարբեր խմբավարներու կամ երաժիշտներու կողմէ երաժշտական որոշ գործի մը մատուցումը ուրիշներէ տարբեր ներգործութիւն կը գործէ ընկալողին վրայ: Թատրոնի պարագային, միայն ձայնի զգայարանքը չի գործածուիր, այլ աչքին վստահուած է ամէնէն կարեւոր դերը: Դերակատարները թէեւ կը կազմեն հիմնական առանցքը, սակայն անոնք չեն բաւականանար իրենց բաժինները արտասանելով, այլ կան` շարժումը, խօսակցութեան կամ մենախօսութեան կշռոյթը, լոյսի խաղերը, բեմայարդարումի յղացքը (արդի թատրոնը այս բաժինին յաճախ նուազագոյն տեղը կու տայ), երաժշտութիւնը, մինչեւ իսկ… անշարժութեան ու լռութեան պահերը: Հանդիսականը կը զգայ, որ անոնցմէ մէկն ու մէկուն բացակայութիւնը կամ թերի մատուցումը կը վնասէ ամբողջութեան:

***

Համազգայինի թատրոնին հիմնադիրները եւ անոնց աւանդը պահպանողները գիտակից եղած են այս սկզբունքներուն, մանաւանդ որ Լեւոն Շանթի նման ռահվիրաներ կը հանդիսանային մեր թատերական գրականութեան թագակիրները:

Այդ սերունդը իրաւամբ կարելի է կոչել մշակոյթի հսկաներու փաղանգ. անոնք վիպագիրներ, բանաստեղծներ, գրականագէտներ ու թատերագիրներ էին, նաեւ էին բեմի մարդ, այսինքն` բեմադրիչ, երաժշտագէտ ու նկարչական արուեստի վարպետ. հայրենիք կորսնցուցած մեր գաղութներուն մէջ, մշակոյթի անփոխարինելի ըլլալուն խոր գիտակցութիւնը զանոնք մղեց հիմնելու Համազգայինը. անոնց համար Ճեմարան-ուսումնարանին, տպարանին, գեղարուեստի տարբեր կալուածներու կողքին, կարեւոր տեղ ունէր թատրոնը: Եւ զարմանալի չէ, որ գաղթակայաններէ հազիւ դուրս եկած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ իր տեղը ունեցաւ թատրոնը, նախ` դպրոցական եւ աւելի համեստ պայմաններու մէջ, իսկ կարճ ատեն ետք, արդէն որակաւոր գործերու բեմադրութեամբ, սիրողականը արհեստավարժի մակարդակով ներկայացնելու ձգտումով:

Գասպար Իփէկեանի անունը սերտօրէն կապուած է Համազգայինի պէյրութեան թատրոնին հետ. անոր կողքին ու հիմնական յենարանի արժանիքներով արձանագրուած են թատերագիր Լեւոն Շանթի, գրականագէտ Նիկոլ Աղբալեանի եւ այլ սերնդակիցներու անունները: Այս ռահվիրաներուն բացած ուղիէն քալեցին անոնց տաղանդաւոր գործակից-աշակերտները, որոնք հիմնադիրներուն ցանած սերմերը ծաղկեցուցին տասնամեակներ շարունակ` ջահը հասցնելով այսօրուան սերունդին: Ցեղասպանութենէն առաջ Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ մինչեւ իսկ Վենետիկի ու Լվովի մէջ արարուած բեմերուն աւանդը վերապրեցաւ Համազգայինի եւ հայ թատրոնին նուիրուած այլ մտաւորականներու ու արուեստագէտներու շնորհիւ:

Հիմնադիրներուն վառած խարոյկը բոցավառ պահելու եւ անոր դիմաց նոր հորիզոններ բանալու իմաստով, իր իւրայատուկ պատուանդանը ունի Ժորժ Սարգիսեանը, որ ժառանգեց Գասպար Իփէկեանի «մականը» եւ տասնամեակներ շարունակ մնաց այս բերդին պաշտպանը, ծառան եւ արժանի է «իշխան» կոչումին: Բարեբախտաբար Ժորժ Սարգիսեանը առանձնակի ծաղիկ մը չէր իր օրերու թատերական կեանքին մէջ, իր կողքին ունէր արժանաւոր դերասաններ, գործակիցներ, սակայն եւ այնպէս, ան մեծերու շարքին զատորոշուող արուեստագէտն էր ու իր տասնամեակներու գործով կերտած է կոթողական վաստակ:

Ժորժ Սարգիսեան անջնջելի հետք ձգած է Համազգայինի, ինչո՞ւ չէ, նաեւ սփիւռքահայ մեր թատերական կեանքին ու պատմութեան մէջ: Ան պարզապէս թատրոնի մարդ էր բառին ամէնէն լայն առումով. ան նախ եւ առաջ դերասան էր, նոյնքան արժանաւոր բեմադրիչ, բեմայարդարումի մասնակից-տնօրինող, դիմայարդարումի վարպետ: Ան բեմ հանեց հայ թէ օտար թատերագիրներու, անցեալի ու ժամանակակից հեղինակներու բազմաթիւ գործեր, նոյն յաջողութեամբ բեմադրեց կատակերգութիւն, ողբերգութիւն ու տռամ, սակայն միշտ մնալով հաւատարիմ եւ հետամուտ` Որակին, չտարուեցաւ շուկայիկին հրապոյրներով, որոնք արդէն սկսած էին ողողել մեր ու աշխարհի բեմերը, իսկ այսօր արդէն կորուստի մատնած են որակը: Ան պարզապէս եղաւ Համազգայինի ու անոր հիմնադիրներուն աւանդին պաշտպանն ու շրջապատին հաղորդողը, յաջորդներուն փոխանցողը:

Եթէ Ժորժ Սարգիսեանի անուան դիմաց տիրական արձանագրութիւն էր դասական-աւանդական բեմադրութիւն հասկացողութիւնը, սակայն ան անմասն չէր նորարարութիւններէ, իսկ աւելի ուշ անոր «դպրոցէն» շրջանաւարտներ ժամանակակից թատրոնի բազմերանգ շունչը բերին մեր թատերական կեանքին. անոնցմէ շատեր, իրենց կարգին, դարձան Ժորժ Սարգիսեանի ընդարձակած ուղիին երախտաւորները:

Ժորժ Սարգիսեանի գործի դաշտը առաւելաբար եղաւ Պէյրութը, որ մինչեւ Լիբանանի տագնապին պայթումը` արտերկրի մեր մշակոյթին գլխաւոր ու տիրական միջավայրն էր: Անոր ղեկավարած թատերախումբը շողարձակումներ ունեցաւ դէպի սփիւռքեան բազմաթիւ օճախներ` իշխանութիւնը տարածելով Պարսկաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր: Նոյն այդ ջահէն տարածուած կայծերը բռնկեցուցին Արժանթինի ու Քանատայի նման հայկական օճախներու թատերական հնոցները` միշտ մնալով հաւատարիմ Համազգայինի աւանդներուն, որակին: Ափսո՜ս, որ այդ օրերուն լուսանկարչութեան արհեստագիտութիւնը չունէր ներկայի միջոցները, այլապէս Համազգայինի թատրոնն ու Ժորժ Սարգիսեանի վաստակը, իբրեւ ապրող ժառանգութիւն, պիտի պահպանուէին մեր մշակոյթի գանձարանին մէջ` դառնալով իւրայատուկ ուսումնարան մը թատերական արուեստի:

Բարեբախտաբար Ժորժ Սարգիսեանի վաստակը այլապէս պահպանուած է. անկախ թատերախումբի յուշամատեանէն ու անոր բովանդակած լուսանկարներէն` անոր թարգմանած եւ օգտագործած թատերական գործերը կը կազմեն ստուար հարստութիւն մը, եւ զանոնք հրատարակելով` Համազգայինը գործնապէս երախտագիտութիւն կը յայտնէ ոչ միայն Ժորժին, այլ նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք կազմաւորեցին զայն ու գործակցեցան անոր հետ:

Ժորժ Սարգիսեան եղած է ու պիտի մնայ ո՛չ միայն Համազգայինի ու սփիւռքեան մեր թատրոնին, այլ ողջ հայութեան թատերական կեանքի պատմութեան ամէնէն տիրական գործիչներէն մէկը: Անոր երախտիքը աննշմար չէ անցած, որովհետեւ ա՛յն օրերուն, երբ հայութիւնը կը նշէր Ցեղասպանութեան 50-ամեակը, բանիւ եւ գործով աշխարհին կը ներկայանար ֆիզիքապէս, բարոյապէս ու մշակութապէս վերականգնածի հասակով, ահա այդ օրերուն Ժորժ Սարգիսեան բարձրարժէք շքանշանի արժանացաւ Լիբանանի նախագահին կողմէ: Սրտառուչ են այդ առիթով հայութեան կեանքին մէջ տեղ գտած արձագանգները. անոր վաստակն ու մատուցուած գնահատանքը ընդհանուր գոհունակութիւն եւ պատիւ կ՛արտայայտեն: Աւելի սրտառուչ էին նոյնինքն արուեստագէտի՛ն խօսքերը. ան իրեն ընծայուած յարգանքին ու պատիւին մէջ չէր ուզեր տեսնել իր անձին ուղղուած դրուատիք, այլ այդ բոլորը կ՛ընդունէր Համազգայինի անունով, պատիւը կը վերագրէր զինք իբրեւ թատրոնի մարդ արարողներուն…

Ժորժ Սարգիսեան, ըսինք, թատրոնի մարդ էր. մտերիմները կ՛ըսէին, որ ան «ամուսնացած» է թատրոնին, Համազգայինի թատերախումբին հետ… Եթէ զինք կարելի է որոշ առումով նկատել բախտաւոր, որովհետեւ ամբողջ հոգիով մասնակից եղաւ հայ թատրոնի վերելքին ու պահպանեց անոր շարունակականութիւնը, միւս կողմէ` ան եղաւ «դժբախտ», որովհետեւ չտեսաւ իր գրաւոր վաստակին լոյս ընծայումը:

Սակայն կարգ մը երախտաւորներ կրնան բախտաւոր ըլլալ նաեւ յետմահու…

Ժորժ Սարգիսեան Կը Խօսի

«Ապերախտ աշխատանք է բեմադրութիւնը, մանաւանդ երբ դերակատարներ կը փնտռես. անոնք նոյն մօտեցումը չունին, տարբեր խառնուածքի տէր` ամէն մէկուն հետ առանձին լեզու պէտք է գտնել, սիրաշահիլ, ոմանց հետ կռուիլ, այս բոլորը կան»:

«Ես զուարճացնելու նպատակին չեմ հաւատար. թատրոնը ուրիշ առաքելութիւն մը ունի, ոմանց համար թատրոնը հայելի մըն է, ուր հանդիսատեսը կը տեսնէ ինքզինքը, ի՛ր թերութիւնները եւ սրբագրելու, բարելաւելու առիթը կ՛ունենայ: Ուրիշներու համար թատրոնը խորան մըն է, պատարագ մը, դերակատարները` պատարագիչներ, հանդիսականները` հաւատացեալներ, որոնք կը դիտեն, կը մասնակցին արարողութեան եւ իրենց հաւատքը կը վերանորոգեն: Դեռ, ուրիշներու համար ալ թատրոնը դպրոց է, դերակատարները` դասախօսներ, ժողովուրդը` աշակերտներ, որ կու գայ մտածել սորվելու, խորհրդածութեան մէջ մտնելու: Իսկ դժբախտաբար, ջախջախիչ մեծամասնութեան համար, ժամանցի վայր:

«Հայ թատրոնը իր անձնայատուկ առաքելութիւնը ունի: Պէտք չէ զայն բաղդատել միջազգային թատրոնին հետ, արուեստը արուեստին համար նշանաբանով ու վերջացնել: Ո՛չ, արտասահմանի մէջ հայ թատրոնը հայապահպանման գործին ուժ պէտք է տայ, ազգապահպանման պայքարին` թեւ: Եկեղեցւոյ, դպրոցի, ակումբի կողքին, հայ թատրոնը կարեւոր դեր մը ունի… Եթէ մենք Դատ մը ունինք, պէտք է մեր մշակոյթը զօրացնենք անպայման: Թատրոնը լաւագոյն ձեւն է լեզուն կանգուն պահելու»:

«Թատրոնը ճաշակ կը նրբացնէ, կ՛ազնուացնէ. ոմանց համար` անգիտակցօրէն, բայց ազդեցութիւնը անժխտելի է»:

Ի՞նչ է թատրոնը.- «Թատրոնը դէպք մը, դրուագ մը հարազատօրէն վերարտադրելու, վերակենդանացնելու արուեստն է: Թատրոնը նիւթ մը, սկզբունք մը, վարդապետութիւն մը պատկերաւոր եւ կենդանի ձեւով վերլուծող եւ խորացնող արուեստն է»:

Իր կտակէն.- «Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պէտք է ամէն գնով գոյատեւէ: Ղեկավարին անհետացումը պէտք չէ կասեցնէ անոր կենսական գործունէութիւնը եւ ջլատէ անոր յարատեւումը: Բոլոր անդամներուն, հին թէ նոր, պարտաւորութիւնն է քով քովի գալ եւ անմիջական միջոցներ ձեռք առնել գործը շարունակելու համար:

«Համերաշխութեամբ եւ ընկերական անկեղծ ոգիով կարելի է թատերախումբը պահել նոյն բարձրութեան վրայ: Լրջախոհութիւնն ու ազգային գիտակցութիւնը պէտք է մնան գլխաւոր յատկանիշները թատերախումբի անդամներուն: Չքացումը ես-ի, նուիրում հաւաքական աշխատանքի: Գործը ամէն բանէ վեր:

«Պէտք է հայ թատրոնին տալ իր տեղը, իր իրաւունքը, իր հոգեկան դերը: Պէտք է կարելիութիւններ ստեղծել, որ հայ թատրոնը կատարէ իր առաքելութիւնը»:

… «Ի՛նչ ալ ըլլան, սակայն, թատրոն յաճախելու դրդապատճառները, ի՛նչ սահմանում ալ տրուի թատրոնին, թատրոնը անհրաժեշտութիւն մըն է քաղաքակիրթ բազմութիւններուն համար: Թատրոն յաճախողը, կամայ թէ ակամայ, կ՛ենթարկուի թատրոնի ազդեցութեան, այդ ազդեցութիւնը ըլլայ վատ կամ շինիչ»:

… «Թատրոնը միայն դերասանութեամբ կամ բեմադրութեամբ չի լրանար: Թատրոնը անխուսափելիօրէն իր մէջ կը պարունակէ արուեստի զանազան ճիւղեր, որոնք անհրաժեշտ են թատերական արուեստին ամբողջացումին»:

… «Հայ թատրոնը պէտք է ունենայ իր ինքնութիւնը, դիմագիծը, իր սեփական ու ազգային ուղեգիծը, պէտք է ունենայ իր մասնաւոր առաքելութիւնը: Այդ առաքելութիւնը սփիւռքի մէջ մեր ազգապահպանումի պայքարին իր դրական եւ մշտական մասնակցութիւնն է:

«Հայը հայ պահելը պէտք է ըլլայ իր գլխաւոր մտահոգութիւնը»:  ազդեցութիւնը ըլլայ վատ կամ շինիչ»:

1969 փետրուար 17-ին տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին պաշտօնական բացումը, հարիւրաւոր հրաւիրեալներու ներկայութեան: Ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեան կտրեց սրահի մուտքին պարզուած աւանդական ժապաւէնը, եւ հրաւիրեալները մտան սրահ` առաջին իսկ ակնարկով հիանալու համար այն գեղեցկութեան, որ կը պարզուէր իրենց աչքերուն առջեւ: Արդարեւ, թատերասրահը, ոչ միայն իր շքեղութեամբ, այլ նաեւ արդիական վերջին կատարելագործումներով, կարելի է նկատել Լիբանանի լաւագոյն սրահը: Այս երջանիկ առիթով գործադրուեցաւ յանպատրաստից յայտագիր մը, եւ յաջորդաբար խօսք առին` Ժորժ Սարգիսեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Կարօ Սասունի եւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, ընդգծելու համար թատրոնին դերը հասարակութեան մտային եւ հոգեկան զարգացման տեսակէտէն: Եղան արտասանութիւններ ու մեներգներ, եւ երկու ժամ ամբողջ խանդավառ պահեր ապրելէ ետք ներկաները մեկնեցան խոր գոհունակութեամբ:

Այս նոր թատերասրահը կոչուած է կարեւոր դեր խաղալու մեր մշակութային կեանքին մէջ:

«Ազդակ»,
17 եւ 18 փետրուար 1969

Թատերասրահի բացում. Յակոբ Տէր Մելքոնեան կը կտրէ մուտքի ժապաւէնը

Նոր թատրոն, նոր թարգմանութիւն, նոր բեմադրութիւն: Կը նշանակէ, թէ նոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուինք, ողջունելի` ըստ ամենայնի:

«Դարերու թմրութենէն ետք վերածնաւ թատրոնը ու թատրոնով` աշխարհաբարը, ու աշխարհաբարով` նոր լոյս մը», կը գրէ տեղ մը Նշան Պէշիկթաշլեան:

Հիմա, որ թատրոն ունինք, ներելի է ակնկալել, որ երեւոյթը պիտի կրկնուի, եւ նոր մարդուն պիտի ընծայուի նո՛ր լոյս մը: Թատրոն ունինք հիմա, եւ կորովը պէտք չէ պակսի մեզի:

Պ. Ս.
(«Ազդակ», 22 փետրուար 1969)

 

Ողջո՛յն Հայ Դպրոցին Ու Բարի՛ Երթ Ազգ. Միացեալ Վարժարանին

$
0
0

Ահաւասիկ, մեր աշակերտութեան ստեղծած խանդավառ եռուզեռով, հայ դպրոցէն ներս դարձեալ սկիզբ կ՛առնէ կրթական նոր տարեշրջան մը, զոր սրտովին կ՛ողջունենք լուսաւոր իրագործումներու սպասումով:

Այս առիթով նախ պարտք կը համարենք մեր երախտիքը յայտնելու հայեցի դաստիարակութեան սրբազան գործի բոլոր նուիրեալներուն, որոնք լիբանանահայ մեր կեանքէն ներս հայ դպրոցը առաջնորդեցին դէպի վերելք:

Կրթական նոր տարեմուտին առիթով պարտք կը համարենք նաեւ յիշեցնելու մեր ժողովուրդին, որ առանց հայ դպրոցի արդիւնքին` կարելի չէ խօսիլ լիբանանահայ կեանքի մասին: Առանց հայ դպրոցի վաստակին` կարելի չէ նաեւ ակնկալել ազգային դիմագիծ ունեցող սփիւռք մը, որ մեր դպրոցներու ջրտուքով կը շարունակէ մնալ սեփական նկարագիր ունեցող միջավայր:

Անկասկած, սփիւռքի տարածքին մարտահրաւէր է մեր ժողովուրդին կեանքը եւ այդ մարտահրաւէրին մէջ միշտ տիրականօրէն ներկայ են եղած մեր դպրոցները, որոնք անընդմիջաբար, ազգային արժէքներու ջրտուքով, հայօրէն ապրելու կամք ներարկած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Այո՛, դժուար են մեր ժողովուրդին վիճակուած կեանքի պայմանները, սակայն, ահաւասիկ, շնորհիւ մեր ժողովուրդի գիտակից կեցուածքին, տոկացած ենք հազարամեակներ եւ, անկասկած, հայ դպրոցին ջամբած արժէքներով ու ազգային հաւատարմութեամբ, պիտի շարունակենք նաեւ մնալ կանգուն ու անխախտ:

Վստահաբար 2017-2018 կրթական տարեշրջանը մեզի կը ներկայանայ բոլորովին տարբեր պայմաններով: Յայտնապէս, այսուհետեւ, չկան նախորդ սերունդներու կողմէ մեր եկեղեցիներուն կողքին կառուցուած մեր թաղային վարժարանները, որոնք տասնամեակներ շարունակ, ազգային հեռատեսութեամբ, մեր հաւաքականութեան ինքնութիւնը կերտեցին: Այո՛, այսուհետեւ չկան մեզի ծանօթ մեր թաղային դպրոցները. սակայն, անկասկած, կայ լիբանանահայ մեր կեանքէն ներս հայեցի կրթութեան առաքելութիւնը շարունակելու հրամայականը, եւ մանաւանդ կայ հայ դպրոցին սրբազան աւանդը նորոգելու եւ զարգացնելու նոր փուլ:

Մենք ոչ միայն պարտինք հայ դպրոցը պահել ու պաշտպանել, այլեւ մեր ճիգը աւելցնելով հայ դպրոցին ունեցած շուրջ մէկ դարու շքեղ վաստակին վրայ` պարտաւոր ենք հայ դպրոցով մեր ինքնութիւնը նորոգել ու գալիք օրերու հրամայականով նաեւ վաղուան մեր կեանքը ծրագրել:

2017-2018 կրթական վերամուտին առիթով, բնականաբար, մեզի համար ուրախութեան մասնաւոր առիթ է սրտովին ողջունել փակուող մեր վարժարաններուն տեղ, Պուրճ Համուտի հայադրոշմ միջավայրէն ներս իր դռները մեր ժողովուրդին դիմաց լայնօրէն բացող Ազգային միացեալ վարժարանը, որ այսօր, իր երդիքին տակ խմբելով մեր վարժարաններու աշակերտութիւնը, արդէն իսկ քաղցրութեամբ կը ժպտի մեր զաւակներուն:

Անկասկած, Ազգային միացեալ վարժարանը, կառուցուած` Ազգային առաջնորդարանին միջոցներով, լիբանանահայ մեր կեանքի պայմաններէն թելադրուած յախուռն իրագործում մըն է: Կրթական այս համալիրը  կառուցուեցաւ գլխաւորաբար պատուելու համար հայ դպրոցը եւ մեր նոր սերունդի կեանքէն ներս ստեղծելու համար ժամանակակից բարենպաստ ուսումնառութեան պայմաններ: Հետեւաբար կրթական այս նոր հիմնարկէն ներս ի գործ դրուած ամէն ճիգ նախ պէտք է պատիւ բերէ հայ դպրոցին, ու միաժամանակ նորոգէ ազգային, մշակութային, բարոյական ու հոգեւոր այն բոլոր արժէքները, որոնք հայ դպրոցի վաստակով հաստատուեցան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Նոր դպրոցը ոչ միայն լիովին պէտք է փոխարինէ փակուող թաղային մեր վարժարանները, այլեւ նոր որակ տայ հայեցի դաստիարակութեան գործին, մեր շրջապատին բերէ նոր խանդ ու եռանդ եւ գալիքի ժամանակներուն համար եւս գոյացնելով նոր աւանդ` մեր դիմաց բանայ նոր ուղիներ:

Բարի եւ անսայթաք երթ կը մաղթենք Ազգ. միացեալ վարժարանին եւ մեր սպասումն է, որ բոլորուելով անոր շուրջ` մենք կը յաջողինք մեր նուիրումովն ու աշխատանքովը անոր գործունէութիւնը  վերածել ոգեւորութեան նոր մեկնակէտի, որպէսզի նոր դպրոցով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գծագրուին նաեւ նոր տեսիլքներ:

Անկասկած, մեր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը այսօր ալ մարտահրաւէր է բոլորիս համար: Արդարեւ, հակառակ մեր ինքնութեան ի խնդիր ի գործ դրած մեր ճիգերուն` տակաւին պարտաւոր ենք  յարատեւօրէն պայքարիլ եւ այդ պայքարին մէջ առաւելաբար ապաւինած ենք մեր դպրոցներուն, որոնք խարսխուած մեր ազգային դարաւոր արժէքներուն վրայ` այսուհետեւ պէտք է նաեւ խօսին նոր լեզուով ու ծրագրեն նոր ոճով, որպէսզի նաեւ լսելի դառնան բոլոր անոնց, որոնք բացակայ են հայ դպրոցէն, եւ որոնց թիւն ալ ամէն օր կ՛աւելնայ: Այո՛, այսուհետեւ պարտաւոր ենք հայ դպրոցով հայութենէ հեռացած անձերուն դիմաց եւս պատրաստել վերադաձի ճամբան. եւ այդ նուիրական աշխատանքին համար հայ դպրոցը կարիքը ունի դրական մտքի ու գիտակից կեցուածքի տէր մարդոց, որոնք պիտի կարենան հայ կրթութեան սրբազան աւանդը վերածել ոգեւորութեան նոր հանգրուանի` անով հաւաքելու ու վերախմբելու համար ցան ու ցրիւ պայմաններու մէջ ապրող մեր զաւակները ու անով կերտելու համար մեր ժողովուրդին վաղուան կեանքը:

Մեր վարժարանները կը պատկանին մեր ժողովուրդի ամբողջութեան եւ, հետեւաբար, վերամուտի առիթով կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որ նորոգուելու ցանկութեամբ ու դէպի նոր վերելք երթալու տենչով բոլորուինք մեր վարժարաններուն շուրջ, գուրգուրանք անոնց վրայ եւ մեր նուիրումով անոնց աշխատանքը վերածենք խանդավառ երթի:

Կ՛աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած օրհնէ մեր դպրոցները, որպէսզի հաստատաքայլ գնացքով անոնք նուաճեն նոր բարձունքներ:

 

 


Խմբագրական. Հայ Մարդուժի Գլխաւոր Արտադրամասը` Դէպի Աղբիւրը Լոյսին

$
0
0

Լիբանանահայ բազմահազար աշակերտներ, հարիւրաւոր հայ ուսուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ  դէպի աղբիւրը լոյսին կ՛ուղղեն իրենց քայլերը 2017-2018 կրթական տարեշրջանին ընդառաջ սորվելու, բայց նաեւ սորվեցնելու, հմտանալու, բայց նաեւ այդ հմտութիւնները յայտնաբերելու, յաջողելու, բայց նաեւ յաջողութեան գաղտնիքները փոխանցելու, բայց մանաւանդ մարդկօրէն ու հայօրէն կազմաւորուելու եւ կազմաւորելու համար:

Ամէնէն նուիրական առաքելութեան կը լծուին այս ոլորտի գործիչները եւ իրենց կենսագրութեան ամէնէն հիմնական փուլը կը թեւակոխեն մեր ժողովուրդի ամէնէն կենսունակ տարրերը: Գիտակցական մղումը գերակայ է: Ծնողներուն, որոնք հակառակ շրջակայքի իմաստակութիւններուն` ոչ հայկական վարժարանները նախընտրելու, հայ ծնողի իրենց առաջին պարտականութեան կառչած կը մնան իրենց զաւակներուն կրթութիւնը վստահելով հա՛յ դպրոցին:

Գիտակցական նաեւ մանկավարժին, ուսուցիչին, կրթական պատասխանատուին, հայ վարժարանը կրթական եւ հայեցիութեան դարբնոցի բարձունքներուն վրայ պահելու ամէնէն մասնագիտականը, ամէնէն արդիականն ու ամէնէն հայեցին միաձուլուած փոխանցելու:

Պատահական չէ, որ այս  առաքելութիւններուն կարեւորութիւնը գերադաս նկատելով յառաջացան ՀՅԴ ինքնութեան ֆոնտեր` հայ մանուկին, հայ ընտանիքին, հայ ուսանողին համար: Համալիր ծրագիրներ են այս բոլորը, որոնց նպատակը ի վերջոյ առողջ համայնք, հայեցի միջավայր, տիպար քաղաքացի եւ հայրենանուէր հայ պատրաստելն է:

Այո՛. ինքնութեան պայքարի մէջ է ամբողջ սփիւռքը, եւ այս միջնաբերդը հայկական վարժարաններով նախ եւ առաջ եւ այդ վարժարանները յաճախող, հայ կազմակերպ կեանքին գործնական մասնակցութիւն բերող տարրերուն աջակցող գործնական ծրագիրներով կը շարունակէ իր պայքարը:

Տարածաշրջանի հայաթափման ընթացքները սերտօրէն կապուած են պատերազմներու, անհեռանկար իրավիճակներու եւ անոնց իբրեւ անմիջական հետեւանք ընկերային-տնտեսական ծանր կացութիւններու հետ: Խնդիրները փոխկապակցուած են, հետեւաբար տարբեր ուղղութիւններու վրայ արձանագրուելիք լուծումներու համար ծրագիրներ կեանքի կոչելը` դպրոցաշինութենէն մինչեւ ֆոնտերու տրամադրումներ ճգնաժամերու յաղթահարման գործնական միջոցներ են:

Կրթական այս տարեշրջանը լիբանանահայութեան համար կարեւոր կը նկատուի նաեւ միացեալ նոր վարժարանի բացումով: Տարիներու վրայ երկարող ծրագիրը իրականութիւն է արդէն եւ վարժարանը նորարարական յագեցուածութեամբ, արդիական դպրոցէ ակնկալուած բոլոր յարմարութիւններով, դպրոցավարական մասնագիտական մարդուժով կը համախմբէ ազգային տարբեր վարժարաններու միաւորուած աշակերտութիւնը:

Նման կրթական համալիրի մը իրականացումը աւելին է, քան զուտ վարժարաններու միաւորումը:

Այս գաղութին ունենալիք դերակատարութեան հաւատալու, այդ հաւատքի առարկայացման եւ գործնականացման ամէնէն վառ ապացոյցը, կեդրոնական գաղութի զարգացման համար կեդրոնական հանգամանք ստացող մարդկային պաշարներու պատրաստութեան կեդրոնական արտադրամասը:

Լիբանանահայ վարժարաններու գրասեղանները զբաղեցնողներէն պիտի թրծուին մեր վաղուան ուսուցիչները, գործիչները, լրագրողները, խմբագիրները, հայ կազմակերպ կեանքի սերնդափոխութիւնը իրականացնողները, տարբեր ոլորտի մասնագէտները, հայրենիք-սփիւռք կամրջումներուն նոր յենասիւներ տրամադրողները, պետական դէմքերը:

Մարդուժի հայթայթման մեծագոյն, ամէնէն բեղուն եւ ամէնէն արդիւնաւէտ միջավայրը կը շարունակէ մնալ լիբանանահայութիւնը: Իսկ անոր կռուանը, անփոխարինելի երաշխիքն ու գլխաւոր արտադրամասը է՛ ու պիտի մնա՛յ հայ դպրոցը:

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

$
0
0

ԳԱԼՈՒՍՏ ՃԱՆՍԸԶԵԱՆ

Ժորժ Սարգիսեանի Հետ
Եւ Անոր Ուղիով

Դերակատարներու խումբ մը Ճեմարանի բակին մէջ

Ժորժ Սարգիսեանի մահուան 35-ամեակին առիթով շատ յիշատակներ կ’արթննան մեր թատերական կեանքի տարիներէն:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մաս կազմելս ինծի համար  նշանակեց  երջանիկ տարիներ` սիրելի վարպետիս` Ժորժ Սարգիսեանի ղեկավարութեան շրջանին:

Իրեն համար ամէն մէկ թատերախումբի անդամ մէկ զաւակ էր: Փորձերու ատեն խիստ եւ շատ բծախնդիր էր. իսկ փորձերէն դուրս մանուկի նման  ուրախ եւ կատակասէր  իր խումբի ամդամներուն հետ:

Այդ շրջանին մենք եղանք  բախտաւոր սերունդ մը, որովհետեւ այդ տարիներուն ճանչցանք եւ վայլեցինք այն սքանչելի հայ մշակոյթի փաղանգը, որ կը կազմէին` Գասպար Իփէկեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունի, Մուշեղ Իշխան եւ շատ ուրիշներ, որոնք եղան այն փարոսը, որ լուսաւորեց սփիռքահայ գաղութներէն ներս:

Այն տարիներուն Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի շրջապտոյտները նշանաւոր էին, մեծ խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին: Այդ շրջապտոյտներէն մէկը տարաւ մեր խումբը դէպի Արժանթին, ուր բախտաւորուեցայ հանդիպելու  իմ կեանքի ընկերոջս` Հերմինէին, որուն հետ այսօր կը վարենք «Tadron» թատերասրահի աշխատանքը, ինք որպէս մասնագիտացած արհեստավարժ բեմադրիչ եւ ես` որպէս դերասան, պատկանելով Արժանթինի պարգեւատրուած այն անկախ թատերասրահներուն, որ կը գործեն երկրի աշխուժ թատերական կեանքէն ներս:

Ժորժին միակ անկատար երազը եղաւ խաղալ մայր հայրենիք Հայաստանի բեմերէն` իր անմոռանալի Վանահայրը, «Հին աստուածներ»-ու կամ Պետրոս աղա Մասիսեանը` «Ոսկի աքաղաղ»-ի, եւ` ուրիշ այնքան հրաշալի տիպարներ, զորս մարմնաւորեց….

1980-ական թուականներուն Ժորժը հրաւիրեցինք Արժանթին, ուր արդէն կազմած էինք Համազգայինի թատերասէրներու խումբը: Մեր հրաւէրը ընդունելով` ժամանեց և բեմադրեց Ժաք Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը: Նաեւ ծրագրեց կոկիկ խաղացանկ մը` ապագայի համար:

Մենք ուզեցինք թատերախումբը  կոչել իր անունով, բայց ինք մերժեց` ըսելով, որ իր ողջութեան անկարելի էր այդ մէկը:

Օր մը, նստած` մտերմիկ սեղանի մը շուրջ, Ժորժը դարձեալ բացաւ իր ցաւը` Հայաստանի բեմերէն խաղալու իր երազը:

Այդ վարկեանին վարպետիս ըսի. «Պր. Ժո՛րժ, ես կը խոստանամ քեզի, որ օր  մը քու անունդ պիտի հնչեցնեմ Հայաստանի բեմերէն®», ու Ժորժը պզտիկ ժպիտով մը հայեացք մը նետեց վրաս, կարծես ըսել ուզեց` «Խե՜ղճ տղայ, ի՞նչ զէնքերով պիտի կատարես այդ մէկը»:

Ժորժի մահէն ետք, 1984-ին  խումբը կոչուեցաւ Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբ եւ 1999-ին, շնորհիւ Արժանթին-Հայաստան մշակոյթային փոխյարաբերութեան, Ժորժին երազը իրականացուցինք:

Առաջին անգամ ըլլալով, Ժորժ Սարգիսեանին անունով թատերախումբը կը բարձրանար Հայաստանի բեմերը:  ներկայացուեցան երկու թատերախաղեր. Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ»-ու գործէն համադրում մը` կոչուած «Ունայնութիւն», իսկ արժանթինցի մեծ թատերագիր Ռոպերթօ Քոսայի «Լա Նոնա» (հայերէնով` «Տատը») գործը:  Երկու թատերախաղերը մեծ յաջողութեամբ ընթացան, եւ Վանահօր զգեստով  երբ կանգնած էի հանդիսատեսներու առաջ ըսի. «Այս ձեր բոլոր ջերմ ծափահարութիւնները կը ձօնեմ իմ մեծ վարպետիս` Ժորժ Սարգիսեանին, որ այնքան փափաքեցաւ իր ամբոխարինելի այս դերը խաղալ այս բեմին վրայ:

Այդ օրը կրցանք մեր վարպետին տրուած խոստումը կատարել եւ Ժորժ Սարգիսեանին անունը հնչեց Հայաստանի մէջ:

Վա՛րձքդ կատար, Վարպե՛տ, եւ յիշատակդ անմար:

Յարգանքներով`
ԳԱԼՈՒՍՏ ՃԱՆՍԸԶԵԱՆ

 

Հոգիի Մարդը…       

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

Ժորժ Սարգիսեան` Մուշեղ Տէրեանի դերով

Ասպարէզի մը մէջ երկարատեւ ջանք թափած համապատասխան արդիւնքներ նուաճած անձերը ապահով ներկայութիւններու խորհրդանիշ կը դառնան յաճախ, ու անոնց մեկնումը, ժամու թէ տարաժամու, մինակութեան զգայնութիւն մը կը յառաջացնէ երբեմն ողջ ազգին մէջ, երբեմն` շրջանի մը կամ քաղաքի մը մէջ:

Ժորժ Սարգիսեանի մահը եւս նման յուզում մը ստեղծեց ընդհանրապէս սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ, ուր իր անձնաւորութեամբ ու անձնաւորումներով թատերական ասպարէզին մէջ խորհրդանշանը դարձած ուժ էր ինք, արդիւնք` խառնուածքային օժտուածութեան, հաւատարմութեան ու հետեւողական ջանքի: Լիբանանի, եւ վերջին տարիներուն` նաեւ սփիւռքի ողջ տարածքին, հայ թատերական կեանքը կարելի չէ պատկերացնել` առանց Ժորժ Սարգիսեանի բազմերես ներդրումներուն` խումբ պահելու, թատրերգութիւն ընտրելու, բեմադրելու, տիպար անձնաւորելու` բոլոր առումներով, նաեւ` թատերական հասարակութիւն պատրաստելու եւ ասպարէզին համար նոր ուժեր ներշնչելու իմաստով: Ոչ մէկ կասկած` այն մասին, որ այդ բոլորը զգալի չափով թերեւս պակսէին մեզի, եթէ Աստուած պակաս շնորհներով օժտած ըլլար Ժորժ Սարգիսեանը:

Հետեւեալ մանրավէպը ամբողջութեամբ կը բացայայտէ անոր վաստակին եւ շարունակականութեան ուժին աղբիւրը.

Իր ղեկավարած Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երիտասարդ անդամներէն մէկը կը պատմէր, որ փորձի ատեն, դժգոհ` ստացուած արդիւնքէն, ատամները կճրտացնելով Ժորժ Սարգիսեան կը պոռայ իրեն.

– Հոգի՛ դիր բառերուդ մէջ, հոգի՛:

Երիտասարդը, իր կարգին վրդոված, կը պատասխանէ.

– Դուն հոգի կը ձգե՞ս վրաս, որ ես կարենամ հոգի դնել բառերուն մէջ:

Միջադէպին լուրը հաճելի էր: Խնդացինք:

Բայց կը կարծէինք, որ ատիկա, զուարթութենէն աւելի, լրջութեան մղող խորք մը ունի:

Հոգի դնել բառերուն մէջ ու հոգի դնելու անկարող անձին հոգի՛ն հանել:

Բեմին համար ու անոր վրայ խստապահանջ, դաժանօրէն բծախնդիր` առօրեային մէջ պարզ մարդ էր Ժորժ Սարգիսեան, մարդամօտ, իր բեմական խստութիւնը մոռցնել տալու չափ բուխ: Գիտէր հաճելի կապեր հաստատել մեծին ու պզտիկին հետ ու փնտռել կու տար իր ներկայութիւնը` զրոյցի ու զուարթախոհութեան մթնոլորտի մը մէջ հեղ մը իրեն հանդիպած բոլոր անձերուն: Գձուձ ու հաշուեխնդիր յարաբերութիւններու նողկալի կապերէն զերծ անձ` ան կ՛ապրէր մեծատունի հով մը վրան, պարզ մարդոց հետ, պարզ մարդու պէս, տարբեր դասակարգի ներկայացուցիչներուն հետ, տարբեր սեղաններու շուրջ, բոլոր պայմաններուն մէջ պահելով իր արժանաւորութիւնը, առաջնորդուելով կարծես միմիայն չափաւորութեան ուժականութենէն:

Ժորժ Սարգիսեան քանի մը տասնեակ թատերախաղեր բեմադրեց` հայ գրականութենէն եւ օտարներէն, վերջինները` ընդհանրապէս իր թարգմանութեամբ, իւրաքանչիւրը` երեսունէն քառասուն անգամ Պէյրութի մէջ: Անոնցմէ ոմանք կրկնուեցան նաեւ սփիւռքի տարբեր կեդրոններուն, համարեա՛ բոլոր գաղութներու բեմերուն, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաները, մինչեւ Քանատա: Իրապէս` համազգային գործ մը, որ համասփիւռք սէր մը բորբոքեց թատրոնի հանդէպ, համասփիւռ խանդավարութիւն մը` հոգիներուն մէջ, գործօն յիշողութեան մը յաճախակի կրկներեւոյթը` հազարաւոր ու հազարաւոր սրտերուն:

Իր անձնաւորած տիպարներուն մէջ դրած ուժին, նրբութեան, անպակաս արուեստին շնորհիւ` Ժորժ Սարգիսեանի մարդու մտածումին մէջ դարձած էր այն արուեստագէտը, առանց որուն պատկերին` կարելի չէր այլեւս այլ բեմադրութիւն մը դիտել կամ աւարտել ուրիշ թատրերգութեան մը ընթեցումը: Ուրիշները ստոյգ չենք գիտեր, բայց մեր երեւակայութեան մէջ կար Ժորժ Սարգիսեան դերասանն մը, որ փոխ առ փոխ ու տեւաբար կը խաղար Մարսել Փանիոլի «Պղատոնի զոհը» կամ Րաֆֆիի «Ոսկի աքաղաղը»-ին Մասիսեանը, իր առաւելագոյն նուաճումները, որոնք ստացան չափանիշի մը ուժը: Այս երկուքին հմայքը երբեք չանջատուեցան մեզմէ, երբ Փարիզի ճիմնազի բեմին կը դիտէինք «Կարմիր թելը» (Le fil rouge) փիեսին բեմադրութիւնը` Ֆրոյտի կերպարը անձնաւորած Քիւրթ Ճարկընզի խաղարկութեամբ, ու երբ կը կարդայինք Մոնթերլանի «Մեռած թագուհին» (La reine morte): Այն օրերուն մեզի թուացած էր, եւ մինչեւ հիմա մեր մէջ կը տիրէ այն տպաւորութիւնը, որ Ժորժ Սարգիսեան Քիւրթ Ճարկընզի ուժգնութեամբ կրնար անձնաւորել հաշմանդամ աղջիկ մը ոտքի հանող տառապահար Ֆրոյտի տիպարը, կամ ֆրանսացի ժամանակակից ոեւէ դերասանի չափ կրնար դրսեւորել Մոնթերլանի արքային տագնապանքը: «Պղատոնի զոհ»-ին եւ «Ոսկի աքաղաղ»-ի Մասիսեանի տիպարներով հանդէս եկած Ժորժ Սարգիսեանը` երազի մը ի խնդիր տառապող, ոգեւորուող, իրականութեան մոխիրին բախած վշտահար հոգին եւ ընչաքաղցութեամբ, կասկածամտութեամբ ու խորամանկութիւններով խոցուած դողահար անձը:

Այս բոլորին մասին յաճախ խօսք եղած է իրեն հետ: Տրամադրութիւնը բարձր էր եւ որոշած էր խիզախել նման ոլորտներ, բայց լիբանանեան տագնապը խանգարեց ամէն բան, ու պատերազմի աւարտէն առաջ մեկնեցաւ կեանքէն, երբ դեռ այնքան պէտք ունէր իրեն մեր բեմը:

Ֆրանսական թատերական պատմութեան մէջ արձանագրուած է այն իրողութիւնը, որ Ժերար Ֆիլիփ` Քոռնէյի «Սիտ»-ը առաւելագոյն հարազատութեամբ ու հնչեղութեամբ անձնաւորած տաղանդաւոր դերասանը, մշակութային նախարարին որոշումով հողին յանձնուեցաւ Սիտի տարազով: Պատկերը կայ: Յուզիչ է երեւոյթը: Գերազանց արդիւնքի հասած տաղանդի մը` ծիրանափառ նուիրագործումը:

Մենք քաղաքիս արեւմտեան շրջանին մէջ կարդացինք ողբացեալին մահազդը ու թէեւ դուրս եկած էինք պաշարման վիճակէն, բայց միջոցներ պակսեցան մեզի յուղարկաւորութեան մասնակցելու, ու չենք գիտեր, թէ ի՛նչ տարազով հողին յանձնուեցաւ իր խոնջ մարմինը, յուղարկաւորութեան մասնակցեցանք երեւակայութեամբ ու մեր երեւակայութեան մէջ Ժորժ Սարգիսեան այս աշխարհէն մեկնեցաւ Ժերար Ֆիլիփին ընծայուած փառքով, իր մարմնաւորած, շնչաւորած առաւելագոյն տիպարին` «Ոսկի աքաղաղ»-ին Մասիսեանի տիպարով…

 

Հայ Ազգային Թատրոն

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

Փոլ Կիրակոսեան կը գծէ «Շղթայուած»-ի տեքորներէն Ծաղկաձորը

Թատրոնը գերազանցապէս մշակոյթի այն ճիւղերից է, որ կենսունակութեան համար ազգային մշակոյթի պէտք ունի` լեզու, կենցաղ, ուրոյն հասարակական մթնոլորտ, նիւթական ենթահող եւ, ի հարկէ, սիրող եւ անձնուէր թատերականա մշակներ:

Հարազատ հողի վրայ, հայրենիքում, բնական է թատրոնի զարգացումը, մանաւանդ եթէ առկայ է պետութեան եւ հասարակութեան բարոյական եւ նիւթական քաջալերանքը:

Այլ է վիճակը սփիւռքում, ուր բացակայում են վերոյիշեալ գրեթէ բոլոր պայմանները: Համարեա՛ կէս դար, մօտ մէկ միլիոն հայեր, հողմացրիւ, ապրում են մայր-հայրենիքից դուրս` սփիւռքում: Ապրում են հայրենիքի յուշերով ու կարօտով, թատրոնի սէր ու թատերասէրներ ունին, բայց` ո՛չ ազգային թատրոն, ո՛չ թատերական մշակոյթ, թատերական շէնք, ո՛չ էլ թատերական գրականութիւն: Բանաստեղծութիւն, վէպ. սփիւռքը մնայուն արժէքներ ընծայեց հայ գրականութեան: Թատերական երկ, Լ. Շանթի բացառութեամբ, համարեա՛ ոչ մէկ մնայուն գործ չտուեց սփիւռքը:

(Հետաքրքրական է` Հայաստանում էլ, անշուշտ իւրայատուկ վարչաձեւի պատճառով, մնայուն թատերական երկեր չեն երեւում):

Տուեալ պայմաններում Համազգայինի Թատերասէրների «Գասպար Իփէկեան» խումբի քսանամեայ գործունէութիւնը նշանակալից երեւոյթ է` արժանի բացառիկ գնահատութեան:

Քսան տարի առաջ Թատերասէրների միութիւնը կեանքի կոչուեց Լեւոն Շանթի օրհնութեամբ: Գասպար Իփէկեան դարձաւ թատերախումբի դերուսոյցն ու ղեկավարը: Հետզհետէ երեւան եկան թատերական շնորհալի ուժեր: Իփէկեանի մահից յետոյ թատերախումբի ղեկավարութիւնը անցաւ թատերական շնորհքով օժտուած երիտասարդ թատերասէր Ժորժ Սարգիսեանին, որ հայ բեմին նուիրուած թատերասէրներով շրջապատուած` յարատեւ եւ յամառ աշխատանքով «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հասցրեց ներկայ գնահատելի աստիճանին:

Սէրը եւ հաւատը անկարելի բաները կարելի կը դարձնեն:

Համազգայինի Թատերասէրների միութեան քսանամեայ կեանքն ու գործունէութիւնը ապացոյց, որ սփիւռքում հնարաւոր է հայ ազգային թատրոն ունենալ, եւ Լիբանանը, կարելի է ասել, միակ միջավայրն է, որ ի վիճակի է ազգային թատրոն ապրեցնելու: Արդ, Համազգայինի Թատերասէրների միութեան քսանամեակի առթիւ ի՞նչ կարելի է ցանկալ:

– Հայկական թատրոնի հիմնադրութիւն Պէյրութի մէջ` սեփական թատերական շէնքով եւ մնայուն դերասանական կազմով:

Ցանկալի՞ է այս:

– Անշուշտ:

Հնարաւո՞ր է:

– Անտարակո՛յս:

Պէյրութում, ասում են, 40-50 հայ միլիոնատէր կայ: Մէկը չի՞ գտնուի, որ հայ թատրոնի հիմնադրութեան նախաձեռնողի պատիւը ստանձնէ:

22 դեկտեմբեր 1961

 

 

 

 

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

Էջեր Լիբանանահայ Թատրոնի
Պատմութենէն. Ժորժ Սարգիսեան

Ժորժ Սարգիսեան` Նիկեֆոր կայսեր դերով

Լիբանանահայ գաղութի թատերական սկզբնական շարժումի մասին ասկէ առաջ առիթով մը արտայայտուած ենք, սակայն հոս կ՛ուզենք կրկին յիշել, որ 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1940-ական թուականներ ունեցած ենք թատերական նախնական ժամանակաշրջան մը: Կիլիկիոյ արտագաղթած հայ ժողովուրդի բեկորներէն մաս մը երբ եկաւ ու հաստատուեցաւ Լիբանանի ծովեզերեայ ափերը, անմիջապէս հիմը դրաւ հայ դպրոցին, եկեղեցիին եւ թատրոնին:

Թիթեղածածկ սրահներուն մէջ տեղի ունեցան գեղարուեստական, երաժշտական եւ թատերական նախնական ձեռնարկներ: Զանազան դպրոցական եւ շրջանաւարտից միութիւններու խումբեր սկսան միամիտ զաւեշտներ ներկայացնել: Գաղութը ունեցաւ թատերական գործիչներ, ինչպէս` Պօղոս Մենտիլեան, Կարօ Խանտիկեան, Ֆերահ, Տոքթ. Գաղթաճեան, Սրբուհի Դաւիթեան, Մարի Մենէնեան եւ այլն: Եւ այսպէս թատերական շարժումը տարիէ տարի, փորձառութիւն ձեռք ձգելով, յառաջացաւ ու հասաւ մինչեւ 1940-ական թուականները, որմէ ետք գաղութին մէջ ծնունդ առին զանազան թատերախումբեր` յատկապէս 1941-ին, Գասպար Իփէկեանը, Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախագահը ըլլալով, հիմը դրաւ «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան»: Մինչեւ 1952 խումբը բեմ հանեց զանազան թատերախաղեր:

1930-ին Գասպար Իփէկեանը կու գայ Պէյրութ: Մինչ այդ, ան յայտնի անձնաւորութիւն էր, թէ՛ որպէս բեմադրիչ, եւ թէ՛ որպէս դերասան` Թիֆլիսի, Թեհրանի, Պոլսոյ, Եգիպտոսի եւ Պաղտատի մէջ: Իփէկեան կը հաստատուի Պէյրութ եւ անմիջապէս կը սկսի բեմադրութիւններու:

1959-ին կը հիմնուի ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, եւ իբրեւ բեմադրիչ կը հրաւիրուի Պերճ Ֆազլեանը:

1966-ին Թաթուլ Այնէճեան հիմը կը դնէ Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին:

1967-ին Վարուժան Խտըշեանը (վկայեալ Լոնտոնէն) կը հիմնէ «Թատրոն 67» խումբը:

Այս գլխաւոր խումբերէն ետք մինչեւ օրս կը հիմնուին նոր թատերախումբեր: Այս բոլորին  կ՛անդրադառնանք աւելի յարմար առիթով:

Մենք այս գրութեամբ փորձենք արտայայտուիլ լիբանանահայ թատերական շարժումի երախտաւոր զաւակներէն տաղանդաւոր Ժորժ Սարգիսեանի մասին:

Լիբանանահայ թատրոնի «Չորսը»` Ժորժ Սարգիսեան, Պերճ Ֆազլեան, Վարուժան Խտըշեան եւ Գրիգոր Սաթամեան, իւրաքանչիւրը իր ներդրումով, բարձր պահած են հայ լեզուն, բեմը, թատրոնը եւ մշակոյթը Լիբանանի մէջ:

Գասպար Իփէկեանէն ետք «Համազգայինի թատերասէրներու միութեան» թատերախումբին, որպէս բեմադրիչ-դերուսոյց, կը յաջորդէ դերասան Ժորժ Սարգիսեանը: Թատերախումբը կ՛անուանուի, իր ղեկավար-հիմնադիրին Գասպար Իփէկեանի անունով:

Ժորժ Սարգիսեան մօտ 30 տարի ղեկավարեց այս թատերախումբը` միշտ բարձր պահելով խումբին եւ միութեան մակարդակը:

Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հրատարակած «Ժորժ Սարգիսեան` թարգմանիչը» Ա. հատորին մէջ (2017), Արա Արծրունիին գրած յառաջաբանին մէջ կը կարդանք. «Ժորժ Սարգիսեան ինքնուս բեմադրիչ էր, նաեւ ինքնուս թարգմանիչ: Սակայն իր թատերական աշխարհը կը սկսէր շանթեան դպրոցով, կը շարունակէր չեխովեան եւ իփսէնեան դպրոցներով, հասնելու համար արդի թատրոնի դպրոցներուն»:

Իր օրով եւ յատկապէս իր ջանքերով հիմը դրուեցաւ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին:

Ժ. Սարգիսեանի մահէն ետք «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը ունեցաւ քանի մը բեմադրիչներ, ի վերջոյ խումբին որպէս բեմադրիչ հրաւիրուեցաւ վաստակաւոր արուեստագէտ, բեմադրիչ-դերասան Վարուժան Խտըշեանը, որ նոր շունչ մը տուաւ թատերախումբի գործունէութեան:

Այս մասին եւս, կ՛անդրադառնանք, ուրիշ, յարմար առիթով մը:

Ըստ մեր պրպտումներուն եւ ըստ Ժորժ Սարգիսեանին հետ մօտէն աշխատած դերասան եւ ոչ դերասան անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ 70-ական թուականներէն մինչեւ իր մահը մեր դիտած բեմադրութիւններէն ելլելով, կրնանք որպէս ականատես վկայել, որ Ժորժ Սարգիսեանը եղաւ լիբանանահայ բեմին վարպետներէն` իր բծախնդիր, միշտ սրբագրող եւ խստապահանջ աշխատանքով: Ան «տիսիփլին»-ի տէր բեմադրիչ մըն էր: Այս մասին «Ազդակ» օրաթերթի 11 նոյեմբեր 1970-ի թիւին մէջ, Նշան Պէշիկթաշլեան կը գրէր. «Փորձերու ժամանակ Ժորժ Սարգիսեան կը նստի անկիւն մը, ծովահէններու պետի իր կերպարանքով, ու նկատի կ՛առնէ, թէ իր նաւազները ներկայացման նաւը ինչպէս կը տանին: Իր դիտողութիւնները կը նուազին փորձէ փորձ: Կը դիտէ, կը լսէ, կ՛ըմբոշխնէ, առանց մոռնալու պաշտօնը սրբագրիչի: Ժորժ Սարգիսեանը թէ՛ ճանաչողութեամբ, թէ՛ հոտառութեամբ կը կատարէ դերաբաշխումը»:

Իսկ 2 դեկտեմբեր 1970-ին Արա Արծրունին, «Ազդակ» օրաթերթի մէջ կը գրէր. «Եթէ Գասպար Իփէկեանը եղաւ Լիբանանի մէջ հայ թատրոնի մտայղացողն ու հիմնադիրը, Ժորժ Սարգիսեանը եղաւ դիմացկուն պահակն ու շարունակողը այդ գործին»:

Հայերէն լեզուն մաքուր հնչած է բեմին վրայ, Ժորժ Սարգիսեանի բեմադրութիւններուն մէջ, ան մնայուն սրբագրած է դերասանները` ցոյց տալով  ճշգրիտ շեշտադրութիւնը եւ ձայնային ելեւէջները: Ամենակարեւորը, անոր թարգմանութիւններուն լեզուն եղած է բեմական, ինչ որ շատ օգնած է դերասաններուն խաղարկութեան: Իր թարգմանութիւններուն մէջ տեղ-տեղ զգալի էր «Շանթ»-եան ոճը: Այս մասին Արա Արծրունին կու տայ իր կարծիքը` գրելով. «Սկզբնական շրջանին Ժ. Սարգիսեան ազդուած էր Լեւոն Շանթի թարգմանութիւններու մէջ գործածուած լեզուական շարահիւսութիւններու ոճէն: Սակայն աստիճանաբար դուրս ելած է այդ ձեւէն եւ սկսած է իւրաքանչիւր թարգմանուած թատրերգութեան մէջ պահել բնագրին հարազատութիւնը»:

«Այգ» օրաթերթը իր 24 ապրիլ 1958-ի թիւին մէջ կը գրէր. «Ժորժ Սարգիսեանը բծախնդիր է իր բեմադրութիւններուն մէջ եւ աններող` սխալներու եւ թերութիւններու հանդէպ»:

Ժ. Սարգիսեանը գիտցած է փիէս ընտրել, ինչպէս նաեւ ճիշդ դերաբաշխում կատարել: Սեղանի աշխատանքը զգալի էր իւրաքանչիւր դերասանի մօտ, որովհետեւ երբ դերասան մը բեմ հանած է, կարելի եղածին չափ փորձած է անսխալ ներկայացնել: «Գ. Իփէկեան թատերախումբ»-ին ներկայացուցած թատերախաղերը, միշտ ալ մակարդակով եղած են, մանաւանդ Ժորժ Սարգիսեանի ընտրած եւ թարգմանած ու բեմադրուած գործերը:

«Սփիւռք» թերթը 1964-ին կը գրէր. «Ժորժ Սարգիսեանը, բեմադրիչ-դերուսոյցի եւ դերասանական արժանիքներու կողքին, հայ թատերական գրականութեան ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերով մատուցած ծառայութեամբ  արժանի է յատուկ գնահատանքի»:

Ժորժ Սարգիսեանի թարգմանութիւններն ու բեմադրութիւնները ընդհանրապէս համամարդկային նիւթեր արծարծող, համաշխարհային հեղինակներու գործեր են, որոնք մեծապէս նպաստած են լիբանանահայ թատրոնի վերելքին: Ան թարգմանած է 26 թատրերգութիւններ եւ կատարած է 12 բեմականացում հայ հեղինակներու վէպերէն:

Ժ. Սարգիսեան հոյլ մը դերասան-դերասանուհիներ բեմ հանած է: Կ՛արժէ յիշել կարգ մը անուններ, որոնք տարիներով, սիրայօժար ծառայած են հայ բեմին, ինչպէս` Զեփիւռ-Շանթ, Ժորժ Շահապեան, Նելլի Մինասեան, Սիւզան Թոսպաթ, Ժաք Լուսարարեան, Քաջազուն Ապել, Վարուժան Խտըշեան, Գալուստ Ճանսզեան,  Խաչիկ Արարատեան, Միսաք Ապաճեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Ռազմիկ Լիպարիտեան, Վազգէն Դարբինեան, Յակոբ Թորիկեան, Սարգիս Արսլանեան, Վարդգէս Վարդապետեան, Գարմէն Տէր Կարապետեան, Ժիրայր Խաչերեան, Թաթուլ Այնէճեան, Յարութիւն Գաբրիէլեան, Մարօ Սարգիսեան, Յարութիւն Պալեան, Դաւիթ Պոյաճեան, Նուպար Մանուկեան եւ հարիւրաւոր դերասան-դերասանուհիներ ու «թեքնիք» բաժնի մէջ աշխատող տղաք ու աղջիկներ:

Շարունակելով մեր փաստացի վկայութիւնները, մամուլի մէջ տպագրուած հարիւրաւոր կարծիքներէն, մէջբերենք երկու վկայութիւն եւս:

«Ակօս» թերթը իր 1955-ի թիւ 11-ին մէջ կը գրէր. «Գասպար Իփէկեանի մահէն յետոյ, Ժորժ Սարգիսեան դարձաւ խումբին թէ՛ դերուսոյց-բեմադրիչը, եւ թէ բեմադրուող երկերուն գլխաւոր դերակատարը: Աւելի՛ն, Ժորժ Սարգիսեան ո՛չ միայն դերուսոյց-բեմադրիչ մըն է, այլ նաեւ թարգմանիչ մը: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Ժորժ Սարգիսեան արուեստի արժանաւոր նուիրեալ մըն է եւ իր գործը այս երեք մարզերուն մէջ` արժանի է անվերապահ գնահատանքի»:

Իսկ «Ալիք» թերթը իր 14 մայիս 1959-ի թիւին մէջ կը գրէր. «Ժորժ Սարգիսեանը ապրում է եւ ապրեցնում է շրջապատին, որպէս դերասան: Իր ձեռքի շարժումները, այնքան յաջող, մարդու զարմանք են պատճառում: Ոչ մի աւելորդ ճիգ: Ամէն ինչ բնական է նրա մօտ: Գիտէ իր տիպարը ստեղծագործել եւ հասարակութեանը կապել իրեն հետ: Սա մեծ առաւելութիւն է, որի ամէն մէկ դերասան ձգտում է հասնել, բայց քիչ է յաջողւում»:

Եզրակացնելով ըսենք, թէ Ժորժ Սարգիսեանը լիբանանահայ թատերական արուեստի մակարդակի բարձրացման մէջ մեծ դեր ունեցած է: Տասնեակ տարիներ (մօտ 30 տարի) ան անխոնջ նուիրումով նպաստած է լիբանանահայ թատերական շարժումի վերելքին:

Որպէս դերուսոյց, բեմադրիչ եւ դերասան ան գնահատուեցաւ ժողովուրդին, մտաւորականութեան եւ հայ թէ օտար մամուլին կողմէ:

Իր բազմամեայ գործունէութեան ընթացքին ան միշտ ալ իր խաղացած կերպարներուն մէջ եղաւ յստակ, մաքուր առոգանութեամբ, զուսպ եւ ուսումնասիրուած շարժուձեւերով:

Թատրոնի հանդէպ ժողովուրդին մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծեց` ներկայացնելով հայ թէ օտար թատերագէտներու գործերը:

Որպէս դերասան Ժորժը ունէր բնական ու բեմական արտաքին տեսք, բեմական ձայն ու առոգանութիւն: Իր դերասանութեամբ, բեմադրութիւններով, թարգմանութիւններով, ան բարձրացուց լիբանանահայ թատրոնին ճաշակը:

Ժորժ Սարգիսեանը, Պերճ Ֆազլեանը, Վարուժան Խտըշեանը եւ Գրիգոր Սաթամեանը լիբանանահայ թատրոնի մեր սիւներէն են, եւ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցաւ մեր թատերական շարժումի վերելքին մէջ:

Ժորժը ունեցած է բեմական ճաշակ եւ բեմը լեցնելու վարպետութիւն:

 

Հայ Թատրոնը Ի Պատուի.

Ժորժ Սարգիսեան Լիբանանեան
«Ազգային Կարգի Ասպետ»-ի Շքանշանով
Պարգեւատրուեցաւ

Կրթական նախարարութեան գեղարուեստից տնօրէն Ժորժ Սաատէ, յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուի, Ժորժ Սարգիսեանին կուրծքին կ՛անցընէ Մայրիներու ազգային կարգի «Ասպետ»-ի շքանշանը

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր դերուսոյց եւ հայ բեմի անխոնջ նուիրեալ Ժորժ Սարգիսեան արժանացած է լիբանանեան «Մայրիի ազգային կարգի ասպետ»-ի շքանշանին` «սատարած ըլլալով Լիբանանի մէջ թատրոնի տարածման եւ աշխատած` արուեստի մակարդակի բարձրացման մեծ եռանդով ու նուիրումով, անձնական ամէն ճիգ թափելով այս ճամբուն մէջ», ինչպէս կ՛ըսէ այս առթիւ հրատարակուած հրամանագիրը:

Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուի կողմէ եղած այս պատիւը գնահատանքի բարձր արտայայտութիւն մըն է հանդէպ բազմաշխատ գործիչի մը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ամբողջական նուիրումով եւ անշահախնդրօրէն փարած է թատերական արուեստի վերելքին ու ժողովրդականացման:

Այս պարգեւատրումով բացառիկ պատիւ մը ընծայուած կ՛ըլլայ ոչ միայն Ժորժ Սարգիսեանի, այլ նաեւ Թատերասէրներու ամբողջ խումբին եւ առհասարակ` հայ թատրոնին ու արուեստին:

«Ազդակ», 16 յունիս 1965

«Գասպար Իփէկեան-ի
Կորիզը

Պարգեւատրումէն ետք
Ձախէն աջ` Սիմոն Վրացեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Ժորժ Սաատէ, Ժորժ Սարգիսեան, տիկին Նինա Ճիտէճեան, տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, Ապտել-Ռահման Ատրա (Պարսկաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան), Ժորժ Սարգիսեանի մայրը եւ Անտրէ Թապուրեան (երեսփոխան)

Կրթական եւ գեղարուեստից նախարարութեան տնօրէն Ժորժ Սաատէ կը խօսի իր աւուր պատշաճի խօսքը: Նայուածքս կեդրոնացած է Ժորժ Սարգիսեանի դէմքի խաղերուն, կը հետեւիմ իր յուզումներուն: Արտայայտութիւններու լուռ պայքար մը կայ իր խիստ նայուածքին մէջ: 18 տարիներու յոգնաշատ աշխատանքի կնիքը դրոշմուած է իր կոպերուն վրայ, բայց աչքերը լի են վճռակամութեամբ եւ հաւատքով:

Ժ. Սաատէ կը կատարէ իր պարտականութիւնը ու շքանշանը կը կախէ Ժորժ Սարգիսեանի կրծքէն: Յանկարծ կը պայթի խանդավառ ծափերու աղմուկը: Կը նայիմ բեմի նուիրեալին: Չեմ կրնար զսպել խանդավառութիւնս ու բառեր կը փախչին բերնէս.

– Լիովին արժանի ես, սիրելի՛ Ժորժ…

Բազմութիւնը կը ծափահարէ յայտնելու համար իր գոհունակութիւնը: Պատիւը, որ տրուած է հայ բեմին ու Ժորժ Սարգիսեանին, հպարտութեամբ կը լեցնէ ներկաներուն սրտերը: Բայց շատեր չեն գիտեր, չեն զգար զոհողութեան չափը Ժորժ Սարգիսեանի 18 երկար տարիներու աշխատանքին: Բազմութիւնը կու գայ ու կը ծափահարէ արդիւնք մը, բայց երբեք չի գիտեր, թէ որքա՛ն քրտինք է թափուած քուլիսներուն ետեւ: Ամէն մէկ տարի իր մէջ կը պարփակէ բծախնդիր աշխատանքի բոլոր դժուարութիւնները: Այդ դժուարութիւններուն առջեւ շատեր պարտուած եւ ընդմիշտ հեռացած են հայ բեմէն:

Ինծի պէս «այցելու դերասաններ» շատ են եկած ու անցած «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբէն: Բայց մնացած է կորիզը, ու այդ կորիզին բաբախուն սիրտը` Ժորժ Սարգիսեան: Յիշողութեանս առջեւէն կ՛անցնին իր աշխատանքին արարները. թարգմանութիւն, սրբագրութիւն, մեքենագրութիւն. տեքորներու պատրաստութիւն, դերերու բաշխում, դերերու ուսուցում… Աշխատանք… աշխատանք…

Այո՛, կարելի չէ չյիշել այս բոլորը: Կարելի չէ չըսել.

– Լիովին արժանի ես, սիրելի՛ Ժորժ…

Ժորժ Սարգիսեան իր կամքը պարտադրեց առօրեայ միօրինակ կեանքին, որովհետեւ ան ունէր սիրտ մը` լեցուն հայ թատրոնի կրակով:

Մտքիս մէջ կը վերադառնան հին օրերը…: Քուլիսներու ետին շարժող տեքորներ… Մագիյաճի հոտերը… Ու այդ բոլորին վերեւ Ժորժին ձայնը տիրական: Այդ ձայնը անուրանալի անհատականութիւն մը կը պահէ իր մէջ: Անուրանալի մեծութիւն մը, որուն առջեւ պարտաւոր ենք ըլլալ անկեղծ ու ըսել.

– Լիովին արժանի ես, սիրելի՛ դերուսոյց…:

Ա. Ա. («Ազդակ», 30 յունիս 1965)

 

Ժորժ Սարգիսեան Կը Խօսի

Ի՞նչ է թատրոնը.- «Թատրոնը դէպք մը, դրուագ մը հարազատօրէն վերարտադրելու, վերակենդանացնելու արուեստն է: Թատրոնը նիւթ մը, սկզբունք մը, վարդապետութիւն մը պատկերաւոր եւ կենդանի ձեւով վերլուծող եւ խորացնող արուեստն է»:

Իր կտակէն.- «Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պէտք է ամէն գնով գոյատեւէ: Ղեկավարին անհետացումը պէտք չէ կասեցնէ անոր կենսական գործունէութիւնը եւ ջլատէ անոր յարատեւումը: Բոլոր անդամներուն, հին թէ նոր, պարտաւորութիւնն է քով քովի գալ եւ անմիջական միջոցներ ձեռք առնել գործը շարունակելու համար:

 

Պերճախօս Թիւեր

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի
30-Ամեայ Գործունէութիւնը Յատկանշող

28 տարբեր փիեսներու բեմադրութիւն (11-ը հայկական, 17-ը օտար)
Ասոնցմէ 11-ը` բեմադրուած միայն մէկ տարեշրջանի ընթացքին:
8-ը` բեմադրուած 2 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
3-ը` բեմադրուած 3 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
4-ը` բեմադրուած 4 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
2-ը` բեմադրուած 5 տարբեր տարեշրջանի ընթացքին:
Ընդամէնը` 62 բեմադրութիւն:

464 ներկայացում` 342-ը Լիբանանի մէջ, 122-ը արտասահմանի մէջ:
229 դերակատարներու մասնակցութիւն (77-ը իգական, 152-ը արական սեռէ):
11 տարբեր երկիրներու մէջ ելոյթ:
24 տարբեր քաղաքներու եւ կեդրոններու մէջ ելոյթ (5-ը Լիբանան, 19-ը արտասահման):
41 տարբեր բեմերու վրայ (13-ը Լիբանանի, 28-ը արտասահմանի մէջ):
22 շրջապտոյտներ եւ այցելութիւններ Լիբանանէն դուրս գաղութներու:
242-700 հանդիսականներ ներկայ գտնուած են խումբի ներկայացումներուն:
70 օրաթերթեր եւ պարբերաթերթեր (44-ը հայ, 26-ը օտար) անդրադարձած են խումբի գործունէութեան:
231 թղթակիցներ ու քննադատներ (192-ը հայ, 39-ը օտար) յօդուածներ ստորագրած են մամուլի մէջ, խումբի մասին:
8 երկիրներու ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններէն տեղեկութիւններ սփռուած են խումբի գործունէութեան մասին:
3 միջազգային լրատուութեան մէջ գործակալութիւններ խումբի ճամբորդութիւնները նշած են:
1.300 էջնոց մեծադիր հատոր մը կը կազմուի խումբի մասին մամուլի մէջ լոյս տեսած յօդուածներով:

 

Անդրադարձ. Անհեթեթ Խօսքեր, Անյարգալից Ու Անլուրջ Վերաբերմունք

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 20 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ, անտեսելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` ռազմական հռետորաբանութենէ խուսափելու մասին շարունակական յորդորները, սպառնաց 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն աւելի ցաւագին հարուած մը հասցնել հայկական կողմին, այդպիսով ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, յաչս բոլորին, ցուցադրեց իր ռազմատենչութիւնը եւ խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու, ուժի կիրարկումը կամ կիրարկման սպառնալիքը բացառելու միջազգային հիմնական սկզբունքներու մերժումը:

Ալիեւ իր շուրջ 15 վայրկեան տեւած խօսքին ընթացքին Հայաստանի հասցէին հնչեցուց բռնապետութենէն մինչեւ ֆաշականութիւն երկարող ամբաստանութիւններ եւ փոխարէնը պնդեց. «Մեր երկրին մէջ հիմնարար բոլոր իրաւունքները, ներառեալ` խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնը, երաշխաւորուած են»: Զարմանալի է, թէ Ազրպէյճանի մէջ տիրող կացութեան (մասնաւորաբար վերջերս կատարուած զարգացումներուն եւ բացայայտումներուն լոյսին տակ) քաջածանօթ ներկաները ինչպէ՛ս կրցան զսպել իրենց խնդուքը: Անոնք թերեւս հայկական կողմին հասցէին հնչած անհիմն ու սրտխառնուք պատճառող կեցուածքներ լսելէ ետք իրենց գլուխը անտեղիօրէն չյոգնեցնելու համար պարզապէս դադրած էին մտիկ ընելէ: Ալիեւի խօսքը ձանձրոյթ պատճառեց եւ անտեսուեցաւ նոյնիսկ անոր դստեր` Լէյլա Ալիեւայի կողմէ, որ իր հօր ելոյթին ընթացքին սկսաւ զբաղիլ ինքնանկարներ առնելու աւելի իմաստալից եւ լուրջ աշխատանքով:

ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Ալիեւի արտասանած անհեթեթ պնդումներուն կողքին, անոր կնոջ եւ դստեր ներկայութիւնը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին միջազգային կազմակերպութեան անդամ 192 այլ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի բռնապետին անլուրջ ու անյարգալից վերաբերմունքը ընդգծող երեւոյթ մըն է: Ի վերջոյ Նիւ Եորքի մէջ ընտանեկան պտոյտի համար պատշաճ հազարումէկ վայրեր գոյութիւն ունին, սակայն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը անոնցմէ մէկը չէ:

 

 

 

Տարեդարձս Է (Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հիմնադրութեան 70-ամեակին Առիթով)

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2017… Արդէն 70-տարեկան եմ, եւ տարեդարձս է: Շատեր պիտի հարցնեն, թէ ո՞վ եմ ես: Բացատրեմ: Ես Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանն եմ: Գիտեմ, որ կը ճանչնաք զիս: Բայց կ՛ուզեմ քիչ մը աւելի մօտենալ ձեզի: Ըսեմ, որ աշխարհացրիւ սաներս ու համակիրներս, հայահոծ գաղութներու մէջ,  այս տարի ծնունդս պիտի նշեն կամ արդէն սկսած են աւանդական այս գեղեցիկ սովորութեան:

Հպարտօրէն նաեւ կրնամ աւելցնել ու ըսել, որ իմ այս ծնունդս պատահականութեան արդիւնք չէր: Եթէ կ՛ուզէք, հայ ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքն էր: Անոր համար կառչած մնացի հայութեանս ու մշակոյթիս ու դարձայ տեսակ մը փարոս` հայութեան եւ գիտութեան:

Զիս ծնողները մեծ դերակատարութիւն մը ինծի վստահած էին, անգնահատելի, որովհետեւ ծնունդ տուած էին ի սէր եւ ի խնդիր հայ նոր սերունդներուն ծառայութեան համար: Զիս աշխարհ բերած էին, որպէսզի նոր սերունդներու մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ վարուցան ընեմ, եւ աւելի՛ն, արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ու զարգացման անհրաժեշտ միջոցները որոնեմ: Անկեղծօրէն եւ հպարտօրէն նաեւ ըսեմ, որ օրին ծնողներուս շնորհը խառնուած էր նոյն այդ սիրելի ծննդավայր Հալէպիս հասարակութեան կեանքին հետ: Որովհետեւ բոլորը կը հաւատային, որ ես անձնապէս պատմական անփոխարինելի առաքելութիւն մը ունէի փոխանցելիք` մեր մայրենիի ոգիէն  եւ գաղափարական մեծութենէն:

Տարեդարձս է` ըսի: Նոյնքան ալ` տօնահանդէս:

Ուրախ եմ եւ երջանիկ, որովհետեւ հպարտօրէն ականատես եղած եմ անցնող 7 տասնամեակներու վրայ երկարող կեանքիս, գործելակերպիս, աշխատանքիս, ծրագրումներուս ու մանաւանդ ներկայութիւնս իմաստաւորող սաներուս ճիգերուն, յաջողութիւններուն, աշխատանքներուն եւ որոնումներուն:

Անոր համար են այս տողերս: Բի՛ւր շնորհակալութիւն:

Կեանքի կոչուելէս ի վեր ո՛չ ոք կը հաւատար, որ ես կրնայի ապրիլ, երթս շարունակել  այսքան երկար եւ տակաւին` բարգաւաճիլ: Ո՛չ ոք:

Գիտեմ, որ ինծի եւ իմ նմաններուս համար պատկառելի է տարիքս` 70 տարեկան: Բայց, հակառակ այս տարիքիս, քալեցի կեանքիս ճակատագրական բոլոր ճամբաներէն: Շատ յաճախ որբացայ, բայց երբեք որբ չմնացի: Ճամբու ընթացքին շատեր կորսնցուցի: Հիները գացին, բայց միշտ համոզուած էի, որ նորերը զիս ջերմացնելու պիտի գային: Անոր համար է, որ այս օրերուն, եւ ինչպէս միշտ, հպարտ եմ ու երջանիկ: Սերունդներ հասցուցած եմ: Վկա՛յ ամբողջ աշխարհը:

Գիտեմ, որ իբրեւ խղճի պարտք` ամէն տեղ բոլոր սաներս հաւաքուած են նշելու, յիշատակելու, տօնախմբելու, ոգեկոչելու եւ միաժամանակ իրենց ուխտը նորոգելու: Եւ ա՛յս է ահա հաւաքական հրճուանքը: Որովհետեւ իմ փեթակիս մէջ հայ լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ, վերջապէս, հայ մշակոյթն էր, որ լայն ծաւալով ծնունդի օրէս ի վեր, տեղ բռնած էր եւ տակաւին կը շարունակէ:

Հաւանաբար կարգ մը գաղութներու մէջ շատ մը բեմերու վրայ մինչեւ հիմա զիս յիշեցին: Երգեցին: Լաւ խօսքեր արտասանեցին: Ոգեւորուեցան: Ինծի հասցէագրուած կարճ ու երկար ճառեր խօսեցան եւ սիւնակներ գրեցին: Երբեմն ալ յուզումնախառն ու բարձրաձայն երգեցին: Թերեւս ալ արժանաւորները պարգեւատրեցին ու վերջապէս յիշատակեցին անյետաձգելի պարտականութիւններս ու առաքելութիւնս, ու ես կրկին անգամ ծաղկեցայ: Յիշեցին ծնողներս, խնամակալներս, դաստիարակներս, եւ` այն բոլոր մեծերն ու պզտիկները, որոնք հովանիիս տակ աչքի լոյս վատնեցին, սորվեցան եւ սորվեցուցին, զիս պահելու համար ժամերով ծրագրեցին ու զիս այս տասնամեակին հասցուցին:

Այս բոլորը, գիտակցումի արտայայտութիւն ըլլալով հանդերձ, ազգային աւանդական վարկագիծին մաս կը կազմեն: Դարձեալ` երախտագիտութիւն:

Այսօր հպարտօրէն կը կրկնեմ, որ ես 70 տարեկամ եմ:

Անցնող 7 տասնամեակներուն, յառաջացած վտանգները դիմակայելու համար, սաներուս, իմ կեանքովս ու գործովս ճիշդ ճամբան ցոյց տուած էի: Հաւատացէ՛ք, որքա՜ն կարիքը ունինք բոլորս ալ ճիշդ ճամբաներ առաջնորդողներու եւ առաջնորդուելու:

Տարիներու ընթացքին մեր գիրն ու գրականութիւնը եւ մշակութային հարստութիւնը պահելու եւ պահպանելու պարտականութեան ընթացքին շատ բաներ տեսայ` պատմական օրեր, տխուր օրեր եւ ժամեր:

Տեսայ, որ շատեր հեռացան, կամայ եւ ակամայ: Իսկ ուրիշներ ամրօրէն կառչած մնացին ու տեղի չտուին: Անոր համար անկեղծօրէն ըսեմ, որ հրաշքներու համազօր իրականութեան հանդիպեցայ: Միշտ փորձեցի ոտքի կանգնիլ: Չյուսահատիլ: Ու յաջողեցայ, ընձիւղուեցայ եւ երբեմն ալ դժբախտաբար ինձմէ անկախ եւ անհասկնալի պատճառներով հակառակը պատահեցաւ:

Սակայն միշտ յոյսերս արդարացան, ու ես այսպէս` ճակատաբացօրէն ծառայեցի նպատակիս: Շնորհիւ իմ յանձնառութեանս` գիտակից սաներս եւ իմ առաքելութեանս հաւատացող հայորդիներս զիս փորձեցին պահել բարձունքիս ու դիրքիս վրայ: Ապրեցայ ժողովուրդիս հետ, սաներուս կողքին: Չէ՞ որ ե՛ս հայ մտքի ու հոգիի, հայ մշակի եւ հայ մշակոյթի պահակի պաշտօնն ալ ունէի:

Իսկ հիմա:

Հիմա, որ երբ այլեւս տարեդարձիս տօնախմբութիւններն ու տօնակատարութիւնները կարգ մը տեղեր սկսած են եւ կամ նոյնիսկ` աւարտած, հիմա, երբ զաւակներս սկսած են որոշ արժեւորումն ու գնահատականը պատրաստել իրենց այս աշխատանքներուն, ես ինծի հարց կու տամ` «Ասկէ ետք ի՞նչ պիտի ընէք կամ ընեն»:

Պէտք է շարունակել «երթը»: Կը կրկնեմ քաջաբար եւ վստահաբար: Շարունակե՛լ աւանդը: Լիացնե՛լ արժէքը: Գիտեմ, թէ մինչեւ հիմա դուք ի՛նչ ըրիք եւ ինչե՛ր չըրիք: Հիմա ինծի համար կարեւորն ու էականը այս մէկն է:

Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, ինչ որ հրապարակային կերպով կը կատարէք, չեմ ցանկար, որ պարագայական երեւոյթ մը ունենայ: Ինծի համար իմաստ չունի ձրի հպարտութիւնը: Հաւատացէ՛ք: Կը կարծեմ, որ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել ու ենթարկուիլ: Ձեւապաշտ վիճակէն դուրս գալ: Էականը այս բոլորին` իմ ձեր բոլորին կողմէ ընկալումն է: Ու իբրեւ  առաջնահերթութիւն, նիւթական նոր խարիսխներ ստեղծելու կողքին, ինծի քաջալերանք եւ կանաչ ճանապարհ ապահովող ձեր խոստումներն են:

Ահա մեծագոյն նուէրս` այս տարեդարձիս:

Նոր շունչ տուէ՛ք: Քաջալերեցէ՛ք: Կը հաւատամ, որ այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել գալիք ճանապարհս:

Արդ բարի տարեդարձի ձեր մաղթանքներուն կողքին, իմ կողմէ կրկին անգամ ընդունեցէ՛ք շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս: Ուստի` բարի՛ նոր երթ, թէ՛ ինծի եւ թէ՛ ձեզի:

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live