Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Տեսակէտ. Գիտակցուած Սայթաքումը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի արտաքին քաղաքական օրակարգին վերաբերող քննարկման ընթացքին արտասանեց լաւապէս բանաձեւուած խօսք մը, սակայն հարցում-պատասխանի բաժինին մէջ արձանագրեց գիտակցուած սայթաքում մը, որ անմիջապէս լուսարձակի տակ առնուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարրերը` ան անդրադարձաւ տարածքներու «վերադարձի» հարցին եւ ըսաւ. «Դուք մի՛ կարծէք, որ մենք միամիտ ենք, դուք միամիտ չէք: Այսինքն` որ բանակցում ենք ինչ որ մի բան, միամտօրէն կարող ենք ինչ որ մէկին հաւատալ, ինչ որ բան յանձնել հէնց այնպէս: Ես ասացի տարածքների վերադարձի մասին, խօսքն այն տարածքների մասին է, որոնք անվտանգութեան իմաստով սպառնալիք չեն լինի թէ՛ Ղարաբաղին, թէ՛ ընդհանրապէս այս հանգուցալուծմանը»:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարած էր, թէ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժեն Ազրպէյճանին որեւէ տարածքի յանձնումը: Հայկական երկու պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու կեցուածքներուն միջեւ այս ակներեւ հակասութիւնը չվրիպեցաւ կարգ մը օտար լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն, որոնք անմիջապէս լուսարձակի տակ առին զայն: Ցաւալի իրողութիւն մը, որմէ կարելի էր խուսափիլ:

Աւելի՛ն, «Եուրէյժանեթ» հաղորդեց, որ ազրպէյճանցի սիւնակագիր Էլմիրա Թարիվերտիեւա, անդրադառնալով Նալբանդեանի յայտարարութեան, գրած է. «Թերեւս Երեւան վերջապէս գիտակցած է, թէ պէտք է յառաջ ընթանալ դէպի խաղաղութիւն, եւ ասիկա միակ առիթն է խուսափելու պատերազմէ մը, զոր Հայաստան յստակօրէն կորսնցուցած է»: Հայաստանեան դիւանագիտութեան պետը պէտք էր աւելի զգուշ ըլլար եւ ամերիկացի քոնկրեսականներու Արցախ այցելութեան օրերուն ու 23 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումին նախօրեակին հրապարակային այսպիսի «ժողովրդային ձեռնարկ»-ի մը ընթացքին կեցուածքներու տարբերութիւնը յաչս օտար հանրութեան չընդգծէր:

Սփիւռքի կարեւոր աշխատանքներէն մէկը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է, իսկ այդ պետութեան ներկայ սահմանները հարցականի տակ առնելը մեծապէս կը վնասէ արդէն իսկ դժուար եղող այդ գործին: Հողային տարածքներու զիջումի մերժման հարցին մէջ սփիւռքն ու Արցախը համակարծիք են: Այդ գայթակղալից յայտարարութիւնը, որ ի դէպ իր տեսակին մէջ առաջինը չէ, կու գայ ընդգծելու կարեւորութիւնը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման: Ասիկա  կարելի է միայն երեք թեւերուն միջեւ համակարգումի ճամբով. լուրջ աշխատանք մը, որ կարելի չէ իրագործել բազմամարդ եւ պատահական կերպով հրաւիրուած անձերու ներկայութեամբ խորհրդաժողովի մը կամ մարմինի մը միջոցով:

 


«Ոտք Պիտի Չդնեմ Հայաստան»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

«Անգամ մըն ալ ոտք պիտի չդնեմ Հայաստան, որ դադրած է հայրենիք կոչուելէ»:

Բարեկամներէս մէկն է խօսողը, որ վերանկախացումէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Հայաստան, եւ զարմանքով կը լսեմ, որ յուսախաբ վերադարձած է:

Նման անհաւատալի արտայայտութեան մը համար որքա՞ն գէշ դէպքի մը կամ դէպքերու հանդիպած ըլլալու է, կը մտածեմ իւրովի:

Նոյն օրը չեմ ուզեր տեղեկանալ իր ընդվզումին պատճառը: Տակաւին նոր վերադարձած է, եւ շատ թարմ են տպաւորութիւնները: Կը սպասեմ, որ ժամանակ անցնի ու հանդարտի:

Շաբաթ մը անցած է: Դարձեալ միասին ենք: «Հանդարտած» է, սակայն իր որոշումին վրայ մնացած է հաստատ:

«Վերջացաւ: Առաջին եւ վերջին այցելութիւնս էր Հայաստան»:

* * *

«Առաւօտեան ժամը երեքի մօտ էր, երբ օդանաւը էջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը: Թուղթերս օրինաւոր են: Լոս Անճելըսի դեսպանատունէն ապահոված եմ կեցութեան վիզա, անցագիրս` նորոգուած, սակայն օդակայանի պաշտօնեան իր անքնութեան վրէ՞ժը կ՛ուզէ լուծել ինձմէ, թէ՞ այլ պատճառ ունի, տեղեակ չեմ: Բերանը լայն բացած յօրանջելով` հարցումներ կ՛ուղղէ ինծի, որմէ բան չեմ հասկնար: Յօրանջել եւ միաժամանակ խօսի՞լ, բնականաբար անհասկնալի բառեր դուրս պիտի գան:

«Ներողութի՛ւն, հարցումը կրնա՞ք կրկնել», կը խնդրեմ:

«Ա՛յ մարդ, հայերէն եմ խօսում» եւ կը զարմանայ հայերէն չհասկնալուս: Նախադասութիւններ, որոնց կէսէն աւելին ռուսերէն են:

Կը փորձէ աւելի «հայերէն» խօսիլ հետս եւ` անտեղի հարցումներու տարափ մը: Հասկցածներուս կը պատասխանեմ կարճ ու կտրուկ:

Վերջապէս կը բարեհաճի անցագրիս մէջ կնքել ու ապա`

«Անցի՛ր»:

Երբ մայր հայրենիք կամ որեւէ երկիր այցելես, կ՛ակնկալես ժպտուն դէմքով «Բարի եկաք» մը, իսկ իմ չար բախտէս դէմս նստած պաշտօնեան անժպիտ դէմքով կարճ ու կտրուկ` «Անցի՛ր»:

«Շնորհակա՛լ եմ»:

Կը հնազանդիմ ու… «կ՛անցնիմ»:

Օդակայանէն հազիւ դուրս ելած` վրաս «կը յարձակին» թաքսիի քանի մը վարորդներ, որ կը յիշեցնէ աւելի քան 100 տարիներ առաջ Պոլսոյ բեռնակիրներուն «յարձակումը» Աբիսողոմ աղային վրայ, եւ առանց իսկ հետաքրքրուելու երթալիք վայրիս հասցէով` իւրաքանչիւրը կը վերցնէ ճամպրուկներէս մէկը եւ կ՛ուղղուի դէպի իր ինքնաշարժը: Շուարած եմ: Պայուսակներէս իւրաքանչիւրը տարբեր անձերու մօտ է:

Թաքսիի վարորդները իրարու հետ վիճաբանելով եւ անարգական խօսքեր փոխանակելով` վերջապէս կը համաձայնին եւ, ըստ երեւոյթին, ամենայանդուգն շարժավարը կը տիրանայ ճամպրուկներուս, ու տեղաւորելէ ետք իր ինքնաշարժին մէջ, կ՛ուղղուինք դէպի պանդոկ:

Առտուան կանուխ ժամերն են եւ երեւանցիները կը վայելեն իրենց առտուան անուշ քունը, իսկ գործի բերումով այդ ժամերուն ակամայ արթուն մնացածները, սկսելով օդակայանի եւ պանդոկի հիւրընկալող պաշտօնեաներէն, այնքան ալ գոհ չեն ներկայութենէս, եւ հաւանաբար մտովի կ՛ըսեն` «Էս մէկը որտեղի՞ց բուսաւ»:

* * *

«Երկու շաբաթ անցած է եւ դարձեալ «Զուարթնոց» օդակայանն եմ: Ուրախ եմ, որ կը վերադառնամ տուն:

Իգական պաշտօնեայ մը կը ստուգէ անցագիրս: Առտուան կանուխ ժամերը չեն, որ յօրանջելով խօսի հետս: Անքնութենէ չի տառապիր, սակայն այդ մէկը պատճառ մը չէ, որ նախորդ գործընկերոջը կոշտութիւնն ու անքաղաքավարութիւնը ժառանգած չըլլայ:

«Երկու «չամատան» (պայուսակ) տանելու իրաւունք չունես: Երկրորդին համար պարտաւոր ես փող մուծել»:

Կը հակաճառեմ` ըսելով, որ երկու պայուսակով մուտք գործած եմ Երեւան, իսկ այժմ նոյն երկու պայուսակներովս է, որ կը վերադառնամ քաղաքս: Ո՛չ մէկ աւելորդ ծանրութիւն:

Կը պնդէ, որ կարող եմ մէկէ աւելի «չամատան»-ով մուտք գործել, սակայն մեկնելու ժամանակ միայն մէկ պայուսակ հետս տանելու իրաւունք ունիմ:

Կը նախընտրեմ չվիճաբանիլ հետը եւ կ՛ուզեմ վճարել քովս գտնուող ամերիկեան տոլարով:

«Տոլար չենք ընդունի: Պարտաւոր էք մուծել դրամով»:

«Տոլարն ալ դրամ է», կը փորձեմ կատակել, սակայն չհասկնալ կը ձեւացնէ ու կ՛առաջարկէ երթալ օդակայանի մէկ անկիւնը գտնուող լումայափոխի մը քով` ամերիկեան դրամը փոխելու հայաստանեան դրամի:

Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողիմ օդակայանին մէջ գտնել լումայափոխ մը, ու երբ կը վերադառնամ պաշտօնեային մօտ, զարմանքով կը նկատեմ, որ պայուսակներս չկան:

«Չամատաններդ արդէն իսկ սամալիոթում (օդանաւ) են, եւ առանց որեւէ ստացագրի, գրպանելով երկարած դրամներս, նախորդ պաշտօնեային նման չոր ու ցամաք`

«Անցի՛ր»:

«Որոշումիս վրայ հաստատ կը մնամ: Անգամ մըն ալ ոտք պիտի չդնեմ Հայաստան»:

* * *

Լուռ մտիկ ըրի զինք: Չընդմիջեցի ու չհակաճառեցի: Վստահաբար պատմածները իրականութիւններ են եւ հաւանաբար չափազանցուած ալ չեն:

Խօսելու կարգը իմս է: Խնդրեցի, որ ինքն ալ իր կարգին առանց ընդմիջումի ու հակաճառելու մտիկ ընէ հայրենիք այցելութեան ի՛մ ունեցած փորձառութիւնս:

2000 թուականին էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով ընտանիքովս այցելեցի մայր հայրենիք:

Օդանաւը շուտով էջք պիտի կատարէր: Կինս, որ պատուհանին մօտ նստած էր, նշմարած էր Արարատ լեռը, եւ այնքա՜ն խանդավառ բացագանչեց` «Արարա՛տը», որ մեր շուրջինները հետաքրքրուած դարձան իր կողմը:

Անկարելի է, որ մոռնամ Արարատ լերան հետ առաջին հանդիպումս: Արարատը լոկ լեռ մը չէ, թէկուզ իր փէշերը փռած` «Թուրքիոյ» տարածքին, ան եղած է, ու տակաւին կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան խորհրդանիշը:

«Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ` ես իմ Մասիս սառն եմ սիրում» (Եղիշէ Չարենց)

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ որեւէ անբնական դէպքի չհանդիպեցայ, այլապէս վստահաբար պիտի դրոշմուէր յիշողութեանս մէջ, մանաւանդ որ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէի մայր հայրենիք:

Ընտանիքովս երկու շաբաթ անհաւատալի օրեր անցուցի Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ, սկսելով Երեւանի մայր հրապարակէն, Արամ Մանուկեանի բնակարանէն, հասնելով` Հայաստանի անդրանիկ անկախութեան խորհրդարանի շէնքին, որուն տանիքին վրայ 1918-ին առաջին անգամ ըլլալով ծածանեցաւ եռագոյն դրօշը:

Նախորդող օրերուն այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ ու ապա Էջմիածին: Այնպիսի հաւատքով մոմ վառելով ու «Հայր Մեր»-ով վերացայ Աստուծոյ այն տաճարին մէջ, ուր, ըստ մեր աւանդութեան, Աստուծոյ Միածին Որդին երկինքէն իջած ու գծած էր յատակագիծը այդ հանճարեղ կառոյցին, եւ այդ պատճառով է, որ կը կոչուի Էջմիածին (Էջ Միածին):

Այցելեցինք Հռիփսիմէ ու Գայեանէ կոյսերու դամբարանները: Անցանք Փարաքարէն, որու անունին ծանօթ էի «Զարթօնք» վէպին միջոցով, ուր իր մահկանացուն կնքեց վէպին հերոսը` Լեւոն:

Այցելեցինք Գառնիի` հեթանոսական շրջանէն մնացած մեհեանը: Շարունակեցինք ժայռոտ լեռներու ճամբաներով ու հասանք Գեղարդ, ուր մեզ դիմաւորեցին  հայկական տհոլ զուռնայով, երգով ու երաժշտութեամբ:

Յաջորդող օրերուն այցելեցինք մեծ թիւով եկեղեցիներ ու վանքեր ու ապա հասանք մինչեւ Իրանի սահմանի Մեղրի սիրուն քաղաքը, տեսանք Արաքս գետը, որուն վրայէն մեր աննման ֆետայիները մուտք կը գործէին «Երկիր»:

Արարատ լեռն ու Արաքս գետը միասնաբար կը խորհրդանշեն մեր հայրենիքը:

«Մայր Արաքսի ափերով
Քայլամոլոր գնում եմ,
Հին հին դարուց յիշատակ
Ալեաց մէջը պտրում եմ» (Ռաֆայէլ Պատկանեան)

Արագած լեռը կը բարձրանայինք, երբ մեր վարորդին ինքնաշարժը անակնկալ խանգարում մը ունեցաւ: Տղեկ մը մեզ ծանօթացուց ինքնաշարժ նորոգող անձի մը, որ իր տան հողամասին մէկ անկիւնը արհեստանոցի վերածած էր:

Շատ չանցած` ինքնաշարժը նորոգուած էր, եւ երբ պատրաստուեցանք վճարելու իր արդար աշխատանքին համար, մերժեց մեզ ճամբու դնել, մինչեւ որ իր տան մէջ միասին «հաց չուտենք»:

Շնորհակալութեամբ վայելեցինք իր լաւաշ հացն ու պանիրը, իր տան պարտէզի թարմ պտուղը, ու հազար օրհնանքով ճամբանիս շարունակեցինք դէպի Արագած լեռ:

Զանգեզուրէն անցնելով` ուղղուեցանք դէպի Արցախ:

Ղարաբաղի «սահմանը», ժպտուն դէմքով դիմաւորուեցանք արցախցի պաշտօնեային կողմէ:

«Բարի՛ եկաք ազատ ու անկախ Արցախ»:

Երեք օր մնացինք Ղարաբաղ, ուր աննկարագրելի պահեր ապրեցանք: Ծանօթացանք շատ մը ազնուասիրտ արցախցիներու: Վայելեցինք յատկապէս մեզի համար տեղի ունեցած Շուշիի մեր կեցութեան տանտիրուհիին երիտասարդ աղջկան մանկապատանեկան պարախումբին ելոյթը Շուշիի բերդին մէջ:

17 տարի անցած է արդէն եւ անկարելի է, որ յիշեմ ամէն մանրամասնութիւն: Միայն մէկ բան անկարելի է, որ մոռնամ: Հայրենիքի եւ Արցախի հայերուն սիրալիր ընդունելութիւնը, ժպտուն դէմքերը, ինչ որ դժբախտաբար բնաւ չի համապատասխաներ քու պատմած քանի մը անհաճոյ դէպքերուդ:

Կ՛ընդունիմ, որ դուն մեզի նման բախտաւոր չես եղած: Մենք եւս, Եւրոպայի կարգ մը  երկիրներու մէջ, հանդիպած ենք ոչ բարեհամբոյր պաշտօնեաներու:

Վիեննայի նման քաղաքակիրթ քաղաքի մը մէջ, ճաշարանի բաղնիքի պահակ կինը,  օտար ըլլալնուս պատճառով, մանաւանդ երբ իմացաւ, որ «ամերիկացի» զբօսաշրջիկներ ենք, մերժեց բաղնիքին դուռը բանալ` առանց որեւէ պատճառաբանութեան:

Կը յիշեմ` երբ առաջին անգամ ըլլալով ոտք դրի Լոս Անճելըսի օդակայանը: Միջինարեւելքցի ըլլալու «յանցանքիս» համար օդակայանի ստուգող պաշտօնեան, պայուսակներս տակն ու վրայ ըրաւ, սակայն այդ միջադէպերուն պատճառով չըսի, որ  անգամ մըն ալ Ամերիկա կամ Եւրոպա չեմ այցելեր, ինչպէս դուն կ՛արտայայտուիս քո՛ւ հայրենիքիդ հանդէպ` քանի մը պաշտօնեաներու անվայել վերաբերմունքին պատճառով:

Իսկ հիմա` անկեղծ հարցում մը: Հայրենիքիդ մէջ յուզումնալից պահեր բնաւ չապրեցա՞ր: Արարատ լեռը չյուզե՞ց քեզ: Սարդարապատի զանգերը եկեղեցական զանգերու ղօղանջիւնի համազօր չէի՞ն:

Փոխանակ յիշելու Եռաբլուրը, ուր կը հանգչին մեր անկախութիւնը կերտողներէն շատերուն աճիւնները, կ՛անդրադառնաս օդակայանի պաշտօնեաներուն ու թաքսիի վարորդներուն, որոնք ոչ մէկ կապ ունին հայրենիքիդ հետ:

Կը ցաւիմ ըսելու, որ տեսած ես միայն հայրենիքիդ ժխտական կողմերը: Քանի մը անձերու հետ ունեցած գէշ փորձառութիւնդ մի՛ ընդհանրացներ եւ հայրենիքիդ դէմ ոխ մի՛ պահեր:

Ինչո՞ւ չտեսնել իրականութիւնը: Վատի կողքին պէտք է տեսնել լաւը, բարին ու գեղեցիկը: Կրնայիր ըսել` «հիանալի է մեր հայրենիքը` հակառակ իր կարգ մը թերութիւններուն, սակայն որքան ալ թերութիւններ ունենայ, վերջապէս մեր հայրենիքն է»:

Սիրէ՛ հայրենիքդ մասունքի մը պէս: Իսկական մասունք մըն է մեր հայրենիքը:

Մեզմէ շատերը ծնած ու հասակ առած են մեր հայրենիքէն հեռու: Երախտապարտ ենք մեր հիւրընկալ երկիրներուն: Կը սիրենք մեր ծննդավայրը, սակայն ծննդավայրը հայրենիք չէ: Հայրենիքի օդն ու ջուրը, երկինքը, հողը, արեւը, տաքն ու պաղը տարբեր են: Մե՛րն են:

«Քեզմով ենք միայն ուրախ երջանիկ,
Անուշ հայրենիք, քնքուշ հայրենիք» (Ժող. երգ)

Լոս Անճելըս, 2017

Ժողովրդավարութեան Շրջագիծի Ընդլայնումին Ժամանակն Է

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք, հայ ժողովուրդը, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, հաւատարիմ մնաց հանրապետութեան ժողովրդավարական հիմքերուն, անոնց սիրոյն պայքարեցաւ ու արիւն թափեց (Փետրուարեան ապստամբութիւն) հայրենիքի մէջ, իսկ սփիւռքի մէջ միշտ ալ եղաւ ազատ ու ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդող հաւաքականութիւն եւ պայքարողը` ընդդէմ արտերկրի մէջ Խորհրդային Միութեան դրօշակիրներուն: Եօթը տասնամեակի մաքառումներէ ետք հայոց պատմութեան էջերը արձանագրեցին 21 սեպտեմբերը` իբրեւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօն:

Շնորհիւ հայ ազգի ազատասիրութեան ու հայրենասիրութեան, ինչպէս նաեւ` անոր պայքարի ոգիին, հայը իր ազատ կամքով տապալեց ամբողջատիրական եւ միակուսակցական համակարգը, ուր անարգուած էին մարդկային բնական ազատութիւնները (խօսքի, հաւաքի եւ կրօնի) եւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին այդ համակարգին փոխարէն` կերտեց ազատութիւններու ու իրաւունքներու հիման վրայ ստեղծուած ժողովրդավարական համակարգ:

Ինչպէս Արեւելեան Եւրոպայի նախկին համայնավար բոլոր պետութիւնները` Հայաստանն ալ իր անկախութեան վերականգնումէն ետք բացայայտօրէն տուժեց յետհամայնավարութեան ժամանակաշրջանի քաղաքականութիւններէն: Ինչպէս  Խորհրդային Միութեան համայնավար վարչակարգի օրերուն արտադրութեան բոլոր միջոցներրը ենթարկուեցան պետականացման, նոյնպէս ալ անկախութենէն ետք նոր-ազատականութեան բոլոր դրօշակիրները (որոնց շարքին` նաեւ ՀՀՇ-ն), առանց հաշուի առնելու տեղական ընկերային ու տնտեսական պայմանները, սեփականաշնորհման ենթարկեցին արտադրութեան միջոցները` միլիոնաւոր մարդիկ ձգելով անտուն, անօթի, անգործ եւ աղքատ վիճակի մէջ:

Նոր-ազատական համակարգին կատարած փոփոխութիւնը եղաւ համայնավար կուսակցութիւններուն փոխարինումը պահպանողական կուսակցութիւններով, որոնք կը հակասէին համայնավարներուն` հաւատալով ազատ շուկայական տնտեսութեան, ուր պետութիւնը ընելիք չունի` հանրութեան ծառայութիւններ մատուցելու առումով, կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը ձգելով շուկային մէջ մրցակցութեան հասկացողութեան: Բոլոր նախկին համայնավարները, որոնք պետութեան կողմէ նշանակուած էին իբրեւ պետական ձեռնարկութիւններու տնօրէններ կամ այլ հաստատութիւններու մէջ կարեւոր դիրքեր ունեցողներ, շուտով հեռացան Համայնավար կուսակցութենէն եւ մուտք գործեցին նորաստեղծ պահպանողական կուսակցութիւններուն մէջ` նպատակ ունենալով պահպանել իրենց անձնական եկամուտներն ու քաղաքական բարձր դիրքերը: Այս եղաւ յետհամայնավարական քաղաքականութիւն որդեգրած նախկին Խորհրդային Միութեան գրեթէ բոլոր պետութիւններուն պարագան (բացի` Էսթոնիայէն, Լաթվիայէն ու Լիթուանիայէն, որոնք իրենց բոլոր տնտեսական կապերը խզեցին Ռուսիոյ հետ եւ միացան եւրոպական տնտեսական ընտանիքին): Այդ մարդոց պաշտօնը զարգացաւ` տնօրէնութենէն դէպի մենաշնորհներու սեփականատիրութիւն:

Պահպանողական կուսակցութիւնները օգտագործելով հակահամայնավար յեղափոխութիւններուն «մարդու իրաւունքներ», «ժողովրդավարութիւն» եւ «ազատութիւն» կարգախօսները` պայքար մղեցին իրենց կեցուածքին հակադրուող ուժերուն դէմ: Օրինակ, ինչո՞վ կը տարբերէր ՀՀՇ-ի հակադաշնակցական քաղաքականութիւնը ստալինեան բռնաճնշումներէն:

Այսօր, յետխորհրդային ժողովրդավարական համակարգը, որ ծնունդ առաւ հազարաւոր հայորդիներու մղած ծաւալուն պայքարին շնորհիւ, կը սրբապղծուի սակաւապետութեան  կողմէ: Սակաւապետութիւնը (օլիգարխիան), որ իր թաթը դրած է Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն վրայ, իր բոլոր ուժերը ի գործ կը դնէ խեղդելու հասարակ ժողովուրդին ձայնը` ընտրակաշառքի եւ շուկայի մենաշնորհներուն միջոցով: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համակարգի անցումը դէպի համամասնական ներկայացուցչական եւ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն` առաջին քայլն է ցնցելու յետխորհրդային սթաթիւս քուոն եւ ապագայի ճամբան ապահովելու դէպի զուտ ժողովրդավարական համակարգ: Անշուշտ այսօրուան քաղաքական ժողովրդավարական համակարգը զուգահեռաբար կ՛ազդուի ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ գոյութիւն ունեցող ժողովրդավարութեան մակարդակէն: Ըստ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին, «Ան (ժողովրդավարութիւնը) կ’ապահովէ ժողովուրդի կամքին անկաշկանդ արտայայտութիւնը եւ հաստատութենական ու ներկայացուցչական հիմունքով ժողովուրդին ամբողջական ու լիարժէք մասնակցութիւնը` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մշակութային կեանքին, այդպէսով արդիւնաւէտ հիմերու վրայ դնելով ժողովուրդի եւ պետութեան փոխյարաբերութիւնը»: Ուստի, որպէսզի Հայաստանի մէջ զարգանայ ժողովրդավարութեան մշակոյթը, անհրաժեշտ է նաեւ ընկերային եւ տնտեսական ժողովրդավարացումը:

Իւրաքանչիւր հայ աշխատաւորի երազն է, որ իր աշխատավայրին մէջ յարգուած ըլլան իր  իրաւունքները` արժանապատիւ վարձատրութեամբ, աշխատատեղիի անվտանգութեամբ եւ արհեստակցական միութեան անդամակցութեամբ: Բոլոր հայ գիւղացիներուն երազն է, որ հողերը հաւասարապէս բաժնուին բոլորին: Իւրաքանչիւր հայ կնոջ երազն է, որ վերացուին ամէն տեսակի սեռային խտրականութիւններն ու անհաւասարութիւնները: Իւրաքանչիւր հայու երազն է, որ բնակարան ունենայ իր հայրենի հողին վրայ: Ահա՛ ընկերային եւ տնտեսական ժողովրդավարացումը, որ յառաջ պիտի տանի ժողովրդավարութեան ընդլայնումի հոլովոյթը, եւ 21 սեպտեմբերի ընդմէջէն հայ ազգին ուղղուած պատգամը պիտի իրականանայ լիիրաւ եւ ամբողջական ժողովրդավարական հայրենիքի մը կերտումով:

 

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հայաստանի Հզօրացման Երաշխիքը` Ազգային Տնտեսութիւնը

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Անկախութիւնը, անկախացումը գործընթաց մըն է եւ եղելոյթ մը. աշխարհագրական, ժողովրդագրական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային գործօններ կը ճշդեն այդ եղելոյթին հեզասահ կամ փոթորկոտ ընթացքը, անոր յաջող կամ ձախող աւարտը:

Ուրեմն, բնական իրողութիւն է, որ մարդ անհատը ձգտի իր անհատական ազատութեան: Անհատական ազատութեան ձգտող մարդ-անհատներէ կազմուած ազգ-հաւաքականութիւններ բնական է նաեւ, որ ձգտին իրենց հաւաքական ազատութեան, այսինքն` ազգային ազատութեան, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան: Աշխարհի վրայ ու անոր գոյութեան սկիզբէն ի վեր չէ եղած եւ չկայ ասկէ աւելի բնական երեւոյթ, որովհետեւ այդ երեւոյթը մարդուն եւ ազգին համար բնածին է ու ոչ շրջանցելի:

Այս մեկնակէտէն ելլելով է, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին պայքարած է, արիւն թափած է, հարիւր հազարներով մատաղ տուած է սուրբ հայրենիքի սիրոյն, ազատութեան ու անկախութեան համար: Այս առումով էր, որ վեց դարերու ստրկութենէ եւ Հայոց ցեղասպանութենէ ետք պիտի ծնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը 28 մայիս 1918 թուականին:

Նորանկախ հանրապետութիւնը երկու տարի ետք պիտի կորսնցնէր իր անկախութիւնը` մաս կազմելով Խորհրդային Միութեան:

Առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք անկախութեան գաղափարը պահպանուեցաւ ոչ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ` Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Մինչեւ 1991 թուականի սեպտեմբերեան հանրաքուէն` 70 երկարատեւ տարիներու ընթացքին այդ գաղափարը փայփայեցին ու զարգացուցին Հայաստանի լաւագոյն մտաւորականները, խորհրդային բանտերու մէջ իրենց կեանքը անցուցած քաղաքական գործիչները:

Սեպտեմբեր 21-ին Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիները պատմական որոշում կայացուցին` անկախութիւնը ընտրելով, իբրեւ միակ հնարաւոր կարգավիճակ եւ երկրի հետագայ զարգացման անշեղ ուղի: 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին հայ հասարակութիւնը հանրաքուէով իր վճռական «Այո»-ն ըսելով` բռնեց անկախութեան ուղին:

20-րդ դարու մէջ 1918 թուականի մայիս 28-ով կը հիմնուէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին կը վերականգնէր անկախ պետականութիւնը: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանը, ըստ էութեան, ունի անկախութեան երկու տօն` սեպտեմբերի 21 եւ մայիսի 28: Սակայն միանգամայն տարբեր էին այն ժամանակներն ու հանգամանքները, երբ հռչակուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. եւ Բ. անկախութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձն է այսօր, որուն դիմաց կանգ առաւ հայոց պատմութեան դժբախտ ընթացքը` իր վրայէն թօթափելով համայնավարական բռնատիրական վարչակարգերու դարաւոր լուծը եւ յայտարարեց, թէ այսուհետեւ հայ ժողովուրդը ինքն է տէրը իր ճակատագրին եւ բացարձակապէս իր որոշումով պիտի ապրի` ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան:

Անգամ մը եւս փաստեց, որ ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին ձգտումը կու գայ հայոց ծոցէն` Հայկէն, շղթայուած Արտաւազդէն, Մխիթար Սպարապետէն, Թովմաս Նազարբէկեանէն ու Արամ Մանուկեանէն: Այդ ձգտումն ու պարտադրանքը կու գայ հայութեան լինելու, թէ չլինելու իրողութենէն:

Պատմութիւնը վկայած է, եւ մենք քաջ գիտենք, որ հայը մինակ էր եւ պարտաւոր էր գիտակցիլ իր մինակութեան: Եւ այդ առանձնութեան մէջ տուաւ անկախութեան որոշումը: Այդ որոշումը, ինչպէս 1918 թուականէն առաջ, այդպէս ալ ամբողջ 70 տարիներ շարունակ քալած էր հայ գիւղացիին եւ մտաւորականին մտքին մէջ եւ գործնականացաւ 21 սեպտեմբերին:

Սփիւռքահայութիւնը նախազգացումը ունէր, որ հայրենիքը Խորհրդային Միութենէն անջատուելով, անկախութեան եղանակը ապրելով` պիտի ունենար 70 տարիներու համայնավար ամբողջատիրական վարչակարգի մը տիրապետութեան ազդեցութիւնը, եւ յոյսով էր, որ ժամանակի ընթացքին միասնական ճիգերով կարելի պիտի ըլլար դարմանել ու յաղթահարել եւ երկիրը դնել իսկական ժողովրդավարութեան հունին մէջ:

Հայութիւնը Հայաստանի վերանկախութեան ժամանակաշրջանին քաղեց իր քաղաքական դասը, թէ` ժողովուրդները իրենց պատմութեան ճակատագրական պահերուն առանձին կ’ըլլան, վկայ` 1918 թուականը, փաստօրէն, թէ` այդ պահերուն միայն ու միայն իրենց սեփական ուժին կրնան ապաւինիլ, թէ` կրօնական ու քաղաքակրթական նոյնութիւնը պատճառներ չեն, որ օտար պետութիւններ իրեն օժանդակեն, թէ` քաղաքական միջազգային ասպարէզին մէջ միայն առարկայական փոխադարձ շահերու նոյնութիւնն է, որ կրնայ հաւաքականութիւնները առաջնորդել քաղաքական եւ զինուորական գործակցութեան, թէ, վերջապէս, սեփական տնտեսական եւ զինուորական հզօրութիւնն է միակ երաշխիքը իր ճակատագիրը ըստ իր կամքին տնօրինելու:

Հայաստանի մէջ հաստատուած վարչակարգը իր զարգացման ընթացքին անցաւ ձախողութիւններու ու յաջողութիւններու ժամանակաշրջանի մէջէն:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրցաւ դէպի առաջ նայիլ` դասեր քաղելով անցեալէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտեց իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն գիտակից հայ նոր մարդը, եւ հայ քաղաքացին տակաւին անոր հաստատուն ըլլալուն համար դեռ բարելաւման աշխատանքի մէջ է: Այսօր ամէն հայու մէջ կը տեսնուի քաղաքական իրաւունքներուն գիտակցութիւն եւ այդ իրաւունքները հետապնդելու անզիջող վճռակամութիւն: Այս բոլորը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` սեպտեմբեր 21-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արդիւնքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան առաջին գրաւականը անվիճելիօրէն հայրենիքի բանակն է. ան անկախութեան ծնունդն է եւ մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն ու պատիւը: Իւրաքանչիւրը իր դիրքին մէջ ճիշդ աշխատելու պարագային, արդիւնքները աւելի յաջող, տեսանելի եւ գործնական կը դառնան եւ ոչ թէ` վերացական:

Այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին որդեգրուեցան քաղաքական դաշտի նոր ուրուագիծներ եւ հանրապետութեան մէջ իշխանութեան փոփոխութեամբ մերթ ընդ մերթ վերականգնեցան`

ա.- Հայ ազգային քաղաքականութիւնը,
բ.- Արցախի պահանջատիրութեան ամրապնդումը,
գ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կատարուած նախաձեռնութիւնները, անոր ընդմէջէն հրապարակուած հռչակագիրը, իբրեւ համազգային գաղափարախօսութիւն:
դ.- Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններու վերարժեւորումը: Շարքը կարելի է երկարել:

Թէեւ Հայաստանի պետականութեան կողմէ վերջին տարիներուն կը նկատուի յառաջխաղացք զանազան բնագաւառներու մէջ, եթէ ոչ արագ ոստումով, սակայն զգալի ձեւով` հետեւեալ պարագաներուն.

– Հայ դատի ծիրին մէջ, կարելի է ըսել, Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ մինչեւ այժմ անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային դատապարտումը ըլլայ միջազգային ընտանիքի մէջ կամ այլ հանդիպումներուն:

– Հայաստանի պետականութեան հզօրացման մէջ, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործման մէջ, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովման եւ ընկերային արդարութեան հաստատման մէջ:

– Սփիւռք-հայրենիքի միաշաղախուիլը` հետեւեալ նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն.

ա.- Համահայկական մարզական խաղեր,
բ.- «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» ձեռնարկ,
գ.- Սփիւռք-հայրենիք խորհրդաժողով,
դ.- Սփիւռքէն հայ գործատէրերու համախմբում Երեւանի մէջ,
ե.- Երիտասարդական համագումարներ եւ խորհրդաժողովներ («Բազէ» համահայկական երիտասարդական փառատօն),
զ.- Հայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացներ,
է.- 27 նոյեմբեր 2005 թուականին հայրենի ժողովուրդը «Այո» քուէարկեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծին, ան իր հաւանութիւնը տուաւ Եւրոպական խորհուրդի հաւանութեան արժանացած սահմանադրական փոփոխութիւններուն, մանաւանդ որ այդ փոփոխութիւններուն իրականացումը Եւրոպական խորհուրդին առջեւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններէն մէկն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձը յաւուր պատշաճի արտայայտուող միտքերու նեղ շրջագիծէն դուրս գալով` հարկ է, որ վերածուին նաեւ ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչման առիթի ու մեզ մղեն հաշուետուութեան կարգով անդրադառնալու մեր անցած 25 եւ աւելի տարիներու ուղիին:

Այստեղ լուսարձակի տակ կ’առնենք երկու հիմնական կէտ: Առաջինը տնտեսութիւնը, երկրորդը` արտագաղթը:

Տնտեսութիւնը այստեղ կը բնութագրենք հետեւեալ ձեւով. տնտեսական գործունէութեան գերնպատակը մարդոց նիւթական եւ հոգեւոր պահանջներու բաւարարումն է: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ դարերու ընթացքին (պատմականօրէն) ձեւաւորուած է մարդոց գործունէութեան բնագաւառներու իւրայատուկ համակարգ («հաւաքածոյ»), որ պայմանաւորուած է տուեալ երկրի բնական պայմաններով ու միջոցներով, ինչպէս նաեւ` աշխարհագրական դիրքով, աշխատանքային միջոցներու մասնագիտական հմտութիւններով եւ այլ գործօններով:

Տուեալ երկրի մէջ մարդկային գործունէութեան բնագաւառներու պատմականօրէն ձեւաւորուած համակարգը կը կոչուի ազգային տնտեսութիւն կամ պետական տնտեսութիւն:

Սկզբնական շրջանին բոլոր երկիրներու տնտեսութեան հիմքը գիւղատնտեսութիւնն էր: Երկրի տնտեսական (հասարակական) զարգացման այդ փուլը կ՛անուանեն գիւղատնտեսական, իսկ արդիւնաբերութեան առնչութեամբ` մինչարդիւնաբերական:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան ժամանակահատուածին մէջ, զանազան ծրագիրներու կողքին, որդեգրուեցան տնտեսական լայնածիր ծրագիրներ, սակայն անոնք բաւարար չէին, որ հազիւ երեք միլիոնի հասնող Հայաստանի բնակչութեան նիւթական գոհացում տային: Քաջ գիտենք, որ զօրաւոր տնտեսութեամբ է, որ երկիր մը միշտ կը զարգանայ, յառաջ կ’երթայ:

Այդ տնտեսութիւնը եթէ կը նպատակադրէ հաւաքական շահեր, ուրեմն հոն կարելի է տեսնել ուժեղ բանակ, բարձրորակ կրթական-գիտական, մշակութային, մարզական, ընկերային, եւ զանազան բնագաւառներ, որոնք յառաջխաղացք ու ոստում կ’արձանագրեն: Հետեւաբար Հայաստան աստիճանաբար դուրս կու գայ տնտեսական ծանրակշիռ տագնապէն: Թէեւ, 1991 մայիսին, պետական նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ հայ գործատէրերու համագումարը (ֆորում), որուն նպատակն էր հայրենիք-սփիւռք տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ գործատէրերու ներդրումները քաջալերել: Այդ գործատէրերը անհամբեր կը սպասէին անոր առաջադրած ծրագիրներու իրագործումին: Բայց ափսո՜ս, այդ չիրականացաւ: Այլ աւելի՛ն. օրուան իշխանութիւններուն կողմէ 1990-1991 թուականներուն տեղի ունեցաւ հակառակ վարքագիծ մը, եւ այդ բոլորը պատճառ դարձան, որ խախտի ժողովուրդին վստահութիւնը պետութեան հանդէպ:

Առաջին հերթին հմուտ գիտնականներ, բժիշկներ, ակադեմիկոսներ ու արուեստագէտներ գաղթեցին հայրենիքէն` մեծ վնաս պատճառելով երկրին գիտական, առողջապահական ու մշակոյթի մարզերուն: Անոր յաջորդեց ժողովուրդը` կեանքի բարօր ապրուստ որոնելու համար, սփիւռքի հատուածին կասեցումը դէպի երկիր` մայր հայրենիք: Արդիւնաբերութեան մարզին դիմագրաւած տագնապին պատճառով խանութներու դարակները մնացին դատարկ, իսկ հաց ճարելու համար հարկ եղաւ ժամեր սպասել եւ այլն:

Այնուհետեւ, կը հետեւի զանգուածային արտագաղթը, հայրենիքը կը պարպուի զինք կառուցելու ելած զաւակներէն, որովհետեւ աշխատող ձեռքեր` գիւղացիներ, երիտասարդներ եւ գիտութեանց ու արհեստագիտութեանց տէր մարդիկ ապագայ չեն տեսներ սեփական հայրենիքին մէջ, կը մեկնին շուտով վերադառնալու համար, սակայն` շուտով այլ երկիրներու քաղաքացի ու մշտական բնակիչ դառնալու մղումով: Հայաստանի բնակչութեան թիւը բնական աճ արձանագրելու փոխարէն` մաշումէ մաշում կը ցատկէ®

Տարիներու ընթացքին տնտեսութեան բնագաւառը եթէ բարելաւուած ըլլար, այսօր Հայաստանը տարբեր մակարդակի վրայ պիտի ըլլար: Պարզ օրինակ մը տալու համար պէտք է ընդգծել, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով հազարաւոր սուրիահայեր տեղափոխուեցան Հայաստան եւ իրենց աշխատասէր ու բազմազան փորձառութեամբ հիմնեցին հասութաբեր զանազան ձեռնարկներ, իսկ ուրիշներ դժուարութիւններու ու խոչընդոտներու պատճառով լքեցին Հայաստանը (այստեղ կը նշենք նաեւ հազարաւոր հայաստանցիներն ալ, որոնք տարուէ տարի կը լքեն երկիրը ու կը հեռանան): Երկիր մնացողները բաւական լուրջ հասութաբեր ձեռնարկութիւններ  հիմնեցին եւ պետութեան տնտեսութեան աջակցեցան: Այս մէկը բնականաբար մեզի մտածել կու տայ, որ եթէ արտագաղթողները վստահութիւն ունենային կամ այլ առիթներ տրուած ըլլար անոնց, վստահաբար մենք ազգովին աւելի շահաւոր պիտի ըլլայինք:

Ամէն պարագայի, այսօր մենք կը հաւատանք, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հայութիւնը հաւասարապէս եւ անխտիր պարտաւորուած է հասած ըլլալու գիտակցութեան այն անհրաժեշտ մակարդակին, երբ այլեւս գիտէ իրականութիւնները արդարօրէն տեսնել եւ դերերը ճշգրտօրէն բաժնել: Սփիւռքը հետզհետէ անվիճելի հետեւորդը կը դառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումներուն` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներով, որովհետեւ ազգի ծառայութեան մէջ մենաշնորհ չկայ:

Հայաստանի վերանկախութեան տօնն է այսօր. գուրգուրանք անոր, որովհետեւ անկախ պետականութիւն ունենալ կը նշանակէ արժանապատուութիւն ունենալ: Անկախ ու ինքնիշխան հայրենիք ունենալ կը նշանակէ մարդկայնօրէն ապրիլ: Անկախութիւն չունեցող ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են մեռնելու: Անկախութիւն չունեցող, սակայն անկախութեան համար չպայքարող ժողովուրդները դատապարտուած են աւելի արագ կորսուելու եւ ձուլուելու: Իսկ անկախութիւն ունեցող եւ այդ անկախութիւնը պաշտպանել չգիտցող ժողովուրդները երբեք չեն կրնար փրկուիլ ստոյգ կորուստէ` թէ՛ իբրեւ ժողովուրդ եւ թէ՛ իբրեւ հողային տարածք:

Հայրենի ժողովուրդին տնտեսական կեանքի բարելաւումը եւ անոր ամուր կապուածութիւնը իր հողին` երաշխիքն են Հայաստանի անկախութեան հզօրացման: Այս ուղղութեամբ պէտք է աշխատին` հայրենի իշխանութիւնը, մեր եկեղեցին, սփիւռքը, որովհետեւ մեր հայրենիքի անկախութեան հզօրացումը կ’ենթադրէ Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը եւ շարունակուող փտածութեան դադարեցումը: Հայրենիքի հզօրացումը նաեւ կ’ենթադրէ մեր եկեղեցւոյ, մեր քաղաքական ու ազգային բոլոր կառոյցներուն ամբողջական մասնակցութիւնը` հայրենաշինութեան նուիրական գործին:

Միւս կողմէ, նկատի ունենալով, որ երիտասարդութիւնը այն անփոխարինելի ու անգերազանցելի ուժն է, որ կը համարուի ժողովուրդին յաջողութեան ազդակը եւ պահանջատէր բազուկը ու արթուն միտքը, հետեւաբար անհրաժեշտ է ամրապնդել ազգային խնդիրներու լուծման ուղղուած երիտասարդական համերաշխութեան մթնոլորտը: Երիտասարդութիւնը հետեւողականօրէն պէտք է պայքարի անարդարութեան, անօրինականութեան իւրաքանչիւր դրսեւորման դէմ, պէտք է նպաստէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման ու զարգացման, մասնակցի ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման:

Մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է անկախութեան սերունդին վրայ, որ պէտք է ըլլայ` հայրենասէր, կրթուած, աւելի ազատ ու առաջադէմ, նուիրուած եւ նպատակասլաց: Անհրաժեշտ է, որ ա՛լ աւելի յաղթահարուին տնտեսական, ֆինանսական եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրները, մենաշնորհ ու աւատապետական աշխատանքի ոճով եթէ գործենք, մենք կը խաթարենք ազգն ու հայրենիքը: Ազգի ու հայրենիքի հզօրացման համար անհրաժեշտ են` հաւաքական մտածումը, հաւաքական գործունէութիւնը եւ, վերջապէս, հաւաքական բարգաւաճումը, քանի որ զօրութիւնն ու հզօրութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է: Առ այդ, պէտք է ստեղծել նաեւ նոր աշխատատեղեր, գիւղատնտեսութեան բնագաւառին զարկ տալ, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն` օժանդակութիւն, զարգացնել զբօսաշրջութիւնը եւ այլն:

Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը նկատի առած` կու գանք այն եզրակացութեան, որ պետական հաստատութիւններու առողջացումը եւ ընկերային արդարութեան իրագործումը հիմքերն են թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին հաւասարակշռուած քաղաքականութեան ու արդիւնաւէտ գործունէութեան:

Վստահելով հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի հայութեան համախմբումին` միասնականութեան, այսուհետեւ եւս կը կարողանանք դիմագրաւել բոլոր փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները: Մինչ այդ պէտք է միշտ ըլլալ զգօն ու լայնախոհ, որովհետեւ ներկայ աշխարհակարգը ունի իր յստակ տրամաբանութիւնը. եթէ չես կրնար ապրիլ անկախ, ուրեմն չես կրնար ապրիլ ընդհանրապէս` իբրեւ ազգ, իբրեւ հաւաքականութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան տարեդարձին առիթով ինքնասրբագրումի եւ ինքնաքննադատութեան խորհրդածութիւնները մեզ կը մղեն, որ անգամ մը եւս ընդգծենք, որ մենք ազգովին պարտաւոր ենք Հայաստանի հզօրացման համար առնել ուշացած նախաքայլեր` վերացնել փտածութիւնը, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները, անհրաժեշտ է, որ  հայ մարդուն մէջ վերականգնի հայրենի պետականութեան ու երկրի ապագային նկատմամբ հաւատքը, եւ վերափոխուի երկրի տնտեսական համակարգը` վերջ տալով մենաշնորհներու վրայ հաստատուած տնտեսական բռնութեան, պէտք է վերացնել աղքատութիւնը, կասեցնել արտագաղթը:

Այս բոլորը իրականացնելու համար անկասկած նախ կարեւոր է ամուր հաւատք ունենալ գործին հանդէպ: Ապա արդար, անշահախնդիր ոչ մենաշնորհուած ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ, որպէսզի աւելի եւս խարսխանայ եւ հզօրանայ Հայաստանը` հայութեան հայրենիքը, այսպիսով մենք արժանին կը մատուցենք մեր ազգին` ունենալով բարգաւաճ, քաղաքակիրթ, հզօր, կայուն ու ժողովրդավարութեան հասկացողութիւններու հաստատում, գրաւելու մեր արժանի տեղը` միջազգային ընտանիքին մէջ:

 

 

Հայաստանի Վերանկախացման 26 Տարիներու Արգասիքը, Որուն Տակաւին Կը Սպասէ Հայ Ժողովուրդը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արեւելեան Գերմանիան օրին արդէն իսկ ծրագրուած կերպով կազմ ու պատրաստ էր մօտալուտ եւ անխուսափելի դարձած յետհամայնավար ժամանակաշրջանին համար: Կազմած էր հեզասահ փոխանցման, Արեւմտեան Գերմանիոյ վերամիացման խորհուրդ, երբ նոյեմբեր 1989-ին Արեւելեան Գերմանիան դռները բացաւ դէպի Արեւմուտք` նախանշանը տալով Խորհրդային Միութեան փլուզումին: Որեւէ գործարան կամ ձեռնարկութիւն չթալանուեցա՛ւ (1):

Արեւելեան Գերմանիոյ յաջորդեցին Պալթեան երկիրները` սկսելով Լիթուանիայէն, որուն Գերագոյն խորհուրդը 11 մարտ 1990-ին Խորհրդային Միութենէն անկախութիւն հռչակեց (2):

1988-ին սաստկացած, Ազրպէյճանի կողմէ հայ բնակչութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան ցեղային մաքրագործման` ցեղասպանութեան եւ Խորհրդային Միութեան ուղղակի եւ անուղղակի մեղսակցութեան դէմ սկսաւ հայ ժողովուրդի կամաւորական ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրական պայքարը` յանգելով հայ ժողովուրդի յաղթանակին եւ Արցախի անկախութեան: 1988 դեկտեմբերին Հայաստանի հիւսիսը պատահած ահաւոր երկրաշարժին, որուն պատճառով զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, Խորհրդային Միութիւնը համապատասխան օժանդակութիւն չկրցաւ ցուցաբերել` նոյն տարուան ընթացքին դրսեւորելով երկրորդ «հակահայ» դիրքորոշում, հայ ժողովուրդը մատնելով մեծ յուսախաբութեան:

Ահա վերոնշեալ իրողութիւններու տրամաբանական հետեւողութեամբ, «21 սեպտեմբեր 1991-ին հանրաքուէի մասնակցելու իրաւունք ունեցող Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան 95,5 առ հարիւրը, շուրջ` 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ անկախութեան հանրաքուէին. քուէարկողներուն շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը (99,54 տոկոսը) «ԱՅՈ» ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն` Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: Միայն 0,46 տոկոսը «ՈՉ» ըսաւ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, իր կարգին, եթէ առիթը ունենար մասնակցելու հանրաքուէին, հաւանաբար նոյն համեմատութեամբ «ԱՅՈ» պիտի քուէարկէր» (3), (4):

Համայն հայութեան երազը իրականացաւ: Անկախութեան պատճառած համաժողովրդային ցնծութիւնը երկար չտեւեց սակայն, քանի որ ժողովուրդին քուէարկած երկու պահանջներէն` «Անկախ» եւ «Ժողովրդավարական պետութիւն», երկրորդը` կարճ ժամանակ ետք վերածուեցաւ մենատիրական սակաւապետութեան, նախագահական կառավարման դրութեան: Եսակեդրոն առաջին նախագահին մօտիկ խումբ մը անմիջապէս գազանօրէն յափշտակեց ամբողջ ժողովուրդին պատկանող ազգային հարստութիւնը (5):

Վերանկախացման առաջին իշխանութիւնը ստեղծուած կացութեան յարմարող ընկերային, տնտեսական ծրագիր չէր մշակած եւ չմշակեց` անիշխանութեան եւ թալանի մատնելով խորհրդայինէն մնացած տնտեսութիւնը: Վերնախաւը մեծ ու փոքր գործարանները եւ ձեռնարկութիւնները թալանեց եւ փակեց` յուսալքութեան եւ յուսախաբութեան մատնելով ժողովրդային զանգուածը, որ մնաց անգործ ու թշուառ, ցասումով նախընտրելով խորհրդային ժամանակաշրջանը… Անկախութիւն կերտող ժողովուրդին եւ նորաստեղծ իշխանութեան միջեւ աներեւակայելի բաց մը ստեղծուեցաւ, անօթութեան եզրին հասած ժողովուրդ եւ` անոր իրաւունքը յափշտակած, իշխանութեան տիրացած մեծահարուստ միլիոնատէրերու ամբարտաւան դասակարգ…

Ըստ բառարաններուն, «Անկախութիւն» կը նշանակէ` ինքնավարութիւն, ազատութիւն, անկախ ըլլալու վիճակ, ուրիշ պետութեան ենթարկուած չըլլալը, ինքնօրէնութիւն, ինքնիշխանութիւն, որոնք ընդհանուր առմամբ կիրարկուեցան, սակայն խորհրդային մշակոյթը, վարչաձեւը, կառավարման դրութիւնը, գործելաոճը, մեքենականութիւնները, վարչական եւ ընկերային յոռի բարքերը մնացին գրեթէ անփոփոխ: Անշո՛ւշտ կարելի չէր կարճ ժամանակի ընթացքին խորհրդային շրջանի յոռի ազդեցութիւնը, կառավարման մշակոյթը վերացնել, քանի որ այդ միջավայրին մէջ ապրած ու մեծցած սերունդներուն մեծամասնութեան համար զգալի չէր ցարդ ճնշուած, ընկճուած ազգային իւրայատկութեան, հոգեմտաւոր ինքնութեան անաղարտ վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը, քանի որ տարբերութիւնը հաւանաբար չէին գիտեր: Այս անհրաժեշտութիւնը տակաւի՛ն կը մնայ իրագործելի:

Երկրին այժմու նախագահը եւ վարչապետը քանիցս դէմ արտայայտուեցան «չինովնիկ» (խորհրդային ժամանակաշրջանի ընդհանրապէս փտած պետական պաշտօնեայ) գործելաոճին, մտայնութեան եւ մշակոյթին, սակայն գործնապէս ի՞նչ կը կատարուի այս մշակոյթին արմատապէս վերացման համար: Ազգային, հայրենասիրական, բարոյական, քրիստոնէական դաստիարակութեամբ սնանած արժանապատուութեան տէր, բարձրագոյնէն մինչեւ սովորական պաշտօնակատար անձը ընդհանրապէս խիղճով, անաչառութեամբ ու վեհանձնութեամբ, անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ իր ժողովուրդին` մերժելով «չինովնիկութիւնը» եւ կրաւորականութիւնը: Իսկ արդարադատութիւնը տակաւին կը մնայ խոցելի:

Ազգային հոգեմտաւոր անկախութիւնը տակաւին արմատապէս չէ վերականգնած: Խորհրդայինին գրաքննութեան ենթարկած եւ նենգափոխած հայոց պատմութիւնը, յամառօրէն, ցարդ իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործուի: Վերանկախացումէն ետք իշխանութեան առաջնահերթութիւններէն պէտք էր ըլլար ծրագրուած կերպով եւ սփիւռքահայութեան օժանդակութեամբ, քանի որ սփիւռքը քայլ առ քայլ հետեւած էր խորհրդային վարչակարգին ապազգայնացման հոլովոյթին, յանձնաժողովի մը միջոցով մէկ առ մէկ վերացնել խորհրդային իշխանութեան պարտադրած ապազգային, հայադաւ նենգափոխումները, որոնց գլխաւորը` իսկական արեւելահայերէնի վերականգնումը: Այս պարագային, իւրայատուկ ազգ մը ըլլալը բնորոշող ազգային լեզուական անկախութիւնը չէ իրականացած տակաւին, եւ այժմ տխրահռչակ Ստալինի հրահանգով խեղաթիւրուած, ռուսերէնախառն «արեւելահայերէնը» կը գործածուի տակաւին, որ կը վտանգէ եւ սկսած է աղաւաղել նաեւ արեւմտահայերէնը:

Որքանո՞վ հանրապետութեան կրթական համակարգը անկախացած է: Շուրջ 20 տարի առաջ, երբ դասագիրքի մը մասին ակնարկութիւն կատարեցի, թէ անոր մէջ կը պակսէր ազգային դաստիարակութիւնը, պատասխանատու զրուցակիցս յոխորտաց, թէ ապրելով հայրենիքին մէջ, իրենք ազգային դաստիարակութեան պէտք չունէին… Աշխարհի վրայ ո՞ր մեծ ու պզտիկ երկիրներուն զաւակները իւրայատուկ ազգային, քաղաքացիական կրթութիւն չեն ստանար: Տեղեակ չեմ այժմու կրթական ծրագիրէն, սակայն պէտք է վերականգնին բոլոր ժամանակաշրջաններու վերաբերող` անաղարտ «հայոց պատմութիւնը» եւ մշակութային ժառանգութիւնը, յատկապէս ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարազատ պատմութիւնը:

Կը մէջբերեմ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքէն անկախութեան պահուն իրավիճակը ներկայացնող հատուած մը. «Այո՛, արցունքի ու տառապանքի ծովից ծնուեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ոմանք չէին հաւատում նրան, անկախութիւն ու հանրապետութիւն բառերը դնում էին չակերտի մէջ: Եւ այդպէս վարուելու հիմքերը շատ էին զօրաւոր, իրօք որ զարհուրելի էին պայմանները, եւ անկախութիւնը այդ պայմաններում թւում էր հեգնանք:

«Փաստօրէն հայերի ձեռքը մնացել էր մի փոքրիկ հողաշերտ` հազիւ 12 հազար քառ. քմ: Աղքատ ու կիսակործան մի երկիր` կծկուած ցամաք լեռների մէջ, աշխարհի խուլ անկիւնում, ծանրաբեռնուած` գաղթականներով ու որբերով, շրջապատուած` ատամ կրճտացնող թշնամիներով, անհաց, անդեղ, անօգնական: Սով հիւանդութիւն, աւար ու աւեր, լաց ու թշուառութիւն, կոտորածի սարսափ» (5):

Այս պայմաններուն մէջ ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պողպատեայ կամքով, տեսիլքով, ծրագիրով ու անձնուրաց հերոսական ղեկավարութեամբ, գերազանց ճիգով հողահաւաք կատարեց, «փոքրիկ հողաշերտը» տարի մը ետք` 1919-ին վերածելով մօտ վեցապատիկին` 70 հազար քառ. քիլոմեթրի, նաեւ հայահաւաք կատարեց` 500 հազար հայ բնակչութիւնը 1919-ին բարձրացնելով մէկ միլիոն 300 հազարի (6):

Փորձելով զուգահեռներ գծել Ա. հանրապետութեան հետ, վերանկախացած Հայաստանը նաեւ հողահաւաք կատարեց` իր լրումին հասցնելով 1988 թուականին սկսած Արցախի ժողովրդային, կամաւորական ազատագրական պայքարը` 1994-ին մեծ մասամբ ազատագրելով բռնագրաւուած Արցախի տարածքները: Միւս կողմէ, սակայն, արդէն գոյութիւն ունէր կայացած, յառաջադէմ, զարգացած երկիր` իր բոլոր ենթակառոյցներով ու բարեկեցիկ ժողովուրդով, համալսարաններով, տնտեսութեամբ, գործարաններով, մեթրոյով եւ այլն: Կարիքը կար խորհրդային կեդրոնացեալ վարչական, տնտեսական դրութենէն հեզասահ անցում կատարել դէպի ազատ տնտեսութիւն` ժողովուրդը պահելով իր հողին վրայ, աշխատավայրին մէջ: Պատահեցաւ ճիշդ հակառակը, փոխանակ ամրապնդելու եւ զարգացնելու գոյութիւն ունեցող տնտեսութիւնները եւ հայահաւաք կատարելու` տեղի ունեցաւ տնտեսութեան քայքայում, թալանում, փակում` պատճառելով աններելի ու աղէտալի զանգուածային հայրենալքումի, որ կը շարունակուի տակաւին, աներեւակայելի ու անհաւատալի թիւերով:

Կարկտան ու անբաւարար միջոցներով իրարու յաջորդող իշխանութիւնները բարելաւեցին երկրին տնտեսութիւնը, սակայն արտագաղթին առաջքը չառնուեցաւ, թէեւ այժմու կառավարութիւնը գնահատելի ու հետեւողական ճիգով կը փորձէ բարելաւել հանրապետութեան բոլոր մարզերը եւ բնագաւառները:

Այս բոլորով հանդերձ, կը հպարտանանք մեր յառաջադէմ ու յարատեւ զարգացող 26-ամեայ հայրենիքով`

– Քաղաքացիին եւ այցելուներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող կարգ ու կանոնով եւ ապահովութեամբ,
– Զարգացող գիւղատնտեսութեամբ` երկրագործութեամբ` անասնաբուծութեամբ, պարէնաւորմամբ` պահածոներու, ձկնեղէնի եւ կաթնեղէնի համակարգով,
– Աշխարհահռչակ դիրքի հասած համակարգչային մարզով,
– Հաղորդակցութեան, համացանցի եւ բջիջայինի գերարդիական դրութեամբ,
– Գեղեցիկ ու կազմակերպ արդիական օդակայանով,
– Արուեստի, գեղարուեստի, երաժշտութեան եւ թատրոնի միջազգային չափանիշներու համապատասխանող բարձր որակով,
– Գեղեցիկ ու արդիական մայրաքաղաք Երեւանով`  իր խնամուած գեղեցիկ այգիներով, զբօսավայրերով, զարգացող կենդանաբանական պարտէզով, հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, շինարարութեամբ, ենթակառոյցներով:

Շարքը երկար է…

Բայց մանաւա՛նդ կը հպարտանանք մեր հայրենիքի պաշտպան հզօր բանակով եւ մեր հերոս ազգի քաջարի զինուորներով, անոնց ծնունդ տուող ժողովուրդով եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մահուամբ անմահացած նահատակներով:

12 սեպտեմբեր 2017

————————–

(1) «Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-րդ տարեդարձին` վերյիշենք քիչ մը պատմութիւն», «Ազդակ» բացառիկ 2017, էջ 85-91:
(2) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Baltic_states_under_Soviet_rule_(1944%E2%80%9391) )
(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Armenian_independence_referendum,_1991 )
(4) «Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումի 25 տարիները եւ հայ ժողովուրդին ակնկալութիւնները», Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի բացառիկ 21 սեպտեմբեր 2016, էջ 80-86:
(5) ( http://www.aztagdaily.com/archives/310121 ) «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը եւ ազգային հարստութեան կառավարումն ու հաշուետուութիւնը»:
(6) «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Բ. տպ. Պէյրութ, 684 էջ, 1958 տպարան «Մշակ», էջ 177:
(6) ( https://en.wikipedia.org/wiki/First_Republic_of_Armenia )

Մէկ Բռունցք Դառնալու Հրամայականը

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ     

Ահա այսպէս կը թեւակոխենք Հայաստանի վերանկախացման 27-րդ տարին: Քսանվեց տարիներ սփիւռքահայութիւնը կարելիութիւն ունեցաւ հայրենիք երթալու` առանց որեւէ արգելքի եւ խոչընդոտի: Իրականութեան մէջ սփիւռքահայուն արդար իրաւունքն է Հայաստան երթալ, հայրենիքի օդը շնչել, պապենական հողին հոտը առնել, ազգային պատմութեան եւ մշակոյթի հետ մերձեցում ունենալ գետնի վրայ, նորոգուիլ եւ հաւանաբար` հաստատուիլ:

Ես ալ բախտ ունեցած եմ հայրենիք այցելելու եւ վայելելու: Բաւական աշխատանք տարուեցաւ Հայաստանի մէջ քսանվեց տարիներու ընթացքին, բայց շատ աւելի, տասնապատիկ անգամ աւելի պէտք է տարուի այսօր եւ վաղը: Հայաստանի վերանկախացումով մեր ազգային զանազան խնդիրները ի սպառ չլուծուեցան: Յատուկ յստակացումի եւ անկէ ետք նաեւ լուծումի (իմ կարծիքովս) կը կարօտի մեր ազգի երկու հատուածներուն միջեւ (Հայաստան եւ սփիւռք) գոյութիւն ունեցող տարբերութեան եւ անհասկացողութեան հարցը, որ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ ինծի: Հակառակ անոր որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը հետեւիմ հայ մամուլին եւ յաճախ լսած եմ այս հարցին մասին, բայց անցեալ տարի Համազգայինի Ուսանողական հաւաքին մասնակցելով` անձամբ ականատես եղայ այս երեւոյթին, երբ մեր պտոյտներէն մէկուն ընթացքին դասախօս կին մը հարց տուաւ, թէ ուրկէ՞ կու գանք, եւ իմանալով, որ մեծամասնութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներ են, ժպտելով` ըսաւ. «Ուրեմն յեղափոխական գաղափարներ բերիք, միտքերը խանգարելու եկաք»: Թէեւ կատակ էր ըսուածը, բայց աւելի ուշ համոզուեցայ, որ այս «կատակ»-ը շատ տարածուած է ժողովուրդին մէջ:

Այս տարի եւս, մայիս ամսուն, երբ ամբողջ հայութիւնը Հայաստանի անկախութեան օրը կը տօնէր, նոյն այդ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները Հանրապետութեան օրը կը տօնէին եւ այդպիսով ոչ միայն նսեմացուցած կ՛ըլլան մեծ իրագործումին իմաստն ու արժէքը, այլ նաեւ ճիգ կը թափեն նուիրեալ գործիչներուն եւ պետական այրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կուսակցութեան պատկանած ըլլալու իրողութիւնը ծածկել: Չէ՞ որ անկախ է մեր հայրենիքը այսօր: Հապա ինչո՞ւ խորհրդային ժամանակաշրջանէն յամեցող այս հակադաշնակցական տրամադրութիւնները կը շարունակուին: Արամ Մանուկեանի տունը, որ շատոնց պէտք էր թանգարանի վերածուէր եւ հարազատ թարգմանը հանդիսանար իննսունինը տարիներ առաջ մեր ազգի արձանագրած յաղթանակներուն եւ նուաճած փառքերուն, տունէ զատ ամէն ինչի կը նմանի: Արդեօք եթէ ՀՅԴ-ի անդամ չըլլար ան, տունը վաղուց պալատի՞ մը վերածուած կ՛ըլլար:

Անկախութեան նուաճումը նախ եւ առաջ մեծ յաղթանակ է, որ վերականգնեց մեր ազգային արժանապատուութիւնը, յաղթանակ, որ վեր է քաղաքական հաշիւներէն եւ յարանուանական խտրութիւններէն, եթէ ՀՅԴ-ը առաջատար դիրք ունէր այս համազգային փառքը կերտելու ճամբուն վրայ, ազգովին պէտք է հպարտ ըլլանք ատով, ոչ թէ կողմերու բաժնուինք, քանի որ այդ բաժանումն իսկ վնասակար կը դառնայ մեր ազգային շահերուն համար: Եթէ չենք կրնար համաձայնութեան գալ մեր ազգի բարձրագոյն արժէք նկատուող Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող անկախութեան հարցին շուրջ, ինչպէ՞ս կրնանք համամիտ ըլլալ  համազգային տարողութիւն եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող միւս հարցերուն շուրջ:

Դեռ շատ օրինակներ կան, բայց ես մտադիր չեմ զանոնք բծախնդրօրէն հաւաքելու եւ քննարկումի նիւթ դարձնելու, քանի որ ուրիշ նպատակ կը հետապնդեմ այս յօդուածը գրելով: Երկար ատենէ ի վեր արդէն կը խօսուի մեր ազգի միասնականութիւնը գոյացնելու անհրաժեշտութեան մասին, ճիշդ է` անյետաձգելի հրամայական է ասիկա, բայց որքանո՞վ կրնանք հասնիլ այդ միասնականութեան, երբ տակաւին հարթուած չեն կեցուածքներու եւ մօտեցումներու տարբերութիւնները: Եթէ այսօր տակաւին սփիւռքն ու Հայաստանը հասարակ յայտարարի չեն եկած եւ մէկ բռունցքը չեն, ինչպէ՞ս կրնանք մեր պատմական հողերուն վրայ ապրող մեր ազգակիցներուն հասնիլ եւ մօտեցնել մեզի, նկատի ունենալով, որ տարբեր կրօն դաւանող եւ օտար լեզու խօսող հայեր են անոնք: Եթէ իսկապէս անկախ է մեր հայրենիքը այսօր, ինչպէս մենք կը հաւատանք, ապա պէտք է ականջ չտալ խորհրդային անցեալէն հասնող ձայներուն եւ վերջնականապէս փշրել  կարծրատիպերը` սփիւռքին հետ կապուած:

Ես լաւատես եմ այդ դրական փոփոխութիւններուն համար, քանի որ քսանվեց տարիներու ընթացքին կարելի եղաւ հայրենի հողին վրայ վերահաստատել եօթանասուն տարի աքսորի մէջ գործող մեր կազմակերպութիւնները, թէեւ փուլ առ փուլ, բայց այս պարագային` ոչ թէ ժամկէտը, այլ արդիւնքը կարեւոր է: Եւ կը յուսամ, որ գայ օր մը, երբ «սփիւռքահայ» եւ «հայաստանցի» պիտակումները փշրուին եւ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սիտնի մեզ համախմբողը եւ առաջնորդողը ՀԱՅ-ը պիտի ըլլայ: Կը հաւատամ նաեւ, որ մեր դէմ ցցուած բոլոր խնդիրները եւ մարտահրաւէրները կարելի պիտի ըլլայ լուծել միայն ու միայն այն ատեն, երբ մէկ ազգ դառնանք` վերցնելով Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանները: Համահայկական խորհուրդը, որուն ստեղծման մասին վերջերս քննարկումներ տեղի ունեցան, հաւանաբար կրնայ հիմը հանդիսանալ այն կառուցելիք հզօր շէնքին, որուն անուն է` ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ունենալով այսօր անկախ հայրենիք` ունենանք նաեւ միացեալ հայութիւն, որպէսզի վաղը հասնինք համազգային երազին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին: Ի վերջոյ կ՛ուզեմ տեսնել մէկ ազգ, մէկ երազով կապուած, բռունցք մը, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ արժանի պատասխան տալ մեր ազգային միութիւնը եւ շահերը հարուածել փորձող բոլոր հակառակորդներուն:

Շնորհաւոր ըլլայ Հայաստանի անկախութեան (վերանկախացման) 26-րդ տարեդարձը: 

 

 

Հայաստանի Հողին Վրայ Կ՛ուզեմ Ապրիլ, Բայց…

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հզօր ղեկավարութեան եւ զայն առաջնորդող գաղափարի կարիք կայ մեզ ամէն օր քիչ մը աւելի աւերող ցուլերը զգետնելու համար: Ղեկավարութիւն, որ սրահ լեցնելու համար փողի, թմբուկի եւ գոռացող բարձրախօսերու կարիք չզգայ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
(«Ազդակ», 8-8- 2017)

Քաղաքամերձ բլրակի մը շուքին տակ, սրտցաւ ու հայրենասէր հայորդի մը իր բնակարանին ծաղկաւէտ եւ անուշաբոյր պատշգամը նստած, կը խոկար: Ան իր հայեացքը ուղղած ծաւի ծովու հորիզոնին` կը դիտէր հանդարտ ալիքները: Թէեւ ան յանձնուած էր իր երեւակայութեան յորձանուտին, սակայն ունէր ներքին խլրտում մը:

Խլրտում, որ հայրենի հողէն հեռու մնալու մտատանջութիւնն էր, հաւանաբար:

Սփիւռքահայու հոգեվիճակ:

Միւս կողմէ, զարմանալին այն է նաեւ, որ, հակառակ սփիւռքացած եւ հոգեմաշ առօրեայի մը, երբ երկու անձեր (հայ) հանդիպին, ներքին ձայն մը զիրենք կը մղէ անպայման անդրադառնալու, խօսելու եւ զրուցելու վերանկախացած հայրենիքի մասին: Անոնք շատ անգամ կը մեղադրեն անցեալը, կ՛անիծեն ներկան եւ կը հայհոյեն անորոշ ապագային ու կ՛եզրակացնեն, թէ անհայրենիք հայու փրկութիւնը (վերածնունդը), բացառապէս իր հայրենի հողին վրայ է, հակառակ հոն տիրող բազմաբնոյթ դժուարութիւններու, առկայ մտահոգութիւններու, տկլոր ու ապազգային գործելակերպերու եւ տխեղծ մտայնութեան:  

Իսկ ինչո՞ւ մտածել հայրենիք վերադարձի մասին, հարց կրնայ տալ ուրիշ հայորդի մը, որ կը վայելէ սփիւռքի «բարիք»-ները, ունի հանգստաւէտ կեանք ապրելու բոլոր հնարաւորութիւնները: Հանգստաւէտ, անշուշտ ոչ բոլորի համար եւ համեմատականօրէն շատ քիչերու վերապահուած, նկատի առած տուեալ երկրին աշխարհագրական դիրքը, քաղաքակրթական մակարդակը, յառաջդիմութեան աստիճանաչափը, զարգացման հոլովոյթը, տուեալ երկրի պետականութեան հիմքերն ու գործելու մեքանիզմը, պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավարութեան տեսակը, կազմաւորումն ու որակը, կարողականութիւնն ու մշակուածութիւնը:

Ի դէպ, միամտութեամբ չենք վարակուած, այլապէս ընդունելու, թէ օտար ափերու վրայ ազգեր ու ժողովուրդներ կ՛ապրին դրախտի մէջ, պետական կառոյցներ զերծ են փտածութենէ, կաշառակերութենէ, փառամոլ ու կասկածելի շահարկումներէ: Այդուհանդերձ խոստովանիլ է պէտք, որ անոնք կը գործեն, այսպէս ասած, որոշակի հաւասարակշռութիւն պահելու մօտեցումով:

Այսինքն, քաղաքակիրթ ու կայացած երկիրներու մէջ առկայ ստուերային գործերն ու պետական շահերը, դրամատիրական ախորժակներն ու ժողովուրդին օգնելու մեքանիզմները չեն խաչաձեւեր զիրար, այլ ունին փոխադարձ ընկալումի չափորոշիչներ, անգիր կանոններ: Ուրիշ խօսքով, տուեալ երկիրներու ընկերատնտեսական համակարգերը կը գործեն ոչ թէ ի հեճուկս ժողովուրդի աղքատացման, կեղեքման ու բնաջնջման, այլեւ` գէթ ժողովրդական միջին դասակարգի մը պահպանումի ի խնդիր:       

21 սեպտեմբեր 1991:

Վերանկախացած հայրենիքի սրբազան տօնացոյցերէն ամէնէն խորիմաստը, հոգեհարազատն ու պատուաբերը:

Ըստ իս, հաւանաբար այս օրը պէտք է ըլլայ այն միակը, մայիսի 28-էն ետք, որ կոչուած ըլլայ ազգը համախմբելու (աւելի հայացնելու) Արարատի սրբազան հայեացքին տակ ու անով սերտացնելու, օղակաւորելու եւ բիւրեղացնելու ազգային հաւատամքն ու գաղափարախօսական արժեհամակարգը:

Ի դէպ, գաղտնիք չէ, որ տարտղնած (սփիւռքացած) ազգն անգամ կրնայ մէկ դրօշի, քայլերգի ու տեսլականի շուրջ համախմբուիլ, եթէ երբեք տուեալ ազգի բաղադրիչ տարրերը` հասարակութեան բոլոր շերտերը, բարձր գիտակցութիւնը ունենան բոլորուելու պետականութեան շուրջ, որ իր կարգին օժտուած ըլլայ այնպիսի կառոյցներով եւ յառաջադէմ գործելաձեւերով, որոնք մրցունակ են, յաւակնոտ եւ ըստ էութեան քաղաքական մշակոյթով հարստացած:

Այո՛, քաղաքական մշակոյթ, որ խորքին մէջ արդի ժամանակներու ամէնէն ազդու եւ հզօր «զէնք»-երէն մէկն է, յայտնապէս երբ անիկա շաղախուած ըլլայ դիւանագիտական, արհեստավարժ  ու տնտեսական նուաճումներով:

Եւ ահա, մտորումի այն կիզակէտը (քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորում), որուն կը ձգտի իւրաքանչիւր հայ, յայտնապէս ընդգծելով ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, թէ հայահաւաքի ու հողահաւաքի հայոց գերագոյն տեսլականը կրնայ իրականանալ առհասարակ տուեալ արժեհամակարգին բացարձակ ըմբռնումով ու այդ ուղղութեամբ անմնացորդ նուիրումով:

Նուիրում, որուն ետին կը կանգնի պետական կարգն ու սարքը, ազգային ներուժն ու հայ քաղաքական եւ յեղափոխական մտքի ժառանգութիւնը: Այլ խօսքով` նման սրբազան աշխատանքի մը յաջողութեան գրաւականը` ամբողջ հայութեան անսակարկ աջակցութիւնն ու նեցուկն է` տնտեսական, գիտական, փորձառական ու տարբեր բնագաւառներու կարողականութեամբ:     

Ճիշդ այս հասկացողութենէ թելադրուած, ուզեցինք շեշտադրել, թէ այս տօնը պէտք է, որ ստեղծէ այն պատեհ առիթը, գէթ տարին անգամ մը, հայութեան սեփականութիւնը դարձնելու պետականաշինութեան փայլքն ու գործունէութեան հաշուետուութիւնը: Իրօք, հաշուետուութիւն, պետական բարձր մակարդակի եւ թափանցիկ մօտեցումով: Հաշուետուութիւն, բոլոր բնագաւառները ընդգրկող եւ առանց վերապահութեան:

Հարց տանք, թէ անկախութենէն աւելի քան 25 տարի ետք հայոց պետականութիւնը ստեղծա՞ծ է այն միջավայրն ու մթնոլորտը, ուր պիտի կատարուին հաշուետուական գործընթացներ` յանուն հայրենիքի հզօրացման, ամրակայման եւ բարգաւաճման: Խօսքը չի վերաբերիր խորհրդարանական հաշուետուութեան, այլ ազգային բարոյական արժեչափերու եւ քաղաքական հասունութեան: 

Յայտնենք, որ ականատես կ՛ըլլանք ամէն առիթի հնչեցուած կարգախօսերու շքերթի մը, ճոռոմ խօսքերու եւ աննպատակ ելոյթներու, որոնք մեզ` ազգովին կը մղեն մե՛րթ ուրախանալու, մե՛րթ տխրելու եւ մերթ յոռետեութեամբ լեցուելու:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Հայաստանի վերանկախացումով պէտք էր անկախանար նաեւ հայ քաղաքական միտքը, իր բոլոր դրսեւորումներով, որպէսզի իր կարգին լծուէր հայ քաղաքացիական կրթութեան առաւել ճառագայթումին եւ ամրապնդման:

Հակառակի պարագային, ինչ որ յամեցող իրականութիւն է, երբ հայ գիւղացին, արհեստաւորը, պաշտօնեան, ուսուցիչը, պատմաբանն ու գիտնականը ենթակայ են դրամատիրական խենեշ ճնշումներու, սարսափը կ՛ապրին ստրկատիրական նորովի մտայնութիւններու, ազատ ու անկախ չեն իրենց մտածումներուն մէջ, ապա անոնց մտածումի առանցքը կ՛ըլլայ երկրէն շուտափոյթ հեռանալը, արտագաղթը:

Յիշեցնե՞լ է պէտք, որ Հայաստանի ժողովուրդին 73 տոկոսը աղքատ է ու կ՛ապրի շատ դժուար պայմաններու մէջ: Իսկ արտագաղթողներու թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնայ: Ու մենք, գրեթէ ամէն օր, կը լսենք խոստումներու եւ աղօթքներու շարադրանքներ, յոյսի բարբաջանքներ ու տոկալու սին պատգամներ:

Միւս կողմէ, մտահան չենք ըրած, որ Հայաստան շրջապատուած է գազան ու մարդակեր թշնամի պետութիւններով: Թուրքն ու ազերին տիւ եւ գիշեր կ՛որոճան բնաջինջ ընելու հայութիւնը եւ կ՛աշխատին կեանքի կոչել փանթուրանական երբեմնի ծրագիր-երազը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ Արցախի քաջարի ժողովուրդը իր պետութեամբ ու բանակով ոգի ի բռին կ՛աշխատի պահել ու պահպանել ազատագրուած հայրենիքը, դէմ դնել թշնամի հորդաներու ոտնձգութիւններուն, համախմբել հայութիւնը, շունչ ու ոգի սերմանել նորահաս սերունդներու, այդուհանդերձ, հայութեան համար գերխնդիր է նաեւ ունենալ հզօր ու բարգաւաճ Հայաստան, դիմակայելու համար նորովի մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան:

Արդ, հեշտութեամբ պահանջուած ազգային ռազմավարութեան մասին երբ ձայն կը բարձրացնէ սփիւռքահայութիւնը, խորքին մէջ կ՛ուզէ անյապաղ գործի լծել հայոց պետութիւնը, որպէսզի առանց երկմտանքի, խիզախօրէն եւ քաղաքակիրթ մօտեցումով աշխուժացնէ հայաստանակեդրոն պետական աշխատանքները: 

Իսկ նման սրբազան ռազմավարութիւն կեանքի կը կոչուի այն ատեն, երբ կայ փոխադարձ վստահութիւն, ազգային արժանապատուութեան խոր գիտակցութիւն եւ նախաձեռնութեան ոգի, որոնցմով հայ քաղաքական միտքն ու պետականութիւնը պիտի կարենայ նուաճել ռազմաքաղաքական բարձունքներ:

Ըլլալ հզօր ազգերու շարքին, կ՛ենթադրէ ունենալ ինքնուրոյն տեղ ու դեր արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական համակարգին մէջ: Ունենալ յառաջադէմ հայրենիք ու կայացած պետութիւն, կ՛ենթադրէ հայատրոփ աշխատանք եւ ազգային ուղղուածութիւն: 

Այս բոլորը կը պահանջենք, որպէսզի մենք` բոլորս հպարտօրէն եւ քաջաբար ա՛լ որոշենք (ոչ թէ փափաքինք) ապրիլ վերանկախացած հայրենիքի հողին վրայ:

17 սեպտեմբեր 2017                                                                          

Անկախութեան Վերականգնումէն 26 Տարի Ետք Ժամանակն Է, Որ Մենք Ալ Մեր Օրակարգը Թելադրենք

$
0
0

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

26 տարիներ անցած են Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման` շարունակելով հայ ազգի անկախ լինելութեան ընթացքը եւ հաւատարիմ մնալով 1918-ի մայիսեան յաղթանակներէն ծնունդ առած հանրապետական կարգերուն:

Բնականաբար 26 տարիներէ ի վեր շատ բան փոխուեցաւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ: Սակայն չփոխուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակուած ըլլալուն իրականութիւնը` իր պարտադրած ընկերային-տնտեսական մեծ մարտահրաւէրներով: Ունեցանք զինուորական յաղթանակ, բայց ներքին ախտերուն պատճառով ժողովրդագրական պատկերը շարունակեց իր աւերը գործել` հետզհետէ աւելի մեծցնելով արտագաղթի կշռոյթը: 26 տարի տեւեց, մինչեւ որ վերագտնենք մենք զմեզ եւ գիտակցինք, որ անհրաժեշտ է կարեւորութիւն տալ տեղական արտադրութեան, գիւղատնտեսութեան, սրբագրել անցեալի ընթացքը, որուն պատճառով անկախութեան առաջին տարիներուն տիրեց հայրենի տնտեսութեան համատարած թալանը եւ փոշիացումը:

Այո՛, շատ բան փոխուեցաւ անցնող ժամանակաշրջանին: Բազմաթիւ տեղատուութիւններ արձանագրուեցան շրջանի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Միջինարեւելեան կարգ մը երկիրներ ներքին խոր տագնապներ դիմագրաւեցին: Ուրիշներ նոր դերակատարութիւններ ստանձնեցին: Քանիցս փորձ կատարուեցաւ շրջանի պատկերը փոխելու, նոր սահմաններ յառաջացնելու` նոր գոյացութիւններու եւ պետութիւններու ստեղծումով: Եւ տակաւին այդ ընթացքը կը շարունակուի: Վկայ` 25 սեպտեմբերին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէն, որ, եթէ կայանայ, պիտի ըլլայ քրտական պետութիւն ստեղծելու մինչեւ հիմա կատարուած բազմաթիւ փորձերէն ամէնէն լուրջը:

Այսօր միջինարեւելեան եւ կովկասեան իւրաքանչիւր պետութիւն, իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր օրակարգը ունի, իր ազգային-ռազմավարական ծրագիրը ունի, կը փորձէ իր շահը առջեւ տանիլ` տնտեսական եւ համարկումի մեծ ծրագիրներու մասնակցելով, իր ազգային նպատակները այսօրուան յարափոփոխ աշխարհին մէջ յառաջ քշելով: Կարեւոր օրինակ մըն է քրտական գործօնին զօրաւոր կերպով մէջտեղ գալը ո՛չ միայն Իրաքի, այլ նաեւ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ: Եւ կարծես քիւրտերը ժամանակին հետ մրցավազքի մտած են, կը հետապնդեն այդպիսի նպատակներ, որոնք, մեր կարծիքով, իրենց կարողութիւններէն վեր են: Կամ միգուցէ կը կարծեն, թէ ուժի յորդում ունին…

Բայց եւ այնպէս քիւրտերը, հակառակ իրենց բազմաթիւ փորձերուն, տակաւին պետական կազմաւորում չունին: Եւ հակառակ դարձեալ բոլոր փորձերուն, ըստ երեւոյթին, տեսանելի ապագային ալ պիտի չունենան: Սակայն մենք ունինք մեր պետականութիւնը` բազմաթիւ սերունդներու զոհողութիւններով ձեռք բերուած: Լաւ կամ թերի` մեր անկախ հանրապետութիւնն է, որուն պէտք է գուրգուրանք եւ յանձնառու ըլլանք անոր առաւել ամրապնդման եւ հզօրացման:

Գուցէ ներկայիս կացութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական վիճակը այդքան ալ յարմար չեն ազգային մեծ նպատակներ առաջադրելու եւ զանոնք իրագործելու, բայց ասիկա պատճառ չի կրնար ըլլալ, որ Հայաստանը եւ հայ ազգը, ընձեռուած առիթներու սահմաններուն մէջ, իրենց շահերը չհետապնդեն, իրենց ուրոյն օրակարգը, ռազմավարական ծրագիրները չունենան առջեւ մղելիք: Բոլորն ալ ունին, մենք ալ պիտի ունենանք անկախութեան վերականգնումէն 26 տարիներ ետք:

Այդ օրակարգին մաս կը կազմէ նախ շրջանային համարկումի կարեւորագոյն ծրագիրներուն մէջ աւելի ազդու խօսք ունենալը, աւելի աշխուժ ըլլալը այդ մարզին մէջ: Ռուսիոյ հետ դաշնակցային իւրայատուկ յարաբերութիւններ ունենալուն բերումով, Հայաստան արդէն անդամ է շրջանային համագործակցութեան եւ համարկումի մէկէ աւելի հարթակներու` զինուորական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, ինչպիսին են ԱՊՀ-ն, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը: Նոյեմբերին ալ կը սպասուի Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որուն համար հայկական կողմը պէտք չէ ճիգ խնայէ` առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար անկէ:

Երկրորդ կարեւորագոյն բաղադրիչը այս օրակարգին շրջանային տնտեսական մեծ ծրագիրներուն Հայաստանի Հանրապետութեան աշխուժ մասնակցութիւնն է` գլխաւորաբար Իրանի հետ ունեցած մեծ ծրագիրները ամէն գնով կեանքի կոչելով: Այդ ծրագիրներուն իրագործումը բոլորին համար ալ օգտակար պիտի ըլլայ` ուժանիւթային համագործակցութեան, առեւտուրի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքային բնագաւառներուն մէջ: Ընձեռուած առիթները պէտք չէ կորսնցնել եւ համապատասխան կամք պէտք է դրսեւորել հայկական կողմէն` ձեռք բերուած համաձայնութիւնները անպայման կեանքի կոչելու առումով:

Երրորդ բաղադրիչը այս օրակարգին` սփիւռքի գործարարներու ներդրումներուն աշխուժ նեգրաւումով հայրենի արտադրութեան թափ տալն է` նոր նշաձողեր ճշդելով մանաւանդ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ: Այս երրորդ բաղադրիչին մէջ կ՛իյնան նաեւ համահայկական տնտեսական, մշակութային, կրթական, ազգային եւ զանազան այլ բնոյթի նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն յաճախակի դառնալն ու իրագործումը` անոնց առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան ակնկալիքով, որպէսզի հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները չստանան բաժակաճառային բնոյթ: Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ, աշխատանք պէտք է ծաւալել զայն աւելի եւս կազմակերպելու համար, որպէսզի անոր կարողականութիւնը ուղղուի հայրենիքի հզօրացման: Այս ծիրին մէջ անշուշտ շարունակելով յատուկ դեր վերապահել հայաստանամերձ երկիրներու հայագաղութներու պահպանման ու կազմակերպման:

Անկախութեան վերականգնումէն 26 տարի ետք հայ քաղաքական մտքի ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռուած մնայ այս օրակարգին մշակման վրայ: Որպէսզի զգացնել տանք, թէ մենք եւս լուրջ գործօն ենք այս շրջանին մէջ եւ մեր` հայութեան ու Հայաստանին ներկայացուցած քաղաքակրթական ազդակով կարեւոր ըսելիք ունինք:

 


Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Հանրապետութիւններու Քաղաքական Հաշուեկշիռը Ընկերային Իրապաշտ Արդարութեան Վրայ Պէտք Է Հիմնուի

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Մօտ քառորդ դար առաջ խորհրդային աշխարհակալութիւնը ապրեցաւ իր 70-ամեայ գոյութեան գահավէժ անկումը: Արբանեակ երկիրներ, մէկ գիշերուան մէջ, առանց իսկ դիմադրական փամփուշտի մը արձակումին, տիրացան պետականացման առաջնորդող ազգային ինքնիշխան սահմանագծումներու եւ նոր կարգավիճակի վկայակոչումին:

Ոմանք կարծեցի, որ պատմութեան վերջը հասած է: Ուրիշներ հաւատացին, որ նոր պատմութեան մը սկիզբն էր:

Այսպէս կ’ըլլայ. դարադարձները հարցականներու անակնկալ առիթներ կը ստեղծեն, բայց այսպիսի հարցականներ խնդիր չեն ստեղծեր. պատասխանները խնդիր կը յարուցեն:

Երկիրներ ու մարդիկ կան, որոնք ժամանակի պահանջներուն շնորհած պատեհութիւնը ճիշդ չեն կրնար գնահատել` լաւագոյնս արժեւորելու համար նոր ձեւաւորուող ժամանակի ներկան ու կ’ուղղուին դէպի կեղծ ու պատեհապաշտ ապագայի մը արկածախնդիր որոնումին: Ուրիշներ ալ ինչպէս մենք, (նախ)ընտրեցինք մեր առջեւ բացուող յուսատու ներկան, մանաւանդ` հեռանկարային ապագան եւ անոր խոստացող ազատ, անկախ, ինքնիշխան ու ժողովրդավար պետականացման մը ամբողջական ակնկալութիւններով: Հայաստանը հայկական ձայն պէտք է բարձրացնէ, որովհետեւ հայը իր չափէն վեր ապրելու աւանդութիւն ունի:

Եկէք` գաղափարական փակագիծ մը բանանք ու քննարկենք հինը եւ նորը` գիտակցելով, որ հինէն աւելի հինը կայ, ինչպէս` նորէն աւելի նորը: Ժամանակը կը սահի տրուած եղանակի շեշտադրումի յաջորդականութեամբ` միշտ աւելի լաւ օրերու վերադարձի մասին մտածելով, այնքան ատեն որ անցեալի փորձառութիւնը շատ ծանր կը կշռէ:

Խորհրդային անկումէն աւելի քան քառորդ դար վերջ հայերս կը զգանք, թէ յանկարծ տիրացած ենք անսպասելի, կարծես` ի վերուստ նուիրաբերուած,  այլապէս տարօրինակ ժառանգութեան մը, որ իր ժամանակներու պատմական թելադրականութենէն առաջնորդուելով` ճիշդ ախտաճանաչումներով կոչուած է բնորոշելու իր պատմական անցեալը, ի մասնաւորի` վերջին հարիւրամեակինը, ուր անցեալը փնտռեց ներկան եւ ներկան ապաւինեցաւ անցեալին:

Խորհրդայնացման տարիներու ծանրախոհ հետքերը արագ կերպով Հայաստանէն շրջանցելու համատարած ճիգը եղաւ ամբողջական, թերեւս` այն պատճառով նաեւ, որ հոն ապրողներուն ուղղակիօրէն կը յիշեցնէր պատմութեան համար ճակատագրական սխալներու զարտուղի հանգրուաններ, որոնք նախընտրելի էր անմիջականօրէն անկիւնը շպրտել, անոնցմէ արմատապէս ձերբազատիլ, սրբագրել պարտադրուած անցեալն ու ճնշող ներկան ու նայիլ դէպի բացուող ապագան, թէեւ անփորձ իշխանութիւններ յաճախ պէտք չեղած բաներու համար 100 մեթր արագութեամբ վազողներէն աւելի արագ կը սուրան, իսկ պէտք եղած ատենն ալ զատկական թափօրէն աւելի դանդաղ կ’ընթանան:

Այսպէս կը բնորոշուին մեր կեանքին մե՜ծ պահերը:

Իսկութեան մէջ հայրենի ու Արցախի հողին համար մարտնչողները յետխորհրդային այս նոր իրականութեան հետ հաշտուելու դժուարութիւն չունեցան:

Այսպէս կ’ըլլայ. երբ տպաւորութիւնները կը յաղթանակեն, իրադարձութիւններու էութիւնն ալ շահաւոր կ’ելլէ:

Խորհրդային Միութեան ժամանակներուն այլաբնոյթ ու ցաւոտ վէրքեր ստացող գերեվարուած ժողովուրդներ մինչեւ օրս կը փորձեն բուժել զանոնք: Գիտնանք սակայն, որ պատմական սպիներ բուժելու խորտուբորտ գործընթացը, ազգային թէ քաղաքական, միատեսակ գնահատումներու չեն արժանանար միշտ: Կը թուի, որ բոլոր յաղթանակներն ու պարտութիւնները նոյնանման չեն: Քաղաքական փիլիսոփայութիւնը, ռազմավարական վերլուծումները, մարտավարական գնահատումները բոլորովին նոյնը չեն եւ նոյնը չեն կրնար ըլլալ: Ասոնց կողքին,  կան նաեւ մեր պատմութեան մէջ տեղ գտած, լաւապէս բազմած ու տեղաւորուած, այսպէս ըսուած, «բարոյական յաղթանակի» պատմուճան զգեցած երեւոյթներ ալ: Այս վերջիններուն քաղաքառազմական օգտակարութիւնը այլեւս գոհացուցիչ չի կրնար համարուիլ: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ այս «միամիտ» պնդումը կը շարունակուի, որքան մեր, նոյնքան մըն ալ ազատագրական պայքարներ մղած այլ ժողովուրդներու կողմէ գոհունակութիւն պատճառող մեկնաբանութիւններով` ժողովուրդի մը մնայուն ու բիւրեղացած պատմութեան էջերուն մէջ իրենց կարեւորութենէն աւելի գնահատուած դրսեւորումով, իբրեւ յաղթանակ արձանագրելու եւ անոնց իմաստը վերարժեւորելու եւ տեւականացնելու միտումով:

Այս բոլորը տարիներէ ի վեր հայերէնով կը պոռանք, հայերէնով կը գրենք, բայց դժբախտաբար լսող ու կարդացող չկայ, որովհետեւ մարդու այսօրուան եւ երէկուան իրական մակարդակներու վրայ լրջախոհութեան ըմբռնումի տարբերութիւն կայ:

Եկէ՛ք` կեանքի օրինակով սրբագրենք մեր կեանքի սխալները:

Ժամանակին, երբ ակնառու դէմքեր ճամբաներու վրայ կը քալէին, մարդիկ կը ծափահարէին: Շատոնց է, որ այլեւս ծափահարութիւն չենք լսեր: Կ՛երեւի` այլեւս չեն քալեր…

 

***

 

Հինէն ի վեր հայերու ազգային հոգեբանութեան մաս կազմած է յաջորդական ճակատագրականութեան մասին խօսիլը, զգալը, արտայայտուիլը, երբ մանաւանդ անոր նիւթին հիմնական կորիզը կը վերաբերի ազգային պատմական կորուստներուն: Ազգային կորուստներու խորհրդանշական իմաստը խտացած ամենախորունկ ապրումով կը դրսեւորուի անոր մեծագոյնին, ահաւորագոյնին` Ցեղասպանութեան: Խօսելով շէյքսփիրեան բառաբնորոշումով` «ապրիլ թէ չապրելու» ուռճացած զգացականութեան մը անլոյծ մնացած նշանակալից հարցի մը տուայտանքով:

Որոշ հարցերու կապակցութեամբ զիրար համոզելու հարկ չեմ զգար: Բոլորս գիտենք, որ մեր գերագոյն գաղափարները ուղղակիօրէն առնչուած են մեր ազգի անմեղ թէ հերոսական կորուստներուն հետ. Ա. Համաշխարհային պատերազմ, 1941-ի յունիսին սկիզբ առած հականացիական Հայրենական պատերազմը, որուն Հայաստանէն մասնակցեցան 200.000 զինուորներ: Իսկ Խորհրդային Միութեան մնացեալ հանրապետութիւններէն 500.000 հայեր, (երբ Խ. Միութեան հանրապետութիւններուն մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը 2 միլիոն էր: Այսինքն` բնակչութեան 25 տոկոսը, մօտ` 200-250.000 զինուոր):

Ասոր վրայ դեռ չհաշուե՞նք արցախեան նորագոյն հերոսապատումի նահատակները:

Իսկ նոր զոհե՞րը, որոնք կը քողարկուին ցեղասպանութեան աներեւոյթ պիտակներու տակ` սպիտակ ջարդ (ձուլում), կանաչ ջարդ (տոլար), եւրոյի ջարդ, ռուբլիի ջարդ, եւ դեռ… գալիքները: Այս կորուստները աքսորուած են հայրենիքէն ու Միջին Արեւելքի հայօճախներէն եւ դուրս կու գան մեր մատնանշած պատմութեան էջերէն ու հողային սրտամօտիկ տարածքներէն, հանգրուանաբար կը հեռանան մեր ազգային հարուստ ժառանգութենէն, ուժ ու կենսունակութիւն փոխանցող հայրենի մայր հողէն:

Ահա՛ թէ ինչու մարդու սիրտը կը ճմլուի, կոկորդը կը սեղմուի, լեզուն կը ցամքի: Վաղը որքա՞ն կրնայ սպասել ներկային եւ վկայակոչել զայն:

Ժամանակը չէ՞ ընդունելու, որ մենք մեզի պարտական ենք առնուազն լուրջ ու խորազնին ինքնաքննադատութիւն մը, մեր հարազատ իրականութիւնները (ան)լուրջի (չ)առնելու (չ)կամութեան պատճառով:

Մեր նախորդներուն մէջ եղած են այնպիսի մարդիկ, որոնք բաց հորիզոններու հետախուզող մտայնութեամբ իրենց ոտքերուն տակ փոշի վերցուցած են, առնուազն փոշի կոխած են, քալած, յատկապէս վազա՜ծ ու լեռ մագլցած ատեն:

Այսպէս թէ այնպէս, հայ կտրիճ սերունդներ տողանցեցին քով-քովի` կոխած, անկոխ թէ կրնկակոխ ճանապարհներու վրայ` սիրով, գուրգուրանքով թէ ատելութեամբ, սնապարծութեամբ թէ մեծամտութեամբ, արդարութեամբ թէ չարաշահութեամբ, ազգային ռազմավարութեան վերածուած կաշառակերութեամբ, թէ բազմատեսակ ու բազմագոյն փտածութեան կամայականութիւններով, յեղափոխական շունչով թէ շարունակուող պահպանողական ծածկոյթով մը: Կ’արժէ՛ր այս մէկն ալ նշել:

Որպէս հայրենիք, հիմա որ ազատ ենք, որպէս ժողովուրդ, հիմա որ անկախ ենք, մեր անցեալը կամրջելով հասարակաց մեր ներկային, այս բոլորը ի՞նչ կը խորհրդանշեն մեզի համար, եթէ անշուշտ կ’ուզենք, որ բան մը խորհրդանշեն անոնք: Բայց կը թուի, որ Հայաստանը ինքզինք կը դիմագրաւէ` պատշաճելով իր հոլովութային ու յարափոփոխ իրականութեան, ճիշդ այնպէս, որ իրեն պարտադրուեցաւ անցնող երկուքուկէս տասնամեակին ընթացքին: Կրնա՞ս նախընտրել միաժամանա՛կ քանի մը բան միասին: Եկէք` լրջանանք:

Ոմանց համար, այսօ՛ր, անկախացած հայրենիքը ճանապարհային ընդարձակ քարտէսի խորհրդանշական հաւատք ու ապրում կը ներշնչէ, իսկ այլոց համար ալ` արտասահմանեան նոր հայրենիքներ ստեղծուած են, որոնց հայրենական կիզակէտը կը շարունակէ հեռաւոր ու տպաւորիչ խորհրդանիշ մը ըլլալ ու մնալ` խորհրդանիշի տեսլական ու չհիւծող իր ստեղծարար պարունակին մէջ: Դժուար ներկայ, անորո՜շ ապագայ:

Արդ, ո՞րն է մեր իրականութիւնը, ի՛ր աւանդական իրականութենէն անդին: Պիտի կարծէի, որ տեղ մը, այս բոլորին մէջտեղը կը տարուբերի հինի ու զարգացող նորի միջեւ փոխակերպուած ազգային համեմատութիւններու ձեւաւորուող հոլովոյթը` անհակակշռելի դարձնելով ու աննախատեսելի նորաբնոյթ խնդիրներ պարտադրելով հայ կեանքին ու հայ մարդուն:

Հիմա այս երկուքի տարբերութիւնը ուրկէ՞ կը սկսի եւ ո՞ւր կը վերջանայ` ռազմավարական եւ մարտավարական տիրող շփոթներէն ասդին-անդին:

Բայց որքա՜ն ալ խօսինք այս ու ասոր նման հարցերու մասին, որքա՜ն ալ փնտռենք յայտնի, անյայտ թէ մութ ուրուականային ծալքեր, պիտի յանգինք վերջնական այն համոզումին, որ երկու տարբերակներու վրայ ալ տեղաւորուած պիտի գտնենք ե՛ւ հին, ե՛ւ նոր ժանգի կարծրացած շերտեր: Չէ՞ որ հա՛յ ենք: Չէ՞ որ մենք ի՜նչ որ ընենք, կիրքով կ՛ընենք: Կ’երեւի դանակը շատ խորունկ չդրինք մինչեւ ոսկորը հասցնելու համար: Ա՛յդ ալ թող մեր մեղքը ըլլայ:

Հայրենակիցնե՛ր, ներսի թէ դուրսի հայրենակիցներ, գիտենք արդէն, որ հայրենիքներ կան, որոնք կը սիրուին, հայրենիքներ ալ կան, որոնք չեն սիրուիր պարզ ու յստակ այն պատճառով, որ երկուքէն մէկը ո՛չ սիրել գիտէ, ո՛չ ալ սիրուիլ: Վստահ եմ սակայն, որ հարազատ ու սրտամօտիկ հայրենիքները իրենց ներսի թէ դուրսի բոլոր զաւակներուն համար միեւնոյն քաղցր ու կարօտալի երգը կ՛երգեն: Փնտռա՞ծ ենք գտնելու համար, թէ ի՛նչ բան մեզ նուազ կը ցաւցնէ: Արդեօ՞ք քաղաքական (ան)հանդուրժողութիւնը:

Հայրենիքները կը շնչեն իրենց զաւակներուն ընդմէջէն` իրենց կեանքը իմաստաւորող բոլորանուէր ջերմեռանդութեամբ, անսպառ խանդով, պահպանելով ու պաշտպանելով պայքարի պատնէշներու բարձունքները, անտեսելով քողարկուած այն իրականութիւնը, որ հայերու մօտ թիրախներու անապահովութիւն կայ:

Բանաստեղծ մը կ՛ըսէր. ձեզի հետ առատ ջուր տարէք, ապագան շատ չոր ու ցամքած է:

Ոչ բանաստեղծ մը կ’ըսէր. ձեզի հետ հող տարէք, եթէ կասկած ունիք, որ ձեր հայրենիքը պիտի կարօտնաք:

Պարզ ու վիպապաշտ հայորդի մըն ալ կ’ըսէր. եթէ հայրենիքէն հեռու սիրահարիլ կ’ուզէք, Հայաստանի կապոյտ երկնակամարէն պսպղուն աստղ մը պահպանեցէք ձեր սրտին մէջ:

Մեր վէրքերը ծնան մեր պատմութենէն: Մնա՛ս բարով` պատմութիւն. խղճի խայթ պիտի չզգամ քե՛զ կարդալով…

 

***

Հայաստանի 10 առ հարիւր բնակչութեան կը պատկանի 90 առ հարիւր տոկոսին հարստութիւնը, իսկ 90 առ հարիւրին զրկանքը փոխադարձաբար կը պատկանի 10 առ հարիւրի հարստութեան ու բարեկեցութեան:

Նափոլէոն Պոնափարթ կ՛ըսէր. քաղաքականութեան մէջ երեք բան չես ըներ. չես նահանջեր, խօսքդ ետ չես առներ եւ քու սխալներդ չես ընդունիր:

Բայց դասական դարերու հին Յունաստանի ժողովրդավարութեան հիմնադրութեան ու կայացման ժամանակներուն յառաջդիմական մտածումներով ու հռետորութեամբ ճաճանչող փիլիսոփաներ, այլեւ` սոփեստներ, կը հաւատային, որ երկրի մը ընկերային մակարդակին բարելաւումը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան հասարակաց զարգացումն ու արմատաւորումը նախապայմանօրէն կը պատկանին միջին դասակարգին, որ այլապէս երկրի մը ընկերային կեանքին ու ժողովրդագրական ներքին բաղադրութեան անխուսափելի կորիզը կը կազմէ: Աւելի՛ն. տուեալ չափանիշը իսկական ու հաւասարակշռուած ապրելակերպի մը անփոխարինելի «ջերմաչափը» կը հանդիսանայ` իբրեւ ճշմարիտ ու բնականոն զարգացման տարազ, քանի միջին դասակարգի ժողովրդականացումը անհրաժեշտ նախապայման կը դաւանի ըլլալ բռնութեան նուազման, անարդարութեան սահմանափակման, խաղաղութեան տարածման ու հաստատման, աւելի՛ն, ծայրայեղ մոլեռանդութեան մեղմացման: Մոռցանք բան մը, արդեօ՞ք:

Հարց կու տամ. մեր օրերուն որքա՜ն զգայուն կացութիւններ կը դիմագրաւէ մեր ազգը, թերեւս դժուար է պատկերացնել: Գիտնանք սակայն, որ քաղաքական նեղմտութիւնն ու ազգային կարճատեսութիւնը երբեք նպաստած չեն հեռանկարային յառաջդիմութեան հարցերու լուծման: Զօրաւոր երկիրներ միշտ ալ պիտի ուզեն հպատակեցնել փոքր եւ տկար երկիրներ, որոնք տեւաբար դասեր պէտք է քաղեն, ի մասնաւորի` իրենց թէ այլոց երէկի պատմութենէն, այսօրուա՛ն իրապաշտ օրինակով:

Ոմանք, անգիտակցօրէն թէ անգիտութեամբ, պատմութիւնը գիտութիւն չեն համարեր: Ամէն մարդ տեսակէտ ունենալ կ՛ուզէ ամէն ինչի մասին. գիտցածի՛ն ու չգիտցածի՛ն: Ահա՛ ասկէ կը բխին խեղկատակ ու կիսագրագէտ պատկերացումներ: Օրինակ, պատմական անճշդութիւններու եւ խեղաթիւրումներու հաշուոյն գիտահաղորդակցական այնքան մեծ աններդաշնակութիւն մը գոյութիւն ունի, որ անբովանդակ զաւեշտագրութեան մակարդակի հատոր մը կարելի է հրատարակել:

Հայերու պարագային ալ (ա՛լ ո՛ւր մնաց թուրքերու եւ ազերիներու), պատմութիւնը գիտութիւն չհամարողներ կան: Գուցէ այս ըլլայ պատճառը, որ այս զգայուն հարցը աւելի ցաւոտ կը դառնայ:

Պատմութիւնը գիտութիւն է: Պատմութիւնը գիտութեան հարց է, ուզենք թէ չուզենք, չուզենք թէ ուզենք: Հարցը պարզ է ու միաժամանակ` բարդ:

Պատմութեան (ան)գիտութեան ու անկէ (չ)բխող վաւերաթուղթեր բարեբախտաբար պէտք եղածէն աւելի բաւարար են ու գոհացուցիչ` ճշմարիտ պատմութեան մասին խօսելու եւ գրելու, ժխտելու, ի հարկին` մերժելու համար կեղծ վարկածներ Խորհրդային Հայաստանի եօթը տասնամեակներու սեւ թէ դեղին քարոզչութեամբ ձեւաւորուած արհեստական ու յերիւրածոյ ոճով շեղող, թէ շեղեցնող պատմագրութիւն մը ստեղծելու միտումին դէմ:

Ատենէ մը ի վեր անկախացած Հայաստանի մէջ տատամսոտ քայլերով ախտաճանաչման փորձ մը կը կատարուի անցնող ժամանակներու անիրաւուած պատմութիւնը կարգի բերելու համար: Պատմութիւնը իր անձին շարունակութիւնն է եւ անկէ շեղիլ կարելի չէ:

Թո՛ղ յստակ ըլլայ սակայն, որ բարելաւող միտումներու հապճեպ տրամադրութիւններ առանց յաւելեալ ազդու ու գործնական նախաձեռնութիւններու, էութեան մէջ շատ բան չեն փոխեր, կամ փոփոխութեան ընթացքը անիմաստօրէն կը դանդաղեցնեն:

Իսկ մենք ալ ի՞նչ պիտի ըսենք, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան համար կուսակցութեան երրորդութիւնը յանցաւո՞ր է կուսակցութեան հիմնումին համար… Ներողութիւնը պէտք է, բայց չի՜ բաւեր:

Զգուշանանք, որ պատահականութեան ու չարագուշակ զուգադիպութեանց զոհ չերթանք. այլապէս պատմական (ան)արժանահաւատութեան կորուստը (չ)արժող հետքեր կը ձգէ:

Պատմութիւնը վկա՛յ: Անտեսումներ կան, որոնք  կորուստներու չափ վտանգաւոր են: Վտանգներ ալ կան, որոնք խրամատներ կը ստեղծեն: Խրամատները մէյ մը որ բացուին, դժուար կը գոցուին: Գէշ բան է ետիդ հետք ձգելու համար հսկայ ոստումներ կատարելու տպաւորութիւնը ձգել եւ յանկարծ հաստատել, թէ որեւէ հետք մնացած չէ:

Հետքերը կապ ունին պատմութեան մնայուն արժէքներուն հետ` ո՛չ կեղծերու, ո՛չ անցողակի, ո՛չ ժամանակաւոր, այլ` հայ կեանքի ներգործօն դերակատարութիւնը հունաւորելու անհրաժեշտութեամբ:

Ի միջի այլոց, ի շարս այլ ու տարբեր բաներու, գիտակցական ճանաչողութիւնն ալ շատ կարեւոր կրնայ բնութագրուիլ մարդկային թերացումի եւ բծախնդրութեան ակնկալութեան հրաժարումի միտումէն: Կարեւորն ու արդարը արմատներուն վերադարձն է, թէկուզ` հայրենասիրական վիպապաշտութեան մղումներով, ի հարկին վերափոխելով հայրենասիրական կառոյցին կեղեւն ու միջուկը:

Վերջին 25 տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դրական փոփոխութիւններուն մեծամասնութիւնը փուլ առ փուլ իրագործուած է` յանդգնութեամբ վերափոխուած հեղինակային կառոյցներու եւ այդ կառոյցները հովանաւորող համագործակից շրջանակներու շնորհիւ, հոգ չէ թէ ժամանակները միշտ ալ խաղաղ չէին:

Զարմանալի բան չկայ. մեր երկիրը եւ մեր մարդիկը այնպէս շինուած են, որ լաւ են ու միաժամանակ` ո՛չ լաւ: Այս մէկը բաժին ունի ե՛ւ լաւին ե՛ւ ոչ լաւին ե՛ւ շատ լաւին հետ: Լաւին մէջ գէշի բաժին կայ, բայց միշտ չի տիրապետեր ամէնուրեք:

Անցեալի կացութիւններ բարելաւելու քաջութիւն կը տրամադրե՞նք, թէ՞ ձախաւերութիւնները կը բեռցնենք ժամանակի պարտադրած մարտահրաւէրները (չ)կարենալ դիմագրաւելու շալակին ու չարագուշակ եղելութիւններու ուրուականներուն: Գիտնանք` պատմութեան ծառը մէկ է, ճիւղերը` շատ: Բարեբախտութիւնը մէկ կողմէ, դժբախտութիւնը` միւս կողմէ:

Հայաստանը երկիր մըն է, որ մնայուն հեւքով իր ճամբան կը փնտռէ: Այդ փնտռտուքը գուցէ օգտաշատ զատորոշում մը կ’ըլլայ ներկայի ու ապագայի ի խնդիր` ժամանակին մէջ իր ճամբորդութեան ոդիսականին համար անվիճելի դրօշակիր մը հանդիսանալով իր ժամանակին հետ եւ իր ժամանակէն առաջ:

Հայը այս ճանապարհորդութեան մէջ ինքզինքին շուքը եղած է. շուքը զինք կը հալածէ, ինքն ալ շուքին` առանց իր կեանքը իմաստաւորելու, առանց իր կարողականութիւնը յաւելեալ արդիւնաւորումի հասցնելու:

Հայկական պահպանողականութիւնը աւանդականօրէն գաղափարական ամուր ենթահող ունի Հայաստանի ընկերութեան մէջ: Այս պարագային, հայադրոշմ աւանդապաշտութիւնը պէտք չէ ստորագնահատել, ոչ ալ գերգնահատել, երբ իրենք զիրենք շատ յառաջդիմական սեպողներ ալ կան: Կարելի է, որ այս ինքնանուաճումը վնաս չի բերեր ապագային, երբ մանաւանդ այդ մէկը քաղաքական առասպել մը ըլլալէ դադրած է: Առասպել, որ սակայն ինքզինքին կու տար առաջին դերը:

Մոռնալու չենք, որ հայը երբեմն կը յատկանշուի նաեւ ջայլամի քաղաքականութեան բարդոյթով, քանի հայերու մէջ ու հայերու մօտ ամէն ինչ արգիլուած ու միաժամանակ ամէն ինչ արտօնուած է: Տկարութիւնը, նահանջողականութիւնը, յուսալքութիւնը երաշխիք չեն ապահովեր երբեք: Այս մէկուն հաւատալու պատճառներ շատ ունինք:

Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումը, հայոց ազգային պետականացման նորերեւոյթ օրինաչափութիւններն ու հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ռազմավարական պատկերացումները վճռորոշ ներդրում պիտի ունենան Հայ դատի հետապնդման բազմակողմանի ճակատներու դրօշակիրի առաջնահերթ դեր ու դերակատարութիւն մը տալու հայ մտաւորականութեան թռիչքին, ճանապարհ ճշդելու համար յատկապէս հայրենազուրկ բազմութեանց. նո՜ր գաղթականութեան: Մեր նայուածքը ուղղուած պէտք է ըլլայ միայն մեր ժողովուրդին վրայ:

Հայրենասիրութիւնն ու արդարութիւնը ձեւը պիտի գտնեն մեր ղեկավարութեանց սխալները սրբագրելու: Որակո՜վ, ո՛չ վրէժխնդրութեամբ:

Ժամանակն է, որ ամէն ինչ իր անունով ըսուի ու լսուի` փայլուն անուններէ, փայլուն պաշտօններէ եւ փայլուն ստորագրութիւններէ անդին, քանի որքան ալ ծափահարենք, ոեւէ ղեկավարի արժէքը աւելի պիտի չբարձրանայ: Այս բնորոշումը հռչակաւոր կը դառնայ, եթէ ատկէ ակնկալելիք բան չունիս:

Մեր անցեալը, ներկան ու ապագան տարիք ունին: Օգտուինք անոնց բաղդատական առաւելութիւններէն: Ապագայէն մէկ քայլ առաջ կը գտնուինք: Հայաստանը իր ոտքերուն վրայ պէտք է կանգնի. այդ մէկը ընելու համար նախ պէտք է պայքարի անցեալի որոշ առասպելներու համբաւին ու հռչակին դէմ, որոնք այլեւս որեւէ իմաստ ու արժէք չեն ներկայացներ` բացի բրածոյացած մտայնութիւններէ եւ հին տրամաբանութիւններէ:

Փորձենք հայու կեանքը ժամանակագրականօրէն կարգի դնել, որպէսզի պատահականութեան ու անտարբերութեան զոհ չերթանք:

Հայաստանի Հանրապետականացման տարեդարձը համերաշխութեան ուժի երաշխիք է:

Մեր հանրապետականացումը պէտք է հաւատայ մեր կեանքէն բխող իր ժամանակի իրապաշտ արժէքներուն, բայց զգո՛ւշ, արժէքները հոն չեն, ուր կ՛երեւին, ոչ ալ հոն են, ուր շատեր կը կարծեն:

Ուժն ալ հոն չէ, որ ոմանք կը կարծեն, ուժի բաղդատական եզրեր բնորոշելու համար:

Լոզունգներով խօսելու ժամանակը շատոնց անցած է:

Աթէնք

 

Հայաստանի Վերանկախացման 26-ամեակին Առիթով. Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Ուղերձը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան իւրաքանչիւր տարելից առիթ է գնահատելու եւ արժեւորելու հայ ժողովրդի անցած պատմական եւ քաղաքակրթական ուղին, անդրադառնալու նուաճումներին եւ թերացումներին, նախանշելու ապագայ ուղին:

Բայց, ամէնից առաջ, այս օրը կրկին ու կրկին մեզ բոլորիս ներկայանում է իր առանցքային խորհրդով, իր մնայուն գաղափարով եւ անանցանելի արժէքով: Իւրաքանչիւր ժողովուրդ փայփայել է անկախ պետականութեան երազանքը եւ փափաքել տեսնել դրա իրականացումը:

Մեզ` որպէս հայ ժողովուրդ, վերջին հարիւր տարուայ ընթացքում յաջողուել է երկու անգամ իրականացնել այդ երազանքը:

Առաջին Հանրապետութիւնը շրջադարձային էր այդ առումով եւ մեզ տուեց այն համոզումը, որ անկախութիւնն իրականանալի է եւ հասանելի նոյնիսկ երկար դարերի ընդմիջումից յետոյ: Սակայն, միաժամանակ, մենք դառը, ճշմարիտ ու իրատեսական դասեր քաղեցինք առ այն, որ անկախութեան ձեռք բերումն ու պահպանումը պահանջում են մաքառում, անխոնջ ջանք, անսահման նուիրում, յամառութիւն եւ հետեւողականութիւն` սերնդէ-սերունդ:

Վերջին երկու եւ կէս տասնամեակների ընթացքում եւս մենք բախւում ենք համարեա նոյն մարտահրաւէրներին` ինչ հարիւր տարի առաջ: Սակայն, մենք ազգովին հիմա շատ աւելի ուժեղ ենք, կորովի եւ համախումբ: Այդ իսկ պատճառով պէտք է ներդնենք առաւելագոյն ջանք, որպէսզի չվատնենք պատմութեան կողմից մեզ տրուած այս պատեհութիւնը:

Դա մեզ համար կենսական անհրաժեշտութիւն է` պահպանելու հայ ժողովրդի դիմագիծը, հոգեւոր նկարագիրը, սեփական ինքնութեամբ աշխարհին ներկայանալու, անջնջելի հետք ու իւրայատուկ ժառանգութիւն թողնելու առաքելութիւնը:

Ունե՞նք արդեօք այս գիտակցութիւնը: Վստահաբար ունե՛նք: Միաժամանակ, կարիք ունենք այն դարձնելու հետեւողական գործելաոճ, կենսակերպ:

Անհատական ազատութեան գաղափարն իրօք խիստ գայթակղիչ է: Միեւնոյն է այն չի հակասում եւ խոչընդոտ չէ ազգային ինքնութեան պահպանմանը, պետականութեան շուրջ համախմբուած հաւաքական կերպարով ներկայանալուն: Կասկածից վեր է, որ այդ երկուսի համակցութեամբ նուաճումների հասնելու հաւանականութիւնն առաւել մեծ է եւ գնահատանքի արժանի: Այդ միջոցով է, որ կարելի է ստեղծել պատմութեան համար մնայուն արժէքներ եւ ունենալ դերակատարութիւն:

Շնորհաւորում եմ մեզ բոլորիս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարելիցի առիթով: Թող այն լինի հայ ժողովրդի բոլոր հատուածների նուաճումների հերթական աստիճանը եւ դէպի ապագան միտուած երկարատեւ ուղու հերթական հանգրուանը:

 

Խմբագրական. Քաղաքականօրէն Անկախը Կախեալութեան Հականիշը Չէ (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 26-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

Անկախութիւնը բացարձակ արժէք ըլլալով իր բացարձակութեան մէջ կիրարկելիութեան խնդիր ունի: Անկախը այս պարագային կախեալութեան հականիշ է բառացիօրէն, սակայն քաղաքական-քաղաքագիտական տրամաբանութեամբ միեւնոյն իմաստը կրնայ չունենալ:

Անկախ պետութիւնները իրաւական նշանակութիւն ունին նախ եւ առաջ, իբրեւ պետական զատ միաւոր ճանչցուած, աշխարհագրական որոշ տարածքի վրայ գործող, սահմաններ պաշտպանող եւ ժողովուրդ ղեկավարող գոյութիւն: Անկախ պետութիւնն է միայն, որ իբրեւ լիիրաւ անդամ մաս կրնայ կազմել միջազգային ընտանիքին:

Սակայն որեւէ երկրի ու պետութեան անկախութեան ճանաչումը չ՛ենթադրեր անպայման, որ ըստ էութեան եւ գործնապէս բոլորովին անկախ որոշումներու տեղի կու տայ, այս կամ այն միջազգային ընկերակցութեան անդամակցելու ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնէ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ առանց արտաքին հանգամանքներ նկատի ունենալու կը դիրքորոշուի եւ համապատասխան քայլեր կ՛առնէ:

Քաղաքագիտական այս տեսութիւններուն նկատառումով կը բացատրուի մեր երկրին Ռուսիոյ ռազմավարական յատուկ դաշնակից ըլլալը, Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններ վարելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցիլը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամակցութեամբ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցիլը (եւ երբեմն չմասնակցիլը) եւ այլն:

Յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան նման կիսաշրջափակուած, կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար անկախ գործելաեղանակի բոլոր ստորոգելիները չէ որ կը գործեն:

Եւ այստեղ անպայման գաղափարական սկզբունքայնութիւնն ու քաղաքական գործնապաշտութիւնը պէտք չէ հակադրուած տեսնել: Քաղաքականութիւնը ի վերջոյ կարելիին արուեստն է եւ այդ արուեստի առարկայացման տարբեր փուլերու ընթացքին ճկունութեան, որոշումներու ուղղակի կամ անուղղակի համաձայնեցման պահեր կը ստեղծուին հասկնալիօրէն:

Բնականաբար աւելի դիւրին կ՛ըլլայ պատասխանատու եւ որոշում կայացնողի հանգամանքէն հեռու, անկախութեան վերաբերող դասեր եւ յորդորներ տալը: Այս կամ այն գերտէրութեան հաշուարկը չընելու, երկիրը ապագաղութայնացնելու եւ ազատագրելու կոչեր հնչեցնելը:

Մինչ կառավարող ուժերուն համար այդ կոչերուն ընդառաջումը արկածախնդրական քայլ կ՛ընկալուի, որուն հետեւանքներուն ծանրութիւնը անպայման հաշուի կ՛առնուի:

Անկախութեան պահպանումը մեր երկրին ու պետութեան համար, աշխարհագրական, քաղաքակրթական, ռազմական եւ տնտեսական թելադրանքներ, մղուած, համադրողի, կամրջողի, դերակատարութիւն կը վերապահէ եւ կարելիի սահմաններուն մէջ հաւասարակշռութիւնները պահպանելու քաղաքականութիւնը կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ հրամայականօրէն:

Անկախութիւնը ուրեմն, նաեւ այս բոլոր յորձանուտներուն մէջ կարենալ նաւարկելն է, քամիի մէկ ուղղութեամբ չընթանալն է, բազմախարիսխ նաւավարումի սկզբունքն է:

Անկախութիւնը կարգախօս չէ, ամբոխահաճոյականութիւն չէ, արկածախնդրութիւն չէ: Այլապէս անժխտելի են ապագաղութային ըլլալը, բոլոր տեսակի ուժերու ազդեցութիւններէն ձերբազատիլը, բացարձակ անկախ ըլլալը եւ խաղի օրէնք միայնակ թելադրելը:

Աշխարհաքաղաքական կացութիւնները, քաղաքական գործընթացները, գերտէրութիւններու շահագրգռուածութեան տարողութիւններու ալիքաւորումը կը յուշեն անկախութիւն պահպանելու համար բազմակողմ դիւանագիտութեան աշխուժ կիրարկումը, կամրջելու դերի ստանձնումը եւ փոխանակ բախման, համագործակցութեան շառաւիղներու որդեգրումը:

 

 

Ընկ. Ժիրոյի Քաղցր Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

18 օգոստոսի  առաւօտեան ժամը 5:00-ին սեւ ամպեր կուտակուեցան Հայաստանի Զովունի գիւղաքաղաքին վրայ: Բօթաբեր ամպեր: Երկինքը կը սգար, գիւղացիք կ’ողբային: Ժիրայր Շոքոյեանի անշնչացած մարմինէն դուրս կու գայ իր մաքուր հոգին ու կը սաւառնի դէպի երկինք` այդ գորշ ամպերուն ընդմէջէն:

Ընկե՛ր Ժիրօ, քու վաղահաս մահդ ոչ միայն անակնկալ էր, այլեւ անհաւատալի` մեր բոլորին համար:

Դուն քու ամբողջ կեանքիդ ընթացքին դաշնակցականի ոգիով քաջաբար անարգեցիր բոլոր տեսակի վտանգները, նոյնիսկ քու գլխուդ ու սրտիդ ուղղուած գնդակները շեղեցան ու յաջողեցան քեզ վիրաւորել միայն ոտքերէդ: Իսկ դուն, վիրաւոր վիճակիդ մէջ, քու հարուածովդ դիտապաստ գետին փռեցիր հակառակորդը: Ճակատագիրը չուզեց, որ հայրենիքիդ համար նահատակի փառքի պսակին արժանանաս: Անժամանակ մահացար անկողինիդ մէջ:

Միշտ եղար քու անունիդ տէրը` ժիր, այր ու առնական, միշտ աշխուժ ու մանաւանդ` միշտ համեստ: Քու համեստութիւնդ շուքի մէջ ձգեց քու խիզախութիւնդ եւ կորովդ: Միշտ կառչեցար կուսակցական` դաշնակցական սկզբունքներուն եւ չէիր ընդուներ «միջանկեալ» կամ «կողմնակի» լուծումները. մինչեւ ծայր կը պայքարէիր, որպէսզի արդար ու հիմնական լուծում գտնուէր որեւէ հարցի: Այս պատճառով ալ երբեմն կարճամիտ անձեր քեզ անբաղձալի կը նկատէին:

ՀՅ Դաշնակցութեան 1988-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած «Դէպի Երկիր» կարգախօսը խորապէս համոզիչ էր քեզի համար: Եւ այդ թուականէն ի վեր միտքդ դրած էիր գործադրել այդ կարգախօսը քու անձնական օրինակով: Երկար տարիներ չարաչար աշխատելով ու ամէն դժուարութիւն քաջութեամբ տանելով, ի վերջոյ հասար նպատակիդ` հաստատուելով մայր հայրենիք` Հայաստան: Բայց ափսո՜ս, չկրցար երկար վայելել: Գէթ ազնիւ կինդ` Մարալը եւ զաւակդ կրնան վայելել քրտինքովդ կառուցուած տունդ, հայրենի հողին վրայ:

Ընկե՛ր Ժիրօ, քու կեանքիդ ընթացքին շատ դժուար օրեր անցուցիր, վերիվայրումներով լի, սակայն միշտ ալ դաշնակցականի վայել խիզախութեամբ բարձր պահեցիր ճակատդ ու արժանապատուութիւնդ: Քու անսակարկ նուիրումովդ կրցար շահիլ բոլոր ընկերներուդ սէրն ու յարգանքը:

Սիրելի՛ ընկեր, ներէ ինծի, եթէ այս երկտողով դաշնակցականի համեստութիւնդ կը վիրաւորեմ: Ասոնք քու մասիդ գովաբանական տողեր չեն, այլ` քու մասիդ ճշմարտութեան մէկ մասնիկը միայն:

Թող հողը թեթեւ գայ քու անշնչացած մարմինիդ վրայ, եւ թող հոգիդ արժանի մնայ Աստուծոյ բարիքներուն եւ յաւիտենական կեանքին:

Երթաս բարով, սիրելի՛ ընկեր: Քու եւ մեր բոլոր զինակից ընկերներուն ալ բարեւէ:

Քու գաղափարակից ընկերդ`

Գ. Փ.

Նամականի

$
0
0

Արժանապատիւ  խմբագրապետ   «Ազդակ» օրաթերթի,

Ստորագրեալս` Պետրոս Յ. Ալահայտոյեան, կրկին կու գամ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու ձեր յօժարակամութեան համար, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ մեծանուն երաժիշտ Բ. Կանաչեանի մահուան 50-ամեակին նուիրուած երկարապատում գրութիւնս լոյս ընծայել ձեր թերթին մէջ, 8 յաջորդական հատուածներով, այս տարուան մարտ 13-20:

Այս քիչ մը յապաղած շնորհակալագիրիս մէջ կը փափաքիմ նաեւ անմնացորդ  երախտագիտական զգացումներս արտայայտել տիկին Վարդի Դանիէլեանին: Ան իր հայերէնագիտութեան եւ հայաթաթախ իր սրտին ողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ իր արժէքաւոր թելադրութիւններով գրութեանս ամբողջ երկայնքին: Որքա՜ն երախտապարտ եմ:

ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

Նամականի

$
0
0

Յարգելի՛ ընթերցողներ,

«Ազդակ»-ի 19 սեպտեմբեր  2017-ի թիւին մէջ տեղ տրուած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ամէն կիրակի պատրաստուած «Ճրագ» թերթիկի մասին գնահատականի մը` տեղադրուած թերթին 7-րդ լման էջին վրայ:

Տասը տարիներու վրայ երկարած այս սքանչելի եւ գնահատելի աշխատանքը, որ կը պատրաստուի Կրօնական ժողովի հոգեւոր հովիւին կողմէ, ժողովուրդին մէջ ունի դրական ազդեցութիւն: Ան իր զանազան բաժիններով` Աստուածաշունչի ընթերցում, սաղմոսներ եւ աղօթքներ, հոգեւոր հայրերու մէջբերումներ, եկեղեցւոյ աւանդութեանց կապուած բացատրութիւններ, օգտաշատ համարներ, աղանդաւորներու եւ հաւատադրժողներու պատասխաններ եւ այլ, կը հարստացնեն եկեղեցասէր ժողովուրդի գիտելիքները, կը մօտեցնեն եկեղեցւոյ խորհուրդները եւ կ՛առաջնորդեն դէպի ճշմարիտ աստուածապաշտութիւն: Առ այդ, եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի կողմէ իմ գնահատանքս եւ երախտագիտութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել այս աշխատանքին համար` մաղթելով, որ շարունակուի եւ յարատեւէ: Ի դիմաց ամէն դժուարութեանց եւ քննադատութեանց` Աստուծոյ խօսքին ճշմարիտ լոյսը կը մնայ այն ճրագը, որ իսկապէս մեր քայլերը ճիշդ ուղիով կ՛առաջնորդէ:

Թող Տէրը օրհնէ կատարուած աշխատանքը եւ նոր գրիչներ պատրաստէ վկայելու համար արդար Աստուծոյ խօսքն ու գործը: Վարձքերնիդ կատար:

ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ

Միասնաբար Ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւնը

$
0
0

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի անդամները համաժողովի աւարտին 20 սեպտեմբերին հրապարակեցին հետեւեալ համատեղ յայտարարութիւնը.

«Մենք`

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման, 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեայ յոբելեաններու եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի նախաշեմին Երեւանի մէջ գումարուած «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի մասնակիցներս,

Առաջնորդուելով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ ողջ հայութեան ներուժի համախմբումով, շարունակական երկխօսութեան եւ բազմաշերտ ներգրաւման հրամայականով,

Կարեւորելով ազգային նպատակադրումներու համատեղ ամրագրումը, անոնց կենսագործման համար ծրագիրներու մշակումը, տարբեր միջոցներով իւրաքանչիւրի մասնակցութեան համար հնարաւորութեան ընձեռումը եւ արդիւնքներու համար հայութեան համահաւաք պատասխանատուութեան գիտակցումը,

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան հզօրացումը եւ անվտանգութեան ամրապնդումը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ կառավարման համակարգերու առաւել ուժեղացումը, տնտեսական վերընթաց զարգացումը, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումը, հոգեւոր, կրթական ու մշակութային յառաջընթացը, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու մէջ ազգային ինքնութեան պահպանումը եւ մշակութային զարգացումը, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութեան եւ ողջ հայ ժողովուրդի հաւաքական նպատակներու իրականացման գրաւականն են,

Կենսական նկատելով ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ հոգեւոր, բարոյական աւանդական արժէքներու շուրջ համախմբումը, հայ ընտանիքի ամրապնդումը եւ ծնելիութեան աճի խթանումը,

Վերահաստատելով մեր համազգային պատասխանատուութիւնը Արցախի ժողովուրդի` սեփական ճակատագիրը ազատօրէն տնօրինելու անքակտելի իրաւունքի իրականացումը, ժողովրդավարութեան զարգացումը եւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ համարկումի հարցերը,

Գիտակցելով Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի առջեւ գոյութիւն ունեցող եւ հնարաւոր նոր մարտահրաւէրներուն միասնաբար` պետութեան, հայ եկեղեցւոյ, համահայկական կառոյցներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ջանքերու համադրումով արձագանգելու եւ համահայկական հարցերը համատեղ ուժերով լուծելու անհրաժեշտութեան,

Համոզուած ըլլալով, որ փոփոխուող աշխարհի մէջ սփիւռքի համայնքներու զօրութենական զարգացումը հնարաւորութիւն կու տայ վերանորոգուած կերպով մասնակցութիւն բերելու Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական ու մշակութային զարգացման` այդպիսով նպաստելով հզօր հայրենիքի կառուցման,

Փաստելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած է հայապահպանման ուղղուած քաղաքականութիւն վարելու եւ հայրենադարձութեան համակողմանիօրէն նպաստելու պետութեան առաքելութիւնը, որ նոր որակ եւ բովանդակութիւն պիտի հաղորդէ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն,

Հաւաստելով, որ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան ու արդարութեան վերականգնման համար հայութեան պայքարը հիմնուած է համամարդկային արժէքներու վրայ եւ կը հանդիսանայ մեր համազգային գործակցութեան առանցքային ուղենիշներէն մէկը,

Ողջունելով Համահայկական խորհուրդի` իբրեւ համազգային առաջնահերթութիւններու ճշգրտման, ազգային ներուժի մէկտեղման եւ բարձր մակարդակի ռազմավարական երկխօսութեան հարթակի ձեւաւորման գործընթացը,

Հաւատարիմ մնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի սկզբունքներուն,

Կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը` միասնաբար եւ փոխադարձ պատասխանատուութեամբ, մարդկային, նիւթական եւ հոգեւոր ներուժի համախմբումով առաւել ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը` զայն ուղղորդելով հետեւեալ նպատակներու եւ հարցերու իրագործման.

Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման, անվտանգութեան ամրապնդման, բարգաւաճման, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համախմբման, ազգային ինքնութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ` հայրենադարձութեան քաջալերման,

Ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ եւ արդարացի հանգուցալուծման, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման միջազգային ճանաչման,

Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր վարչակարգերու կողմէ պետականօրէն ծրագրուած եւ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ անոր հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ աւելի համակարգուած եւ միասնական քաղաքականութեան իրականացման, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխարգիլման նպատակով, միջազգային հանրութեան պայքարի առաջնագիծին վրայ հաստատուն դիրքի պահպանման` զայն համարելով որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի` համամարդկային արժէքներու եւ միջազգային իրաւունքի վրայ խարսխուած բարոյական պարտք ամբողջ միջազգային հանրութեան առջեւ,

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած գործընթացին մէջ իրազեկուածութեան առաւել բարձրացման, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ փոխանցման կարեւորութեան ու այդ յանցագործութեան ժխտման, նսեմացման դէմ պայքարի իրականացման, որոնց շարքին` իրաւունքի ուժով,

Հայաստանի պաշտպանուածութեան ամրապնդման, զինուած ուժերու ռազմաարհեստագիտական, արհեստագիտական եւ մասնագիտական ներուժի արդիականացման, ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացման` որպէս տնտեսութեան զարգացման եւ արհեստագիտութեան յառաջընթացի շարժիչ ուժ եւ «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի կենսագործման առանցքային ուղղութիւն,

Աշխարհի տեղեկատուական զանազան հարթակներու մէջ հայատեացութեան եւ հակահայ քարոզչութեան փորձերու դէմ միասնական պայքար ծաւալելու եւ նման քաղաքականութեան ազդեցութեան չէզոքացման ուղղութեամբ գործնական ծրագիրներու եւ համակարգուած գործունէութեան շարունակական իրականացման,

Երիտասարդութեան մէջ ազգային ինքնութեան հաւաքական որակներու տարածման եւ ամրապնդման, հայ դպրոցի զօրացման, հայ սերունդներու հայկականութեան ոգիով դաստիարակման, հայեցի կրթութեան գործին մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան ներդրման, հայրենաճանաչութեան նոր ծրագիրներու մշակման ու իրականացման,

Հայութեան մէջ սիրոյ, համերաշխութեան, հանդուրժողականութեան, վստահութեան եւ միասնութեան ամրապնդման, հայ մարդու անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի համար բարենպաստ միջավայրի ապահովման,

Հայկական համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ու յաղթահարման եւ հնարաւոր այլ մարտահրաւէրներու բացայայտման ուղղութեամբ ջանքերու համադրման,

Միջին Արեւելքի եւ, մասնաւորապէս, ծանր փորձութիւններու մէջէն անցնող Սուրիոյ հայութեան համակողմանի աջակցութեան ցուցաբերման, այդ տարածաշրջանին մէջ հայկական հաստատութիւններու, պատմամշակութային կոթողներու եւ մշակութային արժէքներու պահպանման,

Հայաստանի, Արցախի բնակավայրերու (յատկապէս` սահմանամերձ) կենսագործունէութեան տարբեր ոլորտներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման,

Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ միջազգային իրազեկուածութեան բարձրացման, այդ նպատակով համահայկական օրակարգի ձեւաւորման եւ անոր լուծման ուղղութիւններով միասնական քաղաքականութեան մշակման եւ իրականացման` նոր եւ աւանդական կառոյցներու միջոցով,

Տարբեր երկիրներու մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու, աշխարհի մէջ հայկական մշակոյթը պատշաճ կերպով ներկայացնելու, հայկական համայնքներու ինքնակազմակերպման ուղղութեամբ միասնական ջանքերու գործադրման,

Արեւմտահայերէնի պահպանման, տարածման, սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդման աջակցութեան նպատակով Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման:

Համաժողովի մասնակիցներս լիայոյս ենք, որ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր կառոյցները, երիտասարդութեան լայն ներգրաւումով, պատշաճօրէն պիտի նշեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ու մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեայ, ինչպէս նաեւ քաղաքամայր Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեայ յոբելեանները:

Սոյն յայտարարութիւնը կ՛երաշխաւորենք` որպէս ուղենիշ ամբողջ հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական մարմիններուն, Հայ եկեղեցւոյ, համահայկական, համայնքային կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն` հետամուտ ըլլալու համահայկական նպատակներու իրականացման:

 


Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Խօսքը` «Հայաստան –Սփիւռք» Վեցերորդ Համաժողովի Բացման

$
0
0

Ողջունում ենք ձեզ համաժողովի գումարման առիթով եւ հայրապետական Մեր սէրն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը բերում ամէնքիդ: Ուրախ ենք, որ ազգային համախմբման միասնական տեսիլքով մեր ժողովրդի աշխարհասփիւռ զաւակները այսօր կրկին մէկտեղուել են մայր հայրենիքում, հայոց պետութեան հովանու ներքոյ` քննարկելու ազգային մեր կեանքը յուզող հարցեր ու խնդիրներ:

Հայաստան-սփիւռք համաժողովները կարեւոր հարթակ են դարձել  Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնութեան զօրացման, գործակցութեան խթանման եւ մեր ժողովրդի տարբեր հատուածների փոխճանաչման եւ առնչութիւնների ընդլայնման համար: Այսօր մեզ հայրենիքում համախմբել է մեր ընդհանուր պատասխանատուութիւնն ու մտահոգութիւնը` մեր ժողովրդի ներկայի եւ ապագայի նկատմամբ: Աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ այդ պարունակում մեր ազգային ինքնութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ընկերային-տնտեսական կեանքի դժուարութիւնները, մեր հայրենիքի հզօրացումն ու ապահովութիւնը  ներկայ մեր սերնդին վիճակուած առաջնահերթ մտահոգութիւններն են:

Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան շրջանակներում, իրաւ է, զգալի ձեռքբերումներ ենք արձանագրել` զօրացնելով Հայաստանն ու Արցախը եւ սփիւռքում ազգային կեանքը: Նշանակալի է եղել սփիւռքահայերի մասնակցութիւնը հայրենական կեանքին` սկսած արցախեան ազատամարտին անմիջական ու անձնուէր մասնակցութիւնից ու նորաստեղծ մեր երկրի կեանքում ներդրուած միջոցներից մինչեւ այլ երկրներում ի նպաստ Հայաստանի ու Արցախի ծաւալած քարոզչական աշխատանքները: Միաժամանակ հայրենի պետութեան կողմից ջանքեր են ներդրուել` ամրապնդելու հայրենիքի եւ սփիւռքի կապերն ու համագործակցութիւնը, աջակցելու սփիւռքում գործող ազգային կազմակերպութիւններին եւ սփիւռքի տարբեր հատուածների համախմբմանն ու առկայ հնարաւորութիւնները առաւել նպատակային օգտագործմանը, սատարելու պատերազմական իրավիճակում յայտնուած մեր ժողովրդի զաւակներին, ինչպէս` Սիրիայում եւ Իրաքում:

Այսուհանդերձ, կատարուած աշխատանքները չեն սպառել ծառացած մարտահրաւէրները: Մեզ շարունակում են մտահոգել Արցախի հիմնախնդիրը, Հայոց ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութեան հանդէպ շարունակուող ժխտողականութիւնը, արտագաղթը, ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները հայրենիքում, խաղաղութեան ապահովումը մեր սահմաններում:

Մեր պետութիւնը, թէեւ` բազում դժուարութիւնների առջեւ, համայն հայութեան պատուարն է եւ մեր ժողովրդի գոյատեւման  երաշխաւորը: Այսօր ժամանակն է, որ դառը փորձութիւնների ծանրութիւնը կրած մեր երկիրն ու ժողովուրդը կարողանան ամուր քայլերով ընթանալ վերելքի ուղիով, որը պահանջում է ուժերի ու կարողութիւնների ամբողջական կենտրոնացում ու համախմբում: Ազգային համախմբման հարցում ամէնքս միակարծիք ենք ու հաստատակամ: Համախմբումը, սակայն, զերծ պիտի լինի հատուածական հետաքրքրութիւններից ու ժամանակաւոր նպատակայարմարութիւններից: Պաշտօնը, հասարակական դիրքը, նիւթական ու մտաւոր կարողութիւնները, որոնցով օժտուած են մեր ժողովրդի զաւակները, պիտի ծառայեցուեն մեր երկրի պայծառացմանը եւ ամէնուր` մեր ժողովրդի առաջընթացին ու ազգային կեանքի զարթօնքին: Հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ` հայրենիքի եւ ազգի հանդէպ կրում ենք նոյն պատասխանատուութիւնը: Հայրենիքից չի կարելի երես դարձնել ձախողած գործի եւ կամ տեղ գտած անարդարութեան պատճառով: Հայրենիքից չի կարելի երես դարձնել, եթէ այն նեղութիւնների, փորձութիւնների ու մարտահրաւէրների առջեւ է կամ նուազ հարուստ ու յարմարաւէտ է: Զինուորն ու ծառան ենք հայրենիքի: Այս պիտի լինի մեր նշանաբանը: Հայրենիքը մենք պիտի սիրենք այն պարզ պատճառով, որ մերն է` մեր հայրերի արեամբ ու քրտինքով նուիրագործուած եւ մեզ աւանդուած: Հայրենիքով է զօրեղ իւրաքանչիւրը` իբրեւ ազգի զաւակ, իբրեւ կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ զօրութիւնը հայրենիքի մեր ժողովուրդն է` ի հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար:

Եկող տարի նշելու ենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեայ տարեդարձը, որը կոչ ու խրախոյս է ազգային համախմբման: Մէկ դար առաջ այդ օրինակը բերեց մեր ժողովուրդը` միահամուռ կամքով պաշտպանելով հայրենիքը եւ վերակերտելով պետականութիւնը: Այսօր մեր երկրի պաշտպանունակութեան ամրապնդումը պահանջում է միասնական առաւել ջանքեր, ինչպէս եւ` պատերազմի վտանգի ներքոյ գտնուող ժողովրդի զգօն ու սթափ գիտակցութիւն եւ առաւել պատասխանատուութիւն: Մեր երկիրը հեռու պիտի պահենք ցնցումներից եւ ամէն ջանք պիտի գործադրենք` խաղաղութիւնը ամրագրելու եւ հասնելու Արցախի ճանաչման յաղթանակին:

Այս տեսլականով Մեր աղօթքն ենք բարձրացնում առ Աստուած, որ օրհնի մեր այս համաժողովը, արդիւնաւորի ջանքերը համաժողովի կազմակերպիչների ու մասնակիցների եւ լուսաւորի մեր մտքերը` գտնելու լաւագոյն ուղին մեր հայրենիքի ու ժողովրդի զօրացման եւ առաջընթացի:

Թող Աստուած խաղաղ պահի աշխարհը, մեր երկիրն ու համայն ժողովրդին:

Մեր Տիրոջ շնորհները, սէրն ու ողորմութիւնը թող լինեն մեզ հետ եւ` բոլորի, այսօր եւ միշտ: Ամէն:

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի Ողջոյնի Խօսքը` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին

$
0
0

Թոյլ տուէք ջերմօրէն ողջունել ձեզ` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի բոլոր մասնակիցներիդ:

Բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս միջոցառումը կարեւոր է ու պահանջուած` ե՛ւ մայր Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Արցախի համար:

Ակնյայտ է, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը հայոց անկախ պետականութեան գոյութեան, նրա բնականոն զարգացման ու զօրացման, սփիւռքում ազգային ինքնութեան պահպանման եւ նրա կենսունակութեան ապահովման կարեւորագոյն գրաւականն է:

Խնդիրները, որոնք ընդգրկուած են համաժողովի օրակարգում, ունեն ռազմավարական նշանակութիւն` մեր պետականութեան շարունակական  զարգացման հեռանկարների նախանշման տեսանկիւնից:

Դրանց համակողմանի քննարկումը, ապագայ անելիքների ճշգրտումն ու յստակեցումը պահանջում են համակարգուած աշխատանք, իրատեսական ու յաւակնոտ ծրագրերի մշակում եւ իրականացում, առկայ ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործում: Եւ անհրաժեշտ է ընդունել այնպիսի որոշումներ, որոնք, հաշուի առնելով ազգային շահերը եւ ժամանակի մարտահրաւէրները` կը նախանշեն մեր հաստատուն առաջընթացը:

Մենք ունենք նման համատեղ աշխատանքների շնորհիւ արձանագրուած նշանակալի յաղթանակներ ու ձեռքբերումներ, որոնց շարքում առանձնանում են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմից եւ այլ խողովակներով իրականացուած բազմաթիւ ծրագրեր:

Կարեւոր է նաեւ, որ համաժողովի աշխատանքներին մասնակցում են յայտնի պետական, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, բարերարներ, տարբեր ոլորտների ներկայացուցիչներ` աշխարհի շատ երկրներից:

Նման ներկայացուցչական բազմազգ կազմը նաեւ հանդիսանում է տարբեր ժողովուրդների եւ պետութիւնների հետ երկխօսութեան հաստատման ու ամրապնդման, բարեկամական կապերի զարգացման յարմար հարթակ:

Հայ ժողովուրդն ունի լաւ բարեկամներ աշխարհով մէկ, եւ մենք բարձր ենք գնահատում նրանց անկեղծ, անշահախնդիր ընկերութիւնը` այն համարելով մեծ եւ մնայուն հարստութիւն:

Նրանցից ոմանք այսօր այստեղ են, եւ ես ուզում եմ մէկ անգամ եւս ողջունել բոլորին:

Յարգելի՛ ներկաներ,

Համոզուած եմ, որ համաժողովը յաջողութեամբ կ՛իրականացնի իր աշխատանքները եւ արժանի ներդրում կ՛ունենայ համազգային խնդիրների լուծման գործում:

Բոլորիդ մաղթում եմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք:

Շնորհակալութիւն:

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

«… ՀՀԿ-ի ու ՀՅԴ-ի գործակցութիւնից պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ ՀՅԴ-ի աշխատանքի մասին` որպէս քոալիսիոն գործընկերի: Սակայն ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն տարբերւում են իրարից: ՀՅԴ-ի օրակարգը սոցիալական արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չսպառենք այն բարոյական կապիտալը, ինչը որ կայ: Այս խորհրդաժողովը կ՛օգնի, որ ծնուի ՀՅԴ տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որի առանցքը կը լինի սոցիալական արդարութիւնը»:

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
16 սեպտեմբեր 2017
Աղուերան

Յստակ է, որ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը գաղափարական գործընկերներ չե՛ն: Այն դաշինքը, որ այժմ ի մի բերած է երկու քաղաքական ուժերը, կոչուած է հնարաւոր դարձնելու երկու կուսակցութեանց համագործակցութիւնը ազգային գերամեծար նպատակներու շուրջ, յատկապէս` երկրին դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքներու մարզին մէջ:

Միւս կողմէ` պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրենք, որ մայիս 18-ին արտասանուած ՀՀ նախագահի ճառը` Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստի ամպիոնէն, հանգամանօրէն կը դնէ ընկերային արդարութեան առաջնահերթութեան խնդիրը: «Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ ենք յայտարարում անարդարութեանը», կ՛ըսէ նախագահը` գէթ սկզբունքային հողի վրայ իւրացնելով Դաշնակցութեան օրակարգը: Հետեւաբար երկու ղեկավար ուժերը իրենց առաջին դէմքերուն իսկ հրապարակային ելոյթներով կու գան հաստատելու, որ միասնական աշխատանքի կոյս տարածք մը գոյութիւն ունի այսօր` երկրէն ներս ընկերային արդարութեան կենսական առաջնահերթութիւնը լիարժէք թափով հետապնդելու: Պր. նախագահէն եկող այս հաւաստիքը հանրութիւնը պէտք է ընդունի որպէս անժամանցելի պարտամուրհակ:

Ըսած եմ ասկէ առաջ եւ կը կրկնեմ. գործող դաշինքին մէջ նախագահին կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ մենաշնորհային համակարգի դասակարգային շահերը, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ հանրութեա՛ն շահերը: Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք այս երկու շահակցական շերտերու հանդիպումը հնարաւո՞ր է այս կէտին վրայ, երբ երկրի արտադրողական միջոցները լայն չափերով կը գտնուին մենաշնորհային համակարգի հակակշիռին տակ, որ ընկերային անարդարութեան գլխաւոր գործօնն է երկրէն ներս: Այս հարցումին պատասխանը կը բխի դաշինքի յառաջիկայ օրերու եւ ամիսներու արդիւնաւոր ընթացքէն: Փաստը այն է, որ յանկարծ քաղաքական բեմը, գէթ` սկզբունքօրէն,  ծնունդ տուած կը թուի ըլլալ հանգիտութեան իր նոր եզրերուն… Յանկարծ երկու ուժերու հաւաքական յանձնառութեամբ կը թուի բիւրեղացած ըլլալ ընկերային գործի գործադաշտը` «պատերազմական» յայտարարելով գոյութիւն ունեցող արդարութեան ճգնաժամը երկրէն ներս…

Ուրեմն եկած է ժամանակը լոզունգներէն անդին անցնելու: Եկած է ժամանակը Դաշնակցութեան «պլատֆորմ»-ը դաշինքէն ներս վերածելու գործօն քաղաքականութեան: Եկած է ժամանակը խիզախ քայլերով կազմաքանդելու ազգային տնտեսութեան կեանքը պատուհասող մենաշնորհային համակարգը: Ընկերային արդարութեան հրամայականը այսօր միայն մէ՛կ առաջնահերթ թիրախ ունի  Հայաստանի մէջ. իշխանութիւնը պէտք է կարենայ տարանջատել ինքզինք մենաշնորհային համակարգի շահերէն եւ սկսի գործելու իբրեւ հանուր ազգի ներկայացուցիչը` արմատականօրէն կարգաւորելով երկրի տնտեսակարգը եւ զայն բերելով մրցակցային դաշտէն ներս: Ասով պէտք է նշանաւորուի դաշինքը` որպէս հաւաքական մտատեսիլ: Ընկերային արդարութիւնը կը պահանջէ ընկերային կարգավիճակի հիմնական յեղաշրջում` աշխատատեղերու ստեղծման գործօնները խթանելով եւ ազգային եկամուտի շարունակական վերաբաշխումը ապահովելով: Հայ մարդը պիտի զգայ, որ այս երկրին տէրն է ինք եւ իր զաւա՛կը` իրմէ ետք: Միայն այդ հողին վրայ է, որ մենք կ՛ունենանք արտագաղթի խայծերը մերժող ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ, որ պատրաստ է ինքզինք նուիրաբերելու երկրի բոլոր մարտահրաւէրներուն ու ինքզինք դնելու պատմութեան նժարին վրայ` այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան:

 

 

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Խօսքը` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 72-րդ Նստաշրջանին

$
0
0

2017 թուականը մեզ համար նշանաւորուեց Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեանը Հայաստանի անդամակցութեան 25-րդ տարեդարձով: 1992 թուականի մարտի 2-ին Միաւորուած ազգերի ընտանիքի այս կենտրոնակայանում ծածանուեց հայոց եռագոյնը` որպէս մեր ժողովրդի կողմից ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքի իրացման տրամաբանական եւ բաղձալի արդիւնք:

Անցած տարիների ընթացքում Հայաստանը դարձաւ միջազգային հանրութեան լիիրաւ եւ պատասխանատու անդամ: Մարտահրաւէրները շատ էին, սակայն մենք պատուով դրանք դիմագրաւեցինք: Ամենակարեւորն ու դժուարը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն էր:

Ես արդէն հինգերորդ անգամ եմ հանդէս գալիս այս բարձր ամպիոնից եւ կրկին ստիպուած եմ խօսել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Կը գերադասէի խօսել խաղաղութեան, առաջընթացի եւ համագործակցութեան մասին, սակայն, ցաւօք, մենք այդ փուլից դեռ շատ հեռու ենք: Ուստի պարտքս եմ համարում բացատրել, թէ ինչո՛ւ ենք այդքան հեռու այդ բաղձալի հանգրուանից:

Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման պայքարի նոր փուլը մեկնարկեց գրեթէ 30 տարի առաջ: Ի պատասխան Արցախի հայութեան ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իրացման խաղաղ կոչերի եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերի` Ազրպէյճանը դիմեց ուժի կիրառման:

Պաշտօնական Պաքուի այդ քաղաքականութեան գագաթնակէտն էին Ազրպէյճանի հայ բնակչութեան ջարդերը, ցեղային զտումներն ու զանգուածային տեղահանումները: Երբեմնի հայաբնակ ամբողջ շրջաններ հայաթափուեցին, իսկ Ազրպէյճանի կառավարութիւնն էլ շարունակում է հետեւողականօրէն ոչնչացնել իր վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող հայկական հսկայական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը:

Ակնյայտ է, որ այդ պայմաններում Արցախի ժողովուրդն այլ ընտրութիւն չունէր, քան` ինքնապաշտպանութեան դիմելը:

1992-1994 թուականների ծանր պատերազմը, դրա հետեւանքները եւ այնուհետեւ ծաւալուած բանակցութիւնները Ազրպէյճանի համար որեւէ դաս չեղան: Անցած տարուայ ապրիլին Ազրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմն ապացուցեց, որ Ազրպէյճանը շարունակում է հետապնդել Արցախի ժողովրդին բնաջնջելու իր նպատակը:

2016 թուականին ծաւալուած ռազմական գործողութիւնների ընթացքում Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կատարել են պատերազմի մի շարք յանցագործութիւններ` քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիների հանդէպ: Այստեղ չեմ կարող չնշել, որ նման վայրագութիւն կատարած մի զինծառայող արժանացաւ պետական բարձր պարգեւի: Այդ պարգեւը նրան տեսախցիկների առջեւ յանձնեց անձամբ Ազրպէյճանի նախագահը:

Յարգելի՛ պարոն նախագահ,

Արդէն տարիներ շարունակ հայատեացութիւնը Ազրպէյճանում դարձել է պետական քաղաքականութեան հիմնարար եւ բաղկացուցիչ մաս: Այն խորապէս արմատաւորուել է դպրոցական դասագրքերում եւ թունաւորում է այդ երկրի երիտասարդ սերնդի մտածողութիւնը: Արդէն տարիներ շարունակ այդ մասին ահազանգում են ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան հարցերով զբաղուող մի շարք մասնագիտական միջկառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ:

Այս ամէնը մեզ բերում է այն համոզման, որ Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը կենսական նշանակութիւն ունի: Այս հարցում ես արտայայտում եմ ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ողջ աշխարհի հայութեան միասնական տեսակէտը: Այս ուղերձը ես բերում եմ Երեւանից, որտեղ այս օրերին կայանում է  Հայաստան-սփիւռք համաժողովը:

Բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ այժմ Ազրպէյճանը ժողովրդավարական ուղիով զարգացող Արցախի համար պարզապէս միջնադարեան յետամնացութեան խորհրդանիշ է:

Ազրպէյճանը չունի իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք` Արցախի հանդէպ յաւակնութիւն ներկայացնելու համար: Արցախը երբեք անկախ Ազրպէյճանի մաս չի կազմել, ուստի արդար չեն այդ պետական շրջանակին Արցախը բռնակցելու ձգտումները:

Յարգելի՛ տիկնայք եւ պարոնայք,

Ազատ Արցախն այսօր կայացած ժողովրդավարական հասարակութիւն է: Մեր ընդհանուր կարգախօսը եւ յանձնառութիւնը` «Ոչ ոք պէտք չէ անտեսուի», պէտք է դառնայ Միաւորուած ազգերի այս ընտանիքի գործունէութեան անկիւնաքարը: Հէնց այդ պատճառով էլ, վստահ եմ, Արցախի ժողովուրդը երբեք չի մեկուսացուի կայուն զարգացման նպատակների իրականացումից:

Խորապէս համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան չլուծուած լինելն Արցախի բնակչութեան իրաւունքների վրայ որեւէ ազդեցութիւն պէտք չէ ունենայ: Խօսքս առաջին հերթին իւրաքանչիւր մարդ էակի համար անօտարելի իրաւունքի մասին է: Խօսքս  կեանքի իրաւունքի մասին է, հանրային կեանքը կազմակերպելու իրաւունքի մասին է, սեփական իշխանութիւնը ազատ ձեւաւորելու իրաւունքի մասին է, արտաքին աշխարհի հետ ազատ հաղորդակցուելու եւ բազմաթիւ այլ իրաւունքների մասին է:

Հայաստանը հետեւողականօրէն նպաստել եւ նպաստելու է Արցախի ժողովրդի կեանքի բարելաւմանը, նրա կայուն եւ ժողովրդավարական զարգացմանը: Ոչ ոք իրաւունք չունի խոչընդոտելու նշուած ուղղութիւններով իրականացուող նախաձեռնութիւններն ու ծրագրերը: Արցախի իրաւական կարգավիճակը, իսկ աւելի ստոյգ` միջազգային իրաւական ճանաչման բացակայութիւնը խոչընդոտ չէ այնտեղ ապրող կանանց եւ տղամարդկանց իրաւունքների իրացման համար:

Մենք համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի: Այժմ այս բարձր ամպիոնից ես վերահաստատում եմ մեր յանձնառութիւնն այդ առումով:

Միեւնոյն ժամանակ բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը մարդու իրաւունքների խնդիր է: Այն կարող է լուծուել միայն մարդու հիմնարար եւ անօտարելի իրաւունքներից մէկի` ժողովրդի ազատ ինքնորոշման միջոցով:

Կարգաւորման ի՛նչ տարբերակի էլ յանգենք, միեւնոյն է, Արցախի Հանրապետութիւնը չի կարող ունենալ աւելի ցածր կարգավիճակ եւ վայելել աւելի քիչ ազատութիւն, քան այսօր ունի: Ազրպէյճանը պէտք է ճանաչի եւ յարգի Արցախի ժողովրդի կողմից իր ապագան ազատ կամարտայայտութեամբ որոշելու իրաւունքը, իսկ արցախահայութեան անվտանգութիւնը պէտք է երաշխաւորուած լինի բոլոր հնարաւոր միջազգային եւ ներքին մեքանիզմներով:

Մնացած բոլոր հարցերն ածանցեալ են: Մնացած բոլոր հարցերը կը գտնեն իրենց տրամաբանական եւ արդար լուծումը` խնդրի կարգաւորմանը զուգահեռ:

Յարգելի՛ պարոն նախագահ,

Վերջին անգամ այս նոյն բարձր ամպիոնից խօսելիս` անդրադարձայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ պարտքս համարեցի մէկ առ մէկ երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր այն երկրներին, որոնք ճանաչել էին իմ ժողովրդի դէմ Օսմանեան կայսրութիւնում կատարուած այդ հրէշաւոր ոճիրը:

Պատուոյ ու պատասխանատուութեան այս բարձր ամպիոնից պարտքս եմ համարում երախտագիտութիւն յայտնելու այն երկրներին, որոնք ճանաչեցին կամ վերահաստատեցին իրենց դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Շնորհակալութիւն` անկախ այդ ճանաչման ձեւաչափից եւ օգտագործուած ձեւակերպումներից:

Շնորհակալութիւն` շա՜տ ու շա՛տ երկրների բոլոր այն գործիչներին, պետական մարմիններին, տարածքային միաւորներին կամ կազմակերպութիւններին, որոնք ի լուր աշխարհի իրենց անունով են իրերը կոչում: Դա իսկապէս կարեւոր է, քանի որ ուրացումը ճանապարհ է հարթում ցեղասպանութեան նոր ոճիրների համար:

Այս կապակցութեամբ պէտք է յիշենք, որ յաջորդ տարի Միաւորուած ազգերի ընտանիքը նշելու է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին հռչակագրի 70-ամեակը: Հայաստանն այդ առիթով հանդէս է գալու նոր նախաձեռնութեամբ, եւ մենք բոլորին հրաւիրում ենք մեզ միանալ եւ պաշտպանել այդ նախաձեռնութիւնը:

Այսուհանդերձ, մենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն. հէնց Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ 2009 թուականի հոկտեմբերին կնքուեցին Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները:

Այդ փաստաթղթերն առ այսօր չեն վաւերացուել եւ հանգրուանել են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներում: Թուրքիայի կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ է առաջ քաշում դրանք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխում արձանագրութիւնների տառից եւ ոգուց: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ` այս բարձր ամպիոնից:

Այժմ եկել է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալւում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում` առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար:

Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուեց, սին արձանագրութիւնների:

Հայաստանը, այնուամենայնիւ, շարունակում է համոզուած լինել, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ` իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ դրանց լուծումները գտնելու նպատակով:

Մենք հէնց այս հաւատամքով ենք առաջնորդւում ամենատարբեր համարկման գործընթացներում մեր մասնակցութիւնն իրականացնելիս: Հայաստանն այսօր Եւրասիական տնտեսական միութեան գործօն անդամ է եւ իր շահագրգիռ մասնակցութեամբ փորձում է նպաստել տնտեսական խոշոր այդ տարածքում ապրանքների ու ծառայութիւնների անարգել տեղաշարժի ճանապարհով մարդկանց համար աւելի շատ բարիք ստեղծելու ջանքերի խթանմանը: Դրական արդիւնքներ արդէն իսկ ունենք, ինչն ապագայի լաւ յոյսեր է ներշնչում: Մենք նաեւ ծրագրում ենք նոյեմբեր ամսին Եւրոմիութեան հետ ստորագրել համաձայնագիր` համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին, որը, մեր համոզմամբ, կ՛օգնի մեզ նոր թափ հաղորդել Հայաստանում իրականացուող հաստատութենական բարեփոխումներին:

Յարգելի՛ տիկնայք եւ պարոնայք,

Ցաւօք, շարունակում է լուրջ մարտահրաւէր մնալ Մերձաւոր Արեւելքում առկայ անկայունութիւնը:

Մենք մեծ ցաւով ենք հետեւում Սիրիայի ճգնաժամին եւ մարդասիրական իրավիճակին, որից տուժում է քաղաքացիական բնակչութիւնը, այդ թւում նաեւ` այդ երկրի հայ համայնքը: Հայաստանն իր հնարաւորութիւնների սահմաններում ձգտում է դոյզն-ինչ մեղմել Սիրիայի ժողովրդի տառապանքները` տրամադրելով մարդասիրական օգնութիւն: Մենք նաեւ պատրաստակամ ենք մասնակցելու Սիրիայում ՄԱԿ-ի հովանու եւ համապատասխան մանտաթի ներքոյ խաղաղարար ջանքեր ձեռնարկելու շուրջ հնարաւոր քննարկմանը:

Յարգելի՛ պարոն նախագահ,

Կասկած չունեմ, որ Միաւորուած ազգերի մեր ընտանիքը կարող է ապահովել համագործակցութեան այն նոր որակը, որը թոյլ կը տայ դիմագրաւել ժամանակակից համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրները: Հէնց այդ նպատակով է, որ Հայաստանը մասնակցում է ՄԱԿ-ի մի շարք խաղաղապահ գործողութիւնների: Աւելի՛ն. մենք պատրաստակամ ենք աւելացնելու Լիբանանում` ԵՈՒՆԻՖԻԼ եւ Մալիում` ՄԻՆՈՒՍՄԱ առաքելութիւններում մեր մասնակցութիւնը:

Հայաստանը լինելով բարդ տարածաշրջանում տեղակայուած, դէպի ծով ելք չունեցող երկիր, ունենալով սակաւ բնական պաշարներ` շարունակաբար յայտարարել է, որ իր ամենաարժէքաւոր պաշարը մարդն է: Յիրաւի, ոչ միայն Հայաստանում, այլեւ Միաւորուած ազգերի մեր ամբողջ ընտանիքում ամէն ինչի կենտրոնում պէտք է պահել մարդուն, պէտք է ձգտել խաղաղութեան եւ արժանապատիւ կեանքի բոլորի համար` կայուն մոլորակի վրայ:

ՄԱԿ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻ
19 սեպտեմբեր 2017

Աշխարհացրիւ հայութեան մէջ հասարակաց յատկանիշներով հայ մարդ կազմաւորելու անհրաժեշտութեան մասին

$
0
0

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ելոյթը ՀայաստանՍփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովում

Վերջին տարիներուն երկար խօսուեցաւ արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգներուն մասին: Այդ խնդիրով կազմակերպուեցան լեզուի փրկարար աշխատանքներ քիչ մը ամէն տեղ: Անշուշտ այդ աշխատանքները կու տան իրենց տարողութեան համապատասխանող արդիւնքը, որ սփիւռքեան պայմաններու բերումով հայերէնի տկարացման ընթացքը շրջելու տեսանկիւնէն ամէն պարագայի չի կրնար վճռական դեր խաղալ. լաւագոյն պարագային տեղի կ’ունենայ արեւմտահայերէնի մէկէ աւելի տարբերակներու կազմաւորումը: Օտարութեան մէջ լեզուն պահելու համար պետական պատկառելի նեցուկ պէտք է, ինչ որ երբեք զգալի դառնալու չափ գոյութիւն չէ ունեցած հայերէնի պարագային: Կասկածէ վեր է, ի հարկ է, որ կատարուող աշխատանքները հայրենանուէր գործեր են. հետեւաբար անոնք արժանի են գոնէ բարոյական քաջալերանքի:

Լեզուի հարցը հայութեան դիմագրաւած խնդիրներէն մէկն է միայն: Հայութեան աշխարհագրական տարածումը ընդհանրապէս կը ստեղծէ հարցեր, որոնք ժամանակի ընթացքին ո՛չ միայն կը տկարացնեն հայութեան մասնիկներու միջեւ կապը, ո՛չ միայն կը բարդացնեն հայկական ինքնութեան սահմանումը, այլ անհետացնելու աստիճան կը տժգունեն ազգային հիմնական հարցերու վերաբերմամբ հասարակաց մտածողութիւնը: Այսպիսի կացութիւն ժամանակի թաւալումով ա՛լ աւելի հաւանական կը դարձնէ ներհայկական անհամաձայնութիւններու բազմացումն ու խորացումը. այդպիսի անհամաձայնութիւններ արդէն պատմական պատճառներով տիրական եղած են հայութեան կեանքէն ներս քսաներորդ դարու ընթացքին: Տաճկահայը, ռուսահայն ու պարսկահայը ստացան արեւմտահայու եւ արեւելահայու աւելի պարզ անուանակոչումը, յանգելու համար ներկայի՝ հիմնականին մէջ ցեղասպանութեան ու տարագրութեան արդիւնք հայութեան աշխարհագրականի կողքին, նաեւ՝ գաղափարական ու մշակութային կոտորակման:

Այսպէս հայութեան իւրաքանչիւր հատուած ու անհատ իր կազմաւորման ընթացքին ենթարկուած ըլլալով տարաբնոյթ ազդեցութիւններու բնականաբար ունի տարբեր մտածելակերպ, տարբեր աշխարհահայեացք, տարբեր հիմնական հետաքրքրութիւններ, հարցերը քննելու տարբեր մօտեցումներ: Առաջին հերթին կարելի է սքանչանալ հայութեան պայմաններէն բխող այս բազմազանութեան համար: Ասիկա այդպէս է. իր այս վիճակին մէջ հայութիւնը ունի բազմամշակութային կարողականութիւն մը, որ իրեն կրնայ ընծայել աշխարհի որեւէ մէկ տեղ ազդու կերպով գործելու կարելիութիւններ: Այսօր արդէն տեղ-տեղ տեսանելի են այդ առաւելութիւնները. արեւմտեան աշխարհի մշակութային կեանքին մէջ, համբաւաւոր համալսարանական ու գիտահետազօտական կեդրոններէ ներս, Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութեան ընդմէջէն: Այդ աշխարհատարած փորձառութիւնը բնական ձեւով եւ առանց մեծ ճիգի անմիջականօրէն կը փոխանցուի հայրենիքին ու հայրենի գործիչներուն:

Ասիկա սակայն մետալի մէկ երեսն է միայն: Նոյն այդ առաւելութիւններուն ծնունդ տուող պատճառները, այլ կարեւոր մարզի մը մէջ, ծնունդ կու տան հիմնական անպատեհութեան մը, որ կործանիչ դեր կրնայ խաղալ: Նոյնատեսակ մտածելակերպի չգոյութիւնը լուրջ խոչընդոտ է հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու շուրջ դիւրութեամբ համազգային առումով միացեալ եզրակացութիւններու յանգելու տեսանկիւնէն: Ահա այս նպատակին պէտք է ծառայէ համահայկական նպատակներու իրականացման ձգտող կրթութիւնն ու մշակոյթը: Այսինքն՝ աշխարհացրիւ հայկական բեկորներու ազգային հիմնական հարցերու շուրջ կարելի եղածին չափ կատարեալ զուգամտութեան (convergence) հասնելու նպատակին: Խօսքը կը վերաբերի համաշխարհային մասշտապի վրայ հասարակաց յատկանիշներով հայ մարդիկ կազմաւորելու միջոցներուն մասին մատածելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք ծաւալելու: ”Երա՜զ”, կարելի է մտածել. բայց սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ամէն լուրջ ձեռքբերում գրեթէ միշտ սկզբնական հանգրուանին անիրականանալի թուող երազի մը վրայ հիմնուած է:

Այս տեսակի արդիւնքի հասնելու համար Հայաստանի եւ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի զանազան համայմքներու միջեւ հաղորդակցական կապերը ամուր պէտք է ըլլան: Իւրաքանչիւր հայ ինքզինք պէտք է զգայ համահայկական հաղորդակցութեան ցանցի մը անդամը, որպէսզի ժամանակի ընթացքին հաւաքական կեանքի որոշ գլուխներու շուրջ զարգանան հասարակաց մտածելակերպ ու մտածողութիւն: Պէտք է քաջալերել յատկապէս արտասահմանի մէջ նորահաս սերունդներու հայրենիք յաճախակի այցելութիւնը: Հարկաւ այդ հաղորդակցութիւնը ինչքան ինքնակամ ըլլայ, արդիւնքը նոյնքան դիւրաւ կը ստացուի: Հայրենիքի հետ կապը մանաւանդ զգացականներու կողքին պէտք է ունենայ նաեւ առարկայական պատճառներ: Ատիկա կրնայ պատահիլ, եթէ երկիրը ունենայ որոշ գրաւչութիւն այդ սերունդներուն համար: Ան պէտք է ըլլայ յաջող երկիր: Միջազգային բեմի վրայ պէտք է ունենայ մրցունակ մշակոյթ եւ գիտութիւն: Այդտեղ ալ հասնելու նախապայմանը անխուսափելիօրէն առողջ հասարակական տնտեսութիւնն է, ինչի համար հարկ է անխնայ հալածել բոլոր յոռի երեւոյթները:

*****
Հայերէն լեզուին առնչուող նախաբանով մը սկսայ, որովհետեւ համահայկական մտածողութիւն յառաջացնելու ամենէն կարեւոր միջոցներէն մէկը հայութեան մասնիկներուն միջեւ յաճախակի ու անխափան հաղորդակցութիւնն է: Իսկ մարդկային հաղորդակցութեան ամենէն հիմնական միջոցը լեզուն է. մեր պարագային՝ հայերէնը: Լեզուն ազգային միութեան կարեւոր հիմնաքարերէն է. միաժամանակ՝ այդ միութիւնը ամրապնդող ազդակ. հասարակաց մշակոյթի յառաջացման, հասարակաց անցեալ վերյիշելու եւ հասարակաց ապագայ կերտելու ատակ լեզուամտածողութեան յառաջացման կարեւոր գործիք է: Ճիշդ է, որ ինքզինք հայ զգալու կամ հայ ըլլալու համար մեր օրերուն հայերէնի գիտութիւնը պայման չէ, բայց եւ այնպէս հայկական խնդիրներուն խորապէս իրազեկ ըլլալու լաւագոյն միջոցը հայերէնի տիրապետումն է: Վերջիվերջոյ հայկական խնդիրներուն վերաբերող եւ հայերէնով դրսեւորուած գրաւոր ու բանաւաոր արտայայտութեան ջնջին համեմատութիւն մը միայն օտար լեզուներու կը թարգմանուի: Հետեւաբար հարկ է զգալիօրէն տարածել հայերէնի ուսուցումը՝ զարգացնելով համապատասխան միջոցներ: Սփիւռքահայ դպրոցը, անշուշտ, կը պահէ այս մարզէն ներս իր առաջնահերթ դերակատարութիւնը. սակայն պէտք է համոզուինք, որ դպրոցը առանձին անբաւարար է հասնելու համար բոլորին: Սփիւռքահայ աշակերտութեան ջնջին մէկ համեմատութիւնը միայն կրնայ հայկական դպրոց յաճախել: Թիւրիմացութիւն չստեղծելու համար ըսենք, թէ ասիկա ի զօրու է սփիւռքի ամենէն որակաւոր դպրոցներուն համար եւս: Հայութեան աշխարհագրական սփռումը շատերու համար հայկական վարժարանը անմատչելի կը դարձնէ: Հետեւաբար լեզուի ուսուցման եւ ընդհանրապէս հայագիտական կրթութեան համար այլ՝ տարբեր ձեւեր պէտք է ի գործ դնել: Անոնցմէ ոմանք սկսած են գործել, սակայն ցայսօր ոչ այնքան արդիւնաւէտ ձեւով: Սփիւռքի նախարարութեան ամառնային արագացուած հայերէնի դասընթացքները, սփիւռքի մէջ լաւ կազմակերպուած (օրինակ՝ Աւստրալիա) շաբաթօրեայ վարժարանները, համացանցի միջոցով կազմակերպուող դասընթացքները, երեխաներու համար հայերէնի եւ այլ հայագիտական նիւթերու ուսուցման համար համակարգչային խաղերը պէտք է բազմացնել՝ բարձրացնելով միաժամանակ անոնց որակը: Ինքնին հասկնալի է, որ լեզուի մատուցման ձեւերու գրաւչութիւնը պէտք է նոյնպէս բարձրացնել: Պէտք է, օրինակի համար, վերացնել լեզուի ուսուցման համար գոյութիւն ունեցող արուեստական դժուարութիւնները: Բանաւոր հայերէնի տարբերութիւնները անհատներու հաղորդակցութեամբ ժամանակի ընթացքին կը հարթուին: Սակայն ուղղագրութեան միօրինականացումը հարկ է կարգաւորել պետական որոշումով՝ փորձելով մեղմել դար մը առաջ միակողմանի կերպով առնուած որոշումներու պատճառած արուեստական դժուարութիւններն ու անոնց յառաջացուցած կիրքը: Իսկ, գոնէ նոր բառերու սահմանումին համահայկական բնոյթ տալու նպատակով, Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը պէտք է հարստացնել արեւմտահայերէնի մասնագէտներով. հաւանաբար ասիկա ամենէն պարզ ու անմիջական քայլն է, որպէսզի հայոց գրական լեզուն ժանանակի ընթացքին կրկին դառնայ մէկ:

Անկախ այն իրողութենէն, որ հայերէնը ինքնին բացարձակ մշակութային արժէք է, անոր գործնական հաղորդակցական արժէքը պէտք է շեշտել, իբրեւ հայերու միջեւ հաղորդակցութեան ընդհանրական միջոց: Ոչինչ կ’արգիլէ անշուշտ, որ հայերէնի պարագայական բացակայութեան վիճակներու մէջ հաղորդակցութիւնը ըլլայ օտարալեզու՝ անշեղօրէն հետապնդելով սակայն միասնական մտածողութեան հասնելու նպատակը:

Հասարակաց մտածողութիւն զարգացնելու լաւագոյն վայրը, անշուշտ, հայրենիքն է՝ ամբողջական հայութեան ամենէն հարազատ ժամադրավայրը: Հայութեան պարագային հողի միութիւնը դժբախտաբար խախտած է: Հետեւաբար աւելիով պէտք է գործի լծել այլ միջոցներ. հայրենիք այցելութիւններու կողքին՝ հայոց քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային պատմութեան խորքային ուսուցում, արդի եւ պատմական Հայաստանի աշխարհագրութիւն եւ յարակից նիւթեր կը նպաստեն ազգային գիտակցական հասարակաց մտածելակերպի գոյառման: Միաժամանակ պէտք է հետեւողականօրէն վանել բոլոր այն գաղափարները, որոնք կը շեշտեն զանազան մարզերէ ներս հայութեան բաժանումը: Պէտք է տեւապէս շեշտել հայրենահայութեան եւ սփիւռքահայութեան մէկութեան գաղափարը չէզոքացնելու համար հայութիւնը պառակտելու ատակ գիտակից կամ անգիտակից կերպով ստեղծուող որեւէ մթնոլորտ: Հայութեան շարքերուն մէջ ուրիշներու կողմէ պառակտումի կացութիւններ ստեղծելու ճիգը միշտ գոյութիւն ունեցած է. երբեմն ալ՝ դժբախտաբար յաջողած: Այդպիսի փորձութիւններու դէմ հայութիւնը պաշտպանելի պէտք է ըլլայ: Դիմադրելու լաւագոյն միջոցը ազգային գաղափարական միութեան զարգացումն է, հարկաւ հեռու մնալով անհարկի չափազանցութիւններէ:

Ինչպէ՞ս պէտք է աշխատիլ կարելի եղածին չափ մեծաթիւ հասարակաց յատկանիշներ ունեցող անհատներու եւ խմբաւորումներու ամբողջութիւն մը կազմել կարենալու համար: Այսպիսի վիճակի կը ձգտին վերջիվերջոյ բոլոր պետութիւնները: Մեզի բաղդատած անոնց տարբերութիւնը այն է, որ անոնք կը գործեն բացառաբար իրենց ճշդուած աշխարհագրական սահմաններէն ներս:

Կարիքը կայ համահայկական կրթական ու քարոզչական դրութեան մը ստեղծումին: Հոն հասնելէ առաջ սակայն անհրաժեշտ է կազմել հայերէնագիտութեան, հայրենագիտութեան եւ հայոց պատմութեան համահայկական նուազագոյն կրթական ծրագիր մը, որ ծառայէ հասարակաց մտածողութիւն ստեղծելու վերոնշեալ նպատակի իրականացման: Տեսականօրէն դիւրին գործ է: Գործնական դժուարութիւնները նախատեսելի են, որովհետեւ ըլլա՛յ անցեալէն եկող նախապաշարումներ, ըլլա՛յ անպայման նորարարութեան երբեմն ոչ արդարանալի պաշտամունքը դուռերը լայն կը բանան անհամաձայնութիւններու առջեւ:

Սակայն փոքր ժողովուրդները, իսկ մենք փոքր ենք՝ հակառակ յաճախ արտասանուող բանաստեղծանման ճառերու յոխորտանքներուն, պարտաւոր են աշխարհին խօսիլ մէկ ձայնով: Այդ իսկ պատճառով այս կամ նման ծրագրի մը յաջողութիւնը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:

Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live