Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

«Պսակ» Ժողովածուն

$
0
0

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Իր «Կեանքի ուղիներով» շարքի երկրորդ հատորին մէջ(1) Սիմոն Վրացեան, այլ բաներու կարգին, կը նկարագրէ «Պսակ» ժողովածուի հրատարակութիւնը:

1910-ի սկիզբները Փեթերսպուրկի դաշնակցական ուսանողութիւնը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին կը կազմակերպէ գաղտնի սգահանդէս մը` նախագահութեամբ Խաչիկ Կարճիկեանի: Սգահանդէսի աւարտին կը յղացուի գաղափարը` Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին ժողովածու մը հրատարակելու: Կ’ընտրուի խմբագրական մարմին մը, որ կը բաղկանայ հինգ անդամէ` Խաչիկ Կարճիկեան, Համբարձում Տէրտէրեան, Միշա Արզումանեան, Հայկ Թորոսեան եւ Սիմոն Վրացեան: Ժողովածուն պիտի կոչուէր «Պսակ»(2): «Խմբագրական մարմինի պարտականութիւնը պիտի լինէր հաւաքել եւ խմբագրել նիւթերը, ապահովել ծախսը եւ հոգալ ժողովածուի տպագրութեան բոլոր կարիքները»(3):Կարճիկեանն ու Արզումանեանը պիտի զբաղէին դրամ հաւաքելու գործով. Տէրտէրեանն ու Վրացեանը` յօդուած հաւաքելով:

Մեծ թիւով մտաւորականներ կ’ընդառաջեն խմբագրական մարմինի յօդուածագրութեան առաջարկին: Այսպէս, Աւետիս Ահարոնեան Պաքուի բանտէն կ’ուղարկէ երկու գրութիւն, Ռուբէն Զարդարեան`Պոլիսէն` գրական կտոր մը, Վահան Փափազեան` ուսումնասիրութիւն մը Թուրքիոյ ազգային եւ քաղաքական կազմի մասին, եւ ուրիշներ, որոնց գրութիւնները կը ներկայացնենք այս յօդուածով:

Խաչիկ Կարճիկեան եւ Միշա Արզումանեան չեն յաջողիր ապահովել ժողովածուին տպագրական ծախսերը` համալսարանական քննութիւններու եւ այլ զբաղումներու պատճառով: Ամբողջ աշխատանքը գործնականօրէն կը մնայ Սիմոն Վրացեանի վրայ(4): Կարելի է հաստատել, որ «Պսակ» ժողովածուի գլխաւոր խմբագիրը փաստօրէն Սիմոն Վրացեանն է: Իրեն օժանդակած է Համբարձում Տէրտէրեանը:

1910 մայիսի կէսերուն Ս. Վրացեան կը ստիպուի հեռանալ Փեթերսպուրկէն` «ոստիկանութեան ճանկը չընկնելու համար»: Ան իրեն հետ կ’առնէ ժողովածուի նիւթերը եւ իր դասընկերոջ` Միշա Արզումանեանին հետ կը մեկնի Մոսկուա:

Երկուքով կ’երթան Ե. Աւետիքեանի «Էլեքտրաշարժ» տպարանը: Տպարանատէրը հաշուելէ ետք ժողովածուի թերթերը, կու տայ գին մը, որ` «մեր կարողութիւնից վեր գումար էր»: Սակարկութիւնը երկար չի տեւեր սակայն: «Աւետիքեանը յանձն առաւ տպագրութեան սկսել փոքրիկ կանխավճարով: Մնացեալ գումարը պիտի վճարէինք ժողովածուի լոյս տեսնելուց յետոյ»(5):

Ժողովածուին տպագրութիւնը իր վախճանին չհասած, Սիմոն Վրացեան լուր կը ստանայ անմիջապէս հեռանալ Մոսկուայէն` ցարական կառավարութեան խստութիւններուն պատճառով: «Առանց սրբագրութիւնները լրացնելու, հաւաքեցի`  ինչ որ ունէի եւ ճանապարհ ընկայ ուղիղ դէպի Ռոստով-Նախիջեւան` մի քանի օր ծնողներիս հետ անցընելու համար եւ այնտեղ որոշելու անելիքս»(6): Հազիւ մէկ օր կը մնայ իր ծնողներուն հետ, երբ կը ստիպուի երթալ Խրիմ, ուրկէ` Պաթում, ապա`Պոլիս եւ վերջապէս` Կարին: Ժողովածուի վերջին մասի սրբագրութիւնը կը մնայ Միշա Արզումանեանին վրայ:

Կարին գտնուած ժամանակամիջոցին Սիմոն Վրացեան «Պսակ» ժողովածուի «մամուլի տակից լոյս տեսած առաջին թիւը կը ստանայ տպարանատէր Աւետիքեանի նամակին հետ միասին»(7): Տպարանատէրը կը յայտնէր, որ ժողովածուի տպագրութիւնը պատրաստ է: Տպուած է 3000 օրինակ եւ հրապարակ պիտի հանուի գրաքննիչէն արտօնութիւն ստանալէ եւ տպագրութեան ծախսը ստանալէ ետք: Գրաքննիչը` Գալուստ Կարպովիչ Չարըխեան, որ Վրացեանի յաճախած Թեմականի նախկին տեսուչն էր, եւ` «պետական խորհրդական եւ ասպետ», կ’արգիլէ ժողովածուին ցրւումը: Այդպէս է, որ Մոսկուայի ոստիկանական վարչութիւնը կը գրաւէ 2999 հատորները եւ կ’այրէ: Կը մնայ միայն մէկ օրինակ, որ, ինչպէս յայտնեցինք, Սիմոն Վրացեանին հասած էր Կարին, ուր եւ կազմել տուած էր զայն:

«Պսակ»-ի միակ օրինակը կ’ապրի ոդիսական մը եւս: «Կեանքի ուղիներով»-ը չի յիշատակեր այս պարագան: Ս. Վրացեան «Ճեմարանի թանգարանին» խորագրեալ մեքենագրուած էջի մը վրայ տեղեկութիւններ կու տայ «Պսակ» ժողովածուին մասին(8): Այս էջը կցուած է ժողովածուի վերջընթեր կողքին: Ան կը յայտնէ, որ 1914-ին, երբ պիտի վերադառնար Միացեալ Նահանգներէն, իր բոլոր գիրքերը (ներառեալ` «Պսակ»-ը) եւ գոյքերը կը թողու «Հայրենիք»-ի շէնքին մէջ: Գոյքերը, իբրեւ յիշատակ, Ամերիկայի ընկերները իրարու մէջ բաժնած են «եւ ի վերայ պատմուճանի վիճակս արկանէին»(9) կը գրէ Վրացեան իրեն յատուկ սրամտութեամբ: «Պսակ»-ն ալ, այլ գիրքերու հետ, տարած էին «գրասէրները»: «1956 սեպտեմբերին, տոքթ. Ա. Մարգարեան տուեց ինձ «Պսակ»-ը մէկ հատիկը` ամբողջ տիեզերքում»(9):

Այժմ «Պսակ»-ը կը գտնուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի թանգարանին մէջ:

***

«Պսակ» գրական-գիտական ժողովածուն, 264 էջ, ինչպէս խորագիրը կը թելադրէ, ունի երկու բաժին` գրական եւ գիտական-ուսումնասիրական: Թէեւ ժողովածուի ներքին էջին վրայ գրուած է` «Հրատարակութիւն` Պետերբուրգի մի խումբ ուսանողների», սակայն մէկ էջնոց յիշատակարանին վրայ Սիմոն Վրացեան կը յայտնէ, որ ատիկա հրատարակութիւնն է «Պետերբուրգի ՀՅԴ ուսանողութեան»:

Գրական բաժինին մէջ գրութիւններ ունին Աւետիս Ահարոնեան` «Յոգնութիւն (պարտուածներ սերիայից)», արձակ, Ոնոփրիոս Անոփեան` «Տերեւընկէցի ժամեր», բանաստեղծութիւն, Անոփեան նաեւ թարգմանած է Եան Կասպրովիչի «Իրիկնաժամի երգս» խորագրեալ երկար պոէման, Լէյլի` «***» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը. Ռուբէն Զարդարեան` «Բարձունքի փառաբանութիւն» ընդարձակ պոէման, Վ. Արեան (ըստ Սիմոն Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի)` «Մահը» խորագրեալ արձակ գրութիւնը, որ նուիրուած է Եղիշէ Թոփչեանին, Գ. Քեալաշեան ունի հետեւեալ բանաստեղծութիւնը,  «կ.շ.-ից», «Բալմոնտից» եւ «* * * ». Մ. Մասուրեան` «Ջրապտոյտը», արձակ, Սիմ. Բաբիեան` «Քո դրան առաջ», բանաստեղծութիւն, Ա. Նալբանդեան` «Աչեր» եւ  «* * * » խորագրեալ բանաստեղծութիւնները, Հր. Ֆալեան` «Ողջակէզը» բանաստեղծութիւնը, Միստիկ` «* * * » բանաստեղծութիւնը, վերջապէս` Յովս. Միրզոյեան` «Էքսելսի՛որ» բանաստեղծութիւնը, որ թարգմանուած է անգլերէնէ:

***

«Պսակ»-ի գիտական բաժինը աւելի ընդարձակ է. ընդհանրապէս ուսումնասիրութիւններ են` ազգային, ազգագրական, ընկերային եւ տնտեսական նիւթերու վրայ բաժնուած: Գալիք էջերուն մէջ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնները:

Այս բաժինի առաջին գրութեան հեղինակն է Վահ.[ան] Փափազեան, որ ուսումնասիրած է «Ազգերը Թիւրքիայում» նիւթը: Ասիկա ընկերային-քաղաքական թռուցիկ տեսութիւն է Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգերու մասին: Հեղինակը իր ուսումնասիրութեան առաջին իսկ տողէն կը հաստատէ, որ` «ազգութիւններու (իմա՛ ազգերու) հարցը Թուրքիայում սկզբից ի վեր Երիտասարդ թուրքերի ամենածանր մտահոգութեան առարկան է եղել»(10): Երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը ամէն գնով կը ձգտի խեղդել ազգայնական պայքարը. այդպէս է, որ հրապարակ նետած է «օսմանցիութեան» տարազը: Սակայն զուտ թրքական խորհրդարան ունենալու ջանքերը պատճառ եղան, որ հրահրուի ազգային հարցը: Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան գլխաւոր ազգերէն արաբները, քիւրտերը, յոյները եւ պուլկարները իրենք զիրենք օսմանցի չեն նկատեր, այլ կապուած են իրենց ազգին եւ երկրին: Կը մնան հայերը,  որ եթէ ուզեն իսկ, աշխարհագրական եւ ազգագրական անկարելիութեան պատճառով չեն կրնար անջատում ցանկալ: Անկախութեան ձգտումներու ծագման եւ զարգացման մէջ, իբրեւ ընդհանուր օրէնք, մեծ դեր կը խաղայ ազգերու միատարր ըլլալը: Երիտասարդ թուրքերը մահմետական գաղթականներ տեղաւորեցին քրիստոնեայ միատարր շրջաններու մէջ այն աստիճան, որ մէկ-երկու տարիէն անոնք կը հեղեղեն եւրոպական եւ ասիական Թուրքիոյ քրիստոնէաբնակ մասերը:

Հեղինակը կը ներկայացնէ կայսրութեան ընկերատնտեսական կացութիւնը, դասակարգերը, շահագործման եւ կեղեքումի ձեւերը: Ինչ կը վերաբերի հայ քաղքենի դասակարգին (ամիրաներէն սկսեալ), ան իր ուժը կեդրոնացուցած է պատրիարքարանին վրայ. անիկա վնասակար կը գտնէ քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութիւնը եւ կը պահանջէ, որ անոնք ձուլուին պատրիարքարանին մէջ: Այսօր կղերապահպանողական ոգին կը սաւառնի մա- նաւանդ կեդրոնական վայրերու մէջ(11): Փափազեան կը հաստատէ, որ հայերու եւ պուլկարներու ապագան կը կայանայ գաւառին մէջ, որ ուղղութիւն պիտի տայ կեդրոնին` մտաւորական-հասարակական  խնդիրներու մէջ:

Իշխող տարրը ` Իթթիհատ վէ թերաքքը, լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի փոքր ազգերու արտաքին-գաղտնի եւ ներքին-խորհրդարանական գործունէութեան` աշխատելով չէզոքացնել անոնց ազգայնական քայլերը: Արդեօք երիտասարդ թուրքերը պիտի յաջողի՞ն օսմանցիացնել քրիստոնեայ եւ մահմետական ազգերը: Վերջիններուն մէջ կան ոմանք, որոնց մէջ չափազանց զօրաւոր է ազգայնական ոգին` ազգայնամոլութեան հասնելու չափ(12): Արաբները, քիւրտերը եւ ալպանները, թէեւ քաղաքակրթական տեսակէտէ աւելի ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, սակայն անոնք միատարր են, ունին փառաւոր անցեալ: Քրիստոնեայ ազգերը կը ձգտին իրենց գոյութիւնը պահպանել քաղաքակրթական գերազանցութեամբ, ներքին ինքնավարութեամբ եւ տնտեսական նուաճումներով, իսկ մահմետականները` քաղաքական ինքնուրոյնութեան կեդրոնախոյս ձգտումներով: Երիտասարդ թուրքերը պիտի պայքարին երկու թեւի վրայ, մէկ կողմէ քաղաքակրթական, միւս կողմէ` քաղաքացիական: Բոլոր պարագաներուն, պայքարը աւելի եւ աւելի սուր կերպարանք պիտի ստանայ, բան մը, որուն նախօրեակին ենք:

Ն. Ա.13 ուսումնասիրած է «Պարսկաստան»-ը: Ան կը յայտնէ, որ Պարսկաստանի մէջ հինէն ի վեր գոյութիւն ունի չորս դասակարգ` ազնուական, հողագործ, հոգեւորական եւ առեւտրական: Երկու տեսակ ազնուականութիւն կայ ` արիւնի եւ դիպուածի: Արիւնի ազնուականները այլեւայլ ցեղերու գլխաւորներն են, իսկ դիպուածի ազնուականները անոնք են, որոնք ժամանակի ընթացքին գիւղերու եւ ագարակներու տէր դարձած են: Գիւղացին չունի իր սեփական հողը, որ կը պատկանի ազնուականին, հոգեւորականին, դրամատէրին կամ պետութեան: Գիւղացին կը ստանայ չնչին վարձատրութիւն(14):

Շատ զօրաւոր դասակարգ է պարսիկ հոգեւորականութիւնը: Ան ունի հողեր եւ կ’իշխէ ժողովուրդի սիրտին ու միտքին վրայ: Հոգեւորականը միեւնոյն ատեն Պարսկաստանի մտաւորական դասն է. դպրոցները կը գտնուին անոր հակակշիռին տակ:

Առեւտրական դասակարգը բաւական մեծ թիւ կը կազմէ եւ կեդրոնացած է քաղաքներուն մէջ: Անոր ձեռքին կը գտնուի երկրին դրամագլուխը:

Վերոյիշեալ դասակարգերու յարաբերութիւնը ենթարկուած է փոփոխութեան: Ազնուականները, կեանքի նոր պահանջներէն մեկնելով` կարիքը կը զգան հնչուն դրամի. գիւղացին աւելի կը շահագործուի. հոգեւորականին ազդեցութիւնը կը թուլնայ, իսկ առեւտրական դասին մէջ երեւան կու գան ազգային ինքնագիտակցութեան նշաններ: Դասակարգերու յարաբերութեան մէջ ծնունդ կ’առնեն միջնորդներ, իսկ առեւտրական դասակարգը հետզհետէ կը զօրանայ: Հակամարտ դասերու մրցակցութենէն կը ծնի սահմանադրու- թիւն ունենալու հարցը: Պարսկաստանի մէջ չկայ հարկերու արդար եւ համաչափ բաշխում: Իսկ հարկերը մեծաւ մասամբ գանձարան չեն մտներ:

Երկիրը հնարաւորութիւն չունի իր տնտեսական վիճակը բարելաւելու: Ներածումները աւելի շատ են, քան` արտածումները: Դրամական առումով, երկիրը կը քայքայուի եւ կ’ընթանայ դէպի սնանկութիւն:

Ելեւմտական այս թշուառ վիճակին առընթեր, վարչական նոյնքան թշուառ դրութիւն մը գոյութիւն ունի:Պարսկաստանը մինչեւ այսօր եւրոպական իմաստով չէ ճանչցած կառավարութիւն եւ վարչութիւն: Կաշառակեր են կառավարական պաշտօնեաները: Այլ երկիրներու մէջ յեղափոխութիւնները կը նպատակադրեն նորոգել հին կառավարութիւնները, մինչդեռ Պարսկաստանի մէջ ո՛չ կառավարութիւն կայ, ո՛չ օրէնք, ո՛չ գործադիր եւ ո՛չ դատական իշխանութիւն: Եփրեմի(15)  ստեղծած նոր խորհրդարանը դարձեալ կազմուած է անկարող մարդոցմէ: Կը պակսի ընդհանուր հայրենիքի եւ համապետական շահերու անկեղծ գիտակցութիւնը, որովհետեւ ամէն մարդ կը հետապնդէ իր անձնական շահերը(16):

Ն. Ա. իր ուսումնասիրութեան վերջին բաժինով կը ներկայացնէ առաջարկներ` երկրի բարելաւման համար: Այդ առաջարկներն են.

Առաջին. ստեղծել զօրաւոր իշխանութիւն, որուն հնազանդին բոլորը, եւ որ, իր կարգին, հնազանդի խորհրդարանին: Իշխանութիւնը պէտք է որ ունենայ հմայք եւ բոլորին մէջ արթնցնէ Իրանի քաղաքացիութեան գաղափարը:

Երկրորդ. Պարսկաստանի մէջ պէտք է ստեղծել զօրաւոր բանակ, որմէ պատկառին բոլոր իրանցիները, եւ որուն մաս կազմեն բոլոր իրանցիները անխտիր: Բանակը պէտք է ենթարկուի իր հրամանատարին եւ այս վերջինը` խորհրդարանին: Աւելի՛ն. բանակը իր իշխանութիւնը պէտք է հաստատէ բոլոր ցեղապետներուն վրայ:

Երրորդ. լաւ բանակ ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ դրամ: Ասիկա չի կրնար գոյանալ արտաքին փոխառութիւններով, այլ պէտք է գոյանայ ներքին միջոցներով: Պէտք է փոխել երկրին հարկային դրութիւնը եւ կազմակերպել հարկերու գանձումը: Բարեկարգումները պէտք է կատարել աստիճանական կերպով:

Չորրորդ. ապակեդրոնացնել երկրին վարչութիւնը` լայն ինքնավարման հիմքերով: Ասիկա կը նպաստէ, որ արթննան քաղաքական-վարչական քնացած կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ խթանուի անոնց կորովը: Այս ձեւով գաւառն ու քաղաքները կարելիութիւն կ’ունենան զարգանալու:

Հինգերորդ. ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգութեան պէտք է յաջորդէ ժողովրդական կրթութեան վերակազմութիւնը, այսինքն` դպրոցի աշխարհականացումը:

Վեցերորդ. ստեղծել ընտրովի դատարաններ, որոնք դուրս մնան հոգեւորականներու իրաւասութեան սահմաններէն:

(Շար. 1)

Արտատպուած «Բագին»-էն

1.- Ս. Վրացեան, «Կեանքի ուղիներով», դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ, Բ. հատոր, տպարան Մշակ, 1960, էջ 121-127:
2.- Նոյն տեղ, էջ 122:
3.- Նոյն տեղ:
4.- Նոյն տեղ, էջ 126-127:
5.- Նոյն տեղ, էջ 125:
6.- Նոյն տեղ, էջ 126:
7 Նոյն տեղ:
8.- Տեսնել «Պսակ» ժողովածուի ներսի վերջին կողքը:
9.- Նոյն տեղ:
10.- «Պսակ» գրական-գիտական ժողովածու, Մոսկուա, «Էլեքտրաշարժ» տպարան Ե. Աւետիքեանի, 1910, էջ 57:
11.- Նոյն տեղ, էջ 72:
12.- Նոյն տեղ, էջ 76:
13.- Ըստ Ս. Վրացեանի, Ն. Ա. Նիկոլ Աղբալեանն է: Տեսնել «Ճեմարանի թանգարանին», անդ:
14.- «Պսակ», անդ, էջ 78-79:
15.- Ակնարկութիւնը կ’երթայ Եփրեմ Խան Դաւթեանցին (1869-1912), որ Պարսկաստանի մէջ սահմանադրական (խորհրդարանական) կարգ հաստատեց 1909-1912:
16.- «Պսակ», անդ, էջ 87:

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայը Ինչո՞ւ Կը Շուարի

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Այս օրերուն քիչ են այն հայերը, որոնք յստակ եւ ուղղակի պատասխան կու տան ձեզի,  երբ  հարցնէք իրենց, թէ հայ ըլլալով` ո՛ր երկրին մէջ կ՛ուզէ ապրիլ. օրինակ` Հայաստա՞ն, թէ՞ արաբական երկիր մը, կամ` կտրել անցնիլ ծովը եւ հասնիլ հեռաւոր ու անծանօթ ափեր, ուր քանի մը սերունդ ետք կրնայ հիւծիլ եւ ձուլուիլ իբրեւ հայ` ի վերջոյ կորսնցնելով իր ինքնութիւնը անճանաչելիօրէն:

Բայց ինչո՞ւ համար հայ մը վարանող է այս հարցումին առջեւ եւ կը զգուշանայ պոռալէ եւ հաստատելէ, որ ես հա՛յ եմ եւ կ՛ուզեմ հայրենիքին մէջ ապրիլ եւ ամբողջ ուժերովս ու աշխատանքովս օգտակար դառնալ անոր, որպէսզի ազգը եւս օգտուի ինձմէ: Այս պարագային կրնանք ըսել, որ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայերը ընդհանրապէս վարժուած են իրենց գտնուած երկրի ժողովուրդէն ջանալ պահել իրենց հայութիւնը, երբեմն` նոյնիսկ հպարտանալով, որ ես նախ լիբանանցի եմ, ֆրանսացի կամ ամերիկացի , շատ-շատ այնտեղ սպրդեցնելով նաեւ ծագումով հայ եմ բառերը: Բայց վստահ եմ, որ ներքնապէս իրենք ալ չեն համոզուած իրենց ըսածին, բայց շրջապատին յարմարելու համար եւ իրենց կողքին բնական մթնոլորտին մէջ ապրելու սիրոյն կը կատարեն այս մէկը: Սակայն ասոր զուգահեռ, կան մեծաթիւ հայեր, որոնք հասած են բարձրագոյն դիրքերու` տեղական թէ համաշխարհային անուն շահելով, եւ ամէն առթիւ յայտարարած են իրենց հայ ըլլալը եւ միեւնոյն ատեն օգնած են Հայաստանին: Ահաւասիկ անոնք իրապէս արժանապատուութեան տէր մարդիկ են եւ իսկական հայեր, որովհետեւ չեն ուրանար իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը, այլ կը կառչին ու նեցուկ կը կանգնին իրենց ազգին ու հայրենիքին:

Հայ ծնած ոեւէ անհատ անկասկած պէտք է ըլլայ ազգասէր եւ յարգանք ու սէր ունենայ այն երկրին նկատմամբ, ուր կ՛ապրի, բայց եւ այնպէս ցաւալի է, որ  այս մէկը ոմանց մօտ բարդոյթի կը վերածուի ու շփոթ կը յառաջացնէ: Հայեր ինչպէ՞ս կ՛արտօնեն իրենք իրենց արտայայտուելու վերոյիշեալ ձեւով, ինչո՞ւ իւրաքանչիւր հայ պիտի չկարենայ բարձրաձայն գոչել անվարան եւ համարձակ, որ ինք տուեալ երկրի բնակիչ ու քաղաքացի է, հպարտութեամբ ալ երկրորդ  հայրենիքը կը նկատեմ այդ տարածքը, սակայն ինք հայ է արմատներով, ունի իր հայրենիքը, որմէ դուրս դրուած է: Ասիկա նաեւ լաւ առիթ կ՛ըլլայ բացատրելու օտարին, թէ հայը ինչո՛ւ տարածուած է աշխարհի չորս ծագերուն:

Անշուշտ այս հարցումներուն պատասխան պէտք է տայ նաեւ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը, քանի որ սփիւռքի հայը նախապէս կը կարծէր, որ անտէր է եւ նեցուկ չունի, իսկ այդ զգացումը փարատող կողմը պիտի ըլլայ հայրենի վարչակարգը, որ պիտի քաջալերէ արտասահմանի հայը, որ Հայաստանի հողը ոտք կոխելէ ետք բոլորովին տարբեր մարդ մը դառնայ, ինչպէս զինք գրկաբաց ընդունող այն մայրը եւ հայրը, որոնք տարբերութիւն չեն դներ իրենց զաւակներուն միջեւ, այլ ընդհակառա՛կը, աւելի պէտք է փարին նոր եկող հայուն` շրջապատելով զայն սիրով եւ գուրգուրանքով եւ տանելի դարձնեն անոր կեանքը, քանի որ ամէն բան լքելով դուրսը` եկած է ապրելու իր հարազատ հայրենիքին մէջ, ուր վստահութիւն, ապահովութիւն եւ պաշտպանող պէտք է ունենայ, նաեւ դիւրութիւններ` հայրենիքին մէջ նոր կեանք սկսելու: Ահա այն ատեն աշխարհի որեւէ ծայրը գտնուող հայը անվարան պիտի արտայայտէ իր սրտաբուխ այն փափաքը, որ կ՛ուզէ ապրիլ Հայաստանի մէջ, սակայն երբ կը տեսնէ, որ հայրենիքի բուն զաւակները արտագաղթի ճամբան բռնած են, միտքը կը պղտորի, եւ մտահոգութիւններ կը ծագին: Ուստի պէտք է փնտռել պատճառը, թէ ինչո՛ւ արտասահմանի հայը իր ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը տալու գծով որոշ շփոթի կը մատնուի, թէեւ սփիւռքի նախարարութեան ճիգերը երբեմն քաջալերական են, բայց ոչ ամբողջական եւ տակաւին բաւական հեռու մեր մատնանշած խայծերու աստիճանէն` սփիւռքահայերը մղելու դէպի հայրենիք խուժելու: Միւս կողմէ ալ արտագաղթը կասեցնելը իրապէս գերազանց գործ կը պահանջէ բարերար տրամադրութիւն ստեղծելու հայրենիք հաստատուիլ ուզող սփիւռքահայերուն մէջ:

Կան նաեւ անհատներ, որոնք Հայաստանի արտագաղթը պարզօրէն կ՛ուզեն նմանցնել այլ երկիրներու բնակիչներուն պարագային, երբ անոնք նոյնիսկ Ամերիկայէն կամ եւրոպական երկիրներէ տեղափոխուելով` ուրիշ երկիր մը կ՛ընտրեն բնակութիւն հաստատել հոն: Պէտք է գիտակցիլ սակայն, որ անոնց կատարածը կրնայ ըլլալ խիստ անձնական պատճառով մը կամ քմահաճոյքէ մը մղուած քայլ մը, իսկ հայուն պարագային` ընդհանրապէս աւելի բարեկեցիկ կեանք մը գտնելու փափաքով կամ քիչ անգամ այլ պատճառներով:

Ուրեմն, եթէ կ՛ուզենք ունենալ Հայաստանը իբրեւ բարգաւաճ հայրենիք, ամբողջ հայութիւնը մէկտեղուած մէկ տեսլականով, կրելով անոր անուշ թէ լեղի պայմանները եւ հետեւանքները, նախ պէտք է նուազագոյնի իջեցնել արտագաղթի հոսանքը` թիավարումը ուղղելով դէպի ներս: Հայաստանի գոյութիւնը եւ անկախութիւնը պահելը առայժմ կը կարօտի հանճարեղ մտքերու ծրագրումին, ժողովուրդը պէտք է ըլլայ միակամ, մէկ ազգ, մէկ հայրենիք` առանց խտրութեան: Հայրենասիրութիւնը թող չըլլայ միայն խօսք ու ճառ: Հայրենի եւ սփիւռքահայ իմաստուն կողմերը միատեղ ջանքերով Հայաստանը դարձնել մագնիսի պէս քաշողական կողմ` հայ մարդը առինքող, ուր ան պիտի գտնէ իր երազներու աշխարհը եւ պատրաստ ըլլայ անոր համար ապրելու ու զոհուելու:

 

Հայ Ընտանիքին Պատկանած Հայելին Յանձնուեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին

$
0
0

Երզնկայի հայ ընտանիքին պատկանած հայելին

102 տարի առաջ Թուրքիայում ապրող ալեւիներին ի պահ տրուած հայելին վերադարձաւ Հայաստան:

Գերմանիայում բնակուող ալեւի Հասան Դուինը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց մի հայելի, որը 1915թ. յայտնուել էր նրա պապի մօտ:

Ծնունդով պատմական Երզնկայից Հասանը պատմում է, որ փայտէ պատեանով հայելին իր Հասան պապին հայերի նկատմամբ իրականացուող կոտորածների ընթացքում ի պահ են տուել բռնագաղթի ենթարկուած հարեւան հայերը` յոյսով, որ գուցէ մի օր յետ վերցնեն իրենց իրերը:

Սակայն, ինչպէս յայտնի է, Երզնկայի հայութիւնը թուրքական վայրագութիւններից առաւելապէս տուժած շրջաններից է: Երզնկայի հայութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ տեղահանուել եւ գազանաբար սպաննուել է. ձերբակալուել եւ գնդակահարուել է նաեւ տեղի մտաւորականութիւնը:

Պալանճեան ընտանիքը, Երզնկայից, 1903թ. Ցեղասպանութիւնը վերապրել է միայն Շուշանիկ Պալանճեանը (աջից` առաջին աղջնակը)

1915թ. մայիսին թուրքական իշխանութիւնների հրահանգով տեղահանուեց Երզնկայի հայութիւնը, որի մեծ մասը սպաննուեց Կամախի (Քեմահ) կիրճում: Շատ քչերին յաջողուեց պատսպարուել մօտակայ լեռներում ու անտառներում:

Հասանը մանկուց իմացել է, որ իրենց տանը հայերին պատկանած իրեր են պահպանւում: Աւելի ուշ իրերը բաժանուել են ընտանիքի անդամների միջեւ, իսկ Հասանին հասել է փայտէ շրջանակով հասարակ հայելին: Հայելու փայտէ շրջանակի վրայ ձեռագործ նախշազարդեր կան: Հօր մահից յետոյ Հասանը տեղափոխուել է Գերմանիա եւ հետն է վերցրել նաեւ հայելին: Նրան միշտ հետաքրքրել է, թէ ո՛ւմ է պատկանել այդ իրը, կամ` ո՞ղջ են արդեօք հայելու տիրոջ հարազատները:

Հասանն անցեալ տարի եղել է Հայաստանում, այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ հէնց այդ ժամանակ է որոշում կայացրել հայելին յանձնել թանգարանին:

«Հայելին դրուած էր մեր տանը: Բոլոր հիւրերին մենք պատմում էինք դրա պատմութիւնը: Երբեմն ամենատարբեր ազգութեան տէր մարդիկ արտասւում էին: Սա խղճի խնդիր է, եւ ինչպէս Վիքթոր Հիւկոն է ասել, խիղճը մարդու մէջ Աստուածն է»,  պատմում է Հասան Դուինը եւ կոչ է անում իր հայրենակիցներին` երբեւէ հայերին պատկանած իրերը յանձնել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին:

Մեծ եղեռնին զոհ գնացած հայերի մասունքները Երզնկայի այն վայրում, որտեղ նախատեսւում էր թատրոն կառուցել

ՀՑԹՀ-ի գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեանն այս փաստը համարում է եզակի. «Սա աննախադէպ երեւոյթ է, քանի որ մինչ այդ թանգարանին նուիրատուութիւն կատարել են միայն Ցեղասպանութիւնը վերապրածների ժառանգները` յանձնելով իրենց ընտանիքներին պատկանած մասունքներ»:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿ

 

Էրիք Նազարեանի Համահեղինակած «Երեք Քրիստոսներ» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Թորոնթոյի Փառատօնին

$
0
0

«Երեք քրիստոսներ» ժապաւէնը, որուն բեմադրիչն է Ճան Էվնեթ, իսկ բեմագրութեան համահեղինակներն են ամերիկահայ բեմադրիչ, բեմագիր եւ լուսանկարիչ Էրիք Նազարեանն ու Էվնեթը, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի Թորոնթոյի 42-րդ շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ընթացքին:

Ժապաւէնը պատմութիւնն է տոքթ. Էլըն Սթոնին, որ կը փորձէ բուժել հոգեկան հարցերէ տառապող երեք հիւանդներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը վստահ է, որ ինք Յիսուս Քրիստոսն է: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են` Ռիչըրտ Կիր, Փիթըր Տինքլէյճ, Ուոլթըն Կոկինզ, Ճուլիանա Մարկուլիս, Պրետլի Ուիթֆըրտ եւ Ճէյն Ալեքսանտր:

Նոյն փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպեր Կէտիկեանի «Լա Վիա» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 7-17:

Նշենք, որ Հայաստան ծնած եւ Լոս Անճելըսի մէջ հասակ նետած Նազարեանը ներկայիս աշխատանք կը տանի մեծ պաստառ հասցնելու Քրիս Պոհչալեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքը:

Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ

$
0
0

Անգարացի կաթողիկէ հայու մը` Սիմոն Առաքելեանի «Անգարայի դէպքը. աքսորականի յուշերս» գիրքը կը բովանդակէ 1915-ի տարագրութիւնն ու կոտորածները վերապրած հեղինակին 122-օրեայ սարսափելի ուղեւորութեան ժամանակագրութիւնը: Գիրքը, որ առաջին անգամ հայատառ թրքերէնով հրատարակուած է 1921-ին եւ այժմ ընթերցողին կը ներկայանայ լատինատառ, ամբողջ մերկութեամբ ու ճշմարտութեամբ մէջտեղ կը դնէ Ռեժիի մէջ պաշտօնավարող Առաքելեանին ու անոր շրջապատի մարդոց հետ պատահած դէպքերը:

Ըստ Առաքելեանի պատումին, 1915-ի ամրան, մինչ կը կոտորուէին անգարացի առաքելական հայերը, կաթողիկէ հայերն ալ կը սպասէին, թէ ե՛րբ հերթը պիտի հասնի իրենց. վերջապէս անոնք ալ կը ձերբակալուին հաւաքաբար ու կը տարագրուին դէպի մահ` յարձակումներու, վատ վերաբերումի, սովի ու բնութեան վատ պայմաններու ուղեկցութեամբ:

Որպէս առաջին կայան որոշուած Տարսոնէն ետք, անոնք պիտի ուղարկուէին դէպի Տէր Զօրի անապատները, ուր ողջ մնալու հաւանականութիւն գրեթէ չկար: Առաքելեան մէկ բան կը մտածէր. ի գին ամէն ինչի փախչիլ Տէր Զօրէն: Բախտը կը ժպտի իրեն: Փրկութեան պատմութիւնը, որ կը կարդացուի մէկ շունչով, ան 1921-ին կը հրատարակէ Պոլսոյ մէջ:

Առաքելեանին յուշագրութիւնը կը բացայայտէ կաթողիկէ հայոց, որոնք, ըստ պաշտօնական պատմագրութեան, տարագրութեան ու կոտորածի ենթարկուած չեն, 1915-ի տարագրութեան պայմաններուն, գրաւեալ գոյքերուն, ինչպէս նաեւ 1917-ի Անգարայի հրդեհին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Գիրքին արժէքը այսքանով սահմանափակուած չէ սակայն. գրութիւնը ամբողջ մերկութեամբ կը պատմէ, թէ շարքային օսմանեան հայ մը այդ օրերուն ինչ կը զգար, ինչպէս կը մեկնաբանէր իրեն պատահածները, կը ներկայացնէ անոր ներքին հաշուետուութիւնը: Գրութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ աղէտի ընդմէջէն ուղղակիօրէն ու առանց միջնորդի հասանելի կը դարձնէ անհատի մը պատմութիւնը: Երկը պատրաստուած է` խմբագրութեամբ Մուրատ Ճանքարայի, որ օսմաներէն բնագիրը վերածած է ժամանակակից թրքերէնի: Խմբագիրը արաբատառ օսմաներէնը տառադարձած է նաեւ լատինատառի, ինչ որ առիթ կու տայ նաեւ բնագիրով կարդալու Առաքելեանին նուրբ օսմաներէնով գրուած նախադասութիւնները:

ՍԻՄՈՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Շատ քիչ բան յայտնի է Սիմոն Առաքելեանի մասին, որ ծնած ու մեծցած է Անգարա: 1922-էն ետք գաղթած է Ֆրանսա, որուն քաղաքացին դարձաւ 1939-ին եւ նոյն տարին ալ մեռաւ: Ռեժիի պաշտօնեայ էր: Ամուսնացած էր եւ հայր` դուստրի մը: Մօրեղբօր անունն էր Օննիկ Գասպարեան: Մայրենին շատ հաւանաբար թրքերէնն էր: Շատ լաւ գիտէր ֆրանսերէն, օսմաներէն ու հայերէն: 1918-ին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն ետք, հայերու դէմ կատարուած բռնութիւններու մասին հետաքննութեան ժամանակ ցուցմունքներ տուած է: «Էնքերէ վուքուաչ-ը իր առաջին ու միակ գործն է:

 

Յոյսին Ճախրանքը

$
0
0

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Տխրութիւնը ծանրացաւ  ամբողջ Լիբանանի տարածքին, սակայն անիկա աւելի թանձր էր Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէջ, ուր երեք տարիէ ի վեր բանակայիններուն ճակատագրակից ընտանիքները կը սպասէին իրենց զաւակներուն, եղբայրներուն, ամուսիններուն եւ հարազատներուն ճակատագիրի բացայայտումին:

Ցնցիչ ու պապանձեցուցիչ էր գոյժը, որքան ալ նախատեսելի ըլլայ: Կարծէք ոչ ոք կ’ուզէր հաւատալ այն լուրին, որուն հաւանականութեան մասին խօսուած էր բազմիցս ու զանազան առիթներով…Ինչպէ՞ս հաւատալ կամ ընդունիլ, երբ երեք տարիէ ի վեր իւրաքանչիւր հարազատ իր կողքի վրանին մէջ գիշերներ լուսցնող եւ քունը իբրեւ յիշատակ ունեցող այլ բանակայինի մը հօր, մօր կամ կնոջ ուժ կու տար, կ’ամրապնդէր զայն հաւատքով ու կ’օրօրէր երազով` կրկին զաւակը կուրծքին սեղմելու, հոտը առնելու, երեսները համբուրելու ու շունչը զգալու: Երեք տարիէ ի վեր կանգ առած էր կեանքը առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն, որոնք կ’ապրէին իրենց զաւակներուն մասին լուր մը ստանալու, տեղեկութիւն մը ունենալու յոյսով ու պայքարով: Հասաւ լուրը, փոխանցուեցաւ տեղեկութիւնը…Անսասան հաւատքով լեցուն այդ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ընդունիլ, որ իրենց զաւակները, որոնք Լիբանանի համար պայքարելու եւ նահատակուելու երդում տուած են, առեւանգուեցան նոյնինքն Լիբանանի տարածքին, սպաննուեցան ու թաղուեցան իրենց հայրենիքին հողերուն տակ…

Խորհուրդով ու պատգամով լեցուն էր այն պահը, երբ սրտադող ծնողներուն ուղղակի ու անուղղակի, ճշգրիտ բառերով կամ տողատակի նախադասութիւններով փոխանցուեցաւ, որ գտնուած են իրենց զաւակները…իբրեւ նահատակներ: Կարծէք հսկայ շէնք մը փուլ կու գար, իւրաքանչիւրին յոյսով ու սպասումով կերտուած, երեք տարուան կեանք ունեցող կառոյցի մը իւրաքանչիւր մասնիկ կը տարանջատուէր` բանակայիններուն ծնողները առնելով իր տակը, միացեալ ցաւով կանգնած շէնքին պատուհաններէն սպրդող լոյսը առյաւէտ կը մարէր, հակառակ անոր որ անոնք կը շարունակէին փորձերը` կառչելու լոյսին ու յոյսին: Սրտակեղեք հառաչանքներ, աղերսալի նայուածքներ, ամօթխած արցունքներ…Առեւանգուած բանակայինները առեւանգուած չէին այլեւս, սակայն անոնց ծնողները կը շարունակեն «առեւանգուած» մնալ` սպասելով «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքներուն, հակառակ ամէն բանի, անոնք կը շարունակեն յուսալ, հաւատալ, սպասել, որ լուրը սխալ ըլլայ, որ կրկին գէթ առիթ մը ունենան գրկելու իրենց հարազատները, նայելու անոնց բաց ու լուսաշող աչքերուն մէջ, գոռալու, որ Լիբանան տէր է իր զաւակներուն…

Ընկճող է պատկերը, հարազատներ կը փաթթուին իրարու` ցաւակցելո՞ւ, թէ՞ յոյս տալու…կարելի չէ ճշդել: Զաւակները կը գրկեն իրենց ողբացող մայրերն ու հայրերը` նահատակներուն կարօտը բաժնեկցելով, արցունքները կը փորձեն չմատնել ներքին փոթորկումները, սակայն անոնք կը հոսին առատօրէն, երեք տարուան ամբողջ տագնապի մը լաւագոյն դրսեւորումը ըլլալով:

Յոյսը, յոյսը, այո՛, երեք տարուան մեծ յոյսը…Հսկայ ամպի մը նման կը հեռանայ անիկա` ճախրելով բացերը, ուր կը սաւառնին հոգիները նուիրեալ նահատակներուն, որոնք վերերէն կը դիտեն իրենց զինակիցները, մինչ անոնք բուռն պայքար կը մղեն իրենց վախճանը մուրով  գրած անմարդկային ՏԱՀԵՇ-ին դէմ…

Տխուր է Լիբանանը ամբողջ, ծանր է մթնոլորտը, բառերը կը պակսին, ցաւը խոր է, արցունքը բոլորինն է, լուրին չհաւատալու տենչը համայնական է…

Լիբանան…կրկին սեւեր հագած ես, կրկին ու կրկին քու զաւակներուդ արեամբ խոնաւ են հողերդ, քու զաւակներդ կրկին դառնութեամբ լեցուած են քու պարտադրած ճակատագիրիդ դէմ, սակայն անոնք չեն դադրիր կրկնելէ, որ քեզի համար պատրաստ են ամէն տեսակ զոհողութեան:

Տժգոյն է շրջապատը, սակայն կը մնայ յոյսը, հսկայ ամպի մը նման, որմէ անպայման անձրեւը պիտի տեղայ կրկին, որպէսզի վերստին յոյսով լեցուին լիբանանցիները եւ շարունակեն պայքարը` յանուն օրուան հացի, յանուն աւելի բարօր երկրի, յանուն արդարութեան, յանուն մարդկային իրաւունքներու, յանուն անկախութեան ու ապահովութեան, յանուն իրենց զաւակներուն ապագային…Առաջին անգամ չէ, որ յոյսը կը ճախրի, նաեւ առաջին անգամ չէ, որ հեռանալէն ետք կրկին կը մօտենայ, կը շոյէ Լիբանանը, կը հանգչի լիբանանցիներուն ուսերուն, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց գոյերթը, լեցուին հաւատքով ու կամքով, իրենց նահատակները հողին յանձնեն հպարտութեամբ, լան հաւաքաբար, որպէսզի արցունքէն ոռոգուած դաշտերը կրկին ծիլեր արձակեն, ցաւէն ծնունդ առած քաջութիւնը կրկին յոյսի շէնքեր կառուցէ:

Նահատակներուն ծնողներուն սպասումը վերջ գտաւ, սակայն անոնց սրտի մորմոքը կը շարունակէ ցնցել, անոնց ճակատագիրը կը շարունակէ ցաւցնել իւրաքանչիւր լիբանանցի, բայց եւ այնպէս անոնց նկատմամբ յարգանքը կը միացնէ բոլորը…

 Լուսանկարները՝ »Նահար»-էն

 

 

Ակնարկ. Հպարտանքն Ու Ցաւը` Զինուորաքաղաքական Դիտարկումներու Ընդմէջէն

$
0
0

Ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը կ՛ապրին միաժամանակ հպարտանք եւ ցաւ: Լիբանանեան բանակը փայլուն կատարողականութեամբ, յաջորդական փուլերով կը մաքրազտէ Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտին ահաբեկչական տարրերէ:

Ռազմաքաղաքական հայեցակէտերէ կան քանի մը կարեւոր դիտարժան երեւոյթ-փաստեր, որոնց վրայ կ՛արժէ լուսարձակներ բանալ:

Ժապհաթ Նուսրայի եւ ապա ՏԱՀԵՇ-ի ապահոված հռչակներուն համեմատ գետնի վրայ զինուորական գործողութիւնները կը կատարուին շատ արագ: Այս իրականութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը բացատրուի լիբանանեան բանակի, Դիմադրութեան եւ միւս կողմէ սուրիական կառավարական ուժերու կողմէ լարուած աքցանային գործողութիւններու ազդեցիկութեամբ, միւս կողմէ նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու շատ արագ նահանջի, խուճապային փախուստի բազմաթիւ փաստերով:

Սանձազերծուած գործողութիւնները եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուին հատու հարուածներով, շրջափակող օղակներով, թիրախի չէզոքացման կատարեալ անխափանութեամբ, միւս կողմէ նաեւ ահաբեկիչներուն այլապէս կատարուած օժանդակութիւններու ֆինանսաւորումներու բացակայութեամբ:

Մարտերու աւարտը, ո՛չ միայն կանխորոշուածի իրականութեան համոզումով, այլ նաեւ պատերազմի կարճատեւութեան բնոյթը փոխանցող ուղերձներով համընդհանուր համոզում էր ամբողջ Լիբանանին համար. եւ ո՛չ միայն Լիբանանին:

Պատերազմական գործողութիւնները այս պարագային, ի տարբերութիւն այլ կարճատեւ պատերազմներու, նախապէս յայտարարուած էին, փուլային-շղթայական բնոյթ ունէին: Յարձակումներու սանձազերծումներու ազդանշանէն առաջ իսկ կը հրապարակուէին ռազմական գօտիները, առաջին փուլի առաջադրած նպատակը, թիրախը եւ այլն: Աշխարհին հրամցուած կայծակնային, մետասաներորդ պահու, յանկարծակիութեան գործօնի գերադասումով մղուող մարտեր չէին Արսալի, Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած մարտերը:

Տակաւի՛ն. ճշդուած գօտիներու վրայ մղուած մարտերը եթէ մէկ կողմէ վրիժառութեան մղումը ունէին ահաբեկչութեան զոհ գացած բանակայիններուն, միւս կողմէ նաեւ առեւանգուած զինուորներու վերադարձը ապահովելու հնարաւորութիւնները կը փայփայէին:

Ամբողջ սահմանագծային գօտիի մը մաքրագործումը, համեմատաբար նուազագոյն նահատակներու թիւով աւարտելու այս գործողութիւնները յամենայն դէպս լիբանանեան բանակին վարկն ու հեղինակութիւնը բարձրացուցին կրօնական ահաբեկչութենէն հարուածուած եւ տակաւին այդ սպառնալիքի վտանգին առկայութիւնը ամէն առիթի զգացող բազմաթիւ պետութիւններու եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրային կարծիքին մօտ:

Ո՛չ միայն ներլիբանանեան ամբողջականութեան ամրակայման  նպաստող փաստացի իրականութիւններ են թէ՛ լիբանանցի զինուորներուն նահատակութիւնը եւ թէ՛ լիբանանեան բանակին իրագործածը, այլ նաեւ Լիբանան երկրին դերն ու դերակատարութիւնը ճշդող կարեւորագոյն նախանիշ են նոր աշխարհակարգին մէջ:

Լիբանան-Սուրիա ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող սահմանագօտիի մաքրագործումը սակայն չ՛ենթադրեր ահաբեկչութեան արմատախլումը: Միջազգային եւ գերտէրութենական կանաչ լոյսեր, լուռ համաձայնութիւններ, դերերու բաշխումներ եւ պատերազմական գործողութիւններու ընդհանուր վերահսկողութիւնը պահպանելու նախադրեալները շատ են արձանագրուող դիպաշարերուն վրայ:

Գերագնահատում կատարուած չ՛ըլլար, եթէ արձանագրուի, որ Երկիր մոլորակին սպառնացող ստեղծուած եւ վերահսկողութենէ դուրս եկած ահաբեկչական գործիքակազմը, գետնի վրայ ամէնէն ճակատագրորոշ մաքրագործումին ենթարկուեցաւ լիբանանեան բանակին կողմէ:

Այս փաստը կրնայ համոզել, որ Լիբանան երկրին եւ անոր գոյութեան երաշխիք հանդիսացող բանակին վերապահուած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն յառաջիկային սպասուող գործընթացներուն մէջ:

«Ա.»

«Պսակ» Ժողովածուն

$
0
0

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Հ. Մուսայէլեանի ուսումնասիրութեան խորագիրն է`  «Հողային հարցը Անդրկովկասում»: Ան կը հաստատէ, որ շատ հին է Անդրկովկասի հողային հարցը եւ ներկայիս ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկն է: Հողը տնտեսութեան հիմնաքարն է, իսկ գիւղացիութիւնը` ժողովուրդի գոյութեան խարիսխը: Ճարտարարուեստականացումը եւ գիւղատնտեսութիւնը զիրար լրացնող բաներ են: Եթէ գիւղացիներու վիճակը բարելաւուի, այն ատեն կ’ապահովուի երկրին յառաջդիմութիւնը: Մեր մէջ գիւղացիութիւնը շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած է: Անդրկովկասի մէջ հողային հարցը ունի ինքնուրոյն բնոյթ մը:

Այս ուսումնասիրութիւնը, որ նախապէս գերմաներէնով իբրեւ աւարտաճառ ներկայացուած է, կը բաժնուի երկու մասի:

Առաջին մասին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Անդրկովկասի գիւղացիներու իրաւական դրութիւնը: Նախքան ռուսական տիրապետութիւնը` Անդրկովկասի հողային հարցը կը բաժնուէր վրացիներու, պարսիկներու եւ օսմանցիներու միջեւ: Ներկայիս գիւղացիութիւնը կարելի է բաժնել հինգ կարգի` պետական, ժամանակաւոր-պարտադրեալ, բէկական, սեփականատէր եւ եկեղեցական գիւղացիներ: Իւրաքանչիւրին սահմանումը կատարելէ ետք Մուսայէլեան կ’եզրակացնէ, որ Անդրկովկասի գիւղացիներու իրաւական դրութիւնը աննպաստ եւ վատառողջ ձեւակերպում ունի, եւ շատ անորոշութիւններ ու պակասութիւններ կան այս մարզին մէջ(18):

Երկրորդ բաժինին մէջ, որ հարուստ է վիճակագրական տախտակներով, կը ներկայացնէ Անդրկովկասի գիւղացիներու տնտեսական դրութիւնը: Հեղինակը կը յայտնէ, թէ Անդրկովկասի գիւղատնտեսութիւնը ունի շատ մեծ յարմարութիւններ. հարուստ է անոր բնութիւնը եւ շատ դիւրութեամբ կարելի է զարգացնել գիւղատնտեսութեան զանազան ճիւղերը, մանաւանդ որ Անդրկովկասի ճարտարարուեստը տակաւին կը գտնուի սաղմնային վիճակի մէջ:

Երրորդ եւ եզրափակիչ բաժինին մէջ հեղինակը կը հաստատէ, որ Անդրկովկասի գիւղացիութեան վիճակը, որ ներկայիս շատ անտանելի եւ վտանգաւոր դարձած է, օրէ օր կը վատթարանայ: Ասոր գլխաւոր պատճառները իրաւական ու տնտեսական են: Դժուարութիւնները հարթելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարենորոգումներ, մանաւանդ որ գիւղացիութեան վիճակը շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած է կառավարութեան կողմէ: Այդ բարենորոգումներն են` հաղորդակցութեան կանոնաւորում, ոռոգման բարելաւում, գիւղական պզտիկ վարկի համագործակցականներու հաստատում եւ գիւղատնտեսական գիտելիքներու տարածում: Եթէ վերցուին իրաւական աննպաստ պայմանները, եւ եթէ հողաբաժիններ աւելցուին եւ հողի մշակութիւնը աւելի լաւ հիմերու վրայ դրուի, հողային հարցը կրնայ կորսնցնել իր սուր բնոյթը: Պէտք է շեշտը դնել իրերօգնութեան վրայ եւ արտաքին օժանդակու- թիւններուն վրայ յոյս չդնել: «Կովկասի գիւղացիութեան մէջ գոյութիւն ունին համայնական ոգին եւ համայնական գործունէութիւնը. ընկերակցութիւններ հիմնելու պատրաստի հող կայ, միայն դրան պէտք է ձեռնարկել»(19):

***

Յաջորդ ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի Հ. Թորեանի, որ, ըստ Սիմոն Վրացեանի, ուսանող Հայկ Թորոյեանն է(20): Ուսումնասիրութեան խորագիրն է` «Անդրկովկասեան արդիւնաբերութիւնը եւ հայ բանուորական շարժումը»:

Ըստ հեղինակին, հայութեան մէջ վաճառականութեան կողքին զարգացած է քաղաքային արհեստաւորութիւնը: Ռուսական տիրապետութիւնը Հայաստանի մէկ մասին վրայ, ինչպէս նաեւ կեանքի, գոյքի ապահովութեան երաշխաւորումը այնտեղ արագացուց երկրի տնտեսական զարգացումը:

Անդրկովկասը իր բնական ու ընկերային պայմաններով արդիւնաբերութեան զարգացման համար աւելի նպաստաւոր միջավայր է, քան` ներքին Ռուսաստանը: Հակառակ այս իրողութեան` Անդրկովկասն ու Ռուսաստանը տնտեսական զարգացման մէջ նոյն աստիճանի վրայ կը գտնուին:

Այս երկար ուսումնասիրութիւնը (էջ 124-164) բաժնուած է ութ մասի.

ա.- Արտադրութեան կեդրոնացում. Ռուսաստանի նօսր արդիւնաբերութիւնը, որ կեդրոնացած է ովասիսներու խորքը, թաղուած է գիւղական անծայրածիր ազգաբնակչութեան մէջ(21): Արտադրութեան միջոցներն են` գործարանը եւ բանուորութիւնը: Ռուսաստանի մէջ 1901-1908 թուականներուն գործարաններուն թիւը պակսած է, իսկ միջին գործարանի վրայ ինկող բանուորներու թիւը արագօրէն աճած է: Ինչ կը վերաբերի Անդրկովկասի արդիւնաբերութեան, անոր կը պակսին վիճակագրական տեղեկութիւններ, իսկ եղածներն ալ թերի են ու անվստահելի:

բ.- Աշխատանքի արդիւնաւէտութիւն. Աշխատանքի արդիւնաւէտ դարձնելը կախում ունի կատարելագործուած մեքենաներ ներածելէն, բա՛ն մը, որ կը պակսի Անդրկովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ: Առանց այդ մեքենաներուն` բանուորներուն արտադրողականութիւնը շատ տկար կ’ըլլայ:

գ.- Գիւղատնտեսութիւն.  Եթէ արդիւնաբերութիւնը կը գտնուի նախնական վիճակի մէջ, ապա գիւղատնտեսութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի(22):

դ.- Դասակարգային փոխյարաբերութիւններ. Բոլոր եւրոպական երկիրներու մէջ դրամատիրութեան անցած ճանապարհը եղած է կարմիր արիւնով եւ մարդոց բազմաթիւ դիակներով: Դրամատիրութիւնը իր զարգացման համար կարիքը զգացած է դրամական մեծ գումարներու: Այս վերջինները գոյացած են առեւտրական եւ վաշխառուական գործունէութենէն, բայց գլխաւորաբար շնորհիւ այն արիւնահեղ եւ երկարատեւ կռիւներուն, զորս տարած են այդ երկիրները իրարու դէմ եւ երկրագունդի զանազան մասերուն մէջ: Մեր հայրենի կեանքը եւս զերծ չէ գործարանին մէջ աշխատող բանուորի ծայրայեղ կեղեքուելէն: Մասնաւորաբար ուշադրութեան արժանի են վերին աստիճանի հակառողջապահական պայմանները, որոնց տակ կ’ապրի բանուորութիւնը:

ե.- Բանուորական շարժման պատմութիւն. Բանուորական շարժումները տակնուվրայ ըրին աշխատանքի պայմաններու հին հասկացողութիւնները: Քանի մը տարուան մէջ անոնք վախի մէջ պահեցին դրամատիրական դասակարգերը: Այս շարժումը հետեւանք էր մտաւորական շրջանակներու գործունէութեան եւ քարոզչութեան: Հայ բանուորական շարժումը սկիզբ առած է Պաքուի մէջ. 1903-1907 թուականներուն անիկա հասաւ իր գագաթնակէտին: Հայ բանուորութիւնը, գործադուլներու միջոցով տիրացաւ իր իրաւունքներուն. այսինքն` հո՛ն, ուր ընդդիմութիւն ցոյց տուաւ: Այսպէս, աշխատավարձը բարձրացաւ 20-40 առ հարիւր, աշխատանքի ժամերը կրճատուեցան մինչեւ 9-10 ժամ, բանուորական օրէնքները սկսան հետզհետէ գործադրուիլ: Անդրկովկասի բանուորական շարժումները սկզբնական շրջանին շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, սակայն արտաքին զօրաւոր ճնշումներուն եւ ներքին յոգնածութեան պատճառով թուլցան եւ տեղի տուին` զրկելով բանուորութիւնը իր ձեռք բերած իրաւունքներու մեծ մասէն: Այսօր բանուորական կազմակերպութիւններուն մէջ կատարեալ քայքայում կը տիրէ:

զ.- Բանուորներու տնտեսական կազմակերպութիւններ. Բանուորական շարժման ընթացքը գլխաւորաբար կապուած է բանուորներու տնտեսական կազմակերպութիւններու աշխատանքին հետ: Ներկայիս արհեստակցական միութիւնը կը նկատուի դասակարգային պայքարին օժանդակող գլխաւոր գործօնը: Հայ բանուորութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը ծանօթանար արհեստակցական միութեան նպատակներուն: Այս է պատճառը, որ երբ սկսաւ հալածանքը արհեստակցական միութիւններուն դէմ, ուժեղ դիմադրութիւն չեղաւ. այդպէս է,  որ արհես- տակցական միութիւնները սկսան քայքայուիլ(23):

է.- Սոցիալիզմ. Աշխատաւորական գաղափարներով տոգորուած 90-ական թուականներու մեր լաւագոյն մտաւորականները հրապարակ իջան այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդին մեծ մասը ներքին դասակարգային անարդարութիւններէն աւելի` արտաքին ստրկական լուծէն կը տառապէր: Բնական էր, որ այս երիտասարդները ամէնէն առաջ իրենց հարազատ մորթոտուող ժողովուրդը ազատելու մասին մտածէին: Սակայն, երբ ձախողութիւններու հանդիպեցան, հայ մտաւորականները պառակտուեցան: Ռուսահայ մտաւորականները սկսան քարոզել, որ աւելորդ է զբաղիլ Տաճկահայաստանի հարցով:

ը.- Յարատեւ տագնապը.  1900-էն ի վեր Ռուսաստանը կ’ապրի յարատեւ տագնապ մը, որուն մէջ կը գտնուի ներկայիս: Արդիւնաբերութիւնը, հակառակ բոլոր ճիգերուն, կը մնայ հիւանդ: Ցաւալի վիճակի մէջ կը գտնուի մասնաւորաբար Անդրկովկասը: Քանի մը նահանգներու մէջ զգալապէս պահուած է բանուորներուն եւ գործարաններուն թիւը(24): Կ’ըսուի, թէ ասոր պատճառը բանուորական շարժումն է: Ասիկա ճիշդ չէ, որովհետեւ Ֆինլանտան, իբրեւ օրինակ, ռուսական պետութեան այդ ինքնավար մասը, արագ եւ հաստատուն քայլերով առաջ կ’երթայ. ասիկա կ’ըլլայ ընկերվարականներուն շնորհիւ, որոնք շարժման ուղղութիւն տուողներն են: Ինչո՞ւ ճահիճներու մէջ կորսուած երկիրը կը յաջողի բարգաւաճիլ, սակայն բնութեան բոլոր բարիքներով մեր երկիրը չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի ազատի ճգնաժամէն:

(Շար. 2)

 

17.- Նոյն տեղ, էջ 88-91:
18.- Նոյն տեղ, էջ 96-103:
19.- Նոյն տեղ, էջ 123:
20.- «Ճեմարանի թանգարան», անդ:
21.- «Պսակ», անդ, էջ 128:
22.- Նոյն տեղ, էջ 136:
23.- Նոյն տեղ, էջ 159-161:
24.-  Նոյն տեղ, էջ 163:

Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերու Իսլամացման Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

$
0
0

Իրողութիւն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին թրքական կառավարութիւնը նաեւ գործադրած է հայ կիներն ու երեխաները թրքացնելու եւ իսլամացնելու քաղաքականութիւն, զոր պէտք է դիտարկել Ցեղասպանութեան ծիրին մէջ ու նկատել Մեծ եղեռնի ոճրագործութեան բաղադրիչներէն մէկը, քանի որ բռնի ուժով իսլամացած հայ կիներն ու երեխաները միայն ֆիզիքապէս փրկուած են, իսկ որպէս ազգութիւն` ոչնչացուած:

Արդ, «Ակունք» կայքը հրապարակեց օսմանեան երկու փաստաթուղթեր եւ անոնց արեւմտահայերէն թարգմանութիւնները` Անգարայի մէջ գտնուող շինութեան մը մէջ հաւաքուած հայ որբերու մասին: Առաջին փաստաթուղթին մէջ ներքին գործերու նախարար Թալէաթ անյարմար կը նկատէ հայ երեխաներուն` այդ շէնքին մէջ հաւաքական կերպով մնալը եւ կը հրահանգէ, որ զանոնք ցրուեն իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ: Իսկ երկրորդ փաստաթուղթը այդ հրահանգին պատասխանն է` Անգարայի փոխնահանգապետ Աթիֆին կողմէ, որ որոշ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուող հայ կիներուն եւ երեխաներուն թիւին մասին եւ կը յայտնէ, որ հայ մանուկները իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ պիտի բաժնուին:

Լուրի աւարտին Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է սոյն փաստաթուղթերը թրքական արխիւներուն մէջ գտած, արեւմտահայերէնի թարգմանած եւ «Ակունք»-ին տրամադրած ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանին:

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴՈՒՌ
ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ
ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ապահովութեան Ընդհանուր
Տնօրէնութիւն
Անձնական: 67

Անգարայի Կուսակցութեան Փոխանորդութեան

(Ծածկագիր)

Պ. 12 օգոստոս 331 [25 օգոստոս 1915] Հայ տղաներուն պաշտօնական շէնքերուն մէջ գտնուիլը անյարմար է: Ուստի ասոնցմէ մնացածները իսլամական շրջանակներու մէջ բաժնեցէք:

17 օգոստոս 331 [30 օգոստոս 1915]

Նախարար

Թալէաթ
(ստորագրութիւն)

 

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴՈՒՌ
ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ
ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԾԱԾԿԱԳՐԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Ելքի Վայր: Անգարա

Ղրկուած թուական` 9 սեպտեմբեր 331 [22 սեպտեմբեր 1915]
Գրուած թուական` 9 սեպտեմբեր 331 [22 սեպտեմբեր 1915]

Պատասխան` 4 [17] սեպտեմբեր 331 [1915] թուակիր եւ 125 թուահամար ծածկագիր հեռագրի:

Կուսակալութեան կեդրոնէն մնացեալ` 733 հայ կին եւ երեխայ, տեղահանուած ու երեք խումբ ըլլալով` Էսքիշեհիրի ուղղութեամբ ճամբայ հանուած են:

Իսկ կը տեղեկացնենք, թէ Գալեճիք գտնուած` 257 եւ Քեսքինի մէջ գտնուած 1169 փոքր հայ երեխաները իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ պիտի բաժնուին:

9 սեպտեմբեր 331 [22 սեպտեմբեր 1915]

Կուսակալի փոխանորդ

Աթըֆ

Նոթ: Գալեճիք եւ Քեսքին` Անգարայի ենթակայ գիւղաքաղաքներ

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայկական Դպրոցներուն Վերաբերեալ Առաջարկ Ներկայացուց

$
0
0

«Ակօս» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն վերաբերեալ առաջարկ ներկայացուց:

Խօսելով Պոլսոյ 16 հայկական վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ հարցերուն մասին` Փայլան առաջարկեց, որ անոնք ղեկավարուին մէկ ընդհանուր մարմինի մը, այլ ոչ թէ առանձին հիմնարկներու կողմէ:

Փայլան նկատել տուաւ, որ վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը կու գան նաեւ կառավարման ոչ ճիշդ համակարգէն:

«Այս հարցերուն մեծ մասը կը յառաջանայ այն պատճառով, որ հայկական դպրոցներու ծրագիրներուն, ֆինանսաւորման եւ միւս հարցերը չեն համակարգուիր մէկ ընդհանուր մարմինի մը կողմէ: 2011-էն ի վեր գործող Հայկական վարժարաններու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնաժողովի տնօրէնը հրաժարական տուաւ այս հարցերուն պատճառով, այս հանգամանքը պէտք է սթափեցնէ մեզ», ըսաւ հայ պատգամաւորը:

Ներկայիս Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 13-ը անձնական են:

Հայկական վարժարաններուն մէջ կրնան ուսանիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքներու զաւակները: Վարժարան ընդունուելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել երեխային մկրտութեան փաստաթուղթը:

Հայկական վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հարցեր` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ կառավարման եւ աշակերտներու ներգրաւուածութեան հետ կապուած:

Շատ մը վարժարաններու մէջ այս տարի առաջին դասարաններ պիտի չբացուին աշակերտներ չունենալու պատճառով:

Վարժարանները կը գոյատեւեն բարերարներու յատկացուցած օժանդակութիւններուն եւ վարձավճարներուն շնորհիւ:

Ֆրունզէ Դովլաթեան (1927-1997). Հայկական Բեմարուեստի Մեծատաղանդ Վարպետը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Օգոստոս 30-ին, քսան տարի առաջ, Երեւանի մէջ մահացաւ հայ բեմի եւ շարժանկարի յառաջապահ նուիրեալներէն մեծատաղանդ բեմադրիչ Ֆրունզէ Դովլաթեան:

Հանդիսատեսին կողմէ մեծապէս սիրուած ու փնտռուած բեմադրիչ, բեմագրող եւ դերասան էր հայ բեմական արուեստի բազմաշնորհ վարպետը:

Մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը մնան Դովլաթեանի տաղանդին գեղարուեստական ուրոյն դրոշմը անմահացնող շարժանկարներն ու բեմական նուաճումները, ինչպէս` «Բարե՛ւ, ես եմ», «Սարոյեան եղբայրներ», «Երկունք», «Երեւանեան օրերի խրոնիկա», «Մենաւոր ընկուզենի», «Կարօտ» եւ միւս գործերը:

Պատգամ ունեցող եւ իր ժողովուրդին ուղին լուսաւորող արուեստագէտն էր Դովլաթեան, որ սիրոյ, յիշողութեան եւ հայրենաբաղձութեան ամբողջ յուզաշխարհ մը կը բանայ հայոց սերունդներուն առջեւ:

Ծնած է 1927-ի մայիս 26-ին, Նոր Բայազետ (Կամօ, այժմ` Գաւառ): Հայրը եւ հօրաքոյրը սիրողական ներկայացումներ բեմադրող արուեստագէտներ եղած են գաւառական թատրոնին մէջ: Մանուկ տարիքէն սէրը` դէպի թատրոնն ու բեմական արուեստը, շեշտուած էր Ֆրունզէի մօտ. թատրոնի եւ բեմական արուեստի պաշտամունքը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ եղաւ եւ կազմաւորման միջավայր եղաւ հետագայ մեծ արուեստագէտին համար:

Որքա՜ն դիպուկ է մատնանշումը շարժանկարի քննադատ Սուրէն Յասմիկեանի, որ կ’ընդգծէ, թէ             «առաջին մասնագիտութիւնը, որ շապիկի պէս կպել էր Դովլաթեանի մարմնին, դերասանն էր»:

Դովլաթեաններուն ընտանիքը 30-ականներուն տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր Ֆրունզէ ուսանեցաւ Գորկիի անուան դպրոցին մէջ` աշխուժ մասնակիցը դառնալով աշակերտական մշտապէս գործող թատերական խմբակին:

Տակաւին 15 տարեկան պատանի` ան նկարահանուեցաւ «Դաւիթ Բէկ» շարժանկարին մէջ` Մանսուր իշխանի դերով. ապա` «Անահիտ»-ի մէջ (արքայազն Վաչագան):

Ֆրունզէի երազն էր ընդունուիլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը, ինչ որ իրականացաւ 1942-ին, երբ ան միացաւ մայր թատրոնի դերասանական արուեստանոցին, որուն ղեկավարն էր Արմէն Գուլակեանը: Գուլակեանի շունչին տակ թրծուեցաւ Դովլաթեանի դերասանական տաղանդը, եւ ան նկարահանուեցաւ շարք մը ուշագրաւ շարժանկարներու մէջ, որոնց շարքին` «Ինչո՞ւ է աղմկում գետը» (1958), «Բարե՛ւ, ես եմ» (1965): Այս վերջինի մէջ իր դերակատարութեան համար Ֆրունզէ Դովլաթեան հետագային, 1967-ին, արժանացաւ ՀԽՍՀ պետական մրցանակին:

1942-1953 Ֆրունզէ Դովլաթեան գործեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան տրամաթիքական թատրոնին մէջ` իբրեւ դերասան: 1947-ին աւարտեց թատերական արուեստանոցը եւ նուիրուեցաւ դերասանութեան: 1950-ին, «Այս աստղերը մերն են» թատերախաղին գլխաւոր դերերէն մէկուն` Հրայրի դերակատարման համար երիտասարդ դերասանը, քանի մը խաղընկերներու հետ, արժանացաւ ստալինեան մրցանակի, որ անոր առջեւ բացաւ բարձրագոյն մասնագիտացման հետեւելու մեծ դուռը: Գնաց Մոսկուա եւ 1959-ին աւարտեց Մոսկուայի Կինոինստիտուտի (ՎԳԻԿ) բեմադրական բաժանմունքը` աշակերտելով Սերգէյ Կերասիմովին: Այդ շրջանին մասնակցեցաւ քանի մը վաւերագրական բարձրարժէք ժապաւէններու նկարահանման: Մոսկուայի մէջ իր նկարահանած «Մեր քաղաքի առաւօտը» շարժանկարը Վիեննայի փառատօնին արժանացաւ առաջին մրցանակի:

1959-1964 Ֆրունզէ Դովլաթեան աշխատեցաւ Մոսկուայի Գորկիի անուան կինոսթիւտիային մէջ, ուր համաբեմադրութեամբ կեանքի կոչեց` «Ո՞վ է մեղաւոր» (1958), «Մեր քաղաքի առաւօտը» (1959), «Տիմա Կորինի քարիերան» (1961) եւ «Առաւօտեան գնացքներ» (1963) շարժանկարները: 1962-1964 Դովլաթեան եղաւ խորհրդային մեծազդեցիկ «Մոսֆիլմ» կինոսթիւտիայի բեմադրիչ: Բայց հայ բեմի մեծ վարպետին սիրտը հայրենիքի կարօտով կ՛այրէր, եւ 1964-ին ան վերջնականապէս վերադարձաւ Երեւան, ուր մինչեւ վերջին շունչ իբրեւ բեմադրիչ, գործեց «Հայֆիլմ»-ի մէջ` աւելի քան 30 տարի ստեղծագործելով եւ հայկական շարժանկարը նոր բարձունքի առաջնորդելով:

Ֆրունզէ Դովլաթեան յատկապէս հռչակուեցաւ «Սարոյեան եղբայրներ» շարժանկարի գեղարուեստական ղեկավարի իր հանգամանքով ու ստանձնած գլխաւոր դերակատարութեամբ` մարմնաւորելով կրտսեր եղբօր, յեղափոխական Հայկի դերը: Շարժանկարը օրին Քիեւի մէջ արժանացաւ խորհրդային համամիութենական բարձր մրցանակի, իսկ գլխաւոր դերակատարները` Հայաստանի պետական մրցանակի:

Շարժանկարի քննադատներուն վկայութեամբ, 1966-ին Ֆրունզէ Դովլաթեանի նկարահանած «Բարե՛ւ, ես եմ» շարժանկարը շրջադարձային կէտ հանդիսացաւ հայկական շարժանկարի պատմութեան մէջ` իբրեւ «արդիական թեմատիկայի իւրացման նոր քայլ»: Շարժանկարին ցուցադրութիւնները մեծ յաջողութեան արժանացան ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին, ինչպէս եւ -Քաննի միջազգային փառատօնին:

1969-էն մինչեւ 1986 Ֆրունզէ Դովլաթեան եղաւ Հայաստանի կինոմատոգրաֆիստների միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար, իսկ այնուհետեւ` «Հայֆիլմ» կինոսթիւտիայի գեղարուեստական ղեկավար: 1994-ին ընտրուեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Թեքէեան մշակութային միութեան նախագահ:

Վախճանեցաւ 1997-ի օգոստոս 30-ին եւ թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախի գերեզմանատան մէջ:

Յետմահու պարգեւատրուեցաւ հայ մշակոյթի պետական բարձրագոյն` «Մ. Խորենացի» շքանշանով:

Իր ժամանակակիցներու վկայութիւններով,

Արմէն Ջիգարխանեան.- Դովլաթեանը այն կինոբեմադրիչներից է, որոնց ստեղծագործութիւնը դպրոց է դառնում: Նա իր ֆիլմերում միատեսակ ուժով ներկայացնում է ե՛ւ պատմական, ե՛ւ ժամանակակից թեման, կարողանում` խօսել մարդկային բարդ փոխյարաբերութիւնների, մարդուն յուզող խնդիրների շուրջ: Ես ուրախ եմ, որ կինոդերասանի իմ ասպարէզը սկսուել է մեծ ճանաչման արժանացած «Բարե՛ւ, ես եմ» ֆիլմից:

Հենրիկ Մալեան.- …Հետաքրքիր, իմաստուն ու բովանդակալից ստեղծագործութիւնների հեղինակ է, արդէն բոլորովին ոչ-պատանի, բայց միշտ գեղեցկատես, արուեստագէտի փայլով ու միշտ վիպապաշտ ներշնչանքով:

Չինկիզ Այթմատով.- «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը իրենով նշանաւորում է աւանդական ազգային թեմատիկայի սահմաններից դուրս գալու իրողութիւնը եւ մեզ համար մեծ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում:

Հայ բեմի մեծ վարպետի յիշատակին նուիրուած այս հակիրճ վկայութիւնը կ’արժէ եզրափակել իր պատգամը խտացնող ծաղկաքաղ խորհրդածութիւններով.

–  «Արուեստագէտի խնդիրը պէտք է լինի քաղաքականութիւնը հասարակութեանը ներկայացնել ոչ մերկապարանոց, այլ` իբրեւ արուեստի գործ, որը որքան անկեղծ լինի ու պարզ, այնքան աւելի մնայուն ու ազդեցիկ կը լինի»:

–  «Հայերս յիշողութիւնների մէջ թաղուած ժողովուրդ ենք, բայց յուշարձան դարձնել այդ յիշողութիւնները` սառը, այսօրուան կեանքին ոչ մի կենսական թրթիռ չտուող, աններելի է»:

– «Եթէ սէրը չլինի, ջրհեղեղ կը լինի, հոգեկան ջրհեղեղ»:

 

Միակ Անհայրենիք Ժողովուրդ Գնչուները Եւ Նրանց Հայացումը

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ

Ենթադրւում է, որ համայն աշխարհում ապրում է շուրջ 3 միլիոն գնչու: Եւրոպայում են բնակւում մօտ 780 հազար գնչուներ: Եթէ Եւրոպա անցած գնչուների արկածները մի կողմ թողնելով` անդրադառնանք Անատոլիայում (Արեւմտեան Հայաստանում, «Ակունք»-ի խմբ.) եղածներին, ապա հարկ կը լինի ընդգծել, որ նրանց թիւը 67 հազար է: Վրթանես Փափազեանի կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն, նրանցից 50 հազարը կազմում են հայ բոշաները:

Հայ բոշաների կարելի է հանդիպել Անատոլիայի գրեթէ իւրաքանչիւր կողմում: Նրանք բնակութիւն են հաստատել հայերի բոլոր բնակավայրերում` բացառութեամբ Վասպուրականի շրջանի, սակայն նրանց մեծ մասն ապրում է Սվազի (Սեբաստիա, «Ակունք»-ի խմբ.) շրջանում (Վեզիքեոփրիւից մինչեւ Կաստամոնու):

Գաղտնի Նշանները

Բոշաներն առաջին անգամ իրենց ոտք դրած հողերում, թէեւ դժուարութեամբ, այնուամենայնիւ լուծել են հանգիստ եւ անվտանգ փոխադրուելու, օթեւանելու վայր գտնելու, բարեկամ կամ թշնամի հանրութիւններին դիւրութեամբ տարբերակելու գաղտնիքը: Գաղթող գնչուների խմբերն իրենց անցած ճանապարհների պատերին եւ ծառերի բներին թողնում են յատուկ նշաններ, որոնք կարող են հասկանալ միայն իրենց ցեղակիցները:

Դրանցից առաջինը, որն ամենաշատն է օգտագործւում եւ բաղկացած է «երեք թեւերից», ցոյց է տալիս այն ուղղութիւնը, ուր կարելի է գնալ: Իսկ հին պուտտայական նշան եղող երկրորդը գնչուները «սվասթիքա» են անուանում: Այդ նշանը ցոյց է տալիս ճանապարհի փակ կամ վտանգաւոր լինելը: Երրորդը, որը խաչաձեւ է, դարձեալ ցոյց է տալիս այն կողմը, ուր կարելի է գնալ: Ինչ վերաբերում է Թուրքիայում ամենաշատը հանդիպող չորրորդ նշանին, ապա այն մատնանշում է, որ ճանապարհը չափազանց վտանգաւոր է եւ կարող է մահուամբ աւարտուել գնչուների համար: Նշաններն այսքանով չեն սահմանափակւում. կան բազմաթիւ այլ իմաստներ կրողներ:

Հայ Բոշաների Ծագումը

Թէեւ հայ բոշաները տարբեր են թւում Եւրոպայում եւ Ասիայում միւս ազգերի մէջ թափառական կեանքով ապրող ցիկաններից, սակայն նրանց միջեւ մանրազնին ուսումնասիրութիւն կատարուելու դէպքում կարելի է մեծ նմաննութիւններ գտնել աւանդոյթների, մարդաբանութեան եւ մինչեւ իսկ լեզուի առումներով: Իսկ նկատելի տարբերութիւնները ծագում են բոշաների` Անատոլիա գալուց շատ առաջ նրանց դարեդար համատեղ ապրած միւս ժողովուրդներից: Ինչպէս վերեւում էլ նշեցինք, գնչուները գաղթի տարբեր ճանապարհներով Անատոլիա հասնելով եւ այստեղ հանդիպած միւս հանրութիւնների սովորոյթների ազդեցութիւնը կրելով` տարբեր դիմագծեր են ստացել: Իսլամութիւն ընդունած ցիկանները ստացել են չինգենէ անուանումը, իսկ հայերի հետ ապրելով` քրիստոնեայ դարձածները` հայ բոշաներ: Վերջիններս հետզհետէ իւրացրել են հայկական սովորոյթներն ու աւանդոյթները:

Յայտնի է, որ բոշաները տեւական ժամանակ մնացել են նաեւ Իրանում: Պարսից աշխարհում ցիկաններին տրուել են «լուրի», «միթրիփ», «քարաչի» անուանումները: Իսկ «բոշա» անունը նրանց հայերն են տուել: Այդ անուանման արմատը թուրքերէն pos=bos (պարապ) բառը կարող է լինել, որը մշտապէս կիրառուել է արհամարհական երանգով. հայոց լեզւում ցիկան բառի համարժէքը հնուց ի վեր գնչուն է եղել, իսկ բոշա բառը սկսել է գործածուել հետագայում` 19-րդ դարում:

Մի շարք ուսումնասիրողներ (Պ. Ներսէս Սարգսեան) ենթադրում են, թէ բոշաները թոնդրակեցիների կամ արեւորդիների մնացորդացն են: Ի դէպ, յայտնի է նաեւ, որ Կաստամոնուի եւ Սինոփի միջեւ ապրող հայկական ծագմամբ ժողովրդին էլ են բոշայ անուանում` Քաղկեդոնի տիեզերական ժողովի հետեւանքով Հայ առաքելական եկեղեցուց անջատուելու պատճառով:

Հայերի շրջանում բոշաների մասին բազմաթիւ առասպելներ կան: Իրօք ուշագրաւ է, որ չնայած այդչափ արհամարհական վերաբերմունքին եւ փոխադարձ կերպով «ազգակցական կապերից»  խուսափելուն` իրար աղջիկ չտալուն ուղղուած ջանքերին, բոշաները կարողացել են միախառնուել հայերի հետ եւ համատեղ ապրել` ի տարբերութիւն միւս ժողովուրդների: Այդուհանդերձ, խիստ հազուադէպ հանդիպող երեւոյթ է, որ բոշաները (20-րդ դարում) հայերին աղջիկ տային կամ` հակառակը:

Պատսպարան

Երբ ձմեռը վրայ է հասնում, բոշաները մօտակայ գիւղերում կամ քաղաքներում խռնուելով` տեղաւորւում են իրենց կողմից վարձուած հիւղակներում եւ ապրում իրար մօտ գտնուող վայրերում: Նրանց գիւղական տների գոմում (բնագրում գոմ բառը հայերէնով է, «Ակունք»-ի խմբ.), այսինքն այլեւս գրեթէ ընտանիքի մի կարեւոր անդամը համարուող էշի փարախում անպայման մի թոնիր է լինում, որը ծառայում է թէ՛ հաց եւ ուտելիք պատրաստելու եւ թէ՛ տաքանալու նպատակներին: Երբ առօրեայ գործերն աւարտւում են, եւ թոնիրի կրակը` մարում, ընտանիքի անդամները նստում են թոնիրի շուրջը, ոտքերն իջեցնում նրա մէջ եւ ծածկւում մի ընդհանուր ծածկոցով: Տան ուշագրաւ առարկաներից մէկն էլ պատերից մէկում տեղ գտած «օճախն» է, որը նրանք «սանտօ» են անուանում: Այդ օճախի կրակը շաբաթական միայն մէկ անգամ է վառւում, այն էլ ոչ թէ տաքանալու, այլ` ի յարգանս տուեալ ընտանիքի հանգուցեալների յիշատակի:

Ուտելու-Խմելու Մշակոյթը

Բոշաներն անընդհատ ինչ-որ բան են ուտում` առանց յատուկ ժամերի ուշադրութիւն դարձնելու: Նրանք նախընտրում են դառը, թթու, համեմուած, կծու ուտեստները. սխտորը, պղպեղը եւ քացախն անպակաս են նրանց սեղանից: Նրանք սակաւ են միս ուտում, իսկ իրենց ամենասիրած ճաշատեսակները «մալեզը» եւ փլաւն են: Նրանց ազգային ճաշատեսակը համարուող մալեզը պատրաստւում է խմորով եւ իւղով եւ նմանւում վասպուրականցիների «խաւիծին» (խաւիծ բառը բնագրում հայերէնով է, «Ակունք»-ի խմբ.): Նրա պատրաստման եղանակը հետեւեալն է. խմորը լցնում են տաք ջրի մէջ եւ եփում` անընդհատ խառնելով, ապա մասերի բաժանելով` վրան իւղ են քսում եւ ուտում: Բոշաները շատ են սիրում նաեւ չրով փլաւը (չիր բառը բնագիրով հայերէնով է, «Ակունք»-ի խմբ.): Չրով փլաւը եւ ձուածեղը (ձուածեղ բառը բնագրում հայերենով է, «Ակունք»-ի խմբ.) պատրաստւում են խնճոյքի սեղանի համար` որպէս յատուկ ճաշատեսակներ:

Ճաշելիս տղամարդիկ առանձին են նստում կանանցից եւ երեխաներից ու խմիչքներից միայն ռաքը խմում. գարեջուր կամ գինի առանձնապէս չեն օգտագործում: Տղամարդիկ եւ տարեց կանայք ծխախոտ ու քթախոտ են օգտագործում, սակայն ի տարբերութիւն գնչու եւ ցիկան կանանց` բոշայ կանայք ծխախոտ օգտագործելն ամօթալի են համարում:

Տոկոս Չկայ

Չնայած իրենց բազմաթիւ վատ սովորութիւններին` բոշաները խիստ ազնիւ են դրամի առեւտրի դէպքում եւ կարեւորում են տրուած խօսքը: Նրանք միայն խօսքի վրայ հիմնուելով` պարտք են տալիս եւ վերցնում: Սակայն բոշաները «տոկոս» հասկացութիւնը բացարձակապէս չեն ընդունում. ո՛չ տոկոսով պարտք են տալիս, ո՛չ էլ` վերցնում, եւ թէկուզ ի վնաս իրենց` անպայման պահում են իրենց խոստումը կամ երդումը:

http://team-aow.discuforum.info/t6203-Ermeni-Cingenelri.htm?start=15

Թարգմանեց ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆԸ
Akunq.net

Գաղափարական Հարցեր. Վերականգնումի Ծրագիր

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

20-23 ապրիլ 2017-ին տեղի ունեցաւ Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան տարեկան ժողովը: Այս ժողովը իւրայատուկ էր իր բնոյթով, որովհետեւ չորս տարին անգամ մը տարեկան ժողովը կը մշակէ կուսակցութեան ընտրական ծրագիրը: Այս ծրագիրը ի զօրու կը մնայ կուսակցութեան ամբողջ գործունէութեան համար` յաջորդ չորս տարիներուն ընթացքին, եւ անոր պէտք է հետեւի կուսակցութիւնը` ազգային եւ տեղական մակարդակներու վրայ:

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը ծանօթ է Նորվեկիոյ բարեկեցիկ համակարգի կերտումի իր յատուկ դերակատարութեամբ: Անոր առաջնորդութեամբ էր, որ Նորվեկիան դարձաւ աշխարհի ամէնէն հարուստ պետութիւններէն մէկը, եւ աղքատութիւնը անհետացաւ երկրին մէջ:

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն ընթացքին վերստին օգտագործեց իր աւանդական նշանաբանը, որն է` «Բոլորը պէտք է մասնակից դառնան»: Այս նշանաբանով կը շեշտուի, որ Նորվեկիոյ բոլոր բնակիչները` առանց սեռի, կրօնի, գոյնի կամ ծննդավայրի խտրականութեան, պէտք է մաս կազմեն երկրին զարգացման երթին: Ծրագիրը կը սկսի «Մեր արժէքները եւ մեր ժամանակը» խորագիրով, որ յառաջաբանն է:

«Աշխատաւորական շարժումը պայքարեցաւ, որպէսզի ժողովուրդը ստանայ գիտութիւն, բարեկեցութիւն եւ տէրը դառնայ երկրի հարստութիւններուն», կը նշէ յառաջաբանը` աւելցնելով. «Այսօր մենք այս բոլոր ձեռքբերումները վտանգուած կը տեսնենք. ընկերային բաժանումները աւելցած են, տնտեսական աճը կանգ առած է, անգործութիւնը աճ արձանագրած է, եւ յաւելեալ մարդիկ հեռացած են: Տնտեսական հեռանկարը մեզմէ կը պահանջէ, որ աւելի յառաջ մղուինք»: Ապա ծրագիրին յառաջաբանը կ՛եզրակացնէ. «Այս կուսակցութեան ծրագիրը կը շեշտէ, որ պէտք է օգտուիլ այսօր գոյութիւն ունեցող բոլոր կարելիութիւններէն»:

Վերջին չորս տարիներուն ընթացքին պահպանողական կառավարութիւնը նոր-ազատական խստամբերական քաղաքականութիւն վարեց: Անիկա աւելի եւս խորացուց դասակարգային բաժանումները եւ կրճատեց պետութեան հսկողութեան դերը, որ բացասական երեւոյթ դարձաւ նորվեկիացիներուն համար: Ծրագիրը հետեւեալ տողերով կը քննադատէ նոր-ազատական քաղաքականութիւնները. «Վերջին չորս տարիները կը բնութագրուին անգործութեան բարձր մակարդակով, տնտեսական ցած աճով, հասարակութեան մէջ բաժանումներով եւ քարիւղի եկամուտի անբաւարար բաշխումով»: Այնուհետեւ կ՛առաջարկուի քարիւղի եկամուտը ներառել պիւտճէին մէջ նախատեսուած աղքատութեան դէմ պայքարի միջոցառումներուն մէջ, հարկ հաստատել ի նպաստ բնապահպանութեան, հսկողութեան ենթարկել դրամատնային բնագաւառը եւ թափ տալ հարկերու վճարումէն խուսափման դէմ պայքարին:

Աշխատանքի մասին ծրագիրը կը նշէ. «Բոլորին աշխատանքի կարելիութեան ապահովումը թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան: Երբ գործ կը ստանաս եւ աշխատանքի կը սկսիս, այս ապահովութիւնը կը հայթայթէ` անհատական ազատութիւն, յաւելեալ ընկերային համախմբուածութիւն, յաւելեալ հաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ յաւելեալ եկամուտ` հասարակութեան: Մենք կ՛ուզենք զօրացնել կազմակերպուած, համեստ աշխատանքային կեանքը, ուր հասարակ աշխատաւորը պիտի գտնուի աւելի լաւ պայմաններու մէջ»: Ծրագիրը կ՛առաջարկէ աշխատանքի շուկայի թուայնացում եւ արդի արհեստագիտութեան որդեգրում, օտար բանուորներու շահագործման (նուազագոյն աշխատավարձէն պակաս աշխատավարձ վճարել) քրէականացում եւ զօրացնել արհեստակցական միութիւններու դերակատարութիւնը:

Յատկանշական է, որ արդիւնաբերութեան յատկացուած բաժինին մէջ կայ յատուկ կէտ մը` «Հանրային հատուածի սեփականատիրութիւն» խորագիրով: Այս կէտը մէջտեղ եկաւ` ի հակազդեցութիւն եւ քննադատութիւն պահպանողական կառավարութեան վարած սեփականաշնորհման քաղաքականութիւններուն, որոնք կը ձգտին Նորվեկիոյ ազգային հարստութիւնները յանձնել համաշխարհային մեծ ընկերութիւններուն: Ակնյայտ դարձաւ, որ այս քաղաքականութիւններուն պատճառով Նորվեկիոյ մէջ անգործութեան համեմատութիւնը աճ արձանագրեց: Այդ կէտին մէջ կ՛ընդգծուի. «Նորվեկիոյ մէջ բազմաթիւ մեծ ընկերութիւններ պետութեան սեփականութիւնն են. ասիկա կ՛ապահովէ հանրութեան սեփականատիրութիւնը` կարեւորագոյն ենթակառուցուածքներուն եւ ազգային հարստութիւններուն: Հանրային սեփականատիրութիւնը նաեւ կը նշանակէ, որ բարձր որակի կեդրոնները, փոխանակ երկրէն դուրս գալու, կը մնան Նորվեկիոյ մէջ: Այս իրողութենէն մեկնելով` Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը «Ոչ» կ՛ըսէ ռազմավարական կարեւոր ընկերութիւններու սեփականաշնորհման»: Արդիւնաբերական մարզին մէջ ծրագիրը կ՛առաջարկէ` ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող արդիւնաբերական ընկերութիւններու, ազգային հարստութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու հանրային սեփականատիրութիւն, երկաթուղային հատուածի հանրային սեփականատիրութիւն, հանրային հատուածի զարգացում եւ վերանորոգուող ուժանիւթի յաւելեալ օգտագործում:

Կրթական մարզն ալ նոյնպէս ենթարկուեցաւ պահպանողականներու նոր-ազատական սեփականաշնորհման քաղաքականութիւններուն: Բազմաթիւ դպրոցներ սեփականաշնորհուեցան, իսկ աշխատաւոր համեստ ընտանիքներու զաւակները զրկուեցան կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն: Աշխատաւորական կուսակցութեան ծրագիրը կը շեշտէ. «Հանրային դպրոցները եւ կրթութիւն ստանալու հաւասար իրաւունքները կարեւոր ազդակներ են, որպէսզի բոլորին ալ ապահովուին հաւասար կարելիութիւններ»: Առ այդ, ծրագիրը կ՛առաջարկէ վերջ տալ դպրոցներու սեփականաշնորհման հոլովոյթին, յատուկ արտակարգ ծրագիր մը մշակել` պայքարելու ընդդէմ ատելութեան խօսքի եւ յաւելեալ ներդրումներ կատարել կրթական բնագաւառի թուայնացման, բարձրագոյն կրթութեան եւ ուսումնասիրական բնագաւառներուն մէջ:

Առողջապահութիւնն ու կենսաթոշակն ալ նոյնիսկ հեռու չմնացին նոր-ազատական վայրագ քաղաքականութիւններէն: Առաջին բնագաւառը ենթարկուեցաւ սեփականաշնորհման, իսկ երկրորդը` խստամբերութեան: Աշխատաւորական կուսակցութեան ընտրական ծրագիրը անդրադառնալով առողջապահութեան` կը նշէ. «Նորվեկիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը երկրին մէջ պիտի ստեղծէ աւելի զօրաւոր առողջապահական համակարգ: Հիւանդութիւններու կանխարգիլմամբ, վաղաժամ միջամտութեամբ եւ համապատասխան բուժումով դուք պիտի ստանաք ամէնէն լաւ օգնութիւնը հանրային առողջապահական ծառայութիւններէն»: Կուսակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ` կանխել հիւանդանոցներու սեփականաշնորհումը, օգտագործել քարիւղի եկամուտը` ամսաթոշակի ապահովման մէջ, ներառել հաշմանդամներուն մուտքը աշխատանքի շուկային մէջ եւ թմրամոլութեան հարցը լուծել առողջապահութեան միջոցով, այլ ոչ թէ` պատժողական:

Այս ծրագիրին ընդմէջէն Աշխատաւորական կուսակցութիւնը յաւակնութիւնը ունի վերականգնելու Նորվեկիան, որ տասնամեակներու ընթացքին հանդիսացած էր աշխարհի ամէնէն բարեկեցիկ պետութիւնը: Ըստ վերջին տուեալներուն, աշխատաւորականները (Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Եոնաս Կար Սթուրըի առաջնորդութեամբ) շատ մեծ յոյսեր ունին յաղթելու ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 11 սեպտեմբեր 2017-ին:

 

 

«Պսակ» Ժողովածուն

$
0
0

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Վ. Արեանի ուսումնասիրութիւնն ալ` «Ազգային հարցը եւ սոցիալիստական մտքի զարգացումը» խորագրեալ, նախորդ ուսումնասիրութեան նման, երկար է: Վ. Արեան, ըստ Ս. Վրացեանի, ծածկանունն է Միշա կամ Վարդան Արզումանեանի(25):

Վ. Արեան կը յայտնէ, որ ներկայիս, մարդկային պատմութեան այս փուլին, բոլոր ժամանակներէ աւելի կը զգացուի անհրաժեշտութիւնը ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման: Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը բաժնած է չորս մասի.

Առաջին մաս. «Ժողովրդի դերը պատմութեան մէջ»:

Ազգային հարցի լուսաբանման մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդին դերը պատմութեան ընթացքին: Ազգային գոյութեան եւ անոր մշակութային ընդունակութիւններու զարգացման, այսինքն ազգային հարցի լուծման համար բաւարար է բազմալեզու պետութիւններու սահմաններուն մէջ ստեղծել ազգային ինքնավարութեան բնոյթ կրող մարմիններ:

Երկրորդ մաս. «Ազգային հարցը հին մարքսիզմի դատաստանի առաջ»:

Քարլ Մարքսը անտարբեր էր ազգային հարցի նկատմամբ: Ան նկատի առած էր տնտեսական գործօնը միայն, որ պատմութեան գլխաւոր մղիչ ուժն է:

«Կոմունիստական մանիֆեստ»ին մէջ Մարքս կ’ըսէ. «Պրոլետարիատը հայրենիք չունի: Կարելի չէ զրկել զինք այն բանէն, որ չունի»(26): Այս հաստատումին մէջ կարելի է տեսնել Մարքսի թշնամական վերաբերմունքը դէպի ազգային հարցը եւ` դէպի այն բոլորը, որ ազգային անունը կը կրեն` ազգային մշակոյթ, ազգային դպրոց, ազգային լեզու կամ գրականութիւն: Ահա այստեղ էր, որ Մարքս կը սխալէր, որովհետեւ կեանքը աւելի ուժեղ դուրս եկաւ եւ ստիպեց, որ ետ առնուի ազգային հարցին հանդէպ հին դատավճիռը:

Երրորդ մաս. «Պրոլետարիատը հայրենիք չունի» լոզունգի յիսնամեայ յոբելեանը»:

Շտուտկարտի ընկերվարական համագումարին ընկերվարութիւնը սկսաւ ազգայնանալ, իսկ մարքսիզմը կը դադրէր նախկին միջազգային բնոյթը կրելէն: Համագումարը վերջ դրաւ «պրոլետարիատը հայրենիք չունի» կարգախօսին: Անիկա ցոյց տուաւ, որ բանուոր դասակարգի գործը թէ՛ ազգային է եւ թէ՛ միջազգային` միեւնոյն ատեն: Ահա՛ թէ ինչու ընկերվարութիւնը պէտք է բաւարարութիւն տայ ամբողջ մարդկութեան աշխատաւոր դասակարգի թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային պահանջներուն:

Չորրորդ մաս. «Ազգային հարցը եւ նրա նուազագոյն լուծումը»:

Վերջին տասնամեակին մարդկային ընկերութիւնը հետզհետէ սկսած է զբաղիլ ազգային հարցով: Ասիկա կը տեսնուի յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր կայ խօսքի ազատութիւն: Կան բազմաթիւ տուեալներ, որոնք կ’արտայայտուին յօգուտ ազգային հարցի շուտափոյթ լուծման: Այդ տուեալներն են.

ա) Պատմական տեսակէտէ. անվիճելի է դերը ազգերուն` մարդկութեան զարգացման մէջ, մարդկային ամբողջ մշակոյթը կը պահուի եւ կը զարգանայ ազգային շրջանակներու մէջ:

բ) Մարդկային հոլովոյթի բնական սկզբունքի տեսակէտէ. փոխադարձ օգնութեան սկզբունքը գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ մարդկային զարգացման եւ յառաջդիմութեան: Հո՛ն, ուր կը տեսնուի այս սկզբունքը, պէտք է պաշտպանել զայն եւ առանձին ազգերէն տարածուի բովանդակ մարդկութեան վրայ:

գ) Սոցիալիստական տեսակէտէ. ընկերվարութիւնը իբրեւ համամարդկային ազատագրութեան ձգտող շարժում մը, իր յաջողութեան համար պէտք է հաշուի առնէ այդ հանգամանքը` հնարաւորութիւն տալով բոլոր ազգութիւններուն ազատ եւ ինքնավար կերպով զարգանալու: Ազգայնութիւնն ու միջազգայնութիւնը կամ սոցիալիզմը հակադիր ու տարամերժ գաղափարներ չեն, ընդհակառակը, փոխադարձաբար զիրար կը լրացնեն(27):

***

Համբարձում Տէրտէրեան ստորագրած է ուսումնասիրութիւն մը` «Ի՞նչ է ինտելիգենցիան» խորագրեալ: Վերջին շրջանին, կը գրէ Տէրտէրեան, եւրոպական եւ ռուսական իրականութեան մէջ լոյս տեսան կարգ մը աշխատութիւններ, որոնք կը քննարկեն, «ինտելիգենցիա» անուան տակ, ընկերային խմբակի էութիւնը: Ասոր գլխաւոր պատճառը այն է, որ մտաւորականութիւնը կարեւոր դեր ունի ընկերային զարգացման մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը բաժնուած է վեց մասի: Առաջին մասին մէջ հեղինակը «Ի՞նչ է ինտելիգենցիան» նիւթին շուրջ կու տայ տարբեր բնորոշումներ, որ կարելի է բաժնել երկու խումբի: Առաջին խումբը կ’ընդունի, որ ինտելիգենցիան ընկերային-տնտեսական հիմք ունի, իսկ երկրորդը` ընկերային-բարոյական: Այսինքն առաջինները կ’ընդունին, որ ինտելիգենցիան մտաւոր աշխատանքով աշխատողներու խմբակ է, իսկ` միւսները, որ անիկա ընկերային-քաղաքական որոշ գաղափարներով եւ ձգտումներով միացած ընկերային խմբակ է: Առաջին խմբակի կողմնակիցները թէեւ չեն ընդունիր, որ ինտելիգենցիան առանձին դասակարգ է, սակայն կը յայտնեն, թէ անիկա դասակարգային է եւ ընդհանուր առմամբ բուրժուական (քաղքենի): Երկրորդ խմբակին կողմնակիցները  կը հաստատեն, որ ինտելիգենցիան ապադասակարգային եւ ապադասային խմբակ է եւ բուրժուական ըլլալէ բաւական հեռու: Առաջինները կ’ըսեն, որ ինտելիգենցիան կը բաժնուի գոյութիւն ունեցող դասակարգերու միջեւ եւ կը պաշտպանէ անոնց դասակարգային շահերը, մինչդեռ միւսները կը յայտնեն, թէ ինտելիգենցիան ամբողջական խմբակ է եւ կը պաշտպանէ ոչ թէ դասակարգի մը շահերը, այլ` ժողովուրդի ընդհանուր, հասարակութեան մնայուն շահերը: Առաջին տեսակէտը կը պաշտպանեն մարքսականները, իսկ երկրորդ տեսակէտը` սոցիալ-յեղափոխական ուղղութեան ներկայացուցիչները:

***

Երկրորդ մասին մէջ Հ. Տէրտէրեան կը յայտնէ, թէ մարքսականները չունին ինտելիգենցիայի ներքին բովանդակութեան պարզ եւ հաստատուն բնորոշում: Ըստ Պիսարեւի, ինտելիգենցիան «մտածող պրոլետարիատ է»(28): Բոգդանովի համար ինտելիգենցիան ընկերային խմբակ մըն է, որ առանց շահադիտական միտումներու` կը ծառայէ ժողովուրդին եւ կը կռուի անոր շահերուն համար  եւ ոչ թէ կը միանայ զայն կեղեքողներուն(29): Ըստ Պլեխանովի, ինտելեգեցիան բուրժուական է` շնորհիւ անոր ընկերային-տնտեսական բնոյթին: Կաուցկին ինտելիգենցիան կը նկատէ իբրեւ դասակարգ մը, որ կը պարապի մտաւոր աշխատանքով եւ դրամատիրական շահագործման հարցով շահագրգռուած չէ: Շուլիատիկովի համար ինտելիգենցիայի ընկերային կերպարանքը պարզելու համար, անհրաժեշտ կը գտնէ որոշել, թէ ինտելգենցիան ի՛նչ դեր ունի արտադրութեան գործընթացին մէջ. արդեօք ան երեւան կու գայ իբրեւ բանուորական ուժը վաճառո՞ղ, թէ՞ ընդհակառակը, իբրեւ արտադրութեան միջոցներու սեփականատէր(30):

***

Երրորդ մասին մէջ Հ. Տէրտէրեան կը հաստատէ, թէ որքան ալ, ըստ երեւոյթին, իրարմէ տարբեր ըլլան Պլեխանովի, Կաուցկիի եւ Շուլիատիկովի կարծիքները, ըստ էութեան, անոնք նոյնն են, չնչին տարբերութիւններով: Երեքին տեսակէտը կարելի է բաժնել երկու մասի` արտաքին` ձեւական բնորոշման եւ ներքին` ըստ էութեան: Ինչ կը վերաբերի ինտելիգենցիայի ձեւական բնորոշման, ինտելիգենցիան դասակարգային է եւ, իբրեւ այդպիսին, ընդհանուր առմամբ` բուրժուական: Ինտելիգենցիայի ըստ էութեան բնորոշումին վերաբերեալ, անիկա դասակարգերու գաղափարախօսն է, որովհետեւ բացի դասակարգային շահերէ` ուրիշ շահեր գոյութիւն չունին, իսկ մարդկային գաղափարները կը ծագին դասակարգային շահերէ:

***

Սոցիալ-յեղափոխական դպրոցին կողմնակիցները, կը յայտնէ Հ. Տէրտէրեան չորրորդ մասին մէջ, համաձայն չեն մարքսականներու ինտելիգենցիայի մասին արտայայտուած կարծիքին: Սոցիալ-յեղափոխականներուն համար ինտելիգենցիան ընկերային-բարոյական հիմք ունի, ապադասակարգային եւ ապադասային ընկերային խմբակ է, որ կը պաշտպանէ ոչ թէ այս կամ այն դասակարգի ժամանակաւոր եւ մասնաւոր շահերը, այլ ժողովուրդին` ընդհանուր, մնայուն շահերը: Անոնք կը գտնեն, որ գաղափարները դասակարգային շահերէ` տնտեսութենէն չեն բխիր, այլ գաղափարները գաղափարաբանութեան եւ տնտեսութեան միեւնոյն գործընթացի, միեւնոյն երեւոյթի համահաւասար տարրերն են(31): Մէկ խօսքով, գաղափարները չեն բխիր դասակարգային շահերէ, այլ կը գտնուին անոնց հետ գործառական կամ կատարողական (functional) յարաբերութեան մէջ: Հետեւաբար գոյութիւն ունին արտադասակարգային գաղափարներ եւ արտադասակարգային գաղափարական ինտելիգենցիա:

Մարքսականներու բացասական վերաբերումը սոցիալ-յեղափոխական դպրոցի հետեւողներուն կը բխի անոնց պատմութեան նիւթապաշտական ըմբռնումէն: Իսկ սոցիալ-յեղափոխականներուն համար ներկայ հասարակութեան մէջ ընկերաբանութեան ենթակայական եւ առարկայական պայմաններու փոխազդեցութիւնը փաստօրէն կ’իրականանայ բանուոր դասակարգի եւ քննադատօրէն մտածող անհատներու մէջ գոյութիւն ունեցող սերտ կապով:

***

Լաւրովը նոյն տեսակէտը կը յայտնէ` տարբեր եզրեր գործածելով, կը յայտնէ Տէրտէրեան հինգերորդ մասին մէջ: Ենթակայական եւ առարկայական գործօններու փոխադարձ պայմանաւորուածութենէն առաջ կու գայ քաղաքակրթութիւն կամ ընկերային զարգացում. բա՛ն մը, որ անհնար է առանց քննադատող մտքի գործունէութեան եւ առանց քննադատօրէն մտածող անհատներու միջամտութեան: Այս անհատները կը գործեն ո՛չ թէ իրարմէ անջատ, այլ միացած են եւ կռիւ յայտարարած` հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող չարիքներուն դէմ:

(Շար. 3)

25.- «Ճեմարանի թանգարանին», անդ:
26.- «Պսակ», անդ, էջ 179:
27.- Նոյն տեղ, էջ 192-199:
28.- Նոյն տեղ, էջ 202:
29.- Նոյն տեղ, էջ 203:
30.- Նոյն տեղ, էջ 206:
31.- Նոյն տեղ, էջ 212:

Անդրադարձ. Խառնաշփոթ Իրավիճակ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիան յարաբերութիւններ մշակած է իրարու հակառակորդ կողմերու հետ` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Իրանի: ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով ան բնականաբար անդամ է արեւմտեան ճամբարին, եւ նշեալ ճամբարէն անոր թէկուզ եւ մասնակի հեռացումը Ուաշինկթընի համար դժգոհութեան աղբիւր է, իսկ Մոսկուայի համար` գոհունակութեան:

Իսրայէլի եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ սակայն ստեղծուած է այլ պատկեր մը: Այդ անջատ յարաբերութիւնները կասկածներ ու անվստահութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն թէ՛ Թել Աւիւի, թէ՛ ալ Թեհրանի մօտ, մանաւանդ որ երկուքին հետ ալ Անգարայի յարաբերութիւնները արդէն այնքան ալ փայլուն չեն: Այդ մթնոլորտը ինքնին կը սահմանափակէ յարաբերութիւններու զարգացման տարողութիւնն ու որակը:

Թրքական կողմը դժգոհ է, որ արեւմտեան ճամբարը իր կամքը չի կատարեր, սակայն 23 օգոստոսին Իրանէն ստացած ապտակը եկաւ անոր յիշեցնելու, թէ Արեւմուտքին հակառակորդ կողմը եւս «իր կամակատարը» չէ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Իրանի հետ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ միացեալ զինուորական գործողութիւն մը օրակարգի վրայ է: Սակայն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հերքեց, թէ Իրաքի քիւրտերուն դէմ միացեալ զինուորական գործողութիւն մը կը ծրագրէ` նշելով. «Մենք Իրանի սահմանէն դուրս որեւէ գործողութիւն չենք ծրագրած»: Իրանեան հերքումը, սակայն, կրնայ նաեւ յիշեցում մը ըլլալ, թէ Էրտողան Իրանի անունով յայտարարութիւններ կատարելու իրաւասութիւնը չունի:

Այժմու փուլը երկարատեւ չէ: Քրտական ազդակը Թուրքիոյ եւ Իրանի մօտ ստեղծած է հասարակաց, սակայն ժամանակաւոր շահեր: Այլ հարցերու մէջ երկու կողմերուն միջեւ արմատական տարակարծութիւնները կը յամենան: Նոյնն է պարագան Ռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն պարագային: Մարտավարական ու ռազմավարական շահերու ժամանակաւոր համընկնումի այս խառնաշփոթ կացութիւնը, սակայն, երկարատեւ չի կրնար ըլլալ եւ ի վերջոյ վերջ պիտի գտնէ. Անգարան պիտի ստիպուի ընտրութիւն կատարել, Ռուսիա՞ն, թէ՞ Միացեալ Նահանգները, Իրա՞նը, թէ՞ Իսրայէլը, Արեւմո՞ւտքը, թէ՞ Արեւելքը:

Անգարան այլ երկիրներու նման համալրման քաղաքականութիւն վարելու կարելիութիւնը չունի, որովհետեւ արդէն լիարժէք անդամ է ՕԹԱՆ-ի` իմա՛ արեւմտեան ճամբարին: Անոր համար կը գործէ միայն մէկ օրէնք` «ինծի հետ կամ ինծի դէմ»-ը: Միւս կողմէ, նշեալ երկիրներուն համբերութիւնը կրնայ հատիլ. անոնք կրնան Թուրքիոյ չսպասել եւ իրենք այդ ընտրանքը կրնան կատարել անոր տեղ: Այդ պարագային Անգարա կրնայ յանկարծ ինքզինք գտնել Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի հետ իր ներկայ ռազմավարական յարաբերութիւններէն մերկացած վիճակի մը մէջ:

 

 


Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հայեացք` Իրաքեան Քրտաբնակ Շրջաններու Քաղաքական Հոլովոյթին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն մեծ թիւ կը կազմեն քիւրտերը: Սակայն քաջ գիտենք, որ անոնք չունին անկախ հողատարածք կամ պետականութիւն`  ընդունուած միջազգային ընտանիքին կողմէ: Անոնք, ընդհանրապէս կեդրոնացած են Իրաքի եւ Իրանի հիւսիսը, Սուրիոյ արեւելքը, իսկ Թուրքիոյ` հարաւ-արեւելքը:

Իրաքի մէջ քիւրտերը յատկապէս` Սատտամ Հուսէյնի տապալումէն ետք, անկիւնադարձային մեծ շրջադարձ մը ապրեցան:

Նախ անհրաժեշտ է անդրադարձ կատարել այն իրողութեան, որ Իրաքի քրտական շրջանը ձեւաւորուած է 1970 թուականի ինքնավարութեան համաձայնագիրով` Էրպիլի, Սուլէյմանիէի եւ Տոհուկի նահանգներու տարածքներուն, որոնք գերազանցապէս քրտաբնակ են:

Իսկ 1992 թուականին ձեւաւորուած է Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի կառավարող մարմինը` տարածքին կառավարութիւնը: Այս շրջանը  պաշտօնապէս ինքնավար շրջանի կարգավիճակ ստացած է 2005 թուականին, ընդունուած` Իրաքի սահմանադրութեամբ, որուն համաձայն, շրջանը  օժտուած է ինքնավարութեան լայն հնարաւորութիւններով: Մարզին խորհրդարանը կը բաղկանայ 111 պատգամաւորներէ:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահն է Մասուտ Պարզանի, իսկ վարչապետը` Նեչիրվան Պարզանի:

Չնայած այն հանգամանքին, որ Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը պաշտօնապէս միասնական մէկ մասնիկ է իրականութեան մէջ, բայց եւ այնպէս ան ունի ներքին բաժանումներ եւ յաճախ աւելի խորն են, քան` Պաղտատի հետ ունեցած բաժանումը:

Ժողովրդավարական ազատ ընտրութիւններու շնորհիւ` բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքական գլխաւոր շարժումները ներկայացուած են խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ, որպէսզի կայուն ու խաղաղ երկիր մը կայանայ:

Այստեղ տեղին է նշել շրջանին մէջ գտնուող հայերու ներկայութիւնը, անոնց դերակատարութիւնը` զանազան բնագաւառներու մէջ: Հայ քաղաքական գործիչներ մեծ ներդրում ունին քրտական մարզին մէջ: Անոնցմէ շատեր մաս կը կազմեն շրջանի քաղաքական կուսակցութիւններուն, այդ ճամբով հասած են նախարարութեան, փոխ-վարչապետի եւ պետական այլ պաշտօններու:

Հայերու կողքին, շրջանին մէջ ներկայութիւն են ասորիները, սուրիանիները, քաղդէացիները, եզիտիները, եւ տարբեր կրօնքներ ինչպէս` շապաքը, եարսանին եւ այլն:

Քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ազդեցիկ են երկու կուսակցութիւններ: Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը` նախագահ Մասուտ Պարզանի եւ Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւն կուսակցութիւնը, որ ստեղծուած է  1975 թուականին` Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնէն հեռացած քանի մը անդամներու կողմէ: Կուսակցութեան ղեկավարն է Իրաքի նախկին նախագահ Ճալալ Թալապանին:

Իրաքի քրտական ինքնավարութիւնը կիսուած է հիմնականին մէջ այս երկու կուսակցութիւններուն միջեւ: Եթէ Տոհուկի եւ Էրպիլի մարզերը կը գտնուին Պարզանիի կուսակցութեան ազդեցութեան տակ, ապա Սուլէյմանին եւ յարակից բնակավայրերը կը գտնուին Թալապանիի կուսակցութեան ազդեցութեան տակ: Քերքուքի մէջ այս երկուքն ալ ունին ազդեցութիւն:

Այս կուսակցութիւններուն միջեւ բաժնուած են նաեւ ինքնավարութեան զինուած ուժերը: Քրտական զինուած ուժերու 80-րդ զօրախումբը իր 60 հազար մարտիկներով կը գտնուի Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութեան ազդեցութեան տակ, իսկ 70-րդ զօրախումբը իր նոյնաթիւ մարտիկներով` Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան ազդեցութեան տակ:

Թալապանիի եւ Պարզանիի կուսակցութիւններուն միջեւ այնքան խոր հակասութիւններ եղած են, որ անոնք 1994-1998 թուականներուն վերածուած են միջկուսակցական պատերազմի: Ի վերջոյ այդ պատերազմը կանգնեցուցին Միացեալ Նահանգները,  սակայն հակասութիւնները այդ ուժերուն միջեւ չվերացան:

Կուսակցութիւններուն միջեւ հակասութիւնը կրկին խորացաւ այն ժամանակ, երբ Պարզանիի իշխանութիւնը աջակցեցաւ Թալապանիի կուսակցութիւնէն անջատուած խումբ մը գործիչներու ստեղծած քաղաքական Կորրան շարժումին: Անմիջապէս յայտնենք, որ 2009 թուականին Նավշիրվան Մուսթաֆայի (Nawshirwan Mustafa) կողմէ հիմնուեցաւ Շարժում յանուն փոփոխութեան կուսակցութիւնը կամ կարճ անուանումով` Կորրան (Gorran):

Կորրան շարժումը այնքան հզօրացաւ, որ 2013 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն հաւաքեց շատ աւելի ձայն, քան` Թալապանիի կուսակցութիւնը: Հակառակ այս հանգամանքին` Կորրան շարժումը չկարողացաւ շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ ինքնավար մարզին մէջ, քանի որ չունէր ռազմական թեւ, որ կը կարողանար ամրապնդել անոր դիրքերը:

Ամէն պարագայի Կորրան թէեւ չունի ռազմական թեւ, բայց 2011 թուականին փորձը ցոյց տուաւ, որ այս կուսակցութիւնը իր առաջնորդ Նավշիրվան Մուսթաֆայի շնորհիւ կարողացաւ ամիսներ շարունակ փողոց հանել տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ապակայունացնելով երկրամասը:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ այսօր երեք ազդեցիկ կուսակցութիւններ կան, ինչպէս նաեւ իսլամիստական կուսակցութիւններ կան, անոնք  են.

1) Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը (KDP),
2) Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւնը (PUK),
3) Շարժում յանուն փոփոխութեան (Կորրան) կուսակցութիւնը,
4) Քիւրտիստանի իսլամական միութիւնը (Yekgirtu) եւ
5) Քիւրտիստանի իսլամական խմբաւորումը (Komal Islami)

Վերջին երկուքը բնականաբար իսլամիստական կուսակցութիւններ են, սակայն չունին այնքան մեծ ազդեցութիւն, որքան` առաջին երեքը:

Միեւնոյն ժամանակ հարկ է նշել, որ վերը յիշուած առաջին երեք կուսակցութիւնները, ունենալով չափազանց տարբեր գափափարախօսութիւններ եւ ծրագիրներ, դժուար է, որ կարենան միասին գործակցիլ:

Այսօր ակնյայտ իրողութիւն է, որ ինքնավար մարզին բնակչութիւնը երբ կը պատրաստուի անկախութեան հանրաքուէի, կը տեսնենք, որ հոն ծագած են արդէն հակասութիւններ` անկախութեան հանրաքուէի հետ կապուած: Այսօր ալ Թալապանիի կուսակցութիւնը եւ Կորրան շարժումը լիարժէքօրէն չեն աջակցիր Պարզանիի առաջարկած օրակարգին:

Ի հարկէ հիմա այդ հակասութիւնները չունին սուր բնոյթ, սակայն շատ կարճ ժամանակին մէջ կրնան այդպիսի պատկեր ստանալ, յատկապէս այն պարագային, երբ քրտական ինքնավարութեան դրացի երկրները, որոնք չեն ցանկար տեսնել անկախ քրտական պետութիւն, մեծ ազդեցութիւն ունին նշուած քրտական կուսակցութիւններուն վրայ:

Շատ հնարաւոր է, որ այդ քաղաքական քաոսը   պատճառ դառնայ ինքնավար մարզի քայքայման եւ ինքնավարութեան մէջ ստեղծուի ինքնավարութիւն: Քաղաքական ուժերը, բացի կառավարման  խնդիրներ ունենալէ, խնդիրներ ունին նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ քիւրտերուն հետ եւ անոնց աջակցելու հարցով:

Միւս կողմէ, սակայն, կարեւորութեամբ կ’ուզենք նշել, որ հիմնական հարցերու շուրջ քիւրտերը հանդէս կու գան նախանձելի միասնակամութեամբ: Աւելի՛ն. Քերքուքի քարիւղով հարուստ շրջաններու պատկանելութեան հետ կապուած` քրտական քաղաքական ուժերը, իշխող, թէ ընդդիմութիւն, նոյն տեսակէտին են, անոնք կը համարեն, որ այդ տարածքները Պաղտատը պէտք է յանձնէ Քերքուքի վերահսկողութեան:

Քրտական քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններն ալ իրենց տարածաշրջանը կ՛ուզեն տեսնել աշխարհաքաղաքական բարենպաստ պայմաններու մէջ:

Վերջաւորութեան պէտք է ըսել, որ թէկուզ աշխարհի քաղաքական քարտէսի վրայ Քիւրտիստան պետութիւն առ այժմ գոյութիւն չունի, սակայն Իրաքի մէջ քրտական պետութիւն ստեղծելու ծրագիրը լուրջ սպառնալիք կը հանդիսանայ Թուրքիոյ համար: Իսկ միւս կողմէ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները կը շարունակեն լուրջ տեղ զբաղեցնել համաշխարհային մամուլի մէջ:

 

 

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

$
0
0

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Առիթը ունեցայ հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, Անթիլիասի մէջ: Ամէն անգամ հիացումս կ՛աւելնար իր գաղափարներուն եւ անհատականութեան հանդէպ. ի դէպ,

իր մէջ կը տեսնէի մարդկային յատկանիշներ եւ համեստութիւն` հակառակ իր մեծութեան: Չուզեցի միջամտել իր խօսքին եւ աւելի արժէքաւոր եւ արդիւնաւէտ նկատեցի մտիկ ընել զինք:

2017 տարուան սկիզբը վեհափառը տարին կոչեց «Վերանորոգման տարի»` ըստ տարեկան սովորութեան, ինչպէս որ 2016-ը կոչած էր «Ծառայութեան տարի»: Այսպէս, տարիներէ ի վեր վեհափառը լուսարձակի տակ կ՛առնէ գաղափար մը կամ նպատակ մը, որ օգտակար կը դառնայ ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ան հրապարակեց մանրամասն յայտարարութիւն մը, որ լի է մարդկութեան համար իմաստալից եւ օգտաշատ գաղափարներով, արժանի` անդրադարձի: Ան իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձաւ նաեւ համամարդկային հարցերու, որոնք կ՛անդրադառնան ժողովուրդներու եւ անհատներու կեանքին, ու ես արժանի նկատեցի կարգ մը կէտեր ներկայացնել արաբ ընթերցողին:

Յայտարարութիւնը շեշտեց վերանորոգումի անհրաժեշտութիւնը կեանքի բոլոր նիւթական, բարոյական եւ հոգեկան մարզերուն մէջ` հաստատելով, որ այդ Աստուծոյ կամքն է: Ան է, որ ստեղծեց տիեզերքը, ստեղծեց մարդը` իբրեւ անոր պահապան եւ հովիւ:

Կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պէտք ունի շարունակական վերանորոգումի. հակառակ պարագային, իւրաքանչիւր էակ պիտի կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, գոյութեան իմաստը եւ նպատակը: Այս է, որ կը հաստատեն բոլոր կրօնները եւ փիլիսոփայական վարկածները: Վերանորոգումը շարժիչը ու մնայուն մղիչ ուժն է զարգացումի: Այս պատճառներէն ու պահանջներէն մղուած էր 2017 տարուան ընտրութիւնը` որպէս «Վերանորոգումի տարի»: Յայտարարութիւնը ընդգրկեց շատ մը գաղափարներ, որոնցմէ մէկն էր «կղզիացումը` յետադիմական գաղափարներու ետին»: Ան կը պահանջէր պահել կրօնական, ազգային արժանիքները եւ առաքինութիւնները: Ան կոչ ըրաւ մարդուն ինքն իր մէջ սկսելու վերանորոգումը, որովհետեւ ան ծանրաբեռնուած է հոգերով եւ դարու սահմանափակումներով: Այս պատճառներով ան բացակայ է իր անձէն եւ կը կորսնցնէ առիթը` առանձնանալու եւ ինքն իր մասին մտածելու, որ կը պատճառէ Աստուծոյ պատկերին իր նմանութեան օրինակի կործանումը:

Ան մէջբերում կատարեց ֆրանսացի մեծ մտաւորական,

«Այս անորոշ մարդը» գիրքի հեղինակ դոկտ. Ալեքսիս Քարելիէն, ուր ան կը յայտնէ, որ մարդը առանց զԱստուած ճանչնալու` կ՛անգիտանայ իր անձին գոյութեան իմաստը: Վերանորոգումը կը սկսի իր անձը ճանչնալով եւ Աստուծոյ հրաւէրին ընդառաջելով:

Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհիկ հարցերու, ինչպէս` բնապահպանութեան հարցին: Ան կոչ ըրաւ պահպանելու բնութիւնը, որովհետեւ այդ աստուածային պատուէր մըն է: Ան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ վերանորոգումը կորսնցուցածը ամբողջացնել կամ սխալը սրբագրել չէ, այլ ճիգ մըն է անցնելու լաւէն աւելի լաւին: Մեր անձնական կեանքի ներկայի պայմանները, մեր գործերը եւ անհրաժեշտութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, մեր օգտագործած միջոցները անցնելու համար հինէն նորին եւ իրապաշտօրէն նայելու անցեալէն ներկայ ու ճիշդ ձեւով ուղղուելու ներկայէն ապագայ` բարենորոգիչ համոզումով եւ ակնարկով: Պահելով ինքզինք սրբագրելու, քննութեան ենթարկելու եւ հաշուետուութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, այս ձեւը օգտագործելով որպէս կենսակերպ:

Իր յայտարարութեան վերջին մասին մէջ վեհափառը իր խօսքը ուղղեց հայ ժողովուրդին, որ աշխարհին մաս կը կազմէ, կոչ ուղղելով անոր պահելու իր մարդկային ու կրօնական առաքինութիւնները` առաջնորդուելով մեր ազգային առաջնահերթութիւններէն:

«Քապաս» օրաթերթ

Արաբերէնէ թարգմ. Վ. Թոսունեան

«Ազդակ»-ը Երկրորդ Տունս Դարձաւ

$
0
0

ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

«Ազդակ»-ին ծանօթ էի տակաւին շատ մանուկ հասակէս, երբ հայրս ամէն օր, յետմիջօրէին, թերթը կը բերէր ու ծայրէ ծայր կարդալէ ետք կը դնէր իր գրադարանին վրայ: Ես ալ, իմ կարգիս, փոքրիկ աղջիկ, կը փորձէի թերթատել զայն, սակայն կը ջղայնանայի, որովհետեւ չէի կրնար ծալել առանց ճմռթկելու: Քիչ մը մեծնալէս ետք շաբաթ օրուան թիւի նախավերջին էջի ժամանցը կը փորձէի լուծել, ամիսը մէկ անգամ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ին կը սպասէի, աւելի ուշ սկսայ «Սուտոքու»-ով մրցիլ հօրս հետ, իսկ ամէնէն հետաքրքականը  տարուան գունազարդ «Բացառիկ»-ներն էին, զորս մեծ հաճոյքով կը թերթատէի եւ ետքը անոնց հաւաքածոն`  բարակէն հաստ, գրադարանիս մէջ կը շարէի…

Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը կրնամ մտնել «Ազդակ»-ի խմբագրատուն:

Առաջին  անգամ, երբ մտայ խմբագրատուն, տարօրինակ զգացում ապրեցայ, կը կարծէի` առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով կը մտնեմ, սակայն չէի գիտեր, որ կեանքիս յաջողութեան կարեւոր քայլերէն մէկը պիտի դառնար ատիկա: Մէկ տարի շարունակ, ամէն օր, երբ տունէն կ՛իջնէի, դէպի «Ազդակ» ճամբուս վրայ կը մտածէի, թէ արդեօք ես արժանի՞ եմ այդտեղ աշխատելու կամ` նոյնիսկ յաճախելու… սակայն երբ դռնէն ներս կը մտնէի մեծ ոգեւորութիւն կ՛ապրէի բոլորին ժպտուն ու գոհունակ դէմքերը տեսնելով: Այնքա՜ն եռանդով կ՛աշխատէի, որ նոյնիսկ երբ արձակուելու ժամս կը հասնէր, չէի ուզեր մեկնիլ:

Մէկ տարին երազի պէս անցաւ, սակայն ոսկեայ տառերով փորագրուեցաւ կեանքիս մէջ, որովհետեւ ձեռք բերի շատ մեծ փորձառութիւն, ինչպէս նաեւ` ընկերներ եւ հարազատներ, որոնք անշահախնդիր ու անկեղծ սիրով ընդունեցին զիս իրենց մէջ ու դարձուցին այդ պատուաւոր ընտանիքի անդամ:

Այսպիսի զգացում կեանքիս մէջ չեմ ապրած, յուզմունքս անսահման էր, այն աստիճան, որ լեզուս կապուեցաւ, երբ ընկ. Շահանին քով մտայ: Այնքա՜ն բան որոշած էի ըսել իրեն, սակայն «շնորհակալութիւն» բառը դժուար արտասանելով` դուրս ելայ սենեակէն:  Կ՛ուզեմ ներողամտութիւնս յայտնել նաեւ բոլոր անոնց, որոնց առիթը չունեցայ ցտեսութիւն ըսելու, սակայն այն յոյսով եմ, որ մօտ ատենէն կրկին պիտի հանդիպինք: Շատ շնորհակալ եմ ընկեր Շահանին, ընկհ. Նորային, ընկհ. Արշոյին, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին եւ մնացած բոլորին (ցանկը երկար է), որոնց քաջալերանքն ու անկեղծ ժպիտները մղիչ ուժ հանդիսացան իմ համեստ ներուժս զարգացնելու եւ գտնելու կեանքի ճիշդ ուղիս:

Այսօր աւելի քան 10 օր է հեռու եմ «Ազդակ»-էն, սակայն այնպիսի զգացում կ՛ապրիմ, որ քանի մը օրուան արձակուրդէս ետք կրկին պիտի վերադառնամ: Այնպէս, ինչպէս երբ տակաւին նոր սկսած էի աշխատիլ,10  օր բացակայութենէ ետք, երբ հեռաձայն ստացայ, որ այլեւս կրնամ պաշտօնապէս աշխատիլ. այսօր նոյն ոգեւորութեամբ կը սպասեմ այդ զանգին, սակայն չեմ գիտեր, թէ որքան  պիտի տեւէ այս անգամուան արձակուրդս եւ կրկին պիտի մտնե՞մ իմ 2-րդ տունս:

Իմ շատ սիրելի՛ երկրորդ տունս, իմ դպրոցս, իբրեւ փարոս` ճամբաս լուսաւորող իմ «Ազդակ», բառերը անզօր են արտայայտելու զգացումներս…

 

 

 

Լաւ Գործ Կատարելու Նպատակով

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Այս կարճ պատմութիւնը, որ կը վերաբերի իմ ապրած գաղութին, կ՛ուզեմ կիսել ձեզի հետ: Ուրեմն, այս տարի, մայիս ամսուն, երբ ամբողջ հայութիւնը կը պատրաստուէր Հայաստանի անկախութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերուն 99-ամեակը նշելու, զգացի, որ ասիկա լաւագոյն առիթն է ինծի համար` հրապարակ իջնելու իբրեւ դասախօս: Անմիջապէս գործի անցայ: ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնական կայքէն քաղած տեղեկութիւնները հիմը հանդիսացան տրուելիք դասախօսութեան: Դժբախտաբար շրջանի հայ երիտասարդութիւնը իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայերէն չի գիտեր եւ այդ պատճառով աշխատանքս բարդացաւ: Բայց, առանց յուսահատելու, լծուեցայ թարգմանութեան` քաջ գիտնալով այս գործին կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ առաջին անգամ ըլլալով մեր գաղութին մէջ պիտի տրուէր նման դասախօսութիւն, որ հայ ոգի ու դրոշմ պիտի կրէր եւ անպայման պիտի ազդէր երիտասարդ միտքերուն վրայ:

Ընկերներու օգնութեամբ կարելի եղած չափով քարոզչութիւն ըրի կայանալիք ձեռնարկին մասին եւ կը սպասէի, որ մարդոց բաւական թիւ պիտի հաւաքուէր: Վերջապէս ամէն ինչ պատրաստ էր, եւ մայիս 27 հասաւ: Սակայն, հակառակ ակնկալութիւններուս, հազիւ 10 հոգի հաւաքուեցաւ: Պէտք է խոստովանիմ, որ սկիզբը հիասթափութիւն ապրեցայ, քանի որ ուրիշ պատկեր տեսնել կը նախատեսէի: Բայց եւ այնպէս շուտով վերյիշեցի, թէ ո՛ր երկրին մէջ պիտի տայի դասախօսութիւն մը, որ աննախադէպ բովանդակութիւն պիտի պարունակէր, երկիր մը, ուր միշտ հակադաշնակցական քարոզչութիւն եւ տրամադրութիւնները տիրական էին, եւ այս քաղաքականութեան պատճառով հայ սերունդները կը մեծնային եւ կը դաստիարակուէին ապազգային մթնոլորտի մը մէջ: Այսօր, հակառակ անոր որ Խորհրդային Միութիւն գոյութիւն չունի այլեւս, բայց եւ այնպէս հին մտայնութիւնը կը յամենայ, եւ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս պատրաստուած չէ: Ուստի հաւաքուած 10 հոգիով գոհ մնացի: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով, անոր յաջորդեց դասախօսութիւնը, որ կ՛ուղեկցուէր ֆետայիներու, յեղափոխական գործիչներու եւ պետական այրերու նկարներով եւ կարճ կենսագրականներով, ինչ որ աւելի մեծցուցին հետաքրքրութիւնը նիւթին հանդէպ: Սկսան հարցումներ` Անդրանիկի, Դրոյի եւ միւս յեղափոխականներուն մասին: Սակայն շատ զարմացան, երբ կարգը եկաւ հանրապետութեան անկումին. երբեք չէին գիտեր ռուս-թրքական մեղսակցութեան մասին, չէին գիտեր, որ Ռուսիան գրաւեց, խորհրդայնացուց Հայաստանը եւ մեր ազգի հերոսներուն մէկ մասը աքսորուեցաւ, ուրիշ մաս մը բանտերը նետուեցաւ եւ նոյնիսկ կացինահարուեցաւ: Բայց Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն եւ հոն տարուած յաղթանակներուն մասին լսելով` հիացան, թէ ինչպէ՛ս կոտորակուած ժողովուրդը կրցաւ 1915-էն հազիւ 3 տարի ետք նման նուաճումներ արձանագրել եւ հանրապետութիւն կերտել:

Այս դասախօսութեամբ չբաւարարուեցայ եւ նմանատիպ ձեռնարկներ կազմակերպեցի, «Նեմեսիս» գործողութեան եւ քիչ անց` Սերոբ Աղբիւրին նուիրուած: Եւ դարձեալ նոյն եղաւ պատկերը: 7-10 տղայ եւ աղջիկ հաւաքուեցան, բայց միշտ բարձր հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մատուցուած նիւթերուն: Վերջերս Լիբանան կատարած այցելութենէս ետք որոշեցի Լիզպոնի տղոց նուիրուած դասախօսութիւն պատրաստել: Երիտասարդներէն ոմանք հպարտ զգացին այս գործողութեամբ, ոմանք յուզուեցան տղոց նահատակութեամբ: Ձեռնարկէն ետք տղայ մը ինծի մօտենալով` ըսաւ, որ նախապէս  համացանցէն գիտէր Լիզպոնի հինգին կատարած գործողութեան մասին, բայց իբրեւ ահաբեկիչներ կը ճանչնար զանոնք ու երբեք չէր հասկնար անոնց բուն նպատակը եւ գործողութեան իմաստը: Բայց դասախօսութենէն ետք կարծիքը փոխուեցաւ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նոր գիտելիքներուն համար:

Վերջաւորութեան կ՛ուզեմ ըսել, որ համոզուեցայ Սիմոն Եահնէեանի խօսքին ճշմարտութեան, երբ կ՛ըսէր. «Մեծ եւ պզտիկ գործեր չկան, այլ` լաւ եւ գէշ գործեր»: Թէեւ ամէնէն շատ 10 հոգի կը հաւաքուի իմ կազմակերպած ձեռնարկներուս ներկայ ըլլալու, բայց եւ այնպէս կը հաւատամ, որ եթէ կարենամ իմ տուած եւ մատուցելիք դասախօսութիւններով  հայ ոգին եւ ազգին հանդէպ սէրը սերմանել երիտասարդներու հոգիներուն մէջ, ուրեմն իմս է լաւ գործը:

Հիւսիսային Օսեթիա, Ռուսիա

Արցախը Իմ Տունս Է (2 Սեպտեմբեր 1991)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այսպէս ասած` «գրաւեալ տարածքներ» ո՞րն են: Ես շատ դէմ եմ
տարածքներ յանձնելուն: Դրանք տարածքներ չեն, դա հայրենիք է:

ՊԵՐՃ ԶԷՅԹՈՒՆՑԵԱՆ
(Արձակագիր, թատերագիր)

«Ազդակ», օգոստոս 2017

Հայրենապաշտ ու վաստակաշատ մտաւորականի վերոյիշեալ իմաստախոր տողերը խորքին մէջ կ՛արտայայտեն իւրաքանչիւր ազնուասիրտ հայորդիի միտքն ու ապրումները, մտահոգութիւններն ու մտասեւեռումները: Այլապէս ալ անիկա հեղինակին կողմէ յետ մահու պատգամն է, որուն հարկ է ականջալուր մնալ եւ անով ճշդորոշել ներկայ թէ հետագայ տարիներու մեր բոլոր աշխատանքները:

Աշխատանքներ, որոնց հիմքը պէտք է ըլլայ հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու ազգային արժանապատուութեան պահպանումը:

Եւ այս հասկացողութենէն թելադրուած լոյսին կը բերենք այն վճիտ համոզումն ու ճշմարտութիւնը, որ, եթէ երբեք ազգեր կ՛ուզեն ապրիլ ու գոյատեւել, զարգանալ ու բարգաւաճիլ, հզօրանալ ու համաշխարհային վարկ ու հեղինակութիւն վայելել, ապա պարտաւոր են տէր կանգնիլ հայրենի թիզ մը հողին ու ճակատագիրին:

Ասոնք դասականացած մօտեցումներ են, հաւանաբար, որոնք լոյս աշխարհ կու գան ամէն պատեհ առիթի` իբրեւ ազգային համոզումներ եւ անվիճելի սկզբունքներ:

Ճիշդ է, որ առաջնահերթ օրակարգեր են Արցախի պետականաշինութեան  ամրակայումն ու դիւանագիտական աշխատանքներու առաւել աշխուժացումը, ճիշդ է նաեւ այն, որ պատերազմական ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք ազգովին, այսուհանդերձ հայութիւնը կը դիմագրաւէ ծանրակշիռ երկու մարտահրաւէր` Հայաստանէն արտագաղթն (հայրենալքում) ու Արցախի վերաբնակեցումը:

Իսկ այս երկու մարտահրաւէրներու շրջանցումն ու անոնց դարմանումը հայ պետական ու քաղաքական մտքի պարտաւորութիւնն է առանձնապէս` իր բովանդակ ուժերու լարումով, համազգային կարողութիւններու եւ կարելիութիւններու անմնացորդ օգտագործումով:

Արդարեւ, ինչպիսի՛ անուանում կամ յորջորջում ալ փորձենք տալ (երկիր, հայրենիք, բնօրրան եւ այլն) բնորոշելու հողամասի մը ինքնութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը, հիմնական հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ առ յաւէտ. թէ` որքանո՞վ տուեալ հողամասին տէրն ենք եղած անցեալին ու տէրն ենք նաեւ այսօր մենք` ազգովին:

Այո՛, տէր ըլլալն ու տիրութիւն ընելու գործընթացները իրարմով կ՛արժեւորուին եւ կ՛իմաստաւորուին, երբ զանոնք օղակողն ու ամրացնողը պատկանելիութեան ուժեղ զգացողութիւնն է, ինքնաճանաչութիւնն ու նուիրաբերումը: Միւս կողմէ, ինչո՞ւ ամէն քայլափոխի եւ անընդմիջաբար կը շեշտադրենք, որ անհայրենիք թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հայութեան փրկութիւնն ու ապաւէնը, բացառաբար կը կայանայ ազգային գիտակցութեան պատուանդանին առաւել ամրապնդումով եւ հայրենի հողին հետ շաղախուելու իրականութեամբ:

Պահ մը զանց առնելով քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, զինուորական թէ մշակութային բնագաւառներու վերլուծութիւնն ու անոնց վրայ լուսարձակներու կեդրոնացումը, արդար է խօսիլ ու գրել, քննել ու անդրադառնալ  հայ կեանքին առնչուող ընկերային մարզին, որ արմատապէս օղակաւորուած է վերեւ նշուած մարտահրաւէրներուն:

Անհաշուելի էջեր մրոտուած են սփիւռքահայութեան թէ հայրենի ժողովուրդի առօրեային մասին, պետական մակարդակի յանձնախումբեր կեանքի կոչուած են` որոշակի արդիւնքներ ապահովելու տեսակէտէ, վեհաժողովներ զիրար հրմշտկած են` ձեռք ձգելու պատուաբեր փորձառութիւն, գիտաժողովներ անպակաս են եղած` հարցերը գիտականութեամբ ուսումնասիրելու եւ ըստ այդմ գործունէութիւն ծաւալելու, սփիւռք-հայրենիք մերձեցման ճանապարհին, 25 տարի է, յոյժ գնահատելի նախաձեռնութիւններու ականատես ենք եղած, եւ այսպէս շարունակաբար, յանուն վերանկախ Հայաստանի հզօրացման եւ Արցախի պաշտպանութեան:

Արցախը իմ տունս է, մե՛ր տունն է, հայաշունչ սերունդներու օրրանն է: Միթէ այդպէ՞ս է: Արդեօք կարգախօսային կամ խոհանոցային հայրենասիրութիւն բուրող արտայայտութիւններ չե՞ն, որոնցմով կը պարուրենք մեր կեանքը:

Հաւատացողն ենք, որ 8-10 միլիոն հայութեան համար Արցախը հայրենիք է,  արդի ժամանակներու ազգային ազատագրական պայքարի խորհրդանիշն է,  թուրքին ու ազերիին յաղթելու մեծագոյն փաստը, բայց մանաւանդ` ինքնաճանաչութեան եւ ինքնակառավարումի ամենավառ արտայայտութիւնը:

Փաստօրէն, Արցախ աշխարհը ո՛չ միայն աշխուժ պետութիւն է իր աշխատասէր ժողովուրդին թէ հզօր բանակի ներկայութեամբ, այլեւ` հաւաքական կեցուածք ու նկարագիր է, ուժեղ կամքի, տեսլականի ու ազգային արժեհամակարգի ամենապայծառ օրինակն է:

Ի՜նչ խօսք, երբ փորձ կը կատարուի բաղդատելու Արցախի հրաշք բնութիւնը տարբեր երկիրներու հետ: Ազգային նուաստացում է նման մօտեցում, որովհետեւ Արցախի ու Հայաստանի բնութենական թէ մշակութային անկրկնելի ու եզակի գեղեցկութիւնները իւրայատուկ են եւ ըստ ամենայնի` անչափելի:

Իրօք, Արցախի անկախութեան ծնունդն ու հռչակումը նուէր չտրուեցաւ մեզի` հայութեան, անիկա կեանքի կոչուեցաւ աւելի քան հինգ հազար նահատակներու սուրբ արեամբ եւ անասելի զոհաբերութեամբ:

Բաւարար է յիշել ապրիլեան քառօրեայ մարտերու (2016) ողջ պատմութիւնը եւ ընդմիշտ եզրակացնել, որ հայութեան ճակատագիրն է եղած, դարեր շարունակ, ոգի ի բռին մարտնչիլ երկու ճակատներու վրայ` ներքին ու արտաքին: Ներքին` փտածութեամբ, սուտ եւ զեխ կեանքով կլանուած ղեկավարութեան դէմ եւ արտաքին` հայատեաց ու ցեղապաշտ թրքութեան:

Մէկ կողմէ ականատես ենք ազգային գիտակցութեան եւ նուիրաբերումի բորբոքման տարբեր դրսեւորումներու, միւս կողմէ` կ՛ապրինք պատեհապաշտ ու ապազգային կեցուածքներու անմիջական ներկայութիւնը:

Եւ ահա հակասական եւ իրերամերժ հոսանքներու կիզակէտին կը կանգնի հայ արդար բազուկի ու պայծառ մտքի հաւատացող սերունդներու ընտրանին, որ մէկդի շպրտած վախը եւ յուսալքութիւնը, կամքի թուլութիւնը եւ յանձնապաստան կեանքը, իր առօրեան կ՛ապրի հեզասահօրէն ու երազները կը շաղախէ Արցախ աշխարհի մէն մի գեղեցկութեան` յանուն բարօր ապագայի ու ազգային յառաջդիմութեան:

Իսկ ո՞ւր ենք մենք առանձնապէս իբրեւ սփիւռքահայութիւն, որ զոհն ենք դարձեր մեր հաւաքական չկամութեան եւ թեթեւսոլիկ ապրելակերպին: Կ՛երգենք Արցախի յաղթանակը, բաժակներ կը բարձրացնենք ի պատիւ սխրանքներու, իսկ երբ իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք, կը բաւարարուինք կոչերու եւ խօսքերու յագուրդ տալով:

Ո՞ւր են նաեւ անհաշուելի մեծահարուստ հայերու փաղանգները, որոնք իրենց անսահման կարելիութիւններով սատար պիտի կանգնին Արցախի վերականգնումին եւ բնակեցման: Ինչպիսի՞ մակարդակին է ազգային-պետական ռազմավարական այն ուղղութիւնը, որով պիտի կարենանք իրագործել դարերու մեր երազը` հայահաւաքն ու հողահաւաքը:

Ի դէպ, այս ուղղութեամբ տարուած բոլոր աշխատանքները կը մնան մեր բոլորին երախտագիտութեան ու յարգանքին արժանի:

Այդուամենայնիւ, ժամանակներու արագընթաց ու աննպաստ վիճակներու յորձանուտին մէջ անոնք` տարուած աշխատանքները (պետական, միութենական թէ անհատական) կը մնան ոչ գոհացուցիչ ու անբաւարար` նկատի առած սպառնացող վտանգներու ահագնութիւնն ու միջպետական խօլ մրցակցութիւններու տակաւ սաստկացումը: Վտանգներ, որոնց թւումն անգամ մեզ կ՛ապշեցնէ եւ յուսալքման ճամբեզրին կը հասցնէ շատ անգամ: Եւ սակայն հայ կեանքի թաւալքը կը շարունակէ իր գորշ ընթացքը, առանց շեշտակի հաւաքական յաջողութիւններու եւ հեռանկարային վճռական ոստումներու:

Դիպուկ է լոյսին բերել դիւանագիտական ասպարէզի, այս պարագային ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահներու մերթ ընդ մերթ կատարուող «անմեղ», «խելացի» կամ «անհատական» կեցուածքները, որոնց առանցքը, խորքին մէջ, տարածքներու զիջում ապահովելու կը ծառայէ, ազերի հորդաներու քաղաքական թէ հողային առաւելներ ապահովելու միտումներ կ՛ընդգրկէ եւ այլն, եւ այլն:

Ճիշդ է, որ հայ դիւանագիտութիւնը կը պատասխանէ միջազգային խարդաւանանքներու եւ ստապատիր կեցուածքներու, այդուամենայնիւ հարկ է ազգովին սպառազինուիլ հայութեան կարողութիւններով եւ լծուիլ բնակեցման սուրբ աշխատանքին առաւել ճառագայթումին: Ահա ամէնէն ուժեղ պատասխանը:

Բնակեցում, որ կ՛ենթադրէ պետական համապատասխան ծրագիր ու յանդուգն կողմնորոշում, այլ խօսքով` հայրենադարձութեան աշխուժ, իրական, պատուաբեր եւ գործնական գործելակերպերու որդեգրում:

Այսինքն` Արցախի հողին վրայ տուն մը ունենալու երազի իրականացում:

30 օգոստոս 2017    

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live