Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 12115 articles
Browse latest View live

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Յուլիս Գ. –Սփիւռք-Հայրենիք Համահայկական Ժողովի Նախօրէին

$
0
0

Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն, փոխադարձ ճանաչողութեան,  փոխանակումներուն  25 տարուան փորձառութիւնն ու արձանագրուած արդիւնքները ենթահող պիտի ծառայեն, բնականաբար, Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համահայկական երկօրեայ ժողովի նախօրեակին քննարկումներ կատարելու եւ սփիւռքի ու հայրենիքի ներկայ իրավիճակներուն լոյսին տակ նոր առաջարկներով հանդէս գալու:

Յետադարձ հայեացք մը նետելով սուրիահայութեան դիմաց պարզուած յատկապէս վերջին` պատերազմական տարիներու պատկերին վրայ, կրնանք հաստատել, որ պատերազմը պատճառ հանդիսացաւ, որ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները շատ աւելի արագ կշռոյթով զարգանան` երեւան հանելով մասնագիտական սերտողութեան արժանի մէկէ աւելի երեւոյթներ:

Եթէ նախքան պատերազմը սուրիահայութեան նկատառելի մէկ տոկոսին համար, առանց բացարձակ ընդհանրացումներու երթալու, հայրենիքը միայն ոգեղէն ներկայութիւն էր, ուր զբօսաշրջութեան, հանգիստի, ուսանելու կամ համահայկական ժողովներու մասնակցութեան համար կարելի էր մեկնիլ ու բաւարարուիլ հայրենաճանաչութեամբ,  աւելի՛ն,  հայրենասիրական զգացումները գոյատեւման խթան ծառայեցնել եւ Արարատի հմայքին ու հայրենիքի քաղցր ջուրին համով լիանալ. եթէ հայրենիքը ոգեղէն ներկայութիւն էր միայն, սուրբ ներկայութիւն մը, ուր ամէն բան վարդագոյն էր ու դիւրահաս, պատերազմը պատճառ հանդիսացաւ, որ այդ մակերեսային նայուածքը կտրուկ վերիվայրում մը ապրի, զգացական մօտեցումները բախին իրականութեան պատին ու Հայաստանը որպէս անկախ պետութիւն, պետականութիւն ընկալելու գիտակցական վիճակը շատ աւելի արագ կշռոյթով ձեւաւորուի: Պետութիւն, որ ունի իր դժուարութիւնները, եւ որուն զարգացման ու կայունացման մէջ իր ներդրումը կրնայ բերել ու պէտք է բերէ սփիւռքը` ոչ թէ միայն հեռուէ  հեռու զօրակցական կոչեր հրապարակելով ու տնտեսապէս օժանդակելով անոր, այլ նաեւ` մասնակցելով,  որովհետեւ հայկական մեր իրականութեան մէջ ամուր խարիսխ մըն է անկախ Հայաստանը: Մասնակցութեան այդ եղանակը պիտի ըլլայ սերտելին: Մասնակցութիւն մը, որ սահմանափակ ներդրումէն անդին երթայ ու մեր պետութիւնը միասնաբար կառուցելու, զօրացնելու տրամաբանութեամբ օժտուի: Մասնակցութիւն մը, որուն եզրերուն ճշդորոշումին մէջ դերակատարութիւն ունենայ սփիւռքահայ մասնագէտը, մտաւորականը` նաեւ: Մասնակցութիւն մը, որ հիմնուի փոխադարձ իրատես ճանաչողութեան վրայ, հեռու` զգացական մօտեցումներէ: Անցած են հայրենասիրական երգերով խանդավառուելու ժամանակները: Հայ երիտասարդութիւնը, սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, կենդանի գործին, գործակցութեան հետ յոյսեր կը կապէ միայն:

Հայաստանին համար եւս սուրիական պատերազմը երկու իրավիճակ ստեղծեց, առաջինը պատերազմին հետեւանքով Հայաստան հաստատուող սուրիահայերուն աշխատանքի եւ կեցութեան յարմարութիւններու ապահովման անհրաժեշտութիւնն էր, սուրիահայ գաղթող մարդուժին ներգրաւումը` նաեւ հայաստանեան միջավայրին մէջ: Երկրորդը սուրիահայ գաղութի դիմադրողական ոգիին նպաստելն ու քաղաքական դաշտին վրայ այդ նկատառումներով հանդէս գալն էր` որպէս պետութիւն: Այս պատերազմը նպաստեց, որ Հայաստանն ու հայաստանցին աւելի լաւ ճանչնան սուրիահայը, սուրիահայն ալ` Հայաստանը, որպէս 25-ամեայ պետական ներկայութիւն մը մեր կեանքին մէջ: Այս առումով պէտք է քննարկել, թէ որքանո՛վ կարելի եղաւ ճշգրտօրէն կառավարել պատերազմին յառաջացուցած այս նոր կացութիւնը:

Սուրիահայ գաղութին դիմադրողական ոգին գլխիվայր շրջեց նաեւ ընդհանրացած այն թիւր կարծիքը, որուն համաձայն, պատմական մեր գաղութները ժամանակաւոր են, փխրուն ու կորստեան դատապարտուած: Փաստօրէն անոնք, ունենալով մէկտեղ գոյերթի պահպանման լուրջ մարտահրաւէրներ, դժուարութիւններ ու թոյլ կողմեր, ընդունակ են պահպանելու իրենց գոյութիւնը, սակայն կը մտածե՞նք այդ գոյութիւնը երկարաձգող որակաւոր մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութեան մասին, իսկ Հայաստանը որքանո՞վ կրնայ սատարել այդ պատրաստութեան:

Փափաքելի պիտի ըլլայ, որ այս ժողովը խորքային քննարկումներու եւ նոր գործելաձեւի որդեգրման առիթ հանդիսանայ` ի շահ հայրենիքին ու սփիւռքին, ոչ թէ անոնցմէ մէկուն` միւսին հաշուոյն:

«Գ.»


Մէկ Ծաղիկով Ալ Գարուն Կու Գայ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անցեալ տարի դարձեալ Երեւան էի: Այդ օրերուն տակաւին օգոստոս էր եւ` անոր երեւանեանը, ու երկինքը բաւական մեծ ջերմութեամբ կը ժպտար: Կ՛ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ: Թէեւ քաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլենէն խնդրած էի քանի մը «անանուն» գրադարաններ ալ այցելել: Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի միշտ լսել հայ գիրքին «ձայնը»: Իրապէ՛ս, հայրենիքի կարօտիս կողքին, ընթերցումի սէրս ալ հետս Հայաստան բերած էի: Եւ այդ օր «մուրազ»-իս հասայ…

Իսկ հիմա, երկար ժամեր այդ գրադարանին մէջ պտտելէս եւ անոր փոշոտ գիրքերուն հետ «խաղալէս» ետք, դուրսը, «հայաթ»-ին (բակին) մէջ կեցած, ինքնաբերաբար եւ ագահօրէն շուրջս դիտելով, Մատլենը կը սպասէի: Ի տես աչքիս զարնուող անբացատրելի տեսարաններուն, խօսակցութեան ու շէնքի դրացիներու արտայայտութիւններու ձեւին ու ոճին, յաճախ յուսախաբ, գլուխս կը շարժէի` մտովի ըսելով, որ մեր ժողովուրդն ալ օտար քամիներուն անձնատուր եղած է իր կենցաղով եւ վերաբերմունքով: Դաժա՛ն իրականութիւն:

Բայց…ահա՛ վերջապէս Մատլենը երեւցաւ` ռուսական իր ինքնաշարժով: Նստայ: Յոգնած կ՛երեւէր, քիչ մըն ալ` ջղային: Ուստի, փորձեցի մթնոլորտը փոխել: Հարցը պարզ էր: Հեւքոտ կեանքի մը մէկ պատկերը: Իր մանչը դպրոցը ինկած եւ քիթը արիւնած էր, իսկ ինք` հոս-հոն վազած: Բայց եւ այնպէս, ես յանցանք չունէի: Այս մէկ բացատրութիւնը զիս քիչ մը աւելի հանդարտեցուց.

– Իսկ հիմա ո՞ւր կ՛երթանք,- ըսի վերջապէս եւ համարձակ:

– Անակնկա՛լ է, «ըսթազ» (պարոն),- ըսաւ շատ մտերմիկ:

Կեանքը իսկապէ՛ս հետաքրքրական էր: Այն աշակերտներուս համար, որոնց հայերէն դասաւանդած էի, ես «պարոն» կը կոչուէի, իսկ անոնց, որոնց` արաբերէն, «ըսթազ»-ով կը ճանչցուէի: Այս ուրիշ հարց էր…

Յանկարծ «օ՜հ» բացագանչութիւն մը լսեցի: Մատլե՛նն էր.

– Ի՞նչ եղաւ,- ըսի` գրեթէ վախցած:

– Հե՛չ, հե՛չ, հիմա կը շտկեմ,- ըսաւ ու նոյն փողոցին վրայ, ինքնաշարժին գլուխը դէպի ձախ դարձնելով` փորձեց ճամբան շարունակել:

– Սխալ ուղղութեամբ փողոց մտած էինք,- ըսաւ պարզ եւ յստակ:

Ցնցուեցա՛յ: Իսկապէս որ պատահածը մեծ սխալ էր: Մատլենը ինքնաշարժը ուղղած էր փողոց մը, որ միայն դէպի վար «հոսք» ունէր: Մեր բախտէն տեղւոյն վրայ ինքնաշարժի չհանդիպեցանք: Այլապէս…նո՛ր արկած մը…

– Լա՛ւ է,- ըսաւ ու սկսաւ ճամբան շարունակել:

Բայց ոստիկանական ինքնաշարժի մը ահազանգի ճչակն ու անոր հետեւող խռպոտ ձայնով հրահանգը խանգարեցին մեր ներքին հանդարտութիւնը:

Ա՛ռ քեզի անակնկալ, սիրելի՛ Մատլենս, ըսի մտովի:

– Փորձա՜նք,- բացագանչեց Մատլենը` զարմացած,- այս մէկը ուրկէ՞ բուսաւ:

Գլուխս պատուհանէս ծռեցի ու տեսայ կապոյտ-ճերմակ ոստիկանական ինքնաշարժ մը, որ իր զգուշացնող լոյսերը վառած` մեր ետեւէն կու գար:

Մատլենը, իր կարգին, շուտով փողոցի աջ կողմը թեքուեցաւ ու կանգ առաւ` միաժամանակ ինծի ըսելով, որ եթէ մօտս քսան տոլարնոց մը ունէի, ապա զայն պատրաստէի ափիս մէջ:

Այսքա՛ն: Հասկցա՛յ: Կաշա՛ռք…

Անմիջապէս խնդրանքը կատարեցի ու գրպանէս «քսաննոց» մը հանելով` ձախ ափիս մէջ ամուր պահեցի: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ինք չափազանց մտահոգ ու ջղային էր: Ինքնաշարժը կանգ առնելէ ետք Մատլենը իր պատուհանը բացաւ ու ինծի կարճ ու կտրուկ թելադրեց.

– Հաճիս չխօսի՛ք եւ չմիջամտէ՛ք, միայն մտիկ ըրէ՛ք…

Լռելեայն հնազանդեցայ:

Ոստիկանը, որ երիտասարդ տղայ մըն էր, նախ մօտեցաւ եւ յարգանքով աջ ձեռքը գլխուն մօտեցնելով` իր անունը տուաւ ու բարեւեց: Ապա քիչ մը աւելի ցած ծռելով` ինծի ալ «բարե՛ւ ծէծէ» ըսաւ:

– Հրամեցէ՛ք, պարո՛ն ոստիկան,- ըսաւ Մատլենը` բաւակա՛ն քաջ:

Իմ կարգիս, անկեղծօրէն, վախցա՛ծ էի: Անձնապէս ոստիկաններէն կը խրտչէի, նոյնիսկ երբ ոստիկան մը տեսնէի, ձեւով մը կը վախնայի ու տեսակ մը անժամանակ քրտինք կը թափէի: Այս բոլորը թերեւս անոր համար, որ մանկութեանս, Հալէպի այդ մեր բազմաբնակ բակին մէջ, պարոն Արթին անունով դրացի մը ունէինք: Ծոյլ մարդ մըն էր, մի՛շտ սիկարեթը բերնին: Կինը կ՛աշխատէր, իսկ ինք տունը կը քնանար: Իսկապէ՛ս կը վախնայինք իրմէ, եւ երբ մեր խաղի ընթացքին մեր ձայները քիչ մը աւելի «բարձրացնէինք», անմիջապէս պատուհանէն կը պոռար.

– Ծօ՛, խելօք հա՛, սուս հա՛, հիմա «փոլիսը» (ոստիկանը) կը կանչեմ, ձեզի բանտ կը տանի, խելօք հա՛:

Ուստի, կը կարծէի, որ եթէ ոստիկանի մը հանդիպէի, ան զիս բանտ պիտի տանէր: Ահա՛ քեզի պատմութիւն…Վախ եւ հոգեկան կեցուածք: Իսկ հիմա՞…Հիմա՛ ալ նոյնն էր կարծես, այս տարիքէս ետք…Ճիշդ էր, որ մեծ սխալ մը չէինք ըրած, այսպէս` քիչ մը ճամբայէն շեղած էինք…սխալ ուղղութեամբ գացած էինք, բայց…սխալը սխա՛լ էր, անոր մեծ ու պզտիկը չկայ:

– Ձեր թուղթերը, քոյրի՛կ ջան,- լսեցի ոստիկանին ձայնը:

Մատլենը վայրկեանին կրկին իրար անցաւ: Նայեցայ երեսին…կաս-կարմիր եւ քրտինք…Աստուա՛ծ իմ, այս աղջիկը ի՞նչ եղաւ յանկարծ: Շուարեցա՛յ: Գլուխովս հարց տուի այս ներքին տագնապին եւ իրարանցումին պատճառը հասկնալու համար:

– Կը ներէ՛ք,- լսեցի Մատլենին ձայնը` գրեթէ աղաչական,- պայուսակս տունս մոռցած եմ, աճապարանքով տունէս ելայ եւ հիմա մօտս փաստաթուղթ չունիմ:

– Օ՜հ, այդպէ՛ս,- ըսաւ ոստիկանը տարբեր ոճով մը,- ուրեմն առանց արտօնագրի էք վարում «աւթօ»-ն…է՜հ, տուէ՛ք «ինշուրունս» ԱՊԱ-ի` ապահովագրութեան թղթերը:

Հարցում եւ հարցում…Հիմա ես Մատլենէ՛ն աւելի մտահոգ էի:

– Ա՛ն ալ մօտս չէ,- ըսաւ Մատլենը` յանցանքին վրայ բռնուող աշակերտի մը նման, խղճալի ձայնով:

– Ի՞նչ,- զարմացած` կրկին անգամ հարցուց ոստիկանը:

– Ճի՛շդ լսեցիք, մօտս չէ՛: Ըսի՛ ձեզի, որ աճապարանքով տունէն ելած եմ եւ նոյնիսկ պայուսակս չեմ վերցուցած, մոռցած եմ, «օթօ»-իս բանալին առնելով` արագ մը եկած եմ, որ «ըսթազ»-ս վերցնեմ…ճշմարի՛տ կ՛ըսեմ:

Ահա՛ քեզի պատմութիւն եւ նոյնքա՛ն ալ վէպ: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել այս դաշտանկարը:

Ոստիկանը գլխարկը գլուխէն հանեց: Քանի մը անգամներ գլուխը քերեց, ապա գլխարկը տեղը դնելէն ետք, քիչ մը աւելի ծռելով` ձեռքերը հանգչեցուց ինքնաշարժին, Մատլենի կողքի պատուհանին վրայ, եւ երկար-բարակ բացատրեց, որ նման պատմութիւններ ամէն օր կը լսէ, եւ չի հաւատար: Սո՛ւտ ինքնարդարացում…Անիմա՛ստ պատճառաբանութիւն…Ապա, այս բոլորէն ետք, ան աւելցուց, թէ ինք պէտք է, որ մեզ ոստիկանատուն տանի եւ կանգառին մէջ պահ դնել տայ մեր ինքնաշարժը, մինչեւ որ Մատլենը իր տունէն բերէ պահանջուած թուղթերը եւ տուգանքը «մուծէ»: Այսքա՛ն:

Մատլենը, այս անգամ, տեղացիներուն նման, կրկնեց իր պատմութիւնը եւ երդուեց.

– Ձեզ վստահեցնում եմ, պարո՛ն ոստիկան, հօրս արեւ, ես տանն եմ մոռացել ամբողջ «քիֆս» (պայուսակս):

Կարծես պիտի լար: Ճի՛շդ էր, որ Մատլենը սուտ չէր խօսեր, բայց` «եկո՛ւր եւ հաւատացո՛ւր այս մարդուն»…Իր կարգին, ոստիկանը, չեմ գիտեր` որքա՛ն ատեն զինք դիտեց` միւս կողմէ ալ աչքին ծայրովը զիս չափելով: Բայց ինծի ոչ մէկ հարցում հարցուց: Այո՛, ես բաժին չունէի, բայց վերջապէս տարիքոտ «վկայ» մըն էի…

– Լա՛ւ, լա՛ւ, հաւատո՛ւմ եմ ձեզ, քոյրի՛կ ջան, մի՛ յուզուէք…առայժմս գնացէ՛ք եւ այսուհետեւ նման «ղալաթ»-ներ (սխալներ) չանէ՛ք, խնդրում եմ…Բարի՛ օր,- ըսաւ եւ հրահանգեց, որ մեր ճամբան շարունակենք:

Վայրկեանի՛ն ես ու Մատլենը իրարու երես նայեցանք: Նախ` իսկապէս որ մեր ականջներուն չհաւատացինք: Բայց…հրա՛շք: Տակաւին քսան տոլարնոցս ափիս մէջ, մատներուս կպած` երակներուս հետ միասին կը դողար: Ա՛ն ալ քրտնած էր: Ինծի համար յստակ էր, որ կաշառակերութիւն ըսուած այդ արեւելեան եւ կարծես` մարդկային վառ իրականութիւն-արարքը հիմա զարնուած էր այս ոստիկանի խիղճին ու փշուր-փշուր եղած էր փխրուն արձանի մը նման:

Իրապէ՛ս հայ ոստիկանը աչքիս մեծցած էր: Ան հիմա ինծի համար գերազանցօրէն հա՛յ էր: Մինչ այդ, ինչ մեղքս պահեմ, ես ալ շատերու նման կը կարծէի, թէ հայրենիքիս մէջ հայ հոգին կորսնցուցած էր իր բանալին, եւ թէ` հայը ցուրտ էր, ե՛ւ խարդախ, ե՛ւ նիւթապաշտ…Սակայն այդպէս չէ՛ր:

Հիմա, այդ փողոցին մէջ, գիտակցութեանս առջեւ մարդկային մաքուր եւ բարի նկարագիրը պարզուած է…Նոր մարդկութիւն: Նոր երիտասարդ հայ: Բայց, կը մտածեմ, արդեօք մէկ ծաղիկով գարուն կու գա՞յ: Եթէ ուզենք…գարունը անպայմա՛ն կու գայ: Կարեւորը` մեր կա՛մքն է: Մեր մտածելակե՛րպը:

Այս տեսարանը խորքին մէջ մեզի կը պարտադրէր յստակ իրականութիւն մը: Մէկ խօսքով` մաքուր տպաւորութիւն մը, որ մէջս, իբրեւ գեղեցիկ երեւոյթ, վայրկեանին ապրեցուց յոյսի մը ուրախութիւնը: Յոյս մը, որ վաղը կամ օր մը այս ծաղիկը կրնայ իր նմանները ունենալ, գտնել եւ` «գարունանալ»:

– Ահա՛ քեզի ճկուն, կայտառ ու վաղուան հզօր հայութիւն,- ըսի ես ինծի,- որոնց մէջ թաքնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը:

Ու հոգիս կրկին անգամ ջերմացաւ տեսակ մը անբացատրելի ջերմութեամբ, որ նոյնիսկ անուն չունի, որովհետեւ այդ օր ինծի համար նոր հայը ճանաչելի դարձած էր:

 

 

Ո՞ւր Են Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն

$
0
0

Լիբանանահայ գաղութի դժուարութիւններու դիմագրաւման եղանակներու ճշդումի մեր հաւաքական ճիգին մէջ՝ «Ազդակ»-ի 8 յունուար 1976-ի առաջնորդող յօդուածը կը վերատպենք` նկատի ունենալով դաշնակցական հրապարակագրութեան ամէնէն իւրայատուկ դիմագիծի փայլուն արտայայտութեան փաստը ըլլալու հանգամանքը: Յօդուածը ուղղակի օրինակ է լիբանանահայութեան հիմնախնդիրներու ինքնաքննարկումի, յանդուգն ձեւով հարցերը դիմակայելու եւ գաղութի իրավիճակին ճի՛շդ, առարկայական գնահատական տալու:

«Խմբ.»

Ժամանակն է, որ հարցումը փողոցէն դուրս բերուի եւ շեշտակիօրէն հրապարակուի մամուլով:

Լիբանանեան աղէտի երկարաձգման պատճառով անգործ են մեր զանգուածները եւ կ՛ապրին նիւթական անձուկ վիճակի մէջ, շատեր` նոյնիսկ հացի կարօտ: Իսկ ո՞ւր են մեր հանրային կառոյցներն ու ազգային պատասխանատու մարմինները:

Իր թշուառութեան եւ անապահովութեան մէջ ժողովուրդը բնականաբար պիտի բախէ իր ազգային կառոյցներուն դուռը, եւ վա՜յ այն ղեկավարութեան, որ դուռ չի բանար կարօտեալ զանգուածներուն առջեւ:

Յարանուանական անջատ եւ բարեկեցիկ «իշխանապետութիւններ» հաշուող, քաղաքական քանի մը կազմակերպութիւններով օժտուած եւ յիսունէ աւելի հայրենակցական թէ այլ միութիւններով յղփացած այս գաղութը ինչո՞ւ չի կրնար տէր կանգնիլ  կարօտեալ հայութեան:

Եթէ աղէտի օրերուն ալ ժողովուրդը պիտի զրկուի հանրաին հոգատարութենէ, այլեւս ո՞ր օրուան համար ստեղծած ենք գաղութային մեր կառոյցները:

Դատապարտելի ենք նաեւ մե՛նք` մամուլը, որ այսքան ուշացաւ խուսափող եւ պարտուողական պատասխանատուները մտրակելու իր պարտաւորութեան մէջ:

Այսուհանդերձ, դաշնակցական մամուլի առաքելութեան գիտակից, մենք ցարդ բաւարարուեցանք ժողովրդային կարիքներուն թարգման հանդիսանալ` համոզուած, որ աղէտը անսպասելիօրէն ահաւոր եղաւ, հաւատալով, որ հանրային մեր մարմիններն ու «ազգայինները» շուտով կը յաջողին թաւալգլոր անկումին դէմ կանգնիլ ու հայահոծ այս գաղութը կազմալուծումէ փրկել:

Մեր սպասումը երկարեցաւ նաեւ ա՛յն պատճառով, որ հրապարակային մտրակումէ առաջ կարելի ու անհրաժեշտ էր օգտագործել կազմակերպական խողովակները` մեր հանրային կեանքին պատասխանատուները ազգային պատասխանատուութեան եւ զգաստութեան հրաւիրելու համար:

Իսկ այսօր, ազգային պատասխանատու կառոյցներու շարունակուող բացակայութեան դէմ յանդիման, ժամանակն է, որ ցնցուին «դիրքերէն» հեռացած ու «դասալիք» անձնաւորութիւններն ու մարմինները:

Կարմիր օրերու մէջ տուայտող հայ մարդը այսօր իր շուրջ կը տեսնէ միայն կուսակցական մեր ակումբները եւ պատնէշներու վրայ գիշեր-ցերեկ հսկող պատանի թէ երիտասարդ մեր տղաքը: Իսկ երբ ապահովութեան ճակատի վրայ որոշ չափով մխիթարուած կը մտնէ տուն, կ՛ապրի ողբերգութեան միւս երեսը, թերեւս` աւելի անտանելին, որ անգործութիւնն ու անօթութիւնն է, եւ որուն առջեւ մեր ակումբներուն բաց դուռերը սահմանափակ կարելիութիւններ կ՛ընծայեն միայն:

Այս կացութիւնը չի՛ կրնար շարունակուիլ, եւ մենք պարտաւոր ենք ամէն գնով վերջակէտ մը դնել այս ողբերգութեան:

Չենք կրնար թոյլատրել, որ հայ մարդը ձգուի իր անհատական բախտին, որովհետեւ իր թշուառութեան մէջ ան կրնայ մատնուիլ ամէնէն ահաւոր տագնապին, ազգային յուսախաբութեան, որ ամէնէն կարճ ճամբան է արտերկրի հայութեան մայր կեդրոնը նկատուող Լիբանանի գաղութային կազմալուծումին:

Չենք կրնար հանդուրժել, որ ազգային պատասխանատուութիւնը վերածուի «դափնեպսակ»-ի մը, որուն տէրերը ներկա՛յ են միայն մեր լաւ օրերուն, մեծարանքի շուք մը ապահովելու համար, եւ որոնք բախտորոշ օրերուն կռնակ կը դարձնեն ո՛չ միայն իրենց «դափնեպսակին», այլեւ` կարօտեալ հայութեան:

Լիբանանեան փորձաքարին զարնուելով` փուլ պիտի չգա՛յ այս գաղութը: Վճռած ենք մեր բոլոր կարելիութիւններով դիմադրել կազմալուծումին եւ վերականգնիլ` իբրեւ կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն կարօտեալ զաւակները միշտ պիտի գտնեն հոգատար խնամք:

Ժամանակն է լռութիւնը խզելու եւ մատը վէրքին վրայ դնելու, որպէսզի տասնամեակներու զոհողութեամբ շահուած այս գաղութը զոհ չերթայ իբր թէ պատասխանատու անհատներու անընդունելի անպատասխանատուութեան:

Արամ Ա. Վեհափառ Հօր Մտերմութեան Մէջ Հոգեմտաւոր Պատնէշներ

$
0
0

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ 

«Մաթ մալեք ալ արման» (հայոց թագաւորը վախճանեցաւ). այս բառերը վերյիշեցի, երբ վերջերս Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի ատենապետ Յակոբ Հանտեանի, այցելեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հօր, Պիքֆայայի իր ամառնային նստավայրին մէջ: «Հայոց թագաւոր» որակումը խորապէս տպաւորած էր զիս ու ասիկա նախընթաց մը չէր: Պատմութեան դասերէն ալ իմացած ենք, թէ Բիւզանդիոնի Վաղէս կայսրը եւս «թագաւորն ու հայրապետը համազօր են իրարու» պատասխանած էր այն խորհրդականներուն, որոնք կ՛առաջարկէին  Հայաստանէն աքսորել Մեծն Ներսէս հայրապետը: Այս հանգամանքը առաւել եւս շեշտուած էր հայոց պետականութեան անկումէն ետք եւս (1): Աւելի՛ն. յետեղեռնեան շրջանին, ճշգրտօրէն` 1930-ին, տեղակայուած էր Անթիլիասի նստավայրին մէջ:

Այգաբացի թէ երեկոյեան, իր օրհնաբոյր ղօղանջներով  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրը փարոս մը դարձած էր (եւ է) իր ազգային-հոգեւոր դիմագիծի վերակերպման ու ամրագրման փորձերուն մէջ տուայտող աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածին համար (չըսելու համար` մեծամասնութեան համար):

Ժպտերես դիմաւորելով մեզ` Արամ վեհափառ համբերութեամբ կը լսէր մեր կարծիքներն ու առաջարկները: Զրոյցը կեդրոնացած էր ՀՀՀ-ի ծրագիրին, գործունէութեան ու առհասարակ ազգային հոգեմտաւոր կառոյցներուն, երիտասարդութեան ներդրումին, ներազգային իրավիճակին եւ առնչակից հարցերու եւ երեւոյթներու վրայ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը խանդավառ էր իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները եւ առաջարկները յայտնելու վեհափառ հօր, որուն դէմքին պարզուող ժպիտի ետին զգալի էր խոր անձկութիւն: Անձկութիւն` հայրենական թէ աշխարհասփիւռ «հայաշխարհներու» մէջ տիրող իրավիճակին համար, որ այնքան ալ «վարդագոյն» չէ: Մերթ անցեալի յիշատակներէն դէպքեր վերյիշելով, մերթ զուարճալի կատակներով, վեհափառ հայրապետը կը փորձէր ուրախ տրամադրութիւն ստեղծել, ինչպէս` ընտանիքի մը հայրը, որ կը փորձէ իր զաւակներուն մեղմօրէն տեսանելի դարձնել ընտանիքին սպառնացող մօտաւոր թէ հեռաւոր, տեսանելի թէ անտեսանելի վտանգները:

Վեհափառ հօր հետ զրոյցի ընթացքին մեր նստած դիրքերուն միջեւ հեռաւորութիւնը հազիւ կէս կամ մէկ մեթր էր, սակայն բոլորս ալ յատուկ ակնածանքով ու գուրգուրանքով կ՛արտայայտուէինք: Չէ՞ որ ան «հայոց թագաւորն է»: Նման զգացում ապրած էի փոքր տարիքիս, երբ մօրս հետ զինք սուրճի հրաւիրած դրացուհիին կ՛այցելէինք: Արդարեւ, հազիւ դրան սեմին հասած, մեր դրացուհին մատով նշան ըրաւ, որ լուռ մնանք` մատնացոյց ընելով սեղանին վրայի ձայնագրութեան գործիքը: Աւարտին բացատրեց, թէ կ՛արձանագրէր երջանկայիշատակ Խորէն վեհափառի մէկ պատգամին ձայնասփռումը: Մեր դրացուհիին` տիկին Աղաւնիին «Ասի մեր սրբազան հօր, մեր թագաւորին պատգամն է, գոնէ իր ձայնը լսելով` կ՛օրհնուի մեր տունը» խօսքը տակաւին կը հնչէ ականջիս: Նմանապէս, դպրոցական օրերէս կը յիշեմ, այն խիզախ լուսանկարիչը, որ յաջողած էր ներթափանցել գրաւեալ Հայաստանի նահանգները եւ այցելած` իրենց ինքնութիւնը ծածկող երեւութապէս իսլամացած հայերու, որոնք իրենց բարձերուն տակ պահուած Ս. Գիրքը ցոյց տալով` խնդրած են. «Կը լսենք, որ «դուրսը» մենք թագաւոր ունինք, ինչո՞ւ չի գար եւ մեզ չ՛ազատեր»: Այդ պահուն «կ՛ապրէի», կը զգայի «թագաւոր» բառին խորհուրդն ու կարեւորութիւնը, առաքելութիւնը մեզ` սփիւռքահայերուս եւ համայն հայերուս համար: Իրապէս «թագաւոր» մը, որ իր ուսերուն «կը կրէր» համայն ազգին հոգերը: Փաստօրէն, լիբանանեան պատերազմի ընթացքին, ի շարս այլոց, նաեւ լիբանանահայութեան ալ առաջարկուած էր արտագաղթել ու տեղափոխուիլ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէկ անկիւնը` յիշեցնելով յետեղեռնեան առաջին փուլը, երբ Թուրքիա ծածուկ թէ բացայայտ միջոցներով փորձած էր իր «վտարած» հայերը առաւել եւս հեռացնել հայրենիքի սահմանամերձ գօտիներու երկիրներէն ու զանոնք տեղաւորել հեռաւոր աշխարհի մէկ անկիւնը, հայութեան պահանջատիրական ոգին յուսալքելու ակնյայտ, բայց ձախող մէկ փորձով: Օրին, սակայն, լիբանանահայութեան ղեկավարները միաբերան մերժած էին նման առաջարկ` առարկելով, թէ` «այնքան ատեն որ մեր վեհափառ հայրապետը հո՛ս է, մե՛նք եւս հոս ենք ու հոս կը մնանք»: Արհամարհելով տիրող պատերազմական «ճատրակի խաղերն ու անտառի օրէնք»-ի մահասփիւռ աւերը, լիբանանահայութիւնը, հայութի՛ւնը իր ճակատագիրը կապած էր վեհափառ հօր ճակատագրին: Պերճախօս վկայութիւն մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի վայելած (ու վայելող) առաջնորդող հանգամանքին, անոր ազգին պե՛տը ըլլալու անհերքելի իրողութեան, ինչպէս իրաւամբ կը նշէ Արամ Ա. վեհափառ, վերջերս լոյս տեսած իր անգլիատառ «Հայոց եկեղեցին» («Տի Արմինիըն Չըրչ») խորագրեալ գիրքին մէջ(2):

Վեհափառ հօր հետ մեր զրոյցի ընթացքին ակներեւ էր անոր մտահոգութիւնը` ներազգային թէ արտաքին ճակատներու վրայ ցցուող մարտահրաւէրներով:

Ներքին ճակատներու վրայ զգալի է երիտասարդութեան, յատկապէս` մասնագէտ մարդուժի հեռաւորութիւնը ազգային հասարակական կեանքէն: Երիտասարդութիւնը ընդհանուր առմամբ անհաղորդ է ազգային հարցերու հետապնդման ճիգերուն, յարգելով հանդերձ բացառութիւնները: Իսկ գործող առկայ կառոյցները գրեթէ «ժանգոտած» են, ինչպէս կը դժգոհէր վեհափառ հայրը: Մակերեսայնութիւնը, տեղայնացումը, նիւթապաշտութիւնը տիրական չափանիշ դարձած է միջհայկական վերաբերմունքի ընթացքին ընդհանրապէս: Երիտասարդ, մասնագէտ մարդուժի կարիքը հիմնական եւ հրամայական պահանջ դարձած է ու անոնց ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը` հիմնական մարտահրաւէր:

Արտաքին ճակատներու վրայ եւս կացութիւնը այնքան ալ խրախուսիչ չէ: Համաշխարհայնացման, համարկումի կլանող երեւոյթը, արհեստագիտական յեղաշրջումի «օրը նոր, գիւտը նոր» զարգացումները, երկսայրի սուրի նման, որոշ չափով դիւրացնելով հանդերձ կեանքի, ապրուստի կենցաղային ու յատկապէս հաղորդակցութեան պայմանները, անոնք սակայն կը սպառնան խախտել աւանդական այն բարքերն ու արժէքները, որոնց վրայ խարսխուած է փոքրամասնութիւններու  (որոնց կարգին` հայութեան) գոյատեւման ճակատագիրը:

Նմանապէս, օրէ օր աւելի խորացող, 1915-էն ի վեր,  հայրենազրկման սպին, գրաւեալ հայրենիքի վերատիրացման պահանջատիրական ոգին հետզհետէ տեղի կու տայ «սփիւռքներու» կլանող ու մաշեցնող տեղայնացման, օտարացման, ձուլման: Ու հո՛ս է, որ իսկական ախտաճանաչումը կատարուեցաւ,  երբ Արամ Ա. վեհափառ յանդգնութիւնը ունեցաւ նախ թուրքին եւ համա՛յն աշխարհին դէմ բարձրացնել տակաւին գրաւեալ ազգային եկեղեցապատկան կալուածներու պահանջատիրական ազդանշանը` սկսելով Սիսի երբեմնի կաթողիկոսական նստավայրէն: Ազդանշան, որ ցնցեց ու սթափեցուց միաժամանակ հայն ու թուրքը: Սթափեցուց օտար ափերու վրայ հասակ առնող հայ երիտասարդութիւնն ու առհասարակ հայութիւնը եւ այդ հարցը «ընդմիշտ փակած» երազող թուրքը: Սթափեցուց այնպէս, ինչպէս` անցեալին, 1878-ին, Խրիմեան Հայրիկ իր «Երկաթէ շերեփ»-ի պատգամով սթափեցուցած էր հայութիւնը` տէր կանգնելու իր ազգային պահանջատիրութեան երթին:

Արծարծուած այս մտահոգութիւնները մղեցին խորհրդածելու, թէ իրապէս ինչի՛ մէջ կը կայանայ ազգային հոգեմտաւոր կառոյցներու դերն ու առաքելութիւնը: Կառոյցներ, որոնցմէ մէկն է Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ), եւ որուն հիմնական նպատակներէն է` համախմբել հայ համալսարանաւարտ մտաւորական ընտրանին եւ խթանել զայն` իր առաւելագոյն ներդրումը բերելու ազգային վերելքի գործընթացին մէջ: Երիտասարդութեան ու առհասարակ ժողովուրդի ազգային-մտաւորական խոյանքին թեւ ու թռիչք տալու կողքին նաեւ այդ կառոյցները հոգեմտաւոր պատնէշներ կարելի է նկատել երիտասարդութեան սպառնացող ախտավարակ երեւոյթներուն դէմ (թմրամոլութիւն, թուլամորթութիւն, սայթաքումներ…): Երիտասարդութեան գաղափարական հէնք ու կազմաւորում «ձուլող» շրջուն ամրոցներ:

Այս կառոյցներու կողմէ առաջադրուող ու կազմակերպուող ազգային մտահոգութիւնները հաւաքաբար ու բարձրաձայն, քննական մօտեցումով արծարծելու, քննելու կոչուած «թինք-թենք»-ի հաւաքները նոյնքան կարեւոր ներուժ  կը խթանեն յետեղեռնեան հայութեան ազգային ուղեգիծ ու վարքագիծ դարձած հայապահպանման գծով:

Արտաքին ճակատի վրայ եւս ազգային, հոգեմտաւոր այս կառոյցները իրենց զգալի ներուժն ու դրոշմը ունին ազգային պահանջատիրութեան ոգիի աշխուժացման ու արդիւնաւորման գծով:

Ի՜նչ խօսք, որ այդ կառոյցները նոյնքան հանգամանաւոր դեր ունին արտագաղթի ու արտաքին (թրքական եւ ազրպէյճանական) թշնամական սպառնալիքներուն տակ կքելու  վտանգին ենթակայ` վերանկախ Արցախի ու հայրենիքի ամրագրման գծով: Վերջին քառորդ դարու հայրենիք-սփիւռք «մայրուղիին» վրայ պարզուող աննախընթաց եռուզեռը պերճախօս վկայութիւն է, ուր իրենց անհերքելի ներդրումն ու դրոշմն ունին ազգային հոգեմտաւոր այդ կառոյցները:

Էականը, սակայն, այս բոլորը արդիւնաւորելն է, յարատեւ ու միասնական ճիգերով:

Չյուսալքուիլ ու չկքիլ` առարկայական թէ ենթակայական պայմաններու եւ ազդակներու  ճնշումներու հեւքին տակ:

———————————————————————-

(1) Քաղաքական պայմաններու բերումով, զանազան տեղափոխումներէ ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յաջորդներու եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նստավայրը 1293-ին դարձած էր Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսը ու հոն գոյատեւած մինչեւ 1921, հակառակ Էջմիածնի մէջ 1441-ին կաթողիկոսական նոր նստավայրի հիմնումին:

(2) The Armenian Church, 2017, Armenian Catholicosate of Cilicia, Antelias, Lebanon, p. 54:

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիզպոնի «Աքթը»

$
0
0

Յ. Տ. ՅՈՒՍԻԿԵԱՆ

Հինգ դաշնակցական «խենթ» տղաներ,
Հայկեան աղեղէն արձակուած նետեր:
Արա, Վաչէ, Սեդրակ, Սարգիս եւ Սիմոն,
Լիբանանէն մէկիկ-մէկիկ հասան Լիզպոն…

Վասն Հայ դատին եւ արդարութեան,
Իմացեալ մահը իրենց նշանաբան
Ընտրեցին ճամբան նահատակութեան…

Յուլիս ամսուն քսանեօթին,
Խանասորի յիշատակին,
Հինգ կտրիճներ գրոհ տուին,
Թուրքին դեսպանատունը գրաւեցին…

Սարսռաց յանկարծ աշխարհն արար,
Սարսափեցան դատաւորներն անարդար,
Բազում քծինք, սին խոստումներ անհատոյց,
Մեր տղաներուն «Պանք Օթոման»-ը յիշեցուց…

Հինգ անձնուրաց տղոց կամաւոր բանակ,
Կապած էին գօտիք, լիքը ուժանակ,
Պայթեցան, պայթեցուցին,
Դաժան մահը պինդ գրկեցին…:

Հայ դատին, վաղուց փակուած`
Թղթածրարը բացին:

 

 

Լիզպոն 34

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Եւ ահա ձեր նահատակութիւնը կը բոլորէ երեսուն եւ չորս տարիներ: Ձեր նահատակութեան թուականէն մինչեւ օրս որքա՜ն ու որքա՛ն նոր տողեր աւելցան պատմութեան էջերուն:

Հայաստանը վերանկախացաւ, Շուշին ազատագրուեցաւ, բայց տակաւին սահմանի վրայ կը նահատակուին սահմանապահ զինուորներ. կարծես հայուն ճակատագիրն է այդ: Մնաց Արեւմտահայաստանը, մնաց վրէժը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնց համար զոհուեցաք դուք:

Երեսուն եւ չորս տարիներու ընթացքին շատեր միացան Դաշնակցութեան շարքերուն, տուին ձեր նոյն երդումը, զոր տուիք դուք, բայց անոնցմէ շատեր, գերադասելով անձնական շահը, հաւաքականի շահերէն հեռացան: Ոմանք նախընտրեցին թրքական դերձանը տեղականէն կամ` այլ ուրիշ դերձանէ եւ հագուեցան անոր արտադրութիւնները, նախընտրեցին անոր կաթն ու իւղը ու կերան անոր ուտեստեղէնն ու քաղցրեղէնը, նախընտրեցին անոր գործիքները, որոնցմէ արտադրեցին մանեակներ եւ զարդարեցին հայուհիներու վիզեր: Եղան պոռոտախօս մարդիկ, որոնք մոռնալով իրենց երդումը, փոխանակ իրենց ցեխարձակումները ուղղելու թշնամիին,  զանոնք ուղղեցին իրենց գաղափարի նախկին ընկերներուն: Անոնց ոչինչ կը պակսի` բացի արժանապատուութենէ: Բայց այդ բոլորով հանդերձ, կան ուրիշներ, որոնք, հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին` կը պայքարին այդ բոլորին դէմ. ամէն տարի կը վերանորոգեն իրենց ուխտը անսակարկ նուիրումի` հետեւելով ձեզի եւ ձեզի նման անձնազոհերու ուղիին, մինչեւ կարելի ըլլայ հասնիլ իրաւունքներու նուաճման: Չկայ իրաւունք, որ կը տրուի կամ կը հրամցուի տիրոջը, այլ անիկա կը խլուի ուժով, արեամբ:

Եւ վերջապէս կ՛արժէ յիշել բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Թաղումն քաջորդւոյն» բանաստեղծութենէն տողեր, զորս կ՛արտասանէ նահատակի մը թաղման ընթացքին.

«Գնա՛, զրուցէ Հայկազարմից մեծ որդւոյն,
Որ կան այստեղ ազատաքաջ դեր հայեր,
Որոնք ի բի՛ւր պատերազմաց դէպէտ խոց,
Ի ժայռ կանգուն են կեցել»:

 

 

Լիզպոն 34

$
0
0

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

34 տարի առաջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը: Ժամանակ մը, որ անծանօթ է մեզի` անկախութեան սերունդիս: Ժամանակահատուած մը, որ կը պահանջէր տարբեր մօտեցում, ոչ քաղաքական մօտեցում,  ի տարբերութիւն` ներկայի զուտ քաղաքականին, եւ այդ մօտեցումը դրսեւորուեցաւ զինեալ պայքարով:

27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի մէջ կատարուածը պայքարի, կամքի եւ արդարութեան հանդէպ հաւատքի, հայ ժողովուրդին յարատեւ մաքառումին մէկ փաստն էր, որ յաջողեցաւ բարձրացնել Հայկական հարցը խիղճը քնացուցած Եւրոպայի մամուլին մէջ: Զոհողութիւնը հարկաւոր էր եւ անխուսափելի, պէտք էր քանդուէր լռութեան պատը, ատկէ  կախեալ էր հայրենիքի գոյատեւումը եւ վերադառնալու քաղցր յոյսը:

Եկէք` փորձենք մենք մեզ այդ պայմաններուն մէջ պատկերացնել: Հայաստանը խորհրդայնացած եւ ազգային որեւէ շարժում հետապնդուած` խորհրդային կարգերու կողմէ, Ցեղասպանութենէն 68 տարիներ անց եւ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը` գագաթնակէտին հասած, հայապահպանութեան լուրջ եւ ծանր գործընթաց` սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ:

Իսկ հիմա վերադառնանք մեր ժամանակներ եւ բաղդատենք մեր պայմանները  եւ անոնցը: Հայաստանը անկախ է: Այս երեք բառերը միայն արդէն բաւարար են` տեսնելու հսկայական տարբերութիւնը  բաղդատութեան դրուած երկու իրականութիւններուն միջեւ, սակայն աւելի կարեւոր նուաճում  մը կը փոխէ հաւասարութիւնը միանգամընդմիշտ, եւ այդ արցախեան գոյապայքարը հողային տարածքներու ազատագրումով պսակելն է: Գիտեմ, որ բաղդատութիւնը յարաբերական է, սակայն կրնայ շատ մը յուսալքուած հոգիներ մղել վերագնահատելու  մեր ունեցածին արժէքը եւ վերանայելու արձանագրած դիրքորոշումները: Քանի՜ անգամներ դիտած եմ Լիզպոնի տղոց տեսերիզը, որուն մէջ իրենց վերջին խօսքերը կ՛արտասանեն եւ  «Վէրքերով լի» երգը կ՛երգեն: Յուզիչ են միշտ այդ վայրկեանները եւ դառն. փայլուն երիտասարդներ` կեանքին նոր բացուած, կը մերժեն կեանքը, այո՛, կը մերժեն անարդար եւ հայրենազուրկ կեանքը եւ անձնազոհութիւնը կը հանդիսանայ պայքարելու միակ զէնքը: Անարդարութիւնը գոյ էր, բայց միաժամանակ յոյսը կը կայծկլտար անոնց աչքերէն: Արդեօք կը գիտակցէի՞ն, որ իրենք հինգերնին պիտի կերտէին Արցախի պաշտպանութեան փութացող ազատամարտիկներու փաղանգ մը, կը պատկերացնէի՞ն, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ծերունի մը  իրենց մասին պիտի խօսէր լիբանանահայ երիտասարդ ուխտաւորի մը (ընկերոջ մը վկայութեամբ) եւ ամէն ամառ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ճամբարներուն ընթացքին իրենց քաջութենէն եւ կատարած մեծագոյն զոհողութենէն ազդուած հայ մանուկներ պիտի արտասուէին: Այո՛,  կը հաւատամ, որ Լիզպոնի հերոսները գիտէին այս բոլորը, որովհետեւ հաւատք ունէին մեր ժողովուրդին հանդէպ, կը հաւատային անոր ազատատենչութեան, անոր ոգիին, անոր կամքին, անոր պատմութեան եւ, վերջապէս, հաւատք ունէին հայ մարդուն նկատմամբ:  Այդքան հաւատք ունէին, սակայն երբեք չէին տեսած այդ հաւատքին աղբիւրը` հայ հողը:

***

Երեւանեան զով գիշեր. 26-7-2017. պատշգամը նստած` այս միտքերը գրի առած ժամանակ, խոկուն լռութեամբ նիրհող մեր մայրաքաղաքին մէջ, երեւակայութեանս   ազատութիւն տալով` Լիզպոնի տղաքը հայրենիք բերի. պատմեցի  անցած 33 տարուան իրադարձութիւնները եւ սիրտս հրճուանքով ու հպարտութեամբ լեցուեցաւ, երբ անոնց աչքերը եւ ժպիտները պատկերացուցի: Անոնք  ամէն տեղ են. ամէն թանգարան եւ եկեղեցի, ամէն լեռ ու ձոր, ամէն դաշտ ու սարալանջ, մինչեւ Մասիս եւ մինչեւ Սեւ ծովու ափեր` մինչեւ Կարին ու  Վան: Ոգեղէն հայրենիք են անոնք: Սեդրակ, Սիմոն, Արա, Սարգիս  եւ Վաչէ`   պսպղացող աստղեր ազատութեան ճանապարհին:

Երեւան
26 /7/ 2017

 

Տեսակէտ. 21-րդ Դարուն Կը Շարունակուի Լիզպոնի Հինգ Տղոց Պայքարը

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Լիզպոնի գործողութիւնը կատարողները երիտասարդներ էին: Անոնք իրենց կեանքերը նուիրեցին հայ ազգի ազատագրութեան դատին եւ արթնցուցին պայքարի հոգին ամբողջ սերունդի մը մէջ, որ այդ սուրբ հինգ տղոց ջահը վառ պահեց:

Ներշնչուած ըլլալով այդ տարիներու ուժային պայքարներէն` մղուած պաղեստինեան եւ իրլանտական կազմակերպութիւններուն կողմէ, հիմնուեցաւ Հայ յեղափոխական բանակը եւ տասնեակ մը գործողութիւններ կատարեց` ի նպաստ հայ ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման:

Լիզպոնի գործողութենէն արդէն իսկ անցած է աւելի քան 30 տարի: Այդ 30  տարիներուն ընթացքին բազմաթիւ փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Նոյնպէս ալ, ազգային- ազատագրական պայքարներու, իրաւազրկուած ազգերու պահանջատիրական միջոցներն ու ձեւերը ենթարկուած են փոփոխութեան:

Ժամանակին, երբ միայն «հրացան»-ն էր պայքարի միջոցը, այսօր համակարգիչն է. ժամանակին, երբ թրքական դեսպանատուներն էին պայքարի ասպարէզները, այսօր ընկերային ցանցերն ու լրատուամիջոցներն են:

Այսօր մեր պայքարը մղելէ առաջ պէտք է գիտակցինք, որ փոփոխութիւն մը կայ, եւ այդ փոփոխութեան ականջալուր ըլլալով` պէտք է մղենք մեր պայքարը:

Շնորհիւ համաշխարհայնացման երեւոյթին, այսօր որեւէ դէպք, որ կը պատահի աշխարհի որեւէ մասին մէջ, կրնայ մէկ վայրկեանէն տարածուիլ աշխարհի չորս կողմերը:

Այս առիթէն եւս կ՛օգտուինք մենք` հայերս: Մեր բոլոր բողոքի ցոյցերը ուղղակի սփռումով կը տեղադրենք Դիմատետրի վրայ, իսկ մեր բոլոր կոչերը` «Թուիթըր»-ի վրայ:

Սակայն այս բոլորը տակաւին բաւարար չեն. կարիքը ունինք աւելի լուրջ ծրագիրներ մշակելու, կարիքը ունինք յաւելեալ մարդուժի:

Այս աշխատանքը առողջ ճամբու վրայ դնելու համար դպրոցները լուրջ աշխատանք ունին կատարելիք: Անոնք պէտք է արթնցնեն պայքարի ոգին բոլոր աշակերտներուն մէջ, անոնք պէտք է կեդրոնանան Հայկական հարցի պատմական հոլովոյթին վրայ եւ Հայ դատը դարձնեն հայ աշակերտին կարեւորագոյն հետաքրքրութիւնը: Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները պէտք ունին արդիականացնելու իրենց գործելակերպը, որպէսզի աւելի սահուն միջոցներով կարենան հասնիլ հայ ուսանող եւ երիտասարդ խաւերուն: Ընկերային ցանցերը պէտք է դառնան այս միութիւններուն գործելադաշտը: Նաեւ զարկ պէտք է տրուի  երիտասարդական զրոյցներուն, որովհետեւ անոնց միջոցներով ի յայտ կը բերուին նոր միջոցներ` Հայ դատի պայքարին մէջ: Նաեւ` այս միութիւնները միշտ բաց պէտք է ըլլան նոր ու արդիական գաղափարներուն, որպէսզի ապահովեն իրենց մղած Հայ դատի պայքարին գոյութիւնն ու յաջողութիւնը:

Ներկայ ժամանակաշրջանին միայն ու միայն արդիականացումով է, որ Լիզպոնի հինգ տղոց պայքարը կը վերանորոգուի ու կ՛ապահովէ իր շարունակելիութիւնը իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի մէջ:

Արդիականացումը պիտի սկսի անմիջապէս այն ժամանակ, երբ հարցադրութեան տակ կ՛առնենք Հայ դատի պայքարի նախկին միջոցները եւ կը սկսինք հայթայթել նոր ու արդիական միջոցներ` ուժեղացնելու եւ երիտասարդացնելու համար մեր պայքարը:

Լիզպոնի հինգ տղոց մղած պայքարի եղանակին նորոգութեամբ եւ միջոցներուն արդիականացումով է, որ մեր ազգային պարտքը կատարած կ՛ըլլանք եւ հպարտութեամբ եւ դրականօրէն արձագանգած կ՛ըլլանք Լիզպոնի հինգ տղոց` «Կ՛երդուենք անբիծ պատուովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր» սուրբ տողերով:

 

 

 


Լիզպոնի Տղոց «Հեքիաթ»-ը (27 Յուլիս 1983)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կար ու չկար…

Այսպէս կը սկսէին, աւանդաբար, հեքիաթներու աշխարհի պատումները: Այս հրաշալի պատումները ունէին դաստիարակիչ բնոյթ: Անոնք ազդու էին իրենց պարփակած նիւթով, գեղեցիկ` ընդգրկած պատկերներով եւ հմայիչ` երեւակայական թռիչքով:

Բախտաւոր են եղած այն մատղաշ սերունդները, որոնք հասակ են առած տարաբնոյթ հեքիաթներու աշխարհին ծանօթանալով:  Աւելի՛ն. անոնք եղած են ստեղծարար, ընդունակ, ազնիւ, գիտակից եւ յանձնառու անհատներ: Այլապէս ալ անոնք իրենց անմիջական շրջապատէն զատորոշուած են իրենց վառ երեւակայութեամբ, հոգեկան ու մտային աշխարհի առաւել հասունացմամբ, կամքի լարումով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ մայրեր իրենց նորածին զաւակներու սնարին մօտ են պահած հեքիաթներ բովանդակող գիրքեր եւ ամէն երեկոյ լոյսին են բերած պատում մը, անով սնուցած եւ ոգեշնչած իրենց զաւկին հոգեմտային աշխարհը:

Իրօք, մարդկային մտքի ու փորձառական կեանքի համադրումը եղած են հեքիաթները, որոնց առանցքը տուեալ հաւաքականութեան, ազգի թէ ժողովուրդի հերոսական պատմութիւնն է ընդգրկած: Պատմութիւն, որուն հիմքը մարդկային արժանիքներու եւ որակական յատկութիւններու հանդիսավայրն է եղած ըստ ամենայնի:

Եւ ահա, այդ պատումներու շարքին պէտք է դասել «հեքիաթ» մը, որուն հերոսները եղած են հինգ ազնուարիւն տղաներ: Անոնք` այդ հրաշալի տղաները շնորհիւ իրենց կատարած սխրանքին, նուիրումին եւ ազգային բարձր գիտակցութեան, ճանչցուեցան իբրեւ Լիզպոնի տղաքը եւ ատով մուտք գործեցին հայոց պատմութեան ոսկեայ դարպասը:

Այս վեհափառ տղոց «հեքիաթ»-ի ծննդոցը թէեւ ունի 34 տարուան կեանք, կը պատկանի մեր մօտիկ անցեալին, այդուհանդերձ անոր բովանդակած խորհուրդը գերազանցապէս ազդեցիկ է եւ ուժեղ, հրաբորբ ու ազգակերտ, որով ժողովուրդ մը ամբողջ կրնայ հպարտանալ, հզօր դառնալ եւ անոր ներշնչմամբ սերունդներ դաստիարակել:

Այո՛, դասական հեքիաթներու աշխարհին մէջ, սովորաբար, բարին կը յաղթէ չարին, մարդկայինը` բարբարոսին, վեհանձը` վատահամբաւին, գեղեցիկը` տգեղին, հերոսը` վախկոտին, գաղափարը` նիւթին, կամքը` տկարին, կեցուածքը` անդիմագիծին, կորովը` ընդարմացածին, կիրքը` մաղձին, վայելուչը` փողոցայինին, նախանձախնդիր ոգին` տզրուկի հոգեբանութեան, ժողովրդանուէրը` կեղեքողին  եւ այլն, եւ այլն:

Յայտնապէս Լիզպոնի տղաքը, եթէ երբեք կը տարբերին վերոնշեալ հեքիաթներու մէջ առկայ հերոսներէն, ապա անով, որ անոնք կերտեցին իրենց սեփական կեանքի հեքիաթը, իրենց զուլալ արեամբ որոգեցին հայրենապաշտութեան արօտավայրերը, համոզումի, լինելութեան, հաւատամքի  եւ յաղթանակի տաճարները:

Անոնք դարձան հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան հեքիաթագիր տղաները, ժամանակակից երիտասարդ ու պատանի սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, պաշտամունքի մէյ-մէկ խորանները, առանձնապէս` գաղափարի աստուածութիւնները:

Անոնք մեր շրջապատին ծնունդն էին, հայաշունչ մթնոլորտի մէջ հասակ առած մաքրամաքուր տղաները, դաշնակցական ակումբի եւ  գաղափարական դաստիարակութեան վկաները, ազգի ծառայութեան կոչուած ուխտաւորները, բռնագրաւուած հայրենիքի վերատիրացման հաւատացող նուիրեալները, Հայ դատի պաշտպան զինուորագրեալ երիտասարդները, Արարատի գագաթը նուաճելու կիրքով վարակուած մեծութիւնները:

Լիզպոնի տղաքը:

Անոնք պատմութեան խորերէն չէին ժամանած, այլ ժառանգած էին նախնեաց ոգեկան արժանիքները, հին օրերուն չէին ապրած, այլ` շնչաւորած իրենց ներկան: Այս սրբազան տղաները մեր անմիջական շրջապատին հարազատներն էին, միս ու ոսկոր ունեցող տղաք էին, հայ վարժարան յաճախած, միութենական թէ կուսակցական կեանքի մէջ ծառայութիւն մատուցած, յուզմունքի եւ ուրախութեան պահեր ունեցած, սէր ու կարօտ հայցած, երիտասարդական խանդավառ օրերու եւ անուշիկ վայրկեաններու վայելքը ապրած հասակակիցներ էին:

Մէկ խօսքով` անոնց սիրտի իւրաքանչիւր բաբախումը յագեցած էր մարդկային կեանքի ամէնէն ազնիւ ու վեհափառ զգացումներու գեղեցկութեամբ: Անոնք` Լիզպոնի հերոսները, մոլորակածին տղաներ չեն եղած, սիրել գիտէին ու սիրուած էին իրենց շրջապատէն, յարգել գիտէին ու յարգուած էին բոլորէն, համեստ ու խոնարհ էին, ժուժկալ եւ անձնդիր:

Այսուամենայնիւ կը յատկանշուէին անով, որ անոնք աւելի սիրեցին հայրենիքը, աւելի բարձր դասեցին ազգային նուիրական արժէքները, տառապեցան հաւաքական կեանքի դառնութեամբ, չուզեցին մաս կազմել սովորական կեանքի յորձանուտին, տեսան ճշմարիտը` պայքարի ճանապարհը, առանձնացան իրենց գաղափարականի մեծութեամբ, անոնք ունէին եզակի դիմագիծ ու պատկանելիութեան ուժեղ զգացողութիւն:

Իսկ ամէնէն հիանալին, անկրկնելին ու հրաշափառը` անոնց կեանքին առնչուած, անոնք գիտցան որոշում կայացնել եւ նետուիլ մարտի դաշտ, կռուիլ ու յաղթել թշնամի թուրքին, ցոյց տալ հայուն արեան կանչի որոտը եւ վրիժառու բազուկին անդրդուելիութիւնը:

Լիզպոնի տղաները ո՛չ միայն սիրեցին իրենց հայրենիքը` Հայաստանը, այլեւ` իրենց թանկագինը` գարուն կեանքը նուիրաբերեցին յանուն ազգային արժանապատուութեան եւ բռնագրաւուած հայրենիքի վերատիրացման:

Ահա թէ ինչո՛վ կը զատորոշուին մեր տղաները, որոնց կատարած խիզախ արարքին ուժգնութեան եւ վեհութեան դիմաց ազգը խոնարհեցաւ, պէտք է խոնարհի՛ ընդմիշտ, անմահանուն Շիրազն անգամ իր երգը հիւսեց, ցարդ իրերայաջորդ սերունդներ ի Հայաստան եւ հեռաւոր գաղութներ, ամէն յուլիսի 27-ին կը յիշատակեն ու փառքը կը հիւսեն այն սխրանքին, որուն իրագործման համար հինգ սրբազան «խենթ»-եր դէպի մարտի դաշտ արշաւեցին եւ արժանացան անմահութեան փառապսակին:

Հինգ ընկերներ էին անոնք բարութեամբ եւ քաջութեամբ տոգորուած: Հինգ ճառագայթող միտքեր, լուսաւոր դէմքեր եւ պաշտելի տղաք էին անոնք ու դարեր շարունակ պիտի մնան իբրեւ այդպիսին:

Արդ, մեր նորահաս սերունդը եթէ երբեք պիտի կարենայ հայօրէն ապրիլ եւ տոկալ, յաղթել ու ներշնչուիլ, ապա պարտաւոր է ընդմիշտ իր հոգիին խորերը առկայծ պահել Լիզպոնի «հեքիաթին» խորհուրդը, ապրիլ անոնց մեծութիւնը, սիրել անոնց ազնուադրոշմ ժպիտը եւ յագենալ անոնց արժանապատիւ կեանքի գեղեցկութեամբ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի վերանկախացած հայրենիքին, պետական ու քաղաքական մտքի հասունացման, ժողովրդային շերտերու առաւել պայծառացման, ապա պարտաւորեցնող մտածումը կը մնայ այն, որ, Արարատի հայեացքին ներքեւ, ազատաշունչ Երեւանի թէ արծուեբոյն Արցախի երկնակամարին տակ անյապաղ պէտք է կանգնեցուի կոթող մը, որ պիտի մարմնաւորէ հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած այն հեքիաթային սխրանքը, որ կոչուած է Լիզպոնի արարք, եւ որուն կենսագործման համար իրենց վեհափառ կեանքն են զոհաբերած մեր տղաները` Սագոն, Սիմոնը, Վաչէն, Արան եւ Սեդրակը:

Կոթող մը, որ ունի հուժկու ծաւալ, ազգակերտ խորհուրդ եւ հեքիաթային գեղեցկութիւն:

18 յուլիս 2017                       

 

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձներն Ու Համահայկական Հռչակագիրի Հիմնադրոյթները (Լիզպոնի Գործողութեան 34-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

Լիզպոնի գործողութեան նախօրեակին անձնազոհ հերոսներու փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման գոյութիւն ունի հայրենիք ազատագրելու գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերութեան հեռահար նպատակը Արեւմտահայաստանի ազատագրումն է, որուն համար նախ պէտք էր քանդուէր լռութեան պատը, ճանաչում ապահովուէր Ցեղասպանութեան եւ ապա պարտադրուէր հատուցումը:

Լռութեան պատի ճարճատումը սկսած էր արդէն զինեալ գործողութիւններու իբրեւ անմիջական արդիւնք, այնուհետեւ Լիզպոնով սկսած երթը թէ՛ իբրեւ անձնուիրութիւն, թէ՛ իբրեւ գործողութիւն եւ թէ՛ իբրեւ ներազգային եւ միջազգային արձագանգ կը նուաճէր բարձրակէտը:

Կորուսեալ հայրենիքի վերատիրացումն է Լիզպոնի հերոսներուն առաջադրանքը: Լիզպոնի ուժանակներու պայթումէն հինգ տարի ետք էր, որ կը սկսէր Խորհրդային Հայաստանի ազատագրումի գոյամարտը`  Արցախի ազատամարտը եւ անոր վրայ խարսխուած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը:

Հայաստանեան մակարդակի վրայ դէպի Լիզպոնի հերոսներուն առաջադրած Արեւմտահայաստանի ազատագրման առաջադրանքին ուղղութեամբ լռութեան պատի ճարճատումը արագ կշռոյթներով չէր ընթանար:

Առաջին նախագահը ընդհանրապէս դուրս կը բերէր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը պաշտօնական Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն: Պէտք էր սպասել իշխանափոխութեան, որպէսզի նորահաստատ վարչակարգը վերստին արտաքին քաղաքականութիւն վերադարձնէր Ցեղասպանութեան ճանաչումի անհրաժեշտութիւնը:

Երկրորդ նախագահը, իր պաշտօնավարման օրերուն,  քանի մը առիթով ակնարկեց Սեւրի դաշնագիրին եւ  Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին, սակայն քանի որ այդ արտայայտութիւններուն ետին չկար քաղաքական տոքթրին եւ մշակուած ծրագիր, ըսուածը այդպէս ալ մնաց` իբրեւ հետեւանքներ չենթադրող յայտարարութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահին օրով էր, որ թէեւ մէկ կարեւոր բացասական շրջափուլ ապրեցաւ այս խնդիրը` տխրահռչակ արձանագրութիւններուն առումով, այսուհանդերձ տարբեր առիթներու, ամէնէն բարձր մակարդակներէն հնչեցին թէ՛ Սեւրի պայմանագիրին այժմէական ու իրաւական նշանակութիւն ունենալու յայտարարութիւնը եւ թէ՛ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին պետական գնահատական տալու ելոյթները:

Երկուքն ալ ըստ էութեան ամբողջական Հայաստանի համազգային առաջադրանքին կը վերաբերին եւ ըստ էութեան կը համահնչուին Լիզպոնի հերոսներու փոխանցած ուղերձի գաղափարախօսութեան հետ:

Հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան որոշումը, Սեւրի պայմանագիրն ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռը ամրագրուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրով:

Լիզպոնի սխրագործութենէն 32 տարի ետք հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր ուժերը, հոսանքները` պետական, հոգեւոր, հասարակական, միաձայնութեամբ առաջադրեցին այն, ինչ որ յառաջիկայ սերունդներուն ուզած էին փոխանցել Լիզպոնի հերոսները:

Համահայկական հռչակագիրին այս հատուածը` «արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմէ Անտանտի պետութիւններու  24 մայիսի համատեղ հռչակագիրով հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ իբրեւ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ», գաղափարա-քաղաքական արժեւորումն է լիզպոնեան ուղերձներուն:

Սեւրն ու Ուիլսընը խորքին մէջ խորհրդանիշն են այն հայրենիքին, որուն ազատագրման համար Լիզպոն մեկնեցան հինգ հերոսները:

«Արեւմտահայերը Միշտ Իրենց Հողէն Դուրս Գրականութիւն Ստեղծած Են». Գրիգոր Պըլտեան

$
0
0

Ձախէն աջ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան. Գրականագէտներու հրաշալի երրորդութիւն մը:

«Սփիւռքահայ գրականութեան վերջին փուլը 1980-90ականներուն էր, երբ գրողներու առաջին սերունդը անհետացաւ, երկրորդ սերունդը ձեւաւորուեցաւ գլխաւորապէս Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի պատերազմէն ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակութեան հետեւանքով, գրողները տարբեր ուղղութիւններով հեռացան», «Հայ Ձայն»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց սփիւռքահայ նշանաւոր գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան՝ խօսելով սփիւռքահայ գրականութեան ներկայ խնդիրներուն ու անոր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին:

Ըստ գրողին՝ Սուրիոյ մէջ  գրական սերունդ մը կը ձեւաւորուէր, սակայն վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով, այդ գրողները ցրուեցան՝ մէկ մասը Հայաստան գնաց, միւսը հաստատուեցաւ օտար երկիրներ: «Երիտասարդ գրողներ այժմ քիչ կան եւ զանոնք չենք կրնար գրողներ համարել… Գլխաւոր հարցը այն է, որ գրողներու միաւորող կեդրոն մը չկայ: Գրական մամուլ ալ այլեւս չկայ. քանի մը շաբաթաթերթի յատուկ բաժին-յաւելուածներ միայն՝ «Ասպարէզ», «Հորիզոն», իսկ «Շիրակ», «Բագին» ամսագիրները անկանոն ձեւով լոյս կը տեսնեն, «Բագին»ին մէջ գոնէ նոր անուններու կը հանդիպինք:

«Գրական մամուլը կը ստեղծէ գրողը, մանաւանդ, երբ այդ մամուլը հետամուտ է, որ գրողները գրեն ու հրատարակեն իրենց ստեղծագործութիւնները», նշեց Պըլտեան՝ ընդգծելով, որ այսօր գիր ու գրականութեան անմիջական արտայայտման հարթակը տպագիր մամուլի փոխարէն դարձած է համացանցը, սակայն այդպէս ներկայացուող ստեղծագործութիւնները դեռեւս նկարագիր չունին, այսինքն՝ կը բացակայի ընդհանուր ուղղութիւնը, հոսանքը, մտահոգութիւնները, գաղափարը, իւրաքանչիւրը իր ցանկութիւններուն համապատասխան կը գրէ: Այսօր, մարդիկ կը կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն, համացանցը հրաշալի միջոց է առանց գրաքննութեան հրապարակելու ստեղծագործութիւններ:

Ըստ Պըլտեանի՝ ընդհանուր գեղագիտական սկզբունքներ այլեւս չկան, եւ այս երեւոյթը տիրական է թէ Հայաստանի եւ թէ այլ երկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ ալ գրական մամուլ չկայ. «Պէտք չէ կարծել, որ անկազմակերպութիւնը միայն Սփիւռքին յատուկ է», կը յայտնէ գրողը:

Գրականութիւնը, ըստ Պըլտեանի, ինքն իրեն պէտք է ծառայէ, չըլլայ գաղափարական միջոց: «Կարիք չկայ անընդհատ ըսելու, որ գրականութիւնը կը ծառայէ ազգի պահպանման: Եթէ գրականութիւն կը ստեղծուի, ապա այն կը ստեղծէ ե՛ւ լեզու, ե՛ւ ինքնութիւն»:

Պըլտեան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գրողներու թիւը քիչ է, որովհետեւ պայմանները շատ հնարաւորութիւն չեն տար, իսկ գրելու համար ամէնէն կարեւոր պայմաններէն մէկը մայրենիով միտքեր արտայայտելու ու անսխալ գրելու հանգամանքն է: Ըստ Պըլտեանի՝ հայ գրականութիւնը պէտք է հայերէնով ստեղծուի: «Չեմ կրնար պատկերացնել հայ գրականութիւն, որ կը ստեղծուի անգլերէնով կամ չինարէնով: Ճիշդ է, Սփիւռքի մէջ  հայախօս մարդիկ շատ կան, բայց բոլորը այն մակարդակի չեն  տիրապետեր, որ գրականութիւն ստեղծեն: Լեզուով մը գրելու համար, առնուազն, պէտք է այդ լեզուն դպրոցը  սորված ըլլայ անձ մը: Արեւմտեան գաղութներու մէջ ալ մայրենին խորապէս չեն դասաւանդեր դպրոցներուն մէջ, ուստի, դժուար թէ անիկա վերածուի գրականութեան լեզուի: Պէտք է նաեւ գրելու ցանկութիւն ու ընթերցող ըլլայ: Այսօր հայերէնով լոյս տեսնող գիրքերը արհամարհուած են հայութեան կողմէ: Հայութեան կարեւոր մասը իր տան մէջ հայերէնով գիրքեր չունի: Արդէն հասկնալի է թէ ինչու չեն կարդար եւ գիրքերը 50 տարի նոր կը մնան…», յայտնեց Պըլտեան:

Կայ հին Սփիւռքը, որուն լեզուն արեւմտահայերէնն է, եւ նորը՝ Հայաստանէն արտագաղթածներն են, որոնք արեւելահայերէնով կը գրեն: Ըստ Պըլտեանի՝ վերջինները այնքան կազմակերպուած չեն, որքան նախկին Սփիւռքը: Երբեմն այնքան ալ մտահոգուած չեն Սփիւռքի մէջ  գրականութիւն ստեղծելով: Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են, իսկ արեւելահայերը այդ սովորութիւնը չունին, եւ արեւմտահայերու մօտ զարգացած է այն մտայնութիւնը, որ գրականութիւնը հող է: «Պատմութեան բերումով, լեզուն մեզի համար հայրենիք դարձած է: Բայց այժմ մարդիկ, կարծես թէ, դադարած են  այդպէս մտածելէ: Այժմ կը գրեն օտար լեզուներով, այն լեզուներով, զորս սորված են եւ ոչ թէ իրենց մայրենիով», եզրափակեց Գրիգոր Պըլտեան:

Ո՞վ, Ինչո՞ւ

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Երկինքն էր սառել ու չկար Աստուած…
Բայց ահա՛, ահա՛, հեքիաթ թէ հրաշք,
Ծառացաւ մի մարդ,
Հրաշքից փախած ու հրա՛շք մի մարդ.
Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան,
Դիակների մէջ ու ագռաւների.
Եւ հաւատքն արած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի`
Սոված, սարսափած մարդկանցից վհատ
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ`
Խփեց ոսոխի ճակտին անարգ…
………………………………………………………………

Յիշո՞ւմ ես կրկին,
Ահեղ Բէլի դէմ ծառացող Հայկին
Եւ նրա թոռան.
Թո՞ռն էր նա Հայկին, զա՞րմը Վարդանի,
Դաւի՞թն էր մանուկ,
Հայոց լեռներում յայտնուած ոգի՞
Յիշո՞ւմ ես նրա ճակատը պայծառ,
Անունն անթառամ –
Մանուկեան Արա՛մ…
Կարող են մարդիկ խախտել լեռներին
………………………………………………………………….

Ու բազկի ուժով սանձել գետերին.-
Բայց ո՞վ է կարող
Ժամանակների վճիռը եղծել,
Եւ դիւցաբանութեան կապոյտ երկնքում
Շողացող աստղին վարագոյր քաշել…

(Անդրանիկ Ծառուկեան,
«Թուղթ առ Երեւան» հատուածներ, Հալէպ, 1946)

«Թուղթ առ Երեւան»-էն այս մէջբերումը կատարուեցաւ, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղադրել-չտեղադրելու վէճը այդքա՛ն կը յիշեցնէ 70 տարիներ առաջ Անդրանիկ Ծառուկեան – Գէորգ Աբով գրականութեամբ արտայայտուած բանավէճը, թէ Ծառուկեանի արդար ցասումի գաղափարական խորքը, առողջ ապրումները կեանք պիտի ունենային գալիք սերունդներուն մէջ, բնական է ու հասկնալի:

Անհասկնալին ու անախրոնիզմը (ժամանակավրէպութիւնը) Աբովներու հակադաշնակցական մոլուցքով յագեցած ժամանակակից (մտաւորականութեան) ներկայութիւնն է հայկական իրականութեան մէջ: Որքանո՞վ արդար է ու կառուցողական մեր պատմութեան հարուստ կենսափորձը գնահատել հակադաշնակցական պրիսմակէն անցնելով:

Այստեղ շովինիզմի եւ բացարձակապաշտութեան ոչ մէկ հարց կայ, հայկական իրականութեան մէջ ոչ մէկ քաղաքական ուժ, կազմակերպութիւն կամ հոսանք իրաւունք ունի բացարձակապէս իրեն վերագրելու ամէն յաղթանակ կամ նուաճում, նոյնպէս ձախողութիւններու պարագային իրաւունք չունինք նոր վերաբերմունք ունենալու: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-ի կերտումի դրօշակիրը ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր, եւ պատմական վճռող այդ պահուն Արամ Մանուկեանն էր, որ խորհրդանշեց մեր հաւաքական ապրումները, պայքարը եւ հրաշք յաղթանակը:

Է՜, ի՞նչ կրնանք ընել, այդպէս է պատմութիւնը` ամրագրուած ու հաստատուած (Ո՞վ է կարող ժամանակների վճիռը եղծել):

Հարցը հոս չի վերջանար սակայն, բուն խնդիրը հոն է, որ Հայաստանի վերանկախացումէն 27 տարիներ ետք ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ Արամ Մանուկեանի անունը անծանօթ է Հայաստանի քաղաքացիներու հսկայ զանգուածի մը:

Ո՞ւր է Արամ Մանուկեանը դպրոցական հայաստանեան դասագիրքերուն մէջ:

Ինչո՞ւ մեր սերունդները զրկել ազգային գաղափարախօսութեան առողջ խորհրդանիշները ճանչնալու եւ այդ խորհրդանիշներով յաղթելու կարելիութենէն: Ինչո՞ւ, ո՞վ է պատասխանատուն: Հասարակական կեանքին մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած իւրաքանչիւր անհատ ունի յանցանքի իր բաժինը` աւելի կամ նուազ, նկատի առած այդ պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը:

Նալբանդեան-Արամի փողոց խաչմերուկէն Հանրապետութեան հրապարակ քանի մը քայլ է միայն. այդ քանի մը քայլը սակայն հսկայ տարածք մըն է` մեր հաւաքական գիտակցութիւնը վերականգնելու չափանիշներով:

 

 

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանի Իրապաշտ Քաղաքականութիւնը Եւ Ծոցի Տագնապը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Մինչ Ծոցի տագնապը նոր փուլ մը կը թեւակոխէ, Քաթարի շրջափակումը կը շարունակուի, իսկ Թուրքիա մոլորեցուած արտաքին քաղաքականութեամբ անկում կ՛ապրի, անդին` Հայաստանը իր իրապաշտ արտաքին քաղաքականութեամբ կարելիութիւնը ունի որոշ կէտեր արձանագրելու:

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստան արտաքին ճկուն քաղաքականութիւն չի կրնար վարել, տրուած ըլլալով, որ Հայաստան տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն կախեալ է Ռուսիայէն. անկարելի է վարել արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ չի համապատասխաներ ռուսական շահերուն: Սակայն,  հակառակ այս բոլորին, Ծոցի տագնապին ընթացքին Հայաստանի շահերը այդքան ալ չէին համապատասխաներ ռուսական շահերուն: Ռուսիա առաջին օրէն իսկ մերժեց Քաթարի շրջափակումը, եւ անոր այս կեցուածքին միացան Իրանը եւ Թուրքիան: Հակառակ անոր որ Իրանի եւ Քաթարի շահերու սուր բախում գոյութիւն ունէր Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, սակայն Քաթար Իրանի համար տնտեսական կարեւոր նշանակութիւն ունէր Ծոցին մէջ: Իսկ Թուրքիոյ պարագային, Քաթար անոր գաղափարական դաշնակիցն էր, որ կը կասեցնէր Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ` օժանդակելով արաբական աշխարհին մէջ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան: Երբ Թուրքիոյ մէջ «յեղաշրջման փորձ» կատարուեցաւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Սէուտական Արաբիոյ լրատուամիջոցները ողջունեցին յեղաշրջումն ու Էրտողանի իշխանութեան տապալման փորձը:

Ոչ հաւաստի աղբիւրներ նշեցին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ առաջարկած են իրենց յանձնել Իսլամ եղբայրներու ղեկավարները, փոխարէնը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը յանձնեն Թուրքիոյ կողմէ պահանջուած Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումին անդամները, որոնք կը գտնուին Էմիրութիւններուն մէջ: Ըստ թուրք լրագրող Քենան Աքինի, էմիրութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը այս առաջարկը հասցուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատար Ապտալլա Սուլթան Նուայմի, իր խօսքը ուղղելով Հաքան Ֆիտանին, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարն է, պահանջած է Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող էմիրութիւններէն 9 անդամներու յանձնումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն: Թրքական կողմը յստակ պատասխան չէ տուած այս պահանջին. աւելի՛ն, թուրք լրագրող Մեհմեթ Աճեթ, որ Էրտողանին մօտիկ եղած է, իր մէկ յօդուածին մէջ ամբաստանեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները` յեղաշրջումի ղեկավարներուն 3 միլիառ տոլարի յատկացում տրամադրելու յանցանքով: Ասիկա զարմանալի չի թուիր` նկատի առած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հակաէրտողանեան քարոզչութիւնը էմիրաթական լրատուամիջոցներուն մէջ: Վերջերս Ծոցի երկիրներ Էրտողանի այցելութիւնը արհամարհելով` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները աւելի եւս ապացուցեցին, որ բաւական լուրջ տագնապ կայ երկու երկիրներուն միջեւ:

Թուրքիոյ Տնտեսական Մղձաւանջը

Թուրքիոյ մոլորեցուած արտաքին քաղաքականութիւնը երկիրը մղեց կրելու տնտեսական լուրջ վնասներ: 2011 թուականէն, երբ «Արաբական գարուն»-ը սկսաւ, թրքական տնտեսութիւնը լուրջ տագնապներ դիմագրաւեց, իսկ 2015-ին ռուսական պատժամիջոցները եւ երկրին ներքին անապահով վիճակը գրեթէ քանդեցին անոր զբօսաշրջական մարզը: Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Քաթարի տնտեսական շրջափակումը աւելի եւս կրնայ վնաս հասցնել Թուրքիոյ: Մայիսէն մինչեւ յունիս թրքական արտադրութիւններուն արտահանումը դէպի Սէուտական Արաբիա 277 միլիոն տոլարէն նուազեցաւ 188 միլիոն տոլարի, այսինքն` 36,4 առ հարիւրով: Իսկ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ արտահանումը նուազեցաւ 20,5 առ հարիւրով, այսինքն` 316,5 միլիոն տոլարէն 234,6 միլիոն տոլարի, նոյնը կատարուեցաւ Պահրէյնի պարագային, ուր արտահանումը արձանագրեց 24 առ հարիւրի նուազում` 20,7 միլիոն տոլարէն 15,6 միլիոն տոլար: Աւելի՛ն. Թուրքիա մտահոգ է, որ Ծոցի երկիրները նուազեցնեն թրքական ներածումները եւ պոյքոթի ենթարկեն թրքական արտադրութիւնները իրենց շուկաներուն մէջ: Արդէն իսկ ընկերային ցանցերու վրայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացի բազմաթիւ երիտասարդներ այսպիսի կոչեր ուղղեցին իրենց կառավարութիւններուն: Թրքական առեւտրական ընկերութիւնները մօտ 310 պայմանագիր ստորագրած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ (մօտ 38 միլիառ տոլարի արժողութեամբ), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ` 109, Քուէյթի մէջ` 34, իսկ Քաթարի մէջ` 109: Թուրքիոյ համար «դժոխքի դռները» կը բացուին, եթէ այս պայմանագիրները չեղեալ յայտարարուին: Եթէ Թուրքիա իր այս քաղաքականութիւնը շարունակէ, ապա անուղղակի շրջափակման կ՛ենթարկուի Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ:

Հայաստանի Իրապաշտ Քաղաքականութիւնը Ծոցի Մէջ

Մարտին Հայաստանն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յայտարարեցին մուտքի արտօնագիրներու վերացումը երկու երկիրներուն միջեւ: Ասիկա անկիւնադարձային իրադարձութիւն էր Հայաստանի համար, որ այսպիսով աւելի եւս կ՛ամրապնդէր իր յարաբերութիւնները իսլամական եւ յատկապէս արաբական աշխարհին հետ` բարելաւելով երկրին զբօսաշրջային մարզը, ներգրաւելով էմիրութիւններու քաղաքացիները եւ  դրամագլուխը: Նոյն փորձը պիտի կատարուէր նաեւ Քաթարի հետ, սակայն շրջանային վերջին տագնապը սառեցուց բանակցային հոլովոյթը: Իսկ ամէնէն կարեւոր հարցը կը մնայ այն, որ արդեօք քաղաքական այս խառնակ վիճակին մէջ Հայաստան եւ Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ կրնա՞ն հաստատել:

18 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտալլա Պըն Զայետ Ալ Նահեանը: Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւնները, շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ` արցախեան հիմնահարցին խաղաղ լուծման հոլովոյթը: Այստեղ կարեւոր է վերլուծել արցախեան նիւթը: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հրահրումով ապրիլ 2016-ին համաշխարհային Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը դարձեալ յայտարարեց իր հակահայ կեցուածքը` կոչ ուղղելով Հայաստանին հեռացնելու իր բանակը «ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքներէն»: Նոյն կազմակերպութիւնը մարտ 2008-ին ընդունեց 10/11 բանաձեւը` դատապարտելով հայկական կողմը եւ յայտարարելով, որ` «Հայաստան կը բռնագրաւէ ազրպէյճանական հողերը եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կը կատարէ Ղարաբաղի մէջ»: Արդեօք Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կրնա՞ն դրական ազդեցութիւն ունենալ կասեցնելու այսպիսի բանաձեւերու որդեգրումը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ: Աւելի՛ն. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը անուղղակի ոչ պաշտօնական ճանաչում էր Հայոց ցեղասպանութեան, սակայն ռոմանթիզմէ հեռու, անիկա ուղղակի պատգամ մըն է թրքական իշխանութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան միջոցով:

Եզրակացութիւն

Ասիկա առիթ է Հայաստանի համար, որպէսզի իր սահմաններուն մէջ ճկուն եւ իրապաշտ քաղաքականութիւն մը վարէ Ծոցի մէջ` առանց շփման մէջ մտնելու ռուսական եւ իրանական քաղաքականութիւններուն հետ: Աւելի՛ն. Հայաստան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջոցով կրնայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Սէուտական Արաբիոյ հետ: Ասիկա կարեւոր է Հայաստանի համար թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմաքաղաքական առումներով: Վերջերս, սուրիական տագնապին բերումով եւ շրջանին մէջ թրքական քաղաքականութեան ներթափանցումով հակահայ զգացումները վերելք ապրեցան սիւննիներուն մօտ, եւ այսպիսի քաղաքական քայլերը կրնան հակակշռել թրքական հակահայ քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան այլընտրանքները ընդարձակել շրջանին մէջ:

yeghia.tash@gmail.com

 

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորը

$
0
0

Վերջերս Պոլսոյ մէջ «Փարոս» հրատարակութեան կողմէ լոյս տեսաւ նախկին պոլսահայ, այժմ լոսանճելըսաբնակ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ, 800 էջերէ բաղկացեալ ստուար հատորը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք գիրքին շնորհահանդէսին ընթացքին հեղինակին քրոջ` «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խօսքը:

 

Այսօր «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ սոյն հատորի շնորհահանդէսին առթիւ,  նախ պիտի ուզեմ քանի մը տողով անդրադառնալ գիրքի հեղինակի մասին:

Գէորգ Պ. Յակոբեան օտար մը չէ: Ան երկու տասնամեակներ առաջ կը գտնուէր մեր շրջանակին մէջ ու երկար տարիներ պաշտօն ստանձնած էր համայնքիս եկեղեցական, կրթական ու մամուլի, մասնաւորաբար «Մարմարա» օրաթերթի աշխատանքներուն մէջ:

Գէորգ Պ. Յակոբեան տասը տարի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօն վարած է Գումգաբուի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանին մէջ եւ մօտէն հետեւած է կրթական հարցերուն, նաեւ` կրթական նախարարութեան կամ տնօրէնութեան այդ թուականներուն յատուկ կամայական, անարդար ու անօրէն կարգադրութիւններուն, որոնք ո՛չ միայն յատուկ էին այդ վարժարանին, այլ բոլոր հայ վարժարաններուն հիմնադիր, տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ ու նոյնիսկ ծնողներ կ՛ապրէին այդ արհեստական դժուարութիւնները: Աւելի վերջ այս դժուարութիւններուն վրայ աւելցան նաեւ պաշտօնազրկումները կարգ մը տնօրէններու եւ ուսուցիչներու: Ուստի, այդ թուականէն սկսեալ ծրագրած է հայ վարժարաններու կրթական եւ ուսումնական կեանքի անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը ամփոփել հատորի մը մէջ:

Երբ ուսումնասիրելու սկսած է օսմանեան շրջանի հայ ազգային եւ մասնաւորաբար կրթական կեանքը, տեսած է, որ հոն կայ անծայրածիր դաշտ մը, որ չէ մշակուած: Նկատած է, որ անցեալին մօտաւորապէս հազար հայկական վարժարաններ գոյութիւն ունեցած են օսմանեան սահմաններուն մէջ, 120 հազարէ աւելի աշակերտներով ու 5 հազար ուսուցիչներով:

Այս հետաքրքրութիւնը խթան հանդիսացած է իրեն, որպէսզի պատրաստէ պոլսահայ կրթական կեանքի պատմութիւնը, գաւառներու կրթական կեանքի ու վարժարաններու հսկայ աշխատանքն ալ թողելով ապագային:

Այսօր ահաւասիկ ի ձեռին ունինք «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ այս հատորը, որ այս բովանդակութեամբ եւ այս ծաւալով գրուած առաջին հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ պատմութեան մէջ:

Պէտք է նկատի առնել, որ պատմութեան ամբողջ տեւողութեան հայ համայնքը կրօնական, ազգային եւ ընկերային կեանքէ ներս միշտ զուգահեռ ընթացք ունեցած է պետութեան տրամադրութիւններուն հետ, փոխյարաբերութիւններու գծով: Այս պատճառով Պոլսոյ հայոց ուսումնական ու կրթական կեանքի պատմութիւնը իր մէջ կը պարունակէ նաեւ պետական քաղաքական, ազգային ու կրօնական վերիվայրումներու պատմութիւնը: Գիրքը ամփոփուած է հինգ անջատ գլուխներու ներքեւ` առանձին խորագիրներով:

Առաջին գլուխը կը կրէ` «Ընդհանուր ակնարկ նախքան 1790 թուականը»  խորագիրը:

Այս խորագիրին տակ հեղինակը պատմական տուեալներու հիման վրայ համառօտ կերպով կ՛անդրադառնայ Պոլսոյ հայ ժողովուրդի գաղթականութեան ազդակներուն, բիւզանդական շրջանի հայոց կեանքին, Կոստանդնուպոլսոյ առումին, հայոց պատրիարքութեան հաստատման, հայ համայնքի կազմութեան ու նաեւ օսմանեան հայոց մէջ կրթական շարժման սկզբնաւորութեան: Հակիրճ տողերով տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման պարագաներու, Վենետիկի Ս. Ղազար եւ Վիեննայի Ս. Աստուածածին մենաստաններու հաստատման` անդրադառնալով դարերու ընթացքին այս զոյգ միաբանութիւններուն կատարած կրօնական, ազգային, կրթական, պատմական, թարգմանչական, պատմաբանասիրական, հրատարակչական ու այլ բնագաւառներէ ներս կատարած անուրանալի դերին: Կ՛անդրադառնայ Հայ եկեղեցւոյ ծոցէն յարանուանութեանց բաժանումի տխուր պատկերին, աշխարհաբար լեզուն ստեղծելու անհրաժեշտութեան եւ այս ուղղութեամբ քրտինք հոսեցուցած երախտաւորներու գործունէութեան: Երկրորդ բաժինը ունի «Կրթական շարժումը ու զարգացումը մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումը» խորագիրը:

Այս խորագիրին տակ յատուկ տեղ տրուած է Շնորհք Մկրտիչ Ամիրայի կեանքին, հրատարակչական գործունէութեան ու մասնաւորաբար իր հաստատած անդրանիկ թաղային վարժարանին, 1790-1851 թուականներու միջեւ կատարուած կրթական առաջին գործունէութեան, թաղային առաջին կրթարաններու եւ անոնց կիրարկած ուսման ծրագիրներու մշակման, Ուսումնական խորհուրդի կազմութեան եւ գործունէութեան, Ազգային վարժարաններու բարեկարգութեան, Ազգային Կեդրոնական եւ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հրատարակուած ու հրապարակուած տեղեկագիրներու, կանոնագրութիւններու եւ համարատուութիւններու կարեւորութեան, նախնական կրթութեան հիման վրայ հաստատուած կազմական կանոնագրութեան, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ կառավարութեան գործադրութիւններուն. ազգային սահմանադրութեան ծագման եւ զարգացման, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ պետութեան գործունէութիւններուն ու միջամտութիւններուն, 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան. 1909-ի հակայեղափոխական շարժման ու Ատանայի կոտորածի տխուր պատկերին, կրթական գործի զարգացման աշխատանքներու ընթացքին պետական միջամտութիւններուն, Պալքանեան զոյգ պատերազմներու խղճալի կացութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի տխուր տարիներուն, պոլսահայ ազգային, կրօնական, կրթական, ուսումնական, բարեգործական եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի քայքայման, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պարագաներուն, Զաւէն պատրիարքի աքսորման պայմաններուն, զինադադարի հաստատման, որբանոցներ հաստատելու անհրաժեշտութեան, Ազգային խնամատարութեան հաստատման ու գործունէութեան, հայ որբերու ու գաղթականներու արտասահման փոխադրութեան, անկախ Հայաստանի հռչակման ու Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման, վերջապէս` ոչնչացման եզրին նոր շրջանի մը հաստատման: Երրորդ գլուխը կը կրէ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանը» խորագիրը: Հեղինակը այս խորագիրին տակ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման, թուրք-հայ բարձրացման միութեան ստեղծման ու գործունէութեան, Լոզանի դաշնագիրի վաւերացման, Լոզանի միջազգային դաշնագիրի փոքրամասնութիւններու համար սահմանած յատուկ իրաւունքներու գործադրութեան հիման վրայ ազգային սահմանադրութեան սահմանափակման ու մասնակի իրականացման, թրքահայ ազգային, կրթական, ընկերային ու համայնքային կեանքի վերակազմութեան, հայ վարժարաններէն ներս հանրապետութեան շրջանին պետական ծրագիրի պարտադրաբար կիրարկման, հայոց պատրիարքներու յաջորդական ընտրութեանց պարագաներուն, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան ու այլ խորհուրդներու ջնջման, հայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան, ուսուցիչներու դասաւանդութեան վաւերացման, մասնաւոր վարժարաններու յատուկ յաջորդական օրէնքներու կիրարկութեան, քաղաքական պայմաններու բերմամբ հայ վարժարաններու, մասնաւորաբար գաւառէն Պոլիս գաղթող աշակերտներու արձանագրութեան նկատմամբ ստեղծուած դժուարութեանց, պատմութեան ընթացքին ուսուցչաց միութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան շարժումին, այժմու Ուսուցչաց միութեան եւ հիմնարկի հաստատման, աշակերտներու ամառնային արձակուրդի համար կազդուրման կայաններու հաստատման եւ գործունէութեան ու նաեւ պատմութեան ընթացքին Հայ մարմնակրթութեան միութեան հաստատման, վարժարաններէն ներս այս մարզին տրուած կարեւորութեան, թաղային ակումբներու հաստատման ու ողիմպիական խաղերու հրապարակային իրագործման:

Չորրորդ բաժինը կը կրէ «Կրթական հաստատութիւններ, որոնք գոյութիւն ունեցան կամ ունին երկու դարերու ընթացքին» խորագիրը:

Այս խորագիրին ներքեւ չորս ենթախորագիրներու տակ կը տրուին բացատրութիւններ` Պոլսոյ մէջ հաստատուած բոլոր վարժարաններուն մասին.

 

Ա.- Հայ ազգային վարժարաններ,

Բ.- Հայ կաթոլիկ վարժարաններ,

Գ.- Հայ աւետարանական վարժարան եւ

Դ.- Անհատական վարժարաններ:

Այսպէս, տեղեկութիւններ կը տրուին մօտաւորապէս 171 վարժարաններու մասին, որոնք երկու դարերու մէջ գոյութիւն ունեցած են Պոլսոյ մէջ: Ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են վարժարաններու հաստատման պայմանները, կրթական ծրագիրի կիրարկութիւնները, դասաւանդութեան եղանակները: Շեշտը դրուած է այն իրողութեան վրայ, որ ներկայիս այդ 171 վարժարաններէն միայն 16 հատը կրցած է պահել իր գոյութիւնը, հազիւ 3000 երկսեռ աշակերտներով:

Այս բաժինին մէջ հեղինակը տեղ տուած է նաեւ Պոլսոյ մէջ պաշտօնապէս հաստատուած կարի ու ձեւագիտութեան դասընթացքներու կամ լսարաններու, որոնք համախմբած են իգական սեռի հայ եւ օտար ներկայացուցիչները` անոնց փոխանցելով ձեռային աշխատանքներու նրբութիւնները, նաեւ ապահովելով, որ անոնք ի ձեռին ունենան Կրթական տնօրէնութենէն վաւերացուած վկայականներ:

Գիրքը աւարտին կը հասնի հինգերորդ բաժինով: Այս բաժինին մէջ կը ներկայացուի 1902, 1904, 1905, 1929 թուականներու Պոլսոյ հայ վարժարաններու աշակերտներու վիճակացոյցը: Ասոր առընթեր, հինին հետ բաղդատական մը ընելու նպատակով, կը ներկայացուին 1961-2014 թուականներու ցուցակները:

Այս բաժինին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ վարժարաններու ընդհանուր ցանկերը, նաեւ` գործօն վարժարաններու անունները, անոնց հիմնադիր եւ տնօրէններու անուանացանկերը:

Որպէս վերջաբան պէտք է շեշտել, որ այս գիրքը արդիւնք է հեղինակի 20 տարուան հետեւողական եւ սպառիչ աշխատանքին:

Գիրքը, որ կը բաղկանայ 800 էջերէ, հեղինակին կողմէ նուիրուած է մեր պաշտելի հօր` Վահան Պ. Յակոբեանի անմոռաց յիշատակին:

Գրախօսական` Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» Հատորին

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Գէորգ Պ. Յակոբեան ծանօթ անուն մըն է պոլսահայ հրապարակագրութեամբ, մամուլով եւ մանաւանդ բանասիրութեամբ հետաքրքրուողներուն համար: Ան հեղինակած է ուշագրաւ հրատարակութիւններ պոլսահայ իրականութեան մասին`  պիտանի տեղեկութիւններ պարունակող օրացոյցներ, յուշամատեաններ` նուիրուած Խաչատուրեան պատրիարքին, Տերոյենց պատուելիին, Շնորհք պատրիարքին:  Կեսարիոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը պարունակող նկարազարդ ալպոմը հանդիսացաւ իր լաւագոյն հեղինակութիւնը` մինչեւ լոյս տեսնելը «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի ու կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ փառաւոր հատորին, հազիւ երկու ամիս առաջ:

1997-ին Գէորգ Պ. Յակոբեան ընտանեօք հաստատուեցաւ հրեշտակներու քաղաքը, եւ սակայն, աշխարհացրիւ բոլոր պոլսահայերուն նման, ան մնաց ու կը մնայ իսկական «պոլսեցի» մը` իր զգացումներով, մտածումներով եւ նաեւ իր խօսելաոճով:

Գէորգ Պ. Յակոբեան Պոլիս ապրած շրջանին վարած է համայնքային պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ, բայց մանաւանդ Գումգափուի Դրսի թաղամասի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր եղած է: Վարժարանին եկամուտ ապահովելու հոգը ու նաեւ վարչական եւ պետական ձեւակերպութիւններն ու  տաղտուկները զինք մղած են հետաքրքրուելու հանրապետական թէ օսմանեան շրջանի ազգային կրթական հաստատութիւններով եւ անոնց հարցերով, անոնց մօտէն հետեւելու:

Բախտաւորուած ենք հեղինակը եւ իր հեզահամբոյր քոյրը` վաստակաւոր կրթական մշակ եւ սփիւռքի լաւագոյն լրագիրներէն նկատուող «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը մօտէն ճանչնալու եւ վկայելու, որ Գէորգ Պ. Յակոբեան երկու տասնամեակէ աւելի հաւաքեց (եւ տակաւին ալ կը հաւաքէ) հայ կրթական կեանքի առնչուող գրեթէ բոլոր սկզբնաղբիւրները եւ կատարեց ամբողջական լուսապատճէնահանումը հայաբնակ աւաններու նուիրուած յուշամատեաններու եւ բազմաթիւ այլ ուսումնասիրութիւններու, որոնք անպայմանօրէն բաժին մը ունին կրթական հաստատութիւններու նուիրուած:

Կարելի է զգալ իր ապրած դառնութիւնները, երբ իր պաշտօնական թէ բարեկամական անվերջանալի դիմումներուն եւ թղթակցութիւններուն մեծ մասը մնացած է անպատասխան: Իր իսկ բառերով. «Որքա՜ն պիտի ուզէի ի ձեռին ունենալ հայ մամուլի օրաթերթերու կամ պարբերականներու աւելի ընդարձակ հաւաքածոները, կամ կարելիութիւնը ունենալ թղթատելու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի, Ուսումնական խորհուրդի ատենագրութիւնները, արխիւային փաստաթուղթերը, որոնց շնորհիւ պիտի կարենայի ա՛լ աւելի լրիւ ու ամբողջական հատորի մը վերածել այս աշխատասիրութիւնս: Այս անկարելիութիւններուն դիմաց, ուզեցի գոնէ ի ձեռին ունենալ երբեմնի Ուսումնական խորհուրդի «կանոնագիր», «տեղեկագիր» կամ «համարատուութիւն»-ներու պատճէնները, որոնք անցեալին տպուած ու ցրուած էին տունէ տուն: Այս նպատակով դիմեցի® Բացառաբար օգտագործեցի Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւներու հայ վարժարաններու յատուկ փաստաթուղթերը, որոնց մէջ հանդիպեցայ կարգ մը անտիպ ու պաշտօնական տեղեկութիւններու, որոնց կարեւոր մասերը զետեղեցի հատորիս մէջ»:

Իր քրոջ` Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խմբագրութեամբ եւ «Փարոս» թրքալեզու պոլսահայ ամսաթերթի խմբագիր Մայտա Սարիսի ժրաջանութեամբ, նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ս. Թարգմանչաց Ազգային վարժարանի Թաղային խորհուրդին մեկենասութեամբ, անցեալ սեպտեմբերին լոյս տեսաւ Գէորգ Պ. Յակոբեանի 799 էջ ծաւալով եւ 3,6 քկ ծանրութեամբ, «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ փառաւոր հատորը: Հատորին ուշագրաւ նախաբան մը գրի առած է պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան եւ հրապարակագրութեան ամենաուշագրաւ երախտաւորը` Ռոպեր Հատտէճեան: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օսմանեան արխիւներէն քաղուած եւ թարգմանուած վաւերաթուղթերը, հազարէ աւելի լուսանկարներ եւ տասնեակներով հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերու արտատպումները հատորը կը վերածեն վաւերական սկզբնաղբիւրի մը: Հազուագիւտ հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերը, վարժարաններու շէնքերու համայնապատկերները, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ աւարտական դասարաններու խմբանկարները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հազուագիւտ պատմական լուսանկարներ ապացոյց կը հանդիսանան կատարուած հետեւողական աշխատանքին:

1790 թուականը հեղինակին կողմէ կը նկատուի օսմանահայոց կամ թրքահայոց կրթական շարժման սկզբնաւորութիւնը` նկատի ունեցած այս թուականին սուլթան Սելիմ Գ.ի կողմէ տրուած համայնքային վարժարաններ հաստատելու արտօնագիրը:

Հեղինակը իր ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ 5 գլուխներու տակ:

Առաջին գլուխին տակ եւ 50 էջի ծաւալով, «Ընդհանուր ակնարկ` նախքան 1790 թուականը» խորագիրով կը ներկայացուի Կոստանդնուպոլսոյ, Բիւզանդիոնի, Քոսթանթինիյէի եւ ապա Տերսաատեթի վերածուած Պոլիս քաղաքի պատմութիւնը, բիւզանդահայ համայնքի կազմաւորումը եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան հաստատումը եւ օսմանահայ եւ ապա թրքահայ համայնքի կազմաւորումը` մինչեւ 19-րդ դարու սկզբնաւորութիւնը:

Երկրորդ գլուխին տակ եւ 110 էջի ծաւալով, «Կրթական շարժումն ու զարգացումը մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումը» խորագիրով կը ներկայացուի կոստանդնուպոլսահայ կրթական կեանքի հոլովումը, Շնորհք ամիրայի կողմէ հաստատուած առաջին վարժարանէն մինչեւ պատրիարքարանին երդիքին տակ ծաւալած Ուսումնական խորհուրդի կազմութիւնը, պոլսահայ կրթական կեանքի հոլովումը` Ազգային սահմանադրութեան շրջանէն մինչեւ օսմանեան զոյգ սահմանադրութիւններու շրջանը եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիները:

Երրորդ գլուխին տակ եւ 80 էջի ծաւալով, «Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջան» խորագիրով կը տրուի Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի հայ կրթական կեանքին պատումը, Լոզանի դաշնագիրով տրուած իրաւունքներէն մինչեւ փոքրամասնական վարժարաններու յատուկ պետական կրթական ծրագիրի կիրարկումը պոլսահայ վարժարաններէ ներս, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան եւ հիմնարկի հաստատումը եւ Պոյաճըգիւղի եւ Գընալը կղզիի կազդուրման կայաններուն, նաեւ «Քամփ Արմէն»-ի ամառնային արձակուրդի կայանները:

Չորրորդ գլուխին տակ եւ 520 էջի ծաւալով, «Կրթական հաստատութիւններ, որոնք գոյութիւն ունեցան կամ ունին երկու դարերու ընթացքին» խորագիրով կը ներկայացուին հայ ազգային 63 վարժարաններ, հայ կաթողիկէ 17 վարժարաններ, հայ աւետարանական 1 վարժարան, հայ անհատական 69 վարժարան, կարուձեւի 6 դասընթացքներ եւ լսարաններ:

Հինգերորդ գլուխին տակ եւ 28 էջի ծաւալով, «Աշակերտաց վիճակացոյց Պոլսոյ հայ վարժարաններու» խորագիրով կը տրուին վիճակագրական տուեալներ 1902-03, 1901-05, 1905-06, 1929-30, 1960-2014 տարիներուն գոյութիւն ունեցող վարժարաններու ցանկերը իրենց աշակերտներու եւ ուսուցիչներու թուաքանակով եւ նաեւ հասոյթներու ու ծախքերու մասին տուեալներով: Տրուած է նաեւ ցանկը Պոլսոյ մէջ գործած բոլոր վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ` ներկայիս գոյութիւն ունեցող հայկական 16 վարժարաններու տնօրէններուն եւ հիմնադիրներուն անուանացանկերը:

Իսկապէս անխղճութիւն պիտի ըլլայ նման համապարփակ ու խղճամիտ ուսումնասիրութեան մը մէջ սխալներ գտնել ու մատնանշել: Կը հաւատանք, որ գրախօսական յօդուած մը գիրքի մը ներկայացման եւ արժեւորման սահմաններէն անդին պէտք չէ անցնի: Նման հատոր մը անպայմանօրէն պիտի ունենայ վրէպներ, լուսանկարներու սխալ տեղադրումներ, տպագրական թէ էջադրային անխուսափելի սխալներ: Կարելի է այս բոլորը մատնանշել հեղինակին ուղղակիօրէն: Այս բոլորէն անդին` նկատի պէտք է ունենալ, որ Գէորգ Պ. Յակոբեան այս ամբողջ աշխատանքը կատարած է առանձին, ինչ որ պէտք է ըլլար խմբային աշխատանքի մը արգասիքը: Կատարուած այս աշխատանքը պէտք է օրինակ ծառայէ ու նաեւ խթան հանդիսանայ այլ հայագաղութներու մտաւորականներուն եւ կրթական կեանքի պատասխանատուներուն` մտածելու նման ուսումնասիրութիւններու մասին:

Պոլսահայ բանասիրութիւնը դժբախտաբար բաւարար կերպով չէ գնահատուած սփիւռքահայ շրջանակներու կողմէ: Կ՛արժէ յիշել Գէորգ Բամպուքճեանի եւ գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեանի բազմաբեղուն վաստակը եւ հրատարակուած բազմաթիւ հատորները, որոնք տակաւին գրախօսականի ալ չեն արժանացած: Եթէ պիտի պատճառաբանուի, որ Բամպուքճեանը աւելի թրքերէնով, իսկ գերապայծառ Չոլաքեանն ալ ընդհանրապէս ֆրանսերէնով գրի առած են իրենց ուսումնասիրութիւնները, ինչպէ՞ս բացատրել հայագիր թատերագիր եւ հրատարակուած շուրջ երեսուն թատրերգութիւններու հեղինակ Արման Վարդանեանի նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը կամ անբացատրելի անտեղեակութիւնը:

Գէորգ Պ. Յակոբեան ներկայիս կ՛ամբողջացնէ ծանօթացուող հատորին շարունակութիւնը նկատուելիք «Պատմութիւն գաւառահայ ուսումնական կեանքին եւ կրթական հաստատութիւններուն» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը: Կրկին փառաւոր գործ մը, ուր պիտի ներկայացուին գաւառի 1000-է աւելի վարժարանները իրենց 120.000 աշակերտութեամբ եւ 5000-ի հասնող ուսուցիչներով:

Մտածենք երկրորդ հատորին առնչուող ձեւաւորումի, էջադրութեան, տպագրութեան եւ մանաւա՛նդ հրատարակութեան հոգը վերցնել Գէորգ Պ. Յակոբեանի ուսերէն եւ մտածենք գնահատել բանասիրական իր վաստակը եւ զինք մեծարել` ըստ արժանւոյն… իր ողջութեան:

 

 

 


Ակնարկ. Նոր Աշխարհակարգն Ու Լիբանանը

$
0
0

Լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումները մաքրազտելու գործողութիւնները գրեթէ իրենց լրումին հասած են: Մաքրագործման գործողութիւնները ընթացան արագ, յատկանշուեցան հատու հարուածներով եւ տուին նոյնքան արագ եւ անմիջական արդիւնքներ: Թէ՛ սուրիական եւ թէ՛ լիբանանեան կողմերէն աքցանումի միտուած զինուորական քայլերը ոչ միայն չէզոքացուցին ահաբեկիչ տարրերու շարժումները, այլ ընդհանրապէս վերացուցին այդ տարածքները թափանցած եւ տեղակայուած ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները:

Սուրիական կառավարական ուժեր-Հըզպալլա-լիբանանեան բանակ եռակողմ համագործակցութիւնը յանգեցաւ շռնդալից արդիւնքի: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամէնէն ազդեցիկ օրինակներէն կարելի է նկատել Արսալի բարձունքներու մաքրագործման համակարգուած գործողութիւններու շարքը:

Արսալի մաքրազտումը շրջանին մէջ յայտարարուած ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէկ արարն է պարզապէս: Իրադրութիւններու նման աւարտը որեւէ ձեւով չ՛ենթադրեր նաեւ, որ Լիբանանը չէզոքացուցած է ահաբեկիչ տարրերու թափանցման վտանգը: Ռազմավարական առումով ճիշդ է, որ կարեւոր է Արսալի բարձունքներուն տիրապետումը, այսուհանդերձ ամբողջ տարածաշրջանը, եթէ ոչ ամբողջ աշխարհը վտանգած ահաբեկչութիւնը ի սպառ չէ վերացած նաեւ լիբանանեան սահմաններէն կամ Լիբանանէն:

Հակաահաբեկչական գործողութիւններու համեմատական ակնարկը դիտել կու տայ, որ մինչ գերտէրութիւներու կողմէ յայտարարուած աշխարհին սպառնացող վտանգը ոչնչացնելու ռազմական քաղաքականութիւնը երկար ատեն տարուեցաւ «մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետ» մարտավարական մօտեցումներով, այս պարագային յայտարարուած կարծիքներու վճռակամութիւնն ու գետնի վրայ երեւցած տեղաշարժները համընկնեցան:

Արսալի մաքրագործումը ենթարկուեցաւ քաղաքականացուած մօտեցումներու ներքեւ ձեւաւորուած գնահատականներու: Այս պարագային հիմնական դերակատարին տրուած պիտակաւորումը նախ մանրացուց զինուորական իրադարձութեան չափն ու կշիռը, ապա ահաբեկչութիւն դասակարգումին տակ վերատեղադրեց լիբանանեան դիմադրական շարժումը:

Լիբանանեան պետական մակարդակի վրայ սակայն, համալիբանանեան մտածողութիւնն ու կամքը գերադասելու ճիգեր երեւցան: Երկկողմանիօրէն քաղաքական տարակարծութիւնները առայժմ չարծարծելու եւ սուր հակասութիւններ չդրսեւորելու մօտեցումները ակներեւ էին:

Պետական մակարդակի վրայ երեւցած քաղաքական այս գիտակցութիւնը չդրսեւորուեցաւ առհասարակ քաղաքական մակարդակներու եւ յատկապէս հասարակական մակարդակներու վրայ, անհանդուրժողութեան եւ զիրար մերժելու երբեմնի կարծիքներու վերադարձ կատարելու օրինակները բազմացան:

Լիբանանեան թէ՛ գործադիր եւ թէ՛ օրէնսդիր հաստատութիւններու դիւրաբեկ կառուցուածքը հետզհետէ կը թուի, որ կարեւոր ագուցումներ կը կատարէ: Մօտիկ անցեալին, եթէ նման լայնածաւալ գործողութիւն իրականանար լիբանանեան Դիմադրութեան կողմէ, ապա անիկա տեղի կու տար նախ պետական մակարդակի վրայ շատ սուր ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու, ապա բռնկուող հրդեհի նման կը տարածուէր քաղաքական դաշտին վրայ այնտեղէն նաեւ փողոցի վրայ, միջադէպերու տեղի տալով:

Այդ փուլը սպառած կը թուի ըլլալ: Լիբանանը ամէնէն ազդեցիկ օրինակը կու տայ ահաբեկիչներ վերացնելու զինուորական գործողութիւններու, մինչ հակառակ գերտէրութիւններու մէկ կողմէ վերապահ, միւս կողմէ կարծր գնահատականներուն, լիբանանեան պետական դաշտը կը մերժէ ներքաշուիլ անցեալի ապարդիւն վէճերուն մէջ:

Նոր աշխարհակարգը կը յատկանշուի ահաբեկչութիւն-հակաահաբեկչութիւն պատերազմով եւ անոր հետ կապուած դաշինքներով, ճամբարներով եւ զինուորական գործողութիւններով: Լիբանանը, ձեւաւորուող նոր աշխարհակարգի ընդհանուր համայնապատկերին մէջ, ուշագրաւ եւ արդիւնաւէտ քայլեր իրականացուց: Գերադասելով Լիբանանի անվտանգութիւնն ու ներքին անդորրութիւնը:

«Ա.»

Առաջին Տարելից Նիսի Ահաբեկչութեան. Սէրը Միշտ Պիտի Յաղթէ

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Տարի մը անցաւ 14 յուլիսի գիշերէն, երբ ծովափէն դիտեցինք երկնքին մէջ պայթող բազմերանգ հրապուրիչ աստղերուն փշրուիլը ծովուն սեւ ջուրերուն մէջ: Աւարտի ծաղկեփունջէն ետք, տունը, հեռատեսիլէն Փարիզինը դիտած ատեն, վայրկեաններ առաջ Նիսի սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեան մասին գրուածներուն չուզեցինք հաւատալ: Աստուա՜ծ իմ, այնտեղերն էինք:

Այս յուլիս 14-ի առտուն նոր վերակառուցուած Անգլիացիներու շքեղ ճեմուղին անապատի պէս դատարկ է աչքիս. շատ մարդ չկայ. վախէ՞ն: «Մասենա» թանգարանի պարտէզին կը մօտենամ. քիչ ետքը տեղի պիտի ունենայ միջկրօնական արարողութիւնը:

Տրամադրութիւնս բարձրացաւ երբ տեսայ ֆրանսական հեռատեսիլի առաջին կայանի հայազգի մեր լրագրող Անի Պաշարին ժպիտով ինծի մօտենալը, եւ իբրեւ յատուկ թղթակից` «անվուայէ սփեսիալ», հարցնելը, թէ այս օրը ինծի համար ի՞նչ յատուկ նշանակութիւն ունի: Ան այսօր այս հարցումը պիտի ընէ իր ուշադրութիւնը գրաւած անցորդներուն:

Նորէն, անցեալ տարուան հրավառութենէն տուն դարձին շշմեցանք, երբ իմացանք սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական արարքին զոհ գացած 86 անմեղներուն մահուան, եւ չորս հարիւր վիրաւորներուն եւ հազարաւոր հոգեկան խանգարում ունեցածներուն մասին: Քաղաքն ու ամբողջ Ֆրանսան սուգի մէջ մտան, կեանքը փոխուեցաւ, եւ աւելի լաւ քոյր-եղբայրներ եղանք իրարու, ոչ թէ խօսքով, այլ` իսկապէս, մեր սրտերը աւելի ազնուացան, յոյսը, հաւատքն ու սէրը իմաստ ստացան:

Ցարդ` անգլիացիներուն ճեմուղի կամ «Փրոմընատ տէ զ՛անկլէ անժ»: Այս առտուն հոն խիստ հսկողութեան տակ է, անցարգելներու մէջէն կ՛երթանք դէպի պայուսակ խուզարկող քննիչներ: «Նեկրեսքօ» պանդոկի ետեւի թաղի սրճարանին մէջ ծանօթ դէմք կը տեսնեմ. քիչ ետքը անոր հետ բեմ պիտի ելլենք մեր աղօթական կարճ պատգամը տալու` քաղաքական եւ կրօնական պետերուն եւ հրաւիրեալ երեք հարիւր սգաւորներուն եւ վիրաւորներուն:

Ամէն տարիքի զոհերը, բազում ազգաց եւ կրօնից պատկանող, հիմա հրեշտակներ, երկինքէն պիտի տեսնեն իրենց սգաւոր ընտանիքներն ու աշխարհաքաղաքացի բարեկամները: Անոնց համեմատական մեծամասնութիւնը իսլամ էր, հայաշխարհն ալ ունեցաւ երկու «հրեշտակներ», որոնց հոգեհանգիստը կատարեցինք կիրակի, 16 յուլիսին:

Զոհերուն վերապրած հարազատներուն հոգ տարած մեր եկեղեցւոյ երգչուհի Տիգրիսը զիս կը ծանօթացնէ լուսահոգի Նարինէին ամուսինին` Կարէնին: Հայաստանէն հրաւիրուած է իր մօրն ու իր մազապուրծ փրկած երեք տարեկան մանչուկին հետ. տղեկը հօրմէն չի բաժնուիր, չի ձգեր, որ տեղէն շարժի: Հիւրասենեակին մէջ զոհերուն անունները կարդացող գեղուհին կ՛ուզէ ստուգել, որ անսխալ կ՛արտասանէ վրացահայ մեր հոգելոյս «հրեշտակ» Ռոման Եկմալեանին անունը:

Կրօնական եւ քաղաքական պետերն ու կրօնից ներկայացուցիչները թափօրով պարտէզ կը մտնեն: Բեմին վրայ են Եաէլ Թըպուլ` հրեայ. Քրիսթոֆ Ֆրանչեթի Զեն` պուտտայական, Ֆիլմի Ասօ` ֆրանսացի կաթողիկէ, Միշէլ Սելինիոթաքիս` յոյն ուղղափառ, Խաչատուր Պօղոսեան` հայ առաքելական, Պուպեքէօր Պեքրի` իսլամ, Փաուլօ Մորլաչեթի` աւետարանական:

Բեմին առջեւ մոմերը կը վառին մէկ-մէկ, ութսունվեց զոհերու անուններուն արտասանման հետ: Հոգեւորականները իրենց աղօթական կարճ պատգամները կու տան մխիթարական խօսքերով պճեղ մը մխիթարութիւն եւ հանգստութիւն տալու զոհերուն ալեկոծեալ հարազատներուն եւ անոնց մտքին ու հոգիին մէջ ցանելու առողջութեան, յոյսի, հաւատքի, համբերութեան, քաջութեան եւ սիրոյ սերմեր: Ի նշան եղբայրութեան` իրարու ձեռք կը բռնեն այս ոգեկոչման արարողութիւնը կազմակերպած միջկրօնական Նիսի եղբայրութիւնը` «Ֆրաթերնիթէ»-ի ներկայացուցիչները: Աւարտին, եբրայերէն, չինարէն, ֆրանսերէն, յունարէն, հայերէն, արաբերէն եւ իտալերէն լեզուներով կրօնականները կը պատգամեն` «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԱՄԵՆԵՑՈՒՆ»:

Ներկաները իրարու ձեռք բռնելով` կը յառաջանան դէպի նորակառոյց յուշարձանը` մէկական ճերմակ վարդ զետեղելու զոհերուն նորակառոյց յուշարձանին` արցունքով:

Եկեղեցականներ եւ քաղաքական պետեր կ՛ողջունեն իրենց մօտեցող սգակիրները: Հոգելոյս Նարինէ Գասպարեանին քոյրը իր մատղաշ մանչուկը գրկած` մօրը հետ կու գայ խօսելու: Հայաստանէն եկած են քաղաքապետարանին հրաւէրով, իրենց հարազատին առաջին տարելիցին արարողութեանց ներկայ ըլլալու: Վաղը պիտի վերադառնան: Նիսեցի ֆրանսացի հայր մը իր մանչ ու աղջիկ երկու աչքերը թաց աչքերով զաւակներուն հետ կու գայ սիրտը բանալու եւ պատմելու իրենց «հրեշտակ»-ին մասին, ան կը շփէ ճկոյթին անցուցած իր զոհուած աղջկան ժառանգ թողած թանկագին մատանին, որ իր մատէն պիտի չելլէ բնաւ: Այս մասին այսքանը…

Յուլիս 14-ի յետմիջօրէին Նիսի գլխաւոր Մասենա հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոնի (հոս, փակագիծ բանալով յայտնեցինք, որ Ժերար Քոլոնի նախարար նշանակուելէն էտք Լիոնի քաղաքապետ ընտրուեցաւ բժիշկ Գէորգ Քեփենակեանը) Նիսի քաղաքապետ` Քրիսթիան Էսթրոզիին, նահանգապետ` Ճորճ Ֆրանսուա Լըքլերին, որոնք բարձրաստիճան զինուորականներու հետ միասին Ֆրանսայի բարձրագոյն շքանշանով զարդարեցին կուրծքերը անցեալ տարի ահաբեկչութեան ընթացքին հերոսացած արանց եւ կանանց: Հանդէս եկան Նիսի երգչախումբն ու նուագախումբը, յայտնի դերասան արուեստագէտներու մէջ էր հայազգի աշխարհահռչակ երաժիշտ Միշէլ Լըկրանը. որ իր ասմունքի աւարտին տագնապ մը ունեցաւ, տեսայ, որ մէկը պատգարակով տարին դէպի շտապ օգնութեան մեքենան, անիկա թեթեւ տագնապ մը անցուցած Միշէլ Լըկրանն էր, որ տեղւոյն վրայ բժշկական շտապ խնամք ստացած էր: Տպաւորիչ տողանցքին ատեն հինգ մարտական օդանաւեր երկինքը ճեղքելով` ներկեցին եռագոյնով: Աւարտին, 86 երիտասարդներ զոհերուն անուններով սիրտ մը գծեցին պաստառին վրան:

Յուլիս 14-ի իրիկունը, մետասաներորդ ժամուն, սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ «Նեկրեսքօ» պանդոկի  ետին գտնուող Սեն Փիեռ Տ. Արեն եկեղեցւոյն մէջ, որուն հոգեւոր հովիւը` հայր Ժիլ Ֆլորինին հարցումիս ի պատասխան ըսաւ, որ ահաբեկչութենէն անմիջապէս ետք եկեղեցին բացած էր հարիւրաւոր խուճապահարներուն առջեւ` ուտելիք, խմելիք եւ հանգիստ տալով հոն եկողներուն:

Յուլիս 13-ի երեկոյեան հին «Վիէօ Նիս»-ի կաթողիկէ Սեն Ռեփարաթ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ յիշատակի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` ձեռամբ Նիսի եպիսկոպոս Վահան եպս. Յովհաննէսեանի ներկայացուցիչ  Գրիգոր աբղ. Խաչատրեանի եւ Նիսի հոգեւոր հովիւ Խաչատուր Ա. քհնյ. Պօղոսեանի:

Նիս, 16 յուլիս 2017

 

Անդրադարձ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ներածականը

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հայկական մամուլը իր էջերուն վրայ տեղադրեց արդէն եւ համացանցի վրայ շրջագայեցաւ տեղեկատուութիւնը Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնած այն խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր սփիւռքի այժմու եւ վաղուան սերունդներու ազգային ինքնութեան  քննարկման եւ ընդհանրապէս այն ստորոգելիներուն, որոնք յենասիւնը կը կազմեն  ինքնութեան մշակումին:

Այդ առիթով անդրադարձ մը` չորս կէտերու մէջ խտացուած.

1.- Առօրեայ-կենցաղային խօսակցութիւններու ընթացքին, յաճախ նաեւ մամուլի մէջ երեւցող գրառումներով շատեր հարցականի տակ կը դնեն նմանօրինակ խորհրդաժողովներու նպատակայարմարութիւնը` առարկելով, թէ քանի որ անոնք զուրկ ըլլալով ներկայացուցչական հանգամանքէ ու կառուցային խարիսխէ` որոշումներ տալու-գործադրելու ո՛չ լիազօրութիւնը ունին եւ ո՛չ ալ մեքենականութիւնը: Պարզապէս մասնակից ժողովականները  քով-քովի կու գան, կը մէկտեղուին  ժողովասրահի մէջ եւ մտածումներ կը փոխանակեն ու վերջ: Յետո՞յ…

Ներկայացուած իր այս պարզունակ դրուածքով թերեւս իրաւացի համարուի առարկութիւնը: Բայց…

Հոյակապ է այս իմաստով մեր աննման յեղափոխականին կարգախօսը, թէ` «խօսքը առանց գործի մեռեալ է»: Անդրադառնանք սակայն. ի զուր չէ, որ կարգախօսը կը շեշտէ «գործ»-ին կարեւորութիւնը, բայց անիկա կը պայմանաւորէ «խօսք»-ով: Որովհետեւ առաջ քան ամենայն ծնունդ կ՛առնէ մտածումը, այսինքն` խօսքը: Մտածումի բանաձեւումէն կը յառաջանայ գաղափարը, որու ընդհանրացումէն ու ժողովրդականացումէն ետքն է միայն, որ կը  յղացուի, կը ձեւաւորուի ու կը յաջողի գործը: Ուրեմն, նախ խօսքը, ապա` գործը:

Այսպէս եղած է բոլոր ժամանակներու մէջ, այսպէս է հիմա բոլոր մակարդակներու վրայ ու աշխատանքի բոլոր մարզերուն` անհատական թէ հաւաքական, միութենական թէ կուսակցական, ընկերային ու տնտեսական կամ պետական կեանքի մէջ:

Կը նշանակէ, որ խորհրդաժողովները տուեալ խնդիրներու մասին բազմակողմանի մտածումները ներդաշնակելով` գաղափարներ կը բիւրեղացնեն, եզրակացութիւններ կը բանաձեւեն եւ ատով իսկ  պատրաստած կ՛ըլլան գործին ենթահողը:

2.- Ընդգծելի է, որ Ցեղասպանութեան պատճառով գոյաւորուած հայկական սփիւռքի հայօճախներուն ազգային-եկեղեցական կեանքի իբրեւ ղեկավար ու կեդրոնական հաստատութիւն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը թերեւս միակն է, որ իր գահակալին` Արամ Ա.ի նախաձեռնութեամբ տարբեր երկիրներէ, տարբեր տարիքի եւ տարբեր դաւանանքի ու գաղափարի պատկանող մտաւորականներ թէ հանրային գործիչներ իր հովանիին տակ համախմբելով` խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ քննութեան ենթարկելու համար սփիւռքեան  խնդիրներ, որոնք տարիներուն հետ  աւելի հրատապ կը դառնան` սպառնալով սփիւռքահայու տոկունութեան, որով եւ` նորահաս սերունդի  ազգային ինքնութեան:

Ազգային տեսակէտէ հետզհետէ ահագնացող  մարտահրաւէրներու մասին մօտաւոր գաղափար մը տալու համար կը բաւեն հետագայ մէջբերումները` Արամ Ա. կաթողիկոսի եօթը մեքենագիր էջերու տարածքով ներկայացուցած խորաթափանց, այլեւ ահազանգիչ  ներածականէն: Շեշտելէ ետք ինքնութեան  բարդ ու զգայուն  եւ այժմէական բնոյթը, կը դնէր հարցականը, թէ` «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ, ի՞նչ են հայ մարդուն հա՛յ ըլլալու  ցուցանիշերն ու հայ նկատուելու չափանիշները…» : Ապա կ՛աւելցնէր, որ մօտաւոր անցեալին այս հարցադրումները տեսական, նոյնիսկ տարօրինակ պիտի նկատուէին, մինչդեռ այսօր այդպէս չէ: Կը  մատնանշէր «մնայուն գունաթափումի մէջ գտնուող սփիւռքի պարզած ներկայ մտահոգիչ պատկերը»  եւ քիչ անդին կը նշէ, թէ` «… հայու ինքնութիւնը կազմաւորող (երէկի) հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը: Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառել իրենց ներուժը` հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն…»:  Այլ տեղ, հաստատելէ ետք «ազգի մը ինքնութեան ամուր կռուաններէն մէկը լեզո՛ւն է»,  հարց  կու տար.  «Հայ կեանքէն ներս օտար լեզուի աճող ներկայութեան դիմաց, արդեօք հայ լեզուն պէ՞տք է նկատել ինքնութեան էական յատկանիշ, թէ՞ որպէս հաղորդակցութեան միջոց…»:

Վեհափառին ներածականէն մէջբերուած վերի հաստատումները եւ իրենց մէջն իսկ պատասխանները պարփակող հարցադրումները մօտաւոր պատկերացումը  կու տան սփիւռքի ներկայ դժուար կացութեան, որու պայմաններու մէջ ի՞նչ միջոցներով  հնարաւոր պիտի ըլլայ (պիտի ըլլա՞յ ) մշակելու նորահաս սերունդին ազգային ինքնութիւնը: Ահա գերակայ խնդիրը եւ լրջագոյն մարտահրաւէրը:

3.- Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին հինգ մտաւորականներ` Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի նախարարը: Աւարտին, անոնցմէ մէկը քաղած տպաւորութիւնը յայտնեց դիպուկ արտայայտութեամբ մը, որուն միտք բանին մօտաւորապէս  հետեւեալն էր. «Առաջին անգամն է, որ կը գտնուիմ սփիւռքի հարցեր քննարկող հաւաքի մը մէջ: Ես բոլորովին տարբեր ընկալում ունէի սփիւռքի մասին եւ ըստ այնմ նաեւ` ակնկալութիւններ: Կ՛ենթադրեմ, որ Հայաստանի մէջ  իմ գործընկերներուս ընկալումն ալ իմինէս տարբեր պիտի չըլլայ: Այս խորհրդաժողովէն ետք, սակայն,  կը գիտակցիմ, որ իմ ընկալումէս տարբեր ու մեծ չափերու վրայ կը գերակշռեն  սփիւռքի խնդիրները, տագնապները,  առաջնահերթութիւնները…»:

Կը մտածեմ. որքա՜ն բարենպաստ պայմաններ կ՛ունենայինք հայօճախներու մէջ, եթէ անոնց ղեկավար տարրին գիտակցութեան մէջ տիրապետէր եւ  առաջնորդող ուժ ըլլար առաջնահերթութեան ըմբռնումը:

4.- Թելադրական է Արամ Ա. կաթողիկոսին ներածականը, որ սփիւռքեան խնդիրներուն համար լուծումներ որոնելու ճիգին մէջ կը յանձնարարէ  հեռու մնալ «կացութիւնները վարդագոյն տեսնելու ռոմանթիք հակումներէ» եւ` «ըլլալ իրատես, թէկուզ` երբեմն յոռետես…»:

Հայօճախներու  (հայագաղութներու) ղեկավար տարրին  համար  իբրեւ անյետաձգելի ու այժմէական եւ առաջնորդող մտածումներ` կ՛արժէ, նոյնիսկ անհրաժեշտ է  քննութեան առարկայ դարձնել վեհափառին ներածական խօսքը եւ անոր հիմամբ տեղական մակարդակի խորհրդաժողովներ կազմակերպել ու աշխատանքի յայտագիր մշակել:

Աթէնք, 20  յուլիս  2017

 

 

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Ահաբեկչական Քաղաքականութեամբ

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Նոր չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը շահերու վրայ հիմնուած է, եւ այդ երկիրը մանաւանդ տնտեսական եւ զինուորական ձեռքբերումներու համար յարափոփոխ քաղաքականութիւն կը վարէ:

Նոր չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նոր նախագահ առաջին վեց ամիսները, գործ ընելու տեղ, քարոզչական ձեւեր կ՛որդեգրէ:

Սակայն նորութիւնը այն է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ահաբեկչական քաղաքականութեամբ կ՛ընթանայ:

Աշխարհը լուռ ականատես է եւ լռութեամբ մեղսակից` կատարուածին:

Աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր Քաթարի դէմ շղթայազերծուած պետական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրուած են Ծոցի երկիրներուն կողմէ:

Աւելի քան վեց տարիներէ ի վեր ամէն մարդ գիտէ եւ փաստուած է, որ Քաթարը առանձինը չէր, որ կը հովանաւորէր ահաբեկչական խմբաւորումները:

Թուրքիան իր սահմանով, զօրքով, ուղղակի եւ անուղղակի աջակցութիւններով եւ զօրակցութիւններով շատ աւելի մեծ դեր ունեցաւ ահաբեկչական այս խմբաւորումներու զարգացման, տարածման եւ հզօրացման մէջ:

Այսօր ինչո՞ւ Թուրքիոյ օրակարգը չ՛արծարծուիր:

Աւելի՛ն. Թուրքիոյ նախագահը հաշտութեան միջնորդութիւն կը կատարէ(՞):

Ի՞նչ տրամաբանութեամբ այս մէկը ընդունելի է:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ահաբեկչութեան հովանաւոր երկրի մը նախագահի նախաձեռնութեամբ քայլեր կ՛առնուին:

Այս բոլորը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ: Ինչպէ՞ս ընդունիլ եւ լուռ մնալ:

Դատաւորը, դատապարտեալը եւ զոհը բոլորն ալ ահաբեկիչներ են: Բոլորն ալ նոյն աղբիւրէ ջուր կը խմեն:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ահաբեկչական քաղաքականութեամբ չ՛արդիւնաւորուիր:

Ժողովուրդներու կամքը եւ հաւատքը իրենց հայրենիքին հանդէպ` կը մնայ մնայունը, նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակ առնէ:

 

Տերեւաթափ. Հայատրոփ Արուեստագէտը` Գալուստ Պապեան (1938-2017)

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Ոչ եւս է մեր բոլորին սիրելի ընկեր Գալուստ Պապեանը:

Հինգշաբթի, 20 յուլիս 2017-ին թորոնթոհայութիւնը  ընդհանրապէս եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութիւնն ու Համազգայինի մեծ ընտանիքը մասնաւորաբար` կորսնցուցին իրենց նուիրեալ եւ վաստակաշատ հաւատաւոր ընկերներէն մին` Գալուստ Պապեանը:

Դժուար է թանկագին անձնաւորութեան մը, ընկերոջ մը դագաղին առջեւ դամբանական արտասանելը. դժուար, որովհետեւ, ինչպէս շատերուն, ինծի համար ալ անհաւատալի կը թուի ըլլալ, որ այլեւս պիտի չկարենանք վայելել ու լսել մեր ընկերոջ` Գալուստ Պապեանի հմուտ վերլուծումները լաւապէս բանաձեւուած մտքերը, մաքրամաքուր հայերէնը, մեղմ ու եզակի ձայնը, յարգանք պարտադրող ներկայութիւնն ու համակ սէրը` անխտիր բոլորին նկատմամբ:

Ընկեր Գալուստը ճանչնալու բախտաւորութիւնն ու պատիւը ունեցանք 40 եւ աւելի տարիներ առաջ` ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, Համազգայինի ժողովներուն եւ աշխատանքներուն ընդմէջէն: Բախտաւորութիւն կը նկատեմ իրեն հետ ծանօթանալը, որովհետեւ անոր հետ հաղորդուիլը կուսակցական, միութենական, մարդկային եւ ընկերական սովորական կապերէն անդին մտերմութիւն մըն էր` մարդուս միտքը հարստացնող ու կեանքը ճոխացնող հաղորդակցութիւն մը:

Հակառակ յարգանք պարտադրող իր բնաւորութեան` ընկեր Գալուստ ունէր ազնիւ եւ քնքուշ հոգի մը, որ պիտի տեսնենք իր կենսագրական գիծերուն մէջ, պիտի նկատենք, թէ որքա՜ն անկեղծ, որքա՜ն յանդուգն զգացումներու դրսեւորումներ կը լեցնէին իր կեանքի էջերը:

Տարօրինակ կերպով պարզ, խոնարհ ու անբացատրելիօրէն օրինակելի հայ մըն էր ընկեր Պապեանը, որուն տիպարը մեր հոգիներուն մէջ կենդանի պիտի մնայ միշտ:

Իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, մանկութենէն մինչեւ իր կեանքի մայրամուտը, Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ Գալուստը եղաւ հայ մշակոյթի ղօղանջը, ՀՅ Դաշնակցութեան հաստատ համոզումներու երդուեալ ընկերը:

Ընկեր Գալուստ Պապեան ծնած է Պուրճ Համուտ հայաւանի Արագած թաղամասի համեստ նահապետական ընտանիքի երդիքի տակ, չորս զաւակներու անդրանիկը` Աւետիս եւ Եթեր Պապեաններուն: Ըստ իր ծնողներու վկայութեան, Գալուստ ծնած է մարտ ամսուան 20-ին, ցուրտ ու փոթորկալից գիշեր մը, 1938 թուականին:

Մանուկ Գալուստի նախնական ուսման համար, մի՞թէ ընտրութեան հարց կար, Պապեաններու տունէն 5 վայրկեան եւ քանի մը հարիւր մեթր անդին Ազիրեան մանկապարտէզն ու Լուսինեան նախակրթարանն էր, որուն կից` Ս. Սարգիս թիթեղաշէն եկեղեցին, ուր պիտի կերտուէին Գալուստի, Կորիւն սրբազանի, տոքթ. Մհերի եւ Մարոյի նկարագիրներն ու ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:

Գալուստ Պապեանը բախտաւորութիւնը ունեցած է, տասնեակ մը իր սերնդակիցներու նման, իբրեւ տնօրէն ունենալ ագուլեցի Շաւարշ Մակարեանը, որ նաեւ օրհնութիւն եղած է` դասագիրքերէն անդին հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայրենիքի հանդէպ անսահման սէր ներշնչելու իր աշակերտներուն:

Պատանի Գալուստը 13 տարեկան հասակին կ’աւարտէ նախակրթարանի իր ուսումը: Բարեբախտաբար թաղի սկաուտական ու պատանեկան միութիւններու աշխուժ գործունէութիւնները պիտի փոխարինէին երկրորդականի անոր ուսումը, եւ ակումբներու պատանեկան գրադարաններէն րաֆֆիներու, մալխասներու եւ ռուբէններու յուշերով պիտի կազմաւորուէին Գալուստին եւ իր հասակակիցներուն ազգային նկարագիրն ու ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը:

Գալուստը իր ընթերցասիրութեամբ ձեռք բերած է հայոց լեզուի հմտութիւնն ու գրելու կարողութիւնը: Հետագային հաւասարակշռուած ճկունութեամբ մտաւորական իր կարողութիւնները լաւապէս կրցած է միաձուլել նկարչական արուեստին հետ եւ դարձած` հանրածանօթ ասմունքող ու արուեստագէտ լուսանկարիչ:

Երիտասարդ Գալուստի նոր աշխարհներու փնտռտուքի հեռանկարը եւ իր աստուածատուր կարողութիւնները իրականացնելու մղումը զինք կ’առաջնորդեն դէպի Մարսէյ, Փարիզ, Մոնրէալ եւ ապա` Նիւ Եորք, ուր կը ծանօթանայ միջազգային համբաւ վայելող նկարիչ Յարութիւն Չոլաքեանին: Ան մեծ վարպետին հոգածութեան տակ եւ Նիւ Եորքի գունագեղ, հետաքրքրական ու կլանող փողոցներուն մէջ կը զարգացնէ իր լուսանկարչական տաղանդն ու արուեստը:

Կամքի տէր, ՀՅԴ կուսակցական եւ ազգային հնոցին մէջ թրծուած, նկարչական արուեստը իր արհեստին միաձուլած, մտաւորական հակումներով, նահապետական բարքերով հայու տիպարն էր 79-ամեայ Գալուստ Պապեանը: Ան Նիւ Եորքի արկածախնդրական եւ արուեստի զարգացման տարիներէն ետք, վերջնականապէս կը հաստատուի Թորոնթօ` ի սպաս դնելով իր մշակութային ձիրքերը, շնորհքներն ու տաղանդները թորոնթոհայ գաղութի աստիճանական յաջող վերելքին:

Ընկեր Պապեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ ազգային, մշակութային եւ կուսակցական գործերուն մէջ իր բերած նպաստի ընթացքին, եղաւ բծախնդիր, շրջահայեաց, անաչառ ու հեռատես, ան իր հաւատքը վերածեց գործի եւ տուաւ իր լաւագոյնը: Եւ հիմա, մահասարսուռ այս պահուն, հոգեկան մեծ հպարտութեամբ կ’ըսենք, որ ընկեր Պապեանը իր շրջապատին կրցաւ հարազատօրէն տալ ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը, հայ մշակոյթի, հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ անսահման սէրը: Ընդոծին ազնիւ բնաւորութեամբ եւ նուիրումով իր տաղանդները օգտագործելով` հայ արուեստը, թատերական մշակոյթը, ասմունքելու արուեստը անմնացորդ նուիրաբերումով դրաւ մեր բոլորին հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ` հաւատալով, որ գալիք սերունդները իրենց նոր ու ազդեցիկ միջոցներով պիտի կերտեն մեր նոր օրերու հայոց պատմութիւնը` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի պանծալի պատմութիւնը:

Ընկեր Գալուստի գիտակցական կեանքի վերջին երեք տարիները, սակայն, եղան առողջական վերիվայրումներով լեցուն շրջան մը: Ան գիտէր, որ յոգնատանջ իր մարմինը այլեւս սկսած էր հիւծիլ մկանային հիւանդութենէ, բայց ան երբեք չընկրկեցաւ ու մնաց պատնէշի վրայ, նոյնիսկ` իր ամէնէն վատառողջ օրերուն: Իր համակ կեանքը դիտեց պայծառամտութեամբ եւ յոյսով, սիրեց մարդկութիւնն ու բնութիւնը, մանաւանդ` ծաղիկները, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան եղաւ իր ընտանիքին եւ ազգին համար զոհաբերուիլ գիտցող տիպար ամուսին, նուիրեալ հայր մը: Աչքի լոյսի պէս սիրեց Յասմիկը, Սարիկն ու Վարագը:

Սիրելի Յասմիկ եւ անմիջական պարագաներ, քու ամուսնոյն եւ ձեր հարազատին մահով հայ մշակոյթն ու լուսանկարչական արուեստի աշխարհը ընդհանրապէս եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքն ու Համազգայինը մասնաւորաբար` կը կորսնցնեն լուսամիտ մտաւորական մը, հայ լեզուի եւ գրականութեան երկրպագու մը, հայ մշակոյթի հաւատաւոր նուիրեալ մը, տիպար համազգայնական եւ երդուեալ դաշնակցական ընկեր մը` բառին բովանդակ իմաստովը:

Իր մահը մեծապէս կը յուզէ մեզ` բոլորս, եւ վստահաբար յառաջիկային ալ մեծապէս պիտի զգանք իր բացակայութիւնը:

Այս պահուս, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիներուն, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ձեզի, սիրելի Յասմիկ, Սարիկ, Վարագ, ինչպէս նաեւ` Պապեան, Քէլէշեան, Պարսումեան եւ Սերոբեան ընտանիքներու բոլոր պարագաներուն:

Մենք կը հաւատանք, որ ընկեր Գալուստի ազնիւ հոգին անդենականին մէջ պիտի գտնէ իր արդարագոյն տեղը, եւ իր թողած բազմաթիւ յիշատակներուն ընդմէջէն ան յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ` որպէս խիզախ դաշնակցական, տիպար մշակութասէր, արուեստագէտ, մտաւորական եւ ազնուասիրտ հայ մարդ:

Սիրելի՛ ընկեր Գալուստ, այսօր դուն այս անցաւոր աշխարհէն առյաւէտ կը բաժնուիս, եւ մենք քու դագաղիդ առջեւ կանգնած` կը վերանորոգենք մեր սրբազան ուխտը, որ հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած նուիրումի ոգիդ, պարտաճանաչ մշակութասէրի եւ տիպար հայ մարդու նկարագիրդ վարակիչ պիտի դարձնենք գալիք սերունդներուն համար, եւ քու կիսաւարտ ձգած գործդ պիտի շարունակուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք վայելեցին հայաբոյր շունչդ, եւ որոնք քեզի նման ուխտած են հայ ազգի նաւը խաղաղ ու փրկարար ափեր առաջնորդել:

Այժմ սրտանց կը բարձրաձայնեմ. «գալուստդ բարի» եղաւ Թորոնթօ, սիրելի՛ Գալուստ, եւ բարի երթ` դէպի անդենական, դէպի յաւերժութիւն, անգի՛ն ընկեր: Թող Աստուած յաւիտենական հանգիստ տայ քեզի եւ այս օտար ու ցուրտ հողը թեթեւօրէն հանգչի յոգնատանջ, բայց տոկուն ու խիզախ ոսկորներուդ վրայ:

Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

 

 

Viewing all 12115 articles
Browse latest View live